Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 17231 articles
Browse latest View live

Անդրադարձ. Սփիւռքահայ Կեանքեր` Ինչպէս Որ Տեսայ (Տոքթ. Հրայր Ճէպէճեանին Նոր Գիրքը)

$
0
0

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

Սեղանիս վրան է տոքթ. Հրայր Ճէպէճեանի «Սփիւռքահայ կեանքեր` ինչպէս որ տեսայ» երկրորդ գիրքը, զոր վերջերս ուղարկած էր ան ինծի: 550 էջերէ բաղկացած պատկառելի ծաւալով հատոր մը, ուր մէկտեղուած են հայկական մամուլի մէջ իրենց ատենին հրատարակուած յօդուածները,  ինչպէս  առաջին հատորի պարագային էր: Այս երկրորդը կարելի է համարել առաջինին շարունակութիւնը` իր շօշափած նիւթերու պարունակով , որով եւ անհաւանական չէ ուրեմն, որ հետագային ալ շարքը երկարի լոյսին տրուելիք նոյնատիպ նորերով:

Առաջին տպաւորութիւնը, որ ընթերցողը կ՛ունենայ, շշմեցնող աշխատունակութիւնն է հեղինակին, որուն  քանի մը տարուան ընդգրկուն յօդուածագրութեան վաստակը ոչ միայն  կը հարստացնէ մեր մամուլին բովանդակութիւնը, այլեւ  հաւատարմօրէն ընթերցողը հաղորդութեան մէջ կը դնէ աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ տեղակայուած հայ բեկորներու անձկութիւններուն հետ:

Իբրեւ աստուածաշնչական քարոզչութեան լծուած չյոգնող  գործիչ` Ծոցի էմիրութիւններէն Եմէն ու Ատիս Ապապա,  ասիական երկիրներէն  Եւրոպա, Արժանթին ու Փերու եւ մինչեւ Նոր  Զելանտաներ, ամբողջ երկրագունդի շրջանը ընդգրկող իր ճամբորդական դեգերումներուն մէջ հեռաւո՜ր, նոյնիսկ անծանօթ քաղաքներ կ՛այցելէ ան,  մշտատեւ կը փնտռէ եւ անպայմա՛ն կը գտնէ-կը յայտնաբերէ  հոս-հոն ծուարած հայ բեկորներու հոյլ մը, կը ջանայ զանոնք քով-քովի բերել, հանդիպումներ կ՛ունենայ անոնց հետ, իր ապրած պահը կը պատկերէ  եւ քաղած փորձառութիւնն ու այդ մասին իր խորհրդածութիւնները յօդուածներու ճամբով  կու տայ հանրութեան: Եւ` այնպիսի հետեւողականութեամբ  ու ոգիով, որ կարծէք այդ հրապարակումները քարոզիչի  նուիրական իր պարտքը կը սեպէ:

Այս տեսակէտէն, Հրայր Ճէպէճեանին յօդուածները, ունենալով հանդերձ գործուղումներու մասին անուղղակի  զեկուցումներու երանգ, այդուհանդերձ,  անոնք  կը ճոխացնեն  գեղարուեստական  մեր գրականութեան անդաստանը` շնորհիւ իւրայատուկ իր գրիչին, գրական ոճին եւ խորքային խորհրդածութեանց:

Ան իր խորհրդածութիւններուն շրջանակին մէջ կ՛առնէ սփիւռքահայու ազգային-հաւաքական ու ընտանեկան-անհատական կեանքի տագնապները, յոյսերն ու մաքառումները, դժուարութիւններն ու նուաճումները եւ այդ բոլորին մէջ հիանալի «յամառութեամբ» մը միշտ կը տեսնէ դրականը: «Անուղղելի» լաւատեսն է Հրայր Ճէպէճեան, որուն համար լաւատեսութիւնը այլընտրանք չունի: Լաւատեսութիւն մը, որ այնքան ալ հեռու չէ իրատեսութենէ:

Դժուար է հանդիպիլ հայ մարդու, որ իրեն պէս սփիւռքեան թափառումներու մէջ հայօճախներու հետ շփուի, անոնց խարխափումներուն, ամէն մարզի տեղատուութեանց ականատես ըլլայ,  բայց եւ այնպէս գիտակցաբար անտեսէ  զառիվայր ընթացող անկումը, իր տեսողութեան կիզակէտ դարձնէ զոհաբերուող   հոյլը փոքրաթիւ մարդոց  եւ վկայէ, թէ  անոնք նուիրուած են մեծ ճիգերու` կարենալ մագլցելու համար դժուար զառիվերը, այսինքն լծուած են մեր կառոյցներու եւ ազգային ինքնութեան պահպանման նուիրական աշխատանքին: Կը մերժէ տեսնել անապատին ամայութիւնը եւ կը կառչի ովասիսին…

Ամէ՜ն, ամէ՛ն  ինչ` մարդկային զգացումներ թէ անհետացած քաղաքի ու ազգի պատմութիւն անոր  մտքին մէջ ու գրիչին տակ անպայման կը կապուի, կը համեմատի ու կը յանգի հայու զգացումներուն, մեր ազգի պատմութեան ու ճակատագրին  եւ հայրենիքին: Այդ բոլորին մէջէն կ՛որոնէ հայուն հին պատմութիւնը, որ` «Այսօր նոր տարազով ու նոր նուաճումներով  իր նոր պատմութիւնը կը կերտէ»:

Հրայր Ճէպէճեանը մէկ ու միակ ճշմարտութիւն ունի`  հայութիւնը, հայրենիքը եւ հողին ուժը: Անոր յօդուածներէն, նոյնիսկ տողերուն ընդմէջէն կը պոռթկայ իր այս միակ ճշմարտութիւնը: Տեղ մը կ՛ըսէ` «Հայուն ամբողջական մշակոյթը ազգային ինքնութիւնն է, լեզուն եւ պատմութիւնը, երգն ու  գրականութիւնը», եւ տակաւին` «Ցեղասպանութիւնն է ու պահանջատիրութիւնը եւ քրիստոնէական հաւատքը»:

Ինքնաշարժէն կը դիտէ Մակարայ վանքին աւերակները եւ հոն կը տեսնէ հայուն կեանքը, որ կը շարունակուի, որովհետեւ  թէեւ  քանդուած են  Մակարայ վանքերը, բայց հաստատ  մնացած է  անոնց աւերակներէն եկող պատգամը` հաւատքը, «որ  հին է, սակայն` ոչ հինցած, եւ որ վկայութիւնն է հայուն ապրելու վճռակամութեան: Հաւատք` ազգային, քրիստոնէական ու պահանջատիրական»…

Սրտագրա՛ւ, միաժամանակ թելադրակա՛ն է «Ամմօ Արտոյին կոլերը» վերնագրով յօդուածը (էջ 296): Ամմօ Արտոն (Արտաւազդ Մարութեան)  30-ական թուականներուն եղած է նշանաւոր ֆութպոլիստ, մանաւանդ` կոլ նշանակող:  Փնտռուած մարզիկ  է Սուրիոյ զանազան ակումբներէն ու ազգային խումբէն: Ամէն մրցախաղի կողմնակից մարզասէրները միաբերան կը կանչեն արաբերէն` «Ո՜վ  Արտօ, կոլ կ՛ուզենք» (Եա՜ Արտօ, պեթնէ կոլ): Ամմօ Արտոն յուսախաբ չէր ըներ մարզասէրները, որոնք խաղի աւարտին յաղթապանծ  ախոյեանը ուսամբարձ կը պտտցնեն թաղէ թաղ:

Հրայր Ճէպէճեանին գրիչը  միայն պիտի կարենար այդ կոլերու  իւրաքանչիւրին մէջ տեսնել հայուն վերապրումը: Կը հաստատէ, որ` «Ցեղասպանութենէն ետք Ամմօ Արտոն եւ իրեն նման շատեր դարձան մեր հերոսները, որոնք մեր հոգիներուն մէջ դրին  հայուն ապրելու հպարտութիւնը: Իւրաքանչիւր կոլ քիչ մը աւելի արմատացուց այս հպարտութիւնը: Ատիկա առանց աշխատանքի չեկաւ, այլ անպայման կար պայքարը: Եւ  հայուն շարունակականութիւնը նոյնինքն այդ պայքարին մէջ է…»:

Վստահաբար հայու հաւաքական ու անհատական կեանքի մաքառումներուն եւ անձկութիւններուն խորքը կը պեղէ եւ սփիւռքահայու ներքին խռովքը կ՛ապրի տոքթ. Հրայր Ճէպէճեանին այս նոր գիրքը կարդացողը:

Հեղինակին վարձքը կատար:

 

Աթէնք, 5 նոյեմբեր 2018

 


Քաղաքական Անդրադարձ. Հայաստանը Եւրասիական Շրջագիծին Մէջ

$
0
0

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

14 մայիսին Ռուսիան ստանձնեց Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) նախագահութիւնը, եւ նոյն ամիսը կազմակերպութիւնը համաձայնագիրներ ստորագրեց Չինաստանի եւ Իրանի հետ: Այս համաձայնագիրները անկիւնադարձային էին, որովհետեւ բաւական ներքին դժգոհութիւն յառաջացած էր անդամ երկիրներուն կողմէ, որոնք կը դժգոհէին, որ կազմակերպութիւնը դարձած է ռուսական մենաշնորհութեան գործիք մը: Աւելի՛ն. վերջին ամիսներուն նոյնանման տնտեսական համաձայնագիրներ ստորագրուեցան նաեւ Վիեթնամի հետ: Հետեւաբար, արեւմտեան ճնշումները` Եւրասիական տնտեսական միութեան վրայ, զայն կը մղեն, որ ուղղուի դէպի հարաւ-արեւելք:

ԵՏՄ-ի համար դէպի Ասիա ուղղուիլը բաւական արդիւնաւէտ է, որովհետեւ ասիական շուկային մէջ եւրասիական արտադրութիւնները կրնան մրցակցիլ տեղական արտադրութիւններուն հետ, բան մը, որ գրեթէ անկարելի է Եւրոպական Միութեան մէջ: ԵՏՄ-ի եւ Չինաստանի ու այլ ասիական երկիրներու միջեւ համագործակցութիւնը առաջին յենարանն է Չինաստանի կողմէ նոր Մետաքսէ ճանապարհի կառուցումին համար, ինչ որ նաեւ պիտի ընդգրկէ ԵՏՄ-ի անդամ երկիրները: Եւրոպական Միութիւնը մտահոգ է այս համագործակցութեամբ, եւ Արեւմուտքը տակաւին չկրցաւ ըմբռնել այն գաղափարը, թէ որքա՛ն ճնշում բանեցնէ Ռուսիոյ եւ ԵՏՄ-ի վրայ, անոնք ա՛լ աւելի պիտի հակին դէպի Ասիա, մասնաւորապէս` Չինաստան:

Հայաստանի մէջ ժողովրդային յեղափոխութեան ցնցումէն ետք արեւմտեան լրատուական միջոցները եւ ուսումնասիրական կեդրոնները սկսան հրապարակել վերլուծումներ, ըստ որոնց,  Հայաստան պիտի լքէ Եւրասիական տնտեսական միութիւնը եւ Վրաստանի օրինակին հետեւելով` ուղղուի դէպի Արեւմուտք: Արդեօ՞ք պէտք է այս կեդրոններուն յիշեցնել Արեւմուտքին դերը 2008-ի ռուս-վրացական պատերազմին. ո՞ւր էին Եւրոպական Միութիւնը կամ Միացեալ Նահանգները… Սակայն Նիկոլ Փաշինեան յստակ պատկերացում մը ունի որոշ չափով եւ այդ պատկերացումը ան ներկայացուց նախագահ Փութինին: Փաշինեանը վերջապէս համոզուեցաւ, որ Հայաստանի միակ ելքը Եւրասիական տնտեսական միութիւնն է, սակայն ասիկա ըսել չէ, որ Երեւան պէտք է իր յարաբերութիւնը խզէ Արեւմուտքին հետ: Հայաստանի աշխարհագրութիւնը եւ անոր աշխարհաքաղաքական իրավիճակը անոր կու տայ կամուրջի մը հանգամանքը: Հայաստան պէտք է դառնայ նոր Մետաքսի ճամբուն սիւներէն մէկը` դառնալով Եւրասիոյ եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ կամուրջ մը` առանց շեղելու իր եւրասիամէտ արտաքին քաղաքականութենէն:

Վերջապէս, Հայաստանի համար կը մնայ հասարակութեան մէջ հիմնաւորել եւրասիականութեան անհրաժեշտութիւնը` քաղաքական եւ տնտեսական գոյատեւման համար:  Այսօր տակաւին կը տեսնենք անտարբերութիւն եւ երբեմն դիմադրութիւն` հայաստանեան կարգ մը կազմակերպութիւններու կողմէ, որոնց նիւթական օժանդակութիւններու եւ ծրագիրներու աղբիւրները յայտնի են: Օր ու գիշեր անոնք կը փորձեն համոզել հասարակութիւնը, որ Հայաստան պէտք է ուղղուի դէպի Արեւմուտք եւ խզէ Ռուսիոյ եւ Եւրասիոյ հետ իր յարաբերութիւնը: Միւս կողմէ` մինչեւ օրս ոչ մէկ կուսակցութիւն կամ հասարակական շարժում իր ծրագիրին մէջ որդեգրած է եւրասիականութեան գաղափարը` Հայաստանի տնտեսական եւ քաղաքական հզօրացման համար: Հայաստան կարողութիւնը ունի եւ պէտք է ունենայ հսկայ դեր խաղալու թէ՛ Չինաստանի նոր Մետաքսի ճանապարհի ծրագիրներուն եւ թէ՛ Եւրասիական տնտեսական միութեան եւ Եւրոպայի միջեւ տնտեսական կամուրջ մը դառնալու:

Yeghia.tash@gmail.com

Ով Է Դաշնակցականը. Դաշնակցականը Եւ 98 Տոկոսը

$
0
0

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Փաստ է, որ Խ. Միութեան փլուզումէն ետք, դրամատիրական աշխարհակարգը սկսած է գործել սանձարձակութեամբ: Այս աշխարհակարգը կը դաւանի ոչ թէ մարդկային արժէքներ` իրենց բաղադրամասերով, այլ միայն ու միայն նիւթական-դրամական արժէքային կառոյց մը` Շուկան (գլխագիր), ուր կարելի է ամէն ինչ վաճառել ու գնել:

Քիչ Մը «Շուկայական» Հաշիւ

Այս Շուկան է, որուն ուղղակի հակադրումի ճամբով կը խաչաձեւուի ու կը բախի ընկերային-տնտեսական արդար համակարգի գաղափարը` իրեն զուգընթաց ունենալով ազգային արժէքաբանութեան համակարգը` իբրեւ մտածողութիւն:

Այս Շուկան այսօր «հարստացած» է ելեւմտական դրամատիրութեան (Financial Capitalism) ազդակով, որ մէկ կողմէ կը փորձէ նոյն դրամատիրական աշխարհակարգին մէջ դասական արտադրողական բնագաւառի (գործարաններ եւ այլն) մենատիրութեան տեղը առնել, միւս կողմէ` կը փորձէ ճնշել աշխատաւորական խաւերը բոլո՛ր երկիրներէ ներս: Այս իմաստով ալ Շուկան ո՛չ ազգութիւն, ո՛չ ազգային-մշակութային առանձնայատկութիւններ, ո՛չ ալ պատմական-մշակութային իւրայատկութիւններ կը ճանչնայ: Ան կը ժխտէ հոգեմտաւոր արժէքներու գոյութիւնը եւ կը դաւանի միայն ու միայն Դրամի (դարձեալ գլխագիր) ուժն ու արժէքը: Անիկա կը ժխտէ հաւաքականութիւնը, ժողովուրդը եւ ազգը` իբրեւ մարդկային հաւաքականութեան կազմակերպ եւ իւրայատուկ դիմագիծ ունեցող համակարգ եւ կը ջատագովէ անհատին բարօրութիւնն ու բարգաւաճումը, այն պատրուակով, որ երբ անհատը բարգաւաճի, իր հետ կը բարգաւաճեցնէ նաեւ իր շրջապատը:

Վերջին գէթ երկուքուկէս տասնամեակներուն Շուկան իր տիրապետութիւնը սկսած է հաստատել աշխարհաքաղաքական ուժի կեդրոններուն, որոշում կայացնող կեդրոններուն վրայ (Ուաշինկթըն, Պրիւքսել-ԵՄ)` փորձելով այդ ձեւով ալ համաշխարհային քաղաքական զարգացումները ենթարկել իր կամքին, հոգ չէ, թէ իր կարգ մը որոշումները աղէտալի ըլլան միլիոնաւորներու, ըլլան անոնք Մ. Նահանգներու, ԵՄ-ի, Լատին Ամերիկայի (յիշեցէք Վենեզուելան եւ այսօր` Արժանթինը), Լիպիոյ, Իրաքի, կամ Յունաստանի մէջ:

Ուժանիւթի արտադրութեան կեդրոններու, նոյն ուժանիւթի փոխադրութեան գիծերուն վրայ ամբողջական հակակշիռ ունենալու մոլուցքն է, որ այսօր քարուքանդ ըրած է Իրաքը, Լիպիան, Աֆղանիստանը: Նոյն այդ մոլուցքին հետեւանքն է այսօր Մ. Նահանգներու կողմէ Իրանի դէմ դիրքորոշումը, որուն ծայրայեղական դրսեւորումները կրնան ցնցումներու ենթարկել նոյնինքն մեր հայրենիքը` Հայաստանը (երբ ըսենք Հայաստան, պէտք է հասկնանք նաեւ ներառեալ ամբողջ Արցախը):

«Շուկային Զէնքերը»

Այս ընելու համար դրամատիրական աշխարհակարգը կը տիրէ երկու կարեւոր եւ հիմնական զէնքերու.

Առաջինը ելեւմտական աշխարհի` իր իսկ կողմէ հաստատած լծակներն են: Օրինակի համար, Համաշխարհային դրամատուն (ՀԴ, World Bank), Միջազգային դրամական հիմնարկ (ՄԴՀ, International Monetary Fund), դրամական փոխանցումներու SWIFT դրութիւն: Ըլլա՛յ ՀԴ-ն, ըլլա՛յ ՄԴՀ-ն երրորդ երկիրներու իրենց փոխատուութիւնները կը կատարեն խստագոյն պայմաններով` անոնց պարտադրելով, որ սեփականաշնորհեն հանրային-պետական հաստատութիւններ, կամ ինչքեր (նաւահանգիստներ, հանքեր, ենթակառուցային դրութիւններ` ջուրի, ելեկտրականութեան եւ փոխադրութեան ցանցեր եւ այլն): Անոնք փոխառութիւն կատարող երկիրներուն կը պարտադրեն «կրճատել» ծախսերը. այսինքն` կրճատել հանրային կրթութեան եւ առողջապահութեան, անգործութեան հատուցումի, ընկերային-ծերութեան թոշակները, բարձրացնել անուղղակի տուրքերը եւ կամ` որդեգրել եկամտահարկի համահարթ, միատեսակ դրութիւն, ուր թէ՛ մեծահարուստը եւ թէ՛ պարզ աշխատաւոր-պաշտօնեան նոյն համեմատութեամբ տուրք վճարեն` ի հակադրութիւն յառաջատուական դրութեան, ուր եկամտահարկի տոկոսը կ՛աւելնայ եկամուտին համեմատ:

Այս բոլորը կը կատարուին նպաստելու համար գործատէր, դրամատէր դասակարգին, ուժեղացնելու համար զայն` ի հաշիւ, բառին ամենալայն իմաստով, աշխատաւոր խաւին:

«Անսաստողները» նախ կը զրկուին որեւէ փոխատուութենէ, ապա մինչեւ իսկ կրնան պատժամիջոցներու ենթարկուիլ: Օրինակ` «անսաստող» երկրի մը դրամատնային համակարգը կրնայ դուրս նետուիլ դրամական միջազգային երթեւեկի SWIFT համակարգէն, կամ կրնայ զրկուիլ կանխիկ գումարէ (յիշենք Յունաստանի պարագան, երբ Եւրոպական կեդր. դրամատունը կասեցուց եւրոյի հոսքը, երեք տարի առաջ):

Երկրորդը մետիան է, մամուլը, այսինքն` տպագիր, լսատեսողական (ձայնասփիւռ, հեռատեսիլ) եւ ելեկտրոնային հաղորդակցութեան միջոցները: Դրամատիրութեան ազդու զէնքերէն է մամուլը, որուն վրայ արեւը իրապէ՛ս որ մար չի մտներ ու կը գործէ օրական 24-ժամեայ դրութեամբ:

Այս մամուլն է, որ աշխարհի իւրաքանչիւր երկրի մէջ անդադար կը գովաբանէ վայրագ դրամատիրութեան «բարիքները»` գործածելով գաղտնաբառեր, ինչպէս, օրինակ, քաջալերել միա՛յն «անհատական ձեռներէցութիւնը» (ընկերվարութիւնը չի ժխտեր սեփական նախաձեռնութիւնը, այլ կը կանոնակարգէ ու կը համադրէ զայն, ի հարկին` հանրային բնագաւառին հետ. այս մասին, սակայն, քիչ անդին), սեփականաշնորհման «բարիքները», շեշտել անհատը եւ ոչ թէ հաւաքականութիւնը (ժողովուրդ, ազգ), անհատի բարգաւաճման մէջ տեսնել հաւաքականութեան բարգաւաճումը, հանրայինը լաւ չի գործեր, մինչդեռ սեփականաշնորհուածը, տեսէք, ի՜նչ արդիւնաւէտութեամբ կ՛աշխատի, «աւելորդ» ու «շռայլ» ծախսեր են անգործութեան, հանրային կրթութեան, ընկերային ապահովութեան համակարգին համար ծախսուած գումարները («ինչո՞ւ ծոյլերը վարձատրենք մեր վճարած հարկերով…»), հանրութեան խոցելի խաւերը անդադար մեղադրել եւ ամբաստանեալի աթոռին գամել իրենց այդ կարգավիճակին համար ու այլ, աղբանոցի արժանի հեքիաթներ:

Այս քարոզչական հնարքներուն դէմ պայքարելու, ներհայաստանեան առումով ընկերային ներքին համերաշխութիւն մը ստեղծելու ջատագովն է Դաշնակցութիւնը, եւ հետեւաբար նաեւ` դաշնակցական անհատը: Բայց պայքարելու եւ կացութիւնը բարեշրջելու համար նախ պէտք է…

«… Ճանաչել Զիմաստութիւն»

Համաշխարհային իրականութեան այս ամփոփ ակնարկին լոյսին տակ շատ աւելի կը դիւրանայ ըմբռնելը, թէ ի՛նչ կատարուեցաւ եւ դեռ կը կատարուի հայու հայրենիքին` Հայաստանի մէջ:

Դաշնակցական մարդը, բոլորին նման, ի՛նք եւս ենթակայ է այս քարոզչութեան աւերիչ ազդեցութիւններուն` ըլլա՛յ Երեւանի, ըլլա՛յ Նիւ Եորքի, Պէյրութի կամ Եւրոպայի մէջ:

Բայց ի՞նչ կրնայ ընել ան: Պատասխանենք` շատ բան:

Ամէնէն առաջ, ան պարտաւոր է նախ ճանչնալու այս իրականութիւնները, ու ապա, ատոնց լոյսին տակ, տիրութիւն ընէ Դաշնակցութեան ծրագրային առաջնահերթութիւններուն:

Դաշնակցականը այս իրականութիւններու լոյսին տակ է, որ պիտի արժեւորէ հայրենիքին մէջ վարուող ոչ միայն ընկերային-տնտեսական, այլեւ ազգային ապահովութեան առնչուող զոյգ քաղաքականութիւնները: Արժեւորէ եւ ըստ այնմ դիրք ճշդէ: Որովհետեւ, օրինակ, երբ Հայաստանի իշխանութեան բարձրագոյն բեմէն (Սերժ Սարգսեան եւ Նիկոլ Փաշինեան) հրապարակաւ մեղադրանքներ կ՛ուղղուին հանրութեան ամենախոցելի խաւին («ծոյլ» եւ այլ որակումներով), դաշնակցականը ո՛չ միայն պիտի պաշտպանէ նոյն այդ խոցելի խաւը, այլեւ պիտի աշխատի այնպիսի ծրագրով, որ նոյն այդ խոցելի խաւը դառնայ նուազ այդպիսին ու սկսի ինքնաբաւ դառնալ:

Նախորդ եւ ներկայ իշխանութիւններու նոր-ազատական մտակառոյցը, որ կ՛ականահարէ ներքին ընկերային համերաշխութեան տանող ուղիները մեր հայրենիքէն ներս, ամէնէն առաջ իր դէմ պիտի գտնէ դաշնակցական մարդուն վճռակամութիւնը:

Դաշնակցականն է, որ իր շրջապատին պիտի բացատրէ, զայն համոզէ, որ ընկերվարութիւնը բնա՛ւ չի ժխտեր սեփականատիրութիւնը եւ անհատ ձեռներէցութիւնը: Ընդհակառակը, կը քաջալերէ զայն կանոնակարգուած կերպով, որպէսզի նախ բացառուի շահագործումը, եւ ապա աշխատաւոր մարդը իրաւունքը ունենայ վայելելու իր արդար աշխատանքին վարձատրութիւնը:

Դաշնակցական մարդը իր շրջապատին պիտի բացատրէ անխնայ սեփականաշնորհումի չարիքներուն մասին, դիրք պիտի ճշդէ բոլոր տեսակի հանրապատկան ինչքերու եւ ծառայութիւններու անխնայ սեփականաշնորհման դէմ, որովհետեւ անարդար է 2 տոկոսին շահերը մնացեալ 98 տոկոսին շահերուն գերադասելը:

Արդարութեան ջատագովն է դաշնակցականը: Ու ատոր համար ալ ան քննական ակնոցով կը դիտէ մեր պետական այրերուն կողմէ միջազգային հարթակներուն վրայ արտասանած իւրաքանչիւր խօսք, ուր կը բացակայի հայութեան նկատմամբ գործուած անարդարութիւնը սրբագրուած տեսնելու վճռակամութիւնը:

Դաշնակցականն է, որ պիտի հանդիսանայ ազգային ներքին ընկերային համերաշխութեան ջատագովը: Ան ջատագովն է այնպիսի ընկերութեան մը, ուր ազգային-մշակութային իւրայատկութիւնը ոչ թէ գերիվեր կամ ստորադաս է ուրիշներէն, այլ պարզապէս իր իւրայատկութեամբ կը հարստացնէ ազգամիջեան, համամարդկային դրուածքը:

21-րդ դարուն ընկերային, տնտեսական եւ ազգամիջեան անարդարութիւններուն դէմ հաւասարապէս մարտնչող մարտիկն է դաշնակցականը:

 

Ականջ-Քիմք-Մատնային (ԱՔՄ) Համախտանիշ Auto-Palato-Digital (OPD) Syndrome

$
0
0

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Համախտանիշ (syndrome)` կը նշանակէ մէկէ աւելի ախտանշաններու համակցութիւն-զուգակցութիւն. այլ խօսքով, մէկէ աւելի ախտանշաններ կը յայտնուին որպէս մէկ ամբողջութիւն կամ հիւանդագին վիճակ: Բժշկութեան մէջ գոյութիւն ունին հազարաւոր համախտանիշեր: Այս համախտանիշերէն մէկն է OPD Syndrome-ը:

OPD Syndrome-ը կրճատումն է Auto-Palatօ-Digital syndrome-ին, որ հայերէնով թարգմանաբար կը նշանակէ` ականջ-քիմք-մատնային համախտանիշ եւ կրճատումով` ԱՔՄ համախտանիշ:

ԱՔՄ համախտանիշը շատ հազուադէպօրէն պատահող համախտանիշ մըն է: Անիկա ծինային, ընդոծին եւ ժառանգական հիւանդութիւն մըն է: Ծինաբաններ ստուգած են, որ այս համախտանիշը հետեւանքն է անբնական ծինի մը կառուցուածքին:

Անիկա կը պատահի տղոց եւ աղջիկներու մօտ: Այս համախտանիշը ունեցող անհատներու ծնողքը, այսինքն` հայր եւ մայր ընդհանրապէս կ՛ըլլան առաջին կարգի կամ երկրորդ կարգի հօրեղբօրորդիներ: Անիկա բացայայտօրէն նկարագրուած է բժշկական գրականութեան մէջ:

ԱՔՄ համախտանիշի հիմնական հիւանդագին ախտանշաններն են` լսողութեան տկարացում` միջին ականջի ոսկրիկներու պնդացումով եւ անշարժութեամբ, քիմքի անբնական երեւոյթ` թերաճութիւն, տձեւութիւն, քիմքի բացուածք-ճեղք (cleft palate) եւ ոտքի ու ձեռքի մատներու զանազան տձեւութիւններ, օրինակ` կարճ կամ երկար մատներ, մեծ բութամատ: Անիկա երբեմն կը յայտնուի իրանա-ոսկրային (skeletal) զանազան տձեւութիւններով, ուղեղային եւ կրծքավանդակային անբնական երեւոյթներով:

ԱՔՄ համախտանիշը ունի երկու դասակարգում`  ԱՔՄ-1 եւ ԱՔՄ-2:

ԱՔՄ-1-ը մեղմ տեսակն է, որ առաւելաբար կը տեսնուի իգական սեռին մօտ, իսկ ԱՔՄ-2-ը աւելի բարդ տեսակն է, չափազանց ցցուն ախտանիշներով, որ կը տեսնուի առաւելաբար մանչերու մօտ: ԱՔՄ-2-ի ցցուն ախտանշաններէն են` մարմնական ընդհանուր ոսկրային այլակազմութիւն եւ արատակազմութիւն (dysplasia), մարմնական ընդհանուր դանդաղ աճ, սրտային եւ ուղեղային վատառողջ երեւոյթներ, պզտիկ ծնօտ, պակասաւոր մատեր, թերաճ կրծքավանդակ եւ կողոսկներ (ribs), շնչառութեան դժուարութիւն, ուղեղաջուրի (cerebrospinal fluid) կուտակում ուղեղին շուրջ, փորի օրկաններու պորտէն դուրս արտանկում, միզափողի (ureter) նեղացում, տղոց միզուկի (urethra) տձեւութիւն` առնանդամին յատակէն բացուածք: Այս ծանր յատկանիշներով ծնած մանուկը ընդհանրապէս երկար չ՛ապրիր, ան կը մահանայ ծնունդէն 1-3 տարի ետք:

ԱՔՄ համախտանիշի երկու խմբաւորումներն ալ հետեւանքն է X երփնամարմնին  (chromosome) վրայ գտնուող անբնական եւ այլափոխուած (mutatated) ծինի մը, որ կը կոչուի FLNA ծին:

Այս համախտանիշին ախտաճանաչումը կը կատարուի` հիմնուելով հիւանդին ունեցած ախտանշաններու, բժշկական քննութիւններու եւ ծինային ուսումնասիրութիւններու վրայ: Խիստ կարեւոր է տեսնել այլափոխուած ծինը X  երփնամարմնին վրայ:

ԱՔՄ համախտանիշի ախտանշանները կարելի է դարմանել վիրաբուժական գործողութիւններով:

Որովհետեւ այս համախտանիշը ժառանգական է, նախամուսնական խորհրդաբժշկութիւնը (counselling) կարեւոր է: Այս մէկը ա՛լ աւելի պարտաւորիչ պէտք է ըլլայ շատ մօտիկ ազգականական ամուսնութիւններու պարագային:

ԱՔՄ համախտանիշը առաջին անգամ նկարագրուած եւ զեկուցուած էր բժշկական համաշխարհային գրականութեան մէջ 1962-ին, բժիշկ Թէյպիի կողմէ: 1980-անական թուականներուն յօդուածագիրս տեսած էր այս հազուադէպ ԱՔՄ համախտանիշի չորս բացայայտ պարագաներ: Մինչ այդ արդէն ԱՔՄ համախտանիշի 30 պարագաներ յիշատակուած էին համաշխարհային բժշկական գրականութեան մէջ, բժշկական զանազան կեդրոններու կողմէ:

Այս չորս պարագաներէն երեքը մէկ ընտանիքի զաւակներ էին` երկու աղջիկ եւ մէկ մանչ: Անոնց հայրը եւ մայրը առաջին կարգի հօրեղբօրորդիներ էին: Անոնք ունէին չորս առողջ քոյրեր եւ մէկ առողջ եղբայր: Իսկ չորրորդ պարագան աղջնակ մըն էր, որուն հայրն ու մայրը դարձեալ առաջին կարգի հօրեղբօրորդիներ էին: Այս ընտանիքը կապ չունէր նախորդ ընտանիքին հետ: Այս չորս հիւանդ պարագաները ներկայացած էին հիմնականօրէն լսողութեան տկարացումով:

Առաջին պարագան 24 տարեկան ճերմակամորթ կարճահասակ աղջիկ մըն էր, որ տկար լսողութիւն ունէր փոքր տարիքէն:

Ան ունէր բնականէն աւելի պզտիկ ականջախեց-արտաքին ականջ (pinna), բարձր եւ կամարաւոր քիմք (high arched palate), միջատամնային բացութիւններ, վատառողջ լինտեր, ոտքի եւ ձեռքի անբնական երեւոյթներ` կարճ եւ լայն բութամատ, միջմատնային բացութիւն (clinodactyly), ձեռքի եւ ոտքի անբնական ոսկորներ, մեղմ ողնայարածռութիւն (scoliosis), միջին ականջի ոսկրիկներու ոսկրապնդութիւն-անշարժութիւն (otosclerosis), որուն պատճառով ան ունէր լսողութեան փոխանցական տկարութիւն (conductive hearing loss):

Երկրորդ պարագան 16 տարեկան ճերմակամորթ նիհար աղջնակ մըն էր, որ կը գանգատէր փոքր տարիքէն ունեցած լսողութեան տկարացումէն: Անոր ախտանշանները նման էին իր մեծ քրոջը ունեցած ախտանշաններուն: Ան ունէր նաեւ քիմքի ճեղք եւ յառաջընթաց կզակ (prognathism) եւ լսողութեան փոխանցական ու զգայնանեարդային (sensorineural) տկարութիւն:

Երրորդ պարագան առաջին երկու պարագաներուն 8 տարեկան եղբայրն էր, որ ճերմակամորթ էր եւ ունէր քոյրերուն ախտանշանները ու անբնական երեւոյթները: Ան ունէր նաեւ մատնակապչութիւն (syndactyly), անբնական ողներ, դէմքի խոռոչներու ենթաճ  (hypoplasia) եւ լսողութեան փոխանցական  տկարութիւն:

Չորրորդ պարագան 9 տարեկան կարճահասակ աղջնակ մըն էր, որուն լսողութիւնը տկար էր շատ փոքր տարիքէն: Անոր ախտանշանները կը նմանէին նախորդ երեք պարագաներու ախտանշաններուն: Ան ունէր նաեւ ցցուն արտաքին ականջ (lop ear), յառաջընթաց ծնօտ, պակասաւոր ակռաներ, մատներու եւ ոտքերու անբնական ոսկորներ:

Առաջին հիւանդը ենթարկուեցաւ ականջի վիրաբուժական գործողութեան մը, որով միջին ականջի անշարժ ոսկրիկներէն մէկը փոխարինուեցաւ արհեստական ոսկրիկով մը: Այս միջոցառումով ան ունեցաւ բնական լսողութիւն:

Ինչպէս յիշուեցաւ նախապէս, այս համախտանիշը ժառանգական է, հետեւաբար մօտիկ ազգականական ամուսնութիւնները քաջալերելի չեն` հեռու մնալու համար հազուադէպ համախտանիշերէ եւ ժառանգական հիւանդութիւններէ:

Մոնրէալ

«Կանչ Հրեշտակապետին» 19-րդ Թիւի Գրախօսականը

$
0
0

ՏԻԳՐԱՆ ՎՐԴ. ՓԻԼԻՊՊՈՍԵԱՆ
փոխտեսուչ Զմմառու
Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի
եւ Ս. Միքայէլ ընծայարանի

Մարդուն բանաւոր խօսքը զարգացնելու համար անհրաժեշտ է զարգացնել նաեւ անոր գրաւոր խօսքը, ուստի Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան Ս. Միքայէլ ընծայարանի նորընծաներուն եւ երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի ժառանգաւորներուն բանաւոր ունակութիւնները ծաղկեցնելու միտումով, նկատի առած, որ ապագային որպէս կղերականներ անոնք Տիրոջ խորանէն եւ զանազան այլ բեմերէն ելոյթներ պիտի ունենան իրենց ժողովուրդին դիմաց, տեսչութիւնը «Կանչ հրեշտակապետին» տարեգիրքը որպէս հարթակ կ՛օգտագործէ` մեծապէս կարեւոր նկատելով սաներու հոգեմտաւոր ունակութիւններուն զարգացումը:

2018-ի թիւը համակողմանի, ներդաշնակ թեմաներու ծաղկաքաղ մըն է` ձօնուած դպրեվանքի գլխաւոր բարերար Միքայէլ աղա Յովհան Բաբումեանի մահուան 225-ամեայ յոբելեանին:

Տարեգիրքին նիւթերը, քանակական եւ որակական առումներով, բովանդակալից են. ընդգրկուած թեմաները այլազան են, անոնք հինգ ընդհանուր խորագիրներու տակ տեղադրուած են:

– Առաջին բաժնին մէջ ստորգրած են Զմմառու միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ, Զմմառու վանքի մեծաւոր, Պէյրութի թեմի կաթողիկէ հայոց պատրիարքական փոխանորդ Գաբրիէլ թ. ծ. վրդ. Մուրատեան:

Խմբագրական` խմբագիր Սօսէ Փիլաւճեան:
Տեսուչ հօր խօսքը` Գրիգոր վրդ. Պատիշահ:
Փոխտեսուչ հօր խօսքը` Տիգրան վրդ. Փիլիպպոսեան:
Դպրեվանքի հոգեւոր հօր խօսքը` Գէորգ արք. Խազումեան:

– Երկրորդ բաժինը յատկացուած է յոբելեաններու, որոնք այս տարի խանդավառած էին համայն հայութիւնը` հայրենիքի, Արցախի եւ ի սփիւռս աշխարհի մէջ:

– Երրորդ բաժինը դպրեվանքի կիսասարկաւագներուն արձանագրած ձեռքբերումներու ներկայացումն է. անոնց համալսարանական աւարտաճառերուն ամփոփումը:

– Չորրորդ բաժինին մէջ, շաբաթական դրութեամբ, կիսասարկաւագներ` Կարօ Գլընճեանի, Վարդան (Պասել) Ճալլուֆի եւ Լեւոն (Ժիւլիան) Ստեֆանի ներկայացուցած քարոզներէն երկուքական նմուշներ ներառուած են:

– Հինգերորդ եւ վերջին բաժնին մէջ հրատարակուած են ազատ նիւթեր:

Գրաւոր խօսքի նկատմամբ տեսչութիւնը պահանջկոտ է եւ խստօրէն կը հետեւի անոր ճիշդ կիրարկման խնդրին: Ան պէտք է արտայայտէ շօշափուող թեմայի էութիւնը` առանց աւելորդութիւններու, երկրորդական մանրամասներու, անտեղի շեղումներու: Ան եթէ ըլլայ դիպուկ, ապա կը ներգործէ, կը ներշնչէ յուզականութիւն` զարգացնելով գեղեցիկի նկատմամբ մարդու ընկալման որակը: Մարդիկ կեանքի տարբեր երեւոյթները եւ արուեստի մէջ անոնց արտացոլումները կը գնահատեն որպէս գեղեցիկ կամ այլանդակ, ողբերգական կամ երգիծական, վայելչագեղ կամ կոպիտ:

Այս բոլորը կ՛օժանդակեն սաներուն աշխարհահայեացքի ձեւաւորմանը, մտահորիզոնի ընդարձակմանը, երեւակայութեան խթանմանը, եւ այս ամէնը կը նպաստեն թերթի որակի բարելաւման ու սաներու գրաւոր ունակութիւններու զարգացման, անոր ճիշդ կիրարկման պարագային, մենք կ՛ունենանք մեր դպրեվանքի դիմագիծը հանդիսացող «Կանչ Հրեշտակապետին» հերթական որակեալ թիւը, ուր կ՛արտացոլուի ժառանգաւորաց հոգեւոր, ազգային, մշակութային եւ կրթական առօրեան:

 

 

Գաղութէ Գաղութ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներ

ՀՄԸՄ-ի Հարիւրամեակի Նշում

Նախաձեռնութեամբ ՀՄԸՄ-ի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութեան, ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 100-ամեակին առիթով, 23-29 հոկտեմբերին տեղի ունեցան շարք մը ձեռնարկներ:

Այս առթիւ Շրջանային վարչութեան հրաւէրով շրջան այցելեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանը:

23 հոկտեմբերին Գառնիկ Մկրտիչեանը այցելեց Ուաշինկթընի Հայ դատի գրասենեակ, ուր հանդիպում ունեցաւ գրասենեակի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեանին հետ: Նոյն օրը Գ. Մկրտիչեանը եւ ընկերակցող պատուիրակութիւնը այցելեցին Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւն եւ հանդիպեցան Հայաստանի Հանրապետութեան փոխդեսպան Արա Մարգարեանին հետ: Օրուան վերջին այցելութիւնը Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցչական գրասենեակն էր, ուր հանդիպեցան Արցախի ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեանին հետ:

24 հոկտեմբերին Գ. Մկրտիչեանը այցելեց Նիւ Եորքի առաջնորդարան, ուր հանդիպում ունեցաւ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու թեմի առաջնորդ Անուշաւան եպս. Դանիէլեանին հետ:

Վերոյիշեալ հանդիպումներուն Գառնիկ Մկրտիչեանը հակիրճ զեկոյցներով ներկայացուց ՀՄԸՄ-ի համաշխարհային կառոյցը, Կեդրոնական վարչութեան կազմը եւ միութեան 100-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւններուն շարքը, որ տեղի ունեցաւ Հայաստանի մէջ, 20-29 յուլիսին: Բոլոր հանդիպումներուն ընթացքին տեղի ունեցաւ 100-ամեակի յատուկ յուշանուէրներու տուչութիւն:

26 հոկտեմբերին Գառնիկ Մկրտիչեանը եւ  պատուիրակութիւնը այցելեցին Միացեալ Նահանգներու Մասաչուսեց նահանգի Ներկայացուցիչներու տուն ու հանդիպում ունեցան նահանգի հայ երեսփոխան Դաւիթ Մուրատեանին հետ: Հանդիպումի աւարտին երեսփոխան Մուրատեանը պատուիրակութեան յանձնեց Մասաչուսեց նահանգի Ներկայացուցիչներու տան հռչակագիրը` ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի առիթով: Հանդիպման աւարտին հայ երեսփոխանին յանձնուեցաւ 100-ամեակի յատուկ յուշանուէրը:

Յաջորդաբար 23, 24, 25 եւ 26 հոկտեմբերին Գառնիկ Մկրտիչեանը Կեդրոնական վարչութեան անդամ Հրաչ Մեսրոպեանը հանդիպում ունեցան Ուաշինկթըն, Նիւ Եորք, Նիւ Ճըրզի  եւ Պոսթըն մասնաճիւղի անդամներուն եւ համակիրներուն հետ: Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ շրջաններու գործունէութեանց եւ յաջորդ օրերուն տեղի ատենապետ ունենալիք 100-ամեակի նուիրուած ձեռնարկներուն մասին: Վերոյիշեալ հանդիպումներուն Գառնիկ Մկրտիչեանը հակիրճ զեկոյցներով ներկայացուց ՀՄԸՄ-ի համաշխարհային կառոյցը, Կեդրոնական վարչութեան կազմը եւ միութեան 100-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւններուն շարքը, որ տեղի ունեցաւ Հայաստանի մէջ, 20-29 յուլիսին:

27 հոկտեմբերին «Պըրլինկթըն Մարիոթ» պանդոկի շքեղ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ 100-ամեակի պարահանդէս-ճաշկերոյթը, որուն ընթացքին բոլոր ներկաներուն բաժնուեցաւ` այս առթիւ պատրաստուած 100-ամեակի եւ ՀՄԸՄ-ի վահանի կրծքանշաններ, եռագոյն վզնոցներ եւ յուշամատեան-ծանուցման գրքոյկներ:

Ձեռնարկին ընթացքին ելոյթ ունեցան ՀՄԸՄ-ի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութեան ատենապետ  Արամ Գայսերեանը եւ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանը: Անոնք շնորհաւորեցին ներկաները` ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 100-ամեակին առիթով, բարձր գնահատելով միութեան դերը` ազգանուէր սերունդներու պատրաստութեան մէջ, աշխարհի 26 երկիրներու մէջ տարածուած 110 մասնաճիւղերով եւ 28 հազար անդամներով:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ շքանշաններու տուչութիւն, եւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

27 հոկտեմբերին Ուոթըրթաունի Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի դրօշակի օրհնութեան արարողութիւն: Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` ի յիշատակ ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքի հիմնադիրներուն եւ ննջեցեալներուն:

Այնուհետեւ ներկաները, Պոսթընի մասնաճիւղի սկաուտներուն եւ փողերախումբին առաջնորդութեամբ, տողանցեցին դէպի Ուոթըրթաունի Հայ մշակութային եւ կրթական կեդրոն, ուր տեղի ունեցաւ 100-ամեակի պաշտօնական հանդիսութիւնը:

Օրուան հանդիսավար Յակոբ Խաչատուրեանը ներկայացուց շրջանի 12 մասնաճիւղերը: Ապա Կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամ Սարգիս Ստեփանեանին յանձնուեցաւ «Արժանեաց» շքանշանը:

Պոսթընի մասնաճիւղի ատենապետ Սեւակ Խաչատուրեանը իր ելոյթին մէջ շեշտեց, որ նոր սերունդին պարտականութիւնն է աշխատանքը շարունակել եւ ՀՄԸՄ-ի նշանաբանին հետեւելով` կերտել ապագայ:

Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութեան ատենապետ Արամ Գայսերեանը նշեց, որ նոր մարտահրաւէրներու առջեւ է ՀՄԸՄ-ը, եւ այս գծով երիտասարդութեան պարտականութիւն տրուած է աշխատանքը շարունակել եւ պայքարիլ անյարիր սովորութիւններու դէմ:

ՀՅԴ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ժան Աւետիսեանը իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ հարիւր տարի ետք ՀՄԸՄ-ի կամաւոր բանակը կը գործէ աշխարհի չորս ծագերուն մէջ` կառչած մնալով հիմնադիրներուն հաստատած սկզբունքներուն, պատրաստելով առողջ միտքը առողջ մարմինին մէջ: Այնուհետեւ օրուան պատգամը ներկայացուց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանը: Ան յայտնեց, որ 100-ամեակի յոբելեանն է ՀՄԸՄ-ի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու շրջանին մէջ, որուն մասնաճիւղերը աշխարհագրական հեռաւորութեամբ կը գործեն տարբեր նահանգներու մէջ, սակայն մի՛շտ` ՀՄԸՄ-ական դաստիարակութեամբ եւ նուիրումով: Ան նկատել տուաւ, որ շրջանը միութեան տուած է Կեդրոնական վարչութեան զանազան  անդամներ, հաւատաւոր ու նուիրեալ ՀՄԸՄ-ականներ ու տակաւին կը շարունակէ գործել նոյն հաւատքով եւ նոյն պատրաստակամութեամբ:

Սահակ ծ. վրդ. Եմիշեանը իր կարգին շեշտեց, որ ՀՄԸՄ-ի երթը սկսաւ Հայոց ցեղասպանութենէն անմիջապէս ետք` անտէր ու անտիրական որբեր խնամելու եւ հայրենիքի օժանդակութեան աշխատանքներով: Ան ըսաւ, որ ՀՄԸՄ-ը եղաւ կրթական հաստատութիւն մը, դպրոց մը, ուր սերունդէ սերունդ փոխանցուեցան ազգային գաղափարախօսութիւն եւ պատուի զգացողութիւն, աւելցնելով, որ շնորհիւ ՀՄԸՄ-ին` հայապահպանման առաքելութիւնը կը շարունակուի հաստատ քայլերով:

Ձեռնարկին գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:

Համազգայինի 90-ամեակի Եւ Տիթրոյթի Մասնաճիւղի 50-ամեակի Նշում

Վերջերս, կազմակերպութեամբ Տիթրոյթի Համազգայինին, մեծ շուքով նշուեցան Համազգայինի 90-ամեակը եւ մասնաճիւղին 50-ամեակը: Միութեան անունով Շողեր Ուրլեանը  շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նեցուկ կը կանգնին Համազգայինին:

Համազգայինի Արեւելեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Արեւիկ Գաբրիէլեանը ելոյթ ունենալով` նշեց, որ Համազգայինի կարգ մը հիմնադիրներու` Լեւոն Շանթի, Նիկոլ Աղբալեանի, Համօ Օհանջանեանի եւ Գասպար Իփէկեանի  հեռատեսութեան շնորհիւ է, որ այսօր գոյութիւն ունի մշակոյթ, որ պէտք է պահպանուի ամէն գնով, աւելցնելով, որ մեր մշակոյթը կը յարատեւէ համազգայնականներու շնորհիւ: Այնուհետեւ «Արաքս»  պարախումբը ներկայացուց աւելի քան 25 հայկական աւանդական եւ ժողովրդական պարեր, որմէ ետք ելոյթ ունեցաւ երգչուհի Սիպիլը, որ յատկապէս ժամանած էր Պոլիսէն` իր  մասնակցութիւնը բերելու սոյն համերգին:

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Նոր Գործադիր Տնօրէնը Այցելեց Ազգային Առաջնորդարան

28 հոկտեմբերին, Լոս Անճելըս իր առաջին այցելութեան առիթով, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեանը, ընկերակցութեամբ հիմնադրամի Լոս Անճելըսի գործադիր տնօրէն Սարգիս Գոթանճեանի, այցելեց Ազգային առաջնորդարան, ուր «Սիւլահեան» դահլիճին մէջ դիմաւորուեցաւ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, Կրօնական ժողովի, Ազգային վարչութեան եւ Տիկնանց օժանդակ մարմինի ներկայացուցիչներուն կողմէ:

Սրբազանը շնորհաւորեց Արշամեանին նշանակումը եւ վերահաստատեց Ազգային առաջնորդարանի, թեմի բարերարներուն, ծխական շրջաններուն եւ վարժարաններուն զօրակցութիւնը` հիմնադրամի հայրենանուէր գործին, մաղթելով, որ հիմնադրամը թափանցիկ գործունէութեամբ շարունակէ հայրենաշէն ծրագիրներու յաջող իրագործումը:

Ազգային վարչութեան ատենապետ Կարօ Էշկիեանը իր կարգին գոհունակութիւն յայտնեց ծանօթացումի այս առիթին համար եւ` վստահութիւն, որ հիմնադրամը իր ապագայ երթը պիտի շարունակէ անվհատ:

Այնուհետեւ  Սարգիս Գոթանճեանը ներկայացուց նոր նշանակեալ տնօրէնին վաստակն ու ծառայութեան դաշտերը:

Արշամեանը շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ հիւրընկալութեան համար` նշելով, որ իբրեւ պատմաբան` ուսումնասիրած է Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան եւ Սիսի կաթողիկոսութեան պատմութիւնն ու դերը, ապա վեր առաւ սփիւռքի դերակատարութեան կարեւորութիւնը` մայր հայրենիքին համար ծրագրուած բոլոր աշխատանքներու յաջողութեան մէջ: Ան անդրադարձաւ նաեւ հիմնադրամի անցեալի գործունէութեան, իրագործումներուն, ինչպէս նաեւ ապագայի ծրագիրներուն` Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մէջ, յատկապէս կեդրոնանալով արհեստագիտութեան մէջ երիտասարդութեան առաւել հմտութիւն եւ մասնագիտանալու միջոցներ ընձեռելու կարեւորութեան վրայ, միշտ Հայաստան եւ սփիւռք ձեռք-ձեռքի` յառաջ ընթանալու նախանձախնդրութեամբ:

Առաջնորդ սրբազանը բարի երթ մաղթեց Արշամեանին` իր նոր առաքելութեան մէջ եւ յաջողութիւն` հիմնադրամի յառաջիկայ գործունէութեան, նաեւ վստահութիւն յայտնեց, որ անոր նշանակումով հիմնադրամը նոր շունչով ու թափով պիտի շարունակէ իր ծրագիրներու իրականացումը:

Հրաժեշտի պահուն, առաջնորդը յուշանուէրներ յանձնեց հիմնադրամի գործադիր տնօրէնին:

 Սուրիա

Դամասկոսի Մէջ Տեղի Ունեցաւ «Լեռնային Ղարաբաղի Հարցը. Արիւնահոսող Վէրքը» Գիրքին Շնորհահանդէսը

Սուրիական «Սանա» լրատու գործակալութեան լրագրող Պիլալ Ահմատ կը յայտնէ, որ Դամասկոսի «Ասատ» ազգային գրադարանին մէջ տեղի ունեցած է Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Արշակ Փոլատեանի վերջերս հրատարակուած «Լեռնային Ղարաբաղի հարցը. արիւնահոսող վէրքը» արաբերէն գիրքին շնորհահանդէսը:

Շնորհահանդէսին ընթացքին ցուցադրուած է Արցախի տարածաշրջանի պատմական փուլերուն, հակամարտութեան հանգրուաններուն, ինչպէս նաեւ ազատագրման ի խնդիր հայ ժողովուրդին մղած պայքարին մասին վաւերագրական տեսերիզ:

Դեսպան Փոլատեան իր խօսքին մէջ յայտնած է, որ Ղարաբաղի հարցը արդարութեան հարց է եւ ունի մարդկային իրաւանց բնոյթ, որովհետեւ անիկա հարցն է ժողովուրդի մը, որուն իրաւունքները խլուած են այլ իշխանութիւններու կողմէ` թրքական կառավարութեան աջակցութեամբ, որ կը միտի տարածաշրջանի պատմութիւնը աղաւաղել եւ հերքել Արցախի պատկանելիութիւնը Հայաստանի:

«Տար շարք» հրատարակչատան տնօրէն Նապիլ Թաամէ խօսք առնելով` ընդգծած է պայքարի հանգիտութիւնը սուրիացի եւ հայ երկու ժողովուրդներուն` թրքական բռնատիրութենէն ձերբազատելու ի խնդիր:

Սուրիա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակցութեան նախագահ, Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ դոկտ. Նորա Արիսեանը ներկայացուց գիրքն ու անոր գլուխները, որոնց մէջ հեղինակը կ՛անդրադառնայ տարածաշրջանի պատմականին, շրջանի ժողովրդագրութիւնը փոխելու թուրքերու ջանքերուն եւ հայերու հանդէպ անոնց խտրականութեան քաղաքականութեան, օսմանեան կառավարութեան իրագործած ցեղասպանութեան, Արցախի կարգավիճակին մասին` Խորհրդային Միութեան շրջանին եւ զայն Ազրպէյճանին կցելու ջանքերուն, ինչպէս նաեւ` անկախութեան ձեռք բերելու համար կատարուող բանակցութիւններուն:

Կիպրոս

Յոյն, Հայ Եւ Պոնտացի Ազգերու Ցեղասպանութեան Յիշատակին Նուիրուած Ցուցահանդէս

Կազմակերպութեամբ Կիպրոսի խորհրդարանին, 7 նոյեմբերին «Ֆամակուսթայի դարպասի» մշակութային կեդրոնի ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ երեք ազգերու (յոյն, հայ եւ պոնտացի) ցեղասպանութեան դառն յիշատակին նուիրուած ցուցահանդէսին բացումը` ներկայութեամբ թեմի կաթողիկոսական  փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեանի:

Ձեռնարկին ընթացքին խօսք առին խորհրդարանի նախագահ Տիմիթրիս Սիլլուրիսը,  պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանը, նաեւ` պոնտոսցիներու եւ Փոքր Ասիոյ աղէտներուն ենթարկուած ժողովուրդներու կողմէ ներկայացուցիչներ:

Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը բաց է մինչեւ 17 նոյեմբեր:

Պոլիս

Պոլսահայ Միութիւնը Ընտրեց Նոր Վարչութիւն

Վերջերս Պոլսահայ միութիւնը ընտրեց իր 2018-2019 տարեշրջանի նոր վարչութիւնը: Նորընտիր վարչութեան անդամներն են` Էտի Սարաֆօղլու (փոխատենապետ), Թալին Սարաֆօղլու, Սերժ Պուլանիքեան, Կարպիս Սարաֆեան, Օհաննէս Կուլակ, Արեգ Պալճի, Թալին Մանուկեան-Եայլաօղլու, Հերման Եայլաօղլու, Մարկ Մ. Կոսկեր, Վաչէ Կիլավուզ, Յակոբ Ճեք Հալիճի, Էտվին Մինասեան եւ Անդրանիկ Փայլան:

Իրան

Իրանահայ Ճարտարագէտ Վարդան Պօղոսեանի Մեծարանքի Հանդիսութիւն

Կազմակերպութեամբ «Արտակ Մանուկեան» թանգարանի տնօրէնութեան եւ Հայ ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու միութեան վարչութեան, 1 նոյեմբերին «Արտակ Մանուկեան» թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ իրանահայ ճարտարագէտ Վարդան Պօղոսեանին նուիրուած մեծարանքի հանդիսութիւն:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Հայ ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու միութեան նախագահ ճրտգ. Վարուժան Եդգարեանը, որուն յաջորդեցին մեծարեալին ամփոփ կենսագրականի ընթերցում եւ գեղարուեստական յայտագիր:

Ելոյթներով հանդէս եկան ճրտ. Հոսէյն Ռեզային եւ ճրտ. Ֆարզան Ռաֆիհան: Այնուհետեւ խօսք առաւ թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանը, որ գնահատեց ճրտգ. Վարդան Պօղոսեանին աշխատանքները, որուն միջոցով ան ծառայած է Իրանի եւ Հայաստանի: Սրբազանը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Հայ ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու միութեան անդամներուն, որ պարբերաբար նման ձեռնարկներ կը կազմակերպեն եւ հասարակութեան կը ներկայացնեն այն անձերը, որոնք անցեալին տասնեակ տարիներու ընթացքին աշխատած են եւ իրենց ներդրումը բերած են Իրանի բարգաւաճման աշխատանքներու մէջ:

Աւարտին սրբազան հայրը գնահատագիր յանձնեց Վարդան Պօղոսեանին, որ իր կարգին ելոյթ ունեցաւ երախտագիտական խօսքով:

Թաւրիզահայ Գեղանկարիչներու Մեծարանքի Հանդիսութիւն

Հովանաւորութեամբ Թաւրիզի քաղաքապետարանին, նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ բեմադրիչ-արուեստաբան Վահապ Նեժատիի, վերջերս Թաւրիզի Արուեստի եւ մշակոյթի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Ատրպատականի գեղանկարիչներու, որոնց շարքին նաեւ թաւրիզահայ հանրայայտ գեղանկարիչներու դիմապատկերներու ցուցահանդէսի բացում:

Ատրպատականի գեղանկարիչներու շարքին յետմահու մեծարուեցան նաեւ թաւրիզահայ հանրայայտ գեղանկարիչներ` Գրիգոր Վահրամեանը, Մարուսիա Վահրամեանը եւ Աշոտ Բաբայեանը: Մեծարանքի արժանացաւ նաեւ գեղանկարիչ Վահրամ Վահրամեանը, որ կատարեց նաեւ ցուցահանդէսին բացումը:

Ձեռնարկին ելոյթ ունեցող բոլոր բանախօսները դրուատիքով արտայայտուեցան հայ անուանի արուեստագէտներու մասին: Անոնք նորանոր յաջողութիւններ մաղթեցին իրենց գործը շարունակող արուեստագէտներուն:

 

Դեկտեմբերեան Ընտրութիւններն Ու Մեծ Սխալը

$
0
0

ԱՐՏԱԿ ՍԱՐԳՍԵԱՆ

Որ ժողովրդային շարժման արդիւնքները թելադրում էին ՀՀ ԱԺ արտահերթ ընտրութիւններ անցկացնել, կարծէք, ոչ ոք չէր ընդդիմանում: Բայց յատկապէս ի՞նչ նպատակով եւ ինչպէ՞ս պէտք էր արտահերթ ընտրութիւններ անցկացուէին, այսօր էապէս անտեսուել է: Այս առումով, հանրային մտայնութեան մէջ մնացել է միայն հնի մերժումն ու Փաշինեանի իշխանութեան ամրապնդումը. նոր իշխանութիւնը, յանուն շուտափոյթ եւ հնարաւորինս շատ ձայների ու աթոռների, զոհեց հաւասար հնարաւորութիւնների ապահովումն ու ընտրական օրէնսգրքի բարելաւումը` վերջինի առումով խաղարկելով կիսատ-պռատ ճիգեր, որոնց իրագործումը կարող էր աւելի խաթարել ժողովրդավարութիւնն ու ընտրական համակարգը: Սա մեծագոյն սխալ էր, որ արդէն անխուսափելի ընթացքի մէջ է` պարտադրուած Փաշինեանի կողմից: Եւ այս սխալը կարող է յանգեցնել նոր քաղաքական անկայունութեան:

Վերյիշենք ոչ հեռու անցեալի խոստումներն ու ծրագրերը` հնչեցուած ամենաբարձր ամպիոններից ու, հիմնականում, ամրագրուած կառավարութեան ծրագրում:

ԱԺ արտահերթ ընտրութիւնների անցկացման առաջին փաստարկն այն էր, որ ներկայիս խորհրդարանը չի արտացոլում հանրային իրական տրամադրութիւնները եւ դա խոչընդոտ է արդիւնաւէտ կառավարման եւ երկրի զարգացման համար:

Երկրորդ կարեւոր փաստարկն այն էր, որ 1991-ից յետոյ Հայաստանում ընտրութիւնները անցել են խախտումներով, ճնշումներով, կաշառքով, վարչական միջոցների օգտագործմամբ եւ այլ արատաւոր միջոցներով, ինչը խաթարել է հանրութեան վստահութիւնն ընտրութիւնների եւ իշխանութեան հանդէպ: Այդ իսկ պատճառով անհրաժեշտ է վերականգնել այդ վստահութիւնը` անցկացնելով ազատ, արդար, օրինական ընտրութիւններ:

Երրորդ նպատակադրումը ընտրական օրէնսգիրքի բարելաւումն էր, որ կը նպաստէր աւելի լաւ որակի ընտրութիւնների կայացմանը: Մասնաւորապէս անձերի միջեւ պայքարը` տարածքային վարկանշային համակարգով պայմանաւորուած, պէտք էր վերացուէր` դուռ բացելով քաղաքական ուժերի եւ նրանց ծրագրերի մրցապայքարի համար:

Չորրորդ կարեւոր պայմանը քաղաքական ուժերին բաւարար ժամանակ յատկացնելն էր, որ մեղմուէր յեղափոխական զգացմունքայնութիւնը, իսկ կուսակցութիւնները պատրաստ լինէին նոր ընտրութիւններին` ունենալով հաւասար հնարաւորութիւններ:

Հինգերորդ կարեւոր քայլը սուփըրվարչապետական լիազօրութիւնների թուլացումն էր, մասնաւորապէս` ոստիկանութեանը հաշուետու դարձնելը ԱԺ-ին. սա ոստիկանութեան համար կ՛ապահովէր առաւել անաչառ դիրքորոշում եւ կը սահմանափակէր գործող վարչապետին` ընտրութիւնների ընթացքում չարաշահել լծակները:

Վերջապէս, վեցերորդ պայմանն այն էր, որ ընտրութիւնները թեքնիք իմաստով կազմակերպուէին աւելի լաւ, ցուցակները լինէին աւելի մաքուր` բացառելով կրկնաքուէարկութիւնները, բացակաների քուէարկութեան դէպքերը` բարձրացնելով գործընթացների թափանցիկութեան մակարդակը:

Եւ այս ամէնի իրագործման համար, որպէս տրամաբանական ժամկէտ, սահմանուեց մինչեւ մէկ տարին:

Երեւանի աւագանու ընտրութիւններից յետոյ վարչապետ Փաշինեանը առաջադրեց նոր մօտեցումներ, մասնաւորապէս` ԱԺ ընտրութիւնները դեկտեմբերին անցկացնելու պահանջով, բերելով 3 հիմնական փաստարկ.

  1. Երեւանի աւագանու ընտրութիւնները, ըստ վարչապետի, ցոյց տուեցին, որ ժողովուրդը պահանջում է ընտրութիւններն աւելի շուտ անցկացնել եւ ձգձգելու որեւէ լուրջ պատճառ չկայ,
  2. Հայաստանի տնտեսական զարգացման համար այս ընտրութիւնների շուտափոյթ անցկացումը չափազանց կարեւոր է, քանզի ներդրողները պէտք է իրենց աւելի շուտ վստահ ու պաշտպանուած զգան,
  3. Հին «սեւ» եւ «հակայեղափոխական» ուժերը կարող են ամէն պահի դաւադրական քայլեր իրականացնել` վտանգելով «յեղափոխական» իշխանութեան գործունէութիւնը, ամրապնդելու իրենց դիրքերը:

Այսպիսով, ընտրութիւններն ու դրանց արդիւնքները պէտք է լինեն յեղափոխութեան հռչակած սիրոյ եւ համերաշխութեան հերթական արտացոլանքը:

Նկատենք, որ հանրային վստահութիւն վայելող խորհրդարանի ձեւաւորումը` արդար եւ օրինական ընտրութիւնների միջոցով, հիմնական նպատակ են: Սակայն հնարաւո՞ր է «անբացատրելի» շտապողականութեամբ իրագործել դէպի այդ նպատակ տանող քայլերը, թէ՞ կ՛ունենանք մի նոր պիւռոսեան յաղթանակ` դուռ բանալով նոր ցնցումների համար:

Ընտրութիւնների ժամկէտը արհեստականօրէն առաջ բերելը բացառեց նշուած գրեթէ բոլոր նպատակադրումների իրականացումը.

  1. Ընտրական բարեփոխումները հնարաւոր չէր լիարժէք կատարել այս ժամկէտում, հետեւաբար աւելի լաւ համակարգով չենք գնում ընտրութիւնների:
  2. Եթէ նոյնիսկ խորհրդարանն ընդունէր մասնակի ընտրական փոփոխութիւնները, ապա դրանց կիրարկումը կը լինէր անարդիւնաւէտ. քաղաքական ուժերն ու ընտրական համակարգը ուղղակի չէին կարող պատրաստ լինել այդ փոփոխութիւններին: Դա նման կը լինէր գնացքի գծերի փոփոխութեանը` գնացքի ընթացքի պայմաններում:
  3. Քաղաքական դաշտի անկայունութեան պայմաններում շուտափոյթ ընտրութիւնները կը յանգեցնեն հանրային աշխուժ մասի մասնակցութեանը` ի մերժում հին իշխանութեան, իսկ նոր իշխանութիւններից դժգոհ բնակչութիւնը էապէս կարող է մեկուսանալ` խուսափելով հրապարակայնօրէն դէմ գնալ նոր վարչակարգին:
  4. Սուփըրվարչապետական լիազօրութիւններից նոր իշխանութիւնները չեն ցանկանում հրաժարուել նախընտրական փուլում` հակասելով իրենց իսկ պահանջներին: Այդ լիազօրութիւններն անհրաժեշտ են Փաշինեանին` երկրում ամբողջական իշխանափոխութիւն իրականացնելու համար:

Ստացւում է, որ այս ընտրութիւնները`

  1. Լիարժէք չեն արտացոլի հանրային իրական տրամադրութիւնները, քանզի ընթանում են ոչ թէ համերաշխութեան, այլ` մերժման մթնոլորտում:
  2. Քաղաքական ուժերը մրցապայքարին կը մասնակցեն անհաւասար պայմաններում` ժողովրդային ալիքի չմարած յորձանուտում:
  3. Նոր ձեւաւորուած իշխանութիւնը կարող է ունենալ պիւռոսեան յաղթանակ` շատ քուէներ, որոնք արագ կարող են վերածուել մեծ հիասթափութեան: Եւ կարճ ժամանակում կարող է նոր խորհրդարանն էլ չարտայայտել հանրութեան իրական տրամադրութիւնները:
  4. Ստեղծուած իրավիճակը կարող է դուռ բացել նոր մենիշխանութեան համար` հրապարակի իշխանութեան լոզունգների ներքոյ (բոլոր մենիշխանութիւնները հաստատուել են ժողովրդի անունից եւ «ժողովրդի համար»):
  5. Քաղաքական կուսակցութիւնները, իրենց ուժերը վերականգնելուց յետոյ, կարող են յայտ ներկայացնել` արտահերթ խորհրդարանական նոր ընտրութիւններ անցկացնելու պահանջով. նրանց հակազդեցութիւնը կարող է լինել համարժէք, իսկ հրապարակը` թեքուել նրանց կողմ:

Պատկերաւոր ասած` ժողովրդային շարժումը Հայաստանի քաղաքական դաշտին նաքաութի հասցրեց, տապալեց գետնին եւ հիմա նոր հարուածներ է հասցնում: Առարկայականօրէն, նոր հարցեր են առաջ գալիս. բացի Փաշինեանից ու նրա աջակիցներից` է՞լ ում է անհրաժեշտ, որ Հայաստանում ընտրութիւններն անցնեն այսպիսի պայմաններում: Արդեօ՞ք դրանք կապուած չեն Իրանի ու Ռուսաստանի դէմ կիրառուող պատժամիջոցների նոր ալիքի հետ: Արդեօ՞ք սա Իրանի ու Ռուսաստանի շուրջ օղակի նոր սեղմման քայլ չէ: Արդեօ՞ք Արցախի հարցի շուրջ սա նոր գործիք չէ ու ճնշում` գնալու զիջումների: Հայաստանի քաղաքական դաշտն ու պետական համակարգը ցնցումների մէջ են, Փաշինեանի բարձր հեղինակութեանն ուղիղ բացասական համեմատական են պետական համակարգի անարդիւնաւէտ աշխատանքն ու քատրային քաղաքականութիւնը: Այս ցնցումային վիճակում յանպատրաստից ընտրութիւնները որքանո՞վ կը նպաստեն երկարաժամկէտ կայունութեանը, եւ արդեօ՞ք կը ստեղծուի ներքաղաքական համերաշխութիւն, ինչպէս խոստացուել էր:

Ցաւօք, արտահերթ ԱԺ ընտրութիւններում աւելորդ շտապողականութիւնը կարող է ոչ հեռու ապագայում յանգեցնել նոր անկայունութեան, եւ սա է դեկտեմբերեան մեծ սխալը, որն արդէն ճամբայ է ընկել` դառնալով պարտադրանք բոլորիս համար:

 

 

Ասք` 800 Հազար Անբանի, 350 Հազար Ճռռացողի Եւ Վարչապետի Տուայտանքների Մասին

$
0
0
Կամ` Հակայեղափոխութեան
Նոր Առաջնորդը

ՀԱՅԿԱԶՈՒՆ ԱԼՎՐՑԵԱՆ

Եթէ մարդ չգիտենայ, թէ գործազրկութեան համար ինչքան նպաստ է ստանում մէկ ընտանիքը, Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան նկատմամբ կը լցուի անհուն երախտագիտութեամբ. ուրիշ այդ ո՞ր պետութիւնն է բնակչութեան գրեթէ 30 տոկոսին (ըստ վարչապետ Փաշինեանի` 800 հազար մարդ) վճարում գործազրկութեան նպաստ: Գործազրկութեան կամ, աւելի ճիշդ, աշխատել չցանկանալու պատճառն էլ շատ պարզ է` դարձեալ ըստ վարչապետի. «Ինչո՞ւ Հայաստանում շատերը չեն ուզում աշխատել. որովհետեւ, աղքատութեան նպաստ են ստանում: Մտածում են` եթէ աշխատեն, նպաստից կը զրկուեն: Իրանց կովերին մորթում են, որ աղքատութեան նպաստ ստանան, հեռուստացոյց չեն առնում, որ աղքատութեան նպաստ ստանան: 350 հազար մարդ ճռռում է, որ պահի 800 հազար մարդու»:

Պարոն Փաշինեանը մինչեւ իշխանութեան գալը ժողովրդի աղքատութեան ու գործազրկութեան համար մեղադրում էր իշխանութիւններին, որոնք թալանչիներ էին, կաշառակերնէր, փտածներ, ժողովրդին կեղեքողներ, ովքեր նոյնիսկ մատը մատին չէին տալիս գործատեղեր ստեղծելու համար, եղածներն էլ ագահ իշխանաւորների պատճառով փակւում էին եւ այլն, եւ այլն:

Ճիշդն ասած, ես, Ն. Փաշինեանի եւ նրա համախոհների քաղաքական հայեացքները չկիսելով հանդերձ, ընկերային-տնտեսական կեանքի վերաբերեալ այս գնահատականների հետ հիմնականում համաձայն էի: Սակայն պարզւում է, որ պարոն Փաշինեանն այսօր` իշխանութեան գալուց եօթ ամիս անց, այլ կարծիք ունի. այսինքն  իր վատ ապրուստի համար ժողովուրդն ինքն է մեղաւոր, այլ ոչ թէ` կառավարութիւնը, իր ղեկավարած կառավարութիւնը: Աւելի՛ն. այդ մարդիկ այնքան խելք չունեն, որ մի 18-25 հազար դրամի համար կովերն են մորթում, հեռուստացոյց չեն առնում, իրենց ու զաւակներին գիտակցաբար զրկում են, միայն թէ չզրկուեն այդ ողորմելի նպաստից:

Բայց մի՞թէ սա է Հայաստանի հպարտ քաղաքացին` ծոյլ, խաբեբայ, պորտաբոյծ, իր երեխաների նկատմամբ անհոգի ու դաժան, հայրենիքի ճակատագրի հանդէպ անտարբեր… Մինչ այս մեզանում (նաեւ` մեզ քիչ թէ շատ ճանաչող այլ ժողովուրդների մօտ) դարերով իշխում էր այն համոզմունքը, թէ հայ ժողովուրդը աշխատասէր է, քարից հաց է քամում եւ այլն: Միլիոնաւոր հայ մարդիկ, որ ակամայ ապրում են այլ երկրներում, նոյնպէս այս համոզմունքն են ունեցել եւ ունեն` ի տարբերութիւն ՀՀ վարչապետի, ով աշխատասիրութիւն տեսնում է միայն «ճռռացող» փոքրամասնութեան մէջ:

Ի՞նչ պատահեց, ինչո՞ւ է ազգընտիր վարչապետն իրեն իշխանութեան բերողներին նման որակաւորումներ տալիս:

Կարծում եմ` պատահեց հետեւեալը. նա հասկացաւ, որ իր քաղաքական խմբակով ու կառավարութեամբ չի կարողանալու երկրի ընկերային-տնտեսական կեանքում բեկում մտցնել, իր յայտարարած 800 թէ 1000 տոլարանոց աշխատավարձի հեռանկարն անգամ գնալով խամրում է, նոյնիսկ աշխատավարձերն ու թոշակները չեն բարձրանալու, ընտանիքի կեանքում զգալի լինեն (աւելի՛ն. անհաւանական չէ, որ անգամ պակասեն) եւ, ամենակարեւորը, ՉԻ ԿԱՐՈՂԱՆԱԼՈՒ ՍՏԵՂԾԵԼ ՆՈՐ ԱՇԽԱՏԱՏԵՂԵՐ:

Նախօրօք գիտէ՞ր այս մասին` չեմ կարող ասել, բայց հասկանում եմ, թէ ինչո՛ւ է հիմա խօսում: Մինչեւ խորհրդարանական ընտրութիւնների օրուայ յստակեցումը երկրի տնտեսութեան մէջ ներդրումների բացակայութիւնը բացատրւում էր այն հանգամանքով, որ ներդրողները (օտարերկրեայ թէ հայաստանցի) անորոշութեան մէջ են, քանզի իշխանափոխութիւնն ամբողջական չէ, քանի դեռ նոր Ազգային ժողով չի ընտրուել եւ այլն: Այս ընդհանուր պարունակում ուշագրաւ է, որ վարչապետը նոյնիսկ յայտարարեց, թէ… իշխանափոխութիւն չի կատարուել:

Այժմ ակնյայտ է, որ այդ նոր ԱԺ-ն կ՛ընտրուի, բայց, ցաւօք, ներդրումներ դարձեալ չեն լինի, գործատեղեր չեն ստեղծուի, իսկ ո՞վ է մեղաւորը: Պարզ է, որ իշխանութիւնները չեն, նրանք ուղղակի չեն կարող լինել, իսկ, ա՛յ, ծոյլ ու անբան ժողովուրդը կարող է լինել…

Իսկ ի՞նչ կարող է հետեւել այս ամէնին:

Երկրում նկատելի է տնտեսական նահանջը, ապրիլին սկիզբ առած ոգեւորութիւնը գնալով տեղի է տալիս, նոր իշխանաւորներն իրենց դրսեւորում են, մեղմ ասած, որպէս անյուսալի վարչարարներ, այդ իսկ պատճառով առնէտավազքով հանրապետականից վարչապետի շրջապատում յայտնուածներն արդէն համարւում են արհեստավարժներ, որոնք էլ շուտով նորից կը գրաւեն ամբողջ իշխանութիւնը:

Մի խօսքով, կատարւում է հակայեղափոխութիւն, որի առաջնորդը նոյն ինքը` արդէն պատմութիւն դարձած յեղափոխութեան առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեանն է:

Իսկ մարդկանց մի զգալի զանգուած, մեծն Թումանեանի խօսքով` «Դաւին անտեղեակ, ցաւին անտարբեր», դեռ յոյսեր է փայփայում…

 

 

 


«Յեղափոխականութեան Էջը Պէտք Է Փակել Եւ Գնալ Երկրի Զարգացման» Արթուր Խաչատրեան

$
0
0

ՀՅԴ անդամ, գիւղատնտեսութեան նախկին նախարար Արթուր Խաչատրեանը խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններուն ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինին կողմէ առաջադրուեցաւ ՀՅԴ համամասնական ցանկով: «Ես վստահ եմ, որ մենք կը յաղթենք, որովհետեւ մենք իրական այլընտրանք ենք: Մեր խնդիրն այժմ ուղղակի յետյեղափոխական զարգացումն է, յեղափոխականութեան էջը պէտք է փակել եւ գնալ երկրի զարգացման», «Թերթ»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսած է Ա. Խաչատրեանը:

Ընտրութիւններուն յաջողութեան հասնելու պարագային, ան չի բացառեր համագործակցութիւնը ՔՊ-ի, ՀՀԿ-ի կամ այլ ուժերու հետ. «Համագործակցում են խնդիրների իրականացման շուրջ: Եթէ ՔՊ-ն որոշակի խնդիր է դնում, որը մեզ համար ընդունելի է եւ ճիշդ է, մենք համագործակցելու ենք ՔՊ-ի հետ, եթէ խնդիր է դնում ՀՀԿ-ն, ԲՀԿ-ն կամ այլ ուժ, նրանց հետ ենք համագործակցում»:

«ԹԵՐԹ».- Ընդհանրապէս, ընտրութիւններում ձեր անհատական եւ կուսակցութեան շանսերն ինչպէ՞ս էք գնահատում:

ԱՐԹՈՒՐ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ.- Դրակա՛ն: Մենք ունենք մեր յստակ դիրքորոշումը, մեր սկզբունքները եւ կարող ենք լինել իրական այլընտրանք` հանդէս գալով ազգային արժէքների պահպանման եւ ընկերային արդարութեան միջեւ:

«ԹԵՐԹ».- Կարծո՞ւմ էք, որ ՀՅԴ-ն խորհրդարանում նուազագոյնը ներկայացուած 3 ուժերից մէկն է լինելու:

ԱՐԹՈՒՐ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ.- Ընտրութիւններից առաջ կանխատեսում անելը ճիշդ չէ, բայց, ի հարկէ, այդպէս եմ կարծում: Ես լիայոյս եմ, վստահ եմ, որ մենք կը յաղթենք, որովհետեւ մենք իրական այլընտրանք ենք, մենք աջակցել ենք յեղափոխութեանը, մեր խնդիրն ուղղակի յետյեղափոխական զարգացումն է: Յեղափոխականութեան էջը պէտք է փակել եւ գնալ երկրի զարգացման: Մենք տեսնում ենք որոշակի վտանգներ թէ՛ երկրի զարգացման ուղղութեամբ, թէ՛ ընկերային-տնտեսական քաղաքականութիւնում, մասնաւորապէս` այդ 100 հազար հոգուն դուրս թողնելը հանրային հատուածից, 800 հազար հոգուն «բեռ» կոչելը: Վտանգներ ենք տեսնում նաեւ արտաքին քաղաքականութիւնում, եւ այստեղ մենք ունենք մեր մօտեցումներն ու պատկերացումները:

«ԹԵՐԹ».- Վարչապետի խորհրդականի` 100 աշխատակիցներին պետական կառոյցից կրճատելու եւ Նիկոլ Փաշինեանի` «350 հազար մարդ ճռռում է, որ պահի 800 հազար մարդու» յայտարարութիւնների մասի՞ն է խօսքը:

ԱՐԹՈՒՐ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ.- Այո՛, պետութիւնը չի կարող այդպէս անել: Այսինքն պետութիւնը պէտք է պատասխանատու լինի բոլորի նկատմամբ:

«ԹԵՐԹ».- Ներկայիս իշխանութեան ներկայացուցիչները յայտարարում են, որ պետական կառոյցն ուռճացուած է, պէտք է կրճատումներ  լինեն, եւ պետական ծառայողները սեփական մարզում տեղաւորուեն:

ԱՐԹՈՒՐ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ.- Նախ պէտք է այլընտրանք ստեղծել այդ մարդու համար: Եթէ դու իր համար այլընտրանք չես ստեղծում, նրան ուղղակի շպրտում ես դուրս: Իսկ հաշուի առնելով մեր ազգի շարժունակութիւնը` այդ մարդն իր տունը կը վաճառի, ճամպրուկը կը հաւաքի եւ երկրից կը գնայ: Առանց այդ էլ ժողովրդագրական աղէտի առաջ ենք կանգնած, հիմա էլ թողենք, որ եւս 50-100 հազար հոգի՞ գնան:

«ԹԵՐԹ».- Դաշնակցութիւնը 2016 թ.ին ՀՀԿ-ի հետ էր քոալիսիոնի մէջ, այնուհետեւ դուրս եկաւ, հետագայում «Քաղաքացիական պայմանագրի» հետ ազգային համաձայնութեան կառավարութիւն ձեւաւորեցիք եւ մի քանի ամիս անց դուրս եկաք, նաեւ ընտրական օրէնսգրքի փոփոխութիւնների նախագծի տապալման համար շատերը ՀՅԴ-ին էին մեղադրում: Այդ վերջին տարիների իրադարձութիւնները չե՞ն ազդի ՀՅԴ ձայների վրայ:

ԱՐԹՈՒՐ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ.- Երկու պատգամաւոր չեն եկել, բայց քանի՞ հոգի չեն եկել, ովքեր իրենց հաւատարմութիւնն էին յայտնել վարչապետին եւ իշխող քաղաքական խմբին: Նրանք, ովքեր քննադատում էին ՀՅԴ-ին անձրեւ գալու կամ շոգ լինելու համար, միեւնոյն է, մեր ընտրազանգուածը չեն: Տեսէ՛ք` մենք ՀՀԿ-ի հետ 1998 թ.ից ենք եղել, այն ժամանակ, երբ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը գնաց, երկրին սպառնաց սոդոմ-գոմորով, պատերազմով, մերժում էր Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման անհրաժեշտութիւնը, «Պատերա՞զմ, թէ՞ խաղաղութիւն. լրջանալու պահը» յօդուածն էր գրել, եւ այստեղ արդէն պէտք էր պետութիւնն ուժեղացնել, եւ թէ՛ Ղարաբաղի, թէ՛ Ցեղասպանութեան ճանաչման ու պահանջատիրութեան հարցում հզօր դիրքորոշում էր պէտք որդեգրել: Բայց վերջին մի քանի տարիների փորձը մեզ ցոյց տուեց, որ երկրում, քանի դեռ չի ձեւաւորուել իրական քոալիսիոն կառավարում, որտեղ կառավարութեան մասնակցութիւնը պայմանաւորուած է ԱԺ-ում մասնակցութեամբ, կառավարութիւնում մասնակցելն այդքան էլ ճիշդ մօտեցում չէ: Մենք կառավարութեան մաս էինք, որոշակի յաջողութիւնների հասանք, բայց յաջողութիւնների հետ մէկտեղ նաեւ, փաստօրէն, կրել ենք ձախողումների պատասխանատուութիւնը:

«ԹԵՐԹ».- Առաջիկայ ԱԺ ընտրութիւններին ՀՅԴ-ն առանձի՞ն է մասնակցելու:

ԱՐԹՈՒՐ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ.- Այո՛:

«ԹԵՐԹ».- Ընտրութիւններում յաջողութեան հասնելու դէպքում ՀՀԿ-ի կամ ՔՊ-ի եւ կամ այլ ուժի հետ համագործակցութիւնը հնարաւոր համարո՞ւմ էք:

ԱՐԹՈՒՐ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ.- Համագործակցում ենք խնդիրների իրականացման շուրջ: Եթէ ՔՊ-ն որոշակի խնդիր է դնում, որը մեզ համար ընդունելի է եւ ճիշդ է, մենք համագործակցելու ենք ՔՊ-ի հետ, եթէ խնդիր է դնում ՀՀԿ-ն, ԲՀԿ-ն կամ այլ ուժ, նրանց հետ ենք համագործակցում:

Այսինքն համագործակցում ենք ոչ թէ կուսակցութիւնների հետ, այլ համագործակցութեան հիմքը խնդիրն է, որը պէտք է լուծել, ու նաեւ ընդդիմութեան հիմքն է խնդիրը, որը պէտք է լուծել:

Համաշխարհային Ա. Պատերազմը Փոխեց Ճակատագիրը Միջին Արեւելքի Շատ Մը Ազգերու Եւ Ժողովուրդներու

$
0
0

ԷՏՈՒԱՐՏ ԵՐԱՆԵԱՆ

Մինչ աշխարհը կը նշէ Համաշխարհային Ա. պատերազմի 100-ամեակը, ոմանք Միջին Արեւելքի մէջ կ՛ողբան ճակատագիրը այն ազգերուն եւ ժողովուրդներուն,  որոնք պարտուած դուրս եկան տարածաշրջանի վերջնական բաժանումէն եւ Օսմանեան կայսրութեան մասնատումէն:

Հայ ազգը սգաց Համաշխարհային Ա. պատերազմին զոհ տուած իր մէկուկէս միլիոն ժողովուրդը:  Ուրիշ ժողովուրդներ ալ տանջուեցան, ինչպէս` յոյները, ասորիները, քիւրտերը, որոնք դառնութեամբ իրենց անցեալը կը յիշեն:

Երբ աւարտեցաւ պատերազմը, Օսմանեան կայսրութիւնը մասնատուեցաւ` ձգելով համայնքները խորտակուած եւ կոտորուած` իրենց ցեղային զտումներով:

Օքլահոմայի համալսարանի Միջին Արեւելքի ծրագրի տնօրէն Ժոշուա Լանտիսը կ՛ըսէ, որ Օսմանեան կայսրութիւնը թոյլ տուաւ, որ ցեղային համայնքները կառավարեն իրենք զիրենք:

Օսմանեան կայսրութիւնը սիւննիական գերիշխանութիւն էր, բազմակրօն եւ բազմացեղ կայսրութիւն էր: Ան ըսած է, որ տարբեր կրօններ եւ ցեղային համայնքներ հաւասար չէին, բայց հոն կար կայունութիւն, եւ անոնք յաջողեցան մնալ օսմանեան իշխանութեան սահմաններուն մէջ: Երբ այս բոլորը քանդուեցան, եւ Ֆրանսան  ու Անգլիան պարտադրեցին ազգային ինքնութիւններ եւ շրջանը բաժնեցին ազգային նահանգներու, ժողովուրդները չուզեցին ապրիլ միասին, եւ ասիկա պատճառ դարձաւ քաղաքացիական պատերազմի:

«Հայերու եւ քիւրտերու նման փոքրամասնութիւններ, որոնք չեն արժանացած ազգային նահանգներու, ծանր գին վճարեցին, ինչպէս ըսած է Հայկազեան համալսարանի տնօրէն Փոլ Հայտոսթեանը «Վոյս աֆ Ամերիկա»-ին:

«Համաշխարհային Ա. պատերազմը շատ արագ փոխեց ժողովրդագրական պատկերը: Համաշխարհային Ա. պատերազմէն 20 տարի ետք, երբ նայիք Փոքր Ասիոյ եւ Միջին Արեւելքի շատ մը տարածքներու ժողովրդագրութեան, կը տեսնէք, որ անոնք ազդուած եւ տեղափոխուած են տրամաթիքական ձեւերով, ուր չէ եղած պաշտպանութիւն եւ ոչ ալ տրամաբանութիւն` պատահածին մասին, բացի դաշինքներու եւ պատերազմներու հետեւանքներէն», ըսած է ան:

«Բայց կարգ մը փոքրամասնութիւններ, ինչպէս` Լիբանանի մարոնի քրիստոնեաները եւ Սուրիոյ ալեւիները, ձեռք բերին կարեւոր դիրք Համաշխարհային Ա. պատերազմի յաջորդող շրջանին հին աշխարհակարգի ոչնչացման ատեն», ըսաւ Լանտիսը:

Ֆրանսացիները եւ անգլիացիները վարեցին փոքրամասնութեան քաղաքականութիւն եւ պատերազմի ժամանակաշրջանին անոնք օգնեցին փոքրամասնութիւններուն` Միջին Արեւելքի մէջ իշխանութեան հասնելու համար:

Հայտոսթեանի խօսքով, հակառակ պատերազմներու հետեւանքներուն` հայերը, քիւրտերը, հրեաները եւ այլ փոքրամասնութիւններ վերակառուցեցին իրենց համայնքները եւ կրկին պայքարեցան բարգաւաճելու համար:

«Շատ մը ազգերու, հակառակ` հողերու, տուներու եւ հարիւրաւոր ու հազարաւոր մարդկային կեանքերու կորուստին, իսկ հայ ազգի պարագային` մէկուկէս միլիոն նահատակներու, ճկունութեան պատմութիւնը իրապէս շատ իւրայատուկ է: Կարեւոր չէ, թէ որոշ ազգեր ի՛նչ կրնան ընել, փոքրամասնութիւնները եւ ցեղային կամ կրօնական խումբերը գոյատեւման միջոց մը  անպայման կրնան գտնել»:

«Ա. Համաշխարհային պատերազմին հիմնական դասը,- կ՛եզրափակէ Փոլ Հայտոսթեանը,- մեծ տէրութիւններու շահերու խաչաձեւումն է. հզօր ուժերը` ընդդէմ փոքր ուժերու»: «Ի վերջոյ գինը կը վճարեն», կը պնդէ ան:

 

 

Մեծ Պետութիւնները Կը Շահարկեն Սէուտցի Լրագրողին Սպանութիւնը` Իրենց Սեփական Շահերուն Համար

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Սէուտական Արաբիոյ նշանաւոր լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի սարսափելի սպանութիւնը, քաղաքական եւ տնտեսական նկատառումներով, կը շահարկուի որոշ երկիրներու ղեկավարներու կողմէ` անտեսելով յանցագործութեան նողկալի բնոյթը: Այս աղտոտ խաղին հիմնական մասնակիցներն են` Սէուտական Արաբիա, Թուրքիա եւ Միացեալ Նահանգներ:

2 հոկտեմբեր 2018-ին Սէուտական Արաբիոյ քաղաքացի Ժամալ Խաշոկճի այցելած է Պոլիս գտնուող Սէուտական Արաբիոյ հիւպատոսութիւն` ամուսնալուծութեան փաստաթուղթերը վերջնական տեսքի բերելու համար, որպէսզի կարենայ ամուսնանալ իր թուրք հարսնացուին` Հատիճէ Չենկիզի հետ: Խաշոկճի, սակայն, երբեք դուրս չէ եկած հիւպատոսարանէն: Ան սպաննուած է եւ, ըստ թրքական աղբիւրներու, մասնատուած է սէուտցի քննիչներու յատուկ խումբի մը կողմէ, որ նախօրէին ուղարկուած էր Պոլիս, իսկ սպանութենէն անմիջապէս ետք խումբին անդամները վերադարձած են Սէուտական Արաբիա, երկու առանձին օդանաւերով:

Խաշոկճի, որ երկար տարիներ կարեւոր պաշտօններ վարած է սէուտական կառավարութեան մէջ, 2017-ին հեռացած էր Սէուտական Արաբիայէն եւ բնակութիւն հաստատած էր Միացեալ Նահանգներ` հիասթափուելով Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ արքայազն Մոհամետ պըն Սալմանի սանձարձակ իշխանութենէն: Խաշոկճի սկսած է քննադատական յօդուածներ գրել «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի մէջ, մինչ Սէուտական Արաբիոյ ղեկավարները քանի մը անյաջող փորձեր ըրած էին զայն հայրենիք վերադարձնելու համար:

Սկիզբը Սէուտական Արաբիա յայտարարեց, որ Խաշոկճի Պոլսոյ հիւպատոսարանէն հեռացած է իր ժամանումէն մէկ ժամ անց: Սակայն, թրքական կառավարութենէն գաղտնի տեղեկութիւններու սպրդումէն ետք, այն մասին, որ Խաշոկճիի` հիւպատոսարանէն դուրս ելլելուն մասին տեսանիւթ գոյութիւն չէ ունեցած, սէուտական իշխանութիւնները փոխեցին իրենց ըսածը` պնդելով, որ այլախոհ լրագրողը սպաննուած է հիւպատոսարանին մէջ ծագած ծեծուըռտուքի ատեն: Շաբաթ մը ետք Սէուտական Արաբիոյ ղեկավարները կրկին փոխեցին իրենց ըսածը` յայտարարելով, որ Խաշոկճիի սպանութիւնը պատահական չէր, այլ` կանխամտածուած: Սէուտական Արաբիա հեռացուց ապահովութեան հինգ պաշտօնեայ եւ ձերբակալեց տասնեակ ուրիշներ` յայտարարելով, որ ո՛չ թագաւոր Սալման, ո՛չ ալ գահաժառանգ արքայազնը նախապէս տեղեկութիւն ունեցած են սպանութեան ծրագիրին մասին: Սակայն հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ ամբողջ երկիրը կը գտնուի գահաժառանգ արքայազնի հսկողութեան տակ, ոչ ոք կը հաւատայ, որ ան տեղեակ չէր թագաւորութեան բարձրագոյն ապահովութեան եւ հետախուզութեան պաշտօնեաներու կողմէ իրականացուած Խաշոկճիի սպանութեան մասին:

Այդ ընթացքին Թուրքիոյ կառավարութիւնը, որ մնայուն կերպով մրցապայքարի մէջ է Սէուտական Արաբիոյ հետ` իսլամական աշխարհի մէջ սիւննիներու գերիշխանութեան պատճառով, կաթիլ առ կաթիլ տեղեկութիւն կը սպրդեցնէր թրքական լրատուական միջոցներուն` Խաշոկճիի սպանութեան մասին վկայութիւններով: Սկիզբը թուրքերը կը պնդէին, որ տեղեկութիւնները ստացած են Խաշոկճիի Apple ժամացոյցէն, որ արձանագրած է իր տիրոջ դիմագրաւած խոշտանգումները, ապա` սպանութիւնը: Իսկ երբ մասնագէտները պարզաբանեցին, որ այդ ժամացոյցը նման հնարաւորութիւն չունի, պարզ դարձաւ, որ թրքական կառավարութիւնը ժամացոյցը օգտագործած էր` սէուտական հիւպատոսարանին ներսը տեղադրուած գաղտնի ձայնագրման սարքերը թաքցնելու համար:

Իմ կարծիքով, թրքական կառավարութեան կողմէ դէպի լրատուական միջոցներ սպրդող տեղեկութեանց նպատակն է պատգամ յղել սէուտական իշխանութիւններուն, որ թրքական կառավարութիւնը կրնայ հրապարակայնօրէն խայտառակ ապացոյցներ ներկայացնել Ժ. Խաշոկճիի  սպանութեան մասին, եթէ սէուտցիները մեծ փրկագին մը չվճարեն Էրտողանի լռութեան համար: Յայտնի է, որ թրքական տնտեսութիւնը խարխլուած է եւ արտաքին պարտքը փակելու համար խիստ կարիքը ունի տասնեակ միլիառաւոր տոլարներու: Դրական արձագանգ չստանալով, Էրտողան նախազգուշացուց սէուտցիները` ըսելով, որ անձամբ կ՛երթայ Ազգային հեռատեսիլի կայան եւ կը բացայայտէ «մերկ ճշմարտութիւնը», այնքան ատեն որ սէուտցիները չեն բաւարարած թուրքերու պահանջները: Առաջին անգամ ըլլալով` անցեալ շաբաթ ունեցած իր ելոյթին մէջ Էրտողան հրապարակեց Խաշոկճիի սպանութեան պատմութիւնը եւ լուրջ կասկածներ յայտնեց այդ մէկը պատահական դէպք մը եղած ըլլալուն մասին: Այսուամենայնիւ, Թուրքիոյ նախագահը, կարծես թէ յոյսեր փայփայելով, որ սէուտցիները վերջապէս կը բաւարարեն իր դրամաշորթութեան պահանջները, չհրապարակեց գաղտնօրէն  հաւաքուած իր բոլոր ապացոյցները: Իր խօսքին մէջ Էրտողան չնշեց  Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ արքայազնին անունը, ոչ ալ ակնարկ ըրաւ թուրքերու ձեռքին մէջ գտնուող տեսաձայնային նիւթերու մասին, որոնք արձանագրած էին Խաշոկճիի ցաւալի մահը: Փոխարէնը` Էրտողան կարգ մը հարցումներ ուղղեց, որոնց պատասխանները ան հաւանաբար գիտէր, ինչպէս, օրինակ, ո՞ւր է Խաշոկճիի դիակը, եւ ո՞վ է այն թուրք աշխատակիցը, որ զայն պահած է սէուտցիներու պահանջով: Միեւնոյն ատեն, սէուտցիները շանթաժի ենթարկելու նպատակով, թրքական մամուլը անցեալ շաբաթ հրապարակեց Խաշոկճիի մասնատուած մարմինին զարհուրելի պատկերները…

Երրորդ մեղաւորը Միացեալ Նահանգներն են, աւելի ճիշդ` նախագահ Թրամփ: Երբ վերջինս առաջին անգամ իմացաւ, որ Խաշոկճին սպաննած են Սէուտական Արաբիոյ Պոլսոյ հիւպատոսարանին մէջ, նախագահ Թրամփ շարունակեց շեշտել իր սեփական «մեծ ձեռքբերումը»` անցեալ տարի իր կատարած այցելութեան ընթացքին 110 միլիառ տոլարի ամերիկեան ժամանակակից զէնքերու վաճառքը Սէուտական Արաբիոյ` իբր թէ «450 հազար աշխատատեղիներ ստեղծելով ամերիկացիներու համար»: Ինչպէս միշտ, ան ուռճացուց  ֆինանսական շահերը, քանի որ ինք չէ ստորագրած 110 միլիառ տոլարի ամերիկեան զէնքի վաճառման պայմանագիր: Իրականութեան մէջ համաձայնութիւն կայացած է յառաջիկայ հինգ տարիներու ընթացքին 10-20 միլիառ տոլարի զէնք վաճառելու մասին: Աւելի՛ն. մէկ տարի առաջ նախագահ Թրամփ ըսած էր, որ նոյն զէնքի վաճառքը ամերիկացիներու համար կը ստեղծէ 40 հազար աշխատատեղ, այլ ոչ թէ` 450 հազար: Սակայն Խաշոկճիի սպանութենէն քանի մը օր ետք նախագահ Թրամփ այս անգամ այդ թիւը մեծցնելով` զայն հասցուցած է մինչեւ 500 հազարի: Մէկ շաբաթ ետք ան կրկին աւելցուցած է իր թիւը` «մէկ միլիոն աշխատատեղ», այնուհետեւ` «աւելի քան մէկ միլիոն աշխատատեղ»:

Անկախ անկէ, թէ քանի՛ աշխատատեղ կը ստեղծուի, եւ թէ քանի՛ միլիառ տոլար կը բերէ զէնքի վաճառքը, Թրամփ երբեք ցաւակցութիւն չյայտնեց Խաշոկճիի ընտանիքին: Թէեւ Թրամփ զգուշացուց Սէուտական Արաբիան «ծանր հետեւանքներ»-է, սակայն ան աւելի բարձր գնահատեց զէնքին արժէքը, քան` մարդկային կեանքը: Միակ ամերիկեան «պատիժը» ամերիկեան վիզաներու դադրեցումը եղաւ այն 18 սէուտցիներու համար, որոնք Պոլիս ուղարկուած էին Խաշոկճին սպաննելու նպատակով:

Ցաւօք, պետութիւններու ղեկավարներուն մեծ մասը չի մտածեր մարդոց մասին…Ասիկա սովորական երեւոյթ է: Այդ ղեկավարները կը մտածեն միայն իրենց սեփական կամ իրենց երկրի շահերուն մասին: Իրենց գործունէութեան ընթացքին ղեկավարները պատրաստ են ստելու, խաբելու եւ նոյնիսկ սպաննելու:

Խաշոկճիի թուրք հարսնցուն շատ ճիշդ վարուեցաւ` մերժելով Սպիտակ տուն այցելելու Թրամփին հրաւէրը: Ան չէր ուզեր, որ իր վիշտը շահարկուէր քաղաքական գործիչի մը կողմէ, որ մտահոգ է միայն իր սեփական շահերով, այլ ոչ թէ` խոշտանգուած զոհի ընտանիքին ցաւով ու տառապանքով:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Երգիչներ Եւ Դերասաններ` Նախընտրական Քարոզարշաւներու Մէջ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Յատկապէս քաղաքականութեան մէջ տարածուած սովորութիւն  մըն է հռչակաւոր աստղեր` երգիչներ, դերասաններ մասնակից դարձնել ընտրական քարոզարշաւին, մանաւանդ` բազմամարդ հաւաքներուն, յաւելեալ քուէներ «որսալու» նպատակով: Այս միջոցին արդիւնաւէտ ըլլալը կը մնայ հարցական: Վերջերս Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցած  2018 թուականի միջանկեալ ընտրութեան ընթացքին այս երեւոյթին անդրադարձած է բրիտանական «Պի.Պի.Սի.»-ի կայքը:

Ն.

Աստղերը Իսկապէս Կ՛ազդե՞ն
Քուէարկողներուն Վրայ

Ռիհաննա, Պիոնսէ եւ Թէյլըր Սուիֆթ` բոլորն ալ իրենց աստղային ուժով աջակցեցան թեկնածուներուն

Երբ ընտրութեան ժամանակը կու գայ, միշտ կը յայտնուին աստղեր, որոնք կ՛աջակցին իրենց նախասիրած թեկնածուներուն եւ կը յուսան, որ իրենց համակիրները կը հետեւին իրենց` դէպի քուէատուփերը:

Միացեալ Նահանգներու մէջ անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած 2018 թուականի միջանկեալ ընտրութեան մէջ, այսուհանդերձ, բազմաթիւ հռչակաւոր աստղեր, որոնք հրապարակաւ աջակցութիւն ցուցաբերած էին թեկնածուներու, յուսախաբ էին:

Ուրեմն աստղերու զօրակցութիւնը որքանո՞վ իսկապէս կ՛օգնէ:

Պիոնսէի վերջին պահու աջակցութիւնը ծերակոյտի դեմոկրատական թեկնածու Պեթօ Օրուրքին, որ նոյնպէս կը վայելէր Թրաւիս Սքոթի, Լին-Մանուէլ Միրանտայի եւ այլոց աջակցութիւնը, չկրցաւ անոր օգտակար ըլլալ` յաղթելու Թեքսասի  հանրապետական մրցակից Թետ Քրուզին:

Ֆլորիտայի մէջ Ռիհաննայի ներկայութիւնը եւ կոչերը բաւարար չէին, որպէսզի դեմոկրատական Էնտրիւ Կիոմ դառնար նահանգի ափրիկեան ծագումով առաջին կառավարիչը:

Օփրա Ուինֆրի, Տիտի եւ Ուոլ Ֆերեր շարքին էին այն աստղերուն, որոնք կ՛աջակցէին Ճորճիայի կառավարիչի պաշտօնին ձգտող դեմոկրատական Սթէյսի Ապրամսին, որ ետ մնացած էր հանրապետական Պրայըն Քեմփէն:

Թէյլըր Սուիֆթը, թերեւս, ամէնէն հռչակաւոր աստղն էր, որ մասնակցեցաւ նախընտրական քարոզարշաւին: Ան խզեց քաղաքականութեան մասին իր լռութիւնը եւ հրապարակեց իր եւ մօրը լուսանկարը` Միացեալ Նահանգներու դրօշները ծածանելու ատեն,  կանգնած` ծերակոյտի դեմոկրատական թեկնածու Ֆիլ Պրետեսենի մեծ նկարը կրող յայտարարութեան տախտակի կողքին:

Պրետեսեն պարտուեցաւ, եւ հանրապետական մեկնաբանները վայելեցին այդ ձախողութիւնը:

Թէեւ Սուիֆթը որոշ չափով բախտաւոր եղաւ. Ներկայացուցիչներու տան համար Ճիմ Քուփըրի թեկնածութեան զօրակցեցաւ, եւ ան ընտրուեցաւ:

100 տարուան պատմութիւն

Նախընտրական քարոզարշաւներուն հռչակաւոր աստղերու մասնակցութիւնը շուրջ 100 տարուան պատմութիւն ունի:

Ուորըն Հարտինկը նուաճեց 1920 թուականի Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրարշաւը` այդ օրերու շարժապատկերի հռչակաւոր դերասաններու աջակցութեամբ:

1960-ին Ճոն Ֆ. Քենետին կը վայելէր աջակցութիւնը «Ռաթ փաք»-ի  անդամներ Սեմի Տէյվիս Կրտսերի եւ Տին Մարթինի:

Մերիլենտ համալսարանին կողմէ պատրաստուած ուսումնասիրութիւն մը կը հաստատէ, որ  պատկերասփիւռի աշխարհահռչակ հաղորդավարուհի Օփրա Ուինֆրին աւելի քան մէկ միլիոն քուէ ապահոված է Պարաք Օպամային, 2008 թուականին, Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնին Դեմոկրատական կուսակցութենէն թեկնածու ընտրուելու հոլովոյթին մէջ:

Օփրա Ուինֆրի եւ Պարաք Օպամա

Ընկերներ եւ հարազատներ` աւելի ազդեցիկ, քան` աստղեր

Սակայն 2004 թուականի Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութենէն ետք ուսումնասիրութիւն մը պարզած է, որ երիտասարդ քուէարկողներուն վրայ ընկերներն ու ընտանիքը աւելի ազդեցիկ են, քան` աստղերը:

«Հռչակաւոր աստղերը կրնային գեղեցիկ տեսք ունենալ, բայց անոնք այնքան ազդեցիկ չեն եղած  առաջին անգամ քուէարկող երիտասարդներուն վրայ», կ՛ըսուի զեկոյցին մէջ:

Օհայոյի մէջ 2016 թուականին պատրաստուած հետազօտութիւն մը կը հաստատէ, որ նախընտրական քարոզարշաւին հռչակաւոր աստղերու մասնակցութիւնը ոչ մէկ ազդեցութիւն ունեցած է քուէարկողներուն  մեծամասնութեան վրայ, այդ տարի տեղի ունենալիք  նախագահական մրցավազքին մէջ, եւ որոշ աստղեր իրականութեան մէջ մարդոց վրայ հակառակ ազդեցութիւնը ունեցած են:

Պիոնսէի մասնակցութիւնը, ըստ երեւոյթին, ամէնէն մեծ ձախողութիւնն էր:

Աստղերու ազդեցութեան երկու տեսակ

Համալսարանի դասախօս Սքոթ Լուքասը ըսաւ, որ աստղերու ազդեցութեան երկու տեսակ կայ:

Մարդիկ աւելի հաւանական է, որ լսեն Օփրայի,  Ճորճի եւ Ամալ Քլունիի նմանները, քանի որ քաղաքականութեան, քաղաքացիական իրաւունքներու պաշտպանութեան  գործունէութիւնը զանոնք աւելի հռչակաւոր, վստահելի եւ ազդեցիկ կը դարձնէ:

«Ես կ՛առանձնացնեմ այդ տեսակ աստղերու ազդեցութիւնը, ըսենք, Ռոպըրթ Տի Նիրոն լսելէն, որովհետեւ ան կը հարուածէ նախագահը: Կը կարծեմ, որ դուք պէտք է աւելի շատ կարեւորութիւն տաք շինիչ մօտեցումի:

Քանիէ Ուեսթը թէեւ վերջերս հեռու մնաց  քաղաքականութենէ, ան այլ անձ մըն է, որ «կառուցողական» դասակարգի մէջ չէ:

Երգիչը եղած է նախագահ Թրամփի ձայնաւոր հիացողը` զարմացնելով իր բազմաթիւ համակիրները եւ այլ աստղեր:

«Եթէ Քանիէն ըսած ըլլար բան մը, որ ընդունելի, հասկնալի եւ իմաստալից էր, Քանյէն ներդրում մը ունեցած կ՛ըլլար», կ՛ըսէ Լուքասը:

«Բայց երբ Քանիէն կ՛ընէ  այն, ինչ որ ըրաւ, կը դառնայ ծիծաղելի գործիչ, եւ Հանրապետական կուսակցութեան բոլոր անդամները բաւական ուրախ էին, որ ան դուրս եկաւ քաղաքականութենէն, ինչ ալ որ նշանակեց ատիկա»:

Հանդիսութեան ատեն Քանիէն գլխուն դրաւ Թրամփի «Ամերիկան կրկին հզօր ըրէ» գլխարկը

Քաղաքագիտութեան դասախօս Ճոն Քըրթիսը, կը կարծէ, որ մինչ աստղերը կ՛ապահովեն մեկնաբանութեան արտադրութեան  միջոց մը եւ հաւանաբար կ՛օգնեն քաղաքական գործիչի պատգամի տարածումին, սակայն ատոնք կրնան ըլլալ թերութիւններով:

Ան կ՛ըսէ, որ Բրիտանիոյ մէջ դասական օրինակ մըն է, երբ 1983-ին Պահպանողական կուսակցութեան խորհրդաժողովին ատեն կատակերգակ Քեննի Էվերեթ յայտնուեցաւ Մարկրեթ Թաչըրի կողքին եւ կոչ ըրաւ «ռմբակոծել Ռուսիան» եւ կից զարնել Աշխատաւորական կուսակցութեան  առաջնորդ Մայքլ Ֆութի ձեռնափայտին:

Այս խօսքը հաւանաբար այն չէր, որ վարչապետը կը յուսար:

«Հռչակաւոր աստղերը լաւ են, քանի տակաւին անոնք կը ստեղծեն բարենպաստ քարոզչութիւն, ծանուցում», կ՛ըսէ  Քըրթիսը: «Բայց այդ խօսքերը երբեմն կրնան յանգեցնել անբարենպաստ ծանուցումի, որովհետեւ ատոնք միշտ չէ, որ քաղաքական նրբերանգով օժտուած կ՛ըլլան»:

Միացեալ Նահանգներու 2018 թուականի միջանկեալ ընտրութեան, ըստ Լուքասի, զարմանալի չէ, որ Թէյլըր Սուիֆթին աջակցութիւնը`  Ֆիլ Պրետսընի, բաւարար չեղաւ, որպէսզի ան յաղթէ  Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Մարշա Պլեքպըրնի, աւանդաբար հանրապետական Թենըսիի մէջ:

Ոմանք արդիւնքները մեկնաբանեցին որպէս անձնական հարուած` Սուիֆթին

«Թենըսի ամէնէն խոր կարմիր նահանգներէն մէկն է, ուրեմն միշտ ալ բուռն պայքար պիտի ըլլայ ատիկա նուաճելու համար», կ՛ըսէ ան:

Բայց նոյնպէս կ՛աւելցնէ. «Եթէ նայիք Թենըսիի մէջ  երիտասարդներու քուէարկութեան, եւ եթէ նայիք երիտասարդութեան քուէարկութեան` ամբողջ Միացեալ Նահանգներուն մէջ, Թէյլըր Սուիֆթը կը տարբերի»:

Երկրորդ օրէն, երբ Սուիֆթը հրապարակեց  քուէարկութեան կոչի իր նախնական հաղորդագրութիւնը, երկրին մէջ 212.871 նոր քուէարկողներ արձանագրուեցան, մեծամասնութիւնը` 18-24 տարեկան:

2016 թուականի հոկտեմբերին օրական միջինը մօտաւորապէս 13.000 էր:

«Ամէն բան կը փոխուի» 2020 թուականին

Ըստ «Սի.Էն.Էն.»-ի, 2014-ին այս տարիքի խումբի քուէարկողներուն 54 առ հարիւրը քուէարկեց ի նպաստ դեմոկրատականներուն:

Այդ յաւելումը շնորհիւ Թէյլըրի չէ:

Կան բազմաթիւ գործօններ, յատկապէս` Սպիտակ տունի տէրերու փոփոխութիւնը, որ կը նշանակէ, թէ երիտասարդ քուէարկողները աւելի շատ կը մասնակցին ընտրութեան եւ կը քուէարկեն ի նպաստ  դեմոկրատականներուն:

Սակայն Լուքասը կը կարծէ, որ Սուիֆթի այս ազդեցութիւնը կրնայ կարեւոր ըլլալ յաջորդ երկու նախագահական ընտրութիւններուն:

«Եթէ այս վերջին ընտրութեան 18-24 տարեկան քուէարկողներու թիւի աճը շարունակուի, 2020 թուականէն ետք ամէն բան կը փոխուի Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութեան մէջ», կ՛ըսէ ան:

«Հո՛ս է, որ Թէյլըր Սուիֆթը կարեւոր կը դառնայ, որովհետեւ անոնք  քուէարկողներու թիւի աճ կ՛ունենան, յատկապէս` երիտասարդներու շրջանակներու մէջ»:

Քանիէ Ուեսթը Հեռու Կը Մնայ
Քաղաքականութենէն

Թուիթըրի արձանագրութեան մէջ երգիչը կ՛ըսէ, որ ինք «կը տարածէր ուղերձներ, որոնց ինք չէր հաւատար»:

Քանիէ Ուեսթը եղած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Թրամփի ձայնաւոր զօրակցողը, սակայն կը թուի, թէ այս որոշումը կը կեդրոնանայ քարոզարշաւի մը շուրջը, որուն կապուած է ինք, եւ որ կը կոչուի Պլեքսիթ:

Պահպանողական կուսակցութեան անդամ հաղորդավար Քանտէյս Օուենսի ղեկավարութեամբ, Պլեքսիթը կը քաջալերէ  ափրիկեան ծագումով ամերիկացիները` դուրս գալու Դեմոկրատական կուսակցութենէն:

Քանտէյս Օուենսը կը պնդէ,  որ քարոզարշաւի հագուստներուն ձեւագէտը երգիչն է, մինչ Քանիէ Ուեսթը այժմ կը հերքէ:

«Իմ աչքերս այժմ բաց են, ես հեռու եմ քաղաքականութենէ եւ ամբողջովին կը կեդրոնանամ ստեղծագործական ըլլալու համար», գրած է երգիչը:

Կարծես` Քանիէ Ուեսթը մտադիր է ընդհանրապէս հեռանալ քաղաքականութենէն: Գրելով իր 28,7 միլիոն հետեւորդներուն` երգիչը ըսած է. «Ես կը փորձեմ աշխատատեղեր եւ կարելիութիւններ ստեղծել այն մարդոց, որոնք ատոր  առաւել կարիքը ունին»:

Քանիէն կ՛ողջագուրուի Թրամփի հետ, Սպիտակ տունին մէջ

«Ես կը զօրակցիմ բանտերու բարեփոխումներուն, ես կը զօրակցիմ զէնքի տրամաբանական գործածութեան օրէնքներուն, որոնք մեր աշխարհը աւելի անվտանգ կը դարձնեն»:

«Ես կը զօրակցիմ անոնց, որոնք կը  վտանգեն իրենց կեանքը` մեզի ծառայելու եւ  մեզ պաշտպանելու համար, եւ ես կը զօրակցիմ այն մարդոց, որոնք դէմ են իշխանութիւնը սխալ գործածողներուն»:

Երգիչը առաջին անգամը չէ, որ ստիպուած կ՛ըլլայ բացատրելու իր քաղաքական համոզումները:

Այս տարեսկիզբին ան խստիւ քննադատուած էր, երբ ըսած էր, որ պէտք է ջնջուի Միացեալ Նահանգներու   սահմանադրութեան 13-րդ բարեփոխումը, որ ստրկութեան վերջ դրաւ: Քանիէն աւելի ուշ յայտարարութեամբ մը բացատրեց, որ ինք ոչ թէ «ջնջուիլը», այլ «բարեփոխուիլը» ըսել ուզած է:

Ամերիկեան պատկերասփիւռային կատակերգական հաղորդումին «Սաթըրտէյ նայթ լայվ»-ի ընթացքին Քանիէի քանի մը շաբաթ առաջուան ելոյթը զայրոյթ եւ զուարճանք յառաջացուց հաւասարապէս:

41-ամեայ Քանիէն, որ Քիմ Քարտաշեանին հետ ամուսնացած է, Թրամփի «Ամերիկան կրկին հզօր ըրէ» կարգախօսով գլխարկը գլխուն, ըստ երեւոյթին, նախագահին յանպատրաստից աջակցութիւն ցուցաբերեց պատկերասփիւռէն:

Հանդիսատեսներու կողմէ նկարահանուած հատուածները, որոնք տարածուեցան ընկերային ցանցերուն մէջ, ցոյց կու տան, որ երգիչը  կը քննարկէ իր աջակցութիւնը Թրամփին` 2020 թուականին նախագահի պաշտօնին թեկնածու առաջադրուելու անոր ձգտումին, եւ երկխօսութեան, ոչ` պարսաւանքի անհրաժեշտութեան:

«Ես շատ անգամ կը խօսիմ սպիտակ մարդու հետ, եւ անոնք  ինծի կ՛ըսեն. թէ ինչպէ՛ս կրնաս հաւնիլ Թրամփը, ան խտրական է»:

«Լա՜ւ, եթէ ես մտահոգ ըլլայի խտրականութեամբ,  ես շատոնց հեռացած կ՛ըլլայի Միացեալ Նահանգներէն»:

Քանիէ Ուեսթը շատ անկեղծօրէն կը զօրակցի նախագահ Թրամփին: Անոնք քանի մը անգամ հանդիպած են` քննարկելով հարցեր, ներառեալ` աշխատանքի առիթներ եւ քրէական արդարադատութեան բարեփոխումները:

Այսուհանդերձ, աստղերը, որոնց շարքին` Սնուփ Տոճ Թի.Այ. եւ  եւ Ճոն Լեկենտ, քննադատած են Քանիէ Ուեսթը` Միացեալ Նահանգներու ղեկավարին հետ հանդիպումներուն համար:

Քանիէ Ուեսթը այս վերջին ուղերձներուն շարքը աւարտեց` ըսելով. «Ես կը հաւատամ սիրոյ եւ կարեկցանքի ապաստան փնտռող մարդոց եւ ծնողներու, որոնք կը պայքարին իրենց երեխաները բռնութենէ եւ պատերազմէ պաշտպանելու համար»:

«Ես կ՛ուզէի շնորհակալութիւն յայտնել իմ ընտանիքիս, սիրելիներուս եւ հանրութեան, որոնք զօրակցեցան իմ գործելակերպիս, ԻՍԿԱԿԱՆ համոզումներուս եւ տեսլականիս` աւելի լաւ աշխարհի մը համար»:

 

Հարիւր Դէմք` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

$
0
0

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Մարտիրոս Յարութիւնեան

Մարտիրոս Յարութիւնեան. հայ քաղաքական գործիչ, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:

Կրթութիւնը ստացած է Գէորգեան ճեմարանի մէջ, ապա Պերլինի համալսարանին մէջ ուսանած է տնտեսագիտութիւն: Հայրենիք վերադառնալով` աշխատած է որպէս ուսուցիչ, դասաւանդած է գերմաներէն, հայոց լեզու եւ գրականութիւն:

Մ. Յարութիւնեան երիտասարդ տարիներուն անդամակցած է ՀՅԴ կուսակցութեան, դարձած է գործօն անդամ, եղած է Եւրոպայի Հայ ուսանողներու միութեան ներկայացուցիչ: 1898-ին ընտրուած է Ատրպատականի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ:

1904-ին կը գտնուի Պերլին:

1906-ին անդամ` Կովկասեան նախագիծը պատրաստող ՀՅԴ խորհուրդի:

1918-ին, Պաքուի ջարդէն ետք, կը բանակցի արտօնութիւն ապահովելու` հայ որբանոցները Գանձակ փոխադրելու համար, նաեւ` ազատ ելք ձեռք ձգելու հայ գաղթականներուն համար դէպի Հայաստան:

Իսկ հայ-վրացական սահմանավէճին առիթով Հայաստանի կառավարութիւնը 19 դեկտեմբեր 1918-ին խորհրդարանի պատգամաւոր եւ ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Մարտիրոս Յարութիւնեանի գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւն կ՛ուղարկէ Ղարաքիլիսա` վրացական կողմին հետ բանակցելու համար: Երբ կը հասնին Ղարաքիլիսա, կը յստականայ, որ Վրաստանի կառավարութիւնը պատուիրակութիւն չէ ուղարկած:

Մասնակցած է ՀՅԴ ընդհանուր ժողովներու` Վիեննա, Կարին եւ Երեւան:

1919-ին կ՛ընտրուի Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի անդամ:

1920-ին կը նշանակուի Հայաստանի կառավարութեան դիւանագիտական ներկայացուցիչ` Պաքուի մէջ: Կը մասնակցի հայ-ազրպէյճանական խորհրդաժողովին, ու երբ Ազրպէյճան կը խորհրդայնանայ, Մ. Յարութիւնեան եւ իր օգնականները կը բանտարկուին, թալանի կ՛ենթարկուի դիւանագիտական գրասենեակը: Ազատ արձակուելէ ետք խորհրդաժողովի բանակցութիւնները կը վերսկսին Ազրպէյճանի Յեղկոմին հետ, 1920-ին:

Մարտիրոս Յարութիւնեանը 1938-ին կը գնդակահարուի պոլշեւիկներու կողմէ, Հայաստանի մէջ:

Սամսոն Յարութիւնեան

Սամսոն Յարութիւնեան. հայ քաղաքական-պետական գործիչ, հասարակական գործիչ, Հայ ժողովրդական կուսակցութեան (ՀԺԿ) անդամ:

Ս. Յարութիւնեանը ծնած է 1869-ին, Ղազախ գաւառի (այժմ` Հայաստանի Հանրապետութեան Տաւուշի մարզ) Վերին Աղդան գիւղը:

Ընտրուած է Կովկասի Հայոց բարեգործական ընկերութեան նախագահ, Ազգային բիւրոյի նախագահ, Հայոց ազգային խորհուրդի անդամ եւ այլն: 1914-1915 թուականներուն մասնակցած է հայ կամաւորական գունդերու ստեղծումին: 1915-1917 թուականներուն խմբագրած է Կովկասի Հայոց բարեգործական ընկերութեան օրկան «Համբաւաբեր» շաբաթաթերթը: 1917-ին մաս կազմած է Հայ ժողովրդական կուսակցութեան, 1919-ին ընտրուած է նոյն կուսակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի փոխնախագահ:

1918-1919 թուականներուն եղած է Հայաստանի Հանրապետութեան արդարադատութեան նախարար:

Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք դարձած է վտարանդի:

Սամսոն Յարութիւնեանը կը մահանայ 1941-ին:

Արշակ Յովհաննիսեան

Արշակ Յովհաննիսեան. հասարակական-քաղաքական գործիչ, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:

Ծնած է 1883-ին, Նուխիի մօտ Չայքենդ գիւղին մէջ (Գանձակի շրջան): Ապա կ՛անցնի Թիֆլիս` որպէս գիշերօթիկ աշակերտ Ներսիսեան վարժարանի: Մոսկուայի մէջ կը հետեւի մանկավարժական դասընթացքի, իսկ Քիեւ, Ուքրանիոյ մէջ` առեւտրական ճիւղի: Կ՛աւարտէ 1904-ին եւ կը սկսի գործել կրթական ասպարէզին մէջ` իբրեւ ուսուցիչ, ինչպէս նաեւ քաղաքական կեանքին մէջ` իբրեւ կուսակցական գործօն անդամ:

Կը պաշտօնավարէ նախ Թաւրիզ, յետոյ Թեհրան: Իբրեւ ուսուցիչ` կը հրաւիրուի Երեւանի թեմական դպրոց:

Երիտասարդ տարիքէն կը յարի Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն կուսակցութեան:

1919-ին գարնան Երեւան կ՛երթայ եւ կը մասնակցի ՀՅԴ Թ. Ընդհանուր ժողովին: Կ՛օժանդակէ Կեդրոնական կոմիտէի «Յառաջ» պաշտօնաթերթի խմբագրութեան:

Արշակ Յովհաննիսեանը կ՛ընտրուի Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան խորհրդարանի անդամ: Ս. Վրացեանի վարչապետութեան օրով կը վարէ գիւղատնտեսական, պետական գոյքերու եւ աշխատանքի նախարարի պաշտօնը:

Խորհրդային իշխանութեան շրջանին Ա. Յովհաննիսեանը կը մնայ թաքնուած: Փետրուարեան ապստամբութենէն ետք մաս կը կազմէ Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէին եւ կը վարէ զինուորական գործերու վարիչի պաշտօնը:

1924-ին կ՛անցնի Պէյրութ` իբրեւ կուսակցական գործիչ եւ խմբագիր «Փիւնիկ» թերթին:

1924-1935 թուականներուն կը զբաղի կուսակցական եւ հանրային աշխատանքներով:

1947-ին, մինչեւ իր մահը կ՛ըլլայ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ, նաեւ` ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ:

Արշակ Յովհաննիսեանը կը մահանայ 1 ապրիլ 1953-ին եւ կը թաղուի Պէյրութի Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատան մէջ:

Արտաշէս Յովսէփեան

Արտաշէս Յովսէփեան. ազգային-ազատագրական շարժումի գործիչ, հայ վիպասան, գրող, հասարակական գործիչ եւ ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ: Յեղափոխական ծածկանունով ու հետագային նաեւ գրչանունով` Մալխաս:

Ծնած է 1877-ին, Տրապիզոն: Ուսումը ստացած է Կարնոյ Սանասարեան վարժարանին մէջ: Ուսումը նոր աւարտած` հաստատուած է Սամսոն քաղաքը: Իր սերնդակիցներէն շատերու պէս` ինք եւս ստիպուեցաւ պանդխտութեան դիմելու: Քանի մը տարի մնաց Միացեալ Նահանգներ, ուր նոր հիմնուած ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Հայրենիք»-ին կանոնաւորաբար աշխատակցեցաւ:

1900-ական թուականներու սկզբնաւորութեան կը վերադառնայ Երկիր ու իբրեւ Դաշնակցութեան լիազօր գործիչ` կ՛ուղարկուի յաջորդաբար Ուրմիոյ շրջանը եւ Վան: Իրեն կը վստահուի Խոյի եւ Ս. Թադէի վանքի զէնքերու փոխադրութեան եւ պահեստաւորման գործը: Մաս կը կազմէ նաեւ Սասնոյ օգնութեան փութացող զինատար խումբերուն:

1908-ին, օսմանեան սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, կը հաստատուի իր ծննդավայրը` Տրապիզոն, ուր կը ձեռնարկէ ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Խարիսխ» թերթի հրատարակութեան: Իսկ երբ պայթեցաւ Ա. Աշխարհամարտը, Մալխաս ամբողջապէս նետուեցաւ Տրապիզոնի հայութեան ինքնապաշտպանութեան գործին մէջ:

Այնուհետեւ, հայ կամաւորական շարժումին միանալով` Մալխաս իր մասնակցութիւնը բերաւ Հայաստանի անկախութեան կերտումի դիւցազնական ճակատամարտերուն: Ընտրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի պատգամաւոր:

1921-ին, Փետրուարեան ապստամբութեան աւարտէն ետք, Զանգեզուրի վրայով անցաւ Պարսկաստան:

Տարագրութեան մէջ եւս, աւելի քան քառասուն տարի, Մալխաս մնաց պատնէշի վրայ: Վերջնականապէս հաստատուեցաւ Միացեալ Նահանգներ, ուր աշխուժ եւ ղեկավար մասնակցութիւն ունեցաւ Դաշնակցութեան ինչպէս կազմակերպչական, նոյնպէս եւ երիտասարդ սերունդներու գաղափարական դաստիարակութեան աշխատանքներուն մէջ:

Կանոնաւորաբար աշխատակցեցաւ «Հայրենիք» ամսագրին: Այդ շրջանին ամբողջացուց իր կոթողական գործը` «Զարթօնք»-ը, ինչպէս նաեւ յուշագրական երկը` «Ապրումներ» խորագրով:

Արտաշէս Յովսէփեանը կը մահանայ 4 յունուար 1962-ին, Պէյրութի մէջ:

Գարեգին Եպս. Յովսէփեանց

Հայագէտ, ձեռագրագէտ, մատենագէտ, հնագէտ, պատմաբան, բանասէր, մշակութաբան, մանկավարժ: Փիլիսոփայութեան եւ աստուածաբանութեան դոկտոր (1897, Լայփցիկ): Հայաստանի գիտական հիմնարկի (Վաղարշապատ) գիտնական անդամ (1921), Մոսկուայի Կայսերական հնագիտական ընկերութեան կովկասեան բաժանմունքի եւ Ս. Փեթերսպուրկի Կայսերական հնագիտական ընկերութեան իսկական անդամ (1902): Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս` Գարեգին Ա. Յովսէփեանց:

Ծնած է 17 դեկտեմբեր 1867-ին, Մաղավուզ գիւղը (այժմ` Արցախի Մարտակերտի շրջան):

Նախնական կրթութիւնը ստացած է Ամարասի վանքի դպրատունը եւ Շուշիի թեմական դպրոցի մէջ: 1889-ին ձեռնադրուած է սարկաւագ` դառնալով Մայր աթոռի միաբանութեան անդամ: Աւարտած է Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանը (1890), աստուածաբանութիւն եւ հնագիտութիւն ուսանած է Պերլինի, Հալլէի, Լայփցիկի համալսարաններուն մէջ (1892-1896):

1897-ին դասախօսած է Գէորգեան ճեմարանին մէջ, 1898-ին` մատենադարանապետ: 1900-1901 թուականներուն` Վիրահայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ, 1901-1904 թուականներուն` Երեւանի թեմական տեսուչ, 1905-1906, 1915-1917` Գէորգեան ճեմարանի տեսուչ, 1907-1908, 1918-1919` «Արարատ» ամսագրի խմբագիր: 1908-1914 թուականներուն եղած է Ս. Հռիփսիմէ վանքի վանահայրը:

Գարեգին եպս. Յովսէփեանցը 1918-ին մասնակցած է Սարդարապատի հերոսամարտին: Ան սովորական հոգեւորականի սահմաններէն դուրս գալով եւ ճշմարիտ  հոգեւորականի ոգիով ու հաւատքով, իբրեւ նոր Ղեւոնդ Երէց, «վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց» մահապարտներու գունդին ու հայոց աշխարհազօրին հետ իր աւանդը բերաւ հայրենիքի պաշտպանութեան նուիրական գործին: Ան իր ռազմաշունչ կոչով ու ոգեշնչող ներկայութեամբ հայ զինուորներուն, հերոսներուն ու ազգին հետ եղաւ,  ոգի, կամք, հաւատք ու կորով ներշնչեց զինուորներուն` Սարդարապատի ճակատամարտին: Քաջ հոգեւորականը Հայաստանի անկախութեան սուրբ գործին եւ յաղթանակի կերտման համար մարտի դաշտի վրայ ներկայութիւն էր ու արիւն թափելու պատրաստ:

Գարեգին եպս. Յովսէփեանցը 1919-ին Երեւանի մէջ դասաւանդած է հայ արուեստի պատմութիւն եւ հնագիտութիւն, մասնակցած (Ա. Թամանեանի հետ) Հայաստանի յուշարձաններու պահպանութեան կոմիտէի ստեղծումին:

1920-ին Սիմոն Վրացեանի հետ կը գտնուի Կարս-Սարիղամիշ շրջանը. Գարեգին եպս. խաչը ձեռքին կ՛այցելէ ռազմաճակատի դիրքերը ու կը խրախուսէ զինուորները:

1925-ին` արքեպիսկոպոս: 1927-1933 թուականներուն Խրիմի եւ Նոր Նախիջեւանի, 1938-1943 թուականներուն Միացեալ Նահանգներու հայոց թեմերու առաջնորդ: 1917-ին հայրապետական լիազօր պատուիրակ` Ռուսիոյ եւ Հիւսիսային Կովկասի հայկական կեդրոններուն մէջ, 1934-1938 թուականներուն` սփիւռքի մէջ: Նպաստած է սփիւռքահայութիւնը մայր հայրենիքի շուրջ համախմբելու, Հայ եկեղեցւոյ միասնականութիւնը պահպանելու, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Մայր աթոռ Ս. Էջմիածնի միջեւ տարաձայնութիւնները հարթելու գործին մէջ:

Հայ հոգեւորականի տիպար Գարեգին արք. Յովսէփեանցը 1943-ին բարձրացաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հայրապետական գահը (1943-1952): Արդարեւ, կաթողիկոսական հանգամանքը, Համաշխարհային Բ. պատերազմին մէջ ընկղմած աշխարհը, Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ հայ ժողովուրդին ու եկեղեցւոյ դիմագրաւած տագնապը, ճի՛շդ է, ֆիզիքապէս աւելի մաշեցուցին ծերունազարդ հայրապետը, սակայն ան բարձրագոյն աստիճանի նուիրումով կատարեց իր հովուապետական ծառայութիւնը:

Իր հայրապետական գահակալութիւնը թէեւ ժամանակի իմաստով եղաւ կարճ, սակայն` իրագործումներով լեցուն շրջան մը: Դասախօսութիւններու ու հրատարակութիւններու ճամբով յատուկ ճիգ թափեց կաթողիկոսարանը վերածելու, իր հոգեւոր առաքելութեան կողքին, մշակութային կեդրոնի, եւ դպրեվանքը, իր բառերով, նոր օրերու Գլաձորի ու Արմաշի:

Գարեգին Ա. Յովսէփեանցը Կիլիկիոյ կաթողիկոսներէն առաջինն էր, որ ներկայ եղած եւ նախագահած է Ս. Էջմիածնի մէջ գումարուած ազգ-եկեղեցական ժողովին (16 յունիս 1945), ուր Գէորգ արք. Չորեքչեանը ընտրուած է Ամենայն Հայոց կաթողիկոս:

Գարեգին Ա. Յովսէփեանցը ձգած է գրական, գիտական հսկայական ժառանգութիւն: Անոր աշխատութիւնները նուիրուած են հայագիտութեան գրեթէ բոլոր բնագաւառներուն` պատմութեան, բանասիրութեան, բանահիւսութեան, հայ գրչութեան ու մանրանկարչութեան, արուեստին, Հայ եկեղեցւոյ եւ մշակոյթի երեւելի դէմքերուն, եկեղեցագիտութեան առնչուող բազմաթիւ հարցերու, հնագիտութեան, ձեռագրագիտութեան եւ այլն. անոնցմէ շատերը կոթողային արժէք կը ներկայացնեն:

Գարեգին Ա. Յովսէփեանցը հայագէտ Ն. Մառին հետ մասնակցած է հնագիտական պեղումներու (Գառնի, Արագած, Անի), նշանակալի գործ կատարած է պատմահնագիտական եւ ճարտարապետական յուշարձաններու ուսումնասիրման բնագաւառին մէջ:

Գարեգին Ա. Յովսէփեանցը վախճանած է 21 յունիս 1952-ին, Անթիլիաս (Պէյրութ):

(Շար. 15)

Դաշնակցութիւնը Իր Գործին Խստագոյն Քննադատն Է

$
0
0

Դիմատետրի էջիս մէջ տեղադրած «Ինչո՞ւ չի գար յեղափոխութիւնը» (http://www.aztagdaily.com/archives/415960)  յօդուածիս առիթով երէց ընկերս` Կարօ Արմենեանը կատարած է սքանչելի նկատողութիւն, որուն ճշմարտութիւնը, հարազատութիւնը եւ իմաստութիւնը թարգմանն է իւրաքանչիւր դաշնակցականի գաղափարական բծախնդրութեան:

Կ’ուզեմ հրապարակաւ բաժնել ընկերոջս այս գրառումը, որ թէ՛ դաստիարակող է եւ թէ՛ յուշող` այն ծանր պատասխանատուութեան մասին, որ տեւաբար կը պատկանի Դաշնակցութեան:

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

«Կեցցե՛ս, ընկ. Սեդօ: Հարի՛ւր առ հարիւր եւ բառ առ բառ կը բաժնեմ ախտորոշումներդ: Այնուամենայնիւ Դաշնակցութիւնը, իր կարգին, պատասխանատու է երկրի ներկայ կացութեան համար: Երկրի քաղաքական բեմին վրայ պատասխանատուութիւն վերցուցած կուսակցութիւնը հպարտօրէն պիտի իր ուսերուն վերցնէ նաեւ մեղքի իր բաժինը եւ գործի անցնի:

Մենք ճիշդ ըրինք` մէկդի հրելով ձախաւեր «ընդդիմութիւն»-ը եւ մտնելով գայլերու որջը մեր փլաթֆորմի առաջադրութիւնները իրականութեան վերածելու վճռակամութեամբ` փոխանակ հեռուէն որջը քարկոծելու անմիտ եւ անպտուղ վարքագիծը որդեգրելու: Այսպէս կը գործէ յեղափոխական Դաշնակցութիւնը:

Մենք մեծ ոստիւն մը ապահովեցինք մեր պետութեան եւ իր քաղաքացիներուն համար` առաջնորդելով սահմանադրական փոփոխութիւններու գործը եւ իրականութեան վերածելով ՀՀ սահմանադրութիւնը մաքուր եւ անբիծ համաժողովրդական հանրաքուէով: Եթէ մեր այսօրուան «տեսաբան»-ները յեղափոխութիւն կ՛ուզեն տեսնել Փաշինեանի իշխանափոխութեան մէջ, թող նախ գնահատական տան այն մեծ յեղափոխութեան` ՀՀ սահմանադրութեան, որ Դաշնակցութիւնը իրագործեց գայլերու որջին իսկ ընդմէջէն:

Մենք նաեւ այն ուժն էինք, որ մեր փլաթֆորմը հրապարակաւ պարտադրեց օրուան նախագահին եւ օրուան վարչապետին` համակարգային փոփոխութիւններու խնդրով զիրենք հրապարակաւ բերելով յանձնառութեան: Բոլորիս յայտնի քաղաքական մեքենայութիւնները վիժեցուցին Դաշնակցութեան գործը` մենաշնորհային համակարգի կազմաքանդման հետ կապուած: Հետագային նաեւ նոյնպիսի մեքենայութիւններով նախագահն ու իր կուսակցութիւնը փորձեցին առեւանգել սահմանադրութիւնը:

Ասոնք այն քաղաքական բացերն են, որոնց համար մենք անկեղծօրէն պիտի վերցնենք պատասխանատուութեան մեր բաժինը, որպէսզի սկսինք պատրաստել վաղուան մեր գործը: Մեր խստագոյն քննադատը պիտի ըլլանք մենք` ինքնե՛րս: Հրապարակը աղմկող գրիչները շատ հեռու են այդ մէկը կարենալ ընելէ: Յեղափոխական կուսակցութիւնը ամէն օր պիտի յեղափոխէ ինքզինք, որպէսզի յեղափոխութիւնը չըլլայ ինքնանպատակ եւ ծառայէ երկրին: Այդ կուսակցութիւնը մենք ենք եւ մեր այդ հանգանակը իրաւունք չունինք յանձնելու Փանջունիներուն»:

 

Պատժամիջոցներ, Իրան, Միացեալ Նահանգներ. Անորոշ Ելքով Մեծ Խաղի Մեկնարկը Տրուած Է

$
0
0

ԱՐԱՄ ՇԱՀՆԱԶԱՐԵԱՆ
«alikonline»-ի պատասխանատու խմբագիր

Նոյեմբերի 5-ին Թեհրանում վաղուց էին սպասում: Դեռեւս գարնան սկզբին Իրանի իշխանութիւնների համար յստակ էր, որ Միջուկային համաձայնագրից Միացեալ Նահանգների միակողմանի դուրս գալու մասին նախագահ Թրամփի որոշմանը հետեւելու է հակաիրանական պատժամիջոցների նոր փուլ, որին անհրաժեշտ է նախապատրաստուել:

Այնպէս որ, նոյեմբերի 5-ն անակնկալի չբերեց ո՛չ երկրի իշխանութիւններին, ո՛չ էլ հասարակութեանը: Այս հանգամանքը հիմնականում պայմանաւորուած էր կառավարութեան նախաձեռնած որոշակի քայլերով, որոնք կոչուած էին շուկայում եւ հասարակութեան շրջանում յետպատժամիջոցային առաջին շոքը եւ ցնցումները նուազագոյնի հասցնելու:

Սա, ի հարկէ, դեռ սկիզբն է: Գլխաւոր հարցն, անշուշտ, այնտեղ է, թէ Իրանի կառավարութեանը կը յաջողուի՞ արդեօք պահպանել տնտեսական յարաբերական կայունութիւնը` հնարաւոր ցնցումները նուազագոյնի հասցնելով, թէ՞ ոչ: Հարցին պատասխանելու համար առաջին հերթին անհրաժեշտ է նախ ծանօթանալ Միացեալ Նահանգների սահմանած նոր պատժամիջոցներին, պարզել, թէ դրանք տեսանելի ապագայում ինչպիսի՛ ազդեցութիւն կարող են ունենալ իրանական տնտեսութեան վրայ:

Պատժամիջոցների առանցքն Իրանի տնտեսութեան ողնաշարը` նաւթարդիւնաբերութեան ոլորտն է: Դրանց վերջնանպատակը Իրանի նաւթի վաճառքը զերոյի հասցնել է: Այդ նպատակով էլ թիրախում են յայտնուել բոլոր այն կառոյցները, որոնք ուղղակիօրէն կոչուած են սպասարկելու նաւթարդիւնաբերութիւնը` դրամատնային համակարգը, օդային եւ ծովային փոխադրամիջոցները: Պատժամիջոցների ցուցակում են յայտնուել Իրանի գրեթէ բոլոր դրամատներն ու ելեւմտական կենտրոնները, գլխաւոր օդային փոխադրողը` «Իրան Էր» ընկերութիւնը, եւ ծովային բեռնափոխադրումների «Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նաւային բեռնափոխադրումներ» (IRISL), նաւթային փոխադրամիջոցների հսկայ` «Իրանական ազգային լցանաւային ընկերութիւն» (NITC) կազմակերպութիւնները: Ցուցակում ընդգրկուել են նաեւ IRISL-ի 65 դուստր-ընկերութիւնները եւ նրանց հետ կապուած անձինք: Ընդհանուր առմամբ` Միացեալ Նահանգների ելեւմտական նախարարութիւնը պատժամիջոցներ է սահմանել Իրանի աւելի քան 700 ֆիզիքական անձանց, կազմակերպութիւնների, օդանաւերի եւ նաւերի դէմ:

Հէնց այս հանգամանքն էլ փորձագէտներին ստիպում է ամենալաւատեսական բեմագրութիւնների դէպքում անգամ խիստ զգուշաւոր մօտեցում դրսեւորել, միջնաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ կտրուածքով, Միացեալ Նահանգների պատժամիջոցների նկատմամբ Իրանի տնտեսութեան, այսպէս կոչուած, դիմադրողականութեան հզօրութեան նկատմամբ: Չմոռանանք, որ Միացեալ Նահանգների պատժամիջոցների առաջին փուլի գործադրումից յետոյ, ընդամէնը մի քանի ամսուայ ընթացքում, իրանական ազգային արժոյթը` ռիալը, արժեզրկուել է միանգամից 70%-ով, իսկ սղաճի ցուցանիշն աճել է` հասնելով 40%-ի: Հէնց սա էլ կտրուկ նուազեցրել է հասարակութեան գնողականութիւնը` լուրջ դժգոհութիւնների պատճառ դառնալով:

Միացեալ Նահանգների նպատակը միանշանակ է` արտաքին եւ ներքին ճնշումների, տնտեսական փլուզման արդիւնքում հասնել Իրանի վարչակազմի քաղաքականութեան 180 աստիճանով շրջադարձի:

Բայց սա դեռ միայն Միացեալ Նահանգների ցանկութիւնն ու մետալի ընդամէնը մէկ կողմն է: Միւս կողմն, անշուշտ, Իրանի ցանկութիւնն ու պատժամիջոցների դէմ պայքարելու հնարաւորութիւնն է:

Չմոռանանք, որ նոյեմբերի 5-ին,  Միացեալ Նահանգների պատժամիջոցներին ընդառաջ իր ելոյթում, նախագահ Հասան Ռուհանին յայտարարեց, որ պաշտօնական Թեհրանը շրջանցելու է Միացեալ Նահանգների պատժամիջոցներն ու շարունակելու է վաճառել իր նաւթը: Ոչ պակաս ուշագրաւ ու կարեւոր էր նաեւ նրա ելոյթի այն հատուածը, որում նա յստակօրէն խօսեց Իրանի քաղաքական յաղթանակի մասին:

Հարց է առաջանում` ինչո՞վ էին պայմանաւորուած նախագահ Ռուհանիի նման յայտարարութիւնները: Հակընդդէմ ի՞նչ խաղաքարտեր է փորձում խաղարկել Իրանը:

Պատժամիջոցների վերաբերեալ յայտարարութեանը զուգահեռ` Ուաշինկթընում յայտարարեցին, որ դրանք ժամանակաւորապէս չեն վերաբերի Յունաստանին, Հնդկաստանին, Իտալիային, Թուրքիային, Հարաւային Քորէային, Ճափոնին, Չինաստանին եւ Թայուանին: Սա հէնց այն կարեւոր գործօնն է, որը Թեհրանն համարում է իր գլխաւոր յաղթաթուղթը` պատժամիջոցները շրջանցելու համար:

Սրանից բացի` պէտք չէ աչքաթող անենք կարեւոր եւս մէկ հանգամանք. Թրամփի վարչակազմի սահմանած պատժամիջոցները միանշանակօրէն յարձակողական դրսեւորում են, որոնք որոշակիօրէն հարուածում են նաեւ Միացեալ Նահանգների  դաշնակիցների անմիջական շահերին: Դրանք ազդում են Թեհրանի հետ համագործակցող բոլոր երկրների եւ ընկերութիւնների շահերին, իսկ քիչ չեն յատկապէս արեւմտաեւրոպական այն ընկերութիւնները, որոնք չեն ցանկանում զրկուել Իրանի խիստ հեռանկարային եւ շահութաբեր շուկայից:

Գրեթէ միջազգային ցանկացած կազմակերպութիւն կամ ընկերութիւն այս կամ այն կերպ համագործակցում է Միացեալ Նահանգների հետ, ուստի նման պատժամիջոցները պարզապէս մարտահրաւէր են նետում Միացեալ Նահանգների գործընկերներին, իսկ Թեհրանը խիստ ռիսքային խաղադրոյք է կատարել նաեւ այս գործօնի վրայ: Ուաշինկթընը տեսանելի ապագայում նման վարքագծով կարող է կորցնել իր դաշնակիցների վստահութիւնը: Գործընթաց, որի մեկնարկն արդէն ուրուագծւում է:

Այս բարդ պայմաններն էլ խիստ անկանխատեսելի են դարձնում հակադիր երկու կողմերի` Միացեալ Նահանգների եւ Իրանի համար անորոշ ելքով ձգուող այս հակամարտութիււնը:

Մնում է յուսալ, որ հակամարտութեան մաշողական ընթացքը կողմերին կը ստիպի վերջապէս առանց նախապայմանների մօտենալ բանակցութիւնների սեղանին: Դա միանշանակօրէն բխում է երկու պետութիւնների անմիջական շահերից: Չմոռանանք, որ Իրանին իր կաթուածահար տնտեսութիւնը ոտքի հանելու, վաղուց արդէն մաշուած ենթակառուցուածքներն արդիականացնելու եւ տնտեսական կայուն զարգացման պայմաններ ապահովելու համար օդի ու ջրի պէս անհրաժեշտ է արտասահմանեան դրամագլխի ներգրաւումը, ինչը գրեթէ բացառուած է ներկայ պայմաններում: Իսկ տարածաշրջանային հիմնախնդիրների կարգաւորումն էլ Միացեալ Նահանգների համար բացառուած է առանց Իրանի անմիջական եւ ներգործուն մասնակցութեան:

 


Հայաստանի Արտաքին Քաղաքականութիւնը Չափազանց Անորոշ Է

$
0
0

Վերջերս Հայաստան այցելած Միացեալ Նահանգներու նախագահի խորհրդական Ճոն Պոլթընը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգները կը ցանկան առաւելագոյն ճնշում գործադրել Իրանի նկատմամբ, քանի որ ան չէ հրաժարած հիւլէական զէնք ստեղծելու ջանքերէն: Ասիկա ի՞նչ ազդակ էր Հայաստանին, ի՞նչ կը փոխուի հայ-իրանական յարաբերութիւններուն մէջ: Վերջապէս, ի՞նչ քաղաքականութիւն կը վարէ ներկայիս Հայաստանը Իրանի հետ` հաշուի առնելով, որ հակառակ բազում յայտարարութիւններու` վարչապետ Փաշինեանն այդպէս ալ դեռ Իրան չէ այցելած` երկու անգամ հրաւէր ստանալէ ետք: Այս իրավիճակի վերաբերեալ «Իրաւունք»-ը զրուցեց Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան խորհրդարանի իրանահայ պատգամաւորի թեկնածու Կարէն Խանլարեանին հետ, որ անդրադառնալով ներկա հայ-իրանական յարաբերութիւններուն եւ Պոլթընի յայտարարութիւններուն` փաստեց.

«Որոշակի անհանգստութիւն իրանական կողմն ունի»

– Հայ-իրանական յարաբերութիւններում, յամենայն դէպս, ներկայ պահին, խիստ վտանգաւոր իրավիճակ չկայ, բայց անորոշութիւններ կան: Այդ անորոշութիւններն էլ իրանական կողմը դեռեւս փորձում է կապել ՀՀ-ում ներկայ ներքաղաքական իրավիճակի եւ առաջիկայ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնների հետ: Ընտրութիւններից յետոյ, ուզում ենք հաւատալ, որ ներկայ անորոշութիւնները ի սպառ կը վերանան: Որովհետեւ այսօր Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը չափազանց անորոշ է, եւ տպաւորութիւն կայ, որ արտաքին քաղաքականութիւնը ենթակայ է ներքին քաղաքական կեանքին: Յուսանք, որ ընտրութիւններից յետոյ այդ անորոշութիւնը կը վերանայ, եւ ներկայիս իշխանութիւնները կը շարունակեն նախորդների վարած քաղաքականութիւնը Իրանի հետ: Ինչ վերաբերում է Հայաստանում Միացեալ Նահանգների նախագահի ազգային անվտանգութեան գծով խորհրդական Պոլթընի արած Իրանի մասով, այսպէս ասած, յեղյեղուկ յայտարարութիւններին, ապա այստեղ որոշակի անհանգստութիւն իրանական կողմը ունի: Թէպէտ կրկին կարծում ենք, որ ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատարի խօսքը, որ իւրաքանչիւր մարդ իր կարծիքն ունի, իրապէս այդպէս է: Ինչը հաւատ է ներշնչում, որ ներկայ անհանգստութիւնները, անորոշութիւնները կը վերանան ընտրութիւններից յետոյ:

– Պարո՛ն Խանլարեան, խօսակցութիւններ կան, որ վերջին ժամանակներս իրանական բեռնատարներն ինչ-ինչ խնդիրների են բախւում հայկական մաքսակէտում:

–  Այո՛, հնարաւոր է, բայց չեմ կարծում, որ դա կապ ունի Հայաստանի` Իրանի նկատմամբ ինչ-որ քաղաքականութեան փոփոխութեան հետ: Իրանն այսօր մաքսանենգութեան երեւոյթի դէմ լուրջ միջոցառումներ է ձեռնարկում, որպէսզի մաքսանենգութեան հետ կապուած խնդիրները առհասարակ վերանան Իրան-Հայաստան սահմանագծի վրայ: Այդ իմաստով չեմ կարծում, որ դա որեւէ կապ ունի Հայաստանի հետ:

«Միացեալ Նահանգների պատժամիջոցները կարող են տարածաշրջանում շատ լուրջ վտանգներ բերել»:

– Միացեալ Նահանգների կիրառած պատժամիջոցները արդէն իսկ իրենց զգացնել տալիս են Իրանում: Առհասարակ, ի՞նչ վտանգներով է յղի այս իրավիճակը տարածաշրջանի համար:

– Պատժամիջոցները, իրապէս, իրենց բացասական հետքերը թողել են Իրանում: Տոլարի արժէքը եռապատիկ է դարձել, ինչն արագօրէն ազդում է տնտեսութեան բոլոր ոլորտների վրայ: Շատ դժուար է այսօր ինչ-որ կերպ շրջանցել, դիմագրաւել այդ պատժամիջոցներին: Ի հարկէ, իշխանութիւնները կարողանում են դեռեւս դիմագրաւել նաւթային պատժամիջոցներին, որովհետեւ ունեն այդ կամքը: Միաժամանակ, Իրանի համար նաւթային պատժամիջոցներին դիմագրաւելը այդքան էլ բարդ չէ, քանի որ ունի այդ հնարքների գործիքները: Այսինքն թէ՛ իշխանութիւնները, թէ՛ գործադիր եւ դատական մարմինները ունեն կամք եւ կարողանում են դիմագրաւել Տոնալտ Թրամփի քաղաքական քմահաճոյքներին: Կարծում եմ` գերտէրութիւնները շատ լաւ հասկանում ու գիտակցում են, որ եթէ Իրանին փորձեն մեկուսացնել նաւթային իմաստով, շատ դժուար իրավիճակ կը ստեղծուի: Որովհետեւ նաւթային աղբիւրները, նկատի ունեմ` Սէուտական Արաբիայի, Իրաքի, շատ արագ կը սպառեն: Արդիւնքում, աշխարհը կը կանգնի ուժանիւթային մի նոր խնդրի առաջ: Այնպէս որ, Միացեալ Նահանգներ վաղ թէ ուշ պարտաւոր են լինելու վերանայել Իրանի նկատմամբ իրականացուող պատժամիջոցների քաղաքականութիւնը: Ի հարկէ, Միացեալ Նահանգներ ունեն այն յաւակնութիւնները, որ կարող է իրենք հանդէս գալ որպէս նաւթի գլխաւոր մատակարար, բայց ես չեմ կարծում, որ դա այդքան հեշտ բան է: Եւ վաղ թէ ուշ Եւրոպան եւ առհասարակ` աշխարհը ուժանիւթային խնդիրների դէմ յանդիման կը կանգնեն, եւ հէնց այդ ժամանակ արդէն անհրաժեշտութիւն կը լինի վերանայելու Միացեալ Նահանգների սխալ քաղաքականութիւնը: Ինչ վերաբերում է տարածաշրջանին, ապա իսկապէս Միացեալ Նահանգների պատժամիջոցները կարող են շատ լուրջ վտանգներ բերել: Կարծում ենք, որ այս առիթով Հայաստանը` որպէս Իրանի բարեկամ երկիր, առիթը պէտք չէ բաց թողնի իր, այսպէս ասած, խօսքը հասցնելու Միացեալ Նահանգներին: Հայ-իրանական յարաբերութիւններում երկուստեք համագործակցութիւնը շարունակելու տրամադրութիւն, ամէն դէպքում, նկատւում է: Տեսնենք:

Զրոյցը` ԻԼՈՆԱ ԱԶԱՐԵԱՆԻ

 

Ակնարկ. Հաշտեցումները` Քրիստոնէական Կղզիի Կայացման Ընդառաջ

$
0
0

Լիբանանեան քրիստոնէական քաղաքական դաշտին մէջ արձանագրուած հաշտեցման պատմական հանդիպումը կը թուի վերջ դնել ընտանեկան-քաղաքական հաշուեյարդարի պատճառով քառասնամեայ ամբողջական խզումին եւ թշնամանքին:

Համակողմանիօրէն շեշտ կար հաշտեցման գործողութեան մարդկային էութիւնը ընդգծելու` լիբանանեան հանրային կարծիքը համոզելու համար, որ քաղաքական որեւէ գործարքի արդիւնք չէ կատարուածը:

Քաղաքական ապաշխարանքի մօտեցումով դրականօրէն ցնցիչ այս եղելոյթը բնականաբար չի  կրնար ապաքաղաքական պարունակներու մէջ չդիտարկուիլ: Քրիստոնէական քաղաքական դաշտի երկու բեւեռներու մերձեցման կայացումը բնականաբար նախ եւ առաջ կը տարածուի երկու դէմքերուն գլխաւորած կազմակերպութիւններուն վրայ, անոնց ճամբով այդ կուսակցութիւններու շարքերուն, համակիրներուն եւ աստիճանաբար երկու շրջանակներուն անմիջականօրէն առնչուած հանրութեան:

Շարժառիթները ճշգրտօրէն թուարկելը անշուշտ ենթադրական վերլուծաբանութեան սահմաններէն դուրս չեն  կրնար գալ եւ չեն անցնիր առարկայական-իրողական հարթութեան սահմանը:

Այսուհանդերձ, անհրաժեշտ է արձանագրել քանի մը դիտարկում, որոնք հաշտեցման նման տարողունակութեան հետ անպայման, իբրեւ քաղաքական մտածողութեան հետ կապուած վարկածներ, շրջանառութեան մէջ կը մտնեն տեղեկատուական-վերլուծական շրջանակներու մօտ:

Հաշտեցումի գործողութիւնը վստահաբար անցած է նախապատրաստական փուլերէ եւ գլխաւոր միջնորդի ճշդած բանագնացները երկար ատեն իրականացուցած են մագոգային աշխատանք` Պքերքէի հանդիպումին յանգելու համար: Յայտնաբար Պքերքէն հետեւողական, լուսարձակներէ հեռու երկար ժամանակի վրայ աշխատանք տարած է այս արդիւնքին յանգելու համար:

Հոգեւոր կեդրոնը քառասնամեայ թշնամանք վերացնելու համար օրինաչափ հանգամանք ունի անշուշտ, քաղաքական ապաշխարանք ապահովելու մէկ կողմէ, միւս կողմէ ներում շնորհելու քայլը առնելու համոզումը կայացնելու:

Խնդիրը սակայն հոգեւոր առաքելութենէ անդին ունի համայնքային-քաղաքական նշանակութիւն եւ ենթամղումներ: Մարոնի համայնքապետութեան դերը պէտք չէ շրջանցել ներքրիստոնէական այլ նախընթաց հաշտեցումներ իրականացնելու ուղղութեամբ:

Մարոնի համայնքի յատկապէս եւ քրիստոնեայ համայնքներու ընդհանրապէս միջեւ լարուածութիւնները, խզուած իրավիճակներն ու թշնամանքները համերաշխական մթնոլորտի վերածելու հոգեւոր այս քաղաքականութիւնը անպայման նկատի ունեցած է նոյն այդ համայնքներու նօսրացման կտրուկ կշռոյթները ո՛չ միայն տարածաշրջանին մէջ ընդհանրապէս, այլ նաեւ այս երկրին մէջ յատկապէս:

Կոտորակուած իրավիճակը նօսրացումի միտումներու արագացման նպաստող երեւոյթ է, մինչ համերաշխութիւնը այս պարագային դուռ կը բանայ հեռանկարայնութեան:

Իբրեւ քրիստոնեաներ պաշտպանուելու, ինքնապաշտպանուելու եւ ատոր համար համախմբուելու քաղաքական բնազդի առարկայացման շրջանակներուն մէջ կարելի է դիտարկել խնդիրը, մանաւանդ երբ միջազգային վերլուծաբանական կանխատեսումնային հրապարակագրութիւնը կը խօսի Լիբանանի մէկ հատուածին մասին իբրեւ քրիստոնեայ կղզի ամբողջ տարածաշրջանին մէջ: Այս կղզիի պահպանման համար Պքերքէի առած քայլերը ունենալու են նաեւ Վատիկանի համաձայնութիւնը, եթէ ոչ պատուէրն ու թելադրանքը` Լիբանանի ներքրիստոնէական դաշտը միաւորելու:

Տարադաւան համայնքներու միջեւ արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող եւ ահագնացող լարուածութիւններու, բախումներու ընդհանուր իրավիճակին դիմաց ներքրիստոնէական միաւորումը քաղաքական շարժառիթներ ունի, որոնք լիբանանեան պետական նեղ շրջանակներուն մէջ ենթադրելի գործարքներուն հետ կապ չունին: Քրիստոնէական կղզին հոգեւոր կեդրոններու առաջադրանքներէն աւելի չէ բացառուած, որ աշխարհաքաղաքական օրակարգ է: Ներքրիստոնէական հաշտեցումները այդ օրակարգին նպաստող գործօններէն կրնան նկատուիլ:

«Ա.»

Յաւերժական Երուսաղէմ – 7. Եղիվարդի Նուշերն Ու Փուշերը

$
0
0

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

Եղիշէ պատրիարք (Եղիվարդ)

Իմ մտքին մէջ տեղ գտած են, հինէն ի վեր, քանի մը մտերիմ սաղիմահայեր:

«Մտերիմ» բառը կը գործածեմ իր ոչ նիւթական` զգացական առումով միայն, որովհետեւ ես առ այսօր, իրական իմաստով, ո՛չ մէկ սաղիմահայ ճանչցեր եմ, ո՛չ մէկ սաղիմահայու հետ առնչութիւն կամ կապ ունեցեր եմ:

Իմ «մտերմութիւն»-ը բացառաբար գիրքերու ճամբով է, այլ խօսքով` գրականութեան ընդմէջէն: Եւ հաւատացէ՛ք ինծի, որ գրականութեան ճամբով հաստատուած կամուրջն ու մտերմութիւնը ամէնէն տոկունն է, ամէնէն վստահելին:

Ահա սկսեր են արդէն իմ մտքին մէջ տողանցել հայ գիրի ու գրականութեան աշխարհէն քանի մը դէմքեր, որոնք ինծի համար մի՛շտ ալ խորհրդանշած են Երուսաղէմը: Եւ այս դէմքերուն մէջ առաջին կարգի վրայ կու գայ ԵՂԻՎԱՐԴԸ:

Բոլոր անոնք, որոնք պիտի սերտեն սփիւռքահայ գրականութեան 40-ական թուականներէն մինչեւ 80-ականներ երկարող քառասնամեայ շրջանը, անպայման իրենց առջեւ պիտի գտնեն սքեմաւոր այս բանաստեղծը, որ, ինչպէս ըսի տեղ մը, ուրիշ մէկը չէ, եթէ ոչ` Երուսաղէմի հայոց նախկին պատրիարքներէն Եղիշէ արք. Տէրտէրեանը: «Եղիվարդ»-ը իր գրչանունն է, կազմուած` «Եղիշէ վարդապետ» անուանումին առաջին վանկերէն:

Դուրեան եւ Գուշակեան զմայլելի պատրիարքներէն ետք, Եղիվարդ մօտաւորապէս 50 տարի ամէնէն տիրական ու հեղինակաւոր անունը մնաց հայ Երուսաղէմին` թէ՛ վանքէն ներս ստանձնած իր պատասխանատու այլաբնոյթ պաշտօններով (Ժառանգաւորաց վարժարանի տեսուչ, լուսարարապետ, պատրիարքական տեղապահ, ապա պատրիարք), թէ՛ ալ իբրեւ հզօր շունչ ունեցող բեղուն բանաստեղծ ու վարպետ գրիչ: Ան իր անունը անխզելիօրէն կապեց նաեւ «Սիոն» ամսագրին` տասնամեակներ շարունակ զայն խմբագրելով ձեռնհասօրէն ու անոր էջերուն մէջ լոյս ընծայելով չափածոյ ու արձակ անհամար գրութիւններ, կուռ խմբագրականներ ու քարոզախօսական ընտիր էջեր, որոնք կը փայլին մանաւանդ իրենց պայծառ հայերէնով ու վերլուծական ճարտարութեամբ:

Եղիվարդի թէ՛ եկեղեցական ու թէ՛ գրական վաթսունամեայ կեանքը անցաւ արտակարգ փոթորիկներու ու պայքարներու մէջէն: Անոնք, որոնք պիտի փորձեն սերտել իր կենսագրութեան մանրամասնութիւնները, պիտի շշմին Եղիվարդը իրենց ծոցին մէջ առնող ահագնադղորդ դէպքերու ու եղելութիւններու տարողութեան դիմաց, պիտի զարմանան, թէ ան ինչպէ՛ս կուրծք տուաւ իր դէմ ցցուած լեռնակուտակ դժուարութիւններու, տոկաց զինք մաշեցնել ուզող ընդդիմութիւններու եւ մամուլի անուանարկիչ արշաւներու դիմաց, ի վերջոյ` ո՛չ թէ ընկճուելու կամ ճզմուելու համար անոնց վիթխարի ծանրութեան տակ, այլ անհաւատալի ճարպիկութեամբ յառնելու` ովսաննաներու  փառերգութեամբ…

Եղիվարդ` վասպուրականցի այս նախկին որբը, արտասովոր նկարագրի տէր հոգեւորական մըն էր, հակասութիւններու մարմնացում մարդ մը, դրականի ու ժխտականի խառնուրդ խմոր մը, մերթ անուշահամ «նուշ»-եր հրամցնող, մերթ ալ` թունաւոր «փուշ»-եր արձակող տիպար մը, որ իր գրական ու եկեղեցական երկարամեայ գործունէութեան ընթացքին շարունակ խօսիլ տուաւ իր մասին: 7 տարի պատրիարքական տեղապահ մնաց ան (1949-1956)` ճիշդ 30  տարի ալ իր ափին մէջ պահեց Երուսաղէմի պատրիարքական ասան (1960-1990)` խորհրդաւոր ու առանցքային դերեր ստանձնելով այդ շրջանի վանական ու արտավանական աղմկայարոյց բազմաթիւ տագնապներուն մէջ, որոնց լուծման մոգական բանալին, ի զարմանս շատերու, օր մը անպայման դուրս կ՛ելլէր իր պարեգօտին պզտիկ գրպանէն… Յիշենք, օրինակ, որ Վազգէն Ա. ու Կիլիկիոյ նորընտիր Խորէն Ա. կաթողիկոսներու «հաշտութիւն»-ը իրականացնողը ի՛նք եղաւ (երկու հայրապետներուն նշանաւոր ողջագուրումը Երուսաղէմի մէջ, 26 հոկտ. 1963): Կամ աւելի առաջ, 1956 մարտին, Անթիլիասի գանձատունէն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Աջին ու յարակից մասունքներու գողութեան պարագան, Զարեհ կաթողիկոսի ընտրութենէն ընդամէնը օրեր անց: Ամբողջ տարի մը մղձաւանջ ու շփոթ ստեղծուեցաւ հայ կեանքին մէջ այդ պատճառով: Ու յանկարծ Եղիվա՛րդն է, որ գողօնը «գտաւ» Ամմանի մէջ ու փութաց վերադարձնելու Անթիլիաս…

Եղիվարդ հին շրջանի մեր շարք մը եկեղեցականներուն նման (Խրիմեան, Սրուանձտեանց եւ այլն)` բնիկ վանեցի էր, Ռշտունեաց գաւառի Կայնիմիրան գիւղէն, ուր ծնած էր 1910-ին: Եղեռնի խորշակը զինք նետեց նախ Պարսկաստան (Սալմաստի մօտերը), այնուհետեւ` Միջագետք, ուր կրցաւ ապաստանիլ Պասրայի մօտիկ Նահր Օմարի հայկական որբանոցը: Յետոյ, Բարեգործականի օժանդակութեամբ, հարիւրաւոր երեխաներու հետ բերուեցաւ Երուսաղէմ 1922-ին ու երկու տարի ետք ալ սան դարձաւ Ժառանգաւորաց վարժարանին: Ուսման ընթացքը ութ տարի էր: Բախտն ունեցաւ աշակերտելու արմաշական երեք հռչակաւոր ուսուցիչներու` Դուրեանի, Կիւլէսէրեանի եւ Գուշակեանի, ինչպէս նաեւ` Աղաւնունիի:

Գուշակեան Թորգոմ պատրիարքին կողմէ ձեռնադրուած վարդապետներէն մէկն եղաւ ան, որ սքեմ ու վեղար ստացաւ 1932-ին:

Իր աստղը փայլիլ սկսաւ վանքին մէջ 1937-ին, երբ  տեսուչ նշանակուեցաւ Ժառանգաւորաց վարժարանին: Այս պաշտօնին մէջ մնաց մինչեւ 1945` մտերմօրէն գործակցելով Յ. Օշականի ու Շ. Պէրպէրեանի նման դաստիարակներու հետ: Դեռ այդ օրերէն իսկ կրցաւ դառնալ ամէնէն ազդեցիկը Երուսաղէմի երիտասարդ վարդապետներուն մէջ, անկասկած` շնորհիւ իր խօսելու ու գրելու բնածին եւ մշակեալ յատկութիւններուն, վարչական անվիճելի կարողութիւններուն, ինչպէս նաեւ` արտավանական անիմանալի կապերուն եւ յարաբերութիւններուն:

Կիւրեղ Բ. Իսրայէլեան պատրիարքի կարճատեւ գահակալութեան ամբողջ տեւողութեան (1944-1949) Եղիշէ վրդ. ստանձնեց լուսարարապետի պաշտօնը: Ու երբ վախճանեցաւ Կիւրեղ պատրիարք, Եղիվարդ դարձաւ վանքին թիւ մէկ դէմքը` թէ՛ պատրիարքական տեղապահ ընտրուելով, թէ՛ ալ զուգահեռաբար շարունակելով լուսարարապետի բարձր պաշտօնը, եօթը տարի: Փաստօրէն վանքին գրեթէ բոլոր լծակները առաւ իր ափերուն մէջ:

Այս շրջանին (1951) եպիսկոպոս ձեռնադրուեցաւ ան Ս. Էջմիածին, Գէորգ Զ. Չէօրէքճեան հայրապետէն` օծակից ունենալով ապագայ Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց հայրապետը:

Պատրիարքական աթոռին եօթը տարուան թափուր վիճակը, սակայն, յորդեցուց ոմանց համբերութիւնը 1956-ին: Քանի մը ազդեցիկ միաբաններ, գլխաւորութեամբ Տիրան Ներսոյեան ու Շնորհք Գալուստեան եպիսկոպոսներուն, օգտուելով տեղապահ Եղիշէ արքեպիսկոպոսին արտասահման ճամբորդութենէն, միաբանական ժողով մը գումարեցին ու պաշտօնազրկեցին զինք ի բացակայութեան: Յետոյ, ծանրակշիռ նոր քայլ մը առնելով, արտաքսեցին զինք միաբանութեան շարքերէն ալ, զանազան ամբաստանութիւններով: Եւ ի լրումն այս բոլորին` Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին ստորագրութեամբ ալ փիլոնազուրկ հռչակեցին զինք եւ հոգեւոր գործունէութենէ առժամեայ կախակայեցին…

Պաշտօնազրկեալ տեղապահին փոխարէն` 1957 մարտին պատրիարք ընտրուեցաւ Ներսոյեան սրբազանը: Բայց թնճուկը չքակուեցաւ, որովհետեւ Յորդանանի  իշխանութիւնները ո՛չ միայն չվաւերացուցին ընտրեալ պատրիարքին պաշտօնը, այլեւ դատական որոշումով մը չեղեալ նկատեցին ընտրական ամբողջ  գործընթացն ու Երուսաղէմէն բռնի հեռացուցին Ներսոյեանը 1958 օգոստոսին…

Աւելի ուշ Երուսաղէմէն բռնի հեռացուեցաւ նաեւ Շնորհք սրբազանը, որ Թուրքիա անցնելով` պատրիարք ընտրուեցաւ Կ. Պոլսոյ աթոռին (1961):

* * *

Եղիշէ պատրիարք Վազգէն Ա. Կաթողիկոսին ու ՀԲԸՄ-ի նախագահ Ալեք Մանուկեանի հետ

Հայ Երուսաղէմը ահա այսպիսի փոթորկայոյզ տագնապ մը ապրեցաւ լման չորս տարի, 1956-1960:

Այս ամբողջ տագնապի ընթացքին Եղիվարդ մայրաքաղաք Ամման նստած` մնաց աներեր, առանց կարեւորութիւն տալու իր պատուազրկումներուն: Ան դատեր բացաւ զինք ամբաստանողներուն դէմ, տակաւ առ տակաւ չէզոքացուց իր ընդդիմադիրներն ու ի վերջոյ պետական նեցուկով դա՛րձեալ Երուսաղէմ վերադարձաւ ու «կանոնական» ընտրութեամբ բազմեցաւ պատրիարքական գահին վրայ, 8 յունիս 1960-ին: Անմիջապէս Ամենայն Հայոց կաթողիկոսն ալ  յարմար դատեց բեկանել փիլոնազրկումի նախկին պատիժը ու հայրապետական ճանաչում շնորհեց Երուսաղէմի նորընտիր պատրիարքին…

Եղիվարդ հանգիստ շունչ մը քաշեց այդ թուականէն ետք ու ինքզինք նուիրեց Հայ Երուսաղէմի ծաղկումին: Թէեւ իր յախուռն ու քինայոյզ նկարագրին պատճառով նորանոր տագնապներ անպակաս եղան վանքին մէջ, իրեն ոչ համակիր հոգեւորականներ արտաքսուեցան միաբանութենէն, յաճախ աղմուկ բարձրացաւ իր անունին ու գործելաոճին շուրջ: Օրինակ, վանապատկան ձեռագիրներու գողութեան ու վաճառքի գայթակղութիւնը (1967) մէկն էր ատոնցմէ, որ խորապէս յուզեց հայ աշխարհը երկար ամիսներ:

Այսպիսի դէպքեր չէին կրնար ստուեր չթողուլ իր անունին ու համբաւին վրայ:

Բայց իրողութիւնն այն է, որ Գրիգոր Պարոնտէրէն ու Շղթայակիրէն ետք ինք ամէնէն երկարատեւ գահակալը եղաւ Երուսաղէմի աթոռին վրայ:

Ու ճակատագրին անիմանալի մէկ խաղն էր կ՛երեւի, որ «Երուսաղէմի տագնապ»-ին երեք գլխաւոր դերակատարները իրենց մահկանացուն կնքէին գրեթէ վեց ամսուան նման կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ` իրերայաջորդ կերպով. Ներսոյեան սրբազան` 1989 սեպտեմբերին, Եղիշէ պատրիարք` 1 փետրուար 1990-ին, իսկ Շնորհք պատրիարք` 7 մարտ 1990-ին: Եւ «Սիոն», որուն հին հաւաքածոներուն մէջ թաղուած կը մնային այդ տխուր տագնապին բոլոր մանրամասնութիւնները, վախճանեալ երեք հակընդդէմ հոգեւորականներուն լուսանկարներն ու մահագրականները կը ստիպուէր դնել կողք-կողքի, միեւնոյն թիւին մէջ…

* * *

Եղիվարդի եկեղեցական փոթորկոտ կեանքը ժամանակի անհունութեան մէջ հակամէտ է մոռցուելու: Բայց ատոր դիմաց ապրելու եւ գոյատեւելու լուրջ երաշխիքներ կու տայ իր գրականութիւնը:

Ժամանակակիցները կը վկայեն, որ Եղիվարդ պերճախօս քարոզիչ մըն էր, մտերիմ շրջանակներու մէջ ալ` կատակաբան ու սրամիտ:

Պերճախօսութիւնը ինքզինք ցոյց կու տայ իր քերթողութեան ու արձակին մէջ եւս: Իր լեզուական շնորհը անուրանալի է: Վարժ է բանաստեղծական արդիաշունչ գիւտեր կատարելու կամ իմացական խորասուզումներու անձնատուր ըլլալու: Կը սիրէ ներշնչուիլ սուրբգրային աւանդութիւններէ ու զանոնք պատմել չափածոյ տողերով: Մանաւանդ ունի բաւական վայելուչ ինքնատիպ ոճ մը, որ ուրիշինը չէ՛, ի՛րն է բացառաբար:

Եղիվարդի բանաստեղծական առջինեկ հատորը կը կոչուէր «Մագդաղինէն մեղրամոմէ», լոյս ընծայուած` 1941-ին: Անոր յաջորդեցին` «Խորտակման գիշերներ»-ը (1943), «Անցորդը» (1946), «Ակեղդամա»-ն (1948): Աւելի ուշ արձակ ու չափածոյ տասնեակ հատորներ հրատարակուեցան իրմէ, մի՛շտ Երուսաղէմի մէջ. «Լերան վրայէն երանիներ» (1945), «Վարդանանք» (թատերախաղ, 1951), «Նարեկը հայ գրականութեան մէջ»«Հայաստանեայց եկեղեցին երէկ եւ այսօր» (1948), «Սուրբ Մեսրոպ» (1962), «Օտարականը» (արձակ էջեր Յիսուսի կեանքէն, 1966), «Կարմիր զօրավար» (Մեծ եղեռնի ձօնուած պոէմ, 1975), «Հեթանոսաց առաքեալը» (Պօղոս առաքեալի ձօնուած, 1975), «Լուսամատեան» (աստուածաշնչական պատումներ, 1980), «Հայրենականք տոհմականք» (1983), «Լուսաւորիչը» (1987) եւ այլն: Ինչպէս կը տեսնուի, քանակով ուշագրաւ վաստակ մըն է, ուր չի պակսիր նաեւ որակը: Բոլորին մէջ ալ կրօնական ու ազգային տաքուկ շունչ մը կայ միշտ, որ ինքզինք  կը զգացնէ անայլայլ:

Բայց ինծի կը թուի, որ Եղիվարդի գրականութիւնը հարկ եղած ուշադրութեան չէ արժանացած ընդհանրապէս:  Հայաստանի մէջ ծանօ՞թ են իրեն: Հայկական Սով. Հանրագիտարանը իր նեղ սիւնակին մէջ հազիւ 15 տողով տուած է անոր կենսագրականը: Իսկ «Ով ով է» կենսագրական բառարանը բոլորովին մոռցած է զայն:

Ինծի ծանօթ սփիւռքահայ դասագիրքերու մէջ ալ չեմ հանդիպած Եղիվարդի անունին: Բայց գոնէ Մինաս Թէօլէօլեան ու Ճանաշեան Մեսրոպ վարդապետ տեղ տուած են իրեն` իրենց գրական ժողովածուներուն մէջ, նմուշ-քերթուածներով միասին: Թէօլէօլեան դրական կ՛արտայայտուի, իսկ հայր Ճանաշեան համոզում կը յայտնէ, որ անոր ստորագրած էջերուն մէջ «կը պակսի ներշնչումն ու ճշմարիտ բանաստեղծութիւնը»: Ըստ Մխիթարեան վարդապետին, Եղիվարդի բանաստեղծութիւնները թէեւ մերթ ունին գունաւոր եւ ուժեղ պատկերներ, բայց անոնք վիրաւոր են «միամիտ պատմելու եղանակ»-ով…

Տարիներ առաջ, Եղիվարդի վախճանումին առթիւ գրի առնուած մահագրականի մը մէջ սաղիմահայ նորընծայ վանական մը համարձակութիւնը ունեցեր էր գրելու, որ ողբացեալ պատրիարքին մօտ «աղօթելու սէրը պակաս էր»…: Կրնա՛յ ըլլալ: Մ. Թէօլէօլեանն ալ 1947-ին «Նայիրի»-ի մէջ մատնանշեր էր Եղիվարդի «վանականի խմոր» չունենալը… Բայց ատոր փոխարէն` Եղիվարդ ուրիշներէ շա՛տ աւելի քաջածանօթ էր Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան եւ դաւանական ըմբռնումներուն: Նաեւ արթուն պահակն էր ատոնց: Այս առնչութեամբ, անմոռանալի կը մնան իր ընդարձակ հերքումները կարտինալ Աղաճանեանի («Սիոն», 1950) ու հ. Սահակ Կոգեանի («Սիոն», 1962) թիւր ու շինծու «փաստարկում»-ներուն դէմ, Հայ եկեղեցւոյ դաւանութեան կամ «մոլորութիւններ»-ուն մասին:

Ահա՛ նմուշ մը` Եղիվարդի հրապարակագրական «խածնող» ոճէն: Գրութիւնը թիրախ ունի Պէյրութի «Մասիս» շաբաթաթերթին մէջ հայ կաթողիկէ հոգեւորականի մը` Վարդան վրդ. Թէքէեանի մէկ յօդուածը, որ գրի առնուած էր ի պաշտպանութիւն Կոգեանի (օտար շրջանակներու մէջ ծանօթ` Լորենցօ Կոգի անունով) «Հայոց եկեղեցին» ձախաւեր հատորին, եւ որ, ինչպէս ծանօթ է, հրատարակուեցաւ Պէյրութ, 1961-ին, նպատակ ունենալով ծայրէ-ծայր ջրել Օրմանեան սրբազանի յիսուն տարի առաջ պատրաստած համանուն յայտնի գործը.

Այդ գիրքը,- կը գրէր Եղիվարդ,- սուտի եւ չարութեան խառնարան մըն է լոկ, ապացոյց` Լորենցոյի հոգիի ամայութեան եւ անհայութեան: Մարդ ուղեղի տեղ մաղձամաշկ  եւ մարմնի փոխարէն խանձած ոսկրակոյտ մը պէտք է ունեցած ըլլայ նման գործ մը փսխել կարենալու համար: Ոչ մէկ ատեն հայ կաթողիկէ գրող մը չէ եղած այնքան առատ իր հոգիին աղբովը, որքան Լորենցոն` իր այս ստապատումին մէջ: Լորենցոն հանգուցեալ Օրմանեան սրբազանի  եւ Հայ եկեղեցիին դէմ իր հսկայ նախանձէն` գլխատուած հաւու մը պէս կը չարչարուի, առանց մեռնիլ կարենալու: Իր ստապատումը գիտական մեթոտ եւ պատմական գործ ըլլալէ աւելի` Հայ եկեղեցւոյ դէմ նետուած թուք մըն է, եւ Թէքէեան վարդապետը այդ թուքն է, որ կը լզէ մեղր ըմբոշխնողի ախորժակով եւ թշուառ մեղսակցութեամբ («Սիոն», նոյ.-դեկտ. 1962, էջ 324):

Աւելի քան 55 տարի անցեր է վերի գրութեան թուականէն:

Մեր օրերուն այսպիսի ոճով կը համարձակի՞նք գրել:

(Հալէպ)

Հայր Ղեւոնդ Ալիշան (1820-1901). Հայաստանի Եւ Հայութեան Պաշտամունքին Նահապետը` Վսեմաշուք Քերթողը

$
0
0

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Նոյեմբեր 9-ին, 117 տարի առաջ, Վենետիկի մէջ ծերունազարդ տարիքին վախճանեցաւ Հայկեան Հանճարին վեհաշուք «Նահապետ»-ը` հայր Ղեւոնդ Ալիշան:

9 նոյեմբեր 1901-ին հայ ժողովուրդն ու Հայաստանը կորսնցուցին հայ մտքի եւ գրականութեան հսկաներէն «Մեծն Ալիշանը», ինչպէս որ մահուան առիթով զինք անուանած էր ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ը` շեշտելով, որ հայոց «Նահապետ»-ը «կրօն մ՛ունէր`
Հայաստանը, եւ իտէալ մը` անոր ազատութիւնը եւ փառքը»:

Բառին ամէնէն ընդգրկուն իմաստով կրօն մը կը հանդիսանայ Հայաստանը «Նահապետ» գրչանունով անմահացած Ղեւոնդ Ալիշանի համար, որ ամէն բանէ առաջ եւ վեր` Հաւատքի Մարդն է. Ալիշան ապրեցաւ եւ գործեց անբասիր հոգեւորականի վարքով ու մեծակշիռ ներդրում ունեցաւ ոչ միայն որոշապէս Մխիթարեան միաբանութեան ազգային դիմագծի պայծառակերտման մէջ, այլեւ ընդհանրապէս` 19-րդ դարու հայոց Ազգային Զարթօնքի հոգեմտաւոր շղթայազերծման առումով:

Հակառակ գրաբարախառն իր հայերէնին` հայր Ղեւոնդ Ալիշան նաեւ դրօշակիր մը հանդիսացաւ ի խնդիր մեր մայրենիի աշխարհաբար մշակման ու բիւրեղացման պայքարին: Իր առաջին բանաստեղծութիւններով իսկ հայոց միջնադարեան ռամիկ, այլեւ գրական հայերէնը վերակենդանացուց եւ յառաջապահը դարձաւ սեփական ժողովուրդին հասկնալի ու սրտամօտ հայերէնով ստեղծագործելու շարժումին:

Հաւատքի Մարդու եւ Ժողովրդական Հայու իր կրկնակի արժանիքով` հայ մտքի եւ գրականութեան նահապետը շարունակ պատգամեց.

«Մանկտիք, զիս հայոց հողն ու ջուրն սնուցել,
Ես այն հող ու ջուր սրտով եմ սիրել.
Հայրենեաց հարուստ է հողն, ջուրն անուշ,
Քանց օտար զարդ, քաղցր հայրենեացն փուշ»…

«Հայրենիքի փուշ»-ն անգամ «օտար զարդ»-էն աւելի «քաղցր» նկատելու եւ նախընտրելու այս հաւատամքին դրօշակիրն է Մեծն Ալիշան, եւ բնաւ ալ սոսկ յաւուր պատշաճի յարգանքի խօսք չէր, որ Նահապետի վախճանման առիթով, թարգմանը հանդիսանալով մեր ժողովուրդին, «Դրօշակ» վկայեց.

«Հայաստանի բարի ոգին` Ալիշանը եւս մեռաւ, այնքան մահերէ ետքը, որոնք 19-րդ դարուն ազգային յոյսերուն ծլիլը եւ ծաղկիլը տեսած եւ, միանգամայն, այդ յոյսերու ստեղծող հանճարները եղած էին:

«Ալիշան ամբողջ ազգինն է, Հայաստանի անցեալին ու ապագային, որուն նուիրուած էր իր բոլոր էութիւնով: Ոչ մէկը կրցած է անոր պէս հզօր եւ օլիմպեան կերպով մարմնացնել մեր ազգին տրոփող ու ազատասէր ոգին: Ոչ ոք հոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ այնքան աշխարհական եղաւ եւ աւելի բանապաշտ, եւ ոչ ոք պատերազմի շեփորը այնքան լայնօրէն հնչեցուց, որքան` նահապետն հայոց:

«Ալիշան յեղափոխութեան կը պատկանի, մեր ազգային շարժման մեծ մուսան եղաւ: Բոլոր ստրուկ ազգերը իրենց երգիչները ունեցան, որոնք բոցաշունչ տողերու մէջ հայրենասիրական ոգիին թափ տուին: Մենք ունեցանք Ալիշանը, որ եղաւ «Աւարայրի պլպուլը», երգեց «Կարմիր Վարդանը»: Իր տաղերը հանգուշն ու մեղմ` երազանքը, մրմունջը կամ անուշ տենչանքի մը պղատոնական զգայնութիւնը չեն տար միայն, այլ բարկաճայթ վրիժագոռ, սալասմբակ ճախրանք մը ունին, արիւնը մտրակող եւ գործի մղող… հապօ՜ն յառաջ:

«Ան լսելի ըրաւ, առաջին անգամ, «Բամբ որոտանը»` Մարսէյէզի մը չափ հրաբորբոք, անոր չափ սրտոտ.

«Ի զէ՜ն, ի վրէժ, օն անդր յառաջ»:

Իր այս շունչով ու թռիչքով էր, որ Ալիշան հայոց Հաւատքին խորանը բարձրացուց եւ աստուածահաճոյ դարձուց Հայաստանի ու հայկականութեան սէրն ու պաշտամունքը:

Հաւատաց եւ հաւատացուց`

«Մի՛ ուրանար զերկիրդ եւ զազգդ սիրուն,
Ծառն արմատով է ծառ` տունն հիմամբ է տուն»:

Մարտունակութիւն քարոզեց եւ կամքեր կռանեց` շարունակ յորդորելով, որ`

«Թշնամւոյն ջախջախելու համար հարուած եւ հանճար է պէտք»:

Որովհետեւ կը հաւատար, թէ`

«Արծիւ միտքը արծուոյ թեւ ալ կ՛ուզէ»:

Հայաստանն ու հայութիւնը այսքա՜ն խոր ընկալումով եւ լայն հորիզոնի ընդգրկումով պաշտամունքի արժանացուց Ալիշան եւ, իբրեւ իրա՛ւ ՆԱՀԱՊԵՏ, իր արժանաւոր տեղը գրաւեց Խաչատուր Աբովեանով ու Միքայէլ Նալբանդեանով, Խրիմեան Հայրիկով ու Րաֆֆիով լուսաւոր` հայոց ազգային նորագոյն զարթօնքը շնչաւորող, թեւաւորող ու լուսաւորող մեր մեծերու համաստեղութեան մէջ:

Ինչպէս իր բանաստեղծութեանց, նոյնպէս եւ բանասիրական թէ պատմագիտական իր աշխատասիրութեանց մէջ Ալիշան միեւնոյն մեծ ու խորին պատգամը փոխանցեց հայ ժողովուրդի զաւակներուն. պաշտելու աստիճան սիրել եւ պահպանել հայոց լեզուն ու հայրենի հողը, հայն ու իր մշակոյթը, որոնք ծաղկումի եւ ճառագայթումի առաջնորդեցին հայկեան հանճարը` դարաւոր ստրկութեան մէջ անգամ:

Հայաստանի եւ հայութեան նիւթեղէն ու ոգեղէն այդ արժէքներուն փարելով է, որ մեր սերունդները ի վիճակի պիտի ըլլան խաւարի ու անկումի ժամանակներուն դէմ օժտուելու ինքնապահպանման եւ վերականգնումի հզօրագոյն զէնքերով:

Հայկականին ու հայրենականին պաշտամունքը Ալիշան յաւերժացուց նախ իր բանաստեղծութեամբ: 1850-ականներու վերջերուն, «Նուագք» ընդհանուր անունին տակ ի մի բերելով համեմատաբար երիտասարդ տարիքին գրուած իր քերթուածները, Ալիշան 1857-ին եւ 1858-ին յաջորդաբար լոյս ընծայեց «Մանկունի», «Մաղթունի», «Խոհունի», «Բնունի», «Հայրունի», «Տէրունի» եւ «Տխրունի» խորագրուած գրքոյկները, որոնք մէկ կողմէ` մարդկային անսահման բարութեան, մարդկայնապաշտ ապրումներու եւ խոհերու, ինչպէս եւ քրիստոնէական հաւատքի վերահաստատման նորօրեայ աւետարաններ եղան, իսկ միւս կողմէ` սրտերուն եւ մտքերուն մէջ վառեցին խարոյկը հայոց փառապանծ անցեալի ոգեկոչման, հայրենի բնութեան պաշտամունքին, հայրենի հողին` քարին ու ջուրին ոգեշնչման եւ, մանաւանդ, Հայկեան Հանճարի շղթայազերծման:

Հաւատքի՛ մարդու, ազգայի՛ն գործիչի եւ տաղանդաշա՜տ գրողի իր մեծ պատգամը Ալիշան թուղթին յանձնեց նաեւ արձակ էջերով, որոնք 1871-ին լոյս տեսան «Խորհրդածութիւնք` ընդ եղեւնեաւ» հատորով:

Իսկ հայագիտական աշխատասիրութեանց իր կոթողական վաստակով` հայր Ղեւոնդ Ալիշան պատրաստեց, բառին ամէնէն ընդգրկուն իմաստով, հանրագիտարանը Հայաստան Աշխարհին եւ ստեղծագործ հայուն:

Հակառակ որ բնաւ չտեսաւ աշխարհը հայոց եւ չունեցաւ հնարաւորութիւնը ուղղակիօրէն ճանչնալու իր պաշտած ժողովուրդը իր առօրեայ կենսակերպով, Ալիշան գաւառ առ գաւառ եւ գիւղ առ գիւղ մանրամասնօրէն ներկայացուց պատմական Հայաստանը իր թէ՛ նիւթեղէն, թէ՛ ոգեղէն բնութագրով, իր հողով ու բոյսերով, իւրաքանչիւր աւանի կապուած պատմական ու ազգային յիշողութեամբ, հայերէնի ժողովրդային ու բարբառային ճոխութեամբ եւ հարստութեամբ, այլեւ ու մանաւանդ` հայակերտ կոթողներով, կանգուն մնացած ու պահպանուած ըլլան անոնք, թէ՛ ոսոխներու կողմէ քարուքանդ եղած…

Մասնագէտներու միահամուռ վկայութեամբ,  «Յուշիկք-հայրենեաց հայոց», «Տեղագիր հայոց մեծաց», «Նշմարք եւ նշխարք Հայաստանի», «Շիրակ», «Սիսուան», «Այրարատ», «Սիսական», «Հին հաւատք հայոց», «Արշալոյս քրիստոնէութեան հայոց», «Հայապատում», «Շնորհալի եւ պարագայ իւր», «Հայ բուսակ» եւ միւս գործերով, Ալիշան ոչ միայն հայագիտութեան ընծայաբերեց գիտելիքի հսկայական պաշար, այլեւ սկզբնաղբիւր դարձաւ պատմագիտութեան եւ լեզուաբանութեան, աշխարհագիտութեան եւ բուսագիտութեան բնագաւառներուն մէջ:

Այս բոլորին հանրագումար եզակի մեծութիւնն է հայր Ղեւոնդ Ալիշան, որուն պատգամը լաւագոյնս կը խտացնէ մինչեւ մեր օրերը ազգային-հայրենասիրական երգի իր թելադրականութիւնը պահպանող եւ վերանորոգող «Բամբ որոտան»-ը.

Բա՛մբ, որոտան բարձուստ բամբիւնք
յԱյրարատեան դաշտն ի վայր,
Արի արանց արիւնք` յեռանդ առատանան ի հրազայր,
Հրաւէր հայրենեաց հըռչակի ընդհանուր,
Հոգիք Հայկազանց բորբոքին ի հուր,
Որք երկնաւորին պսակին էք կարօտ,
Որք երկնաւորին փառաց երկնայորդ:
Հապ՛օ՜ն արի արանց մանկունք,
Հայրենավրէժքըդ Հայկազունք,
Հապ՛օ՜ն ի զէ՛ն գունդագունդ
Յեռեալ ի պար թունդ ի թունդ,
Ի զէ՛ն, ի վրէ՛ժ, օ՜ն անդր յառաջ,
Ի զէ՛ն, ի վրէ՛ժ, մի՛ ձախ մի՛ յաջ,
Օ՛ն անդր յառաջ,
Մի՛ ձախ մի՛ յաջ,
Օ՛ն անդր յառաջ,
Յառա՜ջ, յառա՜ջ,
Հապ՛օ՜ն յառաջ

 

 

Համեստ Դաշնակցականը` Ընկեր Քրիստափորը

$
0
0

Ե. Թ. 

Սիրելի՛ ընկեր,

Աւելի քան 40 օրեր անցան, երբ դժբախտ ճակատագիրդ խլեց քու ներկայութիւնդ մեզմէ: Յանկարծակի էր բոլորիս համար, մանաւանդ` ինծի համար, յատկապէս երբ մէկ օր առաջ կը խօսէիր հետս եւ կը մաղթէիր հօրս շուտափոյթ ապաքինումը: Չկրցայ ներկայ գտնուիլ յուղարկաւորութեանդ, չուզեցի տեսնել եւ յիշել քեզ` ճերմակ դագաղի մը մէջ, ուր չորս կողմը լաց ու տխրութիւն կար: Ասիկա դժուար էր: Այդպէս չէինք վարժուած, մանաւանդ` դաշնակցական երիտասարդի մը մահուան պարագային: «Դաշնակցական երիտասարդ» բառերուն վրայ կը շեշտեմ, որովհետեւ իբրեւ այս կուսակցութեան երիտասարդ ընկեր-ընկերուհիներ`շատ տալիք ունինք տակաւին հայ ազգին: Ընկերներ ենք, որ ծնած ենք «Հայ դատի պարտքով»: Պարտք մը, որ շալկած ենք մեր ուսերուն վրայ, սակայն երբեք չենք դժգոհած: Միշտ ալ պայքարած ենք անարդարութեան դէմ, միշտ ալ իրարու հետ զրուցած` գաղափարական հարցերու շուրջ եւ փորձած ենք լուծումներ գտնել:

Ընկեր Քրիստափոր Օգնայեանը մեր ընկերութեան իւրայատուկ երիտասարդներէն էր: Կը յիշեմ. ԼԵՄ-ի պաշտօնաթերթ «Ռազմիկ»-ի յանձնախումբի ժողով ունէինք, երբ մաս կազմեցիր այդ յանձնախումբին, եւ առաջին ծանօթութիւնները հաստատուեցան: Յօդուածներուդ միջոցով արդէն իսկ կրնայինք տեսնել գաղափարական խորունկ տեսութիւն մը, որ այսօր քիչերը ունին: Յաճախ կը քննարկէինք, բայց մանաւանդ կը վիճէինք գաղափարական հարցերու շուրջ:

Այն ժամանակ դժուար էր ինծի համար ըմբռնել հաւասարակշռութիւնը ընկերվարութեան եւ ազգայնականութեան միջեւ: Փորձեցինք զիրար համոզել, երբ դուն կը պաշտպանէիր այն թեզը, որ նժդեհեան գաղափարախօսութիւնը անպայման չի հակասեր Դաշնակցութեան ընկերվարութեան: Դժուար էր ինծի համար համոզուիլ այս կէտին, բայց քու համբերութեամբդ եւ այդ երիտասարդ տարիքէն իսկ քու պատմական եւ գաղափարաբանական տեղեկութեամբդ համոզեցիր զիս եւ յանձնախումբի անդամները: Կը յիշէի նաեւ քու համեստ հարցումներդ, մեզի միշտ հարց կու տայիր` «Ինչո՞ւ», եւ այդ «ինչո՞ւ»-ներուն միջոցով մենք աւելի խորունկ հետազօտութիւն կ՛ընէինք մեր աշխատանքներուն մէջ:

Կը յիշեմ, հազիւ համալսարանէն վերադարձած, յոգնած` ժողովի կը նստէինք եւ կը կարդայինք յօդուածները բոլոր կամաւոր ընկերներուն, որոնք կը փափաքէին աշխատակցիլ յանձնախումբին, կը դժգոհէինք, որ բազմաթիւ յօդուածներ «տափակ» էին կամ ալ` նոյնանման, սակայն կը մերժէիր, որ որեւէ յօդուած մերժուէր մեր կողմէն եւ կը կրկնէիր. «Ընկերնե՛ր, մենք ո՞վ ենք, որ անոնց յօդուածները պիտի մերժենք, թող գրեն` վնաս չէ, կը խմբագրենք, կը սորվին, պէտք է առիթ տալ ընկերներուն…»:

Սորվեցանք, ընկե՛ր, քեզմէ սորվեցանք շատ բաներ:

Սորվեցանք համեստ ըլլալ, պայքարող, գիտակից, ազնիւ եւ մտաւորական: Միշտ ալ կը փորձէիր շուրջիններուն օգնութեան հասնիլ եւ հակառակ կեանքի բոլոր դժուարութիւններուն` միշտ ալ կը պայքարէիր: Միշտ կը խօսէինք անարդարութեան դէմ, եւ մտահոգ էիր մեր սերունդով: Երբեմն կատակով, սակայն նեղուած կ՛ըսէի. «Է՜հ, հիմա այս բոլոր յօդուածները կը գրենք, վաղը մէկը պիտի չկարդայ», իսկ դուն ալ կը պատասխանէիր. «Հոգ չէ,  ընկե՛ր, մենք մեր պարտականութիւնը կ՛ընենք»:

Սիրելի՛ ընկեր, չեմ կրնար ըսել` մնաս բարով, մեր գրիչը այսպիսի յօդուածներու եւ պայմաններու համար չէ ստեղծուած, ոչ ալ հոս կանգ կ՛առնէ: Այո՛, շատ տալիք ունէիր գաղութին եւ ազգին, սակայն մենք այդ սրբազան գործը պիտի շարունակենք: Դաշնակցական երիտասարդին պարտականութիւնն է այդ գործը շարունակել…

 

 

Viewing all 17231 articles
Browse latest View live


<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>