ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
Երրագրութիւն.- «Ամփիր Սոֆիլ» սրահին մէջ գերմանական շարժապատկերի շաբաթը (1) փակուեցաւ գերմանաբնակ թուրք բեմադրիչ Ֆաթիհ Աքընի «Հանդիպակաց ափէն» ժապաւէնով («Աուֆ տեր անտերէն զայթէ», 2007, 122 վ): Շուրջ երկու հարիւր ներկաները մեծ մասամբ օտարներ էին: Աքըն բեմադրիչն է Եղեռնը պատկերող «Սպին» ժապաւէնին («Քեսիք», «The Cut», 2014, 138 վ), որ նոյնպէս ցուցադրուած էր գերմանական ժապաւէններու ծրագրի մը մէջ, 2015-ի սեպտեմբերին: Այո՛, հարիւրամեակի տարին: Այդ ժապաւէնին անդրադարձած եմ (2, 3): Տարօրինակ կրնայ թուիլ, որ այս տարուան համար ընտրուած ժապաւէնը արդէն իսկ «հասուն»` 11 տարեկան է: Ընտրութեան պատճառը հաւանաբար այն է, որ «Հանդիպակաց ափէն»-ը մաս կը կազմէ երրագրութեան մը, որուն այլ բաղկացուցիչներն են վերը յիշուած «Սպին» եւ «Ընդդէմ պատին» («Տուվարա քարշը», «Head On» 2004, 121 վ.), որ ցուցադրուած էր 2012-ի մարտին, Պէյրութի թրքական դեսպանատան կազմակերպած շարժապատկերի ծրագրի մը ընթացքին: Վերջինը ուղղակի չէր առնչուեր հայկական հարցերու: Ժապաւէնին ընդգրկումը ցոյց կու տար սակայն, որ այդ օրուան թրքական պետութիւնը Աքընը ընդդիմադիր չէր համարեր: Պետութիւնը չէ փոխած այդ դիրքորոշումը «Սպին» ժապաւէնէն ետք, հակառակ անոր որ «Սպին»-ի առաջին քառասուն վայրկեանները ցոյց կու տային ահաւոր տեսարաններ, որովհետեւ` «այդտեղ ցոյց տրուած դէպքերը համակարգուած եւ զանգուածային բնոյթ չունէին» (4): Թրքական պետութեան կեցուածքը ի սկզբանէ եղած է այն, որ ահաւոր ոճիրներ պատահած են… երկկողմանի:
Բեմադրիչը.- Իր անմեղ տեսքով, ապա քաղաքական կեցուածքով, եւրոպական պատրաստութեամբ, ցաւոտ նիւթեր ձեռք առնելու համարձակութեամբ եւ ստացած մրցանակներու մեծ թիւով Աքընը աւելի նպաստաւոր ներդրում կ՛ունենայ թրքական պաշտօնական թեզին, քան` անշնորհք վարձկաններ, որոնք կը պատրաստեն «Օսմանցի սպայի» եւ կամ «Քերվան 1915»-ի եւ նման այլ բացայայտ քարոզչական անշնորհ ժապաւէններ (5, 6):
Աքընը ծնած է եւ կ՛ապրի Համպուրկի մէջ:
2000-ին աւարտած է տեսողական հաղորդակցութեան (visual communication) բաժինը: Սկսած է աշխատիլ որպէս դերասան եւ բեմագիր: Աքընի առաջին գործերէն մէկուն` «Solino»-ի (2002, 124 վ.) բներգը նոյնպէս ազգային պատկանելիութիւնն է: Կը խօսի Իտալիոյ Սոլինօ քաղաքէն դէպի Գերմանիա գաղթած «հիւր աշխատաւոր» երկու ընտանիքներու զաւակներուն մասին: Ձեւով մը ինքնակենսագրական է:
Դիպաշարը.- Դժուար է աւելի քան երկու ժամ տեւող անցուդարձը տալ քանի մը տողով: Բացման տեսարանի մէջ Չեռնոպիլի ուղղուած ակնարկէն կը հասկնանք, որ դէպքերը կը պատահին 1986-էն քիչ ետք: Այսինքն` երբ Թուրքիա դիմում ներկայացուցած էր Եւրոպական Միութեան: Չեռնոպիլ` կը նշանակէ նաեւ համատարած, անդարմանելի աղէտ:
Ժապաւէնի կեդրոնական տիպարներն են երեք զոյգեր. թոշակառու Ալին եւ որդին` Նեժաթը, մարմնավաճառ Եթեր եւ դուստրը` Այթենը, քաղքենի Սուզաննան եւ դուստրը` Լոթթը (Lotte): Ամուսիններ չկան, ընտանիքները լիարժէք չեն: Կը կրկնեմ` ընտանեկան կապերը անկատար են, պակասաւոր: Նեժաթը պարսկերէն է, կը նշանակէ` հաշիւ, հաշուետուութիւն: Այթեն (ay-ten)` կը նշանակէ լուսնանման, պայծառ, Լոթթը կը յիշեցնէ «Lutte»-ը` պայքար, իսկ Եթերը` «բաւարար», «ա՛լ կը բաւէ»:
Ներգաղթած անտաշ թուրքի որդին առերեւոյթ հասած է գերման ընկերութեան մէջ համարկման (integration) բարձր աստիճանի, համալսարանի մէջ կը դասաւանդէ… Կէօթէ: Բայց… ընդարձակ լսարանին ներքեւ, սեղանին ետեւ ծուարած թուրք նորընծայ դասախօսը չի յաջողիր հմայել բարձր դիրքերու վրայ տեղաւորուած հատուկենտ ուսանողները, որոնք կը ձանձրանան եւ կը քնանան: Բացատրութեան կարիք կա՞յ:
Եթեր յաջողած է աշխատանք գտնել միայն որպէս մարմնավաճառ: Ամուսինը Մարաշի մէջ սպաննուած է 1978-ին: Ի դէպ, այդ ակնարկ է Գորշ գայլերուն կողմէ գործադրուած եւ քանի մը օր տեւած ջարդին, խոշտանգումներուն եւ աւերին: Սպաննուած էին առնուազն 120 ալեւիներ: Իսլամական թուրքեր կը սպառնան սպաննել Եթերը, եթէ դարձի չգայ: Ալին, որ կանոնաւոր յաճախորդ է, կ՛առաջարկէ փոխան ամսավճարի` ապրիլ իր տան մէջ եւ կենակցիլ միայն իրեն հետ: Այդ արեւելեան ամուսնական հաստատութեան մէջ կնոջ դերը կը տեսնէ որպէս օրինաւոր պոռնկութիւն: Եթեր այլընտրանք չունի, ան ստանձնած է իր դստեր համալսարանական ուսման ծախսերը: Դուստրը կը հաւատայ, որ իր մայրը կ՛աշխատի կօշիկի գործարանի մը մէջ: Այո՛, Աքընը չի խուսափիր մելոտրամաթիկ տեսարաններէ: Եթերը կ՛ընդվզի, երբ կ՛անդրադառնայ, որ «ամուսնական» տան մէջ ինք տակաւին ապրանք մըն է, թէ` ամուսնատան մէջ ինք աւելի՛ կաշկանդուած է, քան` հանրատան մէջ: Ալին, որ հարբեցող է, կը հարուածէ: Եթերի գլուխը կը բախի կահոյքին: Ալին կը դատապարտուի որպէս մարդասպան: Կ՛աւարտի ժապաւէնին առաջին բաժինը, որուն վերնագիրն է` «Եթերի մահը»: Կը սկսի երկրորդ մասը, որուն վերնագիրն է` «Լոթթի մահը»:
Պոլսոյ մէջ Եթերի ազգականները չեն գիտեր, թէ Այթենը ի՞նչ կ՛ուսանի: Այթենը, ինչպէս` մեծ թիւով այլ ալեւիներ, ներգրաւուած է ձախակողմեան կազմակերպութեան մը մէջ: Զինեալ ցոյցէ մը ետք կեղծ անձագիրով կը փախչի դէպի Գերմանիա: Կազմակերպութիւնը չ՛ապահովեր իր կեցութիւնը: Այթենը անտուն եւ անօթի կը շրջի կօշիկի գործարաններուն միջեւ` փնտռելով իր մայրը: Լոթթը կը հմայուի Այթենին գիշատիչ տեսքով եւ տուն կու տայ անոր: Կը բռնկի միասեռական յարաբերութիւն: Այթենը կը ձերբակալուի ոչ որպէս ահաբեկիչ, այլ` որպէս կեղծ անձագիր կրող: Գերման դատարանը կը մերժէ քաղաքական ապաստանեալի հայցը, որովհետեւ այդ պիտի նշանակէր, որ Թուրքիա ժողովրդավար երկիր չէ, հետեւաբար եւ ատակ չէ մաս կազմելու Եւրոպական Միութեան: Ակնյայտ քաղաքական կեղծիք: Թրքական բանտի մը մէջ Այթենին կուսակիցները կը պահանջեն, որ յանձնէ իր պահած ատրճանակը եւ որոշ իրեր: Լոթթը, որ մեծագոյն դժուարութեամբ յաջողած էր տեսնել Այթենը, յանձն կ՛առնէ այդ պատուէրը եւ նոյն ատրճանակով կը սպաննուի մանուկներու աւազակախումբի մը կողմէ:
Այթենը կը գործակցի իշխանութիւններուն հետ եւ ազատ կ՛արձակուի: Սուզաննան Պոլսոյ մէջ գերմանական գրատուն մը կը գնէ եւ կ՛որդեգրէ Այթենը: Ալին կ՛արձակուի բանտէն եւ կը կարդայ «Երկաթագործին դուստրը» վէպը, որ Նեժաթը նուիրած էր: Աչքին անկիւնը արցունքի կաթիլ մը կը տեսնենք:
Վէպը, որ կը պատկանի Սելիմ Էօզտողանի, 2005-ին լոյս տեսած է գերմաներէնով: Թրքերէնի թարգմանուած է 2007-ին, այսինքն` երբ ժապաւէնը կը նկարահանուէր: Հերոսուհին` Կիւլը, ինչպէս` Նեժաթը, հասակ առած է օտար երկրի մէջ, առանց մօր: Իմա` առանց գուրգուրանքի: Կիւլը չ՛ուզեր մեռնիլ գերմանական ցուրտ «ձմրան» մէջ:
Նեժաթը, որ յայտարարած էր «ոճրագործ մը իմ հայրս չի կրնար ըլլալ» (խորհրդանշական), կ՛ուղղուի դէպի հօրենական գիւղ եւ Սեւ ծովի ափին կը սպասէ իր հօր (տե՛ս որմազդը): Նեժաթը կ՛ընդունի հայրը, որ ընդունած եւ քաւած էր իր մեղքը եւ դարձած` աւելի մարդկային: Պարզ է, որ ժապաւէնին վերջաբանը գերազանցօրէն խորհրդանշական է:
Բարոյա-կրօնական.- Աքընի ժապաւէններուն մէջ առաջնահերթ են բարոյակա՛ն հարցադրումները: Գերմանացի Թիէյչ Էլսաէսըր այս ժապաւէնը կոչած է «Բարոյական հաշուարկ» («Ethical Calculus», (7)): Կրօնականը առկայ է… որպէս ծանակ: Ընթերցողներէն ոմանք կը յիշեն «Սպին» ժապաւէնի այն տեսարանը, ուր ծարաւ Նազարէթը ովասիսի ջրհորի մէջ կը գտնէ կապտած դիակներ, ապա անապատի աւազներու վրայ ծնրադիր դէպի երկինք կ՛ուղղէ իր զայրացած աչքերը: Ոչ մէկ պատասխան երկնքէն: Աքընը աներկինք հաւատացեալ մըն է: Աքընը արտադրիչն է 2011 մարտին այստեղ ցուցադրուած «Թաքվա» (բարեպաշտութիւն, 2006, 96 վ, տե՛ս կողքի քատրը) ժապաւէնին (8), որ կը ձաղկէր կրօնի քողին ետեւ թաքնուող տնտեսական շահագործումը: Կրօնը ներկայ է նաեւ «Ափին» մէջ: Դէպքերը կը պատահին Ղուրպան պայրամի ամսուան ընթացքին, երբ անմեղ գառներ կը զենուին: Ժապաւէնին մէջ եւս կ՛իյնան զոհեր: Կը լսուի էզան: Պատուհանին առջեւ Նեժաթը եւ Սուզաննան կը խօսին երկու մշակոյթները միացնող Աբրահամի զոհաբերութեան մասին, որ… լոկ առասպել մըն է (9): Վարը, նեղ փողոցին մէջ (խորհրդանշական) մարդիկ կը հոսին դէպի… մզկիթի վերածուած եկեղեցի մը:
Աքընը կը դատապարտէ բռնութիւնը: Տղամարդ «Ալի»-ին բռնութիւնը կին «Եթեր»-ին հանդէպ ի հարկէ խորհրդանշական է: Ցոյցի ընթացքին ամբոխը անխնայ կ՛ոտնահարէ գետին ինկած երիտասարդ մը: Այդ արդէն բացայայտ ակնարկ է բռնութեան հակամէտ թրքական ընկերութեան: Ոճիրի հակամէտ են նոյնիսկ մանուկները: Ամենաքաղաքակիրթ Պոլսոյ խճողուած մայթերը կը ծափահարեն, երբ դիմակաւոր ոստիկաններ կը քաշկռտեն Այթենին պատկանած կազմակերպութեան անդամները` դէպի անյուշ բանտ: Կալանաւորները իրենց անունները վերջին անգամ մէկիկ-մէկիկ կը բարձրաձայնեն… ոչ ոք կ՛արձագանգէ:
Աքընը կ՛արդարացնէ բռնութիւնը, երբ ատիկա կը կատարուի ճնշուածի կողմէ` ճնշողին դէմ: «Սպին» ժապաւէնին մէջ Նազարէթը «արդարանալի» բռնութիւն կը գործադրէ երկո՛ւ անգամ… բայց ի հարկէ` ոչ թուրքերու դէմ… Այդ ընդունելի պիտի չըլլար թրքական գրաքննութեան կողմէ:
Քաղաքական.- Հասկնալի պիտի ըլլար, եթէ Աքընը ձաղկէր միայն երկու ափերու (գերման եւ թուրք) պետական կեղծիքը եւ ձեռնավարութիւնը: Բայց Աքընը այդտեղ չի կանգնիր: Ո՛չ սկզբունքային, ո՛չ մարդկային կը վարուին ե՛ւ Այթենը, ե՛ւ իր պատկանած կազմակերպութիւնը: Կեդրոնի պատին կը տեսնենք բանաստեղծ Նազիմ Հիքմեթին պատկերը: Բայց ատիկա բաւարար չէ ճանչնալու շարժումը, Հիքմեթը ընդունուած է լայն շրջանակներու կողմէ:
Ան եւ կազմակերպութիւնը չունին արմատական պահանջներ եւ կամ զիրենք բնորոշող գիծեր: Աքընին թիրախն է ընդդիմութիւնը` ընդհանրապէս:
Կազմակերպութիւնը կը գործածէ եւ ապա կը լքէ Այթենը: Այթենը Լոթթին կ՛ըսէ, որ միւս բանտարկեալները անբարոյ կիներ են, մինչդեռ այդտեղ կան իր կուսակցական ընկերները: Այթեն Լոթթին, այլ ոչ իր ընկերներուն կը յայտնէ իր պահած իրերուն տեղը: Թերեւս արդէն որոշած էր գործակցիլ բանտապահին հետ: Ընկերները երեսն ի վեր կը գոռան` «դաւաճա՛ն»: Աքընը այս ձեւով կ՛ուզէ պատկերել ձախի բարոյական քայքայումը: Այդ շրջանին ձախը քաղաքական տեղատուութեան մէջ էր: Մակընթացութեան մէջ էր ռիկընիզմ-թաչըրիզմը:
Քեմալական պետութեան եւ ժողովուրդի ասքերու տարբերութեան հպանցիկ ակնարկ է այն, երբ թուրք պաշտօնեան կ՛ըսէ` «Քահրաման-Մարաշ», իսկ Նեժաթը կը պատասխանէ` «Այո՛, Մարաշ»: «Քահրաման» (հերոս) մակդիրը աւելցուած էր Մուսթաֆա Քեմալի կողմէ:
Նեժաթը կ՛ուսուցանէ Կէօթէ, որ կը խորշէր «մասսաներէ»: Կէօթէն Վալմիի ճակատամարտին (Valmy 1792) մասնակցած էր Պրունզուիքի փրուսիացի դուքսի կողքին` ընդդէմ ֆրանսական յեղափոխութեան: «Ափ»-ի մէջ ցուցարարներուն լոզունգներն ու պաստառները անհասկնալի են, մենք պարզապէս կը տեսնենք վայրագ ամբոխ մը: Աքընը եւս կը խորշի մասսաներէ: Աքընը չի հաւատար յեղափոխական լուծումներու, թերեւս որովհետեւ կ՛ատէ բռնութիւնը: Կարգ մը թուրք քննադատներ իրաւացիօրէն Աքընը կը մեղադրեն հարցերուն հարեւանցի անդրադառնալու, անորոշ պատկերներ գծելու եւ դիպուկ ախտորոշում չկատարելու յանցանքներով: Վայրագ ցոյցը կը յիշեցնէ 1977-ի մայիս մէկին Թաքսիմ հրապարակի սպանդը: Պաշտօնական թեզը կ’ըսէր, որ բռնութիւնը հրահրողներ կային: Ի՞նչ է իրականութիւնը (10):
Աքընի «Սպին»-ը կը սկսի անհեթեթ հաստատումով մը` «Մէկ գիշերուան ընթացքին օսմանցին փոքրամասնութիւնները թշնամի յայտարարեց»: Անձնապէս չեմ կարծեր, որ պատմութեան այդ խեղաթիւրումը դիտաւորեալ է: Կը կարծեմ, որ Աքընը անկեղծ է, պարզապէս չունի քաղաքական միտք: Եւ ա՛յդ է իր գործնական նպաստը թրքական քարոզչութեան:
Ինքնութիւն.- Աքընը ծնած է երկրի մը մէջ, ուր ուժեղ են այլամերժութիւնը ու գերակայութեան զգացումները: Ապրած է որպէս ստորադաս փոքրամասնութեան մը անդամ: Այդ պատճառով յատուկ ներզգայնութիւն (empathy) ունի այլ ազգային եւ ցեղային փոքրամասնութիւններու հանդէպ: Աքընին, սակայն, շնորհուեցաւ Պերլինի «Ոսկէ արջ» մրցանակ, երբ դեռ չէր բոլորած 30 տարին: Գերման հաստատութիւններու չափազանց բարեացակամ վերաբերմունքը Աքընին հանդէպ (եւ` ոչ միայն) թերեւս կը ծնի նացի անցեալին պատճառած յանցանքի զգացումէն:
«Սպին»-ի աւարտական տեսարաններուն մէջ Աքընը ցոյց կու տայ բնիկ կարմրամորթ կնոջ մը լլկանքը` եկուոր սպիտակամորթներուն կողմէ: Նազարէթը կը փութայ օգնութեան: Հայերու հետ զուգահեռը յստակ է: Ի դէպ, Ամերիկայի բնաջնջման ենթարկուած բնիկ ժողովուրդներու մնացորդները եւս ինքնութեան փնտռտուքի մէջ են:
Մօտեցման փորձերը ձախող են: Պոլսոյ մէջ գերմանացին ծախու դրած է իր գրատունը, թաց աչքերով կ’ըսէ, որ կ’ուզէ վերադառնալ հայրենի տուն: Կը թուի, որ գրատունը մշակութային երկխօսութեան խորհրդանիշ մըն է: Մինչեւ առաստաղ յագեցած է գերմաներէն բազմաթիւ գիրքերով, բայց ո՛չ, մենք չենք տեսներ բազում թուրք գնորդներ: Նեժաթը կը հրաժարի իր ոչ հետաքրքրական դասախօսի պաշտօնէն եւ կը գնէ գրատունը: Բայց իր գրեթէ միակ այցելուն Լոթթն է, որ կ’ուզէ տեղեկանալ ոչ թէ գրականութեան, այլ քրէական օրէնսգիրքին, որպէսզի կարենայ օգնել Այթենին: Նեժաթը եւս կը հրաժարի Պոլսոյ գերմանական գրատունէն: Գրատան տէր կը դառնայ գերման Սուզաննան, որ կ’ուզէ որդեգրել Այթենը: Ժապաւէնը ունի «բաց աւարտ»: Չենք գիտեր, թէ ո՛ւր կը յանգի որդեգրումը:
Աքընը կը հաւատայ անհատական յարաբերութիւններու: Լոթթը ձեռք կը մեկնէ Այթենին: Նեժաթը կը սփոփէ որդեկորոյս Սուզաննան, բայց երկու պարագաներուն ալ ներկայ են այլ գործօններ: Լոթթի մղումը միասեռական է: Սուզաննան Նեժաթին մօտ կը գտնէ կորուսեալ դստեր մասունքները: Նեժաթը Սուզաննային մէջ թերեւս կը գտնէ մայր մը, որ երբեք չէ ունեցած: Բայց Նեժաթը եւ Սուզաննան չեն քալեր դէպի երջանիկ ապագայ: Անոնք իրենց վերջին տեսակցութեան ընթացքին արնագոյն գինիով կը խմեն կենացը… մահուան:
Աքընը չունի քաղաքական միտք, բայց ունի բաւարար հոտառութիւն` խուսափելու համար ազգային հարցերէ, որոնք այժմէական վտանգ կը ներկայացնեն: Ինչպէս նշած էի, հայկական հարցի իր «մարդասիրական» մօտեցումը խորքին մէջ ի նպաստ թուրք պետութեան է:
Ժապաւէնին գլխաւոր հերոսները կը պատկանին փոքրամասնութիւններու: Ալին եւ ուրեմն, որդին լազեր են: Բայց պաշտօնական թեզը այն է, որ լազերը, որոնք պետութեան սիւննի կրօնը ընդունած կովկասցիներ են, շատոնց ներգրաւուած են թուրք ինքնութեան մէջ: Աքընը պահած է աչքերուն գոյնը, քիթը, երաժշտութիւնը: Օտար ակնարկներու մէջ Ալին կը ներկայացուի որպէս թուրք, այսինքն` համահունչ պաշտօնական թեզին:
Եթերը եւ, ուրեմն, Այթենը ալեւիներ են: Պատմականօրէն ալեւիները սիւննի պետութեան կողմէ ճնշուած եղած են եւ նոյնիսկ` բազմիցս ջարդուած փոքրամասնութիւն: Բայց ժապաւէնը որեւէ ձեւով չ՛անդրադառնար այդ իրողութեան: Օտար հանդիսատեսը կ’ենթադրէ, որ Այթենին ամուսինը զոհ գացած է անհատական ոճիրի: Պետութիւնը կառուցած է հազարաւոր մզկիթներ: Բայց ալեւիներուն համար անհատական ծախսով աղօթավայր կառուցելը կը բախի դժուարութիւններու:
Որքան ինծի ծանօթ է, Աքընը քրտական փշոտ եւ հրատապ հարցին ցարդ չէ անդրադարձած: Լոթթը սպաննող թշուառ մանուկը, բարբառէն դատած, թերեւս Պոլսոյ մէջ քիւրտ պանդուխտի մը զաւակն էր: Այդքան բան, աւելի ոչինչ: Աքընը երբեք չէ խախտած ազգային հարցերու վերաբերեալ թրքական պետութեան թապուները:
«Հանդիպակաց ափ»-ի նկարահանումէն տարի մը ետք, 2008-ին Աքըն կը յայտնէ, որ դառնացած է իր թուրք-գերման ինքնութեան վրայ յարատեւ կեդրոնացումէն: «Ատիկա կը նմանի խօսելու ոչ թէ պաստառին, այլ անոր շրջանակին մասին», ըսած է Աքընը եւ` շարունակած. «Ուշ կամ կանուխ այս բոլորը պիտի ձգեմ իմ ետին» (11):
Գեղարուեստական.- Աքընը պատմելու անուրանալի կարողութիւն ունի, յաջող «հեքիաթագիր» մըն է: Ժապաւէնի բեմագրութիւնը, որ նոյնպէս կը պատկանի Աքընին, շահած է Քաննի փառատօնի ոսկի արմաւենին:
Բացման տեսարանին մէջ Նեժաթը ինքնաշարժով Սեւ ծովու եզրէն դէպի դեռեւս անյայտ տեղ մը կ’երթայ: Այդ յատկանշական է Աքընի բացումներուն. մարդ մը, որ կը շարժի անորոշ ուղղութեամբ: Ի հակադրութիւն մարդոց կեղծիքին եւ սադրանքին` Աքընը ցոյց կու տայ բնութեան գեղեցկութիւնը: Ալիին ծննդավայրը հեռու չէ Համշէնէն: Նեժաթին վարած ինքնաշարժը կը մտնէ մութ փապուղիներ: Ատիկա անշուշտ խորհրդանշական է:
Կը տեսնենք բազմաթիւ զիրար հատող, բայց երբեք չհանդիպող շարժումներ: Ուշագրաւ է մանաւանդ այն տեսարանը, ուր Նեժաթը շոգեկառքին մէջ կը շարժի դէպի արեւելք մինչ Այթենը կը քալէ դէպի արեւմուտք: Բարձր երկաթագծի վրայ ընթացող շոգեկառքը կը նմանի պարզուած եւրոպական վառ եռագոյն դրօշի, մինչ կամուրջին տակ կորած Այթենը գորշ եւ խեղճ տեսք ունի:
Խուսափուկ խաչաձեւումները կը խորհրդանշեն թուրք-գերման եւ գերման-թուրք անցումի փորձերը, որոնք այստեղ ապարդիւն են: Ամէնէն տպաւորիչ տեսարանը Պոլսոյ օդակայանին մէջ է: Օդանաւէն վար երկարող գօտիին վրայ դանդաղ կ՛իջնէ Եթերին դագաղը, քիչ ետք նոյն գօտիին վրայ դանդաղ կը բարձրանայ Լոթթին դագաղը: Երկուքը կը վերադառնան իրենց ծննդավայրերը` որպէս դիակներ:
Պատկերաւոր լեզու է նաեւ ա՛յն, որ Այթենը կը հագնի Լոթթին հագուստները, բայց ի հարկէ չի ստանար անոր կերպարանքը:
Կան պարզ պատկերներ: Պոլսոյ մէջ անել կացութեան մատնուած Լոթթը կը հեռաձայնէ իր մօր: Լոթթը կը տեսնենք կծկուած` սնտուկի նմանող մութ դարանի մը մէջ: Այթենին սիրոյն նահատակուած Լոթթին տեսիլը մօր կը յայտնուի շողացող լոյսերու մէջ եւ անխօս ժպիտով կը թելադրէ… Լոթթին կը պակսէին միայն հրեշտակային թեւեր եւ լուսապսակ: Սուզաննան կ’որոշէ շարունակել դստեր առաքելութիւնը(12): Կան նաեւ տեսարաններ, որոնք կը յիշեցնեն Հոլիվուտը: Պոլսոյ պանդոկին մէջ ակնյայտօրէն սգաւոր Սուզաննային կը տրուի ամբողջութեամբ արնագոյն սենեակ մը: Նախքան սարսափի աժան ժապաւէնները, «կարմիր սենեակ»-ը, որպէս սարսափի խորհրդանիշ, գործածուած է հանրածանօթ գրական երկերու մէջ, ինչպէս` Շարլոթ Պրոնթէի «Ճէյն Էյր»-ը (1847) եւ Հ. Ճ. Ուէլզի «Կարմիր սենեակը» (1896): Փոխ առնուած է նաեւ քամերայի բարձր անկիւնը: Կարմիր սենեակին մէջ վշտաբեկ մօր լացը գրեթէ ցաւի կաղկանձ է եւ ոռնոց: Աքընը գրագէտ բեմադրիչ է: Ինծի համար պարզ չէ, թէ ինչո՛ւ գործածած է պարզամիտ եւ կամ շուկայական պատկերներ: Ատիկա թերեւս թաքուն ծանակ է:
Ալիի դերին համար Աքընը ընտրած է Թիւնճել Քուրթիզը (1936-2013), որ ձեւով մը յարգանքի տուրք է երկու իմաստով: Նախ` այն, որ Քուրթիզը թրքական շարժապատկերի կուռքերէն մէկն է: Երկրորդ` այն, որ Քուրթիզը բանտապահի դեր վերցուցած էր քիւրտ վաղամեռիկ բեմադրիչ Եըլմազ Կիւնէյի «Պատը» («Տուվար», 1983) ժապաւէնին մէջ, որուն վերնագիրը ներշնչուած էր Ն. Հիքմեթի` 1925-ին բանտի մէջ գրուած «Այդ պատը» բանաստեղծութենէն:
Համացանցի վրայ կան ծանուցողական տեսերիզներ (13):
Աքընը յատուկ զգայնութիւն ունի ձայներու հանդէպ: Ձայները հանդիսատեսին ուշադրութիւնը չեն շեղեր, բայց ուշադիր հետեւողը կ’ադրադառնայ, թէ որքա՛ն արտայայտիչ է ձայնային խորապատկերը: Քաղաքի ձայները, տխուր տեսարաններու ուղեկցող աններդաշնակ լարային երաժշտութիւմը եւ մանաւանդ լազ մեղեդին, որ փակման տեսարանին մէջ լազ բարբառով կը լսենք` որպէս բողոք-երգ(14): Բառերը մօտաւորապէս կ’ըսեն.
«Իջիր ձորը, իջիր ձորը, քարեր վերցուր վտակէն:
Ես չկրցայ լիանալ, թող լիանայ սեւ հողը»:
Աւարտական տեսարանին մէջ Նեժաթը Սեւ ծովի ափին կը սպասէ իր հօր: Նեժաթը հաշտուած է իր պատմութեան… ներողութի՛ւն, իր հօր հետ, որովհետեւ իր նախնին գործած է ոչ թէ կանխամտածուած եղեռն… ը՜մ… ոճիր, այլ` անբնական պայմաններու տակ պատահած ակամայ մարդասպանութիւն: Դատարանի կարճատեւ վճիռը կը հաստատէ այդ: Բացի այդ, թուրքը… ներողութի՛ւն, Ալին ցաւած է եւ վերածուած` նոր մարդու: Հարկ կա՞յ մեկնաբանութեան:
Ժապաւէնը ունի «բաց», անորոշ վերջաւորութիւն: Հայրը ներկայ չէ, կը գտնուի ափէն անդին, ծովուն բացերը: Այո՛, բաժնող ափ մը եւս: Չենք գիտեր, թէ ե՛րբ եւ ինչպէ՛ս պիտի վերադառնայ իր որդին: Հորիզոնին վրայ կան ամպեր: Ձկնորս մը կ’ըսէ` «Այս կողմերը կարելի չէ վստահիլ բնութեան»…
—–
1.- «Goethe Inst.», 13- 23 սեպտ, Ամփիր Սօֆիլ:
2.- «Այլեւս… Այբ», «Ազդակ», 7 յուլիս 2015:
3.- «Ֆաթիհ Աքընի մնացորդացը», «Ազդակ» 6 նոյ. 2015:
4.- Ահմեթ Աքան, «Ֆէթիհ Աքընի հայ ժապաւէնը դիտեցի», «Հիւրրիէթ», 2 սեպտ 2014:
5.- Ա.- Շքերթ ընդ հովանեաւ.- «Քերվան 1915», «Ազդակ», 10 հոկ. 2016:
6.- Պատուիրուած պատկերներ Գ* «Օսմանցի սպան», «Ազդակ», 30 մարտ 2017:
7.- Thomas Elsaesser, “Ethical Calculus”, Film Comment, May/June 2008.
8.- «Թրքական շարժապատկերը Սան Սթեֆանոյէն մինչեւ Ֆեթհուլլա Կիւլեն», «Ազդակ» բացառիկ, Նոր տարի 2016, ի դէպ պատկերի ձախին տեսնուող դերասանը, Էրքան Ճան, «Ափ»-ի մէջ ունէր երկրորդական դեր:
9.- Միաստուածութիւնը որպէս կրօն ձեւաւորուեցաւ երկաթէ դարուն: Աբրահամ, որ ըստ առասպելի սերած է Նոյէն կը համարուի հիմնադիր, թէեւ առաջին միաստուածականները Համուրապին եւ ապա Ախենաթոնն են:
10.- Ն. Շիմշէք, «Եաշամըն Քըյըսընտա», Filmlovers, 18 Mart 2014.
11.- Nicholas Kulish, «Fatih Akin», The New York Times, 6 յունուար 2008:
12.- Ի դէպ քաղքենի Սուզաննա պատկանած է հիփփիական սերունդին, անցած է Պոլիսէն եւ «օթոսթոփ»-ով հասած մինչեւ Հնդկաստան: Իմա` անցեալին հմայուած է «Արեւելքով»:
13.- v=GxBrMrLjnAM եւ v=qHOFzMAyQDw
14.- «Ես քու սէրդ» 2004, Քազիմ Քոյունճու, ծնեալ Արթուին 1972 -ին: