Quantcast
Viewing all 17231 articles
Browse latest View live

Թարգմանչաց Տօնը Սրբոց Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարանին Մէջ

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարանը 30 հոկտեմբեր 2018-ին յիշատակեց Թարգմանչաց  տօնը:  Հանդիսասրահին բեմը ստացած էր օրուան խորհուրդը ներկայացնող յատուկ գրաւչութիւն, ուր նախակրթարանի եւ միջնակարգի դասարաններու աշակերտները թատերական ներկայացումի իւրայատուկ ոճով գեղարուեստական յայտագիրով արժեւորեցին Թարգմանչաց խորհուրդը, հայ լեզուի փառաբանանքը հիւսող բանաստեղծութիւններով, խմբային երգերով, որոնք զուգակցուած էին ջութակի եւ դաշնակի երաժշտական մեղեդիներու ազգայնաշունչ թրթիռնեով եւ գաւառական պարով:

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Հանդէսի աւարտին բեմ հրաւիրուեցաւ վարժարանի տնօրէնուհի քոյր Արմինէ Մակարոսեանը, որ իր եզրափակիչ խօսքին մէջ վեր առաւ Թարգմանչաց տօնի խորհուրդը, որ հայ դպրոցին համար անժխտելի «ուխտի օր» է` հաւատարիմ մնալու մեր մեծասքանչին, երկնատուր մեր այբուբենին, թագուհի թարգմանչաց` Սուրբ Գիրքին, հաւատարիմ` մեր առաջին ուսուցիչ Մեսրոպ Մաշտոցին, քրիստոնէական մեր կրօնին, Հայ եկեղեցւոյ, հայու մեր ինքնութեան եւ այսու մնալ միշտ պատուաբեր հարազատ զաւակները Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանին:

Ապա քոյր Մակարոսեան ջերմօրէն գնահատեց հայ լեզուի ուսուցիչները, որոնք բծախնդրօրէն պատրաստեր էին օրուան յայտագիրը, ինչպէս նաեւ` աշակերտ-աշակերտուհիները, որոնք անթերի ապրումներով արժեցուցեր էին իրենց գիտելիքները եւ ներկայացուցած էին օրուան խորհուրդը:


Նոր Գիրքերու Հետ. Թանկարժէք Ուսումնասիրութիւն Մը` Երուանդ Հ. Քասունիէն. «Այաշի Բանտը», Տոքթ. Աւետիս Նագգաշեան Եւ…

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Քանի մը շաբաթ առաջ թղթատարին բերած ծրարին ծաւալը կը մատնէր, որ պահարանը գիրք մը կը պարունակէր. «մարգարէութիւնս» յուսախաբ չըրաւ զիս: Ծրարին մէջէն դուրս բերի բաւական հաստափոր` 400 էջնոց գեղատիպ հատոր մը, Պէյրութի մէջ վերջերս լոյս տեսած` Երուանդ Հ. Քասունիի ուսումնասիրական նորագոյն գործը` «Այաշի բանտը», տոքթ. Աւետիս Նագգաշեան եւ մահապարտ աքսորեալները:

Հայկական առածը կ՛ըսէ` «Ծառը պտուղէն կը ճանչցուի». հետեւողութեամբ կարելի է ըսել` գիրքին բովանդակութիւնը կարելի է ճանչնալ, խորագիրէն առաջ, կողքի նկարէն, որ Գրիգոր Խանճեանի նշանաւոր «1915 թիւ» գործն է, յօրինուած` Ցեղասպանութեան 50-ամեակի օրերուն եւ արդէն վերածուած` Ցեղասպանութեան ողբն ու ցասումը արտայայտող խորհրդանիշի մը: Խորագիրին երկու բառերը չակերտուած են, որովհետեւ մօտաւորապէս դար մը առաջ լոյս տեսած հատորի մը վերահրատարակութիւնն է, այսինքն Ցեղասպանութենէն հրաշքի համազօր բախտի բերմամբ փրկուած հայ բժիշկի մը ոդիսականը` Պոլսոյ մէջ ձերբակալութենէն մինչեւ աքսորի ճամբաները, մահուան դուռը բախելն ու Պոլիս վերադարձը, միջանկեալ` ճակատագրակից հայ մտաւորականներու եւ համեստ մարդոց գլխուն կախուած «դամոկլեան սուր»-ին սարսափին ու հարուածներուն վիճակին պատումը: Ընդամէնը` 37 էջ բան:

Բովանդակութեան ցանկին վրայ արագ ակնարկ մը նետող ընթերցողին միտքին մէջ հարցում մը կը ծագի. մնացեալ աւելի քան 350 էջերը ի՞նչ կը խոստանան: Հարցումը բնականաբար կ՛առաջնորդէ հատորին ընթերցման, եւ էջ առ էջ, գլուխ առ գլուխ ի յայտ կու գայ, որ յիշեալ 37 էջերը միայն ծփացող սառցալերան երեւցող բաժինն են, մնացեալը` լայնածիր ուսումնասիրութիւն մը, նահատակութենէ փրկուած բժիշկին մտաւորականի ժառանգութիւնը եւ դեռ` շա՜տ ու շա՜տ այլ նիւթեր, որոնց մասին կարելի է փոքր հատոր մըն ալ այստեղ արձանագրել, սակայն մեր նպատակը այդ չէ, այլ ընթերցողը մղել` ծանօթանալու Ցեղասպանութեան ծալքերն ու ստուերի մատնուած կարգ մը էջերը լուսարձակի տակ բերող հատորին մանրամասնութիւններուն:

Բովանդակութեան մանրամասնութիւնները արձանագրելէ առաջ նշենք, որ հատորը պատրաստուած է ՄԱՀԱԵ Միութեան գրասենեակին կողմէ ու նուիրուած է Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան հիմնադիրներուն` 100-ամեակին առիթով: Նախաձեռնութիւնը հեղինակինն է:

Ենթաբաժանումները

Հատորը ունի ընդամէնը 8 ենթաբաժանումներ, որոնցմէ միայն մէկն է «Այաշի բանտը», առաջին անգամ լոյս ընծայուած` Պոսթընի «Հայրենիք»-ին կողմէ, 1925-ին, ապա արժանացած է վերահրատարակութիւններու, որոնք միշտ ալ լիակատար չեն եղած: Ընթերցողը կը հետեւի ողբերգական դիպաշարի մը, որ կը սկսի Պոլսոյ մէջ Կոմիտաս վարդապետի ձերբակալութեան դէպքով, կը յաջորդեն նոյնինքն հեղինակին ու աւելի քան 200 հայ գրողներու, հոգեւորականներու ու մտաւորականներու ձերբակալման ծանօթ «արարները»: Ողբերգական վէպ մը կարդալու պէս ընթերցողը կը հետեւի ականաւոր դէմքերու ձերբակալման ու աքսոր քշուելուն մասին հաղորդական ոճով ու սեղմ նկարագրականներով զարգացող յուշագրութեան, մահապարտներուն հետ կը կտրէ Անատոլուի կարգ մը շրջանները` հասնելու համար Անգարայի մօտակայ Այաշի տխրահռչակ բանտը, ուր ինկած են նաեւ Գարեգին Խաժակի, Ակնունիի եւ Չէօկիւրեանի նման տաղանդներ: Այնթապցի հեղինակը տխուր զուարթախոհութիւնը ձեռքէ չի հաներ` նկարագրելու համար բանտային առօրեան, կարգ մը մեծերու նահատակութիւնը եւ, ի վերջոյ, իր ու հազուադէպ ճակատագրակիցներու փրկութիւնն ու Պոլիս վերադարձը: Փրկութիւնը խառն զգացումներով ու ապրումներով կը դիմագրաւէ. ուրախ է, որ գերեզմանի դուռէն ետ դարձած է, սակայն ափսոսանք եւ կսկիծ ունի, որովհետեւ ճակատագրակիցներէն շատեր նահատակուած են, մարդիկ, որոնց հետ բանտին մէջ եղբայրական մտերմութիւն մը ստեղծած էր, տագնապը միասնաբար դիմագրաւած են արիութեամբ եւ այն գիտակցութեամբ, որ «անհեթեթ ու անիմաստ վիճակին բացատրութիւն գտնելը անիմաստ է»…

27-րդ էջէն սկսող այս առանցքային բաժինէն առաջ հեղինակը ունի երկու արժէքաւոր եւ ուշագրաւ գլուխներ. առաջինը յառաջաբան մըն է, որ լուսարձակի տակ կը բերէ համիտեան քաղաքականութիւնը շարունակող իթթիհատականներու վարքագիծը, ոչ անծանօթ էջեր, սակայն կենսական` հատորին մնացեալ բաժինները ընկալելու համար: Կը հետեւի «Փոխան ներածականի» խորագրեալ գլուխ մը, որ կ՛երկարի 9-26-րդ էջերուն վրայ. սա խտացեալ մէկ բաժինն է հեղինակին մէկ ընդարձակ ուսումնասիրութեան, որ կը ներկայացնէ Ցեղասպանութեան պատմական ենթահողն ու որոշ մեկնաբանութիւններ սկսելով Հայկական հարցի միջազգային բեմ հանուելէն` Սան Սթեֆանոյի ու Պերլինի դաշնագիրներէն, հասնելու համար Լոզանի դաշնագիրի հանգրուանը. լուսարձակի տակ կ՛առնուին Արեւմուտքին ու ռուսական Արեւելքին հետ օսմանեան Թուրքիոյ ու զայն ժառանգած` իթթիհատականներու եւ քեմալականներու խարդաւանանքները, թրքական ոճրային վարքագիծին Անգլիոյ, Գերմանիոյ ու այլ արեւմուտքցիներու մեղսակցութիւնը, ցարական ու համայնավար Ռուսիոյ զուգահեռ վարմունքը: Ուշագրաւ էջեր կը կազմեն Թուրքիոյ ներքին զարգացումները` սկսելով 19-րդ դարու առաջին կէսերէն, ներառելով համիսլամութեան եւ համա-թուրանականութեան խմորումները, կիրարկումները, թրքական կայսրութեան դիմագրաւած վիճակները, որոնք ի վերջոյ հարկադրեցին կայսրութեան կծկումն ու փլուզումը, սակայն նաեւ հզօր ուժերու կողմէ չարաշահումը` ի շարս այլոց` ի հեճուկս մեր իրաւունքներուն:

Ծանօթագրութիւններու Բաժինը

«Այաշի բանտը» հատորին վերահրատարակումը եթէ կատարուած է յստակ նպատակով, այսինքն` Ցեղասպանութեան որոշ ծալքերուն ու մթագնած մանրամասնութեանց վրայ լուսարձակ բերելու դիտաւորութեամբ, այդ գլուխին կը հետեւի «մանր համայնագիտարան»-ի գլուխ մը` հատորին մէջ յիշատակուած անձերու, վայրերու եւ դէպքերու մասին ծանօթագրութիւններու ծաւալուն բաժին մը, որ կը տարածուի շուրջ 230 էջերու վրայ: Կ՛ընդգրկէ 93 խորագիր` հատորին մէջ յիշատակուած հայ եւ թուրք դէմքերու, տեղանուններու եւ պատմական դէպքերու մասին սեղմ ու աւելի ընդարձակ տեղեկութիւններով, որոնց կրնայ ծանօթ չըլլալ երիտասարդ սերունդը (չենք ուզեր կանգ առնել այն հարցումին առջեւ, թէ ինչո՛ւ. սակայն նման ծանօթագրական բաժինի մը տրամադրուած էջերը կը մատնեն հեղինակին մէկ լուռ մտահոգութիւնը…): Ծանօթագրութիւնները յաճախ կը բովանդակեն մեր մտաւորականներուն նահատակութեան մանրամասնութիւնները, կը մատնեն լուսանցքայնացուած դէմքեր «վերապրեցնելու» հեղինակին նախանձախնդրութիւնը:

Յաջորդ բաժինով ընթերցողը կը ծանօթանայ տոքթ. Աւետիս Նագգաշեանի կենսագրութեան ու կեանքի բազմերես ոդիսականին (ծնած է 1868-ին, մահացած` 1943-ին. հատորը, ուրեմն, լոյս կը տեսնէ զոյգ տարեդարձներու առիթով): Վերապրողին վկայութիւնները ոչ միայն վաւերագրական արժէք ունին, այլ նաեւ զանոնք կարելի է համարել մէկ մանրանկարը բազմաթիւ ճակատագրակիցներու ոդիսականներուն, որոնք մեծ մասամբ գրի չեն առնուած (ոչ միայն այն պատճառով, որ մեծ մասը նահատակուած է), իսկ հազուադէպ յուշագրողներէն մէկը` Երուանդ Օտեան, ժառանգ թողած է «Անիծեալ տարիներ»-ը:

Ընթերցողը կը ծանօթանայ այնթապցի ու աւետարանական համայնքի զաւակ Աւետիս Նագգաշեանի կեանքի փուլերուն, որոնք չեն մնացած սեփական ուղի կերտելու շրջագիծին մէջ, այլ անկէ լայն բաժին հանուած է համայնքին, ազգին ու մամուլին: Մանկութեան ան զրկուած էր հայերէն խօսելու բնական իրաւունքէն: Աւելի ուշ հանգրուաններու` կը պատմէ, թէ թրքական իշխանութիւնները ինչպիսի՛ խաղերու եւ քաղաքականութեան դիմած են օսմանեան թէ իթթիհատական «դարաշրջաններուն», իրաւազրկելու համար հայերն ու ճակատագրակիցները, սակայն նաեւ` կ՛իմանայ, թէ այս բժիշկին նման հնարամիտ մարդիկ ինչպիսի՛ միջոցներով յաղթահարած են անիմաստ պատնէշները: Ուշագրաւ է, օրինակի համար, Ատանայի մէջ անոր բնակութեան տարիներուն, բնակարանի շինութեան դէմ բարձրացած «օրինական» դժուարութիւնները, հարկադրաբար փախստական դառնալն ու «ներման արժանանալ»-ը, սակայն վերջին յաղթականը, բնականաբար, կ՛ըլլայ աւազակ թուրքը: Կենսագրականին դրուագները ընթերցողը կը հասցնեն մինչեւ անոր կեանքի վախճանը, Միացեալ Նահանգներու մէջ: Այս բաժինը ամբողջական դարձնելու համար, Ե. Քասունի օգտագործած է բազմաթիւ աղբիւրներ:

Հատորին յաջորդ բաժիններով լուսարձակի տակ կը բերուին տոքթ. Նագգաշեանի մտաւորական ժառանգութիւնն ու հրապարակագիրի արժանիքները: «Այաշի բանտը» անոր գրաւոր ժառանգութիւններէն մէկն է միայն, ունի նաեւ այլ հատորներ եւ յուշագրական էջեր: Անկէ կը մնան զուարթ պատմութիւններու հաւաքածոյ մը, նաեւ` անգլերէնով վերջին գործ մը, որ կազմուած է ծննդավայր երկրէն ու բժշկական փորձառութիւններէն քաղուած յուշերով: Հրապարակագրական ժառանգութիւնն ալ ունի երկու երես` հայատառ թրքերէնով եւ հայերէնով գրութիւններ ու յօդուածներ, որոնք տարածուած են Պոլիսէն մինչեւ Պոսթըն եւ Նիւ Եորք:

Նախավերջին բաժինով տրուած են ուշագրաւ էջեր, ինչպէս` ցեղասպան իթթիհատականներու դէմ թուրքի մը վկայութիւնը,  ոճրագործի մը իր կողմէ հետապնդման ու դատարան բերուելուն պատմութիւնը, պատմական դէպքերու մասին մեկնաբանական էջեր, մինչեւ իսկ Սուրիոյ անկախութեան առաջնորդող բանակցութեանց արժեւորման գրութիւն մը: Այս բաժինները կը ծառայեն տոքթ. Ա. Նագգաշեանի դիմանկարի ամբողջացման:

Հատորին վերջին գլուխը յաւելուածներու բաժին մըն է, ուր նմանապէս կան հետաքրքրական եւ շահեկան էջեր: Հայ աւետարանչականին 100-ամեակին նուիրուած գլուխի մը կը հետեւին` սուլթանական Թուրքիոյ գահաժառանգ Ապտիւլ Մեճիտի կեցուածքին մասին գլուխ մը, Վատիկանի հետ հաղորդակցութեանց ու դերակատարութեան մասին բացատրական մը, օրուան հայ երեսփոխաններուն գործունէութեան վերաբերող գնահատական բաժին մը, ՀՅԴ-ի ղեկավարութեան ուղղուած Նազարէթ Տաղաւարեանին մէկ նամակը, ուր կոչ կ՛ըլլայ սուլթանը սարսափեցնելու, որպէսզի մեղմացնէ հակահայ հալածանքները, Գարեգին Խաժակի վերջին նամակը` իր կնոջ, բարացուցական էջ մը` մեծ գործիչին ու նահատակին նկարագիրին մասին, Ցեղասպանութենէն փրկուած հայուհիի մը ոդիսականը` պատմուած անոր կողմէ, Ցեղասպանութեան վերաբերող վերլուծական էջ մը: Այս  բաժինը կը փակուի հեղինակին` Ե. Քասունիի կողմէ խորհրդածութեամբ մը, որ կատարուած է պատրաստուած հատորին «վերջին ընթերցումէն ետք»:

Մեծարժէք այս հատորին յիշատակելի արժանիքներէն մէկն ալ օգտագործուած աղբիւրներուն առատութիւնն է: Աղբիւրներու ցանկին յատկացուած է… 8 էջ, որ կրնայ օգտակար ըլլալ հատորին ընդգրկած ժամանակաշրջանն ու դէպքերը ուսումնասիրողներուն: Այս ցանկէն առաջ հատորին ամփոփումը տրուած է անգլերէնով ու արաբերէնով: Մատենագիտութեան էջերուն կը հետեւին անձնանուններու եւ տեղանուններու ծանօթագրութեան երկու էջեր, վերջապէս` հեղինակին կենսագրութիւնն ու գրաւոր ժառանգութեան ընդհանուր պատկերը. կը բովանդակէ Ե. Քասունիի դաստիարակի վաստակը, պատմագիտական ուսումնասիրութեանց եւ գրաւոր այլ ժառանգութեանց ընդհանուր ցուցակը:

Նշենք, որ հատորի խորագիրի էջին կողքին, մուտքին, տեղադրուած է հեղինակին լուսանկարը, իսկ տոքթ. Ա. Նագգաշեանին կենսագրութեան ու մտաւորական ժառանգութեան բաժինը կը բացուի անոր մէկ գծանկարով, գործ` հեղինակին որդւոյն` արուեստագէտ Տիգրան Քասունիի: Վերջապէս, հատորին մէջ տեղադրուած են քարտէս ու յիշատակելի լուսանկար մը` Թալէաթի գործակիցներէն Խալիտէ Էտիպ, Այնթուրայի որբանոցին մէջ ապաստան գտած որբերուն թրքացման գործադիր հեղինակը` իր «լուսամիտ» երեսով…

Հատորին ետեւի կողքին վրայ կան Տէյվիտ Լոյտ Ճորճէն եւ Թէոդիկէն վկայութիւններ: Դժբախտաբար հատորը լոյս տեսած է միայն 400 օրինակով, ինչ որ մտածումի այլ հորիզոն մը կը բանայ ընթերցողին դիմաց…

Ինչ որ ներկայացուցինք այս նեղ սիւնակներուն մէջ, միայն ուրուագծային գաղափար մը կու տայ հատորին մասին: Ընթերցողը, մանաւանդ` երիտասարդ ընթերցողը,  գիտելիքներու վիթխարի պաշար մը պիտի գտնէ այս հատորին մէջ, լուսանցքներէ դուրս պիտի բերէ դէպքեր ու դրուագներ, որոնց այլապէս ծանօթ կը կարծէր ինքզինք: Տակաւին, այս ու նման հատորներ արժանի են օտար լեզուներու թարգմանուելու` իբրեւ Ցեղասպանութեան ծալքերուն ու էութեան ծանօթացման ուղղակի միջոց:

 

 

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներ

ՀՕՄ-ի Օրուան Տօնախմբութիւն

Image may be NSFW.
Clik here to view.

14 հոկտեմբերին Կլենտէյլի «Ուիլսըն միտըլ սքուլ»-ի հանդիսասրահին մէջ նշուեցաւ ՀՕՄ-ի օրը:

Օրուան հանդիսավարներ Սոնա Մատարեանը եւ Արա Եագուպեանը ներկայացուցին օրուան յայտագիրը` մերթ ընդ մերթ իմաստալից խօսքերով եւ լոզունգներով ներկայացնելով ՀՕՄ-ի առաքելութիւնը եւ հետապնդած նպատակները:

Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան նոր նշանակուած երկրորդ քարտուղար Գանա Յովհաննիսեանը ելոյթ ունենալով` բարձր գնահատեց ՀՕՄ-ի գործունէութիւնը եւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց անոր կատարած հսկայածաւալ աշխատանքին համար:

ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան անունով Մարալ Թուլումեանը նկատել տուաւ, որ ՀՕՄ-ը հաւատքի ու նուիրումի տաճար մըն է, որուն կառչած են գաղթաշխարհի չորս ծագերուն ապրող հազարաւոր խաչուհիներ. անոնց սրտերը կը տրոփեն մեր ժողովուրդի ներկայ ու ապագայ մտահոգութիւններով ու ցաւերով: Ան ըսաւ, որ սոյն  տօնախմբութիւնը խորհրդանիշն է հայ կնոջ ոգիին եւ նուիրումին, աւելցնելով, որ ՀՕՄ-ը օգնեց բոլոր անոնց, որոնք պէտք ունէին բարոյական եւ նիւթական իր աջակցութեան եւ յատկապէս` հայ կնոջ տիպարին, ուր գիտցաւ դրականապէս պատասխանել հայ ժողովուրդի հաւաքական գոյութեան համար իրեն ուղղուած կոչերուն. յանձնառութիւններ եւ պատասխանատուութիւններ ստանձնեց, ընդառաջեց ծանր վտանգներու դէմ պայքարելու հրաւէրին, արժեցուց վստահութիւնը ցիրուցան մեր բեկորներուն ու հայուհին մղեց հայօրէն ու մայրօրէն կազմակերպուելու հրամայականը փաստի վերածելու:

Օրուան գլխաւոր բանախօս, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ դոկտ. Վիգէն Եագուպեանը իր ելոյթին մէջ յայտնեց, որ ՀՕՄ-ը կը ներկայացնէ բարեսիրական այն կազմակերպութիւնը, որուն առաքելութիւնը անշեղօրէն բիւրեղացած է, եւ որուն հոգատար ձեռքը հասած ու օրհնած է անհամար սրտեր` երկրագունդի գրեթէ բոլոր անկիւններուն: ՀՕՄ-ը իր աշխատանքով ինքզինք հաստատած է համազգային մեր տարածքին վրայ այնպէս, որ իր բացակայութիւնը մեր իրականութենէն հիմնովին պիտի փոխէր կառուցուածքային այն ենթահողը, որուն վրայ հանգչած է ազգային մեր հաւաքական զգացումը: Հոն կայ միայն ծառայութիւն, ազնուութիւն շնորհող բարեսէր աշխատանք, մարդ արարածի պայծառ արժանիքները արտացոլող ներկայութիւն, ազգային հպարտութիւն ու արժանապատուութիւնը տածող անխոնջ գործունէութիւն:

Աւարտին խօսք առաւ թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը, որ վեր առնելով ՀՕՄ-ի գործունէութիւնը շրջանին մէջ, իր գնահատանքը արտայայտեց եւ իբրեւ ուրախալի երեւոյթ` նշեց այն մասնաճիւղերուն անունները, որոնք իրենց յոբելեանները տօնած էին: Առաջնորդ հայրը առանձնացնելով ՀՕՄ-ի Հոլիվուտի «Մայր» մասնաճիւղը` բարձր գնահատեց` անոր 100-ամեայ գործունէութիւնը եւ առ ի գնահատանք օրհնագիր մը յանձնեց մասնաճիւղին:

Յայտնենք, որ ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: Ցուցադրուեցաւ նաեւ շրջանի ՀՕՄ-ի 35-ամեայ բեղուն գործունէութիւնը արտացոլող ժապաւէն մը:

Հանդիպում Հիւպատոսին Եւ Շրջանի Հայ Գործարարներուն Միջեւ

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի հիւպատոսութեան հրաւէրով 23 հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ հանդիպում մը` Ամերիկահայ գործարարներու խորհուրդի ներկայացուցիչներուն եւ նոր նշանակուած աւագ հիւպատոս Արմէն Բայբուրդեանին միջեւ` քննարկելու համար համագործակցութեան կարելիութիւնները, որպէսզի կարելի ըլլայ աւելիով զարգացնել Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ առեւտրական յարաբերութիւնները:

Քննարկուած նիւթերուն շարքին էին`  Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած թաւշեայ յեղափոխութեան եւ մենատիրութեան չէզոքացումին շնորհիւ գործարարութեան պայմաններուն դրական փոփոխութիւնները եւ ներդրումներու առիթներուն բազմացումը, Հայաստանի մէջ ամերիկացիներու եւ ամերիկեան ընկերութիւններու նեդրումները քաջալերելու նպատակով Ամերիկահայ գործարարներու խորհուրդին նախաձեռնութիւնները, առեւտրական ցուցահանդէսներու համար Հայաստանէն այցելող պատուիրակութեանց աջակցելու եւ անոնց համար խորհրդաժողովներ կազմակեպելու մէջ Ամերիկահայ գործարարներու խորհուրդին դերակատարութիւնը, նաեւ Հայաստանի մէջ նեդրումներ քաջալերելու նպատակով շարք մը նախարարութեանց եւ պետական բաժանմունքներու հետ Ամերիկահայ գործարարներու խորհուրդին կնքած համաձայնութեանց արդիականացումը:

Հայ Կիլիկիա Աւետարանական Եկեղեցւոյ Նոր Հովիւի Պաշտօնակոչութեան Արարողութիւն

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Հովանաւորութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական միութեան, 21 հոկտեմբերին Փասատինայի Հայ Կիլիկիա աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ վեր. Սերոբ Մկրտիչեանի պաշտօնակոչութեան արարողութիւնը` իբրեւ եկեղեցւոյ նորընտիր հովիւ:

Յանուն Արեւմտեան հայոց թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, Փասատինայի Ս. Սարգիս Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ հովիւ Պօղոս քհնյ. Պալթայեանը ներկայ եղաւ արարողութեան եւ յայտնեց առաջնորդ սրբազանին շնորհաւորանքներն ու բարեմաղթութիւնները:

Գեղամ Խաչերեանի Ստեղծագործութիւններու Ցուցահանդէս

Image may be NSFW.
Clik here to view.
13 հոկտեմբերին Կլենտէյլի «Թիւֆենկեան» արուեստի ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ  Գեղամ Խաչերեանի «Ռիֆրեքշընզ» խորագիրը կրող աշխատանքներու ցուցահանդէսին բացումը:

Ցուցադրուած պաստառները կը ներկայացնէին իրականութեան եւ ենթագիտակցութեան միջեւ գտնուող տարածքը, ուր իրական պատկերները կը լրացնեն վերացական լուծումները` մէկ համակարգի մէջ: Խաչերեանին աշխատանքները վերացականի եւ իրականութեան խառնուրդ են, իսկ իր համոզումով, անոնք մօտ հասկացողութիւններ են:

Կտաւներուն մէջ գրաւիչ է նաեւ կատարողական արուեստը, որ արուեստագէտին հետաքրքութիւնն է. գաղափարը անկատար կը մնայ, եւ արտայայտման նոր կերպ մը կը յառաջանայ:

Գեղամ Խաչերեանի կերպարուեստին մէջ հրապուրիչը նորի փնտռտուքն է` համարձակութիւնը, սահմաններու խախտումը: Կտաւը Խաչերեանին համար բաց տիեզերք է, որուն վրայ արուեստագէտը պիտի ստեղծէ իր աշխարհը:

Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը կ՛երկարի մինչեւ 16 նոյեմբեր:

«Հրաշք»-ը Կը Շարունակէ

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Տարեսկիզբին ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութիւնը նախաձեռնած էր կարեւոր քայլ մը, որ կը միտէր իր մարզական ծրագիրներուն մէջ ներառել նաեւ ի ծնէ թերութիւններ ունեցող հայ մանուկներն ու պատանիները` իբրեւ լիարժէք անդամները մեր ընկերութեան:

Օրին այս նախաձեռնութիւնը կոչուած էր «Հրաշք» եւ կազմուած էր մասնագիտական յանձնախումբ մը` զայն իրականութիւն դարձնելու համար:

«Հրաշք»-ի մանուկներն ու պատանիները մասնակցեցան վերջին Նաւասարդեան մարզախաղերուն, ինչպէս նաեւ` փակման տողանցքին, իսկ 21 հոկտեմբերին իրենց մասնակցութիւնը բերին Կլենտէյլ քոլեճի մարզադաշտերուն վրայ կազմակերպուած ՔԱՀԱՄ-ի մարզախաղերուն:

«Հրաշք»-ի ծրագիրին միացած աւելի քան 20 մանուկներ ու պատանիներ, բաժնուած` 3 տարիքային խումբերու,մասնակցեցան յատուկ իրենց համար կազմակերպուած 25, 50 եւ 100 մեթր վազքի, ինչպէս նաեւ ոտնագնդակի մրցումներուն:

«Արարատ-Էսքիճեան» Թանգարանը Կը Հարստանայ Փրոֆ. Հիւսընի Գրադարանով

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Վերջերս «Արարատ-Էսքիճեան» թանգարանը ստացաւ փրոֆ. Ռապըրթ Հիւսընի հարուստ գրադարանը, որուն հատորներուն դասաւորումէն ետք տրամադրելի պիտի դարձնէ ուսումնասիրողներու:

Նիւ Եորք ծնած եւ ամերիկահայ ընտանիքի (Հիւսընեան) զաւակ փրոֆ. Ռապըրթ Հիւսընը դոկտորի վկայականը ստացած է 1967-ին, Ճորճթաուն համալսարանէն եւ «Ռօուըն» համալսարանին մէջ առաւել քան 30 տարիներ դասաւանդած է բիւզանդական եւ ռուսական պատմութիւն: Ան նաեւ Հարաւային Կովկասի պատմութեան մասնագէտ է եւ հեղինակը` շարք մը հատորներու, ներառեալ` կոթողային` «Հայաստան. պատմական աթլաս մը» (2001) աշխատասիրութիւնը:

Փրոֆ. Հիւսընի գիրքերու հաւաքածոյին մէջ կան նաեւ հեղինակաւոր հայագէտ Նիկողայոս Ադոնցի եւ անոր ուսանողը հանդիսացած եւ Հիւսընի դասախօսը` կովկասագէտ Սիրիլ Թումանոֆի գրադարաններէն յատկանշական հատորներ:

Ֆրանսա

Շարլ Ազնաւուրին Նուիրուած Մանուկներու Մշակոյթի Արուեստանոց

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Կազմակերպութեամբ Վալանսի Հայ մշակոյթի տան,  22-26 հոկտեմբերին կազմակերպուեցաւ մանուկներու մշակոյթի արուեստանոցը` մասնակցութեամբ մօտաւորապէս 30 երեխաներու:

Ամէն օր ժամը 14:00-18:00 երեխաները մասնակցեցան գործունէութիւններուն` ղեկավարութեամբ Վալանսի Հայ մշակոյթի տան վարչութեան անդամ Ռոզին Սարեանի եւ իր գործակիցներուն` Սոնա Ջանազեանին, Անահիտ Մկրտիչեանին, Լիզա Սարեանին եւ Ժուլիա Գիցիրեանին: Անոնց համար նախատեսուած էին պտոյտներ եւ շատ հաճելի յայտագիրներ, խաղեր, երգեր, ձեռային աշխատանքներ եւ անակնկալներ: Այս անգամուան նիւթն էր երեւանի 2800-րդ տարեդարձը, եւ այժմէականութեան տրամաբանութեամբ, գեղարուեստական աշխատանքներու նիւթերը կապուած էին Շարլ Ազնաւուրին :

Ամէն օր նախատեսուած էր, որ երեխաները ժամանակ անցընեն եւ բացայայտեն բացօթեայ գործունութիւնը, որուն նպատակն է երեխաներուն խաղի եւ ուրիշ հաճելի միջոցներով ներկայացնել մշակոյթը եւ հայոց լեզուն:

26 հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ փոքրիկ հանդէս մը` մօտաւորապէս 80 հոգիի ներկայութեամբ:

Վալանսի Հայ մշակոյթի տան ատենապետ Նազօ Ճինպաշեանը շնորհակալական խօսք ուղղեց կեդրոնի տնօրէնին, որ տրամադրած էր սրահը, գծագրիչ Ժերոմ Պոյաճեանին, որ ղեկավարեց գեղարուեստական գործունէութիւնը, նաեւ` բոլոր  անոնց, որոնք ժամանակ կը տրամադրեն հայապահպանութեան պայքարին:

Վալանսի Հայ մշակոյթի տան վարչութեան յաջորդ ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Կաղանդի արձակուրդին եւ յետոյ փետրուարին` իր կեդրոնին մէջ, 2 տարուան վերանորոգումէ ետք:

Յունաստան

Հայկական Եւ Պոնտական Երգերու Նուիրուած Երեկոյ

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Նախաձեռնութեամբ Հարաւային եգէականի մարզպետութեան, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Ռոտոս կղզիի «Տիգրան Երկաթ» մասնաճիւղին վերջերս Ռոտոս կղզիին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական եւ պոնտական երգերու նուիրուած ճոխ երեկոյ մը` նուիրուած նորոգ հանգուցեալ Համազգայինի Ռոտոսի մասնաճիւղի ատենապետ Խարա Քէօսէյեանի յիշատակին:

Հայկական եւ պոնտական երգերու կատարումներով ելոյթ ունեցան Լիբանանէն հայ երգչուհի Սարինա Քրոսը, պոնտոսցի Ցախուրիտիս եղբայրները եւ մեծ թիւով տեղացի արուեստագէտներ:

Համերգին ներկայ եղան Հարաւային եգէականի մարզպետ Եորղոս Խածիմարքոս, Յունաստանի մշակոյթի նախարարութեան կողմէ Երկոտասնեան կղզիներու բաժանմունքի պատասխանատու Քալիսթոս Տիաքոեորղիուն, նոյն բաժանմունքի տնօրէն Մանիա Միխայիլիտին, Համազգայինի Ռոտոսի «Տիգրան Երկաթ» մասնաճիւղի վարչութեան անդամները, Ռոտոսի պոնտական «Տիղենիս» միութեան անդամները, ինչպէս նաեւ` յոյն հանդիսատեսներ եւ օտար զբօսաշրջիկներ:

Թեհրան

«Զարթօնք» Պարախումբի 30-ամեակի Եւ Հայ Մշակոյթի Օրուան Նշում

Image may be NSFW.
Clik here to view.

25 հոկտեմբերին, ՀՄ «Սիփան» միութեան «Նորայր Էլսայեան» մարզասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Զարթօնք» պարախումբի «Ոգիի մարտակոչ» թեմայով ելոյթը, գեղարուեստական ղեկավար` Լոռեթա Աւետիսեանի, բեմադրութեամբ` փրոֆ. Կարէն Գէորգեանի:

Պարային ներկայացումը եւ պաստառի վրայ ցուցադրուող պատկերները հանդիսատեսը փոխադրեցին, հայոց աշխարհին նախորդ հարիւրամեակի սկզբնական ժամանակաշրջան, Ցեղասպանութեան նախորդող ժամանակաշրջանը, ապա անոր յաջորդած ժողովուրդի զարթօնքի, մշակոյթի պահպանման եւ ազատ ապրելու իրաւունքի պայքարի շրջան:

«Զարթօնք» պարախումբի գեղարուեստական ղեկավար Լոռեթա Աւետիսեանը յայտնեց, որ սոյն ելոյթը, որ մաս կը կազմէ պարախումբի 30-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն, նուիրուած է նաեւ Հայ մշակոյթի օրուան, որ կը փորձէ ժողովուրդի գոյատեւման եւ պայքարունակութեան ոգիին մէջ տեսնել մշակոյթի հզօր ներկայութիւնը միաժամանակ զայն ճանչնալով, որպէս ժողովուրդի ինքնութեան իմաստաւորման գործօն:

Ներկայացման աւարտին Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան օրհնեց պարախումբը` կարեւոր նկատելով պարախումբի տղոց քանակի ու կատարողականութեան նախանձելի փաստը, որ կը խօսի պարախումբին վայելած հեղինակութեան մասին:

 

 

 

«Ասպարէզ»-ի 110-ամեակի Հանդիսաւոր Նշում

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Առաւել քան 450 բարեկամներու, բարերարներու, միութեանց ներկայացուցիչներու եւ հայկական վարժարաններու հայերէնի ուսուցիչներու ներկայութեան «Ասպարէզ»-ը կիրակի, 21 հոկտեմբերի երեկոյեան, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Բաղրամեան» սրահին մէջ նշեց իր 110-րդ տարեդարձը: Ծովինար Մելքոնեանի հանդիսավարութեամբ ընթացած ձեռնարկին ընթացքին խօսք առին թերթի անգլերէն բաժինի խմբագիր Արա Խաչատրեան, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Ռազմիկ Շիրինեան եւ օրուան գլխաւոր պատգամախօսը` Նազարէթ Պէրպէրեան:

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Ճաշկերոյթը, որ բարերարներու առատաձեռնութեան շնորհիւ թերթին ապահովեց առաւել քան երկու հարիւր հազար տոլար, առիթ դարձաւ մեծարելու համայնքին մէջ մամուլի ծառայութեան տարիներու վաստակ ունեցող հետեւեալ  լրագրողները, նախկին եւ ներկայ խմբագիրներն ու հրապարակագիրները` դոկտ. Մարի Ռոզ Աբուսէֆեան, Մասիս Արարատեան, տոքթ. Արշակ Գազանճեան, Սարօ Գիւմրեցի (Գեօդկեան), դոկտ. Մինաս Գոճայեան, Լութֆի Թապագեան, Խաչիկ Ճանոյեան, Վահան Ճանսըզեան (Վահանեան), Յակոբ Մարտիրոսեան, Սարգիս Մաճառեան, Սարգիս Մինասեան, Յարութ Սասունեան, Գէորգ Պետիկեան, Վաչէ Սեմերճեան, Նուպար Տէմիրճեան եւ Օշին Քէշիշեան:

Թրամփի Ազգային Ապահովութեան Հարցերով Խորհրդականը Կը Փորձէ Հայաստանը Հեռացնել Ռուսիայէն Եւ Իրանէն

Image may be NSFW.
Clik here to view.

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Նախագահ Թրամփի` ազգային ապահովութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթըն հոկտեմբերին այցելեց Ռուսիա, Ազրպէյճան, Հայաստան եւ Վրաստան` ներկայացնելով Սպիտակ տան դիրքորոշումը տարածաշրջանային եւ միջազգային հարցերու վերաբերեալ: Պոլթընը ծանօթ է իբրեւ արտաքին կոշտ քաղաքականութեան կողմնակից եւ յաճախ կը բնութագրուի իբրեւ ռազմատենչ` իր ծայրայեղական դիրքորոշումներուն պատճառով…

Հայ պաշտօնեաներու հետ հանդիպումներու ընթացքին Պոլթընը խօսած է Իրանի նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու կողմէ հաստատուած պատժամիջոցներուն մասին, որոնք կրնան ազդել երրորդ երկիրներու, անոնց շարքին` Հայաստանի վրայ: Ան նաեւ անակնկալ առաջարկ ըրած է Հայաստանին` ամերիկեան զէնքեր վաճառելու առումով, նաեւ քննարկած է հայ-թրքական յարաբերութիւնները եւ արցախեան հակամարտութեան լուծման հարցը:

Պարզ դարձաւ, որ Պոլթընը փորձած է Հայաստանը հեռացնել իր ռազմավարական դաշնակից Ռուսիայէն եւ առեւտրական հիմնական գործընկեր Իրանէն, քանի որ Հայաստանի հետ սահմանը շրջափակուած է դրացի Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ:

Թէեւ շատ մը հայ մեկնաբաններ եւ յատկապէս ռուս պաշտօնեաներ լուրջ մտահոգութիւններ արտայայտեցին Պոլթընին առաջադրած քաղաքականութեան մասին, սակայն Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը զարմանալիօրէն լաւատես էր եւ ըսաւ Հայաստանի խորհրդարանին. «Ես հանդիպած եմ Պոլթընին հետ: Այդ հանդիպման ընթացքին նոյնիսկ նուազագոյն երանգ չէ եղած, որ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի մէջ անհանգստութիւն յառաջացնէ: Ես այս հանդիպումը կը նկատեմ մեզի համար  դիւանագիտական մեծ նուաճում, հետագային կ՛ըսեմ, թէ ի՛նչ է պատճառը, որ ես այսպէս կ՛արտայայտուիմ»:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Զոհրապ Մնացականեանը աւելցուց. «Պոլթընին հետ երկխօսութիւնը շատ յաջող էր, եւ Միացեալ Նահանգները հասկցած էին Ռուսիոյ Դաշնութեան, Իրանի հետ մեր յարաբերութիւններու տրամաբանութիւնը, մեր դիրքորոշումը` Լեռնային Ղարաբաղի հարցի մասին,  Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու վերաբերեալ, եւ այլն»:

Դրական գնահատելով իր հանդիպումները Հայաստանի մէջ` Պոլթընը գրառում մը կատարած է Թուիթըրի իր էջին մէջ.«Երէկ ես հիանալի այցելութիւն մը տուի Հայաստան, որ  կարեւոր գործընկեր մըն է տարածաշրջանին մէջ: Ես բաւականութիւն ստացայ Հայաստանի վարչապետին [պաշտօնակատարի] եւ իր ազգային ապահովութեան խումբին հետ ունեցած արդիւնաւէտ խօսակցութենէն»:

Հակառակ Միացեալ Նահանգների եւ Ռուսիոյ միջեւ լարուած յարաբերութիւններուն` Հայաստան պէտք է պահպանէ նուրբ հաւասարակշռութիւն, երկու գերտէրութիւններու միջեւ: Մէկ կողմէ Հայաստան կ՛ապաւինի Ռուսիոյ` իր կարեւորագոյն կարիքներուն համար, այսինքն` զէնքի, ուժանիւթի եւ առեւտուրի կապուած, եւ, հետեւաբար, չի կրնար ինքնիրեն թոյլ տալ, որ թշնամանայ իր ռազմավարական դաշնակիցին դէմ, միւս կողմէ` Հայաստան բարեկամական յարաբերութիւններ հաստատած է բազմաթիւ այլ երկիրներու, մասնաւորաբար Արեւմտեան Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգների հետ:

Զէնքի Վաճառքի Առաջարկ` Հայաստանի

Պոլթընը զարմացուց իր հայ հիւրընկալողները` անոնց առաջարկելով գնել ամերիկեան զէնք եւ յայտարարելով, որ այդ զէնքերը կը գերազանցեն ռուսականը: Այսուամենայնիւ, ան չնշեց, թէ սնանկացած Հայաստան ի՛նչ միջոցներով պիտի կարենայ վճարել զինամթերքին գինը: Ինչպէս գիտենք, Ռուսիա Հայաստանի զինամթերքի մեծ մասը կը մատակարարէ կա՛մ վարկեր տրամադրելով, կա՛մ զեղչուած գիներով: Փաշինեանը արձագանգեց` նշելով, որ Հայաստան պիտի քննարկէ ամերիկեան առաջարկը, մինչդեռ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Դաւիթ Տօնոյեանը NEWS.am կայքին ըսաւ, որ այս պահուն ամերիկեան զինամթերք գնելու կարիք չկայ:

Ամերիկեան զէնք ձեռք բերելով` Հայաստան ռիսքի կը դիմէ` թշնամացնելով Ռուսիան, որ իր զինամթերքի հիմնական աղբիւրն է: Երկրորդ, Միացեալ Նահանգներ կրնան Հայաստանին ըրած իրենց առաջարկը օգտագործել` քողարկելու համար իրականութիւնը` միլիառաւոր տոլար արժողութեամբ ժամանակակից զէնք ծախելու Ազրպէյճանին: Մինչ Ազրպէյճան ունի կարողութիւնը ամերիկեան զէնք գնելու, իսկ Հայաստան` ո՛չ:

Պոլթընին միւս անտրամաբանական յայտարարութիւնը այն էր, որ ռուսական զէնքի վաճառքը Հայաստանին եւ Ազրպէյճանի, արցախեան հակամարտութեան լուծման համար խոչընդոտ հանդիսացած է: Ծիծաղելի է, որ սա նոյն այն բանն է, ինչ որ ներկայացուցած է Պոլթընը` առաջարկելով ամերիկեան զէնք վաճառել երկու երկիրներուն: Իմ կարծիքով, Միացեալ Նահանգներ եւ միւս բոլոր երկիրները պէտք է զերծ մնան ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ Ազրպէյճանի զէնք ծախելու փորձութենէն… Պատերազմական գօտիի մէջ երկուստեք յաւելեալ զէնք լեցնելը երկու կողմերուն համար ալ կրնայ յանգեցնել միայն բռնութիւններու եւ մահերու թիւի բարձրացման:

Հայ-Իրանական Յարաբերութիւններ

Ի պատասխան Պոլթընի այն յայտարարութեան, որ Միացեալ Նահանգներ «խիստ աշխուժօրէն» պատժամիջոցներ պիտի կիրարկեն Իրանի դէմ, եւ այդ պատճառով հայ-իրանական սահմանը «պիտի դառնայ հիմնահարց», Փաշինեան յայտարարեց, որ Հայաստան իբրեւ դէպի ծով ելք չունեցող պետութիւն` դիւանագիտական յարաբերութիւններ չունի դրացիներէն ո՛չ Թուրքիոյ, ո՛չ ալ Ազրպէյճանի հետ, ուստի ան պէտք է «յատուկ յարաբերութիւններ» պահպանէ իր միւս երկու դրացիներուն` Իրանի եւ Վրաստանի հետ, որոնք Հայաստանի միակ «դարպասներ»-ն են դէպի արտաքին աշխարհ: Փաշինեանը լաւատեսօրէն ըսաւ հայոց խորհրդարանին. «Ես կը կարծեմ, որ Հայաստանի դիրքորոշումը յստակ էր, հասկնալի եւ նոյնիսկ ընդունելի` ամերիկեան պատուիրակութեան ներկայացուցիչներուն համար»:

Հայաստանի վրայ ճնշում գործադրելու փոխարէն, որ խզէ իր առեւտրական կարեւոր յարաբերութիւնները Իրանի հետ, Միացեալ Նահանգները պէտք է յորդորել, որ ճնշում գործադրեն Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի վրայ` բանալու համար իրենց սահմանները Հայաստանի հետ, որպէսզի Հայաստան կարենայ աւելի հեզասահ կերպով առեւտուր ընել իր չորս դրացիներուն հետ: Փաշինեան ճիշդ մատնանշեց, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ունի իր ազգային շահերը, որոնք միշտ չէ, որ կը համընկնին այլ երկիրներու շահերուն հետ: Իմ կարծիքով, Միացեալ Նահանգներ իրաւունք չունին պահանջելու երրորդ երկիրներէն, որ գործադրեն իրենց սխալ պատժամիջոցները Իրանի դէմ: Աւելի՛ն. քանի որ Միացեալ Նահանգներ Թուրքիան կ՛ազատեն Իրանի նկատմամբ Միացեալ Նահանգների պատժամիջոցները կիրարկելէ, ապա ինչո՞ւ պէտք չէ Հայաստանը եւս զերծ ըլլայ այդ պատժամիջոցներու կիրարկումէն: Բացի այդ, Պոլթընը խոստովանեցաւ, որ Միացեալ Նահանգներ չեն ուզեր «վնաս հասցնել մեր բարեկամներուն, այս գործընթացին մէջ»:

Թուրքիոյ Հետ Յարաբերութիւններ

Պոլթընը յայտարարեց, որ արցախեան հիմնահարցին լուծումը կ՛օգնէ Հայաստանին` բանալու Թուրքիոյ հետ սահմանը: Փաշինեանը արձագանգեց` նշելով, որ Հայաստան պատրաստ է յարաբերութիւններ հաստատելու եւ բաց սահմաններ ունենալու Թուրքիոյ հետ, սակայն` առանց նախապայմաններու, զորս Թուրքիա փորձած է պարտադրել` սահմանին բացումը կապելով արցախեան հակամարտութեան հետ: Թուրքիոյ նախապայմանին հակազդելու համար ես կ՛առաջարկեմ, որ Հայաստան դնէ իր նախապայմանը` սահմանի բացումը կապելով Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հետ…

Արցախեան Հակամարտութեան Կարգաւորում

Պոլթընը կ՛ենթադրէ, որ դեկտեմբեր 9-ին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւնները, որոնց ընթացքին կը սպասուի, որ Փաշինեանին կուսակցութիւնը կազմէ մեծամասնութիւն, բաւականին ուժեղ յանձնարարութիւն կու տայ անոր` արցախեան հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ որոշիչ քայլերու ձեռնարկելու համար: Կարծես թէ Պոլթընը ծանօթ չէ Փաշինեանի յաճախակի յայտարարութիւններուն, ըստ որոնց` «Ղարաբաղի հարցը լուծող-չլուծողը հայ ժողովուրդն է, եւ յստակօրէն` Հայաստանի ժողովուրդը, Արցախի ժողովուրդը եւ տուեալ պարագային` նաեւ Սփիւռքը, որովհետեւ ասիկա համահայկական հարց է»:

Քանի որ Հայաստան կանգնած է ներքին եւ արտաքին անորոշութիւններու առջեւ, հրամայականը այն է, որ աշխարհի բոլոր հայերը պաշտպանեն իրենց հայրենիքը եւ ուժերը միացնեն իրենց ընդհանրական հակառակորդներուն դէմ…

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Մեզի Ժամանակակից Մեծ Մարդու Մը` Քլոտ Լեւի-Սթրոսի Մասին

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Ի՞նչ կրնայ ըլլալ արուեստը քաղաքակրթութեան մը, որ անհատը կտրելով եւ հեռացնելով բնութենէն, ստիպելով, որ ան ապրի յօրինուած միջավայրի մը մէջ, անջատէ սպառումը արտադրութենէն եւ զայն դատարկէ ստեղծագործ զգացումէ:… Ընկերութիւն մը կը կրէ իր արուեստը, ինչպէս ծառը` իր ծաղիկները, իրենց արմատաւորմով իսկ, եւ ոչ մէկը եւ ոչ միւսը կրնան յաւակնիլ սեփականացնել արմատներ:

Քլոտ Լեւի-Սթրոս

Բառեր հնարուած են. համարկում, մերուում, ձուլում, այլասերում, օտարում… Այսինքն` սեփական ինքնութեան պարտադրուած կամ վատութեամբ ընդունուած կորուստ: Հարցեր կան բոլոր մշակոյթներու համար, որոնք եթէ այսօր չկան, վաղը պիտի ըլլան:

Զարմանալի կրնայ թուիլ, որ պահ մը փակագիծի մէջ դնելով մեր առջեւ ծառացող բազմատեսակ հարցերը,որպէս մարդ եւ որպէս հայ, ուզեմ խօսիլ հայկական լայն շրջանակներուն անծանօթ օտար դէմքի մը մասին, որուն վերլուծումները եւ կենսափորձէ բխած եզրակացութիւնները կրնան լուսաւորել մեր ճամբան, անհատական եւ հաւաքական, ըսենք` նաեւ քաղաքական, այսինքն` ղեկավարական:

Լրատուական կայքէջի մը վրայ դրուած տեղեկութիւն մը յիշեցուց, որ տասը տարի առաջ մահացած էր մեծ մտաւորական մը, որ կը կոչուէր Քլոտ Լեւի-Սթրոս (1908-2009): Բոլոր անոնք, որոնք կարդացած են Լեւի-Սթրոսի գիրքերը, մարդուն, ընկերութեան, քաղաքակրթութիւններու եւ մշակոյթներու նկատմամբ տեսանկիւն եւ հայեացք կը փոխեն: Կ’ըմբռնեն, որ մշակոյթներու լաւը եւ վատը, յառաջադէմը եւ, ինչ որ կը կոչենք` «նախնական»-ը, յարաբերական են, երբ կը դատենք, երբ կը մտածենք, թէ ո՛ր տեսանկիւնէն կը նայինք: Ի՞նչ բան կրնայ ենթադրել տալ, որ Ճափոնցիին մշակոյթը գերադաս է անգլիացիի, ֆրանսացիի կամ ռուսի մշակոյթ(ներ)-էն: Արդէն, մենք մեզ չափանիշ ընդունելով, Պրազիլի անտառներու բնակիչները կամ ափրիկեան ցեղախումբերը կոչած ենք «նախնական» (primitif): Բնաւ մտածա՞ծ ենք, թէ այդ «նախնական» համարուած ընկերութիւններու մարդիկ ինչպէ՛ս կը տեսնեն եւ կը դատեն մեզ: Տարբերութիւնը նախնականութիւն չէ:

Այս վերաբերումը, ընկերութիւն մը գերադաս կամ ստորադաս համարելու, ազգերու եւ ժողովուրդներու միջեւ գերադասութիւն կամ ստորադասութիւն տեսնելու, նոյն ժողովուրդին մէջ անգամ դասակարգեր տեսնելու, անհասկացողութիւններու, տիրակալութիւն տարածելու, պատերազմներու եւ ամէն կարգի չարութեանց պատճառ

եղած է: Այսինքն տարբեր ըլլալը ստորադասութեան-ստորակայութեան պատճառ պէտք չէ ըլլայ, նոյնիսկ պէտք չէ խօսիլ հաւասարութեան մասին, այլ պարզապէս` բնական տարբերութեան իրաւունքի մասին:

Վասն տեսական հաւասարութեան եւ նոյնութեան` վարդապետութիւններ ծնունդ առին, այսօր այդ ընթացքը հեղեղային է: Եթէ երէկ այդ կ’ընէին աշխարհակալները, այսօր այդ կ’ընէ տնտեսական տիրակալութիւնը, արտադրողական-սպառողական մշակոյթ-ընկերութիւնը: Թուաբանական հաւասարութիւնը չյաջողեցաւ` Հռոմէն մինչեւ խորհրդային սովետամարդու համակարգ, իրենք զիրենք տիեզերական համարող կրօններ, որոնք բացարձակ ճշմարտութեան իրաւունք ինքնաշնորհեցին: Այս ինքնախաբէութեան միտումը կը շարունակուի, եւ այդ լաւատեսութիւն չի ներշնչեր մարդկութեան եւ անոր բնօրրան մոլորակին համար:Ան այսօր կը փոխարինուի միօրինականացումով, մեր բոլորին մասնակցութեամբ եւ մեղսակցութեամբ, standardasition:

Ո՞վ այսօր կրնայ որոշել, որ Աւստրալիոյ բնիկ ապորիժենները նուազ լաւ են, քան` սկովտիացիները կամ մարոքցիները, եւ ըսել, որ ինք ճիշդ է: Մարդիկ այս կամ այն հորիզոնականի եւ միջօրէականի տակ, բնութեան հետ եւ իրարու հետ իրենց յարաբերութիւններու իւրայատուկ ոճը ստեղծած են, այդ ոճը դարերու ընթացքին դարձած է մշակոյթ: Ամերիկացի գինականները չեն խօսիր ընդհանրապէս Մշակոյթի մասին, գլխագիր, այլ կը խօսին մշակոյթներու մասին, տարբեր պայմաններու եւ կաղապարներու մէջ ծնած եւ զարգացած, կ’ըսեն` patterns of culture:

Որպէս իմաստասիրութեան ուսուցիչ` աշակերտներուս կը թելադրէի կարդալ Քլոտ Լեւի-Սթրոսի Պրազիլի «նախական» կոչուող ընկերութիւններուն մէջ իր ապրած փորձառութիւնը, արկածախնդրութիւնը, որոնց մասին կը խօսի իր գիրքը` «Տխուր արեւադարձային աշխարհներ» (Tristes tropiques), երբ ան կրցած էր ներսէն դիտել, զգալ, թրթռալ այդ մարդոց հետ, հասկցած էր, որ անոնց աշխարհը տեսնելու կերպը պարզապէս տարբեր է, ո՛չ աւելի լաւ, ո՛չ աւելի վատ: Ժողովուրդները, անոնք ապրին Թիպեթի բարձունքներուն վրայ թէ Միջերկրականի գեղածիծաղ ափերուն, չեն կրնար զարգացնել ո՛չ նոյն զգայնութիւնները, ո՛չ նոյն մտածումները, ո՛չ ալ նոյն ընկերային յարաբերութիւնները, քանի որ շրջապատ-բնութիւնը մաս է մեզի, կը թելադրէ:  Եթէ միայն նկատի ունենանք ընկերային առաջին բջիջը` ընտանիքը, կը տեսնենք, որ մեզի համար զարտուղի եւ անբնական համարուող ընկերային կառոյցներ կան: Կեանքի եւ մահուան ըմբռնումները, բարքերը այնքան կը տարբերին մէկ ընկերութենէն միւսը:

Մէկը միւսին նմանող «աշխարհներէն» «տարբերներ»-ու հանդիպած է Լեւի-Սթրոս, տարբեր մշակոյթներ, ըմբռնումներ, սկիզբի եւ վերջի մասին տարբեր բացատրութիւններ եւ համոզումներ լսած եւ տեսած է, ինչ որ կը բանայ իմաստութեան դուռը: Ի վերջոյ, մարդիկ միշտ ալ գտնուած են մեծ հարցականներու առջեւ, տրուած պատասխանները երբեք նոյնը չեն եղած, ուրեմն բացարձակը մարդկային չէ: Իր կեանքի վերջին տարիներուն Լեւի-Սթրոս ըսած էր, որ չէր սիրեր այն աշխարհը, ուր կ’աւարտէր իր կեանքը, քանի որ հազարամեակներու ընթացքին ստեղծուած կեանքի ոճեր, կենսաձեւ, աշխարհը տեսնելու կերպեր կը քակուին, կը քանդուին, կը վերացուին, ըստ տեսութիւններու, ընթացք, որ չի կասիր: Մարդիկ եւ ընկերութիւններ կարծէք գիտաշխատանոցի փորձի առարկաներ են, կ’անջատուին բնութեան կարգէն:

Լեւի-Սթրոսի ընթերցումը, ըսի, իմաստութեան կը տանի: Մոլորակի մարդոց միջեւ յայտնուած եւ յայտնուող տարբերութիւնները էականութիւն չունին, բնութիւնը մարդիկը տարբեր չէ ստեղծած, տարբերութիւնները հետեւանք են մշակոյթի, այսինքն ցեղային տարբերութիւնները բնութենէն չեն ժառանգուիր, այլ` կենսաձեւէ, ուրիշներու հետ յարաբերութիւններէ: Ո՛չ գերակայութիւն, ո՛չ ստորակայութիւն, հետեւաբար` ո՛չ անհանդուրժողութիւն:

Լեւի-Սթրոս գիտնական է, բայց իր գիրքերը հետաքրքրական են ոչ միայն գիտուններուն համար, այլ` բոլորին, որովհետեւ անոնցմով կը ճամբորդենք մեր սովորական «աշխարհագրութիւններ»-էն անդին` տարածական, քաղաքակրթական, մշակութային, կենցաղային, բարոյական, ընտանեկան-ժառանգական, կրօնական, արտադրական-սպառողական եւ այլ, եւ կը վարժուինք հարցերուն մօտենալ, յարաբերականութեան տեսանկիւնէ: Եւ յանկարծ կրնանք մենք մեզի հարց տալ, որ մեր քաղաքակրթութիւնը` ճարտարուեստական, գիտական-ճարտարագիտական, կրնա՞յ մարդկութեան ապագան ըլլալ, կամ կրնա՞յ այդ ապագան մոխրացնել: Ի՞նչ բանի կրնայ ծառայել ուրեմն ընդհանուր բացատրութեամբ բնորոշուող եւ գերադաս համարուող արեւմտեան կոչուած քաղաքակրթութիւնը:

Պէտք է մտածել այն մասին, որ «նոր աշխարհակալութիւն»-ը` համաշխարհայնացումը, կրնայ տարբերութիւնները անհետացնելէ ետք, առաջնորդել միօրինականցման: Մտածել` համատարած «ճին՛զ» տաբատի եւ «համպըրկըր»-ի մասին: Եւ զարմանալին այն է, որ տկարը, տարբերը, նաեւ այսօր տկարացած երէկի զօրաւորը եւ ստեղծագործողը կը մտնեն «երջանկացնող» միօրինականացման խաղին մէջ: Այդպէս ըրած էր գաղութարարութիւնը: Այսօր ժողովուրդներ եւ երկիրներ իրենք ընդառաջ կ’երթան միօրինականացման` ենթարկուելով իր անունը չըսող կայսերապաշտութեան մը, որ կը շարունակէ դրամի կայսերապաշտութիւնը, բայց տարբեր է, հետեւանքներն ալ պիտի ըլլան տարբեր, քանի որ մշակութային ինքնուրոյնութիւններ հետզհետէ, հաւանօրէն շատ աւելի արագ, քան ինչ որ կը նախատեսենք, պիտի նոյնանան… կամ չքանան:

Ինչպէս բնութեան տարբերութիւնները գեղեցիկ են, անապատ թէ սառուցեալ ովկիանոս, Միջերկրականի ծովափ թէ Քիլիմանճարօ, այդպէս ալ գեղեցիկ են մշակութային տարբերութիւնները, մարդուն մէջ գտնուող ինքնուրոյն հանճարին արտայայտութիւնները:

Ինչպէ՞ս պահել: Ինչպէ՞ս պաշտպանել:

Աւելի ճիշդ պիտի ըլլայ ըսել` պաշտպանուիլ: Կազմակերպել դիմադրական շարժում, ընդդիմութիւն:

Յառաջդիմութեան դէմ կամ յետադիմական ըլլալու մեղք պէտք չէ փաթթել բոլոր անոնց վիզին, որոնք, օրինակ, կ’ըսեն, թէ «ճինզ» տաբատը ի՞նչ գործ ունի Հայաստանի Խաչիկ գիւղին մէջ, կամ` «շաուրմա»-ն եւ «համպըրկըր»-ը Երեւանի մէջ, երբ կայ, եղած է «խորոված»-ի հին, շա՛տ հին աւանդութիւն… Հայէն «կովարա՞ծ» (cowboy) պիտի սարքուի… Օրինակ էր: Կրնաք ըսել` լիբանանցիէն, ճափոնցիէն, ֆրանսացիէն կամ մատակասկարցիէն…

Հարկ է Լեւի-Սթրոս կարդալ` տեսնելու համար տարբերութիւնները եւ անոնց յարաբերականութիւնները. ո՛չ գերադաս, ո՛չ ստորադաս, ո՛չ աւելի լաւ, ո՛չ աւելի վատ: ՏԱՐԲԵ՛Ր…

Եթէ ըմբռնենք, որ մշակոյթներու անհետացումը բարիք չէ, որ անոնց համակեցութիւնը եւ ազնիւ յարաբերութիւնը հարստացնող է, մարդոց եւ ընկերութիւններու միջեւ կը հասնինք խաղաղութեան, փոխըմբռնումի, փոխհարստացման:

Իսկ այսօր համաշխարհայնացումը կ’ընթանայ դէպի միօրինականացում, ինքնուրոյնութիւններու կորուստ:

Եզրակացնելու պէս սկսինք մտածել Քլոտ Լեւի-Սթրոսի հետ: Ան կը գրէ.

«Մշակոյթներու տարբերութիւնն է, որ անոնց հետ հանդիպումը կը դարձնէ արգասաբեր: Արդ, այս հասարակաց խաղը զիրենք կ’առաջնորդէ տեւաբար ընթացող միացման: Այս հանդիպումներէն մշակոյթները կը շահին իրենց տարբերութիւններուն պատճառով, բայց անոնք պատճառ կ’ըլլան, որ տարբերութիւնները նուազին, մինչեւ որ վերջնականապէս անհետանան»:

Այսինքն, մշակոյթներ, անոնք ըլլան փոքր թէ անցեալի մեծեր, կրնան անհետանալ, եթէ չկազմակերպեն իրենց դիմադրական պայքարը:

Ընկերութեան մէջ յարաբերական տեսիլք ունենալու վերաբերումը կը բերէ մեզի Լեւի Սթրոս:

Ինչո՞ւ հայերէնի չեն թարգմանուիր Լեւի-Սթրոսի գործերը, որպէսզի ընկերութիւններու հոլովոյթը հասկնան հայկական զանգուածները նաեւ` կարենալ ճիշդ կողմնորոշուելու համար:

30 հոկտեմբեր 2018, Նուազի-լը-Կրան

 

Չափահասներուն Համար Լեկօ՞

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Մարդիկ զանազան պատճառներով, մանաւանդ վերջին տասնամեակներուն, ճնշուած եւ ընկճուած են: Ձերբազատելու համար զանազան միջոցներ ու  ձեւեր կը փնտռուին: Բրիտանական «Տէյլի Մէյլ» թերթը այս առնչութեամբ վերջերս հրապարակած է հետաքրքրական յօդուած մը: Ընկերային ցանցերուն մէջ նոյնպէս կան չափահասներու կարծիքներ:

Ն.

Լեկոն Իսկապէս Կրնայ Քեզի Օգնել` Պատ Մը Բարձրացնելու Ընկճուածութեան Դէմ

Ծնողներ օրական մինչեւ վեց անգամ ընկճուած կը զգան իրենց զաւակներուն պահանջներուն պատճառով: Այս մասին կը նշէ վերջերս հրապարակուած ուսումնասիրութիւն մը:

Շատ ալ զարմանալի վիճակագրութիւն մը չէ: Սակայն գիտական ապացոյցներու կուտակումը ցոյց կու տայ, որ մեր երեխաներու գիրքերէն տերեւ մը առնելը կրնայ օգնել մեզի` աւելի լաւ յաղթահարելու ճնշուածութիւնը:

Հաւատաք, թէ ոչ, ժայռ մագլցիլը, երգելը եւ լեկոներով տուներ կառուցելը կ՛ըսուի, որ արդիւնաւէտ են չափահասներու համար, մեղմացնելու ճնշուածութիւնը:

Լուրը ճիշդ ժամանակին հրապարակուեցաւ, որովհետեւ լեկոյի բոլորովին նոր հաւաքածոները ստեղծուած յատկապէս  չափահասներու  համար` Ֆորմա անունով, պիտի սկսին վաճառուիլ Կաղանդէն առաջ:

Բայց կերպընկալէ կտորները իսկապէս կրնա՞ն օգնել` պայքարելու համար ընկճուածութեան եւ հոգեկան-մտային առողջութեան անընդհատ աճող խնդիրին դէմ: Կամ պարզապէս խորամանկ առեւտուր է:

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Լեկօ Ֆորմայի նմուշները կազմելը չափահասներու համար նախատեսուած ստուգում մըն է

Ինչպէ՞ս լուրջ խաղը կրնայ աւելի լաւ միտք կառուցել

Լեկոն կը սկսի վաճառել չափահասներու համար իրենց նոր  հաւաքածոն` իբրեւ ամէնօրեայ ճնշումներէ փախչելու միջոց: «Լեկոյի խորանարդներով կառուցելը կը նուազեցնէ ընկճուածութիւնը եւ կը բարելաւէ ձեր զգացողութիւնը: Ատիկա ձեւով մը «եոկա է` խորանարդներով», կամ` ատոր նման բան մը, կը պնդեն անոնք ծանուցումին մէջ:

Լեկոն, ակներեւ է, յայտնաբերած է երկու ամէնէն  կարեւոր ժամանակակից միտումներ: Առաջինը` ցանկութիւնն է ժամանցի, որ թոյլ կու տայ մեզի օգտագործել մեր ձեռքերը, նոյնպէս մեր երեւակայութիւնը` սմարթֆոներու եւ համակարգիչներու գերակշռող կեանքին դէմ ակներեւ հակադարձը: Ասիկա լաւ լուր մըն է` նկատի առնելով այն, որ վիրաբուժ մը վերջերս դժգոհութիւն կը յայտնէր, որ  իր ուսանողներուն մէկ մեծ  հմտութիւնը կը տուժէ պէտք եղածէն աւելի արհեստագիտութիւններու վստահելու պատճառով: Երկրորդը ընկճուածութիւնը եւ ճնշուածութիւնը  նուազեցնելու  միջոցներու  որոնումն է. ի՞նչ կրնանք ընել, մեզ ամէն օր խանգարող այս խոչընդոտներէն զերծ մնալու համար:

Լեկոյով խաղալը կրնա՞յ ատիկա ընել:

Իրականութեան մէջ` կրնա՛յ եւ կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ: Թայուանցի մասնագէտները այս տարեսկիզբին  հրատարակուած ուսումնասիրութեան մը ընթացքին խումբ մը  աշխատակիցներէ խնդրած են մասնակցիլ «Լեկօ-հիմքի վրայ աշխատավայրին մէջ ճնշուածութիւնները մեղմացնելու  սեմինարին»:

Ուսումնասիրութեան մասնակցած մարդիկ տրամադրութեան, ընկճուածութեան մասին հոգեբանական հարցումներու պատասխանեցին «լուրջ խաղերով» զբաղելէ առաջ եւ ետք:

Երկու ժամուան ընթացքին զանոնք խրախուսեցին` օգտագործելու իրենց երեւակայութիւնը լեկոյով բաներ մը կառուցելու համար, ապա իրենց կառուցածը օգտագործել իրարու պատմելու համար:

Սեմինարին մասնակցիլը չնուազեցուց բազմաթիւ ճնշուածութիւնները, սակայն անմիջական դրական ազդեցութիւն ունեցաւ քանի մը անհանգստութեանց վրայ:

Ասիկա շատ աւելի լայն եւ լուրջ խաղային շարժումին մէկ մասն է. կիրարկել խաղային մօտեցում` խնդրի լուծման մէջ, ստեղծագործական հանդիպումները խաղերու վերածելով: Ստեղծելով զուարճալի միջավայր, ուր մարդիկ կրնան կիսել գաղափարները, անոնք աւելի նուազ պրկուած, «դատուած» կը զգան, եւ աւելի հաւանական է, որ գաղափարները արտայայտեն կամաւոր:

Յոյս կայ, որ նոքաութի ազդեցութիւնը կը բարելաւէ արտադրողականութիւնը եւ կը նուազեցնէ ընկճուածութիւնը:

Ինչո՞ւ Չափահասները Կ՛օգտագործեն Լեկոն`
Պայքարելու Համար Ընկճուածութեան Դէմ

Լեկոյով խաղալը կրնայ օգտակար ըլլալ մտային-հոգեկան քու բարեկեցութեանդ: Ընդունիլը, թէ դուն չափահաս ես, որ կը խաղայ լեկոյով, այլեւս ամօթալի բացայայտում մը չէ, որ տասնամեակներ առաջ կ՛ըլլար:

Ներկայիս լեկոյի բազմաթիւ եւ բազմատեսակ հաւաքածոներ կան, որոնք, առարկայի եւ գինի, առումով պատրաստուած են չափահասներու համար:

Փոքր կերպընկալէ կտորները շօշափելու ուրախութիւնը պարտադիր չէ, որ քիչ մը ժամավաճառութիւն նկատուի:

Լեկոներով խաղացող բազմաթիւ չափահասներ կը պնդեն, որ  այդ խաղը իրենց իսկապէս կ՛օգնէ  հանգստանալու եւ որոշ պարագաներու` մտային առողջութեան:

Ճէյմս Մահետի 31-ամեայ ուսուցիչ մըն է, որ լեկոն վայելած էր, երբ փոքր էր, բայց երբ պատանի եղած է, ամչցած է ատոնցմով խաղալ եւ լեկոները պահարանի մը մէջ լքած է:

Բայց երբ ողբերգութիւնը հարուածեց, ան լեկոյին վերադարձաւ, որպէսզի պայքարի ընկճուածութեան դէմ:

«Ես եւ կինս կորսնցուցինք երկու երեխայ: Ատիկա շատ ուժգին հարուածեց զիս, եւ ես իսկապէս ծանր ընկճուածութիւն եւ ճնշուածութիւն ունէի: Ես աշխատանքային օրուան ընթացքին կրնայի ինքզինքս պահել, բայց երբ տուն կը վերադառնայի, պէտք էր անպայման բան մը ընէի մնացեալ ժամանակս լեցնելու համար», կ՛ըսէ Ճէյմս Մահետի եւ կը շարունակէ. «Մտածեցի, որ թերեւս պէտք է քանի մը լեկօ առնեմ եւ փորձեմ բաներ մը կառուցել, թերեւս այդ ձեւով միտքս այլ բաներու վրայ կ՛աշխատի: Եւ այդպէս ալ եղաւ: Երբ ես լեկոյով կը զբաղէի, ընկճուածութիւնը ամբողջովին չէր անհետանար, բայց ատիկա որոշապէս օգնեց քիչ մը դադար առնելու»:

Ճէյմս Մահետի կ՛աւելցնէ. «Եւ այսպէս, լեկոյով որոշ բաներ կազմելէ, կառուցելէ ետք որոշեցի կառուցել լեկոյի իմ սեփական կտորներս, որոնցմով կազմեցի Հազարամեակի խոշոր բազէն: Ես ատիկա զետեղեցի սուրճի սեղանին վրայ: Իսկապէս սկսայ հաճոյք առնել, երբ իմ սեփական  իրերս կառուցեցի, որովհետեւ ատոր մէջ աւելի կը կորսուիմ, կը մոռնամ ամէն բան եւ իսկապէս կը վայելեմ»:

Մահետի հետագային  հանդիպեցաւ առցանց համակիրներու` իր փոքր բարեգործական խումբով անոնց օգնելու համար, սակայն լեկօ կառուցելը սովորաբար աւելի շատ անձնական հաճոյք մնաց:

«Ես մարզանքի ուսուցիչ եմ, ուրեմն մարզական լաւ վիճակի մէջ եմ: Բաւական ընկերային յարաբերութիւններ կ՛ունենամ, երբ մարզական խաղեր կը խաղամ, սակայն այդ պահերուն իսկապէս հանգիստի ժամանակ չէք ունենար», կը բացատրէ ան:

«Երբ ես իսկապէս կը տառապէի, շատ վատ էր, լեկոն  աստուածաշնչային բան մը եղաւ: Ես ամբողջ օրը աշխատանքի ընթացքին կը պայքարէի, տուն կու գայի` կը պայքարէի բոլոր ընելիքներուս դէմ, յետոյ գիշերը կը հասնէր, կը նստէի եւ երկու-երեք ժամ պայքար չէր ըլլար: Ուրեմն, կը կարծեմ, որ ոեւէ անձ, որ հոգեկան առողջութեան մասին խորհուրդ կ՛ուզէ, լեկոյով զբաղիլը լաւ բան մըն է», կ՛աւելցնէ ան:

Լեկոյի չափահաս բոլոր համակիրները այսպիսի պատմութիւններ չունին: Շատեր  ամէնօրեայ աղմուկէն փախուստի համար  կը զբաղին լեկոյով:

29-ամեայ Փիթըր Մորտեքան օրուան ընթացքին դատաւոր է, բայց գիշերը լեկոյով կը զբաղի:

«Իմ աշխատանքս բարձր կեդրոնացում կը պահանջէ եւ շատ պրկուած ու ճնշիչ է», կը խոստովանի ան: «Այնպէս որ, հաճելի է պարզապէս բան մը ընել, բոլորովին տարբեր բան մը: Ես քիչ մը կատարելապաշտ եմ, ուրեմն հաճելի է ունենալ այնպիսի բան մը, որ ձեռքերովդ կ՛ընես, եւ անիկա մեծ շատ ճշգրտութեան վրայ հիմնուած է»:

Ան կ՛աւելցնէ. «Լաւ է, որ իմ աշխատանքէս ամբողջովին տարբեր բան մը կայ, որուն ընթացքին ես այնքան ալ չեմ մտածեր, բայց կրնամ իսկապէս կեդրոնանալ եւ մոռնալ ամէն բանի մասին»:

Ժաք Տոպէյ` 29 տարեկան աշխատաւոր մը, ըսաւ, որ ինք լեկոյին վերադարձած է «Աստղերու պատերազմ» շարժապատկերին միջոցով:

«Կինս ինծի «Աստղերու պատերազմ»-ի օրացոյցի լեկօ գնեց: Դեկտեմբերի ընթացքին ամէն օր` փոքր բաներ, եւ ան յստակ կը տեսնէր, որ ես  իսկապէս հաճոյք կ՛առնէի: Ուրեմն  այդ տարուան Կաղանդին բաւական լեկօ ունեցայ: Ինծի յատկապէս հաճելի կը թուէին փոքրիկ կերպարները, եւ ես սկսայ հաւաքածոյ կազմել, ապա` զբաղիլ լեկոներով», կ՛աւելցնէ ան:

Այնտեղէն Տոպէյը սկսաւ փորձարկել իր սեփական բնօրինակներուն կառուցումը եւ, ի վերջոյ, սկսաւ մասնակցիլ լեկոյի համակիրներու ձեռնարկներուն եւ համագործակցիլ ուրիշներու հետ` միացեալ  ծրագիրներ իրականացնելու համար:

«Ես անդամ եմ  Ֆերի Պրիքս բարեգործական կազմակերպութեան, որ լեկօ կը նուիրէ երեխաներու  հիւանդանոցներուն», կ՛ըսէ ան եւ կը շարունակէ.«Եւ ես սկսայ օգնել անոնց դրամահաւաքին եւ այլ աշխատանքներու մէջ: Ատիկա ինծի համար հիմնական փոփոխութիւն մըն էր: Կը կարծեմ, որ շատ յաճախ մարդիկ քիչ մը վատ պատկերացումներ ունին չափահասներու հաւաքածոներու մասին: Անոնք կը կարծեն, թէ չափահասները մարդիկ են, որոնք չեն ուզեր, որ երեխաները խաղալիք ունենան, եւ կ՛ուզեն, որ ատոնք չպահուին: Բայց ես կը կարծեմ, որ լեկոյի համակիրները դէմ են այդ տեսակէտին, եւ ատիկա ինծի համար իսկապէս լաւ միջոց է բան մը վերադարձնելու», կը բացատրէ ան:

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Ֆերի Պրիքս-ը լեկոյի միջոցով կ՛օգնէ թէ՛ երեխաներուն եւ թէ՛ չափահասներուն

Տանի Ճարվիսը բեռնատարի 37-ամեայ վարորդ մըն է եւ Բրիտանիոյ մէջ լեկոյով առարկաներ  կառուցողներէն ամէնէն յարգուածներէն մէկը:

Տան մէջ երեք երեխաներու ներկայութեան պատճառով, ան լեկոյով կը զբաղի վերնատան մէջ, ուր մեծ հաւաքածոյ մը ունի:

«Երբ առաջին անգամ լեկոյին վերադարձայ, ես առանձին կ՛ապրէի տան մէջ: Ընկեր մը ինծի բերաւ մօրը վերնատան մէջ գտած լեկոյի տուփ մը, որպէսզի ես զբաղիմ, հաճելի ժամանց մը ունենամ: Ես միշտ հաճոյք կ՛առնէի շինարարական նիւթերէ: Այսպիսով, ես ստացայ իմ ուզածս, ապա յայտնաբերեցի առցանց հանրութիւնը եւ լեկոյի զանգուածային աշխարհը»:

Անոնց նման` Ճարվիս սկսաւ լեկոյի սարքեր գնել, բայց աստիճանաբար սկսաւ կեդրոնանալ իր սեփական նմուշներուն վրայ եւ ատոնք ցուցահանդէսներու ներկայացնել:

«Ես միշտ եղած եմ բաւական ստեղծագործ, երբ ես երեխայ էի, խաղալիքներ օգտագործելով` քարայրներ եւ այդպիսի տեսարաններ կը շինէի: Այնպէս որ, մէջս միշտ բան մը եղած է», կ՛ըսէ Ճարվիս:

«Նոյնիսկ հիմա կինս կ՛ըսէ, որ չափահասի մը համար ես դեռ մանկունակ եմ, որովհետեւ երեւակայութիւնս եւ ստեղծագործելու կարողութիւնս տակաւին բաւական ուժեղ են: Այդպէս կ՛ըսէ, որովհետեւ կինս կը ճանչնայ ինծի տարեկից  բազմաթիւ տղամարդիկ, որոնք կորսնցուցած են այդ կարողութիւնները»:

Ըստ Ճարվիսի, իր լեկօ «Աստղերու պատերազմ» հաւաքածոն շուրջ 300 շարք ունի, բայց այժմ ինք աւելի շատ հետաքրքրուած է իր ստեղծագործութիւնները կառուցելով, առանց հետեւելու ուղեցոյցներու:

Ատիկա ընելու համար ան պէտք է մեծաքանակ լեկօ ունենայ: Ան կ՛ըսէ, որ այժմ ունի մէկէն մէկուկէս միլիոն կտորներ, որոնց  ընդհանուր արժէքը 20- 25 հազար տոլար է:

Ինչպէս միւսները, Ճարվիս եւս կը խորհի, որ լեկոյով զբաղիլը  միջոց մըն է` հանգստանալու եւ որակաւոր վայելք մը ունենալու:

«Հիմնականին մէջ ես կը ստեղծեմ եւ կը կառուցեմ,  որովհետեւ ատիկա իմ  փախուստս է: Ես վերնատուն կ՛երթամ, աշխարհի բոլոր դժուարութիւնները կը մոռնամ եւ ամբողջովին կը հանգստանամ», կ՛ըսէ Ճարվիս: Ան կ՛աւելցնէ. «Եթէ օրուան մէջ ծանր եւ լարուած աշխատանք մը ունենամ եւ տուն վերադառնալով` տեսնեմ, որ երեխաները կը վազեն, կը պոռան, կը պատահի, որ իսկապէս ընկճուիմ: Միայն այն ատեն լաւ կ՛ըլլայ, երբ բոլորը կը քնանան, ձայն չի մնար, եւ ես քանի մը ժամ լեկոյով բան մը կը կառուցեմ: Այդ պարագային առաւօտեան կ՛արթննամ բոլորովին թարմ ու երջանիկ»:

Տոպէյը կ՛ըսէ, որ հանգստանալու համար լաւագոյն ժամանցը լեկոյով բան մը կազմելն է:

«Ատկէ ես հաճոյք կ՛առնեմ, կառուցողական է:Կը կարծեմ, որ բազմաթիւ զբաղումներ կան, որոնք մարդիկը կը հանգստացնեն, բայց իմ տարիքիս բազմաթիւ անձերու համար ատիկա վիտէօ-խաղերը կամ այդպիսի բաներն են: Յաճախ չես զգար, որ բան մը ետ կ՛առնես քու ըրածէդ: Մինչ երբ լեկոյով բան մը կը կառուցես, աւարտելէ ետք շօշափելի բան մը կը մնայ քեզի, կը դիտես եւ կրկին կը վայելես եւ կը գնահատես ըրածդ: Ատիկա իսկապէս քեզ բանի մը վրայ կը կեդրոնացնէ», կ՛ըսէ ան եւ կը շարունակէ.

«Դուք կրնաք առնել պարզ շարք մը, որ կարելի է կառուցել հինգ վայրկեանէն, եւ ատոր ետին ունենալ շարժապատկեր կամ այլ բան մը: Կամ դուք կրնաք աւելի մեծ շարքով մը զբաղիլ եւ իսկապէս երկար ժամանակով մխրճուիլ ատոր մէջ: Եւ գոյութիւն ունին այնպիսի թեքնիքներ, հնարամտութիւններ, որոնց համար կը սկսիք մտածել, թէ ատոնք ինչպէ՛ս կրնաք ուրիշ տեղ կիրարկել: Այս ձեւով կը տարուիք, կը մոռնաք ձեր հարցերը, եւ նոյնպէս ատկէ ետք ձեզի բան մը կը մնայ»:

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Տան Ճարվիս մրցանակ շահած ստեղծագործութիւնը

«Ես բախտաւոր եմ, իմ կինս լեկոյով զբաղող է: Ոչ այնքան, որքան ես, բայց ան Հարրի Փոթըրի մեծ համակիր է: Այսպիսով Հարրի Փոթըրի բնաբանը լեկոյով կառուցելը կը նշանակէ, որ… մենք նախապէս այցելած ենք լեկոյի վաճառատուն եւ գնած` գրեթէ բոլոր շարքերէն երկուքական օրինակ: Ուրեմն մենք կը մտածենք միասնաբար կառուցել Հոկուարթսէն քանի մը հատուածներ: Այնպէս որ, այդ ճակատին վրայ բաւական լաւ է»:

Տոպէյը խօսելով իր հաւաքածոյին մասին` ըսաւ. «Եթէ ոեւէ մէկը ինծի ըսէ, որ այս տարիքիս  լեկոյով զբաղիլս քիչ մը տարօրինակ է, անոր կ՛ըսեմ, որ ես այս մէկը գնած եմ 15 սթերլինի եւ կրնամ ատիկա վաճառել 60-ի, եթէ ուզեմ»:

«Բայց ես այլեւս ատոր դրամական արժէքին չեմ նայիր: Ես կ՛անդրադառամ, որ իրականութեան մէջ դրամական արժէքը նշանակութիւն չունի: Լեկոյէն այլապէս իմ ստացածս է կարեւորը: Ես հաճոյք կ՛առնեմ ատկէ, կը վայելեմ, ատիկա կ՛օգնէ  ինծի հանգստանալու եւ շատ արժէքներ ստանալու: Ատիկա ստեղծագործական բան մըն է, որ  նոյնպէս կ՛օգնէ ձեզի` մաքրելու ձեր միտքը»:

Հարիւր Դէմք` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

 Զօր. Թովմաս Նազարբէկեան

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Զօրավար Թովմաս Նազարբէկեան (Նազարբէկով). ռազմական գործիչ, ռուսական բանակի զօրավար-հազարապետ, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան զօրավար տեղակալ, գլխաւոր հրամանատար Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան, սպարապետ, ազգային հերոս, անկուսակցական: 1918 մայիսեան հերոսամարտերու ընդհանուր հրամանատար: Ծնած է 4 օգոստոս 1855-ին, Թիֆլիս, ունեւոր ընտանիքի յարկի տակ: Ընդհանրապէս ռուսական շրջանակի մէջ կազմաւորուեցաւ, զինուորականի իր կրթութիւնը ստացաւ Մոսկուայի մէջ. ցարական զինուորական բարձրագոյն վարժարանը աւարտեց եւ նորահաս սպայ էր տակաւին, երբ ռազմական իր տաղանդին ու քաջագործութիւններուն կրակի մկրտութիւնը ստացաւ 1877-1878 թուականներուն ռուս-թրքական պատերազմի ընթացքին: Բայց յատկապէս 1904-1905 թուականներուն ռուս-ճափոնական պատերազմին գնդապետի աստիճանով իր մասնակցութեամբ է, որ Նազարբէկովի հերոսական սխրանքները մեծ հռչակ ապահովեցին անոր եւ արժանացուցին ցարական բանակի հրամանատարութեան ոսկեայ սուրի պարգեւին:

1903-1905 թուականներուն նաեւ ցարական Ռուսիոյ հակահայ ոտնձգութիւններու ժամանակաշրջաններն էին: Հայ եկեղեցապատկան կալուածներու բռնագրաւման փորձով իր բարձրակէտին հասած «Հայաստանն առանց հայու» ցարիզմին ծաւալած հալածանքը իր հակահայ դրսեւորումը ունեցաւ նաեւ ռուս կայսերական բանակէն ներս, երբ հայ ծագումով բարձրաստիճան զինուորականները հեռու պահուեցան զօրաբաժիններու հրամանատարութեան իրենց պաշտօններէն:

Նոյնը պատահեցաւ նաեւ զօր. Նազարբէկեանի պարագային, որ անվարան ներկայացաւ իր գերադասին եւ ներկայացուց ցարական բանակէն իր հրաժարականը` խրոխտութեամբ յայտարարելով, թէ ո՛չ միայն հայկական ծագում ունի, այլեւ լիարժէք հա՛յ է ու հպարտ է իր հայութեամբ:

Ամբողջ տասը տարի ռուսական բանակէն հեռու մնալէ ետք, 1914-ին, Ա. Աշխարհամարտի բռնկումին հետ, ցարական քաղաքականութիւնը շրջադարձ ապրեցաւ հայութիւնը ներգրաւելու նպատակով, ռուսական բանակի վերին հրամանատարութիւնը վերստին ծառայութեան կանչեց զօր. Նազարբէկեանը` անոր յանձնելով Կովկասեան Բ. հրացանաձիգ զօրաբաժինի հրամանատարութիւնը:

Ա. Համաշխարհային պատերազմի ժամանակ կռուած է Կովկասեան ճակատին վրայ, 1914 հոկտեմբեր 22-էն եղած է Կովկասեան 2-րդ հրաձգային զօրագունդի, իսկ 18 նոյեմբեր 1916-ին Կովկասեան 2-րդ հրաձգային բաժինի հրամանատար:

16-18 ապրիլ 1915-ի Տիլմանի ճակատամարտին զօր. Նազարբէկեան ջախջախիչ պարտութեան մատնեց հարաւ-արեւելքէն` պարսկական սահմանէն Հայաստանի ուղղութեամբ արշաւող Խալիլ փաշային զօրքը, որուն համար արժանացած է Գէորգիեւեան խաչի 4-րդ աստիճանի շքանշանին:

Զօր. Նազարբէկեան մարտական հմտութիւն ցուցաբերեց, երբ մուտք գործեց Պիթլիս, ազատագրեց Մուշը եւ արշաւեց Վանի ուղղութեամբ եւ ազատագրեց Վասպուրականի հայութիւնը:

1917-ին Թիֆլիս հաստատուած Հայ ազգային խորհուրդը հայկական զօրաբանակի ընդհանուր հրամանատար նշանակեց զօրավար Նազարբէկեանը:

Զօրավար Թովմաս Նազարբէկեանը, որ դարձած էր զինուորական մեծահռչակ հեղինակութիւն, երբ քայքայուած ճակատի վերակազմակերպման համար Թիֆլիսի Հայ ազգային խորհուրդին կողմէ, երկար վարանումներէ ետք, դիմում ստացաւ, հանգստեան կոչուած 62 տարեկան հայազգի զօրավարը, Թիֆլիսի իր բնակարանի դահլիճին մէջ, երկարօրէն ունկնդրելէ ետք Ազգային խորհուրդի պատուիրակներուն բացատրութիւններն ու խնդրանքները, դանդաղօրէն կը բարձրանայ, կ՛իջեցնէ պատէն կախուած զօրավարի սուրը, կը կապէ մէջքին եւ պարթեւահասակ ու թիկնեղ` բարեւի կը կենայ իր ժողովուրդի ներկայացուցիչներուն դիմաց:

Առնականօրէն շքեղ եւ պատկառելի էր հայոց սպարապետ Թովմաս Նազարբէկեանը: Հակառակ իր յառաջացեալ տարիքին` երիտասարդական խանդով ոտքի ելաւ եւ իր սուրն ու հմտութիւնը գործի լծեց հայ մարտական ուժի վերականգնումին նպատակով:

Հայոց սպարապետը` զօր. Նազարբէկեան ազգային-ազատագրական պայքարի եւ ֆետայական կռուի կարգապահ եւ խիզախ դպրոցը անցած հայ յեղափոխականներով` Անդրանիկ ու Դրօ, Քեռի ու Նժդեհ, Ռուբէնով ու Արամ Մանուկեան, հրամանատարական իր կազմերը շրջապատեց:

Թովմաս Նազարբեկեանի ընդհանուր հրամանատարութեամբ հայկական զօրքերը 1918 մայիսի երրորդ տասնօրեակին կասեցուցին թուրքերու հետագայ առաջխաղացումը Վանաձորի (Ղարաքիլիսա) ուղղութեամբ:

Ռուսացած ու ռուս կայսերական բանակին մէջ կազմաւորուած եւ մարտական փայլուն ասպարէզ նուաճած զօրավար Նազարբէկովը, իր ազգային արմատներուն ամբողջապէս տէր կանգնելով, հայ ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան եւ ազգային ազատագրութեան թէժ մարտերը ղեկավարող փայլուն հրամանատարը դարձաւ, Հայաստանի անկախութեան կերտումի ճակատամարտերուն մէջ հիմնական ներդրում ունեցաւ եւ դարաւոր գերութենէ ազատագրուած հայ ժողովուրդին ու Հայաստանի ազգային բանակին հիմնադիր սպարապետը եղաւ:

Զօր. Նազարբէկեան պատմակշիռ ներդրում ունեցաւ Հայաստանի անկախութիւնը կերտած Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի հերոսական ճակատամարտերու ղեկավարման մէջ` այնուհետեւ արժանանալով նորաստեղծ Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային բանակի սպարապետի բարձրագոյն պաշտօնին:

25 մարտ 1919-ին` Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուորական խորհուրդի նախագահ եւ զօրքերու հրամանատար: 15 յուլիս 1919-ին անոր շնորհուած է զօրավար-տեղակալի կոչում:

Հայաստանի Հանրապետութեան սպարապետ զօր. Թովմաս Նազարբէկեանի դերը հայկական զօրաբանակի ստեղծման մէջ անուրանալի է:

Հայաստանի անկախութեան հռչակումէն ետք, Նազարբէկեանի որոշումով, հայ զինուորը կ՛ունենայ իր յատուկ համազգեստը` ռուսականի փոխարէն, հայերէնի կը թարգմանուի զինուորական կանոնագիրքը ու հայերէնով կը տրուին հրամանները:

Խորհրդային կարգեր հաստատուելէ ետք, Լենին-Քեմալ մեղսակցութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան տիրացած հայանուն պոլշեւիկները իրենց առաջին հարուածը ուղղեցին հայոց սպարապետին` յունուար 1921-ին. 1200 սպաներու հետ զայն հետիոտն աքսորելով մինչեւ Մոսկուայի մերձակայքը: Ապա` Ռյազանի համակեդրոնացման ճամբար:

Թէեւ քանի մը ամիս ետք` մայիս 1921-ին, խորհրդայինները ներում շնորհեցին եւ վերջ տուին հայոց սպարապետի աքսորին, բայց զօրավար Նազարբէկեանի առջեւ վերջնականապէս փակուած էին ազգային ծառայութեան բոլոր դռները®

Ան կ՛որոշէ հաստատուիլ իր ծննդավայր Թիֆլիսի մէջ, ուր կ՛ապրի ծայրահեղ աղքատութեան մէջ: Զօրավարը գրած է իր յուշերը:

Անկախ Հայաստանի կերտման նուիրուած սպարապետ զօր. Թովմաս Նազարբէկեանը կը մահանայ 19 փետրուար 1931-ին:

Լիպարիտ Նազարեանց

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Լրագրող, իրաւաբան, լեզուագէտ, հրապարակագիր, բանաստեղծ, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:

Լիպարիտ Նազարեանց ծնած է 1868-ին, Ջալալ Օղլի, Լոռի, բարեկեցիկ ընտանիքի մէջ: Ուսումը ստացած է Երեւանի ռուսական ուսումնարանին մէջ, որմէ ետք կ՛աւարտէ Մոսկուայի համալսարանի իրաւաբանական ճիւղը. ապա` 1901-ին Պերլին, ուր համալսարանին մէջ կը հետեւի փիլիսոփայութեան:

Եւրոպայի մէջ թղթակցած է ռուսական եւ գերմանական թերթերու: Երբեմն հանդէս եկած է Ռ. Լեռնեան ստորագրութեամբ:

1905-ին Լիպարիտ Եւրոպայէն անցած է Պաքու, ապա` Թիֆլիս, մասնակցած է ՀՅԴ-ի գործօն կեանքին, ուր կը ստանձնէ «Յառաջ»-ի խմբագրութիւնը:

Օսմանեան սահմանադրութեան օրերուն կը մեկնի Պոլիս եւ նոր հրատարակուած Դաշնակցութեան օրկան «Ազատամարտ»-ի խմբագիրներէն մէկը կը դառնայ:

Պալքանեան պատերազմի նախօրէին Լիպարիտ լրագրողի պաշտօնով կ՛այցելէ Մակեդոնիա, ապա` Պուլկարիա:

Եւրոպական պատերազմի սկզբնաւորութեան Լիպարիտ Նազարեանց Գերմանիա եղած է, ապա, 1914 դեկտեմբերի վերջը Պոլսոյ գերման դեսպանին հաւանութեամբ Լիպարիտին անցագիր յանձնուած է, եւ ան Պերլինէն Պոլիս անցած է: 30 մարտ 1915-ին Լիպարիտ Սոֆիա է արդէն, ապա Պերլին` Հայեւգերման ընկերակցութեան զեկոյց տալու: Այնուհետեւ, վերստին Սոֆիա մեկնելով` ստանձնած է «Հայաստան» թերթին խմբագրութիւնը: Սոֆիա մնալով` յարաբերութեան մէջ կը մտնէ Պերլին գտնուող բժիշկ Լեփսիուսի հետ, որուն կը տեղեկացնէ հայերու տեղահանութեան եւ կոտորածներու մասին:

Լիպարիտ կարճ ժամանակ մը Ռուսիա է արդէն:

1918-ին Հայաստանի Հանրապետութեան անկախացումով, աշխարհի չորս կողմ կը նշանակուին դիւանագիտական ներկայացուցիչներ: Ուստի, Գերմանիոյ մայրաքաղաքին մէջ Լիպարիտ կը նշանակուի գործակից եւ խորհրդական` Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Ճէյմս Կրինֆիլտի (մօրը կողմէ հայ), 1919-1920 թուականներուն: Լիպարիտ դիւանագիտական յարաբերութիւններ վարած է Պերլինի եւ Մոսկուայի Քերենսքիի, ապա Թրոցքիի կառավարութիւններու հետ:

Լոզանի խորհրդաժողովին առիթով Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան կողմէ հրատարակուած ֆրանսերէն քանի մը հրատարակութիւններու պատրաստութեան մէջ Լիպարիտ եւս բերած է իր աջակցութիւնը Փարիզի մէջ:

1928-ին կ՛անցնի Եգիպտոս. Գահիրէի մէջ մնայուն աշխատակից կը դառնայ «Յուսաբեր»-ի, իսկ աւելի ետք` խմբագրութեան անդամ, նոյն ատեն անհատական դասեր կու տայ գերմաներէն, ռուսերէն եւ հայերէն լեզուներու, ինչպէս նաեւ` երաժշտական:

Լիպարիտ Նազարեանց մահացած է 23 սեպտեմբեր 1947-ին, Եգիպտոս:

Վահան Նաւասարդեան

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Վահան Նաւասարդեան. գաղափարախօս, հրապարակախօս եւ քաղաքական գործիչ, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:

Ծնած է 29 նոյեմբեր 1886-ին, Շուշի, Արցախ: 1898-ին յաճախած է Արցախի Թեմական դպրոցը, իսկ 1904 -ին` Պաքուի Ռէալականը: 1907-ին Փեթերսպուրկի համալսարանին մէջ հետեւած է հասարական գիտութեան եւ բարձրագոյն ուսումը ստացած է Ս. Փեթերսպուրկի համալսարանին մէջ` վկայուելով տնտեսագիտութեան բաժանմունքէն:

1910-ին մասնակցած է ՀՅԴ կուսակցական-քարոզչական աշխատանքներու` Շուշիի, Պաքուի եւ Թիֆլիսի մէջ: 1905-ին կ՛ընտրուի երիտասարդ պատգամաւոր` մասնակցելու համար Էջմիածնի մէջ գումարուած Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան Ազգային ընդհանուր ժողովին, որուն կը նախագահէ Սիմոն Զաւարեան: Այդ ժողովին Նաւասարդեան կ՛ունենայ բոցաշունչ ելոյթ մը` ուղղուած ցարական իշխանութեան հակահայ քաղաքականութեան դէմ: Նաւասարդեանի սուր ելոյթին պատճառով ցարական ոստիկանութիւնը կ՛արձակէ ձերբակալման հրամանագիր մը, եւ ան կը ստիպուի փախուստի դիմել:

1913-1917 տարիներուն կը դառնայ ուսուցիչ եւ դասախօս նախ Շուշի, ապա` Գէորգեան ճեմարանին մէջ:

Ս. Փեթերսպուրկէն կը վերադառնայ Պաքու ու կը սկսի իր կազմակերպական աշխատանքներուն եւ կ՛աշխատակցի Թիֆլիսի «Հորիզոն»-ին, ապա` Ալեքսանդրապոլի (այժմ` Գիւմրի) «Յառաջ»-ին: Միաժամանակ աշխատակցած է Պաքուի` «Արեւ»-ին եւ Շուշիի «Ապառաժ»-ին:

Կովկասեան ռազմաճակարտի վերաշխուժացման կարիքը տեսնելով,  ռուսական յեղափոխութենէն ետք, ան իր ներդրումը կ՛ունենայ հայ կամաւորական ուժերու ստեղծման մէջ: Կ՛ընտրուի Ալեքսանդրապոլի Քաղաքային վարչութեան անդամ եւ յետոյ` Քաղաքային վարչութեան նախագահ:

Վահան Նաւասարդեան մայիսեան գոյամարտին իր ներդրումը կ՛ունենայ Ղարաքիլիսայի հերոսամարտի կազմակերպման մէջ:

Հայաստանի անկախութեան կերտումէն ետք իրեն կը վստահուի Թիֆլիսի ՀՅԴ-ի «Հորիզոն» պաշտօնաթերթի խմբագրութիւնը: Թիֆլիսի ոստիկանութիւնը կը սկսի զինք հետապնդել,  երբ հայ-վրացական զօրքերու միջեւ պատերազմ սկսաւ, եւ ան կը ստիպուի թաքստոցէն վարել հայ-վրացական հաշտութեան բանակցութիւնները:

Կ՛ընտրուի Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան խորհրդարանի պատգամաւոր եւ կը փոխադրուի Երեւան: Իբրեւ պատգամաւոր` իր մասնակցութիւնը կը բերէ արտաքին դիւանագիտական աշխատանքներուն մէջ ներս, կեդրոնանալով հայ-ռուսական բանակցութիւններուն վրայ:

1920-ին կ՛աշխատի ռազմաճակատի կազմակերպման ու ամրապնդման աշխատանքներուն կը մասնակցի հայ-թրքական պատերազմի ընթացքին:

Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք Նաւասարդեան կ՛որոշէ հեռանալ: Սակայն վրացական սահմանը անցնելու ժամանակ կը ձերբակալուի եւ Երեւանի մէջ կը բանտարկուի: Կը յաջողի բանտէն փախուստ տալ եւ կարճ ժամանակ կը գործէ Պոլիս, իսկ 1923-ին վերջնականապէս կը հաստատուի Գահիրէ, Եգիպտոս:

Գահիրէի մէջ կը խմբագրէ «Յուսաբեր» օրաթերթը եւ շուրջ քառորդ դար ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ կ՛ըլլայ:

Նաւասարդեան կարեւոր իր աջակցութիւնը կը բերէ Համազգային հայ մշակութային միութեան հիմնադրութեան:

Վահան Նաւասարդեան կը մահանայ 24 յունիս 1956-ին, Գահիրէ:

Յարութիւն Նանումեան

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Յարութիւն Նանումեան. ծանօթ` Զեմլեակ ծածկանունով: Հայ ազգային ազատագրական շարժման գործիչ, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:

Ծնած է Գանձակ: Խմբապետ, կամաւորական Բ. ձիաւոր խումբի հարիւրապետ:

1918-ին կը մասնակցի Բաշ Ապարանի ճակատամարտերուն եւ կը նահատակուի թուրք թշնամիի գնդակով, չորս զինուորներու հետ,  երբ կը փորձէին գրաւել բարձր դիրքեր Արագածի լանջերուն:

Յարութիւն Նանումեան կը թաղուի Երեւան:

(Շար. 15)


Հեռուստամարաթոնէն Մեծ Ակնկալիքներ Կան. Հայկակ Արշամեան

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Հարցազրոյցը` ԱՆԻ ԱՒԱՆԷՍԵԱՆԻ

Նոյեմբերի 22-ին «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին կողմէ Լոս Անճելըսի մէջ իրականացուող ամէնամեայ հեռուստամարաթոնն այս տարի կրելու է «Եկէք` արարենք միասին» խորագիրը:

Իրականացուած աշխատանքներու, «Հեռուստամարաթոն-2018»-ին ներկայացուող ծրագիրներու եւ շարք մը այլ հարցերու շուրջ «Արցախփրես»-ի թղթակիցը զրուցած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեանին հետ:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Պարո՛ն Արշամեան, «Հեռուստամարաթոն-2018»-ին ընդառաջ արդէն կատարուած են առաջին նուիրատուութիւնները: Հետաքրքրական է` այս ընթացքին եղա՞ծ են նոր նուիրատուութիւններ:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Նախ նշեմ, որ հիմնադրամը UNIBANK ARMENIA ընկերութեան կողմէ արդէն ստացած է առաջին մեծ նուիրատուութիւնը` 15 միլիոն դրամի չափով: Իսկ Թորոնթոյի տեղական մարմինն այս տարուան բարեգործական ճաշին հաւաքած է 1 միլիոն 300 հազար քանատական տոլար (1 միլիոն ամերիկեան տոլար):

Նուիրատուութիւններ, ի հարկէ, տեղի կ՛ունենան, սակայն գումարներու մասին հիմնականին մէջ կը յայտարարուին հեռուստամարաթոնի ժամանակ: Այս ընթացքին կը գտնուէի Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիա նահանգը, ուր բազմաթիւ հանդիպումներ ունեցած եմ բարերարներու հետ: Խօսած ենք Հայաստանի եւ Արցախի մէջ իրականացուելիք տարբեր ծրագիրներու մասին: Վստահ եմ, որ այս տարուան հեռուստամարաթոնին չենք սահմանափակուիր միայն արեւային ջրատաքացուցիչներու տեղադրման եւ խորքային հորերու հորատման ծրագիրներով: Այս տարուան գումարները փորձելու ենք ուղղել նաեւ կրթութեան, մշակոյթի եւ այլ տարբեր ոլորտներու, որոնք նոյնպէս հոգածութեան կարիք ունին:

Հ.- «Հեռուստամարաթոն-2018»-ի հանգանակուած գումարներով որքանո՞վ ընդլայնուելու են սկսուած ծրագիրները, եւ յստակեցուա՞ծ են արդեօք 2019-ին մեկնարկելիք նոր ծրագիրները:

Պ.- Ծրագիրներու ընդլայնումը կապուած է հաւաքուող գումարներու հետ: Որքան գումարները շատ ըլլան, բնականաբար ծրագիրներն այնքան կ՛ընդլայնին, յատկապէս ոռոգման ջուրի` խորքային հորերու առումով:

Առաջին հերթին պէտք է ուսումնասիրութիւն եւ կարիքներու գնահատում կատարուի` հասկանալու, թէ առաջնահերթաբար ո՞ր համայնքները ունին խորքային հորերու հորատման եւ կաթիլային համակարգի ներդրման անհրաժեշտութիւն: Ինչ կը վերաբերի հիմնադրամին կողմէ յառաջիկայ տարուան մեկնարկելիք ծրագիրներուն, ապա նշեմ, որ հարցը դեռ պէտք է քննարկուի Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան հետ, որ առաջնահերթ կը համարէ Արցախի մէջ ամբողջական ջրամատակարարման խնդիրը, քանի որ կան անհրաժեշտ պայմաններ` հողային տարածքները մշակելու համար, սակայն ջուրի խնդիր կայ:

Հ.- Եթէ ամփոփենք 2017-ին կատարուած աշխատանքները, քանի՞ խորքային հորեր  հորատուած եւ քանի՞ արեւային ջրատաքացուցիչներ տեղադրուած են: Ինչպէ՞ս կը գնահատէիք կատարուածը:

Պ.- Նախատեսուած էր կառուցել 18 խորքային հորեր: Այս պահին պէտք է խօսինք 14-ի մասին, քանի որ քանի մը հատին մէջ ջուր չէ յայտնաբերուած:

Խորքային հորերու հորատումը ինքնին միայն գործընթաց չէ: Հակառակ անոր որ երկրաբանական նախնական հետազօտութիւններ կատարուած են, եւ կան հին քարտէսներ, որոնց օգնութեամբ մօտաւորապէս կը պարզուի ջուրի տեղը, սակայն տարիներու ընթացքին այդ բոլորը կը փոփոխուին, եւ առանձին պարագաներու ջուրը նախատեսուածէն կա՛մ շատ, կա՛մ քիչ կ՛ըլլայ: 2017 թուականը ծրագիրի համար կարելի էր անուանել` փորձառական: Այսինքն անիկա կը կրէր փորձառական բնոյթ: Այս ընթացքին մասնագէտները եւ շինարարները աւելի հմտացած են: Յուսանք` 2018-ին աւելի լայն թափ կը ստանան խորքային հորերու հորատման աշխատանքները:

Անդրադառնալով արեւային ջրատաքացուցիչներու տեղադրմանը` ապա նշեմ, որ Շուշիի շրջանի

Քարինտակ համայնքին մէջ ներկայիս համակարգերը տեղադրուած են 60 տուներու մէջ: Սակայն աշխատանքները այնտեղ տակաւին կը շարունակուին: Եւ պէտք է նշեմ, որ ծրագիրը յաջողած է:

Հ.-  Վերջերս Արցախ կատարած այցելութեան ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանը ևս անդրադարձաւ հիմնադրամի գործունէութեան` նշելով, որ կ՛ընէ հնարաւորը, որպէսզի կարճ ժամանակի մէջ նոր գործադիր տնօրէնի գլխաւորութեամբ կառոյցը մշակէ ծրագիր, որուն շնորհիւ ալ հիմնադրամի աշխատանքները կը հասցուին աւելի բարձր մակարդակի: Այդ առումով, կա՞ն նորութիւններ:

Պ.- Այո՛, ծրագիրը կը գտնուի մշակման փուլի մէջ: Մինչեւ հեռուստամարաթոնը` պէտք է հասցնենք ծրագիրին նախնական տարբերակը ունենալ: Արդէն կան գաղափարներ եւ որոշակի պատկերացումներ: Կը մնայ միայն յանձնել թուղթին:

Հ.- Պարո՛ն Արշամեան, եւ վերջաւորութեան` ամենակարեւորին մասին: Ի՞նչ սպասելիքներ ունիք այս տարուան հեռուստամարաթոնէն:

Պ.- Ակնկալիքներս մեծ են, բայց կը կարծեմ, որ դեռ պէտք է սպասել: Յուսով եմ` ամէն ինչ լաւ կ՛ըլլայ:

 

 

 

Արթուր Խաչատրեան. «Ապրել Ազատ, Անկախ Ու Միացեալ Հայրենիքում»

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Նոյեմբեր 2-ին Նոր Ջուղայի մէջ տեղի ունեցած է Դաշնակցութեան օրուան նուիրուած հանդիսութիւն, որուն ընթացքին, որպէս բանախօս, հանդէս եկած է Հայաստանի Հանրապտութեան գիւղատնտեսութեան նախկին նախարար, ՀՅԴ անդամ Արթուր Խաչատրեանը:

«Այսօր մենք նշում ենք Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 128-ամեակը` Դաշնակցութեան օրը: Դաշնակցութիւնը հայ իրականութեան անբաժան մասն է 19-րդ դարից, իսկ այսօր արդէն 21-րդ դարն է: Այսօր` այս տօնական օրը, մենք պարտաւոր ենք եւս մէկ անգամ արժեւորել Դաշնակցութեան գործունէութիւնը, նրա տեղն ու դերը հայ իրականութեան մէջ, հայ ժողովրդի կեանքում:

Դաշնակցութիւնը մարմնաւորում է մեր ժողովրդի իղձերն ու նպատակները` ապրել ազատ, անկախ ու միացեալ հայրենիքում: Այս նպատակին հասնելու համար երեք դարերի ընթացքում տասնեակ հազարաւոր դաշնակցականներ պայքարում են սրով, գրչով եւ բահով», նշած է ան:

Խաչատրեանի խօսքով, ազատ հայրենիքը կը բացառէ որոշումներու կայացումը պարտադրանքի կամ սպառնալիքի տակ` կանխելով անհատի նկատմամբ պետութեան ու հասարակութեան կողմէ կամայական ոտնձգութիւնները եւ սահմանափակումները: «Մենք երբեք չենք ուզել ազատ կամքի բռնութիւն եւ երբեք չենք հանդուրժելու, որ մեր հայրենիքում ազատ մարդու նկատմամբ բռնութիւններ կիրառուեն, լինեն արտօնեալներ, ովքեր վեր են օրէնքից: Մենք պայքարում ենք անկախ Հայաստանի համար: Հայաստանը պէտք է վարի իր անկախ արտաքին քաղաքականութիւնը, այլ ոչ թէ այլ պետութիւնների ձեռքին խաղալիք դառնայ կամ սպասի, թէ այլ տէրութիւններ ի՛նչ խորհուրդներ կը տան ինչպէ՞ս եւ դէպի ո՞ւր շարժուել: Եւ վերջապէս, մենք պայքարում ենք միացեալ Հայաստան կերտելու համար: Հայաստանի քաղաքական ուժերից մենք թերեւս միակն ենք, որ վառ ենք պահում կորցրած հայրենիքը յետ բերելու տեսլականը», ըսած է ան:

Ըստ Խաչատրեանի, որոշ «իմաստուններ» վերջերս սկսած են Դաշնակցութիւնը քննադատել, թէ դաւաճանած են, Վանը, Արտահանը, Կարսն ու Էրզրումը ծախած են, 160 հազար տարածքէն (ոմանք ոգեւորութեան պահուն նոյնիսկ 300 հազար քառակուսի քիլոմեթր կը նշեն) 30 հազար քառակուսի քիլոմեթր թողած են, այն ալ միայն շնորհիւ անոր, որ պոլշեւիկները եկան ու փրկեցին: «Երբ լսում եմ այս քննադատներին, յիշում եմ Այնշթայնի յայտնի խօսքերը. «Աշխարհում անսահման են միայն տիեզերքն ու մարդկային ապուշութիւնը, ընդ որում` առաջինի մասով դեռ կասկածներ ունեմ»: Նրանք մոռանում են, որ մինչեւ 1918 թուականի մայիս, դարեր շարունակ հայոց գահը կորցնելուց յետոյ, Հայաստանը եղել է զուտ աշխարհագրական տեղանուն, եւ Դաշնակցութիւնն էր, որ Հայաստանը դարձեալ դարձրեց քաղաքական անուն: Դաշնակցութիւնն էր, որ կազմակերպեց եւ ղեկավարեց հայոց զինեալ պայքարը եւ ժողովրդի ինքնապաշտպանութիւնը 19-րդ դարի վերջում եւ 20-րդ դարի սկզբում: Դաշնակցութիւնն էր, որ դարերի ընդմիջումից յետոյ վերականգնեց հայոց պետականութիւնը: Անկախ պետականութեան կորստից յետոյ կազմակերպեց սփիւռքը, նուիրուեց հայապահպանութեան գործին, արթուն պահեց անկախութիւնը վերականգնելու յոյսը: Դաշնակցութիւնն էր, որ արցախեան ազատամարտի առաջին օրերից կանգնեց ռազմաճակատի առաջնագծում: Այն ժամանակ, երբ խորհրդային փերեսթրոյքայով խանդավառ ժողովուրդը «Լենին, փարթիա, Կորպաչով» էր վանկարկում, Դաշնակցութիւնն Արցախում զինեալ ջոկատներ էր ստեղծում, կամաւորներ էր զինուորագրում: Ցաւօք, նրանցից շատերը չվերադարձան տուն…

Հայաստանի անկախութեան վերականգնումից յետոյ էլ Դաշնակցութիւնը միշտ սատարել է մեր պետականութեան կայացմանը, նոյնիսկ` այն ժամանակ, երբ օրուան իշխանութիւնների կողմից քաղաքական հալածանքների էր ենթարկւում: Յիշենք 1992-ին Հրայր Մարուխեանի արտաքսումը Հայաստանից, 1994-ի դեկտեմբերին ՀՅԴ գործունէութեան կասեցումը Հայաստանում ու մեր բազմաթիւ ընկերների կալանաւորումը` կեղծ մեղադրանքով, 1995-ին նոր բանտարկութիւններ ու ընտրութիւններին մեր մասնակցութեան արգելքը», նշած է բանախօսը:

Անոր խօսքով, այո՛, ՀՅԴ-ն մաս կազմած է Ռոպերթ Քոչարեանի կառավարութեան, համագործակցած է այդ օրուան իշխանութիւններուն հետ, քանի որ մօտեցումները, մասնաւորապէս` Արցախի եւ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ու փոխհատուցման հարցերով, համընկնած են: Նաեւ, երբ Հայաստանի մէջ ՀՅԴ-ն արգիլուած էր, Արցախի մէջ Դաշնակցութեան գործունէութեան վրայ որեւէ սահմանափակում չկար:

«Սակայն, մաս կազմելով կառավարութեանը, մենք ունեցել ենք մեր ուրոյն ոճն ու ձեռագիրը` երբեք չնոյնանալով իշխող կուսակցութեան հետ, փորձելով ներսից շտկել կառավարութեան քաղաքականութիւնը: Երբեմն դա մեզ յաջողուել է, երբեմն` ոչ, կամ` ոչ այն աստիճանի, որ կը ցանկանայինք», ըսած է Խաչատրեան աւելցնելով, որ 2009-ին ալ, համաձայն չըլլալով Սերժ Սարգսեանի «ֆութպոլային դիւանագիտութեան», ՀՅԴ-ն դուրս եկաւ իշխող քոալիսիոնից եւ դարձաւ կառավարութեան անխնայ քննադատը:

Ըստ բանախօսին, 7 տարի ըլլալով ընդդիմադիր, 2016-ի գարնան ՀՅԴ-ն ընդունեց նախագահ Սերժ Սարգսեանի` նոր կառավարութեան մաս կազմելու հրաւէրը այն պարզ պատճառով, որ երկրին մէջ ընկերային-տնտեսական իրավիճակը ծանր էր, եւ հանրապետականները կը գիտակցէին, որ անհրաժեշտ է Դաշնակցութեան հետ համագործակցիլ` իրավիճակը շտկելու համար:

«Միանալով կառավարութեանը, մենք շարունակել ենք ներսից պայքարել իրական բարեփոխումների անցկացման համար` մշտապէս իշխանութիւններին մատնացոյց անելով երկրում առկայ դժուարութիւնները, ժողովրդական դժգոհութեան աճող մակարդակը, փտածութեան երեւոյթների անթոյլատրելիութիւնը, քրէական եւ պիզնես շրջանակների (այսպէս կոչուած` սակաւապետ) քաղաքական դաշտ մուտք գործելու անթոյլատրելիութիւնը: Առանձնապէս շեշտադրել էինք փտածութեան դէմ պայքարի անհրաժեշտութիւնն ու 2017 թուականին ազատ, արդար ու թափանցիկ խորհրդարանական ընտրութիւններ անցկացնելու հրամայականը: Ցաւօք, մեր նախազգուշացումները տեղ չհասան: Ընկերային բեւեռացումը, տնտեսութեան ու քաղաքականութեան մէջ քլանային համակարգի ձեւաւորումը, փտածութիւնը եւ բացայայտ աճուրդի վերածուած ու ժողովրդի տրամադրութիւնները չարտայայտող խորհրդարանական ընտրութիւնները Հայաստանում ժողովրդական ընդվզումը դարձրեցին անխուսափելի:

Զարգացումների հետագայ ընթացքին դուք անշուշտ տեղեակ էք: Ապրիլի 25-ին ՀՅԴ-ն դադարեցրեց իր համագործակցութիւնը Հանրապետական կուսակցութեան հետ եւ դուրս եկաւ քաղաքական քոալիսիոնից` իր աջակցութիւնն ու զօրակցութիւնը յայտնելով ժողովրդական շարժմանը: Մայիսի 8-ին Նիկոլ Փաշիեանն ընտրուեց Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ եւ հրաւիրեց Դաշնակցութեանը` մաս կազմելու ազգային համաձայնութեան կառավարութեանը: Կառավարութիւնում ՀՅԴ ստանձնեց նախարարական երկու աթոռ` տնտեսական զարգացման եւ ներդրումների նախարարութիւնը (աւելի յաճախ այս նախարարութիւնը կոչւում է իր հին անունով` տնտեսութեան նախարարութիւն) եւ գիւղատնտեսութեան նախարարութիւնը: Վերջինիս պատասխանատուութիւնը ստանձնեցի ես: Դաշնակցութիւնը ստանձնեց նաեւ երկու մարզերի` Արագածոտնի եւ Գեղարքունիքի պատասխանատուութիւնը», նշած է բանախօսը` աւելցնելով, որ իրենց գործունէութիւնը իրականացնելու համար դաշնակցական նախարարներն ու մարզպետները որդեգրած են  քանի մը յստակ մօտեցումներ, որոնք բխած են Դաշնակցութեան արժեքային համակարգէն, ջանք չեն խնայած իրենց ոլորտներու կամ մարզերու զարգացման համար:

Սակայն, ըստ Խաչատրեանի, Հայաստանի մէջ քաղաքական մթնոլորտը հետզհետէ կը շիկանար. քաղաքական ուժերը սկսան բաժնել սեւերու եւ սպիտակներու, յեղափոխականներու եւ հակայեղափոխականներու, քաղաքական խորհրդակցութիւնները քաղաքական ուժերու միջեւ կանգ առին, յառաջացան ջրբաժաններ, իսկ Երեւանի աւագանիի ընրութիւնները ցոյց տուին, որ ազգային համաձայնութեան կառավարութիւնը այլեւս երկար չի դիմանար: Իշխող քաղաքական ուժը` առանց կառավարութեան գործընկերներու հետ քննարկումներու, առանց համապատասխան ընտրական միջավայրի ձեւաւորման, պարտադրեց ընտրութիւնները իրագործել այս տարուան դեկտեմբերին: ՀՅԴ-ն ետ կանչեց իր նախարարները եւ ցրուեց ազգային համաձայնութեան կառավարութիւնը:

«Սակայն, նոյնիսկ այժմ, գտնուելով ընդդիմադիր դաշտում, Դաշնակցութիւնն առաջնորդւում է կառուցողականութեան սկզբունքներով` աջակցելով կառավարութեան այն նախաձեռնութիւններին, որոնք նպաստում են Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսական զարգացմանն ու հայկական երկու պետութիւնների անվտանգութեան ապահովմանը եւ անխնայ քննադատելով կառավարութեան այն քայլերը, որոնք հակասում են մեր սկզբունքներին», ըսած է բանախօսը:

Խաչատրեանը նշած է, որ Դաշնակցութիւնը դեկտեմբեր 9-ին պիտի մասնակցի խորհրդարանական ընտրութիւններուն` անկախ անկէ, որ համոզուած են, թէ քաղաքական ուժերու համար հաւասար մրցակցային պայմաններ ապահովուած չեն:

«Երկիրը կանգնած է ընտրութեան առաջ: Անցեալին արդէն վերադարձ չկայ: Այժմ պէտք է անցնել երկրի կառուցման բարդ ու պատասխանատու գործին: Դաշնակցութիւնն իր համահայկական կառոյցով ունի բաւականաչափ կամք, միտք եւ ուժ` ստանձնելու երկրի նկատմամբ պատասխանատուութեան իր բաժինը: Յոյս ունեմ, որ յառաջիկայ ընտրութիւններում Հայաստանի ժողովուրդը ճիշդ ընտրութիւն կը կատարի եւ կ’ընտրի այն ուժին, որն արդէն 128 տարի իր կողքին է, երբեք նրան չի դաւաճանել եւ առաջնորդել է ժողովրդին վճռական պահերին», ելոյթը եզրափակած է Արթուր Խաչատրեանը:

 

Ակնարկ. Պաքուն Պէտք Է Դուրս Գայ Իր Պատմական Կաղապարէն

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Արցախեւազրպէյճանական շփման գիծին կամ Հայաստանի Հանրապետութիւն-Ազրպէյճան պետական սահմանին ուղղութիւններով Պաքուի թափանցման գործողութիւններու եւ կրակոցներու համեմատական մեղմացումը առաջին հայեացքով կրնայ կապուիլ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատարին եւ Ազրպէյճանի նախագահին միջեւ եղած խօսակցութեան եւ ապա յայտարարուած պայմանաւորուածութեան ու անոր հետեւած գործնական կապին` զինադուլի խախտումի դէպքերը կանխարգիլելու առումով: Այս գործընթացներուն առընթեր Պաքուն գերիներու փոխանակման առաջարկին կու տար հրապարակային բնոյթ` խաղաղասիրական նախաձեռնութիւն առնելու ծխածածկոյթ ստեղծելով:

Ռազմական հարթութեան վրայ շարունակուող մշտադիտարկումները ունին նաեւ քաղաքական բաժին` այնտեղ նկատելու համար հայ եւ ազրպէյճանցի ժողովուրդներուն միջեւ կապեր հաստատելու ցանկութիւններու բարձրաձայնումով: Դժուար պիտի ըլլար այդ բոլորին զուտ հասարակական բնութագիր տալը` ըսելու համար, որ անոնք քաղաքական նպատակ չունին եւ որեւէ ձեւով այս կամ այն պետութեան քաղաքականութեան պարունակին մէջ չեն դիտարկուիր:

Զոյա Թադեւոսեանի արցախեան տարածքներ յանձնելու յայտարարութենէն անցնելով պաշտօնաթող դեսպան Միլզի «տարածքներ խաղաղութեան դիմաց» բանաձեւի բարձրաձայնումին, հասնելու համար Միացեալ Նահանգներու նախագահի անվտանգութեան հարցերու խորհրդական Ճոն Պոլթընի հայ -ազրպէյճանական եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացումի փոխկապակցութեան տեսակէտի փոխանցումին` երեւոյթները հասարակական ընդհանուր մթնոլորտ ստեղծելու միտումներու նախադրեալներ կը պարզեն:

Հետեւաբար, պատահական չեն ներհասարակական համարձակ ցանկութիւն-առաջադրանքներու հրապարակումները այս կամ այն քաղաքացիական գործիչին, դիմատետրի օգտատիրոջ կողմէ:

Հակամարտութիւններու ապառազմականացման կոչը կը հնչէր նախագահ Արմէն Սարգսեանի կողմէ եւս:  Յայտարարութիւնը օրինաչափ է այն առումով, որ հայկական կողմը, հետեւողականօրէն դատապարտելով ազրպէյճանական յարձակողապաշտութիւնը, միացած է միջազգային հանրութեան ընդգծած առաջադրանքին` բացառելու համար ուժի կիրարկումը եւ ընդգծելով հարցի խաղաղ կարգաւորումը:

Վարչապետ Փաշինեանի մօտեցումը` չսեփականաշնորհելու հարցի լուծումը, այլ պայմանաւորելու` համաժողովրդային հանրաքուէներով, ակնարկ վերապահած էր ուղղակի-անուղղակի, որ հարցի երկկողմանի լուծման համար նաեւ Ազրպէյճանի ժողովուրդը պէտք է կամարտայայտուի: Չսեփականաշնորհելով հարցի կարգաւորման լուծումը` անուղղակի կոչ կ՛ըլլայ նաեւ պաշտօնական Պաքուին` չսեփականաշնորհելու լուծման տարբերակի միակողմանի ընդունումը:

Իսկ եթէ ժողովուրդներուն կը վերապահուի լուծման տարբերակի շուրջ համաձայնիլը, ապա ուրեմն նոր գործընթաց կը սկսի հասարակութեան մէջ անհանդուրժողականութեան վերացման նպատակով:

Իրադրային նախադրեալներ կը նախանշեն, որ ընդհանուր այս մթնոլորտին մէջ չի բացառուիր, որ յայտնուին հայ-ազրպէյճանական հաշտեցման յանձնաժողովներ, որոնք աշխատին «պատմական կաղապար»-ներէ դուրս բերել երկու ժողովուրդները:

Արցախի հարցին ուղղութեամբ պատմական կաղապարէ դուրս գալը հայկական կողմին համար կը նշանակէ թեւակոխել երկրորդ փուլը` այս անգամ դուրս գալ դէպի Թուրքիա ձեւաւորուած պատմական կաղապարէն, ինչ որ պարզ տեսքով Պոլթընի կատարած հարցերու փոխկապակցուածութեան առարկայացման համազօր է:

Ժողովուրդներու մօտ թշնամական մօտեցումներու եւ անհանդուրժողականութեան չէզոքացումը անհրաժեշտ է որ ընթանայ բանակցային գործընթացին զուգահեռ: Պայմանով սակայն, որ զուգահեռ` այդ ուղղութեամբ գործնական, համոզիչ գործողութիւններ կատարուին: Թալիշի ռազմական յանցագործները արդարադատութեան յանձնուին, կացինահարողները պատժուելու փոխարէն չհերոսանան եւ պարզապէս Վիեննան եւ Ս. Փեթերսպուրկը յարգուին եւ չարգելակուին:

Ազրպէյճանի նախագահը վերջերս յայտարարած էր, որ հայկական ուժերը պէտք է հեռանան Ազրպէյճանի պատմական տարածքներէն: Պատմական բնութագրումը Ալիեւի կողմէ հետաքրքրական է այս պարագային: Այստեղ արդէն Պոլթընը պէտք է վկայակոչել` գիտակցելու համար, որ Ազրպէյճանը պէտք է դուրս գայ իր «պատմական կաղապար»-ներէն եւ բաց աչքերով տեսնէ այդ տարածքներուն Արցախի պատկանելիութիւնը:

«Ա.»

Թաւրիզի Հայագիտական Բ. Գիտաժողով

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Ուրբաթ, 28 սեպտեմբեր եւ երկուշաբթի, 1 հոկտեմբեր 2018-ին Ատրպատականի հայոց թեմում տեղի ունեցաւ Թաւրիզի հայագիտական Բ.  գիտաժողովը` հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանի: Ըստ կազմակերպիչ յանձնախումբի հաղորդած տեղեկութեան, գիտաժողովը ամէնամեայ դրութեամբ տեղի է ունենալու: Ինչպէս անցեալ տարի, այս տարի եւս հայագիտական տարբեր բնագաւառներում հմտութիւն ձեռք բերած շուրջ մէկ տասնեակ ուսումնասէր անձնաւորութիւններ իրենց զեկոյցներով հանդէս եկան եւ ներկայացրին իրենց ուսումնասիրութիւնների արդիւնքը: Այս տարի եւս գիտաժողովը յատուկ մէկ նշանաբան չունէր, նիւթերի այլազանութիւնը յատկանշւում էր: Զեկուցումներ ներկայացուեցին հետեւեալ բնագաւառներից. Ատրպատականի հայոց թեմի տեղական պատմութիւն եւ գիտարշաւ, Հայոց ցեղասպանութիւն, հայ հին եւ նոր գրականութիւն, երաժշտութիւն, միսիոնագիտութիւն եւ ընկերաբանութիւն: Զեկուցաբերները ժամանել էին Գերմանիոյ տարբեր քաղաքներից, Յունաստանից եւ Ճափոնից: Մերձաւոր Արեւելքի անապահով կացութիւնը նկատի ունենալով` մի շարք մասնակցիներ իրենց մասնակցութիւնից դժբախտաբար հրաժարուել էին: Գիտաժողովի լեզուն անգլերէնն էր: Ներկայ գտնուեցին թաւրիզահայ համայնքի անդամներ, որոնց շարքում երիտասարդների թիւը զգալի եւ քաջալերական էր, տեղեկացնում է Ատրպատականի ազգային առաջնորդարանը:

Թաւրիզի հայագիտական գիտաժողովները ունեն այն իւրայատկութիւնը, որ այստեղ միայն գիտական զեկուցում եւ քննարկում չէ, որ ներկայացւում է, այլ թեմի հայկական կառոյցները, վանքերն ու դրանց առնչուած բազմաշերտ պատմութիւնը գիտապտոյտների շնորհիւ լուսարձակի տակ են բերւում, հայկական անցեալ ու ներկայ կեանքի տարբեր երեսներ քննարկումի առարկայ են դառնում: Ատրպատականի հայոց պատմութեան հպանցիկ մի ակնարկ հայը հանդէս կը բերի, ի միջի այլոց, իբրեւ ճարտարապետ, քանդակագործ, վանաշէն, յեղափոխական գործիչ, մտաւորական: Հայկական ինքնութեան այս երեսները շեշտադրող ու անսպառ աղբիւր է Ատրպատականի հայոց թեմի աշխարհագրական տարածքը ամբողջութեամբ:

Գիտաժողովը կայացաւ վերոնշեալ երկու օրերին, սակայն ամբողջ շաբաթուայ ընթացքում նիւթերն ու քննարկումները անպաշտօն զարգացումներ ունեցան` երբեմն բացելով նոր մօտեցումների ծալքեր: Մի քննարկումի կարեւոր արձագանգը կարելի էր լսել, օրինակ, մէկ վանքի այցելութեան ընթացքում` առիթ տալով ծաւալումների:

Գիտաժողովի առաջին եւ հիմնական մասը տեղի ունեցաւ առաջին օրը` ուրբաթ, 28 սեպտեմբեր 2018-ին, Թաւրիզի Հայ համալսարանականների միութեան կեդրոնատեղիում, որը գտնւում է առաջնորդարանի շէնքում: Հա՞րկ է յիշել, որ նոյն այս շէնքում, որը ատենին Կեդրոնական վարժարանն է եղել, 1919-ին իբրեւ ուսուցիչ պաշտօնի էր կոչուել անուանի լեզուագէտ Հրաչեայ Աճառեանը:

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Կազմակերպիչ յանձնախմբի անունից բացման խօսքը կատարեց Իշխան Չիֆթճեանը, որ անդրադարձաւ Ատրպատականի ու յատկապէս  Թաւրիզի պատմաշխարհագրական նշանակութեան, որը պատմական ու արդի Հայաստանների, անցեալի ու ներկայի, Վանի ու Երեւանի միջեւ գտնուելով` «ընդմիջական» ինքնութեան բոլոր երեսները մատակարարել է ատենին` քաղաքականից, կրօնականից, տնտեսականից մինչեւ մշակութայինն ու կենցաղայինը: Գիտաժողովին Թաւրիզում կայացումը նա առնչեց զեկուցողների դէպի պատմական այս տարածքը այցելելու կարելիութեան հետ: Նա ուրախութեամբ շեշտեց, որ Ատրպատականի հայոց թեմը այցելող յատկապէս ակադեմական անձնաւորութիւններ անցած տարիների ընթացքում մեծ հետաքրքրութեամբ արձագանգել էին իրենց այստեղ ապրած փորձառութեանց` հրատարակելով ուսումնասիրութիւններ ու գեղարուեստական գործեր, ներկայացնելով դասախօսութիւններ Եւրոպայի տարբեր քաղաքների գիտական եւ այլ հաստատութիւնների մէջ: Նա եզրափակեց իր խօսքը հետեւեալ մտածումներով. «Վայրերն ու իրերը կա՛մ կը մեռնեն, կամ լո՛ւռ կը մնան ու կը լռեցուեն, կա՛մ էլ իրենք իրենց լեզուով կը խօսեն, եթէ մենք կարողութիւնը ունենանք դրանց խօսեցնելու` դրանց բերելով առաջուայ մէկ վիճակից դէպի այլ` նոր վիճակ: Տեսէք, իբրեւ օրինակներ, առաջնորդարանի բակում փոշիներից յառնած ձիակառքը կամ Առաջնորդարանի մուտքում կանգնած Հին Ջուղայից վերապրած երկու խաչքարերը: Այսպէս էլ մեր գիտական զեկոյցներով ու ներկայութեամբ մեր շեշտը կը բերենք դնելու այս թեմի հարուստ պատմութեան նոր էջին մէջ»: Հուսկ, նա համառօտակի ներկայացրեց իւրաքանչիւր զեկուցաբերի ու նրա նիւթը:

«Ատրպատականի հայոց տեղական պատմութիւն» խորագրեալ Ա. նիստին առաջին զեկոյցով («Անկանխատեսելի առաքելութիւն Ղարատաղի լեռների վրայ` հայկական ժառանգութեանց փնտռտուքով») հանդէս եկաւ առաջնորդ սրբազանը, որ նախորդ տարի արդէն հրատարակել էր թեմի պատմական յուշարձաններին վերաբերող իր հեղինակած ուսումնասիրական հսկայածաւալ հատորը, որը ամփոփում է թեմի հայկական յուշարձանների անցեալի ու յատկապէս ներկայի տեղագրական եւ վաւերագրական տուեալները:

Իր առաջնորդութեան առաջին տարուց արդէն այցելած լինելով Ատրպատականի Սալմաստ, Փայաջուկ, Խոսրովա, Զէյվաջուկ, Մահլամ, Թազա Քեանդ, Ղարաբաղ (Սալմաստի մօտ), Մուժումպար, Ուրմիա, Մարաղա, Միանտապ, Թաղիապատ, Մահապատ, Արտապիլ եւ այլ քաղաքներ, աւաններ ու գիւղեր, նա իր ներածութեամբ համապարփակ պատկերացում մատուցեց, թէ թեմի սահմաններից ներս հայկական յուշարձանները ի՛նչ կացութեան մէջ են գտնւում, ի՛նչ ապագայ կարող են ունենալ, ինչպիսի՛ վերաբերմունքի են արժանանում դրանք պետական ու տեղական մակարդակի վրայ: Արեւելեան Ատրպատականի հիւսիսային կողմում գտնուող Ղարատաղը կամ Գարաճատաղը, որը ծանօթ է նաեւ Արասպարան անունով, լեռնային ընդարձակ մի շրջան է, որը տարածւում է Քուշատաղից, Ահարի հարաւում, մինչեւ Արաքսի հովիտը:

Ղարատաղը ունի շուրջ 23.500 բնակչութիւն: Սահմանամերձ շրջան լինելուն` դա մեծ վնասներ է կրել ռուս-պարսկական պատերազմների ընթացքում, 19-րդ դարասկզբին: Սրբազանը ներկայացրեց իր այցելութեանց մանրամասնութիւնները, որոնք իրեն անակնկալների առջեւ էին կանգնեցրել. այժմ ամբողջովին քրտաբնակ կամ ազերիաբնակ գիւղերում թաքնուած ու իրենց դիրքով շատ դժուար գտանելի ու հասանելի, կիսափուլ ու երբեմն քանդուած եկեղեցիների որոնումը երբեմն անկարելի է թուացել իրեն: Վերջին վաթսուն տարիների ընթացքում ոչ մէկ շինութիւն ու վերաշինութիւն կատարուել էր հայաթափ այս շրջանում: Վերջին ղարատաղցիները լքել էին իրենց հայրենիքն ու Թաւրիզ հաստատուել 1956-ին: Տեղացիների հետ զրոյցներով, երբեմն հովիւներից քաղուած տեղեկութիւններով սրբազանը կենդանի ոճով ներկայացրեց իր դաշտային ուսումնասիրութիւնը, որը տակաւին շարունակում է նա:

Ա. նիստի երկրորդ զեկոյցը ներկայացրեց Թաւրիզի համալսարանի դասախօս, երկրաբան դոկտ.  Վարդան Սիմոնզը («Թաւրիզի Հայ համալսարանականների միութեան պատմութիւնը»), որը նախ մանրամասնօրէն ներկայացրեց կենսագրութիւններն ու գործերը թաւրիզահայ գաղութի ակադեմական եւ մտաւորական դէմքերի, որոնք իրենց տարբեր մասնագիտութիւններով ներդրում էին ունեցել եւ դեռ եւս այսօր էլ ունեն Թաւրիզի ակադեմական շրջանակներում: Դրանցից ոմանք իրենց նախնական կրթութիւնը ստացել էին եւրոպական երկիրներում, օրինակ` Աշոտ Գասպարեանը, ուրիշներ տասնամեակներ շարունակ Թաւրիզի կամ Իրանի մէջ դասախօսի հանգամանքով գործել էին: Ուսողագէտ Մկրտիչ Թումանեանը եղել է հիմնադիրը Թաւրիզի Հայ համալսարանականների միութեան (2000 թ.): Միութիւնը այսօր ունի մշակութային, ընկերային եւ հրատարակչական գործունէութիւն, կազմակերպում է հանդիպումներ, մշակութային, դաստիարակչական եւ ժամանցի այլեւայլ ձեռնարկներ` գաղութի կեանքին բերելով իր կարեւոր լուման:

Բ. նիստը կոչւում էր «Աստուածաբանութիւն, միսիոն եւ Ցեղասպանութիւն»: Առաջին զեկուցողը, կամքից անկախ պատճառներով, դժբախտաբար չկարողացաւ ներկայ գտնուել` Գերմանիոյ Մարպուրկի համալսարանից փրոֆ. Քարլ Փինկերա, որը զեկուցելու էր գերմանացի աստուածաբան Եոհան Եոախիմ Շրէօտերի (1680-1756) մասին, որը յիշեալ համալսարանում դասախօս էր եղել եւ ուսումնասիրել հայկական աստուածաբանութիւնը: Յոյս ունենք, որ յառաջիկայ տարի նրան կը յաջողուի ներկայ լինել ու ներկայացնել իր զեկոյցը: Յաջորդ զեկուցողն էր աստուածաբան, գրագիտուհի, վերապատուելիուհի Պեթթինէ Ռայխելթը, Գերմանիոյ Լայփցիկ քաղաքից, որը միաժամանակ ներկայացնում էր Սաքսոնիա նահանգի Աւետ.-լուտերական եկեղեցին: Տարիներից ի վեր Ռայխելթն ուսումնասիրում է Քարեն Եփփէի կենսագրութիւնը: Իր զեկոյցով («Դանիացի միսիոնար Քարեն Եփփէ (1876-1935) եւ հայերը») նա յատկապէս կեդրոնացաւ Եփփէի կատարած հայ որբուհիների կարճ կենսագրականների հաւաքման աշխատանքի վրայ: Արխիւային հսկայական հում նիւթ են ներկայացնում սրանք հետագայ ուսումնասիրութեանց համար: Եփփէ այս ձեւով, առաջին անգամ լինելով պատմութեան մէջ, Ա. Համաշխարհային պատերազմի աւարտին ինքնութիւն եւ նկարագիր շնորհած էր լինում իբրեւ անանուն եւ անկենսագրութիւն կորսուելու դատապարտուած բազմաթիւ որբերի, որոնց կենսագրութիւն ու կենդանագիր ապահովելով` նա նրանց վերապրումին տուեց աւելի հաստատուն հող: Ռայխելթ նաեւ ցոյց տուեց Եփփէի կողմից պատրաստուած անձայն մէկ շարժապատկեր` յաւելեալ տեղեկութիւններով մանրամասնելով նրա աշխատանքի ծալքերը:

Յաջորդ զեկուցողն էր Թոքիոյի (Ճափոն) Ուասեթա համալսարանից պատմագէտ դոկտ. Թաքայուքի Եոշիմուրան, որը ներկայացրեց «Ի՞նչն էր դրդապատճառը, որ Խորհրդային Հայաստանի կառավարութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան յիսնամեակը կազմակերպեց 1965-ին»: Երեւանի մէջ մասնագիտացած ճափոնցի հայագէտը, որը վերջին տարիներին նաեւ սփիւռքահայ տարբեր գաղութներում յաճախակի ներկայութիւն է եւ ուսումնասիրութիւններ է կատարում, հայոց լեզու դասաւանդում է յիշեալ համալսարանում եւ ծանօթ է իր արեւելահայերէնի տիրապետութեամբ, ինչ որ մեր ունկնդիր հանրութեանը եւս խանդավառեց: Զեկուցաբերը շեշտեց, որ Եղեռնի յիսնամեակը մակերես հանեց հակաթրքական մի շարժում Խ. Հայաստանում, որի ամէնից ցայտուն արտայայտութիւնը եղաւ բողոքի ցոյցերի կազմակերպումը Երեւանի մէջ: Բողոքի ցոյցին մասնակիցներից շատեր հայրենադարձ էին, որոնց ծնողները Եղեռնի դառնութիւնը ամբողջութեամբ ըմպել էին: Թաքայուքի նիւթը ներկայացրեց ոչ թէ ըստ բերանացի պատումների, այլ` արխիւային փաստաթղթերի: Խորհրդահայ կառավարութիւնը փորձել էր հակաթրքական ձգտումները ի նպաստ խորհրդայնամէտ ծանուցումի շահագործել, յատկապէս` հայկական սփիւռքը սիրաշահելու նպատակով: Հակաթրքական այս ձգտումն էր նաեւ պատճառը, որ շատ հայրենադարձներ անկաշկանդ սկսել էին պատմել իրենց ու իրենց ծնողների ապրած եղեռնական փորձառութիւնները: Խորհրդահայ այս քաղաքականութիւնը նաեւ դաշնակցական շրջանակների համար ողջունելի էր: Յիսնամեակի բողոքը, սակայն, հետաքրքրական ընթացք ունեցաւ, երբ հակաթրքական տրամադրուածութիւնն ու Թուրքիայից հողեր պահանջելու իղձը հակախորհրդային բողոքի ալիքի միացան, ինչ որ պետութեան կողմից ճնշումի ենթարկուեց: Այս էր պատճառը նաեւ, որ յիսնամեակից յետոյ Եղեռնի յուշատօներ տեղի չունեցան ընդհանրապէս Երեւանում:

Գ. նիստը նուիրուած էր հայ գրականութեան: Ֆրանսացի պատմագէտ եւ թարգմանիչ դոկտ. Հերւէ Ժորժըլէն, որը տիրապետում է արեւմտահայերէնի, Աթէնքի Ազգային եւ Կափոտիսթրեան համալսարանի դասախօս, զեկուցեց «Գնահատանք Զաւէն Պիպէռեանի (1921-1984) գրական գործի քննադատական եւ ինքնաքննադատական երեսին, կամ` ինչպէ՞ս անտեսուել եւ լուսանցքայնացուել թէ թուրքերի, թէ հայոց կողմից 20-րդ դարում» նիւթի շուրջ: Զեկուցաբերը, որ մեծ ներդրում ունի պոլսահայ վիպագիր Պիպէռեանի վերայայտնաբերման աշխատանքի մէջ, յատկապէս` նրա գործը թարգմանաբար օտար ընթերցողին ներկայացնող իր վաստակով, մանրամասնօրէն ներկայացրեց Պիպէռեանի կենսագրութիւնն ու գրականութիւնը` վեր հանելով նրա ճակատագրով ու թերեւս էլ մասամբ անձնական ընտրութեամբ յառաջ եկած անպատկանելիութեան («հայ լինելը անկարելի է, հայ չլինելը անկարելի է») կեցուածքը, պոլսահայ` թրքահայկական բարդ ու դժուարին կացութիւնը, հին սերունդ նոր սերունդ հակասութեան պարագան, հայկականի ու թրքականի կենցաղային համեմատութիւններն ու զուգորդումները: Ժորժըլէն հրատարակիչ-խմբագիրն է նաեւ Պիպէռեանի 800 էջանի ֆրանսերէն ինքնակենսագրականին, որը շուտով լոյս է տեսնելու Պոլսի «Արաս» հրատարակչատունից: Պիպէռեանի գրականութեան ներկայացման ընթացքին Ժորժըլէն նաեւ յատուկ շեշտ դրեց հեղինակի զարտուղի կերպարի վրայ, որի մասնակի արտացոլքն է կազմում նաեւ նրա գրականութիւնը:

Գ. նիստի երկրորդ զեկոյցը ներկայացրեց Համպուրկի համալսարանից Իշխան Չիֆթճեանը («Նշումներ Յովհաննէս Երզնկացու-Ծործորեցու (13-14-րդ դար) կեսագրութեան եւ գործերի մասին»): Նա վեր հանեց միջնադարու համբաւաւոր մատենագիր, մեկնաբան, շարականագիր հեղինակի կենսագրութեան առնչուած խնդիրներ, յատկապէս` երկու կամ մէկ ու միեւնոյն Յովհաննէսի պարագան: Հայաստանի մէկ շարք ուսումնասէրների հետազօտութեան արդիւնք է երկու Երզնկացի Յովհաննէսների գոյութեան վարկածը, մինչդեռ Մխիթարեանք` Չամչեան եւ Ալիշան, խօսում են միեւնոյն Յովհաննէսի մասին, որը իր մէկ շարք գործերի յիշատակարանի մէջ արձանագրել է` «Ես` Յովհաննէս Երզնկացի, որ այժմ կոչի Ծործորեցի»: Անշուշտ Մխիթարեաններին ձեռնտու էր տեսնել իր կեանքի աւարտին կաթոլիկութեան յարած, Ծործորի վանքում կաթոլիկ գրականութեան թարգմանութեան նուիրուած մեծանուն մի մատենագիր, իսկ այլ մօտեցում ունեցող պրպտողների համար էլ երկու Յովհաննէսների գոյութիւնը կարող էր ընդունելի լինել, յատկապէս` մեկնելով գրական արտադրութեան մանրակրկիտ ուսումնասիրութիւնից: Նա շեշտեց, որ մեր այսօրուայ մօտեցումի արդիւնքը կարող են լինել նման վարկածներ, որոնց կարող ենք աւելի ազատ, ոչ սահմանափակ մեկնութիւն տալ:

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Օրուայ վերջին` Դ. նիստը կրում էր «Երաժշտութիւն եւ կենսագրութիւն» խորագիրը: Հանդէս եկաւ դոկտ.  Ռեկինէ Ռանտհոֆերը, Հանովերի երաժշտութեան, թատրոնի եւ հաղորդամիջոցների համալսարանից, որը ներկայացրեց հետեւեալ զեկոյցը.  «Երաժշտութիւն` ընդմէջ աքսորի եւ ազգութեան.  Կոմիտասի պերլինեան ուսումնառութեան շրջանը (1896-1899)»: Կոմիտասի ուսումնառութեան մէջ նա շեշտեց արեւմտեան մշակոյթին ու երաժշտութեան, 19-րդ դարի աւարտին Գերմանիոյ մէջ տիրող քաղաքական, ազգային ու ինքնութեան փնտռտուքի, Պերլին քաղաքի ու համալսարանի ազդեցութիւնները: 136/137-րդ սաղմոսի («Առ գետս բաբելացւոց») Կոմիտասի մշակումը իբրեւ նախաքայլ նշելով, Ռանտհոֆեր բացատրեց, որ երաժշտութիւնը իբրեւ հայրենիք ու փոխակերպիչ, ձեւաւորիչ ուժ` դեր էր խաղում այդ դարաշրջանի Գերմանիայում, որից կարողացաւ նաեւ օգտուել Կոմիտաս` հայ երգին տալով ժողովող ու միաւորող յատկանիշ: Հուսկ, զեկուցաբերը անդրադարձաւ հայկական կոմիտասագիտութեան անմխիթար վիճակին` ի Հայաստան, որտեղ թէեւ վերջերս Կոմիտասի նուիրուած շքեղ մի կեդրոն է կառուցուել, սակայն հայ ուսումնասիրողների գրչի տակ Կոմիտասը յաճախ անհպելի մի սրբի է վերածւում, ինչ որ փակում է հետազօտութեան ամէն ճանապարհ, եւ նրան նուիրւում են միայն վարքագրական ոճով գովասանական ելոյթներ:

Գիտաժողովի Ե. եւ եզրափակիչ նիստը («Գրականութիւն եւ անձնական փորձառութիւն») տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 1 հոկտեմբեր 2018-ին, Դարաշամբի Ս. Ստեփանոս Նախավկայի վանքում: Եւս մէկ զեկուցաբեր` դոկտ. Մատթիաս Ֆրից, Պերլինի Ազատ համալսարանից, որը ներկայացնելու էր «Ակսել Բակունց` իբրեւ բանասէր եւ հեքիաթասաց» խորագրով զեկոյցը, կամքից անկախ պատճառներով չկարողացաւ մասնակցել գիտաժողովին: Յուսանք` յաջորդիւ կարողանայ նա իր նիւթը ներկայացնել: Վերջին նիստի վերջին զեկուցաբերն էր Սիլվիա Շմիտը` Գերմանիոյ Պոնն քաղաքից, որը վերջին երեք տարիներին ղեկավարել էր Գերման ակադեմական փոխանակման ծառայութիւն կոչուած հիմնարկութեան երեւանեան գրասենեակը: Նա ներկայացրեց իր ապրած փորձառութիւնը` «Երեւանի մէջ իմ երեք տարիները. դիտարկումներ հայկական ընկերութեան մասին»: Նա նախ ներկայացրեց իր հիմնարկութեան բնոյթն ու ծառայութիւնները, ապա անդրադարձաւ իր երեւանեան գործունէութեան: Երեւանի մէջ նաեւ գերմաներէն դասաւանդելով` նա ընկերաբանական իր դիտարկումները կատարել էր մասնաւորաբար իր ուսանող-ուսանողուհիների հետ ունեցած յարաբերութիւնից մեկնած: Նա օրինակներով բացատրեց, թէ իր ուսանողները լեզուի դասապահի ընթացքում ի՛նչ հակազդեցութիւն են ունենում եւ ի՛նչ ձեւով են քննարկում մի շարք խնդիրներ, որոնք Գերմանիոյ համար օրէնքով ընդունուած, իսկ Հայաստանի համար թապու հանդիսացող նիւթեր են համարւում, օրինակ` միասեռականութիւնը: Նա նաեւ անդրադարձաւ թաւշեայ յեղափոխութեան իր ուսանողներին բերած խանդավառութեան, ինչ որ նոր որակ էր հաղորդել նրանց քննարկումներին:

ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի Մասնաճիւղի 2018-2019 Տարեշրջանի Վերամուտը

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Շաբաթ, 3 նոյեմբեր 2018-ին տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի սկաուտական 2018-2019 տարեշրջանի վերամուտի պաշտօնական արարողութիւնը:

Սկաուտները եւ մասնաճիւղի շեփորախումբը իրենց երթը սկսան Մըզհերի Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին նուիրուած «Մայիս 28» պողոտայի յուշարձանէն: Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արք. Ալեէմեզեանը եւ մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Կարօ Պէրպէրեանը յուշարձանին առջեւ զետեղեցին ծաղկեպսակ մը, անկէ ետք առաջնորդ սրբազանը տուաւ իր օրհնութիւնը:

Ապա սկաուտական խումբերը (267 սկաուտներ), մասնաճիւղային շեփորախումբին հզօր ու տպաւորիչ նուագի առաջնորդութեամբ, ջահերով տողանցեցին դէպի Մըզհերի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիր` եւ բարձրացան համալիրի ՀՄԸՄ-ի յարկը, ուր տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն եւ աստիճանատուչութիւն:

Խօսք առաւ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի Սկաուտական խորհուրդի ատենապետ Թալին Փափիրեանը, որ նշեց. «2018  թուականը իւրայատուկ թուական մըն էր ՀՄԸՄ-ի համար, որովհետեւ այս տարի նշեցինք ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակը` Համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումով, զանազան ձեռնարկներով եւ մասնաճիւղի տարեկան բանակումով: Իսկ այսօր 2018-2019 տարեշրջանի աշխատանքներուն բացումը կը յայտարարենք: Այսօրուան մեր սկաուտներուն յայտագիրը կը միացնէ պատմութիւնն ու մշակոյթը` ՀՄԸՄ-ի յարկին տակ, անգամ մը եւս ցոյց տալու, որ մեր սկաուտները տէրն են ու տէրը կը մնան մեր պատմութեան, մեր մշակոյթին եւ մեր արժէքներուն»:

ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի վարչութեան խօսքը արտասանեց Հեղնար Եղիայեանը, որ ըսաւ. «Ամէն տարուան պէս, այս տարի ալ մասնաճիւղին Սկաուտական խորհուրդը եւ խմբապետական կազմը յատուկ ձեւով կը նշեն վերամուտը,  որպէսզի նոր թափով սկսի տարեշրջանը, եւ այս խանդավառութիւնը տեւէ ամբողջ տարին, մինչեւ` ամրան մասնաճիւղային ընդհանուր բանակումը:

Վարչութիւնը շատ բարձր կը գնահատէ սկաուտներուն` մոկլիներէն մինչեւ երէց պարմանուհիներ, խմբապետներուն, սկաուտական խորհուրդին, ինչպէս նաեւ ձեր, սիրելի՛ ծնողներ, յարատեւ աշխատանքը` վառ պահելու սկաուտական «Մի’շտ պատրաստ» նշանաբանը եւ ՀՄԸՄ-ի «Բարձրացի’ր, բարձրացո՛ւր» նշանաբանը:

Որպէս վարչութիւն` կը գիտակցինք մեր պատուաբեր միութեան ժառանգորդները ըլլալուն բարձր պատասխանատութեան եւ 100-ամեակի առիթով կը խոստանանք պահել մեր պատուաբեր անցեալը` միշտ ուղղուելով դէպի յաղթական ապագայ»:

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային սկաուտական խորհուրդին խօսքը արտասանեց ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային ընդհանուր խմբապետ Վարդուկ Ֆըռնըզլեանը: Ան բարձր գնահատեց սկաուտներուն աշխատանքն ու ճիգերը` անդրադառնալով, որ անոնք գիշերը լուսցուցին` պատրաստելու օրուան ձեռային աշխատանքներն ու յայտագիրը: Բարձր գնահատեց ծնողներուն մղիչ դերը` իրենց զաւակները վստահելով ՀՄԸՄ-ին, որ նկարագրեց որպէս «երկրորդ տուն եւ երկրորդ դպրոց», որ կը պատրաստէ վաղուան հայը, պատասխանատուն, ղեկավարը եւ տիպար հայ քաղաքացին: Յաջողութիւն մաղթեց սկաուտներուն եւ պատասխանատուներուն նոր տարեշրջանին համար:

Ապա առաջնորդը իր հայրական պատգամին մէջ արտայայտեց իր ուրախութիւնը եւ գոհունակութիւնը` մասնակցելու սկաուտներու արարողութեան: Ան անդրադարձաւ ՀՄԸՄ-ի հայապահպանման եւ դաստիարակչական հիմնական դերին եւ ընդգծեց, որ այդ պահուն սկաուտներու եւ ներկաներու համախմբումը ՀՄԸՄ-ի յարկին մէջ եւ ոչ այլուրեք խորհրդանիշ է ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցած կարեւորութեան հայ գաղութէն ներս: Սրբազան առաջնորդը սկաուտներուն մաղթեց, որ երբ մեծնան, եւ իւրաքանչիւրը իր նախընտրած ասպարէզին մէջ հանրածանօթ ըլլայ, յաջողութիւններու հասնի եւ հայուն անունը միշտ բարձր պահէ, ինչպէս Շարլ Ազնաւուր իր յաջողութիւններուն ընդմէջէն ամբողջ աշխարհին հայութեան մասին ծանօթացուց:

Գեղեցիկ գեղարուեստական յայտագրի մը ընդմէջէն սկաուտական խումբերը անդրադարձան Շարլ Ազնաւուրի աշխատանքին եւ ստեղծագործութիւններուն: Անոնք յայտագիրը փակեցին Շարլ Ազնաւուրի «Pour toi, Arménie» երգի մասնաճիւղային հաւաքական յուզիչ կատարողութեամբ:

Անդրադարձ Հայաստանի Հանրապետութիւն. 100-ամեակ. Նիկոլ Աղբալեանի Դասախօսութիւնը

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան մշակութային, հասարակական եւ մտաւորական կեանքը աշխուժ էր: Թատրոն, դասախօսութիւններ, կուսակցական եւ  աշխատաւորական ընկերակցութիւններու ժողովներ եւ այլն: Ստորեւ տրուածը նախարար Նիկոլ Աղբալեանի դասախօսութեան թղթակցութիւնն է Ռ. ստորագրութեամբ, «Յառաջ»-ի 16 դեկտեմբեր 1919-ի թիւին մէջ:

«Շաբաթ, 13 դեկտեմբեր 1919-ին Հայաստանի խորհրդարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Գրական ընկերութեան ութերորդ գրական երեկոն, ուր բանախօսն էր հանրային կրթութեան նախարար Նիկոլ Աղբալեանը` նիւթ ունենալով «Դեմոկրատիկ (ժողովրդավարական, ՅՉ) դաստիարակութիւնը» (1):

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Նիկոլ Աղբալեան եւ իր հիմնած Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին համալսարանը

«Հասարակութեան մէջ,- սկսաւ դասախօսը, – մոլորութիւն մը կայ. կրթութիւն ըսելով` իսկոյն դպրոց կը հասկնան: Ներկայիս Հայաստանը ունի 1 միլիոն 100 հազար հայ ազգաբնակչութիւն, որուն 7 տոկոսը (շուրջ 77 հազար) ծծկան է, 126 հազարը դպրոցական տարիք ունի, 50 հազար դպրոցական կայ եւ 100 հազարը բոլորովին դպրոց չի յաճախեր: Ինչպէս ըսի, մոլորութիւն է կրթութիւն ըսելով` միայն դպրոց հասկնալ: Հին դարերուն դպրոց չկար, բայց մարդիկ սորված են. գրականութիւն, պատմութիւն եւ արհեստներ ստեղծած են, ինչպէս, օրինակ, հող մշակել, պարել, երգել եւ այլն:

«Մեր գիտցածին մէկ մասը բնատուր է, կը կրթուի, կը յղկուի դպրոցէն դուրս, միւսը` դուրսէն ձեռք կը բերուի, կեանքէն, համայնքէն: Դպրոցէն մեզի կը մնայ գրել-կարդալ եւ թուաբանական չորս գործողութիւն, այնուհետեւ այնտեղէն մենք ինչ-ինչ ցաք ու ցրիւ տեղեկութիւններ կը յիշենք, անհամակարգ ու ոչ ամբողջական: Եթէ մեզմէ իւրաքանչիւրը մտածէ, որ աւելին գիտէ, այդ ոչ թէ արդիւնք է դպրոցին, այլ` ընթերցանութեան:

«Դպրոցը միայն նոյնինքը կեանքն է: Կրթութիւն եւ դաստիարակութիւն ըսելով` կը հասկնան դպրոցին մէջ. այս հասկացողութիւնը հիմնովին սխալ է. դպրոցին մէջ կը սորվին լեզուներ, որ բոլորովին ժամավաճառութիւն է, ինչպէս նաեւ` ուսողական գիտութիւններ, օրինակ` բնագիտութիւն, երկրաչափութիւն, քիմիագիտութիւն եւ այլն: Եթէ իրարու մօտ դնենք պարտիզպան մը, որսորդ մը, ձկնորս մը եւ աշակերտ մը, կը տեսնենք, որ առաջինները լաւ գիտեն իրենց գործը, իսկ աշակերտը ոչինչ գիտէ:

«Դասախօսը իւրայատուկ, ինքնատիպ վերլուծումով մանրամասն եւ փաստացի կերպով ապացուցեց ներկայ միջնակարգ դպրոցներու հակամանկավարժական, հակահոգեբանական դրութիւնը եւ ըսաւ, որ հիմնովին պիտի փոխէ` ժողովրդավար հիմունքներու վրայ դնելով զայն:

«Իսկ գալով բարձրագոյն կրթութեան կամ կրթական բարձր հիմնարկութիւններուն` ըսաւ, որ համալսարան ըսելով` կը հասկցուի վայր մը, ուր պէտք է գիտնականներ պատրաստուին: Դուրս կու գան բժիշկներ, փաստաբաններ, բայց ի՞նչ գիտեն անոնք, գրեթէ ոչինչ, մինչեւ որ փաստաբանը նոյնքան տարի չանցընէ կեանքի մէջ, որքան` դպրոցական կեանքին, ան բնաւ օգտակար չի կրնար ըլլալ. նոյնպէս` բժիշկը, որ մինչեւ հարիւրաւորներ չմեռցնէ, անկարող է հանրութեան օգտակար դառնալ: Համալսարան մտնող երիտասարդները առնուազն 20 տարեկանը անց են, անոնք երբեք չեն կրնար 40 վայրկեան անդադար (կեդրոնանալ) մտիկ ընել, իսկ միջնակարգ դպրոցներուն մէջ աշակերտին կը բանտարկեն 6 ժամ եւ կը ստիպեն, որ ան մտիկ ընէ, բան սորվի: Ասոր համար է, որ երեխային ինքնապաշտպանութեան բնազդը կը ստիպէ, որ մտիկ չընէ եւ կամ ձեւացնէ, որ մտիկ կ՛ընէ:

«Սերտողութիւնը նոյնպէս հակամանկավարժական է, աշակերտին կը ստիպեն այս կամ այն դասը սորվիլ, այս կամ այն օրուան համար. անոնք ստիպուած են գոց սորվիլ, ի հարկէ, ուսուցիչն ալ մարդ է, ան կ՛ուրախանայ, երբ աշակերտը դասը գոց կ՛արտասանէ: Քանի որ այդ բոլոր մեթոտները ոչ մէկ տրամաբանական եւ հոգեբանական կապ ունին, անոր համար աշակերտին հոգիին հարազատ չեն:

«Դպրոցը չ՛ընթանար կեանքին հետ` այլ անոր դէմ. որովհետեւ դպրոցի դրութիւնը, կամ անոր կանոնները ստեղծողները իմաստակութեամբ կը կարծեն, որ իրենք աւելի խելացի են, քան` բնութիւնը, կեանքը: Դասախօսը բացարձակապէս դէմ արտայայտուեցաւ նաեւ թուանշանի (նիշերու) դրութեան, որ բացի վնասէն` մազաչափ մը օգտակարութիւն չի ներկայացներ:

«Սակայն այս դրութեան արդիւնքը այն է, որ 7-17 տարի եւ մինչեւ համալսարան մտնելն ու աւարտելը, զաւակները միայն կը սպառեն իրենց ծնողներուն հարստութիւնը` առանց մասնակցելու անոնց աշխատանքին, եւ կը ներկայացնեն ձրիակերներու հսկայ բանակ մը:

«Դպրոցական երեխաները աշխատանքին կը խորթանան, չեն օգներ իրենց ծնողներուն առտնին կեանքին մէջ` այդ համարելով ամօթ կամ ոչ վայել դպրոցականին համար, որուն պատճառով աշակերտներուն մէջ կը զարգանայ ազնուականութիւնը եւ դատարկապորտութիւնը:

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Նիկոլ Աղբալեանի դասախօսութիւնը, «Յառաջ» օրաթերթ, 16 դեկտեմբեր 1919:

«Սխալ դրութեան պատճառով սերունդները այնպէս կրթուած ու դաստիարակուած են, որ աշխատանքի մէջ կեանք չեն տեսներ, այլ` անկէ դուրս:

«Բանախօսը այստեղ կարճ ակնարկով ներկայացուց միջին եւ վերածննդեան դարերու կրթութեան եւ դաստիարակութեան սխալ ըմբռնումը եւ զարգացնելով` հասաւ մինչեւ մեր օրերը ու եզրակացուց, որ ինչպէս առաջ, այնպէս ալ ներկայիս կրթութիւնն ու դաստիարակութիւնը կը տրուի սերունդներուն միայն ներդաշնակութեան համար, մինչ նպատակը պէտք է ըլլայ ազնուացնել (հասարակութիւնը), դիւրացնել (խթանել) հանրօգուտ բարիքները. անհրաժեշտ է փոխել ներկայ տիրող կրթութեան դրութիւնները եւ կցել (զանոնք) արհեստանոցներուն ու ագարակներուն, դպրոցներուն մէջ մտցնել երգ, պար եւ մարմնակրթութիւն, բայց` ոչ տիրող դրութիւններով: Գալով բարոյականին` աշակերտին պէտք է սորվեցնել բարեւելու, վարուելու եւ դէպի ուրիշը յարգելու կերպը:

«Օտար լեզուներու փոխարէն` պէտք է զարգացնել եւ աւանդել մեր գրականութիւնը, իսկ ինչ կը վերաբերի միւս գիտութիւններուն, անոնք պէտք է աւանդուին ընթերցանութեան միջոցով, զրոյցով (ոչ գոց սորվելով, ՅՉ): Այսպիսով, միտքը աւելի կը զարգանայ: Սակայն ի՞նչ կը նշանակէ զարգացած միտքը. այդ կը նշանակէ կեանքի խնդիրները դնել եւ լուծել. Կան համալսարանականներ, որոնք զարգացած չեն, բայց կան (անուս) գիւղացիներ, որ շատ զարգացած են, որովհետեւ անոնք աշխատանքին կը միացնեն մտաւորը, անոնք զիրար չեն հակասեր, այլ կը զարգանան զուգընթացաբար: Եթէ այսպէս ըլլայ, այն ժամանակ դպրոցական ծրագիրներն ու դասագիրքերը կը փոխուին:

«Դպրոցին կից պէտք է ըլլան բաղնիք, պահեստ, պարտէզ, արհեստանոցներ եւ այլն:

«Ամփոփելով իր դասախօսութիւնը` բանախօսը ըսաւ, որ կրթութեան նպատակը պէտք է ըլլայ արդիւնաբերական հնարաւորութիւնը զարգացնել: Ուսումը պէտք է ստորադասուի տնտեսութեան:

«Բանախօսութենէն ետք հերթապահ անդամ ընկ. Ա. Արեզեանի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ միտքերու փոխանակում»:

Ռ.»

Աղբալեանի հիմնական մտահոգութիւնը ուսանելի է այժմու Հայաստանի մէջ: Կրթութիւնը, գիտութեան եւ մշակութայինին կողքին, ուղղուած պէտք է ըլլայ աշակերտութիւնը դէպի կեանքի գործնական աշխատանքի ասպարէզ մղող, յատկապէս` հողագործութիւն եւ արհեստներ, ըստ պահանջի, որպէսզի անոնք կառչած մնան հողին`իբրեւ աշխատիլ սիրող եւ հայրենիքը զարգացնող ու ինքնաբաւ դարձնող քաղաքացիներ, եւ ոչ թէ` ուսման սիրոյն ուսանածներ:

24 հոկտեմբեր 2018

——————

(1) Յառաջ» օրաթերթ, Երեւան, Ա. տարի, թիւ 69, 16 Դեկտեմբեր 1919, էջ 4:

Երկինքին Մէջ Կրակ Կայ, Քրիստափո՛ր

… Կամ ալ մեր սրտերուն մէջ, կամ ալ այս մոմը, որ հիմա վառեցի քեզի համար, հոն կրակ կայ միայն… Խորքին մէջ միայն աչքերուդ մէջ կրակ կար եւ հաւանաբար նաեւ հոգիիդ մէջ, Քրիստափո՛ր…

Առաջին հանդիպում չունեցանք մենք, քանի որ միշտ ալ Եղիշէ Մանուկեան երկրորդական վարժարանի մէջ գոյութիւն ունէիր որպէս աշակերտ: Բակը, բեմին ծայրը, նստած ընկերներուդ հետ: Յետոյ աւելի մտերմացանք ԼԵՄ-ի շարքերուն մէջ` «Ռազմիկ» պարբերաթերթի աշխատանքի ընթացքին: Մեր ալեկոծ  ժողովներուն հանդարտօրէն կը խօսէիր, հակառակ անոր որ բնաւ հանդարտ չէր հոգիդ, եւ ատիկա երբեմն անստորագիր, երբեմն ծածկանունով գրուած յօդուածներուդ մէջ յստակ կ՛երեւէր:

Օր մը ԶՈՄ-ի նոր կեդրոնին մէջ մօտեցար ինծի` ըսելով. «Պիտի հրաժարիմ շարքերէն»: Զարմացայ. շարունակեցիր. «Գործերուս պատճառով ժամանակ չունիմ հոս գործունեայ ըլլալու, հետեւաբար աւելորդ է բեռ ըլլալս շարքերուն. երբ աւելի ազատ ըլլամ, կը վերադառնամ»: Այն ատեն հոգիդ խռոված էր ուսումիդ պատճառով եւ պէտք էր որոշում կայացնէիր Հայագիտականին եւ Լիբանանեան համալսարանին միջեւ ուսանելուդ գծով, եւ միեւնոյն ժամանակ խոշոր նպարավաճառի մը մօտ սկսած էիր աշխատիլ, որպէսզի կարենաս ուսումդ շարունակել: Այն ատեն մէկէ աւելի գործ կ՛աշխատէիր եւ նաեւ ուսումդ կը շարունակէիր, ինչպէս ոեւէ երիտասարդ: Բայց ոեւէ երիտասարդ չէիր, ջա՛ն, երիտասարդ էիր բառին բուն իմաստով` աչքերուդ մէջ կրակ, ծրագիրներդ յստակ, տեսլականով զինուած, իսկ ամէնէն հիմնականը` սկզբունքի տէր…

– Քրի՛ստ (կը յիշե՞ս  անգամ մը սաստեցիր զիս եւ ըսիր. «Քրիստ չէ՛, այլ` Քրիստափոր»…), Քրիստափո՛ր, մեկնումէդ շաբաթ մը առաջ Ուաթսափի վրայ խօսակցութիւն մը ունեցանք: Ուաթսափի նկարս տղամարդու եւ կնկայ մը միջեւ երկխօսութիւն մըն էր, որ քեզ խռովեց: Գրեցիր. «Ասիկա կնկայ առարկայացում է». բողոքեցի, քանի որ անկարելի էր, որ ես նման բան մը ընէի, կռուեցանք, ըսիր. «Ուրիշ օր մը կը խօսինք ասոր մասին, ասի իմ կարծիքս է, չեմ ուզեր նեղացնել քեզ, բայց իմ կարծիքս է»:

Գիտե՞ս, վերջին հանդիպում մըն ալ չունեցանք եւ խորքին մէջ նեղացուցիր, այո՛… Քիչ մը նեղուած եմ… սիրտս կ՛այրի… բայց ի՛նչ ընեմ…

ԸՆԿԵՐ ՄԸ 

 


Ինչո՞ւ Կը Կարծէք, Որ Մեռա՞յ…

Հ. Տ.

Image may be NSFW.
Clik here to view.

…Այստեղէն ինչքա՜ն սիրուն է տեսնել հայրենիքը… կանաչազարդ ու դալարագեղ: Ինչքա՜ն սիրուն է տեսնել Արցախը`  հայազգի հերոսներու կողմէ ոսոխէն պաշտպանուած: Տակաւին ինչքա՜ն սիրուն է տեսնել ձեր բոլորը` ձեր առօրեայ վազքին մէջ… հարազատներ սիրելիներ, մայր, հայր, քոյր ու հարազատներ, սակայն ինչո՞ւ կը կարծէք, որ մեռայ…:

Տակաւին կը յիշեմ (ու չկարծէ՛ք հոգիները չեն յիշեր) Մուշեղ Իշխանի այն խօսքերը, որոնք կ’ըսեն. «Բաժանման յուզումները ամէնէն շատ կը ցնցեն մարդկային հոգին, երբ մանաւանդ բաժանումը կը կատարուի սիրուած անձէ մը»: Այո՛, երկնայիններուն համար զարմանալի, սակայն երկրայիններուն համար բնական երեւոյթ մըն է յուզումներն ու հոգեկան ալեկոծումները, սակայն երբեք չկարծէք, որ մեռայ, որովհետեւ մեռնողն ու հեռացողը միա՛յն մարմինս էր եւ ո՛չ հոգիս:

Հոգիիս հայրենասէր զգացումներուն արդիւնքով էր, որ երկուշաբթի, 5 դեկտեմբեր 2011-ին տուի դաշնակցականի երդումս` մկրտուելով «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան 20-ամեակ» սերունդ անունով: Հինգշաբթի, 5 յուլիս 2012-ին էր… հոգիիս ձայնին ու զգացումներուն անսալով էր, որ իբրեւ ընկերային ծառայող կամաւոր ծառայութեան սկսայ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ: Հոգիիս պնդումներուն վրայ էր, որ անդամ դարձայ եկեղեցւոյ դպրաց դասի, հոգիիս պնդումին վրայ էր, որ եղայ ԶՈՄ-ական, եղայ ՀԵՀՈՄ-ական: Հոգիիս զգացումներուն եւ ապրումներուն հիման վրայ է, որ սիրեցի, ապրեցայ ու գործեցի… եւ հիմա միա՛յն մարմինս է, որ հեռացած է եւ նոյն այդ հոգին կը մնայ անմահ` իր յոյզերով, իր երազներով, ձգտումներով ու իղձերով: Հետեւաբար այդ բոլորին համար երբ հոգին է անհրաժեշտը… ինչո՞ւ նեղուիլ մարմնին համար…:

Ինչո՞ւ կը կարծէք, որ մեռայ… չէ՞ որ մենք մեծցանք հայազգի տիտաններու շունչին տակ… մոռցա՞ք, թէ ի՛նչ կ՛ըսէր Լեւոն Շանթ.. «Ամենայնշանաւոր մարդէն իսկ մահը անուն մը կը ձգէ միայն, երկու խեղճ բառերու մէջ  ամփոփուած անուն մը: Ինչ որ կը մնայ անմահ եւ կը դիմանայ դարերու աւերին` ատիկա մարդուս գործն է»:

Անմահութիւնը երկուորեակ քոյրն է յաւիտենականութեան, եւ ես այստեղ` երկինքի մէջ սորվեցայ, թէ ո՞րն է անմահն ու յաւիտենականը: Սորվեցայ, որ ազնիւ կեանքը անմահ հետքեր կը թողու պատմութեան սրտին մէջ, ու նոյնիսկ եթէ պատմութիւնը մոռացութեան տայ զինք, այստեղ անտարակոյսօրէն պիտի յիշուի:

Երբեք մի՛ այլայլիք կամ նեղանաք իմ հեռանալէս, սակայն վախցէ՛ք ու տագնապեցէք զիս մեռցնելու վախէն…: Այո՛, ես մեկնեցայ աշխարհէն, սակայն ինծի ապրեցնելն ու մեռցնելը կը մնայ քու ձեռքդ, ու երբեք ապրեցնել ըսելով չկարծե՛ս անունս յիշելը, նկարներս ունենալն է, որ զիս կենդանի պիտի պահէ այս ժամանակաւոր աշխարհին մէջ:  Այս բոլորը փառասիրութեան ու եսասիրութեան մէկ այլ տարբերակն են: Երբեք չկարծէք նկարներս տարածելով, մեծ չափերով տպելով ու ամէնուրեք կախելով հոգիս եւ կամ զիս ուրախացուցած պիտի ըլլաք…

Իմ հոգիս կը սպաննէք…. երբ հայրենասիրութեան զգացումն ու հոգին դուրս հանէք ձեր մէջէն եւ դառնաք օտարամէտ… երբ օտարինը աւելի մեծարէք ու նախընտրէք քան մերը` հայկականը: Կը սպաննէք, երբ հայութեան ցաւը չէ՛ք նկատեր նաեւ ձեր ցաւն ու տառապանքը: Հոգիս կը սպաննէք, երբ հայրենիքը կարիքը ունենայ մեր ուժերուն, մեր ներդրումին, իսկ դուք չվազէ՛ք դէպի սահման… հոգիս կը սպաննուի, երբ հայրենիքս սպաննեն:

Իմ հոգիս կը սպաննէք… երբ մոռնաք բոլոր այն աղքատներն ու հիւանդները, որոնց օգնութեան համար տրամադրած էի ամբողջ կեանքս: Անոնք երբեք մեծահարուստներ դառնալ չեն ուզեր, պարզապէս զուրկ են մարդկային ամէնէն պարզ ու անմիջական անհրաժեշտ կարիքներէն: Կը սպաննուիմ, երբ շարունակէք ապրիլ եսասէր կեանք մը` առաջնորդուած միա՛յն ձեր շահերէն ու հաշիւներէն:

Իմ հոգիս կը սպաննէք… երբ զիրար չներէք, չսիրէք եւ աւելին` հալածէք զիրար: Այստեղ սորվեցայ, որ բարութիւնը լեզու մըն է, որով կրնանք խօսիլ համրերու հետ եւ լսելի դառնալ խուլերուն: Պահ մը փորձէ մոռնալ ուրիշներու ըրածները… որովհետեւ անոնց ժամանակ տրամադրելով դուն ինքդ ո՛չ մէկ բան կրնաս ընել: Մտաւորականներ կ՛ըսեն. «Ժամանակին յարգը գիտցողը երկար կ՛ապրի»:

Հետեւաբար չկարծէ՛ք, որ մեռայ, այլ փորձեցէ՛ք չսպաննել հոգիս, որպէսզի կարենամ իրապէս ապրիլ: Սորվեցայ, որ կեանքի արժէքն ու իմաստը իր երկարութեան մէջ չէ, երիտասարդութեան եւ կամ տարեց ըլլալուն մէջ չէ: Ի՞նչ օգուտ, եթէ ապրէի աւելի քան հարիւր տարի, սակայն այդ հարիւր տարին ըլլար անիմաստ ու անարդիւնաւէտ: Լսեցի ու հետեւեցայ իմ մասիս գրուածներուն ու ըսուածներուն, որոնց կարիքը երբեք չունիմ ես, սակայն մտածեցի, վա՜յ այն մարդուն, որ իր աշխարհէն բաժնուելէն ետք ո՛չ մէկ դրոշմ կը ձգէ մարդոց հոգիներուն ու սրտերուն մէջ:

Մեկնումի ու հրաժեշտի խօսքերու կարիքը չեմ զգար, որովհետեւ ձեզ բոլորդ գրկաբաց պիտի ընդունիմ օր մը այստեղ` ուր ես կը գտնուիմ, միասնաբար ապրելու յաւիտենականին մէջ: Արդ, ինչո՞ւ կը նեղուիք… երբ գիտէինք, թէ ժամանակաւորը մի՛շտ ալ պիտի մնայ ժամանակաւոր ու անցողակի… հետեւաբար ապրեցէ՛ք այնպէս, ինչպէս պիտի ապրէիք ձեր կեանքին վերջին օրը: Ներեցէ՛ք, սիրեցէ՛ք ու օգնեցէ՛ք իրար, որովհետեւ կրնայ գործուած սխալի մը համար ներողութիւն հայցելու ժամանակ իսկ չգտնուի:

Հիմա արդէն առաքեալին նման կրնամ ըսել, որ ես իմ «բարի պատերազմս պատերազմեցայ», հասայ աւարտին, ուր նոր սկիզբ պիտի ըլլայ, սակայն դուն տակաւին ունիս ժամանակ ու ճանապարհորդութիւն: Տկար կամք ունեցողները յարմար առիթներու կը սպասեն: Զօրաւոր կամքերը զանոնք կը ստեղծեն. հետեւաբար ստեղծագործը եղիր առիթներուն: Համոզուէ, որ հոսանուտ է արտաքինը, եւ մնայուն ու յաւիտենական` հոգեկանը, հետեւաբար հոգիով սիրէ՛, հոգիով օգնէ՛ եւ հոգիով ու հոգեպէ՛ս ապրէ:

Հիմա արդէն կարգն է քու պատերազմիդ…:

Սիրով` Ք. Օգնայեան

 

 

 

Սրբոց Թարգմանչաց Տօնը Մեսրոպեանի Մէջ

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Ամէն տարի կրթական վերամուտին յաջորդող առաջին մեծ ձեռնարկը Մեսրոպեանի մէջ նուիրուած կ’ըլլայ ազգային-եկեղեցական բացառիկ արժէք ներկայացնող Սրբոց Թարգմանչաց տօնին, որուն առիթով կը մեծարուին հայ ժողովուրդի պատմական կարեւորագոյն իրադարձութիւններէն` գիրերու գիւտն ու Աստուածաշունչի թարգմանութիւնը կատարած ոսկեդարու մեր մեծ հայրերը:

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Հոկտեմբեր 24-ին նախակրթարանի եւ երկրորդականի աշակերտները, առանձնաբար կայացած երկու հաւաքներու ընթացքին, անհատական եւ խմբային երգերով, ասմունքով եւ թատերական պատկերով մը ոգեկոչեցին Սուրբ Մեսրոպի, Սուրբ Սահակի եւ անոնց գործակից աշակերտներուն յիշատակը: Բացման խօսքերու մէջ անոնք նշեցին, որ` «զանազան փոթորիկներէ անցած հայ ժողովուրդին յենարանը դարձած մեր լեզուն հիացուցած է օտարները իր հարստութեամբ, ճկունութեամբ եւ գեղեցկութեամբ, սակայն այսօր որպէս հետեւանք տարբեր ազդակներու, հայոց լեզուն նահանջի մէջ է, եւ հայկական մեր դիմագիծը` լրջօրէն վտանգուած: Ուրեմն, մեր` հայկական վարժարան յաճախող աշակերներուս պարտաւորութիւնն է կառչած մնալ մեր հաւատքին ու տէր կանգնիլ մեր լեզուին»:

Զոյգ հաւաքներուն խօսք առին գլխաւոր բանախօս  Սեպուհ վրդ. Կարապետեանը եւ Մեսրոպեանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստը: Անոնք կոչ ուղղեցին աշակերտներուն` լաւապէս ճանչնալ ոսկեդարու գրական, կրօնագիտական, իմաստասիրական եւ պատմաբանական ժառանգութիւնը եւ ընդհանրապէս Հայ մշակոյթի արժէքները, որոնք բովանդակութիւն կու տան հայու ինքնութեան եւ անոր կը շնորհեն իւրայատուկ տեղ մը` մարդկային քաղաքակրթութեան մէջ: Անոնք սուրբ թարգմանիչները ներկայացուցին որպէս աստուածասիրութեան, եկեղեցասիրութեան, ազգասիրութեան, ուսումնատենչութեան, աշխատասիրութեան եւ նուիրուածութեան օրինակներ, յորդորելով հետեւիլ անոնց վարքին` յանուն Հայ եկեղեցւոյ եւ ազգին յառաջընթացին:

 

Թարգմանչաց Տօնակատարութիւն Ազգային Միացեալ Վարժարանին Մէջ

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Ազգային Միացեալ վարժարանի աշակերտները իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին հայ լեզուի առաջին ուսուցիչին եւ անոր աշակերտներուն` յարգելով անոնց անթառամ յիշատակը, անմահացնելով անոնց սուրբ գործը:

Ուրբաթ, 12 հոկտեմբեր 2018-ին նախակրթարանի դասարանները ունեցան արտադասարանային աշխատանքներ: Տարրական դասարանները տարբեր ձեռային աշխատանքներով եւ դիտելով տեսերիզներ` նուիրուած Մեսրոպ Մաշտոցի ու թարգմանիչներուն, ուխտեցին հաւատարիմ մնալ այդ վսեմ առաքելութեան: Միւս կողմէ` նախակրթարանի Դ, Ե, եւ Զ կարգերու աշակերտները խաղ-մրցումով մը վերանորոգեցին իրենց ուխտը` մրցումի առաջին փուլին հնչեցնելով հայ տառերու անունները, եւ ապա երկրորդ փուլին պատասխանելով այբուբենի գիւտին եւ Թարգմանչաց աշխատանքներուն վերաբերեալ հարցումներու: Մրցումի դադարներու ընթացքին հայ լեզուի նուիրուած ասմունքներ լեցուցին մթնոլորտը հպարտութեան դոփիւններով: Աշակերտները երդուեցին հայ մնալ, շարունակել պայքարը եւ դառնալ այբուբենի պաշտպան զինուորները` ասմունքելով Համօ Սահեանի «Մեր լեզուն», Խաչիկ Դաշտենցի «Հայերէն» եւ Մուշեղ Իշխանի «Հայ լեզուն տունն է հայուն» բանաստեղծութիւնները:

Միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու աշակերտութիւնը եւս իր  կարգին յատուկ ձեռնարկով մը նշեց Սրբոց Թարգմանչաց տօնը երկուշաբթի, 15 հոկտեմբեր 2018-ին:

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Քայլերգներու ունկնդրութենէ ետք ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց երկրորդականի բաժնի աշակերտ Ժիրայր Քէշիշեանը, որ ողջունեց ներկաները եւ ըսաւ. «Հայոց տառերու հրաշափառ գիւտին յաջորդած թարգմանչական աշխատանքը, ապա հայոց դպրութեան սկիզբն ու հետագային գրականութեան ծաղկումն ու հարստացումը մեր ժողովուրդը զինեցին ինքնապաշտպանական այնպիսի միջոցներով, որոնց շնորհիւ` մինչեւ այսօր կը մնանք անխոցելի արտաքին մշակութասպան սպառնելիքներուն դիմաց: Մեր անգիր բանարուեստի փլատակներուն վրայ Մաշտոց հիմնեց մեր դպրութիւնն ու քերթողութիւնը»:

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Ապա տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին երկու բաժանմունքներու աշակերտները` ասմունքելով Ժաք Ս. Յակոբեանի «Խօսէ հայերէն», «Միայն մէկ գիր» բանաստեղծութիւնները, երգելով «Մեր լեզուն» երգը, նուագելով Կոմիտասի «Քելէ-քելէ»-ն, պատմելով գիրերու գիւտը եւ դիտելով այբուբենի տառերուն յատուկ տեսերիզ մը, ինչպէս նաեւ` տեղեկութիւններ տալով հայերէն տպուած առաջին գիրքին, Յակոբ Մեղապարտին եւ առաջին տպարաններուն մասին :

Ձեռնարկի աւարտին օրուան պատգամը յղեց հայր Զարեհ վրդ. Սարգիսեանը: Ան անդրադարձաւ մեր պատմութեան այն ժամանակաշրջանին, երբ հայութիւնը ինքնութիւնը կորսնցնելու վտանգին մէջ էր, եւ հրատապ հարց էր գիրերու ստեղծումը: «Մաշտոց լծուեցաւ այդ աշխատանքին: Ան իր վրայէն հանելով աշխարհականի տարազը եղաւ հոգեւորական ու իր առաքելութեան ընթացքին գիտակցեցաւ գիրերու ստեղծումին հրամայականին: Հարկ է անոր կատարած մեծ աշխատանքը գնահատել` գնահատելով նաեւ իր աշակերտները, որոնց տաժանակիր աշխատանքին շնորհիւ` մենք ունեցանք մեր հայերէն տառերը»: Հայր սուրբը աշակերտութեան ուշադրութեան յանձնեց` ըսելով. «Որպէս Ազգային Միացեալ վարժարանի աշակերտներ` պէտք է գիտակցութեամբ ընդունիք այս դէպքը, մեր ինքնութիւնը պահելու համար միշտ խօսիք հայերէն, մնաք հաւատարիմ Մաշտոցին եւ` աշակերտներուն: Իւրաքանչիւր աշակերտ պէտք է պահպանէ եւ տարածէ իր մայրենի լեզուն` զայն գործածելով, որովհետեւ հայը ունի վեհ պատմութիւն եւ պէտք է վսեմ պահել այդ պատմութիւնը»:

Աշակերտները միասնաբար ուխտեցին հաւատարիմ մնալ դարաւոր անցեալի մաշտոցեան նշխարներուն ու զօրանալ թարգմանչաց սերունդի զօրութեամբ:

Ճամբայ Բանանք Մե՛նք

Image may be NSFW.
Clik here to view.

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Ճամբայ` երիտասարդութեան առջեւ:

Ճամբայ` հասարակական պատասխանատուութեան ստանձման առջեւ:

Ճամբայ` նոր մօտեցումներու, նոր լուծումներու, նոր երազներու առջեւ:

Խօսքս կը վերաբերի ամէնէն առաջ մեզի, որ տասնամեակներէ ի վեր պաշտօններ վերցուցած ենք ու տակաւին կը ստանձնենք:

Խօսքս կը վերաբերի ամէ՛ն տեսակի պատասխանատուութիւններու, ամէ՛ն մակարդակի, ամէ՛ն ոլորտի:

Խօսքս կը վերաբերի մեր գաղութին, սփիւռքին, Հայաստանին:

Ճամբայ բանալ` չի՛ նշանակեր երես դարձնել, չի նշանակեր ասպարէզը լքել ու հեռանալ, չի նշանակեր ձեռնածալ նստիլ: Բայց կը նշանակէ հրաժարիլ իր տեղէն, որ ուրիշ մը` երիտասա՛րդ մը գայ զայն գրաւելու, բայց կը նշանակէ նաեւ մնալ անոր կողքին, օգնել, որ եկողը կարենայ իր ստանձնած գործը կատարել, լա՛ւ կատարել, թէկուզ` սխալելով ու սխալէն իր դասերը քաղելով:

Ուրիշ ձեւ չկայ սերնդափոխութեան: Հեզասա՛հ փոփոխութեան: Այլապէս կը յառաջանայ ըմբոստութիւն, անարիւն կամ «թաւշեայ» եւ աւելի հաւանական` արիւնոտ կամ երկաթեայ յեղափոխութիւն, երկուքն ալ` վտանգաւոր ու առլի անսպասելի հետեւանքներով:

Պիտի ըսուի, թէ ինչպէ՞ս կրնաս յեղափոխութեան դէմ խօսիլ, դո՛ւն` յեղափոխական կուսակցութեան մը անդամդ: Այդպէս ըսողը չէ հասկցած ու չի՛ հասկնար կա՛մ զիս, կա՛մ կուսակցութեանս էութիւնը, կա՛մ ալ յեղափոխութեան իմաստը:

Յեղափոխութիւն` այո՛, երբ օտար լուծը պիտի տապալես, յեղափոխութիւն` այո՛, երբ երկիրդ պիտի պաշտպանես, երբ Սարդարապատի պատին առջեւ կը գտնուիս: Եւ հոն կ՛իմաստաւորուի «Մահ կամ ազատութիւն»-ը: Բայց` երբեք, երբ պետականութիւնդ, գաղթօճախդ կամ կազմակերպութիւնդ պիտի բարեփոխես:

Ժողովրդավարութիւնը, որ քաղաքակիրթ ազգի մը նուազագոյն յատկանիշներէն մէկն է, կը պահանջէ նաեւ տեղը զիջելու պատրաստակամութիւն փորձառուին ու վաստակաւորին կողմէ` նուազ փորձառուին եւ տակաւին անվաստակ նորերուն առջեւ, որպէսզի անոնք ալ այդ փորձառութիւնը ձեռք ձգելու եւ վաստակ ունենալու առիթ ունենան:

Յաճախ նկատած ենք, որ նոյն պաշտօններուն վրայ երկար մնալով` մենք դժգոհութիւն ու ափսոսանք յառաջացուցած ենք, եւ երբ ի վերջոյ հեռացած ենք այդ պաշտօնէն, մեր տեղը առնող չենք գտած, չե՛նք պատրաստած, որ գտնենք: Մեր կեցուածքը միշտ ծառայելու պատրաստակամութիւնն է եղած, ինչ որ անկասկած դրական երեւոյթ է, այլեւ` կազմակերպութիւնը մեր փորձառութենէն ու հմտութենէն չզրկելու նախանձախնդրութիւնը, որ նոյնպէս գնահատելի տրամադրութիւն է, եւ այդ այդպէս ըլլալով հանդերձ, այդ կեցուածքը նաեւ թիւր մեկնաբանութիւններու ու ժխտական տպաւորութիւններու առիթ է տուած:

Կ՛ըսուի նաեւ, որ տեղերը չեն տրուիր, այլ կ՛առնուին: Ասիկա կէս ճշմարտութիւն է, կամ երկսայրի սուր է: Ճիշդ է` տեղերը գրաւել «ուզող»-ները պէտք է արժանացած ըլլան այդ տեղերուն, եւ «առնել»-ը, եկէք, ա՛յդ իմաստով հասկնանք, բայց «չեն տրուիր»-ն ալ, եկէք չառնենք որպէս անոնց կառչելու յամառութիւն:

Եթէ մեր ծառայութեան տարիներուն իսկ կրցած ենք շրջապատուիլ աւելի երիտասարդ ուժերով, գործակցիլ անոնց հետ, որպէսզի իրենք ալ սորվին տուեալ պաշտօնին պահանջներն ու հասկնան անոր դժուարութիւնները, գործը հեզասահ անցած է մէկ սերունդէն միւսը, «տալ-առնել»-ու խնդիրն ալ լուծուած է:

Ասիկա պարզ ճշմարտութիւն է գործի ասպարէզին մէջ, ուր յաջող ու երկար կեանք կ՛ունենան այն ընկերութիւնները, որոնց տիրութիւնը հիներէն կ՛անցնի նորերուն, արժանաւո՛ր նորերուն, ի հարկէ:

Այս ճշմարտութեան իրազեկ դարձած են նաեւ այն կազմակերութիւնները, որոնք նոյնիսկ կանոնագիրով ամրագրած են սերնդափոխութեան հարցը` մէկ կողմէ վարչութիւններու անդամներուն կէսը միայն փոխելով ամէն ընտրութեան, միւս կողմէ` սահմանափակելով անընդմէջ անդամակցութեան ժամանակաշրջանը:

Սակայն կանոնագիրները չեն, որոնք կ՛ապահովեն հեզասահ սերնդափոխութիւնը: Պիտի ըլլայ նաեւ իւրաքանչիւր անդամի «ճամբայ բանալու» պատրաստակամութիւնը, դրակա՛ն պատրաստակամութիւնը, տեղը տալով հանդերձ իր օժանդակութենէն ալ չզրկելու իր յաջորդը, այդպիսով ապահովելով շարունակականութիւնը:

Միւս կողմէ` պատրաստ պիտի ըլլանք ընդունելու, որ նորերը մերինէն տարբեր մօտեցումներ, տարբեր գործելակերպեր պիտի ունենան, անշուշտ հետեւելով միութեան մը, կազմակերպութեան մը կամ կառավարութեան մը գերագոյն ժողովներուն կողմէ որդեգրուած ռազմավարութեան, եւ պիտի չվարանինք գնահատելու իրենց իրագործումները, որոնք նոյնպէս կրնան մեր պատկերացումներուն չհամապատասխանել:

Ի վերջոյ, հասարակական գործունէութիւնը միայն նուիրում է ու ծառայութիւն: Ո՛չ վարկ ու պատիւ շահելու միջոց է, ո՛չ ալ անձնական շահեր հետապնդելու դաշտ:

Խրախուսիչը այն է, որ շատեր սկսած են անդրադառնալու այս իրողութեան, ու մեր կազմակերութիւններն ու հաստատութիւնները, այստեղ թէ այլուր, ինքնանորոգման գործընթացի մը մէջ կը թուին ըլլալ: Յուսանք նոյնը` մեր պետականութեան համար:

Ճամբայ բանա՛նք, որ այս գործընթացը ամբողջական յաջողութեամբ պսակուի ամէնուրեք եւ աւանդութեան վերածուի, մեր հասարակական գործունէութեան յարացո՛յցը դառնայ:

 

 

Յաւերժական Երուսաղէմ – 6. Մկրտիչ Եպս. Աղաւնունիի Աղաւնետունը

ԼԵՒՈՆ ՇԱՐՈՅԵԱՆ

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Մկրտիչ եպս. Աղաւնունի

«Աղաւնետուն» բառը գործածեցի փոխաբերաբար կամ նմանողաբար:

Այս նմանողութիւնը  ըրի` պարզապէս շեշտադրելու համար Մկրտիչ սրբազանին իւրայատուկ մականունը. Աղաւնունի:

Ասիկա իրակա՞ն մականուն մըն էր, թէ՞ գրչանուն մը, չեմ կրցած ստուգել: Կ՛ընդունիմ սակայն, որ հայաոճ սիրուն մականուն մըն է, որ կարծէք իր տիրոջ շիջումով դադրած է ի սպառ:

Անմիջապէս նշեմ սակայն, որ ԺԹ. դարու մեր եկեղեցական կեանքին մէջ ունեցած ենք այլ «Աղաւնի» մըն ալ, որ երկիցս բարձրացած է Պոլսոյ պատրիարքական աթոռը: Անիկա Ստեփանոս Աղաւնի պատրիարքն է, բուն մականունով` Զաքարեան: Գահակալեր է նախ 1831-1839, ապա`1840-1841, համբաւ շահելով իբրեւ եկեղեցաշէն պատրիարք մը: Օրմանեան սրբազան իր «Ազգապատում»-ին մէջ  դիտել  կու տայ, որ Ստեփանոս պատրիարք «Աղաւնի» կոչուած էր իր մեղմիկ, հեզահոգի, հոգեսէր եւ խաղաղասէր բնաւորութեան համար:

Մկրտիչ եպս. Աղաւնունին Երուսաղէմի խորհրդանիշ մը եղած է ինծի համար: Եւ երբ կը գործածէի «աղաւնետուն» բառը, պարզապէս կ՛ուզէի ակնարկել Սրբոց Յակոբեանց վանքի իր համեստ սենեակին` խուցին, ուր անցուց իր կեանքին վերջին քսանհինգ տարիները (1916-1941), գլուխը հակած` հնատիպ գիրքերու, ձեռագիր յիշատակարաններու, նամակներու, կոնդակներու ու հաշուական տոմարներու դէզերուն վրայ, Ս. Քաղաքին հազարամեայ պատմութենէն ինչ-ինչ անծանօթ տուեալներ վերբերելու համար:

Երեք գիրքեր, երեքն ալ Երուսաղէմի մասին, փառքը կը կազմեն Աղաւնունիի բանասիրական վաստակին.

ա) «Միաբանք եւ այցելուք հայ Երուսաղէմի» (1929)
բ) «Հայկական հին վանքեր եւ եկեղեցիներ Սուրբ Երկրին մէջ» (1931)
գ) «Սուրբ Երկրին սրբավայրերու աւանդութիւնները» (1936)

Ինծի համար զարմանալի է ու անըմբռնելի` թէ ինչո՞ւ համար վաստակաւոր այս բանասէրին անունը տեղ չէ գտած Հայկական Սովետական Հանրագիտարանի բազմահատոր շարքին մէջ: Դեռ աւելին, Աղաւնունիի անունը ի զո՜ւր պիտի փնտռէք Հայաստանի յետ-անկախութեան շրջանին լոյս ընծայուած «Ով ով է» (2005) կենսագրական բառարանին մէջ եւս…: Արեւելահայ մեր զարմիկները ի՞նչ չափանիշերու կը հպատակին` դժուար է հասկնալ:

Աղաւնունի արհամարհելի անուն մը չէ երբեք: Վերեւ յիշուած իր երեք գիրքերը շատ բան կը փրկեն Երուսաղէմի  եւ առհասարակ Ս. Երկրի հայկական սրբավայրերու պատմութենէն ու կրնան սկզբնաղբիւրի արժէք ներկայացնել այսօր:

Image may be NSFW.
Clik here to view.
Օրինակ` սա «Միաբանք եւ այցելուք»-ը: Հին յիշատակարաններէ ու հնատիպ մատեաններէ ջոկելով` ան հարիւրաւոր անուններ շարայարած է այբբենական կարգով, անոնց մասին դոյզն ու մերթ լայն տեղեկութիւններ հաղորդելով: Այս գործը իր կառուցուածքով կը յիշեցնէ Աճառեանի «Անձնանունների բառարան»-ը:

Կամ` միւս երկուքը, որոնք կը բացատրեն մեզի, թէ հայերը ինչպէ՛ս սկսան վանքեր հիմնել Ս. Երկրին մէջ, Դ. դարէն սկսեալ: Այդ վանքերը հետզհետէ ինչպէ՞ս ուռճացան, այնուհետեւ ինչո՞ւ քանդուեցան, չքացան… Յետոյ, ի՞նչ աւանդութիւններ կապուած են Ս. Յարութեան տաճարին հետ, աւանդութիւններ` Ս. Գերեզմանին, Չարչարանաց ճանապարհին, Սողոմոնեան տաճարին, Ձիթենեաց լերան, Սիոն լերան ու անոր կողին գտնուող հայոց Սրբոց Յակոբեանց վանքին, Երիքովի կամ Յորդանանի հետ:

Անծանօթ տեղեկութիւններու յորդահոս շտեմարաններ:

Բայց ո՞վ էր Մկրտիչ եպս. Աղաւնունին, ուրկէ՞ կու գար ան:

Ծնած էր Պարտիզակ, Պոլսէն դէպի արեւելք հայաբնակ գիւղը, 1863-ին: Տեղւոյն ազգային վարժարանին մէջ աշակերտած էր Եղիշէ Դուրեան վարդապետին: Յետոյ ինք եւս սկսեր էր ուսուցչութիւն ընել միեւնոյն դպրոցը` աւանդելով կրօն ու թրքերէն: Պարտիզակէն դուրս` ուսուցչութեան կոչուեր էր նաեւ մօտակայ Ատափազարի ու Նիկոմիդիոյ մէջ: Կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուեր էր 1890-ին Նիկոմիդիա (Իզմիթ)` ձեռամբ Ստեփանոս արք. Յովակիմեանի, այնուհետեւ ծառայելու համար թէ՛ տեղւոյն թեմին (1890-94), թէ՛ Քէօթահիոյ ու Աֆիոն Գարահիսարի մէջ (1895-1905): 1905-1912 առաջնորդ եղած էր եգիպտահայ թեմին ու այդ շրջանին եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն ստացեր էր Ս. Էջմիածին (սեպտ. 1910), Իզմիրլեան հայրապետէն, օծակից ունենալով Բաբգէն Կիւլէսէրեանը, Թորգոմ Գուշակեանն ու եօթը այլ վարդապետներ:

Եգիպտոսէն հրաժարելով, Պոլիս դարձեր էր 1912-ին` ստանձնելով Սկիւտարի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ քարոզչութիւնը: Մեծ Եղեռնի շրջանին կառավարական հրահանգով աքսորուեր էր Երուսաղէմ: Հոն, 1921-ին ընդունուեր էր Ս. Յակոբեանց միաբանութեան շարքերը: Եւ այդ թուականէն սկսեալ մինչեւ իր վախճանումը, Դուրեան եւ Գուշակեան պատրիարքներու օրով, ծառայեր էր վանքին` թէ՛ ուսուցչագործելով Ժառանգաւորաց վարժարանին մէջ, թէ՛ աշխատակցելով «Սիոն»-ին` հմտալից յօդուածներով:

Իր շրջանի զոյգ պատրիարքներն ալ  գնահատեցին զինք ու պատրիարքական փոխանորդի պաշտօնը վստահեցան իրեն: Բայց Մկրտիչ սրբազանին բո՛ւն առաքելութիւնը  իր մենաստանին մէջ էր, իր «աղաւնետուն»-ին մէջ: Ամէն անգամ որ հայ Երուսաղէմի վերաբերեալ նոր յայտնաբերում մը կատարէր հին յիշատակարանէ մը, կ՛երջանկանար ու աւելի՛ զօրաւոր կը փարէր իր գիրքերուն:  Իր հնախուզական յայտնաբերումները ապշահար կը ձգէին ընթերցողները: Օրինակ դուք կրնա՞ք անտարբեր անցնիլ յօդուածի մը վրայէն, որ կը կրէ հետեւեալ վերնագիրը. «Հայկական վանք մը Չինաստանի սահմանին վրայ»: Յօդուածագիրը ո՞վ կրնար ըլլալ, եթէ ոչ` Աղաւնունի սրբազանը…

Մկրտիչ եպս. Աղաւնունիի «սաղիմասիրութիւն»-ը իմ մտքիս մէջ իր անունին կ՛առնչէ ուրիշ արժեքաւոր հոգեւորականի մը անունը, որ յատկապէս ծանօթ է հալէպահայութեան. Արտաւազդ արք. Սիւրմէեանն է ան (1889-1951):

Եթէ Աղաւնունին շարունակ աչքի լոյս կը թափէր Երուսաղէմի պատմութեան վրայ, ասդին` Արտաւազդ սրբազանն ալ իրեն մտասեւեռում դարձուցած էր Հալէպի ու հալէպահայոց հին շրջաններու պատմութիւնը` եկեղեցիներէն, դպրատուներէն ու ծաղկարար գրիչներէն սկսեալ մինչեւ գերեզմանատուներու տապանաքարերուն արձանագրութիւնները… Իր «Պատմութիւն Հալէպի հայոց»-ի երեք հատորները վկան են ատոր:

Մինչ կը գրեմ այս տողերը, ինծի համար հետաքրքրական յայտնութիւն մը եղաւ երկու եպիսկոպոսներուն գրական կապը եւ բարեկամութիւնը:

Ինչպէս ծանօթ է, Արտաւազդ սրբազան, դեռ վարդապետ եղած շրջանին, Հալէպի մէջ լոյս ընծայած էր «Տաթեւ» անունով տարեգիրքերու շարք մը, 1925-1930, ընդամէնը` վեց թիւ (Ա. հատորը տպուած է Պոլիս): Գրական, բանասիրական ու տեղագրական ճոխ բովանդակութեամբ հատորներ էին ասոնք, պատկերազարդ ու լի` տարաբնոյթ անհամար տեղեկութիւններով:

Շահեկան է տեսնել, որ «Տաթեւ»-ի մնայուն ու գլխաւոր աշխատակիցներէն մին եղած է Մկրտիչ եպս. Աղաւնունին: Տարեգիրքին վեց թիւերէն հինգին մէջ ան ստորագրած է բանասիրական բնոյթի գրութիւններ: Կու տամ խորագրերը.

– «Սաղիմական գրիչներ» (Ա. տարի, 1925)
«Կրօնական ուսումը հիներու մօտ եւ սաղիմական մատենագիրներ» (Բ. տարի, 1926)
«Սալահէտտին եւ հայերը» (Գ. տարի, 1927)
«Ս. Գրոց անվաւերական գրեանք եւ «Ադամ գիրք»-ի հայ թարգմանիչը» (Դ. տարի, 1928)
«Անապատական կեանքը Եգիպտոսի մէջ» (Ե. տարի, 1929)

Կը թուի, որ երկու բանասէր եպիսկոպոսներուն բարեկամութիւնը շարունակուեր է ընդ երկար, մինչեւ Աղաւնունիի մահը: Եւ ճակատագիրը այնպէս մը տնօրիներ է, որ վախճանեալ Աղաւնունի սրբազանին դամբանականը խօսելու տխուր պարտականութիւնը վիճակուի…Արտաւազդ սրբազանին:

Տեղեկութիւնը կը քաղեմ «Սիոն»-էն (Սեպտ. 1941): Այդ տարի, Արտաւազդ սրբազան հինգ ամիս հիւրը եղած է Երուսաղէմի հայոց վանքին` իր մասնակցութիւնը բերելով Զատկուան մեծահանդէս արարողութիւններուն, ինչպէս նաեւ` ուսումնասիրելով զինք հետաքրքրող ձեռագրեր:

Ճիշդ այդ օրերուն, 24 օգոստոս 1941-ին, իր աչքերը կը փակէ Մկրտիչ եպս. Աղաւնունին:

«Սիոն» իր ամփոփ մահագրականին մէջ կը գրէ.

«Ճշմարիտ կրօնականի մը վայելուչ բարքով ապրեցաւ իր բովանդակ կեանքին մէջ: Յոխորտ կեցուածքը եւ սողոսկող մարդահաճութիւնը իսպառ անծանօթ մնացին իր խաղաղ եւ անբիծ հոգիին: Անիկա սքանչելիօրէն իր վրայ իրագործել գիտցաւ եպիսկոպոսին «անարատ, հեզ, ցած եւ պարկեշտ» լինելու առաքելական պատուէրը»:

Աղաւնունիի աղաւնակերպ բարի հոգին դեռ կը թեւածէ՞ արդեօք Սիոնի բարձունքին վերեւ…

Հալէպ

Viewing all 17231 articles
Browse latest View live


<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>