ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր
Շաբաթ չ՛անցնիր` առանց մեծ գայթակղութեան մը բացայայտման, Ազրպէյճանի կամ Թուրքիոյ մէջ: Վերջին նման գայթակղութիւն մը բացայայտուած է Սթոքհոլմի «Ազատութեան կեդրոն»-ի յօդուածին մէջ, թուրք վտարանդի գրող Ապտուլլա Պոզքուրթի գրած` «Եութայ նահանգի դատական գործը յաւելեալ կեղտ կը մատնանշէ Թուրքիոյ Էրտողանի վրայ» վերնագիրով:
Յօդուածին մէջ ցոյց տրուած է, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի փտածութեան մէջ թաթխուած ճիւղաւորումները կը հասնին մինչեւ Միացեալ Նահանգներ, բան մը, որ այս գայթակղութիւնը բացառիկ հետաքրքրութեան առարկայ կը դարձնէ յատուկ խորհրդական Ռոպերթ Միւլըրի համար, կապուած` անոր ռուսական հետապնդումին եւ «միջազգային կազմակերպուած յանցաւորութեան ցանց»-ին, ըստ Պոզքուրթի:
«Եութայ նահանգի դաշնային մեծ դատակազմը վերադարձուցած է 1 օգոստոս 2018-ին կնքուած մեղադրական եզրակացութիւնը` Էրտողանը անուանելով օտարերկրեայ պետութեան առաջնորդ, որ Քալիֆորնիոյ եւ Եութայի մէջ տեսակցած է կասկածելի գործարարներու հետ, ինչ որ հիմք կու տայ պնդելու, որ այդ մէկը մեծագումար դրամներու լուացման եւ հարկերու խարդախութեան պարագայ է», կը հաղորդէ Պոզքուրթ:
24 օգոստոս 2018-ին հրապարակուած մեղադրական եզրակացութիւնը ամբաստանութիւն է այն մասին, որ «Ուաշաքայ Ռընեպէյլ Էներճի» (Տապըլիու. Ար. Ի.) ընկերութեան գործադիր տնօրէն Ճէյքըպ Օրթել Քինկզթըն եւ ֆինանսական տնօրէն Իսայիա Քինկզթըն, հարկային վարկերու համար կեղծ պահանջ ներկայացնելով, ձեռք բերած են աւելի քան 511 միլիոն տոլար արժողութեամբ վերականգնուող վառելիքի հարկային վարկեր, որոնք նախատեսուած էին Միացեալ Նահանգներու մէջ օգտագործուող եւ արտադրուած վերականգնուող վառելիքի քանակի իբրեւ յաւելում: Քալիֆորնիոյ «ՆՈՅԼ Էներճի Կրուփ»-ի վառելիքային ընկերութեան սեփականատէր Լեւ Ասլան Թերմեն (Լեւոն Թերմենճեան), որ կապեր ունի անդրազգային յանցաւոր ձեռնարկութեան հետ, նոյնպէս կը նկատուի այս մեծ ծրագիրին մէկ գործընկերը: 2010-էն մինչեւ 2016 անոնք Միացեալ Նահանգներու մէջ փաստաթուղթեր կեղծած եւ ապրանքներ շրջանառութեան մէջ դրած են, ինչպէս նաեւ` արտերկրի մէջ, որպէսզի ցոյց տան, որ իրենք ներգրաւուած են իրական առեւտուրի մէջ` հարկային վարկեր կարենալ ստանալու համար, գրած է Պոզքուրթ:
Մեղադրական եզրակացութեան մէջ նաեւ կ՛ըսուի, որ Ճէյքըպ Օրթել Քինկզթընը ձերբակալուած է 23 օգոստոս 2018-ին, Սոլթ Լէյք Սիթի քաղաքի միջազգային օդակայան տանող ճամբուն վրայ, երբ կը պատրաստուէր մեկնիլ Թուրքիա` զգուշացուած ըլլալէ ետք: Պոզքուրթ կը շարունակէ. «Քինկզթընները արդէն ձեռք բերած էին շքեղ ապարանք մը Թուրքիոյ ծովափնեայ մէկ քաղաքին մէջ, ըստ «Տապըլիու Առ. Ի.» հաշիւէն Թերմենճեանի հաշուոյն` Թուրքիոյ «Կարանթի» դրամատան կողմէ 5 մարտ 2014-ին կատարուած փոխանցման: Մեղադրական եզրակացութեան մէջ դէպի Թուրքիա շատ աւելի փոխանցումներ թուարկուած էին: Ճէյքըպ Քինկզթընը, որ թուրք բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ յաճախ կը ճամբորդէր Թուրքիա, նաեւ` Էրտողանի հետ տեսակցելու համար, թրքական օդակայանին մէջ զինք սովորաբար կը դիմաւորէին իբրեւ յոյժ կարեւոր անձնաւորութիւն, անոր կ՛ուղեկցէր ոստիկանութեան պահակախումբ, եւ ան նոյնիսկ իր անձնագիրը չէր օգտագործեր Թուրքիա մտնելու համար` ըստ ամերիկեան մեղադրականին մէջ արձանագրուած վկայի մը ցուցմունքին»:
Ճէյքըպ Քինկզթընը առաջին անգամ Էրտողանին հետ տեսակցած է Նիւ Եորքի մէջ, սեպտեմբեր 2017-ին, երբ Թուրքիոյ նախագահը ժամանած էր Միացեալ Նահանգներ` ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին մասնակցելու համար: Այս տեսակցութիւնը տեղի ունեցած է «այն բանէն ետք, երբ 2016 փետրուար 10-ին Հետախուզութեան դաշնակցային պիւրոն (FBI) անհրաժեշտ ստուգումներ կատարած է Քինկզթըն խումբի իրերուն մէջ, իսկ վառելիքի հարկին կապուած խարդախութիւնը արդէն բացայայտուած էր Եութայի թերթերու վերնագիրներուն մէջ», ինչպէս կը շեշտէ Պոզքուրթ:
«Նոյեմբերին սկիզբը Ճէյքըպը մեկնած է Թուրքիա` բարձր մակարդակի շարք մը հանդիպումներ ունենալու համար Անգարայի եւ Պոլսոյ մէջ: Ան վարձած է «Էս. Պի. Քէյ. Հոլտինկ» ընկերութեան նախագահ Սեզկին Պարան Քորքմազը` իբրեւ Թուրքիոյ մէջ կապի գլխաւոր օղակ, այն ժամանակ, երբ Քորքմազը ունէր առանձին ներդրումային եւ գործնական կառավարման ընկերութիւն` Մեկա Վարլըք Եոնեթիմ Ա. Շ., որ Թուրքիոյ մէջ հիմնադրուած էր 450 միլիոն տոլար սեփական դրամագլուխով», գրած է Պոզքուրթ:
«Թերմենճեան նաեւ ունի «Էս. Պի. Քէյ. Հոլտինկզ Եու. Էս. Էյ.» անուամբ ընկերութիւն մը, որ Քորքմազի «Էս. Պի. Քէյ. Հոլտինկ» ընկերութեան քոյր ընկերութիւնն է Թուրքիոյ մէջ: Քորքմազը թրքական մամուլին ըսած է, որ «Տապըլիու Առ. Ի.»-ի հետ իր համագործակցութիւնը յանգեցուցած է 1 միլիառ տոլարի ներդրման եւ շնորհակալութիւն յայտնած է Էրտողանի` գործարքներուն իր անձնական աջակցութեան համար: Թուրքիոյ կառավարութեան ներդրումային աջակցութեան եւ խթանման գործակալութեան (ISPAT) 9 սեպտեմբեր 2016 թուականի մամլոյ հաղորդագրութեան համաձայն` «Տապըլիու Առ. Ի.»-ն, «Նոյլ Էներճի Կրուփ»-ը եւ «Էս. Պի. Քէյ. Հոլտինկ» ընկերութիւնը զգալի ներդրումներ կատարած են Թուրքիոյ մէջ եւ նախատեսած են աւելին ընել: «Էս. Պի. Քէյ. Հոլտինկ»-ի հետ գործընկերութիւնը սկսած է 2013-ին` «Նոյլ Էներճի»-ի կողմէ անշարժ գոյքի ներդրումներու առաջին խմբաքանակով: Շինարարական եւ անշարժ գոյքի գործարքը ապօրինի ճամբաներով ստացուած եկամուտներու հիմնական աղբիւրն է Էրտողանի միլիառաւոր տոլարներու հասնող վիթխարի հարստութեան համար: Ընդհանուր ներդրումը հասած է 500 միլիոն տոլարի, եւ` եւս կէս միլիոն տոլար, որ յատկացուած է առեւտուրի ընդլայնման հիմնադրամին` Թուրքիոյ մէջ գործունէութեան ծաւալման համար: Եռեակը ներդրումներ կատարած է բոլոր տեսակի ոլորտներու մէջ, այդ շարքին` դեղագործական, ինքնաշարժներու, քիմիական, արհեստագիտական, ապակիի եւ սնունդի», կը հաղորդէ Պոզքուրթ:
«Էրտողանի քաղաքական աջակցութեամբ եւ պաշտպանութեամբ, «Էս. Պի. Քէյ. Հոլտինկ» ընդլայնած է իր գործունէութիւնը տարբեր ոլորտներու մէջ, ինչպէս` ֆինանսներու, ուժանիւթի, անշարժ գոյքի, պաշտպանութեան, հանքարդիւնաբերութեան, արդիւնաբերութեան, զբօսաշրջութեան, արհեստագիտութեան մէջ եւ` գումակային: Ընկերութիւնը հիմնականին մէջ աշխուժ գործունէութիւն կը ծաւալէ ելեւմուտքի ոլորտէն ներս` ներդրումային դրամատուներու, գործնական կառավարման եւ հումքի ֆինանսաւորման միջոցով: Այն նաեւ էական շահագրգռուածութիւն ունի ուժանիւթի հատուածին մէջ, որ կը տարածուի ինչպէս Ամերիկայի, այնպէս ալ Ռուսիոյ շուկաներուն մէջ: Էրտողանը բնաւ չէր անհանգստացուցած այն փաստը, որ Թերմենճեանը արդէն ներգրաւուած էր Անվտանգութեան բաժանմունքի կողմէ իրականացուող ծաւալուն հետապնդումի մէջ` դրամի լուացման, հարկերէ խուսափելու եւ գողցուած վառելանիւթի գծով: Էտկար Սարգսեանը, որ ամերիկեան «Էս. Պի. Քէյ. Հոլտինկզ»-ի նախկին նախագահն ու փաստաբանն էր, 14 յուլիս 2017-ին դատարան ներկայացուցած հայցով նշած է, որ ռուս [հայ] Թերմենճեանը յանցաւոր կազմակերպութեան ղեկավարն է: Տեղին է յիշեցնել, որ ան 1993 թուականին ձերբակալուած էր Ամերիկայի մէջ` կազի հարկերու խարդախութեան յանցանքով, մինչ ռուսական մաֆիան անցեալ դարու 80-90-ականներուն աշխուժօրէն ներգրաւուած էր նման խարդախութեան մէջ: Անոր դէմ մեղադրանք արձանագրուած է նաեւ անցեալին` հարկային կեղծարարութեան եւ զինուած յարձակման համար, իսկ 2013-ին ան ծեծկռտուքի յանցանքով դատապարտուած է», կը հաղորդէ Պոզքուրթ:
Հետաքրքրական է, որ «Քորքմազը կարծես թէ հիմնական այն օղակն է, որ Քինկզթըններն ու Թերմենճեանը կը կապէ Էրտողանի մտերիմ Էքիմ Ալփթեքինին հետ, որուն «Ինովօ Պի. Վի.» հոլանտական կեղծ ընկերութիւնը վարձած է նախկին ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Մայք Ֆլինի «Ֆլինն Ինթել Կրուփ»-ը` զրպարտչութեան քարոզարշաւ ունենալու եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող հոգեւորական, մահմետական մտաւորական Ֆեթուլլահ Կիւլենը զրպարտելու համար, որ յայտնի է իբրեւ Էրտողանի վարչակարգի հիմնական քննադատող: Ֆլին վարձած է ԿՀՎ-ի (CIA-ի) նախկին տնօրէն Ճէյմս Վուըլսի, 2016 օգոստոսին, Քալիֆորնիոյ մէջ Քորքմազին եւ Ալփթեքինի միջեւ կատարուած հանդիպման ժամանակ` Կիւլենի դէմ աշխատանքներ տանելու համար: 20 սեպտեմբեր 2016-ին Նիւ Եորքի մէջ Վուըլսի եւ իր կինը տեսակցած են Քորքմազին եւ Ալփթեքինին հետ եւ քննարկած` այդ առաջարկը: 19 սեպտեմբեր 2016-ին Ֆլին տեսակցած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի եւ Էրտողանի փեսային` Պերաթ Ալպայրաքին հետ, որ նախարար է անոր աշխատակազմին մէջ` քննարկելու համար մէկ այլ առաջարկ` Կիւլենի առեւանգման եւ ամերիկեան հողէն զայն Թուրքիա տեղափոխելու կապուած: Երկու ամիս անց` 8 նոյեմբեր 2016-ին, Ֆլին հրապարակեց վատ գրուած, նուաստացնող խմբագրական Կիւլենի մասին` Տը Հիլ լուրերու կայքէջին վրայ. շատեր կը կասկածին, որ այդ մէկը գրուած է ոչ թէ Ֆլինի, այլ թուրք գործակալներու կողմէ: Հետագային Ֆլին ընդունեց կեղծ յայտարարութիւններ ըրած ըլլալու փաստը, որոնց շարքին` նաեւ այն, որ թրքական կառավարութեան պաշտօնեաները վերահսկած եւ ղեկավարած են իր աշխատանքը: Ան նաեւ խեղաթիւրած է իր լոպիինկը Էրտողանի կառավարութեան անունով եւ ստած` «Տը Հիլ»-ի մէջ հրապարակուած խմբագրականին մասին», գրած է Պոզքուրթ:
2017-ի մայիսին Միւլըրի խումբին հարցազրոյց տալէն ետք Ալփթեքինը փախած է Թուրքիա եւ խուսափած է դատարան կանչուելէ, երբ հետագային ծանուցագիր ուղարկուած է անոր, ապա քննիչները եզրակացուցած են, որ ան ստած է իրենց: Քորքմազին յանձնարարուած է նաեւ վկայութիւն տալ դաշնակցային գլխաւոր դատակազմին առջեւ, Ուաշինկթընի մէջ, 2017 սեպտեմբեր 22-ին, դաշնակցային քրէական օրէնքներու հնարաւոր խախտումներու` ներառեալ «Օտարերկրեայ գործակալներու գրանցման մասին օրէնքի» (FARA) համար: Ան չէ ներկայացած դատարան: «Հաւանաբար, 450 հազար տոլարի գումարը, որ Ալփթեքինին հոլանտական կեղծ ընկերութիւնը վճարած էր Ֆլինի, իրականութեան մէջ փոխանցուած է Քորքմազէն: Եութայի մեղադրական եզրակացութիւնը բացայայտած է, որ Թերմենճեանը 2017 օգոստոսին փախած է Թուրքիա, այն օրը, երբ անոր տան եւ գրասենեակներուն մէջ խուզարկութեան թոյլտուութիւն տրուած էր», յայտնած է Պոզքուրթ:
«Եթէ Թուրքիոյ մէջ դատական անկախ համակարգ ըլլար, ապա այս մասին նախ եւ առաջ պէտք էր հանդէս գար թրքական քրէական արդարադատութեան համակարգը, այն ատեն Էրտողան ստիպուած կ՛ըլլար առնուազն հրաժարելու իր պաշտօնէն, այդ ալ` խայտառակ ձեւով: Ամենայն հաւանականութեամբ, ան եւ անոր աւազակները կը յայտնուէին բանտի մէջ` թրքական տասնեակ օրէնքներ խախտած ըլլալու յանցանքով: Սակայն այս մէկը այլեւս կարելի չէ, քանի որ կաշառուած թուրք նախագահը խեղաթիւրած է դատական համակարգը, ջնջած` լրատուական միջոցներու անկախութիւնը եւ կասեցուցած` օրէնքի գերակայութիւնը 2013 դեկտեմբերին կայացած հսկայական կաշառքի հետապնդումէն ետք, որով բացայայտուած էր անոր կաշառակերութեան փորձերը, որուն մէջ ներգրաւուած էին նաեւ Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ մեծ գործարարներ: Այժմ մենք կը տեսնենք Միացեալ Նահանգներու դատական գործողութիւնները` ընդդէմ Էրտողանի յանցագործութիւններուն, որոնք տարածուած են ընդհուպ մինչեւ Ամերիկա: Այս անգամ ան չ՛ունենար քաղաքական լծակ` դրամական միջոցներով կանխելու կամ կոծկելու համար իրեն առնչուող դատական գործերը: Մինչ այդ Էրտողան Նիւ Եորքի մէջ անյաջող փորձ մը ըրած էր Հաքան Աթիլլայի դատական գործով, եւ հաւանական է, որ նոյն ճակատագիրը կը սպասէ Էրտողանին, նաեւ Եութայի գործով», եզրափակած է Պոզքուրթը:
Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ