Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Ներկայիս համաշխարհային ամէնէն տիրական տագնապը գաղթն է: Մարդիկ ապահովական, տնտեսական եւ ընկերային պատճառներով դժգոհ իրենց բնակած երկրէն կամ հայրենիքէն, աւելի բարգաւաճ եւ անվտանգ կեանքի մը ձգտումով, բոլոր դժուարութիւններն ու վտանգները անտեսելով, կը փորձեն արտագաղթել` շատ յաճախ ապօրինի մուտք գործելով զիրենք մերժող երկիրներ: Մեծ պետութիւնները կ՛աշխատին այս տագնապը լուծել սահմաններու վրայ, սակայն գաղթը երբեմն վայրագ ձեւով արգիլելու փոխարէն` աւելի մարդկային պիտի ըլլար այդ տագնապը լուծել գաղթերու իսկ հայրենիքներուն մէջ, հակամարտութիւններ հրահրելու փոխարէն` բարգաւաճման պայմաններ ստեղծելով: «Սփեքթէյթըր» թերթը հրապարակած է յօդուած մը` վերջին օրերուն դէպի Միացեալ Նահանգներ խուժող հոնտուրասցիներու կարաւանին մասին:
Ն.
Ներգաղթեալներու Երթը Երկընտրանքի Առիթ Է Միացեալ Նահանգներու Համար
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ակնարկած է, որ դեմոկրատականները գաղտնի գումարներ յատկացուցած են աւելի քան 7000 հոնտուրասցի գաղթականներու «կարաւան»-ին, որ կ՛ուղղուի դէպի Միացեալ Նահանգներ:
Ոմանք այդպէս չեն խորհիր:
Միացեալ Նահանգներու միջանկեալ ընտրութեան ընդառաջ, եթէ որեւէ կուսակցութիւն կրնար հովանաւորել ցարդ Միացեալ Նահանգներ հասնող զանգուածային ամէնէն մեծ ներգաղթողներու խումբը, հանրապետականները կ՛ըլլային:
Քաղաքական առումով, այս երեւոյթը նուէր մըն է:
Հազարաւոր աղմկարար ապաստան հայցողները խռնուած էին ոչ մէկ արտաքնոց ունեցող կամուրջի մը վրայ, խուճապահար, զիրար հրմշտկելով, իրարու հետ կռուելով, պահանջելով անցնիլ Մեքսիքայի սահմանը, որպէսզի ներխուժեն Միացեալ Նահանգներ:
Ասիկա ներգաղթի հակառակող հանրապետականներուն համար նպաստաւոր պատկեր մըն էր:
Թրամփ կը սպառնայ փակել ամերիկեան սահմանը եւ զինուորներ դիրքաւորել: Այդուհանդերձ, հոնտուրասցիներուն մեծ մասը կ՛անցնի կամուրջէն` լողալով կամ նաւակներով Սուչիա գետի մեքսիքական կողմը ուղղուելով:
Այժմ այդ հոսքը կ՛ուղղուի դէպի իր վերջին արգելքը, որ պաշտպանուած է Մեքսիքայի դաշնակցային ոստիկանութեան կողմէ: Ատիկա Էլ Նորթն է:
Անհանդուրժելի է շարժող, քալող այդ բազմութեան պատկերը, որ լեցուն է իրենց մայրերուն կառչած ճչացող մանուկներով. անոնք ուխտած են երբեք չվերադառնալ իրենց հայրենիքը:
Ատիկա միայն ներկայի պատկերը չէ, այլեւ` ապագայի տեսլական մը:
Մէկ ուղղութեամբ զանգուածային գաղթը այս դարու ամէնէն մեծ պատմութիւնն է: Ատիկա կրնայ աւելի դրդել, հրահրել ահաբեկչութիւնը եւ յառաջացնել կլիմայի փոփոխութիւն:
Նախագահ Տանըլտ Թրամփ պաշտպանելով «կարաւանին» մուտքը Միացեալ Նահանգներ արգիլելու իր վճռակամութիւնը` հոնտուրասցիներէն շատերը անուանեց «վատ մարդիկ»:
Լա՛ւ, հաւանական է, որ վայրագութիւնը իրենց ետին ձգած, յուսահատ, կատաղի ամբոխին մէջ ըլլան քանի մը «վատ մարդիկ»:
Սակայն Թրամփէն կը վրիպի այն կէտը, որ գաղթականներէն ոմանք «վատ մարդիկ» նկատելը պարտուողականութեան ապացոյց է: Խնդիրը այն չէ, որ անոնք վատ են: Խնդիրը այն է, որ անոնք մարդիկ են: Կատարեալ արժանի մարդիկ, որոնք անբախտութիւնը ունեցած են ծնելու կեղտոտ վայրի մը մէջ:
Գաղթականներու հետ լրատու միջոցներու հրապարակած որեւէ հարցազրոյցի մէջ անոնց պատմութիւնը համակրելի է:
Այս իմաստով, բաց սահմաններու գաղափարը միշտ ողջունելի եղած է:
Արեւմուտքի մէջ մենք կը լսենք նոյն կոչերը, եւ ատիկա միշտ ալ համոզիչ է. անոնք մարդիկ են, որոնք միայն կ՛ուզեն աշխատիլ, գտնել անվտանգ տուներ, ուր իրենց ընտանիքները պահեն, զաւակները մեծցնեն եւ «աւելի լաւ կեանք» մը ունենան, մեր «աւելի լաւ կեանքը»:
Անոնց եւ մեր միջեւ միակ տարբերութիւնը որակական չէ, այլ` աշխարհագրական: Անոնք հոն են, իսկ մենք հոս ենք:
Մենք բախտաւոր ենք, անոնք չեն: Լաւ կամ վատ ճակատագիրը ընտրովի չէ: Ամերիկացիները այլեւս հոնտուրասցիներէն աւելի ոչ մէկ բարոյական իրաւունք ունին հանգիստ տուներու եւ անվտանգ փողոցներու:
Գաղթի հարցը կը խոչընդոտէ բազմաթիւ բարոյագիտական խնդիրներ, բայց ատիկա բարոյականութեան մասին չէ: Ատիկա շահախնդրութեան մասին է: Այդ պատճառով այնքան անյարմար կը դառնայ: Շահախնդրութեան ձգտումը պարտադիր չէ, որ ներդաշնակ ըլլայ առաքինութեան հետապնդման հետ:
Հոնտուրաս, Նիքարակուա, Կուաթեմալա եւ Սալվատոր` բոլորը կը տառապին շարունակուող բազմաթիւ յանցագործութիւններէ, քաղաքական անկայունութենէ եւ տնտեսական տագնապներէ:
Եթէ խեղճ հեռանկարները եւ բռնութեան մշակոյթը կ՛արդարացնեն ապաստան տալը, այդ երկիրներու իւրաքանչիւր քաղաքացի ատոր իրաւունքը կ՛ունենայ:
Ատիկա 39 միլիոն մարդ է: Վենեզուելայի վերջին օրինակը նկատի առնելով` ամբողջ երկիրը պարզապէս դատարկելու հեռանկարը այլանդակ չէ: Այսուհանդերձ, օրինակ, կարելի չէ պատկերացնել Նիւ Եորք քաղաքը (ուր արդէն տեղակայուած են կեդրոնական ամերիկացիներ, ելեկտրական հեծանիւներու վրայ փիցցաներ առաքելով) ողողուի աւելի քան մէկ միլիոն իրենց հայրենակիցներով, նոյնիսկ եթէ անոնք աշխատասէր եւ «լաւ մարդիկ» են:
Կ՛ակնկալուի, որ ձախակողմեան լրատուամիջոցները կը շարունակեն ընտանիք ընտանիքի ետեւէ վազեցնել, գաղթի շարունակուող ճգնաժամի պատճառով գաղթականութեան ճգնաժամի ընթացքին, տեսախցիկով ցուցադրելու, որ անոնք եկած են ահաւոր երկար ճամբէ, թէ` անոնք միայն կը ձգտին բարգաւաճիլ, եւ թէ` անոնց խոյս տալու հանգամանքները ահաւոր են:
Բայց ասիկա սխալ խօսակցութիւն է, ճիշդ այնպէս, ինչպէս Թրամփի մեղադրանքը, որ Հոնտուրասի «կարաւանին» խառնուած են «վատ մարդիկ»:
Եթէ փորձարկումը այն է, որ արդեօ՞ք գաղթականները մեզի նման արարածներ են, եւ արդեօ՞ք անոնք կու գան աւելի վատ վայրէ մը, քան` այն երկիրը, որ կը ցանկան: Այսպէս մտածող անխելքի մը հետ կարելի չէ խօսակցիլ:
Եւրոպան դրացի է ցամաքամասի մը, որուն բնակչութիւնը կը կրկնապատկուի մինչեւ 2050 թուական, մինչեւ 2,5 միլիառ, 2100 թուականին հասնելով 4,5 միլիառի: Ասիկա ցամաքամաս մըն է, որ բացայայտօրէն պիտի տառապի կլիմայի փոփոխութենէն, որ արդէն իսկ անապատացման ենթարկուած է, եւ ուր միշտ ալ երաշտը սպասելի է: Աղքատ է եւ` փտած:
Ատոր կառավարումը լայնօրէն սարսափելի է: Եւ բազմաթիւ ափրիկեցիներ ունին բջիջայիններ, որոնք զանոնք հաղորդակցութեան մէջ կը դնեն խոստացուած երկրին հետ, ուր կեանքը այնքան ալ կեղտոտ, դաժան եւ կարճ չէ:
Միացեալ Նահանգներու համար հոնտուրասցիները տատանումներ են մօտեցող ալիքին: Եւրոպայի համար 2015-ին միայն նախերգանք էր:
Սակայն այս աշնանային կարաւանները կրնան հետագային արդիւնաւէտ դիւանագիտական կանոնակարգ դառնալ: Սահմաններու բազմամարդ, կազմակերպուած յարձակումները կրնան յաղթահարել ֆիզիքական խոչընդոտները եւ ջախջախել վարչակազմը:
Գաղթականները, որոնք փորձեցին ներխուժել Սուէտա եւ Մելիլա, զգալի յաջողութիւններ ունեցան` միաժամանակ յարձակելով ցանկապատներու վրայ, վար առնելով ատոնք: Պէ՞տք է արդեօք անոնք Հոնտուրասէն սկսէին: Այժմ Լիպիոյ մէջ արտագաղթելու պատրաստուող զայրացած մարդիկ, կրնան նոյն օրը Միջերկրական ծովուն մէջ նաւարկել անապահով լաստանաւով:
Միլիոնաւոր, եթէ ոչ միլիառաւոր արժանապատիւ մարդիկ` սնունդ, մաքուր ջուր, ապաստան եւ բժշկական խնամքի կարիք ունեցող սովորական մարդիկ, պարտաւոր են կազմել բարոյական շանթաժի ձեւ մը: Անոնք բոլորն ալ սրտաճմլիկ պատմութիւններ պիտի ունենան: Եւ եթէ մենք շարունակենք դիմակայել այդ հարցը` որպէս համակրանքի հարց, այլ ոչ թէ` գոյատեւման շահախնդրութիւն, գրեթէ բոլորն ալ ներս կու գան:
Թոմաս Ֆրիտմանը սրամիտ, ճշգրիտ բնութագրած է Արեւմուտքը ընդդէմ մնացեալին, որպէս կարգ` ընդդէմ անկարգութեան:
Սակայն գերակշռող բարեգործական համակարգերով արագացնելով մշակութային ցնցումները եւ բարձրացնելով աջակողմեան ռազմականութիւնը` օրէնքի երկիրները կրնան քաոսի մէջ իյնալ:
Եթէ յաջորդ քանի մը տասնամեակներու ընթացքին մենք գաղթը պիտի դիտենք լայն ծաւալներով, պէտք է մենք կարենանք զարգացնել կարծր սիրտ, կամ պարզապէս` զիջիլ, անձնատուր ըլլալ մեր հսկողութենէն դուրս մեզմէ աւելի մեծ ուժերու:
Յստակ չէ, թէ ո՛ր մէկը աւելի վատ է:
Մեքսիքա Աշխատանք Կ՛առաջարկէ Դէպի Միացեալ Նահանգներ Շարժող Կարաւանի Հազարաւոր Անդամներուն
Մեքսիքան աշխատելու ժամանակաւոր արտօնութիւն առաջարկած է գաղթականներուն, որոնք ապաստան կը խնդրեն երկրէ:
Այսպիսով, երկրի իշխանութիւնները կը փորձեն կանգնեցնել Կեդրոնական Ամերիկայէն Միացեալ Նահանգներ ուղեւորուող «գաղթականներու կարաւանը»:
Նոյնպէս կը նախատեսուի ինքնութիւնը հաստատող ժամանակաւոր փաստաթուղթեր յանձնել, բժշկական օգնութիւն տրամադրել եւ ապահովել երեխաներու կրթութիւնը:
Այդ բոլորը ստանալու համար գաղթականները պէտք է մնան Մեքսիքայի Չիապաս եւ Օահաքա հարաւային նահանգներուն մէջ:
Միացեալ Նահանգներ նախապէս զգուշացուցած էին, որ շուրջ 800 զինուորներ կրնայ ուղարկել Մեքսիքայի հետ սահման` կանգնեցնելու համար գաղթականները:
Դէպի Մ. Նահանգներու Սահման Շարժող Գաղթականներու «Կարաւանին» Գիշերուան Մը Մէջ 5 Հազար Մարդ Միացած Է
Հոնտուրասէն եւ լատինամերիկեան այլ երկիրներէ, «կարաւանին» երկարութիւնը աւելի քան 4 քիլոմեթր է եւ արդէն ունի շուրջ ութ հազար անդամ: Այս մասին կը գրէ բրիտանական «Տէյլի Մէյլ» թերթը, ըստ որուն, սկիզբը «կարաւանը» բաղկացած էր երկու հազար մարդէ: Գաղթականներու թիւը հինգ հազարով աւելցած է միայն գիշերուան մը ընթացքին:
Գաղթականներուն մէկ մասը` 640 հոգի, ներկայիս կը գտնուի Մեքսիքայի տարածքին մէջ, ուր յայտնուած է Կուաթեմալայի սահմանը հատելէ ետք: Միւսները կը գտնուին Կուաթեմալայի մէջ:
Անոնք նպատակ ունին Մեքսիքայէն անցնիլ եւ հասնիլ Միացեալ Նահանգներու սահման եւ «երազներու երկրին» մէջ ապաստան ստանալ:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ սպառնացած է այլեւս օգնութիւն չտրամադրել Հոնտուրասին եւ Կուաթեմալային, եթէ «կարաւանին» ընթացքը չկասեցուի:
Թրամփ յայտարարած է, որ գաղթականներու «կարաւանը» քաղաքական դրդապատճառներ ունի` ատոր համար մասամբ մեղադրելով նոյնպէս Միացեալ Նահանգներու դեմոկրատականները: Այս հարցին մէջ Թրամփին հետ նոյնպէս համակարծիք են Հոնտուրասի եւ Կուաթեմալայի նախագահները:
Մինչ իրենք` գաղթականները պատմած են, որ կը փախչին իրենց հայրենիքին մէջ տիրող անմխիթար վիճակէն, աղքատութենէն եւ յանցագործութիւններէն:
Հոնտուրաս աշխարհի մէջ ամէնէն վտանգաւոր երկիրներէն է, ուր բռնութեան մակարդակը չափազանց բարձր է. ըստ վիճակագրական տուեալներու, այդ երկրին մէջ իւրաքանչիւր 100.000 բնակիչի 43 առ հարիւրը կը սպաննուի:
«Հոլովոյթը առթէն սկսած է»,
Թրամփ գաղթականներու` Միացեալ Նահանգներու մէջ
ծնած-երեխաներուն այլեւս քաղաքացիութիւն պիտի չտայ
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր վերջին հարցազրոյցին մէջ յայտնեց, որ մտադիր է ստորագրել նոր հրամանագիր մը, որով վերջ կը դրուի, այսպէս կոչուած, հողի սկզբունքով քաղաքացիութիւն ստանալու կիրարկութեան, որ կ՛արտօնէ ոչ քաղաքացիներու եւ ապօրինի գաղթականներու` Միացեալ Նահանգներու մէջ ծնած երեխաներուն քաղաքացիութիւն ստանալ:
Յատկանշական է, որ նորածինին քաղաքացիութիւն կը շնորհուի անկախ այն փաստէն, որ անոր ծնողը կամ ծնողները գաղթականներ են, ապօրինի գաղթականներ, կամ օրինական ճամբով յայտնուած են Միացեալ Նահանգներու մէջ:
Այս օրէնքը խթանած է «ծննդաբերական զբօսաշրջութեան» եւ «շղթայական գաղթի» զարգացումը:
Թրամփ նկատել տուած է, որ Միացեալ Նահանգներ աշխարհի մէջ միակ երկիրն են, ուր քաղաքացիութիւն չունեցող օտարերկրացին կրնայ գալ, երեխայ ունենալ եւ զայն դարձնել Միացեալ Նահանգներու քաղաքացի` ատկէ բխող բոլոր արտօնութիւններով:
«Ասիկա ծիծաղելի է, ասոր վերջ պէտք է տալ», ըսած է նախագահը:
Սակայն Թրամփին ըսածը իրականութեան չի համապատասխաներ, քանի որ հողի սկզբունքով քաղաքացիութիւն տալու հարցին մէջ Միացեալ Նահանգներ միակ երկիրը չեն: Աշխարհի մէջ կան այդպիսի շուրջ 30 երկիրներ:
Նման հրամանագիր ստորագրելու պարագային, Թրամփին որոշումը կրնայ վիճարկուիլ բազմաթիւ դատարաններու մէջ. իրաւական դաշտի բազմաթիւ մասնագէտներ կը պնդեն, որ նման փոփոխութիւն ընելու համար սահմանադրական լրացում անհրաժեշտ է:
«Ինծի կ՛ըսեն, որ ատոր համար սահմանադրական լրացում պէտք է, բայց ես ատիկա կրնամ ընել իմ կարգադրութեամբս: Հոլովոյթը արդէն սկսած է, մենք ատիկա կ’ընենք», եզրափակած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ: