Quantcast
Viewing all 17226 articles
Browse latest View live

Համազգայինի ծրագիրները միշտ մեր ուժերէն վեր եղած են, բայց յամառութեամբ ու յարատեւ ջանքերով անոնք իրականացուած են

Image may be NSFW.
Clik here to view.
Հարցազրոյց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ ընկ. Մկրտիչ Մկրտիչեանի հետ

Հարցազրոյցը վարեց՝ ՎԱՀԱԳՆ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ

14 Հոկտեմբեր 2018-ին, Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի 90-ամեակի տօնակատարութիւնը, որուն բանախօսն էր Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ ընկ. Մկրտիչ Մկրտիչեան: Ան 18 Հոկտեմբերին այցելեց «Հորիզոն»ի խմբագրատուն: Ստորեւ կը ներկայացնենք վարիչ խմբագիր Վահագն Գարագաշեանի հարցազրոյցը ընկեր Մկրտիչեանի հետ այս առթիւ.

Հ.- Համազգայինի գլխաւոր առաքելութիւններէն մէկն է կրթութեան մեր ամրոցները, որոնց հիմնադրման եւ կառուցման կապակցութեամբ՝ պատմութիւն կերտած է Համազգայինը: Այսօրուան դրութեամբ, ի՞նչ վիճակ կը պարզեն Համազգայինի Ճեմարանները:

Մ.Մ.- Մեր դպրոցներուն իրավիճակին մասին նախ ըսեմ, որ մեր հիմնական հաստատութիւնը Պէյրութի Ճեմարանն է, այդ անունը տամ, որպէսզի հասկնալի ըլլայ, որովհետեւ այդ հաստատութիւնը հիմնուած է որպէս Հայ ճեմարան, ապա եղած է Նշան Փալանճեան, աւելի ուշ՝ Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան: Անուններու այս փոփոխութիւնը եղած է բարերարներու տրամադրած մեծարժէք գումարներուն պատճառով, թէեւ հին բարերարներուն անունները անպայման կը պահուին: Այս ճշդումէն ետք ըսեմ, որ կրթական գետնի վրայ՝ Ճեմարանը բացառիկ իրավիճակ կը պարզէ, հակառակ անոր որ գիտակրթական ասպարէզին մէջ միշտ սրբագրելի, նորոգելի եւ արդիականութեան հետ քայլ պահելու հարցեր կան, ինչպէս նաեւ լիբանանահայութեան թիւն ալ նոսրացած է, սակայն կը կրկնեմ՝ Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանը նախանձելի դիրք ունի եւ նոր թափով վերանորոգման հանգրուան մը կ’ապրի, շնորհիւ նոր տնօրէնին, առանց ժխտելու, որ Ճեմարանը նոյնիսկ պատերազմի օրերուն հայ կրթութեան դարփնոց եղած է, որուն վկաները դո՛ւք էք, ձե՛ր սերունդը, որ պատերազմի օրերուն Ճեմարան յաճախեցիք, եւ այսօր բոլորդ պաշտօններ ստանձնած էք թէ՛ Գանատայի, թէ՛ Ամերիկայի մէջ եւ այլուր: Գալով պետական քննութիւններուն՝ յաջողութեան համեմատութիւնը մի՛շտ 100 %-ի շուրջ եղած է, իսկ հայագիտական նիւթերու հարցով՝ «Ազդակ»ի «Զաւարեանական» էջը վկայ է մեր աշակերտներուն մակարդակին մասին, ուր ուսուցիչները, բացի ուղղագրական սխալներէ, ոճն ու խորքը սրբագրութեան չեն ենթարկեր, կը հրատարակենք նաեւ «Ջահակիր»ը, որ հարազատ պատկերն է մեր աշակերտներուն հայերէնագիտութեան:

Նոյնը կրնամ ըսել Մարսէյլի պարագային՝ քիչ մը վերապահութեամբ հայագիտական նիւթերու առնչութեամբ, որովհետեւ այդտեղ այլ տեսակի դժուարութիւններ կան, իսկ ինչ կը վերաբերի աշակերտութեան թիւին՝ դպրոցը հասած է իր կարողականութեան վերին սահմանին, այսինքն 400 հոգիի համար կառուցուած դպրոց է, եւ 390-էն աւելի է աշակերտութեան թիւը. տարիներէ ի վեր դպրոցը աշակերտ մերժելու վիճակին մէջ է, այդ հարցը տեղւոյն պատասխանատուները պէտք է լուծեն, որովհետեւ մենք չենք ուզեր մերժել հայերէն սորվիլ եւ հայկական մթնոլորտին մէջ մնալ ուզող աշակերտը:

Ունինք նաեւ Աւստրալիոյ դպրոցը, որուն մասին նոյն բանը կրնամ ըսել: Բայց Համազգայինի նորութիւնը այն է, որ քանի մը տարիէ ի վեր կը գործակցինք Փարիզի Թարգմանչաց վարժարանին հետ, իրենց հրաւէրով, այսինքն դպրոցի պատասխանատուները անդրադարձած են, որ Համազգայինը իր դպրոցները յատուկ գուրգուրանքի առարկայ կը դարձնէ: Կը մտածուի նախակրթարանին կողքին դպրոցը օժտել միջնակարգով: Դպրոցը վերակոչուեցաւ Համազգային Թարգմանչաց վարժարան, եւ այնուհետեւ աշակերտութեան թիւը աւելցաւ: Ըսեմ նաեւ, որ Համազգայինի ներկայացուցած տնօրէնը նոյնպէս ճեմարանական է, եւ դպրոցը իր յաջողութիւնը կը պարտի իրեն, աւելի քան Կեդրոնական վարչութեան:

Հ.- Անցնող քառամեակին Համազգայինը սերտ համագործակցութեան մէջ էր Երեւանի պետական համալսարանին հետ, եւ այդ համագործակցութենէն ծնունդ առած է նաեւ հայերէնի ուսուցիչներու պատրաստման ծրագիրը: Ի՞նչ վիճակ կը պարզէ այսօր այդ ծրագիրը:

Մ.Մ.- Երեւանի Պետական Համալսարանին հետ գործակցութիւնը սկսած է Համազգայինի հիմնադրման իսկ օրերէն, այսինքն վերջին քանի մը տարիներու երեւոյթ չէ. յիշեցնեմ, որ Լիբանանի մեր Հայագիտական հիմնարկին դասախօսները կա՛մ Երեւանի Պետական Համալսարանին պաշտօնեաներ էին եւ կա՛մ Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիայի անդամ գիտնականներ: Չմոռնանք նաեւ, որ Ճեմարանի հիմնադիրներէն Նիկոլ Աղբալեանը Երեւանի Պետական համալսարանի ալ հիմնադիրն է, այնպէս որ գործակցելու ձգտում միշտ ալ եղած է երկուստեք:

Երեւանի Պետական համալսարանին հետ գործակցաբար կ’իրագործենք երկու ծրագիր. առաջինը գիտաժողովներու կազմակերպումն է, որ կ’իրականցուի տարեկան դրութեամբ: Ծանօթ է բոլորիս, որ սփիւռքահայ գրագէտներու հարցով վերապահութիւն կար համայնավար կարգերուն կողմէ: Սփիւռքի մէջ արեւելահայ գրականութիւն կը դասաւանդուէր, մինչ Հայաստանի մէջ արեւմտահայ գրողներու հանդէպ անբաղձալի կեցուածք կար, ուրեմն մենք հայրենի հասարակութեան արեւմտահայ գրագէտները ծանօթացնելու հարց ունէինք՝ ուսանողութեան ճամբով: Այս մէկը կենսական պատճառը եղած է այդ գիտաժողովներուն:

Երկրորդ ծրագիրը մշակուեցաւ Լիբանանի Հայագիտական հիմնարկին փակուելէն ետք: Հայերէնի ուսուցիչներու, ինչպէս նաեւ լրագրողներու, խմբագիրներու պատրաստման խնդիր ունէինք, հետեւաբար հինգ տարիէ ի վեր այս հարցով կը գործակցինք Երեւանի Պետական Համալսարանին հետ. արդէն երեք շրջանաւարտներ ունինք, որոնցմէ երկուքը կը պաշտօնավարեն Լիբանանի հայկական վարժարաններու մէջ (մէկ հատը՝ ճեմարան), իսկ երրորդը կը պաշտօնավարէ Նարեկ վարժարան, Նիկոսիա: Նշեմ, որ թեկնածուներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կու գայ Լիբանանէն, բացի մէկ հոգիէ, որ կու գայ Պոլիսէն. այսինքն այն շրջանները որոնք ամենէն շատ պէտք ունին (Արեւմտեան Եւրոպա, Գանատա, Միացեալ Նահանգներ, Հարաւային Ամերիկա), տակաւին այս ծրագրին դժբախտաբար չեն մօտեցած: Այդ երկիրներու պետութիւնները, հասկնալի պատճառներով, այլեւս կը պահանջեն, որ իրենց հաստատութիւններուն մէջ պատրաստուին ուսուցիչները, հետեւաբար մենք կը պահանջենք, որ ենթադրեալ պաշտօնավարութեան երկրէն ներս կրթական ասպարէզի վկայականը առնելէ ետք ուսանողները հետեւին Երեւանի Պետական համալսարանի երկու տարուան մագիստրոսականին՝ հայագիտական նիւթերու, որպէսզի երկիր վերադառնալէ ետք իրաւունք ունենան պաշտօնավարելու մեր հայկական վարժարաններէն ներս:

Հ.- Համազգայինը իր ցանցատարած գործունէութեամբ տարածուած է սփիւռքի զանազան գաղութներու մէջ, եւ մշակութային իր առաքելութեամբ գործօն դերակատարութիւն ունի այդ համայնքներէն ներս. ուշագրաւ երեւոյթ է սակայն, որ կարգ մը ցամաքամասերու եւ հայահոծ շրջաններու մէջ տակաւին մուտք չէ գործած, խօսքս կը վերաբերի Արեւելեան Եւրոպային, Հարաւային Ամերիկային եւ յատկապէս 2 միլիոն հաշուող Ռուսաստանի գաղութին. արդեօ՞ք Համազգայինը հեռակայ ծրագիրներ ունի աշխարհագրական այս տարածքներուն մէջ:

Մ.Մ.- Նախ յայտնեմ, որ Միացեալ Նահանգներուն կամ Ամերիկեան ցամաքամասին մէջ ընդհանրապէս կրթական հաստատութիւն չունի Համազգայինը. ատիկա արդիւնք էր այն մտայնութեան, որ գոյութիւն ունէր մինչեւ նախորդ դարու 60-ական թուականները, թէ՝ այս ցամաքամասը ազգերու ցուլման միջավայր է, հետեւաբար որեւէ կրթական հաստատութիւն այստեղ չի կրնար յաջողութիւն գտնել, մենք օժանդակենք Միջին Արեւելքի հաստատութիւններուն, որպէսզի արդիականանան եւ մեզի հարկ եղած անձնկազմը ուղարկեն: Այսօր կը տեսնենք, որ այդ քաղաքականութիւնը այդքան ալ ճիշդ չէր եղած, եւ կրթական հաստատութիւնները ինչքան ալ խոցելի կէտեր ունենան, անհրաժեշտ են: Սակայն ըսեմ նաեւ, որ Համազգայինը առանձնաբար կարելիութիւնը, մանաւանդ՝ նիւթական կարելիութիւնը չունի նման հաստատութիւններ հիմնելու, բայց եթէ այդպիսի տրամադրութիւն կայ, Համազգայինը երբեք չի կրնար այդպիսի բան մերժել, յատկապէս, եթէ ապահովուին նիւթական միջոցները: Գալով ձեր հարցումին, մեր կառոյցները, որոնց մասին խօսեցայ, Կեդրոնական վարչութեան Պատգամաւորական ժողովներու առնուած որոշումներու գործադրութիւնները եղած են: Ճիշդ է, որ Համազգայինը մշակութային գործունէութեան հարցով (պարախումբ եւ այլն) կը գործէ ապակեդրոնացեալ դրութեամբ եւ համագործակցութեամբ տեղւոյն այլ մարմիններուն հետ, սակայն կրթական մարզը գրեթէ ամբողջութեամբ Կեդրոնական վարչութիւնը իր ուսերուն վրայ առած է, որովհետեւ կ’ենթադրուի, որ այդ կեդրոնացումը անհրաժեշտ է այդ պարագային: Համազգայինը այսօր կը գործէ 16-17 երկիրներու մէջ, նոր շրջաններէն յիշեմ Քուէյթը, ինչպէս նաեւ վերը նշեցի Փարիզի Համազգայինի Թարգմանչաց վարժարանի որդեգրումէն ետք նոր մասնաճիւղ մը պիտի հիմնուի մօտօրէն հոն:

Հ.- Ողջունելի երեւոյթ է Համազգայինի ծլարձակումը Արցախի Հանրապետութեան մէջ, այնտեղ կը գործէ արդէն Համազգայինի գրասենեակը եւ որպէս առաջին միջոցառում՝ համերգ մը կազմակերպուեցաւ Ստեփանակերտի մէջ: Ի՞նչ ծրագիրներ ունի Արցախի Համազգայինը:

Մ.Մ.- Պէտք է ճշդեմ, որ Արցախի, ինչպէս Երեւանի պարագային, Համազգայինը ունի միայն գրասենեակներ, կառոյցներ չունինք, մասնաճիւղեր չունինք, եւ առ այսօր նման մտադրութիւն ալ չկայ, որովհետեւ այնտեղ, ուր Կրթական նախարարութիւն կայ, Մշակոյթի նախարարութիւն կայ, Համազգայինը չի կրնար այդ մակարդակի դերակատարութիւն ունենալ: Համազգայինի մասին ըսուած է, թէ ան սփիւռքեան գաղութներու կրթական եւ մշակութային նախարարութիւնն է: Մինչ Հայաստանի եւ Արցախի պարագային՝ այդ մէկը խորթ կը թուի, հետեւաբար մենք ունինք գրասենեակներ, որոնք ձեռնարկներ եւ գիտաժողովներ կը կազմակերպեն: Արցախի մէջ եւս ունեցանք գիտաժողով Արցախի համալսարանէն ներս, սակայն մեր առաքելութեան մաս կը կազմէ նաեւ Արցախի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ մշակութային կեանքը կազմակերպել, քաջալերել կամ գոնէ թատրոն մը ներկայացնել:

Հ.- Այսօր կ‘ապրինք գիտարուեստի յառաջընթացի ժամանակներուն մէջ. այս գծով Համազգայինը իր հրատարակչական, կրթական թէ մշակութային գործունէութեան մէջ ինչպէ՞ս քայլ կը պահէ գիտարուեստի զարգացումներուն հետ եւ այդ զարգացումներուն զուգընթաց՝ ինչպէ՞ս կը ներգրաւէ նոր սերունդը:

Մ.Մ.- Կարեւոր մատնանշում մըն է այս: Ըսեմ, որ աւարտական իր փուլին հասցուցած ենք յատուկ մշակութային կայքէջ մը, որ հրապարակ կ’իջնէ ամենէն ուշը՝ յաջորդ երեք ամիսներուն ընթացքին: Այդ կայքէջը ընդհանրական անցեալը ներկային կապող, աշխարհագրական բոլոր շրջանները ներառող, մշակոյթի բոլոր արտայայտութիւնները ընդգրկող, ինչպէս նաեւ օգտագործողներու հետ անմիջական յարաբերութեան մէջ մտնելու իմաստով բացառիկ առիթ պիտի ըլլայ: Մեր հրատարակելի կայքէջին անունն է h-pem, հայերէն բեմ, զոր լատինատառ կը գրենք, որովհետեւ սկզբնականօրէն օգտագործելի լեզուն պիտի ըլլայ անգլերէնը՝ կարենալ հասնելու համար բոլոր սերունդներուն: Այս մէկը մեծ քայլ է դէպի արդիականացում, թերեւս քիչ մը ուշացած, թերեւս քիչ մըն ալ մտավախութեամբ՝ յատկապէս նիւթական միջոցներ ապահովելու հարցով, սակայն միշտ ալ Համազգայինի ծրագիրները մեր ուժերէն վեր եղած են, եւ յամառութեամբ ու յարատեւ ջանքերով իրականացուած: Մենք կը վստահինք մեր հասարակութեան ներդրումին եւ վստահ ենք, որ իրենց աջակցութիւնը պիտի չզլանան:

 


Պատարագը Համերգ Չէ

Image may be NSFW.
Clik here to view.

ՏԷՐ ԹՈՐԳՈՄ ՔՀՆՅ. ՉՈՐՊԱՃԵԱՆ

Հայց. առաքելական ս. եկեղեցւոյ պատարագը հրաշալիք մըն է: Բառերուն կողքին, անոր երաժշտութիւնը պատարագին մասնակիցը կը փոխադրէ երկնային ոլորտներուն ամէնէն անճանաչելի սահմանները, ուր մարդուն միտքն ու տրամաբանութիւնը չեն կրնար հասնիլ: Պատարագը երկիրը երկինք փոխադրող հոգեւոր տապանն է, որուն մէջ մեր հոգիները անպայման կը բացուին աստուածային լոյսին ու տիրական ներկայութեան: Պատարագով մեր երկրաւոր միտքերը կը փոխակերպուին, մեր մարմնաւոր տեսողութիւնը կ՛այլակերպուի, ու մեր հոգիի աչքերը կը բացուին` տեսնելու եւ ըմբոշխնելու Աստուծոյ սեղանին վրայ գտնուող երկնային մանան, մեր հոգիներուն սնունդը:

Դժբախտաբար, սակայն, այսօր մեր սիրելի հաւատացեալներէն շատերուն միտքին մէջ կայ թիւր ըմբռնում մը եկեղեցւոյ արարողութիւններուն մասին ընդհանրապէս ու պատարագին` յատկապէս: Պատարագը շատերուն համար համերգային մթնոլորտ ստեղծող այն վայրն է, ուր կ՛երթանք մեր միտքին ու հոգիին երաժշտական ճաշակը գոհացնելու եւ հիանալո՜ւ հայ ազգին երաժշտական հանճարին վրայ: Սակայն պատարագը համերգ չէ, որ այս ձեւով մօտենանք անոր: Պատարագը սոսկ երաժշտական ձեռնարկի մը վերածուելու համար չէ «գրուած»: Ճիշդ է, որ անոր երաժշտութիւնը մարդուս հոգին կ՛ազնուացնէ ու մեզ հաղորդ կը դարձնէ հայուն երաժշտութեան հանդէպ ունեցած բացառիկ սիրոյն, գովելի ճաշակին ու մանաւանդ` գերազանց թռիչքին: Մենք որքան բախտաւոր ենք, որ ունինք քառաձայն ու եռաձայն տարբեր յօրինումներ, որոնք պատարագը կը վերածեն անհուն երկինքի բարբառով խօսող իրականութենէն երկրային անզուգական ու հոգիին խորքը ճեղքող երաժշտութիւն-բալասանին, որուն գրաւչութեան սիրահարներ թիւով շատ են: Բայց մեր եկեղեցւոյ պատարագը, ունենալով հանդերձ մարդկային միտքին երաժշտական գանձարանի ճոխութիւնը, այս բոլորէն վե՛ր ու տարբեր է:

Պատարագը Հօր Աստուծոյ բարձրացուած գոհութիւն է` մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին` Յիսուս Քրիստոսի միջոցով: Պատարագի ընթացքին դպիրներ կ՛երգեն. «Ողորմութիւն եւ խաղաղութիւն եւ պատարագ օրհնութեան»: Պատարագը Քրիստոսի ներկայութեան խոստումին թանձրացեալ իրականութիւնն է: Պատարագը քրիստոնեայ մարդուն, որ մկրտութեամբ վերստին ծնած ու Աստուծոյ կողմէ որդեգրուած է, հոգեւոր աճման սնունդն ու զայն իր կատարումին առաջնորդող մովսիսեան գաւազանն է: Պատարագը Քրիստոսի փրկագործական մեծագոյն արարքը յիշելու, զայն վերապրելու, ինչպէս նաեւ անկէ եկող շնորհքներով եւ օրհնութիւններով մեր կեանքերուն ուղղութիւնը ընդմիշտ շտկելու առիթն է:

Մեր եկեղեցիներու դպրաց դասերուն մէջ ծառայող շատ մը մարդոցմէ կը լսենք թէ պատարագի երգեցողութիւնը հոգեկան ի՜նչ բաւարարութիւն կու տայ իրենց: Անոնք, որոնք ունին երաժշտական սուր ականջ ու լաւ ուսում, կը սիրեն պատարագի տարբեր յօրինումները բաղդատել, լաւագոյնը ընտրել, խօսիլ անոնց գեղեցիկ յատկութիւններուն մասին ու մանաւանդ` սորվիլ ու սորվեցնել: Այս բոլորը շատ լաւ են, ու մենք պէտք է քաջալերենք մեր նոր սերունդը, որպէսզի մեր եկեղեցւոյ պատարագին արժէքին իսկական երեսները գիտնայ ու սիրէ: Բայց եթէ պատարագի հանդէպ անոր ունեցած խանդավառութիւնն ու հետաքրքրութիւնը հո՛ս վերջ գտնեն, կը նշանակէ, որ պատարագի հասկացողութեան եւ ապրումին կեդրոնական ու ամէնէն կարեւոր մասը իր սիրտին ու հոգիին աչքերէն վրիպած է: Տակաւին կը լսենք կարգ մը մարդոցմէ, որ պատարագը «վայելած են»: Ընդհանրապէս, երբ երաժշտական համերգի մէջ ենք, կ՛ունենանք նման վայելքներ: Սակայն պատարագը այնպիսի բան մը չէ, որպէսզի վայելքներ պատճառէ: Եթէ վայելքը, որուն մասին կը խօսուի, հոգեւոր վայելք է` Տիրոջ հանդիպելու ու Տիրոջ շնորհքով ու ողորմութեամբ մեղքերու ներում ստանալու, այդ մէկը ուրիշ բան է:

Պատարագը սոսկ Հայց. եկեղեցւոյ լաւագոյն արարողութիւնը չէ, որմով պէտք է պարծենալ ու զայն բաղդատել այլ եկեղեցիներու պատարագներուն հետ: Պատարագը ս. հաղորդութեան խորհուրդն է, ուր մեր մէջ կ՛ընդունինք մեր Տիրոջ ու Փրկիչին ս. մարմինն ու ս. արիւնը: Այս կը նշանակէ, որ պատարագին մասնակցողը Տիրոջ կեա՛նքն է, որ կ՛ընդունի իր մէջ, Տիրոջ ներկայութիւնը` իր իրաւութեամբ ու լեցունութեամբ: Պատարագի մասնակցիլ` կը նշանակէ Տիրոջ կեանքին մասնակից դառնալ, անոր սիրով արբենալ ու ապրիլ կեանքը այն գիտակցութեամբ, որ Տէրը միշտ ներկայ է մեր մէջ: Ս. պատարագի մասնակցութեամբ, խոստովանութեամբ, զղջումով ու ս. հաղորդութեամբ մեր մեղքերը կը ներուին, մեր մկրտութեան` քրիստոնեայի ուխտը կը վերանորոգուի, ու մենք շնորհքի վրայ շնորհք կը ստանանք: Ս. պատարագի մասնակցիլ` կը նշանակէ նաեւ նախաճաշակը ունենալ երկինքի արքայութեան եւ Ամենասուրբ Երրորդութեան մշտական ներկայութեան, որովհետեւ ինչպէս ժամանակակից եկեղեցւոյ հայր մը կ՛ըսէ, պատարագը յաւիտենական կեանքին խորհուրդն է, կեանք մը, որ պիտի ապրինք մարմիններու յարութենէն ետք, սակայն այդ մէկը հիմա ներկայ կ՛ըլլայ, ամէն անգամ որ ս. պատարագին կը մասնակցինք:

Ս. Իրէնիոս կ՛ըսէ. «Ինչպէ՞ս կ՛ըսեն, թէ այս մարմինը, որ կերակրուեցաւ Տիրոջ մարմնով եւ արեամբ, ապականութեան կ՛երթայ ու կեանք չի ստանար: Եթէ այդպէս է, ուրեմն թող հրաժարին իրենց նպատակէն կամ թող դադրին ընծաները մատուցելէ»:

 

 

 

Պատմական Մեծ Դէմքեր. Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները

Խրիմեան Հայրիկի Վերադարձը
Տարօն Եւ Սուրբ Կարապետի Վանք

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Սուրբ Կարապետ տաճարը եւ զանգակատունը

Խրիմեան Հայրիկ, Տարօնի առաջնորդութենէն հրաժարական տալէն ետք, 1865-ին, մեկնեցաւ Կարին եւ հիւր եղաւ շրջանի առաջնորդ Յարութիւն եպիսկոպոս Վեհապետեանին:

Խրիմեան Հայրիկ Յարութիւն եպիսկոպոսին պատմեց Տարօնի հայութեան խռովայոյզ վիճակին եւ Սուրբ Կարապետի վանքի վանական երկպառակութիւններու մասին:

Իր կարգին Յարութիւն եպիսկոպոս Տարօնի հայութեան խռովայոյզ վիճակին մասին մանրամասն տեղեկագիր մը պատրաստեց եւ ուղարկեց Պոլիս` պատրիարքարան:

Մինչ այդ Տարօնի մէջ Խրիմեան Հայրիկի հակառակորդ հոգեւորականները սկսան լուրեր տարածել, ըստ որոնց Մկրտիչ վարդապետ Սուրբ Կարապետի վանքին գանձերը կողոպտած եւ խաչերն ու Աւետարանները գողցած ու փախուստ տուած է:

Իր կարգին պատրիարքարանը հեռագիր մը ուղարկեց Կարին` Յարութիւն եպիսկոպոսին, հրահանգելով անոր Մուշ մեկնիլ եւ Տարօնի ազգային գործերուն շուրջ քննութիւն բանալ:

Պատրիարքարանին հեռագիրը ստանալէն ետք Յարութիւն եպիսկոպոս Մուշ մեկնեցաւ եւ քննութիւն բացաւ, հարցաքննութեան ենթարկելով հոգեւոր ու ազգային գործիչները եւ վկաները: Յետոյ Մուշէն մեկնեցաւ Սուրբ Կարապետի վանք եւ հարցաքննեց միաբանները: Բոլոր տուեալները եւ վկայութիւնները կը հաստատէին Խրիմեան Հայրիկի անմեղութիւնը:

Խրիմեան Հայրիկի հակառակորդները ըմբռնեցին, որ ծանր պատասխանատուութեան տակ պիտի իյնան եւ փորձեցին մոլորեցնել Յարութիւն եպիսկոպոսը:

Միւս կողմէ, գիւղերուն մէջ ժողովրդային հանրագրութիւններ սկսան: Հանրագրութիւնները կ՛ըսէին, որ Խրիմեան Հայրիկ եկեղեցւոյ եւ ազգի շահերուն միակ պաշտպանը եղած է Տարօնի մէջ: Այդպիսի բազմաթիւ հանրագրութիւններ ներկայացուեցան Յարութիւն եպիսկոպոսին:

Յարութիւն եպիսկոպոս համոզուեցաւ, որ Խրիմեան Հայրիկի դէմ ամբաստանութիւնները ստոր զրպարտութիւններ եւ դաւեր են:

Իր կատարած քննութիւններուն շուրջ մանրամասն տեղեկագիր մը պատրաստելով Յարութիւն եպիսկոպոս հաստատեց, որ Խրիմեան Հայրիկի հակառակորդ վեց վարդապետներ են գլխաւոր յանցաւորները:

Յարութիւն եպիսկոպոս իր տեղեկագիրը ուղարկեց Պոլիս, պահանջելով, որ պատրիարքարանը պատժէ խռովարար եւ ազգադաւ վեց վարդապետները եւ ընդառաջելով ժողովուրդի ցանկութեան Մկրտիչ վարդապետը վերահաստատէ իբրեւ Տարօնի առաջնորդ:

Մինչ այդ, Խրիմեան Հայրիկ, որ Կարին կը մնար եւ կը սպասէր քննութեանց արդիւնքին, խնդրագիր մը ներկայացուց Էրզրումի կուսակալին, որպէսզի ան անձնապէս քննութիւն բանայ Տարօնի եւ շրջակայքի քիւրտ այն ցեղապետներու եւ պետական պաշտօնատարներու գործունէութեան շուրջ, որոնք պատուհաս դարձած էին ժողովուրդի գլխուն:

Կուսակալը ընդառաջեց խնդրանքին եւ եօթանասուն  ցեղապետներ ու պաշտօնեաներ յանցաւոր գտնելով աքսորել տուաւ դէպի Ռումելի:

Նոյն օրերուն Կարին հասաւ Հռոմի Պիոս Թ. պապին հրաւիրագիրը` ուղղուած աշխարհի բոլոր եկեղեցիներու հոգեւորականներուն: Պիոս Թ. հրաւէր կը կարդար մասնակցելու Հռոմի մէջ կայանալիք պապին անսխալականութիւնը հաստատող ժողովին:

Խրիմեան Հայրիկ պատասխան պատգամ մը ուղարկեց պապին ըսելով. «Այսպիսի ժողովոյ մը տեղ լինելու էր Քրիստոսի խոնարհ թագաւորութեան ծննդեան Մսուրին կամ Գողգոթային մօտ, եւ ոչ Հռովմայ վէս աթոռին»:

Կարինէն Խրիմեան Հայրիկ նամակներ գրեց Վարագայ վանքի միաբաններուն, յորդորելով զանոնք սիրով եւ եղբայրաբար գործելու, «վասնզի ներքին եւ արտաքին թշնամիք կը վխտան աջ եւ ահեակ»:

Վարագայ վանքին միաբանները պատասխան նամակներ գրեցին, ցանկութիւն յայտնելով, որ Մկրտիչ վարդապետ վերադառնայ Վարագայ վանք:

* * *

Խրիմեան Հայրիկի դէմ այս անգամ հալածանքներ շղթայազերծեցին կառավարական շարք մը պաշտօնեաներ եւ քիւրտ բէկեր:

Ի վերջոյ կառավարութիւնը հրահանգեց դադրեցնել «Արծուիկ Տարօնոյ» թերթին հրատարակութիւնը եւ որոշեց որ այլեւս հայկական գաւառներուն մէջ որեւէ տպարան չհաստատուի, նկատի ունենալով, որ այդ տպարաններէն լոյս տեսնող թերթերը կառավարութեան դէմ բողոքող եւ ժողովուրդը ապստամբութեան մղող նիւթեր կ՛արծարծէին եւ ազգայնականութեան գաղափարներ կ՛արթնցնէին հայութեան մէջ:

Գարեգին վարդապետ Սրուանձտեանց (ան 1864-ին կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած էր ձեռամբ Յարութիւն եպիսկոպոս Վեհապետեանի) հրաժեշտի խօսքին մէջ կ՛ըսէր.

«Ես ալ իմ ծնողին ճակատագիրն ունիմ. Վասպուրական Արծուին ճանաչող Տարօնոյ Արծուիկին պիտի չի զարմանար, բայց մեր արգոյ բաժանորդներէն մէկ քանին հետեւեալ բողոքն ուղղած են առ մեզ.- Տարերաց երկու մասէն, կ՛ըսեն, բարկացած էր ձեր թերթիկն, վասն զի գարունը ծնաւ, ամառը թռաւ, աշունը մեռաւ, ձմեռը թաղեցաւ ըսենք, ի՞նչ ըսենք: Մենք շատ կը սիրէինք զինքն իբրեւ հայրենեաց պատմաբեր թռչնիկ, բայց դուք շարունակութիւն մը չունիք, շատոնց ի վեր չընդունելով Արծուիկիդ թերթն` անոր կարօտ ենք եւ կը փափաքինք յայտնէր մեզ թէ ի՞նչ է առիթ ատոր դադարման կամ ընդհատութեան. ձեր զանցառութի՞ւնն արդեօք թէ տեղւոյդ անյամարութիւն… կը պատասխանենք` Այո՛ տեղւոյն անյարմարութիւն, անկարգութիւն, բռնաւորութիւն, վանքի մասնաւոր միաբանութիւն…, եւ ասոնց ամենուն հայր շահասիրութիւնն է առիթ, որ զհայր Արծիւն մատնեցին, Արծուիկի օրօրանը դարձուցին իրեն գերեզման, կապեցին զմամուլ, գոցեցին տպարան, փակեցին զառաջնորդարան, ցրուեցին զվարժարան»:

«Արծուիկ Տարօնոյ»-ի վերջին համարը լոյս տեսաւ 15 յուլիս 1865-ին:

* * *

Խրիմեան Հայրիկի Մսրխան եղբօր որդին` Խորէն սրտառուչ ոտանաւոր մը գրելով ձօնեց իր հօրեղբօր: Ոտանաւորը վանեցի ուղեւորի մը ձեռամբ Կարին հասաւ 1865 հոկտեմբերին:

Խրիմեան Հայրիկ 28 հոկտեմբեր 1865 թուակիր նամակ մը գրեց իր եղբօրորդի Խորէնին, ուր կ՛ըսէր.

«Սիրաթռիչ նամակիդ թեւերով այս անգամ իջեր ես այն պարտէզն, ուր չէ Հայրիկն անդ, եւ քո սիրահար վարդի թուփի վրայ նստելով կ՛երգես ու կը կանչես` Հայրի՜կ, Հայրի՜կ…:

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Սուրբ Կարապետի տաճարին ներքնամասը

Բարձր հայոց սահմանին մէջ այնինչ քուն կայի ծանրաբեռնուած հոգսերով` ի վեր զարթեա յանկարծ, եւ ահա ձայն եղբօրորդւոյն իմոյ բաղխէ զդուռն: Սիրոյս դուռ քեզ համար բաց է, կեանքս քեզ համար նուիրուած, ո՞վ կարէ զիս մեկնիլ ի սիրոյն քոյ:

Այս հալածանք, այս վշտեր թեթեւ են եւ դիւրատար այն է ինձ համար անպայման ցաւ սրտիս, զի ահա հուպ կալով Վարագայ դրախտին չեմ գիտեր պիտի տա՞յ Տէր պահ մի հանգչիմ դորա գիրկ, առ վարդենոյդ շքով` յոր կայ եւ երգէ սոխակն սիրահար»:

* * *

Յարութիւն եպիսկոպոս Վեհապետեան 1865 նոյեմբերին Տարօնէն վերադարձաւ Կարին:

Պատրիարքարան եւ Ազգային ժողով, երբ հաստատեցին որ Խրիմեան Հայրիկ արդար է, վճռեցին որ Սուրբ Կարապետի խռովարար վեց վարդապետները Երուսաղէմ աքսորուին: Յանցաւորները մերժեցին աքսոր երթալ: Ի վերջոյ պատրիարքարանը դիմեց Բարձրագոյն Դրան, որ իր կարգին ոստիկաններ ուղարկել տուաւ Սուրբ Կարապետի վանք: Ոստիկանները վանքէն հանեցին վեց վարդապետները եւ Երուսաղէմ ճամբու դրին:

Խռովարար վարդապետներու հեռացումէն ետք վանքին հալածուած եւ փախուստ տուած աշակերտներն ու որբերը վերադարձան:

* * *

Խրիմեան Հայրիկ 1866 մարտին Կարինէն մեկնեցաւ Տրապիզոն եւ հոնկէ նաւ նստելով Պոլիս ցամաք ելաւ:

Պոլիս հասնելէն ետք Մկրտիչ վարդապետ գրեց

«Մարգարիտ արքայութեան երկնից» գիրքը, որ լոյս տեսաւ իբրեւ «խուռն վաստակ երկոց Մկրտիչ վարդապետ Խրիմեան. ի պատրիարքութեան Կ. Պոլսոյ Տեառն Պօղոսի առաքելապաշտօն արքեպիսկոպոսի: Կ. Պօլիս, Տպագրութիւն Արամեան. 1866-ՌՅԺԵ»: Յիսուսի վարդապետութեան համառօտ դասեր պարունակող գիրքը նուիրուած է «առ բարգաւաճեալ շառաւիղս Օտեան գերդաստանի»:

* * *

Պատրիարքարանին պահանջով Երուսաղէմ աքսորուած Սուրբ Կարապետի վանքի վարդապետները Պոլիս կանչուեցան եւ Ազգային ժողովին առջեւ դատի կանչուեցան:

Իրենց ընթացքը արդարացնելու համար անոնք Խրիմեան Հայրիկը ամբաստանեցին իբրեւ ժողովուրդին մէջ պետութեան դէմ գրգռութեան որոմներ սերմանող, փաստարկելով որ ան աւազակ է, կռապաշտ է եւ բողոքական դարձած է:

«Մասիս», «Մեղու», «Հայրենիք» եւ «Փունջ» թերթերը կը պաշտպանէին Խրիմեան Հայրիկը, իսկ «Մեճմուայը Հավատիս» եւ «Երեւակ» հակառակ կարծիք կը յայտնէին եւ կ՛արդարացնէին խռովարար վարդապետները:

Խրիմեան Հայրիկ Պօղոս արքեպիսկոպոս Թաքթաքեան պատրիարքին ներկայանալով յայտնեց, որ ինք կը փափաքի Մուշ վերադառնալ:

* * *

Խրիմեան Հայրիկ 1866-ի վերջաւորութեան Պոլիսէն վերադարձաւ Մուշ: Ժողովուրդը ջերմ սիրով դիմաւորեց զինք:

Իր հոգեւոր առաքելութեան լծուելէն ետք Խրիմեան Հայրիկ որոշեց երթալ Սուրբ Կարապետի վանք: Այդ առիթով վանքի տպարանէն լոյս տեսաւ աշուղ Սայեադ Շամախեցիի «Ձայն` առ հարազատ Վասպուրականին Արծուին» ոտանաւորը, բաղկացած` 28 տուներէ, եւ բաժնուեցաւ ժողովուրդին: Գիւղերէն տասնեակ հազարաւոր ժողովուրդ հաւաքուեցաւ Մուշ, եւ հսկայ թափօրը ճամբայ ելաւ դէպի Սուրբ Կարապետ: Թափօրին առջեւէն կը կարդացուէր աշուղ Սայեադի ոտանաւորը.

«Սրատես իշխան ապրոպեան օդոց,
Վաղուց կարօտեալ գոլով սուրբ տեղւոյդ,
Զիս արժան չարարեր քոյդ ոսկեայ փետրոց,
Արցունք իմ հերքեալ եղեն ի լուսոյդ»:
Թափօրը երբ մօտեցաւ վանքին, տաճարին զանգերը ուժգնօրէն սկսան ղօղանջել:
Նոյն պահուն կոյր աշուղ մը սկսաւ երգել.
«Գոչեաց երբեմն ամպ ահագին, ամպ սեւաթոյր եւ մթագին,
Հողմ ու մրրիկ, շանթ եւ կայծակ հոսէր թափէր նա մոլեգին:
Վեհ Արծըուին մէջ մրըրկին հոլանաձեւ բացած իւր թեւ`
Մերթ խոյանայր, մերթ խոյանայր, զամպն ու
մրրիկ ճեղքէր սլանայր:
Եւ իր թեւոց բացած շաւղէն լոյս
տարածէր երկրի վերէն:
Բայց վեհ Արծուին ազատ թեւօք ճեղքեց
էանց ընդ ստուերօքն:
Այո՛ իբրեւ յաղթող եւ մեծ ցրուեց զամպոց
խառնակ քճիճ»:

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Սուրբ Կարապետի վանքի տօնախմբութիւն

Ուրախութեան աղաղակներ թնդացուցին օդը: «Ղուրպան քըզի Հայրիկ ջան», կը գոչէին բոլորը:

Խրիմեան Հայրիկ ժողովուրդին հետ մտաւ վանք եւ ջերմ սիրով ու կարօտով եւ արտասուաթոր աչքերով ողջագուրուեցաւ իր սաներուն հետ:

Խրիմեան Հայրիկ առաջին հերթին նամակ գրեց պատրիարքարան եւ խնդրեց, որ աքսորուած վարդապետներուն ներում շնորհուի եւ արտօնութիւն տրուի անոնց Երուսաղէմէն Տարօն վերադառնալու:

Խրիմեան Հայրիկի մեծահոգութիւնը եւ անյիշաչարութիւնը զարմանք եւ հիացում պատճառեց բոլորին: Պատրիարքարանը ընդառաջեց խնդրանքին եւ աքսորականները վերադարձան Տարօն:

* * *

Խրիմեան Հայրիկի միջամտութեան շնորհիւ Տարօն վերադարձած վարդապետները նոր ծրագիրներ սկսան որոճալ հաշուեյարդարի ենթարկելու համար իրենց հակառակորդը: Անոնք քիւրտեր վարձեցին, յարմար առիթին Մկրտիչ վարդապետը մէջտեղէն վերցնելու համար: Քիւրտ վարձկանները գիշերները յաճախ վանք կու գային եւ Հայրիկի սենեակին ուղղութեամբ գնդակներ կ՛արձակէին զայն սպաննելու համար:

Խրիմեան Հայրիկ 20 մայիս 1867-ին Սուրբ Կարապետի վանքէն Մուշ գնաց եւ իջաւ առաջնորդարան: Գիշերը քիւրտերը պատուհաններէն կրակ բացին. գնդակ մը վիրաւորեց Խրիմեան Հայրիկի ձախ ձեռքը:

Ուրիշ օր մը Խրիմեան Հայրիկ Խորոնից գիւղէն Սուրբ Կարապետի վանք կը վերադառնար, երբ քիւրտ զինեալ մը դէմը ելաւ. վարձկան ոճրագործը կանգ առաւ, շփոթեցաւ եւ հեռացաւ:

Գիշեր մըն ալ վանքին աշակերտները կը պատրաստուէին անկողին մտնելու: Հայրիկ վառած ճրագը ձեռքին դուրս ելաւ: Քանի մը վայրկեան ետք սկսաւ հրացանաձգութիւն մը ննջարանի պատին ուղղութեամբ: Աշակերտները իրարանցումով սենեակէն դուրս ելան: Հայրիկ մօտեցաւ իր սաներուն եւ ըսաւ. «Անոնք կ՛ուզեն զիս գնդակներով թռցնել, բայց թնդանօթներն ալ պատռեն Արծիւը անոնցմէ չի վախնար»:

Յաջորդ օր յանցապարտ քիւրտը վանք գալով Հայրիկէն ներողութիւն խնդրեց եւ զղջում յայտնեց:

Խրիմեան Հայրիկ իր համախոհներուն թելադրեց վրիժառութիւններու չդիմել: Ան անյիշաչար գտնուեցաւ բոլորին նկատմամբ:

 

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Շուշիի Եւ Ֆրանսայի Սենթ Էթիէն Քաղաքները Բարեկամութեան Հռչակագիր Կնքեցին

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Շուշիի եւ Ֆրանսայի Սենթ Էթիէն քաղաքներուն միջեւ ստորագրուեցաւ Բարեկամութեան հռչակագիր: Ստորագրութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Շուշիի քաղաքապետարանին մէջ:

Հռչակագիրը ստորագրեցին Շուշիի քաղաքապետ Արծուիկ Սարգսեանը եւ Սենթ Էթիէնի քաղաքապետ, «Ֆրանսա-Արցախ» Բարեկամութեան շրջանակի անդամ Կայել Փերտրիոն: Ստորագրութեան հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էին Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանը եւ «Ֆրանսա-Արցախ» Բարեկամութեան շրջանակի նախկին ղեկավար, Ֆրանսայի Ազգային ժողովի նախկին երեսփոխան Ֆրանսուա Ռոշըպլուան:

Հռչակագիրին մէջ կը նշուի, որ հիմք ընդունելով Մարդկային իրաւանց հռչակագիրով ամրագրուած ազատութեան եւ ժողովրդավարական արժէքներու բացարձակ կարեւորութիւնը եւ Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութիւն ու խաղաղութիւն հաստատելու անհրաժեշտութիւնը` կողմերը կ՛որոշեն երկու քաղաքներուն միջեւ հաստատել բարեկամական կապեր, միացեալ ծրագիրներ իրագործել տնտեսութեան, կրթութեան, մշակոյթի, մարմնակրթութեան եւ տեղական ինքնակառավարման ոլորտներուն մէջ, ինչպէս նաեւ` նպաստել երկու քաղաքներուն միջեւ փորձի եւ մասնագիտական հմտութիւններու փոխանակման:

Երեւանի Մէջ Տեղի Ունեցած «Եւրասիական Շաբաթ»-ին Աւելի Քան 100 Ընկերութիւններ Մասնակցեցան

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Եւրասիական տնտեսական միութեան նախաձեռնութեամբ, Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան եւ «Պիզնես Արմենիա» հիմնարկին աջակցութեամբ, 22-24 հոկտեմբեր Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրասիական տնտեսական միութեան տարածաշրջանի մեծագոյն ամէնամեայ գործարար ձեռնարկը` «Եւրասիական շաբաթ» միջազգային ցուցահանդէս-համաժողովը: «Եւրասիական շաբաթ»-ը ուղղուած էր Եւրասիական տնտեսական միութեան գործարարներու միջեւ արդիւնաւէտ կապերու զարգացումին եւ երրորդ երկիրներու հետ առեւտրական յարաբերութիւններու խթանումին:

Նշենք, որ «Եւրասիական շաբաթ» միջազգային ցուցահանդէս-համաժողովին մասնակցեցան աւելի քան 100 ընկերութիւններ:

Ցուցահանդէսին աջակցող «Պիզնես Արմենիա» հիմնարկի գործարարներու աջակցութեան խումբի ղեկավար Հայկ Միրզոյեան լրագրութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ արդիւնքները յայտնի կ՛ըլլան ցուցահանդէսի աւարտէն ետք: «Այսօրուան այս ցուցահանդէսին մէջ միայն ազգային տաղաւարներու հինգ ոլորտներու մէջ ներգրաւուած են աւելի քան 60 ընկերութիւններ` Հայաստանէն, Ռուսիայէն, Ղազախստանէն, Խըրխըզիստանէն, Պիելոռուսիայէն», ըսաւ Միրզոյեան: Անդրադառնալով նախորդ ցուցահանդէսներուն արձանագրած արդիւնքներուն` Միրզոյեան յայտնեց, որ հայկական ընկերութիւններէն մէկը մեծ պայմանագիր մը կնքած է Ռուսիոյ` ճշգրիտ ճարտարագիտութեան ոլորտին մէջ գործող ընկերութիւններէն մէկուն հետ: «Ղազախստանի մէջ ալ ունինք դեղագործութեան ոլորտին պատկանող պայմանագիրներ: Բացի այդ, նաեւ «Պիզնես Արմենիա»-ի աջակցութեամբ կարգ մը հայկական արտադրողներ այս ձեւաչափէն դուրս եւս կը մասնակցին ցուցահանդէսին, ընդհանրապէս` ուտելիքի արդիւնաբերութեան, խմիչքներու եւ գորգերու ոլորտին մէջ», ըսաւ ան:

«Պիզնես Արմենիա» հիմնարկի գործարարներու աջակցութեան խումբին ղեկավարը յայտնեց, որ շարժումը բաւական աշխուժ է: «Ցուցահանդէսի շրջանակներուն մէջ տեղի ունեցան նաեւ ընկերութիւններու հանդիպումները առեւտրական ցանցերու հետ` ռուսական թէ հայկական: Ամփոփելէ ետք մենք արդէն որոշ արդիւնքներ պիտի արձանագրենք: Այս տարուան ցուցահանդէսին ուղղուածութիւնը հիմնականօրէն դեղագործութիւնն էր, ճշգրիտ ճարտարագիտութիւնը, նորագործութիւնները, կենսական գիւղատնտեսութիւնը, նաեւ` ոսկերչութիւնը», աւելցուց Հայկ Միրզոյեան:

Ապրիլեան Պատերազմին Մասնակցած Ուսանողները Կը Ստանան 20 Տոկոսի Յաւելեալ Զեղչ

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Երեւանի պետական համալսարանի ուսանողական նպաստներու, պետական եւ ներհամալսարանական կրթաթոշակներու յատկացման կանոնակարգին համաձայն, նախորդ ուսումնական տարիներուն ընթացքին 2016-ի ապրիլեան պատերազմին մարտական հերթապահութիւն իրականացուցած ուսանողներուն վարձը կը զեղչուէր 30 տոկոս, իսկ Հայաստանի Երիտասարդական հիմնադրամը կը տրամադրէր ուսումնական վարձի մասնակի փոխհատուցում` 20 տոկոսի չափով:

Երեւանի պետական համալսարանի տնօրէններու ժողովը որոշեց այսուհետեւ ապրիլեան պատերազմին ընթացքին մարտական հերթապահութիւն իրականացուցած ուսանողներուն համալսարանին կողմէ, 30 տոկոսէն բացի, յատկացնել նաեւ յաւելեալ 20 տոկոսի զեղչ` իր վրայ վերցնելով նախապէս Երիտասարդական հիմնադրամին կողմէ տրուած նոյն չափի զեղչի հատուցումը:

43 Ուսանողներ Արժանացան Պետական Կրթական Մրցանակի

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Հայաստանի վարչապետի նստավայրին մէջ 23 հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ «Տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտին մէջ Հայաստանի պետական կրթական մրցանակ»-ին արժանացած լաւագոյն ուսանողներու եւ աշակերտներու պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութիւնը:  Մրցանակները եւ պատուոյ գիրերը յանձնեց Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը:

«Այս ոլորտը պէտք է դառնայ մեր տնտեսութեան կարեւոր յենասիւներէն մէկը: Անիկա պայմանաւորուած է մեր երկրի` ժամանակակից աշխարհին հետ համաքայլ յառաջ ընթանալու անհրաժեշտութեամբ: Այստեղ գտնուող մրցանակակիրները կեանքի այս փուլին վերաբերող որոշում տուած են, որովհետեւ մարդն է իր յաջողութեան գրաւականը: Նոր Հայաստանի մէջ իւրաքանչիւրը ինք կ՛որոշէ իր աշխատասիրութեամբ, իր ջանքերով, իր մղումով իր տիեզերքի չափը», նշեց Փաշինեան:

Այս տարի «Տեղեկատուական արհեստագիտութեան  ոլորտին մէջ Հայաստանի պետական կրթական մրցանակ»-ին արժանացան 25 ուսանողներ եւ 18 աշակերտներ:

«Լաւագոյն աշակերտ» մրցանակին արժանացած 13-ամեայ Ռուբէն Սարգսեանը, որ կը յաճախէ Գիւմրիի «Ֆոտոն» վարժարանը, մտադրութիւն ունի արհեստական բանականութեամբ մարդ-մեքենայ ստեղծել:

«Մասնակցեցայ հարցազրոյցի մը, որուն ընթացքին տրուեցան ընդհանուր զարգացումը ստուգող հարցումներ` կեդրոնանալով բնագիտութեան եւ ուսողութեան գիտութիւններու վրայ: Ստուգուեցան վերլուծական մտածողութիւնը, տրամաբանութիւնը, այդպիսով, պատասխանելով հարցումներուն, արժանացայ «Լաւագոյն աշակերտ» մրցանակին», ըսաւ Ռուբէնը:

Վերջինս ընդգծեց, որ իր ստեղծած մարդ-մեքենան պիտի կարենայ օգնել մարդոց` առօրեայ կարգ մը հարցերու մէջ: Նախապէս ան ստեղծած է սեփական խաղ մը, ուր կան արհեստական բանականութեան մասնիկներ. առարկան ինք կ՛որոշէ, թէ ի՛նչ քայլ պէտք է առնէ` ըստ իր առջեւ դրուած հարցերուն:

Գլխաւոր մրցանակին համար սահմանուած է 1200 տոլարի համարժէք դրամէ, «Լաւագոյն ասպիրանտ» անուանակարգի առաջին կարգի մրցանակը 1000 տոլարի համարժէք դրամ է, իսկ երկրորդինը` 750 տոլարի համարժէք  դրամ: «Լաւագոյն մագիստրանտ»` առաջին կարգ` 750 տոլարի համարժէք դրամ, իսկ երկրորդինը` 500 տոլարին համարժէք դրամ: «Լաւագոյն բակալաւր» անուանակարգի առաջին կարգի մրցանակը սահմանուած է 500 տոլարի համարժէք դրամ, իսկ երկրորդ կարգի մրցանակը` 400 տոլարի համարժէք դրամ: «Լաւագոյն սփիւռքահայ ուսանող» մրցանակի առաջին կարգին արժանացած անձը ստացաւ 750 տոլարի համարժէք դրամ, իսկ երկրորդը` 500 տոլարի համարժէք դրամ:

Նշենք, որ արդէն 14-րդ անգամն ըլլալով տեղի ունեցող սոյն մրցանակաբաշխութեան մրցանակի ցարդ արժանացած են 489 ուսանողներ եւ աշակերտներ:

«Երեւան Ճազ Ֆեսթ»-ը Պիտի Նուիրուի Արտեմի Այվազեանին

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Այս տարի կ՛ամբողջանայ հայկական ճազին 80-ամեակը: 1938-ին երգահան եւ թաւջութակահար Արտեմի Այվազեանի ջանքերով ձեւաւորուած է Հայաստանի պետական ճազ նուագախումբը: Ի նշանաւորում յոբելենական տարեթիւին`  2018 թուականին, Հայաստանի եւ արտերկրի մէջ տեղի ունեցած են եւ պիտի իրականացուին շարք մը ծրագիրներ` համերգներ, փառատօներ, ժապաւէնի ցուցադրութիւն եւ այլն:

Ըստ մշակոյթի նախարարութեան, «Երեւան ճազ ֆեսթ» ամէնամեայ միջազգային փառատօնը այս տարի պիտի նուիրուի Հայաստանի պետական ճազ նուագախումբի հիմնադիր Արտեմի Այվազեանին: Փառատօնը պիտի սկսի նոյեմբեր 7-ին, աշխարհահռչակ շեփորահար Արթուրօ Սանտովալի եւ Հայաստանի պետական ճազ նուագախումբին միացեալ համերգով: Փառատօնը պիտի եզրափակուի Հայաստանի պետական ճազ նուագախումբին մենահամերգով, որուն պատուոյ հիւրը ֆրանսացի ճանաչցուած ճազ երաժիշտ Չայնա Մոեսն է:

Նոյեմբեր 20-ին «Արամ Խաչատրեան»-ի անուան համերգասրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ Օլեկ Լունտսթրեմի ճազ նուագախումբին եւ Հայաստանի պետական ճազ նուագախումբին միացեալ համերգը: Համերգի ընթացքին պիտի ներկայացուին համաշխարհային եւ հայկական ճազային երաժշտական ժառանգութեան լաւագոյն նմուշները: Համերգային ծրագրով հանդէս պիտի գան նաեւ Վահագն Հայրապետեանը, շրթհարմոնահար Արտակ Ներսիսեանը եւ ուրիշներ:

Նոյեմբերին պիտի կայանայ  նաեւ Թաթիանա Դանէլեանցի հեղինակած «Վեց երաժիշտներ քաղաքի ֆոնի վրայ» ժապաւէնին շնորհահանդէսը (Հայաստան-Ռուսիա): Ժապաւէնը նուիրուած է Երեւանին եւ հռչակաւոր երաժիշտներուն` ճազային երաժիշտ, դաշնակահար Լեւոն Մալխասեանին, տուտուկահար Ջիւան Գասպարեանին, երաժիշտներ Արտօ Թունճպոյաճեանին, Ֆորշին, Միքայէլ Ոսկանեանին եւ ուրիշներու: Երաժիշտները պիտի խօսին ու պիտի երգեն իրենց սիրած քաղաքին մասին:

Սուրիահայերու Հիմնական Հարցերը` Սփիւռքի Նախարարութեան Ուշադրութեան Կեդրոնը

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Հոկտեմբեր 23-ին սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Մխիթար Հայրապետեանը հանդիպում ունեցաւ ՄԱԿ-ի` գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի հայաստանեան գրասենեակի ներկայացուցիչին` Աննա-Քարին Օսթին հետ:

Հանդիպման ընթացքին ծաւալուն անդրադարձ կատարուեցաւ սփիւռքի նախարարի պատուիրակութեան վերջերս Սուրիա կատարած աշխատանքային այցելութեան, ունեցած հանդիպումներուն, ստացած տպաւորութիւններուն, այցելութեան արդիւնքին: Մխիթար Հայրապետեանը նշեց, որ այցելութիւնը յատկապէս ոգեւորիչ էր Հալէպի հայ համայնքին համար` նկատի առնելով, որ 2011 թուականէն ի վեր, երբ սկսաւ սուրիական պատերազմը, Հայաստանը ներկայացնող ոեւէ պաշտօնեայ չէր այցելած հայաշատ Հալէպ: «Չեմ կրնար չնշել, որ Սուրիոյ հայ համայնքը, հակառակ առկայ բազմաթիւ խոչընդոտներուն, լի էր յոյսով ու կեանքով: Հալէպի մէջ մենք յաճախ կը լսէինք ռումբերու պայթիւններու ձայները, մեզի համար այդ մէկը արտակարգ իրավիճակ էր, սակայն Հալէպի բնակիչներուն համար այդ ամէնը իրենց առօրեային սովորական մասը  դարձած է», նշեց Մ. Հայրապետեանը:

Ան  նաեւ բարձր գնահատեց Դամասկոսի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան եւ Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան աշխատանքը: «Մեր դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնները միակն էին, որ չդադրեցան գործելէ նոյնիսկ պատերազմի ամենաթէժ օրերուն», նշեց նախարարի պաշտօնակատարը:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի մէջ հաստատուած սուրիահայերու համարկման վերաբերող հարցեր, վերջիններուս մօտ տակաւին առկայ հիմնական հարցերը, ինչպէս նաեւ երկուստեք կարեւոր համարուեցան սփիւռքի նախարարութեան եւ ՄԱԿ-ի` գաղթականներու հարցերով զբաղող հայաստանեան գրասենեակին հետ համագործակցութեան սերտացումն ու զարգացումը:

Արցախի Մէջ Մեծ Թափով Կ՛ընթանան Պատմական Յուշարձաններու Վերականգնման Աշխատանքները

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Ընթացքի մէջ է Գտչավանքի վերականգնման գործընթացը: Այս մասին լրագրողներուն հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է Արցախի մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեանը` մանրամասնելով, որ պետական ամավարկի համապատասխան գումարը արդէն յատկացուած է, որպէսզի Գտչավանքի ներքին յարդարման եւ եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքները հասնին իրենց աւարտին:

Ան անդրադառնալով Արցախի տարածքին գոյութիւն ունեցող շարք մը այլ պատմական մշակութային յուշարձաններու պահպանման հարցին` նշած է, որ տեղի ունեցած է յուշարձաններու դիտարկում, ստուգուած է Ասկերանի, Հադրութի, Մարտակերտի, Քաշաթաղի եւ Շահումեանի շրջաններու շարք մը յուշարձաններու պահպանման վիճակը:

Յայտնաբերուած են բազմաթիւ յուշարձաններ, որոնց մէջ նաեւ` Մարտակերտի շրջանին մէջ գտնուող Վահանպէյի կամուրջը: Կազմուած է նախագիծ` հետագային զայն ամրակայելու եւ վերականգնելու համար: Ընթացքի մէջ են Հադրութի շրջանի Ծակուռի գիւղի եկեղեցւոյ վերականգնման աշխատանքները:

Ըստ Լեռնիկ Յովհաննիսեանի, քննարկուած են Դադիվանքի մոմատան վերականգնման, Դադիի եկեղեցւոյ ծածկի տեղադրման, օժանդակ ճանապարհի կառուցման եւ տարածքի բարեկարգման, Գանձասարի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ տանիքի նորոգման, ինչպէս նաեւ Հադրութի շրջանի Տող գիւղի Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ վերականգնման նախագիծները: Նոյն ժամանակ քննարկուած է Հունոտի կիրճ արգելոցի տարածքին գտնուող պատմական կամուրջի նախագիծը:

Բացի նշեալներէն` մաքրութեան աշխատանքներ տարուած են Տիգրանակերտի արգելոցի տարածքին, Բովուրխանի վանքի, ինչպէս նաեւ Աւետարանոցի ու Խնապատի պատմական գերեզմանոցներուն մէջ: Ընթացքի մէջ են եւ շուտով կ՛աւարտին Մոշխմհատի Ղեւոնդաց վանքի, Շահմասուրի եւ Գառնաքարի գերեզմանոցներու մաքրութեան աշխատանքները:

Լեռնիկ Յովհաննիսեան յայտնեց, որ նախարարութիւնը արդիւնաւէտ կերպով կ՛աշխատի «Թուֆէնքեան» բարեգործական հիմնարկին հետ. անոր միջոցներով ներկայիս կը վերականգնի Քաշաթաղի շրջանի Հոչանց գիւղի եկեղեցին:

Երեւանի Մէջ Պիտի Հաւաքուին Միջազգային Համբաւ Վայելող Նարեկացիագէտներ

Նոյեմբեր 7-ին Մատենադարանի գիտական մասնաշէնքի դահլիճին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Նարեկացիական ընթերցումներ» խորագրով 4-րդ միջազգային գիտաժողովը: Այս մասին տեղեկացանք Մատենադարանի Դիմատետրի էջէն:

Ամէնամեայ գիտաժողովին պիտի մասնակցին միջազգային համբաւ վայելող նարեկացիագէտներ` Ժան-Փիեր Մահէն, Թեօ Մաարտըն վան Լինտը, Ռոպերթա Էրվինը, Գրիգոր Պըլտեանը եւ ուրիշներ:

Հաղորդենք, որ գիտաժողովի աւարտին տեղի պիտի ունենայ գիրքերու շնորհահանդէս, այդ շարքին պիտի ներկայացուի Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան»-ը, որ վերջերս հրատարակուած էր հոլանտերէն:

Արցախ Այցելող Զբօսաշրջիկներուն Թիւը Աճած Է

Վերջին 9 ամիսներուն Արցախ այցելող զբօսաշրջիկներուն թիւը աճած է` հասնելով 24.213-ի, որ 18 տոկոս աւելի է 2017-ի նոյն ժամանակահատուածին հետ համեմատած: Այս մասին լրագրողներու հետ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնած է Արցախի մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեանը:

Չինական Դրամատունը Կը Մտադրէ Հայաստանի Մէջ Արեւային Վահանակներ Արտադրել

Վերջերս ուժանիւթի ենթակառուցուածքներու եւ բնական պաշարներու նախարարի պաշտօնակատար Գարեգին Բաղրամեանը ընդունեց չինական «ICBI Nanjing» դրամատան նախագահ Եան Ժիհանը:

Հանդիպման ընթացքին նախարարի պաշտօնակատարը ներկայացուց ուժանիւթի ոլորտի իրաւական դաշտը եւ կարգաւորումները:

Եան Ժիհան իր կարգին յայտնեց, որ  դրամատունը հետաքրքրուած է Հայաստանի վերականգնուող ուժանիւթի բնագաւառին մէջ ներդրումային ծրագիրներով, յատկապէս` արեւային վահանակներու արտադրութիւն հիմնելու հեռանկարով:

Բրիտանական «Էնթըրփրայզ Թայմզ»-ը Երեւանը Ներառած Է Տեղեկատուական Արհեստագիտութեան Ոլորտին Մէջ Ասպարէզի Լաւագոյն Կարելիութիւններ Ընձեռող Քաղաքներու Շարքին

Բրիտանական գործարար արհեստագիտութեան «Էնթըրփրայզ Թայմզ» համացանցի կապերու շտեմարանը ներկայացուցած է տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտին մէջ ասպարէզի լաւագոյն կարելիութիւններ ընձեռող 10 քաղաքներու ցանկը, որուն մէջ յայտնուած է նաեւ Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանը:

«Արմէնփրես» հաղորդած է, որ կայքին ներկայացուցած ցանկին մէջ Երեւան կը գրաւէ 4-րդ դիրքը:

«Հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ 2025-ին Հայաստանի մէջ ծրագրաւորողներու պահանջարկը պիտի աճի 3 անգամ` հասնելով մինչեւ 30 հազարի: Այս մէկը արդիւնք է նորարարութեան եւ արհեստագիտութեան ոլորտին մէջ պարբերաբար արձանագրուող աճին: Այս ոլորտը մէկ տարուան ընթացքին 20 տոկոս աճ  կ՛արձանագրէ` առանց դանդաղելու նշաններու: Եթէ դուք նախապէս չէք ծրագրած տեղափոխուիլ այս երկիրը, հիմա կարելի է մտածել այդ ուղղութեամբ: Այստեղ ապրուստը աժան է, յանցաւորութեան մակարդակը ցած, մշակոյթը` հարուստ: Այս պահուն հիմնական լեզուները հայերէնը եւ ռուսերէնն են, սակայն անգլերէնը հետզհետէ աւելի մեծ տարածում կը ստանայ», կը գրէ կայքը:

Հաղորդենք, որ տասնեակի առաջին տեղը կը գրաւէ Սան Ֆրանսիսքոն, երկրորդը` Նիւ Եորքը, երրորդը` Օսթընը, հինգերորդը Սինկափուրն է, որուն կը յաջորդեն` Մելպուռնը, Լոնտոնը, Սթոքհոլմը եւ Պանկալորը: Տասնեակը կ՛եզրափակէ Թորոնթոն:

 

 

Էմմա Գրիգորեան – 75

ԿԱՐԻՆԷ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Մշակութաբան, հրապարակախօս

Image may be NSFW.
Clik here to view.
Էմմա Գրիգորեանի նկարչութիւնը ներգործուն է, ամրակուռ եւ միեւնոյն ժամանակ այն զգացական է ու քնարական: Այդ յատկանիշները արտայայտուած են գունային երանգների ընտրութեան, իւղաներկի քսուածքի, գոյների համադրութեան եւ հակադրութեան միջոցով:

Էմմա Գրիգորեանը անսեթեւեթ է ինչպէս կեանքում, այնպէս էլ` իր նկարչութեան մէջ: Նրա գեղարուեստական պատկերները ճշմարիտ են եւ իրական ոչ միայն իրապատկերային, այլեւ վերացական կտաւներում: Տարիների ընթացքում փոխուել են արտայայտման առարկաները եւ ձեւերը, սակայն նոյնն է մնացել նկարներում պարփակուած բարութեան եւ սիրոյ ոգեղէն լիցքը, որը դուրս է յորդում ստեղծագործութիւնից եւ, տարածուելով` պարուրում է դիտողին:

Ամէն նկարիչ ստեղծագործելիս իր ներքնաշխարհն է արտայայտում: Եւ Էմմա Գրիգորեանի նկարչութիւնը նոյնպէս այդպիսին է. «Երիտասարդուհի», «Աներերը», «Իմ գիւղը», «Անվերապահ սէր», «Տեսիլք», «Երեք սերունդ», «Մեղեդի» կտաւներում առաւել քան տեսանելի է նկարչի էութիւնը: Նրա դիմանկարների կերպարներն արժանապատիւ են, զուսպ, ջերմ ու քնքուշ, եւ այդ ամէնը` գեղեցկութեամբ շաղախուած: Նկարների կուռ կառուցուածքը, գունային անսպասելի լուծումները գրաւում են դիտողին եւ պահում իրենց նկարչական ձգողականութեան տիրոյթում երկար ժամանակ:

Էմմա Գրիգորեանի ստեղծագործութիւնը կարելի է բաժանել որոշակի շրջանների, սակայն այդ շրջանները միմեանցից առանձնացած չեն: Թէեւ կեանքի իւրաքանչիւր ժամանակահատուած իր ազդեցութիւնն է ունեցել եւ կնիքն է դրել նրա ստեղծագործութեան վրայ, այնուամենայնիւ, դրանք միւսի շարունակութիւնն են եւ լրացնում են միմիայն:

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Image may be NSFW.
Clik here to view.
Որպէս արուեստագէտ, նա ձեւաւորուել է այնպիսի մշակութային միջավայրում, որտեղ նկարիչ լինելու չափանիշները շատ բարձր էին: Նրա աւագ եղբայրը` մեծատաղանդ նկարիչ Բագրատ Գրիգորեանը, եւ նրա սերնդակից այլ անուանի նկարիչները գեղարուեստական այնպիսի բարդ խնդիրներ էին դնում իրենց առջեւ, որոնք ոչ միշտ էին կարողանում լուծել: Դա իրօք ոգեղէն մի միջավայր էր, որտեղ թեւածում էր բարձր մշակոյթի ոգին: Եւ այդ ոգու եւ սկզբունքների կրողն ու շարունակողն է Էմմա Գրիգորեանը։ Եւ այն ակունքը, որից նա որպէս նկարիչ սնունդ է ստանում, այնքան զօրեղ է, որ թէեւ նա ստեղծագործում է Հայաստանից բաւականին հեռու Նիւ Եորքում գտնուող իր արուեստանոցում, այդուհանդերձ, այդ հոգեկան սնունդը չի սպառւում:

Արուեստանոցում նկարիչը մենակ է ինքն իր հետ, եւ փակուած են բոլոր դռները արտաքին աշխարհից: Այդ ժամանակ լռութիւնը վերածւում է գունային մեղեդու, եւ հանդարտ ու անվրդով, վրձնահարուած առ վրձնահարուած այդ մեղեդին տեղաւորւում է կտաւի վրայ` վերածելով դատարկ մակերեսը գունեղ, բազմաշերտ, կեանքով լեցուն ստեղծագործութեան:

Մարդ-բնութիւն-տիեզերք ամբողջութեան ընկալումը կայ նրա արուեստում: Դա գալիս է նրա աշխարհահայեացքից: Եւ այդ միասնութեան միջոցով է Էմմա Գրիգորեանը հասնում իրական ազատութեան ընկալմանը, որն էլ մենք տեսնում ենք նրա կտաւներում: Նա ներդաշնակ է ինքն իր հետ, իր նկարչութեան հետ եւ բարի է աշխարհի հանդէպ: Անձի եւ ստեղծագործութեան այդպիսի ներդաշնակութիւնը վկայում է նրա ստեղծագործութեան անկեղծութիւնը եւ անձի բնական ու անսեթեւեթ էութիւնը: 75-ամեայ Էմմա Գրիգորեանը այսօր էլ շունչ ու հոգի է տալիս անշունչ կտաւին, եւ այդ հոգին յաւերժութիւն է ձեռք բերում նրա արուեստի միջոցով:

«Համայնապատկեր» հանդէս

 

Դպրոցական Թատրոն

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Մխիթարեան վարժարանի տարիներս էին:

Աւարտական դասարանի աշակերտներէն Յովսէփ Մելքոնեանը, որ գրականութեան հանդէպ յատուկ սէր ունէր, «Վարդանանց» հերոսամարտի մասին թատրերգութիւն մը գրած էր` «Ազատութեան ջահակիրները»: Բազմաթիւ թատրերգութիւններ նուիրուած են հայոց պատմական այդ հերոսամարտին, սակայն դպրոցին տնօրէնն ու հայերէնի գրականութեան ուսուցիչը` Վազգէն Այգունի, ուզեցին քաջալերել հազիւ 18-ամեայ պատանին, եւ որոշուեցաւ ներկայացնել այդ անտիպ թատերական գրութիւնը:

Վարդան Մամիկոնեանի դերը ստանձնեց Միհրան Պաստաճեանը, Լութֆիկ Թապագեանը` այդ օր Վասակ Սիւնին էր: Յազկերտի դերը վստահուած էր Օննիկ Գանթարճեանին, իսկ Մանուկ Սեֆերեանը` Ղեւոնդ Երէցն էր:

Մխիթարեան վարժարանը երկսեռ չէր այդ տարիներուն: Դերասանուհիներու համար, ինչպէս` Շուշանիկ եւ Վարդանի մայրը, դիմեցին Հռիփսիմեանց քոյրերու վարժարանի աշակերտուհիներուն, իսկ մեզի նման մէկ կամ երկու վարի կարգերու աշակերտներուն վստահուեցան երկրորդական դերեր: Ես Արտակ Ռշտունին էի եւ ընդամէնը քանի մը  վայրկեան պիտի երեւնայի բեմին վրայ, սակայն փորձերուն ամբողջ տեւողութեան ստիպուած էինք ներկայ գտնուիլ:

Երկար գրութիւններ գոց սորվիլ բնաւ չեմ սիրած եւ կարճ դեր մը ունենալուս համար դժգոհ չէի: Կային տղաք, որոնք կը սիրէին աւելի երկար երեւիլ բեմին վրայ եւ ներկայանալով հեղինակին` խնդրեցին, որ «քանի մը տողով» երկարէ իրենց դերը:

Յովսէփը սիրով կը կատարէր այդ «խնդրանք-առաջարկները»: Քաջալերուած` երկրորդական դեր ունեցողներէն շատեր, նկատելով դերերը երկարելու «առատաձեռնութիւնը», իրենք եւս ներկայացան երիտասարդ հեղինակին:

– Յովսէ՛փ, բան մը ըրէ: Կ՛արժէ՞ քանի մը բառ արտասանելու համար երկար ժամեր տրամադրել: Սպասելնիս թող բանի մը ծառայէ:

Հաւանաբար բնագրին տեւողութիւնը մէկ ու կէս ժամ էր, կամ` քիչ մը աւելի, սակայն դերերու «յաւելումը» պատճառ դարձաւ, որ թատրերգութեան տեւողութիւնը հասնի մօտաւորապէս 4 ժամուան:

Հանդիսասրահը ծայրէ ծայր լեցուն էր: Ներկաները մեծամասնութեամբ ծնողներ էին, եկած էին քաջալերելու իրենց զաւակները եւ հաճոյքով կը հետեւէին ներկայացման, սակայն չոր աթոռներուն վրայ երկար ժամեր նստելէ յոգնած, անմիջապէս որ իրենց զաւակները հեռացան բեմէն, առանց սպասելու թատրերգութեան աւարտին, իրենք եւս կամացուկ մը հեռացան սրահէն: Վերջաւորութեան սրահին մէջ մնացած էին, դպրոցին տնօրէնը, քանի մը ուսուցիչ եւ գլխաւոր դերակատարներուն ծնողները:

Յովսէփ Մելքոնեանը` երիտասարդ հեղինակը, շատ լաւ ուսումնասիրած էր «Վարդանանց» հերոսամարտը, ինչպէս նաեւ` այդ ժամանակաշրջանի հայոց պատմութիւնը: Իր յաւելումներուն մէջ չկար աւելորդաբանութիւն, սակայն շատ մը ծնողներու չէր հետաքրքրեր ո՛չ հերոսամարտ, ո՛չ ալ հայոց պատմութիւն: Հաւանաբար չէին իսկ հետեւեր թատրոնին: Անխօս ժապաւէնի մը նման` կը զմայլէին բեմին վրայ երեւցող, զինուորականի կամ պալատականի տարազներով իրենց զաւակներուն:

Փոլ Կիրակոսեանը տակաւին հանրածանօթ չէր այդ տարիներուն: Իր զաւակները Մխիթարեան կը յաճախէին, եւ մեծ արուեստագէտին վստահուած էր տեքորներու գծագրութիւնը: Իր զաւակները տակաւին փոքր էին եւ դերեր վերցնելու «պատուին» չարժանացան: Գլխաւոր կամ երկրորդական դերակատարներու կողքին, մեծ էր անխօս դերեր վերցնողներուն թիւը: Մոգեր, իշխաններ, սպասաւորներ, կուռքեր եւ… Աւարայրի դաշտին վրայ մահացած զինուորներ:

Այդ օր, որպէս դերասան, բեմ բարձրանալու իմ առաջին փորձառութիւնս էր:

* * *

Միեւնոյն տարին մեր ֆրանսերէնի ուսուցիչը խանդավառուած` առաջարկեց ֆրանսերէն լեզուով թատրերգութիւն մը ներկայացնել:

Այս անգամ հեղինակը դպրոցական մեր ընկերներէն մէկը չէր, որպէսզի երկրորդական դերեր վերցնողներուն խնդրանքին գոհացում տալով` երկարէր իրենց վստահուած դերը:

Պիտի ներկայացնէինք ֆրանսացի թատերագիր Մոլիերի «Երեւակայական հիւանդը» (Le Malade Imaginaire):

Բեմադրիչ-դերուսոյցը մեր ֆրանսացի ուսուցիչն էր եւ ինծի շնորհեց բժիշկին դերը:

Որքան որ կը յիշեմ, բաւական «յաջող» կատարեցի այդ պատասխանատու դերս:

«Վարդանանց»-ի նման` ժամեր չերկարեցաւ թատրոնը, եւ սրահը ձգելով հեռացողներու չհանդիպեցանք այդ օր: Այդ մէկը քաջալերական երեւոյթ մըն էր, եւ այս անգամ ամենաշատ քաջալերուողը եղաւ… մեր անգլերէնի ուսուցիչը, որ տարեվերջին հազիւ քանի մը շաբաթ մնացած` որոշեց անգլերէն կտոր մը ներկայացնել, որուն մէջ դարձեալ բժիշկի մը դերը պիտի վերցնէի:

Անծանօթ կտոր մըն էր: Մինչեւ իսկ չեմ յիշեր հեղինակին անունը: Բեմադրիչ-դերուսոյցը մեր անգլերէնի ուսուցիչն էր: Ամավերջի քննութիւններու շաբաթն էր եւ սորվելիք դերս բաւական երկար էր:

«Վարդանանց»-ի պարագային, կարճ դերեր ունեցողներն էին գանգատողները, իսկ ներկայիս` ինծի նման երկար դերեր վերցնողները. ոչ միայն գանգատեցանք, մինչեւ իսկ փորձեցինք համոզել մեր ուսուցիչը, որ չեղեալ համարէ կամ յաջորդ տարուան յետաձգէ ներկայացումը, սակայն անգլերէնի ուսուցիչը անգլիացիի մը նման խստապահանջ եւ անդրդուելի մնաց: Փոխարէնը` խոստացաւ չեղեալ համարել անգլերէնի ամավերջի քննութիւնը, եւ մեզի նիշեր շնորհել` նայած մեր յաջող կամ ձախող խաղարկութեան: Այդ թատրերգութիւնը ձեւով մը պիտի ըլլար … անգլերէնի մեր ամավերջի քննութիւնը:

Ճարահատ` յոյսս դրի յուշարարին վրայ, որ բեմին մէկ անկիւնը կանգնած` կը յուշէր իւրաքանչիւրիս դերը: Ամէն անգամ, որ ըսելիքս մոռնայի, կ՛ուղղուէի իր կողմը:

Առաջին արարը բաւական յաջող ընթացաւ` շնորհիւ յուշարարին, սակայն միջնարարին, տնօրէնը, որ առաջին շարքին նստած էր, եկաւ մեզի յայտնելու, որ յուշողին ձայնը կը գերազանցէր դերակատարներուն ձայնը եւ կը հասնէր մինչեւ սրահին ամենաետեւի շարքի աթոռները, եւ այդ պատճառաբանութեամբ, փոխանակ յանձնարարելու, որ քիչ մը աւելի ցած յուշէ, «գործէ արձակեց» զայն` նեղ կացութեան մատնելով ինծի նման դերը կիսկատար սորված դերակատարները:

Բեմին վրայ «հիւանդ» եւ «բժիշկ» իրարու հետ սկսանք տարբեր նիւթերու մասին խօսիլ ցած ձայնով: Առաջին արարին յուշարարին ձայնը կը հասնէր մինչեւ սրահին ետեւի շարքը, իսկ ներկայիս մեր ձայնը անլսելի էր նոյնիսկ առաջին շարքի վրայ նստող հանդիսատեսներուն: Երկուքս ալ չէինք սորված մեր դերերը եւ դիտումնաւոր կերպով ցած կը խօսէինք:

Քանի մը անգամ լսեցինք տնօրէնին ձայնը:

– Քիչ մը բարձր: Ձեր խօսակցութենէն բան չենք հասկնար:

– Ինչու բան մը կ՛ըսե՞նք, որ հասկնաս, իրարու ըսինք ցած ձայնով:

Անհամբեր կը սպասէի վիճակացոյցիս: Ձախող դերասանութեանս պատճառով,  վստահաբար, ամենացած նիշս պիտի ըլլար անգլերէնը: Բարեբախտաբար մեր համաձայնութենէն տարբեր եղաւ: Առանց ամավերջի քննութեան` բաւական լաւ նիշ մը շնորհեց անգլերէնի մեր հասկցող ուսուցիչը:

– Նիշը երկրորդական է: Կարեւորը` չմերժեցիք: Կը հասկնամ: Ժամանակը կարճ էր, եւ ձեր դերերը սորվելու պատեհութիւն չունեցաք:

* * *

Դպրոցական այդ տարեշրջանը աւարտեցաւ թատերական «հարուստ» ներկայացումներով:

Վերամուտը սկսաւ նախորդ տարուան թատերական մթնոլորտով:

Մեզմէ մէկ կամ երկու դասարան վար եղող աշակերտները անմիջապէս հիմնեցին «Մխիթար» թատերախումբը եւ առանց ժամանակ կորսնցնելու` սկսան իրենց փորձերուն:

Նոր տարեշրջանի սկսելէն կարճ ժամանակ ետք, քանի մը ամիս տարբերութեամբ, ներկայացուցին «Շողոքորթը» եւ «Պաշտօնս խռմփալ է» զաւեշտները, որոնք արժանացան դպրոցի աշակերտ-հանդիսատեսներու գնահատանքին:

Իր խաղարկութեամբ աչքի կ՛իյնար Վարդգէս Աղամանուկեանը եւ, դերասանութիւնը շարունակելու պարագային, վստահաբար յաջող դերասաններու ցանկին վրայ ըլլար իր անունը, սակայն երկրորդական վարժարանը աւարտելէն ետք բնաւ բեմ չբարձրացաւ: Դարձաւ ատամնաբուժ, եւ մարդիկ զուարճացնելու փոխարէն` նախընտրեց դարմանել անոնց ակռաները:

«Վարդանանց»-ի գլխաւոր դերակատարներէն Լութֆիկ Թապագեանը եւ Օննիկ Գանթարճեանը նոյնը չմտածեցին: Մեկնեցան մայր հայրենիք` ուսանելու թատրոն: Լութֆիկը` դերասանութիւն, իսկ Օննիկը` բեմադրութիւն:

Յովսէփ Մելքոնեանը լաւ սկսաւ, սակայն չշարունակեց թատրերգութիւններ գրել:

Ներկայիս հայ թատերագիրները մատի վրայ կը համրուին: Ես անձնապէս ծանօթ եմ երկու թատերագիրներու` Մուշեղ Իշխան եւ Արա Արծրունի:

Առաջինը ուսուցիչս եղած է: Ներկայիս հեռացած է այս աշխարհէն:

Երկրորդ թատերագիրը` Արա Արծրունի, մեր ընտանիքի մօտիկ բարեկամն է: Հեղինակ է բազմաթիւ թատերախաղերու: Իր գործերէն շատերը ներկայացուած են «Փորձառական թատրոն»  եւ «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբերուն կողմէ, իսկ քանի մը հատը խաղցուած են Երեւանի եւ Գիւմրիի նման թատրոնի հանդէպ խստապահանջ բեմերու վրայ, իսկ քանի մը թատրերգութիւններ թարգմանուած են ֆրանսերէնի եւ արաբերէնի:

Անվարան կարելի է ըսել, որ Արա Արծրունին մեր օրերու լաւագոյն թատերագիրներէն է, սակայն, ինչպէս առածը կ՛ըսէ, «Մէկ ծաղիկով, գարուն չի գար»:

Հայ թատերագիրները թիւով քիչ են, փոխարէնը` ունինք մեծ թիւով բազմատաղանդ դերասաններ, սակայն դժբախտաբար հազուագիւտ են արհեստավարժները: Հայրենիքէն դուրս, հայկական գաղութները տակաւին կարողութիւնը չունին արհեստավարժ դերասաններ պահելու: Սփիւռքահայ դերասանը պարտաւոր է իր կեանքը ապահովել` կատարելով տարբեր տեսակի աշխատանքներ եւ թատրոնի նուիրուիլ` որպէս սիրողական, հակառակ իր ունեցած արհեստավարժ դերասանի մը տաղանդին:

Լոս Անճելըս
28 հոկտեմբեր, 2018

Անգարա-Ռիատ Խուլ Պայքարը Դիւանագիտական Հարթակ Կը Փոխադրուի

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Ա. Ա.

«Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի աշխատակից, սէուտցի այլախոհ լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի անհետացումը, Պոլսոյ մէջ Սէուտական Արաբիոյ հիւպատոսարանը մուտք գործելէ ետք, երեւութապէս կը թուի ըլլալ սէուտցի ընդդիմադիրներու դէմ Ռիատի իշխանութիւններուն կողմէ շղթայազերծուած հալածանքի մը մէկ արարը, սակայն այս դէպքին խորը կայ Անգարա-Ռիատ արդէն իսկ լարուած յարաբերութիւնները առաւել լարելու միտում մը, որ կրնայ շրջանային երկու պետութիւններուն կապուած արտաքին զարգացումներուն մէջ նոր փուլի մը ազդանշանը ըլլալ:

Խաշոկճի, որ տարիէ մը ի վեր Միացեալ Նահանգներ փոխադրուած էր ձերբակալուելու եւ հալածանքներու ենթարկուելու մտավախութիւններու պատճառով, Ուաշինկթընի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան թելադրանքով ճամբորդեց Պոլիս, որպէսզի իր ամուսնալուծման փաստաթուղթերը վաւերացնէ եւ ստանայ նոր ամուսնութիւն կնքելու արտօնութիւն` իր թրքուհի խօսեցեալին հետ:

Պոլսոյ մէջ սէուտական հիւպատոսարան մտնելէ ետք ան բառին ամբողջական իմաստով անհետացած է, որովհետեւ ոչ ոք ունի յստակ պատասխան մը, թէ Խաշոկճին ո՛ւր է: Դուրս եկա՞ծ է հիւպատոսարանէն, թէ՞ ոչ: Եթէ դուրս եկած է, ապա ո՞ր դռնէն: Իսկ ինչո՞ւ մուտքին սպասող խօսեցեալը չէ տեսած Խաշոկճին, որ գիտէր, թէ Խատիժէ Ճենկիզ ակնդէտ կը սպասէր, որ ինք դուրս գայ հիւպատոսարանէն:

Այս հարցումներուն պատասխանները ստանալու համար թրքական իշխանութիւնները կը ջանային ստանալ Ռիատի հաւանութիւնը` հիւպատոսարանը մանրակրկիտ քննութեան ենթարկելու համար, որպէսզի յստակացուի Խաշոկճիի անհետացման խնդիրը:

Այս խնդրին ընդմէջէն կ՛արժէ լուսարձակի տակ բերել Անգարա-Ռիատ յարաբերութիւններուն հոլովոյթը եւ ներկայ իրավիճակը, որպէսզի առաւել յստականայ, թէ Խաշոկճիի անհետացման այս դէպքը, ներքին հաշուեյարդար ըլլալով հանդերձ, կրնա՞յ յարաբերութիւններու առաւել վատթարացման շարժառիթ մը ըլլալ:

Միջին Արեւելքը տագնապալից շրջան մըն է, ուր ցեղային եւ կրօնական բաժանումները քաղաքական կեանքին վրայ իրենց մեծ ազդեցութիւնները ունին: Շրջանին մէջ գերակշիռ են նաեւ աշխարհագրաքաղաքական շահերը, որոնց միջեւ կայ մնայուն բախում: Իբրեւ շրջանային դերակատարներ` միջինարեւելեան հարթակին վրայ Թուրքիա, Իրան եւ Սէուտական Արաբիա յատկապէս կը համարուին շրջանային ուժեր, որոնց միջեւ յարաբերութիւնները չունին մնայուն բնոյթ` սերտ, ջերմ, բարեկամական, թշնամական կամ պաշտօնական, այլ յարափոփոխ բնոյթ ունին` ըստ միջինարեւելեան զարգացումներու, որոնց մէջ յատկապէս վերջին շրջանին գերակշիռ է իրանեան գործօնը:

Այսպէ՛ս, Ռիատ-Թեհրան սուր մրցակցութիւնը` շրջանին ռազմաքաղաքական իրադարձութիւններուն վրայ ազդեցութեան բանեցման իմաստով, Իրաքի եւ Սուրիոյ կացութիւններուն մէջ թէ ընդհանրապէս Եմէնի հակամարտութեան մրցադաշտին մէջ, իրանցիներու եւ սէուտցիներու միջեւ անուղղակի բախումներու տարողութիւնը այնքան ալ չի թուիր վտանգաւոր, որքան` Թուրքիա-Սէուտական Արաբիա մրցակցութիւնը, որովհետեւ այս պարագային ներգործօն դերակատարութիւնը գլխաւորաբար իսլամական աշխարհի առաջնահերթութիւններուն կ՛առնչուի: Նախ, Ռիատ հակազդելով իրանեան վտանգին` աճապարեց վերահաստատելու Միացեալ Նահանգներու հետ իր ռազմավարական գործընկերութիւնը եւ աւելին ալ փորձեց ընել` քայլ մը առնելով դէպի Իսրայէլի հետ մերձեցում: Սակայն սէուտցիք չէին կրնար անտեսել Թուրքիոյ հետ իրենց յարաբերութիւնները, որովհետեւ այն, ինչ որ Ռիատ կը ձեռնարկէ, Անգարա հակառակ ուղղութեան վրայ կը գտնուի` սկսելով Իրանի հետ գործակցութենէն, անցնելով Քաթարի դէմ Ծոցի երկիրներու ամպարկոն մերժելու Անգարայի կեցուածքին, հասնելով Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւններուն, որոնք եթէ Ռիատ-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ լարուած չեն, սակայն Թուրքիա-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւնները կը գտնուին վատագոյն վիճակի մէջ:

Բնականաբար նման կացութեան մէջ շրջանային եւ միջազգային դերակատարներ պիտի ուզէին առաւել սրել Ռիատ-Անգարա ոչ այնքան բարեկամական յարաբերութիւնները, որպէսզի շրջանային այս երկու ուժերուն միջեւ խրամատները առաւել յստականային ու ձեւաւորուէին: Ասիկա միջազգային խաղի մը ծիրին մէջ կարելի է տեղաւորել:

Ասոնք ի մտի ունենալով` թերեւս աւելի յստակ պիտի դառնայ ապագային, թէ ի՛նչ ուղղութիւն պիտի ստանան Խաշոկճիի անհետացման պատճառով քիչ մը աւելի լարուած Ռիատ-Անգարա յարաբերութիւնները: Սակայն մէկ բան ակնյայտ է, որ թուրքերը այս առիթը զուր տեղը պիտի չվատնեն եւ ամէն միջոցի պիտի դիմեն, որպէսզի շեշտեն շրջանային իրենց դերակատարութեան բաղադրիչները, այն իմաստով, որ կը փորձեն ներկայանալ միջազգային ընտանիքին, թէ` կը մերժեն այլախոհներու վրայ ճնշումները, ջատագով են խօսքի ազատութեան եւ կտրականապէս կը մերժեն թրքական հողերու վրայ նման արարք, մանաւանդ եթէ ատոր ետին Սէուտական Արաբիան կը կանգնի:

 

 

ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամ Յակոբ Խաչերեանին Խօսքը` Արեւմտեան Ամերիկայի Մէջ Տեղի Ունեցած ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի Ձեռնարկին

Image may be NSFW.
Clik here to view.

1960-ի ցուրտ ձմրան կանուխ առաւօտ մը, 6-ամեայ պատանի մը արագ քայլերով վար կու գայ Հալէպի Ազիզիէ թաղամասի աստիճաններէն եւ կ՛ուղղուի քիչ հեռու կանաչ երկաթ-դռներով դաշտը:

Այլոց կարգին, հոն են իր դասընկերներէն մի քանին: Կը սպասեն, որ եղբ. Յովհաննէս դռները բանալով` արտօնէ ներս մուտքը:

Անձկութեամբ կը փորձէ վերյիշել քիչ ետք կատարուելիք ընթացակարգը, որ իրեն փոխանցած էին Ազգ. Հայկազեան վարժարանի աւելի բարձր դասարաններու ՀՄԸՄ-ական աշակերտներ:

Դեռ քիչ առաջ մօր օգնութեամբ վրայ դրած էր տարազ մը, որուն վրայ կարուած էր տակաւին իրեն համար անհասկնալի «նշանակ» մը` երեք գոյներով ու գլխուն դրուած` ոչ սովորական գլխարկ մը:

Տան դռնէն դուրս չելած, ամէն օրուան սովորութենէ տարբեր, մայրը ա՛յս անգամ համբուրած էր ճակատը:

Չ՛ուշանար շարք բռնելու… Պալուի անմեղ հայեացքին տակ կոկուիլը… Հանգի՛ստ/պատրա՛ստ… Պատուի ա՛ռ…

Աչքերը յառած դաշտի անկիւնը սիւնի վրայ բարձրացած երեք գոյնով (եռագոյն) դրօշին` երկու մատները կը տանի բարձր ճակատին:

Ու…

Մուտք կը գործէ` զինուորագրուելով ազգային աւանդներու պահապան նահատակ ցեղի անմահներու կամաւոր բանակ:

ՀՄԸՄ-ի իմ անդամակցութեանս այս յուշերը յար ու նման են հոս` այս սրահին մէջ հաւաքուածներուս մեծամասնութեան անզուգական այս միութեան անդամակցութեան պատմութեան:

Միութիւն մը, որ դար մը ամբողջ իր պատասխանատուութիւնը համարեց հայ մարդը կերտելը:

Միութիւն մը, որ իր հիմնադրութենէն մինչեւ յաղթական տողանցքներ կատարեց ազատ ու անկախ հայրենիքի մայրաքաղաք Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ ու Բիւրականի մէջ` բանակումներ, կտրեց երկար ու տագնապալից ճամբայ:

Բայց այն, որ արժանապատիւ հմայքով կտրած է այդ ճամբան, կը մնայ անվիճելի:

Կազմեց մարզական խումբեր, տարազաւորեց մարզիկները եռագոյնով, կամ անոնց տարազի կուրծքին մի՛շտ պահեց եռագոյն վահանը, կատարեց մրցումներ ու քաղեց տիտղոսներ:

Բայց բնա՛ւ չճակատեցաւ մրցակիցին դէմ, այլ միշտ փորձեց կենդանի պահել իր ու զինք շրջապատող համակիրներու մօտ յաղթանակ կերտելու հայու ոգին, հայու կարողութիւնը` սրբելու մրուրը ազգի դաժան պատմութեան ընթացքին պարտուած բոլոր ճակատամարտերուն…

Կազմեց սկաուտական շարքեր, անոնց տարազը զարդարեց եռագոյն նշանակով ու Արարատով, կազմակերպեց բանակումներ ու պատուով տողանցեց եռագոյն դրօշը գլուխներէ բարձր ծածանած:

Բայց բնա՛ւ չտողանցեցին անոր սկաուտն ու արենուշը կամ գայլիկն ու արծուիկը կամ երէցն ու պարմանուհին` կատարելու համար սկաուտական վարժութիւն, այլ կուռ շարքերով ու խրոխտ քայլերով սփիւռքի տարածքին ցիրուցան հայ ժողովուրդի հարիւր հազարաւոր զաւակներու մտքին, սրտին ու հոգիին մէջ կենդանի պահեցին հայոց ազգային բանակ ունենալու երազը:

Եւ դեռ աւելի՛ն.

Մարմնակրթական առաքելութեան լծուած այս մեծ միութիւնը, աստիճան առ աստիճան նուաճեց հայկական միութիւններու մէջ ամէնէն մարդաշատ եւ ամէնէն տարածուած կազմակերպութիւն ըլլալու այսօրուան պատկերը: Թաղերէն ու ակումբներէն մինչեւ գաղութային – շրջանային կառոյցներ եւ անկէ ետք նաեւ շրջանները իրարու միացնող կառոյցներով համագաղութային եւ ապա համահայկական միութիւն, ՀՄԸՄ-ը իրաւամբ վաստակեցաւ բոլորի՜ն, համա՛յն հայութեան մեծագոյն կազմակերպութիւնը դառնալու հանգամանքը: Եւ այս համահայկականացումը ծառայեց մէկ ազգի գաղափարի առաւե՛լ զարգացման ու կերտման: Այո՛, ՀՄԸՄ-ը լիապէս իր կառոյցով, գործադաշտով եւ առաջադրած նպատակներով եղաւ հիմնական գործօններէն մին մէ՛կ ազգի գաղափարի շուրջ միաւորման:

Այսօր արեւը մար չի մտներ ՀՄԸՄ-ի աշխարհատարած կազմակերպութեան վրայ, եւ Աւստրալիայէն մինչեւ Ամերիկա, մինչեւ Եւրոպա ու Միջին Արեւելք` անցնելով Հայաստանի Հանրապետութենէն, ՀՄԸՄ-ի արեւը մայրամուտ չի տեսներ: ՄԻՇՏ ԱՐԹՈՒՆ Է ՀԱՅԿԻ ԱԶԳԸ` ՀՄԸՄ-ով:

Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացումին առընթեր, զարգացան նաեւ ՀՄԸՄ-ի վերահայրենացումի աշխատանքները: Այս մէկը նոր շրջանի մը մէջ սովորական-ընթացիկ կառոյց մը հիմնելու չէր նմաներ:

Այս մէկը ՎԵՐԱԴԱ՛ՐՁ էր:

Վերադարձ հողին, հայրենիքին, արմատներուն: Այնտեղ, ուրկէ վտարանդի դարձաւ նաեւ ՀՄԸՄ-ը` Հայաստանի Հանրապետութեան կերտիչներուն հետ, քաղաքական պայմաններու շրջադարձային փոփոխութիւններուն իբրեւ հետեւանք: Եւ պատահական չէ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ՀՄԸՄ-ի 100-ամեայ յոբելեանները կը նոյնանան ժամանակի իմաստով: Հայկական Պոլսոյ մէջ ստեղծուած ՀՄԸՄ-ը շուտով, նոյն տարին իսկ կ՛արմատաւորուէր անկախ հայրենիքի մէջ եւ անկէ կը հեռանար ակամայ, խորհրդային իշխանութիւններու հաստատման պատճառով: Դարձեալ ամենագերադասելի միջավայրը վերադառնալու համար, երբ հայրենիքը հազիւ անկախացման գործընթացներ ցոյց կու տար: Անմնացորդ հայրենիքին, Արցախի ազատագրութեան դատին ծառայելու համար առաջին ՀՄԸՄ-ականներու արիւնը կը խառնուէր արցախեան ազատամարտին ինկած նահատակներու արեան: Մինչ սփիւռքի մէջ կազմաւորուած ՀՄԸՄ-ականը կը փութար հասնելու Շուշիի ազատագրութեան գործին, եւ ապա հանգչելու Եռաբլուրի մէջ հանգչող հայրենի  ՀՄԸՄ-ականին կողքին: Այսպէս էր դաստիարակութիւնը, այսպէս էր փոխանցումը ՀՄԸՄ-ականներուն:

Նոյն գաղափարախօսութեան հանդէպ տածուած հաւատքն էր, որ ՀՄԸՄ-ի բոլոր շրջանները առաջնորդեց հայաստանեան բանակավայր, այնտեղ նաեւ պատուի կանգնելու ազատօրէն ծածանող հայոց եռագոյնին դիմաց: Այնտեղ կազմակերպելու համար միջ-ՀՄԸՄ-ական մրցախաղեր` այդպիսով նաեւ հայաշխարհի երիտասարդութիւնը ազատ ու անկախ հայրենիքի մէջ համախմբելու, կողք կողքի մրցելու եւ միասին յաղթելու համար:

ՊԱՏՈՒԱԲԵՐ ԱՆՑԵԱԼ…

Յիշելն ու հպարտանալը մեր 100 տարուան անցեալով` կը պարտաւորեցնէ բոլորս երախտագիտութեան ազնուագոյն զգացումներով վարձքը կատար ըսել ննջեցեալ կամ տակաւին մեր շուրջ գտնուող վաստակաշատ մեր բոլոր քոյր-եղբայրներուն, որոնք հիմնեցին եւ գոյատեւումն ու զարգացումը ապահովեցին այս անզուգական հնոցին, ուր մենք ստացանք եւ տակաւին մեր զաւակներն ու թոռները պիտի ստանան իմացական եւ հոգեկան բարձր արժանիքներու տէր հայեր դառնալու ամէն յատկանիշ:

Անցեալի իրագործումներու եւ յաջողութիւններու առթած հպարտանքի եւ ներաշխարհի ալեկոծումներէ հեռու, ՀՄԸՄ-ի պատուաբեր անցեալը պարտաւորեցնող է նաեւ բոլորիս` այսօր` նոր 100-ամեակի շեմին, լարելու մեր կամքն ու միտքը, իրապաշտօրէն կշռելու մեր հնարաւորութիւնները եւ նոր աշխարհի ու ժամանակաշրջանի ընձեռած բոլոր կարելիութիւններով ծրագրելու մեր միութեան ՅԱՂԹԱԿԱՆ ԱՊԱԳԱՆ:

Այս տրամաբանութեամբ, ապագայի մեր ռազմավարական եւ մարտավարական յատակագծումներու հիմք պէտք է նկատուին հետեւեալ սկզբունքները.

1.- Նկատի ունենալով իր յատկանիշներուն համայն հայութեան կողմէ ընդունելի եղած ըլլալը` հարիւր տարուան ընթացքին իր հարազատութեամբ եւ անշահախնդրութեամբ կամաւոր ծառայութեամբ ամենաժողովրդական այս կազմակերպութիւնը մեր բոլորին զանգուածային յենասիւնին վերածուած է:

ՀՄԸՄ-ը, որ ազգային արմատներու կառչած միութիւն է եւ էովին այդպէս դաստիարակած` իր անդամները, այսօր իր գործունէութիւնը չի կրնար եւ պէտք չէ սահմանափակէ միայն միութենէն ներս սկաուտական կամ մարզական կարգավիճակներով: Այսօր աւելի քան անհրաժեշտ է, որ ՀՄԸՄ-ը, աւելի կազմակերպ միութեան վերածուելով, յատկապէս մեր գաղութային կեանքին նոր աւիշ, նոր մարդուժ, նոր կենսունակութիւն ապահովէ: Ազգային, միութենական, հոգեւոր ու մարդկային դաստիարակութեամբ կերտուած մարդոց այս շտեմարանը անհրաժեշտ է, որ միութեան կառուցային վերամշակումով ու նոր գործադաշտի – գործառոյթներու սահմանագծումով տրամադրուի ու տրամադրէ նաեւ իր երէց վեթերան քոյրերու եւ եղբայրներու տասնեակ հազարաւոր մարդուժը մեր ազգային հաւաքական կեանքի հետզհետէ ահագնացող մարտահրաւէրներու դիմակայման:

2.- Այսօրուան աշխարհի ներկայ գործընթացները, համաշխարհայնացման հսկայական ալիքները մեր ժողովուրդը կը հեռացնեն իր աւանդական բարքերէն, կը միտին կազմաքանդել կառոյցները, չէզոքացնել գաղափարները: Այսօրուան աշխարհի տրամաբանութիւնն ու զարգացումի եղանակները ամբողջ աշխարհի երիտասարդութեա՛ն վրայ նաեւ կը ձգեն իրենց ազդեցութիւնը` ազգային ինքնութենէ պարպելով զայն:

Զուտ սկաուտական եւ մարզական առաքելութեան առընթեր, այսօր նաեւ երիտասարդութիւնը համախմբելու, մեզմէ հեռու երիտասարդ խաւը ներգրաւելու ու դէպի հայկական-ազգային արմատներ ուղղելու խնդիր ու հրամայական է դրուած ՀՄԸՄ-ական երիտասարդութեան առջեւ: Աւելի ճիշդը` «Արի արանց» երիտասարդական շարքերու կողքին ու նոյն գաղափարական ենթահողով գործող ամենաերիտասարդ միութեան` ՀՄԸՄ-ի տարազաւոր միաւորներու առաքելութիւնն է մեր նորահաս սերունդներն ու երիտասարդութիւնը համաշխարհայնացման ալիքէն փրկելը` ազգային աւանդներու պահպանումով ու գուցէ ամենաարդիական միջոցները որդեգրելով: Հարիւրամեայ այս աւանդապահ եւ արժէքապահ միութեան վստահուած է այս նորօրեայ առաքելութիւնը: Առաքելութիւն, որ պիտի նպատակադրէ մեր ազգային ու հոգեւոր ոտնահարուած ու ամէն օր ոտնահարուող սրբութիւնները` կրօն, մշակոյթ, լեզու, բարքեր, աւանդ ու ժառանգութիւն վերադարձնել իրենց պատուանդանին, գուրգուրալ անոնց վրայ եւ շարունակել անոնց խորհուրդները փոխանցել ոչ միայն ՀՄԸՄ-ական, այլ ընդհանրապէս հայոց երիտասարդ սերունդներուն:

3.- Ազգային տեսլականները վառ կը մնան, կը բոցավառին, մինչեւ այն ատեն որ զանոնք առաջնահերթ կարեւորութեամբ ժողովուրդներու հաւաքական յիշողութեան եւ հաւաքական ապրումներուն մաս կազմել տուող միութիւններ եւ համախումբ ու կազմակերպուած կառոյցներ զանոնք կը հետապնդեն:

ՀՄԸՄ-ը մնայուն ու հետեւողականօրէն  պահակը եղած է ազատ ու անկախ Հայաստանի խորհուրդներուն: Անվերապահօրէն  իր պահակի հանգամանքը ՀՄԸՄ-ը պատուով կատարած է ահաւասիկ հարիւր տարիէ ի վեր:

Այսօր, սակայն, քաղաքական պայմաններով, Հայաստանի Հանրապետութեան իրերայաջորդ իշխանութիւններուն եւ ընդհանրապէս հայաշխարհի մէջ գործող աւանդական եւ նորաստեղծ քաղաքական ուժերուն կողմէ երկրորդ կարգ մղուած է միացեալ Հայաստանի տեսլականը:

Հայ ժողովուրդին համար ուիլսընեան սահմաններով ամբողջական (իմա՛ միացեալ) Հայաստանը է՛ր, է՛ եւ պիտի՛ մնայ իրականանալի եռանպատակ տեսլական:

Ամբողջական Հայաստանի տեսլականը երիտասարդութեան մէջ վառ պահելու եւ ժողովուրդի մէջ ազգային-քաղաքական մտածողութիւնը դէպի այդ տեսլականը հունաւորելու դերը այսօր եւս իր ուսերուն պէտք է վերցնէ առաջին հերթին ՀՄԸՄ-ը:

ՀՄԸՄ-ը դեռ շատ վաղուց, 1940-ականներէն, Անդրանիկ Ծառուկեանի գրիչով կատարած էր այդ տեսլականը իրականացնելու իր խոստումը` ուխտելով Արարատին.

«Եւ հաւատա՛, կրանիթեայ ո՛վ աստուած, սրբազա՛ն լեռ, հաւատա՛,
որ կը հասնի՛նք, մենք կը հասնի՛նք կատարիդ…»

Ու այդ խոստումին հաւատարիմ իրերայաջորդ ՀՄԸՄ-ական սերունդներ պէ՛տք է ու պիտի՛ շարունակեն իրենց առաքելութիւնը մինչեւ ա՛յն օր, երբ Բագաւանի շրջապատը մեր մարզիկները վերակենդանացնեն «Առաւօտն նաւասարդ»-ի ու մեր սկաուտական շարքերը վառեն ՄԵ՛Ծ խարոյկը սահմաններէն անդին` Սրբազան Լերան լանջերուն, կանչեն Հայկ նահապետը, Մեսրոպ Մաշտոցը, Քաջն Վարդանը, Հայաստանի Հանրապետութեան կերտիչ Արամ Մանուկեանն ու բոլո՛ր, բոլո՛ր մեր անցեալի այրերն ու ՀՄԸՄ-ականները ու իրենց աչքերը յառած Արարատի գագաթին` բարձրաղաղակ երգեն.

«Յառա՜ջ, յառա՜ջ, յաղթակա՛ն ցեղի անմահներ»:

28/10/2018
Լոս Անճելըս


Անդրադարձ. Թնճուկը

Image may be NSFW.
Clik here to view.

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Խաշոկճիի սպանութեան հարցին շուրջ ստեղծուած կացութիւնը թերեւս կարելի է բացատրել հետեւեալ ձեւով.

Ստեղծուած է Թուրքիա-Միացեալ Նահանգներ-Սէուտական Արաբիա եռանկիւն մը: Էրտողան սէուտական իշխանութիւններուն թոյլ տուած մեծ սխալը կը փորձէ օգտագործել` հարուածելու համար իսլամական աշխարհի ղեկավարութեան համար իր մրցակից Սէուտական Արաբիոյ վարկը եւ վրէժ լուծելու Եգիպտոսի մէջ իր գաղափարակից Իսլամ եղբայրներու իշխանութեան սէուտական աջակցութեամբ տապալման համար: Անգարան ատիկա կատարելու համար սէուտցի ընդդիմադիր լրագրողին Պոլսոյ սէուտական հիւպատոսարանին մէջ սպանութեան վերաբերեալ կը թուի բաւարար փաստեր հաւաքած ըլլալ:

Ուաշինկթըն չ՛ուզեր Խաշոկճիի սպանութեան մանրամասնութիւններուն բացայայտումը, որովհետեւ այդ պարագային հանրային կարծիքի ճնշումին տակ պիտի ստիպուի խիստ պատժամիջոցներ որդեգրել իր գլխաւոր դաշնակիցներէն Սէուտական Արաբիոյ դէմ: Վերջինս իր կարգին կը սպառնայ չգոցել 5 նոյեմբերին Իրանի քարիւղի արտածումը զերոյի հասցնելու ամերիկեան պատժամիջոցներուն պատճառով քարիւղի շուկային մէջ գոյանալիք բացը, ինչ որ պատճառ պիտի դառնայ համաշխարհային շուկային մէջ քարիւղի գինի սուր աճի, որ ամերիկեան տնտեսութեան համար մեծապէս վնասակար զարգացում մըն է:

Խաշոկճիի սպանութեան մանրամասնութիւններուն հրապարակումը եւ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման իշխանին հաւանական մեղսակցութեան բացայայտումը պիտի յառաջացնեն վերջինս պաշտօնազրկելու հրամայականը, ինչ որ արքայական տոհմին մէջ վերջերս ստեղծուած լարուածութեան լոյսին տակ կրնայ ապակայունացնել թագաւորութիւնը:

Ուաշինկթըն, բնականաբար, չ՛ուզեր այդ մանրամասնութիւններուն` ամբողջական ճշմարտութեան հրապարակումը, իսկ Անգարան, բնականաբար, ամերիկեան կողմի փափաքը կատարելու համար պիտի պահանջէ իր գինը` Սուրիոյ մէջ Եփրատի արեւելեան ափին վերահսկող եւ ամերիկեան աջակցութիւն վայելող քիւրտերուն գլուխը: Արդէն կը հաղորդուի Թուրքիա-Սուրիա սահմանին վրայ Արաբ Բունարի շրջանին մէջ թուրք-քրտական բախումներու եւ ատոր զուգահեռ Տէր Զօրի Պաղուզ ու Սուսա շրջաններուն մէջ ՏԱՀԵՇ-ի յարձակումին դիմաց քրտական ծանր կորուստներու եւ նահանջի մասին:

ՏԱՀԵՇ-ի վերստին Իրաքի սահման հասնելուն պատճառով պատրաստ վիճակի մէջ դրուած է Իրաքի շիիներու աշխարհազօրը, ինչ որ ընթացող խաղին մէջ կ՛աւելցնէ նոր դերակատար մը` Իրանը, որ արդէն իսկ մեծապէս հետաքրքրուած է այդ եռանկիւն խաղին ելքով` նկատի ունենալով, որ քարիւղի շուկային մէջ բացի ստեղծումն ու գիներու աճը իրանեան քարիւղի ներածման դէմ ամերիկեան արգելքը կը դնէ մեծ ճնշումի տակ:

Միացեալ Նահանգներ Խաշոկճիի սպանութեան պատճառով կ՛ենթարկուին երկու շանթաժներու` մէկը սէուտական, իսկ միւսը` թրքական: Գոյութիւն ունի յստակ ժամկէտ մը, որմէ ետք հարցերը անհամեմատ անախորժ եւ բարդ կը դառնան: Ուաշինկթընի շահերէն կը բխի այս հարցը լուծել 5 նոյեմբերէն` Իրանի դէմ պատժամիջոցներու նոր փուլի հաստատումէն առաջ: Կը մնայ սպասել եւ տեսնել այս թնճուկին զարգացումները:

 

 

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Կտակը…

ՊԵՏԻԿ

«Ազդակ»-ի հոկտեմբեր 11-ի թիւին մէջ կարդացի Վիքթոր Համբարձումեանին կտակը… Իր պարունակութեան մէջ` որքան սքանչելի, նոյնքան ալ` խորիմաստ:

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Եթէ կան ընթերցողներ, որոնք չեն գիտեր, թէ ո՛վ է Վիքթոր Համբարձումեանը, պէտք է դիմեն որեւէ համայնագիտարանի, ուր անպայման պիտի գտնեն այս անունն ու անոր տարողութիւնը գիտական շրջանակի մէջ: Արագած լերան վրայ Վ. Համբարձումեանին «Բիւրական» աստղադիտարանը իր այնքան կարեւոր տեղը ունի տիեզերքի պատմութեան մէջ: Համաշխարհային մեծութեամբ այս գիտնականը կը կտակէ իր թոռներուն եւ ծոռներուն` հայոց լեզուն ու կը յանձնարարէ կատարելապէս տիրապետել մեր լեզուին` անկախ այն իրականութենէն, որ այս կտակին ժառանգորդը կրնայ զտարիւն հայ չըլլալ, ու ան կ՛ըսէ` «Անկախ` ինչպիսի՞ տոկոսի համեմատութեամբ կազմուած է անոր արիւնը», ու կ՛աւելցնէ` «Այդ տոկոսը ոչինչ չի նշանակում», հաստատելով, որ մենք մեր թոռներուն ու յաջորդներուն արիւն չէ, որ կը փոխանցենք, այլ գաղափարներ, եւ այդ գաղափարներուն մէջ իրեն համար ամէնէն արժէքաւորը հայոց լեզուն է:

Այո՛, պատկառելի մարդուն այս տողերը երբ կարդացի, պահ մը անշարժացայ, ու ուղեղս փորձեց համեմատութիւն մը գտնել գիտութեան աշխարհի այս մարդուն եւ այս օրուան մեր հայ ծնողներուն եւ անոնց հասկացողութեան մէջ փորձեցի նմանութիւն մը գտնել, բայց ափսո՜ս, որ ձախողեցայ:

Ուղեղիս մէջ անջնջելի կը մնան նախակրթարան յաճախող տղեկի մը մօր արտայայտութիւնը, թէ` «Մեր հայկական դպրոցներուն մէջ ինչո՞ւ պզտիկները այնքան կը ծանրաբեռնեն. արաբերէնի, ֆրանսերէնի կամ անգլերէնի կողքին, կը դասաւանդուի թուաբանութիւն, գիտութիւն, պատմութիւն եւ աշխարհագրութիւն` հայերէնով»… Իսկ ուրիշ կին մը, որուն համար «յարգելի» ածականը չեմ կրնար գործածել, բարձրաձայն եւ գիւտ մը ընողի ամբարտաւան արտայայտութեամբ ըսաւ. «Ես հայերէն սորվեր եմ ու ի՞նչ եղեր եմ, կամ ո՞ւր հասեր եմ, որ սպասեմ, թէ հայերէն սորվելով` իմ զաւակս ո՛ւր պիտի հասնի…»: Ա՛յ տիկին, արդեօք դուն լսա՞ծ ես Վիքթոր Համբարձումեանին անունը… «Ո՛չ», յարգելի տիկին, դուն քու այս ուղեղովդ ու մտայնութեամբդ ո՞ւր կը սպասէիր հասնիլ…

Այս յարգելի գիտնականին այնքան խոր հիմնաւորուած եզրակացութիւնը` «Մենք փոխանցում ենք սերունդներին ոչ թէ արիւն, այլ` գաղափարներ, եւ այդ գաղափարների մէջ ինձ համար ամենաթանկը հայոց լեզուն է»:

Իսկապէս նման հայով մենք հպարտ պէտք է ըլլանք: Հայաստանի պետութիւնը իր յարգանքի տուրքը վճարեց, երբ հայկական թղթադրամին կեդրոնը զետեղեց Վիքթոր Համբարձումեանին նկարը…

Image may be NSFW.
Clik here to view.
Իսկ հաւանաբար Լորտ Պայրըն անունը լսած ըլլաք… Այս անգլիացին այնքան հմայուած էր հայ գրականութեամբ ու մշակոյթով, որ սորվեցաւ հայոց լեզուն, մանաւանդ` գրաբար ու ՆԱՐԵԿ-ը կարդալէն ետք ըսաւ. «Հայերէնը Աստուծոյ հետ խօսելու լեզուն է…»: Յուսամ հայ ծնողներ կը գիտակցին եւ կը գնահատեն այս երկու գերյարգելի անձնաւորութիւններուն խոր սէրն ու յարգանքը` մեր մեծասքանչ լեզուին ու միանալով   Կապուտիկեանին` կը կտակեն.

«Ու տես որդիս, ուր էլ լինես,
Այս լուսնի տակ, ուր էլ գնաս,
Թէ մօրդ անգամ մտքից հանես,
Քո ՄԱՅՐ ԼԵԶՈՒՆ չմոռանաս»:

 

 

Հրայր Ճէպէճեանի «Սփիւռքահայ Կեանքեր` Ինչպէս Որ Տեսայ» Գիրքին Շնորհահանդէսը` Երեւան, Հայաստան

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Հոկտեմբեր 26-ին սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ Ծոցի երկիրներու Աստուածաշնչի ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար, աստուածաբանութեան դոկտոր, գրող, հրապարակախօս Հրայր Ճէպէճեանի «Սփիւռքահայ կեանքեր` ինչպէս որ տեսայ» գիրքին շնորհահանդէսը:

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Ներկաներուն սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Մխիթար Հայրապետեանի ողջոյնի խօսքը արտասանեց նախարարի օգնական Վաղարշակ Յակոբեանը: «Հրայր Ճէպէճեան գործիչը կը ներկայանայ սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ որպէս հայրենասէր հայ, Հայ դատի եւ պահանջատիրութեան համար պայքարող, քրիստոնէական սկզբունքները որպէս ճշմարտութիւն դաւանող մարդ, լայնախոհ աստուածաբան, Աստուածաշունչի խորը գիտակ ու մարդասէր: Պարո՛ն Ճէպէճեան, դուք պատուելի ներկայութիւն էք Հայաստանի` ձեր հայրենիքին մէջ», ըսուած է նախարարի պաշտօնակատարի խօսքին մէջ:

Խ. Աբովեանի անուան հայկական մանկավարժական համալսարանի հայ նոր եւ նորագոյն գրականութեան եւ ատոր դասաւանդման մեթոտիկայի ամպիոնի վարիչ Սուրէն Դանիէլեանը, որ բարձր գնահատեց գիրքին մէջ հայապահպանութեան ուղղուած պատգամներու, ազգային, հոգեւոր, համամարդկային մտորումներու առկայութիւնը:

ԵՊՀ պատմութեան բաժանմունքի տնօրէն Էդիկ Մինասեանը «Սփիւռքահայ կեանքեր` ինչպէս որ տեսայ» գիրքը համարեց հայու գոյապայքարի աշխատութիւն, ուր կը բիւրեղանան սփիւռքահայերու հոգեկերտուածքը, ապրումներն ու մտքերը, կը նշմարուի նաեւ պատմական անցեալի պահանջատիրութեան գաղափարը:

Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան մամուլի եւ հրատարակչական բաժինի վարիչ Անդրանիկ Մարդոյեանը գիրքը ներկայացուց այնտեղ նկարագրուած քանի մը հայերու պատմութիւնները վերլուծելով: «Գիրքին մէջ դիմանկարները այնպէս ներկայացուած են, որ կարծես պատկերասրահի մը մէկ սրահէն կ՛անցնիս միւսը», ընդգծեց բանախօսը:

Գիրքին վերաբերեալ ելոյթներ ունեցան նաեւ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Մ. Աբեղեանի անուան գրականութեան բաժանմունքի տնօրէն Վարդան Դեւրիկեանը, Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանի տնօրէն Վահան Տէր Ղեւոնդեանը, գիրքի համադրող-խմբագիր Արտա Ճէպէճեանը եւ Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի գիտաշխատող Միհրան Մինասեանը:

Շնորհակալութիւն յայտնելով սփիւռքի նախարարութեան` հեղինակ Հրայր Ճէպէճեանը նշեց, որ փափաքած է իր այս երկրորդ գիրքով ներկայացնել հայն իր առօրեայ կեանքի ու գոյապայքարի մէջ: «Այցելելով բազմաթիւ երկիրներ` ես տեսայ, թէ մեր սփիւռքն որքա՜ն բազմերանգ է: Հայ ենք, բայց տարբերութիւններ կան: Սփիւռքի մէջ այսօր հայապահպանումի պատերազմ է: Իւրաքանչիւր հայ համայնք «ճակատամարտի» մը մէջ է: Պիտի շարունակենք պատերազմն ու պիտի յաղթենք», նշեց հեղինակը:

Շնորհահանդէսը իր օրհնութեան խօսքով ամփոփեց Հայաստանի Աստուածաշնչի ընկերութեան գլխաւոր քարտուղար Եզնիկ արք. Պետրոսեանը:

Նշենք նաեւ, որ նոյն օրը, հոկտեմբեր 26-ին սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Մխիթար Հայրապետեանը ընդունեց Հրայր Ճէպէճեանը:

Ողջունելով հիւրը` Մխիթար Հայրապետեանը շնորհաւորեց զայն նոր գրքի լոյս ընծայման առիթով եւ բարձր գնահատեց այն գործունէութիւնը, որ Հրայր Ճէպէճեանը կը կատարէ սփիւռքի մէջ:

«Իմ աշխատանքային գործունէութեան բերումով ճամբորդելով աշխարհի տարածքին, ուսումնասիրելով համայնքներու խնդիրներն ու հայ մարդուն` անդրադարձած եմ հայկական իրողութիւններուն, տեսած եմ սփիւռքի կեանքը եւ իմ երկրորդ գիրքը այդպէս ալ վերնագրած եմ` «Սփիւռքահայ կեանքեր, ինչպէս որ տեսայ»: Անիկա կ՛ընդգրկէ 2011-2017 թուականներուն գրած յօդուածներս», նշեց հիւրն ու նախարարին նուիրեց իր հեղինակած գիրքը:

Խօսելով սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան մասին` հրապարակախօսը ընդգծեց, որ նահանջ կայ հայկականութենէն, սակայն վիճակը վատթարագոյնը չէ, եւ յամառ աշխատանքով հնարաւոր է հայկական սփիւռքի ապագան աւելի լաւը դարձնել:

Համաձայնելով հիւրին հնչեցուցած կարծիքներուն` Մխիթար Հայրապետեանը խօսեցաւ սփիւռքի մէջ Հայաստանի դերակատարութեան մասին` որպէս կեդրոնական պետութիւն եւ անկախ պետականութիւն: «Սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան գործընթացը առաւել արդիւնաւէտ կ՛ըլլայ, եթէ հայրենիքը ըլլայ ուժեղ, Հայաստան պետութիւնը դառնայ հպարտութիւն սփիւռքի նոյնիսկ մեր այն հայրենակիցներու համար, որոնք այստեղ չեն ալ եղած: Այսօր սփիւռքի մէջ ամէնուր  նահանջ է, ու նաեւ նման գաղափարներով մենք պէտք է առաջ շարժինք», ամփոփեց նախարարի պաշտօնակատարը:

Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Հօր Յուշերը Պատմած Արա Կիւլերը` Քեմալ Եալչընին. «Տղա՛ս, Մի՛ Հրապարակիր Այս Պատմութիւնը, Սիրտս Չի Դիմանայ»

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Akunq.net-ը թուրքերէնից թարգմանաբար ընթերցողներին է ներկայացնում Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանաչած թուրք մտաւորականներից Քեմալ Եալչընի յօդուածը` վերջերս մահացած համաշխարհային ճանաչում ունեցող պոլսահայ լուսանկարիչ Արա Կիւլերի մասին, ով տարիներ առաջ Եալչընին պատմել էր Մեծ եղեռնի ականատես հօր յուշերը` Հայոց ցեղասպանութեան մասին.

ՔԵՄԱԼ ԵԱԼՉԸՆ

Ցաւալի լուրը կէս գիշերին ինձ հաղորդեց Հոլանտայում գտնուող ընկերս` Ճեմ Տումանը: Թուրքիան կորցրեց իր շատ նշանաւոր հայ զաւակին: Աշխարհը կորցրեց անփոխարինելի լուսանկարչի:

Արա Կիւլերի հետ ծանօթացել եմ 1999 թ. նոյեմբերի 12-ին, Աթէնքում կայացած թուրք-յունական բարեկամութեան ու խաղաղութեան մրցանակաբաշխութեան ժամանակ: Արա Կիւլերը եւ Ապտի Իփեքչին մրցանակաբաշխութեան դատակազմում էին: 1998 թ. Թուրքիայում Բարեկամութեան ու խաղաղութեան յատուկ մրցանակը ինձ յանձնուեց «Վստահուած օժիտ» անունով միքրոպատմական փաստագրական վէպիս համար: Արա Կիւլերը ընտրական յանձնաժողովի անդամ էր: Ես չգիտէի: 29 տարի առաջ Աթէնքում տեղի ունեցած մրցանակաբաշխութեան ժամանակ ծանօթացանք:

Ես այդ օրերին 1915 թ. ականատեսներին էին որոնում: 1998 թ. շրջել էի Անատոլիայի մի ծայրից միւսը: Թուրքի կամ քրտի հետ ամուսնանալու միջոցով ողջ մնացած, ոեւէ հարազատ չունեցող տարեց հայ կանանց ու տղամարդկանց էի որոնում: Սկսել էի գրել «Սիրտս քեզմով կը խայտայ» վերնագրով փաստագրական վէպը:

Երբ հանդիպեցի Արա Կիւլերին, խնդրանքս յայտնեցի. «Արա՛ եղբայր, կը պատմէ՞ք ինձ ձեր կեանքի պատմութիւնը: 1915 թ. ականատեսներին եմ փնտռում: Եթէ համաձայնուէք, ցանկանում եմ գրքումս ձեզ էլ ներառել»:

Image may be NSFW.
Clik here to view.

«Պատմեմ», ասաց նա: Նոյն հիւրանոցում էինք մնում: Անմիջապէս միացրեցի ձայնագրիչս: Հիւրանոցի մի անձայն անկիւնում սկսեցինք զրուցել: «Տղա՛ս, ես քեզ իմ հօր պատմութիւնը պատմեմ», ասաց նա ու սկսեց պատմել: Հարցեր չտուեցի: Եղբայր Արան խօսեց այն ամէնի մասին, ինչ զգում էր: Մեզ լուսանկարեց պոլսեցի յոյն եղբայրս: Անունը մոռացել եմ: Արա Կիւլերի արցունքներն արտացոլուած են այնտեղ:

«Իմ հայրը Շապին Գարահիսարի Եայլա գիւղից է եղել: 1914 թ. ուղարկել են Պոլիս` սովորելու: 1915 թ. հայրս ամբողջ ընտանիքին կորցրել է: Ինքը կարողացել է փրկուել, քանի որ սովորում էր Պոլսում: Հայրս միշտ գանգատւում էր. «Արա՛, որդի՜ս, աշխարհի ամէն կողմ գնում ես, միայն մեր Եայլա գիւղ չես գնում: Ինձ չես տանում իմ գիւղ»: Մի օր հօրս տարայ իր գիւղ: Արա եղբայրը շարունակ պատմում էր, այնուհետեւ հարցրեց. «Բոլոր ասածներս գրառեցի՞ր», «Այո՛, գրառեցիր», պատասխանեցի ես: «Նոյն ձեւով գրի՛ր», ասաց, ես էլ պատասխանեցի. «Նոյն ձեւով կը գրեմ, ձեզ կ՛ուղարկեմ, ձեր համաձայնութիւնը ստանալուց յետոյ միայն, ձեր թոյլտուութեամբ կը հրապարակեմ»:

Արա եղբօր պատմածները նոյն ձեւով գրեցի, ուղարկեցի նրան: «Տղա՛ս, մի՛ հրապարակիր  այս պատմութիւնը, սիրտս չի դիմանայ»: Չկարողացայ հրապարակել: Չհրապարակուած այս պատմութեան բնօրինակը եւ Արա եղբօր ձայնագրութիւնները այժմ գտնւում են Տիւսպուրկ Էսենի համալսարանում գտնուող Քեմալ Եալչընի անձնական արխիւում: Գուցէ մի օր հրապարակեմ: Սրանից հարիւր տարի յետոյ արխիւ մտնող ու Արա Կիւլերի ձայնագրութիւնները լսող մարդիկ նրա հետ միասին կ՛արտասուեն` ասելով. «Մի ժամանակ 1915 թ. Թուրքիայում ինչե՜ր, ինչե՜ր են պատահել», կը զարմանան ու Արա Կիւլերի հետ միասին կ՛արտասուեն:

Աստուած հոգիդ լուսաւորի: Յարգանքով խոնարհւում եմ քո եւ հայրիկիդ յիշողութիւնների առջեւ:

Թարգմանեց ԱՆԻ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ

Akunq.net
Պոխում, 18.10.2018

 

Լուսանկարները պատկանում են Քեմալ Եալչընի անձնական արխիւին, որը պահպանւում է Տիւսպուրկ-Էսենի համալսարանում:

 

Իր Գաղափարին Հաւատարիմ Խաչուհիի Մը` Սրբուհի Մեծերէցեան-Մարթայեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով

ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ

Image may be NSFW.
Clik here to view.
ԼՕԽ-ի «Կարս» մասնաճիւղը քառասուն օրեր առաջ կորսնցուց իր անդամուհիներէն Սրբուհի Մեծերէցեան-Մարթայեանը, որ խորհրդանիշն էր իր անուան. հայրը` Հաճի Սարգիս Մեծերէցեանը վերապրող մըն էր Հաճնոյ աղէտէն, իր առաջին աղջիկը անուանած էր ի յիշատակ իր մեծ քրոջը` Սրբուհի Մեծերէցեան-Շխրտմեանին, որ զոհ գացած էր թուրքի եաթաղանին. սրբադասուած է արդէն նահատակ երէց Սրբուհին` իր մէկուկէս միլիոն արիւնակիցներուն հետ: Նոյն իմաստով, լուսահոգի կրտսեր եղբայրն ալ Գրիգոր անունը կը կրէր ի յիշատակ իր մեծ հօրեղբօր` նահատակ Գրիգոր քհն. Մեծերէցեանի:

Սրբուհին իր անուան ժառանգին հետ իր վրայ առած էր այդ անունին բովանդակ իմաստը` որպէս նկարագրային գլխաւոր յատկանիշ:  Բարեսիրութիւնը կեանքի նպատակ դարձուցած էր անձայն եւ անշշուկ` իր կարելիութիւններէն աւելիով հասնելով չքաւորին, իր տունը Էշրեֆիէի համեստ ու խոնարհ դասակարգին ժամադրավայրն էր: Աւելի  քան  յիսուն տարիներ ԼՕԽ-ական էր, որպէս անդամ` իր օժանդակութիւնը կը բերէր իր առտնին ձիրքերով, քաղցրաւենիք պատրաստելով. հայկական նազուկն ու գաթան Էշրեֆիէի մասնաճիւղի զանազան ձեռնարկներուն առիթով անպակաս էին: Երկու վեհութիւններ գոյութիւն ունէին  իրեն համար հայ իրականութեան մէջ` Հայ առաքելական եկեղեցին եւ Դաշնակցութիւնը: Վա՛յ անոր, որ այս երկու հաստատութիւններուն հանդէպ մեղանչէր, հոն միայն Սրբուհին դուրս կու գար իր էութենէն, ան նաեւ լիբանանահայ համայնքի իրաւունքներու ջերմ պաշտպանն էր: Ազգային ու յեղափոխական երգերը կը մեկնաբանէր հպարտօրէն, յուզումով  կը պատմէր, որ իր հօր դաստիարակութեան մաս կազմած էր այդ երգերուն ուսուցումը : «Վանայ ձայն»-ի սփռումներն ալ առանց ընդմիջումի լսելի էին իր տան մէջ:

Ծնած էր Ալեքսանտրեթ, ուր յաճախած տեղւոյն «Նոր դպրոց» վարժարանը` մայրենի լեզուի ուսուցիչ ունենալով Մանուկ Ասլանեանը, որուն դաստիարակութեան շնորհիւ` պաշտամունք ունէր ոսկեղնիկին հանդէպ, «Ազդակ» օրաթերթի ամէնօրեայ ընթերցումը գերագոյն հաճոյքն էր, հպարտ կը զգար, յատկապէս երբ անունիս հանդիպէր յօդուածի մը առիթով: Որպէս մոլի ընթերցող` տարիներու ընթացքին կազմած էր կոկիկ գրադարան մը:

Սանճաքի պարպումով փոխադրուած  էին Հալէպ, ուր յաճախած էր ֆրանսական լիսէն, հայերէն ընթերցումներուն զուգահեռ, ան կը կարդար ֆրանսատառ թերթեր` «Փարի Մաչ»-ի նիւթերը իր առօրեայ յարաբերութիւններուն խօսակցութեան առանցքն էին:

Սրբուհին աշխարհ բերած էր երեք շնորհալի դուստրեր` Սօսի, Սեւան եւ Նայիրի, զորս մղած էր ԼՕԽ-ին անդամակցելու եւ գործօն անդամ ըլլալու: Մանչ  զաւակ չունենալուն պատճառով զիս իր տղան կը նկատէր, իր մայրական գուրգուրանքը վայելած եմ մանկութեանս Հալէպ,  աւելի ուշ  Պէյրութ յաճախակի այցելութիւններուս, նաեւ` իր տան ջերմութիւնը, յատկապէս ուշ երեկոյին  մեր սրտակից զրոյցները այս պահուն յուզումով ու կարօտով կը յիշեմ:

Սրբուհի Մարթայեանին հետ կը թաղուի նաեւ Երկրէն բերուած Հաճնոյ գաւառաբարբառը խօսող սակաւաթիւ հայորդի մը: Անոր մեծագոյն ցաւը նոր սերունդի հայկական դպրոցներէն հեռու մնալու երեւոյթն էր, առանց վարանումի` կը յանդիմանէր այս ընթացքին մէջ գտնուող ծնողները: Իր թաղման ԼՕԽ-ի դրօշակով ծածկուած դագաղին շուրջ, իր շատ սիրած Էշրեֆիէ թաղամասի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ  հաւաքուած հարազատներէն գլխաւոր բացական եղայ ցաւ ի սիրտ, այս մահագրութիւնը, փոխան ափ մը հողի, կը ձօնեմ իր անմահ յիշատակին: Կեանքը եւ շրջապատը սիրող մօրաքոյրս  իր մայրական պարտականութիւնը կատարած` կը մեկնի, երեք դուստրերը արդէն վաղուց ընտանիք կազմած են` եօթը թոռներու եւ ցարդ ութ ծոռերու վայելքը շնորհելով իրեն:

Վերջին անգամ, երբ հեռաձայնով խօսեցայ, ըսաւ. «Ամէն օր կ՛աղօթեմ քեզի համար», ասկէ ետք ես պիտի աղօթեմ իր  յիշատակին, անոր անունը աւելցաւ անդարձ մեկնած հարազատներուս եւ ընկերներուս ցանկին, որոնք  ծածուկ կը մտաբերեմ կիրակնօրեայ «Տէ՛ր, ողորմեա»-ի ընթացքին: Մահն ալ յաճախականութեան  ենթակայ է, մէկ օր առաջ իր մօր` Մարի Սինանեան-Մեծերէցեանի մահուան երեսնամեակն էր, մօրաքոյրս անդենականի շիրիմին մէջ միացաւ ամուսնոյն` Մինասին, մօրը` Մարիին, եղբայրներուն` Յակոբին եւ Գօգոյին: Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի:

Ժընեւ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներ

Կորիւն Արք. Պապեանի «Հոգեմատեան» Հատորին Շնորհահանդէսը

Image may be NSFW.
Clik here to view.
Հովանաւորութեամբ թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, կազմակերպութեամբ  Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանի մշակութային-դաստիարակչական յանձնախումբին, գործակցութեամբ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան գրական միաւորին, 11 հոկտեմբերին Ազգային առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հոգելոյս Կորիւն արք. Պապեանի «Հոգեմատեան» հատորին շնորհահանդէսը, որ եղաւ արժանաւորին յարգանքի տուրքի մատուցման արդար արտայայտութիւն մը` անգամ մը եւս լուսարձակի տակ բերելով մեզմէ առյաւէտ բաժնուած հոգեւորականին, մտաւորականին, բանաստեղծին եւ գիտաշխատողին արժանիքներն ու անժամանցելի ժառանգութիւնը:

Ազգային առաջնորդարանի յանձնախումբին անունով Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեանը ողջունելէ ետք ներկաները, յիշեցուց, որ մեր եկեղեցին, վանքերն ու սրբազան հայրերը դարեր շարունակ եղած են մեր մշակոյթի արարման ու պահպանման ջահակիրները, իսկ սոյն երեկոն նուիրուած է նման ջահակիրի մը մէկ աւանդին` «Հոգեմատեան» հատորին, որ հրատարակուած է յետմահու:

Համազգայինի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Էդիկ Ալավերդեանը  գոհունակութիւն յայտնեց, որ առիթը ստեղծուած է Ազգային առաջնորդարանին ու Համազգայինին միջեւ գործակցութեամբ խոնարհելու հոգելոյս սրբազանի յիշատակին, յիշեցնելով, որ Համազգայինը տասնամեակներ շարունակ լծուած է հայ մշակոյթի տարածման, մասնաւորաբար` հրատարակչական ասպարէզի ճամբով, ապա կանգ առաւ հոգելոյս սրբազանի արժանիքներուն վրայ` հաստատելով, որ ան առասպելական անձնաւորութիւն մըն էր, աշխատանքի ու նուրբ դիւանագէտի տիպար մը, որ Նոր Ջուղայի մէջ առաջնորդական առաքելութեան կոչուեցաւ 1970-ականներու վերջերուն, երբ Իրան կ՛ապրէր փոթորկալի տարիներ. ան յաջողեցաւ լաւ յարաբերութիւններ մշակել նոր իշխանութիւններուն հետ ու սատարել հայութեան հաւաքական կեանքի անխափան շարունակման եւ ստեղծեց բարի ժառանգութիւն:

Հատորին ներկայացումը կատարեց դաստիարակ եւ ազգային գործիչ Սարօ Նազարեանը, որ անդրադարձաւ գիրքի բաժիններուն, նաեւ յուշերու ճամբով ներկայացուց հոգելոյս սրբազանին մտաւորականի ու հայութեամբ բաբախող սիրտ մը ըլլալու արժանիքները: Ան հատորէն քաղուած ընթերցումներ կատարելով` ներկայացուց գիրքին ներքին բաժինները: Հատորին արձակ էջերը կազմուած են հոգեւոր խորհրդածութիւններէ, մշակութային-դաստիարակչական հարցեր շօշափող էջերէ ու Նոր Ջուղայի մասին քանի մը ուսումնասիրական աշխատութիւններէ, որոնք լոյս կը սփռեն մշակութակերտ հայրերու եւ դէմքերու, դարաւոր տպարանին ու անոնց ժառանգութիւններուն վրայ:

Երեկոյի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

Փակման խօսքը արտասանեց առաջնորդ սրբազանը: Ան նկատել տուաւ, որ հոգելոյս Կորիւն սրբազանը շուրջ 60 տարիներու նուիրեալ աշխատանքով պատկառելի վաստակ մը կերտած է Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ու անոր թեմերու ծառայական կեանքին մէջ, հաստատելով, որ  Կորիւն արք. Պապեանը կը պատկանէր սերունդի մը, որ խօսքով, գործով ու գրիչով միշտ ներկայութիւն էր մեր կեանքին մէջ: Ան գոհունակութիւն յայտնեց, որ հատորը լոյս տեսած է վեհափառին տնօրինումին, Կորիւն արք. Պապեանի եղբօր` տոքթ. Մհեր Պապեանի նախանձախնդիր հետապնդումներուն ու Վաղինակ ծ. վրդ. Մելոյեանի խմբագրական աշխատանքին շնորհիւ:

Իր յարգանքի խօսքէն ետք առաջնորդը յայտնեց, որ աւանդութիւն դարձած է, որ թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովը իր տարեկան նստաշրջանին պատուէ նուիրեալ ծառայողներ, եւ այս տարի յուշանուէրի արժանացողներէն մէկն էր Սարօ Նազարեանը` իբրեւ վաստակաւոր դաստիարակ եւ ազգային գործիչ, սակայն այդ օրերուն քաղաքէն դուրս ըլլալուն պատճառով, չէր ստացած իր յուշանուէրը: Հետեւաբար  այս առիթով յուշանուէրը յանձնուեցաւ անոր:

Հայ Դատի Իրագործումներու Նշում

Image may be NSFW.
Clik here to view.

7 հոկտեմբերին Պեւըրլի Հիլզ քաղաքի «Պեւըրլի հիլթըն» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին տարեկան ձեռնարկը, որուն ընթացքին պատուուեցան Հայ դատին մեծ նպաստ բերած հայ թէ օտար անձնաւորութիւններ:

Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը կատարեց բացման աղօթքը եւ օրհնեց Հայ դատի ծառայողներն ու կամաւորները, որոնք իրենց սիրտերն ու ձեռքերը միացուցած են` ի խնդիր Հայաստանի ու Արցախի մէջ արդարութեան, ապահովութեան ու բարգաւաճման յառաջընթացին եւ յառաջ մղելու մեր Դատը Միացեալ Նահանգներու ամբողջ տարածքին:

Ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Սթիւ Արթինեանը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նպաստած էին ձեռնարկին յաջողութեան: Ան նաեւ երախտագիտական խօսք ուղղեց ձեռնարկը հովանաւորողներուն ցուցաբերած կենսական աջակցութեան համար:

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ Հայ դատի զօրակցութիւնը ապահոված` Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտի ընտրութեանց թեկնածու եւ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի նախկին նախագահ Քեւըն տէ Լէոնը, որ դրուատեց ամերիկահայ մեծագոյն քաղաքական կազմակերպութիւնը հանդիսացող Հայ դատը եւ անոր նուիրեալ կամաւորները, որոնք շարունակաբար կը պաշտպանեն ամերիկահայութիւնը յուզող հարցերը:

Ցուցադրուեցաւ նաեւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Էրիք Կարսեթիի քաջալերական եւ շնորհաւորական պատգամին տեսանիւթը:

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեանը կարդաց կազմակերպութեան պատգամը: Ան շեշտեց, որ Հայ դատը աշխարհացրիւ իւրաքանչիւր հայու դատն է` յիշեցնելով անոր հիմնական նպատակները` Հայաստանի յառաջդիմութեան եւ բարօրութեան աջակցութիւնը, Արցախի մէջ խաղաղութեան եւ անոր ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքի երաշխաւորումը, Հայոց ցեղասպանութեան արդարահատուցումը եւ սփիւռքի քաղաքական աշխուժութեան ապահովումը: Յովսէփեանը նաեւ տեղեկութիւններ տուաւ վերջին մէկ տարուան ընթացքին Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի իրագործումներուն մասին:

Քալիֆորնիոյ փոխնահանգապետի պաշտօնին թեկնածու Էլենի Քունալաքիսը, որ իր ընտրապայքարին ընթացքին կը վայելէ Հայ դատին նեցուկը, իր ելոյթին մէջ խոստացաւ զօրավիգ կանգնիլ Հայ դատին եւ մօտէն գործակցելով հայ համայնքին հետ` նպաստել անոր նպատակներուն իրականացման:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ պարգեւատրման արարողութիւնը: Այս տարի մեծարուեցան` Բրիտանիոյ Լորտերու պալատի անդամ պարոնուհի Քերոլայն Քոքսը` «Արդարութեան ջատագով» մրցանակ, «Ուրացման ճարտարապետները» վաւերագրական ժապաւէնին արտադրութեան մասնակցած խումբը` «Լրատուութեան մէջ գերազանցութիւն» մրցանակ, երաժիշտ, յօրինող եւ քաղաքական գործիչ Սերժ Թանքեանը` «Ժողովուրդի յառաջամարտիկ» մրցանակ, անցնող տարեշրջանի Հայ դատի վարժողական ծրագիրներու մասնակիցները: Յետմահու յատուկ յարգանքի եւ երախտագիտութեան արժանացաւ Յակոբ եւ Մինա Շիրվանեաններ ամոլը:

Ձեռնարկը փակուեցաւ հանգուցեալ Շարլ Ազնաւուրի «Լա պոէմ» երգի տեսանիւթին ցուցադրութեամբ:

Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Հայ Դատի Յանձնախումբի Տարեկան Մեծարանքի 12-րդ Հանդիսութիւն

Image may be NSFW.
Clik here to view.

13 հոկտեմբերին Նիւ Եորքի «Կրանտ հայաթ» պանդոկի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի Հայ դատի յանձնախումբին կազմակերպած մեծարանքի ութերորդ հանդիսութիւնը:

Օրուան հանդիսավար, Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի «Հիւմըն ռայց ուոչ» ոչ կառավարական հիմնարկի պատասխանատու Սառա Լիա Ուիթսընը յայտնեց, որ այս տարուան մեծարանքի երեկոն կը զուգադիպի Հայաստանի Ա. անկախութեան 100-ամեակին, աւելցնելով, որ այս հարիւր տարիները ցոյց կու տան, թէ որքա՜ն ճամբայ կտրած ենք, յատկապէս` պայքարելով ահաւոր կացութիւններու դէմ, եւ այս գծով Հայ դատը առաջնահերթ դերակատարութիւն ունեցած է, յատկապէս` քաղաքականութեան բեմին վրայ:

Ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով Օտրի Մարտոյեանը տեղեկացուց, որ յիշատակի շքանշաններ պիտի ստանան Հայ դատի բնագաւառէն ներս ծառայած անձնաւորութիւններ: Մարտոյեանը վեր առաւ երիտասարդներու կատարած ներդրումը եւ այս առթիւ շքանշաններ յանձնեց անցեալ ամրան երիտասարդներու յատուկ «Լէօ Սարգիսեան» դասընթացքին մասնակցած Ատրիէն Թազեան-Շուարցին, Վիքթորիա Միսիկեանին եւ Անդրանիկ Քեչեճեանին:

«Վահան Գարտաշեան» մրցանակը ստացաւ Քեն Սարաճեանը, «Ազատութեան» մրցանակը` «Խոստումը» ժապաւէնի իրլանտացի բեմադրիչ Թերի Ճորճը, «Ազատութեան» մրցանակ Էրիք Իսրայէլեանը:

Մարդկային իրաւունքներուն համար պայքարող ռուանտացի Քոնսոլի Նիշիմուէ, որ իր կարգին 1994-ին կորսնցուցած է ընտանեկան պարագաները  թութսիներու դէմ կատարուած ջարդի ընթացքին, նկատել տուաւ, որ ցեղասպանութեան մը ետին կանգնող պետութիւններ եթէ չպատժուին, բնականաբար պիտի շարունակուին նմանօրինակ զարհուրելի դէպքեր: Ան կոչ ուղղեց, որ նմանօրինակ արարքներու ետին կանգնող անձնաւորութիւններ եւ պետութիւններ դատի կանչուին:

Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի ՀՅ Դաշնակցութեան ներկայացուցիչ Ճորճ Աղճայեանը իր ելոյթին մէջ շեշտեց, որ հայորդին անվերապահ եւ ամբողջական գիտակցութեամբ կ՛ընդառաջէ Հայ դատի կոչերուն, որովհետեւ հաւատացած է, որ այս մէկը գոյութեան իմաստ է, եւ առանց անոր` գործընթացը դժուար կ՛ըլլայ եւ ենթակայ` մեծ մարտահրաւէրներու եւ վտանգներու:

Ուաշինկթընի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Րաֆֆի Համբարեանը յայտնեց, որ Հայ դատի յանձնախումբը կը լսէ տեսակէտները եւ կը հունաւորէ իր աշխատանքը, աւելցնելով, որ աշխատանքը այնքան բազմածիր է, որ իսկապէս հայ ժողովուրդէն նիւթական թէ բարոյական մեծ ներդրում եւ մեծ կարողականութիւն կ՛ենթադրէ:

Յայտնենք, որ յայտագիրէն առաջ կատարուած աճուրդի որպէս արդիւնք` գոյացաւ կոկիկ գումար մը: Կատարուեցան նաեւ նուիրատուութիւններ, որոնք փոխանցուեցան Հայ դատի յանձնախումբի անձեռնմխելի հիմնադրամին:

Կլենտէյլի Մէջ Տեղի Ունեցաւ «Արցախ» Փողոցի Անուանակոչութեան Պաշտօնական Արարողութիւնը

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Կլենտէյլի կեդրոնը գտնուող «Արցախ» պողոտայի անուանակոչման պաշտօնական արարողութիւնը տեղի ունեցաւ հոկտեմբեր 2-ին: Կլենտէյլի քաղաքապետ Զարեհ Սինանեանը պատմական համարեց օրը` նշելով, որ այսպիսով, քաղաքը կը ճանչնայ հայ համայնքի տասնեակ տարիներու ներդրումը Կլենտէյլի կայացման ու զարգացման գործին մէջ:

«Կլենտէյլի մէջ հայ համայնքը սկսած է ձեւաւորուիլ նախորդ դարու 70-ականներէն, երբ տարբեր երկիրներէն ժամանած հարիւր հազարաւոր հայերու համար քաղաքը դարձաւ տուն, ուր հայերը հիմնեցին տուներ, աշխատանք ստեղծեցին, մեծցուցին իրենց զաւակները: Հայերը իրենց սիրտն ու հոգին դրած են` աշխուժօրէն մասնակցելով Կլենտէյլի զարգացման, եւ այսօր այս քաղաքը կը համարուի Միացեալ Նահանգներու մէջ հայերու կեդրոնը», ըսաւ Զարեհ Սինանեանը:

Խօսք առաւ նաեւ Քալիֆորնիոյ ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինոյին, որ կարեւոր նկատեց հայկական անուանումով պողոտայի առկայութիւնը աշխարհի ամենահայաշատ քաղաքներէն մէկուն մէջ: Նոր վերադարձած եմ Արցախ իմ երկրորդ ուղեւորութենէս, եւ կ՛ուզեմ ըսել, որ շատ կը սիրեմ Արցախն ու արցախցիները, որոնք ապրելով հրադադարի խախտման ամէնօրեայ սպառնալիքի պայմաններու մէջ` խաղաղասէր են ու շատ հանգիստ:

«Արցախ» փողոցի պաշտօնական բացման արարողութեան ներկայ էր նաեւ Միացեալ Նահանգներու մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեանը, որ ըսաւ. «Արցախի մէջ շատ ոգեւորուած էինք, որ Կլենտէյլի մէջ փողոց պիտի անուանակոչուի մեր երիտասարդ հանրապետութեան պատուին: Սա վկայութիւնն էր, որ մեր համագործակցութիւնը Քալիֆորնիոյ հետ կը շարունակուի` հաշուի առնելով փաստը, որ նահանգը ճանչցած է Արցախի անկախութիւնը»:

Կլենտէյլի Ուիլսըն եւ Հարվըրտ փողոցներուն մէջտեղը ձգուող Մերիլենտ փողոցը «Արցախ» անուանակոչելու որոշումը ընդունուած է Կլենտէյլի Քաղաքային խորհուրդի անդամներու միաձայն քուէարկութեամբ, 2018-ի յունիսի նիստին:

Քոլորատոյի Մէջ «Սարդարապատ» Մայրուղիի Ցուցանակին Պաշտօնական Բացումը

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հարիւրամեակին առիթով, Քոլորատօ նահանգի օրէնսդիր մարմինը այս տարուան ապրիլին որոշած էր նահանգին Սենթենիըլ (հարիւրամեակ) քաղաքի գլխաւոր մայրուղիներէն մէկը անուանել «Սարդարապատ հայկական յիշատակի մայրուղի»: Չորս մղոննոց մայրուղին Սենթենիըլ քաղաքը կը կապէ Օրորա քաղաքին: Երկու քաղաքներն ալ յատկանշական թիւով հայ բնակիչներ ունին:

Նշենք, որ Քոլորատոյի նահանգային խորհրդարանը եւ ծերակոյտը թիւ 18-1019 բանաձեւը վաւերացուցած էին միաձայնութեամբ` շնորհիւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին` Քոլորատոյի Հայ դատի յանձնախումբին եւ «Քոլորատոյի հայեր» կազմակերպութեան միացեալ ջանքերուն: Բանաձեւին մէջ կը շեշտուի, որ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կերտումը կարելի եղած էր Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած հայորդիներու յատկանշական ներդրումներուն շնորհիւ:

Մայրուղիի ցուցանակին բացման պաշտօնական արարողութիւնը տեղի ունեցաւ շաբաթ, սեպտեմբեր 29-ին: Արարողութեան բացման աղօթքը կատարեց թեմի հովիւներէն Արսէն քհնյ. Գասապեանը, իսկ արարողութեան ընթացքին ելոյթներ ունեցան` քոնկրեսական Մայք Քոֆմընը, Քոլորատոյի նահանգային ծերակոյտի անդամ Տոմինիք Մորենոն, Քոլորատոյի նահանգային խորհրդարանի անդամ Քոլ Ուիսթը, Սենթենիըլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Մայք Սաթըրլենտը, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեանը, «Քոլորատոյի հայեր» կազմակերպութեան վարչութեան ատենապետ Սոնա Հատէշեանը, իսկ հանդիսավարն էր Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի համայնքային յարաբերութեանց պատասխանատու Սիմոն Մաղաքեանը: Արարողութիւնը փակուեցաւ «Սարդարապատ» երգի միացեալ երգեցողութեամբ:

Ներկայ էին շարք մը պետական պաշտօնատարներ եւ համայնքային կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ:

Արարողութիւնը կարելի է դիտել` այցելելով www.facebook.com/ANCAWesternRegion/videos/526211051182408 կայքէջը:

Քանատա

Թորոնթոյի Մէջ Մէկ Միլիոն Տոլար Հաւաքուեցաւ Ի Նպաստ «Հայաստան» Հիմնադրամին

Image may be NSFW.
Clik here to view.

21 հոկտեմբերին Թորոնթոյի մէջ կայացած «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին տեղւոյն մասնաճիւղի տարեկան դրամահաւաքի ձեռնարկին ընթացքին կարելի եղաւ գոյացնել մէկ միլիոն ամերիկեան տոլար:

Քանատայի մէջ Հայաստանի դեսպանատան հովանիին տակ տեղի ունեցած ձեռնարկին ընթացքին հաւաքուած գումարը նոր մրցանիշ մըն էր շրջանին համար, եւ անիկա պիտի տրամադրուի Հայաստանի եւ Արցախի մէջ հիմնադրամին նախաձեռնած կենսական շարք մը ծրագիրներու իրագործման:

Ատրպատական

Գերմանացի Արուեստագէտ Մարքոս Էնտլերի «Պատուհան» Գծանկարչական Ցուցահանդէսը

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Հովանաւորութեամբ Թեմական խորհուրդին, կազմակերպութեամբ Թաւրիզի Հայ համալսարանականներու միութեան, ձեռամբ Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ` Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանի, 10 հոկտեմբերին Ազգային առաջնորդարանի «Հ. Ոսկանեան» սրահին մէջ կատարուեցաւ բացումը գերմանացի արուեստագէտ Մարքոս Էնտլերի «Պատուհան» խորագիրը կրող գծանկարչական ցուցահանդէսին:

Ձեռնարկին բացումը կատարեց արուեստագէտ Մարքոս Էնտլեր, որ ներկայացուց վերջին մէկ շաբաթուան ընթացքին իր ստեղծագործած աշխատանքները` օգտուելով Ատրպատական կատարած իր այցելութենէն: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին` ցուցահանդէսի կազմակերպման առիթով, նկատել տալով, որ «Պատուհան» խորագրած է ցուցահանդէսը, որովհետեւ իր հայեցողութեան պատուհանէն նայած է Ատրպատականի կեանքին եւ գծագրած այնպէս, ինչպէս որ ինք տեսած է սոյն երկրի կեանքը:

Ցուցահանդէսին ներկայացուած էին դէմքեր եւ վայրեր, վերջին շաբաթուան ընթացքին Էնտլերի Ատրպատականի մէջ տեսած անձերէն եւ հայկականութեան հետ առնչուած սրբավայրէն:

Սրբազան հայրը իր կարգին բարձր գնահատեց արուեստագէտին աշխատանքը, որ կրցած էր այսքան կարճ ժամանակի մէջ  աւելի քան քառասուն գծանկարներ ստեղծագործել: Սրբազանը անդրադառնալով ներկայացուած գործերու բնոյթին` նկատել տուաւ, որ արուեստագէտը տեսած է թեմին արժէքները, եւ սոյն ցուցահանդէսը ինքնին վկայութիւն է, որ ազգեր իրարու մշակոյթը փոխադարձաբար ճանչնալով` աւելի կը հարստանան:

 

 

Պոլթընի Այցի Վտանգաւոր Ազդակները. Միահեծան Իշխանութիւնը` Հողային Զիջում Պարտադրելու Լաւագոյն Նախապայման

Image may be NSFW.
Clik here to view.

ՎԱՀԷ ՍԱՐԳՍԵԱՆ

Դեկտեմբերին նախատեսուող Հայաստանի ԱԺ ընտրութիւններում Նիկոլ Փաշինեանի միանձնեայ իշխանութեան հնարաւոր հաստատումից բխող բազմաթիւ վտանգներին Միացեալ Նահանգների ազդեցիկ պաշտօնեայ Ճոն Պոլթընի` Հայաստան կատարած այցը գումարեց եւս մէկը, եւ ամենառանցքայինը` արցախեան խնդրում ոչ հայանպաստ բեմագրութիւնների իրագործման վտանգը: Պարզորոշ է, որ Միացեալ Նահանգների համար մեր տարածաշրջանում առաջնային խնդիրը կայունութիւնն է, որն անմիջականօրէն առնչւում է վառելիքաուժանիւթային պաշարներն առաւել անվտանգ տեղափոխելու, այն է` տարանցիկութեան խնդրին, ինչը մեծապէս կ՛օժանդակի նաեւ տուեալ երկրները Ռուսաստանի ազդեցութիւնից Միացեալ Նահանգների տնտեսաքաղաքական ազդեցութեան գօտի տեղափոխելու բարդագոյն խնդրի լուծմանը:

Այդպէս տեղի ունեցաւ նաեւ Վրաստանի պարագայում, երբ Վարդերի յեղափոխութեամբ իշխանութեան գլուխ եկած երիտվրացիները մի քանի տարի անց երկիրը տարանցիկ գօտու վերածելու եւ տնտեսական վերելքի ապահովման համար անհրաժեշտ երկարատեւ կայունութիւն հաստատեցին մէկուկէս տասնամեակ գլխացաւանք դարձած աբխազական եւ հարաւօսական հիմնահարցից վերջնականապէս ձերբազատուելու միջոցով: Պարզորոշ է, որ առանց Միացեալ Նահանգների թոյլտուութեան անգամ պէտքարան չգնացող Մ. Սահակաշվիլին 2008 թ. օգոստոսեան արկածախնդրութեանը գնաց յատուկ հաշուարկներից ելնելով եւ իրերի զարգացման հնարաւոր բեմագրութիւնները քննարկելուց յետոյ: Ցխինվալի ուղղութեամբ կայծակնային յարձակումներ գործելով` վերջինս ակնկալում էր երկու արդիւնք.

1.- Յանկարծակի բերելով օսերին` Թիֆլիսի իշխանութիւնն արագօրէն տարածել երկրամասի վրայ` դառնալով «պատմական» այդ գործընթացի հեղինակ:

2.- Պարտութեան եւ ռուսական միջամտութեան պարագայում, կը վերանային Հարաւային Օսեթիայի 30%-ը կազմող, վրացական ազգաբնակչութեամբ ստեղծուած եւ նախկին այդ ինքնավար մարզը «շերտաւոր կարկանդակի» վերածած վրացաբնակ միջերկիրները, կ՛արդարացուէին մինչ այդ առկայ եւ շուրջ մէկուկէս տասնամեակ բազմաթիւ ձեւաչափերով տարուող բանակցային գործընթացները միակողմանի կերպով խզելու եւ բոլոր տեսակի յանձնաժողովներն ու միջնորդ մարմինները վերացնելու` Դագոմիսեան պայմանագիրն անտեսելու փաստերը, եւ այս ամէնի արդիւնքում ինքը` Մ. Սահակաշվիլին, վերջնականօրէն կը ձերբազատուէր հարաւօսական եւ աբխազական հարցերից: Աւելի՛ն. հիմնաւոր պատճառներ կ՛ունենար իրագործելու հիմնական նպատակը կամ երազանքը` վերջնականօրէն

խզելու բոլոր տեսակի կապերը ՌԴ-ի հետ, ինչը եւ տառացիօրէն տեղի ունեցաւ: Միացեալ Նահանգներն, եթէ անգամ չէր ծրագրել այս յարձակումը, ապա, մտքում ունենալով այսպիսի արդիւնքների ակնկալիքներ, միանգամայն լուռ հետեւեց գործընթացներին: Բնականաբար, այս ամէնի արդիւնքում, Ռուսաստանը յայտարարուեց միջազգային յարձակողապաշտ, զաւթիչ եւ այլն, միւս կողմից` Միացեալ Նահանգներ ստացաւ իր համար բաղձալի երկարատեւ կայունութիւնը, որի պայմաններում միանգամայն հանգիստ եւ անտրտունջ կերպով Վրաստանը վերածեց սեփական տարանցիկ, ուժանիւթային եւ տնտեսաքաղաքական հետաքրքրութիւնների կայուն հարթակի:

Ի՞նչ է տեղի ունենում Հայաստանի պարագայում: Ըստ Պոլթընի ենթադրութիւնների, դեկտեմբերին Հայաստանում կը ձեւաւորուի Նիկոլ Փաշինեանի բացարձակ մենիշխանութիւնը, որը կ՛ունենայ լայն ժողովրդականութիւն, որին այլեւս չի վախեցնի արցախեան հակամարտութեան կարգաւորման խնդրում կիրառել ցանկացած բեմագրութիւն: Ճոն Պոլթընը, այդպիսով` նաեւ Միացեալ Նահանգներն, յոյս ունեն, որ դեկտեմբերեան իրադարձութիւններից յետոյ ստեղծուելիք նոր իրողութիւններում իրենք, Նիկոլ Փաշինեանի միջոցով, եւ բաւականին հեշտութեամբ կը կիրառեն իրենց գծագրած բեմագրութիւնը, որի մէջ, ինչպէս Հայաստանից հեռացող Միացեալ Նահանգների դեսպանը պարզորոշ յայտարարեց, մտնում է «գրաւեալ շրջանների վերադարձի» կէտը:

Պարզորոշ է, որ մինչ օրս նման բեմագրութեան կիրարկում տեղի չի ունեցել, այսինքն` Հայաստանի նախկին իշխանութիւնները չեն գնացել այդ քայլին, քանի որ դա կը դառնար առանց այն էլ լայն ժողովրդականութիւն չվայելող իշխանութիւնների մահախօսականը, ինչպէս տեղի ունեցաւ Լ. Տէր Պետրոսեանի պարագայում: Անգամ կարգաւորման «Մատրիտեան սկզբունքների» առկայութեան պայմաններում միջազգային շրջանակների (այդ թւում` Միացեալ Նահանգների) համար ակնյայտ էր այդ իրողութիւնը, որից ելնելով էլ վերջիններս, կանխատեսելով Հայաստանի իշխանութիւնների արձագանգների բնոյթը, ինչ-որ տեղ անիմաստ էին համարում այդ հողի վրայ ճնշել նրանց կամ կիրառել նման բնոյթի այլ մեքանիզմներ: Արցախեան խնդրի կարգաւորման ընթացքի վերբեռնման համար Միացեալ Նահանգներին հարկաւոր էին նոր եւ կտրուկ շրջադարձեր Հայաստանի ներքաղաքական կեանքում, ինչը եւ այսօր առկայ է:

Նոր իրողութիւնների պայմաններում Միացեալ Նահանգները լաւ է հասկանում, որ մատի մէկ շարժումով հարիւր հազարաւոր քաղաքացիների ոտքի հանելու ընդունակ Ն. Փաշինեանին այլեւս դժուար չի լինի «կառավարել», «համոզել» կամ «դաստիարակել» նշեալ զանգուածներին նաեւ այս հարցում: Միացեալ Նահանգների դեսպանատան վերլուծաբանները, կարծում ենք, շատ պարզորոշ տեսնում են, որ նախկինում մի շարք հարցերի (փողոցներում կարմիր գծերով առանձնացուած վճարովի կայանատեղեր, արագաչափերի սահմանած տուգանքներ, փոխադրամիջոցների ուղեվարձի թանկացում, պետական համակարգից հարիւր հազարաւոր աշխատակիցների կրճատման

մասին յայտարարութիւններ եւ այլն) շուրջ իրենց անհամաձայնութիւնը փողոցներ փակելու եւ զանգուածային անհնազանդութիւններ իրականացնելու միջոցով արտայայտող զանգուածներն այսօր ինչպէս են այդ նոյն հարցերի գոյութիւնն անտեսում, լուռ եւ անտրտունջ, շատ դէպքերում` ուրախութեամբ, համաձայնւում նոր իշխանութիւնների հետ: Միջանկեալ նշենք նաեւ, որ առաջիկայում նախատեսուող միասեռականների համայնքի շքերթի իրականացումը եւս Միացեալ Նահանգները դիտարկում է որպէս լրջագոյն մի փորձ` եւս մէկ անգամ համոզուելու համար Ն. Փաշինեանի` ամբոխացման ճանապարհին գտնուող ժողովրդին ամէն տեսակի հարցերում լիարժէք համոզելու վարպետութեան մէջ: Արդիւնքում` Միացեալ Նահանգները յետդեկտեմբերեան շրջանը դիտարկում է արցախեան խնդրի կարգաւորման գործում սեփական բեմագրութեան իրագործման ամենայարմար ժամանակաշրջանը:

Ունենալով Հայաստանում «բարենպաստ» պայմաններ` Միացեալ Նահանգները, ինչպէս յայտարարեց Պոլթընը, կը սկսի այդ հողի վրայ համապատասխան լայնածաւալ աշխատանքներ տանել նաեւ Պաքւում: Քաղաքական եւ պիզնես ահաբեկչութիւնների, «հակայեղափոխական» որակումների, Ռ. Քոչարեանի եւ Ս. Սարգսեանի հետ վերադարձի սարսափիկների տարածման միջոցով (այստեղ եւս շատ ենք նման Մ. Սահակաշվիլուն) երկրում ընդդիմութեան տեղի ու դերի զերոյացման արդիւնքում Ն. Փաշինեանի` դեկտեմբերին ձեւաւորուելիք միահեծան իշխանութիւնը այլեւս ոչ մի պատճառաբանութիւն չի կարող ներկայացնել Միացեալ Նահանգներին, թէ ինչո՛ւ չի ցանկանում զիջել տարածքները: Բնականաբար Միացեալ Նահանգները լաւագոյնս հաշուարկել է նաեւ այս հողի վրայ իրականացուելիք ՌԴ-ի հակաքայլերը, որոնք, եթէ դիտարկենք Ռուսաստան-Ազրպէյճան յարաբերութիւնների եւ փոխադարձ շահերի, ինչպէս եւ ՌԴ-տարածաշրջան զարգացումների հարթութեան մէջ, իրականում կարող են վերածուել զիջումներ պարտադրող քայլերի եւ լիովին համընկնել Միացեալ Նահանգների դիրքորոշումների հետ (տե՛ս Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնների կարգաւորման եւ սահմանի բացման մասին տխրահռչակ արձանագրութիւնների ստորագրման փաստը):

Ի վերջոյ, պարզորոշ է, որ Միացեալ Նահանգներն, ինչպէս հարաւաօսական շուրջ 15.000 վրացի փախստականների, Վրաստանի տարանցիկ համակարգերի ջախջախման, երկրի տնտեսութեան փլուզման եւ բազմաթիւ այլ անդառնալի վնասների պայմաններում Վրաստանին, այնպէս էլ հողային զիջումների, ՀՀ եւ ԱՀ պետականութիւններին եւ հայ ժողովրդին հասցրած նիւթաբարոյական անդառնալի վնասների պայմաններում, Հայաստանին կարող է տրամադրել դրամական կամ այլ տիպի օժանդակութիւններ, ինչը մեծ հաշուով ծիծաղելի է եւ որեւէ կերպ չի կարող դրուել հակառակ նժարին (տե՛ս Վրաստանի ներկայ կախեալ եւ անմխիթար վիճակը):

Փաստենք. արցախեան հակամարտութեան կարգաւորման սարգսեանական պատմափուլում իշխանութիւնների` զիջումների չգնալու հիմնական կռուանը վերջիններիս կողմից լայն ժողովրդականութիւն չունենալն էր կամ, եթէ աւելի հասկանալի ձեւակերպենք մեր միտքը, իշխանութիւնների` հասարակութեան լայն հատուածներին այս հարցում որեւէ ձեւով կամ ձեւաչափով համոզելու անկարողութիւնը, ինչն էլ ստիպում էր միջազգային հանրութեանը անիմաստ եւ անպտուղ ճնշումներ չբանեցնել Հայաստանի նախկին իշխանութիւնների վրայ` չձեռնարկելով այս գործընթացում որեւէ կտրուկ կամ շրջադարձային քայլ: Նոր իրողութիւնների պայմաններում այդ կռուանն ի սպառ անհետացել է, աւելի՛ն, հակամարտութեան կարգաւորման խնդրում առկայ է Հայաստանի նոր իշխանութիւնների` խորքի մէջ տէրպետրոսեանական զիջողական մօտեցումներից էապէս չտարբերուող դիրքորոշում կամ, առնուազն, նոր կառավարութեան կազմում են

տէրպետրոսեանական գաղափարները եւ հայեացքներն անվերապահ ընդունող երբեմնի ընդդիմադիրները, որոնց` արցախեան խնդրի հանդէպ ունեցած տէրպետրոսեանական վտանգաւոր դիրքորոշումները պատից կախուած զէնքի նման մի գեղեցիկ օր կրակելու են:

Արդիւնքում` դեկտեմբերեան ընտրական գործընթացների աւարտն ազդարարելու է արցախեան խնդրի կարգաւորման նոր եւ անչափ վտանգաւոր փուլի սկիզբը, եւ տուեալ փուլում հայոց պետականութեան համար կործանարար զիջումներ թոյլ չտալու համար հայ հանրութիւնն, առաջին հերթին, պէտք չէ թոյլ տայ միահեծան իշխանութեան հաստատում Հայաստանում: Այդպիսի իշխանութեան գերին դառնալու է հէնց ինքը` Ն. Փաշինեանը, եւ նրան այլեւս չի կարողանայ մօտալուտ արտաքին ճնշման պայմաններում, հողային զիջման հարցում իր հակադիր կեցուածքով օժանդակել որեւէ քաղաքական ուժ: Երկրում պէտք է ձեւաւորուի ուժեղ, արմատական եւ գաղափարական ընդդիմութիւն, որը ոչ միայն երկրի բնականոն զարգացման նախապայմանն է, այլեւ փաշինեանական իշխանութեան` արցախեան խնդրում հողային զիջումներ թոյլ չտալու միակ գրաւականը: Աւելորդ չենք համարում յիշեցնելու, որ արցախեան գոյապայքարի ողջ ընթացքում Լ. Տէր Պետրոսեանի վարչախումբը միջազգային հանրութեան հետ յարաբերութիւններում յենւում էր հէնց այդ ներկայացման վրայ, այն է` «Արցախում զինուած պայքարը «հրահրում է» տեղի ժողովուրդը, եւ ինքը որեւէ կապ չունի այդ ամէնի հետ, աւելի՛ն չի կարող ազդել արցախցիների ազատագրական պայքարի վրայ»: Սա կիրառւում էր ե՛ւ նախայարձակի պիտակից, ե՛ւ միջազգային ճնշումների գլխացաւանքից ազատուելու համար: Փաստենք նաեւ, որ այս բեմագրութիւնը Լ. Տէր Պետրոսեանը լաւագոյնս կիրառում էր նաեւ շնորհիւ երկիր վերադարձած ՀՅԴ-ի, որը տուեալ շրջանի հասարակական-քաղաքական կեանքում եւ Արցախի ազատագրման գործում առանցքային դերակատարում ունեցող ընդդիմադիր քաղաքական ուժն էր:

Կրկին յիշատակելով Վրաստանը` փաստենք, որ հողային զիջման գնով հակամարտութեան գլխացաւանքից իրեն ազատած, երկրում միահեծան իշխանութիւն հաստատած սահակաշվիլիական արկածախնդրութիւնները չներելով` երկրի հասարակութիւնն ընդամէնը 4 տարի անց դուրս եկաւ փողոց եւ վռնտեց Նոպելեան մրցանակի յաւակնորդ երբեմնի «մեծ ժողովրդավարին»: Վռնտեցին, սակայն` ուշ էր. հարաւօսական հակամարտութիւնն այլեւս երբեք չի վերադառնայ այն բաղձալի սթաթիւս քուոյին, ինչը կար 2000-ական թթ. կէսերին` մինչ «ժողովրդավարների» միահեծան իշխանութեան ամրապնդումը Վրաստանում: Հայաստանում եւս չի ներուի փաշինեանական ցանկացած արկածախնդրութիւն: Ժողովրդի մէջ ապրող ազգը շատ շուտ կ՛արթնանայ, սակայն նշեալ արկածախնդրութիւններով պայմանաւորուած կորուստները կարող են անդառնալի հետեւանքներ ունենալ հայոց պետականութեան գոյութեան համար:

 

 


Շահումեանի Շրջան. 2018 Թ. Կատարուածն Ու Նախանշուած Ծրագրերը

Image may be NSFW.
Clik here to view.

ՀՅԴ Արցախի Կենտրոնական կոմիտէի անդամները հոկտեմբերի 10-ին այցելել են Շահումեանի շրջան եւ արտագնայ նիստ ունեցել Քարվաճառ քաղաքում` շրջվարչակազմի ղեկավար Գագիկ Մարտիրոսեանի մասնակցութեամբ:

Առիթից օգտուելով` «Ապառաժ»-ը հարցազրոյց է ունեցել Շահումեանի շրջանի վարչակազմի ղեկավար, դաշնակցական, Շուշիի ազատագրման մասնակից, «Մարտական խաչ» 2-րդ աստիճանի շքանշանակիր Գագիկ Մարտիրոսեանի հետ, ով այս պաշտօնը ստանձնել է սոյն թուականի յունիսի 23-ին:

«ԱՊԱՌԱԺ».- Շահումեանը բազմազաւակ ընտանիքների մեծաթիւ շրջանն է համարւում: Ի՞նչ ծրագրեր են իրականացւում շրջանում ծնելիութեան եւ բազմազաւակութեան խթանման նպատակով:

ԳԱԳԻԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ.- Ծնելիութեան եւ բազմազաւակութեան խթանման միջոցառումների իրականացման նպատակով Շահումեանի շրջանի բոլոր համայնքներում իրականացուել է ուսումնասիրութիւն: Շրջանն ունի 72 բազմազաւակ ընտանիք, 2019-ին բազմազաւակ ընտանիքների թիւը կ՛աւելանայ եւս 8-ով: Այդ ընտանիքների համար առաջնահերթ խնդիր է բնակարանով ապահովելու հարցը: Ընդհանուր առմամբ, բնակարանով ապահովուել են 39 ընտանիք, 8 ընտանիքի համար կառուցւում են բնակարաններ: Կատարուել է շինարարական աշխատանքների 65%-ը: Ծրագիրն ընթացքի մէջ է, նախատեսւում է բնակարանով ապահովել  24 ընտանիքի:

«Ա.».- Ի՞նչ փուլում է այլ ընկերային խմբերին պատկանող ընտանիքների բնակելի տների վերանորոգման եւ կառուցման հարցը:

Գ. Մ.- Շրջանում շատ են նաեւ նիւթապէս անապահով խմբերին պատկանող ընտանիքները, որոնք հնարաւորութիւն չունեն սեփական միջոցներով լուծել իրենց բնակարանային խնդիրները: Այդ նպատակով ուսումնասիրուել է Շահումեանի շրջանի քաղաքացիների 224 դիմում, եւ 16 ընտանիքի տրամադրուել է անհրաժեշտ շինանիւթ` բնակարանային պայմանները բարելաւելու նպատակով: Անբարենպաստ եղանակի պատճառով շրջանում վնասուած 9 տներին նոյնպէս տրամադրուել են անհրաժեշտ շինանիւթեր:

«Ա.».- Շրջանում հրատապ լուծում պահանջող հարցերից մէկը դպրոցաշինութիւնն է: Ի՞նչ անելիքներ ունէք այս ուղղութեամբ:

Գ. Մ.- Շրջանի բնակչութեան առջեւ ծառացած կարեւորագոյն խնդիրներից է կրթութեան մակարդակի բարձրացումը: Անհրաժեշտութիւն կայ թէ՛ բարելաւել դպրոցների շէնքային պայմանները, թէ՛ լրացնել անհրաժեշտ մասնագէտների պակասը:

Դպրոցաշինութիւնը շրջանում իրականացւում է պետական աջակցութեան եւ բարերարների միջոցներով: 2018-ի` կառավարութեան ընդհանուր շինարարութեան եւ վերանորոգման աշխատանքների ծրագրում ներառուել է Շահումեան շրջանի Չարեքտար գիւղի դպրոցի շէնքի կառուցումը. շինարարութեան մեկնարկը տրուած է, եւ կատարուած է ընդհանուր աշխատանքների 20%-ը: Բարերար Գէորգ Բարսեղեանի շնորհիւ` հիմնովին վերանորոգուել է Նոր Էրքեջի միջնակարգ դպրոցը: Աւարտուել են Զուարի դպրոցի ներքին յարդարման աշխատանքները:

Աշխատանքներն ընթանում են, սակայն շրջանի կրթական հաստատութիւններից 3-ը դեռեւս գտնւում են անբաւարար վիճակում. անհրաժեշտութիւն կայ յառաջիկայ տարուայ ծրագրում ներառել Նոր Խարխափուտ համայնքի նոր դպրոցի կառուցման, Նոր Մանաշիդ համայնքի դպրոցի 4 դասասենեակների կառուցման, Ակնաբերդ համայնքի դպրոցի վերանորոգման աշխատանքները, Նոր Ղարաչինարի եւ Եղէգնուտի դպրոցներում ջեռուցման համակարգի ներդրման հարցերը:

Բացի շէնքային պայմաններից` շրջանն ունի նաեւ մասնագէտների խնդիր: Շրջանում առկայ է 50 մանկավարժի թափուր հաստիք: Կացարանների բացակայութեան պատճառով հնարաւորութիւն չունենք համալրել հաստիքները:

«Ա.».- Ի՞նչ վիճակում են շրջանի հասարակական եւ վարչական նշանակութեան կառոյցները:

Գ. Մ.- Ընթացքի մէջ են հասարակական եւ վարչական նշանակութեան կառոյցների շինարարական աշխատանքները: Մասնաւորապէս Շահումեանի շրջանի Նոր Խարխափուտ գիւղի ոստիկանական կէտին կից կառուցուել է նոր տաղաւար, ծրագրում ներառուել է նաեւ նոր սանհանգոյցի կառուցումը:

Քարվաճառ քաղաքում կառուցման ընթացքի մէջ է հանդիսութիւնների սրահը. կատարուել է աշխատանքների 70%-ը: 2018 թուականի ծրագրում ներառուել են նաեւ դատախազութեան աշխատասենեակի նորոգումը, Դադիվանքի համայնքապետարանի շէնքի տանիքի եւ շրջվարչակազմի շէնքում սանհանգոյցի կառուցումը:

Շրջանի 12 համայնքներում չկան մշակութային օճախներ. ակումբները տեղակայուած են կա՛մ դպրոցի, կա՛մ համայնքապետարանի շէնքում: Շրջանի 12 համայնքներում բացակայում է բուժօգնութեան համար նախատեսուած առանձին շինութիւնները, 4 համայնքում կայ վերանորոգման անհրաժեշտութիւն:

Քարվաճառ քաղաքում անհրաժեշտութիւն է առաջացել կառուցելու նաեւ մանկապարտէզ, իսկ Ակնաբերդ համայնքում կայ մանկապարտէզի շէնքի վերանորոգման խնդիր:

«Ա.».- Ճանապարհների վերակառուցման, վերանորոգման հարցը թերեւս առկայ է Արցախի բոլոր շրջաններում: Ինչպիսի՞ն է պատկերը Շահումեանում:

Գ. Մ.- Շահումեանի շրջանի միջհամայնքային ճանապարհներն անբաւարար են, համահունչ չեն շրջանի բնակչութեան զարգացմանը: Կարելի է ասել, որ բնակչութիւնը յետընթաց զարգացում է ապրում: Շրջանի առաջնային խնդիրը մնում է Վարդենիս-Մարտակերտ միջպետական մայրուղուց Քարվաճառ տանող` 18 քմ ճանապարհահատուածի ասֆալտապատումը:

2018-ին կատարուել է 37 քմ միջհամայնքային ճանապարհների պահպանման աշխատանքներ, վերակառուցուել է Նոր Գետաշէն գիւղի հետիոտն կամուրջը:

Բացուել է Բերձոր-Քարվաճառ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող ճանապարհը, ընթացքի մէջ են ճանապարհի բարեկարգման աշխատանքները: Ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող ճանապարհի վրայ ներկայումս աշխատում է շինարարների երկու խումբ: Առաջինն արդէն բարեկարգել է մօտ 20 քմ ճանապարհ Բերձոր-Վարդուտ հատուածում: Երկրորդ խումբն աշխատում է Քարվաճառ-Հայթաղ հատուածում: Շինարարները հասցրել են իրականացնել հողային աշխատանքներ, լուծել ջրահեռացման խնդիրները. տեղադրուել են խողովակներ, բացուել փոսորակներ: Նախատեսւում է նաեւ բացել 35 քմ Քարվաճառ-Վարդենիս ճանապարհը:

«Ա.».- Ջրամատակարարման եւ ջրահեռացման հարցն ի՞նչ վիճակում է:

Գ. Մ.- Շահումեանի շրջանը կարելի է համարել Արցախի թերեւս ամենաջրառատ շրջանը, սակայն շրջանի 13 համայնքներում բացակայում է ջրամատակարարման ցանցը,  ինչը   կարող է բնակչութեան շրջանում բազում հիւանդութիւնների հիմք հանդիսանալ: Այդ իսկ պատճառով անհրաժեշտութիւն կայ  2019-ի ծրագրում ներառել 13 համայնքների ջրամատակարարման ցանցի հիմնովին վերակառուցումը` բնակչութեան առողջապահական պայմանները բարելաւելու նպատակով:

Պետական պիւտճէի հաշուին ջրամատակարարման եւ ջրահեռացման համակարգի զարգացման ծրագրով այժմ իրականացւում է Չարեքտար գիւղի արտաքին ջրամատակարարման ցանցի կառուցումը. կատարուել է աշխատանքների 80 %-ը: Վերակառուցուել է նաեւ Քարվաճառ քաղաքի որոշ հատուածների ջրամատակարարման համակարգը: Նախատեսւում է Նոր Գետաշէն համայնքի` աղէտի պատճառով աւերուած ձախափնեայ թաղամասի 1 քմ երկարութեամբ ջրագծի վերակառուցումը:

Այնուհանդերձ, շրջանն դեռեւս ունի բազում չլուծուած խնդիրներ, որոնց մի մասը ուսումնասիրման փուլում է, միւս մասն էլ կը լուծուի ըստ անհրաժեշտութեան:

ԼՈՒՍԻՆԷ ԹԵՒՈՍԵԱՆ

«Մենք Դաշնակցութեան Իրաւունքը Չէ, Որ Կը Պաշտպանենք, Այլ Հայութեան Իրաւունքը. Մեզմէ Աւելի Աթոռ Ունեցողները Թող Զիջին, Եւ Ոչ Թէ Մենք» Հաստատեց Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Շաբաթ, 27 հոկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանի «Նահարքոմ սայիտ» յայտագիրէն հարցազրոյց կատարուեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին հետ:

Սայտայի պաղեստինեան Միէ Միէ գաղթակայանին մէջ ծայր առած բախումներուն առնչութեամբ իր կեցուածքին վերաբերող հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի դիտել տուաւ, որ պաղեստինեան զէնքը, եւ զէնքը ընդհանրապէս արաբական աշխարհին մէջ պէտք է ծառայէ գերագոյն նպատակներու իրականացման եւ ոչ թէ ներքին կռիւներու: «Արաբական երկիրներուն մէջ մենք այդ զէնքերով մենք մեզ սպաննեցինք շատ աւելի մեծ տարողութեամբ, քան` իսրայէլացիներ: Իսրայէլ ձեռնածալ նստած կը դիտէ, որովհետեւ մենք արդէն զիրար կը սպաննենք», շեշտեց ան` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը այս հարցին առնչութեամբ շատ վճռական որոշում պէտք է տայ, որովհետեւ, թէկուզ գաղթակայանը պաղեստինեան է եւ հոն ապրողները` պաղեստինցիներ, բայց եւ այնպէս անոնք մեր եղբայրներն են, անմեղ ընտանիքներ ու մանուկներ, որոնք յանցանք չունին: Երեսփոխան Բագրատունի հաստատեց, որ պէտք է համապատասխան օրէնքներն ու համաձայնութիւնները տառացիօրէն գործադրուին, որպէսզի այս հարցը վերջնական եւ վճռական լուծում գտնէ` աւելցնելով, որ պաղեստինեան դատին նկատմամբ յարգանք ունենալով հանդերձ, գաղթակայաններուն մէջ զէնքի առկայութիւնը անընդունելի եւ անտեղի է:

Կառավարութեան կազմութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի ըսաւ, որ մթնոլորտը դրական է, սակայն տակաւին կարելի չէ վերջնական թուական ճշդել: Անոր համաձայն, կարելի էր նախորդ հինգ ամիսներուն ընթացքին կազմել կառավարութիւնը, բայց հիմնական հարցը այն է, որ բոլորը իրենց մտքերուն մէջ ունին երեւակայական տեսութիւն մը, թէ նախարարութիւններուն մէջ կան տարբերակումներ` աւելի լաւ, արժէքաւոր, ուժային, կիսաուժային, ծառայողական եւ այլն, իսկ քաղաքական կուսակցութիւններ, կողմեր կամ համայնքներ ընտրութիւն կը կատարեն համապատասխան իրենց նախընտրութեանց: Ան զարմանք յայտնեց այս գծով` դիտել տալով, որ նախարարութիւնները կոչուած են ծառայելու ժողովուրդին եւ երկրին, ուստի պէտք չէ մտածել այնպէս, որ նախարարութիւններուն ընդմէջէն անձնական շահեր ապահովուին` հաստատելով, որ նախարարներու նշանակումը պէտք է ըլլայ տուեալ անձերու մասնագիտութեան եւ հմտութեան հիման վրայ եւ ոչ համայնքներու: Ըստ անոր, հիմնական հարցը կարկանդակի բաժանումն է` բոլորը գոհացնող շերտերով: Երեսփոխանը շեշտեց, որ պէտք չէ նախարարը մտածէ այնպէս, որ ինք տէրն ու թագաւորն է այն նախարարութեան, զոր կը ստանձնէ, որովհետեւ նախարարութիւններուն դերակատարութիւնը այդ չէ, այլ հաւաքական աշխատանքով երկրի բարգաւաճման ու բնական պայմաններու ապահովման ի խնդիր գործելը:

Պատասխանելով լրագրողին այն հարցումին, թէ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան կողմէ դրուած պահանջները արդարացի՞ են` Յակոբ Բագրատունի ըսաւ, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան եւ Ազգային ազատ հոսանքին միջեւ եղած համաձայնութեան հիման վրայ է, որ նախարարութիւններ բաժնուելու պարագայ կայ այսօր: Ըստ անոր, հարցը թիւի կամ ներկայացուածութեան չի վերաբերիր, ցաւ ի սիրտ, այլ ունենալու այնպիսի եւ այնքան նախարարութիւններ, որ տուեալ կողմը զօրաւոր ըլլայ, մրցի միւսին հետ: Երեսփոխանը նկատել տուաւ, որ կարելի չէ այդպէս շարունակել, պէտք է ընդունիլ, որ հարցը Լիբանանի լինելիութեան կը վերաբերի, պէտք է գիտակցիլ, որ կ՛ապրինք Լիբանանի մը մէջ, որ բոլորիս է, կարիք ունի մեր հաւաքական աշխատանքին ու գործակցութեան` քրիստոնեաներ եւ իսլամներ, որոնք պէտք է մէկզմէկու զօրացնեն, այլապէս կացութիւնը պիտի շարունակուի այսպէս, եւ ժխտական պատկերը աւելի պիտի շեշտուի:

Յակոբ Բագրատունի նկատել տուաւ, որ հարց գոյութիւն ունի Լիբանանեան ուժերուն եւ Ազգային ազատ հոսանքին միջեւ, սակայն ասիկա չի նշանակեր, որ անոնց իրաւունքն է երկիրը անդամալուծել այսքան ամիսներ` աւելցնելով, որ տարակարծութիւնները միշտ ալ կրնան առկայ ըլլալ ժողովրդավարական երկիրներուն մէջ, սակայն անոնք պէտք չէ վնաս հասցնեն երկրին, ժողովուրդին ծառայելու առաքելութիւնը խոչընդոտեն ու մոռացութեան տան:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան եւ Ազգային ազատ հոսանքին հետ Դաշնակցութեան յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցումի մը պատասխանելով` երեսփոխանը ըսաւ, թէ 2005 թուականէն ի վեր մինչեւ օրս ՀՅԴ-ն դաշնակից է Ազգային ազատ հոսանքին հետ, որուն կողքին կանգնելու վերաբերեալ փաստերու կարիք չունինք: «Մենք իշխանութեան հետ ենք եւ օժանդակեցինք զօր. Միշել Աունի նախագահ ընտրուելուն` զայն նկատելով մեր նախագահը», աւելցուց ան: Լիբանանեան ուժերուն հետ  յարաբերութիւնները բնական են, թշնամական մօտեցումներ չկան, քաղաքական տարակարծութիւններ ալ գոյութիւն չունին, երեսփոխանական ընտրութիւններուն նախօրեակին հանդիպումներ ունեցանք, սակայն կարելի չեղաւ որեւէ համաձայնութեան յանգիլ, որովհետեւ մենք նախընտրեցինք ունենալ Հայկական երեսփոխանական պլոք:  Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ կապ կայ, եթէ ոչ ղեկավար մակարդակի վրայ, սակայն այլ մակարդակներու վրայ յարաբերութիւնը առկայ է: Բայց եւ այնպէս հայկական ժողովրդային համակրանքը դէպի Ազգային ազատ հոսանք է:

Կառավարութեան մէջ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ներկայութեան վերաբերող հարցումի մը պատասխանելով` երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի դիտել տուաւ, որ ոչ մէկ կողմի կամ ղեկավարի շահերուն կը ծառայէ միւսին լուսանցքայնացումը կամ կառավարական կազմէն դուրս մնալը, որովհետեւ անհրաժեշտ է կազմել ազգային միասնականութեան, ազգային համակեցութեան կառավարութիւն մը, որուն մաս կազմողները պէտք է այնպիսի աշխատանք տանին, որ իրենց ներկայացուցած կողմերուն վարկը բարձր պահեն, արդարացնեն իրենցմէ եղած ակնկալութիւնը եւ փաստեն, որ եկած են դրական ներդրում ունենալու:  Անոր համաձայն, այս դարը ընկերային ցանցերու ժամանակաշրջան է, այնպիսի փուլ է, որ հաշիւ պահանջողները իրենց ձայնը կը բարձրացնեն տարբեր ձեւերով, իսկ բոլորիս պարտականութիւնն է նկատի առնել ժողովուրդին հաշուետու ըլլալու պարագան, միայն խօսքով չբաւարարուիլ, այլ գրասենեակներէն դուրս գալով իսկական փոփոխութիւն բերել: «Մենք պէտք է քաջալերենք ժողովուրդը, որ հաշիւ պահանջէ, որ իրեն տրուած խոստումներուն գործադրութիւնը տեսնէ», աւելցուց ան` դիտել տալով, որ նման բան ընելու իսկական իրաւունք ունի ան, որ մասնակից է տարբեր տեսակի աշխատանքներուն, որ իր խօսքը ունեցաւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն, որ կարծիք ու կեցուածք ունի, եւ ոչ այն անձը, որ ոչինչ կ՛ընէ, ընտրութիւններուն նկատմամբ անտարբեր մօտեցում կը ցուցաբերէ, սակայն աւելի ուշ ընկերային ցանցերուն մէջ մնայուն կերպով կը քննադատէ:

«Էլ. Պի. Սի.»-ի լրագրողին յաջորդ հարցումը կը վերաբերէր լիբանանահայութեան պահանջին` կառավարութեան մէջ երկու նախարար ունենալու:  Երեսփոխան Բագրատունի նախ յստակացուց, որ ասիկա պահանջ չէ, այլ իրաւունք, որ Թաէֆի համաձայնութենէն ի վեր ի զօրու է` աւելցնելով, որ նոյնիսկ 28 հոգի հաշուող կառավարութեան մէջ հայութիւնը միշտ երկու նախարար ունեցած է`յիշեցնելով, որ նահատակ Ռաֆիք Հարիրիի վարչապետութեան օրով էր միայն, 2003-ին, երբ հայութեան միայն մէկ նախարարութիւն տրուեցաւ` յանձինս Սեպուհ Յովնանեանին, որ շուրջ երկու ամիս իբրեւ բողոք չմասնակցեցաւ կառավարութեան աշխատանքներուն, եւ այդ օրուան տեղեկատուութեան նախարարը` Ղազի Արիտի օրին յայտարարեց, որ ատիկա վերջին անգամ էր, որ 30 հոգինով կառավարութեան մէջ միայն 1 հայ նկատի կ՛առնուի:

Երեսփոխանը շեշտեց, որ հայ ըսելով միայն առաքելական համայնքը նկատի չունի, այլ ընդհանրապէս համայն հայութեան մասին է խօսքը: Ըստ անոր, փորձ կատարուեցաւ հայութեան բաժինը տալ փոքրամասնութիւններուն, իսկ նման քայլի մը հայութեան մերժումը երբեք չի նշանակեր, որ ան դէմ է անոնց նախարարութիւն մը վերապահելու, ընդհակառակն` հայութիւնը կը պահանջէ փոքրամասնութիւններու իրաւունքի յարգումը, նաեւ  ասորի համայնքը հայութեան եղբայր կը նկատէ, իսկ Հապիպ Աֆրամը մեզի բարեկամ եւ սիրելի է, ուստի հարցը փոքրամասնութիւններուն իրաւունքը անտեսելու չի վերաբերիր, այլ հայութեան իրաւունքը ուրիշներու տալու: Յակոբ Բագրատունի հաստատեց, որ հայութիւնը ոչ մէկ ձեւով պիտի զիջի իր երկու աթոռներէն, ուրիշներ շատ աւելին ունին, եթէ զիջումի հարց կայ, ուրեմն թող ուրիշներ ընեն այդ մէկը եւ ոչ թէ ամէն կառավարութեան կազմութեան թիրախ դառնան հայութեան երկու նախարարութիւնները, շեշտեց ան:

Լրագրողը ուզեց գիտնալ, թէ այս հարցով վերջնական որոշում տրուած՞ է արդէն: «Ես գիտեմ, որ նախորդ 4-5 ամիսներուն Սաատ Հարիրիի հետ ունեցած մեր բոլոր հանդիպումներուն ընթացքին ան հաստատեց, որ մէկ նախարարը Դաշնակցութեան վերապահուած է: Իսկ երկրորդը` վարչապետ Հարիրիի չափաբաժինին մէջ նկատի առնուած էր: Աւելի ուշ, երբ Հարիրի դժուարութեան հանդիպեցաւ, կարելիութիւն ստեղծուեցաւ, որ երկրորդ հայ նախարարը ըլլայ հանրապետութեան նախագահին բաժինէն: Նոյնիսկ հասանք այնպիսի փուլ մը, երբ մենք 4 անկախ հայ թեկնածուներու, որոնց կարգին երկու կիներ, անուններ ներկայացուցինք, իսկ կիներէն մէկն ալ քաղաքացիական ընկերութեան անդամ է, երեսփոխանական ընտրութիւններուն մեր դէմ առաջադրուած էր, սակայն յարմար է նախարարութիւն ստանձնելու: Ես չեմ խօսիր կուսակցութեան իրաւունքին մասին, այլ համայնքին: Միշտ ալ այդպէս եղած է մեր կեցուածքը», յայտնեց Բագրատունի` դիտել տալով, որ բոլոր համայնքներն ալ իրենց իրաւունքներուն կը կառչին, ինչո՞ւ միշտ կ՛ակնկալուի, որ հայութիւնը զիջի իր իրաւունքներէն: Լրագրողը հարց տուաւ, որ եթէ երկու նախարար չտրուի հայութեան, ի՞նչ պիտի ըլլայ Դաշնակցութեան կեցուածքը. Յակոբ Բագրատունի պատասխանեց, որ երբ նման բան կատարուի, այն ատեն կուսակցութիւնը կը յայտարարէ իր դիրքորոշման մասին:

Ան նաեւ աւելցուց, որ հիմնական հարցը հայութեան իրաւունքի պահպանումն է, անկախ անկէ, թէ ո՛ր կողմին մաս կը կազմէ խնդրոյ առարկայ անձը` բացատրելով, որ եթէ կարելի ըլլար կազմել Հայկական երեսփոխանական պլոք մը, որ 5 կամ 6 երեսփոխանէ բաղկացած ըլլար, այն ատեն Դաշնակցութեան իրաւունքը պիտի ըլլար երկրորդ նախարարը ճշդել, իսկ ներկայիս կուսակցութիւնը մասնակից կ՛ըլլայ, կ՛օժանդակէ երկրորդ հայ նախարարի մը ապահովման, որովհետեւ ժողովուրդին խոստում տուած ենք հետամուտ ըլլալու հայութեան իրաւունքներու պահպանման: Ան նաեւ ըսաւ, թէ այս գծով հանդիպումներ կայացան հայկական քաղաքական միւս կուսակցութիւններուն հետ, եւ երեք կուսակցութիւնները այս գծով հաղորդագրութիւն հրապարակեցին:

Պատասխանելով լրագրողին այն հարցումին, որ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը պիտի շարունակէ՞ մնալ Դաշնակցութեան բաժինը` Յակոբ Բագրատունի ըսաւ, թէ սկզբունքով այդպէս է, բոլորն ալ սկզբունքով համաձայնութիւն տուած են, որովհետեւ ներկայ նախարար Աւետիս Կիտանեանը, միւս կողմերուն ալ վկայութեամբ, յաջողեցաւ իբրեւ զբօսաշրջութեան նախարար:

Սիւննիներու ներկայացուածութեան մասին խօսելով` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը յայտնեց, որ անոնց իրաւունքն է աթոռ ունենալ, անկախ անկէ, թէ որո՛ւ բաժինէն կ՛ըլլայ անիկա` յոյս յայտնելով, որ այսքան սպասելէ ետք լաւ պիտի ըլլայ նուազագոյն վնասով կազմուած կառավարութիւն մը ունենալ ի վերջոյ:

Ըստ անոր, լիբանանեան տնտեսական վիճակը վատէն վատթարագոյնին կ՛ուղղուի, ուստի պէտք է կարելի եղածին չափ շուտ եւ համախորհուրդ կազմել այս կառավարութիւնը, որ հաւանաբար մէկ օրէն միւսը բան պիտի չկարենայ փոխել, սակայն պէտք է յայտարարէ, թէ եկած է գործելու, կարելին ընելու, որպէսզի կացութիւնը բարելաւուի: Ան անտեղի ու անհեթեթ նկատեց տարբեր հարցերու գծով մէկզմէկու այպանելը, այլ պէտք է աւելի հեռու երթալ եւ մտածել լիբանանցիին մասին, որուն գրպանը ալ ոչինչ մնաց տոկալու եւ շարունակելու` շեշտելով, որ նախագահ Աունի երդման ճառին մէջ եղած խոստումներուն գործադրութեան ի խնդիր պէտք է գործել այլեւս, որովհետեւ ամօթով մնացած ենք ժողովուրդին առջեւ, որ սկսած է կորսնցնել իր հաւատքը պատասխանատուներուն նկատմամբ:

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի հաստատեց, որ փտածութեան դէմ պայքարը պէտք է սկսի բուրգին ամէնէն վերէն, եւ ոչ թէ զբաղինք պետական ամէնէն յետին պաշտօնեաներուն ստացած կաշառքով:  Ան հաստատեց, որ ժողովուրդին իրաւունքն է ելեկտրականութիւն ունենալը,  ցարդ վատնուած գումարով կարելի էր բազմաթիւ ելեկտրածին կայաններ հիմնել եւ վերջնականապէս լուծել այս հարցը, ինչպէս նաեւ ընդհանրապէս քաղաքացիներուն վերաբերող ամէն տեսակի թղթածրարներ` ունենալով համապատասխան ծրագիր, կանոն, պիւտճէ: «Կա՛մ այս բոլորը պէտք է ընենք, միասին գործենք, կա՛մ ալ բոլորս պիտի արտագաղթենք, եւ միայն փտածները պիտի մնան Լիբանանի մէջ», շեշտեց ան:

Վերջին բաժինով անդրադարձ կատարուեցաւ Պուրճ Համուտի նոր եւ հին աղբանոցներուն: Երեսփոխանը ըսաւ, թէ պատերազմական տարիներուն այդ վայրը վերածուեցաւ աղբանոցի, ապա` լերան: «Մենք միշտ ալ կ՛ըսէինք, որ պիտի վերացնենք լեռը` ո՛չ թէ գեղագիտական առումով, այլ վնասակար ըլլալուն պատճառով: Սակայն այս թղթածրարը եւս քաղաքականացաւ, համայնքային բնոյթ ստացաւ: Ներկայիս վիճակը այն է, որ կան թափօններու թաղման վայրեր Պուրճ Համուտի, Ժտէյտէի եւ Քոսթա Պրաւայի մէջ: Ժտէյտէն յիշեցի, որովհետեւ հոն եւս նման վայր կայ, սակայն ոչ ոք կը խօսի այդ մասին, այլ միշտ, քաղաքական նպատակներէ մեկնած, թիրախը Պուրճ Համուտն է: Մարտին Պուրճ Համուտի մասը պիտի փակուի: Ներկայիս կայ առողջապահական բջիջ մը, որ երեք տարի առաջ կուտակուած աղբերը կը փոխադրէ  եւ կը փակէ թաղման վայրը: Անկէ ետք անոր բարձրութիւնը պիտի սկսի նուազիլ եւ տարբեր ծրագիրներ մշակուիլ` կանաչ տարածք ունենալու համար 120 հազար քառակուսի մեթրի վրայ, որ կը պատկանի Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան: Այսպիսով կ՛աւարտի պատմութիւնը:

Բնական է, որ կան այլ հարցեր, նախորդ ամիսներուն կար գարշահոտութիւն, որ Պուրճ Համուտէն չէր, հետապնդեցինք անոր լուծումը», յայտնեց ան: Երեսփոխանը խօսեցաւ նաեւ աղբերու հրկիզման կեդրոններուն մասին` հաստատելով, որ Պուրճ Համուտի մէջ նման ծրագիր չկայ: «Մարտին մենք մեր խոստումը յարգելով փակած կ՛ըլլանք Պուրճ Համուտի թափօններու թաղման վայրը, իսկ ժամանակի ընթացքին պիտի սկսի այդ տարածքի բարելաւումը», եզրափակեց երեսփոխան Բագրատունի` շեշտելով, որ 2-էն մինչեւ 5 տարի այդ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան պատկանող 120 հազար քառակուսի մեթրը, եւ 95 հազար քառակուսի մեթր կանաչապատ տարածքը ամբողջութեամբ այլ դիմագիծ պիտի ստանան` այնպէս, ինչպէս խոստացած էինք:

Ինչպէս Տեսայ Լեւոն Ներսիսեանին

ԹԱԴԵՒՈՍ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Լեւոն Ներսիսեան իր տարերքին մէջ` դոկտ. Մովսէս Հերկելեանի երեւանեան թիւ 2 ուսանողական հանրակացարանին մէջ

Իմ ճանաչած Լեւոն Ներսիսեանը Աստծուն չհաւատալու տարիքից վաղուց դուրս էր եկել, սակայն նրան վստահելու անհրաժեշտութիւն ամենեւին չունէր: Իր բաժին Աստծոյ հետ առանձնապէս հաշտ չէր, բայց այլեւս, թւում է, խնդիրներ չէր ստեղծում: Ներսիսեանի մասին պատմող նիւթը կարող էի խորագրել «Շղթայուած Պրոմեթեւսը», բայց նա եթէ անգամ Պրոմեթեւս էր, ապա շղթայուած չէր, թէպէտ եւ իմ տպաւորութեամբ` բոլոր շղթայուածների մէջ նա ամենաազատն էր եւ բոլոր ազատների մէջ` ամենաշղթայուածը… իր ինքնութեանը, ինքն` իրեն:

Լեւոն Ներսիսեանի ինքնապատկերացումը աւելի բարձր էր, քան ոեւէ մէկը կարող է կռահել: Նա խուսափում էր «Էքրանից», մամուլում հարցազրոյցներ տալուց, այն ամէնից, ինչ կ՛արձանագրէր նրա գոյութիւնը: Նոյնիսկ` գրելուց: Հազար անգամ ճշմարիտ էր Ներսիսեանի շիրմին ասուած Հենրիկ Էդոյեանի հրաժեշտի խօսքը. «Ժամանակներ կան, երբ հերոսութիւն է գրելը, նոյնքան հերոսութիւն է` նաեւ լռելը»: Յատկանշական է, որ մահից ամիսներ առաջ, հրաժարուելով պետական պարգեւից, մամուլում երեւաց նրա միակ  գրաւոր յայտարարութիւնը. «Ճիշդ է, ես ապրում եմ ողորմածութեամբ, բայց Աստծոյ ողորմածութեամբ»:

Այդ ամէնից խուսափում էր ոչ այն պատճառով, որ յատուկ սկզբունքներ ունէր, չնայած տարիների հետ սկսում էր կարծել, որ դրանք յատուկ սկզբունքներ են: Ինքնայատուկ, հիմնաւորուած: Նա իրեն դասում էր մտածողների այն փաղանգին, որոնց համար խօսքը աւելի արժէքաւոր է, քան գիրը, ուսուցիչ լինելն աւելի բարձր կարգավիճակ է, քան քարոզիչը: Էդուարդ Աթայեանը գրում է, թէ «Ժամանակակիցներն աւելի խելացի են հներից, ինչքան հները իմաստուն են ժամանակակիցներից»: Իմաստունի այդ կերպը Ներսիսեանը նախընտրում էր ժամանակակիցների խելօքութիւնից: Ճիշդ էր, թէ սխալ` ընտրութիւն էր:

Քաղաքակրթական բոլոր պատկերացումներով Ներսիսեանի վարքը դասական եսասիրութիւն կարելի էր համարել: Ըստ Ներսիսեանի քաղաքակրթութիւնը յաղթահարելի է, անձը` յաղթահարելի է: Ինքնատիպութիւնը` յաղթահարելի է: Քրիստոնէութիւնը այլեւս անկառավարելի է Քրիստոսի կողմից: Բոլոր գաղափարները նպատակ ունեն, սակայն բոլոր նպատակները անգաղափար են, քմահաճոյք: Քմահաճոյքը ինչպէս կարող է գաղափար լինել: Ինքը միակ օրինակն է, ինչպէս կարող է միակ օրինակը օրինակ լինել:

Այդ ամէնից նա խուսափում էր, կարծելով, որ դրանք կարող են որսալ ընդամէնը պահը, արձանագրել մի միտք, ձեռքերի շարժում կամ գլխի յանկարծօրէն ետ նետելու ժեսթը, դէմքի միմիկան: Դրանք պահեր էին, որ կ՛արձանագրէին մի միտք, մի շարժում, մի դիմախաղ, ակնթարթը ոչինչ աւելի: Նրա տարերքը տեւականութիւնն էր, խօսքի անվերջութիւնը, ասած միտքը լրումի տանող ջանքը, եւ էքրանին կամ թղթին յանձնուող միտքը չէր կարող այդպիսին ներկայանալ, ուստի, կը լինէր պատահական, իսկ աշխարհում նա ամէն ինչ կարող էր հանդուրժել, բացի պատահականութիւնից: Պատահականութեան հրեշտակը նրան անծանօթ մնաց, հակառակ այն բանի, որ Կէօթէի նման կարող էր հասկանալ ակնթարթի գեղեցկութիւնը, դիպուածի երջանկութիւնը, ի վերջոյ, երջանկութիւնն իսկ նրա համար երջանիկ դիպուած էր, բայց ոչ պատահական: Նրա ողջ կորովը մաշւում էր պատահականութեան դէմ մղուող պայքարում` պատահական մարդիկ, բաժակակիցներ, հարբեցողներ, նկարիչներ, դերասաններ, պարապ աւառաներ… Այդ պատահական մարդկանցից եւ միւսներից նա փորձում էր ձուլել մի տրամաբանութիւն, բանաձեւի արժէք տալ, հետեւանքը արդարացնելով պատճառով, պատճառի հիմքում դնել աւելի մեծ նախապատճառ, ստեղծելով խճանկարին մօտ պատկեր, որտեղ իւրաքանչիւր դրուագ նպատակաւորում էր անհատապէս, անհրաժեշտ էր դառնում` յատկապէս եւ ճակատագիր` թիւրիմացաբար: Նա իմ ճանաչած մարդկանցից ամենաճշգրիտ ընթերցողն էր. ընթերցում էր ենթաթեքսթերով, ակնարկներով եւ ոչնչացնում էր ենթաթեքսթն ու ակնարկը հէնց այն նոյն թեքսթով, որ քիչ առաջ կարդացել էր: Նրա համար ամէն ինչ նպատակ ունէր, եւ միակ բանը, որ նպատակ չունէր ինքն էր: Անձը անհատ դարձնելու համար նա ջանք չէր թափում: Իր կեանքի սեւագրութիւնները այդպէս էլ յայտնի չեն լինելու, ինչու էր այդպիսի եզրայանգման հասել` ոչ ոք չէր կարող իմանալ. նա հասնում էր դրան` այրելով բոլոր կամուրջները, որոնցով անցել էր այդպէս կարծելու համար, բոլոր այն մեքանիզմները, որոնցով հնարաւոր էր հասնել: Նա կարող էր լինել մեծ դերասան, մեծ գրող, արդէն իսկ մեծ մտածող էր, բայց խուսափեց նաեւ փիլիսոփայ լինելուց: Մահկանացուներիս եւ սովորական քաղքենու համար այդպիսի աննպատակութիւնն անհասկանալի է, որովհետեւ երբեք մտքի ծայրով անգամ չի կարող անցկացնել, թէ ինչ հեշտ բան է մեծ դերասան կամ մեծ գրող լինելը… Հայաստանում:

Երկու բան տանել չէր կարողանում` հարուստներին եւ… աղքատութիւնը: Աղքատութիւնից զզւում էր, հարուստներից` խորշում: Անտաղանդների հանդէպ աւելի ներողամիտ էր, քան հարուստների: Սակայն հարուստների եւ ոչ թէ հարստութեան: Մի անգամ ասաց. «Ինչ դժուար բան է հարուստ լինելը: Կարող եմ իւրաքանչիւրից 1 տոլարով մի 100 հոգի հաւաքել դասախօսութեան… եւ կը հոգամ իմ առօրեայ ծախսերը»:

Այնուամենայնիւ, նրա ամենամեծ խնդիրը, ինձ թւում է, կանայք էին: Նրանցից մէկի ներկայութեամբ նա կերպարանափոխւում էր, տղամարդկանց հանդէպ դառնում ակրեսիւ: Կանայք խնդիր էին, սակայն ոչ այն պատճառով, որ նրանց մէջ առանձնակի խորհուրդ էր տեսնում, գաղտնիք: Ուղղակի նրանք այն կէսն էին, որի կարիքը նա ունէր աւելի, քան ոեւէ մէկը: Դժուար չէ կռահել, որ նա շատ բան գիտէր կանանց բնոյթի մասին, սակայն այդ ամէնը, եթէ անգամ խորհրդածութեան առիթ էին, երբեք տառապանքի կամ ողբերգութիւն ապրելու պատճառ չէին: Նա պարզապէս կանանց կարիքը զգում էր, առանց աւելի բարձր կամ աւելի ցածր մակարդակի վրայ քննարկելու, կինը մի բան է, որ վիճելու առիթ չէ: Առաւել եւս` փիլիսոփայելու: Երեւի այդպիսի զգացողութիւն եւ կարիք մէկ էլ զգացել է Ադամը` մինչեւ Եւային ունենալը կամ բանտից նոր դուրս եկածը. ամէն ինչ գեղեցիկ է, եւ ոչ այն պատճառով, որ գեղեցիկը կը փրկի աշխարհը, այլ որ կնոջ հետ տղամարդը արդէն փրկութեան կարիք չունի: Ի՞նչը ինչի՞ց փրկես: Ինձ թւում է, որ կինը միակ բանն էր, որի համար նա պատրաստ էր անաստուած դառնալ, որովհետեւ կնոջ ներկայութեամբ աւելի անպատկառ բան չկայ, քան հաւատացեալ լինելը: Երկիւղածութիւնը Աստծոյ դէպքում փրկիչ բան է, կնոջ դէպքում կործանարար:

Սեփական անձի մասին մտածելը մարդուն դարձնում է սեփական անձի պատանդ, որի համար չգիտես երբ, ինչքան եւ ինչ պիտի վճարես ամենանախնական, պարզունակ ազատութիւն ձեռք բերելիս: Դժուար է ասել, թէ մարդ որտեղ է ազատ` սեփական պատկերացումներո՞ւմ, յիշողութեան մէ՞ջ, մտքո՞ւմ, թէ՞… Երեւակայութեան մասին չեմ խօսում, որովհետեւ երեւակայութիւնը այն հազուագիւտ բաներից է, որտեղ իսկապէս բանտարկուած ենք, անազատ: Եւ պատկերն ինքնաբերական է` վանդակը եւ վանդակում որեւէ երգեցիկ կամ համր հաւք, ընդ որում` երեւակայութիւնը ոչ թէ թռչունն է վանդակում փակուած, այլ վանդակը` թռչունին շրջանակած: Որովհետեւ թռչունը վանդակում ազատ է, ինչքան ազատ է, սակայն վանդակը ազատ չէ թռչունից, ճիշդ այնպէս, ինչպէս միտք մեր մտքում ազատ է, բայց երբ դուրս է գալիս եւ սկսում է արտայայտուել, ոչնչով չի տարբերւում բոլոր այն մտքերից, որ երբեւէ ասուել են: Վանդակը նախատեսուած է, եւ թռչունը վանդակով դժուար չէ պատկերացնել, սակայն վանդակն առանց թռչունի անհնար է պատկերացնել, պարապութիւնը լցւում է այն նոյն յիշողութիւններով, որոնք կապուած են իրական Լեւոն Ներսիսեանի հետ` նրան անմահացնելով, մեզ հաղորդակից` անմահութեան փշրանքներին:

 

 

«Օթելլօ» Ողբերգութեան Աղբիւրների Խնդիրը

ԼԵՒՈՆ ՆԵՐՍԻՍԵԱՆ

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Լեւոն Ներսիսեան

«Օթելլօ»-ն… Նա յաջորդում է «Համլէթ» ողբերգութեանը: Վիճելի է, հնարաւոր է, որ «Համլէթ»-ից յետոյ «Մակպեթ»-ն է գրել, չգիտեմ, վիճարկուող խնդիր է:

Բոլոր դէպքերում 1605 թուականին ներկայացուեց առաջին անգամ «Վենետիկի մավր» ողբերգութիւնը, յետոյ ունեցաւ հրատարակութիւններ եւ 1623 թուականի, այսպէս կոչուած, Ինֆոլիօ հրատարակութեան մէջ նոյնպէս զետեղուեց` որոշ թեքսթային փոփոխութիւններով մի քանի տասնեակ տող` աւելի քան 100 տող, աւելացրած:

Յիշում էք, ես ձեզ մանրամասն պէտք է, որ պատմած լինեմ երկու խմբագրութիւնների մասին «Համլէթ»-ի, այդ աստիճան փոփոխութիւններ «Օթելլօ»-ն չի կրել: Միանգամից, ըստ երեւոյթին, գրուած է: Բայց, այնուամենայնիւ, ինչ-որ վերափոխութիւններ կատարուել են… ես պարզապէս մատնանշում եմ (դա ձեզ պարտադիր չէ), որ դուք էլ յիշէք:

Ժամանակին մեծ կռիւներ էին գնում, ենթադրենք, էսպիսի մի փոքրիկ խնդրի շուրջ:

Օթելլոն մի տեղ ասում է. «Ժամանակին կանայք, աղջիկները ձեռքի հետ մէկտեղ սիրտն էին տալիս, հա՞, իսկ հիմա ձեռքը տալի՛ս են, իսկ սիրտը` երբե՛ք»: Հա՜…

Լա՛ւ խօսք է, այո՛, լա՛ւ խօսք է, այո՛… սիրտը երբեք… Ահա, ի միջի այլոց, ասում եմ, պարտադիր չէ, որ դուք յիշէք, պարզապէս շէյքսփիրագիտութեան նրբութիւններից մէկն է:

Ա՛յս բանը կարելի էր ասել… (5 թուին հնարաւոր չէր ասել) որովհետեւ ձեռքը տալու գաղափարի յատուկ հրովարտակով Յակոբ թագաւորը, որը յաջորդեց Եղիսաբէթին, յատուկ հրովարտակով ընդունել էր, երբ նա, այսպէս կոչուած, բարոնետի կոչում էր շնորհում իր ուզած մարդկանց` յատուկ վճարով, եւ իրաւունք էր տալիս, որ նրանք իրենց զինանշանի վրայ, տոհմական զինանշանի վրայ, պատկերեն մեկնած ձեռը:

Չգիտեմ, կարմիր ձեռ` արծաթէ ֆոնի վրայ, երրորդական խնդիր է: Բայց, ասում եմ, հնարաւոր չէր լինի ասել, եթէ չլինէր հրովարտակը: Իսկ այդ հրովարտակը Յակոբը հրապարակել է 5  թուից առնուազն 6-7 տարի անց: Այսինքն` բացառուած չէ, որ առաջին տարբերակը` բեմադրուած ողբերգութեան, որոշակի տարբերութիւններ ունի վերջինիս` ձեզ ծանօթից: Սա՛ փոքրիկ փակագծում որպէս, ի միջի այլոց, ասուած բան:

Հի՛մա… Սկսենք, ինչպէս միշտ, աղբիւրների խնդրից: Էլի մի փոքրիկ փակագծում ասեմ, որ, գիտէք, ես ինքս միշտ, համալսարանական մարդ լինելով (ամբողջ կեանքս համալսարանում է անցել, գիտէք), համալսարանական դասաւանդման հակառակորդ եմ եղել, մանաւանդ ջահել ժամանակներս: Համոզուած լինելով, որ այսպէս դասաւանդել գրականութիւնը, ինչպէս, դժբախտաբար, ես հիմա եմ դասաւանդում, վա՛տ համալսարանական աւանդոյթ է: Այդ վատ աւանդոյթի մէջ, որպէս ծաղրական բաներ, նշւում է միշտ, որ ահա ուրեմն համալսարանական փրոֆեսէօրները ամէն ինչ սկսում են, ենթադրենք, աղբիւրների հետազօտութիւնից:

Ասում են. «Ի՞նչ նշանակութիւն ունի, թէ ի՞նչ աղբիւրներից է օգտուել Շէյքսփիրը»:

Այո՛, հաւատացէք, որ ես ջահել ժամանակս ծիծաղել եմ այդ բոլորի վրայ եւ ասել եմ. «Ա՜հ, էս դասախօսը համալսարանական փրոֆեսէօր է, ողորմելի, խղճուկ մարդ, որը գրականութիւնից ոչինչ չի հասկանում, որովհետեւ գրականութիւնը ինչ կապ ունի, չգիտեմ, որտեղի՞ց ես կարդացել, ի՞նչ ես վերցրել, ի՞նչ աղբիւր ես վերցրել: Գրականութիւնը մեծ է, եւ այլն, եւ այլն»… Հա՛… յաւիտենական է, աստուածային է: Էդպէս են կարծել: Հիմա էլ են էդպէս կարծում: Բայց, էդպէս կարծելով, գրականութիւն չի սովորում դժբախտաբա՛ր, դժբախտաբար: Այնպէս որ, ես էլ ահա (այդքան հիմա բիձայացած) դարձել եմ սովորական համալսարանական փրոֆեսէօր եւ չեմ կարող շրջանցել «Օթելլօ»-ի աղբիւրներին: Ահա՜…

Գիտէք, այդ ժամանակ Վերածնութեան դարաշրջանի համար կարեւոր նշանակութիւն ունէր իտալական գրականութիւնը, չէ՞, որպէս սկզբնաւորող գրականութիւն` մասնաւորաբար իտալական նորավէպային գրականութիւնը:

Այս դէպքում ձեզ ծանօթ «Տեքամերոն»-ը չէ, Պոքաչչոն չէ, այլ մի ուրիշ երկրորդական` Պոքաչչոյի կողքին համրուող մի հեղինակ` Ճելալտի Չինթիօ, որի, «Էկատոմիտի» վերնագիրը կրող նորավէպերի ժողովածուից (ըստ երեւոյթին տարածուած եւ սիրուած նաեւ անգլիական ընթերցողների որոշ շրջանում) առել է իր ողբերգութեան նիւթը Շէյքսփիրը:

Եթէ դուք, չէ՛… Բայց վաղը ես, բաների մօտ եմ, եւրոպական բաժնում եմ եւ անպայման կը յանձնարարէի նրանց (եւ էդպէս էլ կ՛անեմ, երեւի) կուրսային աշխատանք գրել` համեմատութիւններ անելով ահա այդ նախնական աղբիւրի եւ բուն ողբերգութեան միջեւ` Ճելատի Չինթիոյի եւ Շէյքսփիրի: Ձեզ համար բաւական է այսքա՛նը:

Ուրեմն մի աղջիկ Տեզտեմոնա անունով սիրում է մի… սիրահարւում է… ամուսնանում է մի բարձրաստիճան զինուորականի հետ: «Ոչ թէ սրտի մղումով,- ասում է Չինթիոն,- այլ խոնարհուելով նրա արժանիքների առջեւ»: Չգիտեմ, դա լաւ է, թէ վատ է. աղջիկներ էք` դուք կ՛իմանաք, թէ որ սէրն է աւելի լաւ: Ինչեւէ մի խօսքով էդպէս է նկարագրում: Անունը էդ զինուորականի մենք չգիտենք: Անուն չունի, չգիտեմ, անուն չունի… ինչպէս միւսներն էլ անուն չունեն:

Ապրում են, երջանիկ են ապրում, սրա հետ, չնայած որ սեւ էր, մուգ էր, ինչ էր… Մարդը տարիքով էլ մեծ, բայց երջանիկ են: Մինչեւ որ ուրեմն սրա տեղապահը, լեյտենանտ (լեյտենանտ նշանակում է տեղակալ, տեղապահ), սրա լեյտենանտը (էլի անուն չունի) սկսում է սիրահետել այս երիտասարդ կնոջը: Յետոյ էստեղ խառնւում է նաեւ դրօշակի՛րը`  այս զինուորականի, որը էլի անուն չունի, ինքն էլ, երեւի ինչ-որ բաներ, յոյսեր կապելով այս կնոջ հետ եւ տեսնում է, որ ոչինչ չի ստացւում իր մօտ, գցում է էս լէյտենանտի` էս տեղապահի վրայ, գողանում է կնոջից իր թաշկինակը: Ինքը գողանում է թաշկինակը, գցում է տեղակալի սենեակը, որպիսի ամուսինը իմանայ, հը՞, ամուսի՛նը իմանայ:

Ամուսինը իմանում է, էս մարդն էլ` դրօշակիրը, գրգռում է սրան, ասում է, թէ` «ահա տե՛ս դաւաճանում է» եւ այլն: Եւ զօրավարը իր դրօշակակրի հետ միասին որոշում են վրէժը լուծել նաեւ կնոջից, կնոջից:

«Օթելլօ» կարդացողները մօտաւորապէս պատկերացրիք, չէ՞: Մօտաւորապէս շատ կոպիտ գծերով բանն է` «Օթելլօ» ողբերգութիւնը, այո՛: Անունները տուէ՛ք, Օթելլոն զօրավարն է, Կասսիոն տեղապահն է, Եագոն դրօշակիրն է: Տիզտեմոնան միակ անունը, որը նորավէպում կայ, Տեզտեմոնա, մի քիչ փոխուած է Տեզտեմոնա է դարձել, Շէյքսփիրի մօտ:

Տեզտեմոնա երեւի, երեւի թէ պէտք է նշանակէր Չինթիոյի համար ցաւագարի նման մի բան, այսինքն` բաներով չար ոգիներ, չար ոգի, չար ոգիներով խանգարուած կին, էդպէս մի բան պէտք է նշանակէր` տեմոն, դեւ, դեւ, հա՛, դիւային: Այո՛…

Ամբողջ բանը` նորավէպի գաղափարը սա է` «Որ, աղջիկնե՛ր, ամուսնացէ՛ք միայն ա՛յն դէպքում, եթէ ձեր ծնողները դրան համաձայն են: Տեզտեմոնիան ամուսնացել է ծնողների կամքի դէմ եւ ահա դրա հետեւանքը»: Հա՞… է՛ս է:

Էս ընդունեցիք էս դասը ուրեմն էս բարոյախօսութիւնը Չինթի, Ճերալտի Չինթիոյի բարոյախօսութիւնը սա է: Ողորմելի մի բարոյախօսութիւն, որի համար բնականաբար չարժէր, որ Շէյքսփիրը, «Օթելլօ» ողբերգութիւնը գրէր: Բայց, յամենայն դէպս, տեսէք ահա, որ այսպիսի ընտանեկան, էսպէս ասած, բարոյախօսութիւնից է, որ սկսւում է, կազմւում է ահա Շէյքսփիրի ողբերգութեան աղբիւրը:

Հիմա… գուցէ մի բան էլ պատմեմ էսպէս, հա՞:

Ժամանակակից բանը տեսե՞լ էք, անունը ի՞նչ է` «Կեզ լայթ» (կազի լոյս) ամերիկեան ֆիլմ կայ, տեսե՞լ էք: Չէ՞: Իմ ջահելութեան ֆիլմերից է: Բայց վերջերս բանով եղել է` հեռուստատեսութեամբ: Դուք կարող էիք տեսած լինել, դրա համար եմ հարցնում: Չէ՛, չէք տեսել, ոչի՛նչ: Ճորճ Ուոլթոնի ֆիլմն է: Ափսոս, որ չէք տեսել, որովհետեւ, էդ դէպքում ինչի եմ պատմում այն, ինչ որ ես հիմա եմ ուզում պատմել, ուզում էի ասել, թէ անմիջապէս կը նմանցնէք ինչ-որ բաներ:

Օրինակ` էսպէս… Տեզտեմոնայի սենեակն է, էստեղ է նա… ննջարանն է, ինչ է: Վերեւը` ձեղնայարկում… Է՛ս արդէն Եագօ կոչենք նրան, թէեւ նա Չինթիոյի մօտ անուն չունի: Սա աղմուկ-աղաղակ է բարձրացնում, ինչ-որ սեղաններ է շարժում, բան, աղմուկ սրա գլխին: Ճիշդ այդպէս էլ «Կեզ լայթ» ֆիլմում: Դրա համար ասացի` ափսո՜ս, չէք տեսել…

Սարսափահար ուրեմն Տեզտեմոնան, թէ էս ինչ եղել է, կէս գիշերին էս ինչ աղմուկ է, էս ինչ բան է: Դուրս է գալիս, թէ տեսնի` ով է, իսկ սա` Օթելլոն էլ, էլի անվտանգ էստեղ է, բայց Օթելլոն չի… էսպէս չի մասնակցում, ներկայ է: Եագոն գլխին հարուածում է, սպաննում է: Երեք, թէ՞ երկու, մոռացայ, հարուած է հասցնում ուրեմն սրա գլխին:  Ինչո՞վ: Էս եմ ուզում սովորեցնել, էսքան սովորեցնելու ձեւը…

Զարմանալի կերպով շատ տարածուած զէնք դարձաւ յետոյ սա: Գիտէք ո՞րն է «ղուրպազ», հա՞: Մէջը լցնում ես հող, հո՛ղ: Հրաշալի՜ զէնք է, որովհետեւ հետք չի թողնում: Հետք չի թողնում: Եւ շատ հեշտ է, ղուրպազ, շատ հեշտ է: Կարող ես ուրիշ բան, կարող ես «ա՜հ» ասել, հա՞…

Հեշտ է, կինն էլ կարող է էդ բանն անել:

Այո՛, այո՛… «Ափս՜ոս», ասում եմ: Ես էս բոլորն ասում եմ, ինքը ժպտում է, որովհետեւ միտքս է գալիս մի քանի պատմութիւններ այդպիսի գրականութիւնից, նոր գրականութիւնից: Դրա մասին հիմա շատ տարածուած է: Էլ չեմ ասում, որ կեանքում է յաճախ լինում:

 

 

 

Լեւոն Ներսիսեանը, Շէյքսփիրն Ու Որոշ Հարցեր

 ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ

Բանագողութիւնը, ազդեցութիւնն ու ներշնչումը գրականութեան եւ առհասարակ արուեստի մէջ յաճախ կը շփոթուին իրարու հետ: Խնդիրը աւելի կը բարդանայ, երբ ենթակայ մտաւորականը, գրողը եւ կամ արուեստագէտը բանասիրական մասնագիտական կրթութիւն չունի եւ կը դատէ, համաձայն իր մակերեսային ըմբռնումներուն, կամ ելակէտ կ՛ունենայ տուեալ պահու իր անձնական հարցերը:  Հինէն ի վեր աշխարհի մեծագոյն արուեստագէտներէն շատեր իրարմէ, ինչպէս նաեւ` զիրենք կանխող մշակոյթներէն թէ՛ ներշնչուած են, եւ թէ ազդուած: Սակայն յաջողած եւ մնայուն արժէք կը ներկայացնեն անոնք, որոնք իրենց արուեստի ուժականութեամբ եւ ինքնատպութեամբ գերազանցած են նախորդները ու իրագործած մնայուն արժէք ներկայացնող ստեղծագործութիւններ:

Նմանօրինակ իսկական տաղանդները կարիք չեն զգար թաքցնելու իրենց ներշնչման աղբիւրները: Այս երեւոյթը բաւականին տարածուած է ժամանակակից կերպարուեստի մէջ: Բայց քիչ չէ թիւը անոնց, որոնք կ՛օգտուին ուրիշներու ստեղծագործութիւններէն. նոյնիսկ կը պատճէնահանեն երբեմն «Ընտրողական արուեստ» (Eclectic Art) պատրուակին տակ: Մինչդեռ «Էքլեքթիսիզմ»-ը երբեք չ՛արտօներ արուեստագէտին, որ իր արտայայտչաձեւերով ու բովանդակութեամբ մնայ ուրիշի մը ազդեցութեան տակ: «Էքլեքթիսիզմ»-ի պարագային խօսքը կը վերաբերի տարբեր փիլիսոփայական հայեացքներու կամ արուեստի զանազան ուղղութիւններու համադրումին: Երբ արուեստագէտներէն շատեր (յատկապէս անտաղանդները), առանց գեղարուեստականօրէն բան մը աւելցնելու արուեստի կամ գրական բնագաւառներուն մէջ, կ՛օգտուին ուրիշներէ, նոյնիսկ եթէ անոնք սկզբնական շրջանին գնահատուին, ապա ժամանակի ընթացքին ուշ կամ կանուխ ճշմարտութիւնը կը բացայայտուի, ու կը դատապարտուին  մոռացման: Իսկ երբ արուեստագէտը կամ գրողը իր ստեղծագործական հնարքներով առաջ կը մղէ ու կը բարձրացնէ (թէկուզ չնչին տոկոսով) արուեստը, ապա այս պարագային ոչ միայն կ՛ընդունուի, այլ նաեւ կը գնահատուի համաձայն իր կատարած գեղագիտական ներդրումին:

Օրինակի համար, ըլլա՛յ Վան Կոկը, թէ Սալվատոր Տալին, օգտուած են Միէի «Աճելուս»-էն, սակայն երկուքն ալ իրենց սեփական ուրոյն արտայայտչաձեւերով երփնագրած են տարբեր ստեղծագործութիւններ, որոնք արդարօրէն ներշնչում կը համարուին եւ ոչ ազդեցութիւն կամ բանագողութիւն: Նոյնը պատահած է ամենահռչակաւոր գրողի` Ուիլիըմ Շէյքսփիրի հետ: Անոր գործերէն շատեր, ինչպէս «Համլէթն» ու «Օթելլոն», բովանդակային առումով, իրենց նախորդները ունին երկրորդական գրողներու մօտ: Շէյքսփիրը օգտուեցաւ անոնցմէ եւ մարդկութեանը տուաւ այնպիսի գլուխ-գործոցներ, որոնց միջով է այսօր կը յիշուին իր նախորդները:

«Օթելլօ»-ի գլխաւոր սկզբնաղբիւրին մասին կը խօսի ստորեւ տրուած հատուածը, որ քաղուած է Լեւոն Ներսիսեանի «Վերջին խօսք» դասախօսութիւններու հաւաքածոյի երկրորդ հատորէն, որոնց խմբագիրն է յայտնի գրականագէտ եւ լրագրող` Թադեւոս Խաչատրեանը:

Այս առիթով արժէ հակիրճ կերպով ներկայացնել թէ՛ հեղինակը, եւ թէ՛ խմբագիրը: Լեւոն Ներսիսեանը այն բազմահմուտ ու բազմատաղանդ մտաւորականն է, որ գրեթէ գրաւոր հետք չէ ձգած իր ետին: Սակայն իր ժամանակակիցներն ու յատկապէս իր ուսանողները ակնածանքով ու երախտագիտութեամբ կը յիշեն զինք, թէ՛ իբրեւ դասախօս, թէ իբրեւ հայրենասէր ու ըմբոստ խառնուածքի տէր ՀԱՅ մտաւորական, եւ թէ իբրեւ 1965 թուի, Եղեռնի յիսունամեակին առիթով «Օփերայի դէպքերու» ղեկավար: Ան ծնած է 1931-ին, Երեւան: Եղած է «Հայֆիլմ կինոստուդիա»-ի գլխաւոր խմբագիր, Արուեստի բարձրագոյն հիմնարկի գիտաշխատող, Երեւանի պետական համալսարանի դասախօս եւ այլն: Նկարահանուած է «Երկունք» եւ «Ապրիլ» հայրենասիրական բնոյթի ժապաւէններու մէջ: Անձնապէս բախտն ու պատիւը ունեցած եմ վայելելու իր ներկայութիւնը թէ՛ իբրեւ դասախօս, եւ թէ իբրեւ մօտիկ ընկեր: («Բագին» ամսագիր եւ ազգային հայրենասիրական գիրքեր եւս կը տրամադրէի անոր):

Ան պարբերաբար կ՛այցելէր Երեւանի Մաշտոցի անուան պողոտայի վրայ գտնուող Բ. հանրակացարանի սենեակս, ուր իւրաքանչիւր հանդիպում դասախօսական երեկոյի կը վերածուէր: Ինքնին պատրաստ համալսարան էր իւրաքանչիւրիս համար: Յաւիտենական ընդդիմադիր էր, ողջութեան հալածուեցաւ, մնաց տնտեսապէս թշուառ, սակայն տուրք չտուաւ իշխանութիւններուն, նոյնի՛սկ Հայաստանի երկրորդ անկախացումէն ետք: Մնաց մաքուր մարդ, մաքուր հայ, մաքուր մտաւորական եւ մնայուն «երդուեալ» երկրպագու` Բագոսին ու իգական սեռին: Մահացաւ 1999-ին, իր վարկին ու վաստակին ոչ վայել, աննպաստ պայմաններու մէջ: Իսկ «Վերջին խօսք» գիրքին խմբագիրը` Թադեւոս Խաչատրեանը նոյնպէս եղած է Լեւոն Ներսիսեանի ուսանողն ու բոլորիս նման շատ բան կը պարտի անոր: Թադեւոսը եւս կը պատկանէր այլախոհ ու հայրենասէր մտաւորականներու փաղանգին: Հայաստանի երկրորդ անկախացումէն ետք հրատարակեց երեք թերթ, որոնք բոլորն ալ փակուեցան նախկին իշխանութիւններուն կողմէ` իբրեւ ծայրայեղ եւ «վտանգաւոր» լրատուամիջոց:

Ի դէպ Նիկոլ Փաշինեանը իբրեւ լրագրող շրջան մը պաշտօնավարած է իր քով, եղած են գաղափարակից եւ մտերիմ ընկերներ: Այս զարտուղի, սակայն մեծ վաստակի եւ հեղինակութեան տէր մտաւորականը, ջրդեղեց Թադեւոս Խաչատրեանի եւ Փաշինեանի նման բազմաթիւ ուսանողներ, որոնք այսօր հայրենի քաղաքական դաշտի վրայ կը գործեն ներսիսեանական հայրենասիրական շունչին ներքոյ ու լաւագոյնս կը շարունակեն անոր գծած ուղին: Մենք բոլորս, ըլլայ Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ, հիմակուընէ պէտք է պատրաստուինք յառաջիկայ տարի յաւուր պատշաճի նշելու անոր մահուան քսանամեակը: Մինչ այդ, ստորեւ կու տանք նաեւ վերոյիշեալ գիրքին յառաջաբանէն հատուած մը, որ որոշ գաղափար մը կու տայ մեզի Լեւոն Ներսիսեանի կարգ մը արժանիքներու մասին:

 

Viewing all 17226 articles
Browse latest View live


<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>