Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 15711 articles
Browse latest View live

Ժիւլիեթ Հինտեան-Կիրակոսեանի Թարմ Յիշատակին. Անձնազոհ, Բարեսէր Ու Բազմահմուտ Հայուհին

0
0

ՍԻԼՎԱ ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

«Իսկական հերոսները մեր մայրերն են»
ՓՈԼ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ

«Հիանալի արուեստագիտուհի, մեր ընտանիքի իսկական սիւնն ու մեր հօր ստեղծագործական խորհրդածութեան, զօրակցութեան ու  ներշնչման գլխաւոր աղբիւրն էր մեր մայրը: Ան վերջապէս միացաւ մեր հօր, երկինքի մէջ»:

Վերոնշեալ այս տողերով կը գուժէին Փոլ Կիրակոսեանի ընտանիքի անդամները իրենց մօր` Ժիւլիեթ Հինտեան-Կիրակոսեանի մահը, որ պատահեցաւ քառասուն օրեր առաջ, 24 սեպտեմբերին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:

Ծնողները` բնիկ ատանացիներ, Ժիւլիեթ Հինտեան ծնած է Լիբանանի Պիքֆայա ամառանոցը: Ան եղած է Հինտեան ընտանիքին փոքրագոյն աղջնակը: Անոր մօրեղբայրները եղած են Պոլսոյ երբեմնի Վայվայեան հանրածանօթ իրաւաբանները, որոնք,  սիամանթոներու եւ վարուժաններու կողքին, նոյնպէս զոհ գացած են թուրքի եաթաղանին, Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին:

Փոլ եւ Ժիւլիեթ, անոր արուեստանոցին մէջ, Պուրճ Համուտ, 1950

Սպիտակամորթ դէմքով ու ոսկեգոյն մազերով  յատկանշուող Ժիւլիեթի գեղեցկութիւնը  յատուկ գրաւչութիւն մը ունէր, եւ ան իր հարազատներուն կողմէ ճանչցուած էր որպէս «շէկ աղջիկ» («սարը ղըզ»): Փոքրիկ Ժիւլիեթ կանուխ տարիքէն ցուցաբերած է իր հմտութիւնը` նուագելու, գծելու թէ ասմունքելու մէջ: Ան 12 տարեկանէն արդէն սկսած է գծել ապակիի, թաւիշի, կտաւի թէ կանեվայի վրայ` մատիտով, իւղաներկ ու ջրաներկ գեղանկարներ ստեղծագործելով: Տան կրտսերագոյն աղջնակը ըլլալով` դեռատի Ժիւլիեթ եղած է իր հօր «առանձնաշնորհեալ» եւ նախասիրած զաւակը: Հայրը ճիգ չէ խնայած զարգացնելու անոր բնատուր այդ ձիրքերը եւ անոր նուիրած է մանտոլին մը, որուն վրայ նուագելով, Ժիւլիեթ նաեւ կ՛երգէր` զուարճացնելով իր հարազատներն ու սիրելիները: Ան իր նախնական ուսումը ստացած է Պիքֆայայի ֆրանսացի մայրապետներու վարժարանին մէջ,  ապա յաճախած է «Դարուհի Յակոբեան» վարժարան` լաւապէս տիրապետելով, մայրենիի կողքին, նաեւ արաբերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներուն: Մեծարենցի, Պետրոս Դուրեանի եւ անոնց նման գրական տիտաններու սիրահար` դեռատի Ժիւլիեթ մասնակցած է կրթական-մշակութային զանազան ձեռնարկներու, ուր ցուցաբերած է իր ասմունքելու հմտութիւնը` արժանանալով կազմակերպիչ թէ հիւր անձնաւորութիւններու (ինչպէս` Նիկոլ Աղբալեան, Լեւոն Շանթ եւ այլն) բարձր գնահատանքին ու յաճախ` մետալներով պարգեւատրուած:

Փոլ, Ժիւլիեթ եւ Սիլվա, դեկտեմբեր 1990, Դամասկոս

Քաջալերելով իր աղջկան գծելու ձիրքը` հայրը մասնագէտ ուսուցիչներու  յանձնարարած է գծագրութեան յատուկ դասեր տալ Ժիւլիեթին, որ մեծապէս օգտուած է ընտանիքի գրեթէ լրիւ կազմին ներկայութեամբ իրենց տան մէջ կայացած այդ դասընթացքէն… Անոր  անձնական ուսուցիչներէն եղած է նաեւ խոստմնալից երիտասարդ արուեստագէտ Փոլ Կիրակոսեանը: Ապա Ժիւլիեթ գծագրական իր այդ հմտութիւնը կատարելագործած է գեղարուեստի յատուկ հիմնարկի մը մէջ:

Ժիւլիեթի գեղեցկութիւնն ու բազմահմուտ անհատականութիւնը «գրաւած» է մէկէ աւելի երիտասարդներու հետաքրքութիւնը, որոնք եկած էին իր «ձեռքը խնդրելու»: Հայրը նախընտրած է Ժիւլիեթը ամուսնացնել  անոր ձեռքը խնդրողներէն նիւթապէս ամէնէն համեստ փեսացուին` Փոլ Կիրակոսեանին հետ, որովհետեւ ան կը հաւատար, որ Փոլը «խոստմնալից երիտասարդ էր եւ ապագային հանրածանօթ արուեստագէտ պիտի դառնար»:

Հակառակ իր գծելու հմտութեան` նորահարս  Ժիւլիեթ նախընտրած էր «յառաջ մղել» իր արուեստագէտ ամուսինը` Փոլ Կիրակոսեանը` ամէն ձեւով զօրակցելով ու աջակցելով անոր: Առտնին պարտականութեանց կողքին, Ժիւլիեթ ճիգ չէ խնայած ամուսնոյն բնատուր այդ ձիրքը զարգացնելու եւ ստեղծագործութեան նպաստաւոր պայմաններ ստեղծելու տան մէջ` միաժամանակ խրախուսելով ու ներշնչելով զայն որպէս զոհաբերող կին, մայր ու հայուհի: Ան միաժամանակ եղած է մայր, կին, «քարտուղար», օգնական, համակարգող եւ զարկ տուած` անոր յարաբերական ցանցի ընդլայնումին, դառնալով այժմէական հասկացողութեամբ արուեստագէտ Փոլի  նշանաւոր ու պարկեշտ «փի.ար.»-ը (P.R.):

Ան իր հարսանեկան թէ տնային ծածկոցներն ու յարակից զարդեղէնները անձամբ կարած է մելանի վրայ եւ հիւսած` հայկական բնաշխարհի յատուկ ասեղնագործութիւններ: Հեռու` սուրճի դրացիական աւանդական հաւաքներէն, Ժիւլիեթ նախընտրած է իր զաւակները տանիլ  բնութեան գիրկը, եւ մինչ անոնք կը զբօսնէին, ան իր վրձինի նուրբ  զարկերով քողազերծած է  բնութեան գեղեցկութիւնն ու գաղտնիքները:

Ժիւլիեթ Հինտեան-Կիրակոսեանը միութենական անդամ չէ եղած, սակայն ան իր անշշուկ գործունէութեամբ, ի՛ր ոճով  ծառայած է ազգին ու ժողովուրդին` նիւթապէս օգնելով կարիքաւոր ընտանիքներու: Հեռու` շեփորահարութեան թէ ցուցամոլութեան մարմաջէն, ան սաներ կարդացուցած է հայկական վարժարաններու մէջ` նիւթապէս հոգալով անոնց կրթաթոշակը, ինչպէս կը վկայէ ականատես ծանօթ վարդապետ մը: Եղած է բարեսէր եւ յաճախ նիւթապէս նպաստած` զանազան միութիւններու, երբեմն ալ` ստանձնելով «Օրուան նախագահուհի»-ի առաքելութիւնը:

Արուեստի բնատուր ձիրքով ու այլ հմտութիւններով  յատկանշուող, զաւակներու հոգատարութեամբ, առտնին պարտականութեանց կամակատարութեամբ եւ այլ ուշագրաւ զոհողութիւններով ճանչցուած հայուհի մը եղած է Ժիւլիեթ Կիրակոսեանը: Ան իր կարողութիւնները օգտագործած է ի սպաս իր ամուսնոյն ու զաւակներու զարգացման ու յառաջդիմութեան` նախընտրելով  գործել ու ստեղծագործել քուլիսներու ետին, միաժամանակ պահելով  իր անհատականութիւնն ու ստեղծագործական  իւրայատկութիւնները: Երեւոյթ մը, որ հազուադէպ է հայութեան, այլ նաեւ` մարդկութեան մէջ, ուր առանց փոխադարձ ակնկալութեան, ամբողջական նուիրաբերումի եւ պարկեշտ ու հաւատարիմ զոհաբերութեան տիպարներու դարաշրջանը արդէն պատմութեան անցած է:

Ի զուր չէ, որ հանգուցեալ արուեստագէտ Փոլ Կիրակոսեանը, ազդուելով իր հարազատ մօր ու կնոջ` Ժիւլիեթի օրինակէն, հաստատած է, որ` «Մեր իսկական հերոսները մեր մայրերն են»:

Ժիւլիեթ Հինտեան-Կիրակոսեանի եւ իր նման հայուհիներու անունը վառ պիտի մնայ ու յաւերժ նշուի մերօրեայ «Փափկասուն տիկնայք»-ի ոսկեմատեանին մէջ:

Հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի՛ տիկին Ժիւլիեթ:

————–

Լուսանկարները տրամադրուեցան
«Էմմակոս ֆաունտէյշըն»-ին կողմէ

 

 

 


Կարօտցանք. Գէորգ Տէմիրճեանի Յիշատակին

0
0

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Սիրելի՛ պապ,

Պիտի խոստովանիմ, որ այս անգամ գրիչ շարժելը բաւական դժուար եղաւ: Փորձեցի ուժերս հաւաքել, զգացումներուս վրայ մեծ քար մը դնել եւ ճիգ ընել յաւուր պատշաճի մարդկային ու ազնիւ արժանիքներուդ ու ազգային ապրումներուդ, վաստակիդ ու բարի յիշատակներուդ մասին գրել, բայց չյաջողեցայ: Չկրցայ այդ ձեւով մտքերս հաւաքել ու անցեալին մասին խօսիլ, որովհետեւ զգացի, որ տակաւին չեմ կրցած բացակայութեանդ հետ հաշտուիլ: Հետեւաբար, որոշեցի ըլլալ աւելի անմիջական եւ քիչ մը զրուցել հետդ: Դուն զրոյցը սիրող մարդ էիր, եւ թող որ յետ մահու նաեւ այդ զրոյցը շարունակուի:

Քսանհինգ տարիներու հեռաւորութենէն կը յիշեմ մեր առաջին ծանօթութիւնը եւ այդ օր քու դրսեւորած յարգալից, հոգածու եւ սիրով լեցուն վերաբերմունքդ, որ դարձաւ փոխադարձ եւ մնաց անխախտ: Այդ կապը դարձաւ անմիջական, հարազատ եւ ամուր: Անմիջապէս զգացի, որ հայրական նոյն հարուստ սիրովդ պատեցիր նաեւ զիս, եւ այս հանգամանքը տուաւ առիթ, որ մեր յարաբերութիւնը ըլլայ անկեղծ եւ հարուստ: Չափազանցած պիտի չըլլամ, եւ դուն ալ համաձայն պիտի գտնուիս, որ այս ժամանակահատուածին հոն կարելի է գտնել ոչ մէկ վիրաւորական խօսք կամ արտայայտութիւն:

Այո՛, բառին բովանդակ իմաստով արժէքաւոր անձ մըն էիր` հարուստ մարդկային ու ազգային ապրումներով: Կեանքի դառն պայմաններու բերումով, կանուխ տարիքէդ դպրոցական ուսումը լքելու եւ մեծ ընտանիքի հոգերը ստանձնելու քու պատրաստակամութիւնդ, ոչ մէկ ձեւով արգելակած էր ինքնաշխատութեամբ ինքզինքդ զարգացնելու ու գիտելիքներու եւ փորձառութիւններու շտեմարան մը ունենալու քու վճռական ու ինքնավստահ ճիգդ:

Յախուռն էիր տեսակէտներուդ դրսեւորման մէջ, կառչած կը մնայիր անոնց ու կը փորձէիր հարուստ հիմնաւորումներովդ այդ բոլորը պաշտպանել:

Երիտասարդ տարիքէդ դիմագրաւեցիր  առողջական մնայուն հարցեր, բայց մնացիր ամուր, կեանքին կառչած, յուսալից, կեանքը սիրող ու զայն ամբողջականօրէն օրինակովդ արժեւորող անձ:

Շրջապատիդ հանդէպ ցուցաբերած անհուն հոգածութիւնդ եւ գուրգուրանքդ նաեւ մնացին գնահատելի բոլորին կողմէ: Այո՛, այս իմաստով նաեւ դարձար համակ օրինակ եւ քու անձիդ ընդմէջէն տուիր փաստը, որ բարեգործութիւնը եւ մարդոց դժուարութիւնները կիսելը մարդկային առաքինութիւն է, եւ պայման չէ, որ մարդ հարստութիւն դիզած ըլլայ, որպէսզի օժանդակէ: Ցուցաբերած այդ կարեկցութեամբդ մնացիր հարուստ, որ փաստօրէն հարստութիւնն էր մեծ հոգիիդ ու լայն սրտիդ:

Հայութիւնը ու Հայաստանը մնացին քեզի համար սրբութիւն: Տագնապդ եղաւ մնայուն, եւ մեր հաւաքական կեանքը յուզող հարցերուն մէջ դարձար միշտ տեսակէտ ունեցող անհատ` անկեղծ մնալով քու համոզումներուդ եւ սկզբունքներուդ:

Գաղափարներովդ, խօսքովդ եւ գործովդ տուիր փաստը, որ ինչպէ՛ս կարելի է հաւատաւոր դաշնակցական ըլլալ առանց կուսակցութեան անդամակցելու:

Քեզի վստահուած պարտականութիւնները կատարեցիր մեծ սիրով եւ ուրախութեամբ: Ակմբային կեանքը եւ ընկերային շրջանակը մի՛շտ ալ քեզմով աւելի ջերմացան, ու խանդավառութիւնդ համակող դարձաւ:

Այս բոլորին կողքին նաեւ, պա՛պ, իրապէս բարի հայրիկ էիր ու մնացիր այդպէս մինչեւ կեանքիդ վերջին վայրկեանը, եւ` շրջապատուած հարազատներով, բարի ու անաղմուկ հրաժեշտ տուիր կեանքին: Բարութիւնդ փորձեցիր տարածել ամէնուրեք: Հայ ընտանիքին աւանդութիւնները, սովորութիւնները ու սրբութիւնները քեզի համար մնացին գերագոյն արժէք, եւ այդ բոլորը ապրեցուցիր քու անձնական օրինակովդ: Ընտանեկան նահապետական սեղանը, ընտանեկան հաւաքները քեզի համար դարձան հոգեկան անսահման ուրախութեան աղբիւր:

Բոլորը կարօտցած են քեզի, պա՛պ, ամէնէն փոքր թոռնիկդ` Վայքը, որ տակաւին կեանքը հասկնալու բաւական ճամբայ ունի կտրելիք, ամէն օր նկարդ կը սեղմէ իր կուրծքին: Շահանը, որուն լացը միայն մանուկ հասակին տեսած էինք, առաջին անգամ ըլլալով աչքերէն յորդառատ արցունք թափեց եւ անշնչացած մարմնիդ քով երկար մնաց:

Այցելեցինք գերեզմանդ, եւ աղօթքէն ետք զաւակդ` Արան, ծխախոտը վառեց եւ դրաւ շիրիմիդ վրայ, որովհետեւ կեանքի վերջին հանգրուանին անիկա դարձաւ քու հիմնական ու անբաժան ընկերդ, եւ լռութեամբ ցաւերդ ու տագնապներդ դուրս տուիր այդ ծուխին հետ: Չվախցար մահէն, եւ ցաւերուդ մէջ անգամ սրամտութիւններովդ եւ խօսքերովդ փորձեցիր ուրախացնել շրջապատդ: Իսկ միւս զաւակդ` Ժաքը, վերջին հանգրուանին, ընկալած առողջական անյոյս վիճակդ, միակ մաղթանքը եղաւ, որ չարչարանքդ երկար չտեւէ:

Անցեալ գիշեր, երբ Հելկային հետ գործէն տուն կը վերադառնայինք` օրուան աշխատանքներէն յոգնած, լռած, երաժշտութիւն ունկնդրելով, յանկարծ Հելկան ըսաւ. «Պապային կարօտցայ»…

Այո՛, պա՛պ, կարօտցանք քեզի…եւ այդ կարօտը մի՛շտ վառ պիտի պահէ քու ներկայութիւնդ մեր մէջ:

Լաւ ենք, պա՛պ, անհոգ եղի՛ր, հանգիստ քնացիր…

 

 

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Գծել Անուն Բարդ Մականուն

0
0

ՍԻ­ՄՈՆ ԿՈՍ­ՏԱՆ­ԴԻՆ­ԵԱՆ

Նո­րապ­սակ հա­յոր­դի­ներ
Կ՛ապ­րին ու­րախ, զուարթ պա­հեր,
Տա­րի մը դեռ չան­ցած ար­դէն`
Թանկ նո­րա­ծին տուն կը բե­րեն:
Լաւ կ՛ըն­թա­նայ առող­ջու­թիւն,
Երե­խա­յին ու­շադ­րու­թիւն`
Ձմրան հագ­ուիլ հաստ զգեստ­ներ,
Ամ­րան պտոյտ­ներ` ծով ու զով լեռ,
Ալ կը հաս­նի երե­խա­յին
Ճիշդ տա­րի­քը իր դպրո­ցին:
Մեծ ժո­ղով­ներ կը գու­մար­ուին`
Կար­ծիք­նե­րով բիւր թան­կա­գին:
Կարճ է ար­դէն շտապ ժա­մա­նակ,
Որո­շու­մի  բաւ ըն­դու­նակ:
Դաս հայ­կա­կան` միշտ ալ դժուար,
Շատ մեծ կո­րուստ թուա­բա­նու­թեան,
Վեհ պատ­մու­թեան օտար լեզ­ուին,
Օրն է հի­մա ալ բժիշ­կին:
Հա­յոր­դին մեր ոչ հայ դպրոց
Կը յա­ճա­խէ սեւ գոգ­նո­ցով,
Բժիշկ կ՛ըլ­լայ երե­խան մեծ,
Դրա­մի տէր` ճիշդ հօ­րը պէս,
Ան­ձը սա­կայն մեր հայ գիւ­տէն`
Այս հին լեզ­ուէն մէկ բան գի­տէ`
ԳԾԵԼ անուն, բարդ մա­կա­նուն,
Շու­տով ճանչ­նալ ստո­րագ­րու­թիւն:
Ինչ կը սպա­սէք դուք այս հա­յէն,
Որ կը սոր­վի ֆրան­սե­րէն,
Անգ­լե­րէն ու արա­բե­րէն,
Բայց չի կար­դար բնաւ հա­յե­րէն,
Ան չ՛իմա­նար նոյ­նիսկ գրա­ծէս:
Խնդրեմ` գէթ դուք իմ տո­ղե­րէս
Բա­ցատ­րե­ցէք մեր այս մար­դուն`
Գրել անուն ու մա­կա­նուն:

11/9/2018
Լի­բա­նան

 

Հոկտեմբերի Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առիթով. Իտալահայ Գաղթօճախի Եւ Հայ Տպագրութեան Անցեալին Կարճ Ակնարկ Մը

0
0

ՏՔԹ. ՍԱՐԳԻՍ ԱՏԱՄ

Իտալիոյ մէջ հայերու գոյութեան մասին հաւաստի տեղեկութիւնները 6-րդ դարուն Իտալիոյ հիւսիս-արեւելքի կողմէն Պոլոնիա քաղաքի մօտ Ռավեննա անուն քաղաքը հաստատուած հայկական զօրամասերուն կը վերաբերին: Այդ ժամանակ Ռավեննայի պահակազօրը հիմնականին մէջ կազմուած եղած է հայերէ, որոնք  կոչուած են Numeros Armeniorum:

6-7 դարուն հայկական զօրանբանակ մը տեղափոխուած է Սիկիլիա, իսկ աւելի վերջերը, հայ զինուորականներու եւ անոնց շրջանակներու զուգահեռ, իտալական տարբեր քաղաքներու` Վենետիկ, Ֆլորանս, Նափոլի, Անքոնա, Հռոմ եւ այլ քաղաքներու մէջ յայտնուած են նաեւ հայ վաճառականներ ու վանականներ:

Պատմական աղբիւրներու մէջ կը յիշուին նաեւ Նափոլիի Ս. Հոգի հայկական եկեղեցին(1328), Հայոց տունը(1356):

Իտալիոյ մէջ հայերը համեմատաբար կայուն համայնքներ կազմակերպած են: 12-րդ դարու կէսին Իտալիոյ 9 տարբեր քաղաքներու մէջ 10-էն աւելի հայկական  եկեղեցիներ գործած են, հայերու այս աշխուժացման խթանիչ գործօնները եղած են Կիլիկիոյ հայոց թագաւորութիւնը եւ խաչակրաց արշաւանքները:

14-րդ դարուն իտալահայ գաղութը 40-է աւելի գործօն եկեղեցիներու կից ունեցած է նաեւ  հիւանդանոցներ, հայ տուներ, ուր կը բուժուէին  հայեր եւ կ՛իջեւանէին հայ վաճառականներ:

1201 թուականին հայոց  Լեւոն թագաւորի եւ  Վենետիկ քաղաքի իշխանութեան միջեւ  ստորագրուած դաշնագիրին համաձայն, 1235 թուականին հայերը Վենետիկի մէջ ունեցան «Հայ տուն-հիւրանոց» մը:

14-րդ դարու կէսէն մինչեւ 17-րդ դար հայերու`  Իտալիոյ մէջ տարածուիլը գագաթնակէտին հասած է, իսկ 17-րդ դարէն ետք կը սկսի անկում մը` բացի Հռոմ, Վենետիկ, Թրիեստէ, Լիվոռնոյի հայ համայնքներէն:

17-րդ դարուն Հայաստանի տարածքին վրայ քաղաքականութեան պատճառով տեղի ունեցող արտագաղթը, միւս կողմէն ալ հայ վաճառականներու Եւրոպայի հետ առեւտուրի նպատակը իտալահայ համայնքները վերստին աշխուժացուցած է: 17-րդ դարուն Գրիգոր Կիրակոս Միրմանեանի դրամական  նուիրատութեամբ կը կառուցուի Վենետիկի այսօրուան Ս. Խաչ եկեղեցին, ուր դեռ հայաբարբառ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ  արարողութեամբ կը կատարուին սուրբ խորհուրդներ: Եկեղեցին կը խնամակալուի Ս. Ղազարի Մխիթարեան միաբանութեան կողմէ:

Ըստ վաւերագիրերու, 16-18 դարերուն Վենետիկի առեւտրական պաշտօնական տօնավաճառին մասնակցած են աւելի քան 2000 հայ առեւտրականներ, որոնք Իտալիա կը բերէին պարսկական մետաքս, որուն արտահանութեան մենաշնորհը միայն իրենց կը պատկանէր, եւ վաճառելու համար կը բերէին նաեւ մոմ, գոհարեղէն, համեմունք եւ այլ իրեր:

16-րդ դարուն Իտալիոյ մէջ հայերը լաւ համբաւ ունեցան, անոնցմէ Անտոն Սուրեան Վենետիկի նաւաշինութեան մէջ շատ նշանաւոր էր: Ան մեծ նաւերը ջուր իջեցնելու  համար նոր համակարգ մը մշակեց եւ ստեղծեց նաեւ սարք մը, որ ծովու յատակին կուտակուած կեղտերն ու ցեխերը կը մաքրէր:

Վենետիկ` Հայ Տպագրութեան Կեդրոն

15-րդ դարուն իտալահայ համայնքներու շարքին ամէնէն աւելի աշխուժացաւ Վենետիկի գաղթօճախը, ուր սկիզբ առաւ եւ զարգացաւ հայկական  տպագրութիւնը: Անտոն Սուրեանը Վենետիկի եւ յատկապէս հայ համայնքին կարկառուն դէմքերէն մին դարձաւ: Ան անգնահատելի եւ շնորհալի ծառայութիւններ մատուցեց Վենետիկի, ի մասնաւորի` մեծ նաւերու շինարարութեան մարզին մէջ:

Վենետիկ 15-րդ, դարուն հակառակ տնտեսական դժուարութիւններուն եւ առեւտրական գործունէութիւններու տկարացման, եղած է  Եւրոպայի մշակոյթի կարեւոր կեդրոններէն մին, ուր մշակոյթը ա՛լ աւելի մատչելի դարձնելու նպատակով զարգացաւ տպագրութիւնը: Վենետիկ հաստատուած հայերն ալ օգտուեցան այս առիթէն:

Յակոբ Մեղապարտ` Հայկական Տպագրութեան Նահապետ

Առաջին անգամ Յակոբ Մեղապարտ , որ երկար ատենէ ի վեր Վենետիկ հաստատուած էր, որոշ  ու լուրջ նախապատրաստական աշխատանքներէ ետք, 1512 թուականին հայատառ տպարան բանալով, ձեռնարկեց տպագրութեան աշխատանքին:

1512 թուականին հրատարակեց «Պարզատումար»-ը, որ տոմարագիտական բովանդակութեամբ  գիտական լուրջ աշխատանքի մը արդիւնք է:

1512 թուականին լոյս տեսան վեց գիրքեր, «Տաղարան», «Բժշկարան եւ հաքիմարան ստոյգ  եւ զարմանալի մեծի Գալանիոս հաքիմին արարեալ», «Ուրբաթագիրք», ուր գրուած են հիւանդութիւններէ առողջանալու համար աղօթքներ, «Աղթարք», «Պատարագատետր» անուններով: Յակոբ Մեղապարտի հրատարակած գիրքերու վերջաւորութեան  դրուած են տպարանին նշանը, որ քառակուսիի մէջ խաչակիր նշան մըն է:

Աբգար Դպիր` Որպէս Յակոբ Մեղապարտի Հետեւորդ

Յակոբ Մեղապարտի տպագրական գործին շարուանակողը եղաւ Աբգար Դպիր Թոխատեցի: 1562 թուականին, Աբգար Դպիրի գլխաւորութեամբ,  հայ պատգամաւորութիւն մը Հռոմ կու գայ, Հռոմի Պիոս Բ. պապին քով, Հայաստանի ազատագրութեան ու դաւանական հարցերու լուծման առնչութեամբ: 1564 թուականին հայ պատուիրակութիւնը սիրալիր ընդունելութեան կ՛արժանանայ Հռոմի պապին կողմէ, Աբգար Դպիր առիթը յարմար նկատելով` պապէն արտօնութիւն  կը խնդրէ հայերէն գիրքեր տպագրելու համար: Քահանայապետէն  արտօնութիւն ստանալէ ետք Աբգար Դպիր Հռոմէն կը մեկնի դէպի Վենետիկ` նպատակ ունենալով հոն զբաղելու հայ հրատարակչական գործունէութեամբ:

1565 թուականին կը հրատարակէ  մէկ էջի վրայ տոմարական աշխատութիւն մը: Նոյն տարին ան լոյս կ՛ընծայէ «Փոքրիկ մեկնիչ սաղմոսաց» գիրքը: 1567 թուականին իր հրատարակչական գործունէութիւնը Վենետիկէն կը տեղափոխէ  Պոլիս, ուր  տպարան մը կը հիմնէ, որ առաջինն էր Միջին Արեւելքի մէջ: Ուրկէ կը հրատարակէ վեց գիրք,

1567-ին «Փոքր քերականութիւն»,1568-ին «Պարզատումար», «Ժամագիրք», «Պատարագամատոյց», «Տօնացոյց»,1569-ին` «Մաշտոց» անուններով:

Իսկ 12-13 հոկտեմբեր 1688 թուականին Հոլանտայի Ամսթերտամ քաղաքի մէջ լոյս տեսաւ հայերէն Աստուածաշունչի առաջին տպագրութիւնը, որ իրագործուեցաւ Ոսկան վրդ. Երեւանցիի նախաձեռնութեամբ ու գործունէութեամբ:

—————-

Օգտագործուած ակեր.

Հայկական գաղութներ-Ասպետ Մանճիկեան, «Մարմարա», փետրուար 2003
Հայկական սովետական Հանրագիտարան-1974
Հայերը Իտալիայում

Անատոլի Աւետեանի Բազմաբնոյթ Արուեստը

0
0

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ

Եթէ հայ մշակոյթի տարբեր երակներէն ուղղակիօրէն սնանած կերպարուեստագէտ որոնէինք, ապա առաջին անուններէն մէկը անկասկած Անատոլի Աւետեանը պիտի ըլլայ: Ան ոչ միայն առհաւականօրէն ժառանգած է հայ ազգային մշակոյթի աւանդները, այլեւ ուսումնասիրած կը թուի ըլլալ հայ կերպարուեստի (ներառեալ` կիրառական արուեստի) շերտերը, սկսեալ նախնադարէն մինչեւ մեր օրերը: Ստեղծագործութիւններու ոճն ու շօշափած թեմաները, խայտաբղետ ըլլալով հանդերձ, այդ կը յուշեն մեզի:

Այս արուեստագէտը բառին բուն իմաստով կեպարուեստագէտ է: Ան ունի գեղանկարչական, քանդակի, ինչպէս նաեւ կիրառական արուեստի հարուստ տեսականի, որոնք իրագործուած են տարբեր արտայայտչաձեւերով ու բովանդակութեամբ: Նախնադարեան մենհիրներէն ու պրոնզէդարեան կիրառական արուեստի նմուշներէն մինչեւ միջնադարեան հայ հոգեւոր բարձրաքանդակն ու մարանկարչութիւնը եւ միչեւ իսկ հայ գորգարուեստի ու ասեղնագործութեան զարդանաշխերը իր յղացքներուն կը ծառայեն իբրեւ նեշնչման շտեմարան: Ան իր ցանկալի Գեղարուստական արդիւնքներուն հասնելու համար չի վարանիր օգտագործելու որեւէ տեսակի միջոց (քար, փայտ, ապակի, կաւ, խաւաքարտ, մետաղի տարբեր տեսակներ եւ այլն), որոնք շատ յաճախ իրարու հետ ագուցելով ու համադրելով` կը ստեղծէ այնպիսի գործեր, որոնք առաջին հայեացքէն իսկ հայկականութեան շունչ մը կը կը փոխանցեն ակնդիրին: Այս առումով, յատկանշական են իր կերտած կին կերպարները, որոնք թէեւ արտաքնապէս հայկական միջնադարեան մանրանկարչական արտայայտչաձեւերէն կը բխին, սակայն առանց կտրուելու անցեալէն` անոնք էապէս կ՛ապրին ու կը շնչեն մեր ժամանակներու մէջ` իբրեւ մերօրեայ տիպար հայուհիներ:

Անատոլի Աւետեանի ստեղծագործական ժառանգութիւնը բազմաբնոյթ է եւ հարուստ` տարատեսակներով: Անոր արուեստին մասին ոrոշ գաղափար մը տալու համար ստորեւ կու տանք հակիրճ կենսագրականն ու հատուած մը այն զրոյցէն, որ տարիներ առաջ ան ունեցած է Յակոբ Պալեանին հետ:

Ինքնանկար

Առաջին անգամ հանդիպած էինք երկրաշարժի օրերուն: Վանաձորը հարուածուած էր: Աղէտը ինչպէ՞ս դիմաւորած էր արուեստագէտը:

– Երկրաշարժի տպաւորութեամբ գործեր ստեղծած եմ, ինչպէս` ռեքուիեմ, տխրութեամբ յատկանշուող պատկերներ, մութ գոյներով: Նման մթնոլորտով գործեր միշտ ալ կան, ինչպէս` Ցեղասպանութեան 100-ամեակի:

Նիւ Եորքը ժամանակակից արուեստի, նաեւ նկարչութեան մեծագոյն կեդրոններէն մէկն է: Անատոլի Աւետեան տարի մը հոն մնացած է: Հետաքրքրական էր իմանալ, թէ ինչպէ՞ս դիմաւորած էր այդ աշխարհը եւ ինչպէ՞ս ընկալուած էր ինք: Պատասխանը զարմացնող էր:

– Նիւ Եորքի մէջ ես ցուցահանդէս չեմ ըրած: Հոն կեցութեանս ընթացքին ես տեղեկութիւն հաւաքեցի, ցուցասրահներ եւ թանգարաններ այցելեցի, հոն մեծ նկարիչներու գործերը կային: Հոն ռուսի մը պատկանող մեծ ընկերութեան մէջ աշխատեցայ` որպէս ներքին գեղազարդող – designer, decoration interne – վճարուած էի: Չկրցայ հոն ցուցահանդէս ունենալ, որովհետեւ ձեռքի արկած ունեցայ եւ վերադարձայ Երեւան:

Նկատի ունենալով, որ արուեստի շուկան մեծ քաղաքներու եւ երկիրիներու մէջ է, միթէ պէ՞տք էր Հայաստանէն դուրս գալ միջազգային ճանաչում գտնելու համար: Ակնարկեցի Եուրոզի, որ լայն ճանաչման արժանացած է: Մանաւանդ որ Հայաստանի նկարիչները ընդհանրապէս «քոթէ» չեն, ինչ որ անկարելի չէ, եւ անհրաժեշտ է միջազգային հրապարակ գալու համար, ներկայ ըլլալ աճուրդներու, Սոթպի՛զ (Անգլիա) կամ Տրուօ (Փարիզ):

Այս մասին խօսեցաւ Անատոլի Աւետեան:

– Անցեալին, խորհրդային օրերուն, նկարիչը ապահովուած էր: Պատուէրներ կը ստանար: Այժմ նկար գնող չկայ: Մշակոյթի նախարարութիւնը պէտք է զբաղի նկարիչի եւ ստեղծագործութեան ճանաչման հարցով: Նկարիչը, անցեալին հետ բաղդատած, ոչ մէկ պաշտպանութիւն ունի: Իսկ միջազգային հրապարակ գալու նախաձեռնութիւնը պէտք է ունենայ մշակոյթի նախարարութիւնը, նկարիչը այդ միջոցները չունի: Արուեստաբանները պէտք է կատարեն ծանօթացման աշխատանքը:

Անատոլի Աւետեանը մասնակցած է գեղազարդումի (art deco) ցուցահանդէսներու, այսինքն հրապարակ եկած է նաեւ կիրառական աշխատանքներով: Այս պարագային խնդիր կար, թէ ո՛ւր կը գտնուի գեղազարդում-կիրառական արուեստի եւ ստեղծագործական արուեստի բաժանարար գիծը: Ներկայիս, ինչպէս կ՛ըսուի, disigner-ներ հեշտութեամբ կ՛անցնին գեղանկարչութեան ոլորտ, քիչ մը ամէն տեղ: Այդ սահմանի մասին արուեստագէտը կ՛ըսէ.

Մեր-Քարերը

Էներկիա

– Այդ սահմանը կը ճշդուի գործածուած նիւթով, օրինակ` փայտի վրայ աշխատանքը, կիրառականը եւ արուեստը կը զանազանուին գունանկարներով, նկարներով, իւղաներկի, կտաւի եւ թուղթի գործածութեամբ: Կիրառական ժամանակակից գործերը գեղեցիկ կրնան ըլլալ, ժամանակակից նկարագիր ունենալ:

Նկատի ունենալով Հայաստանի տնտեսական կացութիւնը` հետաքրքրական էր գիտնալ, թէ Անատոլի Աւետեանի գործերը երկրին մէջ կը վաճառուէի՞ն, մանաւանդ, ինչպէս ինք ըսաւ, երբ պետական աջակցութիւն եւ պատուէրներ չկային:

– Գործերս կը վաճառուին: Հանրապետութեան նախագահը եւ ղեկավարութիւնը գործերէս նուէր կը տանին, երբ կը ճամբորդեն: Նոյնպէս` Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը: Նաեւ երկրի հարուստները իրարու կը նուիրեն:

Ընդլայնելով զրոյցի սահմանները` լաւ պիտի ըլլար իմանալ Նկարիչներու միութեան անդամներուն թիւը, քանի որ ժողովուրդին հետ առաջին շփումով իսկ կարելի է տեսնել նկարչութեան, երգի եւ երաժշտութեան հետեւողներու մեծ թիւը: Ի՞նչ էր միութեան ոչ անդամ նկարիչներուն համրանքը: Հարց էր, թէ բնակչութեան բաղդատած, տոկոսային հաշուով շատ մեծ չէ՞ր անոնց համրանքը: Նաեւ անոնց գործերուն մէջ կը գտնէի՞նք մեր ժամանակակից եւ անմիջական պատմութեան եւ կեանքի արտայայտութիւնը` լոյսով եւ ստուերով:

Խաչակիրը

Նկարիչներու միութեան վարչութեան անդամ Անատոլի Աւետեանը ըսաւ. «Միութիւնը ունի 760 անդամ, իսկ միութենէն դուրս մեծ է անոնց թիւը, թերեւս` մէկ-երկու հազար է: Միութիւնը ամէն տարի, ընտրութեամբ, կ՛ընդունի նոր անդամներ: Միութիւնը ոչ մէկ նպաստ կը ստանայ պետութենէն: Բնական է նաեւ, որ նկարիչներ, ինչպէս նաեւ` բոլոր արուեստագէտները, կ՛արձագանգեն իրենց ժամանակին, բնութեան, տագնապներուն»:

Արարիչ

Յաճախ տեսակէտներ արտայայտուած են նկարչութեան եւ ընդհանրապէս արուեստներու մէջ բնորոշ «ազգային» իւրայատկութեան ներկայութեան մասին, ըսուած է, որ արուեստի մէջ անտեղի է ազգայինը փնտռել, թէ` ան էապէս համամարդկային է: Ի՞նչ կը մտածէր արուեստագէտը այդ ազգային դրոշմին մասին, նաեւ` ինք ստեղծագործական-նկարչական դպրոցներու կամ հոսանքներու մէջ, խորհրդային սոց-արթ (ժողովրդական արուեստ) տպաւորապաշտ, վերացական, կամ այլ, ուր կը տեսնէր ինքզինք:

Գիւղ

Անատոլի Աւետեանը դասական ծանօթ վերլուծումները չ՛ըներ: Պարզապէս կ՛ըսէ, որ ինք ո՛չ ապստրակտ է (վերացական), ո՛չ ռէալիստական (իրապաշտ).

– Ոչ մէկ ուղղութեան կը պատկանիմ: Համամարդկային եմ, բայց ան ալ ազգային է, ազգայինը զգացում է, որ կու գայ հողէն, երկրէն, մարդոցմէ, պատմութենէն: Գործը իր գոյնով, գիծով եւ ոճով կը զգացնէ իր պատկանելիութիւնը, կը զգացուի, որ արուեստագէտը հայ է, առանց բացատրութեան, աչքը կը տեսնէ: Ես կը զգամ: Բայց եթէ կ՛ուզէք, որ բացատրեմ, թէ ո՛ւր է իմ գործերուս մէջ ազգայինը, ես չեմ կրնար բացատրել: Հայաստանի եւ սփիւռքի նկարիչներու տարբերութիւնը կը զգացուի շրջապատի ազդեցութեամբ: Սփիւռքի հայ արուեստագէտը կարօտի հայրենասիրութիւն ունի, բայց իր գործը իր ստացած մշակոյթին եւ շրջապատին հարկատու է, Հայաստանի հայ արուեստագէտը հեռուէն չի դիտեր երկիրը եւ ժողովուրդը, կ՛ապրի, անոնք իր մէջ են:

 

Երկրի Խորհրդանիշերը Հրանդ Մարգարեանի «Քառաձայն Պատարագ» Գրքում

0
0

Նուիրւում է
Հրանդ եւ Ժանետ Մարգարեանների
ծննդեան 80-ամեակին

ԿԱՐԻՆԷ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ
Բանասիրական գիտութիւնների թեկնածու
ՀՀ ԳԱԱ Հ. Աճառեանի անուան լեզուի հիմնարկի գիտաշխատակից

2018թ. հոկտեմբերի 6-ին Հրանդ Մարգարեանը բոլորեց երկրային կեանքի 80-րդ տարին: Հայ նորագոյն շրջանի մշակոյթի պատմութեան մէջ նա քաջածանօթ ու սիրուած անուն է: Ծնուել է Իրաքում` Եղեռնից մազապուրծ վանեցիների ընտանիքում, այնուհետեւ բարձրագոյն կրթութիւնը ստացել, ապրել ու գործել է Միացեալ Նահանգներում: Բազմաշնորհ այս մտաւորականը աչքի է ընկել ու մնայուն հետք թողել տարբեր ասպարէզներում` քիմիական գիտութիւնների, գրականութեան, մասնաւորապէս` բանաստեղծութեան, թատերագրութեան թատրոնի` բազմաթիւ բեմադրութիւններով եւ դերակատարումներով, մանկավարժութեան, հասարակական, կազմակերպչական, բարեգործական գործունէութեան եւ այլն:

Մի բան յստակ է` որտեղ որ եղել, ինչ ուղղութեամբ էլ գործել է Հրանդ Մարգարեանը, նա միշտ մնացել է իրական հայ` անմնացորդ հաւատարիմ իր ինքնութեանը, ստացած ժառանգութեանը, այն հարստացնելու եւ սերնդէ-սերունդ փոխանցելու վսեմ առաքելութեանը: Այս առաքելութիւնն իրականութիւն դարձնելու դժուարին ճանապարհին նրա անդաւաճան ուղեկիցը, ամուր սատարը, ոգեւորող մուսան է եղել կինը եւ երկու զաւակների մայրը` բժշկուհի Ժանետ Մարգարեանը, որը եւս այս տարի բոլորում է կեանքի 80-րդ տարին: Այս ամոլը օրինակ ու քաջալերանք է եղել սփիւռքահայ եւ հայրենաբնակ երիտասարդութեան համար` ազգապահպանման բարդ ու պատասխանատու գործում, նաեւ իրենց թոռնիկների` Մատթէոսի ու Սարինի համար, որոնց դաստիարակութեան մէջ եւս ահռելի է նրանց դերակատարութիւնը:

Հրանդ Մարգարեանի գրական գործունէութեան մասին կարելի է շատ ու շատ երկար խօսել, սակայն կայ մի թեմա, որ կարմիր թելի պէս անցնում է նրա գրականութեան միջով, որը կարելի է բնորոշել եւ՛ որպէս իշխող գաղափար, եւ՛ ստեղծագործութեան լրում ու ամբողջացում. Երկիրը:

Անշուշտ իւրաքանչիւր գիտակից հայի համար սրբազան ու նուիրական է Երկիրը: «Տարօրինակ ազգային ներգիտակցական երեւոյթ մը կը պարզուի «Երկիր» բառին հետ: Մեր նախնիները Արեւմտահայաստանը «Երկիր» կոչած են: «Երկիր» բառով անոնք այդ հողերը մեր ազգային պատկանելիութեան սահմաններուն մէջ դրած են` հոն զետեղելով մեր տէր ըլլալու անզիջող կամքը…»1:

Եթէ մինչեւ 1997թ. Հրանդ Մարգարեանի համար Երկիրը անչափ սիրելի, սակայն հեռաւոր էր, անմատչելի ու միայն երեւակայելի, ապա 1997-ից յետոյ, մնալով անչափ սիրելի, դարձաւ մերձաւոր, շօշափելի, ճանաչելի, գուրգուրելի ու փայփայելի, քանի որ 1997-ին Մեսրոպ արք. Աշճեանի ղեկավարութեամբ կատարեց իր առաջին ուխտագնացութիւնը դէպի Արեւմտեան Հայաստան եւ Կիլիկիա, ինչի արդիւնքը եղան «Քառաձայն պատարագ» գիրքը եւ բազմաթիւ դասախօսութիւններ` Հայաստանում եւ սփիւռքի գաղթօճախներում: «Քառաձայն պատարագ» գիրքը լոյս տեսաւ Նիւ Եորքում, 1998-ին, եւ 2018-ին նաեւ այս գրքի յոբելեանն է` 20-ամեակը:

Երկրի մասին ուղղակի կամ անուղղակի կերպով խօսելիս` Մարգարեանը յաճախ դիմում է բազմաթիւ ու բազմապիսի խորհրդանիշերի օգնութեանը, որոնք օժտուած են խօսքը ոճաւորելու անսահման կարողութեամբ: Դրանք կարող են լինել ամենատարբեր իրեր եւ երեւոյթներ, վերացական հասկացութիւններ, անձնանուններ, տեղանուններ եւ այլն, եւ այլն: «Խորհրդանշանը գեղարուեստական լեզուի պատկերաւորութեան միջոցներից մէկն է, որը որոշակի ընդհանրութեան հիման վրայ ընդունւում է որպէս մի այլ երեւոյթի կամ հասկացութեան (գաղափարի) պայմանական անուանում»[2]:

«Քառաձայն պատարագ» գրքի արդէն առաջին տողերում հանդիպում ենք խորհրդանիշների: Որքան էլ տարօրինակ լինի, դրանք են` մկրատը, մեծ մօր գործած տոպրակը` ջուալը, պապենական կալուածքի թուղթը: Սրանք խորհրդանիշներ են, քանզի Հրանդի հայրը` Մանուկը, այս երեք իրերն է հետը վերցրել Երկրից, պապենական տնից, որտեղ վերադառնալու հնարաւորութիւնը այդպէս էլ չունեցաւ: Ինչպէս նշում է հեղինակը. «Մեր տան մէջ միշտ ակնածանքով կը նայէինք հօրս բերած Երկրի երեք իրերուն: Անխօս կտակ մըն էին անոնք, անտեսանելի կապ մը` մեր տան եւ մեր Տան միջեւ… Փաստաթուղթը սեւ մելանով արաբատառ թուրքերէնով մեծադիր էջ մըն է… Հիմա, մեր նոր տան պատերը զարդարող նկարներուն մէջ այդ յստակօրէն ընթեռնելի փաստաթուղթը, մաքուր շրջանակուած, յատուկ տեղ կը գրաւէ ու ինծի համար դարձած է մեր պատմութեան եւ մարդկային անիրաւութեան մնայուն յուշարար մը»(12):

Խիստ իրական ու առարկայական խորհրդանշաններից Մարգարեանն անցում է կատարում վերացարկուած ու աննիւթական խորհրդանիշերի` խօսելով այն դատարկութեան, այն մեծ խոռոչի մասին, որ իր հետ բերել է Երկրի կորուստը: Այս խոռոչը նա անուանում է` «Մեծ բացատ», որը եւս խորհրդանշան է, սակայն այնպիսին, որն իր մէջ ներառում է բազմաթիւ խորհրդանիշեր: «Ամէն գիտակից հայ «սեւ փոս»-ի նման Բացատ մը ունի իր ենթագիտակցութեան մէջ, եւ որուն ինչ ըլլալը չի գիտեր: Անուն չունի այդ Բացատը: Շուրջը կը դառնանք ազգովին ու կը փորձենք ածականներով բնորոշել` կարօ՞տ, պահա՞նջ, բարկութի՞ւն, վրէ՞ժ, դառնութի՞ւն, անկարողութի՞ւն, անտեսուածութի՞ւն, անարդարութի՞ւն, պահանջատիրութի՞ւն…: Յստակ անուն չունի այդ «Մեծ բացատը», սակայն կը կրծէ, կը տանջէ, կը հիւծէ մեր զգացական աշխարհը»(16-18):

Այնուհետ գալիս է խորհրդանշանների մի այլ տեսակ, որն ընթերցողին ուղեկցում է մինչեւ գրքի վերջը եւ շարունակում իր կենդանի ներկայութիւնը նրա կեանքում. աշխարհագրական անունները: Սրանք աշխարհագրական պարզ անուններ չեն, այլ` կորուսեալ հայրենիքի պատառիկներն ու Երկրի խորհրդանիշերը: Սրանցից ամէն մէկը իւրովի է ներազդում հեղինակի եւ ընթերցողի հոգեկան աշխարհի վրայ` առաջացնելով ամենատարբեր զգացողութիւններ, որոնցից անփոփոխ ու բոլորի դէպքում նոյնն է մէկը` կորստի ցաւը: Եւ Հրանդ Մարգարեանը մեզ ուղեկցում է իր ուխտի ճանապարհով` իւրաքանչիւր հանգրուանին կիսուելով արձակ, յաճախ չափածոյ խորհրդածութիւններով: Աւելացնենք, որ գիրքը երկմաս է` հայերէն եւ անգլերէն բաժիններով, ինչով ներգրաւում է ընթերցողների շատ աւելի լայն շրջանակ:

Ուխտագնացութիւնն սկսւում է Պոլսից, որտեղ ուխտաւորները հանդիպումներ են ունենում տեղի հայ մտաւորականների հետ: Դեռ մինչեւ Պոլիս մեկնելը Հրանդ Մարգարեանը երեք քառատողի մէջ ամփոփում է իր ուղեւորութեան նպատակը.

Փշալարուած պատմութեան
սեւ ու արնոտ դէպքերով
ես բեռնաւոր ուղեւոր
կ՛երթամ ես Ինձ գտնելու…(20)

Որոնում-ուխտագնացութեան առաջին կանգառը պատմական Այնթապ քաղաքն է: Հէնց առաջին կանգառին, առաջին քայլերից Երկրի խորհրդանիշներին զուգահեռ, հեղինակը խորը ցաւով բացայայտում է (երեւի ճիշդ կը լինի ասել) հակախորհրդանիշերը. քաղաքի կեդրոնական հրապարակում Մուսթաֆա Քեմալի արձանն է` ձին հեծած, աջ թեւը դէպի առաջ պարզած: «Կարելի չէ ներկան առանձինն տեսնել` առանց պատմական կապուածութեան,- գրում է Հրանդ Մարգարեանը,- ամէն քայլափոխիս պատմութիւնը զուգընթաց կը քալէ հետս եւ ճնշիչ ներկայութիւն մըն է մէջս» (24):

Ինչպէս ուխտագնացութեան միւս փուլերին, այնպէս էլ այստեղ հեղինակն անցնում է պատմական ակնարկի` համառօտ կերպով ներկայացնելով քաղաքի, այստեղ գործած եկեղեցիների, կրթական, մշակութային օճախների պատմութիւնը:

Յաջորդ խորհրդանշան-կանգառը Ամենայն հայոց կաթողիկոսանիստ սրբավայր Հռոմկլայ բերդաքաղաքն է: Այստեղ են ապրել ու գործել կաթողիկոսներ` Գրիգոր Պահլաւունին, Գրիգոր Դ. Տղան, Կոնստանդին Ա. Բարձրաբերդցին: Այստեղ է իր ծովածաւալ ժառանգութիւնը ստեղծել Ամենայն հայոց կաթողիկոս Սուրբ Ներսէս Շնորհալին` Կլայեցին:

Ապա հասնում են Մուսա Լեռ: Մուսա լեռը ոչ միայն հայրենիքի, այլեւ նրա ազատատենչ ոգու եւ ազատագրական շարժման խորհրդանիշն է, այս լերան վրայ է կերտուել այն հերոսամարտը, որը հետագայում իր արտացոլումը գտաւ Ֆրանց Վերֆելի հանրայայտ վէպում: Մուսա Լեռը, սակայն, յայտնի է ոչ միայն իր հերոսամարտով: Ինչպէս նշում է հեղինակը. «Մտովին կը վերակառուցեմ պատմութիւնը` Պիթիասի արեւմտեան կողմը կը գտնուէր Ս. Յովհան Ոսկեբերանի ճգնավայր մատուռը, իսկ հիւսիսարեւելեան կողմն ալ` Ս. Եղիայի ճգնավայր-քարայրը, 1915-ին հայերու ամբողջական թիւն էր 5311 հոգի, 1235 ընտանիքներէ բաղկացեալ: Հայկական գիւղերն էին` Քեպուսիյէ, Վագըֆ, Խտրպէկ, Եողուն-Օլուք, Հաճի-Հապիպլի, Պիթիաս եւ Նոր Զէյթուն»(44):

Յուզիչ է յատկապէս Վագըֆ այցելութիւնը: Այս գիւղում երեսուն ընտանիք է ապրում, որից քսանը հայկական են: Վերանորոգում էին Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցին, որի օծումը նախատեսւում էր օգոստոսին: Մտադիր էին նաեւ հայկական դպրոց բացել: Փորձելով յաղթահարել հոգեկան խորը խռովքը` Մարգարեանը գրում է. «Մեր ազգի ապագայ սերունդները դե՜ռ իրենց պապենական հողերուն վրայ են: Արեւմտահայաստանի վերջի՜ն բեկորները` թառած լեռներու գագաթին… Այդ խնկելի մարդիկը, Անատոլուի տարածքին ցրուած հատուկտոր հայերու հետ վերջի՛ն պահակներն են, հո՛ն են, հայրենի հողին վրայ… Ու կը խորհրդածեմ…»(48):

Այս խորհրդածութիւնների արդիւնքն է «Պահակները» բանաստեղծութիւնը, որն ամբողջութեամբ կառուցուած է այլաբանական պատկերներով: Պահակները եւս խորհրդանիշ են, այս դէպքում` Երկրի հողի վրայ վերջին հայեցի ապրողների խորհրդանիշը.

Պատմութեան պէս լո՜ւռ պահանջ
խոհ ու արմատ, տաք հող են
պահակները այս վերջին…(50):

Շարունակւում է ուխտի ճանապարհը Անարզաբա, Ուրֆա (Եդեսիա), Կարմուճ, Նեմրութ տաղ, ապա երկարում` Եփրատի ափերով: Աստուածաշնչային, հայ ժողովրդի համար նուիրական այս գետի վտակ Արածանիում են Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի ձեռամբ մկրտուել հայոց արքայական ընտանիքը, ազատանին եւ ժողովուրդը:

Փոխուել են ժամանակները, 1915-ին Եփրատի ալիքների մէջ իրենց մահկանացուն կնքեցին եւ յաւիտենական կեանքի փոխուեցին բազմաթիւ անմեղ հայ կանայք ու աղջիկներ: Մեսրոպ սրբազանը հոգեհանգստեան պաշտօն է կատարում, եւ յանկարծ Եփրատն էլ է դառնում խորհրդանիշ, Անանուն զոհերի խորհրդանիշը:

Ապա Մալաթիա` Խարբերդ, Բալու, Հաւաւ գիւղ, որտեղ ծնուել է Մեսրոպ արք. Աշճեանի մայրը` Մարթան:

Յաջորդ կանգառը Տիգրանակերտն է: Սա արդէն հայոց պետական հզօրութեան խորհրդանիշն է: «Մեծն Տիգրան` հայոց պատմութեան անկրկնելի հսկան, բացառապէս կազմակերպող, դարուն լեզուն հասկցող, ամէնէն զօրաւոր արքան եղած է մեր պատմութեան մէջ: Հայոց պատմութեան տեւողութեան Տիգրանը միակն է, որ կարողացած է քաղաքական յարգանք պարտադրել շրջանի երկու հզօր պետութիւններուն` Հռոմին եւ Պարսկաստանին: Միակն է, որ կարողացած է Հայաստանի սահմանները ընդլայնել եւ տարածել ծովէ ծով: Միակն է, որ Հայաստանը վերածած է կայսրութեան… Եթէ մեր պատմութեան ընթացքին քանի մը Տիգրաններ ունեցած ըլլայինք, մեր պատմութիւնը, հաւանաբար, տարբե՜ր ուղղութիւն ստանար: Տիգրանի գահակալութենէն երկու հազար տարի ետք, Տիգրանակերտի մէջ, բոլո՛ր քրիստոնեաները հայերէն կը խօսէին: Խաչ հանողը հայ քրիստոնեայ կը սեպուէր: Ահա Տիգրանի ուժին մարմնացումը»(78):

Տիգրանակերտում է գտնւում եօթ խորան ունեցող Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին, որը հետագայում պիտի վերակառուցուէր, օծուէր 2012-ին, գործէր, յետոյ նորից աւերուէր նոյն ջարդարարի ձեռքով:

Ապա ուխտաւորներն այցելում են Մուշ, պատմական Տուրուբերան աշխարհ, Տարօն գաւառ: Մուշը եղել է գրչութեան կեդրոն, 1915-ին այստեղ ապրել է 9000 հայ, գործել է եօթ եկեղեցի: Տարօնի Հացեկաց գիւղում է ծնուել եռամեծ սուրբը` Մեսրոպ Մաշտոցը: Հայոց աշխարհի ամենամեծ սրբավայր-ուխտավայրերից մէկը եղել է Մշոյ Սուրբ Կարապետ վանքը: Այս կողմերն անապահով են համարւում քրտական հաւանական յարձակումների պատճառով, եւ ուխտաւորներին չի արտօնւում մեկնել վանք: Նայելով անկատար մնացած երազի` սրբատեղիի ուղղութեամբ` հեղինակը մրմնջում է, եւ ծնւում է նոր բանաստեղծութիւնը. «Զաւակներդ խունկ ու մոմով ոտքդ եկան, բայց չհասան…»(88):

Ուխտաւորների խմբի կէսը ուղղութիւն է վերցնում դէպի Վան: Վան տանող ճանապարհն անցնում է Պիթլիսով, որտեղ ծնուել են Ուիլիըմ Սարոյեանի ծնողները: Ճանապարհ ընկնելուն պէս հեղինակն անհուն կարօտով ու սիրով սկսում է խօսել Վանի մասին, որը հայոց (այսօր աւելի ու աւելի շատ գիտնականների պնդմամբ` աշխարհի) պատմութեան սկզբնավայրն է: Ըստ այդմ` նա խորհրդանիշն է սկզբի, խորհրդանիշն է դրախտի, խորհրդանիշն է յաւերժութեան:

Ի՞նչ էր Վանը մինչեւ 1915-ը: «Վան եղած է Արա Գեղեցիկի, Երուանդեան (Դ-Բ դար Ք.ա.) եւ Արծրունեաց հարստութեանց մայրաքաղաքը (908-1021). 1915-ին Վարագայ վանքը Վանի առաջնորդանիստ վայրն էր: Հայութեան թիւը եղած է 23000, որոնք ունեցած են հետեւեալ եկեղեցիները. Ս. Տիրամայր կամ Ս. Նշան, Ս. Պետրոս, Ս. Պօղոս, Ս. Էջմիածին, Ս. Ստեփանոս, Ս. Վարդան, Ս. Սահակ, Ս. Ծիրանաւոր եւ Ս. Աստուածածին, որ ամէնէն մեծ եկեղեցին եղած է: Վանի աշակերտներուն թիւը եղած է 4000: Վանի մէջ Խրիմեան Հայրիկ հաստատեց գաւառի առաջին թերթը` «Արծուի Վասպուրականի»-ն. 1872-ին բացաւ աղջկանց առաջին դպրոցը եւ հաստատեց Վարագայ վանքի Ժառանգաւորաց վարժարանը: Վանը հանդիսացաւ հայ ազատագրական շարժման կարեւոր կեդրոններէն մին… Վասպուրականը կերտեց իր հերոսամարտը 1915-ին ապրիլ 7-էն մայիս 6…» (90): Խօսել կարելի է անվերջ:

Ի՞նչ է այսօրուայ Վանը… Այստեղ եւս Մարգարեանը բախւում է հակախորհրդանիշերի, չսպիացող վէրքի ու այրող ցաւի հետ ու գրում «Հակապատկեր» չափածոյ խորհրդածութիւնը:

Ուխտաւորներն այցելում են Վանայ ծով, Աղթամար կղզի, Սուրբ Խաչ եկեղեցի, Վարագավանք, Նարեկավանք, որից երկու աղիւս է միայն մնացել, մագլցում են Սուրբ Գրիգոր Նարեկացու ճգնարան, Մհերի դուռ:

Բզնունեաց ծովակի ափին հեղինակը դէմքն է թրջում աղի ջրով` յիշելով հօրը, որը մանուկ հասակում ո՞վ գիտէ, թէ ի՛նչ երջանիկ պահեր է այստեղ ապրել, հօր մանկութեանն է հակադրում իր մանկութիւնը` արդէն անցած օտարութեան մէջ ու գրում «Վանայ ծովու ափին» բանաստեղծութիւնը.

Կը մրմնջեմ ես յուշիկ`
Ծո՜վ, պարուրէ ինձ մէջդ:
Քեզի շա՜տ եմ երազեր,
Քեզ որբութիւնս եմ բերեր…(94)

Խորը կսկիծով է Հրանդ Մարգարեանը խօսում նաեւ Վարագավանքի երբեմնի փառքի եւ ներկայ անմխիթար վիճակի մասին, նաեւ Աղթամարի Սուրբ Խաչ հոյակերտ եկեղեցու, նրա անկրկնելի զարդաքանդակների, Մանուէլ ճարտարապետի տաղանդի, հրաշքը մի փոքր վայելելու եւ բաժանման կրծող պահի մասին, որտեղ «մթութիւնը կ՛իջնէ: Լուսին ալ չկայ: Կայ բացարձակ խաւար մը: Մութին մէջ չ՛երեւար կղզին… չ՛երեւար նաեւ որբացած խաչը… Կայ միայն սարսափելի լռութիւն մը, որ կը կրծէ էութիւնս…»(112):

Վանի պանդոկի ճաշարանում Հրանդ Մարգարեանը «Տլէ եաման» է երգում: Այս երգը վանեցիների խորհրդանիշերից մէկն է. նրանք այն երգում էին բոլոր` ուրախութեան թէ տխրութեան պահերին, իսկ հեղինակը դա այսպէս է բնորոշում. «Երգս բոլոր լռած աշուղներու… եւ ինծի` անկոչ հիւրիս համար է. նաեւ` բոլոր անոնց, որոնց պապերը այստեղ կ՛ապրէին ընդամէնը ութսուն տարի առաջ»(102):

Վանի վերջին կանգառը Շուշանց գիւղն է, հեղինակի հայրենիքը, հօր ծննդավայրը: Սա նաեւ Հրանդ Մարգարեանի անհատական խորհրդանիշն է, եւ պատահական չէ, որ այստեղ ուղեգրութիւնը ձգւում է, ներառում այլեւայլ պատմական փաստեր, հոգեբանական շերտեր, փիլիսոփայական խորհրդածութիւններ: «Ըստ Խրիմեան Հայրիկին Շուշանց գիւղին մօտ եղած է Կարմրաւոր վանքը, կառուցուած` Ս. Գրիգոր Լուսաւորչին կողմէ, որուն տեսիլին մէջ Մարիամ Աստուածածին երեւցած է կարմիր զգեստով, այդ պատճառով ալ վանքը կոչուած է Կարմրաւոր վանք: Հոն եղած է նաեւ Լուսաւորչի ճգնավայրը, ուր Խաչի տօնին առթիւ քաղաքէն ու գիւղերէն ժողովուրդը ուխտի կու գար: Գիւղին մէջ կար եւ Շուշանցի Ս. Գէորգ եկեղեցին եւ Շուշանիկ իշխանուհիի խաչքար-դամբարանը… Հօրս ձայնը ականջիս մէջ է` «եկեղեցւոյ մէջ դպրութիւն կ՛ընէի… Կը մտաբերեմ` հո՞ս, այս վայրի՞ն մէջ, հայրս շապիկ հագած ու շարակա՞ն երգած է, մեր բարեպաշտ ժողովուրդը հո՞ս եկած է ուխտի: Տիրող ամայութեան պէս, ապտակուած ու չորցած եմ ես ալ: Չեմ գիտեր` ինչ կը զգամ» (116-118):

Յաջորդ օրը Հրանդ Մարգարեանն անջատւում է խմբից եւ կրկին այցելում Շուշանց` ուխտը կիսատ չթողնելու, Շուշանցի նորանոր խորհրդանիշերը փնտռելու: Քրտերի հետ երկար հարցուփորձը Ապարանջան աղբիւրի մասին մնում է ապարդիւն, գտնում են մի այլ աղբիւր, որից ջուր է վերցնում հեղինակը, երկար քայլում է պապենական գիւղի փողոցներով, նայում Ձիանթռնուկ ժայռակտորին եւ ուխտում.

Ծունր եկած ես կ՛ուխտեմ`
սրբապղծուած վայրերուն
արմատախիլ մայրերուն,
թէ օղակ մ՛եմ ես կարծր
այն շղթային փշրուած
որ իմ ծնունդը կապեց
այս ժայռերու գագաթին…(128)

Նաեւ յաւելում. «Հոգւոյս մէջ հողիս կորուստը, ձեռքս` շիշ մը պապենական աղբիւրի ջուր, կը հեռանամ Շուշանցէն: Վերադարձիս խօսելու տրամադրութիւնս ամբողջովին չքացեր է… Բայց Ապարանջան աղբիւրը գտնելու վճռակամութիւնս անխախտ է: Օր մը պիտի գամ նորէն, պիտի գամ նախնիներուս ջուրով օրհնուելու…» (124):

Ինչպէս միշտ երկակի զգացումներով լեցուն` ուխտաւորներն ուղեւորւում են դէպի Կարս ու Անի: Ճանապարհը երկար է` մօտ եօթ ժամ, եւ ընթանում է Արարատի փեշերով: Արարատն արդէն աշխարհի ցանկացած անկիւնում ապրող իւրաքանչիւր հայի եւ ողջ հայութեան խորհրդանիշն է: Հայն «Արարատ» է անուանել իր սրտին ամենամօտն ու հարազատը իր զաւակից, իր բնակավայրից սկսած մինչեւ իր սիրելի ֆութպոլային ակումբը: Սրբազան լերանը ձօնել է բազմաթիւ ստեղծագործութիւններ, նրա նկարներով զարդարել իր շրջապատը:

1984-ին Ամենայն հայոց կաթողիկոս Վազգէն Ա.-ի օրհնութեամբ լոյս է տեսնում Արարատի ալպոմը` կազմուած քառասուն նկարներից եւ հայ ու այլալեզու անուանի ստեղծագործողների Արարատին նուիրուած քառասուն ստեղծագործութիւններից կամ հատուածներից` խորքի մէջ նպատակ ունենալով լինել «Հրաւէր հայրենեաց, կոչ արդարութեան եւ ստուգութիւն գալիք յաղթութեանց»(3):

Իսկ քառասունի այս շարքը բացւում է Աստուածաշնչի տողերով. «եւ նստաւ տապանն յեւթներորդում ամսեանն ի քսան եւ յեւթն ամսոյն ի լերինս Արարատայ»(4):

Ուխտաւորները եւս անզուսպ ցանկութիւն ունեն լուսանկարել ու լուսանկարել Արարատը, սակայն հեղինակը յանկարծ հասկանում է, որ. «անկարելի է այս լեռը նկարել: Չկա՛յ, ո՛չ լուսանկարչական գործիք, ո՛չ ալ նկարչական տաղանդ, որ կարողանայ այս ամբողջութիւնը սահմանել: Շրջանակով չի՜ կաշկանդուիր… Միայն աչքով պէտք է տեսնել եւ հոգիով ըմբոշխնել իր յարափոփոխ խորհրդաւորութիւնը» (130):

Ու դարձեալ չափածոյ խորհրդածում է.

Տո՜ւր ինձ` որ խմեմ քար լռութիւնդ:
Տո՜ւր ինձ` որ ապրիմ դառն մենութիւնդ:
Տո՜ւր ինձ` որ դառնամ խաչելութիւնդ: (132)

Յաջորդում է Բերկրիի հրաշագեղ ջրվէժը, ապա Իգտիր, Կարս, Կարսի Սուրբ Առաքելոց եկեղեցի` կառուցուած Աբաս Բագրատունու օրօք, 928-953թթ.: Եկեղեցին կանգուն է, բայց չկայ կողքի զանգակատունը, ուխտաւորները միայն կողքի պատուհանից հանուած ձողի շնորհիւ են կարողանում ներս սողոսկել. «Խորանը պարապ, գմբէթը պատկառելի», սակայն կայ ցնցող սառնութիւն, որ թափանցում է մինչեւ հոգու խորքը:

Յաջորդ կանգառը Անին է` հազար ու մէկ եկեղեցին, եւ Հրանդ Մարգարեանը դարձեալ մտովի վերադառնում է պատմութեանը: Անին եղել է Բագրատունեաց հարստութեան մայրաքաղաքը եւ հոգեւոր, մշակութային, տնտեսական մեծ կեդրոն, որի մասին կարելի է շատ երկար խօսել: Նորից ու նորից «ներկան կը հակադրուի հազարամեայ շքեղանքին: Քանի մը եկեղեցի, մէկ մզկիթ, փլատակներ ու քարե՜ր, քարե՜ր, որոնք բողոքող մացառներու պէս մարդուս ոտքերուն կը փաթթուին»(138):

Ուխտաւորներն այցելում են Անիի մայր տաճարը` կառուցուած Տրդատ Ճարտարապետի կողմից, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ (աւելի ծանօթ` Տիգրան Հոնենցի եկեղեցի անունով), Սուրբ Գրիգոր (Ապուղամրենց), Սուրբ Փրկիչ եկեղեցիները: Սրտաճմլիկ է յատկապէս վերջինը, որը ոչ կանգուն է, ո՛չ էլ փլուած, այլ` կիսուած եւ յիշեցնում է մեր ազգային ճակատագիրը: Եթէ առաջ Անին ծաղկուն կեանքի խորհրդանիշն էր, այսօր աւերակուածութեան խորհրդանիշն է, եւ հեղինակը խոր ցաւով յիշում է ժողովրդական ասացուածքը` «Անին շէն, աշխարհս աւեր, աշխարհս շէն, Անին աւեր…» (150):

Հետեւում է Կարսից թռիչք Պոլիս, այցելութիւն հայ գրողների շիրիմներին, ապա թռիչք` Նիւ Եորք, տուն… արդեօ՞ք այստեղ պէտք է լիներ հայ մարդու տունը…

Ամբողջ ուղեւորութեան ընթացքին Հրանդ Մարգարեանն ուշի-ուշով հետեւում է յուշարձանների ցուցանակներին, զբօսաշրջիկների համար պատրաստուած գունաւոր գրքոյկներին, ապա արձանագրում. «Պատմական Հայաստանի իմ ուղեւորութեան, միա՛կ տեղը, ուր «հայ» բառը տեսայ, Աղթամար կղզին տանող նաւահանգիստին ափին` ցուցատախտակի մը վրայ էր, ու կ՛ըսուէր. «Եկեղեցին կառուցած է ճարտարապետ Մանուէլ, Վասպուրականի հարստութեան հայ թագաւոր Գագիկի ժամանակ»»(170):

Ի՞նչ է եղածը, եթէ ոչ` մշակութային ցեղասպանութիւն, «որ կը միտի վերջնականապէս անէացնել Հայ դատը» (172):

Մէկ անգամ եւս խորհրդանշաններն ու հակախորհրդանշանները հակադրւում են միմեանց` կրկին պատճառելով անասելի տառապանք. «Անցեալը` պայծառ, ներկան` փլատակ: Անցեալը` հայերով լեցուն, ներկան` քիւրտերով եւ թուրքերով: Անցեալը` հայ մշակոյթի օրրան, ներկան` հայ մշակոյթի գերեզման: Անցեալը` շէն ու շէնշող, ներկան` քանդուածութիւն, ոչնչացում եւ անէացում…» (172):

Սակայն, ինչպէս շատ յաճախ, այս անգամ եւս տառապանքից ծնւում է Ճշմարտութիւնը, եւ ամբողջանում է Երկրի քառաձայն պատարագի պատգամը. «Ամէ՛ն գնով, առանց որեւէ՛ վերապահութեան, ամբողջակա՛ն նուիրումով` զօրացնել ինծի պատկանող մեն ու միա՛կ հողը` Հայաստանը» (184):

* * *

Այս տողերը թղթին յանձնելուց անցել է ուղիղ քսան տարի: Այս քսան տարիները (ինչպէս նաեւ դրանց նախորդածները) փաստում են, որ Հրանդ Մարգարեանը հաւատարիմ մնաց աղաղակող քարերի երկրի քառաձայն պատարագի պատգամին եւ իր խոստմանը: Նրա կեանքը եղաւ նուիրում` Հայրենիքի շէնացման գործին:

Հրանդ Մարգարեան մարդու եւ ստեղծագործողի մասին կարելի է անվերջ խօսել, ինչը հնարաւոր չէ մէկ յօդուածի շրջանակում: Տեղի սղութեան պատճառով բաւարարուենք այսքանով, երկար տարիների առողջ կեանք ու բեղուն գործունէութիւն մաղթենք Հրանդ եւ Ժանետ Մարգարեաններին` ի պայծառացումն մեր հայրենիքի եւ ի վայելումն մեր ժողովրդի:

————–

1.- Հրանդ Մարգարեան «Քառաձայն պատարագ», Նիւ Եորք, 1998, էջ 16: Այսուհետեւ այս գրքից կատարուող մէջբերումների էջերը կը նշուեն խօսքաշարում` փակագծերի մէջ:

2.- Էդ. Ջրբաշեան, Հ. Մախչանեան, «Գրականագիտական բառարան», Ե., 1980, էջ 145:

3.- Վազգէն Ա., Կաթողիկոս ամենայն հայոց, «Արարատ», Մայր Աթոռ Սուրբ էջմիածին, 1984:

4.- Աստուածաշունչ մատեան, Հին կտակարան, Հայաստանի Աստուածաշնչային ընկերութիւն, 1997, էջ 7:

Ռեփլիքի Կարգով

0
0

ՅԱԿՈԲ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ

Յօդուածագիրին մտահոգութիւնները տեղին գտնելով հանդերձ, պարզապէս կ՛ուզենք նշել, որ «Ազդակ»-ի 5 հոկտեմբերի մեր թիւով անդրադարձած էինք Արարայի ճակատամարտի 100-ամեակին` յատուկ յօդուածով մը, որ կը կրէր «Հարիւրամեակ Արարայի յաղթանակին . Պաղեստին (14 սեպտեմբեր 1918-1919¬սեպտեմբեր 2018) Արեւելեան Լեգէոնը կը դառնայ հայկական լեգէոն – Légion Arménienne» խորագիրը եւ Լեւոն Ճերմակեանի ստորագրութիւնը (http://www.aztagdaily.com/archives/410900):

ԽՄԲ.

Այսօր ոչ ոք չի կասկածում` սփիւռքը օր օրի հիւծւում է, նուաղում: Բոլորը դա տեսնում են եւ անխտիր տագնապի լալահառաչ ձայն բարձրացնում` ի՞նչ անել, թէեւ այդ ձայնն  էլ արդէն հնչում է հռետորականի պէս ու սիրտ չի մտնում, որ այն թունդ հանի: Ուրեմն, իսկապէս, ի՞նչ անել: Գուցէ պէտք է յետահայեաց փորձենք ոչ թէ միայն արձանագրել եղածը, այլ հասկանալ` ի՞նչ կարելի էր անել, որ  այդպէս էլ չենք արել ու շարունակում ենք չանել: Գուցէ ժամանակն է դադարեցնելու մինչ օրս կեանքից կտրուած, անհեռանկար, ինքնանպատակ, սին ու անարդիւնք բանավէճերը, որոնք տեղի են ունենում կարծեցեալ ճիշդ ու սխալի արանքում, եւ հասկանանք, որ նման գործելակերպով մեր մատաղ սերնդին ենք անհոգութեան մատնում ու դրանով իսկ մաշեցնում ազգային ոգին, պոկոտում նրա թեւերը ու ի վերուստ թռչելու համար ծնուածներին լաւագոյն դէպքում քայլեցնում ենք: Զարմանալի է, բայց եւ անուրանալի իրականութիւն, որ հայութեան մէջ ազգային գործիչները բազմահազար են, իսկ ազգին նուիրեալները` յատուկենտ, որը եւ յանգեցրել է ազգային ոգեղէնութեան  սովին: Ահա ինչի պակաս ունեն սփիւռքն ու Հայաստանը: Ահա, ինչպէս ժողովուրդը կ՛ասէր, որտե՛ղ է թաքնուած շան գլուխը: Հաւանաբար ոմանք ինձ հետ մասամբ չհամաձայնուեն կամ ընդհանրապէս չընդունեն, միեւնոյնն է, դրանից իրականութիւնը չի փոխուի: Վերջապէս  հայութիւնը պիտի գիտակցի` իր գոյի երաշխաւորը ազգային ոգեղէնութիւնն է, որ  նրա շարժիչ ուժն է, եւ այն ունակ չէ տարրալուծուելու  ոչ մի պարագայում ու ոչ մի միջավայրում: Այն ընդհանրական արարող ընթացք է, ինչը յարգել ու սիրել է պէտք, ինչը եւ  կը փոխհատուցի մի իմաստութեամբ, որն արդարացնում է մարդկային ծնունդի առաքելութիւնն ու յաւերժութեան խորհուրդը ազգի ինքնութեան` իբրեւ թեւ ու թիկունք Արարատին, ասել է թէ` հայկականութեանը: Ազգային ոգեղէնութիւնը յիշողութեան կենարար ուժանիւթն է: Յիշողութիւնը հայրենիք է: Յիշողութիւնը ես եմ , դու ես , նա է, մեր ներկան է: Աստուած չանի` խաթարուի մեր յիշողութիւնը, խաթարուի հայի ոգեղէն ընթացքը, որի յայտնութիւնն է հայ ժողովրդի պատմութիւնը: Բայցեւայնպէս ինձ անհանգստացնում է այն միտքը, որ խորհրդային ժամանակաշրջանում խեղաթիւրուած պատմութիւնը հիմա էլ ընթանում է իներցիոն տրամաբանութեամբ ու շարունակում է խորացնել ինչ-որ չափով մեր ճաք տուած յիշողութիւնը: Կարծում եմ` այսօր աւելի քան անհրաժեշտ է հայի յիշողութեան թարմացում, որպէսզի փակուեն այն ճաքերը, որ առաջացել է օտար ուժերի շահերը սպասարկող բռնութիւնից, ինչը ոչ այլ ինչ է, եթէ ոչ` բռնաբարուած ճշմարտութիւն:

Վերջերս աննկատ անցաւ Կիլիկիայի ազատագրութեան համար կազմաւորուած, հայկական լեգէոնիէ յաղթական Արարայի ճակատամարտի

100-ամեակը, ճակատամարտ, որը համաշխարհային պատմութեան մէջ յայտնի պաղեստինեան ռազմաճակատում Մեկիտոյի ճակատամարտի փառապանծ յաղթանակին  նպաստ բերած սխրանք է: Հայի զէնքը շառաչեց յանուն արդարութեան, իրաւունքի ու վրէժի: Հայկական լեգէոնի կամաւորական զինուորները հային վերադարձրին Եղեռնով խոնարհուած ազգային արժանապատուութիւնը: Հայ զինուորները մարտադաշտում կեանքի գնով խնկարկեցին յիշատակը նահատակաց ու վաստակեցին արիւն-քրտինքով հայրենիքին տէր կանգնելու արդար իրաւունքը: «Հայկական լեգէոնը» մարտերում միայն յաղթանակներ տօնեց: Հայ կամաւորական զինուորը իրենից կախուած ամէն ինչ արեց, որ նպատակին հասցնի ազգային-ազատագրական իւրատեսակ շարժումը, որն ինքնաբուխ առաջացել էր Կիլիկիայի ազատագրութեան համար: Այն այնքա՜ն վիթխարի էր, որ մէկ մարդու կամ կուսակցութեան խելքի բանը չէր. կարող էր անել ժողովուրդը: Հայ զինուորը մտաւ Կիլիկիա, բայց, ցաւօք, հայ դիւանագէտը պարտուեց: Ուրեմն` ի՞նչ է, չյարգե՞նք հայրենեաց զինուորի յիշատակը: Այսօր մատաղ սերունդը ազգի մահապարտով կրթուելու ու հպարտանալու անհրաժեշտութիւն ունի ու իրաւունք` որպէս նրա արժանաւոր ժառանգ: Ի վերջոյ նրանց հանդէպ ակնածանքի ու սիրոյ խոնարհումի պարտականութիւնը  ո՞վ իրաւունք ունի խլելու իր քաղաքական կարճատեսութեամբ: Ի հարկէ, ոչ ոք: Այդ դէպքում, ինչո՞ւ այսօր անտեսուեց համաժողովրդական ինքնաբուխ շարժումը, որն իր ճանապարհին ունեցաւ Արարայի յաղթական ճակատամարտը 1918 թուականին. ժողովուրդն այն հաւասարեցնում էր Ղարաքիլիսային, Բաշ Ապարանին, Սարդարապատին: Ո՞ւր են նայում սփիւռքի աւանդական կուսակցութիւնները, հազար ու մի կազմակերպութիւնները, հոգեւորականն ու աշխարհիկը. չէ՞ որ կամաւորական լեգէոնականները մեր պապերն էին եւ մեզ համար էին իրենց թանկագինը` կեանքը դրել հայրենիքի զոհասեղանին: Նման անյարգալից վերաբերմունք հայրենասիրական, հայրենապաշտական, նուիրումի ու  մաքուր ազգային ոգեղէն երեւոյթի նկատմամբ չգիտեմ ինչպէս բնութագրեմ, մանաւանդ սփիւռքից զատ , երբ ունենք հայկական պետութիւն` ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ: 100 տարուայ ընթացքում, բացի 1927 թուականին Երուսաղէմի Սուրբ Փրկիչ վանքի ազգային գերեզմանոցում Արարայի քաջերին կանգնեցուած մահարձանից, աշխարհում ոչ մի տեղ, գէթ մէկ յիշատակի յուշարձան կամ խաչքար չտեղադրուեց, փողոց, դպրոց, մշակոյթի օջախ չկոչուեց: Ներողութիւն, թերեւս միայն Հրազդան քաղաքում է, որ կայ մշակոյթի կեդրոն ու պարի համոյթ` «Արարա» անունով: Ինչեւէ, գոնէ Ա. Աշխարհամարտի աւարտի

100-ամեակի օրերին աշխարհին յիշեցնենք, որ մենք Ա. աշխարհամարտի յաղթող Դաշնակցային ուժերի «փոքր դաշնակիցն» էինք: Զարմանալի է, որ Պէյրութում Լիբանանի հայերը հոկտեմբերի 6-ին չնշեցին ու չտօնեցին ազատագրուած Պէյրութ առաջինը մտած հայ լեգէոնականների փառաւոր գործը: Այո՛, 1918 թուականի հոկտեբերի 6-ին ազատագրուած Պէյրութը մտաւ Հայկական լեգէոնի երրորդ գումարտակը, որից յետոյ ճանապարհը դէպի բաղձալի Կիլիկիա բաց էր: 1918 թուականի դեկտեմբերի 17-ին Հայկական լեգէոնի զինուորները ոտք դրեցին երազած Կիլիկիան: Արդեօք այս փաստի 100-ամեակը արժանավայել յիշուելո՞ւ է:

Կար ժամանակ, երբ հայը հային աշխարհի որ անկիւնում էլ հանդիպում էր, անպայման հարցնում էր` բնիկ որտեղացի՞ ես: Նոր ժամանակներում աւելի քան անհրաժեշտ է անսալ արմատներում յորձանք տուող արեան կանչին ու hասկանալ` որտեղի՞ց, ինչպէ՞ս եւ ու՞ր ենք գնում: Այնժամ հայրենիքը կ՛ունենայ յարգարժան զաւակներով կերտուած ճշմարիտ կենսագրութիւն, ոչ թէ մարդկանց մտքերը լղոզած, իրականից դուրս, աղաւաղուած ու քաղաքականացուած պատմութիւն:

 

 

Ոչ Թէ Ծոյլ, Այլ` Ուսումնական Յատուկ Կարիքներ Ունեցող

0
0

ՇԱՂԻԿ ԿՈԿՈՆԵԱՆ-ՉԱՄԻՉԵԱՆ

Կրթական վերամուտը ընթացք առաւ, եւ դպրոցական տարեշրջանը գտաւ իր սովորական ընթացքը: Հանդիպեցանք ժպտուն դէմքերով աշակերտներու եւ ծնողներու գեղեցիկ նկարներու: Լսեցինք դպրոցներու աշակերտութեան թիւին, ուսումնական ծրագիրներուն եւ դպրոցներու վերանորոգման աշխատանքներուն մասին:

Բայց շատ քիչ կ՛անդրադառնանք այն ոսկեայ կամքով աշակերտներուն, որոնց համար, ցաւ ի սիրտ, եւ` մեր յանցանքով, վերամուտը այնքան ալ ուրախ առիթ մը չէ:

Բաւարար չափով չենք անդրադառնար այն ծնողներուն, որոնք չեն յուսահատիր եւ յարատեւ պայքար կը մղեն իրենց զաւակներուն ապագան ապահովելու: Այո՛, խօսքս ուսումնական յատուկ կարիքներ ունեցող աշակերտներու մասին է, որոնք ներկայ են դպրոցներէն ներս, եւ այլեւս ժամանակը հասած է, եթէ ուշ չէ արդէն, խօսելու անոնց մասին եւ աւելի մօտէն հետեւելու անոնց համար տարուող աշխատանքներուն:

Թերեւս զարմանաք, որովհետեւ, երբ հայ աշակերտ կ՛ըսենք, մեր պատկերացումն է «աշխատասէր», «փայլուն», «տիպար» հայ աշակերտը, չակերտեալ աշխատասէր, փայլուն եւ տիպար հայ աշակերտը, որովհետեւ այն աշակերտները, որոնց մասին կ՛ուզեմ խօսիլ, այդ բոլոր յատկանիշները կ՛ամբողջացնեն:

Դժբախտաբար ան, որ այս մարզին մէջ չ՛աշխատիր կամ չէ հանդիպած այսպիսի պարագայի մը, տեղեակ չէ այն հսկայական աշխատանքէն, որ արդէն իսկ սկիզբ առած է, բայց տակաւին երկար ճամբայ ունի կտրելիք:

Համաշխարհային վիճակագրութիւններ կը հաստատեն, որ դասարանի մը աշակերտութեան 10-15 տոկոսը կը ներկայացնէ տարբեր տեսակի ուսումնական դժուարութիւններ, ըլլան անոնք գրելու եւ կարդալու (dyslexia, dysorthographia), կեդրոնացումի (ADHD), հաղորդակցութեան (communication disorders), թէ թուաբանական կարողութիւններու (dyscalculia) հետ առնչուած:

Պիտի վիրաւորեմ հայկական գերակայութեան բարդոյթը, երբ ըսեմ, որ նոյնն է պարագան հայկական վարժարաններուն մէջ: Կը շեշտեմ` չեմ խօսիր «ծուլութեան» մասին, այլ` լուրջ դժուարութիւններ ունեցողներու: Դժուարութիւններ, որոնք կը բարդացնեն այս աշակերտներուն ամէնօրեայ կեանքը, մանաւանդ երբ չենք հասկնար զիրենք եւ կը մերժենք պէտք եղած օժանդակութիւնը անոնց ապահովել:

Չհամարձակինք այս թանկագին երեխաները կոչել «ծոյլ» եւ վնասել անոնց հոգեկան աշխարհը, նոյնիսկ` մէկ առ հարիւրով ժխտական ազդեցութիւն ունենալ անոնց կամքի ուժին վրայ եւ խոչընդոտ դառնալ անոնց ապագայի ձեռքբերումներուն եւ յաջողութիւններուն: Թերեւս կը չափազանցեմ, բայց իրականութեան մէջ փոքր, շա՛տ փոքր եւ անգիտակից վերաբերմունքով է, որ կրնանք լաւ կամ վատ ազդեցութիւն ունենալ այս անհատներուն վրայ:

Անհատ, ոչ թէ` միայն աշակերտ: Այս անհատները ապագային մաս պիտի կազմեն մեր ընկերութեան եւ իրենց ներդրումը պիտի ունենան հաւաքական կեանքին մէջ: Մեր բոլորին պարտականութիւնն է պատրաստել զանոնք հաստատ քայլերով դիմագրաւելու կեանքը դպրոցական տարիներու աւարտէն ետք: Պէտք է օգնենք անոնց, որ շրջանցեն իրենց դժուարութիւնները եւ դառնան ինքնավստահ ու ինքնաբաւ:

Մենք պէտք ունինք գրչին, սուրին եւ բահին, որպէսզի գոյատեւենք իբրեւ ազգ: Այսօրուան պայմանները կը պահանջեն, որ նոյնիսկ բանուորը որոշ ուսման մակարդակ ունենայ: Պայման չէ, որ ամէն անհատ դառնայ լեզուաբան կամ բժիշկ, որպէսզի յաջողած համարուի կեանքին մէջ: Ուսման յատուկ կարիքներ ունեցող աշակերտը կը փայլի այլ մարզերու մէջ, ան գծելու ձիրք ունի, լաւ դաշնակահար է եւ կամ ունի վերլուծական միտք, ան կրնայ դառնալ գիտնական, եթէ կարենայ յաղթահարել իր գրելու դժուարութիւնները, եթէ որոշենք զանց առնել անոր ուղղագրական սխալները: Կ՛ապրինք արհեստագիտութեան դարը, ուր կարելի է գտնել միջոցներ, ձեւեր, լուծումներ` ամէն տեսակի դժուարութիւններու: Օրինակներ են, զորս կը ներկայացնեմ, պարագաները շատ են եւ իւրայատուկ:

Սիրելի՛ ծնողներ, սորվեցուցէք ձեր զաւակներուն հաւասար աչքով նայիլ բոլորին, ընդունիլ եւ օգնել ընկերներուն, երբ դժուարութիւններ դիմագրաւեն, չդատել եւ չբռնաճնշել:

Սիրելի՛ ծնողքներ ուսումնական յատուկ կարիք ունեցող աշակերտներու, կը սրտակցիմ ձեզի: Բնաւ չյուսահատիք եւ շարունակեցէք պահանջել ձեր իրաւունքները, որովհետեւ ձեր զաւակը, որքան ալ մեծ ըլլան անոր դժուարութիւնները, իրաւունք ունի ուսման:

Սիրելի՛ ուսուցիչներ, ձեր դերը շատ մեծ է: Դուք էք, որ պիտի ապահովէք այնպիսի միջավայր, ուր այս երեխաները պիտի զգան ապահով, չյուսահատին եւ սիրեն դպրոցը` հակառակ իրենց դիմագրաւած դժուարութիւններուն: Անոնք ձեր աչքերուն մէջ պիտի փնտռեն եւ ուզեն տեսնել, զգալ որ իրենք ալ` ինչպէս մնացեալը, մաս կը կազմեն այդ դասարանին եւ ընդունուած են այդտեղ:

Ձեր յաջողութիւնը կարող աշակերտին արդիւնքներուն մէջ չէ որ պէտք է փնտռէք, այլ` այն աշակերտին, որ մարտահրաւէր կը ներկայացնէ, այն աշակերտին, որուն ամէն մէկ փոքր նուաճումը պէտք է արժանանայ քաջալերանքի, նոյնիսկ եթէ, բաղդատաբար դասարանի մակարդակին, ան տակաւին հեռու է: Այդ փոքր, բայց իրենց համար մեծ նուաճումներուն մէջ է, որ պէտք է փնտռէք ձեր յաջողութիւնը:

Վերջապէս, տէր ըլլանք մեր զաւակներուն: Հայը իր զաւակը չի թողուր, որ մանաւանդ` դժուարութեան առջեւ: Ընդունելով հանդերձ, որ դիւրին չէ, կայ մարդուժի կարօտ. յաճախ խոչընդոտներու պիտի հանդիպինք, բայց պայքարինք, դուրս ելլենք մեր ապահով պղպջակներուն մէջէն, սրտաբաց ընդունինք այս երեխաները, ըլլանք լայնամիտ եւ ընդգրկենք նորութիւններ մեր ծրագիրներուն մէջ:  Փորձառու ըլլալը այդ մէկը կը պահանջէ: Կատարենք պէտք եղած փոփոխութիւնները եւ հայ ուսումնական յատուկ կարիքներ ունեցող աշակերտը չձգենք հասնի օտար հաստատութիւններ: Այդ մէկը ձախողութիւն է մեզի համար:

Գիտական եւ մանկավարժական մօտեցումով բոլորս միասին աշխատինք` ի շահ ուսումնական յատուկ կարիքներ ունեցող հայ աշակերտին:

 

 

 


Հայաստանի Նոր Բարեկամները` Ըստ Ճոն Պոլթընի

0
0

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան խորհրդական Ճոն Պոլթընը hայաստանեան իր առաքելութիւնը լրումին հասցուց` առանց յուսախաբ ընելու: Ան չթաքցուց իր կառավարութեան հետապնդած նպատակները տարածաշրջանէն ներս եւ չքողարկեց ամերիկեան ակնկալիքները Հայաստանէն:

Պոլթընը նոյնիսկ խոյս չտուաւ Հայաստանի մէջ իշխանութեան փոփոխութիւնը հովանաւորողի տպաւորութիւնը ձգելէ: Ոգեւորուած իր թողած տպաւորութենէն` թելադրական ոճով ան յայտնեց լրագրողներուն. «Եթէ (դեկտեմբերի) ընտրութիւններու արդիւնքներով Փաշինեանը եւ իր քաղաքական խմբակը մեծ մանտաթ ստանան, ատիկա լաւ հնարաւորութիւն կ՛ըլլայ (ղարաբաղեան խնդրի) կարգաւորման հարցի մէջ վճռական քայլերու համար»:

Կասկած չկայ, թէ Պոլթընին համար ի՛նչ կրնան ըլլալ այդ վճռական քայլերը, երբ նկատի ունենանք շաբաթ մը առաջ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու պաշտօնաւարտ դեսպան Ռիչըրտ Միլզի եւ քանի մը օր առաջ Պաքուի մէջ Մինսքի խմբակի ամերիկացի նախկին  համանախագահ Ճէյմս Ուորլիքի խրատականները: Այս երկու դիւանագէտները կը յորդորէին Հայաստանը, պարզ եւ մեկին, որ խաղաղութեան պայմանը հողերու վերադարձն է:

Սակայն, հետեւելով Պոլթընի դիւանագիտական տողանցքին, ի յայտ կու գայ, որ Միացեալ Նահանգներու համար հողերու վերադարձով «խաղաղութիւն»-ը ոչ թէ նպատակ է, այլ` միջոց: Բուն նպատակը այլ բան է: Այդ նպատակը Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանագիծին վրայ չի գտնուիր, այլ` Հայաստան-Իրան սահմանագիծին վրայ:

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի հարցազրոյցին ընթացքին, Պոլթըն հաստատեց թէ իր կառավարութիւնը հետամուտ է «սեղմել Իրանի շուրջ օղակը»: Հետեւաբար պէտք չէ միամիտ ըլլալ ու խաբուիլ, երբ Պոլթըն կը պնդէ, որ «Հայ-ամերիկեան յարաբերութիւնները մեզի համար ռազմավարական նշանակութիւն ունին», որովհետեւ այս «ռազմավարական նշանակութիւնը» գլխաւորաբար կը վերաբերի «Իրանի շուրջ օղակը սեղմել»-ու գործին մէջ Հայաստանին վերապահուած դերակատարութեան:

Ոչ թէ «խաղաղութեան» համար, այլ «օղակը սեղմելու» համար է, որ կարեւորութիւն կը ստանայ ղարաբաղեան հարցին լուծում բերելու ամերիկեան շտապողականութիւնը:

Իսկ ինչ կը վերաբերի հայ-իրանական դարաւոր բարեկամութեան, Պոլթըն հարց չի տեսներ, եթէ այդ բարեկամութիւնը այս գործընթացով վատթարանայ, որովհետեւ Հայաստան այլընտրանք ունի: Այսինքն Հայաստանի համար այլ հարեւան երկիրներու հետ նորոգեալ բարեկամութիւններ հաստատելու առիթը կ՛ընծայուի:

Բացառաբար ամերիկեան շահերէ մեկնող մատնանշուած այս այլընտրանքը կ՛երաշխաւորուի, ըստ Պոլթընի, Ղարաբաղեան հարցի կարգաւորումով: Իր իսկ բացատրութեամբ, «Կը կարծեմ, որ ներկայիս հանգամանքները կ՛ընդգծեն Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի շուրջ փոխադարձ համաձայնութեան հասնելու կարեւորութիւնը, քանի որ եթէ այդ տեղի ունենայ, կը բացուի հայ-ազրպէյճանական սահմանը: Թուրքիայի հետ սահմանը, կը կարծեմ, եւս կը բացուի»:

Որպէսզի սահմաններ բացուելու եւ նոր բարեկամ հարեւաններ ունենալու խայծը Հայաստանին համար դիւրամարս դառնայ, Պոլթընը կը յիշեցնէ, որ Հայաստան առիթը կ՛ունենայ ամերիկեան զէնքեր գնելու, ինչպէս նաեւ` ներդրումներ ստանալու ամերիկեան գործարարներէ:

Անշուշտ ան չ՛անդրադառնար այն օրինական սահմանափակումներուն, որոնք կը դրուին վաճառուած ամերիկեան զէնքերու գործածութեան վրայ: Ան նաեւ կը մոռնայ բացատրելու, թէ սահմաններու բացումէն ետք Հայաստան ինչո՞ւ ամերիկեան զէնքեր պիտի գնէ, երբ թշնամի հարեւաններ այլեւս գոյութիւն չունին: Հաւանաբար պոլթընեան հաշուարկին մէջ մտած է այն հաւանականութիւնը, որ Իրան, Վրաստան կամ Ռուսիա, կամ` երեքը միասնաբար, նոր թշնամիներու պիտի վերածուին Հայաստանի համար:

Ինչ կը վերաբերի ակնկալուած ներդրումներուն, ամերիկեան գործարարներու դրամական եւ առեւտրական գործառնութիւնները միշտ ալ ընդունելի եւ մեծապէս գնահատելի եղած են մեր հայրենիքին համար: Նման ներդրումները այնքան ալ կախեալ չեն եղած ղարաբաղեան հարցի բարւոք լուծումէն:

Վերջաւորութեան Պոլթընի խորհուրդներէն կը ստացուի հետեւեալ պատկերը: Եթէ ղարաբաղեան հարցը կարգաւորուի, Պոլթըն «կը կարծէ», որ Ազրպէյճան կը բանայ իր սահմանը Հայաստանի հետ: Ապա Պոլթըն կը շարունակէ «կարծել», որ Թուրքիա եւս կը բանայ իր սահմանները:

Սահմաններու այս կարծեցեալ բացումին դիմաց, հայկական կողմը ազատագրուած հողեր կը վերադարձնէ Ազրպէյճանին եւ կը փակէ իր սահմանը Իրանին դիմաց:

Պոլթընեան լուծումով մենք պիտի կորսնցնենք հայրենական հողեր եւ` բարեկամութիւնը դարաւոր հարեւան երկրի մը, որուն հետ մեր գործակցութիւնը ոչ միայն ռազմավարական, այլեւ կենսական նշանակութիւն ունի:

Այսպիսով, սակայն, պիտի շահինք նոր բարեկամ հարեւաններ: Պահ մը կրնա՞նք պատկերացնել մեր նոր բարեկամ հարեւանները` Ազրպէյճան եւ Թուրքիա: Անշուշտ Պոլթընը կրնայ մեզ խրատել, որ մեր «պատմական կաղապարներէն» պէտք է ձերբազատինք:

25 հոկտեմբեր 2018
Լոս Անճելըս

Խմբագրական. Հայաստանի Եւ Արցախի Ժողովուրդներուն Համաձայնութիւնը. Նաե՛ւ Սփիւռքին

0
0

Միացեալ Նահանգներու նախագահի անվտանգութեան հարցերու խորհրդականին Երեւան կատարած այցելութեան առիթով հնչած տեսակէտներուն մեկնաբանութիւնները առատ են: Միջազգային անդրադարձը առաւելաբար Իրանի մեկուսացման քաղաքականութեան ընդհանուր շրջածիրին մէջ կը շարունակէ դիտարկել հարցը եւ կարեւորել Պոլթընի Իրանի սահմանակից երկիրներուն մէջ ամերիկեան գործօնի ազդեցիկութեան բարձրացումը:

Իրանի մեկուսացման օրակարգը հիմնական առաջադրանքներէն մէկը ըլլալով հանդերձ յայտարարութիւններուն մէջ կային առանցքներ, որոնք կարելի չէ շրջանցել:

Արցախեան հակամարտութեան հանգուցալուծման պատկերացումը Պոլթըն կը կապէր Հայաստանի մէջ ստեղծուած նոր հանգամանքներուն եւ կը յստակացնէր, որ անիկա պիտի դառնայ բանալի` հայ-ազրպէյճանական եւ հայ-թրքական սահմաններու բացման:

Այս հարցով օրինաչափ էր վարչապետի պաշտօնակատար Փաշինեանի արձագանգը` մէկ կարեւոր յաւելումով: Փաշինեան վերստին բանաձեւեց պաշտօնական Երեւանի դիրքորոշումը` լուծման որեւէ տարբերակ բացառելով առանց Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդներուն համաձայնութեան (նաեւ` Արցախի իշխանութիւններուն): Կարեւոր յաւելումը այս պարագային համայն հայ ժողովուրդն է. վարչապետի պաշտօնակատարը յստակացուց, թէ` տրուած ըլլալով, որ խնդիրը համահայկական տարողութիւն ունի, անհրաժեշտ է ստանալ նաեւ սփիւռքին համաձայնութիւնը:

Սփիւռքահայութիւնը, ի տարբերութիւն Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն մէջ ապրող ժողովուրդին, կամարտայայտութեան դրսեւորման առումով այս պարագային հանրաքուէի կազմակերպման ոչ նախադէպը, ոչ ալ իրաւական իմաստով նման բան ընելու կարելիութիւնը ունի: Ներկայ պահուան դրութեամբ սփիւռքահայութեան հասկացողութեան մէջ կը ներառուին դասական կառոյցներն ու համահայկական այս կամ այն ծրագիրի իրականացման համար նկատի առնուող անհատ սփիւռքահայերը, որոնք խորհրդատուական գործառոյթներով կը հրաւիրուին պետութեան կողմէ կազմակերպուած խորհրդակցական բնոյթի ժողովներու:

Սփիւռքահայութեան դերակատարութեան խորհրդատուական բնոյթէն իրաւական անցումի առաջադրանքը արծարծուեցաւ վարչապետի պաշտօնակատարին Լիբանան այցելութեան առիթով տարբեր ձեւաչափերով կայացած հանդիպումներուն ընթացքին:

Փաստօրէն, նախադէպային կառոյցները` «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի պետական եւ տարածաշրջանային յանձնաժողովները, սփիւռքի նախարարութեան առընթեր գործած մասնագիտական ոլորտներու համաժողովները, ըստ էութեան կարեւոր հարթակ ըլլալով, այսուհանդերձ համահայկական պարագայական օրակարգերու քննարկման համար օգտակար էին, առանց իրաւական գործառոյթ ապահովելու որոշման գործընթացներուն: Քննարկման մեկնարկի ծիրին մէջ գտնուող համազգային խորհուրդի սահմանումը եւս կեդրոնացած էր սփիւռքահայութեան գործօնի խորհրդատուական գործառոյթներուն վրայ:

Լիբանանեան խորհրդակցութիւններուն ընթացքին արծարծուեցաւ համահայկական օրակարգ ձեւաւորելու եւ անոր առընթեր նախապատրաստուելու ընդգրկուն կառուցակարգի նախագիծի կարեւորութիւնը: Այնպէս մը սակայն, որ անիկա տեղի չտայ նոր խնդիրներու, բաժանարարութեան եւ փոխանակ, թէկուզ սահմանափակ լիազօրութիւններով համախմբուող հարթակները զարգացնելու, չնուազեցնէ որոշակի առումով կայացած գործօնի ազդեցիկութիւնը:

Խօսքը հեռահար կտրուածքով անշուշտ կը վերաբերի Ազգային ժողովի երկպալատ դրութեան: Այդ հնարաւորութիւնն է, որ սփիւռքահայուն, իրաւական ըսելաձեւով, Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններէն դուրս ապրող քաղաքացիին կը տրուի ո՛չ միայն առաջադրելու-առաջադրուելու, այլ նաեւ իբրեւ պատգամաւոր մաս կազմելու Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի յատուկ պալատին, որ կը քննարկէ համահայկական տարողութին ունեցող օրակարգեր:

Ուրեմն, նախ ձեւաւորել համահայկական օրակարգը եւ առընթեր պատրաստել նախագիծ` հանգրուանային քայլերով ապահովելու սփիւռքահայութեան իրաւական լիազօրութիւնները` մասնակից դառնալու համահայկական օրակարգերու քննարկման եւ որոշման:

Անկախ անկէ, որ նման նախապատրաստութիւն երկար ճանապարհ կ՛ենթադրէ, պէտք է նկատել նաեւ, թէ երկպալատ դրութեան հաստատումը Սահմանադրական փոփոխութեամբ միա՛յն կրնայ իրականանալ, իսկ սահմանադրական նման հիմնական փոփոխութիւն ինքնին` հանրաքուէով:

Անորոշ բաժինը նաեւ այն է, որ սփիւռքահայ ըսելով պէ՞տք է հասկնալ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններէն դուրս ապրող Հայաստանի քաղաքացիները, թէ՞ ընդհանրապէս սփիւռքահայ ժողովուրդը, որուն ժողովրդային կամարտայայտութեան արդիւնքի իրացումը դժուար կը պատկերացուի: Առաջինի պարագային աւելի յստակ պատկերացում կը գոյանայ. Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններէն դուրս ապրող քաղաքացիները դեսպանատուներու ճամբով կը մասնակցին հանրաքուէին:

Յամենայնդէպս, կարեւորը այն է, որ պաշտօնապէս կը յայտարարուի, թէ Արցախի հարցի լուծման ներկայացուող որեւէ տարբերակ անհրաժեշտ է որ ապահովէ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովուրդին, Արցախի  իշխանութիւններուն եւ ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ սփիւռքահայութեան համաձայնութիւնը:

 

Եթէ Ջոջերը Գրաբար Սորվին, Կ՛ըլլան Համեստ Եւ Իմաստուն

0
0

ՄԱԿԱՐ ի Գաղղիա

Կեդրոնականցի Արմենակին հետ կը զրուցէինք: Այս Կեդրոնականցի ակումիտին*, ոչ անկուտին, հայկական լրատուամիջոցները, թերթերը, ձայնասփիւռները եւ հեռատեսիլի կայանները ժամ պէտք է տան, որպէսզի հանրային դաստիարակութեամբ զբաղի:

Լեղի սուրճէն ետք, եղանակի արեւոտ յետմիջօրէին, Արմենակ գրպանէն թղթիկ մը հանեց եւ ըսաւ.

– Ժողովուրդին գրաբար պէտք է սորվեցնել, որպէսզի համեստ եւ իմաստուն դառնայ:

Կեդրոնականցիին միտքերը կը յիշեցնեն Պուտտայի ուսուցումը:

– Արմենա՛կ, խելքի՞դ բերիր, պարզ հայերէնն անգամ մոռցողները բան գործ չունի՞ն, որ գրաբար սորվին:

– Չե՞ս նկատեր, որ մեծ ըլլալու համաճարակ կայ: Աթոռախտ: Հիները կ՛ըսէին` բարձ: Այնքա՜ն նախագահներ ունինք, նախարարներ եւ նախարարութեան թեկնածուներ, բեմի վրայ շորարալ ցանկացողներ, որ ազգը վերածուած է թատրոնի: Մարդիկ ուրիշի գրած ճառը բեմէն կը կարդան, կ՛արձանագրեն, յաճախ իրենց ձայնը մտիկ կ՛ընեն եւ կ՛երջանկանան: Քանի որ բեմէն խօսած են, ուր որ երթան, առաջին շարքի աթոռներէն մէկը կը պատուեն իրենց անձով:

– Մի՛ անհանգստանար: Ունեցած ենք եւ ունինք ջոջեր, սովետի օրերուն անոնք նոմենկլատուրա էին, իսկ արդիականացող եւ եւրոպականացող սփիւռքները կ՛ըսեն` էսթեպլիշմընթ, տարբեր շապիկով, բայց` Պարոնեանի ջոջերը:

– Մակա՛ր, նոր ջոջերը ժողովներու, համաժողովներու, խորհրդաժողովներու կ՛երթան, սրահ մուտքին թղթապանակներ կը տրուին: Ինչո՞ւ հայելի մըն ալ չեն տար, որպէսզի իրենք զիրենք եւ սրահը դիտեն հասկնալու համար, թէ սխալ տեղ չե՞ն եկած:

– Ի՞նչ պէտք է ընել, Արմենա՛կ:

– Բոլորին գրաբար սորվեցնել, որպէսզի Քրիստոսի ուսուցումը հասկնան:

– Ի՞նչ կարդալու համար:

Արմենակ գրպանէն թղթիկ մը հանեց ու կարդաց. Յորժամ կոչիցէ ոք զքեզ ի հարսանիս կամ ի կոչունս, մի՛ բազմիցիս յառաջին բարձին. գուցէ պատուականագոյն եւս քան զքեզ իցէ կոչեցեալն ի նմանէ: Եւ եկեալ, որ զքեզն եւ զնա կոչեաց. ասիցէ ցքեզ` տուր սմա տեղի. եւ ապա սկսան իցիս ամօթով զյետին տեղին ունել: Այլ յորժամ կոչիցիս, երթիջիր, բազմիջիր ի յետին տեղւոջ. զի յորժամ գայցէ, որ կոչեացն զքեզ, ասիցէ ցքեզ. բարեկամ, ի վեր մատիր. յայնժամ եղիցին քեզ փառք առաջի բարձակացն քոց:

Եւ աւելցուց.    «Անոնք գրաբար պիտի չսորվին, ընդհանրապէս սորվելիք չունին: Աթոռ-աթոռակի համար բաւարար գիտելիք ունին, նաեւ քսակ` կամ քոմպինացիա: Մենք չունինք մեծ, որ ըսէ. «Տուր սմա տեղի. եւ ապա իցիս ամօթով զյետին տեղին ունել…»: Զյետին տեղն ընդունելու համար առաքինի պէտք է ըլլալ, ինչ որ գրաբար սորվելէն աւելի դժուար է: Հայելի կարելի է տալ, թերեւս իրենք զիրենք կը դիտեն, եթէ հաւկուրութենէ  չեն տառապիր, եզրակացուց Արմենակ:

Նկատի ունենալով, որ հայելիի մեծ պահանջ կայ, հիմնադրամ մը չստեղծե՞նք:

Իսկ Յիսուսի խօսքը աշխարհաբարով ըսելու կարիք չկայ: Ո՞վ պիտի լսէ:

 

25 հոկտեմբեր 2018

* Գիտուն

Յաւերժական Երուսաղէմ – 4. Երկու Զմայլելի Դէմքեր` Դուրեան Եւ Գուշակեան (Ա.)

0
0

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

Երբ հայ Երուսաղէմի անունը կու տամ, անպայման իմ մտածումներուն մէջ կը յայտնուին երկու զմայլելի դէմքեր, իրերայաջորդ երկու պատրիարքներ, որոնք իսկապէս փառաւորեցին իրենց բազմած աթոռն ու դարձան անոր անմոռանալի խորհրդանիշերը.

Եղիշէ արք. Դուրեան (1860-1930) եւ Թորգոմ արք. Գուշակեան (1874-1939):

Հայ Երուսաղէմի 1921-էն մինչեւ 1939 երկարող երկու տասնամեակները իրե՛նցն են, այս երկու դէմքերուն:

Մին Պոլսոյ Սկիւտար թաղամասի ծնունդ էր, իսկ միւսը` հայաբնակ Պարտիզակի ծոցէն հասած արժէք մը, որոնք ճակատագրականօրէն դէմ դիմաց ելան Արմաշի դպրեվանքին մէջ ու անոր երդիքին տակ ագուցուեցան իրարու: Դուրեան ուսուցիչն եղաւ պատանի Գուշակեանին: Իսկ բանիմաց ու պիտանի աշակերտն ալ շատ բան ծծեց իր ուսուցչին անսահման հմտութենէն ու դաւանած բարոյական արժէքներէն. կարծէք` անզգալաբար հետեւեցաւ անոր խորհրդաւոր ոտնահետքերուն: Պահ մը գրաւեց իր ուսուցչին տեսչական ամպիոնը, Արմաշի մէջ: Գիրի ու բեմական պերճ խօսքի վարպետ մը դարձաւ անոր նման: Ի վերջոյ, երջանի՜կ օր մը, յաջորդեց անոր` Երուսաղէմի աթոռին վրայ, լիովին ծաղկեցնելով այն բոլոր ձեռնարկները, որոնք սկիզբ առեր էին իր հոգեւոր մեծանուն ծնողին կողմէ:

Եղիշէ պատրիարք Դուրեան սիրելի դէմք մըն է մեր եկեղեցական պատմութեան ու գրականութեան մէջ հաւասարապէս: Վաղամեռիկ բանաստեղծ Պետրոս Դուրեանի կրտսեր եղբայրն էր ան, որ թաղային պարզ ուսում մը ստացաւ լոկ, սակայն ինքնաշխատութեամբ ու տքնութեան մեծ ճիգով կրցաւ ամբարել քանի մը համալսարաններէ վկայեալ բախտաւորներու գիտելիքներէն շա՛տ աւելին:

19 տարեկանին աբեղայ ձեռնադրուեցաւ Իզմիրլեան սրբազանի ձեռամբ:

Սքանչելի ու հմայիչ ուսուցիչ մը դարձաւ ան` նախ Պարտիզակի մէջ (լման տասը տարի, 1880-1889), այնուհետեւ` նորաբաց Արմաշի դպրեվանքը, Պոլսէն քիչ մը անդին, Օրմանեան Մաղաքիա սրբազանին հետ կողք-կողքի:

Ամբո՜ղջ սերունդ մը ներշնչուեցաւ ու խանդավառուեցաւ իրմով:

Դուրեան Արմաշի մէջ մնաց 1890-էն մինչեւ 1904, գրեթէ տասնհինգ տարի: Եւ եկեղեցականներու զարգացեալ այն հոյլը, որ իր շունչին տակ ու ափերուն մէջ շաղուեցաւ, վերջին քանի մը դարերու մեր պատմութեան մէջ մնաց եզակի: Բաբգէն Կիւլէսէրեան, Թորգոմ Գուշակեան, Գարեգին Տրապիզոնի (Խաչատուրեան), Զաւէն Տէր Եղիայեան, Մեսրոպ Նարոյեան, Փառէն Մելքոնեան, Գրիգորիս Պալաքեան, ինչպէս նաեւ 1915-ին նահատակեալ շարք մը խոստմնալից վարդապետներ կ՛իյնան այս հոյլին մէջ: Արմաշ, ամբողջ քառորդ դար, մինչեւ Մեծ եղեռն, հանդիսացաւ արեւմտահայ տոհմաշունչ ու հոգեւոր դաստիարակութեան ամէնէն մաքուր ու ճարճատուն քուրաներէն մին:

Դուրեան, դեռ իր վարդապետական օրերէն, շատ կը կարդար, շատ գիտելիք ունէր: Տարիներ յետոյ ոմանք մեղադրեցին զինք իբրեւ… «քանքարաթաքոյց», այսինքն` իր տաղանդը թաքցնող, պահող, զայն հանրութեան ի սպաս դնելէ խուսափող: Իբր թէ Դուրեան սրբազան ժլատ եղած էր իր գիտական հարուստ պաշարը հանրութեան ինչքը դարձնելու:

Անարդա՜ր արժեւորում:

Լոկ Պարտիզակի մէջ պաշտօնավարած իր տասնամեայ շրջանին, երբ տարիքով ալ շատ երիտասարդ էր, ան պատրաստած ու հրատարակած էր չորս հատորներ` առանց հաշուելու պարբերական մամուլի էջերուն ցրուած իր գրութիւնները: Ճիշդ է թէեւ, որ աւելի ուշ յարաբերաբար քիչ արտադրեց` նուիրուած ըլլալով բացառաբար կրթական եւ ուսուցողական մարզին:

Ինք, արդէն, իբրեւ պատասխան զինք ամբաստանողներուն, մատնացոյց կ՛ընէր իր աշակերտները ու կ՛ըսէր. «Ասո՛նք են իմ հեղինակութիւններս»…

Դուրեան եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն ստացաւ Խրիմեան Հայրիկէն, 1898-ին: 1904-1908 կոչուեցաւ Զմիւռնիոյ առաջնորդութեան, իսկ 1909-ին Պոլսոյ պատրիարք ընտրուեցաւ, թէեւ այդ պաշտօնէն հրաժարեցաւ նուազ քան երկու տարի ետք` բաւարարուելով թաղային քարոզիչի եւ ուսուցիչի համեստ պաշտօններով` Կեդրոնականի, Էսայեանի, Պէրպէրեանի, Հինդլեանի, Պէզազեանի ու այլ վարժարաններու  մէջ: Կը վազէր դպրոցէ դպրոց` գիրքերու ծրար մը անութին տակ ու քաղցր ժպիտ մը դէմքին: Ուր որ պաշտօնի կոչուեցաւ, հոն մտաւորական ու հոգեւոր զարթնում մը յառաջացուց:

Եղեռնէն փրկուեցաւ: Չաքսորուեցաւ, ի զարմանս շատերու:

Ինծի համար անմոռանալի կը մնայ իր մէկ արտայայտութիւնը` տարեցոյցներու անկրկնելի հրատարակիչ Թէոդիկի կողմէ պատմուած:

Արդարեւ, Թէոդիկ կը պատմէ, որ երբ Տաւրոսեան լեռներու վրայ երեք տարուան աքսորէ ետք, 1918-ի զինադադարին Պոլիս վերադարձաւ, առաջին հերթին վազեց դէպի Գումգաբուի Ազգ. պատրիարքարանը: Հոն, մուտքի աստիճաններուն վրայ դէմ յանդիման եկաւ Դուրեան սրբազանին: Դուրեան զայն տեսած պահուն հառաչեց.

– Եկո՛ւր` պագնեմ ճակտէդ, մեռած ազգիս ո՜ղջ զաւակը…

Իսկ Թէոդիկ շատ սրտառուչ պատասխան մը տուաւ անուանի հոգեւորականին.

– Ներէ՛, սրբազա՛ն, որ պահ մը ընդվզի աքսորադարձ հայու սիրտս այդ գգուական խօսքիդ ի լուր, որ աչքերս խոնաւցուց: Ազգը չէ՛ մեռած եւ անհնար է, որ մեռնի…

Դուրեան ինք ալ համոզուած էր, որ ազգը չէր մեռած: Եւ արդէն, մեր Մեծ աղէտէն քանի մը տարի անց, 1921-ին, երբ ազգը կը յանձնէր իրեն Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց աթոռին պատրիարքական ասան, Դուրեան կը յայտարարէր, որ «անարիւն եւ սուրբ վրէժխնդրութիւն» մը վիճակուած էր իրեն` իր այս նոր պաշտօնին մէջ. տապարի հարուած ստացած ազգը պէտք էր ոտքի հանել, վերականգնել անոր բարոյական ու մարդկային ուժերը, նո՛ր նուաճումներով նո՛ր կեանք բանալ անոր առջեւ: Ըստ իրեն, հայ Երուսաղէմը լաւագոյնս ծառայած կ՛ըլլար ազգին ու եկեղեցիին, եթէ կարենար կրթական բեղուն կեանք ու իմացական որոշ բարձրութեամբ մակարդակ մը ստեղծել: Այլ խօսքով` նոր Արմաշ մը գոյաւորել հայոց վանքին պարիսպներէն ներս:

Դուրեան մշակուած գրագէտ մըն էր նաեւ, գեղապաշտ բանաստեղծ մը: Իր «Հովուական սրինգ»-ը  (1909) ու աւելի ուշ հրատարակեալ «Սրբազան քնար»-ը (իր բոլոր բանաստեղծութիւններուն հաւաքումը, ինքնագիր ու թարգմանածոյ, 1936) կրօնական նուրբ ու իմացապաշտ խոկումներու հորիզոն մը կը բանան մեր առջեւ` թելադրիչ զօրութեամբ ու անդրադարձումներու մղող ներուժով մը:

Իր կարգ մը քերթուածները դասագիրքերու մէջ անցան իր ողջութեան իսկ: Օրինակ` «Անառակը» կամ «Օշական»-ը, որոնք ասեղնագործուած ոսկեթել ժանեակներու պէս հիւսուած են` շքեղօրէն ու նկարչագեղ ճարտարութեամբ: Անոնք շատ սիրուած կը մնան առ այսօր, կրնան արտասանուիլ բեմերէ, թէեւ հեղինակին հայոց լեզուի արտասովոր բառամթերքն ու Ս. Գիրքէն քաղած յատուկ անուններու ծանր տողանցքը կրնան դժուարութիւններ յարուցել շատ-շատերու համար: Ճի՛շդ է Մուշեղ Իշխանի դատումը. «Դուրեանը ըմբոշխնելու համար պէտք է ունենալ կրօնական եւ գրական որոշ պատրաստութիւն: Հասուն տարիքի եւ աստուածաշնչական պատմումներու տեղեակ մարդոց քերթողն է ան» («Արդի հայ գրականութիւն», Գ. հատոր, Պէյրութ, 1975):

Բանասիրական, քննադատական ու լեզուաբանական իր գործերն ալ կը կազմեն առանձին դէզ մը: Անոնց գրեթէ ամբողջութիւնը լոյս ընծայուած է Երուսաղէմ, բազմահատոր շարքով մը: Այդ գիրքերուն վերնագրերը կրնան գաղափար մը տալ մեզի, թէ Դուրեան Եղիշէ պատրիարք որքա՜ն լայնածիր ու բազմազան հետաքրքրութիւններ ունէր պատմական ու բանասիրական կալուածներէ ներս: Թուենք քանի մը անուն. «Ընթացք ի գրոց բարբառ» (գրաբարի եռամաս դասագիրք), «Ազգային պատմութիւն» (մինչեւ Բագրատունեաց շրջան), «Պատմութիւն հայ մատենագրութեան» (մինչեւ ԺԴ. դար), «Բառագիտւթիւն», «Հայոց հին կրօնը», «Կրօններու պատմութիւն», «Համառօտ պատմութիւն փիլիսոփայութեան», «Բարոյագիտութիւն» եւ այլն, եւ այլն: Ասոնցմէ ոմանք հրատարակուած են «ի պէտս վարժարանաց», այսինքն` իբրեւ դպրոցական դասագիրք:

Երբ կը պրպտեմ իր կենսագրութիւնը, ակնբախ կը դառնայ ինծի, թէ այս վեղարաւոր գիտնականը իր ամբողջ կեանքը ապրեր է գիրքերու մտերմութեան մէջ` իբրեւ յաւիտենական պրպտող մը կամ անձանձրոյթ վերծանող մը:

Կը պատմուի, որ Երուսաղէմի պատրիարքարանի իր երեք սենեակներուն  պատերը լեցնող բազմալեզու գիրքերուն տեղերը գոց գիտէր` առանց ցուցակի: Անվարան իր մատը կը դնէր փնտռուած գիրքին վրայ եւ գրեթէ մէկ-երկու թերթատումով կը գտնէր ուզուած գլուխը կամ էջը… Համայնագիտական միտք մըն էր, բարձր մտաւորական մը, որուն կեանքին մեծագոյն հաճոյքը եղաւ մտքի հետեւողական աշխատանքը:

Կրցած էր կատարելագործել ինքզինք եւրոպական ու արեւելեան շարք մը լեզուներու մէջ (մինչեւ իսկ` լատիներէն եւ ասորերէն) ու օտար դասական հեղինակները կը կարդար իրենց բնագրէն:

Անբասիր ու անխոցելի եկեղեցական մը մնաց ան` իր հոգեւոր գործունէութեան 50 տարուան ընթացքին: Իր վախճանումէն տարի մը առաջ, 1929-ի հոկտեմբերին, Երուսաղէմի մէջ եռօրեայ մեծավայելուչ ձեռնարկներով նշուեցաւ իր քահանայութեան կիսադարեայ յոբելեանը:

Շիջեցաւ 27 ապրիլ 1930-ին:

Երկու ծաւալուն գիրքեր, երկուքն ալ իր լաւագոյն աշակերտներուն գրչով ի՛ր մասին գրուած` պսակ կը կապեն իր ճակտին վրայ: Մին Թորգոմ պատրիարք Գուշակեանի մենագրութիւնն է, միւսը` Գարեգին Խաչատուրեան պատրիարքին «Դուրեան` Բ. Շնորհալի» փառաւոր հատորը:

Հալէպ

Չինաստանի Ռազմավարութիւնը Ծոցին Մէջ` Ուժանիւթային Գործօնէն Անդին

0
0

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

2008-ին Համիշ Մքրայ «Տի Ինտիփենտընթ» օրաթերթին մէջ գրեց «Կարմիր վիշապը կ՛արթննայ» խորագիրով յօդուած մը, ուր կ՛ըսուի, ըստ յօդուածագիրին, որ տասնամեակ մը ետք Չինաստան իր դերը պիտի ունենայ համաշխարհային քաղաքականութեան մէջ եւ մրցակցի Միացեալ Նահանգներու հետ համաշխարհային տնտեսութեան առաջնութեան համար: 10 տարիներ անցան, եւ Մքրայի գուշակութիւնը ճիշդ դուրս եկաւ:

Այս ուսումնասիրութեամբ կ՛ուզեմ անդրադառնալ կարգ մը պատմաբաններու եւ քաղաքագէտներու կարծիքին` Ծոցին մասնաւորապէս Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ նկատմամբ Չինաստանի ռազմավարութեան մասին: Ուսումնասիրութեան ընդմէջէն պիտի քննարկեմ, թէ ի՛նչ են Չինաստանի շահերը շրջանին մէջ եւ ի՞նչ է անոր ռազմավարութիւնը, որպէսզի պաշտպանէ իր շահերը, եւ, վերջապէս, պիտի անդրադառնամ այն հարցին, թէ արդեօք որոշ սահմանափակումներ կա՞ն:

1993-ին Չինաստան դարձաւ քարիւղ ներածող երկիր, եւ, այսպիսով, իր կախեալութիւնը միջինարեւելեան քարիւղէն բարձրացաւ: 2012-ին Սէուտական Արաբիան դարձաւ դէպի Չինաստան քարիւղ արտածող (21 առ հարիւր) առաջին երկիրը, իսկ Իրան` չորրորդը (11 առ հարիւր): Ըստ բազմաթիւ վերլուծաբաններու, 21-րդ դարուն Միջին Արեւելքը, արեւելեան Ասիայէն ետք, Չինաստանի համար պիտի դառնայ ամէնէն կարեւոր ռազմավարական աշխարհաքաղաքական շրջանը: Այստեղ պէտք է յիշել, որ Չինաստան Միջին Արեւելքէն կը ներածէ իր քարիւղին մօտ 50 առ հարիւրը: Սակայն շրջանին մէջ Չինաստանի շահերը չեն սահմանափակուած միայն ուժանիւթային գործօնով, Փեքին նաեւ կը ծրագրէ կեանքի կոչել հին Մետաքսի ճամբան, որ պիտի կապէ Եւրոպան Չինաստանին` Եւրասիոյ եւ Միջին Արեւելքի ճամբով: Անիկա հսկայական ցամաքային եւ ծովային ճամբայ մըն է, որ պիտի անցնի ցամաքով` Իրանի ճամբով, եւ ծովով` Ծոցէն: Հետեւաբար այստեղ նաեւ կայ տնտեսական եւ աշխարհաքաղաքական կարեւորութիւն, որովհետեւ շրջանի քաղաքական կայունութիւնը հիմնահարց է Չինաստանի համար:

Շրջանին մէջ Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութեան անկումով, մասնաւորապէս` Ուքրանիոյ եւ Սուրիոյ տագնապներուն լոյսին տակ, Ռուսիա եւ Չինաստան մուտք գործեցին արեւելեան Եւրոպա եւ Միջին Արեւելք: Հետեւաբար, միջազգային քաղաքականութեան դիտանկիւնէն, Չինաստանի կառուցողական քաղաքականութեան ուսումնասիրութիւնը հետաքրքրական է այն առումով, որ անիկա իւրայատուկ է: Ճէյմս Էնտրսըն (2018) իր ուսումնասիրական գիրքին մէջ կը նշէ, որ Չինաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ կարելի չէ դիտել իրապաշտական տեսութեամբ, որովհետեւ Չինաստան կը խուսափի շրջանին մէջ ռազմական դաշինքներ կնքելէ: Այս հարցը ունի պատմական գործօն: Ըստ պատմաբան Մահմուտ Օլմարթի (2014), 1950-1960 թուականներուն Չինաստանի կառավարութիւնը օժանդակեց շրջանին մէջ գործող մարքսական կազմակերպութիւններու` տապալելու Ծոցի արեւմտամէտ թագաւորութիւնները, սակայն այդ ճիգերը ապարդիւն անցան: Աւելի՛ն. այդ ժամանակաշրջանին Չինաստանի ռազմական արկածախնդրութիւնները, Հիւսիսային Քորէայի եւ Վիեթնամի մէջ, բաւական վնաս հասցուցին երկրին տնտեսութեան եւ թշնամանք ստեղծեցին Արեւմուտքին հետ: Հետեւաբար, ըստ Էնտրսընի (2018), Չինաստան այժմ դասեր քաղելով իր պատմութենէն` անցաւ կառուցողական արտաքին քաղաքականութեան մը, որուն լոյսին տակ շրջանին մէջ սկսաւ ստեղծել «ռազմավարական գործընկերներ» եւ ոչ թէ` «դաշնակիցներ»: Չինաստանի ռազմավարական գործընկերները շրջանին մէջ առայժմ Իրանը եւ Սէուտական Արաբիան են:

Նատեր եւ Սքոպել (2016) նոյնպէս կը հաւատան, որ Չինաստան կը վարէ կառուցողական քաղաքականութիւն մը` Ծոցի մէջ: Ըստ անոնց, այս քաղաքականութիւնը նաեւ կը բխի Միացեալ Նահանգներու շահերէն, եւ զայն կը կոչեն «Մտահոգ վիշապի» քաղաքականութիւն: Այս քաղաքականութիւնը հիմնուած է հաւասարակշռուած զգուշ ռազմավարութեան մը վրայ, որուն հետեւելով` Չինաստան միջամուխ չ՛ըլլար երկիրներու ներքին հարցերուն: Այս պատճառով ալ Չինաստան հաւասարակշռուած եւ երբեմն չէզոք քաղաքականութիւն կը վարէ: Սակայն Վան տեր Վըրֆ (2018) կը հաւատայ, որ Չինաստան մինչեւ վերջ այսպիսի քաղաքականութիւն չի կրնար վարել եւ պէտք է միջամտէ կարգ մը հարցերու, մանաւանդ երբ կը վնասուին իր ազգային շահերը, ինչպէս` Իրանի հիւլէական թղթածրարը եւ Ծոցի քաղաքական կայունութիւնը: Ըստ վերլուծաբանին, եթէ Ծոցի ճամբան փակուի, ապա Չինաստանի տնտեսութիւնը տագնապի կը մատնուի: Հետեւաբար Չինաստան դուրս պէտք է ելլէ իր կրաւորական քաղաքականութենէն եւ վարէ աշխուժ դիւանագիտութիւն մը, որպէսզի կարենայ վարել գործնապաշտ քաղաքականութիւն մը` տագնապալի այս շրջանին մէջ:

Պատմաբան Օլմարթի (2014) համաձայն, սեպտեմբեր 2001-ի յարձակումէն ետք Սէուտական Արաբիա մտահոգուելով, որ Միացեալ Նահանգներ կրնան լքել զինք, փորձեց ռազմավարական այլ գործընկերներ փնտռել: Ռուսիան այդ ժամանակ տկար էր, իսկ Չինաստանը` տնտեսական վերելքի մէջ: Միւս կողմէ` Չինաստան նաեւ պէտք ունէր իսլամական երկիրներու աջակցութեան: Նախ` որպէսզի վերջ դնէր ույղուրներու ահաբեկչութեան` Չինաստանի հիւսիսարեւմտեան Թիւրքեստան շրջանին մէջ, միւս կողմէ` չիները կը հաւատային, որ շուտով Սէուտական Արաբիան պիտի լքէր Միացեալ Նահանգները եւ իր ուղղուածութիւնը դարձնէր դէպի արեւելք: Վերջապէս, Չինաստանի համար Սէուտական Արաբիա շրջանային հզօր եւ կայուն երկիր մըն էր:

Ինչ կը վերաբերի Իրանի հետ յարաբերութիւններուն, հակառակ անոր որ միջազգային մակարդակի վրայ չինական եւ իրանական յարաբերութիւնները հեզասահ են, սակայն տնտեսական յարաբերութիւնները` ոչ այդքան կայուն: Իրանի կառավարութիւնը ամէն ջանք կը գործադրէ, որ վերջ դնէ երկրին մէջ չինական մենաշնորհումին, եւ այդ պատճառով ալ կ՛ուզէ համաձայնութեան յանգիլ Եւրոպական Միութեան հետ: Չինաստան այսօր Իրանի առաջին տնտեսական եւ առեւտրական գործընկերն է, իսկ չինական ապրանքները խեղդած են իրանական շուկան, բան մը, որ դժգոհութիւն պատճառած է իրանցի վաճառականներուն: Աւելի՛ն. ըստ Վան տեր Վըրֆի (2018), Փեքին կը գործածէ «իրանական խաղաքարտը» Միացեալ Նահանգներուն հետ, երբ ան նեցուկ կը կանգնի Միացեալ Նահանգներու պատժամիջոցներուն, սակայն միեւնոյն ատեն Ամերիկայէն երաշխաւորութիւն կը ստանայ, որ իր տնտեսական շահերը անձեռնմխելի են Իրանի մէջ:

Հակառակ այն իրողութեան, որ Չինաստանի գործնապաշտ ռազմավարութիւնը հիմնուած է տնտեսական շահերու վրայ, Էնտրսըն (2018) կը հաւատայ, որ ռազմաքաղաքականութիւնը նաեւ իր դերը ունի: Չինաստանի համար ներկայիս հիմնական հարցը Մետաքսի ճամբան վերականգնելը եւ, այսպիսով, չինական ապրանքներով եւրոպական ու ապա միջազգային շուկան ողողելն է: Մետաքսի ճամբան, որ պիտի անցնի 60 երկիրներէ, պիտի կարենայ կամուրջի նման Ասիան կապել Եւրոպային եւ Ափրիկէին: Սակայն այս ծրագիրին հիմնական արգելքը ահաբեկչութիւնն է, որ տարածուած է Չինաստանի արեւելեան շրջաններուն, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական Ասիոյ, Կովկասի եւ Միջին Արեւելքի մէջ: Այդ պատճառով Փեքին պիտի ստիպուի ռազմական դաշինք մը հիմնել` դէմ դնելու այս ահաբեկչութեան: «Արաբական գարուն»-էն ետք շրջանը մատնուեցաւ անիշխանութեան, սակայն Չինաստան նաեւ շահաւոր դուրս եկաւ մասնաւորապէս Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ քարիւղի տագնապէն, որովհետեւ գիներու նուազումը բաւական արդիւնաւէտ էր չին վաճառականներուն համար, սակայն ասիկա հարցականի տակ է: Արդեօք ե՞րբ Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ պաղ պատերազմը պիտի վերածուի իսկական բախումի մը, ու վտանգուին թէ՛ Չինաստանի եւ թէ՛ Միացեալ Նահանգներու շահերը Ծոցի մէջ:

Արդեօք Չինաստան նաեւ ռազմական ներկայութիւն պիտի ունենա՞յ շրջանին մէջ: 2015-էն սկսեալ Չինաստան իր ռազմակայանները ունեցաւ Ճիպութիի եւ Սոմալիի ծովեզերեայ շրջաններուն մէջ, սակայն ներկայիս Չինաստան չի կրնար Միացեալ Նահանգներու դերը խաղալ: Ամերիկեան ռազմական կայանները գրեթէ ցրուած են Ծոցի եւ բազմաթիւ միջինարեւելեան երկիրներու մէջ, եւ որեւէ ժամանակ ամերիկեան ուժերը կրնան միջամտել, եթէ Ծոցի միջանցքը վտանգուած ըլլայ: Հետեւաբար Միացեալ Նահանգներու եւ Չինաստանի շահերը շրջանին մէջ նոյնն են` պաշտպանել քարիւղի ճամբան եւ պահպանել Ծոցի քաղաքական կայունութիւնը: Ներկայիս Չինաստան ո՛չ մէկ վտանգ կը սպառնայ ամերիկեան շահերուն Ծոցին մէջ, քանի որ Փեքին ո՛չ ռազմական կարողութիւնը ունի, ո՛չ ալ քաղաքական կամքը` փոխարինելու Միացեալ Նահանգները շրջանին մէջ:

Օգտագործուած աղբիւրներ.-

Ehteshami, Anoushiravan and Horesh, Niv (Ed.). China’s Presence in the Middle East: the Implication of the One Belt, One Road Initiative, New York: Routledge, 2018

Olimat, Muhamad S. China and the Middle East since World War II, United Kingdom, Lexington Books, 2014.

Reardon-Anderson, James (Ed.). The Red Star & the Crescent; China and the Middle East, United Kingdom, Hurst, 2018

– Scobell, Andrew and Nader, Alireza. “China in the Middle East: The Wary Dragon”, RAND Corporation, 2016, https://www.rand.org/content/dam/rand/pubs/research_reports/RR1200/RR1229/RAND_RR1229.pdf

– Van der Werff, Bas. “Finding Balance in an Imbalanced System: The Case of the Triangular Relation between China, Saudi Arabia and Iran, MA thesis, Leiden University, 2018), https://openaccess.leidenuniv.nl/handle/1887/58292

– Wakefield, Beyce and Levenstein, Susan L., “China and the Persian Gulf: Implications for the United States”, Washington DC, Woodrow Wilson International Center for Scholars, 2011, https://www.wilsoncenter.org/sites/default/files/ASIA%20Program_China%20and%20the%20PG.pdf

– Schweller, Randall L. and Pu, Xiaoyu, “After Unipolarity: China’s Visions of International Order in an Era of U.S. Decline”, International Security, Volume 36, Issue1, (Summer 2011):https://www.mitpressjournals.org/doi/abs/10.1162/isec_a_00044

 

Yeghia.tash@gmail.com

 

Խմբագրական «Գանձասար»-ի.- Տեղքայլը Նահանջ Է

0
0

Սուրիահայ համայնքը վերակազմակերպման փուլի սեմին է: Անհրաժեշտ է սակայն, որ համայնքը վերակազմակերպուի ոչ միայն շինարարական աշխատանքներու, կառոյցներու վերականգնումին առումով, այլեւ` միութիւններու, մշակութային, հանրային կեանքի, կրթական հաստատութիւններու գործունէութեան  որակի բարելաւումով:

Համայնքի կրթական, մշակութային, հանրային կեանքէն ներս տեղքայլ արձանագրելը թոյլատրելի չէ այլեւս: Եթէ վերակազմակերպման պիտի նախաձեռնենք, ուրեմն բոլոր մարզերէն ներս էապէս կարեւորութիւն պէտք է տանք որակի բարելաւումին:

Այս իմաստով, հանրային գործիչը, կրթական մշակը, միութենական անհատը գոյութիւն ունեցող թերիները սրբագրելու գիտակցութեամբ պէտք է նախաձեռնեն որեւէ աշխատանքի` քննադատութեան եւ ինքնաքննադատութեան համարձակութիւնը ունենալով, թերութիւններուն պատասխանատուութիւնը կրելով եւ անոնց սրբագրութեան համար յանդուգն քայլերու ձեռնարկելով:

Ոմանք կը կարծեն, որ եղած որակը պահպանելն ալ ձեռքբերում է երկրի այս պայմաններուն մէջ` նկատի ունենալով տնտեսական դժուարութիւնները, աշխատուժի նուազումը եւ այլն: Այս ձեւով մտածող եւ գործող մարդիկ ոչ միայն տեղքայլի, այլեւ նահանջի զառիթափին վրայ կը պահեն հանրային կեանքը կամ տուեալ միութիւնը, որովհետեւ այն պատասխանատուն, այն պաշտօնեան, այն կամաւոր ծառայողը նոյնիսկ, որ նորութիւն չի մուծեր իր աշխատանքի դաշտին մէջ, այլ խօսքով, իր ստանձնած գործը քայլ մը առաջ չի մղեր, չի զարգացներ, փաստօրէն տուեալ կառոյցի կամ միութեան նահանջին պատասխանատուութիւնը կը կրէ նաեւ:

Աշխարհը սրընթաց քայլերով կը զարգանայ, անոր համապատասխան կշռոյթով ալ կը զարգանայ մեր երիտասարդ  սերունդը ու կը պահանջէ նորը, գործելակերպի եւ մտածելակերպի մէջ արդիականը, ժամանակակիցը: Կարելի չէ տարիներ շարունակ օգտագործուած ծրագիրները, գործելաձեւը կրկնել եւ մեր անմիջական միջավայրէն հետաքրքրութիւն ակնկալել:

Ամէնէն արդիական շէնքերն իսկ կառուցելով` չենք կրնար պատրաստել ժամանակի կշռոյթին հաղորդ ու գիտակից մարդուժ, եթէ, շէնքերուն կողքին, ծրագիրներու, գործելաոճի արդիականացումը չերաշխաւորենք, եթէ վերակազմակերպման աշխատանքներուն մէջ չներգրաւենք մասնագիտացած տարր, համալսարանաւարտ երիտասարդութիւն եւ գործի դաշտին դռները լայնօրէն չբանանք անոնց դիմաց` յարմար անձը յարմար պաշտօնին հրաւիրելով:

Այսօր, օրինակ, նօսրացած է Հալէպի Հայ համալսարանականներու միութեան եւ Հալէպի Հայ համալսարանականներու շրջանաւարտից միութեան դերակատարութիւնը: Ո՞ւր են անոնք մեր հանրային կեանքին մէջ, ինչո՞ւ գործուն մասնակցութիւն չեն բերեր հասարակական մեր կեանքի զարգացման:

Այս մատնանշումները չենք կատարեր` յոռետեսութեամբ  մօտենալու տարուող աշխատանքներուն, թափուած ճիգերուն: Ընդհակառա՛կը` տագնապելով,  պատասխանատուութեան զգացումով կատարեալին ձգտելու անյետաձգելի հրամայականը կ’ընդգծենք` քաջ իմանալով մեր կարելիութիւններն ու կամքի ուժը:

«Գ.»

Սիմոն Զաւարեան. Հայու Յեղափոխական Ինքնամաքրման Խստաբարոյ Դաշնակցականը

0
0

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Հոկտեմբեր 27-ի օրը, ամէն տարի, հայաշխարհի չորս ծագերուն, Հայաստանի ու հայութեան ամբողջական ազատագրութեան տեսլականով տոչորուող գաղափարի ընկերներ իրենց սրտի ու մտքի խորանին առջեւ երկիւղածութեամբ կ՛ոգեկոչեն անմեռ յիշատակը` խօսքն ու գործը, անբասիր վարքն ու անմնացորդ անձնուիրումը մեր ժողովուրդի Աշխարհիկ Սուրբին` Սիմոն Զաւարեանի:

27 հոկտեմբեր 1913-ին Պոլիս հրատարակուող ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Ազատամարտ»-ի խմբագրատունէն ոտքով տուն երթալու ամէնօրեայ իր ճամբու ընթացքին 47 տարեկանին սրտէն կաթուածահար ինկաւ Սիմոն Զաւարեան:

Այդպէ՛ս յանկարծամահ` իր վերջին շունչը փչեց հայ ժողովուրդի յեղափոխական վերածնունդին, այլեւ ՀԱՅ-ու գաղափարական ինքնամաքրման պատգամաբերն ու առաքեալը, որ բարոյական իր խստապահանջութեամբ եւ վեհութեամբ արժանաւորապէս մարմնաւորեց հայ ազգային-ազատագրական շարժման դրօշակիրին` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ԽԻՂՃ-ը:

Դաշնակցութեան եւ կուսակցականութեան գաղափարական ու բարոյական արժէքներուն սերմնացանը, այլեւ արթուն եւ խստապահանջ պահապանն ու մշտանորոգ մղիչ ուժը կը հանդիսանայ Սիմոն Զաւարեան, որուն անժամանակ կորուստը ողբաց բովանդակ հայ ժողովուրդը` իր բոլոր խաւերով եւ, մանաւանդ, քաղաքական բոլոր հոսանքներով:

Զաւարեան արժանացաւ համազգային աննախընթաց յուղարկաւորութեան. անկենդան մարմինը թափօրով Պոլիսէն տարուեցաւ մինչեւ Թիֆլիս, որպէսզի իր վերջնական հանգիստը գտնէր Խոջիվանքի գերեզմանատան մէջ:

Հայ մտաւորականութիւնն ու երիտասարդութիւնը, ի Հայաստան եւ սփիւռս աշխարհի, բոլոր ծագերէն փութաց արժանին մատուցելու, հայութեան յեղափոխական վերածնունդին Մեծ Ուսուցիչին, Աշխարհիկ Սուրբին, Ընկերային Նազովրեցիին եւ Գաղափարի Մարտիկին:

Զաւարեան արդարօրէն հռչակուեցաւ Դաշնակցութեան խիղճը` գաղափարի իր ընտանիքին կողմէ, իր կենդանութեան իսկ: Չէր կրնար տարբեր արժեւորում ստանալ Զաւարեանով միս ու ոսկոր կապած խստաբարոյ դաշնակցականը, որ ամէն բանէ առաջ եւ վեր` գաղափարի իր ընկերներէն պահանջեց, անձնական անսակարկ ու գերագոյն զոհաբերութեան իր սեփական վարակիչ օրինակը ամէնուր վառ պահելով, հայ յեղափոխականի իրենց արժանաւորութիւնը եւ բաւարարութիւնը փնտռել գաղափարական պարտաւորութեանց խղճամիտ կատարման մէջ, այլ ոչ թէ` կուսակցականի իրենց իրաւունքներուն հետապնդման մէջ:

Հայ բանաստեղծը Զաւարեանի մէջ մեծարեց ու անմահացուց հայոց ազատամարտի «Ընկերային Նազովրեցին», որովհետեւ Աստուածորդի Նազովրեցիին մաքրամաքրութեամբ` Սիմոն Զաւարեան մինչեւ վերջին շունչ անվհատ պայքար մղեց հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական կռուի սրբազան դաշտն ու գաղափարական տաճարը արատաւորող յոռի բարքերուն` գձուձ եսասիրութեանց, մանր ու մեծ շահախնդրութեանց եւ ամէն կարգի մեղանչանքներուն դէմ:

Իսկ հայ մտաւորականն ու ազգային գործիչը հարազատ թարգմանը հանդիսացաւ մեր ժողովուրդի սրտին ու մտքին, երբ Զաւարեանին մէջ տեսաւ ու արժեւորեց հայ յեղափոխական շարժման յառաջապահ «Աշխարհիկ Սուրբ»-ը, որ հաւատք սերմանեց եւ իր անձնուիրութեամբ ու գաղափարական կուսակրօնութեամբ հաւատաւորներու սերունդ ստեղծեց հայ երիտասարդութենէն.

– Հաւատք` հայ ժողովուրդի քաղաքակրթական յառաջադէմ կոչումին հանդէպ,

– Հաւատք` ազատ ու անկախ հայրենիքի մէջ ազգային ու ժողովրդավարական պետականութիւն կերտելու հայ ժողովուրդի արժանաւորութեան հանդէպ,

– Հաւատք` մանաւա՛նդ մարդկային տկարութիւններն ու սայթաքումները յաղթահարելու եւ հաւաքական կամք ու կազմակերպ ուժ կոփելու հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր ներուժին հանդէպ:

Իբրեւ հաւատքի սերմնացան` Սիմոն Զաւարեան յաջողեցաւ իր առաքելութեան մէջ, որովհետեւ բառին խորագոյն իմաստով խստաբարոյ առաքեալի կեանք ապրեցաւ` կենդանի գործով թոյլ չտալով, որ մեռեալ խօսքի ճակատագրին դատապարտուին գերագոյն զոհաբերութեամբ իր պաշտպանած եւ տարածած յեղափոխականներու անկեղծ դաշնադրութեան եւ միասնութեան անմեռ գաղափարները` ԱՊԱԿԵԴՐՈՆԱՑՄԱՆ մեծ ուսմունքը:

«Խօսքը առանց գործի մեռեալ է» պատգամով ալ Զաւարեան հեռացաւ աշխարհիկ այս կեանքէն: Իր մահուան օրը «Ազատամարտ»-ի խմբագրութեան յանձնած էր նոյն այդ խորագրով իր վերջին յօդուածը, որ այդպէ՛ս դարձաւ գաղափարական կտակը հայոց յեղափոխական վերածնունդի ճակատաբաց դրօշակիրին:

Սիմոն Զաւարեան Հայաստան աշխարհի լեռնային եւ անտառուտ Լոռիի զաւակն էր: Ծնած էր 1866-ին, Այգեհատ գիւղը: Ինչպէս որ Ս. Վրացեան կը վկայէ ՀՅԴ վաթսունամեակին առիթով իր խմբագրած «Յուշապատում»-ին մէջ, Այգեհատի բնակիչները ընդհանրապէս ազնուական տոհմերէ սերած էին: Ազնուական ծագում ունէր եւ Զաւարեան ընտանիքը: Որոշապէս Սիմոն Զաւարեանի նկարագիրին եւ անհատականութեան վրայ զգալի էր տիրական դրոշմը ազնուականութեան, որ կը դրսեւորուէր սեփական արժանաւորութեան շեշտակի գիտակցումով եւ, անկէ թելադրուած, նախ սեփական անձին նկատմամբ խստապահանջ գտնուելու եւ ապա այլոց խստակեացութեան ու բարոյապաշտութեան մղելու նախանձախնդրութեամբ:

Տարրական կրթութիւնը ստացաւ գիւղին մէջ եւ հազիւ 7-8 տարեկան էր, երբ ղրկուեցաւ Թիֆլիս, ուր նախապատրաստական ուսումէ ետք մտաւ պետական ռէալական դպրոցը եւ յաջողութեամբ աւարտեց զայն:

Այնուհետեւ մեկնեցաւ Մոսկուա` բարձրագոյն ուսման հետեւելու համար: Ընդունուեցաւ հռչակաւոր «Պետրովկա» գիւղատնտեսական ճեմարանը եւ աւարտեց 1889-ին` առաջին կարգի մրցանակով: Զաւարեանին առաջարկեցին մնալ Ճեմարան եւ դասաւանդել, բայց Մոսկուայի մէջ միաժամանակ յեղափոխական խմորումներու բովէն անցած եւ հայ յեղափոխական նորածիլ շարժումին գաղափարականօրէն զինուորագրուած Զաւարեան նախընտրեց վերադառնալ Թիֆլիս ու նուիրուիլ հայ ազգային-ազատագրական պայքարի ընդլայնման եւ կազմակերպման սուրբ գործին:

Մոսկուայի ուսանողական տարիները Զաւարեանի մէջ պարզապէս ամրապնդեցին եւ գաղափարականօրէն հունաւորեցին հայ ազգային-ազատագրական պայքարին նուիրուելու վճռակամութիւնը:

Թիֆլիսի աշակերտական իր օրերէն իսկ Զաւարեան աշխուժ մասնակցութիւն ունեցած էր ինքնազարգացման խմբակներու կազմութեան ու հայրենասիրական գիրքերու եւ մամուլի ընթերցանութեամբ գաղափարական դաշնութիւն եւ միութիւն յառաջացնելու փորձերուն մէջ:

Մոսկուան լայն հորիզոն բացաւ երիտասարդական տարիքը նոր թեւակոխած Զաւարեանի առջեւ, որ իրեն հոգեհարազատ գտաւ համառուսական «Նարոդնայա վոլիա» («Ժողովրդային կամք») յեղափոխական շարժումը, որուն համակրողներ էին նաեւ, նոյնպէս ուսման համար Մոսկուա գտնուող, Քրիստափորն ու Հայր Աբրահամը, Ռոստոմն ու Մարտին Շադրեանը, Աւետիս Ահարոնեանն ու յեղափոխաշունչ այլ հայ ուսանողներ, որոնք եւ շուտով պիտի դառնային հիմնադիր կորիզը Հայ յեղափոխականների դաշնակցութեան ստեղծումին:

Հետեւաբար, Թիֆլիսի մէջ, իբրեւ գիւղատնտես պետական աշխատանքի կոչուելով հանդերձ, Զաւարեան ամբողջապէս նուիրուեցաւ հայ յեղափոխական խմբակները ի մի բերող ապակեդրոն կազմակերպութեան մը ստեղծումին` յատկապէս Քրիստափորն ու Ռոստոմը ունենալով իբրեւ անմիջական գործակից: Անոնց միացեալ ջանքով 1890-ի ամառը գումարուեցաւ Հայ յեղափոխականների դաշնակցութեան հիմնադիր ժողովը, ուր Զաւարեան ընտրուեցաւ ՀՅ դաշնակցութեան առաջին պատասխանատու մարմինին` Կենտրոնական վարչութեան անդամ:

Հիմնադիր ժողովէն ետք, ՀՅԴ Կենտրոնական վարչութեան որոշումով, յեղափոխական գործիչները ցրուեցան զանազան շրջաններ` նորաստեղծ կազմակերպութեան դրօշին տակ համախմբելու համար արդէն գործող կուսակցութիւններն ու խմբաւորումները: Զաւարեան, Յովսէփ Արղութեանի հետ, անցաւ Տրապիզոն` ազգային վարժարանի տնօրէնի պաշտօնով: Սակայն չկրցաւ երկար մնալ Տրապիզոնի մէջ, որովհետեւ թրքական իշխանութիւնները ձերբակալեցին Զաւարեանն ու Արղութեանը` իբրեւ յեղափոխականներ: Զաւարեան դատուեցաւ եւ դատավարութեան ընթացքին, յանդուգն պաշտպանողականով մը խարազանեց սուլթանի նեխած վարչաձեւը: Հետեւանքը եղաւ չորս տարուան բերդարգելութեան դատավճիռ: Շուտով, սակայն, ռուսական դեսպանի միջամտութեամբ, Զաւարեան ու Արղութեան` իբրեւ ռուսահպատակներ, յանձնուեցան ցարական իշխանութեանց, որոնք զոյգ հայ յեղափոխականները աքսորեցին Բեսարաբիա, ուր աքսորուած էր նաեւ Քրիստափոր:

Աքսորէն վերադառնալէ ետք, 1892-ին Զաւարեան մասնակցեցաւ ՀՅ դաշնակցութեան Ա. Ընդհանուր ժողովին, որմէ ետք Քրիստափորի ու Ռոստոմի հետ մշակեց կուսակցութեան ծրագիր-կանոնագիրը:

Այնուհետեւ, մինչեւ 1902 Զաւարեան մնաց Թիֆլիս` իբրեւ ՀՅ դաշնակցութեան Արեւելեան Բիւրոյի անդամ ու կուսակցութեան ղեկավար գործիչներէն մէկը: 1902-ի գարնան, երբ Քրիստափորը «Փոթորիկ»-ի գործով Ժընեւէն անցաւ Ռուսիա, զայն փոխարինելու համար Ժընեւ մեկնեցաւ Զաւարեան` իբրեւ «Դրօշակ»-ի խմբագրութեան անդամ, Է. Ակնունիի եւ Մ. Վարանդեանի հետ միասին:

1904-ին գումարուած ՀՅԴ Գ. Ընդհանուր ժողովին (Սոֆիայի մէջ) որոշուեցաւ, որ Զաւարեան, իբրեւ գործիչ, անցնի Կիլիկիա` Խանասորի Վարդանին հետ, տեղւոյն վրայ յեղափոխական շարժման կազմակերպումը ժողովրդային ուժեղ հիմերու վրայ դնելու յանձնարարութեամբ:

1906-ին Զաւարեան վերստին Թիֆլիս էր, ուր նախագահ ընտրուեցաւ Էջմիածինի մէջ գումարուած Ազգային կեդրոնական ժողովին, որ հայոց եկեղեցապատկան կալուածներու վերստացումէն եւ հայ-թաթարական ընդհարումներէն ետք արեւելահայութեան առջեւ ծառացած ազգային-քաղաքական հիմնախնդիրներուն լուծում տալու կոչուած կարեւոր ժողովը եղաւ:

1908-ին, երբ օսմանեան սահմանադրութեան հռչակումին զուգահեռ Կովկասի մէջ ծայր առին ցարական հալածանքները Դաշնակցութեան դէմ, Զաւարեան անցաւ Պոլիս, ուր գործեց իբրեւ ՀՅ Դաշնակցութեան ներկայացուցչական դէմք:

1911-ի ամառը Զաւարեան մասնակցեցաւ ՀՅԴ Զ. Ընդհ. ժողովին, Պոլիս: Իթթիհատի հետ գործակցութեան փորձերուն վերջակէտ դնող այդ Ընդհանուր ժողովէն ետք Զաւարեան շարունակեց մնալ Պոլիս:

Ապրեցաւ «Եսայեան» վարժարանի ուսուցչական պաշտօնէն ստացած համեստ աշխատավարձով` դպրոցէն դուրս իր ամբողջ ժամանակն ու եռանդը նուիրելով կուսակցութեան եւ հասարակական գործունէութեան:

Այդ շրջանին էր, որ Թուրքիոյ հայոց պատրիարքարանի որոշումով Զաւարեան, իբրեւ հայկական վարժարաններու ընդհանուր քննիչ, ղրկուեցաւ գաւառները, ուր ոչ միայն մօտէն ծանօթացաւ տիրող կացութեան եւ իր նպաստը բերաւ նորահաս սերունդներու բազմակողմանի զարգացման համար բարենպաստ պայմաններու ստեղծումին, այլեւ նորովի թափ տուաւ Երկրի հայութեան ազգային-քաղաքական ինքնակազմակերպումին եւ դիմադրական կորովի ուժեղացումին:

Միաժամանակ Զաւարեան մնայուն ներկայութիւն եղաւ «Ազատամարտ»-ի էջերուն` իր ստորագրած յօդուածներով հունաւորելով ինչպէս Դաշնակցութեան, նոյնպէս եւ հայ քաղաքական մտքի ընդհանուր ուղղութիւնը` ներքին-ազգային թէ արտաքին-միջազգային խնդիրներու նկատմամբ:

Յատկապէս այդ շրջանի իր գործունէութեամբ եւ պաշտպանած գաղափարներով, հայ ազգային իրականութեան խոցելի ծալքերն ու յոռի բարքերը մերկացնող եւ խարազանող իր հետեւողական ուղեգծով եւ վարքով Զաւարեան դարձաւ հոգեհարազատ պատգամաբեր Հայաստանի ու հայութեան յեղափոխական վերածնունդին: Ամբողջ հայ ժողովուրդը խորապէս ցնցուեցաւ, երբ 27 հոկտեմբեր 1913-ին ճակատագիրը այդպէս` յանկա՛րծ կտրեց կեանքի թելը Գաղափարի մեծ ուսուցիչին, Դաշնակցութեան Խիղճը մարմնաւորած հայոց ազատամարտի «Աշխարհիկ Սուրբ»-ին, հայ ազգային ինքնութիւնը նոր ժամանակներու ոգիով իր կապանքներէն ազատագրելու ելած «Ընկերային Նազովրեցի»-ին:

Այսօր կը լրանայ 105-ամեակը հայ ժողովուրդի անմահ մեծերու փաղանգին մէջ իր ուրոյն եւ բարձրադիր պատուանդանը նուաճած Սիմոն Զաւարեանի, որուն անձն ու գործը, կեանքն ու վարքագիծը մեր օրերուն եւս գաղափարական փարոսի պէս կը լուսաւորեն Հայաստանի ու հայութեան ինքնահաստատման եւ ինքնամաքրման` ամբողջական ազատագրութեան ու բազմակողմանի զարգացման դժուարին երթը: Հայ ժողովուրդի անխտիր բոլոր կոչեցեալներն ու ընտրեալները յեղափոխական մեծ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ մէջ ի մի բերելու, կուսակիցներու վերածելու եւ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ԿԱՄՔ-ի ուժով ազգակերտումի եւ հայրենակերտումի սրբազան պայքարը մշտանորոգ թափով յառաջ մղելու առաքելութեան պատգամաբերն է Սիմոն Զաւարեան:

 

 


Տիգրանակերտի Մէջ Հինգ Քաղաքացիներէն Երկուքը Կը Խօսին Հայերու Հետ Ազգակցական Կապեր Ունենալու Մասին. Մկրտիչ Մարկոսեան

0
0

Թուրքիոյ ժամանակակից ամենայայտնի հայ գրողներէն Մկրտիչ Մարկոսեանը հարցազրոյց մը ունեցած է Պոլսոյ «Ակօս» շաբաթաթերթին հետ` Տիգրանակերտի մէջ վերջերս տեղի ունեցած գիրքի ցուցահանդէսի մը մասին, որուն` ան հրաւիրուած է իբրեւ պատուոյ հիւր:

Թուրքիոյ մէջ մեծ արձագանգ գտած «Կեաւուրի թաղը» գիրքին հեղինակը անդրադարձած է նաեւ  Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին ներկայիս ապրող քաղաքացիներուն` հայերու հանդէպ ունեցած վերաբերումին, անոնց անկեղծութեան, ինչպէս նաեւ` իսլամացուած հայերու հարցերուն:

«Ապրի՛ն, զիս իբրեւ պատուոյ հիւր հրաւիրեցին, բացման ելոյթներ հնչեցուցին, բայց բան մը կար, որ զիս տխրեցուց. այդքան չսիրեցի այն գաղափարը, որ ես իմ ծննդավայրիս մէջ, իմ հողերուս վրայ պատուոյ հիւր համարուիմ: Ինչո՞ւ: Ես տիգրանակերտցի եմ, հոն հիւր չեմ: Այս մէկը ինծի հեգնանքի պէս թուեցաւ: Այս մասին հոն ալ բացայայտօրէն ըսի», նշեց գրողը:

Լրագրողին այն հարցումին, թէ` ըստ իրեն, Արեւմտեան Հայաստանի մէջ մարդոց մեծ հետաքրքրութիւնը հայերու եւ հայկական անցեալին հանդէպ ուրկէ՞ կու գայ, եւ թէ` արդեօք անիկա հին ժամանակներու կարօ՞տն է, թէ՞ կորսուածին գիտակցութիւնը, Մարկոսեան պատասխանեց. «Երբեմն ես ինծի կու տամ այս հարցումը: Կարծես յատուկ ջանք կը տարուի: Կ՛ըսեմ` «կարծես», որովհետեւ բոլորը չենք ճանչնար: Հոն հինգ քաղաքացիներէն երկուքը կը խօսին հայերու հետ ազգակցական կապեր ունենալու մասին: Յատկանշական է ասիկա, որովհետեւ ոչ ոք անոնց կոկորդը սեղմելով` չի ստիպեր, որ այդ բոլորը ըսեն. իրենք կը հաստատեն: Ոմանք ամբողջութեամբ հայ են (նկատի ունի` իսլամացուած), քիւրտերը անոնց «պեֆըլլէ» կ՛ըսեն (քրտերէնով` հայ, քրիստոնեայ): Չեմ գիտեր, թէ ես, եթէ իրենց վիճակին մէջ ըլլայի, ի՛նչ պիտի ընէի»:

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Պոլթընի Այցելութիւնները` Կովկասեան Տարածաշրջան

0
0

Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան հարցերու խորհրդական Ճոն Պոլթընի այցելութեան դրդապատճառներն ու թայմինկը բաւական վերլուծումներու եւ եզրակացութիւններու դուռ կրնան բանալ:

Առաջին հերթին, քանի մը կարճ տեղեկութիւններ` 22 մարտ 2018-էն ի վեր նախագահ Թրամփի կողմէ նշանակուած  Պոլթընի մասին:

Ամերիկայի կարծր անձնաւորութիւններու դասակարգին կը պատկանի Պոլթըն, որ իր երկրի շահերը ամէն բանէ վեր կը գերադասէ, նոյնիսկ` մարդկային ամենադոյզն իրաւունքներէ եւ արդարութենէ:

Բրիտանացի հանրածանօթ բեմադրիչ Սթանլի Քիւպրիքի գլուխ գործոցներէն «Տաքթըր Սթրէյնճլաւ»-ի տիպարը յիշեցնող անձնաւորութիւններէն մէկն է Պոլթընը, որուն համար պարզ ու հեշտ են ռումբն ու աւերը, եւ բոլորովին երկրորդական` անոնց ստեղծած մտահոգութիւնները: Այդ նոյնինքն «Տաքթըր Սթրէյնճլաւ» Պոլթընն էր, որ 11 սեպտեմբեր 2001-ի ահաբեկչական արարքէն կարճ ժամանակաշրջան ետք, յերիւրածոյ եւ երեւակային եզրակացութիւններով, գործի լծուեցաւ Իրաք ներխուժելու եւ արդէն իսկ անկայուն Միջին Արեւելք մը բռնկեցնելու:

Ապա, կարճ ժամանակաշրջան մը, 2005-2006 թուականներուն, Պոլթըն ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնը ստանձնեց: Պաշտօն մը, որ բոլորովին չէր համընկներ իր բնաւորութեան, գործելաձեւին եւ անշուշտ` անցեալին:

Ահաւասիկ վերստին գործի վրայ է այս խնդրայարոյց տիպարը, որ այս անգամ շարունակ հարցականի տակ կ՛առնէ Իրանի դերակատարութիւնը միջինարեւելեան թէ կովկասեան տարածաշրջաններուն մէջ:

Այս այցելութիւնը ո՞ր պրիսմակէն պէտք է դիտել, մանաւանդ երբ մէջբերուին, վարչապետ Փաշինեանի հետ տեսակցելէ ետք, Պոլթընի լափալիսեան խօսքերը, թէ` Արցախի հիմնահարցին լուծումը բարդ է եւ եթէ հեշտ ըլլար, արդէն վաղուց կարգաւորուած կ՛ըլլար, աւելցնելով, որ ո՛չ ոք աւելի շատ խաղաղութիւն կ՛ուզէ, քան իրենք` կողմերը, որոնք պէտք է աշխատին իրարու հետ, եւ ի վերջոյ անոնք պէտք է կարենան գտնել լուծումը:

Ամերիկացի դիւանագէտը նաեւ յատուկ շնորհաւորած է Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական կարգերու խաղաղ հաստատումը` շեշտելով, որ Սպիտակ տունը կ՛աջակցի նոր կառավարութեան ջանքերուն` ուղղուած փտածութեան դէմ պայքարին, դատական համակարգի թափանցիկութեան աստիճանի բարձրացման եւ քաղաքացիներու առջեւ կառավարութեան հաշուետուութեան, իրաւունքի գերակայութեան եւ տարածաշրջանային կայունութեան ամրապնդման:

Վերադառնալով այս այցելութեան  դրդապատճառներուն եւ թայմինկին` տեղին է նշել, որ Պոլթընի այցելութենէն քանի մը օր առաջ հետզհետէ կը բացայայտուէր սէուտցի այլախոհ լրագրող Խաշոկճիի սպանութիւնը, Պոլսոյ սէուտական հիւպատոսարանին մէջ: Նաեւ այդ օրերուն, Մոսկուայի հետեւողական աշխատանքի արդիւնք, Փաշինեանի եւ Ալիեւի միջեւ ուղղակի կապի գիծ կը հաստատուէր, եւ ի վերջոյ, Երեւանէն հրաժեշտ առնող Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միլզը Արցախը «գրաւեալ հողեր» կ՛անուանէր:

«Ես իմ այցով չեմ եկած ազդարարելու ամերիկեան քաղաքականութեան փոփոխութիւն, կամ  նոր լուծումներ առաջարկելու այս հարցով», յայտնեց Պոլթըն: Յոյսով ենք, որ ան տէր պիտի կանգնի այս խօսքին:

Արցախ Կրնա՞յ Ռուսեւամերիկեան Շահերու Բախման Կիզակէտ Ըլլալ

0
0

Ա. Ա.

Հարաւային Կովկաս եւ Ռուսիա այցելութիւնը, զոր կատարեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ազգային հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթըն լուսարձակի տակ բերաւ ամերիկեան քաղաքականութիւնը` տարածաշրջանին մէջ, ուր յստակ է, որ ռուսեւամերիկեան շահերու բախում կայ, ինչ կը վերաբերի Վրաստանի հողային ամբողջականութեան, անոր` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան, Իրանի նկատմամբ ամերիկեան կեցուածքներուն եւ, ընդհանրապէս, ամբողջ շրջանին մէջ ազդեցութեան գօտիի ստեղծման հնարաւորութիւններու եւ պատկերացումներու:

Ազրպէյճանէն Հայաստան անցնելով` Պոլթըն յստակացուց, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը, ի շարս այլ խնդիրներու եւ հարցերու, բաւական լուրջ քննարկումներու ենթարկուած է Պաքուի մէջ նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ կայացած հանդիպման ընթացքին, ուր նաեւ Ալիեւ Պոլթընի ներկայացուցած է իր պատկերացումները` Արցախի տագնապի լուծման կարելիութիւններուն մասին: «Արցախի տագնապին լուծումը ռազմավարական կարեւորութիւն ունի», յայտարարեց Պոլթըն Պաքուի մէջ եւ շեշտեց, որ խաղաղութիւնը թէ՛ Ազրպէյճանի եւ թէ՛ Հայաստանի համար կարեւոր է:

Բնականաբար Պաքուի մէջ խօսակցութիւնները ընդգրկեցին նաեւ ազրպէյճանական քարիւղին եւ բնական կազին շահարկման թղթածրարները, որոնք առաւել կը կարեւորեն Ազրպէյճանը` նկատի ունենալով ուժանիւթի աղբիւրներու ազրպէյճանական հանքերուն շահաւէտութիւնը:

Իսկ Երեւանի մէջ Պոլթընի խօսակցութիւնները աւելի բազմաբնոյթ եղան` ընդգրկելով թաւշեայ յեղափոխութիւնը, ժողովրդավարութեան ամրապնդման հնարաւորութիւնները, ռուսական զէնքի գնման կապուած ամերիկեան պատկերացումները, Հարաւային Կովկասի մէջ Հայաստանի դերակատարութիւնը` իբրեւ Իրանի սահմանակից պետութիւն մը եւ այլ խնդիրներ, որոնք կը գտնուին ամերիկեան օրակարգին վրայ: «Միացեալ Նահանգներ, նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բարձր առաջնահերթութիւն մը կը համարեն», յայտարարեց Պոլթըն եւ բացայայտեց, որ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանին հետ արծարծած է նոյնիսկ ռուսական զէնքերու գնման խնդիրը` խորհուրդ տալով, որ Երեւան չկաշկանդուի պատմական կաղապարներով եւ դիմէ նաեւ Միացեալ Նահանգներու` զէնք ստանալու համար: «Փաշինեանին ըսի, որ ամերիկեան զէնքին որակը շատ աւելի լաւ է ռուսականէն», նշեց Պոլթըն` «Ազատութիւն» կայանին տրուած հարցազրոյցին ընթացքին:

Երեւանի մէջ տրուած հարցազրոյցի մը մէջ Պոլթըն անդրադարձաւ Արցախի տագնապի լուծման հեռանկարներուն եւ շեշտեց, որ տագնապին լուծումը, ըստ Միացեալ Նահանգներուն, պէտք է ըլլայ ընդունելի երկու կողմերուն` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի համար:

Սակայն Պոլթընի ամէնէն ուշագրաւ յայտարարութիւնը կը վերաբերէր Արցախի տագնապի լուծման մէջ Հայաստանի ղեկավարութեան վերապահուած դերակատարութեան: Ան շեշտեց, որ Փաշինեանի յաղթանակին բարձր հաւանականութիւնը` խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններուն, անոր պիտի տայ օրինականութեան ուժը, որպէսզի առնէ անհրաժեշտ քայլերը` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը լուծելու համար:

Թէ ի՛նչ են այդ «անհրաժեշտ քայլերը», որոնց մասին խօսեցաւ Պոլթըն, յստակ չէ: Սակայն տողատակի տպաւորութիւնը բաւական յստակ էր: Խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններէն յաղթական դուրս գալու պարագային, Հայաստանի նոր ղեկավարութիւնը կրնայ ունենալ բնակչութեան մեծ մասին կողմէ իրեն տրուած իրաւասութիւնը` ճակատագրական խնդիրներու մէջ կենսական կեցուածքներ ճշդելու եւ քայլերու դիմելու: Եւ գաղտնիք մը չէ, որ Արցախի տագնապն ալ այդ ճակատագրական խնդիրներուն ցանկին առաջին դիրքը կը գրաւէ:

Իսկ Պաքուէն արձակուած յայտարարութիւնը, թէ` Արցախի տագնապին լուծումը երկու կողմերուն համար ալ ընդունելի պէտք է ըլլայ, դասական կեցուածք մըն էր, որ ալ սկսած է կորսնցնել խնդրին էութեան հետ իր այժմէականութիւնը, որովհետեւ երկու կողմերուն կեցուածքներուն մէջ կտրուկ տարբերութիւններ կան, եւ որոնք կը չքացնեն երկու կողմերուն համար ընդունելի լուծման մը տարազը: Ազրպէյճան ոչ մէկ պարագայի համաձայն է, որ Արցախ անկախ պետութիւն մը դառնայ, միշտ պնդելով, որ տարածքը Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան մաս կը կազմէ, եւ իբրեւ այդպիսին` պէտք է ազրպէյճանական իշխանութեան տակ մտնէ: Հայկական կողմին համար նման բան անկարելի է, որովհետեւ Արցախի հայութիւնը, լաւագոյնս օգտագործելով Միջազգային օրէնքի ինքնորոշման իրաւունքի ուժը, վճռեց իր ճակատագիրը եւ ազատագրեց հայրենի հողը ազրպէյճանական լուծէն: Այսինքն ոչ մէկ պարագայի վերադարձ` ազրպէյճանական իշխանութեան տակ:

Հայկական այս վճռական եւ արդար իրաւունքին եւ ազրպէյճանական անարդար պնդումներուն միջեւ ի մտի պէտք է ունենալ նաեւ վերջերս Արցախի Հանրապետութեան մայրաքաղաքէն` Ստեփանակերտէն շեշտուած բաւական նշանակալից կեցուածք մը, թէ` արցախահայութեան համար Մատրիտեան սկզբունքներ այլեւս գոյութիւն չունին: Այսինքն տագնապին լուծման համար «Հող` խաղաղութեան փոխարէն» տարազը մերժելի է, որովհետեւ արցախցիները ոչ թէ ազրպէյճանական տարածքներ գրաւած են, այլ իրենց հայրենիքը ազատագրած են:

Հիմա կը մնայ սպասել` իմանալու համար թէ Պոլթըն ի՛նչ նկատի ունէր, երբ յայտարարեց, որ Փաշինեանը կրնայ ունենալ ուժեղ իրաւասութիւն մը` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ուղղութեամբ քայլերու դիմելու համար: Եւ ասիկա` Հարաւային Կովկասի մէջ ռուսեւամերիկեան շահերու բախման ընդհանուր խորապատկերի մը վրայ, ուր ռուսական գործօնը չափազանց կարեւոր է:

 

 

Մտորումներ` «ՀՅԴ Սոցիալ-Տնտեսական Քաղաքականութեան Հիմնադրոյթներ»-ու Նախագիծին Մասին

0
0

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

10 օգոստոս 2018-ին ՀՅԴ Բիւրոյի Տնտեսական հետազօտութիւններու գրասենեակը ներկայացուց «ՀՅԴ սոցիալ-տնտեսական քաղաքականութեան հիմնադրոյթներ»-ու նախագիծը: Այս նախագիծը ներկայացուեցաւ իբրեւ լուծում առաջադրող  փաստաթուղթ` Հայաստանի մէջ առկայ ընկերային-տնտեսական հարցերուն:

Հայաստանի վերանկախացումէն ետք իրագործուեցան նոր-ազատական քաղաքականութիւններ, որոնք ընդգրկեցին լայնածաւալ սեփականաշնորհումներ, պետական հսկողութեան վերացում` տնտեսական մարզին մէջ, աշխատաւորներու իրաւունքներու ոտնակոխում, որոնք իրենց կարգին պատճառ դարձան ընկերային զրկուածութեան, աղքատութեան, անգործութեան եւ արտագաղթի:

Ընկերային եւ հանրային ծառայութիւններ մատուցողի դերակատարութիւնը ստանձնելու փոխարէն` պետութիւնը դարձաւ հարկային փախուստներուն երաշխաւորը, մեծահարուստներուն եւ դրամատուներուն ցած հարկ ապահովողը, աւելի ճիշդ` սակաւապետութեան պահակը: Յիշեալ տնտեսական ազատական քաղաքականութիւնները սկսան Լեւոն Տէր Պետրոսեանի նախագահութեան օրերուն (ան դարձաւ նոր-ազատականութեան հայրը` Հայաստանի մէջ) եւ շարունակուեցան իրերայաջորդ կառավարութիւններուն կողմէ:

«ՀՅԴ սոցիալ-տնտեսական քաղաքականութեան հիմնադրոյթներ»-ու նախագիծը, մատնանշելով սեփականաշնորհումը, պետութեան հսկողութեան վերացումը, մենաշնորհները, ծայրամասերուն նկատմամբ ցուցաբերուած անհոգութիւնը եւ ընկերային բարօրութեան կարիքի անտեսումը, անոնց փոխարէն կ՛առաջադրէ այլընտրանք մը` հիմնուած ազատութեան, արդարութեան եւ համերաշխութեան սկզբունքներուն վրայ, ինչ որ կը համապատասխանէ ՀՅԴ-ի ընկերվարութեան վրայ հիմնուած ընկերային-տնտեսական առաջադրանքներուն:

ՀՅԴ-ն իր ազատութեան, արդարութեան եւ համերաշխութեան գաղափարական հիմքերով կու գայ ամրապնդելու ընկերային արդարութիւնը` աշխուժացնելով պետութեան հսկողութեան դերակատարութիւնը շուկային նկատմամբ, որպէսզի եկամուտը արդարօրէն վերաբաժնուի` հաստատելով յառաջատուական հարկային համակարգ, ուր ան որ շատ կը գանձէ, շատ կը վճարէ, եւ` հակառակը, հոգ տանելով ծայրամասերուն վրայ եւ` ստեղծելով մրցակցային արդար մթնոլորտ, ուր փոքր եւ միջին ձեռնարկութիւնները հեռու չեն մնար շուկայի հոլովոյթէն:

Ինչ կը վերաբերի նախագիծի վերջին բաժինին («Սոցիալ-տնտեսական բարեփոխումների ՀՅԴ հաւաքական լուծումները»), այդտեղ յստակօրէն պիտի տեսնենք զրկուած խաւերու ընկերային ներառականութիւն, պետութեան միջամտութիւն` յանուն արդարութեան, ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող արտադրական ճիւղերու պետութեան հովանաւորութիւն, համագործակցականներու ձեւաւորում` գիւղատնտեսական մարզին մէջ, սփիւռքեան ներուժի ներառում եւ բնապահպանութեան կարեւորութեան շեշտադրում:

Հայաստանի մէջ կա՞յ որեւէ կուսակցութիւն, որ ՀՅԴ-ի նման ընկերային-տնտեսական քաղաքականութեան հիմնադրոյթներու նախագիծ ունի. Հայաստանի մէջ կա՞յ որեւէ կուսակցութիւն, որ ՀՅԴ-ի նման կեդրոնացած է ընկերային արդարութեան ամրապնդման վրայ. Հայաստանի մէջ կա՞յ որեւէ կուսակցութիւն, որ նպատակ ունի արդարօրէն վերաբաշխել եկամուտը:

Կարդացէ՛ք, շա՛տ կարդացէք եւ պիտի չգտնէք ՀՅԴ-ի նման այլ կուսակցութիւն մը, որ հետապնդէ նմանօրինակ հարցեր: Բայց ինչո՞ւ պիտի չգտնէք: Որովհետեւ միայն ՀՅԴ-ն է, որուն ծրագիրը հիմնուած է ընկերվարութեան վրայ, իսկ միւսները ստեղծուած են տնտեսական ազատականութեան հիման վրայ: Ընկերվարութեան մէջ են ազատութեան, արդարութեան եւ համերաշխութեան հիմքերը: Ընկերվարութեան մէջ կը կայանայ արժանապատիւ, բարեկեցիկ, արդար ու ընկերային կեանքի կերտումը: Թերեւս ըլլան մարդիկ, խումբեր կամ կուսակցութիւններ, որոնք կ՛օգտագործեն ազատութեան, արդարութեան եւ համերաշխութեան նշանաբանները, բայց այս նշանաբանները անոնց համար տարբեր արժէք ունին:

Անոնց համար ազատութիւնը շուկայի ազատութիւնն է. անոնց համար արդարութիւնը շուկայի շահն է. անոնց համար համերաշխութիւնը շուկայական մենաշնորհներն են:

Որպէսզի թաւշեայ յեղափոխութիւնը հաւատարիմ մնայ ժողովրդային պահանջներուն, եւ անցումային ժամանակաշրջանը պսակուի ընկերային ու տնտեսական արդարութեամբ, պէտք է պետական մակարդակի վրայ ամրապնդուին ՀՅԴ-ի ընկերային- տնտեսական քաղաքականութեան հիմնադրոյթները:

 

Խօսակցութիւն

0
0

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ

Լողաւազանին ճիշդ եզերքը, թարմ առողջ խոտերէն առաջ, երկար աթոռին վրայ երկարած էր արեւակէզ սրունքները, լողազգեստին վերնամասի կապերը իջեցուցած ուսերէն վար՝ «Սագօ՛, – կը պոռար,- շաուըրին տակէն ասդի էկուր»:

Կ՛ուղղուէի աղջկանս քով, որ ահաւասիկ կէս ժամէ աւազանին ջուրը կը լեցնէ պտըլիկ խորանարդի մը մէջ, անկէ՝ ցնցուղին, եւ ցնցուղը կը պարպէ աւազանը եզերող սիմենթին վրայ. հրճուագին համբերութեամբ պիտի պարպէ, մինչեւ որ այդ ամբողջ տարածութիւնը թաց տեսնէ:  Երբ այս կնոջ դեղին աթոռին քովէն կ՛անցնէի, ժպտեցայ իրեն. «Բարեւ,- ըսաւ, – իշտէ ինչ կ՛ըլլայ կոր նէ՝ ա՛ս չոճուխներուն կ՛ըլլայ կոր»:

Յայտնի է որ ամուսնական պատմութիւնս գիտէր. ինք մէկ հատիկ զաւակ ունէր, «չոճուխներուն»ը իմիններս ալ պարփակելու էր:  Նոյն ցաւին մէջ ինկած ըլլալնուս՝ ծանօթացման կարիք չէր զգացեր, առաջին վայրկեանէն բացեր էր տառապանքին թաց տոպրակը:

– Ամէն մարդ իր ճակատագիրը պիտի քաշէ,- չրթեցի դարաւոր կուտը:

– Աման քոյրիկ,- մտերմացաւ ոտքերը իջեցնելով սիմենթին վրայ, – ադ ճակատագիրը քիչ մը աղէկ չէ՞ր մը ըլլար, տե՛ս, – գլուխովը ցոյց տուաւ, – սա խորթլախ ամերիկացիները պաճախնին կը բանան կը նստին, պապաները կը նային պզտիկներուն: Մէկ ժամէ երեք չոճուխները ադ մարդը կ՛օրօրէ կոր, մերիններն ալ քիչ մը մարդ ըլլային նէ‘ չէ՞ր մը ըլլար:

Ուրեմն միայն ամուսնալուծուած ըլլալս չէր իր գիտցածը:  Պըրկըն Քաունթի է, հայեր շատ կան, նշանուողներ, «միասին դուրս ելլողներ», ամուսնալուծման ճամբան բռնողներ, վերամիացողներ, նոր գործ հաստատողներ, Պէյրութէն, Հալէպէն, Պոլիսէն, Թեհրանէն եկած հարազատներու ընտանեկան թելեր, որոնք հազարաւոր նստասենեակներու մէջ կը հիւսուին, սենեակներու, ակումբներու մէջ անոյշ-անոյշ կը զրուցեն, այդ իլիկներէն մանուողները միայն գիտեն թէ ինչպէս կ՛անցնին օրերը:

– Տղադ քանի՞ տարեկան եղաւ,- հարցուցի:

– Հիմա չորսուկէս էղաւ աս տղան, էրկու տարեկան չկար՝ հայրը ձգեց գնաց տոսթին քովը:  Իմս ծեծ-մեծ չունէր, անանկ խումար խաղալ չունէր, ամա աչքը ֆըլտըրըխ չորս կողմն էր, – բացատրեց ձեռքով օդին մէջ կարճ շրջանակ մը գծելով, – գիտէի ամա ի՜նչ ընեմ, զաւակ ունենանք կը փոխուի ըսի, պէպէքը ծնայ‘ էրեսս չի նայեցաւ:  Հօրը անունը դնեմ ըսի. հէ՜չ, պատկերացուր ի՛նչ տեսակի զաւակ է քի՝ հայրը մայրը սալլամը՜շ չընէր. անոնք նեղուած են իրմէ, իր հետ չեն խօսիր, ինծի՛ հետ կը խօսին, – ըսաւ պայքարէն յաղթանակի փշուր մը ապահովածի շեշտով:

– Տեսա՞ր, գոնէ անոնք լաւ մարդիկ են եղեր, – ամէն կեսուր անանկ չըլլար, սատանայ ալ ըլլայ իրենց տղան՝ կը պաշտպանեն:

– Քոյրը՜ս, էս ինչ օրինակներ գիտեմ, տահա կ՛ուրախանան ալ քի իրենց տղան իր կնիկէն զատեցին. բերանս բանալ մի՜ տար:

– Գիտեմ, – ըսի. մէկ յօնքը վեր՝ աչքերուս նայեցաւ լուռ ու մունջ, հասկնալու համար թէ իրապէս գիտե՞մ. յետոյ՝

– Սագօ, – պոռաց, – էկուր չորցնեմ:

Չորցուցած պահուն դարձաւ նայեցաւ աղջկանս, – Իշտէ սա վարդի պէս չոճուխները առանց հօր պիտի մեծնան:

– Հայրը չգա՞ր զինք տանելու:

– Տոսթէն ժամանակ աւելնայ նէ՝ կու գայ, ամիսը մէկ էրկու անգամ. կը տանի իր խանութը կը նստեցունէ. հարցուր քի՝ չոճուխին հետ էրկու բառ կը խօսի՞: Քիւմէ քիւմէ դրամ պիտի շինէ:

– Եթէ տոսթ չունենար՝ այսքան պիտի նեղուէի՞ր:

– Վաղը անո՛ր ալ կը ձգէ, էս գիտեմ ապրանքս. կը յոգնի՝ մէկալի՜ն կ՛երթայ, – վաղուց հասած եզրակացութեան պէս կրկնեց եւ այլեւս գլուխը հանդարտօրէն կռթնեցուց աթոռի կռնակին, արեւի ակնոցները զետեղեց աչքերուն, վայրկեան մը արեւը դիտելէ ետք գլուխը ետ բերաւ առջեւ.

– Էս գիտեմ քի էրիկիդ հախէն գալու համար արսը՜զ կնիկ պիտի ըլլաս, ոչ թէ մեզի պէս հրեշտակ:

Ալ վստահ ըլլալով որ կեանքիս գոնէ մէկ ժամանակաշրջանի անցուդարձերուն տեղեակ է‘ ոտքերս ծալլեցի նստայ խոտերուն վրայ.

– Քեզի բան մը ըսե՞մ, պէտք է մոռնա՛ս:

– Քոյրըս, մոռնալը ո՞րն է, – ըմբոստացաւ, բարակ շրթունքները դողդղացին, – ես դպրոցի գարետախտա՞կ էմ որ աւրես մոռնաս, վերջանայ էրթայ:  Մարմինդ կ՛այրի կոր նէ՝ ի՛նչը կը մոռնաս:  Գիշեր-ցերեկ աշխատեր եմ՝ մա՜րդ ըրեր եմ իրեն:  Մէկ սենթ չունէինք երբոր էկանք. ութը տարուայ մէջ միայն հինգ անգամ մուվի գացի, նուէր-մուէր չուզեցի: Իրեն սեքրէթերի էղայ, հաշիւ բռնեցի, ճաշ եփող էղայ, կնիկ էղայ, ըրած ջլթիկութիւններուն աչքս գոցեցի, օգուտ չըրաւ:  Հելէ դո՛ւն ինչպէս կը մոռնաս էղեր, մարմինդ չի՞ ցաւիր, – զգաց որ փակեալ դժոխքէ մը մտաւ, թուքը կլլեց, ուզեց նիւթը փոխել, – ձեռքէն գար նէ‘ իմինս հարե՜մ պիտի բանար:

– Մարդուն մէկը գոնէ միայն երեք կին կ՛ուզէր,- խնդացի, – մէկը մայր թագուհի, թերեւս զաւակ բերող, միւսը սեքսի համար, երրորդն ալ իր հրահանգները վայրկենական կատարելու համար:  Աս տեսակները թուրք կին անգամ պէտք չէ ունենան:

– Նայէ բան մը ըսեմ, աստեղերը ասանկ կը խօսին կոր ամա մեր էրկիրը թուրքերուն մէջը լաւերը շատ են: Դրացի մը ունէի՝ ինծի մօրքուրի պէս էր, Սագոյին կաղանդին կաշիէ ժագէթ ղրկեց. մամաս մեռաւ նէ էս գացի հասայ, կնիկը՝ ճիկերը դուրս պիտի իյնար լալէն:

– Իրաւունք ունիս, – ըսի, – թուրքը ըսելու ձեւ մըն է, ամէնէն գէշ տեսակի մարդ ըսել է մեզի համար:

Հիմա որ կշիռքը հաւասարակշռուած էր՝ անցաւ միւս նժարին առջեւ, եւ քաշեց դրաւ հոն թերեւս տարիներէ ի վեր կոկորդը պատռող ծանրութիւնը.

– Հա՛յ է ըսինք՝ առինք, իշտէ՛ հայուն ղազըխը:

– ի՞նչ պիտի ընէիր, թո՞ւրք պիտի առնէիր:

– Յոյն ալ կար, հրեայ ալ կար, ամա կ՛ըլլա՞ր մի, մամայիս հայրիկիս աչքին լուսն էի, «աման, աղջիկս, հայ է, Ամերիկայէն էկեր է, արհեստը տեղն է՝ ա՛ռ, յետոյ կը սիրես» ըսին: Առի:

– Սիրեցի՞ր:

– Չի սիրէի նէ‘ հոգիս կու տայի՞, սա մեմլեքէթին լեզուն ալ չեմ գիտեր, միս-մինակս տունէն խանութ, խանութէն տուն:  Տուն տեղ առինք, գիւղէն տուն առինք, պիտի վայելէինք – մամաս գիտնայ նէ‘ գերեզմանին մէջը կը դառնայ, – ըսաւ սահող պսպղուն արցունքը սրբելով աջ ճկոյթով, – քսանմէկ տարեկան էի ամա աստեղուաններուն պէս չէի, աչքս չէր բացուած: Ինչ օպիւսոննե՜ր, ինչ օժիտ բերի հետս. հայրիկս մալ-միւլք ունէր, ուրախացաւ քի Ամերիկա հարս կ՛երթամ կոր. ամա մամաս չէր ուզեր կոր խեղճ կնիկը:  Մամա է գիտես, կարծես թէ սիրտը սկիզբէն կ՛այրէր կոր, էրկու շաբաթ առին դրին, «նասիպդ աս է, հատէ՛ առ, բախտաւոր ես» ըսին:

Վայրկեան մը կեցաւ, շրթները պիրկ, գլուխը շարժեց.

– Իշտէ առինք հայուն ղազը՛խը:

– Է՜յ, – ըսի, – եղածը հայու հետ կապ չունի, էրիկմարդու տեսակ  մը կայ որ վայրի անասուն է, թերեւս կիներու ալ անանկ ցեղ մը կայ, բարեբախտաբար այդ մէկուն չեմ հանդիպած:

– Կա՜յ քոյրս, էս հոս գալէս ի վեր, կեանքին դպրոցը չէ՝ գոլէ՛ճը գացի, աս գլուխս ինչե՜ր գիտէ, եթէ պատմեմ, միտքդ սթոփ կ՛ըլլայ:  Սէօրերուն դպրոցէն էլայ՝ ամուսնացուցին, էրիկիդ հնազանդ պիտի ըլլաս ըսին, մէկը չըսաւ քի՝ ի՛նչ ընեմ եթէ մայմունի պէս կնիկէ կնիկ ցատկռտէ:

– Քանի որ կը սիրէիր՝ դուն ալ հոգդ չընէիր որ կնիկ կը  խաղցնէ,- ապուշի պէս խօսեցայ:

– Աղջի՛կ, մէկուկէս տարեկան չոճուխը գիրկս ձգեց, փըրը-փըրթըն հաւաքեց գնա՜աց:

– Դատ բացե՞ր ես, – ա՛լ երդիքներէ իջած եւ գործնականի սեմին ամուր կանգնած հարց տուի:

– Ափ-ափ դրամ պիտի թափես, պիտի փաստես որ աչքը դուրսն է էղեր, էս Քոլոմպօ՞ էմ մը:

– Բացեր ես յուսամ, – հետապնդեցի:

– Քաշքշէ հա քաշքշէ, դրամ չեմ վաստկիր կոր կ՛ըսէ կոր, թէքսին թուղթերը սխալ կը ցուցընէ կոր. ծօ էս մէջը դուրսը գիտե՛մ: «Առանց թուղթի բան չի փաստուիր», կ՛ըսէ կոր փաստաբանը:

– Ո՞վ է:

– Հայ առի, լեզուս հասկնայ տէյի, ահագին խօսելիք ունիմ:

– Եթէ լաւ չէ՝ փոխէ, ես քեզի համար կու գամ կը թարգմանեմ, բայց յետոյ չըսես որ՝ նորէն հայուն ղազըխին ինկար:

Խնդաց. ի՜նչ անուշիկ ժպիտ ունէր. առաջին անգամ ըլլալով տեսայ որ երիտասարդացաւ.

– Հայրիկս ալ «Հա՜յ, հա՜յ» կ՛ըսէր քեզի պէս, ամա տես ինչ էղար, տիվորս է կ՛ըսեն‘ մէկը էրեսդ չի նայիր:

– Զիս հարազատի տեղ դիր, քեզի երկու խորհուրդ պիտի տամ, – ըսի, – ամէնէն առաջ ինքզինքդ պիտի յարգես, դժգոհութիւններդ քեզի պիտի պահես՝ հպարտ պիտի ըլլաս կեանքովդ, նոյնիսկ եթէ սուփըրմարքէթ երթաս տասը տոլարով:  Յետոյ՝ ամուսնալուծուիլը յանցանք չէ, ընդհակառակը՝ քաջութիւն կը պահանջէ, մանաւանդ սա հայկական թուլամորթ, չարախօս ընկերութեան մէջ հերոսութի՛ւն է:  Երանի ուրիշներ ալ մեզի պէս ընէին, իրենց զաւակներուն եւ իրենց կեանքը դժոխքի մէջ քաշքշելու, օր մըն ալ սպաննուելու տեղ՝ բաժնուէին իրենց խայտառակ ամուսիններէն, դատ-դատավարութիւն պահանջէին. թերեւս անոնց համար ալ լաւ դաս մը կ՛ըլլար զգաստանալու:

– Քոյրս, էս ինչ պատմութիւններ գիտեմ քի՝ եթէ տիվորսի շարուին, աստեղէն երկինք ճամբայ կը բացուի:

– Ընտանիքը սուրբ սեփականութիւն է…

– Էս ալ անանկ մտածեցի, ամօթ կայ, միւռոն ունիս՝ խաչդ կրէ՛ ըսի ինքզինքիս, ա՛ս օրերուն ինկայ:

– Նոյնիսկ եթէ սէր չկայ՝ գոնէ հիմնուած պէտք է ըլլայ փոխադարձ յարգանքի եւ փոխադարձ զիջումի վրայ:  Այն պահուն որ հոգեկան կամ ֆիզիքական բռնութիւն կը բանեցնէ՝ իրաւունք չունի կին ունենալու այդ մարդը: Դեռ գիտե՞ս ինչ, կը կարծեմ որ մեզի շքանշան պէտք է տան մեր քաջութեան եւ ամուսնալուծման ցաւին դիմանալնուս համար:

– Իշտէ ուսում առած ես, խելացի, պոյդ պոսդ տեղը, բան մը օգուտ չըրաւ:

– Եկուր պզտիկները ժողվենք, երթանք այդ հովանոցին տակ՝ մեր ճակատագրին համար մէկական փիծծա ուտենք եւ քոք խմենք, – առաջարկեցի:

– Տայէթ չե՞ս ըներ կոր:

– Ճակատագրիս մէջ տայէթ չկայ, – ըսի:

Երբոր ծովի պայուսակները եւ պզտիկներուն ուրախութիւնը շալկած կ՛ուղղուէինք ճաշարան՝

– Քա, դուն քոմիկ էս եղեր,- ըսաւ, – ինչպէ՞ս կը դիմանաս կոր:

– Մոռնալով եւ ներել փորձելով, ոչ թէ ազնիւ ըլլալուս հանար, բայց քանի որ ուրիշ ձեւ չկայ: Կեանքը պէտք է շարունակուի. զաւակիդ մայր ալ պիտի ըլլաս, հա՛յր ալ պիտի ըլլաս. Մէկ հատ ալ անոր համար շքանշան տալու են:

– Փաստաբանէս հե՜չ գոհ չեմ ամա չպիտի փոխեմ, դրամ  չունիմ, – ըսաւ:

Փայտէ նստարաններուն վրայ փիծծաներուն կը սպասէինք.

– Սա չոճուխը ինծի ձգեր է, – մտահոգուեցաւ, – բան մը չեմ կրնար ընել, դուն մայր ունիս, քոյրիկներ ունիս, ես տղան ձգելու տեղ մը չունիմ, ինչպէ՞ս պոյֆրէնտ պիտի գտնեմ:

– Տղադ բեր ձգէ քովս, գնա:

– Քոյրս, սիրտ մնա՞ց քի, մտածածէս կ՛ամչնամ:

– Սիրահարդ քոնքորտով կու գայ կոր, հինգ վայրկեանէն սա թենիսի դաշտին մէջ ձեռքերը բաց քեզի պիտի սպասէ, – ժպտեցայ:

– Հէ՜չ մի յիշեցուներ, հանիմուն չըրինք, – վերադարձաւ նորէն իր ամուսինին, – օր մը Փարիզ պիտի էրթայինք, օդանաւով Նիւ Եորք գալս գիտեմ միայն:

***

«Բերէք ինծի ձեր բոլոր յոգնածները», դեռ ամառը երգեր էր տեղացի երգչուհին, Ազատութեան նորոգուած արձանի հարիւրամեակին:

Դեռ դար մը առաջ, այդ արձանին դիմաց, Էլլիս Այլընտի մէջ գաղթականներ՝ իրենց հիւանդ ու առողջ երազներով, թունաւոր եւ անդարմանելի յիշատակներով ու դարմանելի հեռանկարներով հասեր էին:  Տասնըհինգէն առաջ ալ հայեր եկեր էին Թուրքիոյ զանազան գաւառներէն, զինուորութենէ փախեր էին, երբեմն իրենց հարազատներուն քով, երբեմն միայնակ, նոր աշխարհին մէջ լոյս ցանելու եւ հնձելու եկեր էին:

Որքա՛ն աղջիկներ հարս եկած էին եւ ալ չէին տեսած իրենց ծնողքը:  Երկիր մնացածներու հաւաքական ճիչը սեփական տուներու կուրծքէն՝ մահացու անապատներու կռնակին վրայ արձակուած էր գարնանային օր մը, եւ լռած՝ անհատնելի տարածքներու վրայ:  Որբութենէ, զրկանքէ, արհաւիրքէ, բռնաբարումէ անցած, եկած էր ան որ կրցած էր դեռ շնչել, ան որուն այստեղ ամուսին մը ապահովուած էր:  Եկեր էին աչքերը գոց եւ ցաներ էին գաղութային կեանք մը, որ այդ օրերուն շատ անդին չէր անցնէր օգնութիւն հասցնելէ Միջին Արեւելքի իրենց բեկորներուն:  Իրենց բերնին հացը անգամ կը կտրէին եւ «ազգին» կ՛օգնէին:  Պատանի էի Պէյրութ, կը լսէի որ յաճախ անոնք յիսուն-վաթսուն տարի ետք գտեր են կամ տեսեր են իրենց քոյր-եղբայրները, անոնց թոռները:

Բայց ի՛նչն էր որ ինծի ենթադրել կու տար, թէ այնտեղ Միջին Արեւելքի մէջ, մօր կուրծքին՝ հեռաւորութեան ցաւին չափ ալ գոհունակութեան հմայք մը կար աղջիկը Ամերիկա հարս ղրկելու մէջ: «Աղջկանս նասիպը անտեղէն ելաւ, Ամերիկա հարս գնաց»:  Հիմա տարբեր էին օրերը, հարս գացողները կրնային յաճախ այցելութեան վերադառնալ. չալըմ կ՛ընէին, ծուռումուռ անգլերէն մը կը դարձնէին իրենց բերնին մէջ, հայկական վարժարանի «հայեցի դաստիարակութեան» մէկ կարեւոր մասը մոռցած, իսկ մեծմայրիկները ուրախ էին որ իրենց թոռնիկները «պիւլպիւլի պէս անգլերէն» կը խօսին:

Պէյրութի Քանթարի թաղին մէջ տանտիրուհիի մը այցելութեան օրն է. կիները նստեր են հիւրանոցին մէջ. նախ քոնեակ, յետոյ թէյ, յետոյ սուրճ, տայէթի մասին մտածող չկայ: Եւ ինչո՞ւ մտածեն երբ ամէն մէկը չորս-հինգ զաւակ ունի, որոնց դպրոց կը տանի քալելով, դաշնակի կամ պալէի դասի կը տանի քալելով, պանիրը-ձաւարը քալելով կ՛երթայ կը գնէ նպարավաճառէն, հացը արաբ հացագործէն, բանջարեղէնը քիւրտ կառապանէն, միսը թաղի մսագործէն, դարմանումը թաղի բժիշկէն, օճառը քէսէն եւ իւղը Հալէպէն բերել կու տայ. (մինչեւ հոն չի կրնար քալել):  Բայց իր շէնքին աստիճաններէն շաբաթը մէկ երկու անգամ կը բարձրանայ մինչեւ տանիք՝ ուր Պէյրութի զուարթ արեւին տակ կը չորնան իր տան պայծառացած լաթերը:  Իսկ վերջին նորոյթը՝ առաջնակարգ պանդոկներու խոհարարներու դասընթացքներու կ՛երթան խումբով եւ քալելով.  ահա հոն սորված կարկանդակը շիներ է տիկին Մելանին.

– Հապա՜, երեք ամիս առաջ ալ տիկին Սրբուհին իր միջնեկը ամուսնացուց, լիմուզինով գնաց իջաւ եկեղեցի Նազիկը, աչքդ տեսնելու էր, – կ՛ըսէ տանտիրուհին Նիսէն նոր հասած իր տալոջ:

Է՜, պատմէ նայինք, տիկին Սրբուհի, ինչպէ՞ս են.

Ասոնց մէջ կան հետաքրքիր ձայներ եւ նախանձոտ ձայներ:

Ինչպէ՛ս պիտի ըլլան, – ձեռքերը բազկաթոռի բազրիքներուն դրած կը շտկուի տիկին Սրբուհին. եւ եթէ տղան ուսանող է, – կը տապլտկին կոր, սիրով են իրարու հետ, կարեւորը ա՛ն է:  Երկու տարիէն վերջացնէ նէ, մեծ գոլէճի մը նախագահը կրնայ ըլլալ. հոն նախագահ կ՛ըսեն տնօրէնին: Տղուն խելքը՝ դասերուն, քննութիւններուն վրայ է, ուղե՛ղ ծներ է:  Աղջիկս կը գրէ կոր «մամա, բան մը մի ղրկեր, հոս ամէն բան կայ»: Խոշշշոր շուկայ մը կայ, մեր Սուք Ըզէզին ես ըսեմ՝ հինգ, – աչքերը բանալով կը վճռէ տիկին Սրբուհին իր չտեսած բանը, – դուք հասկցէք տա՜սը անգամը: Աչքդ առածին չափ, լոլիկին տեսակները, կանաչ պտուղներ, չինականը, մեքսիքականը, սալաթացու որ մենք հէ՜չ կեանքերնուս մէջը տեսած չենք, նարինջի վեց տեսակներ. քսակդ կը պարպուի, աչքդ չի կշտանար:

Էհ, ուսանող է տղան, ասկէ աւելի ինչ պիտի ընէ:

Օ, անանկ յարգը գիտէ ո՜ր. աս կողմ կը դառնար կոր‘ Նազի՛կ, ան կողմ կը դառնար կոր՝ Նազիկ:

Աղջիկդ ալ կ՛աշխատի՞ կոր:

Հայրը բաներ մը կը ղրկէ, գիտես Մարտիկը. կ՛ուզէ որ զաւակներուն աչքը կուշտ ըլլայ: Նազիկն ալ տունը նստած ի՛նչ պիտի ընէ, կրանթ կ՛ըսեն կարծեմ, կառավարութիւնը կու տայ. ինքն ալ գիրքեր կը պրպտէ, յետոյ ալ իր գտածները կը տպեն գիրքերու մէջ:

Պզտիկ ունենալու ծրագիր ունի՞ն:

Հելէ իրար թող վայելեն, – կարճ  ու կտրուկ կը վերջացնէ տիկին Սրբուհին, վերջին ումպէն ետք սուրճին գաւաթը ինքնավստահ զետեղելով պնակին մէջ, – սուրճերնիդ մի՛շտ:

Իսկ եթէ Ամերիկայէն եկած այդ երանելին կօշկակար կամ ոսկերիչ է՝ աներմօր բերնին մէջ կը դառնայ տիզայնըր.

Տղան տեսնե՜ս, տուն ունի, օթօ ունի, ուիքենտներուն տեղեր կ՛երթան:  Մեզի պէս չիվիտ-միվիտ չիկա՜յ: Լուացքը օթօմաթիք մեքենայի մը մէջ կը մտնէ, աղջիկս մինչ այդ՝ ճաշը, խմորեղէն մը երկու կը պատրաստէ, լուացքը անտեղէն կ՛ելլէ՜ քովի մեքենային մէ՛ջ կը մտնէ, կը չորնայ կ՛արդուկուի, դուրս կու գայ:  Աղջիկս թագուհիի պէս կ՛ապրի կոր:

Տիկին Սառային աղջիկը տասնըմէկ տարի է գացեր է Ամերիկա:  Հոս բոլոր գտնուող տիկիններն ալ գիտեն որ երեք թոռնիկ ունի: Թամ, Արթըր, Քրիսթին: « Ճանըմ, Ամերիկացիները ինչպէ՞ս հնչեն Թոմաս Յարութիւնը»:  Այս տիկինները գիտեն նաեւ որ անոնց նկարները իր կրծկալին կամ դրամապանակին մէջ են: Շուկան դրամապանակէն կը հանէ անոնց նկարները ցոյց կու տայ, տուներուն մէջ՝ նախ չորս կողմը կը ստուգէ թէ դուռերուն արանքէն էրիկմարդ կ՛երեւա՞յ, յետոյ ձեռքը կը յառաջացնէ դէպի կուրծքը:

Գէշ խօսուածներուն շատ մի հաւատաք հա՜. կ՛ըսեն որ անտեղ ամէն բան հեռու է, եաւրուներուս դպրոցը տունէն երկու թաղ անդին է, պիւլպիւլի պէս անգլերէն կը խօսին, ինծի գրեն են‘ Կրէնմա, մերրի Քրիսմըս, ուի լավ եու:

Խանութ առեր են լսեցի:

Հա, խանութ մը առին, – կը ժպտի տիկին Սառան, – թերթ, սիկառէթ, լոթըրի թիքէթ կը ծախեն:

Մարդիկը թերթը առտու կանուխ կը կարդան, – կը չարանայ  կին մը, – ե՞րբ կը բանան խանութը:

– Եօթին կը բանան մինչեւ տասնըմէկ, – կը դառնայ տանտիրուհիին, – սա վարագոյրին կտորները Շաքինեանէ՞ն առի ըսիր:

– Քա՛, աղջիկդ երեք զաւակով ինչպէ՞ս կը հասնի, – հիացումի եւ զարմանքի կեղծ շեշտով իր ընկերուհիին չարամտութիւնը կը շարունակէ ուրիշ մը:

– Ինքը վարժուած է, պզտիկներն ալ շիտակը ինքզինքնուն հոգ կը տանին, – ծոյլ փեսայի մը գլուխը ցցած հարցը խոհեմաբար կը ծածկէ աներմայրը:

– Քանի որ ճակատնուս գրուեր է որ պիտի չարչարուինք, գոնէ Աստուած մեր յարգը գիտցողին դիմացը հանէ, – ուրիշ բան չըսելու համար կը փիլիսոփայէ տիկին Անժել, որ չորս հասած աղջիկ ունենալուն՝ սկզբունք ըրած է տղամարդու դէմ որեւէ արտայայտութիւն չունենալ, եւ խօսուածներն ալ չլսել ձեւացնել:

Ի՛նչ կ՛ուզեն ըսեն, աղջիկ ունեցող մայրերը յարաբերաբար՝ հեզահամբոյր էին, տղայ ունեցողները հարկ չէին զգար աչալրջութեան:  Մեր թաղին էն գոռոզ կինը Սանանն էր, որ չորս տղայ ունէր, ոչ ոքի այցելութեան կ՛երթար, ոչ ոք զինք կը բամբասէր, տղաքը բժիշկ, ճարտարապետ պիտի ըլլային, կեսուր պիտի ըլլար:

Տղայ ունեցած օրէն հոգեպէս կը հանգստանայ մտատանջ կինը, որ թերի բան չձգեց, ամուսինին անունը շարունակուի պիտի, անոր պարագաները քիթ-բերան պիտի չընեն:

Երբ տղայ մը համալսարան սկսի յաճախել, մայրը կը սկսի օդին մէջ կախուած կեսուրութեան դերին, անշուշտ մեղմանալով, հաճոյախօսելով երբոր ունեւոր ծնողք ունեցող աղջիկ մը ուզէ կարգադրել իր տղուն:

Հասկցող չհասկցող կը հետաքրքրուէր տղու մը առօրեայով, համալսարանի միջավայրով, Ամերիկայի ո՛ր նահանգը պիտի երթայ շարունակելու ուսումը: Իսկ եթէ աղջիկ մը համալսարան յամառէր յաճախել‘ սխալ բան մը ըլլալու էր: «Դեռ չէ՞ ամուսնացած, առաջին ուզողին տո՜ւր թող երթայ, վաղը գիտեմճիութիւն կը ծախէ, մարդու չի հաւնիր»:  Կարծես աղջիկը տրուելու, երթալու համար է, սեփականութիւն մը որ մէկէն կը փոխանցուի միւսին – հայրը հոգ պիտի տանի, պիտի ամուսնանայ՝ ամուսինը հոգ պիտի տանի, եթէ հարուստ է՝ պուպրիկի պէս պիտի հագուի շքուի, ամերիկեան դունչն ու ոտքերը երկար ինքնաշարժ մը պիտի քշէ Պէյրութի նեղուլիկ փողոցներէն, պարահանդէսներուն նախագահող ամուսինին քով՝ փակած ժպիտով մը պիտի նստի:  Իր կեանքին ձեւը անոր վաստկածէն կախեալ է:  Իսկ եթէ ունեւոր է՝ քիչ մը տրտռալով, քիչ մը համակերպելով օրերը պիտի անցընէ, տիկնանց  միութիւններու մաս պիտի կազմէ, քերմէս պազար, Կարմիր խաչ, ոմանց պարագային՝ եթէ ամուսինը թոյլատրէ:  Երբեք պիտի չհարցնէ ինքզինքին թէ ի՛նք ինչ կ՛ուզէր կեանքէն, ինք ինչ կ՛ուզէր ընե՛լ:

Սուրբ Նշան եկեղեցիին փողոցը աւելի սուրբ էր: Կիրակի օրերը կէս ժամը անգամ մը հարսանեկան փաս-փայլուն ինքնաշարժներ ճչափողերը հնչեցնելով կը սուրային զարիվեր զարիվարներէն:  Ի՞նչ եղաւ պատերազմին, կռուողները այդ փողոցները ոտք դնելու չէին. դէպի մեր եկեղեցիները, դպրոցները երկարող փողոցները այդպէս եղծուելու չէին:  Այնքան որախութեան ճչակներ անցեր էին այնտեղէն, ինքնաշարժներ որոնք ծաղիկներու զուարթութիւնը յայտնաբերած‘ կ՛ուղղուէին եկեղեցի:  Աստուծոյ հանգիստ նշանակած օրը ամէնէն աւելի կը շահէին տէր հայրերը.  Մեծ Պահքէն զատ՝ կէս ժամը անգամ մը՝ հարսանիք:  Հմայիչը հարսը չէր, ճերմակ հագուստն էր, վարդի պէս, ինչ ըլլալիքը չգիտցող վարդի պէս:

«Աղջիկիս նասիպը այնտեղէն ելաւ, Ամերիկա հարս գնաց»: Այդ հարս գացողներուն քանի՞ տոկոսը գոհ է հիմա, ո՛րքանը խաչ կը կրեն, որքանը ամուսնալուծուած են: Եւ կիներ որոնք տղամարդու հրամանով՝ բերաննին կղպած, իրենց սրտին խորովուիլը մարդու յայտնած չեն՝ ի՞նչ կ՛ընեն հիմա:  Առաջ Զմմառ կ՛ելլէին, հազար պատճառ կար ուխտ ընելու. հաւ ոչխար կով կը մորթէին:  Եթէ Միջին Արեւելքէն հասած հարսերը յանկարծ Ամերիկայի մէջ աչքերնին բացին որ՝ փորձանքի մէջ են՝ ի՞նչ ըրին առանց թաղային խորհուրդի, դատաստանական խորհուրդի, ծխատէր քահանայի, մօրաքոյր- հօրաքոյրներու խորհուրդներուն, հօրեղբայր- մօրեղբայրներու սաստերուն: Ի՞նչ ըրին, թփրտացող թռչունի պէս իրենց ճիչը ո՞ւր զսպեցին:

Քանի՞ ննջարան հեկեկանք ծնաւ, քանի՞ բաղնիք՝ երջանկութեան վիժում, ո՞ւր պահուեցան իրենց էն մտերիմ ընկերուհիին իրենց սիրտը թափող նամակները:  Քանի՞ զաւակ ապտակ կերաւ իր ջղային ծնողքէն իր չըրած յանցանքին համար, քանի՛ մայր իր կեանքին միակ երջանկութիւնը գտաւ իր զաւակներուն մէջ:  Ինչո՞ւ Արտիմիսը ուրիշը սիրեց, ձգեց ամուսինը: Ինչո՛ւ Այտան զաւակները առաւ փախաւ տունէն: Ինչո՞ւ Ռիթան երեսուն հատ ասփիրին կլլեց:  Ինչո՞ւ ամէն ամուսնութիւն կը փոխուի, ամէն հարս ու փեսայ կը մեռնի, բացի ճակատագիր կոչուածէն՝ որուն ինչ եղածը յայտնի չէ, օր մը իշխանի հագուստով կը ներկայանայ, օր մը վհուկի:

***

Երկու տարի ետք, երէկ կաղանդի հաւաքոյթի մը հրաւիրուեր էի ծանօթ տուն մը. տեսայ զինքը, իսկ Սագոն չճանչցայ: Այն օրերուն՝ միշտ արեւախանձ տեսած ըլլալուս՝ թուխ կը կարծէի Սագոն:  Հիմա մայրը՝ ճեփճերմակ մորթով, սիրուն դիմագիծով տղու մը գօտին կը շտկէր:

– Աս ի՜նչ աղուոր մեծցեր հասակ նետեր է, – ըսի:

– Հայրը էրկու տարիէ‘ չէ տեսած զինքը, – ըսաւ, երկու տարուան անջրպետը մէկ տողով բացատրելով:

– Երբեմն աւելի լաւ է, եթէ միայն ձեւի համար պիտի տեսնէ:

– Բայց տղաս նըրվը՛ս է, հա՛յրը կը փնտռէ, – յայտնեց ծնողական ցասումէ աւելի՝ բժշկական ախտաճանաչումի յստակատեսութեամբ:

– Դատդ վերջացա՞ւ, – հարցուցի ամենայն համարձակութեամբ, օդը լաւացա՞ւ հարցնելու պէս:

Անմիջապէս նշան ըրաւ որ քովնտի սենեակ մը երթանք:

– Ներըս հոս է, – ըսաւ,- երկերեսին մէկն է, չեմ ուզեր գիտնայ քի էս ինչ կը խօսիմ կոր:

– Իրեն ի՛նչ, – բողոքեցի:

– Գիտէ քի դուն ալ տիվորս ես, պիտի հասկնայ ինչ կը խօսինք կոր:

– Ինչ որ պիտի հասկնայ՝ թող հասկնայ:  Եթէ այսքան հասկնալով երկու երես եղեր է, թող քիչ մըն ալ հասկնայ որ չորս հինգ երես ունենայ:

– Էս քեզի պէս քաջ չեմ:

– Քաջութեան հարց չէ, ոեւէ մէկը իրաւունք չունի քու անձնական կեանքիդ եւ ըրածներուդ խառնուելու:

– Ճանճը փիս չէ ամա սիրտ կը խառնէ, կ՛ըսեն:

– Սիրելիս, քու սիրտիդ մասին ո՞վ կը հարցնէ կոր, ո՞ւր հասաւ դատդ:

– Աման քոյրիկ, կեանքիս մէջ դատարան ալ պիտի իյնամ էղեր: Վերջացա՛ւ: Շունշանորդին դրամ չունի էղեր. հայկական դպրոցէն ալ հանեցի, աս էրկրին լեզուն չեմ գիտեր որ սէքրէթերի ըլլամ, մինչեւ հինգ չեմ կրնար աշխատիլ, չոճուխիս ո՞վ պիտի նայի: Պէյպի սիթըրութիւն կ՝ընեմ կոր հրեաներուն, արդէն դրամը հրեաներուն քովն է, հայերէն խեր չիկայ:

– Հայկական հաստատութիւններու դիմեցի՞ր, – անիմաստ հարցում մը նետեցի մէջտեղ:

– Եղունգ ունիս նէ՝ գլուխդ քերէ, իմինս ալ քերէ՛ կ՛ըսեն կոր. տէրպապա-մերպապա՝ քեզի սալլամըշ ընողը ո՜վ: Աս չոճուխը որբ է, հայրը կէրէքսիզին մէկն է մտածող չիկայ: Ադ եկեղեցիները ամէնը փարայի համար կեցեր են անտեղ, փարայի՜. ո՛վ որ իրենց տոլար տայ՝ մեղայ մեղա՜յ, ոռը կը պագնեն կոր: Էս կոյր չե՜մ, չորս կողմս կը տեսնեմ կոր. ո՛վ կ՛երթայ իրենց պարահանդէսին, ո՛վ լոթերիի թիքէթ կը գնէ՝ անոր փէշը կը բռնեն կոր: Աման քոյրի՛կ, ո՞ր մէկը ըսեմ, աս փէզէվէնկներուն մէջը կեանքս հերին հեչ էղաւ…

– Գոնէ գո՞հ ես պէյպի սիթըրութենէն:

– Ծեր կնիկ մըն էր՝ մեռաւ, յետոյ ուրիշ մըն էր՝ ան ալ մեռաւ, Նոր Տարիին «ա՛լ թաղումի պիտի չերթամ, թաղում չեմ ուզեր, ծեր չեմ ուզեր» ըսի, ակռաս սեղմեցի:  Հիմա էրկու տղաներու հոգ պիտի տանիմ, մայրերնին կ՝աշխատի, քէշ կու տայ ինծի, հէչէն աղէկ է:

Նստանք միջանցքի բարակ բազմոցով նստարանին վրայ.

– Աս ժագէթը լա՞ւ է՝ արձակուրդին հիւսեցի:  Հիմա արձակուրդ է տէյի չեմ էրթար կոր գործի, չոր հացով կ՛ապրիմ, տղաս մէջտեղերը չեմ ձգեր: Դպրոցն ալ սկսի նէ՝ պասը ճիշդ աշխատած տունիս առջեւը կը բերէ:  Նստած տեղս՝ գիշեր ցերեկ խելքս վրան է, աճապ ի՞նչ էղաւ, նըրվըս է չոճուխս, կրակոտ է, տղայ է, վազվզէ պիտի: Մէկ ամսուայ մէջ էրկու անգամ գլուխը պատռեցաւ, իմըրճընսիէն հօրը կանչեր են, էրկու տարիէ չէր տեսած, «նորէն իյնամ, թող պապաս գայ տեսնէ ինծի», կ՝ըսէ կոր չոճուխս:

– Հայրը Նիւ Ճըրզի՞ կ»ապրի:

– Ուայթ Լէնտէն տուն գներ է. ներկեր են, պատերը բաց գոյն սրճագոյն, պատուհաններուն, դուռներուն ծայրը՝ գոց գոյն սրճագոյն: Ի՛նչ պիտի ըլլայ, ինկեր է անոր, – հակառակ որ մարդ չկար մօտեցաւ ականջիս փսփսաց, – վարտիքին մէ՛ջը:

– Միասին են դեռ:

– Քանի մը հոգի կ՛ըսեն‘ ամուսնացած է, քանի մը հոգի կ՝ըսեն՝ ամուսնացած չէ. յայտնի չէ իշտէ:

Կի՜նը:  Պըրկըն Քաունթիի հայերը գիտեն թէ ամուսնացած է այդ էրիկը տոսթ կոչուածին հետ. բայց ինք դեռ կը նախընտրէր միւս ձեւը, թէ՝ իր էրիկը տոսթ ունի. ան իր կինը չէ, կինը ի՛նքն է, ինք պիտի մնայ, միւս եղածը հոմանուհի է. «իշտէ ասոր էրիկին, միւսին աղբօրը հետ տարիներով դուրս էլաւ, էրեսունութ տարեկան էր, տեսաւ որ իմինս ապուշ է՝ անոր փակաւ: Քորթին մէջն ալ առանց խպնելու կ՝ըսէ կոր որ անոր կը սիրէ էղեր: Է՜, ինծի ալ կը սիրէ՜ր»:

– Վաղը անո՛ր ալ ըլլալիքը նոյնն է, – ըսաւ այս անգամ բաւական նուազած շեշտով, տարակուսանքի ալիքները բռնի հրելով:

Յետոյ ի՜նչ փոթորիկ անցաւ սրտէն, փոթորիկներ հին հին աշխարհներէ՝ որոնք կ՛երեւի չէին կորսուած, չէին լքուած, հեռու մնացած էին բայց չէին հեռացած. միայն ի՛ր մէջ ապրող շնչող, կենդանի եւ վիրաւոր:

– Դուն գրող կնիկ էս էղեր, ըսէ՛ ինծի, մարդ քանի՞ անգամ կը սիրէ:

Բռնեցի ձեռքերը, որոնց գոնէ չորս մատներուն արծաթէ խոշոր մատանիներ բազմած էին, ամուր սեղմեցի, ուզեցի ըսել. – Քո՛յրս, ես ալ քեզի չափ եւ թերեւս քեզմէ շատ շատ աւելի հարցումներ ունիմ, ես պատասխան չունի՛մ:

Բայց շրթներս չկրցան բաժնուիլ իրարմէ: Ինքը՝ ցաւին կղպանքները, լռութեան փշալարերը ճաշակած կին՝ լսեց, լսեց ովկիան մը որ յատակէ՛ն կը ճեղքուէր, եւ հոնկէ կը պատռուէր ամրակուռ ժայռերուն շպրտուած ալիքներու արձագանգը. լսեց, լսե՜ց իր բոլոր լսածները՝ աչքերուս մէջէն:

Փաթթուեցանք, վերջացաւ:

Բա՛ն մըն ալ չվերջացաւ:

 

«Տոհմածառ»

Viewing all 15711 articles
Browse latest View live