Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 17226 articles
Browse latest View live

Գաղութէ Գաղութ

$
0
0

Միացեալ Նահանգներ

Աղօթք` Աշխարհահռչակ Երգիչ Եւ Հայ Դատի Նուիրեալ Ազնաւուրի Յիշատակին

Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի տնօրինութեամբ, 7 հոկտեմբերին, թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ «Տէր ողորմեա»-ի աղօթք բարձրացուեցաւ աշխարհահռչակ երգիչ, արուեստագէտ եւ Հայաստանի Ազգային հերոս Շարլ Ազնաւուրի յիշատակին: Սրբազանը հանդիսապետեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ ս. պատարագին եւ յղեց օրուան պատգամը:

Իր պատգամին մէջ առաջնորդը կանգ առաւ Ազնաւուրի ծառայութեան ու վաստակին առջեւ մասնաւորաբար վեր առնելով Հայաստանի ու Հայ դատի անոր նուիրեալ ծառայութիւնները: Սրբազանը նկատել տուաւ, որ 1 հոկտեմբերին, աշխարհը սգաց, ամբողջ Ֆրանսան եւ յատկապէս մեր հայրենիքը եւ հայութիւնը սգացին կորուստը նուիրեալ այս տիտանին, որ ոչ միայն երաժշտութեան ճամբով մեր ժողովուրդը ծանօթացուց աշխարհին, այլ մանաւանդ ինք, Ցեղասպանութենէն փրկուած ծնողներու զաւակ ըլլալով, իր կեանքի ամբողջ տեւողութեան հայու արդար իրաւունքը, հայուն Դատը իր սրտին մէջ ունենալով` աշխատեցաւ զայն ծանօթացնել եւ մեր իրաւունքի պաշտպանութեան համար իր լաւագոյնը տուաւ: Սրբազանը նաեւ անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ Հայաստանի երկրաշարժի աղէտին առիթով Ազնաւուր իր բերած օժանդակութեան եւ զօրակցութեան ճամբով շատերուն հրաւէր եղաւ եւ օրինակ դարձաւ զօրակցութեան եւ օժանդակութեան:

Քանատա

Համազգայինի Պատուիրակութիւնը Օթթաուայի Մէջ Հանդիպեցաւ Քանատացի Երեսփոխաններու

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանի Քանատա այցելութեան առթիւ, 17 հոկտեմբերին, համագործակցութեամբ Օթթաուայի Հայ դատի գրասենեակին, կազմակերպուեցան շարք մը հանդիպումներ` Քանատա-Հայաստան խորհրդարանական խմբակցութեան ատենապետ Պրայըն Մէյի եւ փոխ-ատենապետ Հարոլտ Ալպրեխթի հետ: Համազգայինի պատուիրակութեան մաս կը կազմէին` Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանը, Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վիգէն Թիւֆենքճեանը, Քանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Ծովիկ Քահվեճեանը եւ Հայ դատի Օթթաուայի գրասենեակի վարիչ տնօրէն Սեւակ Պէլեանը:

Նախքան հանդիպումներու մեկնարկը` պատուիրակութեան անդամները յատուկ շրջապտոյտ մը ըրին Քանատայի խորհրդարանէն ներս, ուր աւելի մօտէն ծանօթացան Քանատայի պատմութեան, խորհրդարանական համակարգին եւ պետական կառոյցներուն: Շրջապտոյտը առաջնորդեց պետական պաշտօնեայ Արեւիկ Աֆարեանը:

Հանդիպումներուն ընթացքին Համազգայինի պատուիրակութիւնը զոյգ երեսփոխաններուն ներկայացուց Համազգայինի 90-ամեայ պատմութիւնը, կառոյցը, աշխարհասփիւռ գործունէութիւնն ու ծրագիրները եւ մանաւանդ` Քանատայի շրջանէն ներս կազմակերպութեան կողմէ իրականացուող հայանպաստ տարատեսակ նախաձեռնութիւնները: Յատուկ շեշտ դրուեցաւ մշակոյթի զարգացման, լեզուի պահպանման եւ այս գործերուն մէջ երիտասարդութիւնը ներգրաւելու Համազգայինի անզուգական առաքելութեան վրայ:

 Յունաստան

«Իոնիքես Եորթես 2018» Փառատօնը

ՀՅԴ Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին ամուր ու սերտ կապերուն արդիւնք է 30 տարուան շարունակական հայկական ներկայութիւնը Ատիկէի մէջ տեղի ունեցած ամէնէն հեղինակաւոր փառատօններէն մէկուն` «Իոնիքես Եորթես» փառատօնին:

Արդարեւ, հովանաւորութեամբ Նէա Զմիռնիի քաղաքապետարանին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին, 3 հոկտեմբերին Նէա Զմիռնիի «Ալսոս» պուրակին մէջ տեղի ունեցաւ սոյն երեկոն:

Բացման խօսքով Նանոր Էրջենեանը անդրադարձաւ երկու ժողովուրդներու դարերու եղբայրական կապերուն, Հայաստանի եւ Արցախի դէմ վերջին շրջանին ազերիներու ոտնձգութիւններուն ու հայ ժողովուրդի արդար պահանջատիրութեան:

Երեկոյին իրենց մասնակցութիւնը բերին Համազգայինի ««Նայիրի», «Նանոր», «Մարալօ» եւ  Համազգայինի Թեսաղոնիկէի «Ղազարոս Սարեան» մասնաճիւղի «Մասիս» պարախումբերը:

Պարերու ընթացքին հնչեցին նաեւ հայկական երգեր` կատարողութեամբ Ռոզինա Մարտիրոսեանի, երգ, Յովսէփ Թոփալեանի, Ռաֆայէլ Վարդազարեանի, Յարութ Պօղոսեանի:

Յայտնենք, որ ելոյթի գեղարուեստական բաժինը ստանձնած էր Համազգայինի պարախումբի պարուսոյց Էտկար Էկեանը:

Իրան

Մշակոյթի Շաբթուան Նուիրուած Ձեռնարկներ

Հովանաւորութեամբ եւ գլխաւորութեամբ թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանի, կազմակերպութեամբ ԹՀԹ Կրօնական խորհուրդի քրիստոնէական դաստիարակութեան յանձնախումբին, 12 հոկտեմբերին Սրբոց Թարգմանչաց եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ հայ գիրքի 16-րդ ցուցահանդէսին բացումը:

Յանձնախումբի ատենապետ Անի Մանուկեանը իր բացման խօսքին մէջ անդադարձաւ Թարգմանչաց տօնի կարեւորութեան` զայն որակելով հայ ազգի պահպանման կարեւորագոյն ազդակներէն մէկը: Ապա ան անդրադարձաւ հայ գիրքի ընթերցման կարեւորութեան:

Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որ կը բովանդակէր` երգ, ասմունք, պար եւ երաժշտական կատարումներ:  Աւարտին, առաջնորդ սրբազանը անդրադարձաւ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի գործունէութեան` շեշտելով, որ հայերէն տառերը դարեր շարունակ հանդիսացած են ամուր բերդ եւ զէնք` ընդդէմ այլասերման եւ օտարացման: Սրբազանը մէջբերելով հայոց պատմութեան դրուագներէն մէկը` յիշեցուց, որ հայ գիրն ու գրականութիւնը շատ աւելի արժէքաւոր են, քան` աշխարհի բոլոր գանձերը:

Ցուցահանդէսը շարունակուեցաւ մինչեւ 21 հոկտեմբեր:

* Կազմակերպութեամբ Հ. ուս. «Չհարմահալ» միութեան գրական գեղարուեստական միաւորին, 12 հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ դասախօսական-գեղարուեստական երեկոյ:

* Նոյն օրը երեկոյեան Հայ մշակութային «Արարատ» կազմակերպութեան Արուեստից միութեան նախաձեռնութեամբ «Արարատ» մարզաւանի «Սասունցի Դաւիթ» մարզասրահին մէջ տեղի ունեցաւ մանկա-պատանեկան պարի փառատօն` նուիրուած Հայաստանի անկախութեան 100-ամեակին եւ Մշակոյթի օրուան:

* 13 հոկտեմբերին Թեհրանի Սրբոց Թարգմանչաց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ եպիսկոպոսական ս. պատարագ` ձեռամբ առաջնորդ սրբազանին, ի յիշատակ Սրբոց Թարգմանչաց վարդապետներուն: Իր քարոզին մէջ սրբազան հայրը շեշտեց հայոց լեզուի կարեւորութիւնը` որպէս միջոց հայ գրականութեան անդաստանի մուտքին, աւելցնելով, որ հայերէն տառերը եղան այն 36 աստիճանները, որով մեր ժողովուրդը առաջնորդուեցաւ յաւիտենականութեան:

* 13 հոկտեմբերին ՀՄՄ «Նայիրի» միութեան «Սուքերեան» սրահին մէջ, նախաձեռնութեամբ Արուեստից բաժանմունքին, տեղի ունեցաւ գեղարուեստական երեկոյ` մասնակցութեամբ միութեան գեղարուեստական միաւորներուն:

Հրաժեշտի Պատարագ` Շահինշահրի Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի տնօրինումով ու կարգադրութեամբ, Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան շուրջ  տասնամեակ մը Սպահանի հայոց թեմին մէջ ծառայելէն ետք որպէս հայ համայնքի հոգեւոր տեսուչ, իսկ վերջին տարիներուն` Կրօնական խորհուրդի փոխատենապետ, պիտի վերադառնայ Անթիլիասի մայրավանք` նոր պարտականութիւններ ստանձնելու համար:

Առ այդ, նախաձեռնութեամբ Սպահանի հայոց թեմի Կրօնական խորհուրդին, հրաժեշտի ս. պատարագ տեղի ունեցաւ Շահինշահրի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուր պատարագեց եւ քարոզեց Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանը, որ իր հպարտութիւնը յայտնեց, թէ որպէս հոգեւորական իր առաջին քայլերը կատարած է Սպահանի հայոց թեմին մէջ աւելացնելով, որ անցնող 10 տարիներու ընթացքին բազմիցս տխրութեան եւ ուրախութեան պահեր ունեցած է, սակայն այդ բոլորը իրեն համար որեւէ նշանակութիւն չեն ունեցած, որովհետեւ իր կողքին եղած է թեմի ժողովուրդը, որ սէր ու յարգանք  տածած է իրեն հանդէպ:

Պատարագի աւարտին եկեղեցւոյ սրահին մէջ մէջ տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան: Շահինշահրի հայ համայնքի վարչութեան ատենապետ Մելքոն Շիրւանեանը խօսք առնելով` գնահատեց հայր սուրբին նուիրական ծառայութիւնը եւ բեղմնաւոր գործունէութիւնը համայնքի վերելքի ուղղութեամբ: Խօսքի աւարտին Շահինշահրի հայ համայնքի վարչութեան կողմէ յուշանուէր մը յանձնուեցաւ հայր սուրբին:

Այնուհետեւ Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Սիփան եպս. Քեչեճեանը տուաւ իր հայրական օրհնութիւնը` նշելով, որ իրեն համար հպարտանալու առիթ էր անցնող երկու տարիներու ընթացքին հայր սուրբին հետ թեմէն ներս ծառայելը եւ շնորհակալական խօսք ուղղեց անոր բծախնդրութեամբ ու նուիրուածութեամբ աշխատելուն համար:

Շուէտ

Հիմը Դրուեցաւ ՀՕՄ-ի «Աղթամար» Մասնաճիւղին

Հայ օգնութեան միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը ընդառաջելով Սոտերթելի մէջ (Շուէտ) բնակութիւն հաստատած անձերու դիմումին, 20 սեպտեմբերին Սոտերթելիի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ սրահին մէջ հիմը դրաւ ՀՕՄ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղին:

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Լիզա Աւագեանը, իր խօսքին մէջ նկատել տուաւ, որ ՀՕՄ-ը ունի հսկայ աշխատանքային դաշտ եւ իր նպատակին ծառայելու համար կը գործէ ժողովրդային բոլոր խաւերուն հետ, ներկայութիւն է բոլոր հայ գաղութներուն մէջ եւ կը հասնի բոլոր այն հայրենակիցներուն, որոնք պէտք ունին օժանդակութեան: Այնուհետեւ մասնաճիւղին յանձնուեցաւ ՀՕՄ-ի ձեռագործուած դրօշը, որպէսզի ծածանի նորաստեղծ մասնաճիւղի աշխատանքներու ընթացքին:

21 սեպտեմբերին Հայաստանի վերանկախութեան 27-ամեակն ու մասնաճիւղի հիմնադրութեան յոբելենական առիթը տօնելու համար, կազմակերպուեցաւ Տիգրանակերտի տոհմիկ օր խորագրով ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին յաջորդաբար իրենց սրտի խօսքերը արտասանեցին Վաղարշ քհնյ. Իսախանեանը եւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Լիզա Աւագեանը: Ձեռնարկին ընթացքին ներկայացուեցաւ Տիգրանակերտի հայութեան անցեալի բարքերը եւ սովորութիւնները:

Ֆրանսա

Գառնիկ Բանեանի Գիրքին Շնորհահանդէսը

Կազմակերպութեամբ Համազգայինին, 15 հոկտեմբերին Փարիզի Հայ մշակոյթի տան մէջ տեղի ունեցաւ Գառնիկ Բանեանի «Յուշեր մանկութեան եւ որբութեան» ֆրանսերէնի թարգմանուած  հատորին շնորհահանդէսը:

Երեկոյի բացումը կատարեց Նոնիկ Յովհաննէսեան: Ան ներկայացնելէ ետք զոյգ թարգմանիչները, Շանթ  Մերճանեանը եւ Ժան Միշել Պիլէմճեանը նշեց, որ վերջերս Պոլսոյ մէջ  «Արաս» հրատարակչատունը սոյն հատորը թրքերէնի թարգմանած եւ հրատարակած է:

Գիրքը մանկութեան յուշագրութիւն մըն է, որ կը սկսի ընտանեկան  յուշերով, հայկական գիւղի մը մէջ: Այդ երջանիկ շրջանին կը յաջորդեն դժոխային օրեր` Այնթուրայի որբանոցին մէջ, ուր տարագրութենէն ետք հաւաքուած 1200 հայ որբուկները կ՛ապրին դաժան օրեր: Այդ որբանոցին մէջ, ծեծով եւ զրկանքներով, կը կիրարկուի  Ճեմալ փաշայի  թրքացման ծրագիրը:

Ապա հայերէնով խօսք առաւ լրագրող Շանթ Մերճանեանը, որ բացատրեց աշխատանքին կարեւորութիւնը` իբրեւ վկայութիւն եւ կարդաց գիրքէն հատուածներ:

Զօրավար Ժ. Միշել Պիլեմճեանը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ իր հօր` Յովհաննէսի  յուշերուն եւ կեանքին: Իր հայրը անցած էր նոյն ճամբաներէն եւ ունեցած էր Գառնիկ Բանեանին ճակատագիրը Այնթուրայի որբանոցին մէջ:

 

 

 


Երեք Տասնամեակ Բանակցութիւն…Եւ Յետոյ Ի՞նչ

$
0
0

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Արցախի հարցով բանակցութիւնները կը նմանին տնավարի խօսակցութիւններու: Լրատուամիջոցներուն նիւթ կը մատակարարեն: Նոյն բառերը, նոյն խօսքերը: Հարցի էականութիւնը չմիջազգայնացուեցաւ: Պատմութեան գնացքին մէջ ճամբու կէսին մտած են Մինսքի խումբի նախագահները եւ կը կարծեն, որ իրենցմով կը սկսի պատմութիւնը: Այդպէս է նաեւ Ազրպէյճանի տրամաբանութիւնը:

 

Քաղաքականութիւն եւ բանակցութիւն` կը նմանին դատարկ ջաղացքի չախչախին, ո՛չ ցորեն կրնան աղալ, ո՛չ ալ ալիւր արտադրել, եթէ տեւաբար չվերադառնան պատմութեան, ճշմարտութեան եւ իրաւունքին: Արցախի հակամարտութիւնը արհեստական է, որ կը հետամտի բռնութեամբ խոստովանուած-չխոստովանուած շահակցութիւններ բաւարարելու, կրկին ժողովուրդ մը իրաւազրկելու` ժխտելով պատմութիւնը:

Պատմութիւնը առասպել չէ: Քաղաքականութեան իրաւութեան ենթահողն է:

Այսօր ազերի կոչուած մարդոց նախնիները ե՞րբ հասած են աշխարհի այս շրջանը, որ հայերով բնակուած էր, տէր ունեցող աշխարհ, ուր անոնք ստեղծած էին մշակոյթ, շինած էին եկեղեցիներ, վանքեր, կամուրջներ, դպրոցներ:

Եկուորները ներխուժողներ էին, օտար էին:

Պատմութեան եւ քաղաքականութեան զարտուղութիւնները ուզած էին եւ կ’ուզեն իրաւունք դարձնել: Արցախի, այսպէս կոչուած, հակամարտութիւնը լուծել փորձելէ առաջ պատմութիւն հասկնալու ճիգ պէտք է ընեն:

Առաջարկուեցա՞ւ, փորձ եղա՞ւ քննչական-հետախուզական մասնագիտական արշաւ մը կազմակերպել պատմութեան եւ Արցախ աշխարհի մէջ. ո՞ր ժողովուրդը բնակած է հոն, ի՞նչ կ’ըսեն պատմութեան արձանագրութիւնները, ի՞նչ կ’ըսեն քարեղէն վկայութիւնները: Ճշդուա՞ծ է, թէ ո՛վ եղած է այդ աշխարհի բնիկը, եւ ո՛վ եղած է ներխուժողը, եկուորը, որ իրաւազրկած է բնիկը եւ այսօր կ’ուզէ այդ իրաւազրկումին հագցնել օրինականութեան շապիկ:

Նիւ Եորքի ՄԱԿ-ի շէնքին մէջ հանդիպիլ Մինսքի խումբի համանախագահներուն` ապահովաբար մէկ քայլ առաջ չի կրնար տանիլ բանակցութիւնները, անոր համար, որ բանակցութիւններու առարկան որոշ չէ, աւելի ճիշդ` կեղծիք է: Պատմութիւնը չի կրկնուիր, բայց իրադարձութեանց միջեւ կ’ըլլան հանգունակութիւններ: Ազրպէյճանը իր պաշտպանին` Թուրքիոյ օրինակին կը հետեւի, անոր որ գրաւած է ուրիշ քաղաքակրթութեան մը եւ ուրիշ ժողովուրդներու հայրենիքները: Այսօր, պատմութեան դիմաց կանգնելով, քաղաքակիրթ աշխարհը ի՞նչ կրնայ ըսել թրքացուած Սուրբ Սոֆիա քրիստոնէական տաճարի մասին, զոր գրաւող սուլթանը վերածեց մզկիթի, ապա ան դաձաւ թանգարան, հիմա կրկին Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ առաջարկներ կը լսուին այդ քրիստոնէական տաճարը մզկիթի վերածելու: Եւ քաղաքակիրթ կոչուած աշխարհը հանդիսատես է:

Կատարուած իրողութիւնը ո՛չ ճշմարտութիւն է եւ ո՛չ ալ իրաւունք:

Քանի որ «երէց եղբայր» Թուրքիան յաջողած է բռնագրաւել եւ իւրացնել, ինչո՞ւ նոյնը պիտի չընէ Ազրպէյճանը: Մի՞թէ օրին թափանցիկ չէր Թուրքիոյ ցանկութիւնը` մաս կազմելու հաշտարար Մինսքի խումբի համանախագահներուն, յափշտակողի եւ իւրացնողի քաղաքականութիւնը կրկնելու համար:

Թուրք-ազերիները գիտեն, թէ ի՛նչ կ’ուզեն: Պատմական փորձով գիտեն, որ միջազգային համայնքը չանհանգստանալու համար կը նահանջէ, նահանջ, որուն անունը պատմութեան մէջ «Միւնիխ երթալ» է, երբ Բ. Աշխարհամարտի նախօրեակին դաշնակիցները տեղի տուին եւ հանդուրժեցին հիթլերական բռնագրաւումները` առանց կարենալ փրկելու խաղաղութիւնը: Ի՞նչ է հաշուեկշիռը Մինսքի խումբի համանախագահներու երեք տասնամեակներու «մագոգ»-ի քաղաքականութեան, երթեւեկին: Մինչեւ ե՞րբ պիտի շարունակուի քաղաքական-դիւանագիտական «տուրիզմ»-ը:

Հարկ է նաեւ խօսիլ մեր «մսկոտութեան» մասին:

Ինչո՞ւ չյաջողեցանք եւ չենք ուզեր միջազգայնացնել Սումկայիթի նախճիրը, որ բնիկ ժողովուրդի մը դէմ գործուած ցեղասպանութիւն էր: Ո՞վ կրնայ արգիլել, որ այդ նախճիրը ներկայացուի միջազգային արդարադատութեան ատեանի մը: Ինչո՞ւ Ազրպէյճանի ղեկավարները եւ Մինսքի խումբի համանախահները կը խօսին թուրք-ազերի գաղթականներու մասին, եւ լուռ կը մնան Պաքուի երեք հարիւր հազար հայ գաղթականներու մասին, մարդիկ, որոնց ինչքը կողոպտուած եւ բռնագրաւուած է իշխանութիւններու մեղսակցութեամբ:

Համանախագահներ եւ հակամարտութեան մասին խօսող երկիրներ վստահաբար գիտեն, որ բանակցութիւնները ամլութեան կը դատապարտեն, դատապարտած են` մոռնալով պատմութիւն, ճշմարտութիւն եւ իրաւունք: Հայաստան, Արցախ եւ հեռուէն մօտէն հարցը արծարծող սփիւռքը քաղաքական կոչուած «թարանթելլա»-ին պէտք է վերջ տան եւ հրապարակ գան միջազգային իրաւունքի եւ ամէնուրեք ջատագովուող բարոյականութեան խօսքով:

«Իրաւարար»-ները անկեղծիք կերպով ըսի՞ն, որ Արցախը հայու հող եւ հայրենիք չէ:

Մեր քաղաքագէտները եւ «բարեկամ»-ները հարցը ինչո՞ւ այս յստակութեամբ եւ պարզութեամբ չեն ներկայացներ:

Ինչ որ կը կոչեն «Արցախի հակամարտութիւն», եթէ այլազան հաշիւներով ձգձգուող բաց վէրք չէ, բժիշկները կը խօսին abces de fixationի մասին, լուծման համար այլընտրանք չունի. պատմական ճշմարտութիւնը եւ մշակութային անժխտելի ներկայութիւնը պիտի ըլլան դատաւոր, ո՛չ կազի եւ նաւթի խողովակները:

Բայց այս նախ մենք պէտք է ըսենք` առանց ներգրաւուելու այլապէս շահախնդրուածներու խաղին մէջ, որոնք դեռ երեսուն տարի ալ պիտի շարունակեն իրենց մէկ մեխին մէկ պայտին խփելու խաղը եւ քաղաքական «տուրիզմ»-ը:

Եւ Ազրպէյճանի «մեծ եղբայր Թուրքիան» պիտի շարունակէ իր ժողովուրդներ իրաւազրկող ծաւալապաշտի խաղը` մրցակցութիւններու անձնատուր միջազգային կամաւոր կուրութեան դիմաց:

Մեր «բարեկամ»-ներէն պիտի կարենա՞նք պահանջել, որ վերջ տան իրենց ճապկումներու խաղին: Նաեւ նախ մենք դադրինք այդ խաղին մէջ մնալէ:

Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները կրկին իրարու պիտի հանդիպին: Հետաքրքրական է գիտնալ, թէ ի՛նչ պիտի ըսեն իրարու, որ մինչեւ այսօր իրարու ըսած չըլլան:

27 սեպտեմբեր 2018, Երեւան

Ընկեր Հրայր Մարուխեանի Կտակին Այժմէական Թելադրականութիւնը (Մահուան 20-րդ Տարելիցին Հետքերով)

$
0
0

ԺԱՆ ՀԱԼԼԱՃԵԱՆ

Ձեռնարկի մը աշխատանքներու յորձանուտին մէջ ալ աւելի ամրագրուեցան համոզումներս տարաբախտ մեր ընկերոջ` Հրայր Մարուխեանի անմնացորդ ծառայութեան կարեւորութեան ու ազգային-կուսակցական կեանքին մէջ իր ունեցած առանցքային դերակատարութեան մասին: Ձեռնարկի յայտագիրին ընդմէջէն սոսկ մահուան 20-րդ տարելից յիշատակելու հարց չունեցանք մեր մտքին մէջ, յաւուր պատշաճի պարտք տալու համար չներկայացանք: Փնտռտուքը` կորսուած ինքնութեան մը ու զայն վայելած չըլլալու ափսոսանքը մեզ մղեցին ոչ շատ հեռու պատմութեան էջերուն մէջ որոնել մեր դիմակայած այժմու մարտահրաւէրներուն պատասխանը: Այլ հայորդիներու յիշատակարանը թերթատելով, հոն անթեղուած դէպքերու ու դրուագներու արտահանումով եւ անոնց պատշաճ  ներկայացումով` ազգային, կուսակցական, կազմակերպական պատուանդանը աւելի հզօրացնելու ու տոկուն դարձնելու ազնիւ դիտաւորութիւնը մեր սեւեռակէտը դարձուցինք: Վերջապէս, փորձեցինք մեր շրջապատը ներշնչել եւ կրկին լիցքաւորել մօտիկ անցեալին ճառագայթող մեծ հայու դաշնակցական խոյանքով:

Ապա ներկայացումներուն ընդմէջէն ընդգծուած ձեւով տեսանք, թէ ինչպէ՛ս դաշնակցական հաւաքական ղեկավարութեան գործելաոճը կը նուիրագործուի` հեռու պահելով ղեկավարման ձեւաչափը` եսակեդրոնէն: Թէ ինչպէ՛ս պատասխանատու ընկեր մը, մեկնած այդ հասկացողութենէն, կ՛առաջնորդէ զանգուածները ու կը բոցավառէ խամրած հոգիները: Այսպէս, հաւաքական  ղեկավարման եղանակին մէջ, չափով մը, ղեկավարի սեփական դրոշմը կը հունաւորէ որոշումի գործնականացումը: Խօսքին, արտայայտութեան ձեւին ու որոշումի գործնականացման ու աշխատանքի դասաւորումներուն կու տայ հատու երանգ: Անկասկած որոշումի հասնիլը պէտք է համարուի համայնական քննութեան իրաւունք, զոր կը պատկանի համապատասխան մարմինին կամ ժողովին: Որոշումը գործադրելու ու զայն հանրային ընդունելի հանգամանքի վերածելու հրամայականը ազդեցիկ հնչեղութիւն ունենալու, աւելի հաղորդական ու անմիջական ըլլալու համար կ՛երանգաւորուի ղեկավարին դրոշմով, սեփական ճաշակով ու ինքնատիպ  վարքով եւ կը թափանցէ տուեալ շրջապատին կամ ընկերութեան մէջ այնպիսի ձեւով մը, որ  իւրացուի մեծամասնութեան կողմէ ու բոլորին համար համոզում դառնայ: Այս բոլորը կը հրամցուին ըստ պահու թելադրականութեան, երբեմն խստաբարոյ, երբեմն մեղմ եղանակով` յագուրդ տալով հանրային սպասումներուն: Նմանատիպ ղեկավարման արուեստին քաջածանօթ էր ընկ. Մարուխեանը ու իր բարձրորակ իմացականութեամբ զայն դարձուցած էր իր ուղենիշը:

Նենգ դասաւորումներով, երբ իր դաշնակցական «ես»-ը խոցուեցաւ, երբ փորձուեցաւ իրմէ խլել ծոցին մէջ ծնած, մատղաշ ու այնքա՜ն խնամքով փայփայած դեռատի պետականութեան կազմաւորման պերճանքը վայելելու պատեհութիւնը` «մեծ երազի» փաստարկը, բոլորին ուշադրութիւնը հրաւիրեց Հայաստանի պետականութեան վարկն ու հայրենիքին շահերը գերակշիռ համարելու հրամայականին վրայ: Այդ օրերուն, հակառակ ընկերական շարքերու մեծամասնութեան այն տեսակէտներուն, որոնք կ՛առաջադրէին հակազդող կարծր կեցուածք, «մարուխեանական» խոհականութիւնը վարակիչ հանգանակ դարձած` յաղթանակեց: Այսպիսով, նախագահական խնդրայարոյց հրամանագիրը, որ կը փորձէր ջրբաժան ստեղծել դաշնակցական ընտանիքին մէջ, վիժեցաւ` յանձինս դաշնակցական ընտանիքի արթնամտութեան եւ ընկեր Հրայրի ողջմտութեան: Վերջապէս, հայրենիքին խնայուեցաւ բարդ իրավիճակներ ապրելու ոչ նախանձելի կացութեան յառաջացումը, որ կրնար վտանգել մատղաշ Հայաստանի կայունութիւնը` խոցելի դարձնելով անոր ազգային անվտանգութիւնը:

Միայն տիտանները կրնան նման հոգեվիճակներու յառաջացուցած ճնշուածութեամբ չկաղապարել իրենց որոշումները եւ սոսկ հակազդողի դիրքերէ չառաջնորդել հասարակութիւնը: Ընկեր Մարուխեանը կացութիւնները արագ ընկալելու եւ կուռ տրամաբանութեամբ արժեւորումներ  կատարելու ունակութեամբ զրահապատուած` դաշնակցական ղեկավարի իւրայատուկ վայելչութեամբ կ՛արձագանգէր տուեալ հարցին ու համապատասխան լուսաւոր ելքեր կ՛ուրուագծէր անել իրավիճակներէն ու փակուղիներէն դուրս գալու համար` միշտ դաշնակցական կողմնացոյցը աչքին առջեւ ունենալով:

Ան օրինակելի առաջատարը հանդիսացաւ` հայկական քաղաքական բոլոր ուժերուն ճիգերն ու նախաձեռնութիւնները համայնական մէկտեղումի մը հասցնելու, միշտ առաջադրեց լաւագոյնին վստահիլ հանրային գործն ու պաշտօնը` առանց հատուածական մօտեցումի, նոյնի՛սկ վեհանձնութիւնը ունենալով ձեռք երկարելու անոնց, որոնք ամէն առիթ կ՛օգտագործէին երկարած այդ ձեռքը անճիտելու ու միասնութեան տեսլականը վիժեցնելու:

Իր վարչական, մտաւորական ու քաղաքական գործիչի բարեմասնութիւնները կենսատու պահելով` զանոնք շաղախած էր դաշնակցականի յեղափոխական աւանդներով եւ մարտունակութեամբ, որոնք կը դրսեւորուէին իր գաղափարական խստաբարոյ անզիջողականութեամբ: Գալով քաղաքական արեւելումին` անիկա Մարուխեանի մօտ միշտ պայմանաւորուած ու զուգորդուած էր դաշնակցական աւանդոյթով` խարսխուած դաշնակցական պատմական փորձէն ժառանգուած անսպառ սկզբունքներու վրայ:

Ղեկավարի սահմանումը կը տարուբերի: Դաշնակցութեան պարագային, ղեկավարին մէջ առաւելաբար խտացուած պէտք է տեսնել անմնացորդ նուիրում, անանձնական վարքագիծ` օծանուած գաղափարական յանդուգնութեամբ ու հաւատարմութեամբ: Այսպէս, ընկեր Հրայրի քաղաքական-ռազմավարական խոհեմութիւնը,  կազմակերպական հզօր անհատականութիւնը, ընկեր Զէյթլեանի` գաղափարի մարտիկի անհատնում շունչը, ընկեր Տասնապետեանի պեղող ու հետազօտող անաչառ գրիչը բոցավառեցին մատղաշ սերունդներուն հոգիները, ու շատե՜ր այդ եռեակը համարեցին վաղ անցեալի նուիրեալներու վերապրող շառաւիղները, անհուն բանակի հսկաներուն` Քրիստափորին, Զաւարեանին, Նաւասարդեանին, Ջամալեանին ու Վարանդեանին նման մեծութիւններ: Այսպէս, ընկ. Հրայրն ու իրեն միացած գործընկեր ու ղեկավար շրջանակը շատերու համար ուղղորդող կարեւորութիւն ունեցաւ: Անոնք` դաշնակցական իրենց  օրինակով երիտասարդ կուսակցականներու դաշնակցականի կազմաւորման գործընթացը կռանելով` յաջողեցան դաշնակցական աւանդութիւններու ժառանգութիւնը ամրագրել երիտասարդ  ուխտեալներու հոգեմտաւոր աշխարհին մէջ:

Ընկեր Մարուխեան ուրիշը ընդունելու ու հանդուրժելու հանդարտաբարոյ նկարագիրով օժտուած էր: Ան կ՛ունկնդրէր ու կը զրուցէր մեծին ու փոքրին, նորեկին ու աւագին, հանրայայտին ու ռամիկին հետ, ջանալով քաղել դրականը իր զրուցակիցէն, ջանալով իր սեփական փորձին ընդմէջէն դաշնակցական երանգը վառ պահել: Միւս կողմէ, յարգելով այլախոհ մտաւոր  թռիչքները, երբեմն նոյնիսկ արտառոց, ոչ համընկնող մտածողութիւնները, անոնց արտայատուելու առիթ կու տար դաշնակցական մամուլին մէջ` թելադրելով համապատասխան ուղղորդող խմբագրականներով կամ պատասխան յօդուածներով ճշդել «Դաշնակցական ուղին»: Այս ամէնը ի գործ դնելով հանդերձ, կը ծառանար, երբ վտանգուած կ՛ըլլար կազմակերպական կուռ պատուանդանը: Ան շեշտակի նախանձախնդրութեամբ պահապան էր դաշնակցական աւանդութեանց, եւ  հանդուրժողականութիւնը պայմանաւորուած էր կուսակցական կարգապահութեամբ: Կը հաւատար, որ դաշնակցական ժողովի ներքոյ` ինքնաքննադատութիւնը եւ ինքնախարազանումը` ինքնաճանաչութեան բանալի ազդակ է եւ ինքնամաքրման ու տեսակէտներու բիւրեղացման կ՛առաջնորդէ` մինչ վերջնական որոշումի յանգումը:

Սփիւռքեան սերունդներու դաստիարակութիւնն ու կազմաւորումը`առաւելաբար խարսխուած էր ազգապահպանման, սգատօներու ոգեկոչման, գաղթօճախներու կարիքները հոգալու խնդիրներուն վրայ: Աւելի ուշ պահանջատիրութեան ու Հայ դատի աշխատանքներուն շուրջ  կը բոլորուէին սերունդներու ազգային կիզակէտերը: Հասաւ հանգրուան մը, երբ Դաշնակցական ընտանիքին համար  անխուսափելի հրամայական էր նոր աւիշ սերմանել ու ականջալուր ըլլալ արդի ժամանակներու բազկերակին: Դաշնակցական ժողովներով նուիրականացուեցաւ այդ բարենորոգչական անկիւնդարձը: Անոնց գործադրութեան յանձնարարականները վստահուեցան ընկեր Մարուխեանի դաշնակցականի տեսլականին ու իր գործընկերներու աներկբայ դերակատարութեան: Ընկեր Հրայր եւ իր ընկերները եղան այն հեղինակութիւնները, որոնք դարձան  ջերմեռանդ  ջատագովները սերնդափոխութեան եւ գաղափարական վերանորոգման շարժումին առաջամարտիկները` շուռ տալով ընկալեալ ճահճացած սովորամոլութիւնը, թանձրացած աշխատանքային միապաղաղութիւնը, նոր մտածողութեամբ համակելով դաշնակցական շարքերը, կազմակերպական վերանորոգ շունչով կենդանութեան կենարար  նոր աւիշ տալով ամլացած պահպանողական մտայնութիւններուն: Չխուսափելով հրապարակային սուր բանավէճերէ` «Դաշնակցական բեմ»-ին ընդմէջէն մամլոյ դիւանի նորաստեղծ կառոյցով, ականջալուր ըլլալու նորանոր մտքերու ու իրենց Դաշնակցական փորձովը զանոնք ուղղորդեց յօգուտ գաղափարներու բիւրեղացման ու դաշնակցական որոշումի ամրագրման:

Հնամենի օրինաչափութիւններու կարգը փոխուեցաւ, ու այդ հոյլ մը նուիրեալները յաջողեցան առաւել ե՛ւս զարթնեցնել պետական մտածողութեան վարժութիւնը ունենալու կարեւորութիւնը, թէկուզ` առանց ազատ, անկախ հայկական պետականութեան իրաւական ներկայութեան: Երբ ազատ ու անկախ հայրենիքի գաղափարը կրկին միս ու ոսկոր ստացաւ, տակաւ առ տակաւ վերընձուղուեցաւ դաշնակցական  քաղաքական մտածողութեան մէջ պետական համակարգի մէջ գործելու ունակութիւնը: Այլեւս հարկաւոր էր բոլոր ազգային գերխնդիրները բացատրել, դիտել եւ հասկնալ ազատ, անկախ ու ինքնիշխան հայրենիքի ու պետականութեան տարազին ներքոյ: Կրկին Դաշնակցական ընտանիքին մէջ կեանք առաւ անթեղուած գործօնը` ինքնիշխան պետական քաղաքական մտածողութեամբ գործելու հրամայականը: Դաշնակցական քաղաքական միտքը կրկին ուրուագծեց ու զուգորդեց այս հանգամանքը` դաշնակցական դաստիարակութեան այբուբենին,  հաշուի առնելով անոր բոլոր նախադրեալները, ի մասնաւորի` ազգային անվտանգութեան ու սեփական հայրենիքի հողային տարածք  պահպանելու գերխնդիրները: Դաշնակցականի քաղաքական տեսադաշտը սոսկ նեղ տարածքի սահմաներէն դուրս գալով ` պիտի ընդարձակուէր ու պարփակէր ամբողջական ազգ ու ամբողջական անկախ հայրենիքը յաւերժական արժեհամակարգի պահպանումը` հաշուի առնելով տարածաշրջանային ռազմա-քաղաքական զարգացումներու հոլովոյթը:

Ընկեր Մարուխեանին ներդրումը այդ իմաստով անուրանալի է: Իր անմնացորդ կտակը` պէտք է պահպանելու իր տեսակը պէտք է ըլլայ վարակիչ:

Ընկ Էդիկ Յովհաննիսեան իրաւացի էր, երբ ընկեր Մարուխեանին մասին  դամբանական խօսքը կ՛աւարտէր` ըսելով. «Ինչ կ՛ասէր ընկեր Հրայրը այսօրուան խնդիրների մասին»:

Ազգովին` ականջալուր պիտի ըլլանք այդ անժամանցելի թելադրականութեան:

Թորոնթօ

 

Ակնարկ. Համագաղութային Գործունէութիւն. Նոր Կշռոյթներու Անհրաժեշտութիւնը

$
0
0

Լիբանանահայ համայնքը, աշնան եղանակին առընթեր, գործունէութեան աշխուժ վերամուտի նախադրեալներ կը պարզէ: Անցնող շաբաթավերջը յատկանշուեցաւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի ձեռնադրութեան 50-ամեակի նշումով: Լիբանանի պետութեան երեք գլխաւոր դէմքերու ներկայացուցիչներու, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատարին, դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու, հայ եւ լիբանանեան այլ համայնքներու հոգեւոր եւ քաղաքական մարմիններու պատասխանատուներուն մասնակցութիւնը յատուկ տարողութիւն, համընդգրկում եւ այդ բոլորով իսկ` կարեւոր հնչեղութիւն ապահովեցին նշումին:

Համագաղութային եւ առողջապահական իրերօգնութեան սնտուկներու լիբանանեան առումով համընդհանուր ընդգրկուածութեան իրագործումով ԱՖՀԻԼ-ը նշեց իր հիմնադրութեան քսանամեակը:

Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրման 100-ամեակի առիթով հանրութեան ներկայացուեցան պետականակերտ սերունդի ամէնէն լուսաւոր դէմքին` Արամ Մանուկեանի հատորները:

Մշակութային գետնի վրայ շուտով լիբանանահայ համայնքը կը հիւրընկալէ Գիւմրիի Վարդան Աճեմեանի անուան պետական տրամաթիքական թատրոնը` իրերայաջորդ թատերական երեք տարբեր գործերու ներկայացումները դիտելու:

Լիբանանահայ մամուլի գրաւուած օրուան սիւնակները հետզհետէ յագեցած տեսք կը ստանան` նախանշելով, որ մինչեւ տարեվերջ ազգային, հոգեւոր, մշակութային մամլոյ լսարաններու, քննարկումներու, ձեռնարկներու շարք մը, արդէն ծրագրուած, իրարու ետեւէ իրագործման կը դրուին:

Հաւանաբար մտովին պատկերացնենք, որ լիբանանահայ համայնքին համար օրինաչափ երեւոյթ է ձեռնարկներու առատութիւնը: Այս աւանդութիւնը եւ աշնանամուտին հետ ձեռնարկներու տեղատարափը անպայմանօրէն կը մեկնաբանուի լիբանանահայութեան կենսունակութեամբ:

Ձեռնարկներու գերյագեցած ժամանակացոյցները յաճախ տեղի կու տան առաջարկներու` ուղղուած մամուլին` միացեալ ժամանակացոյցի մը ձեւաւորման անհրաժեշտութիւնը շեշտող, որուն նպատակը հաւանական խաչաձեւումներ կանխարգիլելն է:

Խնդիրը, սակայն, հետզհետէ իբրեւ մտածողութիւն ինքզինք զգալի կը դարձնէ` ոչ միայն ձեռնարկներու թուականներու համակարգումը կատարելու անհրաժեշտութիւնը փոխանցելու, այլ` անոնց ընդհանուր ուղղուածութիւնը, աւելի ճիշդ` նպատակաուղղուածութիւնը միասին ճշդելու ու նաեւ շատ մը նախաձեռնութիւններ համագաղութային համակարգումով մեկնարկելու:

Առ այս պահը, ապրիլեան ոգեկոչումներէն զատ, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամն է, որ իբրեւ բրգաձեւ կառոյց` լիբանանեան բաժինը ունի համագաղութային ներկայացուածութիւն` յարանուանական, կուսակցական եւ միութենական առումներով:

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը  ցնցումային փուլէ ետք, այսօր արդէն վերակազմակերպման ծրագիրներ եւ նորարար մօտեցումներ կը նախանշէ: Տարուան հանգանակութեանց մեկնարկը կայացած է արդէն: Մինչ կ՛որդեգրուին նորարար, յաւելեալ թափանցիկութիւն եւ հաշուետուութիւն ներառած դրութեանց օգտագործումով գործելաոճ վաստակելու համար վստահութիւն, բայց մանաւանդ համոզում` գործին եւ առաջադրանքներուն կատարման եւ արդիւնաւորման հանդէպ:

Պետականաշինութեան եւ Հայաստանի ու Արցախի հանրապետութիւններու հզօրացման նպաստող գործադաշտային այս հարթակը դրամական միջոցներու ապահովելիք հանրագումարներէն բացի` համախմբուած աշխատելու եւ նոր կառոյցներու նախադէպ դառնալու գաղափարախօսական հիմունքներ ունի:

Շաբաթներ ետք «Հայաստան» հիմնադրամը հայ հասարակութեան պիտի ներկայանայ նոր ծրագիրներով, նոր աշխատելաոճով: Լիբանանահայութիւնը, այս պարագային, իբրեւ համագաղութային ներկայացուածութիւն ապահոված կառոյց, «Հայաստան» հիմնադրամի ժամացոյցի նոր սլաքներուն հետ գործունէութեան կշռոյթները համընթաց լարելու առաջադրանք ունի: Անմիջականօրէն:

«Ա.»

«Ու Ես Կ՛երթամ Դէպի Աղբիւրը Լոյսին»

$
0
0

ԴԱՒԻԹ ՄԿՐ ՍԱՐԳՍԵԱՆ

2000 թուականի սեպտեմբերին Միացեալ Նահանգների Նիւ Ճըրզի նահանգի Փարամուս քաղաքի իր գրասենեակում վաղաժամ` 55 տարեկան հասակում մահկանացուն կնքեց վերապատուելի, դոկտոր Մովսէս ՃԱՆՊԱԶԵԱՆԸ, որը, ինչպէս Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան Հայաստանի ներկայացուցիչ վեր. Ռընէ Լեւոնեանն է նշել իր հեղինակած դամբանականում, «Մեծ ցնցում եղաւ ամբողջ ժողովրդի համար: Ոչ միայն Հայաստանի Հայց. եւ Աւետարանական եկեղեցիների անդամները, հոգեւոր գործիչներն էին սիրում վեր. Մովսէս Ճանպազեանին, այլ նաեւ ողջ Հայաստանի ժողովուրդը… մեծ սէր եւ յարգանք էր տածում նրա հանդէպ»:

Վեր. դոկտոր Մովսէս Ճանպազեանը ծնուել է Լիբանանում, Այնճարում: Նրանց բազմանդամ ընտանիքը սերում է Մուսա Լերան արմատներից: Նա հոգեւոր հարազատութիւն է տեսնում Հայ աւետարանական դաւանանքի սկզբունքներում եւ հիմունքներում, նուիրւում մի եկեղեցու, որը, որպէս հոգեւոր, կրօնական ուղղուածութեան շարքի անդամ, ձեւաւորուել է 1846 թուականին, Կոստանդնուպոլսում եւ տարածուել Արեւմտեան Հայաստանի, օսմանեան Թուրքիայի հայաշատ բնակավայրերում, մասնաւորապէս` Կիլիկիայում: Պէյրութի Հայկազեան համալսարանն աւարտելուց յետոյ ստացել է պսակաւոր արուեստի այնուհետեւ նոյն քաղաքի Մերձաւոր Արեւելքի աստուածաբանական դպրոցում` քրիստոնէական դաստիարակութեան մագիստրոսի աստիճան: Ծառայել է Լիբանանի հայ աւետարանական եկեղեցիներում` որպէս երիտասարդական խմբերի առաջնորդ, կիրակնօրեայ դպրոցի ուսուցիչ եւ պատասխանատու:

Վեր. Ճանպազեանը ծառայեց Պրազիլում եւ Ուրուկուէյում: Նրա արգասաբեր գործունէութիւնը Հարաւային Ամերիկայում ներառում էր նաեւ համաքաղաքային ամենշաբաթեայ ռատիոծրագրեր, ծառայութիւններ բանտերում, երիտասարդական եւ հայկական դպրոցներում եւ համայնքներում: 1980-ից վեր. Մ. Ճանպազեանը նշանակւում է Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան դաշտի առաջին տնօրէն, 1987-ին` Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն եւ դառնում ընդհանուր ղեկավարման պատասխանատու: Նրա արդիւնաւէտ պաշտօնավարմամբ 2000 թուականին ընկերակցութիւնը տարեկան իրականացնում է աւելի քան հարիւր տարբեր ծրագիր` օժանդակելով աշխարհի հազարաւոր առաւել անապահով հայերի: 1989-ի ապրիլին վեր. Ճանպազեանը գլխաւորում է Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան պատուիրակութեան այցը Հայաստան` նպատակ հետապնդելով հիմնել այնպիսի ծրագրեր, որոնց միջոցով ընկերակցութիւնն իր մասնակցութիւնը կ՛ունենար աւերիչ երկրաշարժի հետեւանքների վերացման եւ աղէտի գօտու վերակառուցման աշխատանքներին: Այս պատմական այցը եւ քրիստոնէական համերաշխութեան ոգին սկիզբն էին Հայաստանում իրականացուելիք մեծածաւալ աշխատանքների: 1994 թուականին Հայաստանում պաշտօնապէս արտօնուեց Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան երեւանեան գրասենեակի գործունէութիւնը: Ի յաւելումն վերականգնողական եւ վերակառուցողական նախագծի` ձեռնարկուեց Հայաստանի հոգեւոր պահանջների բաւարարման ծրագիր, որը ներառում էր Աստուածաշնչի արեւելահայերէն տպագրութիւն եւ առաքում, այդ թւում` Սուրբ Գրքի մանկական տարբերակներ, քրիստոնէական գրականութեան բաշխում, քրիստոնեայ ծառայողների ուսուցում եւ մանուկների քրիստոնէական կրթութիւն:

Այսօր երախտագիտական անխառն զգացումներով առլեցուն հաւաքուած ենք բոլորս վերապատուելի Մովսէս Ճանպազեանի անուան վարժարանի գաւիթին մէջ քողազերծելու հոգեւոր հովիւ վեր. Մովսէս Ճանպազեանի պրոնզեայ կիսանդրին:

Մեր ազգային ու եկեղեցական պատմութեան անցեալէն մեզի կտակուած հարուստ աւանդներու շարքին կայ փաղանգը հայ լուսամիտ եկեղեցականներուն, որոնց միջոցով է, որ մեր ազգային եւ կրօնաբարոյական ենթակառոյցը կը դառնայ շեշտակի, կը գօտեպնդուի ու կը շաղկապուի մերօրեայ կեանքին: Եւ վեր. դոկտ. Մովսէս Ճանպազեանը իր հոգեւոր ծառայական տարիներուն եղաւ մեր հոգեւոր եկեղեցական դասու արժանընտիր հոգեւորականներէն մին, որ մեր ազգային եւ քրիստոնէական ապրումները համադրեց` դարձնելով զանոնք արտայայտիչները մեր բնաշխարհի կրօնական, հոգեկան, իմացական արժէքներուն եւ իրաւամբ դարձաւ Քրիստոսի ընտիր աշակերտն ու բաբախող բազկերակը հայոց քրիստոնէական աւանդին:

Ի ճանաչումն Հայ եկեղեցում եւ համայնքի կեանքում նրա ունեցած ներդրումների` վեր. Մովսէս Ճանպազեանին շնորհուել է Հայկազեան համալսարանի պատուաւոր դոկտորի կոչում: 2000 թ. հոկտեմբերի 16-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Առաջինը, «որպէս գնահատանք Աստծոյ սուրբ եկեղեցւոյ, մեր ազգին ու հայրենիքին մատուցած անհուն զոհողութեան», Մովսէս Ճանպազեանին յետմահու շնորհեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ս. Մեսրոպ Մաշտոց շքանշանը:

Նրա ամէնօրեայ տքնաջան աշխատանքի, խստապահանջութեան եւ պահանջկոտութեան թիրախն ու նշանակէտը քաղաքակիրթ հասարակութեան ձեւաւորումն էր, իսկ դրան հասնելու ամենայուսալի եւ վստահելի ուղին` մատաղ սերնդի կրթութիւնն ու դաստիարակութիւնը, արժանապատիւ եւ բանիմաց հասարակութեան ձեւաւորումը: Պատահական չէ, որ 2004 թուականին Երեւանի թիւ 79 միջնակարգ դպրոցն անուանակոչուեց վերապատուելի Մովսէս Ճանպազեանի անուամբ, իսկ 2018 թ. սեպտեմբերին, ընդամէնն օրեր առաջ, դպրոցի գաւիթ-ճեմասրահում, նրա մասին պատմող տեղեկատուական վահանակների հարեւանութեամբ բացուեց վերապատուելիի պրոնզաձոյլ կիսանդրին, որի հեղինակը նրա եղբայրն է` Թորոնթոյի հայ համայնքի ղեկավար, ճարտարապետ Յակոբ Ճանպազեանը:

Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Յակոբ Ճանպազեանը, որի կեանքին եւ գործունէութեանը առանձին կ՛անդրադառնանք առաջիկայում: Նշենք միայն, որ նա հեղինակել է քարակերտ ստեղծագործութիւնների մի ամբողջ հաւաքածու` յուշարձաններ, խաչքարեր, կիսանդրիներ, որոնք տեղադրուած են աշխարհի տարբեր երկրներում եւ քաղաքներում: Իսկ վերջերս, մայիսեան հերոսամարտերի յաղթանակի եւ հայոց պետականութեան վերականգնման 100-ամեակի առթիւ, նա Սարդարապատի հերոսամարտի յուշահամալիր, հայոց ազգագրութեան եւ ազատագրական պայքարի պատմութեան թանգարանին նուիրեց Ա. Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի կիսանդրին, նաեւ Հայաստան տեղափոխեց Նիկոլ Աղբալեանի եւ Լեւոն Շանթի կիսանդրիները, որոնք առաջիկայում կը տեղադրուեն նախատեսուած վայրերում: Չդիմանալով նրա պերճաշուք եւ իմաստալի խօսքի գայթակղութեանը, ցանկանում եմ հատուածներ ներկայացնել ընթերցողին` նրան հաղորդակից դարձնելու այն աշխարհայեացքային մտածողութեանը, որը բնորոշ է ազնուականական կեցուածքով եւ հոգեբանութեամբ ապրող, յոյսի, հաւատի եւ սիրոյ լաւատեսական ուղերձներով առաջնորդուող եւ դրանք շուրջբոլորը սփռող հայրենապաշտ մտաւորականին, որն իր ամէն մի օրն ապրում է հայապահպանութեան, հարազատ ժողովրդի եւ հայրենի եզերքի ցաւերը դարմանելու գաղափարաբանութեամբ եւ հաստատակամութեամբ.

Ազգային եւ հոգեւոր պայծառ գաղափարներով տոգորուած երիտասարդ վեր. Մովսէս Ճանպազեանի հիասքանչ տեսիլքով ու ճիգերով վերընձիւղուեցաւ հայ աւետարանական համայնքը, նորանկախացած հայրենիքի մէջ ծնունդ առաւ նաեւ Հայաստանի հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը, որ աստուածահաճոյ ու ազգանուէր իր 27-ամեայ աստիճանաւոր վերելքի ընթացքին, առաքելութեան եւ ծաղկազարդումին մէջ ձեռք երկարեց աղէտեալներուն, չքաւորին, կարօտեալին, ուսանողին, Արցախի ու հայրենիքի զաւակներուն եւ համայն մարդկութեան:

Այո՛, վեր. Մովսէս Ճանպազեանին կեանքը եղաւ հանապազօրեայ պատարագ` իր պաշտած ժողովուրդին եւ հայրենիքին համար… Ան գործեց անդադար, քարոզեց հաւատքով, դաստիարակեց ու դարբնեց հայ մարդը` անխոնջ եւ անդադար, մնալով խստապահանջ նախ իր անձին, ապա` իր շրջապատին: Մաշեցաւ դանդաղօրէն, ամբողջական նուիրումով իր կեանքը վերածեց լուռ ու կենդանի օրինակի մը` ազգային եւ հոգեւոր բարոյական աներեր հասկացողութեամբ:

 

Մովսէս Ճանպազեանի Դիմաքանդակի Բացումն Ու Անոր Հեղինակը

$
0
0

Մ. Ծ.

Անցնող սեպտեմբերին Երեւանի Մովսէս Ճանպազեանի անունը կրող միջնակարգ դպրոցին մէջ տեղի ունեցաւ վեր. դոկտոր Մովսէս Ճանպազեանի կիսանդրիին բացման արարողութիւնը, որուն ներկայ եղան, հոգեւոր հայրեր, քաղաքական գործիչներ, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ` ազգականներու, մտաւորականներու, արուեստագէտներու եւ լրագրողներու հոծ բազմութիւն մը: Մովսէս Ճանպազեանի հոգեւոր, ազգային եւ բարեսիրական գործունէութեան շուրջ որոշ գաղափար մը կազմելու համար քովի սիւնակներով կու տանք քանի մը հատուած` քաղելով զանոնք հասարակական, քաղաքական «Իրատես» թերթի 14 սեպտեմբեր 2018-ի համարէն:

Կիսանդրիին հեղինակն է կերպարուեստագէտ Յակոբ Ճանպազեանը: Այս բազմաշնորհ արուեստագէտը, հակառակ իր արդիւնաւէտ ստեղծագործական կեանքին, գրեթէ անծանօթ մնացած է թէ՛ սփիւռքի, թէ՛ Հայաստանի մէջ: Ան գծանկարիչ է, ջրանկարիչ եւ քանդակագործ միաժամանակ: Սակայն կարծէք` աւելի հմտացած կը թուի ըլլալ յուշարձանային արուեստի մէջ: Բացի Քեմպրիճի մէջ զետեղուած Մուսա Լերան հերոսամարտը անմահացնող կոթողային յղացքէն` ան ունի շուրջ երկվեցեակ մը յուշարձաններ` սփռուած` Քանատայի եւ Միացեալ Նահանգներու տարածքներուն, որոնց կէսէն աւելին նուիրուած են Եղեռնի յիշատակին կամ հայ ժողովուրդի վերածնունդին: Այս բոլորէն վեր, սակայն,  Յակոբ Ճանպազեանը յայտնի է նաեւ իբրեւ հայ խաչքարային արուեստի եւ դիմաքանդակի վարպետ: Օնթարիոյի, Քեպեքի, ինչպէս նաեւ Նիու Ճըրզիի եւ Նիւ Եորքի հայկական կարգ մը եկեղեցիներու  բակերը զարդարուած են անոր խաչքարերով: Իր կերտած դիմաքանդակներէն շատեր (Կոմիտաս, Սայաթ Նովա, Արամ Ա. վեհափառ, Քրիստափոր Միքայելեան, Սիմոն Զաւարեան, Արամ Խաչատուրեան եւ այլն) ցրուած են մշակութային տարբեր կեդրոններու մէջ: Իսկ Արամ Մանուկեանի եւ Նիկոլ Աղբալեանի կիսանդրիները հանգրուանած են Սարդարապատի Ազգագրական թանգարանը: Այս ի վերուստ օժտուած արուեստագէտին բազմաշերտ ստեղծագործական կեանքը, անոր արուեստին վաստակն ու դրսեւորած որակը արժանի են ուսումնասիրման, բացայայտման ու գնահատման:

 

Ասպարէզ Ընտրելու Դժուարութիւններ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Ասպարէզ ընտրելու եւ աշխատանք գտնելու ատեն բազմաթիւ են անոնք, որոնք  ենթակայական եւ առարկայական զանազան դժուարութիւններ կ՛ունենան: Բնականաբար այս դժուարութիւններուն դիմաց շատեր չեն կրնար ճիշդ որոշում տալ, կամ ընդհանրապէս որոշում տալը կը մնայ պատահականութեան: Նոյնպէս աշխատանքի սակաւութիւնը, աշխատանքային պայմանները, դրամական միջոցները հարցեր են, որոնց լուծումները հետզհետէ աւելի դժուար կը դառնան: «Քափիթալ» կայքէջի երկու յօդուածագիրներ անդրադարձած են այս հարցերուն:

Ն.

Արդեօք Մենք Շա՞տ Փճացած Ենք Կառչելու Համար Մեր Սկզբունքներուն

Ինչո՞ւ մեզմէ շատեր իրականութեան մէջ  բարոյական  բարձր ոգիով, կորովով չեն գործեր մեր ասպարէզներուն վերաբերող հարցերուն մէջ:

Դուք կը լքէ՞ք ձեր աշխատանքը բարոյական հիմունքներով: Անցեալ տարի «Կուկըլ»-ի տասնեակ  աշխատակիցներ ըրին ատիկա:

Ըստ քանի մը տեղեկագիրներու, անոնք արհեստագիտական հեղինակաւոր այդ  ընկերութիւնը լքեցին, որովհետեւ «Կուկըլ» ներգրաւուած էր «Մաւեն» անունով նախագիծի մը մէջ:

Ծրագիրը ներգրաւուած էր տուեալներու փոխանցման համար Միացեալ Նահանգներու օդուժին պատկանող անօդաչու թռչող սարքերու աշխատանքին մէջ: Նոյնպէս կար աւելի խոր տարակարծութիւն բարձրաստիճան ղեկավարութեան կողմէ իրենց աշխատանքի բարոյական  հիմքերուն շուրջ:

Մեզմէ շատեր կը դիմագրաւեն աւելի ընդհանրական բարոյագիտական երկընտրանք: Դուք կը մերժէ՞ք, գրաւիչ աշխատավարձ մը, որովհետեւ դուք համաձայն չէք ձեր ընկերութեան դիրքորոշման, ըսենք, շրջակայ միջավայրի, անասուններու փորձարկման կամ պարզապէս յաճախորդներու հանդէպ վերաբերմունքին: Եթէ «Այո» պատասխանեցիք, ըստ տուեալներու, հաւանական է, որ դուք հազարամեակի սերունդէն էք:

Իրարու յաջորդած ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան, որ նախորդ սերունդները աւելի շատ կը նպաստեն իրենց աշխատանքի միջոցով «տարբերութիւն ստեղծելու»: Անոնցմէ շատեր, որոնք կը հեռանան աշխատանքէ, աւելի լաւ բարոյագիտական կամ մշակութային մթնոլորտ կը փնտռեն, նոյնիսկ այն պարագային, երբ ատիկա կը կատարուի աշխատավարձի հաշուոյն, նուազ աշխատավարձ ստանալով:

Բայց ատիկա ճի՞շդ է: Իրականութեան մէջ ո՞վ ի վիճակի է այդ ընտրութիւնը կատարել:

Ընտրութեան պերճանքը: Բրիտանիոյ լաւագոյն վճարուող ուսանողական նախագիծները ելեւմտական ասպարէզին մէջն են:

Ապրուստի գինը

Հազարամեակի սերունդները յաճախ կը  նկարագրուին` որպէս «աշխատանք յուսացող սերունդ»: Քանի մը ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան, որ մենք չենք ուզեր  կառչիլ կայուն աշխատանքի, կամ` հետեւիլ նախատեսելի սանդուղի բարձրանալուն: Որոշ աւանդական ճարտարարուեստներ դժուարութիւն կ՛ունենան պահելու իրենց կրտսեր տարրերը: 2017 թուականին պատրաստուած ուսումնասիրութիւն մը ցոյց կու տայ, որ Բրիտանիոյ մէջ շրջանաւարտներուն 46 առ հարիւրը  աշխատանքի սկսելէ հինգ տարի ետք կը լքէ իր առաջին գործատուն:

Ընդհանուր ընկալումը այն է, որ շատերը կը լքեն «իրենց երազը հետապնդելը» կամ շրջագայիլը ամբողջ աշխարհը: Սակայն մերժելով հաւաքական ասպարէզի ուղին, ճամբորդելը կամ սեփական գործը սկսիլը` բաւական մեծածախս որոշում է: Միայն քիչեր կրնան ընել ատիկա:

Ուսումնասիրութիւնները հետեւողականօրէն ցոյց կու տան, որ գործազուրկ մնալու պահերը կը նուազեցնեն միջին աշխատավարձը, ոմանց համար` տարեկան հազարաւոր տոլարներով եւ կրնան նուազեցնել ապագայ աշխատանքային որակն ու գոհացումը:

Դրամատնային ասպարէզի նախկին գործարար եւ խորհրդատու Քրիստիան Պայֆիլտը դրամատնային եւ ապահովագրութեան ասպարէզներու մէջ այլեւս ներդրումներ չի կատարեր եւ սկսած է ամբողջ աշխարհը շրջագայիլ: Ան կ՛ըսէ. «Բազմաթիւ բաներ սկսան պատահիլ, որովհետեւ սկսայ սրտիս հետեւիլ»: Քանի մը տարի դրամական անկայունութենէ ետք, ան ի վերջոյ բազմամարդ ճամբորդութիւններ կազմակերպող գործարար մըն է: Բայց Պայֆիլտը բացառիկ պարագայ է, մեզմէ շատեր որոշում տալու ատեն տակաւին պէտք է մտածեն մեր դրամապանակներու մասին:

Ապացոյցները կը հաստատեն, որ աշխատանքը ընտրելու հիմնական մղումը տակաւին իրենց վճարումներն են:

Ըստ վերջին ուսումնասիրութիւններուն, մարդոց  63 առ հարիւրը կը  մտածէ, որ դրամական վարձատրութիւնը շատ կարեւոր գործօն է աշխատանքը ընդունելու մէջ:

Թրիպլիպայթի պատրաստած ուսումնասիրութիւնը կը հաստատէ, որ արհեստագիտական ընկերութիւններու կողմէ նոր աշխատանքի համար ընտրուած տաղանդաւոր երիտասարդներէն անոնք, որոնք երկու տարբեր աշխատանքի առաջարկ կը ստանան, անոնց 70 առ հարիւրը կ՛ընտրէ ամէնէն բարձր վճարուողը, ճիշդ այնպէս, ինչպէս մեր ծնողներու սերունդը պիտի ընէր:

Բազմաթիւ երկիրներու մէջ երիտասարդ աշխատողներ ուսանողական աւելի ծանր պարտքեր կ՛ունենան, քան` նախորդ սերունդները

Նման փոփոխութիւն կատարելու դրամական անկումները, վնասները մեզմէ շատերուն համար մեծ իմաստ չեն ներկայացներ:

«Ճիշդ չէ, որ նոր սերունդը չ՛ուզեր կայունութիւն», կ՛ըսէ մասնագէտ Լի Քարըրը:

Փաստօրէն մեզի անհրաժեշտ է դրամական աւելի շատ կայունութիւն, քան մեր ծնողներուն օրերուն էր: Բազմաթիւ երկիրներու մէջ մենք կը կրենք ուսանողական պարտքի յաւելման բեռը: Տնտեսական ճգնաժամի հետեւանքները յետաձգեցին մեր տնտեսական յառաջընթացը եւ մեր մեծ ելեւմտական որոշումները:

Ընդհանրապէս, վերջին քանի մը ուսումնասիրութիւնները կը հարցնեն, թէ արդեօ՞ք նոր սերունդը ըստ էութեան ապահով աշխատանքներու կը ձգտի աւելի բարձր վճարումներով, քան` մեր նախորդները:

Մարիա Ռէյեսը առեւտրական ընկերութեան մը վաճառատուներէն մէկուն պատասխանատուն է: Երբ ան սկսաւ  իր աշխատանքին համար վարժանքներու, զգաց, որ հաւաքական աշխատանքը կը բախի իր ակնկալութիւններուն եւ համոզումներուն:

«Ընկերութիւնը բնաւ հետաքրքրուած չէ մարդոցմով», կ՛ըսէ ան: Բայց Մարիա մխրճուած է իր աշխատանքին մէջ: Ան նոյնիսկ երկու տարուան բացառիկ պայմանագիր կնքած է արտերկրի մէջ  թանկարժէք ուսուցման դասընթացներու համար, որ պիտի վճարուէր, եթէ ընկերութիւնը լքէր:

Ի վերջոյ, ան պաշտօնի բարձրացում ստացաւ, ուր անոր  ներքին հակամարտութիւնը խորացաւ: Անոր աշխատանքը կը կապուի հայթայթողներու  հետ, որոնք` «կը փորձեն ամէն գնով մեծ գումարներ շահիլ` առանց միւս կողմը նկատի առնելու»: Ան չի սիրեր, իւրաքանչիւր սենթի համար խոնարհիլ, յատկապէս` փոքր ընկերութիւններու հաշուոյն, որոնք մեծապէս կախեալ են անոր որոշումներէն:

«Կը կարծեմ, որ երկու կողմերն ալ պէտք է շահին առեւտուրի մէջ», կ՛ըսէ ան:

Բայց խնդիրը այն է, որ Մարիան համեմատաբար բարձր պաշտօն ունի այդքան երիտասարդ տարիքին համար: Մարիան կը հաւատայ, որ եթէ ինք նման աշխատանքի համար այլ տեղ դիմէր, նոյնքան յաջող չէր ըլլար: Ան կը կասկածի, որ նոյնիսկ հարցազրոյցի չէ կանչուեր:

«Իմ ասպարէզիս մէջ բազմաթիւ աշխատողներ կան, ուրեմն անխոհեմ կ՛ըլլայ աշխատանքս փոխելը», կ՛ըսէ ան:

Հետզհետէ աւելի կը դժուարանայ նոր հազարամեակի սերունդին` ամուսնանալը, զաւակներ ունենալը, բնակարանային վարկեր առնելը:

Մարսելա Կարտոնան, որ չուզեց իր  իսկական անունը նշել, սկսաւ իր աշխատանքը դեղագործական ասպարէզին մէջ` յոյս ունենալով օգնելու մարդոց իր աշխատանքով, սակայն շուտով ճնշուեցաւ բարոյագիտական բազմաթիւ խնդիրներով եւ երկսայրի իրավիճակներով, որոնց ան ականատես եղաւ:

«Ասիկա առեւտուր է եւ ատոր նպատակը դրամ շահիլն է, այլ ոչ թէ` մարդոց օգնել», կ՛ըսէ ան:

Մարսելան շուտով սկսաւ կենսաբանութեան մագիստրոսի վկայականին համար ուսանիլ` ձգտելով նոր ասպարէզի մը եւ աւելի մեծ իմաստով հասկնալու, թէ իր ըրածը որքա՛ն նպաստած է մարդոց:

Բայց երբ ան յղացաւ, հարցերը փոխուեցան: Աղջկան հանդէպ ունեցած պարտաւորութիւններուն պատճառով ինք  այլեւս չէր կրնար փոխել ուղին: Ան փոխեց աշխատատեղերը` յուսալով, որ հարցերը կը բարելաւուին, բայց ան կը դիմագրաւէ նոյն խնդիրները, ո՛ւր ալ աշխատի: Մարսելան կը շարունակէ դժգոհ մնալ իր աշխատանքէն. «բայց պէտք է գործնական ըլլամ», կ՛ըսէ ան:

Ոմանք աւելի բախտաւոր են, քան` միւսները

Ոչ բոլոր աշխատանքային շուկաները հաւասար են, որոշ հատուածներ աւելի ճկունութիւն ունին: Որոշ հմտութիւններու  աւելի մեծ պահանջ կայ: Ասիկա կը նշանակէ, որ աւելի շատ աշխատատեղեր կան ընտրելու:

Օրինակ, Սիլիքոնեան Հովիտին մէջ ճարտարագէտները  բարձր կը գնահատուին եւ կը պահանջուին:

Ըստ գործարար Ամմոն Պարթրամի, մարդիկ, որոնք կը գտնուին ոչ թեքնիք ասպարէզին մէջ, ինչպիսիք են հասարակական յարաբերութիւնները կամ իրաւաբանական ծառայութիւնները, այնքան ծրագրաւորողներ չեն ունենար: Եւ երբ խօսքը կը վերաբերի աշխատավարձի, ատիկա աւելի նուազ կ՛ըլայ  տաղանդաւոր ճարտարագէտի մը ստացած գումարէն:

Այդուհանդերձ, այլ ասպարէզներու մէջ, ինչպիսիք են ընկերային գիտութիւնները կամ հաղորդակցութիւնները, ուր աշխատավարձերը ցած են, եւ աշխատատողներու քիչ պահանջ կայ, որոշում տալը շատ աւելի բարդ է:

Ընդհանրապէս, եթէ մարդիկ աւելի լաւ միջոցներ ունին` խնայողութիւններ, ապահովագրութիւն կամ մասնագիտական որակաւորում, այնքան աւելի դիւրին կու տան որոշումներ,  որոնք կը ներառեն իրենց աշխատավարձը զոհելը:

Տարբերութիւն կ՛ընէ՞

Հազարամեակի սերունդի բազմաթիւ երիտասարդներու համար առաւել յարմար լուծում է սկիզբէն իրենց սկզբունքները, ընդունած արժէքները աւելի սերտ հաւասարեցնել աշխատանքին: Ակադեմական ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ այս սերունդը կ՛ուզէ, որ մարդիկ աշխատին, որպէսզի ըլլան  բարոյական, հաւատարիմ` բազմազանութեան եւ իրենց մասնակցութիւնը ունենան աշխարհը աւելի լաւ տեղ մը դարձնելու առաքելութեան մէջ:

Ըստ Քարահըրի, այլ սերունդներ «երբեք չեն հարցուցած, եւ ըրած են այն ինչ որ ըսած են իրենց»: Սակայն երիտասարդ աշխատողները պէտք է հաստատեն, որ լաւ կ՛ըմբռնեն իրենց գործատուներու  արժէքները եւ կազմակերպութեան մէջ իրենց դերը: «Անոնք կ՛ուզեն գործին մէջ ինքնահաստատում, անոնք կ՛ուզեն հասկնալ, որ իրենց խումբին մէջ տարբերութիւն մը կը բերեն, կ՛աւելցնեն բան մը»:

«Որոշ ընկերութիւններ, մասնաւորապէս` մեծերը, կ՛աշխատին իրենց արժէքները հաղորդելու համար: Պահանջուած վաճառանիշ  ունենալը աւելի դիւրին կը ներգրաւէ այն մարդիկը, որոնք լաւ դիրքի կը հասցնեն ընկերութիւնը: Սակայն փոքր ընկերութիւնները պէտք է ամէն բան ընեն, որպէսզի առանձնանան, եւ ամէնէն արդիւնաւէտ ռազմավարութիւններէն  մէկը շեշտը դնելն  է իրենց աշխատանքի դրական ընկերային ազդեցութեան վրայ», կ՛ըսէ Պարթրամ:

Լաւ նորութիւնը այն է, որ աշխատաւորներու ճնշումը կրնայ զգալիօրէն  փոխուիլ: Բազմաթիւ մեծ գործատուներ կ՛աշխատին այդ պահանջները կատարել բարեգործական եւ ընկերային պատասխանատուութեան միջոցով, նոյնպէս եւ` աւելի յստակ արտայայտել բարոյագիտական դիրքորոշումները: Առաջարկելով` «բարոյագիտական կողմնացոյց, որ աւելի եւ աւելի կարեւոր է երիտասարդ տաղանդը ներգրաւելու համար», կ՛ըսէ Քարահըր:

Որեւէ պարագայի, «Կուկըլ»-ի նախաձեռնութիւնը կ՛արդիւնաւորուի, որոշ յոյս կը ներշնչէ:

Ընկերութիւնը «Մաւեն» նախագիծը չէ վերակազմաւորած` նկատի ունենալով աշխատակիցներու ընդդիմութիւնը եւ մասնակիօրէն շահարկած է «Փենթակոն» պայմանագիրը, քանի որ ատիկա չի համապատասխաներ իր սկզբունքներուն: Ատիկա զոհողութիւն էր, բայց միայն արհեստագիտական հսկայ մը կրնար ինքզինքին թոյլ տալ ատիկա ընել:

Անոր աշխատողներէն ոմանք, ըստ երեւոյթին, նոյնպէս կրնան առաջնահերթ նկատել իրենց արժէքները: Անոնց աշխատավարձերը խոցելի չէին, եւ անոնք այլ  լաւ աշխատանքներու հեռանկարներ ունէին:

Բայց անոնց մեծամասնութեան համար, որոնք կը զգան, որ իրենց աշխատանքը կը հակասէ իրենց  արժէքներուն, վատ նորութիւնը այն է, որ «իրենց խումբին մէջ յաւելեալ բան  մը բերելը» եւ «ձգտումին հետապնդումը» դրամական որոշումներ են: Եւ ատոնք աւելի լաւ կը պատրաստուին` հանդարտ գլուխով եւ առարկայական, յստակ թիւերը նկատի ունենալով:

Հարիւր Դէմք` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

$
0
0

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Սարգիս Մանասեան

Հայ ազգային-ազատագրական շարժման գործիչ, քաղաքական-պետական գործիչ, ուսուցիչ, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:

Ծնած է Գանձակի (դաշտային Արցախի) Չարտախլու գիւղը, չքաւոր ընտանիքի մէջ: Ծննդեան ճշգրիտ թուականը անյայտ է, բայց կ՛ենթադրուի, որ 1878-1880 թուականներու ծնունդ ըլլայ:

Նախնական ուսումը ստացած է Թիֆլիսի Ներսիսեան վարժարանին մէջ: Աշակերտական տարիներուն` 1895-ին անդամակցած է նորակազմ ՀՅԴաշնակցութեան Թիֆլիսի «Հայկազեան եղբայրութիւն» անունով գործող աշակերտական շարժումին: Բարձրագոյն ուսումը ստացած է Թիֆլիսի ռուսական ուսուցչանոցին մէջ, փայլուն արդիւնքով աւարտած եւ անմիջապէս կոչուած է ուսուցչական աշխատանքի` նախ Շուշիի հեղինակաւոր թեմական վարժարանին, ապա` նոյնինքն Թիֆլիսի Ներսիսեան վարժարանին մէջ:

1903-ին մասնակցած է «Փոթորիկ»-ի գործունէութեան:

Մանասեան եղած է Դաշնակցութեան մարտական ուժերուն զինման գլխաւոր պատասխանատուներէն մէկը (ՀՅԴ Արեւելեան Բիւրոյի կողքին ստեղծուած Զինուորական Ֆոնտի – անդամ էր), այդ պատճառով ալ ան կարեւոր ներդրում ունեցած է 1905-1906 թուականներուն ցարական գաղտնի սպասարկութեան հրահրած հայ-թաթարական ընդհարումները դիմագրաւելու դժուարին գործին մէջ: Ս. Մանասեանը ինքնապաշտպանութեան գործին մէջ Պաքուէն մինչեւ Երեւան տարածուած հայ մարտիկները զէնք ու զինամթերքով ապահովելու գործին գլխաւոր պատասխանատուներէն էր:

1909-ին ցարական իշխանութիւններու կողմէ, բազմահարիւր հայ մտաւորականներու ու հասարակական գործիչներու շարքին, Մանասեանը եւս ձերբակալուեցաւ եւ իբրեւ դաշնակցական` ծանրագոյն պատիժ ստացաւ եւ դատապարտուեցաւ: Ան հետագային ընդհանուր ներումէն օգտուած եւ բանտարկութենէ ազատ արձակուած է:

Բանտէն ազատ արձակուելէ անմիջապէս ետք լծուած է հայ կամաւորական շարժման կազմակերպման եւ զինման աշխատանքներուն:

Փետրուար 1917-էն ետք Մանասեանը մաս կը կազմէ Անդրկովկասը ներկայացնող հայ պատգամաւորներու խմբակին: Այդ առաքելութիւնը կը շարունակէ մինչեւ 28 մայիս 1918-ի Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութիւնն ու հիմնադրումը:

Սարգիս Մանասեանը իր բոլոր ուժերով նուիրուեցաւ հայոց պետականութեան կերտումին ու հզօրացման: Այդպէ՛ս ընտրուեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան խորհրդարանի պատգամաւոր, 27 ապրիլ 1919-ին նշանակուած է Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին գործերու նախարարի պաշտօնակատար, 28 մայիս 1919-ին` Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին գործերու նախարար: Եղած է Ազրպէյճանի մէջ Հայաստանի դեսպան:

Մայիս 1920-ին սկիզբը Սարգիս Մանասեանը իբրեւ լիազօր բանագնաց ուղարկուած է Իջեւան` պոլշեւիկներու հակապետական ընդհանուր խռովութիւնը լուծելու: Ս. Մանասեանին կ՛ընկերանար յատուկ պատուիրակութիւն մը: Բանագնացներուն առաքելութիւնն էր երկխօսութեան ճամբով դադրեցնել խռովութիւնը:

Սակայն պոլշեւիկները դաւադրաբար զինք եւ ամբողջ պատուիրակութիւնը գերի բռնած եւ Պաքու տեղափոխած են, ուր բանտային չարչարանքներու եւ հարցաքննութեանց կարճատեւ շրջանէ մը ետք` 29 մայիս 1920-ին, Պաքուի մերձակայքը` Կասպից ծովուն բացերը, կը գնդակահարեն եւ ծով կը նետեն Սարգիս Մանասեանին խոշտանգուած մարմինը:

Արամ Մանուկեան

Բուն անունով` Սարգիս-Սերգէյ Յարութիւնի Յովհաննիսեան: Հայ ազգային-ազատագրական շարժման գործիչ, քաղաքական-պետական գործիչ, Վանի հերոսական ինքնապաշտպանութեան ղեկավար, Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիր, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:

Արամ ծնած է 1879 մարտ 19-ին, Ղարաբաղի Շուշի քաղաքին մէջ: Ծնողները սակայն, կը մնային Ղափանի Զէյվա գիւղը, այս իսկ պատճառով մեր ուսումնասիրութիւնէն երեւան կու գայ, որ շատ մը կենսագիրներ կամ աղբիւրներ Զէյվա գիւղը համարեն Արամի ծննդավայրը: Թէեւ Արամ ինքզինք նկատած է միշտ ղարաբաղցի  եւ ծնունդով շուշեցի: Իսկ միւս կողմէ` բացառուած չէ, որ Արամ ծնած ըլլայ Զէյվա եւ մանուկ տարիքէն փոխադրուած` Շուշի:

Այնուհետեւ, Արամ 1901-ին կ՛աւարտէ Երեւանի թեմական դպրոցը:

Կ՛անդամակցի Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն կուսակցութեան շարքերուն եւ իր ինքնուրոյն դերակատարութիւնը կ՛ունենայ Շուշիի, Գանձակի, Թիֆլիսի, Ալեքսանդրապոլի (այժմ` Գիւմրի) եւ Կարսի մէջ: 1907-ին կը մասնակցի ՀՅԴ Դ. Ընդհանուր ժողովին, Վիեննա, ապա կը վերադառնայ Վան, ուր կը հանդիսանայ Վասպուրականի շրջանի ՀՅԴ ղեկավարը եւ կը նուիրուի Վանի ինքնապաշտպանութեան գործին. դաւաճան Դաւոյի մատնութեան պատճառով կը բանտարկուի եւ կ՛ենթարկուի զանազան չարչարանքներու: 1908-ին օսմանեան սահմանադրութեան օրերուն ազատ կ՛արձակուի բանտէն:

1914-ին Էրզրումի ՀՅԴ Ը. Ընդհանուր ժողովին կ՛ընտրուի Բիւրոյի անդամ եւ կը վերադառնայ Վան: 1915-ին կը հանդիսանայ Վանի յաղթական հերոսամարտի ոգին եւ կը նշանակուի անկախ Վասպուրականի նահանգապետ:

Ռուսական բանակը անբացատրելիօրէն կը նահանջէ Վանէն. հարիւր վաթսուն հազարի հասնող գաղթականութիւն մը տառապալի պայմաններու մէջ կը հեռանայ հայրենի իր հողէն: Արամ եւս իր ժողովուրդին հետ կը գաղթէ Կովկաս:

1917-ին Ազգային խորհուրդի կողմէ, իբրեւ լիազօր ներկայացուցիչ, կ՛ուղարկուի Երեւան, ուր կը տիրէր կատարեալ յուսահատութիւն եւ անիշխանութիւն: Երկրին մէջ անդորրութիւնը վերահաստատելու համար կը կազմուի յատուկ կոմիտէ մը` Արամի ղեկավարութեամբ եւ կը յայտարարուի զօրակոչ:

Յիշեալ պայմաններու մէջ էր, որ Երեւանի բնակչութիւնը եւ զինուորականութիւնը որոշեցին Արամին վստահիլ գոյամարտի կազմակերպումը եւ զայն նշանակեցին Արարատեան շրջանի տիքթաթէօր: Քաջ ծանօթ ենք, որ բառացի եթէ թարգմանենք այս բառը, ապա կը նշանակէ բռնատէր, միապետ, սակայն իրողութիւնը բացարձակապէս հակառակն էր: Հայ ժողովուրդը զայն ընտրեց կառավարիչ, առաջնորդ. հաւանաբար Արամը իր տիքթաթէօր անուանումով միակն է աշխարհի պատմութեան մէջ, որ ժողովուրդ մը, անխտիր, իր բարձր գիտակցութեամբ ու անսահման սիրոյ զգացումներուն իբրեւ արտայայտութիւն` անուանեց զայն տիքթաթէօր, ու ապագային ալ ոչ մէկ հայու համար այդ անուանումը բացասական բարդութիւն ստեղծեց, ընդհակառակը, բոլորը անխտիր համախմբուեցան մեծ առաքեալին շուրջ:

1918 մայիսին, երբ թրքական յառաջխաղացքին դիմաց հայկական զօրքերը պահ մը կը նահանջեն, առաջարկներ կ՛ըլլան Երեւանը պարպելու:

Արամի վճռական կեցուածքն է, որ կը փրկէ Հայաստանն ու հայութիւնը: Արամի հրահանգը կտրուկ էր. «ԵՐԵՒԱՆԸ ՉԵՆՔ ԴԱՏԱՐԿԻ, ԵԹԷ ՀԱՐԿ ԼԻՆԻ, ԲՈԼՈՐՍ ԷԼ ԷՍՏԵՂ ԿԸ ՄԵՌՆԵՆՔ, ԲԱՅՑ ԵՐԵՒԱՆԸ ՉԵՆՔ ՅԱՆՁՆԻ»…

28 մայիս 1918-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումէն ետք ղեկավարած է երկիրը` մինչեւ Թիֆլիսի մէջ ստեղծուած Հայաստանի կառավարութեան ժամանումը (23 յուլիսին) Երեւան:

Հայաստանի Հանրապետութեան անդրանիկ կառավարութեան մէջ Արամ կը ստանձնէ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնը, որուն իրաւասութեան տակ էին նաեւ լուսաւորութեան, հաղորդակցութեան, պարէնաւորման ու խնամատարութեան ոլորտները, տեղական իշխանութիւններու ձեւաւորումը: Մանուկեան մեծ ջանքեր գործադրած է հանրապետութեան մէջ պարենային ճգնաժամը մեղմելու, գրագրութիւններու լեզուն հայացնելու, հարիւր հազարաւոր փախստականներու եւ որբերու կացութիւնը հնարաւորինս բարելաւելու համար: Անոր անմիջական մասնակցութեամբ երկիրը ձերբազատած է հայոց պետականութեան նկատմամբ թշնամաբար տրամադրած թուրք-թաթարներէն:

Արամի առողջական վիճակը լաւ չէր, ան կը վարակուի բծաւոր տիֆով, եւ այդ պատճառով ալ կը մահանայ` 29 յունուար 1919-ին: Դժբախտաբար կարճ կը տեւէ Արամի պետական գործունէութիւնը:

Վերջապէս, ամէնէն աւելի Արամին կը պատկանի մայիսեան յաղթանակները կերտելու պատիւը: Ան էր ոգին, մղիչ ուժը, որ բազմութիւնները ոտքի հանեց,  ճակատ ղրկեց, թիկունքը կազմակերպեց եւ կարգ ու կանոն հաստատեց:

Հմայեակ Մանուկեան

Հմայեակ Մանուկեան. Հայ ազգային-ազատագրական շարժման գործիչ, հայ քաղաքական-պետական գործիչ, գրող:

Ծնած է 1895-ին, Վան: 1915 թ., Վանի ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն երիտասարդ Հ. Մանուկեան կը նշանակուի Զինուորական մարմինի օժանդակ տեղեկատու դիւանի անդամ: Ան խմբագիրն էր «Աշխատանք» թերթի:

1919-ին կ՛ընտրուի նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի անդամ, երեսփոխանի իր պաշտօնը կը վարէ` 4 յունիս 1919-ին մինչեւ 2 դեկտեմբեր 1920:

Փարիզի «Վէմ» ամսագրին մէջ կը հրապարակէ իր յուշերը` «Դէպքեր Վասպուրականում», 1937-էն սկսեալ:

Հմայեակ Մանուկեան կը մահանայ 1970-ին:

Գէորգ Մելիք-Գարակէօզեան

Գէորգ Մելիք-Գարակէօզեան. գրող, հրապարակագիր, լրագրող, քաղաքական-պետական գործիչ, Հայ ժողովրդական կուսակցութեան (ՀԺԿ) անդամ:

Ծնած է 1873-ին, Թիֆլիս: Աւարտած է Թիֆլիսի դասական միջնակարգ վարժարանը, որմէ ետք ուսումը շարունակած է Պերլինի եւ Պրիւքսելի համալսարաններուն մէջ: 1902-ին վերադարձած է Թիֆլիս, իսկ 1903-1905 թուականներուն նշանակուած է «Կովկասեան Լրատու» ամսագրի խմբագիր:  1905-ին սկսած է հրատարակել «Արշալոյս» թերթը, միաժամանակ շարունակած է խմբագրել «Կովկասեան Լրատու» ամսագիրը:

1906-ին խուսափելով ցարական իշխանութիւններու հետապնդումներէն` մեկնած է արտասահման: 1912-ին վերադարձած է Թիֆլիս, ուր եւ ընտրուած է երկրորդ փոխօգնութեան վարկային կառավարչութեան անդամ, շուտով նաեւ` ղեկավար:

1917-ին նշանակուած է զինուորներու եւ անոնց ընտանիքներու օգնութեան անդրկովկասեան կոմիսար եւ նոյն թուականին մասնակցած է Համահայկական ազգային համագումարին: 1918-ին Մելիք-Գարակէօզեան նշանակուած է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարարի օգնական: Պաթումի պայմանագրի կնքումէն ետք Հայկական ազգային պատուիրակութեան կազմին մէջ եղած է Գերմանիա:

1918-ին դեկտեմբերէն մինչեւ 1919  յունիս ամիսը ստացած է քանի մը նախարարական պաշտօններ, օրինակ` լուսաւորութեան նախարարի պաշտօնը: Այս պաշտօնին վրայ պաշտօնավարած ընթացքին Մելիք-Գարակէօզեանը առաջնահերթ համարած է Հայաստանի մէջ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութեան հիմնումը: Ան իր գործօն մասնակցութիւնը ունեցած է Երեւանի համալսարանի հիմնադրութեան մէջ:

Մելիք-Գարակէօզեան հանդէս եկած է նաեւ առաջարկով, որ կանգնեցուի յուշարձան` նուիրուած Հայաստանի անկախութեան ու միութեան յաւերժացման ու ազգային հերոսներու վառ յիշատակին: Այս նպատակով կազմած է հիմնադրամ, որ պէտք էր խրախուսէր արձանի համար յայտարարուած մրցանակաբաշխութեան իրականացումին ու յաղթողի պարգեւատրումին: Ան առաջարկած է նաեւ հրատարակել հայ ազատագրական շարժման վերջին շրջանի պատմութիւնը եւ հաստատել առանձին շքանշան` «Հայրենիքին մատուցած ծառայոււթիւններու համար»: Այս բոլոր առաջակները ընդունուած են միաձայն:

Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք Մելիք-Գարակէօզեանը զբաղած է հիմնականին մէջ մանկավարժութեամբ, դասաւանդած է Հայաստանի եւ Վրաստանի տարբեր ուսումնական հաստատութիւններու մէջ:

Մելիք-Գարակէօզեանը եղած է Հայ ժողովրդական կուսակցութեան անդամ եւ յաճախ ստանձնած է կուսակցութեան ղեկավար պաշտօններ:

Ան իբրեւ ստեղծագործող` գրած է բանաստեղծութիւններ, վէպեր, տեսական ու քաղաքական բնոյթի վերլուծական յօդուածներ, յուշագրութիւններ եւ այլն: Իր գրչին կը պատկանին` «Մեծ պայքար», «Ինչպէս ժառանգութիւն ստացայ միլիառ տոլար» վէպերը, «Դաշնակցութիւնը եւ մենք», «Հայկական մամուլի մասին», «Մարդու բնոյթը», «Բառերի տեմակոկիա», «Հայկական քաղաքական» եւ Աբովեանին ու Թումանեանին նուիրուած յօդուածներ:

Գէորգ Մելիք-Գարակէօզեանը մահացած է 1940-ին, Երեւան:

(Շար. 12)


Խաչի Յարգանք, Խաչակնքուիլ Եւ Խորհուրդը

$
0
0

ՏՈՔԹ. ՍԱՐԳԻՍ ԱՏԱՄ

Բազմաթիւ քրիստոնեայ ազգեր մեր ժողովուրդը կ՛անուանեն «ԽԱՉԱՊԱՇՏ» ժողովուրդ այո՛, շատ ճիշդ է, մենք խաչապաշտ ժողովուրդ ենք, որովհետեւ մեզի համար «ԽԱՉԸ» սրբութիւն է, փրկութիւն, արդարութիւն, իմաստութիւն, ապաստարան ու չարիքներու եւ վտանգներու դէմ մեր պաշտպանը, մեր վահանն է:

Մենք օրը, աշխատանքը, ճաշը, ճամբորդութիւնը եւ այլ բաներ կը սկսինք խաչակնքելով: Եկեղեցի մուտք գործելու եւ եկեղեցիիէն դուրս ելլելու ատեն, անկողին մտնելու ատեն, մենք մեզի վտանգի մը, չարիքի մը, աղէտի մը, փորձանքի մը դէմ յանդիման գտնուած զգալու ատեն կը խաչակնքենք: Մենք  կը պաշտենք ոչ թէ խաչին ֆիզիքական երեւոյթը, խաչին ձեւը եւ կամ խաչ առարկան, այլ կը պաշտենք խաչին սուրբ խորհուրդը, ան մեզի համար  մեր Տէրը, Աստուածը կը խորհրդանշէ:

Մարդկային կեանքի պատմութեան մէջ խաչակնքման սովորութիւնը այնքան հին է, որքան` քրիստոնէութիւնը եւ յատուկ է բոլոր ուղղափառ եկեղեցիններուն:

Հին ատեն, Հռոմէական կայսութեան ժամանակ խաչը կը համարուէր անարգ մահուան, նախատինքի, չարչարանքի միջոց:

Քրիստոս գամուելով խաչին վրայ` մեր փոխարէն յանձն առաւ մահը եւ իր զօրութեամբ մահուան գործիքը վերափոխեց յաւիտենական կեանքի խորհրդանիշի:

Խաչը մեզի համար կը կոչուի փրկութիւն, սրբութիւն, արդարութիւն եւ իմաստութիւն:

Քառաթեւ ձեւով խաչը մեզի համար կը խորհրդանշէ Քրիստոսի չորս բարերարութիւնները: Խաչի վերի մասը ցոյց կու տայ «երկինքի արքայութեան բացուիլը», ներքեւի մասը` «դժոխքի աւերումը», աջ կողմը` «շնորհներու բաշխումը», իսկ ձախ կողմը` «թողութիւն»-ը:

Քառաթեւ  խաչը կը խորհրդաշնէ նաեւ չորս առաքինութիւնները: Վերի մասը նշան է սիրոյ, վարի մասը` խոնարհութեան, աջը` հնազանդութեան, իսկ ձախը` համեստութեան:

Մենք կը խաչակնքուինք հետեւալ ձեւով. նախ կը միացնենք մեր աջ ձեռքի բութամատը, ցուցամատը եւ միջնեմատը, մեր աջ ձեռքի ճկոյթը եւ մատնեմատը միասին կը սեղմենք դէպի մեր ափը, այս կը խորհրդանշէ Քրիստոսի կատարեալ Աստուած եւ կատարեալ մարդ ըլլալը: Մեր աջ ձեռքը նախ կը տանինք մեր ճակատին` ըսելով «Յանուն Հօր», յետոյ մեր աջ ձեռքը վար իջեցնելով` կը տանինք մեր կուրծքին վարի մասը ըսելով` «եւ Որդւոյ», մեր աջ ձեռքը կը տանինք մեր կուրծքին ձախ կողմը ըսելով` «եւ Հոգւոյն», ապա կուրծքին աջ կողմը` ըսելով, «Սրբոյ» (ռուսերը եւ յոյները ձեռքը հակառակ կողմ կը տանին) եւ մեր աջ ձեռքի մատները բանալով, կը դնենք մեր սրտին վրայ:

Խաչակնքուելու ատեն հարկաւոր է մեր գլուխը քիչ մը դէպի վար ծռելով խոնարհիլ, որ կը նշանակէ Աստուծոյ կամքին մեր հնազանդութիւնը եւ հպատակութիւնը յայտնել:

Մենք  կը խաչակնքուինք  «Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ» ըսելով:

Այս խօսքերով ամէն անգամ մենք կ՛արտայայտենք մեր հաւատքը Ս. Երրորդութեան եւ մէկ աստուածութեան հանդէպ:

Խաչի նշանով մենք կ՛արտայայենք նաեւ մեր հաւատքը Տիրոջ մարդեղութեան եւ փրկագործութեան հանդէպ:

Երբ  կը խաչակնքենք մեր աջ ձեռքը վերէն  վար իջեցնելով, ապա ձախէն աջ տանելով` կը յիշենք, որ Աստուած երկնքէն  երկիր իջաւ եւ մարդիկ ձախէն դէպի աջ տարաւ, այսինքն` խաւարէն դէպի լոյս, մահէն դէպի կեանք:

Աղօթելէն, ճաշի, գործի սկսելէն առաջ, եկեղեցի մտնելու եւ եկեղեցիէն դուրս ելլելու  ատեն կը խաչակնքենք եւ կը յիշենք խաչը: Այս յիշողութիւնը մեզի կու տայ հոգեւոր մեծ օգուտ եւ զօրութիւն:

Ըստ Գրիգոր Տաթեւացիի, երբ խաչակնքուելու ատեն մեր ձեռքը վեր կը բարձրացնենք, ըսել կ՛ուզենք, որ մեր միտքը եւ էութիւնը գամուած է խաչին վրայ եւ թող ասկէ ետք Քրիստոսի միտքը գրաւէ մեզ:

Երբ մեր աջ ձեռքը կը տանինք մեր կուրծքի ներքեւի մասը, կ՛ուզենք ըսել, որ մեր մարմինը չէ, որ պիտի թելադրէ մեզի, այլ Քրիստոս կը թելադրէ իր կամքը մեզի:

Ձախ եւ աջ տանելով մեր ձեռքը` կ՛ուզենք ըսել, որ մեր ձեռքերն ալ նոյնպէս խաչուեցան, որոնք չար գործելու համար արդէն անպիտան են եւ միայն բարին պիտի գործեն: Մեր մատները բացած ձեռքը տանելով դէպի մեր սիրտ ըսելով «Ամէն»` կը հաստատենք, որ մենք այդ բոլորին համաձայն ենք:

 

 

 

Հայ Մօր Մը Փորձառութիւնները` Զաւկին Ինքնութեան Կազմաւորման Ընթացքին

$
0
0

ԿԱՐԻՆ ՍԱՂՏԸՃԵԱՆ

Վանքուվըր-Երեւան երկու հանգրուաններով թռիչքը անհամեմատօրէն երկար էր եւ` յոգնեցուցիչ. այնպէս որ, չէի սպասեր, որ մեր էջքէն ետք 6-ամեայ տղաս արթնամիտ ըլլայ արձագանգելու որեւէ խօսակցութեան կամ պատկերի:

Սակայն առաւօտուն, «Զուարթնոց» օդակայանէն Երեւան մեկնած ատեն, երբ մայրուղիին վրայ առաջին անգամ Արարատը իր վեհութիւնը յայտնեց մեզի` «Մամի՜, Արարատ՜ը… ասի իրական է, իրական…», հիացմունքով բացագանչեց Վարագը:

Կ՛ենթադրէի, որ ան Արարատը տեսած ատեն որոշ հիացմունք ունենայ, բայց բնաւ չէի սպասեր, որ փոքրիկ թաթիկներով բերանը գոցած, աչուկները կլորցնելով` պիտի սքանչանայ: Ասիկա նախ կը նշանակէր, որ երբ տունը Արարատ կը գծէր ու կը ներկէր, մանուկին երեւակայութեան մէջ իսկապէս պատկերը տեղ գտած էր. երկրորդ, անոր այս հրճուանքը տեսնելով, մեղքս ի՛նչ պահեմ, ուրախութեան եւ գոհունակութեան խոր զգացում մը ունեցայ:

Իր ծնունդէն ի վեր տղուս աճին մեծ հետաքրքրութեամբ կը հետեւիմ: Բոլոր մայրերը գիտեն, թէ իրենց մանկիկին բոլոր «առաջին անգամ»-ները որքան կարեւոր անկիւնադարձեր են եւ տան մէջ` մեծ ուրախութիւն: Առաջին ժպիտը, առաջին բառը, առաջին քայլը, առաջին նախադասութիւնը… Այս բոլորը` շա՛տ լաւ. բայց իմ թաքուն փափաքս այլ էր: Արդեօք Վարագը ե՞րբ առաջին անգամ իր հայ ըլլալը պիտի դրսեւորէր, կամ արդեօք այդպէս բան կա՞յ. երեխաներու ինքնութիւնը ե՞րբ կը դրսեւորուի:

Բայց պէտք է ըսեմ, որ հակառակ որոշումիս, որ մանուկին ուղեղը «հայկականութեամբ» պիտի չողողեմ մինչեւ 5-6 տարեկան, Վարագը հազիւ 2 տարեկան` մեզ զարմացուց: Երբ կիրակի մը Վանքուվըրի Հայ կեդրոնը ուղղուած ատեն, հեռուէն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին նկատելով, մատիկը բարձրացուցած, մանկունակ թոթովանքով ու շեշտով մը ինքնաշարժին ետեւի աթոռէն բացագանչեց. «Մամի՛, ասի Հայաստանն է»: Յակոբն ու ես շշմած իրարու նայեցանք, ապա բաւական մտածեցինք, թէ ե՛րբ մեր երկամեայ երեխան այսքան տպաւորած ենք Հայաստանով: Չկրցանք մատնանշել որոշակի պահ մը, կամ` խօսակցութիւն մը:

Ժամանակ մը ետք դարձեալ մտահոգութեան մէջ էինք: Երբ Վարագը 3-4 տարեկան եղաւ եւ սկսաւ, նման` միւս մանուկներուն, շուկայականացած իր «հերոսները» գնել եւ անոնց պատմութիւններուն ծանօթանալ: Արդէն լեզուն բացուած էր, իր խաղալիքներուն հետ անգլերէն կը խօսէր: Սարդէ մարդը, գերմարդը եւ չղջիկ մարդը քովքովի շարած անոնց ցուցմունքներ տալը, անոնց հետ իր երեւակայական կռիւներն ու երկխօսութիւնները միշտ անգլերէն էին: Տան մէջ, ականջս միշտ իրեն տուած, իր մանկական խաղերուն կը հետեւէի` միշտ կառչելով իմ սկզբունքին, որ «հայ ենք, հայերէն խօսէ» պիտի չըսեմ կամ ժամանակէն առաջ մանուկին պիտի չբռնանամ հայերէնախօսութեամբ, երբ բնական տուեալները չկան միշտ հայերէն արտայայտուելու: Օր մըն ալ չդիմանալով` հարց տուի.

– Վարագ, ինչու հայերէն չես խօսիր սփայտըրմենին եւ սուփըրմենին հետ:

– Մամի՛, ասոնք հայերէն չեն գիտեր, ըսաւ ցոյց տալով առջեւի խաղալիքները:

– Բայց դուն խօսէ՛, քեզմէ կը լսեն, կը սորվին, յարեցի:

– Չէ՜, անհանգստացած ըսաւ` չընդունելով առաջարկս:

Կարծես զիս գոհ պահելու համար լուծում մը տուաւ հարցիս.

– Բայց կրնան հետս Հայաստան երթալ:

Ժամանակը անցաւ եւ Վարագի անգլերէնն ալ զօրացաւ: Նախադպրոցական դասարանին մէջ հայերէնը սկսաւ նահանջել: Եթէ սկիզբը հայերէն բառապաշարը լայն էր, հիմա անգլերէնի դիւրին բառերը սկսան դուրս քշել դեռ ուղեղին մէջ չարմատաւորուած հայերէնը: Հայերէնի հագագային բաղաձայնները եւ երկար բարդ բառերը տեղի տուին անգլերէնի դիւրութեամբ արտաբերուող ձայնաւորներուն եւ կարճ, «երաժշտական» բառերուն դիմաց:

Համբերութիւն կ՛ուզէր երբեմն անգլերէնը լսել, թարգմանել, երբ չէր ուզեր հայերէն պատասխանել կամ կրկնել թարգմանութիւններս:

– Մամա՛, այսօր լանչին քերըթ կ՛երանք:

– Ուրեմն ստեպղին կերաք կէսօրին, տղա՛ս:

– Մա՛մ, այսօր օրիորդ Ճանսընը շատ սետ էր:

– Ի՞նչու տխուր էր, հոգի՛ս:

– Պա՛պ, պառերուն վրայ լաւ քլայմպ կ՛ընեմ:

– Ապրի՛ս, տղա՛ս, ձողերուն վրայ լաւ կը մագլցիս:

Օր մըն ալ, իր ննջարանի գրադարանը կոկած ատեն, հայերէնի գիրքը ձեռքը, դուրս եկաւ` ըսելով. «Մա՛մ, ասի ա՛ռ, հոս չի պատկանիր»: Սարսափած` երեխային նայեցայ, որ թէեւ (հայերէնի այնքան ճշգրիտ գործածութեամբ) անմեղունակ որոշում մը տուած էր պարզապէս իր գրադարանին տեսքին միատեսակութիւնը պահելու համար, սակայն զիս, նախապաշարուած անձս, սահմռկեցուց:

Անմիջապէս առանձնացանք եւ խօսեցանք, որ եթէ մենք հայերէն գիրքը տունէն ներս չպահենք, մէկը իրեն տեղ պիտի չտայ իր գրադարանին մէջ, եւ եթէ հայերէն չսորվինք, ուրիշ մէկը պիտի չսորվի: Մենք ենք տէրը մեր լեզուին: Ատկէ ետք, եթէ մոռնամ գիշերները հայերէն դասի նստելու, Վարագը ինծի կը յիշեցնէ. «Մա՛մ, հայերէն չըրինք այսօր…»:

Այս ընթացքին համոզում ունէի երկու հարցի շուրջ.

– Վարժութիւնը, կրկնութիւնը պիտի յաղթեն (repetition is the mother of all skills): Իսկապէս ալ, նոյնիսկ եթէ Վարագը անգլերէն կը խառնէ հայերէն խօսած ատեն, իր մտքերը կրնայ հայերէնով արտայայտել: Երբ հայախօսներու մէջ ըլլայ, բառերը բնականաբար կը վերյիշէ:

– Ինքնութիւնը աւելի կարեւոր է. ես ո՞վ եմ, ո՞ր խումբին կը պատկանիմ, աւելի կարեւոր գոյութենական հարցեր են հայ զգալու համար, քան` լեզուի իմացութիւնը: Նոյնիսկ եթէ հայախօսութիւնը չստացուի, Վարագը հայ պիտի զգայ ինքզինք: Համացանցային այս դարաշրջանին պատկանելիութեան զգացումը աւելի կարեւոր է:

Եթէ լեզուն առօրեայ վարժութիւն եւ աշխատանք է, ապա ինքնութիւնը կը կազմուի կամաց-կամաց, քայլ առ քայլ. չսպասած մէկ խօսքդ, չակնկալած մէկ պահը խոր դրոշմ կը ձգեն մանուկին մտքին ու հոգիին մէջ եւ կ՛որոշեն անոր ինքնութեան նախատիպը:

Այսուհանդերձ, լեզուն անհրաժեշտ է որեւէ հաւաքականութեան մէջ համարկուելու համար: Ընկերաբաններ զայն գլխաւոր նախապայմանը կը նկատեն` ազգային ինքնութեան կազմաւորման:

Կը հաւատամ, որ առանց լեզուն իմանալու` կարելի չէ պատկանելիութիւն զգալ լիովին: Առանց լեզուն եւ մշակոյթը իմանալու` կարելի չէ ընկալել հաւաքականութեան մը հոգեմտաւոր աշխարհը: Կը նմանի լողալ ուզելուն, բայց ծովուն հեռուէն դիտելուն:

Վարագին ուշի ուշով կը հետեւէի այս ամրան Հայաստան մեր այցելութեան ընթացքին: Առաջին անգամ երբ Սարեանի տուն-թանգարանը մտանք, հիացած կը դիտէր Վարպետին գծագրութիւնները` հաշուելով, թէ քանի՛ անգամ Արարատը կ՛երեւի անոր ստեղծագործութիւններուն մէջ: Կամ Արցախի մէջ «Տատիկ եւ պապիկ» կոթողը գրկելը եւ կամ` դէպի Սասունցի Դաւիթի արձանը սրընթաց վազելը եւ խանդավառութիւնը… փորձառութիւններ, որոնք խոր դրոշմ պիտի ձգեն իր ինքնութեան վրայ: Այն բոլոր պահերը` հայերէն երգ մը միասին երգելը, հակառակ իր դժկամութեան` առտու կանուխ եկեղեցի երթալը, կամ քնանալէ առաջ հայկական աւանդավէպի մը մասին պատմութիւն լսելը, կը կազմեն բաղադրիչները ինքնութեան կառուցուածքին:

Մանկավարժները կ՛ըսեն. «Մի՛ թելադրեր. այլ ցոյց տուր»: Մանուկը տպաւորելու, բան մը սորվեցնելու լաւագոյն ձեւը կենդանի օրինակով ցոյց տալն է եւ ոչ թէ` թելադրելը:

Ես չեմ յաւակնիր հաւաստիացնելու, որ ասիկա լաւագոյն ձեւն է հայ մանուկ մը հայ պահելու, ոչ ալ գիտեմ, ապագան ի՛նչ պիտի բերէ, թէ 6-ամեայ զաւակս ինչպէ՛ս պիտի դրսեւորուի ապագային: Միայն կրնամ ըսել, որ ճամբան դեռ երկար է…

Անցեալ օր, երբ իրեն գաղափարի մը ընկալումը դիւրացնելու համար անգլերէն եզր մը գործածեցի, ինծի դառնալով` ըսաւ.

– Մա՛մ, հայերէն խօսէ…

 

 

 

Ակոբ Գանլէճեանի Լուսանկարներու Անհատական Ցուցահանդէս

$
0
0

Երկուշաբթի, 22 հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին «Ռոշան» ցուցասրահին մէջ «Սայֆի վիլէյճ» տեղի ունեցաւ Ակոբ Գանլէճեանի 27 սեւ-ճերմակ լուսանկարներու անհատական ցուցահանդէսին բացումը:

«Ազդակ»-ի հետ իր  ունեցած զրոյցի ընթացքին արուեստագէտը յայտնեց, որ ցուցադրուած լուսանկարները 4-5 տարուան աշխատանք են եւ աշխատցուած են աւանդական ձեւով, այսինքն` հին լուսանկարչական գործիքներով, սեւ-ճերմակ ժապաւէններով, եւ տպագրութիւնները ձեռքով եղած են, ոչ թէ` տպագրիչ մեքենաներով: Անդրադառնալով ցուցադրուած լուսանկարներու թեմային` Ակոբ Գանլէճեան նկատել տուաւ, որ անոնք կը խօսին ժամանակի ընբռնողութեան մասին, աւելցնելով, որ իւրաքանչիւր լուսանկար երկվայրկեան, վայրկեաններ եւ նոյնիսկ ժամ կը ներկայացնէ:

Լուսանկարներուն մէջ արհեստագիտութիւնը չկայ, այլ բնական աւանդական գործեր են` 60-50, 40-30 չափերով, իսկ հատ մըն ալ 3 մեթր, որ կը ներկայացնէ ամպի մը շարունակական պատմութիւնը: Լուսանկարներու հաւաքածոն կը ներկայացնէ ծաղիկներ` իրենց տարբեր ժամանակներով եւ ընթացքով: Արուեստագէտը բացատրեց, որ 2013-ին լուսանկարած ծաղիկներու փունջ մը նոյն ձեւով նկարած է 2015-ին, երբ անոնք արդէն չորցած են, իսկ 2018-ին նոյն նկարը վերամշակած է` զայն տեղադրելով մութ սենեակի մը մէջ եւ իրենց լոյսով ստեղծագործած է արուեստը:

Յայտնենք, որ սոյն ցուցահանդէսը Ակոբ Գանլէճեանին առաջին անհատական ցուցահանդէսն է: Ան մասնակցած է զանազան հաւաքական ցուցահանդէսներու, ինչպէս նաեւ 2015-ին Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով իր մասնակցութիւնը բերած է «Ֆարրա» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցած հաւաքական ցուցահանդէսին:

Նշենք, որ ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 31 հոկտեմբեր եւ բաց է ամէն օր առաւօտեան ժամը 10:00-1:30 եւ կէսօրէ ետք ժամը 3:30-6:00, իսկ շաբաթ օրերը` առաւօտեան ժամը 10:00-1:30:

Պատուաբեր Արդիւնք

$
0
0

Գոհունակութեամբ իմացանք, որ Տիգրան Մկրտչեանը` Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան տէր եւ տիկին Սամուէլ Մկրտչեանին զաւակը, բնագիտութեան մէջ ձեռք բերելով գերազանց արդիւնքներ` արժանացած է պետական պարգեւի: Տ. Մկրտչեանը բնագիտութեան մագիստրոսական աստիճանի նուաճման բացառիկ արդիւնքներով կ՛արժանանայ կրթական մարզի բարձրագոյն պարգեւին:

Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան անձնակազմը ջերմօրէն կը շնորհաւորէ Տիգրան Մկրտչեանն ու իր ծնողները` կրթական մարզի բարձրագոյն պետական պարգեւին առիթով: «Ազդակ» եւս կը միանայ շնորհաւորանքին:

Ակնարկ. Պոլթընի Ակնարկած «Ներկայի Հանգամանքներ»-ը

$
0
0

Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերու խորհրդականին այցելութիւնը տարածաշրջան, իր երկրին եւ բնականաբար Երեւանի, Պաքուի ու Թիֆլիսի միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման կը միտէր, եւ` այդ երկիրներուն ուղղակի կամ անուղղակի ուղերձներ փոխանցելու:

Հայկական գործընթացները արգելակած հանգոյցներու լուծման բանալին, Պոլթընը կը բնութագրէր իր հետեւեալ միտքով.

«Ամերիկեան տեսանկիւնէն, որքան աւելի ուժեղ է ժողովրդավարութիւնը, այդքան աւելի մեծ է կարելիութիւնը կապ հաստատելու Միացեալ Նահանգներու եւ նոյն արժէքները կրող այլ երկիրներու հետ:

«Եթէ խնդիրը այն է, որ ընտրութիւն պէտք է կատարել ռուսական եւ ամերիկեան ռազմամթերքին միջեւ, ապա ամերիկեանը աւելի որակեալ է: Անհրաժեշտ է, որ Երեւանը դիտարկէ այդ հնարաւորութիւնը` այն առումով, որ այդ պարագային կ՛աւելնան հնարաւորութիւնները մէկ գերտէրութենէ կախեալ չըլլալու: Հակառակ աշխարհագրական դիրքին եւ պատմական իրողութիւններուն կապուած հարցերուն, ժամանակն է լաւատես ըլլալու, որ Հայաստանը կրնայ աւելի տեսանելի ըլլալ համաշխարհային ասպարէզին մէջ:

«Ներկայիս հանգամանքները կ՛ընդգծեն Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին շուրջ փոխադարձ համաձայնութեան հասնելու կարեւորութիւնը: Համաձայնութիւն գոյանալու պարագային, կը բացուի հայ-ազրպէյճանական սահմանը: Նաեւ` Թուրքիոյ հետ սահմանը: Ինչ կը վերաբերի Վրաստանի հետ սահմանին, ապա անիկա եւս աւելի նուազ անհանգստութիւն կը պատճառէ, եթէ ռուսերը ճնշում չգործադրեն այդ ուղղութեամբ»:

Քաղաքական յատուկ ընթերցումներու կարիք չկայ ընկալելու համար ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարին փոխանցած ուղերձներուն բովանդակութիւնը:

Այսպէս. ժողովրդավարացման ներկայ ընթացքը ողջունելի է Ուաշինկթընի համար. ինչ որ նաեւ պիտի նպաստէ Ուաշինկթընի եւ Ուաշինկթընի բնորոշումով ժողովրդավար երկիրներու հետ յարաբերութիւններու զարգացման:

Ռուսական կախեալութիւնը հաւասարակշռելու համար Երեւանը սպառազինութեան շուկային հանդէպ անհրաժեշտ է իր հայեացքը կեդրոնացնէ ամերիկեան միջավայրին վրայ, ուրկէ աւելի որակեալ սպառազինութիւն կրնայ ստանալ, հակառակ անոր որ 907 յօդուածը կը սահմանափակէ հակամարտող կողմերուն զէնքի վաճառքի քանակը:

Սակայն, Հայաստանի Հանրապետութեան զարգացման հիմնական ուղին մատնացոյց կ՛ըլլայ վերջին միտքին մէջ: Ներկայի հանգամանքները կը յուշեն, որ Արցախ-Ազրպէյճան տագնապի հանգուցալուծման անհրաժեշտութիւնը, բանալին`  Երեւան-Պաքու եւ Երեւան-Անգարա յարաբերութիւններու բնականոնացման:

Այստեղ կայ արցախեան հարցով  թուրք-ազրպէյճանական նախապայմանային մօտեցումներու պատճէնահանում կամ երկու հիմնահարցերու փոխկապակցուածութեան ընդգծում: Համեմատական դրականը հաւանաբար այն է, որ Պոլթընը չի կրկներ պաշտօնաթող դեսպան Միլզին պատկերացուցած Արցախի տագնապի լուծման համար անխուսափելիութեան գործօնի տեսութիւնը:

Ծխածածկութաւոր բաժինը Պոլթընի  օգտագործած «ներկայի հանգամանքներ» ըսելաձեւն է: Որովհետեւ հարցերու լուծման փոխկապակցուածութիւնը կամ Ռուսիայէն ապակախեալութեան անհրաժեշտութեան յիշեցումը նոր հանգամանքներ չեն: Նորը հաւանաբար մեր երկրի մէջ ստեղծուած նոր իրավիճակն է, զոր Պոլթըն կը կապէ Արցախազրապէյճանական տագնապի լուծման ենթահողին:

Իսկ այս հարցով պաշտօնական Երեւանը ո՛չ միայն վերահաստատած է նախապէս հրապարակուած դիրքորոշումները, այլ նաեւ շեշտած ո՛չ միայն պաշտօնական Ստեփանակերտի ներգրաւուածութիւնը բանակցային գործընթացին, այլ նաեւ արցախահայութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հանրաքուէով դրսեւորելի կամարտայայտութիւնը` Արցախի հարցի լուծման համաձայնելի տարբերակին:

 «Ա.»

Ընկերուհի Նատիա Ինճէեան-Թաթիկեանի յիշատակին

$
0
0

ՐԱՖՖԻ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ

Փեթակէն
մեղր կը ծորայ,
տեսէք` ինչպէ՛ս կը հոսի
փեթակի խոցուած սրտէն,
ինչպէս` արցունքներ սուգի:
Մեղրախորիսխ մը բեղուն,
մեղրախորիսխ մը շէն`
կախ է, կարծես կը խոնարհի,
իր գեղեցիկ ածուները հիւսած`
աշխատասէր մեղուին դիմաց.
մինչ ազնիւ մեղուն կը վերանայ
թեւերով հրեշտակի,
անվերադարձ
ակամայ`
մեղուն
Բարի…

Թրոնոթօ – Քանատա

 

 

 

Անդրադարձ. Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակ. Հայաստանը` Ուսուցիչներու Հանրապետութիւն

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչակազմին մասին վերլուծում կատարող մտաւորական, որ ծանօթ է ՀՅ Դաշնակցութեան փիլիսոփայութեան վերլուծական իր հատորով,  փիլիսոփայութեան դոկտոր Ե. (Երուանդ) Ֆրանգեան (1878-1928) հետեւեալ ուշագրաւ ու այժմէական, ուսանելի յօդուածը գրած է «Յառաջ»-ի 30 նոյեմբեր 1919-ի թիւին մէջ (1), արեւմտահայերէնի վերածուած:

Երուանդ Ֆրանգեան

«Յառաջ» 30-11-1919

«Հայաստանի Հանրապետութիւնը կ՛որակեն իբրեւ հայ ուսուցիչներու հանրապետութիւն:

«Բնորոշումը ճիշդ է, բայց ասոր մէջ հեգնական կամ վարկաբեկիչ բան չկայ, ինչ շեշտումով, որ կ՛ուզեն ատիկա հաղորդել մեր հասարակութեան որոշ տարրերը, որոնք անբարեացակամ վերաբերում ունին դէպի Հայաստանի Հանրապետութիւնը, մանաւանդ` դէպի ներկայ կառավարութիւնը (Ալեքսանտր Խատիսեանի, 7 օգոստոս 1919-էն 5 մայիս1920):

«Ճիշդ է, որ այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարները երէկուան ուսուցիչներն են, կառավարութեան գլուխը կանգնած են ուսուցիչներ, խորհրդարանին մէջ նստած են ուսուցիչներ, նախարարութիւններուն մէջ կարեւոր պաշտօններ կը վարեն ուսուցիչներ… Մէկ խօսքով, Հայաստանի Հանրապետութեան բովանդակ հասարակական եւ քաղաքական-պետական կեանքը կը գտնուի երբեմնի ուսուցիչին ձեռքը:

«Այս երեւոյթը ամէն տեսակէտներով բնական է, անխուսափելի եւ իրերու զարգացման տրամաբանական հետեւութիւն:

«Այս երեւոյթը հասկնալու եւ գնահատելու համար անհրաժեշտ է լուրջ ուշադրութեան յանձնել մէկ իրողութիւն` այն, որ հին կարգերուն, ռուսական միապետական դրութեան միջոցին հայ մտաւորականութեան, մանաւանդ անոր լաւագոյն եւ յեղափոխական տարրին համար բոլորովին անմատչելի էին պետական պաշտօնները: Հայ գաղափարական մտաւորականին համար գործունէութեան այլ ասպարէզ քան ուսուցչութիւնը` գոյութիւն չունէր: Վերյիշեցէք մեր քաղաքական եւ մտաւոր-հասարակական վերածնիչներու` վերազարթնողներու անունները, աչքէ անցուցէք հայ ականաւոր վիպասաններու եւ թատերագիրներու, բանաստեղծներու եւ հրապարակագիրներու, գաղափարական իրաւաբաններու եւ բժիշկներու շարքերը, եւ դուք կը համոզուիք, որ անոնց մեծ մասը` գրեթէ 95 տոկոսը ուսուցիչ եղած է: Հազիւ թէ կարողանաք մատնանշել գաղափարական մտաւորական մը, որ բնաւ ուսուցիչ չէ եղած:

«Հայ կեանքի առանձնայատուկ կողմերէն մէկն է այս:

«Այս հանգամանքն է ահա, որ միշտ պէտք է նկատի առնենք, երբ կը քննենք եւ կը գնահատենք մեր իրականութեան այս կամ այն երեւոյթը:

«Այստեղ անպայման պէտք է ուշադրութիւն դարձնել նախ մէկ այլ պարագայի` խնդիրի ամբողջական լուսաբանութեան տեսակէտէն. Հայաստանի Հանրապետութիւնը հայ աշխատաւորութեան պետութիւնն է, եւ ինքնին հասկնալի է, որ նման պետութեան մէջ պէտք է ներգործօն, ստեղծագործական եւ ղեկավար դերը պատկանէր հայ աշխատաւոր եւ յեղափոխական մտաւորականութեան:

«Իսկ աշխատաւոր մտաւորականութիւնը, որ ցարդ կը կազմէ հայ մտաւորականութեան միջին եւ ստորին խաւը, կամ, ինչպէս ըսի, կը գործէր հայ դպրոցին մէջ կամ կը կատարէր ստորերկրեայ  յեղափոխական աշխատանք: Հայ բարձր մտաւորականութիւնը տարբեր ուղղութեամբ գացած եւ այլ ձգտումներ փայփայած է, եւ այսօր ան չէր կրնար ըլլալ նոր կարգերու եւ արժէքներու կրողը: Այս ալ յամենայն դէպս հասկնալի է, եւ բնաւ կարիք չկայ յուզուելու եւ ջղաձգութիւններ կատարելու:

«Այս տարրերը կամայ ակամայ պէտք է հաշտուին այն հանգամանքին հետ, որ այսօր մեր իրականութեան տէրը կրնային ըլլալ միայն աշխատաւորութիւնը եւ անոր գաղափարները ձեւակերպող աշխատաւոր մտաւորականութիւնը:

«Անշուշտ ան պետական անհրաժեշտ փորձառութիւն չունի եւ անխուսափելի են որոշ սայթաքումներ, թերութիւններ եւ սխալներ: Բայց այդ բոլորը էական արժէք չունին: Մարդկութիւնը միշտ աշխատանքներու ընդմէջէն հասած է ճշմարտութեան: Այլ ուղի չկայ: Այդ սխալներն ալ անխուսափելի են: Այս է պատմութեան վկայութիւնը:

«Մարդիկ ծնունդով պատրաստի պետական պաշտօնեաներ չեն, անոնք կը մարզուին գործին ընդմէջէն: Մեր պետական կեանքի այս կարճ ժամանակաշրջանը լաւագոյն ապացոյցն է, որ մեր աշխատաւոր մտաւորականութիւնը, Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ ղեկավարները ընդունակ են եւ կարող` պետութեան մը մեքենան խելացի կերպով վարելու:

«Ժամանակամիջոցը շատ փոքր է, իսկ անոնց ձեռք բերած փորձը` անհամեմատ հարուստ: Իսկ այս ամենամեծ եւ հաստատուն երաշխիքն է»:

Ե. Ֆրանգեան» (2), (3)

Ֆրանգեան կը խօսի հազիւ մէկ տարուան ժամանակամիջոցի մը մասին, երբ երկիրը սովահար էր եւ` համաճարակներով վարակուած, հարիւր հազարաւոր գաղթականներուն բնակութիւն եւ ապրուստ կ՛ապահովէր, 50 հազարէ աւելի որբեր կը պատսպարէր եւ հողահաւաք կը կատարէր` ազատագրելով բռնագրաւուած տարածքները: Իսկ այժմու Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ 27 տարիները նոյնիսկ բաւարար չեղան կայացած ու բոլոր ենթակառոյցներով ամբողջական` գործող ու բարգաւաճ «պետութեան մը մեքենան խելացի կերպով վարելու» եւ, ընդհակառակը, պատճառ դարձան աւելի քան կէս միլիոն հայրենիքը լքող գաղթականներու:

22 Հոկտեմբեր 2018      

———————————

(1).- «Յառաջ» օրաթերթ, Երեւան, Ա. տարի, թիւ 59, 3 նոյեմբեր 1919, էջ 1, 2:

(2).- http://am.hayazg.info/ Ֆրանգեան Երուանդ

(3).- http://www.aztagdaily.com/archives/367747տես` Նաթան Պետրոսեանի «Գաղափարական հարցեր. Երուանդ Ֆրանգեան եւ ներկայիս Հայ պատմափիլիսոփայական մտածողութեան մէջ տիրող դատարկութիւնը»:

 


Սահմանադրական Գործընթացը Պէտք Է Պահպանուի Ամէն Գնով

$
0
0

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Կը փորձեմ մօտէն հետեւիլ երկրի իրադարձութիւններուն` գիտնալով հանդերձ, որ քաղաքական ուժերու փոխհաղորդակցութեանց ներկայի թէժ մթնոլորտին մէջ շարք մը կարեւոր նրբութիւններ անպայման պիտի խուսափին մեր հասողութենէն:

Պէտք է յամենայն դէպս ողջունել այն ակնյայտ փաստը, որ այժմ կը գտնուինք քաղաքական փոխյարաբերութիւններու ոլորտին մէջ` ի տարբերութիւն փողոցային առճակատման: Պր. վարչապետն ու իր կուսակցութիւնը ի վերջոյ ընտրեցին խոհեմութեան ճանապարհը եւ տուն ճամբեցին ցուցարարներու զանգուածը. քա՛յլ մը, որ փակուղային էր եւ անպտուղ` իրերու այսօրուան հոլովոյթին մէջ: Անոնք այժմ կը գործեն խորհրդարանական բնականոն բանակցութիւններու հետապնդումով, թէկուզ` ձգտուած մթնոլորտի մը մէջ:

Պէտք է անպայման եւ բծախնդրօրէն պահպանել սահմանադրական այս գործընթացը եւ ժողովրդավարական այս յանձնառութեա՛մբ զինուած` դիմել դէպի հանգուցալուծում: Պիտի խոստովանիմ, որ կարգ մը կողմնակի ակնարկութիւններ կը շարունակեն լսուիլ դիտել տալով, որ վարչապետ Փաշինեան եւ Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութիւնը տակաւին կը շարունակեն հաւատալ, որ տակաւին իրենց ձեռքերուն մէջ ունին քաղաքական քաոսով գործելու իրենց սկզբնական զէնքը: Այսինքն խորհրդարանին քաոսով սպառնալու մտայնութիւնը դեռ արթուն է: Կ՛ուզեմ աւելցնել, որ պր. վարչապետը` ի՛նք այդպիսի բան չէ ըսած գէթ վերջին օրերու ընթացքին: Բայց եթէ իսկապէս կան այնպիսիները իր շրջանակին մէջ, որոնք դեռ կ՛ապրին այդպիսի ակնկալութիւններով, անոնք պէտք է գիտնան, որ այդ օրերը վերջ գտած են միանգամընդմիշտ: Անոնք, որոնք այդպիսի նախատեսութիւններով կը շարժին, պիտի գիտնան, որ մեր ժողովուրդը արկածախնդիրներու ձեռքին խաղալիք չի կրնար ըլլալ: Ոչ ալ մեր երկրի տնտեսութիւնը` փոշիացման նշաւակ:

Վերջին ցուցանիշները ցոյց կու տան, որ երկրի տնտեսութիւնը արդէն իսկ մեծ գին մը վճարած է այս շարժումին համար: Քաղաքացիական հնազանդութեան իրաւունքը թանկագին իրաւունք մըն է, զոր պէտք չէ չարաշահել, քանի որ նմանօրինակ չարաշահութիւնը տեղի կ՛ունենայ միայն ու միայն ժողովուրդին հաշուոյն եւ ի հեճուկս շարժման նպատակներուն: Հետեւաբար պէտք է յստակ ըլլայ բոլորին, որ փողոցային քաոսով գործելու աշխատելակերպը արդէն սպառած է ինքզինք:

Պր. վարչապետը ունի բանակցութեան մեծ կարողականութիւն Ազգային ժողովէն ներս, բայց ոչ` բանակցային գործընթացը պատանդ վերցնելու իրաւունք եւ կարողութիւն: Արմէն Ռուստամեանի հարցազրոյցը երէկ կը յստակացնէ, որ պր. վարչապետին կողմէ բանակցողները լուրջ թերացման մէջ են այս կէտին վրայ: Յամենայն դէպս անոնք թերացած են Դաշնակցութեան հետ խօսելու իրենց ճիգին մէջ:

Այս հարցերը պէտք է լուծուին ընդփոյթ: Ընտրական օրէնքը պէտք է փոխուի ընդհանուր համաձայնութեամբ: Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւնները պէտք է կայանան խաղաղ մթնոլորտի մէջ: Սահմանադրութիւնը պէտք է գործէ որպէս ազգային ընդհանուր համաձայնութեան գրաւական: Եւ վերջապէս,  պէտք է ձեւաւորուի նոր գործադիր իշխանութիւն, որ անյապաղ ճամբայ հանէ համակարգային յեղաշրջման նուրբ գործը, որ դեռ մեր առջեւն է: Կը կրկնեմ. մենք դեռ շատ հեռու ենք յաղթանակ յայտարարելու իրաւունքը շահած ըլլալէ: Յեղափոխութիւնը դեռ չէ սկսած,  այնքան ատեն որ դեռ ազատ ու համարձակ կը գործէ մենաշնորհային համակարգը երկրին մէջ,  եւ մեր ժողովուրդի ընկերային կարիքները կը մնան աղաղակող:

23 հոկտեմբեր, 2018
Ուաշինկթըն

Սպարտակ Սէյրանեան. «Եթէ Պատկերասփիւռային Բանավէճեր Տեղի Պիտի Ունենան Քաղաքական Նորաձեւութեան Տուրք Տալու Համար, Սա Ընդամէնը Ձեւականութիւն Է»

$
0
0

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Սպարտակ Սէյրանեանը մտահոգութիւն ունէր ընտրութիւններուն մասնակից քաղաքական ուժերու պատկերասփիւռային բանավէճերուն առնչութեամբ: Դիմելով արդարադատութեան նախարարի պաշտօնակատար Արտակ Զէյնալեանին` ան ըսաւ. «Օրէնքի նախագիծին մէջ կան դրոյթներ, որոնք կը միտին ընտրական գործընթացը հանրութեան աւելի հասանելի դարձնել, ուստի կուսակցութիւններու գաղափարներուն, մօտեցումներուն իմաստով կարեւոր է, որ այս գործընթացը մտած է պատկերասփիւռային բանավէճերու ձեւաչափ, բայց այստեղ մտավախութիւն մը ունիմ` եթէ պատկերասփիւռային բանավէճեր տեղի պիտի ունենան զուտ քաղաքական նորաձեւութեան տուրք տալու համար, այն ձեւաչափով, որ մինչեւ այժմ տեղի կ՛ունենային, ուրեմն անոնք, ձեւականութենէն բացի, որեւէ բովանդակային հարց պիտի չլուծեն, որովհետեւ պատկերասփիւռի որեւէ ընկերութիւն պէտք չէ որոշէ, թէ ի՛նչ նիւթի շուրջ բանավէճ պիտի կատարեն քաղաքական ուժերը», ըսաւ պատգամաւորը:

Ըստ Սէյրանեանի, այն ժամանակահատուածը, որ տրուած է քաղաքական ուժերուն` պատկերասփիւռային բանավէճի ընթացքին ներկայանալու համար, հազիւ թէ 2-3 նախադասութեամբ կամ կրկնանկարներու միջոցով ծրագիրները ներկայացնելու ծառայէ:

«Ըսածս հետեւեալն է- պատկերասփիւռային բանավէճերը կա՛մ կ՛ըլլան առաջին դէմքերու մասնակցութեամբ, որպէսզի կուսակցութիւնները առաջին դէմքերու մակարդակով կարենան պատասխանել բոլոր հիմնահարցերուն, կա՛մ ալ էապէս կը ձեւափոխուի պատկերասփիւռային բանավէճերու այդ ձեւաչափը, բայց կուսակցութիւններու մակարդակով ձեւափոխուի, որպէսզի որեւէ պատկերասփիւռի ընկերութիւն ու հաղորդավար ինք չորոշէ, թէ կուսակցութիւնները ի՛նչ ձեւով պէտք է մօտենան պատկերասփիւռային բանավէճին», ըսաւ ան:

Նախարարի պաշտօնակատարը յայտնեց, որ այդպիսի մշակոյթ ձեւաւորուած է Արեւմուտքի մէջ, եւ ատիկա աւանդոյթի ուժով կը կատարուի: «Այն, ինչ որ կ՛առաջարկէք, կրնայ իրագործուիլ: Պէտք է քննարկել, թէ որքանո՛վ կարելի է հիմա իրականացնել, ատիկա պէտք է կանոնակարգուի Ընտրական օրէնսգիրքո՞վ, թէ՞ ատոր կանոնակարգումները վերապահուին կառավարութեան կամ Կեդրոնական ընտրական Յանձնաժողովին: Տուեալ պարագային խօսքը կ՛երթայ մէկ բանավէճի մասին, որ պէտք է կատարուի առաջին դէմքերու մասնակցութեամբ: Հիմա, նախքան անցնիլը նման ձեւաչափի` պէտք է քննարկել անոր նպատակայարմարութիւնը», ըսաւ Զէյնալեան:

Ան առաջարկեց, որ պատգամաւորը ներկայացնէ իր առաջարկը, իրենք ալ քննարկեն անոր իրաւական ու թեքնիք հարցերը: «Պէտք է հասկնալ` մեր քաղաքականութեան մշակոյթը կը բաւարարէ՞, որ քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչները հաւաքուին եւ որոշում կայացնեն, թէ ի՛նչ հարցի շուրջ պիտի ըլլայ բանավէճը, ի՞նչ արգիլուած թեմաներ կան, որոնց մասին պէտք չէ խօսիլ, քանի՞ վայրկեան պիտի ըլլայ հարցադրումը եւ այլն: Ներկայացուցէք առաջարկը, քննարկենք», աւելցուց ան:

Սէյրանեան յայտնեց, որ կը ներկայացնէ առաջարկը, ապա աւելցուց. «Եթէ քաղաքական ուժերը առաջին դէմքով պատկերասփիւռային բանավէճերուն մասնակցելու հարց ունին, այդ պարագային ինչո՞ւ, առհասարակ, ընտրութիւններուն կը մասնակցին, եթէ սեփական կուսակցութեան ծրագիրը ներկայացնելու ինչ-որ կաշկանդում կամ պատրաստուածութեան թերացում ունին»:

Զէյնալեան անգամ մը եւս շեշտեց, որ եթէ առաջարկ ըլլայ, իրենք կրնան զայն քննարկումի օրակարգ դարձնել քաղաքական ուժերուն հետ եւ որոշել` հիմա՞ ընդունիլ, թէ՞ ապագային:

Սպասողական Վիճակ Է. Սուրիոյ Մէջ Մարդկային Առաքելութիւնը Որեւէ Վտանգ Չի Ներկայացներ

$
0
0

ՍԻՐԱՆՈՒՇ ՊԱՊԵԱՆ

«Առաջին լրատուական» տեղեկատուական վերլուծական կեդրոնը հետեւեալ հարցազրոյցը կատարած է Սուրիոյ «Գանձասար» թերթի գլխաւոր խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեանին հետ:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Տիկի՛ն Պօղիկեան, ինչպէ՞ս կը գնահատէք Հայաստանի քայլը, որ սակրաւորներ ու բժիշկներ  կ՛ուղարկէ Սուրիա` մարդկային առաքելութեան անուան տակ: Դուք այստեղ որեւէ վտանգ չէ՞ք տեսներ, որ հայկական դրօշի ներքեւ մարդկային առաքելութեան պատճառով կրնայ խախտուիլ հայ համայնքի չէզոքութիւնը:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Հայաստանը` որպէս պետութիւն, իր պարտաւորութիւնն ու առաքելութիւնը կ՛իրականացնէ որպէս մարդասիրական նպաստ` երկրի մը, որ տարիներ շարունակ պատերազմի մէջ է եւ կարիք ունի այդպիսի օժանդակութեան: Ես կը կարծեմ, որ ատիկա քաղաքական տեսանկիւնէն ոչ մէկ նշանակութիւն ունի: Կը կրկնեմ` ասիկա մարդասիրական առաքելութիւն է: Հայաստանն ու Սուրիան բարեկամ երկիրներ են, դիւանագիտական կապերն առկայ են: Հայաստանը միակ երկիրն է, որ պատերազմի տարիներուն իր դիւանագիտական ներկայութիւնը պահեց: Ես կը կարծեմ, որ բոլորին կողմէ ճիշդ կ՛ընկալուի այդ օժանդակութիւնը եւ որեւէ վտանգ չի ներկայացներ:

Հ.- Այսինքն այստեղ որեւէ վտանգ չէ՞ք տեսներ: Հայաստանի մէջ մտահոգութիւններ կը հնչեն, որ հայերը կրնան ահաբեկիչներու թիրախ դառնալ:

Պ.- Ես այդպիսի վտանգ չեմ տեսներ: Հաշուի առնելով, որ ասիկա մարդասիրական օժանդակութիւն է, նաեւ` հաշուի առնելով, որ Հայաստանը Սուրիոյ բարեկամ երկիր է:

Ինչ կը վերաբերի հայ համայնքին, ապա պէտք է նշեմ, որ հայ համայնքը հանդէս կու գայ Սուրիոյ պետութեան շահերու դիրքերէն: Ես կը ցանկայի, որ Սուրիոյ շահերը, որպէս պետութեան, պաշտպանուին, որուն շնորհիւ նաեւ պաշտպանուած կը զգան խաղաղ բոլոր համայնքները, բոլոր մարդիկ, բոլոր կողմերու համար ընդունելի միջոցներով կարգաւորում կ՛ըլլայ:

Պէտք է նկատել, որ հիմա Սուրիան սպասողական վիճակի մէջ է, որովհետեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւնը ժամանակաւոր է: Յուսով ենք, որ այդ համաձայնութեան շնորհիւ ելք կը գտնեն` բախումները կանխելու առումով: Բոլոր օտար ուժերը, որոնք ապօրինի մուտք գործած են Սուրիա, աստիճանաբար դուրս կու գան` իրենց առաքելութիւնը աւարտած համարելով, եւ Սուրիան կը վերագտնէ իր ներքին համերաշխութիւնը: Անվտանգութեան առումով, ներկայիս Հալէպի մէջ աւելի անվտանգ է, քան` նախորդ տարիներուն, որոշ արուարձաններ կան, ուր զինեալ խմբաւորումներու հետ բախումներ կ՛ըլլան, բայց համաձայնութիւններ կը գոյանան, որպէսզի այդ շրջաններն ալ այդ վիճակէն դուրս գան: Հիմա երկիրը համեմատաբար խաղաղ փուլի մը մէջ է, ինչպէս նաեւ հայ համայնքը: Հայ եկեղեցին ալ բնականոն կը գործէ:

Հ.- Սուրիոյ հայ համայնքէն մեծ արտագաղթ կար: Հիմա ինչպիսի՞ն է իրավիճակն այդ առումով, կա՞ն Սուրիա վերադարձողներ:

Պ.- Պէտք է նկատի ունենալ, որ պատերազմը դեռ չէ աւարտած, եւ կարելի չէ մտածել, որ ամէն ինչ վերջացած է, խաղաղ է: Բայց, բարեբախտաբար, կան մարդիկ, որոնք Հալէպէն ժամանակաւոր հեռացած էին աւելի անվտանգ շրջաններ, հիմա վերադարձած են: Վերադարձողներ կան նաեւ հարևան երկրներէն, օրինակ` Լիբանանէն: Մարդիկ նախընտրեցին իրենց ծննդավայրը. այո, կան վերադարձողներ, սակայն պատերազմով պայմանաւորուած դժուարութիւնները դեռ կը պահպանուին: Հայ համայնքը իր միջոցներով կը փորձէ օգտակար ըլլալ իր անդամներուն, դպրոցներուն, որպէսզի այդ հաստատութիւնները շարունակեն գործել: Բացի այդ, տարբեր աջակցութիւններու շնորհիւ, եկեղեցիներ եւ այլ շէնքեր կը նորոգուին, նաեւ վերադարձողները սկսած են վերանորոգել իրենց տուները:

Հ.- Այսինքն հայ համայնքը ոչ թէ չէզոք է, այլ իշխանութիւններուն կ՛աջակցի:

Պ.- Ոչ թէ իշխանութիւններուն կ՛աջակցի, այլ` պետութեան: Իշխանութիւնները ժամանակաւոր են, իսկ մենք միշտ պետութեան ու հայրենիքի շահերու կողմն ենք:

 

 

«Ինչպէ՜ս Հայհոյեմ…»

$
0
0

ՌԻԹԱ  ՈՐԲԵՐԵԱՆ

Սոյն վրդովմունքը կու գայ ողբացեալ Պօղոս Սնապեանէն եւ վերնագիրն է իր նոյնանուն վէպին, զոր ան հրատարակեց ներգաղթի առաջին օրերուն, երբ մրցանիշ կոտրող աղմկարարութիւն մը տեղի ունեցաւ եւ դատի առնուեցան Օշականի անձը, ինչպէս եւ անոր գրականութիւնը. «Ըսուեցան անմիտ բաներ: Տպուեցան չգրուելիք բաներ», այս էր մեկնակէտը գրոհին:

Սնապեանին այս վէպը կու տայ հարազատ պատկերը այդ օրերու Պէյրութի եւ Հալէպի դաժան կացութեան:

Սնապեան չէր կրնար «լուռ մնալ» այս կացութեան դիմաց: Իր սիրելի ուսուցիչին դէմ այսպիսի յարձակում մը թոյլատրելի չէր իրեն համար:

Այդ օրերուն նաեւ թերթերը կը յորդէին ատելավառ յօդուածներով: Նոյնիսկ ոճիրներ գործուեցան նոյն այս պատճառով: Մարդիկ այնքան զիրար կ՛ատէին, որ նոյնիսկ զիրար կը սպաննէին:

Սնապեան այսպէս կը բացատրէր եղելութիւնը. «Շուտով հասկցուեցաւ սակայն, թէ ի՛նչ կար այդ բոլորին տակնուվրան: Մարդիկ, աւելի ճիշդ` ընդհանրապէս կ՛ըսեն Օշականէն անտեսուած գրչակներ, մանր բանաստեղծ ու մանրամանր արձակագիրներ, առիթը յարմար նկատած էին իրենց հին հաշիւները մաքրելու եւ նոր հաշիւներով Հայաստանին կապուելու: Ժամանակը այդպէս կը պահանջէր: Պարագաները այդպէս կը պարտադրէին:

Դաշնակցութիւնը մեր նահատակներուն թափօրն է: Իմ բերանս վարժ չէ սրբապղծութեան:

Սոյն կեցուածքը հայրենիք մէջ տակաւին նոյնը կը մնայ Օշականի հանդէպ: Մեզի կ՛ըսէին եւ մինչեւ հիմա կ՛ըսեն. «Ի՜նչ է, դուք Օշականէն զատ ուրիշ մարդ չունի՞ք, Օշականի մը պոչը բռներ էք ու կ՛երթաք»:

Սնապեան վէպի սկզբնաւորութեան իսկ կը պատմէ Երուսաղէմի իր փորձառութիւնը, երբ առաջին օրէն վանքին պատասխանատուները զինք կը չարչարէին, որովհետեւ ինք միակ դաշնակցականն էր նորեկներու խումբին մէջ: Կղերականներուն միակ սպառնալիքը դաշնակցական տղոց հետեւեալն էր. «Լռիր, հիմի՛ փասփորը ձեռքդ կը տամ»: Այսինքն ետ Պէյրութ կամ Հալէպ կը ղրկեմ ձեզ:

Դժուարութեամբ Երուսաղէմ հասած տղոց համար ամենամեծ պատիժը կ՛ըլլար ատիկա: Բայց վարդապետները դիւրութեամբ կը կրկնէին այդ սպառնալիքը, որ սակայն չէր բաւեր տղոց` Դաշնակցութենէն հրաժարելու համար:

Սնապեան կը շարունակէ խորհրդածել. «Դաշնակցութիւնը իր ծոցին ունեցաւ եւ ունի մեծանուն եւ խոնարհ հերոսներ, ունեցաւ եւ ունի մտաւորականներու հոյլ մը եւ բոլոր մակարդակներու վրայ գործիչներ եւ ներկայացուցչական տիպարներ, որոնցմէ մէկը, առաւելագոյնը` Մանուկեան Արամ, որ իր անձին մէջ կը մարմնաւորէ իւրաքանչիւրէն բան մը, կը խտացնէ ընտիրներու փաղանգի մը տիրական առաքինութիւնները եւ անաղօտ լոյսի մը պէս կը ճառագայթէ մեր իրականութեան վրայ»:

Օրինակի համար, տարաբախտ Օհան Կարոյի ուրուանկարին մէջ, տեղ մը, Արամի համար կ՛ըսուի. «Նա հաշմանդամ Յարոյին ասում էր` «Ա՛ռ մահիճդ ու քայլիր», եւ Յարոն քայլում էր ռազմիկի պէս…»:

«Այս խաչակրութիւնը իր ծանր անդրադարձը ըրած էր: Տխուր էր Օշական, մահու չափ»:

«1918-ին հաշմանդամ էր բովանդակ մեր երկիրը, եւ շնորհիւ Արամի կախարդական կարողութեան` ոտքի կանգնեցաւ եւ քալեց ներխուժող թշնամիին վրայ, ու յաղթեց ու հիմը դրաւ Հայաստանի Հանրապետութեան»:

«… Եւ գիտենք, որ հետագայ դէպքերը վարչական տարբեր դասաւորում մը պարտադրեցին մեր հայրենիքին եւ թոյլ չտուին,  որ յարուցիչ ոգին գնահատուի ըստ արժանւոյն»:

Առանց մեր յեղափոխութեան` անկարելի է Արամ մը երեւակայել ու առանց Արամին` մեր յեղափոխութիւնը, որուն բերած նպաստը նուազ տեսանելի պիտի ըլլար, պիտի կշռէր նուազ, եթէ զեղչուէր անկէ Արամի տուրքը»:

28 մայիս 28, 1919: Անկախութեան առաջին տարեդարձին առթիւ հրապարակային ելոյթներ ունեցան մեր եկեղեցւոյ երկու կաթողիկոսները, մէկը` Երեւան, միւսը` Անթիլիաս, որոնք աղօթք կը բարձրացնէին առ Աստուած` պահել պահպանելու համար մեր շահած այդքան սուղ անկախութիւնը` շնորհիւ մեր քաջերուն: Շնորհիւ` անոնց թափած անսակարկ արեան: Եւ անոնք շահեցան մեր երկրի անկախութիւնը: «Առաջին Ողջոյնը» հատուածին մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը. «Այս թերթին եւ մամլոյ այս թեւի միւս անդամներուն էջերէն ընթերցողը արդէն ծանօթ է այն կոչին, զոր ՀՅ Դաշնակցութեան 22-րդ Ընդհանուր ժողովը ուղղած էր հայ ժողովուրդին»: Կոչը ուղղուած էր համայն հայ ժողովուրդին, բոլորին, այսինքն հայ ժողովուրդին` իր բոլոր հատուածներով: Նոյն առթիւ, երկու կաթողիկոսներն ալ չեն մոռնար յիշելու մեր ազգին նահատակութիւնը` տխրահռչակ «24 ապրիլ»-ին:

«Կ՛ուզեն, որ Դաշնակցութեան հայհոյեմ: Ինչպէ՞ս հայհոյեմ Դաշնակցութեան: Չէ՞ որ Վարուժանը այդ կուսակցութեան անդամ էր: Չէ՞ որ Սիամանթոն, Սեւակը անդամ էին: Երուխանին, Զարդարեանին, Գեղամին կուսակցութեան ինչպէ՞ս հայհոյեմ ես»:

Լուռ էինք մենք: Երկու ձեռքերը գրպաններուն մէջ մխրճած, գլուխը կախ, դարձեալ գետին կը նայէր: Քիչ մը ետք նորէն խօսեցաւ. «Դաշնակցութիւնը մեր նահատակներուն թափօրն է: Իմ բերանս վարժ չէ սրբապղծութեան»:

Արամ Մանուկեան առասպելական դէմք է, Հայաստանի անկախութեան կերտիչը, ոչ միայն իր արարքներով, այլ նաեւ` իր նկարագիրով, որ զինք կը մօտեցնէ աւելի հերոսի տիպարին, քան` քաղաքական դէմքին. որ լաւագոյն խառնուրդն է իր պարագային:

Արամի կեանքին ամէնէն յատկանշական օրը նաեւ իր հանդիպումն էր հայ ազգի միւս հերոսին` Արշաւիր Շիրակեանին հետ: Նոյեմբեր 1972-ին: Օրը այլապէս ալ յիշարժան էր: Իմ սիրելի բարեկամ եւ սիրելի գրագէտ Արամ Հայկազի յոբելեանին Նիւ Եորքի մէջ, ուր Սնապեան հրաւիրուած էր իր անկեղծ խօսքը ըսելու: Մեր լիբանանահայ գրագէտը հրաւիրուած էր նստելու յոբելեար Հայկազի կողքին, իսկ հանդիսականներու առաջին կարգին «ի՛նքն է, ահաբեկիչ մեր փառքերուն առաջնակարգ դէմքերէն` Արշաւիր Շիրակեան»: Սնապեանի յատուկ սէրը հայ ահաբեկիչներուն հանդէպ, խտացած կերպով կ՛երեւի այս քանի մը տողերուն մէջ:

Ճիշդ այստեղ Սնապեան կը գրէ հետեւեալը. «Հոն եմ ու հոն չեմ կարծես: Հեղ մը Արամ Հայկազի անցած ճամբաներուն վրայ կը թափառի հոգիս, կը բարձրանայ Շապին Գարահիսարի բերդը, կը պրկուի, կ՛անցնի մեռելներուն մէջէն, կը մորմոքի, կը մտնէ անապատ, կ՛արիւնի, հրաշքին փրկած բեկորներուն հետ կը շարունակէ տառապանքը Քիւրտիստանի լեռներուն մէջ, եւ հեղ մը մեծախռով Շիրակեանի հետ կրնկակոխ կը հալածէ Երկանեան Արամն ու Արամեան ազգին գողգոթան սարքած մանր ու մեծ հրէշները` շան սատակ ընելով զանոնք, պաղըշտըկելով սուլթանական մայրաքաղաքի արիւնոտ գռիհներուն մէջ, բացուելով Հռոմի բաց պողոտաներուն վրայ եւ արբենալով Պերլինի մէջ խնամքով յարդարուած որջերուն առջեւ»:

Սնապեան կ՛ըսէ Շիրակեանի մասին.

«Շիրակեանի անհանդարտութեան մէկ պահուն կռահեցի իրեն զինակից զէնքը:

– Դեռ կը կրե՞ս հետդ,- հարցուցի ժպտուն:

– Մի՛շտ,- ըսաւ, ու բաճկոնը բանալով ցոյց տուաւ ամբողջութիւնը:

Շիրակեանի ատրճանա՜կը… Չէի կարծեր, որ այսքան խանդաղատանքով պիտի արտայայտուէի ուրիշ մէկ առթիւ մահուան պատճառ դարձող այս առարկային մասին, որքան` այդ օրը: Անձամբ, ընդհանուր մթնոլորտին ալ մաս էի այդ օրը:

«… Եւ աչկունքն են արեգակունք» հատուածին մէջ, երբ ընկերոջը կը պատասխանէ բացարձակ ճշմարտութեան մասին, Սնապեան կ՛ըսէ. «Եթէ ներելի է, ես նոյնիսկ բացարձակ ճշմարտութիւն ըսուածին հասկացողութիւնը չունիմ,- եւ կը բացատրէ: – Իմ բացարձակս, իմ ճշմարտութիւնս համոզումի մը ներքին տենդի մը դիմաց հոգիի մը անշահախնդիր պոռթկումն է, բարկութիւնը կամ խնդակցութիւնը…»:

«Անանձնական անձերը» կտորին մէջ ան կը պատմէ Դաշնակցութեան նոր երդում տուած պատանիներու եւ երիտասարդներու լրիւ փոփոխութիւնը եւ անոնց մեծ տարբերութիւնը միւսներէն. ան կը ճանչնայ զանոնք` դիտելով միայն: Վէպին հեղինակը կը պատմէ հետեւեալը.

« Միայն մեր քաղաքին մէջ եւ միա՛յն այս ամառուան ընթացքին մեր երիտասարդութենէն 138  երկսեռ նորագիրներ ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերը անցան` ուսուցիչ, ուսանող, աշխատաւոր ու պաշտօնեայ, 239 հոգի»:

Այս առնչութեամբ, շատ են սրտաշարժ դրուագները յեղափոխական մեր պատմութեան մէջ: Յիշենք հետեւեալը. «Հայաստանի ազատագրութեան համար «մատղըւելու» անզուսպ մղումով երիտասարդ մը կը միանայ Գէորգ Չաւուշի ֆետայական խումբին: Ճակատագրական բախումներու մէջ քանի մը վստահելի քննութիւններ տալէ ետք, Գէորգ Չաւուշ կը կարգադրէ ֆետայական սպասներ տալ իրեն` հրացան, փամփշտակալ, սանձ, ասպանդակ եւ սակաւապետութեան խորհրդանիշ ուրիշ իրեր:

«Երբ արտաքնապէս փոխուեցի,- կը պատմէ ենթական,- եւ չափլին հրացանը թեւիս տակ առայ, թուաց, թէ ամբողջ աշխարհը ինձ տուեցին:

«Բայց դրանով չվերջացաւ իմ կերպարանափոխութիւնը:

Մշեցի Տիգրանը, որ քիչ առաջ տնտղել էր իմ մէջքը` իմանալու, թէ ես լաւ մատաղացու եմ թէ ոչ, յանկարծ հեռուից սուր աչքով չափեց իմ հասակը եւ ձիապան Բարսեղից երեք արշին ճերմակ կտաւ առնելով` արագ մօտեցաւ ինձ.

«Սա էլ քո պատանքն է», ասաց նա եւ բոլորի ներկայութեան կտաւը երեք տակ ծալելով` կոխեց պայուսակիս մէջ:

«Պատա՜նք: Ի՜նչ սարսափելի բառ:

«Այդ պահին բոլորը շեշտակի նայեցին ինձ` տեսնելու, թէ ի՛նչ տպաւորութիւն կը գործէ այդ երեք արշիննոց կտաւը ինձ վրայ: Ու այդպէս, ես դարձայ ֆիտայի»:

Յաջորդ հատուածին մէջ ան կ՛ըսէ. «Զոհաբերել ժամանակը` ընթացք մը աշխուժացնելու համար, տաղանդը` գեղեցկութեան մը սիրոյն, արիւնը` սրբութեան մը ի խնդիր:… Եւ կու գան քաջութեամբ, անմնացորդ սիրով, երկիւղածութեամբ, թօթափելով իրենց անձերէն անձնականը, Դաշնակցութեան օրհնութեանբ, անանձնական անձեր. բարո՛վ գան»:

«Առաջին ողջոյնը» խորագիրին տակ երեւացող հետագայ պարբերութիւնը, նաեւ ամբողջ մնացեալը` «Հայոց պատմութեան ձայնին ունկնդիր, հնարաւոր բոլոր միջոցներով կը ջանայ ամրապնդել մեր ներկայի եւ վաղուան գոյութեան խարիսխները, ամբողջական հայութեան լուսապայծառ ապագայի կերտման հեռանկարով», շատ յատկանշական է:

Հեղինակը կը շարունակէ. «Հայրենական մեր կանչերուն ունկնդիր եւ անոնց հրամայականը այլոց հաղորդող տիպարի մը հայ մարդը հանդիպեցաւ նաեւ մարաջախտ Բաղրամեանի բերնին մէջ, դեռ երկու տարի առաջ, խռովիչ հայ մը` վարպետ Մարգարը, որ` «Ափսո՜ս, շուտ վախճանուեց: Սրամիտ, հմայիչ մարդ էր: Մի անգամ, յիշում եմ, մի խումբ բարձրաստիճան հիւր  զինուորականներով հիւր գնացինք Մարգարին: Տեսաւ թէ չէ, գլուխը բռնեց ու մէկէն վրայ տուեց. «Աստուա՛ծ իմ, այսքան մարշալներ ու գեներալներ կան Արարատի ստորոտում եւ թուրքական սահմանը մի քանի մատնաչափ է հեռու հայոց մայրաքաղաքից: Ոմանք ի հարկէ զարմացան այս սրտաբուխ կատակից, բայց մեծամասնութիւնը այն ընդունեց ըստ արժանւոյն»:

«ԸՍՏ ԱՐԺԱՆՒՈՅՆ»: Չեմ կարծեր, որ այս վերջին նախադասութիւնը մեկնաբանութեան կը կարօտի:

Սնապեանի փոքր ծաւալով, այլ ամբողջական այս գրքոյկը որեւէ մեկնաբանութեան չի կարօտիր: Ան կը ներկայանայ յորդ զգացումներով, էջերէն դուրս եկող յորդութեամբ, այնքան որ հեղինակը պէտք չունի նոյնիսկ զայն ստորագրելու: Ամբողջութեամբ ՍՆԱՊԵԱՆ է:

20 սեպտեմբեր 2018

Երբ Չես Ընտրւում, Որպէսզի Ընտրուես…

$
0
0

ԱՐՏԱԿ ՍԱՐԳՍԵԱՆ

Այսպիսին է մեր իրողութիւնը` կապուած ՀՀ վարչապետի չընտրութեան, ՀՀ ԱԺ արտահերթ ընտրութիւնների եւ, վերջապէս, հին վարչապետի նոր ընտրութեան հարցում: Որ տարօրինակ ժամանակներ ենք ապրում, եւ ոչինչ արդէն զարմանալի չէ, շատերս ենք համոզուել: Որ` փետրուարը 31 օր կարող է ունենալ, դա էլ ամենավտանգաւորը չէ: Նոյնիսկ օրէնքի տառին է համապատասխանում այն, որ կարող ես առաջադրուել վարչապետ ու ամէն ինչ անել, որ քեզ չընտրեն, եւ այդ չընտրութիւնը դիտուի որպէս նոր Հայաստանում մի նոր առաջընթաց: Սա էլ կարող ես մի կերպ համոզել սեփական մտքիդ: Բայց դէ, սա էլ ամենաանկանխատեսելի ու վտանգաւոր վիճակը չէ:

Պարտադրուած սիրոյ եւ անհամերաշխութեան այս վիճակն էլ կ՛անցնի, սակայն ամենակարեւորն է մնում անորոշ. Փաշինեանից բացի` ովքե՞ր են գալու իշխանութեան, ի՞նչ խմբակ է նստելու կառավարութիւնում ԱԺ դեկտեմբերեան «վազող» ընտրութիւններից յետոյ: Արդեօ՞ք այսօրուայ խմբակն է մնալու կառավարութիւնում, թէ՞ այլ նմանատիպ կամ տարբերուող մարդիկ են գալու: Եւ, վերջապէս, այն բազմաթիւ մարտահրաւէրները, որոնք կանգնած են մեր առջեւ, այս նոր եկողները կարողանալու՞ են պատուով տանել, թէ՞ էլի սկսուելու է արդարացումների մի երկարաշունչ շարան ու մեղադրանքների մի տարափ` նախկին իշխանութիւնների հասցէին: Որ նախկինում ամէն ինչ լաւ չի եղել, դժուար է վիճել, որ ընկերային-տնտեսական քաղաքականութիւնը ձախողուել է,  եւ դա մեր ողջ ժողովրդի ու պետութեան ձախողումն է, դա եւս փաստ է: Բայց արդեօ՞ք այսօր կարող ենք վստահ լինել, որ նոր Հայաստանում արժանապատիւ հայ մարդը, արժանապատուութեան մասին բանաւոր ու հրապարակային յայտարարութիւններից այն կողմ, իրօ՛ք ապրելու է արժանապատիւ, իրօ՛ք չի լքելու հայրենիքը, իրօ՛ք ստանալու է արժանապատիւ աշխատավարձ ու թոշակ, կարողանալու է գտնել աշխատանք կամ հնարաւորութիւն` հաւասար պայմաններում զբաղուելու է ձեռներէցութեամբ: Ի հարկէ, այս հարցերին շատերը կը պատասխանեն` դրա համար ժամանակ է պէտք, սակայն չմոռանանք, որ նախորդ իշխանութիւններն էլ 30 տարի նոյնն էին ասում ու չէին յոգնում այն ամբողջ ուժով պաշտպանելուց: Լաւագոյն ապագայի լաւագոյն երաշխիքը լաւագոյն ներկան է, իսկ վերջինս, խոստովանենք, գոնէ քատրային քաղաքականութեան առումով, այնքան էլ յուսադրող չէ, եթէ չասենք` հիասաթափեցնող է: Ի՞նչ է սպասւում մեզ դեկտեմբերից յետոյ` քատրային նոյնպիսի ձախողո՞ւմ, թէ՞, այնուամենայնիւ, նոր իշխող ուժը կը յաղթահարի այս անցանկալի վիճակը:

Փաստը մնում է փաստ. ժողովուրդն ինչքան էլ ատի նախկին իշխանութիւններին, բացառի նրանց վերադարձն ու պաշտի Փաշինեանին, անհրաժեշտ է, որ գործադիրում եւ ՏԻՄ-երում լծակները լինեն մասնագիտական բաւարար կարողութիւններ ունեցող մարդկանց ձեռքերում, այլապէս ազգովի կը յայտնուենք մի նոր, անորոշ ու չերազուած տեղ ու կ՛ասենք` էլի՛ չստացուեց: Ու նորից կը փնտռենք փրկիչների… Իսկ փրկութիւնը ներկայ ճիշդ քաղաքականութեան, միահեծան իշխանութիւնից խուսափելու, ճիշդ քատրեր ընտրելու մէջ է եւ ոչ թէ որեւէ «գերբնական» անձի կերպարում: Որեւէ ծովի մեծ ալիք դեռ չի մնացել իր բարձրութեան վրայ, այն իջել է եւ ձուլուել` աղի ջրերում, եւ պէտք է հասկանալ` համակարգերն են, որ երաշխաւորում են կայունութիւնն ու առաջընթացը, եւ ոչ թէ` մեսիաները, որոնք իրենց թիկունքում չունեն համարժէք ծրագրեր ու հետեւորդներ: գաղափարները անպէտք են ու անպտուղ, եթէ դրանց իրագործողները չկան ու չեն էլ նշմարւում: Չընտրութիւնից ընտրութիւն` մէկ ամիս է, յուսանք, որ հասարակութիւնը չի ընտրի միայն հնի մերժման տրամաբանութեամբ:

Ընտրութիւններում չեն ընտրում միայն իշխանութիւն, քուէարկում են նաեւ ընդդիմութեանը: Հայաստանին այսօր ինչքան որ անհրաժեշտ է լուրջ իշխանութիւն, այդքան էլ անհրաժեշտ է լուրջ ընդդիմութիւն` զինուած ազգային արժեհամակարգով, երկրում ընկերային արդարութեան հաստատման ծրագրերով եւ արցախեան հարցում սկզբունքային անզիջող կեցուածքով: Յեղափոխական իշխանութեանը պէտք է աւելի լաւ հսկել ու հակակշռել, այլապէս հիասթափութիւնները կարող են լինել նոյնչափ յեղափոխական ու, գրեթէ` երաշխաւորուած:

 

 

 

 

Viewing all 17226 articles
Browse latest View live