![]()
Հարցազրոյցը վարեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ
Վերջերս Լիբանան այցելած էր Հայաստանի մէջ Սերպիոյ պատուոյ հիւպատոս, բանաստեղծ, թարգմանիչ, հրապարակագիր, սերպագէտ Բաբգէն Սիմոնեանը, որուն «Պատկերներ Լիբանանից» գիրքին շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ 21 նոյեմբեր 2017-ին, «Ազդակ»-ի «Ժիրայր Պուտագեան» կեդրոնին մէջ: Բաբգէն Սիմոնեանի գործունէութեան եւ հայ-սերպական յարաբերութիւններուն մօտէն ծանօթանալու համար «Ազդակ» հանդիպում մը ունեցաւ անոր հետ: Յայտնենք, որ Բաբգէն Սիմոնեան հեղինակ է տասնմէկ գիրքի եւ շուրջ 900 հրապարակումներու: Անոնց գերակշիռ մասը կը վերաբերի հայ-սերպական գրական ու մշակութային կապերուն, ինչպէս նաեւ սերպահայ գաղթօճախի հիմնախնդիրներուն: 1980 թուականէն թարգմանութիւններ կատարած է սերպական գրականութենէն: Հայ-սերպական գրական եւ մշակութային կապերը զարգացնելու եւ ամրապնդելու մէջ ունեցած վաստակի համար 1993-ին պարգեւատրուած է Սերպիոյ մշակոյթի նախարարութեան «Ոսկէ կրծքանշան»-ով եւ վկայագիրով: Թարգմանական շուրջ 30-ամեայ գործունէութեան համար 2010 թուականին անոր շնորհուած է Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի եւ Հայաստանի Գրողներու միութեան «Կանթեղ» մրցանակ: 2011 թուականին անոր շնորհուած է Սերպիոյ Թարգմանիչներու միութեան մրցանակ: Հայ-սերպական մշակութային կապերը ամրապնդելու եւ թարգմանական գրականութեան բնագաւառին մէջ ներդրած աւանդի համար 2012 թուականին պարգեւատրուած է Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան ոսկեայ մետալով, ինչպէս նաեւ` «Պրանքօ Ռատիչեւիչ» միջազգային գրական մրցանակով: Հայ-սերպական գրական եւ մշակութային կապերու բնագաւառին մէջ 40-ամեայ գործունէութեան համար 2015 թուականին պարգեւատրուած է Սերպիոյ Հանրապետութեան ոսկեայ մետալով:
«ԱԶԴԱԿ».- Խօսինք ձեր գործունէութեան մասին` որպէս Հայաստանի մէջ Սերպիոյ պատուոյ հիւպատոս, թարգմանիչ եւ բանաստեղծ:
ԲԱԲԳԷՆ ՍԻՄՈՆԵԱՆ.- Արդէն տասը տարի է Հայաստանի մէջ Սերպիոյ պատուոյ հիւպատոսն եմ: 1975 թուականէն կը վարեմ հայ-սերպական կապերը, Հայաստանի մէջ առաջինն եմ, որ զբաղած է հայ-սերպական կապերով, այլ խօսքով, հիմնադիրն եմ հայ-սերպական կապերուն, բայց այդ չի նշանակեր, թէ կ՛ուզեմ ասիկա միայն իմ կալուածը ըլլայ: Ես կ՛ուզեմ նաեւ մասնագէտներ պատրաստել: Երկար ժամանակ աշխատած եմ որպէս դասախօս Բրիւսովի անուան լեզուաբանական համալսարանին մէջ սերպերէնի դասեր տալով: Հիմա ալ կան քանի մը ուսանողներ, որոնց հետ կ՛աշխատիմ. ես այդ ամբողջ ծանրութիւնը իմ ուսերուս տանիլ չեմ կրնար, դժուար է, կ՛ուզեմ, որ իմ կողքիս ըլլան մարդիկ, որոնք կարենան թարգմանութիւններ ընել, զբաղիլ հայ-սերպական կապերով. կ՛ուզեմ եկող սերունդին օգտակար ըլլալ: Ես 1980 թուականէն թարգմանութիւններ կը կատարեմ սերպական գրականութենէն եւ միակ մարդն եմ, որ սերպական թարգմանութիւն կը կատարէ Հայաստանի մէջ, մնացած բոլոր թարգմանութիւնները անցեալին կատարուած են ռուսերէնէն: Ես կը կատարեմ բնագրային թարգմանութիւններ եւ կը կարծեմ, որ միջնորդաւորուած լեզուէն թարգմանութիւնները սխալ են: Թարգմանութիւնը պէտք է կատարուի բնագիրէն, որովհետեւ եթէ բնագիրէն չես թարգմաներ, համն ու հոտը կը կորսուին: Բնագիրէն թարգմանելու պարագային, ամբողջ աղը կը պահպանես, անշուշտ եթէ արհեստավարժ թարգմանիչ ես. լաւ թարգմանիչ ըլլալու համար պէտք է լաւ գրող ըլլալ: Ես առաջին հերթին բանաստեղծ եմ, գրող, հրապարակագիր, սերպագէտ, թարգմանիչ, մշակոյթի գործիչ, բոլոր իմ գործերով, թարգմանութիւններով, սեփական հեղինակային գործերով ես կ՛աշխատիմ տեսնել նախ իմ հայրենիքը, իմ երկիրը, իմ ժողովուրդի, երկրի հոգերը եւ զանոնք ներկայացնել բանաստեղծական խօսքով, ոչ միայն բանաստեղծական, այլ նաեւ` արձակ գործով: Կը կարծեմ` գրողին առաքելութիւնը այն է, որ ան կարենայ առաջին հերթին իր ժողովուրդին ամբողջ բեռը, դժուարութիւնները իր ուսերուն տանիլ, եթէ ան կարենայ այդ բեռը իր ուսերուն վրայ տանիլ եւ զայն գրական խօսքի վերածել, ան իր ժողովուրդին նուիրուած գրող է: Գրողը իր յաջողութիւններով պէտք է ուրախանայ, բնական է. ես ունիմ մրցանակներ, շքանշաններ` հայկական, սերպական եւ միջազգային, բայց կարեւորը ատոնք չեն, այդ մրցանակները քու դարակիդ մէջ կը մնան, կարեւորը քու ըրածդ է, որ ժողովուրդին կը պատկանի: Այն գործը, որ կու տաս ժողովուրդին, պատմութիւն կը դառնայ, քու ստեղծածդ ամբողջ ժողովուրդին կը պատկանի: Ես միշտ այսպէս կը մտածեմ. երբ մարդ աշխարհ կու գայ, պէտք է մտածէ այս աշխարհէն երթալու մասին, իսկ երբ կը մտածէ երթալու մասին, ան պէտք է բան մը ձգէ ու ապա երթայ, առանց որեւէ բան ձգելու` քու ապրած կեանքդ ոչ մէկ արժէք ունի, քու ապրած կեանքդ պիտի արժեւորուի քու ըրածովդ, քու ստեղծածովդ, օրինակ` Նարեկացին հազար տարիէ աւելի չկայ, բայց ան իր «Մատեան»-ով կ՛ապրի, որովհետեւ իրմէ ետք ձգած է իր «Մատեան»-ը: Նարեկացիի ժամանակ մրցանակներ չեն եղած, բայց իր անունով մրցանակ կայ այսօր: Ան ձգած է մշակութային եւ գրական հարուստ ժառանգութիւն, որ մեր ժողովուրդին հարստութիւնը դարձած է:
Ես 11 գիրքի հեղինակ եմ, վերջերս իմ գիրքս լոյս տեսաւ Սերպիոյ մէջ, գիրքը կը կոչուի «Մի պտղունց սերպական հող», որ ամբողջութեամբ նուիրուած է Սերպիոյ, որովհետեւ ես 45 տարի նուիրուած եմ հայ-սերպական կապերուն, բայց այդ գիրքին մէջ միայն Սերպիան չէ, այդ գիրքին մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնն է, այդ գիրքին մէջ Արցախն է, Նախիջեւանն է, մեր հոգերն ու ցաւերն են, մեր տառապանքներն են, որովհետեւ 1915-ի Ցեղասպանութենէն ետք շատ հայեր ստիպուած եղան լքել իրենց պապենական տուներն ու հողերը եւ սփռուիլ ամբողջ աշխարհի տարածքին, եւ անոնց մէկ մասը գնաց Սերպիա, ու սերպահայ գաղթօճախ ստեղծուեցաւ: Ես այդ հայերուն հետ հանդիպած եմ, անոնք այն հայերն են, որոնք գաղթածներուն ժառանգներն են. այսօր արդէն գաղթածներ չկան, բոլորը մահացած են, բայց անոնց զաւակները, թոռները եւ ծոռները կան: Մահացածներուն հետ ժամանակին հանդիպած եմ, զրուցած եմ 25-30 տարի առաջ եւ բոլոր գրառումներս պահած եմ, որովհետեւ գիրք մը կը պատրաստեմ «Ծանօթ եւ անծանօթ սերպահայեր» վերնագիրով:
«Մի պտղունց սերպական հող» գիրքը նուիրուած է Սերպիոյ, բայց անոր մէջ Հայաստանն է, սերպահայ մեր գաղթօճախն է, մեր ցաւերն ու հոգերն են, մեր երազանքները` դեռ չիրականացած մեր պատմական հայրենիքը վերագտնելու, որովհետեւ անիծեալ թուրքը չի կրնար յաւերժ պահել մեր պատմական տարածքները, սերպական հրաշալի ասոյթ մը կայ` «Այն, ինչ թալանուած է, անիծուած է» եւ անիծուած ալ պիտի մնայ, որովհետեւ այդ մեր սուրբ հողը անիծուած է իրենց համար, չեն կրնար վայելել: Կարեւորը` մեր հայրենիքը կարենանք պահել, մեր ազգային դիմագիծը եւ տեսակը պահենք համաշխարհայնացման պայմաններուն մէջ: Համաշխարհայնացումը փոքր ազգերուն համար չարիք է, ժողովուրդը արմատէն կտրելու գաղափարախօսութիւն է, իսկ մենք արմատ ունեցող ժողովուրդ ենք, մենք 6-7 հազար տարուան ժողովուրդ ենք: Մեր արմատը չկորսնցնելու համար պէտք է համաշխարհայնացումէն շատ հեռու մնանք, մեր ազգային ակունքներուն մօտ ըլլանք, մեր արմատը չկորսնցնելու համար մենք մանկապարտէզէն մեր զաւակները պիտի դաստիարակենք, որ երկիրը սիրեն եւ չլքեն: Հայերէն սորվեցնենք, որ նուիրեալ ըլլան իրենց երկրին ու ժողովուրդին, իրենց ժողովուրդին ծառայեն, որովհետեւ եթէ դուն քու ժողովուրդիդ չես ծառայեր, որեւէ բանով պիտանի չես ըլլար, քու ապրած կեանքդ ոչ մէկ արժէք ունի:
«Ա.».- Խօսինք Սերպիոյ մէջ հայկական ներկայութեան մասին:
Բ. Ս.- Այսօր Սերպիոյ մէջ հայկական ներկայութիւն կայ: Անցեալ դարասկիզբին որոշ թիւով հայեր, ստիպուած, Ցեղասպանութենէն ետք Սերպիա գաղթած են, անոնց թիւը հաւանաբար եղած է 800-1000 հոգի: Իսկ հիմա 250 հայ հազիւ ըլլայ: Մաքուր հայեր չկան: Եղած հայերը այսօր խառն ամուսնութիւններէ ծնած են: Կա՛մ մայրը հայ է, կա՛մ հայրը, կա՛մ տատիկը, ինքն ալ երրորդ սերունդին կը պատկանի: Կան ազգանուններ, որոնք փոխուած են, օրինակ` Սուքիասեանները դարձած են Սուքիասովիչ, իրենց «եան»-ը փոխած` «իչ» աւելցուցած են, որովհետեւ սերպական ազգանունները «իչ»-ով կ՛աւարտին: Վարդապետեանները դարձած են Պլատիքովիչ, բայց պէտք է նաեւ ըսել, որ շատ հայեր կան, որոնք թունդ են եւ հպարտ` իրենց հայութեամբ: Կ՛ուզեմ պատմել դէպքի մը մասին, որ երբեք չեմ մոռնար. ասկէ 10 տարի առաջ իմ գրական երեկոն էր Սերպիոյ մէջ, նոր գիրքս լոյս տեսած էր, դահլիճը լեցուն էր: Երեկոյի ընթացքին բանաստեղծութիւններ արտասանեցի: Աւարտին երկու կիներ ինծի մօտեցան արցունքոտ աչքերով: Ըսի, թէ ինչո՛ւ կ՛արտասուեն, ըսին, որ հայեր են եւ ցաւօք սերպերէն պիտի խօսին, որովհետեւ հայերէն չեն գիտեր, անոնք ըսին, որ մենք Հայաստանի կարօտը քեզմէ կ՛ուզենք առնել: Կ՛ուզեմ ըսել, որ այն թրթիռը` հայրենիքը կորսնցնելու, այն կարօտը, որ իրենց մէջ կը պահեն իրենց տատերուն եւ պապերուն միջոցով, դեռ կը շարունակուի եւ կը պահպանուի, այդ է, որ օտարութեան մէջ զիրենք հայ կը պահէ: Ես ամէն անգամ որ Սերպիա կ՛երթամ, կը փորձեմ երեկոներ կազմակերպել: «Մի պտղունց սերպիական հող» գիրքի շնորհահանդէսին շատեր ոտքի կանգնած մնացին, տեղ չկար, հետաքրքրականը այն էր, որ եկող 70 հոգիին մէջ 10-12-ը հայեր էին, եւ բոլորը առին գիրքէն օրինակներ: Մէկը մօտեցաւ եւ ըսաւ. «Փայլուն գիրք գրած էք, որքան կը կարդամ, արցունքս չի դադրիր, որքան կը կարդամ, նորէն կ՛ուզեմ կարդալ»: Ես լաւ կը զգամ, երբ իրենց մէջ թրթիռը, հայրենիքի կարօտը կը յաջողիմ վառ պահել: Գրողը պէտք է կարենայ իր առաքելութիւնը իրականացնել: Գրողին գործը այդ է, օտարութեան մէջ ապրող իր հայրենակիցներուն գրական խօսքով, մշակոյթով, պէտք է հայ պահէ:
«Ա.».- Խօսինք Սողոմոն Թեհլիրեանի շառաւիղներուն մասին:
Բ. Ս.- Թեհլիրեանը Թալէաթին ահաբեկեց 1921-ին. 2-3 յունիսին Պերլինի դատարանը զայն անպարտ նկատեց, եւ ազատ արձակուեցաւ, բայց ստիպուեցաւ հեռանալ Պերլինէն: 1922-ին գնաց Սերպիա, ուր իր հայրը կ՛ապրէր 1898 թուականէն: Թեհլիրեանները Սերպիոյ մէջ զբաղած են սուրճի առեւտուրով: Ամէնէն ընտիր սուրճը Սերպիոյ մէջ վաճառած են հայերը: Թեհլիրեանին հայրը` Խաչատուրը եւս զբաղած է սուրճի առեւտուրով Սերպիոյ Վալեւօ քաղաքին մէջ: Թեհլիրեան 1922-ին կ՛երթայ Վալեւօ, քանի մը տարի կ՛ապրի հոն, յետոյ կը փոխադրուի Պելկրատ, ուր կը ծնին իր երկու որդիները` Զաւէնը եւ Շահէնը: Մինչեւ 1950 թուական Սողոմոն Թեհլիրեան ապրած է Պելկրատ: Այն ատեն, քանի որ Եուկոսլաւիան կէս մը ընկերվարական երկիր էր, հայերու համար այնքան ալ նպաստաւոր պայմաններ չէին լաւ գործարք ընելու համար, ուրեմն Թեհլիրեան կ՛որոշէ իր երկու որդիներուն հետ Սերպիայէն հեռանալ: Ան ընտանեօք կ՛անցնի Մարոք եւ 7 տարի կ՛ապրի հոն: 1957 թուականին կնոջ եւ զաւակներուն հետ կ՛որոշէ երթալ Ամերիկա եւ վերջնական բնակութիւն հաստատել հոն: Սողոմոնի աւագ որդին կը վերադառնայ Սերպիա: Կրտսեր որդին` Զաւէնը հօրը հետ կը մնայ Ամերիկա: Սողոմոն Ամերիկա կ՛ապրի երեք տարի եւ կը մահանայ մայիս 23-ին: Սողոմոն Թեհլիրեանը մեծապէս ճանչցուած էր Պելկրատի մէջ, բոլորը կը ճանչնային զայն: Ան ունի թոռ, որ աւագ որդիին` Շահէնի դուստրն է: Շահէնը 5 տարի առաջ մահացաւ: Շահէնը Սողոմոնի մասին պատմած է բաներ, որոնք շատերուն յայտնի չեն: Ամէն անգամ, որ Սերպիա կ՛երթայի, Շահէնին կը հանդիպէի: Սողոմոն Թեհլիրեան գնդակի մը հարուածով վերացուց հայ ժողովուրդի դահիճը` Թալէաթ փաշան, ան ցոյց տուաւ, որ հայ ժողովուրդի մէջ վրէժի ցասումի զգացողութիւնը անմեռ է: Թեհլիրեան մեր ժողովուրդին համար մեծ կերպար է, ան մարդասպան չէ, վրիժառու է, ան իր ժողովուրդին վրէժը լուծած է, իր ժողովուրդին, որուն հայրենիքը խլած են, ոչ միայն 2 միլիոն մարդ սպաննած են, այլ սպաննած են մեր հայրենիքը, մեզի հանդէպ ոչ թէ Ցեղասպանութիւն գործած են, այլ նաեւ` հայրենասպանութիւն: Սողոմոն Թեհլիրեանի մասին կարելի է շատ գրել, կը ծրագրեմ Թեհլիրեանի մասին փոքրիկ գրքոյկ պատրաստել: Իր որդիէն շատ բան ստացած եմ, շատ բան ալ տուած եմ Դաշնակցութեան թանգարանին: Թեհլիրեանի Դաշնակցութեան անդամատոմսը նուիրեցի Դաշնակցութեան թանգարանին: Սողոմոն Թեհլիրեանի կերպարը բացառիկ կերպար է, միշտ ուզած եմ իր մասին գրել, զայն ներկայացնել, թէեւ անոր վերաբերող գիրքեր կան, բայց երբ նոր բան մը կը բացայայտես, կ՛ուզես այդ մասին խօսիլ:
«Ա.».- Ներկայացուցէք, խնդրեմ, հայ-սերպական յարաբերութիւնները:
Բ. Ս.- 1994 թուականին Եուկոսլաւիան Հայաստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատած է: Երբ Եուկոսլաւիան տրոհուեցաւ, 6 հանրապետութիւնները դարձան առանձին պետութիւններ: Սերպիան այն ժամանակ դարձաւ անկախ պետութիւն: Ես 40 տարի զբաղած եմ հայ-սերպական կապերով: Ուրեմն շատ յայտնի մտաւորական մը կայ Սերպիոյ մէջ, հրաշալի արեւելագէտ, դիւանագէտ, օր մը ըսաւ, որ ինծի համար կարեւոր բան մը կ՛ուզէ ընել, երբ հարցուցի` ի՞նչ, ըսաւ, որ կ՛ուզէ անակնկալ ընել: Անցաւ երեք ամիս, ինծի հեռաձայնեց Պելկրատէն եւ ըսաւ, որ դիմած է Սերպիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն եւ` առաջարկած, որ զիս նշանակեն Հայաստանի մէջ Սերպիոյ պատուոյ հիւպատոս: Բերանս բաց մնաց: Անցաւ քանի մը ամիս, զիս հրաւիրեցին Սերպիա` արտաքին գործոց նախարարութիւն, բանակցութիւններու: Ըսի, թէ ես ուրախ եմ, որ Սերպիոյ համար հսկայ գործ ըրած եմ եւ կը շարունակեմ ընել, բաժինի վարիչը յայտնեց, որ ես Հայաստան պիտի վերադառնամ արդէն որպէս պատուոյ հիւպատոս, որովհետեւ այդ մասին հրամանը եկած է արդէն: Ես ուրախացայ, վերադարձայ Երեւան, եւ ժամանակ մը ետք ինծի պաշտօնական հրամանը ղրկեցին:
Իրականութեան մէջ մենք, որպէս պատուոյ հիւպատոսութիւն, շատ բաներով կը զբաղինք: Որովհետեւ ես մշակոյթի մարդ եմ, գրող եմ, շեշտը կը դնեմ մշակոյթին վրայ, որեւէ ժողովուրդ աշխարհին կը ներկայանայ մշակոյթով: Այո՛, գործարարութիւնն ալ կարեւոր է երկրի մը համար, բայց երկրի մը դէմքը գործարարութիւնը չէ, երկրի մը դէմքը մշակոյթն է, իսկ մենք մշակոյթի ժողովուրդ ենք: Ես 2007-ին նշանակուած եմ պատուոյ հիւպատոս: Ուրախ եմ, որ 10 տարուան ընթացքին հսկայ գործ ըրած եմ, այդ աշխատանքը, որ ես կատարած եմ, ամբողջը վաւերացուած է թուղթի վրայ, լոկ խօսակցութիւն չէ, հսկայական գործ ըրած եմ մշակոյթի, գրականութեան եւ գրահրատարակչական բնագաւառներուն մէջ: Մենք ամէն տարի փետրուար 15-ին կը նշենք Սերպիոյ Հանրապետութեան օրը: Սերպիոյ դրօշով սերպիական երգեր կը հնչեցնենք, Սերպիոյ նուիրուած բանաստեղծութիւններ կը կարդանք: Ես հաշուետուութիւն ալ կը պատրաստեմ ու կ՛ուղարկեմ Սերպիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն, որպէսզի տեսնեն, թէ պատուոյ հիւպատոսը ի՛նչ կ՛ընէ: Մենք գիրքեր կը հրատարակենք հայերէն` սերպ գրողներու, սերպերէն` հայ գրողներու մասին եւ փոխայցելութիւններ կը կազմակերպենք: Իմ քովս բազմաթիւ հիւրեր, դիւանագիտական եւ մշակոյթի գործիչներ կու գան: Հանդիպումներ կ՛ունենամ ե՛ւ Սերպիոյ, ե՛ւ Հայաստանի մէջ: Երկու անգամ տեսակցած եմ Սերպիոյ նախագահին հետ: 2015 թուականին իմ 40-ամեայ գործունէութեան առիթով Սերպիոյ նախագահը կանչեց զիս Սերպիա եւ հանրապետութեան ոսկեայ մետալով պարգեւատրեց:
Ուրախ եմ, որ եկած եմ «Ազդակ»-ի խմբագրութիւն, ինծի համար «Ազդակ»-ի խմբագրակազմը հաճելի մարդիկ են: Լիբանանը ինծի համար ջերմ երկիր է, որովհետեւ մայր գաղթօճախ կը համարուի: Արաբ ժողովուրդը մեր տարաբախտ ժողովուրդին տեղ տուաւ, իր երկրին մէջ պատսպարեց եւ սիրով ընդունեց, պէտք է այդ երախտիքը չմոռնանք: Մեծ գործ կը կատարէ նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը, ես հանդիպեցայ վեհափառին, եւ մենք զանազան հարցերու շուրջ խօսեցանք: Հիմնականին մէջ խօսեցանք Սիսի կաթողիկոսութիւնը վերադարձնելու մասին: Ես բարձր կը գնահատեմ անոր արժանավայել կերպարը, որ` ան համարձակօրէն աշխարհի բեմէն կը խօսի մեր ժողովուրդի պահանջատիրութեան մասին: Վստահ եմ, որ կաթողիկոսը ճիշդ պայքար կը մղէ, գիտեմ, որ անոր սիրտը կը ցաւի հայ ժողովուրդի ցաւերով: Ան մեր պահանջատէր կաթողիկոսն է: