Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 17226 articles
Browse latest View live

Արի՛ Տուն…

$
0
0

ՊԵՏԻԿ

Մեծ համոզումով եւ գոհունակութեամբ կը թերթատեմ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան «Գործունէութեան ծրագիրը (Փլաթֆորմ)»-ը,  հրատարակուած` 1990-ին, Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի կողմէ, ու կը տեսնեմ այնքան հասուն եւ հեռատեսօրէն նկատի առնուած հիմքերը` կերտելու համար ազատ, անկախ Հայաստան մը, որ բոլորս կը ցանկանք: Նկատի առնուած են դիմագրաւելի  նիւթեր, ինչպէս` քաղաքական, տնտեսական վարչական եւ, անշուշտ, հայրենիքի պաշտպանութեան, որոնք կը միտին կերտել առողջ եւ ապահով հայրենիք մը:

127-ամեայ կայտառ եւ գործունեայ ՀՅԴ-էն այսօր կը սպասուի դիմագրաւել եւ նեցուկ կանգնիլ հայրենիքին, մտահոգիչ մէկ երեւոյթին` հայրենիքէն արտագաղթի հոսքը նուազեցնելու,  մանաւանդ` երիտասարդ սերունդին եւ ուսանողութեան մէջ:

Անապահով ու ծանր պայմաններու պատճառով ներգաղթած սուրիահայեր արդէն հաստատուած եւ գոհացուցիչ տնտեսութիւններ հիմնած են Հայաստանի մէջ` օրինակ դառնալով սփիւռքի զանազան երկիրներու մէջ իրենց կացութենէն դժգոհ ու տատամսող բոլոր հայերուն: Հայաստանը այն չէ, ինչ որ էր խորհրդային օրերուն: Ունինք հայրենիք մը, որ դռները լայն բացած է աշխարհի մէջ տարածուած մեր բոլոր հայրենակիցներուն դիմաց:

Մէկ դար առաջ հնչած «Դէպի Երկիր» կոչը ծնունդ տուաւ Ա. հանրապետութեան: Այսօր վերանորոգ «Դէպի Երկիր» կոչը պէտք է արթնցնէ բոլոր դժգոհ սփիւռքահայերը: Այլեւս պէտք չունինք տանջուելու օտար սառնամանիքներու մէջ կամ պարտադրուած` համակերպելու հնգամեայ անհաւասար պայմաններու: Մենք ունինք խոստմնալից հայրենիք մը, ուր կը շարժինք իբր «տնեցի» եւ ոչ` իբրեւ օտար գաղթական: 1990-ին մշակուած այդ «Փլաթֆորմ»-ը այսօր կը տեսնենք մասամբ արդէն իրագործուած ու իւրաքանչիւր ներգաղթող հայ իրեն հետ կրնայ տանիլ ու հոն մշակել իր արհեստը կամ մասնագիտութիւնը` ապահովելով իր ընտանիքին աստիճանաբար զարգացող տնտեսական վիճակը եւ մասնակից դառնալով հայրենիքի բարգաւաճման մարտահրաւէրին:

Եզրակացնելով` նախընտրելի է ըլլալ «տնեցի» եւ ոչ թէ` «օտար գաղթական»:

Արի՛ տուն…

 

 


Մասիսն Ու Մասիսը

$
0
0

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Զինուորը իր զէնքով, իսկ ես
Մատիտովս կը պայքարիմ թուրքին դէմ
(Մասիս Արարատեան)

2000 թուականին, առաջին անգամ ըլլալով, Արարատն ու Մասիսը տեսնելու բախտին արժանացայ, սակայն դժբախտաբար`հեռուէն միայն:

Ուխտաւորներ, որոնք հեռուէն դիտելէ չեն գոհանար ու կը փափաքին բարձրանալ անոր գագաթը, ստիպուած են այցելել Թուրքիա, եւ քիւրտերու առաջնորդութեամբ է, որ կը բարձրանան մեր ՀԱՅԿԱԿԱՆ Արարատը:

Ի՜նչ անարդարութիւն:

Այդ թուականէն 17 տարի ետք պատիւը ունեցայ ոչ միայն հանդիպելու, այլ կարճ ժամանակի մը ընթացքին մօտէն ծանօթանալու երգիծանկարիչ, յայտնի արուեստագէտ Մասիս Արարատեանին, որուն համար բարեբախտաբար Թուրքիա այցելելու պէտքը չունեցայ, ոչ ալ քիւրտերու միջնորդութեան կարիքը զգացի:

Մասիս Արարատեանը Թուրքիա չէ այցելած: Նման անուն-մականունով անձ մը, մանաւանդ Թուրքիոյ դէմ արտադրած իր յանդուգն ծաղրանկարներուն պատճառով,  վստահաբար, Արարատին ու Մասիսին նման, ինք եւս «բռնագրաւուած» պիտի մնար այդ անարդար երկրին մէջ:

Զիրար բարեւելէ ետք առաջին արտասանած խօսքս եղաւ`

– «Նախանձելի անուն-մականուն մը ունիս»:

Մասիսն ու Արարատը միաձուլուած են անձի մը մէջ, որ իր իւրայատուկ արուեստով, Արարատ լերան նման, բարձր կը պահէ հայու անունը իր ազգակիցներուն, նաեւ օտարներուն մէջ:

Հազուագիւտ տաղանդ մըն է երգիծանկարչութիւնը: Բազմատեսակ արուեստներու կողքին, ինչպէս` երգ, երաժշտութիւն, գեղանկարչութիւն կամ դերասանութիւն, երգիծանկարչութիւնը ամենափնտռուածն է, եւ մեր մէջ, անոնք կը համրուին մէկ ձեռքի մատներու վրայ: Ընդամէնը` քանի մը անուն:

Երգիծանկարիչներ Ա. Սարուխան եւ Տիրան Աճեմեան արդէն իսկ յաւերժութեան բնակիչները դարձած են, իսկ ներկայիս Մասիս Արարատեան, տասնամեակներէ ի վեր, պատնէշի վրայ է ու կը մնայ յաւերժ երիտասարդ` արտաքինով, բնաւորութեամբ, հիւմուրով, բայց մանաւանդ` արտադրողականութեամբ: Կը կասկածիմ, թէ ոեւէ հայ կամ օտար երգիծանկարիչ արտադրած ըլլայ այնքան, որքան` Մասիս Արարատեանը:

Արուեստի այս ոճը շատեր ծաղրանկարչութիւն կ՛անուանեն,  ուրիշներ` երգիծանկարչութիւն:

Երկուքը իրարու հոմանիշ բառեր են, սակայն «ծաղրանկար» բառին արմատը կու գայ ծաղրել բայէն, իսկ եւ երգիծանքը շատ հեռու է ծաղրանքէ:

Մասիս երգիծանկարիչ է: Իր այդ արուեստով կը ներկայացնէ անձ մը, կամ դէպք մը: Իր գործերը լոկ գծագրութիւններ չեն: Գեղանկարչութեան ամենահազուագիւտն ու դժուարինը:

Գծե՞լ: Բազմահազար են գծելու ձիրքով օժտուած արուեստագէտները: Անոնք այնպիսի  հմտութեամբ կը վերարտադրեն անձի մը դիմանկարը, որ գործածած մատիտը իրենց մատներուն մէջ դարձած է լուսանկարչական գործիք:

Պարագան բոլորովին տարբեր է երգիծանկարիչի մը, որ նմանապէս կը վերարտադրէ անձի մը դիմանկարը, սակայն` դիտումնաւոր կերպով յաճախ չափազանցելով:

Գլուխը աւելի մեծ, քան` մարմինը, եւ կամ` բնականէն աւելի մեծ քիթով կամ ականջներով ներկայացուած անձ մը վստահաբար ծաղրելու մտայնութեամբ չէ: Այդ մէկը իմաստ, նշանակութիւն եւ իր բացատրականը ունի:

Թուղթի կտորի մը վրայ այդ գծագրութեամբ կարելի է կարդալ անձի մը նկարագիրը: Այդ գիծերու ամբողջութեան  մէջ կ՛արտացոլայ անձին անցեալէն մինչեւ ներկան:

Դէմ դիմաց նստած` կը զրուցէինք:Իրարու նոր կը ծանօթանայինք, երբ Մասիս խօսքը ընդհատեց եւ`…

– «Քիչ մը աջ դարձիր եւ դիմացդ նայէ: Փոքրիկ ժպիտ մը, եւ այդպէս կեցիր: Հարցումներուս պատասխանէ առանց շարժելու»:

Խելօք աշակերտի մը նման հնազանդեցայ:

Գրպանէն հանեց շատ փոքր տետրակ մը, իսկ ես, առանց իր կողմը դառնալու, կը զգայի, որ կը գծէ:

Քանի մը վայրկեան հազիւ անցած` ցոյց տուաւ դիմանկարս: Ամբողջութեամբ ամփոփուած եմ այդ թուղթի կտորին վրայ: Անձիս բոլորովին անծանօթ մը, տեսնելով երգիծանկարս, անվարան կրնայ ամփոփել կեանքիս հակիրճ պատմութիւնը: Երաժշտութիւն, առաւել` գիր ու գրականութիւն:

Դիտելու եւ իր միտքը գծագրութեամբ արտայայտելու կարողութիւնները շատ զօրաւոր են Մասիսի մօտ եւ իր ամենագնահատելի արժէքն է իր սուր աչքը, ինչպէս նաեւ` վայրկեանական վերլուծելու կարողութիւնը:

* * *

Մասիս սկսած է գծել շատ կանուխ տարիքին եւ իր մատիտով աշխարհի խիղճը ուշադրութեան հրաւիրած է հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ի նպաստ:

Իր նշանաւոր խօսքը`

«Զինուորը իր զէնքով, իսկ ես մատիտովս կը պայքարիմ թուրքին դէմ»:

Մասիսի օգտագործած զէնքը` իր մատիտը, շատ աւելի հզօր է, քան` որեւէ մահացու զէնք:

Ծանօթ ըլլալով հանդերձ իր արուեստին, շատ տեղեկութիւններ չունիմ իր անցեալին մասին, եւ հետաքրքրուած` քանի մը հարցումներ ուղղելու կարգը իմս է, թէպէտ ես ո՛չ իր գծելու տաղանդը, ոչ ալ տեսնելու սուր կարողութիւնը ունիմ:

Ո՞վ է Մասիս Արարատեան:

Կիլիկիայէն գաղթած բազմանդամ ընտանիքի մը զաւակը, որ կեանքին առաջին երկու տասնամեակը, Հալէպի մէջ անցընելէ ետք հաստատուած է Լիբանան, ապա` Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի պատճառով, դարձեալ բռնած է գաղթի ճամբան` խարիսխ նետելու սփիւռքի ամենամեծ հայկական գաղութներէն մէկը դարձած Լոս Անճելըս:

Աւելի քան տարի մը առաջ հանդիպած էի իրեն Լոս Անճելըսի Համազգայինի Շրջանային վարչութեան կողմէ կազմակերպուած` Պօղոս Սնապեանին  նուիրուած ձեռնարկի աւարտին, երբ «Ազատ բեմ»-ի ժամանակ ինքն ալ իր կարգին, որպէս Սնապեանի մօտէն ծանօթ ու աշխատակից, քանի մը բառով, ժպտուն դէմքով «Ազդակ»-ի օրերէն պատմեց դրուագ մը:

«Ապրիլ ամսուան առաջին օրն էր եւ այդ օր` «ստախօսութիւնը» արտօնուած: Պօղոս Սնապեանին առաջարկեցի ժողովուրդի սրտին խօսող «սուտ» մը գլորել, ապա` թերթի վերջին էջին վրայ գրել ԱՊՐԻԼ 1»:

Հայաստան տակաւին խորհրդային լուծի տակ կը գտնուէր եւ «Ազդակ»-ի առաջին էջին վրայ այդ օր գրուեցաւ` «Հայաստան անկախացած է»:

Վստահաբար շատեր նոյնիսկ չանդրադարձան, թէ այդ օր ապրիլ 1 էր:

Լուրը ռումբի մը պէս պայթեցաւ: Պուրճ Համուտի խանութները սկսան փակուիլ` որպէս ուրախութեան նշան:

Թէպէտ այդ քանի մը ժամուան ուրախութիւնը իրականացաւ քանի մը տասնամեակ  ետք, սակայն այդ երազելի «սուտը», շատ մը հայկական թերթերէ խիստ քննադատութեան արժանացաւ, մինչ Պօղոս Սնապեան նախադասութեամբ մը փրկեց կացութիւնը. «Այդ սուտով հայութեան բազկերակը քննեցինք»:

Մասիս Արարատեանի մասին առաջին անդրադարձողը եղած է Կարօ Գէորգեանը:

«Տասնեակ միլիոններ հաշուող ժողովուրդներու մէջ անգամ մեծ թիւ չեն ներկայացներ անուն, համբաւ ունեցող ծաղրանկարիչները, իսկ մեր մէջ, Հայաստանն ալ հաշուելով, մատի վրայ կը համրուին հայ ծաղրանկարիչները»:

Կարօ Գէորգեան («Ամէնուն տարեգիրքը»):

«Ժպիտը լոյս է, հետեւցնենք ուրեմն, որ լոյսն ալ ժպիտ է … խաւարին, եւ ինչո՞ւ ոչ:

Բարձրացա՞ծ էք վերը …

Լեռը չհասկնաք: Ծաղրանկարին մասին է խօսքը, ու այդ խօսքին` հետեւեալն է միտք բանին:

Մեր այս խելօք մանչուկը ծնած ու մեծցած է Հալէպ: Արձակուրդի կու գար Պէյրութ ու կը մեկնէր: Սուսիկ փուսիկ ու համեստօրէն կ՛այցելէր խմբագրատուն: Օր մըն ալ հարցուց անակնկալօրէն.

– Կը մտածեմ Պէյրութ փոխադրուիլ ու հաստատուիլ այստեղ: Ի՞նչ է կարծիքդ:

– Փոխադրուի՛ր եւ անմիջապէս»: (Անդրանիկ Ծառուկեան)

Կը տեղափոխուի Լիբանան:

Նախ կ՛աշխատակցի իր ուսուցչին` Անդրանիկ Ծառուկեանի «Նայիրի» շաբաթաթերթին:

Օրէ օր համբաւը կը տարածուի եւ երկար տարիներ մաս կը կազմէ «Ազդակ»-ի մեծ ընտանիքին:

«Օրական կը հանդիպէի «Ազդակ»-ի խմբագրատունը, եւ նախքան թերթին լոյս տեսնելը` կը կարդայի ծայրէ ծայր եւ հետաքրքրական նիւթերու մասին տեղւոյն վրայ կը գծէի  համապատասխան երգիծանկար մը»:

Բազմաթիւ յօդուածներ նուիրուած են մեծ արուեստագէտին: Կը ցաւիմ, որ ուշ ծանօթացայ եւ իր մասին ամենաուշ գրողներէն մէկն եմ, սակայն վստահաբար` ոչ վերջինը: Անկասկած տակաւին շատ մելան պիտի հոսի իր մասին:

«Սիրելի Մասիսին, որ ոչ միայն արուեստագէտ մըն է, որ ապագային պիտի փայլի հայ արուեստի երկնքին վրայ» այլ` նոյնքան ազնուասիրտ ու եռանդուն երիտասարդ մը:

(Ա. Սարուխան):

* * *

«Հայրս չափազանց ընթերցասէր էր: Գիրքերը կարդալէ ետք կը զետեղէր մեր տան պահարանին վերը: Գրադարան չունէինք:

Իր կարդացած գիրքերէն կամ պարբերաթերթերէն մէկը պատկերազարդ էր, գծագրութիւններով հարուստ:

Անմիջապէս որ հայրս տունէն դուրս գար, պահարանին վրայէն վար կ՛առնէի այդ պարբերաթերթը: Հմայուած էի անոր մէջի ծաղրանկարներով:

«Կավռօշ» էր պարբերաթերթին անունը:

Աւելի ուշ իմացայ, թէ ո՛վ էր «Կավռօշ»-ի հրատարակիչը:

Պոլիս ծնած, Երուանդ Թոլայեան կեղծանունով  հայ երգիծաբան, խմբագիր եւ դերասան մը, որ երգիծական պարբերաթերթ կը հրատարակէր եւ` իր կեղծանունին նման, այդ թերթը կը կոչուէր «Կավռօշ»:

Դասարանը, դաս մտիկ ընելու փոխարէն, ուսուցիչներուս դիմանկարները կը գծէի:

Կողքիս նստող դասընկերուհիս օր մը մատնեց, եւ գծած նկարս յափշտակելով` տարաւ եւ ուսուցչին ցոյց տուաւ:

«Պարո՛ն, տեսէ՛ք, դասարանին մէջ ձեր նկարը կը գծէ»:

Ուսուցիչը դիտելէ ետք գծած նկարս, շառաչիւն ապտակ մը իջեցուց աղջնակին: Մօտեցաւ ինծի: Վախէս սմքած, աչքերս գոց` կը սպասէի իմ կարգիս: Մեծ եղաւ զարմանքս, երբ ձեռքը դնելով ուսիս` ըսաւ:

«Ապրի՛ս, շարունակէ՛ գծել»:

Սուրիական բանակին ծառայած շրջանին, բանակային սպաներուն նկարները գծելուն որպէս վարձատրութիւն, իրեն առիթ տրուած էր գիշերելու իր տան մէջ եւ յաջորդ առաւօտ վերադառնալու զօրանոց:

Շուտով երիտասարդ արուեստագէտին համբաւը կը տարածուի: Ամէն կողմէ իրեն կը դիմեն, որպէսզի գծէ իրենց դիմանկարները: Մասիս մերժել չի գիտեր: Անընդհատ կը գծէ մեծ հաճոյքով:

Նոյն շրջանին Հալէպի մէջ լոյս պիտի տեսնէ «Սանապել» երգիծաթերթը, սակայն ծաղրանկարիչ մը գտնելու դժուարութեան մէջ են:

Քանի մը հոգի կը յուշեն իր անունը եւ ցոյց կու տան իր գործերէն: Խմբագիրը անմիջապէս կը կապուի Մասիսին հետ, եւ նոյն շաբաթը կը սկսի լոյս տեսնել արաբատառ երգիծաթերթը, որուն մէջ հայեր եւ օտարներ օրական կը հանդիպին Մասիսի ստորագրութեամբ երգիծանկարներու:

Լիբանանի մէջ, բացի «Ազդակ» օրաթերթէն, աշխատակցած է նաեւ ֆրանսատառ «Լորիան լը ժուր» օրաթերթին, ինչպէս նաեւ արաբատառ

«Նահար»-ին:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի առաջին տարիներուն կ՛որոշէ գաղթել ու կը հաստատուի Լոս Անճելըս: Կ՛աշխատակցի Ամերիկեան «Հարըլտ էքզամինըր» օրաթերթին աւելի քան 15 տարի, մինչեւ այն օրը, երբ թերթը կը դադրի լոյս տեսնելէ:

Միեւնոյն ժամանակ մնայուն աշխատակիցը կը դառնայ «Ասպարէզ» օրաթերթին, որուն մէջ մինչեւ օրս կը հանդիպինք իր այնքան խօսուն երգիծանկարներուն` իրեն վերապահուած «Գիր եւ գիծ» սիւնակին մէջ:

Մասիս Արարատեանին արուեստը կը սկսի երգիծանկարով, սակայն հոն չի վերջանար: Անխոնջ աշխատող է Մասիս: Իրեն համար, իւրաքանչիւր վայրկեան, որ չ՛արտադրեր, «ժամանակի կորուստ» է:

Ունի Ապրիլ 24-ի նուիրուած քանդակներ,  ինչպէս նաեւ` հայերէն եւ արաբերէն համակարգիչի իւրայատուկ տառատեսակներ:

Պարտք կը զգամ յիշելու իր անհատնում ստեղծագործութիւններուն հատորներու մէջ ամփոփուածներէն քանի մը հատը:

«Ազգային դէմքեր»: Ամենափոքր ծաւալով գրքոյկը, զոր ցարդ տեսած եմ:

3 x 2 ինչըզ (7.62x 5.08սմ) որուն մէջ կը հանդիպինք 100 ազգային դէմքերու դիմանկարները:

«Կեանքի սենֆոնին». իւրաքանչիւր 10 տարի, ներկայացուած է երգիծանկարով մը, միայն մէկ նախադասութեամբ բացատրականով մը:

«Ժպիտը լոյս է» երկու հսկայածաւալ հատորներ, որոնք աւելի քան 6 տասնամեակներու վրայ երկարող սփիւռքահայութեան պատմութիւնը կը ներկայացնեն:

Այս հատորներուն մէջ կարելի է գտնել մեծամասնութեամբ հայ նշանաւոր քաղաքական, գրական, արուեստի եւ կրօնական դէմքերու երգիծանկարները:

Երգիծանկարչութիւնը միջազգային լեզու է: Միակ լեզուն, որ թարգմանիչի կարիքը չունի:

Ծաղրանկարիչը այն անձն է, որ պէտք է լաւ հասկնայ քաղաքականութենէն մինչեւ գիր ու գրականութիւն, արուեստի տարբեր ճիւղեր, եւ անոր վրայ  հիմնուելով է, որ կը ներկայացնէ անձ մը կամ դէպք մը:

Մասիս Արարատեան այդ բոլոր պայմանները լրացնող արուեստագէտն է:

Ինծի համար մեծ պատիւ է, երբ կը դիտեմ երգիծանկարս, որուն վարի մասը կը նշմարեմ մեծատաղանդ արուեստագէտի մը ստորագրութիւնը:

Ստորագրութիւն մը, որ կցուած է ամենանշանաւոր անձերու երգիծանկարներուն:

Այդ ստորագրութիւնը Մասիս Արարատեանինն է:

Շնորհակալութի՛ւն, սիրելի՛ Մասիս:

Մաղթանքս է, որ շարունակես մնալ միշտ բարձր ու վեհ, ինչպէս Արարատի մեծ ու փոքր Մասիսները:

Լոս Անճելըս, 2017

 

Լիբանանի Վերջին Զարգացումներն Ու Անոնց Նշանակութիւնը Շրջանային Յարաբերութիւններու Լոյսին Տակ*

$
0
0

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Երկուշաբթի, 31 հոկտեմբեր 2016-ին Լիբանանի խորհրդարանը  Դիմադրութեան ճամբարի` 8 Մարտի ուժերէն Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար զօրավար Միշէլ Աունը ընտրեց Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ` այդպիսով վերջ տալով 2,5 տարուան նախագահական թափուր աթոռի վիճակին: Երկու օր ետք` չորեքշաբթի, 2 նոյեմբեր եւ հինգշաբթի, 3 նոյեմբեր 2016-ին Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ երեսփոխանական պլոքներուն հետ տեղի ունեցած` վարչապետի նշանակման պարտադիր խորհրդակցութիւններէն ետք երկրի վարչապետ նշանակուեցաւ Դիմադրութեան հակառակորդ ճամբարի` 14 Մարտի ուժերէն Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար Սաատ Հարիրին, որ կազմեց ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը:

Լիբանանեան կառավարութիւնը անցնող մէկ տարուան ընթացքին խորհրդակցութիւններու, երկխօսութեան եւ քննարկումներու շնորհիւ եւ փոխադարձ զիջումներու հիմամբ որդեգրեց ընտրական նոր օրէնքը, կատարեց թափուր մնացած պետական պաշտօններու համար նշանակումներ, ինչպէս նաեւ որդեգրեց պետական մարզի պաշտօնեաներու համար աշխատավարձերու յաւելման օրէնքը: Տիրող քաղաքական դրական մթնոլորտը իր արձագանգը ունեցաւ ապահովական գետնի վրայ. Լիբանանեան բանակը յաջողեցաւ Ռաս Պաալպաքի եւ Քաայի բարձունքներէն վտարել ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները` այդպիսով ամբողջացնելով Արսալի բարձրունքներէն Ժապհաթ Նուսրայի զինեալներու վտարման Հըզպալլայի առած քայլը:

Այս բոլորը լիբանանցիներուն մէջ ստեղծեցին երկրի քաղաքական ու ապահովական կեանքի բնականոնացման եւ ապագայի նկատմամբ լաւատեսութեան մթնոլորտ մը: Հարկ է նշել, որ այս զարգացումները արդիւնք էին  «բարենպաստ» ազդակի մը.միջազգային ու շրջանային ուժերը չէին ուզեր, որ շրջանին մէջ տիրող դժուար կացութեան մէջ յաւելեալ գլխացաւ մը ստեղծուի, իրողութիւն մը, որուն շնորհիւ` արդիւնք Լիբանանը վերածուեցաւ շրջանային փոթորկոտ ովկիանոսին մէջ կայունութեան կղզիի մը, ուր հարցերը կը լուծուին երկխօսութեամբ, հանդարտութեամբ եւ փոխադարձ զիջումի սկզբունքի հիմամբ: Իրապէս ալ Լիբանանի երեք պետերը` նախագահը, խորհրդարանի նախագահն ու վարչապետը անցնող մէկ տարուան ընթացքին յաջողեցան շրջանցել դժուարութիւնները եւ տարակարծութիւնները, չէզոքացնել ու մեկուսացնել խնդրայարոյց գործիչները եւ ներքին կայունութեան պահպանման համար` «չէզոքութեան» քաղաքականութիւն որդեգրելով` Լիբանանը հեռու պահել շրջանային ու միջազգային առանցքներու պայքարէն:

Ներլիբանանեան դրական զարգացումները պայմանաւորուած էին միջազգային ու շրջանային ուժերու համար ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի առաջնահերթ ըլլալու իրողութեամբ: Անգամ մը, որ հաւատադրժողական այդ խմբաւորման պարտութիւնը դարձաւ մօտալուտ ու հաստատ, պայմանները փոխուեցան, եւ մրցակից ճամբարները սկսան ո՛չ միայն հետաքրքրուիլ, մտածել ու խօսիլ, այլ նաեւ գործնական քայլերու ձեռնարկել` մինչ այդ դարակը նետուած կամ անտեսուած հին ու նոր հարցեր վերարծարծելով: Այս առումով, բեկումնային եղաւ Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի անկախութեան ուղղութեամբ կատարած քայլը, որ ուշադրութիւնը շեղեց ահաբեկչութեան դէմ պայքարէն, որմէ իրաւամբ զգուշացուցած էր ամերիկեան կողմը:

Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի իշխանութիւններու 25 սեպտեմբեր 2017-ին Իրաքէն անջատման շուրջ հանրաքուէ կատարելու մտադրութիւնն ու քայլը արժանացաւ գրեթէ բոլոր երկիրներու մերժումին: Հանրաքուէին դէմ չէր միայն Իսրայէլը, որ բացայայտօրէն յայտարարեց ու կը շարունակէ յայտարարել իր զօրակցութիւնը, նաեւ` Սէուտական Արաբիան, որ ծածուկ կերպով զօրակցեցաւ, ինչպէս նաեւ` Միացեալ Նահանգները, որոնք քիւրտերու ինքնորոշման իրաւունքին սկզբունքով համաձայն ըլլալով հանդերձ, հրապարակաւ կոչ ուղղեցին զայն յետաձգելու: Այս երեք երկիրներուն հասարակաց նպատակը ստեղծումն էր  քրտական պատուարի մը, որ արգելք պիտի հանդիսանար Իրաքէն ու Սուրիայէն անցնելով մինչեւ Իսրայէլի սահմանակից հարաւային Լիբանան հասնող իրանեան միջանցքի մը ստեղծման: Հանրաքուէն չբերաւ քիւրտերուն սպասած արշալոյսը, ընդհակառա՛կը լրջօրէն վտանգեց նշեալ մարզի ինքնավարութիւնը եւ Սուրիոյ մէջ իսկ քիւրտերուն ունեցած ձեռքբերումները: Արդարեւ, այդ հանրաքուէն ստեղծեց քիւրտերուն համար մահաբեր Իրաք-Իրան-Թուրքիա մերձեցում մը: Աւելի՛ն. Ասթանայի միջսուրիական երկխօսութեան ժողովի ծիրին մէջ գոյացած Ռուսիա-Իրան-Թուրքիա մերձեցումը վերջինիս արտօնեց մուտք գործել հիւսիսային Սուրիոյ Իտլիպ նահանգ` այդպիսով մեկուսացնելով Սուրիոյ

հիւսիսարեւմտեան քրտաբնակ Աֆրին քաղաքը եւ Իրաքէն Միջերկրական ծով երկարող քրտական միջանցքին ճամբան փակելով:

Քրտական գործօնին համար ստեղծուած բացասական կացութիւնը հակակշռելու համար քիւրտերու հովանաւոր Միացեալ Նահանգները անմիջապէս ձեռնարկեցին հակաքայլերու` թիրախ դարձնելով Իրանի հովանաւորութիւնը վայելող Հըզպալլան: Ահա թէ ինչո՛ւ անցեալ ամսուան վերջաւորութեան ամերիկեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներ սկսան խիստ յայտարարութիւններ կատարել Հըզպալլայի դէմ: Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Մայք Փենս յայտարարեց. «Հըզպալլան ահաբեկչական խմբաւորում մըն է եւ ահաբեկչութեան հիմնական հովանաւոր Իրանի մէկ մասնաճիւղը»: Միացեալ Նահանգներու Ազգային ապահովութեան խորհրդատու զօր. Հըրպըրթ Մաքմասթըր յայտարարեց. «Կը կարծեմ, որ Միացեալ Նահանգներն ու Հըզպալլան կ՛ուղղուին դէպի դիմակայում», աւելցնելով.

«Մեզի եւ բոլոր երկիրներուն համար կարեւորագոյնը Հըզպալլա կոչուած ախտը դիմակայելն է»: Քանի մը ժամ ետք Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տունը Իրանի եւ Հըզպալլայի դէմ նոր պատժամիջոցներ որդեգրեց:

Միւս կողմէ` Սուրիոյ բանակն ու անոր դաշնակիցները` առաջին հերթին Հըզպալլան,  յաջողեցան ազատագրել  Տէր Զօրը, ինչպէս նաեւ` Իրաքի սահմանակից Պուքամալ քաղաքը:Ատոր զուգահեռ, իրաքեան բանակն ու շիիներէ կազմուած աշխարհազօրը յաջողեցան ազատագրել Քայեմ քաղաքը: Սուրիոյ եւ Իրաքի բանակներու սահմանին վրայ իրարու հանդիպումով իրողութիւն դարձաւ Իրանէն Լիբանան երկարող իրանեան միջանցքը, ինչ որ ուժեղ հարուած մըն էր ամերիկեան ճամբարին համար: Վերջիններս բնականաբար ձեռնածալ չմնացին եւ այժմ փորձ կը կատարեն հարուածելու այդ միջանցքի վերջին օղակին` Լիբանանի կայունութիւնը` մեկնելով իրենց այն համոզումէն, որ Լիբանան կը գտնուի Հըզպալլայի, իմա՛ Իրանի,  տիրապետութեան տակ:

Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրի չորեքշաբթի, 1 նոյեմբերին Սէուտական Արաբիայէն Լիբանան վերադառնալով` յայտարարեց, թէ Սէուտական Արաբիան նախանձախնդիր է Լիբանանի կայունութեան, սակայն 48 ժամ ետք, հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստանալէ եւ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի միջազգային հարցերու խորհրդատու Ալի Աքպար Վիլայեթիի հետ հանդիպումէն ետք, դարձեալ վերադարձաւ Ռիատ, ուրկէ ալ շաբաթ, 4 նոյեմբերին Իրանի եւ Հըզպալլայի դէմ կարծր կեցուածքներ արտայայտելէ եւ իրեն դէմ մահափորձի վարկածի մը ակնարկելէ ետք, յայտարարեց իր հրաժարականը` անակնկալի մատնելով բոլոր լիբանանցիները, որոնց մտքերուն մէջ յառաջացան երկու հարցումներ. առաջին` իրենց վարչապետը ինչո՞ւ իր հրաժարականը  յայտարարեց Սէուտական Արաբիայէն եւ ոչ թէ,  լիբանանեան աւանդութեան համաձայն, նախագահին հետ հանդիպելէ ետք, Պաապտայի պալատէն.երկրորդ` անցնող մէկ տարուան ընթացքին Լիբանանի մէջ տիրած քաղաքական համերաշխութեան լոյսին տակ, ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել վարչապետի հրաժարականի քայլը: Այս հարցումներուն պատասխանը պէտք է փնտռել Ռիատի մէջ:

Մինչ Դիմադրութեան ճամբարին արձանագրած յաջողութիւններուն դիմաց Ուաշինկթընի կատարած հակաքայլը հաւասարակշռուած էր եւ կը սահմանափակուէր Հըզպալլայի դէմ նոր պատժամիջոցներու հաստատումով, Սէուտական Արաբիան շրջանին մէջ իր կրած կորուստներուն եւ Եմէնի դէմ պատերազմին մէջ արձանագրած ձախողութենէն ջղագար դարձած` Եմէնի հուսիներուն կողմէ Ռիատի միջազգային օդակայանին դէմ արձակուած թեւաւոր հրթիռի դէպքը շահագործեց եւ իր անհամաչափ հակազդեցութեամբ վտանգեց Լիբանանի կայունութիւնը, բան մը, որ կը մերժեն ամերիկեան եւ եւրոպական կողմերը:

Իսկ ճիշդ ի՞նչ կ՛ուզէ Սէուտական Արաբիան, որ վարչապետ Հարիրիի հրաժարականէն քանի մը օր առաջ, նոյնինքն վարչապետ Հարիրիի վկայութեամբ, կը յայտարարէր, որ նախանձախնդիր է Լիբանանի կայունութեան: Սէուտական Արաբիոյ` Ծոցի երկիրներու հարցերու պետական նախարար Թամեր Սապհան 6 նոյեմբերին «Արապիյա» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին կատարեց շարք մը յայտարարութիւններ, ինչպէս` «Սէուտական Արաբիա քաղաքական եւ այլ բոլոր միջոցները պիտի որդեգրէ Հըզպալլային դիմադրելու նպատակով: Լիբանանի կառավարութիւնը պիտի նկատենք պատերազմի յայտարարութեան կառավարութիւն` Հըզպալլայի պատճառով»: Ան տողատակի սպառնալով` շեշտեց, որ լիբանանցիները խաղաղութեան կամ Հըզպալլայի հովանիին միջեւ ընտրութիւն պէտք է կատարեն, եւ` «լիբանանցիներն են, որ պիտի որոշեն, թէ Սէուտական Արաբիոյ հետ հարցերը ինչպէ՛ս պիտի լուծուին»:

Այս յայտարարութիւններէն մեկնելով` կարելի է եզրակացնել, որ Ռիատի պահանջը կազմութիւնն է լիբանանեան նոր կառավարութեան մը, որուն մաս պէտք չէ կազմէ երկրի մեծագոյն ընկերային ու քաղաքական ուժերէն մէկը եղող Հըզպալլան,  ինչպէս նաեւ` լիբանանեան պետութեան կողմէ անոր սանձումը: Իսկ այն իրողութիւնը, որ Լիբանանի վերաբերեալ այդ յայտարարութիւնները կատարողը Ծոցի հարցերու պատասխանատու մըն է, ցոյց կու տայ, որ Հըզպալլայէն անդին` թիրախը Իրանն է, բան մը, որ ան բացայայտ դարձուց երբ պնդեց, որ Լիբանանը առեւանգուած է Հըզպալլայի եւ Իրանի կողմէ:

* Արտասատնուած Թեհրանի մէջ կայացած «
հայ դատը այսօր» 13-խորհրդաժողովին

 

Տարածաշրջանային Հիմնահարցերու Քննարկումը` «Հայ Դատն Այսօր» 13-րդ Խորհրդաժողովի Ընթացքին

$
0
0

Հաղորդումը պատրաստեց` ՍԻՒՆԷ ՖԱՐՄԱՆԵԱՆ

Թեհրանի Հայ դատի յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ, նոյեմբեր 16-ին եւ 17-ին Իրանի Հայ արհեստաւորներու միութեան «Արամ Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ դատն այսօր» 13-րդ խորհրդաժողովը, որ խորագրուած էր` «Հայ դատը տարածաշրջանային վերջին իրադարձութիւններու ծիրին մէջ:

Երկու օր տեւած համապարփակ եւ բովանդակալից քննարկումներու ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ծաւալող աշխարհաքաղաքական իրադարձութիւններուն եւ անոնց հնարաւոր ազդեցութեան` Հայ դատի պահանջատիրական պայքարի գործընթացին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի, Արցախի եւ ողջ հայութեան վրայ: Զեկուցաբերները փորձեցին վեր հանել հիմնական խնդիրները, առանձնացնել մարտահրաւէրները եւ մատնանշել անոնց յաղթահարման հնարաւոր ուղիները:

«Հայ դատն այսօր» 13-րդ խորհրդաժողովին որպէս զեկուցաբերներ հանդէս եկան` Հայաստանէն, Արցախէն, Լիբանանէն եւ Թուրքիայէն հրաւիրեալներ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերով գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանը, ԵՊՀ միջազգային յարաբերութիւններու եւ դիւանագիտութեան ամպիոնի վարիչ, ԵՊՀ Հայագիտական կեդրոնի հայ-քրտական առնչութիւններու բաժինի վարիչ Վահրամ Պետրոսեանը, քաղաքագէտ, «Կլոպալիզացիայի եւ տարածաշրջանային համագործակցութիւններու վերլուծական կեդրոն»-ի տնօրէն Ստեփան Գրիգորեանը, ԵՊՀ իրանագիտութեան ամպիոնի դասախօս Արմէն Իսրայէլեանը, ԼՂՀ ԱԺ փոխնախագահ, Արցախի ՀՅԴ ԿԿ-ի անդամ Վահրամ Բալայեանը, Լիբանանի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ, «Ազդակ» օրաթերթի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեանը, Լիբանանի Հայ դատի յանձնախումբի անդամ Պետօ Տեմիրճեանը, Պոլիս տպագրուող «Ակօս» պարբերականի հայերէն բաժնի խմբագիր Բագրատ Էստուկեանը, ինչպէս նաեւ իրանահայ զեկուցաբերներ` Իսլ. խորհրդարանին մէջ Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր դոկտ. Կարէն Խանլարեանը, ազգային-հասարակական գործիչ Հենրիք Խալոյեանը եւ Թեհրանի Հայ դատի յանձնախումբի փոխնախագահ Գրիգոր Ղազարեանը:

Խորհրդաժողովին հիւրաբար ներկայ էին նաեւ Իրաքի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Խաժակ Վարդանեանն ու Սուրիոյ Հայ դատի յանձնախումբի անդամ Սեւակ Կիւլվանէսեանը:

Թեմաթիք քննարկումներուն յաջորդեց նոյեմբեր 17-ի երեկոյեան կազմակերպուած «Talk show»-ն, որուն թեման էր` «Անկախ Քիւրտիստանը, տարածաշրջանային քարտէզի փոփոխութիւնը եւ անոնց ազդեցութիւնը Հայ դատի հոլովոյթին վրայ»: Հետաքրքրական եւ բազմաբնոյթ քննարկման ընթացքին «Talk show»-ի մասնակիցները` Կիրօ Մանոյեանը, Ստեփան Գրիգորեանը, Վահրամ Պետրոսեանը, Արմէն Իսրայէլեանը, Բագրատ Էստուկեանը եւ Կարէն Խանլարեանը փորձեցին վեր հանել իրաքեան Քիւրտիստանի մէջ ընթացող իրադարձութիւններու բոլոր կողմերը, հնարաւոր զարգացումներն ու անոնց անմիջական ազդեցութիւնը տարածաշրջանի, ինչպէս նաեւ Հայ դատին վրայ:

Տարածաշրջանային Իրադարձութիւնները`
«
Հայ Դատի Այսօր»-ի Ոսպնեակէն

Թեհրանի Հայ դատի յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ, նոյեմբեր 16-ին եւ 17-ին Իրանի Հայ արհեստաւորներու միութեան «Արամ Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ դատն այսօր» 13-րդ խորհրդաժողովը, որ խորագրուած էր «Հայ դատը տարածաշրջանային վերջին իրադարձութիւններու պարունակին մէջ»:

Խորհրդաժողովի բացումը կատարեց Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Իսակ Իւնանէսեանը, որ բեմ հրաւիրեց խորհրդաժողովի առաջին նախագահ «alikonline»-ի խմբագիր Արամ Շահնազարեանը, որ նախ ներկայացուց, թէ ինչո՛ւ ընտրուած է այս թեման եւ ի՛նչ նպատակներ կը հետապնդէ խորհրդաժողովը, ապա ներկայացուց խորհրդաժողովին հրաւիրուած հիւրերը` Հայաստանէն, Արցախէն, Լիբանանէն, Իրաքէն եւ Սուրիայէն, իսկ յետոյ բեմ հրաւիրեց խորհրդաժողովի միւս նախագահները` Վարուժ Յովհաննիսեանը եւ Դերենիկ Մելիքեանը:

Այնուհետեւ ամպիոն հրաւիրուեցաւ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգսեանը, որ իր ելոյթի ընթացքին նշեց. «Հայ դատը հաւատքին համազօր իրականութիւն է: Այն վստահութիւն ներշնչող իրականութիւն է, որ մեզ կը մղէ մտորելու, ուստի պէտք է բոլորս աշխատինք իմաստութեամբ եւ մեր ժողովուրդի նպատակը իրականացնելու ուղղութեամբ»:

Սրբազան հօր ելոյթէն ետք ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանը, որ իր ելոյթի ընթացքին ողջունելով խորհրդաժողովի կազմակերպումը` յայտնեց. «Հայ դատն այսօր»-ը, արդէն 13 տարի է կը գումարուի եւ իսկապէս մեծ դերակատարութիւն ունի մեր քաղաքական մտածողութեան զարգացման մէջ, ուր յաճախ կը բարձրացուին օրակարգային թեմաներ, եւ պատահական չէ, որ Թեհրանի Հայ դատի յանձնախումբը կը կազմակերպէ նման խոհրդաժողովներ, քանի որ Իրանը աշխարհաքաղաքական առումով շատ մօտ է ե՛ւ Հայաստանին, ե՛ւ Արցախին, հետեւաբար լաւատեղեակ է տարածաշրջանային զարգացումներուն»:

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը նշեց, որ «Հայ դատն այսօր»-ի բարձրաձայնած խնդիրները արդիական բնոյթ կը կրեն, եւ անիկա կը շօշափէ մեր ժողովուրդի հարցերն ու խնդիրները հիմնականին մէջ արդիական իմաստով:

Բանախօսը համոզուած ըլլալով հայ ժողովուրդին մէջ կազմաւորուած համընդհանուր գիտակցութեան, որ միացեալ հայրենիքի գաղափարն է, նշեց. «Հայ դատը ոչ թէ լուծուելու հարց է, այլ կը լուծուի, քանի որ միացեալ հայրենիքի մէկ մասնիկը, որ Արցախն է, արդէն միացած է Հայաստանին, հետեւաբար մեզի կը մնայ լուծել Արեւմտեան Հայաստանի հարցը, որ պէտք է պահանջել Թուրքիայէն»:

Կիրօ Մանոյեանի ելոյթին յաջորդեց Թեհրանի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Իսակ Իւնանէսեանի զեկոյցը, որուն ընթացքին ան ներկայացուց վերջին 2 տարիներու ընթացքին յանձնախումբին ծաւալած գործունէութիւնն ու կատարած աշխատանքները:

Զեկուցաբերներուն մէջ էր նաեւ Լիբանանի Հայ դատի յանձնախումբի անդամ Պետօ Տեմիրճեանը, որ տարիներ շարունակ աշխատանք ծաւալած է Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակին մէջ: Պետօ Տեմիրճեանը անդրադառնալով ծաւալուն աշխատանքներուն Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբերու, որոնք կը գործեն Եւրոպայի տարբեր քաղաքներուն մէջ, յատկապէս նշեց Եւրոպայի մէջ Արցախի ճանաչման գործին մէջ ունեցած ուղղուածութիւնը, որ կ՛իրականացուի տարբեր քարոզչական աշխատանքներով: Ան իր ելոյթին մէջ ըսաւ. «Այս տարի կարելի եղաւ կազմել խորհրդարանականներու խումբեր, որոնք Արցախի հետ կը սկսին համագործակցիլ, ինչ որ կը նպաստէ Արցախի ճանաչման»:

Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակի աշխատանքներու զեկոյցը ներկայացուց Կիրօ Մանոյեանը, որ համապարփակ կերպով ներկայացուց Հայ դատի կեդրոնական յանձնախումբին գործունէութիւնը: Լայնածաւալ գործունէութեան զեկոյցը ներկայացնելով` ան նշեց. «Հայ դատի կեդրոնական յանձնախումբը իր ծաւալուն աշխատանքներով կ՛օժանդակէ Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող օրէնքներու որդեգրման` տեղական, համադաշնակցային եւ միջազգային մակարդակներով եւ ուշադրութիւն կը հրաւիրէ հայ ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի խախտման վրայ»: Մանոյեան անդրադառնալով Հայ դատի 100-ամեակէն ետք առկայ մարտահրաւէրներուն եւ հեռանկարին` ընդգծեց այն փաստը, որ Հայ դատն արդէն անցած է մէկ այլ փուլ, ուր ճանաչումէն բացի` օրակարգի վրայ է «հատուցման» հարցը, որուն ուղղութեամբ ալ կ՛աշխատի յանձնախումբին կողմէ Միացեալ Նահանգներուն մէջ կեանքի կոչուած «Հայկական իրաւական կեդրոն»-ը: Ըստ Կիրօ Մանոյեանին, «Կեդրոն ազգային եւ միջազգային ատեաններու ու հարթակներու միջոցով կը փորձէ հասնիլ Հայոց ցեղասպանութեան խնդիրի արդարացի լուծման եւ պաշտպանել Արցախի անկախութեան իրաւունքը: Անիկա կը գտնուի Ուաշընկթընի մէջ եւ կ՛աշխատի միջազգային ասպարէզին մէջ` իր ուշադրութիւնը սեւեռելով հատուցման հասնելու համար բոլոր հնարաւորութիւններուն վրայ: Կեդրոնի վարչութեան կ՛անդամակցին թէ՛ Հայաստանէն եւ թէ՛ սփիւռքահայ համայնքներէն»: Հայ դատի եւ հայոց պահանջատիրութեան այժմեան փուլի քննարկումներուն մաս կը կազմէր Կիրօ Մանոյեանի եւ Հենրիք Խալոյեանի ելոյթները:

Հենրիք Խալոյեանի համոզումով, «Հայ ժողովուրդի արդարացի դատի մէկ մասնիկը արդէն իրականացուած է, սակայն այսօր մեր երիտասարդութեան մէջ առկայ է անորոշութիւն»: Ան իր ելոյթին մէջ մէջբերեց Կոստան Զարեանի խօսքը. «Երբ ազգերը կը խեղճանան եւ պատմական կարեւորութենէ կը զրկուին, զանոնք կ՛արհամարհեն եւ կը կողոպտեն»: Հենրիք Խալոյեանը կարեւորելով ազգային ռազմավարական ծրագիրները` յայտնեց. «Չեմ կրնար ազգային ռազմավարութիւնը տարանջատել Դաշնակցութեան գաղափարէն, անիկա պէտք է ընդգրկէ եւ համադրէ հայ ազգային, քաղաքական, ընկերային, հասարակական եւ մշակութային արժէքներ, նպատակներ, եւ գործունէութիւնը դառնայ ի խնդիր հայրենիքի ամրապնդման եւ ազգի ինքնահաստատման, անիկա պէտք է տարբերի Հայաստանի պետական քաղաքականութենէն եւ իր մէջ պարունակէ նաեւ համազգային նպատակներ»: Ըստ Խալոյեանի, հատուցման մէջ պէտք է կիրարկել 5 կարեւոր գործօններ, որոնք են` պատիժը, ճանաչումն ու յիշատակումը, ոճրագործ կառավարութեան գործընթացը, որ պէտք է ցուցաբերէ աջակցութիւն հայերուն եւ Հայաստանին, Թուրքիոյ առողջացումը եւ գոյքի վերադարձը, որուն մէջ ընդգրկուած է մահուան դիմաց փոխհատուցումը:

Հենրիք Խալոյեանի զեկոյցին յաջորդեց նոյն նիւթով Կիրօ Մանոյեանին զեկոյցը, որով ան կեդրոնանալով Հայ դատի` Թուրքիայէն ունեցած պահանջներուն ըսաւ. «Ըստ եղած ուսումնասիրութիւններուն, ցեղասպանութիւնները կը կատարուին պետութեան մը կողմէ իր քաղաքացիներուն նկատմամբ, եւ ատոր փոխհատուցումը չէ սահմանուած միայն տարածքներով, սակայն մեր հողերու վերադարձը ամրագրուած է, որպէսզի Ցեղասպանութեան հետեւանքները վերացուին»: Կիրօ Մանոյեանը իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ Սեւրի դաշնագիրին, Վուտրօ Ուիլսընի Իրաւարար վճռի կարեւորութեան, ճանապարհային քարտէս ունենալու անհրաժեշտութեան եւ հայ-թրքական արձանագրութիւններուն:

Յատկանշական է, որ իւրաքանչիւր զեկուցաբերի ելոյթէն ետք լսարանի հարցումներու եւ տեսակէտներու ներկայացման առիթ կը տրուէր, որոնց արդիւնք կ՛ըլլային բուռն քննարկումներ:

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատուն պատասխանելով Սեւրի դաշնագիրին իրաւական կարեւորութեան հարցին մասին, յայտնեց, որ անիկա ունի քաղաքական եւ ոչ թէ իրաւական արժէք:

Իսլ. խորհրդարանի մէջ Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր Կարէն Խանլարեանին ելոյթը կը վերաբերէր գերտէրութիւններու եւ տարածաշրջանային խաղացողներու դերակատարութեան` Մերձաւոր Արեւելքի աշխարհաքաղաքական հեռանկարին մէջ: Կարէն Խանլարեանը կիսելով Կիրօ Մանոյեանին արտայայտած միտքերը` այնուամենայնիւ նշեց. «1919 թուականին տեղի ունեցած փարիզեան խորհրդաժողովին ժամանակ հայկական պատուիրակութեան մէջ գոյութիւն ունէր մէկ հարց` Հայաստանի Հանրապետութեան ազատագրումը, քանի որ մինչեւ այդ մարդկութեան դէմ ոճրագործութիւնները եւ կոտորածը մեր խնդիրը չէին եւ մեր օրակարգին վրայ կար պատմական հայրենիքի ազատագրումը»:

Ինչ կը վերաբերի Վուտրօ Ուիլսընի Իրաւարար վճիռին, դոկտ. Խանլարեանը նշեց, որ անիկա նոյնպէս Ցեղասպանութեան հետքերը մեղմացնելու համար չէր, այլ կը պատկերացնէր այնպիսի սահմաններ եւ տարածք, որ ռազմական եւ ռազմավարական առումով կ՛ապահովէր քանի մը տարիներու ապահով կեանք Հայաստանի համար: Կարէն Խանլարեանը անդրադառնալով մարդկութեան դէմ իրականացուած ոճրագործութիւններու փոխհատուցման միջոցներուն` յայտնեց. «Հողային փոխհատուցումը Ցեղասպանութեան հետքերը, ընդ որում` մարդու դէմ, իրականացուցած ոճրագործութիւններու փոխհատուցման համար չէ, այլ հողային պահանջատիրութիւնը, պատմական հայրենիքի ազատագրումը, հայ ժողովուրդի պահանջն է Թուրքիայէն»:

Ան իր ելոյթը եզրափակեց հետեւեալ միտքով. «Ցեղասպանութեան հատուցումը կորսնցուցած է իր անկիւնաքարը` հողային պահանջատիրութիւնը: Չսխալի՛նք, Թուրքիոյ ճանաչումով մենք ինքնաշխատ կերպով չենք անցնիր հողային պահանջատիրութեան»:

Զեկուցաբերներուն մէջ էր նաեւ ԵՊՀ միջազգային յարաբերութիւններու եւ դիւանագիտութեան ամպիոնի վարիչ, ԵՊՀ հայ-քրտական առնչութիւններու բաժինի վարիչ Վահրամ Պետրոսեանը: Ան վերլուծելով տարածաշրջանային զարգացումները` նշեց. «Իրաքեան Քիւրտիստանի անկախացումը տեղ մը կրնայ Թուրքիոյ համար դրական իրողութիւն ըլլալ»: Փորձագէտը նշեց. «Իրաքեան Քիւրտիստանը կրնայ դառնալ անվտանգութեան գօտի` անհանգիստ արաբական շրջանի ու Թուրքիոյ միջեւ: Ասկէ զատ, նաւթային եւ կազային աղբիւրներու վրայ իշխող Քիւրտիստանը Թուրքիան կը վերածէ ա՛լ աւելի մեծ ուժանիւթային աղբիւրներու խաչմերուկի, որովհետեւ արտահանման այլ ճանապարհ չ՛ունենար, եթէ Իրանը չմեղմացնէ իր դիրքորոշումը»:

Ինչ կը վերաբերի իրաքեան Քիւրտիստանի անկախացման հայկական տեսակէտէն, ապա` Վահրամ Պետրոսեանը նշեց, որ հանրաքուէի իրականացումը եւս մէկ անգամ կ՛ընդգծէ ազգերու ինքնորոշման գործօնը: Ասկէ զատ` իրաքեան Քիւրտիստանը ըլլալու է Թուրքիոյ ուշադրութիւնը դէպի հարաւ շեղող գործօն:

Գերտէրութիւններու եւ տարածաշրջանային խաղացողներու դերակատարութեան Մերձաւոր Արեւելքի աշխարհաքաղաքական հեռանկարի ընդհանուր պարունակի առաջին բաժինով քննարկուեցան Թուրքիոյ դերը եւ ներկայ աշխարհաքաղաքային կարգավիճակը, ուր ելոյթ ունեցաւ Թեհրանի Հայ դատի յանձնախումբի փոխնախագահ Գրիգոր Ղազարեանը: Ան անդրադառնալով 2023-ի Թուրքիոյ Հանրապետութեան 100-ամեակին` ըսաւ. «100-ամեայ հանրապետութեան շեմին կանգնած իշխանութեան տեսլականն է զարգացումը, որով կը փորձեն ա՛լ աւելի զարգացնել ե՛ւ տարածաշրջանային ազդեցութիւնը, ե՛ւ տնտեսութիւնը»:

Այնուհետեւ բեմ հրաւիրուեցաւ «Ակօս» թերթի հայկական բաժինի խմբագիր Բագրատ Էստուկեանը: Ան հաստատելով Թուրքիոյ քաղաքական տեսլականը, որ ներկայացուած էր Գրիգոր Ղազարեանի ելոյթին մէջ, համոզում յայտնեց, որ անիկա տարիներու ընթացքին ձեւաւորուած քաղաքականութիւն է, սակայն Տաւութօղլուի`«Զերօ խնդիրներ հարեւաններուն հետ» քաղաքականութիւնը որդեգրած Թուրքիան շատ հեռու կանգնած է իր արտաքին քաղաքականութեան համար ուրուագծած հեռանկարի իրականութենէն, որուն մեղաւորը նոյնինքն Թուրքիան է:

Ան նշեց, որ Թուրքիան հիմա ծանր վիճակի մէջ կը գտնուի երկրի ղեկավարութեան վարած արկածախնդիր քաղաքականութեան պատճառով: Որպէս օրինակ` ան նշեց ՏԱՀԵՇ-ին` Թուրքիոյ կողմէ ցուցաբերուած աջակցութիւնը, որուն մասին վկայեց ամբողջ աշխարհը: Էստուկեանը անդրադառնալով թուրք հասարակութիւնը յուզող հիմնահարցերուն` ընդգծեց գործազրկութիւնը, արտագաղթը, թոշակառուներու հարցերը եւ նշեց, որ քաղաքական անորոշութիւնը ստուեր ձգած է Թուրքիոյ վրայ: Ըստ անոր, թրքահայ համայնքին, ինչպէս եւ ամբողջ Թուրքիոյ մէջ այսօր մեծագոյն խնդիրը արտագաղթի ձգտումն է. «Շատերը կը ցանկան գաղթել, եւ ատիկա ի հարկէ  մեզի համար մտահոգութիւն է, «one way ticket»-ները օրէ օր աւելի կը շատանան», ըսաւ նա:

Բագրատ Էստուկեանը նշեց, որ Թուրքիոյ համար անհրաժեշտ է ժողովրդավարական սկզբունքներով պետութեան ձեւաւորումը` աւելցնելով. «Մարդասպանութեան, խաբկանքի, եւ սուտի վրայ 1923-ին թուրք պետութեան հիմնումը սխալ էր, հետեւաբար թող չգայ ոչ մէկ 2023, քանի որ ոճրագործ սիւներ ունեցած երկիրը պէտք է քանդուի ի շահ իր ժողովուրդի բարօրութեան»:

Զեկուցաբերներուն մէջ էր նաեւ Արցախի Հանրապետութեան ԱԺ նախագահի տեղակալ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահրամ Բալայեանը, որ լայնածաւալ բացատրութիւններ տուաւ Արցախի ներկայ քաղաքակական եւ հասարակական իրավիճակին, Արցախի ճանաչման նպաստող աշխատանքներուն, պատերազմի հաւանականութեան եւ ապագայ հեռանկարներուն մասին:

Համաձայն Բալայեանի, անհրաժեշտ է, որ  Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը տնտեսապէս ամրապնդուին, եւ ժողովուրդը լիայոյս, ամուր ոտքերով կանգնած ըլլայ իր հողին վրայ: Ան ըսաւ. «Հանրապետութիւնը գոյութիւն ունի, այսօր անիկա կը կերտուի  թէ՛ քաղաքական, թէ՛ տնտեսական, թէ՛ մշակութային առումով, եւ Արցախի ժողովուրդը լիայոյս է, որ միջազգային հանրութիւնը ըմբռնումով կը մօտենայ Արցախի ճանաչման»: ԼՂՀ ԱԺ փոխնախագահը պարզաբանեց. «Այսօր մեզի համար կարեւոր է, որ միջազգային հանրութիւնը ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը, որովհետեւ մեծ ցանկութիւն ունինք համարկուելու համաշխարհային հանրութեան հետ»:

«Հայաստանը բեւեռներու միջեւ – Ե՞Մ, թէ՞ ԵԱՏՄ» նիւթին անդրադարձաւ քաղաքագէտ, «Կլոպալիզացիայի եւ տարածաշրջանային համագործակցութեան վերլուծման կեդրոն»-ի ղեկավար Ստեփան Գրիգորեանը:

Ստեփան Գրիգորեանը դահլիճին ուշադրութիւնը հրաւիրեց օրակարգի տնտեսական մասին վրայ, քանի որ ԵԱՏՄ-ն ի սկզբանէ կը ներկայացուէր իբրեւ տնտեսական կառոյց: Ըստ Գրիգորեանի, «2016 թուականին Հայաստանէն ԵԱՏՄ երկիրներ արտահանումները կազմած են 20 տոկոս: Արտահանումներու 80 տոկոսէն աւելին բաժին  կ՛իյնայ եւրոպական պետութիւններուն, ապա` Չինաստանին, Վրաստանին, Իրանին եւ այլն»: Այս թիւերը, ըստ անոր ուղղակի ապացոյց են հասարակական այն տրամադրութիւններուն, որ Հայաստանի անդամակցութիւնը ԵԱՏՄ-ին` մեզի ոչինչ տուած է:

Ան նաեւ յիշեցուց, որ ԵԱՏՄ կողմնակիցները կը հաւաստիացնէին, որ միութեան անդամակցիլը շահաւէտ է Հայաստանի Հանրապետութեան համար, որ` Եւրասիական տարածքը մեզի ծանօթ է, գործարքի համար բարդութիւն չ՛առաջացներ, դրական միջավայր է, չկայ լեզուի խնդիր, հայկական ապրանքները մրցակից կ՛ըլլան ԵԱՏՄ-ի մէջ եւ` ամենակարեւորը, կ՛ըսէին, որ միութեան անդամակցութիւնը կը լուծէ մեր անվտանգութեան խնդիրը: Բայց ժամանակը, ըստ վերլուծաբանին` ցոյց տուաւ, որ բացի բացասականէն` ԵԱՏՄ-ն Հայաստանին տուաւ գրեթէ ոչինչ:

«Մենք, սակայն, կ՛ըսէինք, որ չունինք ցամաքային սահման ԵԱՏՄ անդամ որեւէ պետութեան հետ, իսկ ասիկա արդէն կը սահմանափակէ. դուն չես կրնար դիւրութեամբ հատել այդ երկիրներուն սահմանները: Մարդիկ չեն կրնար դուրս բերել իրենց ապրանքը Ռուսիա, որովհետեւ ցամաքային միակ սահմանը` Վրաստանի Վերին Լարսը, տարուան կէսը փակ է, այնտեղ մարդոցմէ գումար կը շորթեն», ըսաւ Գրիգորեանը:

Յատկանշական է, որ փորձագէտներու ունեցած ելոյթներուն ժամանակ քննարկումներ կ՛ընթանային քննուող նիւթերուն շուրջ, ինչ որ ալ կը ձեւաւորէր ընկերային-քաղաքական զարգացած համընդանուր միտք, ինչպէս նաեւ քաղաքական տարբեր բեւեռներ, ինչ որ անհրաժեշտ էր խորհրդաժողովի արդիւնաւորման համար:

Ստեփան Գրիգորեանի ելոյթի ժամանակ ալ հնչեցին ե՛ւ թեր, ե՛ւ դէմ տեսակէտներ: Մասնաւորապէս լսարանի արտայայտած դէմ կարծիքներէն էր այն համոզումը, որ Հայաստանի Հանրապետութեան  ԵՄ-ին անդամակցութիւնը էական վնաս կը հասցնէ ե՛ւ ազգային անվտանգութեան, ե՛ւ տնտեսութեան:

Հնչած կարծիքներուն անդրադառնալով քաղաքագէտը զգուշացուց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսութիւնը Ռուսիոյ հետ կապելը, որ պատժամիջոցներու ենթակայ է եւ ճգնաժամ կ՛ապրի, բացասական հետեւանքներ կ՛ունենայ Հայաստանի վրայ:

Համաձայն փորձագէտին, այսօր Հայաստանին պէտք են այլընտրանքներ: ԵԱՏՄ-ն թէ՛ ներքին, թէ՛ արտաքին համարկման գործընթացներու եւ թէ՛ տնտեսական հզօրութեան տեսանկիւնէն թերի կառոյց է` մշուշոտ հեռանկարով, հիմնականին մէջ կեդրոնացած է Միջին Ասիոյ, արեւելքի եւ Ծայրագոյն արեւելքի ոչ այնքան զարգացած երկիրներուն հետ համագործակցութեան հեռանկարին վրայ:

Խորհրդաժողովին զեկոյցներով հանդէս եկաւ նաեւ Լիբանանի Հայ դատի յանձնախմբի նախագահ, «Ազդակ» օրաթերթի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեանը, որ անդրադարձաւ Լիբանանի վերջին զարգացումներուն եւ մատնանշեց անոնց ազդեցութիւնը` տարածաշրջանային յարաբերութիւններուն վրայ:

Աւարտին, առիթ տրուեցաւ Սուրիոյ եւ Իրաքի ներկայացուցիչներ` Սեւակ Կիւլփանոսեանին եւ Պասրայի Հայ դատի գրասենեակի անդամ Խաժակ Վարդանեանին ներկայացնելու երկու համայնքներու ներկայ իրավիճակը:

 

* * *

 

Եւ այդպէս կը ձեւաւորուի եւ կը զարգանայ 21-րդ դարու հայ քաղաքական իր կից քաղաքագիտա-մեկնաբանական պարագաներով: Ըստ իս, քաղաքական իրադարձութիւններուն հետ կապուած հասարակութեան մէջ նկատուող անորոշութիւնն ու  անվստահութիւնը յաճախ պայմանաւորուած են քաղաքական թոյլ մշակոյթով եւ տեղեկացուած չըլլալու իրողութեամբ, որուն հետեւանքը կ՛ըլլայ, որ անսովորն ու անհասկանալին  հասարակութեան մէջ կը յառաջացնեն դժգոհութիւն եւ բացասական զգացումներ:

Նմանատիպ խորհրդաժողովները կոչուած են հասարակութեան մէջ ապահովելու քաղաքական մտքի ձեւաւորումն ու զարգացումը` ընկալելի դարձնելով տարածաշրջանային հիմնահարցերը:

 

 

Քաղաքական Անդրադարձ. Ոչ Մարդասիրական Քաղաքականութիւնը

$
0
0

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

Փիթըր Ուվին իր «Aiding Violence; the Development Enterprise in Rwanda» խորագիրով գիրքին մէջ կը բացատրէ, թէ ինչպէ՛ս մարդասիրական ոչ կառավարական կազմակերպութիւններ ժխտական դեր ունեցան Ռուանտայի ցեղասպանութեան մէջ:

Ռուանտայի ցեղասպանութիւնը տեղի ունեցաւ 1994-ին: Շուրջ 100 օրուան ընթացքին մարդասիրական կազմակերպութիւններու եւ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան խաղաղապահ ուժերուն աչքին առջեւ սպաննուեցաւ մօտ 1 միլիոն անձ, որոնց  մեծամասնութիւնը թութսի ցեղախումբին կը պատկանէր: Ռուանտայի կառավարութիւնը մենաշնորհն էր հութու ցեղախումբին եւ կաթողիկէ եկեղեցւոյ, որոնք ծրագրեցին ցեղասպանութեան ենթարկել թութսիները:

Հետաքրքրական է, որ թութսիներու ցեղասպանութեան մեթոտը շատ մօտ էր Հայոց ցեղասպանութեան: Ցեղապաշտութիւնը եւ ատելութինը հսկայ դեր ունեցան այս ահաւոր ոճիրին մէջ, ապա հութու կառավարութիւնը գրաւեց թութսիներուն կալուածները եւ զանոնք բաժնեց հութուներուն:

Պատմութեան ընթացքին միշտ ալ հակամարտութիւն տեղի ունեցած էր այս երկու ցեղախումբերուն միջեւ, սակայն պելճիքական գաղութատիրութիւնը մեծապէս օժանդակեց, որ հութուները թափանցեն երկրի բանալի ասպարէզներուն մէջ եւ մեկուսացնեն թութսիները:

Երբ Ռուանտա անկախութիւն ստացաւ, արեւմտեան երկիրները սկսան հսկայական դրամական օժանդակութիւն տրամադրել կառավարութեան. 1994-ին Ռուանտայի պիւտճէին 70 առ հարիւրը ֆինանսաւորուած էր մարդասիրական կազմակերպութիւններուն կողմէ: Այս կազմակերպութիւնները կը բարելաւէին կառավարութեան դիմագիծը` միջազգային ատեաններուն մէջ եւ աչք կը փակէին կառավարութեան ոճիրներուն դիմաց: Իսկ երբ արդէն յստակ էր, որ երկրին մէջ կատարուածը ծրագրուած ցեղասպանութիւն է, այս կազմակերպութիւնները ոչ մէկ ճիգ թափեցին կասեցնելու անմարդկային ոճիրները, այլ ընդհակառակն, անոնք շարունակեցին իրենց բացասական աշխատանքը:

Հետաքրքրական է, որ նոյնիսկ Աֆղանիստանի պատերազմին ընթացքին արեւմտեան ոչ կառավարական կազմակերպութիւններ եւ Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը ամսական կը յատկացնէին ո՛չ միայն աֆղան մուժահետներու ընտանիքներուն, այլ նաեւ` անոնց, որոնք կը կռուէին խորհրդային ուժերուն դէմ: Ասիկա ցոյց կու տայ, որ ոչ կառավարական կազմակերպութիւնները կորսնցուցած էին իրենց չէզոքութիւնը եւ դրամական օգնութիւն տրամադրելով մուժահետներուն, գաղթականներուն մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու քողին տակ անոնք զուտ հակախորհրդային քաղաքականութիւն կը հետապնդէին եւ երկրին մէջ պատերազմին անուղղակիօրէն միջամուխ կ՛ըլլային:

Անշուշտ ասիկա չի նշանակեր, որ բոլոր մարդասիրական ոչ կառավարական կազմակերպութիւնները այսպէս են: Բազմաթիւ մարդասիրական կազմակերպութիւններ նոյնիսկ զոհեր տուին իրենց գործին ժամանակ, իսկ սուրիական տագնապին ընթացքին այս կազմակերպութիւնները ունեցան իրենց ժխտական կամ դրական դերը: Սակայն ժամանակը հասած է, որ վերատեսութեան ենթարկուին այս կազմակերպութիւններուն առաքելութիւնը եւ անոնց ետին կանգնող անձերն ու նպատակները:

Մարթին Լութըր Քինկ ըսած է. «Եթէ անարդարութեան ժամանակ դուն չէզոք ես, ապա դուն բռնակալին կողմնակից ես»: Այսօրուան իրավիճակը դժբախտաբար այս է. մարդասիրական քաղաքականութիւնը վերածուած է ոչ մարդասիրական քաղաքականութեան մը, եւ մեծ երկիրները իրենց քաղաքական օրակարգերը յառաջ մղելու համար ի նպաստ իրենց կ՛օգտագործեն այսպիսի կազմակերպութիւններ:

Yeghia.tash@gmail.com

Սեռային Հիմքի Վրայ Բռնութեան Դէմ 16-Օրեայ Արշաւին Առիթով

$
0
0

«ՔՆՆԱԿԱՆ ՈՍՊՆԵԱԿ». Սեռային հիմքի վրայ բռնութեան (gender based violence) դէմ 16-օրեայ արշաւը միջազգային քարոզարշաւ մըն է` ուշադրութիւն սեւեռելու համար կիներու նկատմամբ բռնութեան զանազան երեւոյթներուն վրայ, ինչպէս` բռնաբարութիւնը, բռնութիւնը տուժողներուն նկատմամբ, ընտանեկան բռնութիւնը, սպանութիւններ պատուի համար եւ այլ տեսակի բռնութիւններ` կիներու եւ աղջիկներու նկատմամբ:

Սեռային հիմքի վրայ բռնութեան դէմ 16-օրեայ արշաւը առաջին անգամ նախաձեռնուեցաւ Կիներու համաշխարհային առաջնորդութեան հիմնարկին կողմէ, 1991-ին:

Սոյն քարոզարշաւը ամէն տարի կը սկսի նոյեմբեր 25-ին եւ կը տեւէ մինչեւ դեկտեմբեր 10: Քարոզարշաւի նշանաւոր թուականներն են` նոյեմբեր 25` Կիներու նկատմամբ բռնութեան վերացման միջազգային օր, նոյեմբեր 29` Կիներու մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան միջազգային օր, դեկտեմբեր 1` ՍԻՏԱ-ի համաշխարհային օր, Միջազգային կամաւորական օր`տնտեսական եւ ընկերային զարգացման համար, դեկտեմբեր 6` Կիներու նկատմամբ բռնութեան յիշատակի եւ գործողութիւններու ազգային օր (Քանատայի մէջ) եւ դեկտեմբեր 10` Մարդու իրաւունքներու միջազգային օր եւ Մարդու իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագիրի յայտարարման միջազգային օր:

Ամէն տարի Սեռային հիմքի վրայ բռնութեան դէմ 16-օրեայ արշաւին կը ներկայացուին նոր թեմաներ, կամ ալ նախորդ թեմաները կը վերարծարծուին: Թեման կը կեդրոնանայ սեռային անհաւասարութեան որոշ կէտի մը վրայ, որուն ընդմէջէն աշխատանք կը տարուի ուշադրութեան առարկայ դարձնելու ընդհանրապէս կիներուն վիճակը հասարակութեան մէջ: Տարիներու ընթացքին հետեւեալները եղած են 16-օրեայ այս արշաւին արծարծած թեմաները. 1991 եւ 1992` «Կիներու նկատմամբ բռնութիւնը կը վտանգէ մարդու իրաւունքները», 1993` «Ժողովրդավարութիւն` ընտանիքին մէջ. ընտանիքներու ժողովրդավարութիւն. ժողովրդավարութիւն ամէն մարդու համար», 1994` «Ըմբռնում, պատասխանատուութիւն, գործողութիւն. կիներու նկատմամբ բռնութիւնը կը վտանգէ մարդու իրաւունքները», 1995` «Վիեննա, Գահիրէ, Քոփենհակըն, Փեքին. կիներու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը հայրենիք բերել», 1996` «Կիներու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը տուն բերել. իրականացնել մեր տեսլականները», 1997` «Մարդու իրաւունքները` հայրենիքի եւ աշխարհի մէջ», 1998` «Կառուցել մշակոյթ մը, որ կը յարգէ մարդու իրաւունքները», 1999` «Իրագործել բռնութենէն ազատագրման խոստումը», 2000` «Քարոզարշաւի 1Օ-ամեակի տօնակատարութիւն», 2001` «Ցեղապաշտութիւն եւ սեռապաշտութիւն. Ո՛չ եւս բռնութիւն», 2002` «Կերտել մշակոյթ մը, որ ոչ կ՛ըսէ կնոջ դէմ բռնութեան», 2003` «Կիներու նկատմամբ բռնութիւնը կը վտանգէ մարդու իրաւունքները. պահպանել 10 տարուան թափը Վիեննայէն ետք (նուիրուած` Վիեննայի յայտարարութեան 10-ամեակին)», 2004-2005` «Յանուն կիներու առողջութեան, յանուն աշխարհի առողջութեան. ոչ եւս բռնութիւն», 2006` «Տօնենք 16-օրեայ արշաւին 16-ամեակը. յառաջացնել մարդու իրաւունքները…վերջ կիներու դէմ բռնութեան», 2007` «Պահանջելով իրականացում. մարտահրաւէր կարդալ խոչընդոտներուն. վերջ` կիներու դէմ բռնութեան», 2008` «Մարդու իրաւունքներ` կիներուն համար, մարդու իրաւունքներ` բոլորին համար UDHR60 (Մարդու իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագիրի յայտարարութեան 60-ամեակ)», 2009` «Կատարեցէ՛ք, գործեցէ՛ք, պահանջեցէ՛ք. կրնանք վերջ դնել կիներու դէմ բռնութեան», 2010` «Բռնութեան կառոյցները. ռազմապաշտութեան եւ կիներու դէմ բռնութեան միջեւ միջահատութեան սահմանում», 2011-2014` «Հայենիքի խաղաղութենէն դէպի աշխարհի խաղաղութիւն. եկէք` մարտահրաւէր կարդանք ռազմապաշտութեան եւ վերջ դնենք կիներու բռնութեան», եւ վերջապէս 2015-2016` «Հայենիքի խաղաղութենէն դէպի աշխարհի խաղաղութիւն. կրթութիւնը պէտք է ապահով ըլլայ բոլորին»:

Հայկական իրականութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով` «Ազդակ»-ի խմբագրութեան հովանիին տակ գործող «Քննական ոսպնեակ» քննարկումներու երիտասարդական խմբակը պիտի բարձրացնէ կիներու իրաւունքներու հարցը այլ ազգային եւ ընկերային հարցերու կողքին: Այս տարի «Քննական ոսպնեակ» խմբակը մաս պիտի կազմէ Սեռային հիմքի վրայ բռնութեան դէմ 16-օրեայ քարոզարշաւին` սոյն սիւնակով «Ազդակ»-ի մէջ հրապարակելով յօդուածներ, տեղեկութիւններ եւ հարցազրոյցներ:

 

Խմբագրական. Բազմաշառաւիղ Քաղաքականութեան Գործադրութեան Կարեւոր Անկիւնադարձը

$
0
0

Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած արեւելեան գործընկերութեան համաձայնագիրը բազմաթիւ ուղղութիւններով հեռանկարային նոր հորիզոններ կ՛ուրուագծէ մեր երկրին համար:

Կար ընդհանուր տպաւորութիւն, որ այս առաջադրանքը առաւելաբար գերակայ էր մեր երկրին համար, որ Վիլնիւսի մէջ լուրջ խոչընդոտի հանդիպած էր իրականացնելու համար «Թէ-թէ»-ի վարքագիծը: Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) անդամակցութիւնը փաստօրէն խանգարած էր, որ Երեւանը ստորագրէ երկարատեւ բանակցութիւններու իբրեւ արդիւնք ընկերակցութեան համաձայնագիրը: Ըստ էութեան պաշտօնական Երեւանի վարքագիծը կը պահէր իր հետեւողականութիւնը: «Թէ-թէ»-ն կամ «Եւ-եւ»-ը փաստօրէն միաժամանակ անդամակցիլն էր ԵՏՄ-ին եւ ընկերակցիլն էր Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) կամ այլ հարթութեան վրայ անդամակցիլն էր ՀԱՊԿ-ին եւ գործակցիլն էր ՕԹԱՆ-ի հետ ու մասնակցիլը անոր ռազմափորձերուն:

Պրիւքսելն էր, որ անհամատեղելի կը նկատէր ԵՏՄ-ի անդամակցութենէն ետք ԵՄ-ի հետ ընկերակցիլը: Բայց շատ չանցած ԵՄ-ի Արեւելեան գործընկերութիւնը ի՛նք կը յայտարարէր, որ կ՛առաջադրէ նոր ձեւաչափով համաձայնագիր կնքել Երեւանի հետ:

Ի վերջոյ Երեւան-Պրիւքսել գործակցութիւնը ունի քառորդ դարեայ կենսափորձ, որ կ՛անցնի Հայաստանի Հանրապետութեան Եւրոպական խորհուրդի անդամակցութենէն, Համաեւրոպական տարբեր կառոյցներու Երեւանի աշխուժ մասնակցութեան բազմաթիւ փաստերէն, հասնելու համար երկու տարի առաջ գումարուած Ռիկայի վեհաժողովին Հայաստանի Հանրապետութեան ստանձնած պարտաւորութիւնները, որոնք ենթահող պատրաստեցին Արեւելեան գործընկերութեան նոր համաձայնագիրի կնքման:

Այս համաձայնագիրը ունեցաւ անշուշտ իր ոդիսականը: Թէ՛ եւրոպացի եւ թէ՛ հայ վերլուծաբաններ ակնարկեցին պրիւքսելեան վեհաժողովին համաձայնագիրին պատրաստ չըլլալուն, Մոսկուայի արգելակման միտումներուն եւ որոնց արդիւնք Վիլնիւսի բեմագրութեան կրկնուելու հաւանականութեան:

Հայաստանի Հանրապետութեան ԵՏՄ-ին անդամ ըլլալու փաստը յատուկ նշանակութիւն կու տայ այս համաձայնագիրին` նկատի ունենալով այս պարագային մեր երկրի եզակի հանգամանքը, կարգավիճակը եւ ատով իսկ «Թէ-թէ»-ն ո՛չ միայն Հայաստանին վերաբերած ըլլալը, այլ նաեւ Պրիւքսելին:

Հիմա պէտք է նկատել ուրեմն առաջադրանքներու կամ շահերու մէկտեղման երեւոյթը: Նախ Պրիւքսելի պարագային նկատելին այն է, որ Պրիւքսելը ի՛նք էր, որ Վիլնիւսի տապալման անմիջապէս յաջորդող ժամանակաշրջանին առաջադրեց նոր ձեւաչափով համաձայնագիրի պատրաստութեան անհրաժեշտութիւնը: Ի վերջոյ ԵՄ-ն եւս տարածաշրջանին մէջ գործընկեր պետութիւններու հետ դեր ստանձնելու քաղաքական բնական միտումները ունի եւ այս պարագային Հայաստանի Հանրապետութիւնը մանաւանդ իբրեւ քաղաքակրթական կամրջող միջավայր առաջնային դեր կը ստանձնէ եւրոպական հայեցակէտէ դիտուած: Փաստօրէն Հայաստանը որակուած է իբրեւ տարբեր համարկումի կառոյցներ մերձեցնող երկիր` առաջնորդելով շահերու հաշտեցման ու համադրման, համագործակցութեան եւ  համակեցութեան ոգիով:

Այս հիմնաւորումով ալ կը բացատրուի, որ Արեւելեան գործընկերութեան համաձայնագիրի նշանակութիւնը չի սահմանափակուիր Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն գործընկերութեամբ, այլ Հայաստանին կը վերապահէ կարմջողի աշխարհաքաղաքական դերակատարութիւն:

Եւ եթէ մէկ կողմէ Պրիւքսելը այս կարգավիճակը արժեւորելով կը համակարգէ իր իրաւաքաղաքական սլաքները Երեւանի հետ, ապա Մոսկուան եւս կը յայտարարէ, որ յարգանքով կը վարուի Երեւանի ընտրանքին հետ:

Քաղաքական իրատեսութիւնը կը համոզէ, որ նոր համաձայնագիրը Երեւանը ո՛չ միայն համաձայնեցուցած կ՛ըլլայ Մոսկուայի հետ, այլեւ Մոսկուան ինք եւս որոշ շահագրգռուածութիւն կ՛ունենայ իր գլխաւորած ԵՏՄ-ի անդամ պետութեան նման կարգավիճակ ստանձնելու իրականութեամբ:

Աշխարհագրական, քաղաքական, քաղաքակրթական եւ աշխարհաքաղաքական պայմաններու նկատառումով Երեւանի ստանձնած դերակատարութեան ընդգծումը պէտք է տեսնել Արեւելեան գործընկերութեան Համապարփակ եւ ընդլայնուած այս համաձայնագիրին էջերուն մէջ: Փաստօրէն, Երեւանի որդեգրած բազմաշառաւիղ քաղաքականութեան կիրարկման համար  ռազմավարական ուղղութիւն հարթող մեկնարկ պէտք է սեպել այն, ինչ որ ձեռք բերաւ մեր երկիրը իբրեւ պատմական փաստաթուղթ Պրիւքսելի մէջ:

Ռուբեն Տէր Մինասեան (1882-1951թթ.) – Նշանաւոր յեղափոխականն ու պետական գործիչը

$
0
0

Ն. Պ.

Հայ ազատամարտի պատմութեան մէջ իր ուրոյն տեղը ունի Ռուբէնը` Ռուբէն Տէր Մինասեան կամ Ռուբէն փաշան: Հերոսութիւններով ու բազմաչարչար մաքառումներով լեցուն է այս հայորդիին կեանքը: Ռուբէն այն անհատներէն էր, որուն համար հայրենիքի ազատութիւնը եւ բարօրութիւնը գերագոյն նպատակ էր: Ան հայ յեղափոխական այն սերունդէն էր, որ մաքառեցաւ Արեւմտեան Հայաստանի ազատութեան համար եւ մասնակից դարձաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ստեղծման:

Ռուբէն ծնած է 1882 թուականին, Ախալքալաք: Իր նախնական ուսումը ստացած է ծննդավայրի ծխական դպրոցին մէջ: Այնուհետեւ մեկնած է Էջմիածին եւ ուսումը շարունակած` «Գէորգեան» ճեմարանին մէջ: Պատանի տարիքէն Ռուբէնը կ՛երազէր «Հայաստան» երթալ: Ան կրցած էր հասկնալ, թէ բուն Հայաստանը ռուսական սահմանին միւս կողմն է, այսինքն` Տաճկահայաստանը:

Քսան տարեկանին կը մտնէ ռուսական բանակին մէջ` պահեստի սպայի աստիճանով: Ապա կ՛անցնի Մոսկուա` որպէս «Լազարեան» ճեմարանի բարձրագոյն դասընթացքի ուսանող: Մոսկուա եղած ժամանակ կը մասնակցի յեղափոխական ուսանողներու խմբական գործունէութեան եւ կ՛անդամագրուի Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան շարքերուն:

Ռուբէն ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերուն մէջ առաջին իսկ օրէն կրցաւ աչքառու դէմք դառնալ իր կուսակցական պատասխանատուութիւններու իրագործման մէջ:

1903-ին Մոսկուայէն կ՛անցնի Թիֆլիս` Երկիր անցնելու որոշումով: Այդ օրերուն հայ յեղափոխականները երկու հնոցներ ունէին, Սասուն եւ Պաթում, Ռուբէն կը նախընտրէ Սասունը: Իր առաջին գործունէութեան փորձառական դաշտը եղաւ Կարսը` Արամի շունչի տակ, որ այդ օրերուն Կարսի կենդրոնական դէմքն էր, Ռուբէն ազդուեցաւ անոր յեղափոխական գաղափարներէն:

1905-ին աւելի փորձուած ու յեղափոխութեան հնոցին մէջ դարբնուած` Ռուբէնը կը մեկնի Վան, ուր Իշխանի հետ կը զբաղի Լեռնապարի շրջանի կազմակերպութեամբ: Արամը կ՛անցնի Վան, իսկ Ռուբէնը Վարդան Շահպազի մօտ` լեռները, այնտեղ սորվելու ֆետայական կեանք:

Ռուբէնի յեղափոխական կեանքը կամաւոր նահատակութիւն էր, ան կը գործէր սուրբ գաղափարի համար, նախընտրեց անցնիլ Սասուն ու Տարօն եւ իր մասնակցութիւնը բերել իր հարազատ ժողովուրդի պայքարին: Տարօնի մէջ ան կ՛ըլլայ յեղափոխական գործունէութեան ղեկավար: Գէորգ Չաւուշի հետ անցնելով շրջանի մարտական ուժերու գլուխը` կը վերակազմէ ֆետայական շարժումը, կը մասնակցի բազմաթիւ հերոսական կռիւներու, որոնց գլխաւորներէն է Սուլուխի կռիւը, ուր կը նահատակուի Սասնոյ արծիւ Գէորգ Չաւուշը:

1907-ի մայիս 27-ին, Գէորգ Չաւուշ եւ Ռուբէն իրենց զինուորներով, գաղտնի գործով հաւաքուած էին Սուլուխ: Երկու ժամ անց գիւղը կը շրջապատեն թուրքերը: Սուլուխի կռիւը սկսած է նոյն օրը եւ տեւած` մինչեւ մայիս 28-ի առաւօտ:

1908-ին կը հռչակուի օսմանեան սահմանադրութիւնը եւ կը դադրի յեղափոխական գործունէութիւնը: Սակայն, Ռուբէն համոզուած ըլլալով, որ Թուրքիոյ կառավարութեան պէտք չէ վստահիլ եւ պէտք է զբաղիլ կուսակցական- կազմակերպական գործունէութեամբ:

1909-ին Ռուբէն կ՛անցնի Վառնա եւ կը մասնակցի ՀՅ Դաշնակցութեան 7-րդ Ընդհանուր ժողովին: Ան իր ուսումը շարունակելու համար կը մեկնի Ժընեւ` քիմիաբանութիւն ուսանելու համար եւ կը մնայ մինչեւ 1913: Նոյն թուականին կուսակցութեան հրահանգով անաւարտ ձգելով ուսումը` կը վերադառնայ Տարօն եւ կ՛անցնի կազմակերպական աշխատանքի: Ռուբէն ընդհանուր պատասխանատուն էր Դուրան-բարձրաւանդակի եւ Տարօն աշխարհի Հ Յ Դաշնակցութեան:

1914-ին կը պայթի Առաջին Աշխարհամարտը, որուն կը յաջորդէ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութիւնը: Տարօնի ժողովուրդը զոհ չդառնալու համար, Ռուբէնի գլխաւորութեամբ, կը դիմէ ինքնապաշտպանութեան: Սոյն հերոսամարտը կը տեւէ եօթը ամիս, որմէ ետք Ռուբէն կ՛անցնի Կովկաս:

1917-ին տեղի կ՛ունենայ Ռուսաստանի յեղափոխութիւնը: Կը կազմուի Անդրկովկասի կառավարման համար Սէյմը: Ռուբէն եւս կը մասնակցի Սէյմի աշխատանքներուն եւ կ՛անդամակցի Հայոց ազգային խորհուրդին:

1918-ին Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումէն ետք, Ռուբէն կ՛ընտրուի Հայաստանի խորհրդարանի անդամ: Հայաստանի Հանրապետութեան օրով ան կ՛ըլլայ զօր. Արարատեանի օգնական, իսկ 1920-ի մայիսին` Բիւրօ-կառավարութեան զինուորական նախարար:

Ռուբէն Հայաստանի Հանրապետութեան օրերուն եղաւ ներքին գործոց եւ ապա զինուորական նախարար. ան ո՛չ միայն հիմը դրաւ հայկական պետական բանակին ու կազմակերպեց զայն, այլեւ մասնաւորաբար մեծ եւ անչափելի եղաւ անոր դերը թէ՛ Հայաստանի ներքին կայունացումին եւ թէ՛ մեր հայրենիքի հայացման դժուար գործին մէջ:

1920-ին Ռուբէն Լեւոն Քալանթարեանին հետ կը մեկնի Բաշ Գեառնի, այնտեղ գտնուող հայդուկներուն զգաստութեան բերելու, որպէսզի չենթարկուին պոլշեւիկեան լուծին: Հոնկէ կ՛անցնի Սիւնիք ու կը ստանձնէ նախագահութիւնը ինքնավար Սիւնիքի կառավարութեան:

Հայաստանի Հանրապետութեան անկումէն ետք Ռուբէն կ՛անցնի Իրան, ապա` Ֆրանսա, Լիբանան, Սուրիա, Եգիպտոս:

Երեսուն տարի յաջորդաբար Ռուբէն եղած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ: Ռուբէն, միջազգային դիւանագիտական ընկալման առումով, կատարեալ մասնագէտ էր նաեւ միջինարեւելեան շրջանի քաղաքական հարցերուն:

Վտարանդի կեանք վարելով սփիւռքահայ տարբեր համայնքներու մէջ` Ռուբէն միշտ հաւատարիմ կը մնայ ՀՅ Դաշնակցութեան գաղափարներուն ու ամբողջ կեանքը կը նուիրէ ազատագրական ու յեղափոխական գործերուն: Ան 1948-ին վերադառնալով Ֆրանսա` կը մահանայ 1951 նոյեմբեր 27-ին:

Ռուբէնի կեանքն ու գործունէութիւնը եթէ լուսարձակի տակ առնելու ըլլանք, անվարանօրէն զինք կ՛որակենք ռազմական ու կուսակցական գործիչ, ե՛ւ քաղաքագէտ, ե՛ւ պետականակերտ անձնաւորութիւն: Ռազմական գործիչի առումով, ան անցած է շարքային ֆետայիէն մինչեւ ռազմական նախարարի ճանապարհը: Կուսակցական գործիչի առումով, եղած է գաւառական կուսակցական պատասխանատուութենէ մինչեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ: Եթէ Ռուբէնը ընդունինք որպէս պետականակերտ անձնաւորութիւն, ապա այս առումով, յատկապէս պէտք է արժեւորել անոր դերը Հայաստանի մէջ 1917-1920 թուականներուն թուրք-թաթարական խռովութիւններու ճնշման եւ հայ գաղթականներու վերաբնակեցման գործին մէջ, որուն իբրեւ արդիւնք` հնարաւոր եղաւ ստեղծել ազգային տեսանկիւնէ համեմատաբար միատարր պետութիւն: Ռուբէնը եղած է տաղանդաւոր քաղաքագէտ. ան ազգային գաղափարախօսութեան, երկրառազմավարութեան մեծ տեսաբան էր:

Սփիւռքի մէջ Ռուբէն Տէր Մինասեան կուսակցական-կազմակերպական գործին զուգահեռ, տասնամեակներ շարունակ սիրով եւ նուիրումով գրած է իր յուշերը` «Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները», պատմութիւնը այն փառաւոր սերունդին, որ` «… մէկ անգամ միայն ծնաւ մեր կեանքին մէջ եւ երկրորդ անգամ այլեւս աշխարհ չտեսաւ»: Իր յուշերուն մէջ Ռուբէն մեզի կը ներկայանայ տաղանդաւոր գրողի յատուկ դիտելու կարողութեամբ ու գրական ճաշակով, խոր վերլուծութիւններ ընելու բացառիկ կարողութեամբ, պատմելու անկաշկանդ ոճով եւ հարուստ լեզուով: Իրաւամբ պէտք է ըսել, որ Ռուբէնի «Յիշատակներուն մէջ» յարութիւն կ՛առնեն ֆետայական շարժման ողջ դիւցազներգութիւնը, հերոսութեան եւ մարտնչումի փառաւոր պատմութիւնը: Իր յուշերուն մէջ Ռուբէնը լաւագոյն վերլուծութեան կ՛ենթարկէ հայ ժողովուրդի հոգեբանական գիծերը: Ռուբէնի յուշերը նաեւ կարելի է համարել ինքնաքննադատութեան փորձ:

Ռուբէնի յուշերը` «Հայ յեղափոխականի մը յիշատակարանը» 7 հատորով, մեր ազատագրական պայքարի պատմագրութեան եւ յեղափոխական գրականութեան մէջ բացառիկ արժէք կը ներկայացնէ` թէ՛ որպէս փաստացի վկայութիւն` դէպքերու ու դէմքերու եւ թէ՛ որպէս յեղափոխական մտքերու հաւաքածոյ:

Եթէ սկսինք Ռուբէնի «ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆԻ ՄԸ ՅԻՇԱՏԱԿՆԵՐԸ» եօթը հատոր մատենաշարին ակնարկութիւն մը ընել, ապա անհրաժեշտ է ըսել, որ ան առաջին հատորով կը ներկայացնէ ԿԱՐՍԻ ՀՆՈՑԻՆ ՄԷՋ (1904) ժամանակահատուածը: Իր բովանդակութեամբ, իրականութեամբ, պարզ ու հրապուրիչ լեզուով գրուած այս յիշատակները ազգային-յեղափոխական փիլիսոփայութեան, ինչպէս նաեւ ներշնչման ու տեղեկութիւններու աղբիւր են հայ պատանիին, երիտասարդին եւ մտաւորականին համար: Երկրորդով կը ներկայացնէ ԴԷՊԻ ԵՐԿԻՐ կատարուած յեղափոխական գործունէութիւնը, գլխաւորաբար` Վանի, Լեռնապարի եւ Տարօնի շրջաններուն մէջ: Այս հատորին մէջ եւս պարզ ու հրապուրիչ լեզուով ներկայացուած է ազգային-յեղափոխական գործունէութեան յիշատակները:

Երրորդով կը ներկայացնէ հեղինակին իր իսկ բառերով` «19-րդ դարու կէսերէն սկսեալ մինչեւ 1906-ի յուլիս ամսուան Տարօնի յեղափոխական անցեալը»: Վեցերորդը յեղափոխական գործունէութեան ժամանակագրական շարունակութիւնն է հինգերորդ հատորին եւ կը ներկայացնէ 1909 ժամանակաշրջանը` ԿԱՐՍԷՆ ՊՈԼԻՍ:

Եօթներորդը կազմուած է երեք մասերէ, որոնք իրարմէ անջատ են եւ շատ տարբեր: Առաջինը` արտասահմանի մէջ, 1909-ին: Երկրորդը` սասունցի խմբապետ Մուշեղին կատարած պատումը` 1913-1919 տարիներու փոթորիկին մասին: Իսկ երրորդը` Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը, մասնաւորապէս` նոյեմբեր 1919 ապրիլ 1920 շրջանը:

Առանձին ուշադրութեան արժանի են քեմալական Թուրքիոյ, հայ-թրքական յարաբերութիւններու վերաբերեալ Ռուբէնի աշխատութիւնները:

Այսպէս, իւրայատուկ փորձ է «Հայ-թրքական կնճիռը» աշխատութիւնը:

Աշխատութեան սկիզբը Ռուբէն կ՛անդրադառնայ թուրք մտաւորականութեան յայտնած այն կարծիքին, թէ հայերը եւ թուրքերը սկիզբը իրարու հետ հաշտ են: Թուրքերը կը մեղադրեն, որ հետագային հայերը ըմբոստացած են, որուն համար ալ կոտորուած են (նաեւ` թուրքերը): Թուրքերուն միւս մեղադրանքը այն է, որ իբր թէ` «հայկական յեղափոխութիւնը բնական հետեւանք չէ տաճիկ կառավարութեան եւ իսլամութեան հալածանքներու ու բռնութիւններու, ոչ ալ հայ ժողովուրդի ինքնագիտակցութեան արդիւնք է, այլ ան արհեստականօրէն մտած է հայ ժողովուրդի մէջ արտաքին գրգռման շնորհիւ, գլխաւորապէս ցարական Ռուսիոյ եւ յատկապէս ռուսական եւ պարսկական հայերու միջոցով»:

Որպէս պատասխան թուրք ղեկավարներու այն մեղադրանքին, որ իբր թէ հայերը պատճառ դարձած են Թուրքիոյ ներքին գործերուն Ռուսաստանի եւ եւրոպական պետութիւններու միջամտութեան եւ այդպիսով քայքայած են օսմանեան պետութիւնը, Ռուբէնը մասնաւորապէս կը նշէ. «… հայկական շարժումներու նպատակը այն չէր, որ Կիպրոսը անգլիացիին տրուի, երկաթուղիները` ռուսին, մենաշնորհները` օտարին, որոնք այդ բոլորը պիտի ստանային, պիտի չօգտագործէին կամ պիտի օգտագործէին յօգուտ իրենց շահերուն: Այլ շարժումներու նպատակն էր, որ ինքը` հայ ժողովուրդը, իր բուն հայրենիքի մէջ մարդկային իրաւունքներու տիրանայ, որ Արեւելքը քունէն արթննայ, որ արեւելքցիները եւ ոչ թէ օտարները ստանան եւ վայելեն իրենց հայրենիքի բարիքները»:

Այս առումով, Ռուբէն այն եզրակացութեան կը յանգի, որ ժողովուրդներու բնաջնջումով կարելի չէ ուժեղ եւ ազատ Թուրքիա ստեղծել: Կարելի չէ Հայաստանի խորտակման գնով Թուրքիան քայքայող ու մասնատող Ռուսաստանի եւ եւրոպական պետութիւններու միջամտութիւններու պատճառները վերացնել: Միջամտութեան համար Հայաստան չըլլայ, սակայն միշտ ալ կ՛ըլլան եւ կը գտնուին յայտնի ու անյայտ շատ միջոցներ, քանի դեռ չէ գտնուած այն արդար հիմունքը, որուն «վրայ պիտի կառուցուի բոլոր արեւելքցիներուն համար ստեղծուած Արեւելքի ազատագրութեան հրաշակերտ շէնքը»: Աշխատութեան մէջ Ռուբէն կը բերէ իր կարծիքով Թուրքիոյ անդամահատութեան, բարոյական եւ տնտեսական անկման ու կազմալուծման իսկական հիմնական պատճառները.

1.- Տիրող ազգի գերիշխանութիւնը,

2.- Համաիսլամութիւնը (փանիսլամիզմ)` իբրեւ պետութեան հիմք,

3.- Համաօսմանցիութիւն (փանօսմանիզմ),

4.- Համաթուրանականութիւն (փանթուրանիզմ):

Վերջապէս, անդրադառնալով հայ-թուրք յարաբերութիւններու ապագային, Ռուբէնը անխուսափելի անհրաժեշտութիւն կը համարէ դասեր քաղել անցեալի սխալներէ եւ համապատասխան քայլերու ձեռնարկել: Որպէսզի հնարաւոր դառնայ հայերու եւ թուրքերու համատեղ ու հաշտ գոյութիւնը, ըստ Ռուբէնի, թուրքերը պէտք է հրաժարին «տիրող ժողովուրդ» ըլլալու սկզբունքէն, պետութեան յառաջադիմութիւնը կասեցնող համաիսլամական գաղափարներէ, պետութիւնը պառակտող համաօսմանցիութեան գաղափարներէ, պետութիւնը արկածախնդրութեան զոհ դարձնող համաթուրանական գաղափարներէ, ինչպէս նաեւ` Քեմալի որդեգրած փանթուրքական գաղափարներէն:
Ուշադրութեան արժանի է նաեւ «Հայրենիք» ամսագրի մէջ հրապարակուած Ռուբէնի «Նորագոյն Թուրքիան եւ իր ձեւափոխումները» յօդուածը, որ կը վերաբերի Թուրքիոյ մէջ քեմալական բարեփոխումներուն: Յօդուածագիրը նախ կը փորձէ ներկայացնել Մուսթաֆա Քեմալի կողմէ կատարուած փոփոխութիւններուն հիմնական նպատակները.

ա.- Թուրքիոյ մէջ վերացնել ապազգային իսլամ օթթոման հասկացողութիւնը եւ զայն փոխարինել թուրք ազգային ոգիով,

բ.- Վերացնել օսմանեան առաձգական, անշօշափելի հայրենիքի գաղափարը եւ զայն փոխարինել թուրք ազգային հայրենիքի գաղափարով,

գ.- Անատոլը դարձնել Թուրքիա, իսկ թուրքը դարձնել արդիական ազգ` յառաջդիմած կեանքի բոլոր ճիւղերու մէջ, ընդունական ինքնուրոյն ապրելու` առանց զգալու ուրիշներու օգնութեան կարիքը,

դ.- Թուրք ազգը հզօրացնել թիւով, որակով, ուժով` իր գոյութիւնը անկախ պահելու եւ զգալի դարձնելու աշխարհին»:
Յօդուածին մէջ Ռուբէն կ՛արձանագրէ այն փաստը, որ քեմալական կամ փանթուրանական ղեկավարներուն մեծ մասը թրքական ծագում չունի. աւելի՛ն, անոնց հայրերը կամ մեծ հայրերը «նոյնիսկ ծանօթ չեն թուրք լեզուին եւ գաղափարին»: Հեղինակը կը հետեւցնէ, որ երբ այս ծագումով մարդիկ են թրքութեան գաղափարը յառաջ մղողները, այստեղ` «կարելի չէ որոնել ցեղային արեան ձայնի արձագանգը, այլ ուրիշ բան մը»:

Ըստ Ռուբէնի, քեմալական Թուրքիոյ «թուրք» ազգային մտածելակերպը հեռու է զուտ ազգային, ցեղային, ինքնամփոփ գաղափար ըլլալէ: Ռուբէն կը գրէ. «Ըստ էութեան, քեմալական «թուրք» հասկացողութիւնը նոյնքան հաւաքական, ընդհանուր անուն է, որքան` սուլթան Համիտի «իսլամ» կամ Միդհատ փաշայի «օթթոման», «օսմանցի» գաղափարաբանութիւնը, միայն այն տարբերութեամբ, որ սուլթան Համիտը երեսը դարձուցած էր դէպի Մեքքէ, Քեմալն ալ երեսը դարձուցած է դէպի Թաւրիզ, Սամարղանտ»:

Կարելի է ըսել, որ այսպիսով Ռուբէն ցոյց կու տայ հետեւեալը. Քեմալի բարեփոխումները աւելի շուտ փանթուրքիզմի ուժեղացումին նպատակաուղղուած էին, եւ ոչ թէ` Թուրքիան եւրոպականացնելուն, ինչպէս կը նշեն թուրքերը:

 


ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կենտրոնական Կոմիտէն Առաջին Հանրապետութեան 100ամեակը Կը Նշի Գիտաժողովի Անցկացմամբ

$
0
0

Հարցազրոյց Նորթրիջի Համալսարնի Հայագիտական Բաժնի Տնօրէն Դոկտ. Վահրամ Շէմմասեանի Հետ

Վարեց՝ ՆԱՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ

2018թ.ի Մայիսի 28ին լրանում է Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հարիւրամեակը: Հայոց պատմութեան այս շրջադարձային հանգրուանը նշելու նպատակով, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կենտրոնական կոմիտէն նախաձեռնել է երկօրեայ գիտաժողով՝ «Հայկական Պետականութեան Վերականգնում» խորագրով: 2018ի Մայիսին նախատեսուած ձեռնարկը կազմակերպելու համար ստեղծուել է յատուկ յանձնախումբ, որի անդամներից՝ Նորթրիջի Կալիֆորնիայի նահանգային համալսարանի Հայագիտական բաժնի տնօրէն դոկտոր Վահրամ Շէմմասեանն ու Բերքլիի համալսարանի Պատմութեան ամ-բիոնի տնօրէն դոկտոր Ստեփան Աստուրեանը տեղեկացնում են գիտաժողովի անցկացման եւ նպատակների մասին (Ստեփան Աստուրեանի հետ զրոյցը տեսնել՝ առանձին):

Նորթրիջի Համալսարնի Հայագիտական Բաժնի Տնօրէն Դոկտ. Վահրամ Շէմմասեան

ՆԱՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ.- Պարոն Շէմմասեան, կը խնդրէի մանրամասներ ներկայացնէք գիտաժողովի անցկացման մասին, ե՞րբ եւ որտե՞ղ է անցկացուելու, ի՞նչ ձեւաչափով:

ԴՈԿՏ. ՎԱՀՐԱՄ ՇԷՄՄԱՍԵԱՆ.- 1918 թուականի Մայիսի 28ի խորհուրդը շատ մեծ է, եւ Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան 100ամեակը նշուելու է Հայաստանում եւ Սփիւռքի մի շարք համայնքներում: Հարաւային Կալիֆորնիայում, ՀՅԴ Կենտրոնական կոմիտէն յոբելեանական առիթը նշելու նպատակով նախաձեռնում է գիտաժողով: Կազմակերպչական հարցերով զբաղուելու համար ստեղծուել է ութ անձից բաղկացած յանձնախումբը, որի թւում են գիտական շրջանակներից, Կենտրոնական կոմիտէից ներկայացուցիչներ: Ձեռնարկն անցկացուելու է Մայիսի 5ին, եւ 6ին՝ Նորթրիջի Կալիֆորնիայի նահանգային համալսարանում, եւ հայագիտական ամբիոնն էլ կը հանդիսանայ գիտական այս ծրագրի համահովանաւորը: Գիտաժողովի խորագիրն է՝ «Հայկական Պետականութեան Վերականգնում», եւ ունի նաեւ ենթախորագիր՝ «Իրագործումներ եւ մտածումներ»:

Հրաւիրել ենք տասնվեց բանախօսների Միացեալ Նահանգներից եւ Հայաստանից: Մենք խօսնակների հայեցողութեանն ենք թողել մեր ներկայացրած վերնագրերի շուրջ զեկոյցների պատրաստումը, սակայն ընդգծել ենք, որ ակնկալում ենք նոր տեղեկութիւններ, կամ նոր մենկանաբանութիւններ:

Գիտաժողովն անցկացուելու է երկու լեզուներով՝ հայերէն եւ անգլերէն: Զեկոյցները յետագայում կը տպագրուեն մէկ գրքում: Կը լինեն նաեւ տեսաձայնագրութիւններ:

ՆԱՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ.- Պրն. Շեմասեան, ի՞նչ նշանակութիւն ունի այս գիտաժողովը, եւ որքանո՞վ է կարեւոր, որ չնայած գիտական ձեւաչափին՝ նաեւ հանրութեան տարբեր շրջանակներ ներկայ լինեն:

ՎԱՀՐԱՄ ՇԷՄՄԱՍԵԱՆ.- Այս գիտաժողովը շատ տեղեկատուական եւ միաժամանակ կրթական նշանակութիւն ունի, եւ ոչ միայն գիտական շրջանակներին կը հետաքրքրի: Հարիւրաւոր տարիներ անց հայոց պետականութեան վերականգնման հարցը բացառիկ երեւոյթ է, այս հարցի շուրջ ներկայացուած զեկոյցները մանրամասն կը ներկայացնեն հայոց պատմութեան այդ էջը, որի մասին անհրաժեշտ է, որ բոլոր մեր հայրենակիցները քաջատեղեակ լինեն: Նախատեսւում է նաեւ հարց ու պատասխան, քանզի մենք կարեւորում ենք մեր մասնակիցների հետ շփումը հայ ժողովրդի համար նման կարեւոր թեմայի շուրջ: Մեր սրահը նախատեսուած է 500 հոգու համար, եւ յուսով եմ, որ այն լի կը լինի:

ՆԱՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ.- Ի՞նչ նշանակութիւն ունեցաւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադրումը հայ ժողովրդի համար:

ԴՈԿՏ. ՎԱՀՐԱՄ ՇԷՄՄԱՍԵԱՆ.- Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիմանդրման հարցը երբեմն տարաբնոյթ մեկնաբանութիւնների առիթ է տալիս: Ոմանք ասում են, որ հայ ժողովուրդը երկար ժամանակ պատրաստւում էր այդ պահին, եւ յարմար առիթը օգտագործուեց՝ խորհրդանշելով ազգային զարթօնք ու վերածնունդ: Միւս տեսակէտը պնդողներն էլ նշում են, որ այդ շրջանում, հանրապետութեան հիմնումը պարտադրուեց, որովհետեւ Կովկասը պարտուեց ռուսական բանակին, եւ Հայաստանը, Վրաստանն ու Ադրբեջանը հանրապետութիւն հռչակեցին, որպէսզի տեղի ժողովուրդներն իրենց ղեկավարներն ունենան:

Ինչպիսի կարծիքներ էլ հնչեն, առաջին հանրապետութիւնը իրականութիւն դարձաւ հարիւրաւոր տարիներ անց, ու եթէ առաջին հանրապետութիւնը չհռչակուէր, ո՛չ Խորհրդային Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը լինէր, եւ ո՛չ էլ՝ թերեւս ներկայ Հայաստանը, եւ առանց հողի, հայութեան համար Հայ Դատի հետապնդումը շատ աւելի վերացական, երազային մի բան պիտի լինէր: Առաջին հանրապետութեան կեանքը թէեւ շատ կարճ տեւեց, բայց հիմք դրուեց ժողովրդավարական համակարգի, հիմնուեց Երեւանի Պետական համալսարանը (1919 թուականի Մայիսի 16ին, Հայաստանի Հանրապետութեան նախարարների խորհուրդը ընդունել է Երեւանում համալսարան հիմնելու վերաբերեալ որոշում: 1920թ. Յունուարի 31ին Ալեքսանդրապոլում (այժմ՝ Գիւմրի) մեծ շուքով կատարուել է Հայաստանի համալսարանի բացման արարողութիւնը: Հակառակ այն ժամանակ տիրող ողբերգական իրավիճակին, մեծ թուով գաղթականների, Հայաստանի Հանրապետութիւնը փրկութիւն դարձաւ:

Հարցազրոյց Բերքլիի Համալսարանի Պատմութեան Ամբիոնի Տնօրէն Դոկտ. Ստեփան Աստուրեանի Հետ

Բերքլիի Համալսարանի Պատմութեան Ամբիոնի Տնօրէն Դոկտ. Ստեփան Աստուրեան

ՆԱՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ.- Պրոֆեսոր Աստուրեան, 2018թ.ին, Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան 100 ամեակին նուիրուած տարբեր ձեռնարկներ են նախատեսուած աշխարհի տարբեր երկրներում: Հայաստանում եւ Սփիւռքի տարբեր համայնքներում հարիւրամեակին նուիրուած միջոցառումները ի՞նչ կարեւորութիւն ունեն:

ԴՈԿՏ. ՍՏԵՓԱՆ ԱՍՏՈՒՐԵԱՆ.- Յստակ է, որ առանց առաջին հանրապետութեան ո՛չ խորհրդային Հայաստանը կը լինէր, եւ ո՛չ էլ ներկայ հանրապետութիւնը գոյութիւն կ՛ունենար: Բնական է նաեւ, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, որ կարեւոր դերակատարութիւն է ունեցել այդ օրերին, ցանկանում է իւրովի տօնել առիթը:

ՀՅԴ Կենտրոնական կոմիտէի նախաձեռնած «Հայկական պետականութեան վերականգնում» խորագրով գիտաժողովի, ինչպէս նաեւ տարբեր երկրներում եւս նախատեսուած գիտաժողովների նպատակը միայն 100 ամեակ ոգեկոչել չէ, այլ նաեւ՝ քննել առաջին հանրապետութեան պատմութիւնը:

Պաղ պատերազմի ժամանակ, առաջին հանրապետութեան նշանակութիւնը դարձել էր խնդրոյ առարկայ բազմաթիւ կուսակցութիւնների միջեւ:

Խորհրդային Միութիւնում այն, այսպէս կոչուած, բուրժուա-իմպերիալիստական հանրապետութիւն էր համարւում, եւ ամբողջ մի պատմագրութիւն ստեղծուեց՝ նշելով, որ աղէտալի պետութիւն էր: Հայկական կուսակցութիւններն էլ, ՀՅԴից բացի, կա՛մ հանրապետութեան ստեղծումը կ՛անտեսէին, կա՛մ էլ կ՛արհամարհէին այն:

Խորհրդային Միութեան փլուզումից քսանեօթ տարի անց, յոյս ունեմ, որ անաչառ եւ քննական զեկոյցներ կը տրուեն, որոնք նիւթ կը տան մտածելու: Պատմութիւնը, եթէ պիտի ուսումնասիրուի կոթողներ ստեղծելու, կամ պարզապէս տուեալներ հաւաքելու նպատակով, գուցէ հետաքրքիր է, բայց բովանդակութեամբ անօգուտ է: Եթէ պատմութեան ուսումնասիրութիւնից դասեր չքաղենք՝ այդ պարագայում պատմագրութեան գործը կը վերածուի պարզ տեխնիկական աշխատանքի, որի օգուտը շատ մեծ չի լինի:

ՆԱՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ.- Արդեօք Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան մասին բաւարար գրականութիւն եւ նիւթեր կա՞ն, եւ այս առումով, առաջիկայում նախատեսուած գիտաժողովները ի՞նչ նշանակութիւն կարող են ունենալ:

ՍՏԵՓԱՆ ԱՍՏՈՒՐԵԱՆ.- Առաջին Հանրապետութեան պատմագրութիւնը շատ սահմանափակ է: Անշուշտ, խոշորագոյն աշխատութիւններից են Սիմոն Վրացեանի եւ Ռիչըրդ Յովհաննէսեանի գրքերը: Կայ նաեւ մի ամփոփ գիրք գրուած ֆրանսահայ պրոֆեսոր Անահիտ Տէր Մինասեանի կողմից: Նշեմ նաեւ «Եէլ» համալսարանի պրոֆեսոր Ֆիրուզ Կազեմզադէի, Աֆանասեանի, գերմանացի մի քանի հեղինակների աշխատութիւնների մասին, որոնք սակայն ընդհանուր անդրադառնում են 1918-21թթ.ի Հարաւային Կովկասին եւ երեք հանրապետութիւններին:

Դրանցում հիմնական կենտրոնացումն արտաքին հարցերի վրայ է՝ պատերազմի, միջէթնիկական բախումների, միջազգային քաղաքականութեան եւ տարածաշրջանի վրայ դրանց ազդեցութեան, եւ անդրադարձ չկայ երեք հանրապետութիւնների ներքին իրավիճակին: Ամփոփելով, նշեմ, որ ընդհանուր առմամբ բազմակողմանի ուսումնասիրութիւններ չկան Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան մասին, օրինակ՝ տնտեսութեան, ժողովրդի վիճակի, կամ՝ ապաստանեալների, եւ կամ բացի ՀՅԴից, այլ կուսակցութիւնների գործողութիւնների մասին:

Յուսով եմ, որ 2018թ.ին նախատեսուած մեր եւ այլ գիտաժողովների ընթացքում առաջին հանրապետութեան կարեւորութիւնը նոր հայեացքով քննուի, եւ ընդհանրապէս՝ նոր սերնդի պատմաբաններն աւելի լայն հարցերի շուրջ կը կենտրոնանան:

ՆԱՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ.- Գիտաժողովի ընթացքում հնարաւո՞ր է, որ զուգահեռներ անցկացուեն առաջին եւ ներկայ հանրապետութիւնների միջեւ՝ նաեւ դիտարկելու, անդրադարձ լինելո՞ւ է մեր անցեալի յաջողութիւններին ու ձախողումներին:

ՍՏԵՓԱՆ ԱՍՏՈՒՐԵԱՆ.- Կան բազմաթիւ դասեր, որ կարելի է քաղել Առաջին Հանրապետութեան պատմութիւնից, եթէ քննական հայեացքով դիտարկենք, եւ բազմաթիւ օրինակներ կան, որոնցից ներկայացնեմ մէկ-երկուսը: Օրինակ, հետաքրքրական է, որ առաջին Հանրապետութիւնը ստեղծուեց, երբ ոչ ոք չէր սպասում: Հիմնադրուեց, որովհետեւ ռուսական յեղափոխութեան հետեւանքով քաղաքական դատարկութիւն էր առաջացել, եւ կովկասի ժողովուրդները պէտք է որոշէին, թէ ինչ պէտք է անեն: Վրացիներն ու ադրբեջանցիները անկախութիւն հռչակեցին, եւ մնացին հայերը, որ հաշուի առնելով այդ օրերին տիրող աղէտալի վիճակը ո՛չ պատրաստ էին, եւ ո՛չ էլ փափաքում էին հանրապետութիւն հռչակել: Հայերը վերջինը եղան, եւ յայտարարեցին հանրապետութեան ստեղծման մասին, երբ հայ ղեկավարութեան մեծամասնութիւնը Հայաստանում չէր, այլ՝ Թբիլիսիում: Այն միտքը, որ պետութիւնները ստեղծւում են երբեմն, երբ այսպէս կոչուած, «իշխանութա՛ն դատարկութիւն» կայ (power vacuum), նաեւ մասամբ կարելի է գործածել ներկայ հանրապետութեան պարագայում, որը հիմնադրուեց Խորհրդային Միութեան փլուզման հետեւանքով: Այդ անգամ էլ մեր ժողովուրդը պատրաստ չէր՝ հակառակ կայացած հանրահաւաքների, եւ ղեկավարութիւնը, որ 90ականների սկզբին հանրապետութեան ղեկը ձեռքն առաւ՝ բնաւ քաղաքական, կամ դիւանագիտական պատրաստուածութիւն չունէր:

Երկրորդը, որ կը ցանկանայի նշել, այն է, որ այդ տարիներին Կովկասի ողջ տարածքում, բայց յատկապէս այն շրջաններում, որ վերջում կոչուեց Ադրբեջան, էթնիկ զտման բազմաթիւ դէպքեր եղան՝ հարիւր հազարաւոր հայեր կային Ադրբեջանում, որ դուրս հանուեցին, եւ անշու՛շտ Ղարաբաղի խնդրի արմատներից մէկն էլ դա կարելի է նկատել:

ՆԱՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ.- Արդեօք կարելի՞ է Հայաստանի առաջին Հանրապետութիւնը կոչել Դաշնակցութեան հանրապետութիւն:

ՍՏԵՓԱՆ ԱՍՏՈՒՐԵԱՆ.- Եթէ պետական մտածողութեան տէր լինենք, Հայաստանի առաջին Հանրապետութիւնը ամբո՛ղջ հայութեան հանրապետութիւնը կը նկատենք, ինչպէս որ ներկայ հանրապետութիւնը ո՛չ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի, ո՛չ էլ ՀՀՇի հանրապետութիւնն եմ նկատում, այլ այն հարիւր հազարաւոր հայորդիներին, որոնք մասսայական ցոյցերի մասնակցեցին: Սա չի նշանակում, որ Դաշնակցութիւնը գլխաւոր դերակատարութիւն չունեցաւ 1918ից 1920ը, բայց պէտք է յիշենք, որ ազատ ընտրութիւն տեղի ունեցաւ եւ հայ ժողովո՛ւրդն է, որ հսկայական մեծամասնութեամբ ՀՅԴին վստահեց: Նաեւ չեմ կարծում, որ զօրավար Նազարբէկեանը, գնդապետ եւ յետոյ՝ զօրավար Սիլիկեանը, որոնք Սարդարապատի յաղթանակով ամփոփուած բազմաթիւ ճակատների վրայ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցան, ինչպէս նաեւ՝ այն հազարաւոր հայորդիները, որոնք կեանքերնին զոհեցին 1918ից 1920թթ.ի շրջանում, բոլորը դաշնակցական էին: Ատենը եկած է, որ առաջին Հանրապետութեան ստեղծումը ոգեկոչուի ամբո՛ղջ հայութեան կողմից: Եկած է ժամանակը, որ նրա հանդէպ անցեալի ժխտական կեցուածքներն անհետանան եւ վերջապէս, այո՛, որ այդ հանրապետութեան ընթացքին Դաշնակցութեան կատարած կարեւոր դերը, հակառակ նրան, որ այդ հանրապետութիւնը սովետականացաւ բոլշեւիկ-քեմալական համագործակցութեան պատճառով՝ ընդունուի ամբո՛ղջ հայութեան կողմից: Յոյսով եմ որ հայ ժողովուրդը կ՛ունենայ միացեալ պատմագրութիւն, որովհետեւ առանց անոր եւ առանց իրականութեան ընդունման, տեղ չի հասնիր:

asbarez.com

22 Նոյեմբեր 2017

Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանին Մէջ Նշուեցաւ Լիբանանի Անկախութեան 74-րդ Տարեդարձը

$
0
0

Երեքշաբթի, 21 նոյեմբեր 2017-ին տեղի ունեցաւ Լիբանանի անկախութեան տօնին նուիրուած ատենամարզանք: Յայտագիրը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանի քայլերգներու ունկնդրութեամբ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ 11-րդ դասարանի աշակերտուհի Դուին Էքշեանը: Ան ըսաւ, որ բանաստեղծները միշտ ալ գովերգած են Լիբանանը ու անոր ուրախալի առիթները, մանաւանդ` իւրայատուկ տօնը անկախութեան, որ յիշատակն է ազատութեան եւ արժանապատուութեան: Ան ըսաւ. «Բոլորս կը մեծնանք մեր հայրենիքով ու հայրենիքը կը մեծնայ մեզմով, կ՛ուրախանանք իրեն համար, որ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն` կրցաւ դիմադրել ու տոկալ եւ անկարելին իրագործել իր անկախութեամբ եւ ժողովուրդին միասնականութեամբ»:

Յայտագիրի առաջին բաժինով մանկապարտէզի աշակերտները լիբանանեան հայրենիքին ու դրօշակին նուիրուած արտասանութիւն եւ երգ կատարեցին հայերէնով եւ արաբերէնով: Յաջորդաբար բեմ բարձրացան Ա. դասարանի աշակերտները եւ հանդէս եկան բանաստեղծութեամբ, արուեստից բաժանմունքէն խումբ մը` երգով, 6-րդ կարգի աշակերտները` թատերական երաժշտախառն ներկայացումով, 2-րդ, 3-րդ եւ 5-րդ դասարանի աշակերտները` երգերով, 4-րդ եւ 7-րդ դասարանները` ասմունքներով, իսկ 8-րդ դասարանը` լիբանանեան զաժալով:

Օրուան հիւրը` զօրավար Մանուէլ Քիրեճեան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ անկախութիւն կը նշանակէ` որոշել ազատութիւն ունենալ, առանց որեւէ կողմի միջամտութեան: Ան ըսաւ, որ 1943-ին լիբանանցիները անկախութիւն ձեռք բերին իրենց հայրենիքին համար, որ կը բաղկանայ հողէ ու ժողովուրդէ. ժողովուրդն է, որ կը պահպանէ իր երկրին հողը: Պետութիւնը իր կարգին տէր կը կանգնի անկախութեան, որպէսզի ժողովուրդը ապրի արժանապատուութեամբ: Ան մղեց աշակերտները` որպէս նոր սերունդի անդամներ, սատարելու անկախութեան պահպանման` ուսումի եւ աշխատանքի ճամբով, այդպիսով ծառայելով հայրենիքին: Ան նաեւ վեր առաւ բանակին դերը, որ ոչինչ կը խնայէ պաշտպանելու համար երկիրը եւ անոր անկախութիւնը: Ապա աշակերտները դիտեցին զօրավարին ներկայացուցած տեսերիզը` բանակի սխրագործութիւններուն մասին:

Վարժարանի տնօրէն Եղիա ծ. վրդ. Եղիայեան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ ըստ փիլիսոփաներուն, Աստուած սիրողը կը սիրէ նաեւ իր հայրենիքը, ուստի բոլորս կոչուած ենք պահպանելու այս գեղեցիկ երկիրը, տէր կանգնելու եւ ծառայելու մեր երկրորդ հայրենիքին: Ան ըսաւ, որ այս էր այսօրուան հանդիսութեան պատգամը, միաժամանակ շնորհաւորելով ու շնորհակալութիւն յայտնելով այս յայտագիրը պատրաստած ուսուցիչներուն եւ զայն ներկայացուցած աշակերտներուն:

Աւարտին, յուշանուէր մը յանձնուեցաւ զօրավար Քիրեճեանին:

 

Լեհահայ Սփիւռքի Գոյատեւութեան 650-ամեակին Առիթով Պատմական Ուշագրաւ Իրադարձութիւններ

$
0
0

ԴՈԿՏ. ԱՐԱ ՍԱՅԵՂ

Վերջին տասնամեակներուն աչքառու է հայկական խաչքար կանգնեցնելու երեւոյթը Լեհաստանի տարբեր քաղաքներու մէջ: Մինչեւ այսօր հայկական խաչքարեր զետեղուած են Լեհաստանի տարբեր քաղաքներու մէջ, ինչպէս` Քրաքով, Վարշաւա, Վրոցլաւ, Կտանսք, Էլպլոնկ, Քլեպարք Վիելքի, Ուտճ, Լուպլին եւ այլուր: Խաչքարը կը խորհրդանշէ ո՛չ միայն հայկական ներկայութիւնը, այլեւ իր քրիստոնէական,  հոգեւոր ու գեղարուեստական պարունակին մէջ կ՛ընդգրկէ նաեւ մեր ազգային ներկայութեան լուռ արտայայտիչը, մեր պահանջատիրութեան արդար պայքարի խորհրդանիշը: Խաչքարերու կողքին, հայկական դարաւոր ներկայութիւնը յիշեցնող շատ մը նշմարելի կառոյցներ, նրբանցքներ, ցուցանակներ ու զանազան հետքեր կան նաեւ Լեհաստանի պատմական տարածքին: Այդ բոլորին վրայ նոր ցուցանակ մըն ալ աւելցաւ, երբ Վարշաւայի մէջ 18 սեպտեմբեր 2017 յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ Տոմինիքեան վանական միաբանութեան Ս. Եացէք եկեղեցւոյ մուտքի աջ պատին վրայ զետեղուած «Հայկական նրբանցք» գրութեամբ ցուցանակի բացման արարողութիւնը: Վարշաւայի մէջ հայերու ներկայութիւնը յուշող նման ցուցանակներ տեղադրուած են Լվովի եւ Լեհաստանի Կտանսք քաղաքներուն մէջ, իսկ այս վերջինը, լեհերէն եւ անգլերէն լեզուներով գրուած, կը վերյիշեցնէ 15-րդ դարէն ի վեր հայկական ներկայութիւնը Վարշաւայի մէջ. այս ծրագիրի իրագործման մէջ նշանակալից դեր ունեցած է Վարշաւայի Լեհահայոց մշակոյթի եւ ժառանգութեան հիմնարկութիւնը: Ցուցանակի գրութիւնը կը մէջբերէ նաեւ տոմինիքեաններու հետ հայկական յարաբերութիւնները հաստատող կարեւոր փաստեր: Շօշափելի ու ակնյայտ ապացոյց է նաեւ այս եկեղեցւոյ խորանին ձախ կողմի պատին վրայ զետեղուած` 17-րդ դարէն գրաբարով գրուած տապանաքարը: Ցուցանակի բացման արարողութեան ներկայ գտնուեցան` Լեհաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Էդկար Ղազարեանը, Լեհաստանի հայ թէ լեհական զանազան միութիւններու ներկայացուցիչներ, լեհ կղերականներ, լեհական պետական անձնաւորութիւններ, ծագումով հայեր եւ հայասէր լեհերու հոծ բազմութիւն մը: Ցուցանակի բացումէն ետք նոյն եկեղեցւոյ մէջ հայ կաթողիկէ պատարագ  մատուցեց լեհ քահանայ փրոֆ. Եուզեֆ Նաումովիչը, որ կը ծառայէ հայ կաթողիկէ համայնքի հաւատացեալներուն. պատարագին իրենց մասնակցութիւնը բերին լեհ կղերականներ` վրդ. Հենրիք Պուաշչիք եւ հայր Մարեք Միուաւիցքի: Պատարագի երգեցողութիւնը կատարուեցաւ 7 հոգինոց արական երգչախումբի մը կողմէ` խմբավարութեամբ Եագուպ Քոփչինսքիի, որ Վարշաւայի մէջ հայ կաթողիկէ պատարագներուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ տարիներէ ի վեր: Պատարագէն ետք ներկաները հիւրասիրութեան հրաւիրուեցան:

Երեքշաբթի, 19 սեպտեմբեր 2017-ին, Լեհաստանի Հանրապետութեան ծերակոյտի, Լեհաստանի Արուեստի եւ գիտութեան ակադեմիայի եւ Լեհահայոց մշակոյթի եւ ժառանգութեան հիմնարկութեան համագործակցութեամբ, Լեհաստանի ծերակոյտին մէջ բացումը կատարուեցաւ «Լեհահայեր` 7 դարերու գոյատեւութիւն» համագումարին, որ նուիրուած էր լեհահայ սփիւռքի կազմաւորման 650-ամեակին:

20 յունուար 1367-ին լեհ Մեծն Քաժիմեժ թագաւորին կողմէ Գրիգոր եպիսկոպոսին (մականունը անյայտ ու ըստ պատմագէտներու, հաւանական է, որ ան ըլլայ Սիսի Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հոգեւորականներէն մին) շնորհուած արտօնագիրը լեհահայ համայնքի ներկայութեան իրաւական առաջին վաւերագիրն է` ունենալու համար հայկական եպիսկոպոսութիւն Լվովի մէջ: Պէտք է հաշուի առնել, որ Քաժիմեժ թագաւորին կողմէ լեհահայերուն շնորհուած ներքին ինքնիշխանութեան այս արտօնագրէն առաջ հայերը իբրեւ համայնք ու եկեղեցի արդէն գոյութիւն ունեցած են այդ թուականէն մօտ մէկ կամ մէկուկէս դար առաջ, իբրեւ ձեւաւորուած հայկական գաղթօճախ` իր հոգեւորականներով, ինչպէս նաեւ` առեւտրականներով եւ արհեստաւորներով: Պէտք է յուշել նաեւ,  որ Մեծն Քաժիմեժ թագաւորին արտօնութիւնը միակը չէ, որ լեհահայերը ստացած են լեհական իշխանութիւններէն պատմութեան ընթացքին:

Համագումարի նախաձեռնողն է ծերակոյտի պատգամաւոր լեհ փրոֆ. Եան Ժարինը: Պատմական բնոյթ ունեցող այս համագումարին բացումը կատարեց Լեհաստանի ծերակոյտի նախագահ Սթանիսուաւ Քարչեւսքին: Բացման արարողութեան իրենց սրտի խօսքը արտասանեցին նաեւ Լեհաստանի մշակոյթի նախարար եւ փոխվարչապետ փրոֆ. Պիոտր Կլինսքին, ծերակոյտի պատգամաւոր Եժի Ֆելիքս Ֆետորովիչը:

Բացման խօսքի իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ հրաւիրեալներ` Հայաստանի դեսպան Էդկար Ղազարեանը, ՀԲԸՄ Եւրոպայի վարիչ Նատիա Գործունեանը, Պրիւքսելի ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեանը եւ Լեհաստանի մէջ հայ փոքրամասնութեան ներկայացուցիչ, ծագումով հայ Էտուարտ Միեր Ենտժէյովիչը: Այս տարի Լեհաստանի տարբեր քաղաքներու մէջ, լեհահայ համայնքի 650-ամեակի դարաւոր ներկայութեան նուիրուած զանազան իրագործուած թէ ծրագրուած նախաձեռնութիւններու, մշակութային յայտագիրներու, համերգներու, ցուցահանդէսներու, 650 ծառերու ծառատնկումի թէ ընկերային ծրագիրներու կողքին, հայ համայնքի պատուաբեր ներկայութիւնը ապացուցող կարեւորագոյն իրադարձութիւնն էր Լեհաստանի նախագահ դոկտ. Անտժէյ Տուտայի հրաւէրով 29 մարտ 2017-ին հայկական համայնքը ներկայացնող հայկական միութիւններու ներկայացուցչութիւններու եւ  անձնաւորութիւններու հետ հանդիպումը: Նախագահի հանդիպումի յայտագրի ընթացքին ծաւալուն ելոյթ ունեցաւ Լեհաստանի նախագահը: Ան իր խօսքին մէջ մեծ կարեւորութեամբ ընդգծեց հայերու ունեցած դերակատարութեան կարեւորութիւնը լեհական կեանքին մէջ. «Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը արձանագրուած է նաեւ Լեհաստանի ժողովուրդի պատմութեան հետ եւ անբաժանելի կերպով կապուած է մեր ժողովուրդի պատմութեան հետ… Հնարաւոր չէ պատկերացնել Լեհաստանի պատմութիւնը` առանց հայերու բազմադարեայ ներդրումին մեր մշակոյթին, մեր աւանդութիւններուն մէջ», յայտարարեց նախագահ Ա. Տուտան:

Այս համագումարը կը հանդիսանայ լեհական պետութեան բարձրագոյն մակարդակով հայ համայնքի թանկարժէք ներդրումը ապացուցող երկրորդ իրադարձութիւնը:

Պատմական սոյն համագումարին մասնակցեցան հայ թէ լեհ բանասէրներ, մտաւորականներ եւ հրաւիրեալներ: Արեւելահայերէն, անգլերէն ու լեհերէն լեզուներով ներկայացուեցան 13 դասախօսութիւններ` լեհահայ դարաւոր պատմութեան, մշակոյթի, լեհահայերու լեզուի, եկեղեցիներու, հոգեւորականներու կեանքին ու գործունէութեան, լեհահայ համայնքի իրաւական, կազմակերպչական  կառոյցի, հայ կամ ծագումով հայերու դիւանագիտական,  քաղաքական, մտաւորական,  երաժշտական ներդրումներու մասին նիւթեր:

Համագումարի դասախօսութիւնները ներկայացուցին` պատմագէտ Քլոտ-Արմէն Մութաֆեանը, Տաթեւիկ Սարգսեանը, Քշիշթոֆ Սթոփքան, Անտժէյ Ժիենպան, Փիրուզ Մնացականեանը, Անտժէյ Փիսովիչը, Եուզեֆ Նաումովիչը, Ֆրանչիշեք Ժէյքան, Հռիփսիմէ Մամիկոնեանը, Պաւել Սքիպինսքին, Եացեք Խչոնշչեւսքին, Ֆրանչիշեք Վասիլը եւ Եագուպ Օշեցքին: Համագումարի եզրափակիչ խօսքը արտասանեց պատգամաւոր փրոֆ. Եան Ժարինը: Պէտք է յիշել, որ լեհական տեղւոյն բազմաբնոյթ մամուլն ալ անդրադարձաւ, ծանօթացուց ու արձագանգեց լեհահայերու ներդրումի բազմադարեայ պատմութեան:

Վարշաւայի մէջ մարդկային իրաւունքներու ոլորտին նուիրուած 11-22 սեպտեմբեր 2017-ին տեղի ունեցաւ նաեւ Եւրոպայի անվտանգութեան ու համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ – OSCE) ծիրին մէջ գործող Մարդկային չափանիշներու իրականացման համաժողովի (HDIM) համագումարի հանդիպումները, HDIM կը համարուի Եւրոպայի մարդկային իրաւունքներու մեծագոյն  համաժողովը: Համաժողովի տարեկան այս համագումարի քննարկումներու ծիրին մէջ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը, գլխաւորութեամբ Գասպար Կարապետեանի, Եւրոպական խորհրդարանի կապերու ներկայացուցիչ Հեղինէ Էվինեանի եւ Լեհաստանի Հայ դատի յանձնախումբի համագործակցութեամբ, Վարշաւայի ԵԱՀԿ-ի կեդրոնին մէջ Հայ դատի պատուիրակութիւնը ունեցաւ քարոզչական լայնածաւալ առաքելութիւն` արծարծելու ու քննարկելու արցախահայութեան մարդկային իրաւունքներու հարցը եւ արցախեան հակամարտութեան գործընթացի ներկայ վիճակը, Ազրպէյճանի հակահայ արշաւի ուղղութիւնները: 20 սեպտեմբեր 2017-ին, համագումարի հանդիպումներուն, Հ. Էվինեան իր ելոյթին ընթացքին ներկայացնելով արցախահայութեան մարդկային իրաւունքները` շեշտեց. «Չլուծուած հակամարտութիւնը կարելի չէ արդարացնել Արցախի ժողովուրդի հանդէպ քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային ազրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ պարտադրուած մեկուսացումով: Հիմնարար իրաւունքները նոյնն են բոլորին համար եւ կախուած չեն երկրի կարգավիճակէն»: HDIM-ի հանդիպումներու յայտագրի ընթացքին, արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան ծիրին մէջ, Հայ դատի անդամները, ԵԱՀԿ-ի անդամ պետութիւններու պատուիրակութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ ունեցան հանդիպումներ, խորհրդակցութիւններ եւ լուսաբանեցին Արցախի հակամարտութեան հիմնահարցը,  արցախահայութեան պահանջատիրութիւնը:

Հարկ է յիշել, որ ԵԱՀԿ-ը կազմուած է Եւրոպայի, Կեդրոնական Ասիոյ եւ Հիւսիսային Ամերիկայի 57 անդամ պետութիւններէ, այս կազմակերպութեան գործունէութիւնը կ՛ընդգրկէ 4 հիմնական ուղղութիւններ` ռազմաքաղաքական, տնտեսական, բնապահպանական եւ մարդասիրական: Վերոյիշեալ (HDIM) հանդիպումներուն զուգահեռ, հինգշաբթի, 21 սեպտեմբեր 2017-ին Վարշաւայի ԵԱՀԿ-ի կեդրոնին մէջ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը կազմակերպած էր փաստավաւերագրական «Պաշարուածները» ժապաւէնի ցուցադրութիւնը, որ կը պատմէ 1991-92 թուականներու Ստեփանակերտի պաշարման եւ տեղի բնակչութեան կեանքի դժուար կացութեան մասին: Սոյն նախաձեռնութեան ներկայ էր նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Էդկար Ղազարեանը:

Ժապաւէնի ցուցադրութենէն ետք տեղի ունեցաւ արցախահայութեան հիմնահարցի անգլերէն լեզուով քննարկում ու կարծիքներու փոխանակում, այդ քննարկումին ելոյթ ունեցան ԼՂՀ վարչապետի մամուլի քարտուղար Արտակ Բեգլարեանը, Լեհաստանի հանրածանօթ հայագէտ, պատմաբան, Քրաքովի Եակելոնեան համալսարանի ազգաբանութեան եւ մշակութային մարդաբանութեան հիմնարկի Եւրոպայի ազգային յարաբերութիւններու ամպիոնի վարիչ Անտժէյ Ժիենպան եւ նոյն համալսարանի դասախօս Եագուպ Օշեցքին:

 

Լեհահայերու, ինչպէս նաեւ հայ սփիւռքի պատմութեան մէջ 19 հոկտեմբեր 2017 թուականը դարձաւ եզակի օր մը, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեանին գլխաւորած խորհրդարանական պատուիրակութեան եւ Լեհաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Էդկար Ղազարեանի ներկայութեամբ Լեհաստանի Հանրապետութեան ծերակոյտը քուէարկեց ու միաձայնութեամբ ընդունեց աննախադէպ ու յատուկ բանաձեւ մը: Նախաձեւին մէջ Լեհաստանի Հանրապետութեան ծերակոյտը հայերը շնորհաւորեց Լեհաստանի մէջ անոնց ձեռքբերումներուն համար` շնորհակալութիւն յայտնելով լեհական մշակոյթի մէջ հայերու ունեցած ներդրումին, ինչպէս նաեւ Լեհաստանի պատմութեան մէջ ստեղծագործ ներազդեցութեան համար: Քուէարկութենէն ետք ծերակոյտի պատգամաւորները յոտնկայս ծափահարութիւններով հաստատեցին իրենց որոշումը: 18-20 հոկտեմբեր 2017-ին Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանական պատուիրակութեան Լեհաստան այցելութեան շրջանին, բանաձեւի ընդունման զուգահեռ, Լեհաստանի ծերակոյտին մէջ բացումը կատարուեցաւ նաեւ «Հայերը Լեհաստանի մէջ» ցուցահանդէսին, ուր ելոյթ ունեցաւ Ա. Բաբլոյեանը: Պէտք է յիշել, որ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան մէկ օր առաջ` 17 հոկտեմբեր 2017-ին իր Լեհաստան այցելութեան ժամանակ, ծերակոյտի մէջ այս ցուցահանդէսի պաստառներուն մէջէն անցնելով, անպայման «հաճոյքը» ապրեցաւ տեղեկութիւններ լսելու ու մանրամասնութիւններ տեսնելու լեհահայերու  650-ամեակի դարաւոր ու պատուաբեր գոյատեւութեան մասին:

Ճիշդ է, որ Վարշաւայի հայկական նրբանցքին ցուցանական ու լեհահայութեան 650-ամեակի ինքնիշխանութեան նուիրուած այլազան նախաձեռնութիւնները եւ Լեհաստանի նախագահին հրաւէրը, ծերակոյտի համագումարն ու բանաձեւը ակնյայտ ապացոյցներ են  լեհահայութեան դարաւոր ներկայութեան ու անոր ստեղծագործ ներդրումներուն համար եւ կ՛ամրապնդեն հայկական պատմական ներկայութիւնը, գործօն դերակատարութիւնը Եւրոպայի մէջ, սակայն ամէնէն հիմնականը այն է, որ այդ իրադարձութիւնները պէտք է արժեւորել իբրեւ  Լեհաստանի պետութեան կողմէ հայերու ստեղծագործ գոյատեւութեան ուշագրաւ ճանաչում, իրողութիւն մը, որ պէտք է ըլլայ նոյնպէս օրինակելի ու աննախադէպ` այլ երկիրներու համար, ուր հայեր  իրենց դարաւոր ու պատուաբեր գոյատեւութեամբ միշտ շէնցուցած ու ստեղծագործած են:

 

 

«ԼՂ Հակամարտութիւն. Տարածաշրջանի Գերտէրութիւնների Դերակատարութիւնը». Վահրամ Բալայեանի Խօսքը Թեհրանի Մէջ Կայացած Հայ Դատի Խորհրդաժողովին

$
0
0

Ստորեւ կը հրապարակենք Արցախի  Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահ, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, դոկտ. փրոֆէսէօր Վահրամ Բալայեանի ելոյթը Թեհրանի Հայ դատի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ 15-17 նոյեմբերին Իրանի մէջ կայացած «Հայ դատը տարածաշրջանային վերջին իրադարձութիւններու լոյսին տակ» խորագիրով խորհրդաժողովին:

Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծումը բարդանում եւ համարեա անհնարին է դառնում տարածաշրջանում գերտէրութիւնների շահերի իրերամերժութեան եւ խոր հակամարտութիւնների պատճառով:

Հետեւաբար, ինչպէս երկրագնդի, այնպէս էլ տարածաշրջանի գերտէրութիւնների մօտեցումներով է պայմանաւորուած նաեւ ԼՂ հիմնահարցի կարգաւորումը:

ԵԱՀԿ Մինսքի խմբի համանախագահ պետութիւններից հակամարտող կողմերի վրայ ամենամեծ ազդեցութիւնն ունի Ռուսաստանը:

Վերջինս ոչ միայն մեծ շահեր ունի Հարաւային Կովկասում, այլ նաեւ բազմաթիւ նախաձեռնութիւններով, Մինսքի խմբից զատ, փորձում է իրավիճակի վրայ ազդել Ռուսաստան-Հայաստան-Ազրպէյճան եռակողմ բանակցային ձեւաչափի միջոցով (2015 թ. նոյեմբերից շրջանառութեան մէջ դրուած «Լաւրովի ծրագիրը», ՌԴ նախագահի միջնորդութեամբ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահների հանդիպումների կազմակերպում եւ այլն):

Բայց ամէնից վտանգաւորը Ռուսաստանի կողմից Ազրպէյճանին զէնք վաճառելու արատաւոր փաստն է, որը խաղաղ ճանապարհով լուծելու գործընթացը աւելի մշուշոտ է դարձնում: Ժողովրդական իմաստուն խօսք կայ ասուած` «Եթէ հրացան կայ, այն մի օր պիտի կրակի»: Նման գործելաոճը Ռուսաստանը եւ Արցախը իրար կապող բազմադարեան ջերմ բարեկամութիւնը խաթարող հանգամանք է:

Ռուսաստանը հիմնականում ձգտում է Հայաստանի ու Ազրպէյճանի միջեւ հաւասարակշռութիւն պահպանել: Բայց վերոյիշեալ գործնական քայլերը այդ ծրագրին հակընդդէմ են:

Իր ռազմավարական դիրքի եւ ուժանիւթային պաշարների պատճառով տարածաշրջանային գերակայութեան հաստատման համար առանցքային նշանակութիւն ունեցող Ազրպէյճանի համար միմեանց հետ մրցակցում են մի կողմից Սիացեալ Նահանգներ, Արեւմուտքն ու Թուրքիան եւ միւս կողմից էլ` Ռուսաստանը:

Ներկայումս Ռուսաստան-Արեւմուտք, Միացեալ Նահանգներ ճգնաժամը աւելի է բարդացնում ստեղծուած կացութիւնը: Այս հանգամանքը որոշակիօրէն  ազդում է ղարաբաղեան հակամարտութեան եւ հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացի վրայ: Աշխարհաքաղաքական դիմակայութիւնը Արեւմուտքին եւ Ռուսաստանին ստիպել է առաւել աշխուժացնել տարածաշրջանային, տուեալ պարագայում` Հարաւային Կովկասում քաղաքականութիւնը: Եւ այդ մրցավազքի մէջ ինչ-որ առումով գերտէրութիւնները դէպքից դէպք հակամարտութեան այս կամ այն կողմի հանդէպ փոխել են իրենց մօտեցումները:

2013 թ. օգոստոսին Եւրոմիութեան հետ Հայաստանի ընկերակցութեան պայմանագրի կնքման նախաշեմին բաւականին բարդացան հայ-ռուսական յարաբերութիւնները: Եւրոտնտեսական միութիւն մտնելուց յետոյ այդ յարաբերութիւնները նորից շտկուեցին: Բայց դրա փոխարէն` բարդացան ՀՀ յարաբերութիւնները Արեւմուտքի հետ:

Վերջին շրջանում Ուաշինկթըն-Պրիւքսել-Երեւան կապերի սերտացման պայմաններում, նկատելի է Մոսկուա-Պաքու յարաբերութիւնների ջերմացման ընթացքը: Գերտէրութիւնների աշխարհաքաղաքական յարաբերութիւնների խորացման  խորապատկերի վրայ էլ ուրուագծւում է ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման ընթացքը:

Վերջին շրջանում Ռուհանի-Ալիեւ-Փութին ձեւաչափով հանդիպումները եւ Իրան-Ազրպէյճան-Ռուսաստան երկաթգծի կառուցումը կարելի է ընկալել Հայաստանին մեկուսացնելու եւս մի փորձ, որը անվստահութիւն կ՛առաջացնի յատկապէս բարեկամ երկրների միջեւ եւ առաւել կը հեռացնի ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման օրը:

Այդ ամէնով  հանդերձ, պէտք է նկատենք, որ հիմնահարցը կարգաւորելու համար Ռուսաստանի կողմից գործնական քայլերի բացակայութեամբ հանդերձ, այդ երկիրը շահագրգռուած է Հարաւային Կովկասի իրադրութեան կայունացմամբ:

Ռուսաստանի սահմանների մօտ նոր պատերազմը կարող է քաոս առաջացնել, իսկ դա անխուսափելիօրէն ուղեկցուելու է ամբողջ տարածաշրջանում ազգամիջեան երկպառակութիւններով, միլիոնաւոր մարդկանց կենսապայմանների կտրուկ վատթարացմամբ, ուրեմն նաեւ` գաղթականների նոր հոսքերով դէպի Ռուսաստան, Կովկասեան լեռներով դէպի հիւսիս ազգայնամոլական ու ծայրայեղական տրամադրութիւնների տարածմամբ` պարարտ հող ստեղծելով ահաբեկչութեան եւ Ռուսաստանում ազգամիջեան յարաբերութիւնների բարդացման համար: Ռուսաստանը Կովկասում ունի եօթ ինքնավարութիւն եւ երկու երկրամաս: Հարաւային Կովկասի կայունութիւնը Ռուսաստանի անվտանգութեան հարցն է:

Չնայած` Միացեալ Նահանգներ մեր տարածաշրջանից բաւականին մեծ հեռաւորութեան վրայ է գտնւում, այնուամենայնիւ այդ գերհզօր երկիրը աշխարհի այս հատուածում իր շահերն ունի եւ Եւրոմիութեան միջոցով հիմնականում համաձայնեցուած քաղաքականութիւն է վարում Անդրկովկասում եւ յարակից շրջանում:

Ռուսաստանի պարագայում, Միացեալ Նահանգների եւ Եւրոմիութեան մօտեցումները Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի եւ դրանով նաեւ պայմանաւորուած` ղարաբաղեան հակամարտութեան նկատմամբ միանշանակ չեն: Այն որոշակի ժամանակի եւ աշխարհաքաղաքական զարգացումների հոլովոյթում փոփոխութիւնների է ենթարկւում: Զ. Պժեզինսքին գրել է. «Անկախ Ազրպէյճանը կարող է դառնալ միջանցք Արեւմուտքի համար` դէպի ուժանիւթի պաշարներով հարուստ Կասպիականի աւազանը եւ Միջին Ասիա: Ամերիկայի կողմից հզօրագոյն աշխարհաքաղաքական աջակցութեան արժանի պետութիւններն են` Ազրպէյճանը, Ուզպեքիստանը եւ Ուքրանիան. այս երեքը աշխարհաքաղաքական կենտրոններ են»:

Արեւմուտքն Ազրպէյճանի եւ Միջին Ասիայի նկատմամբ քաղաքականութիւնը ձգտում է վարել վերջիններիս հետ ցեղային, լեզուական, կրօնական, պատմամշակութեան կապեր ունեցող Թուրքիայի միջնորդութեամբ: Այդ միջնորդաւորուած կապը նպատակ ունի բարձրացնել Թուրքիայի դերակատարութիւնը տարածաշրջանում: 2007թ. Եւրոպայի եւ Եւրասիայի հարցերով Միացեալ Նահանգների արտաքին գործերի նախարարի օգնական Տենիել Ֆրիտը նշել է. «Թուրքիան իր աշխարհագրական դիրքով եւ ՕԹԱՆ-ի անդամակցմամբ, կապող օղակ է հանդիսանում Ազրպէյճանը Հիւսիսատլանտեան դաշինքին միաւորելու համար»:

Նման մօտեցումները տարածաշրջանում միտուած են լուծելու մի քանի հարցեր.

ա) Արեւմուտքը վերահսկողութիւն կը սահմանի մերձկասպեան տարածաշրջանի ուժանիւթի պաշարների վրայ:

բ) Թուրքիային տարածաշրջանում դարձնելով տնտեսական եւ քաղաքական առաջնորդ, դրանով իսկ կը թուլացնի Իրանի ազդեցութիւնը մահմետական երկրների վրայ:

գ) Հնարաւորինս կը թուլացնի Ռուսաստան-Իրան ռազմավարական դաշինքը:

Այս ամէնը լայն հեռանկար է բացում Թուրքիայի առջեւ փանթուրքիստական ծրագրերի իրագործման համար: Ի դէպ, Թուրքիայի եւ Գերմանիայի միջեւ վերջին ամիսներին ստեղծուած լարուած վիճակը որակապէս չի փոխի Արեւմուտքի եւ Թուրքիայի միջեւ գոյութիւն ունեցող ռազմավարական յարաբերութիւնները, եւ այդ բոլորը կը մնան որպէս տարածաշրջանում Ռուսաստանին եւ Իրանին թուլացնելու միջոցներ:

Միացեալ Նահանգները եւ Եւրոմիութիւնը Ռուսաստանից հետ չմնալու համար վերջին շրջանում ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հարցում որոշակի աշխուժութիւն են ցուցաբերում եւ փորձում են գործնական  դերակատարութիւն ունենալ: Այդ ամէնը տեսանելի է վերոյիշեալ երկրների պատասխանատուների ոչ միայն յայտարարութիւններից եւ համացանցում սփռուած  նիւթերից, այլ նաեւ` գործնական որոշ քայլերից: Այսպէս, 2012 թ. մայիսից սկսած առ այսօր Միացեալ Նահանգների 7 նահանգներ ճանաչել են Արցախի անկախութիւնը: Միացեալ Նահանգներ ՀՀ-ից յետոյ միակ երկիրն է, որ Արցախում մարդասիրական ծրագրերի իրագործման համար որոշակի գումար է յատկացնում: Ոչ պակաս ուշագրաւ է Միացեալ Նահանգների Քոնկրեսում  2015 թ. ԱՀ անկախութեան տարեդարձը նշելու փաստը: Միացեալ Նահանգների քոնկրեսականները իրենց հերթին 2015 թ. հոկտեմբերին նամակով դիմել են Ճէյմս Ուորլիքին` յորդորելով շփման գծում լարուածութեան թուլացման համար համապատասխան քայլեր ձեռնարկել: 2016 թ. յունուարին քոնկրեսական Ռոյսի նախաձեռնութեամբ, Ներկայացուցիչների պալատի արտաքին յարաբերութիւնների յանձնաժողովում ղարաբաղեան հարցով փակ լսումներ կազմակերպուեցին: 2016 թ. ապրիլեան իրադարձութիւնից յետոյ քոնկրեսականները Միացեալ Նահանգների կառավարութեանը կոչ են անում «աչք չփակել ազրպէյճանական  յարձակողապաշտութեան վրայ»:

Ուաշինկթընը նմանատիպ քայլերով փորձում է նաեւ կանխել Ռուսաստանի ազդեցութեան մեծացումը Անգարայի, Երեւանի եւ Պաքուի վրայ: Դրա համար Միացեալ Նահանգներ, ըստ էութեան, փորձում է թոյլ չտալ, որ Ռուսաստանի եւ վերոյիշեալ երկրների միջեւ պայմանաւորուածութիւններ կայանան ու գործնականում յաջողեն:

Գաղտնիք չէ, որ 1920-ական թուականներին Թուրքիան իր հեռագնայ ծրագիրը իրագործելու նպատակով Ռուսաստանի պոլշեւիկ ղեկավարներին համոզեց Լեռնային Ղարաբաղը եւ Նախիջեւանը նուիրաբերել Խորհրդային Ազրպէյճանին:

Նման պայմաններում Թուրքիայի օրուայ իշխանութիւնները, շարունակելով նախորդ պատմաշրջանից ժառանգած հակահայկական մօտեցումները, 1991 թ. սկսած դիմում են ամէն միջոցի` ղարաբաղեան հարցը լուծելու յօգուտ Ազրպէյճանի: Աւելի՛ն. Նախիջեւանի վրայ իր ազդեցութիւնը մեծացնելու եւ ՀՀ համար սպառնալիքներ ստեղծելու նպատակով փորձում են հզօրացնել այդ երկրամասը: 2017 թ. հոկտեմբերի վերջին թուրքական իշխանութիւնները Նախիջեւանի հետ անմաքս առեւտրի որոշում կայացրին: Թուրք պաշտօնեաները տեղի ու անտեղի յայտարարում են, որ ամէն ինչ կ՛անեն Ղարաբաղը Ազրպէյճանին վերադարձնելու համար:

Հայաստանի Հանրապետութեանը եւ Արցախի Հանրապետութեանը թուլացնելու, ինչո՞ւ չէ, Ռուսաստանին տարածաշրջանից դուրս մղելու համար Թուրքիան Հարաւային Կովկասում ձգտում է ստեղծել Անգարա-Թիֆլիս-Պաքու եռանկիւնին: Այդ ամէնի գործնական արտայայտութիւնները դարձան Պաքու-Թիֆլիս-Ճէյհան նաւթամուղի եւ Կարս-Ախալքալաք-Թիֆլիս-Պաքու երկաթգծի կառուցումը:

Ինչ էլ որ անեն, Թուրքիան եւ Ռուսաստանը Կովկասում եղել եւ կը մնան որպէս ռազմաքաղաքական մրցակիցնէր, եթէ ոչ` թշնամիներ: Չմոռանանք, որ վերջին 400 տարում Թուրքիայի եւ Ռուսաստանի միջեւ տեղի է ունեցել 12 պատերազմ` 69 տարի տեւողութեամբ:

Ժամանակակից Թուրքիայում վերյիշել են փանթուրքիստական ծրագրերը: Ղրիմը, Հիւսիսային Կովկասի սիւննիաբնակ տարածքները Թուրքիայի եւ Ռուսաստանի համար կը մնան որպէս ցաւոտ կէտեր:

Թուրքիային եւ Ռուսաստանին իրար հետ այսօր աւելի շատ կապում է տնտեսական շահը: Չմոռանանք, որ երկու երկրների միջեւ տարեկան ապրանքաշրջանառութիւնը հատում է 30 միլիառ տոլարի շեմը:

Ռուս-թուրքական ներկայիս կայուն յարաբերութիւնները նպաստում են Անդրկովկասում խաղաղութեան պահպանմանը: 2016 թ. ապրիլին ղարաբաղեան ճակատում ռազմական գործողութիւնները նաեւ ռուս-թուրքական թշնամական յարաբերութիւնների հետեւանք են: Թուրքիան դրանով փորձում էր Ռուսաստանին զգացնել տալ իր գոյութեան մասին:

Անգարայում գիտակցում են, որ Ազրպէյճանը Թուրքիայի եւ Ռուսաստանի հետ վարում է փոխլրացնող քաղաքականութիւն: Ի հարկէ, Թուրքիան կը ցանկանար ազատուել Ազրպէյճանի արտաքին քաղաքական շահերն իր հաշուին սպասարկելուց, բայց Էրտողանը եւ նրա շրջապատը հասկանում են, որ չեն կարող անտեսել ազգայնական տրամադրութիւններ ունեցող ընտրազանգուածին:

Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործում տարածաշրջանային գերտէրութիւնների աշխուժութեան խորապատկերի վրայ Արցախի Հանրապետութեան համար կարեւորւում է մեզ բարեկամ երկրի` Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան ցուցաբերած մօտեցումները:

Արաքսից այն կողմ ապրող իրանցի ժողովուրդը դարերի ընթացքում ապացուցել է, որ իր երկրի եւ Արցախի շահերը կարելի է համադրել եւ ապրել խաղաղ գոյակցութեան եւ բարիադրացիական յարաբերութիւնների մէջ: Միջնադարի վերջին շրջանում Խամսայի մելիքութիւնների գոյութիւնը հէնց դրա վառ ապացոյցն է: Իրանի հզօր պետութիւնը հանդուրժեց իր կողքին ունենալ ինքնավար կարգավիճակ ունեցող մի երկիր: Ամենայն հաւանականութեամբ այդ ամէնի մէջ իր կարեւոր նշանակութիւնն է ունեցել հազարամեակների խորքից եկող մեր երկու ժողովուրդների ցեղային-մշակութային ընդհանրութիւնը:

Իրանը մինչեւ 1997 թ. ոչ միայն դրական դերակատարութիւն է ունեցել ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման հարցում, այլ նաեւ Արցախի Հանրապետութեան հետ ունեցած իր յարաբերութիւններում նորից հաւաստել է, որ մեզ համար մնում է որպէս բարեկամ երկիր:

Կարծում ենք, որ 1994 թ. առայսօր Արցախի Հանրապետութեան եւ Իրանի միջեւ ձգուող 138 քմ երկարութիւն ունեցող սահմանի գոյութիւնը երկու երկրների անվտանգութեան պահպանման տեսանկիւնից միայն ու միայն շահեկան է:

Գաղտնիք չէ, որ վերջին շրջանում Ազրպէյճանը նաւթատոլարները շարունակում է ուղղել ռազմական պիւտճէի աւելացմանը եւ մեծ քանակութեամբ յարձակողական սպառազինութեան ձեռքբերմանը: Այս ամէնը կարող է խախտել ստեղծուած հաւասարակշռութիւնը եւ վտանգի տակ դնել Արցախի ափամերձ շրջանները: Այդ վտանգի չէզոքացման համար Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան միջեւ համագործակցութեան լայն ասպարէզ կայ: Վերջին 23 տարիների ընթացքում (1994-2017 թթ.) արցախեան կողմը դէմ է եղել տարածաշրջանում հակամարտութեան շրջանում որեւէ երկրի կողմից խաղաղապահ ուժերի տեղակայմանը: Այս հանգամանքը նորից բխում է մեր երկու երկրների անվտանգութեան  շահերից: Հետեւաբար, ունենալ կայուն եւ զարգացող Արցախի Հանրապետութիւն` նշանակում է ինչ-որ ձեւով նպաստել նաեւ մեր բարեկամ երկրի անվտանգութեան պահպանմանը: Մանաւանդ` ազրպէյճանաիսրայէլական յարաբերութիւնների ջերմացման, ռազմական ասպարէզում համագործակցութեան` կապուած զէնքի վաճառքի ու համատեղ զինատեսակների արտադրութեան եւ Ազրպէյճանում տեղակայուած իրանական հիւլէական ծրագիրը հսկող իսրայէլական ելեկտրոնային հետախուզական սարքերի գոյութեան պայմաններում վերոյիշեալ վտանգների յաղթահարումը աւելի արդիական է դառնում:

Գտնում ենք, որ ժամանակն է նաեւ Արցախի Հանրապետութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնների ձեւաւորմանը:

Վերջին տարիներին Իրանի պաշտօնական որոշ շրջանակներ յայտարարում են, որ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման համար Իրանը ունի համապատասխան ծրագիր: Մասնաւորապէս Ազրպէյճանում Իրանի դեսպան Մոհսեն Փաքայինը 2014 թ. փետրուարի 2-ին «Կիւն-ազ» կայքին տրուած հարցազրոյցում նշել է. «Իրանը ԼՂ հակամարտութեան լուծման վերաբերեալ մշակուած ծրագիր ունի, սակայն այդ ծրագիրը այն դէպքում օգտակար կը լինի, երբ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը աջակցեն դրան, հետեւաբար քանի դեռ աջակցութիւն չեն յայտնել, Իրանը հակուած չէ հրապարակել իր ծրագիրը»: Եթէ կայ նման ծրագիր, երեւի ճիշդ կը լինի այն սկզբում քննարկել Արցախի Հանրապետութեան պատասխանատուների հետ, որովհետեւ առանց արցախահայութեան մասնակցութեան` անհնարին կը լինի լուծել այդ հակամարտութիւնը:

Իրանի արտաքին գործերի նախարարութեան խօսնակ Պահրամ Քասեմին 2017 թ. մայիսի 1-ին յայտարարել է. «Կարգաւորել ԼՂ հակամարտութիւնը` առանց ժողովրդի դերակատարութիւնը հաշուի առնելու, անհնար է: Ժողովրդի դերը կարգաւորման գործում որոշիչ է լինելու»: Իրանական կողմի նման սթափ մօտեցումը աւելի գործնական հուն տեղափոխելու պարագայում, ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորումը առաւել դիւրին կը դարձնի:

Վերոյիշեալից արուելիք եզրակացութիւնը մէկն է. բարի կամեցողութեան դէպքում, ԼՂ հակամարտութիւնը կարելի է լուծել, եւ երկրագնդի այս հատուածում ապրող ժողովուրդների փոխշահաւէտ համագործակցութեան մթնոլորտ ստեղծելով` տարածաշրջանում ապահովել երկարատեւ խաղաղութիւն ու բարգաւաճում:

Դիտելով Ֆրեզնոն Եւ Լսելով Այդ Քաղաքի Հայերու Մասին

$
0
0

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Երկու օրէ ի վեր կը գտնուիմ Ֆրեզնօ: Ամերիկացի ընկեր-բարեկամ չունիմ: Կան հայեր: Այս երկու օրերու ընթացքին հանդիպեցայ միայն հին եւ նոր ծանօթներու: Մուսալեռցիներու համայնք կայ, կան Հայաստանէն արտագաղթածներ: Հայրենահանուածներու սերունդէն եւ անոնց ժառանգներէն հայերու չհանդիպեցայ, հաւանօրէն դեռ առիթ կ’ըլլայ, երբ համալսարանի հայկական ամպիոնը երթամ: Վաղեմի ընկեր մըն ալ կ’ապրի հոս, ուսուցիչ:

Հետաքրքրութեանս լսափողը բացած` լսեցի, ուզեցի գիտնալ: Երբ երիտասարդ էինք, գիտէինք, որ «Ասպարէզ» օրաթերթը հոս կը հրատարակուէր: Հոս ապրած էր Ուիլիըմ Սարոյեան, որուն անունով թատերասրահ կայ եւ մուտքին` իր կիսանդրին: Այլ հրապարակի մը վրայ կայ «Սասունցի Դաւիթ»-ը` Քուրկիկ Ջալալիի վրայ եւ Թուր Կեծակին ձեռքին: Գերեզմանատան մէջ դէպի երկինք կը բարձրանայ Սողոմոն Թեհլիրեանի յիշատակի կոթողը: Այս բոլորը զբօսաշրջային են:

Տարիներ առաջ քանի մը ժամով եկած էի Ֆրեզնօ, հայրենի գրող Զօրայր Խալափեանի ընկերակցութեամբ, որուն «Կճուճներու թագաւորը»  գիրքը պէտք էր ներկայացնէի, արձակուրդի օրերս անոր ընթերցման յատակցնելէ ետք: Կիրակիի պատարագէն ետք, սրահի մը մէջ, ուր մարդիկ կէսօրուան ճաշէն առաջ կը հիւրասիրուէին, լրջութեամբ պատրաստած խօսքս ամփոփեցի քանի մը բառերով եւ խօսափողը յանձնեցի Զօրայր Խալափեանին: Այդքան տեւեց գրական հանդիպումը, որուն համար եկած էինք եւ նոյն օրը վերադարձանք Լոս Անճելըս:

Անցնող քանի մը օրերու զրոյցներու ընթացքին պարզուեցաւ, որ կարեւոր թիւով հայեր կ’ապրին Ֆրեզնօ: Ոմանք ըսին` 70.000, ուրիշներ ըսին` 60.000, 45.000: Դպրոց ունին, կիրակնօրեայ դպրոց, հայկական պարի դպրոց, երբեմն տեղի կ’ունենան մշակութային ձեռնարկներ: Ճշդեցին, որ համագործակցութիւն չկայ, եւ Պաղ պատերազմը կը շարունակուի: Հակառակ իր կարեոր համրանքին` համայնքը շնչասպառ է: Ինքզինքիս թոյլ չեմ տար ըսելու, թէ ի՛նչ տոկոս կը ներկայացնեն հայ կեանքին մասնակիցները, բայց անոնք չնչին տոկոս են: Հայաստանէն նոր հասածներ եւ մուսալեռցի երիտասարդներն անգամ ամերիկերէնի երգեցիկ հայերէն կը խօսին:

Ամերիկեան եւ հայկական դասական պատկերին հաւատարիմ, ինչպէս ամէն մարզի մէջ, զոյգ-զոյգ ունինք, հոս ալ ունինք զոյգ եկեղեցիներ, երկու աւետարանական եկեղեցիներ:

Ինչպէ՞ս կրնայի չմտածել, բաղդատութիւններ չընել, անոնց մասին չխօսիլ ընկեր-բարեկամներու հետ:

Արդարեւ, հոս կան, մէկ քաղաքի մէջ, աւելի մեծ թիւով հայեր, քան Լիբանան, քան Աւստրալիա, քան Քուէյթ: Իրապէս անկարելի՞ է ազգային համայնք դարձնել Ֆրեզնոյի հայերը, ունենալ դպրոց, ակումբներ եւ այլ կառոյցներ: Ըսին, որ անկարելի է: Երիտասարդները չեն գար, երէցները հին օրերու բարձրաձայն չըսուող տարակարծութիւններով կ’ապրին: Նոյնիսկ նոր հասնողներու զաւակները կը հեռանան հայերէնէ: Հայերէն թերթ եւ հայերէն գիրք մեծ բացականերն են հայոց կեանքէն:

70.000 հայերու վերականգնումին, հայացման եւ շարունակութիւն դառնալու առաջադրանքին համար համազգային վերաբերումի մը անհրաժեշտութեան մասին մտածել եւ նախաձեռնել մի՞թէ հրամայական պարտականութիւն չէ Հայաստանի իշխանութիւններուն, հայ կուսակցութիւններուն, մեծանուն հայկական մշակութային եւ բարեսիրական կազմակերպութիւններուն համար: Ճիշդ է, որ հոս մարդիկ ունին բարօր կեանք` առատութեան երկրին մէջ, բայց ի՞նչ է եւ ի՞նչ պիտի ըլլայ հայերու ինքնութիւնը, ազգի անդամ մնալու գիտակցութիւնը` քանի մը տասնամեակ վերջ, չեմ համարձակիր ըսելու` մեր դարուն վերջը:

Մարգարէ չեմ, բայց նաեւ չեմ ուզեր հետեւիլ պարտութիւնը ընդունած չարագուշակներու:

Հրաշք չկայ: Վերականգնումը ինքնաբերաբար տեղի պիտի չունենայ:

Մեր ժամանակներու մեծ գիւտէն, մեծ նուաճումէն` կազմակերպութենէն, եթէ գիտնանք օգտուիլ, թերեւս մենք կ’իրագործենք հրաշքը:

Ֆրեզնոյի հայերը բարեկեցիկ են, քիչ մըն ալ` աւելի: Անոնք ի վերջոյ հայ են, եւ բոլորն ալ իրապէս չեն դարձած սոսկ ծագումով հայեր: Իրարու հետ մրցակցութեան մէջ եղող, զիրար անգիտացող հայկական կազմակերպութիւնները պահ մը պէտք է մտածեն, որ Ֆրեզնոյի 70.000 հայերը իրենց դրամագլուխն են, անոնցմով կ’արդարանայ իրենց գոյութիւնը: Իրենք իրենց հարց պէտք է տան, թէ ի՞նչ պէտք էր որ ընէին եւ չեն ըրած, ի՞նչ պէտք է որ ընեն կորսուած ժամանակը վերաշահելու համար:

Ազգային իրաւ քաղաքականութեան տեսանկիւնէն, յանցանք է 70.000 հայերու ճակատագիրը անմիջական օրակարգ չդարձնել:

Մէկ շաբթուան այցելուն մեծ գաղութի մը խորհրդատուն ըլլալու յաւակնութիւնը պէտք չէ ունենայ: Սակայն կարելի է հարց տալ, թէ ինչո՞ւ Հայաստանի եւ Արցախի գիւղերով զբաղելու իրենք իրենց առաքելութիւն տուած կազմակերպութիւնները, առանձին կամ համատեղ պատասխանատուութեամբ, լուսարձակի տակ չեն բռներ Ֆրեզնոյի 70.000 հայերը, որպէսզի անոնք տոկան եւ տեւեն, ունենան հարազատ ինքնութիւն եւ վերագտնեն հայրենատիրութեան յանձնառութիւնը, մասնակցութեամբ եւ ի հարկին` հայրենադարձութեամբ:

Վիճակագրական ուսումնասիրութիւն մը կրնայ ըսել, թէ առնուազն երեք կամ չորս հազար դպրոցական տարիքի սերունդ ունի Ֆրեզնոյի հայութիւնը: Այսինքն` հայկական վարժարանի մը հաւանական աշակերտներ, եթէ անոնց առջեւ բացուին դռները արդիական հայկական վարժարանի մը, ուր լրացուին պայմանները` կեանքի եւ ընկերութեան մէջ յաջողութեան եւ հայու ինքնութեան կերտումին:

Անհրաժեշտ են` որակը, ներդրումը, կազմակերպութիւնը:

Ղեկավարումի, ձեռնհասութեան, ներդրումի, հեռանկարի եւ յանձնառութեան հարց է վերականգնումի ծրագիր մը, որ պիտի ըլլայ վերկուսակցական, վերյարանուանական, վերդասակարգային:

Երեւելիական թափահարումները գերանցելով` անկարելի՞ է նախաձեռնել:

Ազգը երախտապարտ պիտի ըլլայ այդ ոգիով նախաձեռնողներուն, ոչ միայն հոս` Ֆրեզնօ, այլ նաեւ` Մելպուռն, Շուէտ, Հոլանտա, ամէնուրեք ուր հայ կայ:

Կարողական կարելիութիւնները կան:

Վստաhութիւն ներշնչել, ծրագրել եւ նպատակադրել որակը: Ո՞վ պիտի նախաձեռնէ: Պատմութիւնը պիտի չխօսի մեր մրցակցական պարտութիւններուն եւ յաղթանակներուն մասին, այլ` մեր յաջողութիւններուն եւ վերականգնումներուն մասին, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ): Եթէ յաջողինք եւ վերականգնինք:

 

 

2 նոյեմբեր 2017, Ֆրեզնօ

Պաքու-Թիֆլիս-Կարս. Իրակա՞ն, Թէ՞ Կեղծ «Մետաքսի Ճանապարհ»

$
0
0

ՄԻՔԱՅԷԼ ՀԱՋԵԱՆ
Քաղաքական վերլուծաբան

Նախքան հարցին անդրադառնալը` փորձենք հակիրճ տեղեկանքի տեսքով պատկերացում կազմել երկաթգծային հաղորդակցութեան այդ նախագծի մասին:

Եւ այսպէս, Պաքու-Թիֆլիս-Կարս փոխադրամիջոցների մայրուղու շինարարութեան նախագիծը հաստատուել է 2007թ. փետրուարի 7-ին Թիֆլիսում, Հայաստանի չորս հարեւաններից երեքի` Վրաստանի, Ազրպէյճանի եւ Թուրքիայի ստորագրած միջպետական համաձայնագրով կամ, ինչպէս այն կոչուել է`  «Թիֆլիսեան հռչակագրով», որն առնչւում էր այդ երկրների միջեւ հաղորդակցային եւ ուժանիւթային համագործակցութեան խորացմանը: Երկաթգծի ընդհանուր երկարութիւնը 826 քմ է: Նախագծի շրջանակներում կառուցուել է 105 քմ երկաթգիծ Ախալքալաքից մինչեւ Կարս, որից 29 քմ բաժին է ընկնում Վրաստանի, 76 քմ` Թուրքիայի տարածքներին: Բացի այդ` վերակառուցման, այսինքն արդիականացման է ենթարկուել Ախալքալաք-Թիֆլիս ուղեհատուածը: Նախնական արժէքը սահմանուած էր 422 միլիոն ամերիկեան տոլարի չափով, որից 202 միլիոն  պէտք է յատկացուէր վրացական, 220 միլիոն` թուրքական  հատուածի կառուցմանը: Ծախսերը կողմերի միջեւ բաշխուել են հաւասարաչափ. Ազրպէյճանը` Վրաստանին նուազագոյն տոկոսադրոյքով վարկի տրամադրման միջոցով` Ախալքալաքից մինչեւ թուրքական սահման ընկած հատուածի շինարարութեան համար: Միեւնոյն ժամանակ, Ազրպէյճանն իր հաշուին արդիականացման է ենթարկել Մառնէուլ-Ախալքալաք ուղեհատուածը: Սակայն շինարարական եւ այլ նիւթերի, ինչպէս նաեւ ծառայութիւնների հետագայ թանկացումների պատճառով տարիների ընթացքում քանիցս վերանայման է ենթարկուել նախագծի ընդհանուր արժէքը: Օրինակ, 2008թ. վերջերին այն արդէն կազմել էր 800 միլիոն տոլար, իսկ 2011-ին` 1.2 միլիառ տոլար: Սակայն այդ ցուցանիշը հետագայում քանիցս աճել է: Մասնաւորապէս, ինչպէս վերջերս` հոկտեմբերի 30-ին երկաթգծի բացման արարողութեանը յայտարարել է Ղազախստանի վարչապետը,  նախագծում ընդհանուր առմամբ ներդրուել է աւելի քան 10 միլիառ տոլար:  Առաջին փուլում նախատեսւում է այդ երկաթուղով տարեկան փոխադրել մինչեւ 10 միլիոն թոն բեռ եւ շուրջ 1 միլիոն ուղեւոր, իսկ հետագայում միջանցքի տարեկան թողունակութիւնը կարող է կազմել 30 միլիոն թոն բեռ, իսկ ուղեւորների քանակը պէտք է հասնի 3 միլիոնի:

Ի լրումն` նշեմ նաեւ, որ նախագծի մասնակիցների մտայղացմամբ,  նոր միջանցքը ոչ հեռաւոր ապագայում պէտք է հանդիսանայ մէկ այլ` աւելի մեծ նախագծի մաս, ըստ որի, Հարաւային Կովկասի երկաթուղին պէտք է Թուրքիայի տարածքով կապուի Եւրոպայի հետ: Այդ նպատակով Թուրքիայում` Վոսփորի նեղուցում կառուցուել է «Մարմարա» կոչուող ստորջրեայ երկաթուղային փապուղին, ինչն ուղիղ կապ կ՛ապահովի երկաթգծի համաեւրոպական ցանցի հետ:  Բացի այդ, նոր  նախագծի շրջանակներում նախատեսւում է Կարսից դէպի Նախիջեւան ձգուող երկաթգծի շինարարութիւն, իսկ հեռանկարում Պաքու-Թիֆլիս-Կարս նախագիծը պէտք է դառնայ Եւրոպա-Կովկաս-Ասիա երկաթուղային արագընթաց միջանցքի մաս:

Բացի տնտեսականից, Պաքու-Թիֆլիս-Կարս նախագիծը, ինչ խօսք, ունի նաեւ հեռագնայ քաղաքական տողատակ: Այն, անշուշտ, ձեռնտու չէ տարածաշրջանի միւս երկրներին` Իրանին եւ, առանձնապէս, Հայաստանին: Հիմնական ներդրողները` Անգարան եւ Պաքուն, նպատակ ունեն տնտեսական այս ճանապարհով մեծացնել Թուրքիայի եւ Ազրպէյճանի քաղաքական ազդեցութիւնը տարածաշրջանում, թոյլ չտալ, որպէսզի Հայաստանը հաղորդակցութեան տարանցիկ երկիր դառնայ եւ, այդպիսով իսկ` որպէս գործօն հանդէս գայ տնտեսական կարեւոր նշանակութեան այս միջանցքում: Պատահական չէ, որ նախագծի հիմնական ներդրողները կտրականապէս մերժեցին այլընտրանքային ուղուց` բացառապէս արդիականացման ենթակայ Գիւմրի-Կարս երկաթգծի ընդամէնը 12 քմ երկարութեան հայաստանեան ուղեհատուածից: Ինչպէս յայտնի է, այն տակաւին 1899թ. շահագործման յանձնուած  Թիֆլիս-Ալեքսանդրապոլ-Կարս` շուրջ 214 քմ ընդհանուր երկարութեան երկաթուղու բաղկացուցիչ մասն էր եւ ուղեւորափոխադրումներ ու բեռնափոխադրումներ էր իրականացնում նաեւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան տարիներին` 1918-1920թթ.: Խորհրդային կարգերի օրօք` մինչեւ 1989թ., Գիւմրի-Կարսը Թուրքիայի հետ գործող միակ երկաթուղային ճանապարհն էր ու ծառայում էր հիմնականում բեռնափոխադրումների համար` տարեկան 10 միլիոն թոն թողունակութեամբ: Անկախացող Հայաստանի պատմութեան մէջ առաջին անգամ Գիւմրի-Կարս երկաթգիծը պէտք էր գործարկուէր նաեւ քաղաքացիական անձանց համար: Սակայն 1993թ. ապրիլին` Արցախի Պաշտպանութեան բանակի կողմից Քարվաճառ-Քելբաջարն ազատագրելուց գրեթէ անմիջապէս յետոյ,  Թուրքիան միակողմանի փակեց Հայաստանի հետ իր օդային եւ ցամաքային սահմանները: Միջազգային հանրութեան ճնշման ներքոյ օդային սահմանը վերաբացուել է 1995-ին, իսկ ահա ցամաքային սահմանը վերաբացելու եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու համար Թուրքիան առաջ էր քաշում հայկական կողմի համար անընդունելի մի շարք նախապայմաններ, որոնցից հիմնական են Լեռնային Ղարաբաղի վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջանների վերադարձն  Ազրպէյճանին,  Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումից եւ ընդհանրապէս Թուրքիայի նկատմամբ պահանջներից հրաժարումը: Այս ընդհանուր պարունակում նշեմ նաեւ, որ եթէ ուժի մէջ մտնէր 2009-ի հոկտեմբերի 10-ին Ցիւրիխում ստորագրուած հայ-թուրքական համաձայնագիրը, ապա 2 ամսուայ ընթացքում նախատեսւում էր շահագործել Գիւմրի-Կարս երկաթգիծը, եւ Ախուրեան կայարանում մեկնարկեց շինարարական եռուզեռը: Բայց քանի որ ցիւրիխեան արձանագրութիւնը  ոչ միայն հաւանութեան չարժանացաւ, այլեւ շատ արագ հանուեց թուրքական մեճլիսի օրակարգից (ըստ իս, ընդգծում եմ, բարեբախտաբար), ուստի եւ, հայ-թուրքական յարաբերութիւնների կարգաւորման, այսպէս ասած` լուսանցք նետուեց Գիւմրիից Կարս ձգուող տարանցիկ երկաթուղային միջանցքի գործարկման գաղափարը:

Ինչ վերաբերում է Իրանի պարագային, ապա ինչպէս Երեւանի  Panorama.am լրատուական գործակալութեան թղթակցի հետ զրոյցում վկայել է  իրանագէտ Վարդան Ոսկանեանը, Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղու գործարկման շուրջ Իրանից ստացուած ոչ պաշտօնական արձագանգներն առնուազն այդքան էլ խանդավառ չեն:  Անձամբ ես այն տեսակէտին եմ, որ Իրանը վաղ թէ ուշ այս կամ այն չափով օգտուելու է Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղու ընձեռած հնարաւորութիւններից: Բնականաբար ոչ ներդրող-բաժնետէրի, այլ` բեռնափոխադրման ծառայութեան պատուիրատուի սակաւիրաւ կարգավիճակով: Միւս կողմից, ինչպէս այդ նախագծի ներդրողներն են ծրագրում, մօտ հեռանկարում այն պէտք է կապ հաստատի ինչպէս Կեդրոնական Ասիայի, նոյնպէս եւ հարաւային Ասիայի երկրների, առանձնապէս` Չինաստանի եւ Հարաւային Քորէայի հետ, ուստի եւ հազիւ թէ նրանք խուսափեն իրանական երկաթուղու եւ ծովային նաւահանգիստների ծառայութիւններից օգտուելու անհրաժեշտութիւնից:

Միեւնոյն ժամանակ, պաշտօնական Թեհրանը, հաւատարիմ մնալով դէպի եւրոպական երկրներ ցամաքային հաղորդակցութեան խնդրում իր վարած այլընտրանքային քաղաքականութեանը, այդ կապակցութեամբ խոշորածաւալ նախագծեր ունի: Որպէս այդպիսին` ներկայումս աշխուժ քննարկումների եւ պայմանաւորուածութիւնների ձեռքբերման փուլում է գտնւում Հարաւ-Հիւսիս երկաթգծի շինարարութիւնը, որի միջոցով Իրանը կարող է լայն հնարաւորութիւն ստանալ Ազրպէյճանի եւ Ռուսաստանի տարածքներով դէպի Եւրոպա բեռնափոխադրումներ եւ ուղեւորափոխադրումներ իրականացնելու համար` շրջանցելով Թուրքիայի տարածքը, որի հետ առանց այն էլ երկաթուղային կապ ունի: Երկրորդ նախագիծը վերաբերում է Իրան-Հայաստան երկաթգծի շինարարութեանը, որը նոյնպէս գտնւում է միջպետական պայմանաւորուածութիւնների փուլում, եւ որի իրականացման դէպքում իրանական բեռները կարող են յաջողութեամբ հասնել դարձեալ վրացական նաւահանգիստներ, որտեղից եւ` եւրոպական երկրներ: Միեւնոյն ժամանակ, ընթացքի մէջ են  Հայաստանի տարածքով դէպի Վրաստանի սեւծովեան նաւահանգիստներ ձգուող ու ներկայումս գործուն Հիւսիս-Հարաւ մայրուղին միջազգային չափանիշներով  բարեկարգելու աշխատանքները: Ընդ որում` Իրանը խնդիր ունի տարանցիկ փոխադրումների զգալի ծաւալը Թուրքիայից տեղափոխել Հայաստան: Չորրորդը Կասպից ծովի միջով անցնող ուղղագիծ երթուղին է դէպի Ռուսաստան, որտեղից էլ` դէպի Եւրոպա: Այնպէս որ, ինչքան էլ որ Իրանի համար տնտեսապէս ձեռնտու չլինի Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղին, այնուամենայնիւ, Թեհրանում առկայ են այդ բացը լրացնելու այլ հնարաւորութիւններ եւս: Պարզապէս, հաղորդակցութեան այլընտրանքային ուղիների որոնման նրա այդ քաղաքականութիւնը բացատրւում է ոչ միայն եւ ոչ այնքան տնտեսական գործօնով, ինչը, որպէս առաջնահերթ նշանակութեան անհրաժեշտութիւն, կարեւոր է ցանկացած երկրի, այդ թւում` նաեւ Իրանի համար, այլեւ` քաղաքական բաղադրիչով: Բանն այն է, որ պաշտօնական Թեհրանը ժամանակի փորձութեան միջով անցած տեւական անվստահութեամբ է համակուած իր անմիջական հարեւաններից երկուսի` Թուրքիայի եւ Ազրպէյճանի նկատմամբ, որոնցից իւրաքանչիւրը կամ երկուսը միաժամանակ, օգտագործելով այս կամ այն տնտեսական գործօնը, անսպասելի կարող են մօտ կամ հեռու ապագայում քաղաքական խնդիրներ դնել նրա առջեւ: Մինչդեռ ահա հաղորդակցութեան ուղիների այլընտրանքը խուսանաւելու լայն հնարաւորութիւն կարող է ընձեռել, ինչին եւ ձգտում են Թեհրանի իշխանութիւնները: Վարդան Ոսկանեանի գնահատմամբ. «Իրանցիները համարում են, որ այս նախագիծը միտուած է տարածաշրջանային փոխադրամիջոցների ծրագրերից դուրս թողնելու ոչ միայն Հայաստանին, այլ նաեւ` Իրանին, ինչպէս նաեւ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանում սահմանափակելու վերջինիս ներկայութիւնը` փոխարէնն ուժեղացնելով թուրքական գործօնի ներկայութիւնը»: Իրանագէտի տեսակէտով, փաստօրէն, բացի Հայաստանից, կայ տարածաշրջանային եւս մէկ ուժ, որը ամենեւին յոյսեր չի կապում այս երկաթուղու հետ եւ շահագրգիռ է, որպէսզի տեղի ունենան այլընտրանքային գործընթացներ` նկատի ունենալով նախ եւ առաջ Հայաստանի, Իրանի եւ երրորդ կողմերի ներգրաւմամբ ձեւաչափերը:

Բայց անդրադառնանք մեզ հետաքրքրող գլխաւոր հարցին. արդեօք Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղին իրակա՞ն, թէ՞ կեղծ «Մետաքսի ճանապարհ» է, ինչպիսին այն ներկայացուել է հոկտեմբերի 30-ին փոխադրամիջոցների այդ միջանցքի պաշտօնական բացմանը, որին բացի Ազրպէյճանի եւ Թուրքիայի նախագահներից` ներկայ էին նաեւ Վրաստանի, Ղազախստանի եւ Ուզպեքիստանի կառավարութիւնների ղեկավարները: «Այսպիսով,  մենք յայտարարում ենք Լոնտոնից մինչեւ Չինաստան ուղիղ երկաթուղային հաղորդակցութեան ստեղծման մասին», յայտարարել է Թուրքիայի նախագահ Ռեճեփ Էրտողանը, ով մինչ Պաքու ժամանելն ասել էր. «Մենք անիծում ենք Հայաստանի զաւթողական քաղաքականութիւնը եւ նրա վերջին սադրանքները, որոնք չեն կարող նպաստել տարածաշրջանում խաղաղութեանը»:  Ընդ որում, ելոյթներում մէկ անգամ չէ, որ արեւելեան հաճոյախօսութեամբ ու շողոքորթութեամբ շեշտուել է, թէ վաղեմի ժամանակներում Ասիան Եւրոպայի հետ կապող երթուղու` պատմական «Մետաքսի ճանապարհի» վերակենդանացման գաղափարը պատկանում  է Չինաստանի նախագահին:

Բայց ահա, ինչպէս ակնյայտ դարձաւ արարողութեան արձանագրութիւնից, Չինաստանից եւ ոչ մի ներկայացուցիչ, էլ ինչ մնաց, թէ  անձամբ մտայղացման հեղինակը`  երկրի նախագահը, ներկայ չէր միջանցքի բացմանը: Կարող է հարց ծագի` իսկ ինչո՞ւ: Պարզւում է` բանն այն է, որ երբ առաջին գնացքը Ղազախստանից ուղեւորուեց դէպի Ազրպէյճան եւ ապա` Վրաստան, այնտեղից ճանապարհը շարունակուեց լաստանաւով դէպի Պոլիս, չիները համարեցին, որ այդ ճանապարհը ձեռնտու չէ իրենց: Նրանք հիմա մշակում են Ղազախստանի տարածքով դէպի Ռուսաստան երկաթուղի կառուցելու նախագիծ: Այսպիսով, չինական մասնակցութիւն չկայ այդ նախագծում: Չինաստանը միջոցներ չի ներդրել այս ծրագրի մէջ: Ինչպէս Հայաստանի «Առաջին լրատուական» ծառայութեան թղթակցի հետ զրոյցում նշել է  Մերձաւոր Արեւելքի եւ Կովկասի հարցերի փորձագէտ Սթանիսլաւ Թարասովը. «Պաքու-Թիֆլիս-Կարս միջանցքը չի կարող հեռանկարային լինել, քանի որ նա անցնում է աշխարհաքաղաքական անկայունութեան գօտիով: Սիրիայում շարունակւում է պատերազմը, Քիւրտիստանի շուրջ անկայուն իրավիճակ է, Թուրքիայի արեւելեան վիլայեթներում քաղաքացիական պատերազմ է, եւ ամենեւին էլ միանշանակ չէ իրադրութիւնը Իրանում: Այսպիսի անկայուն տարածաշրջաններում փոխադրամիջոցների միջանցքներ չեն կառուցում, եւ պատահական չէ, որ Չինաստանը ներդրումներ չի արել»: Ուշագրաւ է նաեւ յայտնի ռուս փորձագէտի պատասխանն այն հարցին, թէ իր  գնահատմամբ, Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղին կարո՞ղ է համարուել մարտահրաւէր կամ ռիսք Հայաստանի համար: Իրականում այն ձեռնտու է մեզ համար, ասել է Սթանիսլաւ Թարասովը` յաւելելով, որ եթէ պէտք լինի հրասայլեր մտցնել Թուրքիայի արեւելեան վիլայեթներ, ապա ճանապարհներն արդէն կառուցուած են: «Նրանք մեզ համար են կառուցել: Եթէ փող ունեն, թող կառուցեն, իսկ ճանապարհներից կ՛օգտուենք մենք», շեշտել է նա:

Այն հանգամանքը, որ Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթգծի կառուցման ու գործարկման իրողութիւնը, մեղմ ասած, չի ոգեւորում նաեւ տարածաշրջանի միւս խոշոր երկրներին` Ռուսաստանին եւ Ղազախստանին, մասնաւորապէս վկայում են  նոյեմբերի 9-ին` ռուսական Չելեապինսք քաղաքում կայացած Ռուսաստանի եւ Ղազախստանի միջտարածաշրջանային համագործակցութեան 14-րդ համաժողովում հնչած ելոյթները: «Ես միանում եմ Նուրսուլթան Նազարպայեւի (Ղազախստանի նախագահ – խմբ.) խօսքին, որ վերաբերում է Չինաստանի ժողովրդական հանրապետութիւնից Ղազախստանի եւ Ռուսաստանի միջով, ապա եւ այն կողմ` Եւրոպա ձգուող երկաթգծային մայրուղու շինարարութեան խոշոր նախագծի իրացման հնարաւորութեանը: Դա կարող է անչափ լաւ խթան դառնալ արտադրութեան մի ամբողջ շարք ճիւղերի զարգացման համար»:  Այդ մասին վերջերս` նոյեմբերի 9-ին յայտարարել է նախագահ Վլատիմիր Փութինը ռուսական Չելեապինսք քաղաքում` հանդէս գալով Ռուսաստանի եւ Ղազախստանի միջտարածաշրջանային համագործակցութեան 14-րդ համաժողովի արդիւնքների ամփոփման լիագումար նստաշրջանում:

Պաշտօնական Պաքուն, այնուամենայնիւ, արդէն իսկ փորձում է երկաթուղային նոր միջանցքի գործարկման փաստը քաղաքական խաղաքարտ դարձնել Հայաստանի եւ Արցախի հետ իր հակամարտութեան մէջ: Չարախնդօրէն ակնարկելով, որ  Հայաստանին դուրս են թողել հերթական տարածաշրջանային ծրագրից, Ազրպէյճանի արտաքին գործերի նախարար Էլմար Մամետեարովը  յայտարարել է, թէ Հայաստանը կարող է Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթգծին միանալ միայն այն դէպքում, երբ դուրս բերի զօրքերը, իր իսկ ձեւակերպմամբ, «Ազրպէյճանի բռնագրաւուած տարածքներից»: Պաշտօնական Երեւանը չի յապաղել, ինչպէս ասում են, տեղը դնել չափը չիմացող ազրպէյճանցի դիւանագէտին: «Նախ` բռնագրաւուած տարածքներից Ազրպէյճանը պէտք է դուրս բերի իր զօրքերը, մասնաւորապէս` Գետաշէնից, Մարտունաշէնից ու Շահումեանից,- ի պատասխան յայտարարել է Հայաստանի ԱԺ փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանովը:- Եթէ կան բռնագրաւուած տարածքներ, ապա դրանք բռնագրաւուած են Ազրպէյճանի կողմից: Երկրորդը` եթէ Ազրպէյճանը ցանկանում է, որ Հայաստանը միանայ տարածաշրջանային նման նախագծերի, ապա ինքը պէտք է ճանաչի Արցախի անկախութիւնը` որպէս տէ ժիւրէ անկախ պետութիւն»:

Հայկական առածն ասում է` խելօքին մէկ, յիմարին հազար ու մէկ ասա: Մենք արդէն կորցրել ենք հաշիւը, եւ չենք էլ յիշում, թէ որերորդ անգամն ենք Պաքուին ասում Արցախը ճանաչելու անհրաժեշտութեան մասին: Բայց հասկացո՞ղն ով է:  Պարզւում է` Ազրպէյճանի պարագայում հազար ու մէկ անգամն էլ քիչ է, ահաւոր քիչ:

Արցախ
Յատուկ «Ազդակ»-ի համար

Պիտի Գան Տակաւին (Մհեր Ջուլհաճեանի 50-ամեակին)

$
0
0

ՍԵՒԱԿ ԱՐՈՅԵԱՆ

18/8/1992
ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան վարչութիւն

Սիրելի՛ ընկերներ,

Սեպտեմբեր 4-էն սկսեալ պիտի հաստատուիմ Երեւան եւ պիտի մնամ երկար ժամանակ, հետեւաբար կը խնդրեմ ձեզմէ` զիս փոխանցէք Երեւանի «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան շարքերը:

Ընկերական բարեւներով`
Մհեր Ջուլհաճեան

24/11/2017
Մհեր Ջուլհաճեանին

Սիրելի՛ ընկեր,

Նամակիդ մէջ նշած թուականէդ 25 տարի անցած է. 25  անգամ սեպտեմբեր 4-եր անցած են,  24 անգամ` օգոստոս 23-ներ, որուն առաջինը 1993-ին էր, երբ, հաւատարիմ դաշնակցականի երդմանդ, հանգչեցար մայր հողին գիրկը, մահն անգամ չբաժնեց քեզ մայրաքաղաք Երեւանէն, ուր մնալու մասին գրած էիր` «երկար ժամանակ»:

Ինչպէ՞ս է Երեւանը, ընկե՛ր Մհեր. ինչպէ՞ս է այդ կտոր մը հողը, որ քու սեփականութիւնդ դարձաւ. ինչպէ՞ս կը բացատրես այդ քու «անձնասիրութիւնդ», որ ուրիշներու չտեսած հայրենիք Հայաստանի ամենապատուաւոր տարածքէն քանի մը մեթր հողաշերտ սեփականացուցած` 24 տարիէ ի վեր կը հանգստանաս Արարատի դիմաց:

Տակաւին որքա՞ն կը պատրաստուիս մնալ այդտեղ, ըսէ՛ մեզի, այդ դո՞ւն էիր, որ «անառակ որդի»-ին պէս գտար հայրդ` հողը եւ ամուր գրկեցիր զայն. քեզ չծնած մօրդ գտնելու համար գացիր, անոր պատիւը պահելու համար կռիւ տուիր եւ զոհուեցար. անմահութիւն ձեռք բերիր, եւ այդպէ՛ս յաղթեցիր բոլոր ժամանակներուն, բոլոր խոստումներուն ու երդումներուն. նամակիդ մէջ գրած «երկար ժամանակ»-դ վերածեցիր տարիներու…

100 տարի առաջ Վտարանդի գրած է, որ Դաշնակցութեան դրօշակներուն տակ մահը քաղցրութիւն ունի ծնունդի, ու հին մեռելները հողի խորերէն իրենց զինուորներուն կը նախանձին:

Ընկե՛ր Մհեր, դուն ճաշակեցիր այդ դրօշակներուն տակ նահատակուելու քաղցրութիւնը, եւ այսօր քեզի կը նախանձին ո՛չ միայն հին մեռելները, ո՛չ միայն անոնք, որոնք հայրենիքի համար կռուելու սրբազան պարտքէն խուսափած` դաւաճանի ու դասալիքի անունը կրելու երկիւղով ապրեցան, այլեւ անոնք, որոնք կ՛ապրին այդ վախով, կ՛ապրին հայրենիքը սրբապղծելով: Կը նախանձի քեզի նո՛ր սերունդը, եւ պիտի նախանձին իրերայաջորդ սերունդներ:

Նամակիդ մէջ գրած բառերուդ հետ պիտի չափուի ժամանակը, որուն անսահմանութեան մէջ, սակայն, փառքդ երբեք պիտի չսահմանափակուի:

Այդ անսահմանութեան մէջ տակաւին շատեր պիտի գան այդ հողը ունենալու երազանքով եւ իրենց «անառակ» հայրենասիրութիւնը դրօշակելու դէպի անմահութիւն տանող լուսաւոր արահետիդ եզերքներուն, իսկ դուն պիտի տանիս զանոնք դէպի նահատակութեան դրախտի սրբազնագոյն լուսաւորութիւնը:

Պիտի գան տակաւին` որպէս նոր ուխտեալները հայրենիքի ամբողջականութեան ու յաւերժականութեան, իրենց ետեւ ձգելով ամէն ինչ, իսկ դուն, որպէս ձեռնադրուած սպասաւորներէն մէկը մեր գաղափարի տաճարին, հայրենանուէր խաչեալներու արիւնաներկ զոհասեղանին մօտ անոնց գլուխները պիտի օրհնես:

Պիտի գան տակաւին` որպէս կորսուած զաւակ, անտեսելով ամէն ինչ, իսկ դուն զանոնք դէպի ամենասուրբ մայրութեան գուրգուրանքի աւազանը պիտի առաջնորդես:

Ք. Երեւան


Իսկական Գործունէութիւնը

$
0
0

Սեռային հիմքի վրայ բռնութեան դէմ 16-օրեայ արշաւին ծիրին մէջ, ստորեւ կը ներկայացնենք հայկական ֆեմինիզմի ռահվիրաներէն անուանի գրող եւ հասարակական գործիչ Զապէլ Եսայեանի մէկ յօդուածը, տպուած` Պոլսոյ «Ազդակ» շաբաթաթերթի առաջին թիւին մէջ` դեկտեմբեր 1908-ին: Հայկական ֆեմինիզմի մեծագոյն դէմքերէն Զապէլ Եսայեան Պոլսոյ «Ազդակ»-ի խմբագրական խորհուրդի անդամ էր, եւ 111 տարի առաջ ան բաւական յառաջդիմական դիրքերէ մեկնած կը խօսի հասարակութեան մէջ կիներու լիիրաւ դերակատարութեան եւ ամբողջական իրաւահաւասարութեան մասին:

Քաղաքական եւ ընկերական կեանքի կապանքները քակուելէն ի վեր, թրքահայ կինը խլրտաց իր դարաւոր անշարժութենէն ու գնահատելի խանդավառութեամբ մը ուզեց ինքն ալ իր ջանքերը բերել հասարակական գործունէութեան մէջ: Այդ գործունէութիւնը, սակայն, սահմանափակուած եղաւ հին օրերուն ուրուագծուած ծրագիրներու մէջ. անիկա բարեսիրական եւ կրթական օժանդակութիւններու մէջ դեգերեցաւ եւ ասիկա անխուսափելի էր: Հայ կնոջ իբրեւ անմիջական գործունէութեան դաշտ կը ներկայանար ինչ որ իր մայրերը պատրաստած էին շատ տաժանելի պայմաններու մէջ. բոլոր արգելքի դրուած կրթական ընկերութիւնները, բոլոր դժուարութիւններու հանդիպած բարեսիրական գործերը մեծ եռանդով վերսկսան: Այն բանը, որ դժուարաւ ձեռք կը բերուի թանկագին, գրեթէ նուիրական կը դառնայ. բոլոր ներկայ թրքահայ կնոջ ժառանգ մնացած հասարակական հանգամանք ունեցող գործունէութիւնը արծարծուեցաւ անսովոր եռանդով մը, եւ տեսանք, որ մեր կինն ալ ընդունակ է ի հարկին իր բաժինը ունենալու ապագայի գործին մէջ:

Բայց ինչ որ ուրուագծուեցաւ մեր աչքին` միայն ընդունակութիւնն էր: Հին ժամանակներու մէջ, մասնաւոր պայմաններու ճնշումին տակ եւ արտասովոր régime-ին յառաջ բերած աղէտները դարմանելու կոչուած ընկերութիւնները եւ հաստատութիւնները այլեւս անբաւական են նոր կեանքի պայմաններուն գոհացում տալու, անոնք իբրեւ օժանդակ մարմիններ կրնան դեռ իրենց գոյութեան իրաւունքը ունենալ, բարեգործութիւնը միակ ընդունուած միջոցն էր հին ժամանակներու մէջ, հասարակական պարտաւորութիւնները կատարելու. կնոջ դերն ալ այդ սահմանէն դուրս չելաւ եւ երբ կեանքի նոր պայմաններ ստեղծուեցան, պատրանքը ունեցաւ պահ մը, թէ հին միջոցները ընդարձակելով պիտի յաջողի ամոքել բոլոր պէտքերը:

Այդ պատրանքը երկար չէր կրնար տեւել սակայն. կանացի նոր գործունէութիւն մը կ՛ուրուագծուի արդէն. Աշխատանքի տան հաստատումը, որուն ծրագիրը բացատրուեցաւ Union Française-ի սրահին մէջ, առաջին գեղեցիկ քայլերն են այդ նշանակուած գործունէութեան. բարիքի տեղ` փոխադարձ աջակցութիւնը, ազնուաշուք եւ բարձրաշնորհ բարերարին տեղ` ընկերակցական գործունէութիւնը. ամէնքը մէկին եւ մէկը ամէնքի համար սկզբունքը: Ուժերու եւ ջանքերու հաւաքում, ընդունակութիւններու եւ տաղանդներու միացում, որոնք մէկզմէկ կ՛ամբողջացնեն, մէկզմէկու թերութիւն կը չէզոքացնեն եւ առաւելութիւններու գումարը կը բարձրացնեն:

Բարձրաստիճան ու բարձրաթռիչ հովանաւորութիւնները իրենց գոյութեան իրաւունքը կը կորսնցնեն ընկերակցական գործունէութեան կարելիութեան առիթով. անոնք նոյնիսկ եթէ ինքնին չանհետանան իբրեւ անպէտ մարմիններ, անխուսափելիօրէն արգելք կ՛ըլլան գործելու օրինաւոր  եղանակին եւ ուշ կամ կանուխ մեր թշնամիները կը դառնան:

Մեր ազգը, սակայն, ընդհանրապէս մեծ հասկացողութեամբ օժտուած է. կարելի է յուսալ, որ մեր կիները անմիջապէս ըմբռնեն կեանքի նոր պայմանները եւ առանց դասակարգի խտրութեան միանան ազգովին մղելու այն պայքարը, որով մեր ցեղը յատկանշուած է ընդհանրապէս Արեւելքի ցեղերուն մէջ:

Կանացի գործունէութիւնը այդ շաւղին մէջ միայն կարելի է եւ բեղմնաւոր կրնայ դառնալ: Այդ է իսկական գործունէութիւնը:

ԶԱՊԷԼ ԵՍԱՅԵԱՆ

Պատմական. Քորէայի Տագնապի Լոյսին Տակ

$
0
0

Քորէայի Պատերազմին Աւարտը Եւ
Հիւսիսային Ու Հարաւային Քորէաները

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Ընտանեկան հաւաք

Քորէայի քաղաքացիական պատերազմը 1951-ին մտած էր փակուղի, եւ գլխաւորաբար դիրքային կռիւներ կը մղուէին:

Զօրավար Տուայթ Այզընհաուըր 1952 մայիս 31-ին զինուորական ծառայութենէն հրաժարեցաւ եւ պահեց Քոլումպիա համալսարանի նախագահի պաշտօնը, իսկ զօրավար Մաթէու Ռիճուէյ փոխարինեց զայն իբրեւ Եւրոպայի մէջ դաշնակից ուժերու հրամանատար: Իսկ Քորէայի մէջ ամերիկեան ուժերու հրամանատար նշանակուեցաւ  զօրավար Մարք Ուէյն Քլարք:

Փանմունճոմի մէջ 1952 սեպտեմբերին սկսած բանակցութիւնները ձախողեցան:

Հարաւային Քորէայի նախագահ Ռի Սինկման դէմ էր հաշտութեան եւ 27 հազար հիւսիսքորէացի գերի կը պահէր:

Չինացիներուն համար կացութիւնը ճգնաժամային էր: Վարչապետ Ժոու Էնլայ Շենիանկի մէջ համագումար մը կազմակերպեց, լուծում մը գտնելու համար: Զօրավար Փենկ Տեհուայ քանի մը անգամ Փեքին այցելեց եւ Մաոյի ու Ժոուի հետ քննարկեց ճակատի գիծերը պահելու դժուարութիւնները. ան հաստատեց, որ հակառակորդը ջախջախելը անկարելի է, պատերազմը կրնայ տարիներ տեւել եւ ոչ մէկ կողմ կրնայ յաղթանակ արձանագրել:

Ժոու Էնլայ առաջարկեց Քորէայի մէջ գործող չինական բանակը վերակազմեց եւ զայն երեք մասի բաժնել, ինչպէս նաեւ օդաչուներ պատրաստել, հակաօդային պաշտպանութիւն կազմակերպել եւ Խորհրդային Միութենէն նոր օժանդակութիւններ խնդրել:

Հաշտութեան ընդհատ բանակցութիւնները շարունակուեցան Փանմունճոմ գիւղին մէջ: Գլխաւորը ռազմագերիներու հարցն էր, որովհետեւ չին եւ հիւսիսքորէացի ռազմագերիները չէին ուզեր իրենց երկիրները վերադառնալ. բան մը, որ անընդունելի էր Չինաստանի եւ Հիւսիսային Քորէայի համար:

Տուայթ Այզընհաուըր 1952 նոյեմբերին Միացեալ Նահանգներու նախագահ ընտրուեցաւ եւ նոյն ամսուան վերջաւորութեան Քորէա այցելեց, պատերազմի դադրեցման հնարաւորութիւնները քննարկելու համար:

ՄԱԿ-ի միջնորդութիւնը ստանձնեց Հնդկաստանի ներկայացուցիչ Թհիմայա: Հակամարտ կողմերը համաձայնեցան 38-րդ հորիզոնականին վրայ զինադադար հաստատել: Վերջնական համաձայնութիւնը ստորագրուեցաւ 27 յուլիս 1953-ին:

Քեսոնկ, որ պատերազմէն առաջ Հարաւային Քորէայի կը պատկանէր, անցաւ Հիւսիսային Քորէայի:

Բաժանման գօտիին վրայ զուիցերիացի եւ շուէտցի զինուորներ տեղակայուեցան:

Պաշտօնական տուեալներու համաձայն, հարաւքորէացիք տուին 373.599 քաղաքային եւ 137.899 զինուորական զոհ: Ամերիկացիք` 33.686 զոհ ռազմաճակատներուն վրայ, եւ 2830 հոգի ալ ցուրտէն ու արկածներու հետեւանքով մահացաւ: Չինացիք տուին 400 հազար զոհ եւ 486 հազար վիրաւոր: Հիւսիսքորէացիք տուին 290 հազար զոհ եւ 303 հազար վիրաւոր:

Չինական եւ հիւսիսքորէական աղբիւրներու համաձայն, ամերիկացիք տուին 390 հազար, իսկ հարաւքորէացիք` 660 հազար զոհ:

Մօտաւոր տուեալներով, մէկ միլիոն 200 հազար մարդ զոհուեցաւ երեք տարուան պատերազմի ընթացքին:

* * *

Հարաւային Քորէայի նախագահ Ռի Սինկման իշխանութեան վրայ մնաց մինչեւ 1960, մինչեւ որ ժողովրդային ըմբոստութեան մը առջեւ տեղի տալով հեռացաւ երկրէն:

Այնուհետեւ հռչակուեցաւ երկրորդ հանրապետութիւնը. Եուն Պօ-սուն եղաւ նախագահ, Չանկ Միոն` վարչապետ: 1961-էն 1963` զինուորական իշխանութիւն: 16 մայիս 1963-ին զօրավար Փարք Չունկ-հի պետական հարուածով մը տիրացաւ իշխանութեան եւ երրորդ հանրապետութիւնը հաստատեց: Չորրորդ հանրապետութիւնը հռչակուեցաւ 1972-ին: 1979-ին խռովութիւններ տեղի ունեցան եւ նախագահ Փարք Չունկ-հի սպաննուեցաւ: Հռչակուեցաւ հինգերորդ հանրապետութիւնը, որ գոյատեւեց մինչեւ 1987, որմէ ետք հաստատուեցաւ վեցերորդ հանրապետութիւնը:

Հարաւային Քորէա կարճ ժամանակի ընթացքին դարձաւ զարգացած ու բարգաւաճ արդիւնաբերական երկիր:

* * *

Գիւղական բնակավայր

Հիւսիսային Քորէայի կամ Քորէայի ժողովրդային ժողովրդավարական հանրապետութեան վրայ կ՛իշխէ Քիմ ընտանիքը:

Քիմ Իլ-սունկ, բուն անունով` Քիմ Սուն Չժու, ծնած է 15 ապրիլ 1912-ին, Փիոնկեանկի մօտակայ Մանկիոնկտէ գիւղը: Հայրը` Քիմ Հիոն Չժիք (1894-1926) ուսուցիչ էր եւ միաժամանակ բուսաբուժութեամբ կը զբաղէր: Մայրը` Քանկ Պան Սոք (1892-1932) գիւղի բողոքական քարոզիչին դուստրն էր:

Ճափոնական գրաւեալ իշխանութեան դէմ ազգայնական շարժման մասնակցութեան յանցանքով Քիմերու ընտանիքը հետապնդուեցաւ եւ 1920-ին Մանչուրիա փոխադրուեցաւ:

Քիմ Սոն Չժու չինական դպրոց յաճախեց եւ մարքսական խմբակցութեան մը միացաւ: 1932-ին ան ստանձնեց չինական հրոսակախումբի մը ղեկավարութիւնը: Այս ժամանակ ալ ան ընդունեց Խան Պէր (միակ աստղ) եւ Քիմ Իլ-սունկ (ծագող արեւ) ծածկանունները:

Քիմ Իլ-սունկ այնուհետեւ դարձաւ հրոսակային շարժման վեցերորդ զօրագունդի հրամանատար: Կինը` Քիմ Խիօ Սուն կը ծառայէր նոյն զօրագունդին  մէջ: Կ՛ըսուի, որ 1940-ին ան գերի ինկաւ ճափոնցիներուն ձեռքը եւ մահապատիժի ենթարկուեցաւ: Այլ տուեալներու համաձայն Քիմ Խիօ Սուն կ՛ապրէր Հիւսիսային Քորէայի մէջ եւ պատասխանատու պաշտօններ ունէր: Քիմ Իլ-սունկի երկրորդ կինը եղաւ Քիմ Չէն Սուք:

Քիմ Իլ-սունկ1948-ին դարձաւ Քորէայի ժողովրդային ժողովրդավարական հանրապետութեան հիմնադիրը: Եղաւ նաեւ քորէական պետական գաղափարախօսութեան` չուչխէի հիմնադիրը: Ստացաւ Մեծ առաջնորդ պատուանունը: Քորէայի Աշխատանքային կուսակցութեան կեդրոնական կոմիտէի գլխաւոր քարտուղար, մինչեւ 1972 նախարարներու խորհուրդի նախագահն էր, այնուհետեւ` հանրապետութեան նախագահ: 1953-ին` մարաջախտ, 1992-ին` կեներալիսիմուս: Մահացաւ 8 յուլիս 1994-ին: Մահէն ետք յայտարարուեցաւ Քորէայի յաւերժ նախագահ:

Քիմ Իլ-սունկի յաջորդեց աւագ որդին` Քիմ Ճոնկ Իլ: Ան ծնած էր 16 փետրուար 1942-ին, Փեքթու լերան վրայ գտնուող զինուորական ճամբարին մէջ: Անոր ծնունդը նախագուշակեց ծիծեռնակ մը, իսկ ծնած ժամանակ երեւաց երկակի ծիածան: Դպրոցական կրթութիւնը ստացած է Փիոնկեանկի մէջ, իսկ անգլերէն սորված է Մալթայի մէջ: 1980-ական տարիներուն արդէն կը նկատուէր հօր յաջորդը: Ստանձնած է կուսակցական եւ պետական պաշտօններ: 1991-ին դարձաւ բանակի գերագոյն հրամանատար: 1993-ին ստանձնեց ազգային պաշտպանութեան յանձնախումբի նախագահի պաշտօնը: 1997-ին ստացաւ Քորէայի Աշխատանքային կուսակցութեան գլխաւոր  քարտուղարի պաշտօնը:

Քիմ Ճոնկ Իլ կարեւոր կը նկատէր ռազմական միջոցներու զարգացումը, մանաւանդ` հիւլէական ծրագիրը: Զինուորական ծախսերու պատճառով տնտեսութիւնը եւ յատկապէս երկրագործութիւնը ծանր հարուած ստացաւ: 1990-ական տարիներու Մեծ սովին ժամանակ մէկէն մինչեւ երեքուկէս միլիոն մարդ սովամահ եղաւ: Նոյն ժամանակ կային շուրջ 200 հազար քաղաքական բանտարկեալներ:

Քիմ Ճոնկ Իլի մասին խօսելու ժամանակ պարտադիր էր պատուանուններու օգտագործումը` սիրելի առաջնորդ, իմաստուն ղեկավար, ժողովուրդի հայր, մեր կուսակցութեան եւ ժողովուրդի մեծ առաջնորդ, սիրուած եւ յարգուած զօրավար, ընկերվարութեան արեգակ, 21-րդ դարու համաշխարհային առաջնորդ, երկինքէն իջած հոյակապ մարդ, անխոցելի եւ անյաղթ զօրավար, փրկիչ եւ յեղափոխական եղբայրական սիրոյ բարձրագոյն մարմնաւորում:

Շամանական կրօնական արարողութիւն

Քիմ Ճոնկ Իլ 2008 օգոստոսին ուղեղի կաթուած ստացաւ: Ան մահացաւ 17 դեկտեմբեր 2011-ին:

Քիմ Ճոնկ Իլի յաջորդեց անոր երրորդ որդին` Քիմ Ճոնկ Ուն: Ծննդեան թուականը անյայտ է` 1982, 1983 կամ 1984: Ծննդեան օրը` յունուար 8-ը յայտարարուած է պետական տօն:

Քիմ Ճոնկ Ուն Փաք Չոլ ծածկանունով մասնաւոր դպրոց յաճախած է Զուիցերիոյ Պեռն քաղաքին մէջ մինչեւ 1998: Սորված է անգլերէն, ֆրանսերէն եւ գերմաներէն: Ուսումը շարունակած է Լիպեֆէլտի պետական դպրոցին մէջ: Ան մինչեւ 1999-ի աւարտը կամ 2000-ի սկիզբը Զուիցերիա կը մնար եւ հոնկէ անհետացաւ անսպասելիօրէն:

Հայրը սկիզբը աւագ որդին` Քիմ Ճոնկ Նամը ընտրած էր իբրեւ ժառանգորդ: Յետոյ փոխեց նախագիծը եւ երկրորդ որդին` Քիմ Ճոնկ Չուլը ընտրեց. բայց ժամանակ մը ետք Ճոնկ Չուլ «աղջկաբարոյ» նկատուեցաւ երկիրը ղեկավարելու համար:

Քիմ Ճոնկ Ուն 2010 սեպտեմբեր 28-ին Քորէայի Աշխատանքային կուսակցութեան կեդրոնական կոմիտէի անդամ ընտրուեցաւ: Տասնեօթը տարուան ընդմիջումէ ետք գումարուեցաւ նաեւ կեդրոնական կոմիտէի լիագումար նիստը, որուն ընթացքին Քիմ Ճոնկ Ուն զինուորական կեդրոնական յանձնախումբի փոխնախագահ ընտրուեցաւ:

Հօր մահէն ետք, 19 դեկտեմբեր 2011-ին ներկայացուեցաւ իբրեւ մեծ յաջորդող: Դեկտեմբեր 24-ին յիշատակուեցաւ իբրեւ բանակի գերագոյն հրամանատար, իսկ դեկտեմբեր 28-ին ղեկավարեց հօր թաղման արարողութիւնը: Յաջորդ օր հռչակուեցաւ իբրեւ գերագոյն առաջնորդ: Պատուանշաններն են` մեծ յաջորդող, ճաճանչավառ ընկեր եւ արուսեակ հրամանատար:

Հիւսիսային Քորէա ամբողջատիրական պետութիւն է, ուր անձի լիակատար պաշտամունք կը տիրէ: Քորէայի Աշխատանքային կուսակցութիւնը միակ կազմակերպութիւնն է, եւ քաղաքային բոլոր ծառայողները պարտաւոր են անդամ ըլլալու անոր:

Ամէնուրեք մեծ հայր, հայր եւ որդի Քիմերուն դիմանկարները եւ արձանները կան: Տուներուն մէջ եւս մարդիկ ստիպուած են փակցնելու անոնց նկարները: Այդ նկարները յատուկ սրբիչներով ամէն օր պէտք է փայլեցուին: Առաջնորդներու արձաններէն մէկուն մօտենալու ժամանակ մարդիկ պարտաւոր են խոնարհելու: Ամէն մարդ շապիկին վրայ պէտք է փակցուցած ըլլայ յատուկ զարդ մը, որուն վրայ պատկերուած է Քիմ Իլ-սունկի դէմքը: Աշակերտներ պարտաւոր են անգիր սորվելու յաւերժ նախագահ Քիմ Իլ-սունկի խօսքերը եւ կարդալու անոր նուաճումներու պատմութիւնները:

Հիւսիսքորէական տոմարը կը սկսի մեծ առաջնորդ ընկեր Քիմ Իլ-սունկի ծննդեան թուականով` 1912-ով:

Հիւսիսային Քորէայի մէջ սեփական տնտեսութիւն գոյութիւն չունի: Պետական պիւտճէին մեծագոյն մասը կը յատկացուի բանակին:  Զինուորական ծառայութիւնը 10 տարի է` 17-էն 27 տարեկան` արական եւ իգական սեռերուն համար: Բոլորը պարտաւոր են աշխատելու. թոշակի անցնելէ ետք ալ կարելի չէ տունը նստիլ. թոշակառուներուն կուսակցութիւնը փոքր հողատարածքներ կը յատկացնէ, որոնք պէտք է մշակեն:

Քորէայի ժողովրդային ժողովրդավարական հանրապետութեան կառավարութիւնը քորէացի ժողովուրդի օրինական միակ ներկայացուցիչը կը նկատուի: Հարաւային Քորէան կը բնորոշուի իբրեւ բռնագրաւեալ տարածք:

***

Քորէայի մէջ տարածուած են շարք մը կրօններ: Շամանականութիւնը հիմնուած է հին քորէական աւանդական հաւատալիքներու վրայ. Սունկմօ սուրբ մայր է, Տանկուն` դրախտի թագաւոր. աստուածները կը բնակին ծառերու վրայ եւ քարայրներու մէջ. ունին կրօնաւորներ եւ կրօնաւորուհիներ` մուտանկներ: Հետագային ներմուծուած են պուտտայականութիւնը, կոնֆուցիոսականութիւնը եւ թաոյականութիւնը, իսկ քրիստոնէութիւնը (կաթոլիկ եւ բողոքական)` յատկապէս ԺԹ. դարուն:

Բրինձի մշակում

Քորէացիք լուսնաարեգակնային տոմար կը գործածեն եւ ձմեռնային արեւադարձէն ետք  նորալուսնի երկրորդ օրը (փետրուարին) նոր տարի է: Սոլլալը նոր տարուան առաջին օրն է. կը նշուի սիպէ ծիսակատարութիւնը, հանդիսաւոր պաշտամունքը ծնողներուն եւ բոլոր մեծերուն նկատմամբ: Մոսոմնալը, երկրորդ ամսուան առաջին օրը, ծառայողներու փառատօն է եւ ձկնորսներու ծիսական արարողութիւն կը կատարուի: Սամճինալը, երրորդ ամսուան երրորդ օրը, ծիծեռնակներու վերադարձի տօն է: Հանսիքը, ձմեռնային արեւադարձի 105-րդ օրը, երկրագործական եղանակի սկիզբն է եւ նախնիներու գերեզմաններուն բրինձ կը մատուցեն: Չոփէլը, չորրորդ ամսուայ ութերորդ օրը, Պուտտայի ծննդեան տօնն է: Տանոն, հինգերորդ ամսուայ հինգերորդ օրը, ցանքը աւարտելու տօն է. իրարու հովահար կը նուիրեն. աղջիկներ ճօճանակներու վրայ կը մրցին. ճօճանակները մեծ ուռենիներու վրայ կը կախեն. յաղթողները պրոնզէ կամ արոյրէ սպասներ կը ստանան: Եուտուն, վեցերորդ ամսուան 15-րդ օրը, ջուրի տօն է. մազերնին կը լուան դժբախտութիւնը հեռացնելու համար: Պեքճունկը, եօթներորդ ամսուան 15-րդ օրը, Պուտտայի պաշտամունքի տօն է:

Քորէական ամիսներն են, յունուարէն սկսելով` Էէլ-վոլ, Էէ-վոլ, սամ-վոլ, սա-վոլ, օհ-վոլ, եու-վոլ, չիլ-վոլ, փալ-վոլ, կու-վոլ, շի-վոլ- շիպիլ-վոլ եւ շիպէ-վոլ: Շաբթուան օրերը, երկուշաբթիէն սկսելով` եուր-եոյլ, հուա-եոյլ, սու-եոյլ, մոկ-եոյլ, կիմ-եոյլ, թօ-եոյլ եւ էէ-եոյլ:

Քորէերէնը ունի գլխաւոր վեց բարբառ: Քորէական այբուբենը` հանկուլ, ունի 24 տառ, ստեղծուած է 1444-ին, կը գրուի վերէն վար, աջէն ձախ եւ հորիզոնական ձախէն աջ. ժամանակակից այբուբենը ունի 40 գրանիշ:

Քորէացիք տոհմերու բաժնուած են եւ ամէնէն աւելի 300 ազգանուններ տարածուած են: Կան նոյն ազգանուններով տարբեր տոհմեր: Քորէացիներուն գրեթէ կէսը Քիմ, Լի, Փարք, Չոէ եւ Չոնկ ազգանուններ կը կրեն: Քիմ (կը նշանակէ ոսկի) ազգանունը կը կրէ շուրջ 15 միլիոն քորէացի. կան հարիւրէ աւելի Քիմ ազգանունով տոհմեր: Հարաւային Քորէայի մէջ, Նաքտոնկ գետի հովիտի Կիմհայ քաղաքին շուրջ կեդրոնացած Քիմերը առանձինն շուրջ չորսուկէս միլիոն կը հաշուեն: Տոհմերը իրենց կարգին ճիւղերու բաժնուած են: Կնոջ ազգանունը չի փոխուիր: Ամուսնութեան համար հինգ ճիւղը կը փնտռեն: Նախնիներու պաշտամունքը նուիրական է: Իւրաքանչիւր տոհմ 30 տարին անգամ մը իր ազգաբանական ճիւղագրութիւնը կը հրատարակէ: Աւագ որդին տան պետը կը նկատուի: Տոհմական եւ ընտանեկան հաւատարմութիւնը եւ համերաշխութիւնը նուիրական են:

Աւանդական բնակարանները երկուքէն չորս սենեակներէ բաղկացած են, փայտաշէն, հողով կամ կաւով ծեփուած. տանիքը` չոր խոտով ու տերեւներով եւ կամ կղմինտրով: Ջեռուցման յարմարանքները տեղադրուած են բնակարանին յատակը:

Խոհանոցը կ՛ընդգրկէ ճոնպոքճուք (բրինձ եւ ծովային կաղամար), կամճաթակ (գետնախնձորով ապուր), հեճանչուք (չինական կաղամբով եւ ծովախեցգետին), սոլոնթանկ (կովու տոտիկ), սինսոլօ (իւղաբլիթ), չոնկոլ (խաշած միս, ծովամթերք եւ բանջարեղէն), տոթորիմուք (կաղնիի փոշիով պատրաստուած դոնդող), կալպի (կողիկներ), պիպիմպափ (բրինձ, աղցան, միս եւ հաւկիթ), պուլկոկի (մսեղէն), սենկսոնկուի (խորոված ձուկ), քիմչի (կծու աղցան) եւ հիոնմիչա (բրինձով եւ մեղրով թէյ): Բոլոր ճաշերն ալ կծու եւ համեմուած կ՛ուտեն:

Հարաւային Քորէա ունի 51 միլիոն բնակիչ, Հիւսիսային Քորէա` 25 միլիոն. նաեւ` 7.4 միլիոն քորէացիներ տարածուած են տարբեր երկիրներու մէջ:

(Վերջ)

 

Հայրենի Կեանք

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Բերձոր Եւ Ֆրանսայի Ալֆորվիլ Քաղաքներուն Միջեւ Բարեկամութեան Հռչակագիր Ստորագրուած Է

Նոյեմբեր 20-ին Քաշաթաղի շրջկեդրոն Բերձորի եւ Ֆրանսայի Ալֆորվիլ քաղաքներուն քաղաքապետները ստորագրած են բարեկամութեան հռչակագիր:

Տեսակապի միջոցով իրականացուած ստորագրման արարողութեան ներկայ եղած է նաեւ «Ֆրանսայի մէջ Արցախի օրեր» ծրագրի շրջանակին մէջ Ալֆորվիլ գտնուող հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը:

Նախագահը ողջունած է Բերձոր եւ Ալֆորվիլ քաղաքներուն միջեւ ստորագրուած բարեկամութեան հռչակագիրը` զայն համարելով նշանակալի իրադարձութիւն` քաղաքական, իրաւական եւ բարոյական տեսանկիւններէ:

«Առաջին հերթին մենք զայն կը դիտարկենք` իբրեւ բարեկամ Ֆրանսայի հետ կապերու ամրապնդման եւ զարգացման կարեւոր հիմք: Ֆրանսայի վարչական շրջաններու հետ փոխգործակցութիւնը մեր արտաքին քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւններէն է, եւ քոյր քաղաքներու ցանկին եւ աշխարհագրութեան ընդլայնումը, անոնց հետ կապերու խորացումը այս քաղաքականութեան առանցքային բաղադրամասերէն է: Ալֆորվիլ քաղաքին հետ Արցախի համագործակցութիւնը թէպէտ երկար տարիներու պատմութիւն չունի, բայց արդէն վերածուած է բարեկամութեան», մասնաւորապէս ըսած է Բ. Սահակեանը եւ աւելցուցած է, որ աշխատանքներու ճիշդ կազմակերպման պարագային երկու քաղաքներուն միջեւ համագործակցութիւնը խոստմնալից հեռանկար կ`ունենայ:

Ֆրանսայի Ալֆորվիլի քաղաքապետ Միշել Ժերշինովիչը իր կարգին կարեւոր նկատած է բարեկամութեան հռչակագրին ստորագրումը:

«Ողջունելով ազատ եւ ժողովրդավարական հասարակութիւն ստեղծելու եւ զարգացնելու Արցախի բնակչութեան հետեւողական քայլերը, գիտակցելով ժողովուրդներուն միջեւ երկխօսութեան նպաստելու եւ Հարաւային Կովկասին մէջ վերջնական խաղաղութիւն հաստատելու անհրաժեշտութիւնը, հիմք ընդունելով Մարդու իրաւունքներու մասին համընդհանուր հռչակագրին մէջ ամրագրուած ազատութեան եւ ժողովրդավարական արժէքներու բացարձակ կարեւորութիւնը` կը կնքենք բարեկամութեան հռչակագիր», նշած է Մ. Ժերշինովիչը:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած է նաեւ Բերձորի քաղաքապետ Արտեոմ Սարիբեկեանը` յոյս յայտնելով, որ տեսակապի միջոցով ձեւաւորուող յարաբերութիւնները ընդամէնը նորագոյն արհեստագիտութիւններու կարելիութեան մասին կը խօսին: Ըստ անոր, ապագային ձեւաւորուելիք աշխատանքային օրակարգին մէջ մեծ տեղ կը տրուի կենդանի շփումներուն եւ իբրեւ առաջին քայլ` ֆրանսացի իր պաշտօնակիցը հրաւիրած է այցելելու Բերձոր:

Հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էր նաեւ ԱՀ արտաքին գործերու նախարար Մասիս Մայիլեանը:

Պաշտօնական արարողակարգէն ետք Ա. Սարիբեկեանը ըսած է, որ ամրագրելով այս հռչակագիրը` կը ցանկանք ամրապնդել երկու քաղաքներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող բարեկամական կապերը, նպաստել քաղաքներուն միջեւ յարաբերութիւններուն զարգացման եւ ստեղծել միջավայր, որուն միջոցով համայնքները կարելիութիւն կ՛ունենան կրթութեան, մշակոյթի, մարմնակրթութեան, առեւտուրի եւ տեղական ինքնակառավարման ոլորտներուն մէջ ընդհանուր ծրագիրներ իրականացնելու:

«Մեր համագործակցութիւնը պիտի նպաստէ նաեւ փորձի եւ մասնագիտական հմտութիւններու փոխանակման պիտի համակարգէ եւ շարունակական կապ ապահովէ մարդասիրական օգնութեան, վերակառուցման եւ զարգացման ծրագիրներուն մէջ` յօժանդակութիւն կարիք ունեցող բնակչութեան: Ինչպէս նաեւ կարելիութիւն պիտի ընձեռէ երկուստեք աւելի ճանչնալու իրարու պատմական մշակութային ժառանգութիւնը», նշած է Ա. Սարիբեկեանը եւ` տեղեկացուցած, որ Բերձորը բարեկամութեան հռչակագիր ունի կնքած նաեւ Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիայի նահանգի Հայլանտ քաղաքին հետ:

Յիշեցնենք, որ Ալֆորվիլը կը գտնուի Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզէն 7,6 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ` Իլ-տը-Ֆրանս շրջանին մէջ: 2013 թուականի տուեալներով ունի 44 հազար 818 բնակիչ:

Երեւանի Միսաք Մանուշեանի Անուան Եւ Մարսէյի Համազգայինի Դպրոցները Կը Համագործակցին

Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի գլխաւորած պատուիրակութեան կազմին մէջ Մարսէյ գտնուող Երեւանի քաղաքապետի տեղակալ Արամ Սուքիասեանը եւ պատուիրակութեան անդամները այցելած են Մարսէյ քաղաքի Համազգայինի դպրոց, ծանօթացած են կրթօճախի պայմաններուն եւ հետեւած` կրթական գործընթացի կազմակերպման: Այս մասին «Արմենփրես»-ին յայտնած են Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն: Ներկայացնելով Համազգայինի դպրոցի ստեղծման պատմութիւնը` տնօրէն Սեդա Պիպերեան նշած է, որ անիկա հիմնադրուած է 1980 թուականին` Համազգային կրթական եւ մշակութային միութեան կողմէ, ֆրանս-հայկական կրթական հիմքի հիման վրայ: Սկիզբը ունենալով միայն նախադպրոցական խումբ` կրթօճախը տարիէ տարի ընդլայնած ու ստեղծուած է տարրական դպրոց, որ արդէն 1987 թուականէն սկսած է գործել որպէս հիմնական դպրոց: Սեդա Պիպերեանը նաեւ ընդգծած է, որ Համազգայինը Ֆրանսայի մէջ գործող միակ դպրոցն է, ուր կը դասաւանդուի նաեւ հայերէն: Նշած է, որ դպրոցը այսօր ունի շուրջ 350 աշակերտ եւ 44 ուսուցիչ, որոնցմէ 5-ը հայեր են: Շնորհակալութիւն յայտնելով Սեդա Պիպերեանին` դպրոցն ու կազմակերպուող կրթական գործընթացը ներկայացնելու համար, փոխքաղաքապետ Արամ Սուքիասեանը կարեւոր նկատած է այն դերն ու նշանակութիւնը, որ ունի այս կրթօճախը հայապահպանութեան գործին մէջ եւ առիթը օգտագործելով` վստահեցուցած է, որ Երեւանի քաղաքապետարանը իր լիազօրութիւններուն մէջ պատրաստ է աջակցելու կրթօճախին` կազմակերպելով ուսուցիչներու վերապատրաստման եւ աշակերտներու փոխանակում: Այցի ընթացքին Երեւանի քաղաքապետարանի արտաքին կապերու վարչութեան պետ Դաւիթ Գէորգեանը եւ Համազգայինի դպրոցի տնօրէն Սեդա Պիպերեանը ստորագրած են յուշագիր, որուն համաձայն, Երեւանի Միսաք Մանուշեանի անուան դպրոցը եւ Մարսէյի Համազգայինի դպրոցը պարտաւորուած են խրախուսել երկու դպրոցներու միջեւ աշակերտներու փոխանակումը, ուսուցիչներու եւ աշակերտներու միջեւ ելեկտրոնային հաղորդակցումը, համատեղ քննարկումներու եւ սեմինարներու կազմակերպումը:

Դիլիջանի Մէջ Բացուեցաւ Գարեջուրի Գործարան

21 նոյեմբերին Դիլիջանի մէջ բացումը կատարուեցաւ «Դիլիջան» գարեջուրի գործարանին:

«Հ. եւ Տ. Յակոբեաններ» ընկերութեան պատկանող «Դիլիջան» գարեջուրի գործարանը 10 միլիոն լիթր արտադրական հզօրութիւն ունի: Գործարանին ընդհանուր արժէքը 2,5 միլիառ դրամ է:

Ըստ պատասխանատուներուն, գործարանը ունի 90 աշխատող` 100 հազար դրամ միջին աշխատավարձով:

Գործարանին արտադրանքը կը նախատեսուի սպառել Հայաստանի եւ արտերկրի շուկաներու մէջ: Գարեջուրի որակի եւ համի յատկանիշները կը համապատասխանեն միջազգային չափանիշներուն:

 Ամրակից Համայնքը Ամբողջութեամբ Լուսաւորուած Է

«Այլընտրանքային ուժանիւթ» նախագիծի ձեռքբերումները կը շարունակուին: Մէկ տարուան ընթացքին, երկու փուլով իրականացուած ծրագրին շնորհիւ` Լոռիի մարզին մէջ մէկ գիւղ եւս լուսաւորուեցաւ: Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամին (FPWC) եւ «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գործակցութիւնը ցանկալի արդիւնք արձանագրեց:

2016-ի աշնան Լոռիի մարզի Գիւլագարակ համայնքի Ամրակից գիւղին մէջ տեղակայուած էր արտաքին լուսաւորութեան լուսատիոտային համակարգ` 54 Լետ լամբերով: Ծրագրի առաջին փուլին համայնքին մէջ լուսաւորուած էր երկու հիմնական փողոց: Ընթացիկ տարուան աշնան արդէն, ծրագրի երկրորդ փուլով, համայնքին մէջ տեղակայուած է 56 Լետ լամբեր` լուսաւորելով եւս 2 քիլոմեթր տարածք: Երկու փուլերէն ետք Ամրակից համայնքը ամբողջութեամբ լուսաւորուած է:

Համակարգի գործարկման ներկայ գտնուած են «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեանը, Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամի հիմնադիր Ռուբէն Խաչատրեանը, Ամրակից գիւղի վարչական ղեկավար Արթուր Ներկարարեանը եւ գիւղի բնակիչները:

«Որեւէ համայնք այցելելու ատեն առաջին տպաւորութիւնս մարդոց լուսաւոր ժպիտն է, որ կ՛ոգեւորէ զիս, ցոյց տալով, որ քայլ առ քայլ իրականացուող ծրագիրները ճիշդ ընտրուած են: Եթէ մենք ուզենք փոխել մեր հայրենակիցներուն կեանքը, զայն դարձնել աւելի լաւը, ապա պէտք է սահմանենք կարեւոր նպատակներ եւ առանց տրտնջալու, յամառ աշխատանքով լուծենք եղած հարցերը: Կ`ուզեմ հաւատալ, որ լուսաւորուած փողոցները այս գիւղին մէջ ո՛չ միայն արտաքին, այլեւ ներքին` մարդոց հոգեբանութեան փոփոխութեան առիթ պիտի դառնան: Լաւատեսութիւնը շատ կարեւոր է», ըսած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեանը:

Հեռաւոր բնակավայրերու մէջ արտաքին լուսաւորութեան ուժանիւթ խնայող համակարգին ներդրումը միտուած է խնայելու համայնքային միջոցները: Բնապահպանական եւ ուժանիւթ խնայող Լետ լամբերու օգտագործումը տնտեսապէս արդիւնաւէտ է, այսպիսի համակարգի օգտագործումը 80 տոկոս պիտի նուազեցնէ ուժանիւթի ծախսը` թեթեւցնելով գիւղի ֆինանսական բեռը:

Լամբերը ամրան գիւղի փողոցները պիտի լուսաւորեն 21:00-էն մինչեւ 00:00, իսկ ձմրան` 18:00-էն մինչեւ 23:00: Տօնական օրերուն լուսաւորութիւնը պիտի ապահովուի ամբողջ գիշերը:

«Մանկական Եւրոտեսիլ-2017» Միջազգային Մրցոյթին Հայաստանը Վեցերորդն Է. Յաղթեց Ռուսիան

«Մանկական եւրոտեսիլ-2017» հեղինակաւոր միջազգային մրցոյթին յաղթեց Ռուսիան ներկայացնող երգչուհի Փոլինա Պոկուսեւիչը` «Թեւեր» երգով: Մրցոյթի հայաստանեան մասնակիցը` 9-ամեայ Միշան դատակազմի եւ առցանց քուէարկութեամբ գրաւած է վեցերորդ հորիզոնականը: Ան ներկայացուց «Պումերանկ» երգը, որուն երաժշտութեան հեղինակը Վահրամ Պետրոսեանն է, խօսքերու հեղինակներ` Աւետ Բարսեղեան, Դաւիթ Ծերունեան, Արթուր Աղէկեան: Երգի միջոցով «Փոքրիկ ղարաբաղցին» ցանկաց բարութիւն սփռել աշխարհին մէջ: Մրցոյթը տեղի ունեցաւ նոյեմբեր 26-ին, 15-րդ անգամ, «Shine bright» («Շողա՛ պայծառ») նշանաբանի տակ, Թիֆլիսի մէջ: «Արմենփրես»-ի հաղորդումով, Միշան 12 միաւոր ստացաւ Կիպրոսէն, 10-ական միաւոր` Ալպանիայէն, Ուքրանիայէն, Ռուսիայէն, Լեհաստանէն, Վրաստանէն, 8-ական միաւոր ստացաւ Պիելոռուսիայէն եւ Փորթուգալէն, 7 միաւոր Մալթայէն, 3` Աւստրալիայէն եւ 2-ական միաւոր Մակեդոնիայէն եւ Սերպիայէն: Հայաստանը իր 12 միաւորը տուաւ Վրաստանին: Միշան բեմին վրայ միայնակ էր` առանց պարային խումբի եւ երկրորդ ձայնի: Անոր հագուստը բաւականի պարզ էր ու գեղեցիկ: Ելոյթին բեմին վրայ հեքիաթային մթնոլորտ կը տիրէր: Քուէարկութիւնը սկսած էր նոյեմբեր 24-էն www.junioreurovision.tv կայքով, ուր հնարաւոր էր դիտել բոլոր` 16 մասնակիցներու ելոյթներու նախնական տարբերակները: Հեռուստադիտողը ելոյթը դիտելէն ետք հնարաւորութիւն ունէր միաժամանակ քուէարկել 3, 4 կամ 5 մասնակիցի օգտին: Յաղթող ճանչցուեցաւ ամենաշատ միաւոր հաւաքած մասնակիցը: 9-ամեայ Միշան իր երաժշտական ճանապարհը սկսած է Լիրա Քոչարեանի ղեկավարած «Արցախի ձայներ» նախագիծէն, որուն շնորհիւ հնարաւորութիւն ստացած է ելոյթ ունենալ տարբեր երկիրներու մէջ արհեստավարժ երգիչներու հետ: «Փոքրիկ ղարաբաղցին» 2016 թուականին մեր հայրենիքը ներկայացուցած է «Մանկական նոր ալիք» երգի մրցոյթին ու գրաւած` 2-րդ հորիզոնականը:

Բացի Հայաստանէն, մասնակցեցաւ եւս 15 երկիր`  Ալպանիա, Աւստրալիա, Պիելոռուսիա, Կիպրոս, Իրլանտա, Իտալիա, Մակեդոնիա, Մալթա, Հոլանտա, Ուքրանիա, Ռուսիա, Լեհաստան, Սերպիա, Փորթուգալ, Վրաստան:

Արցախի Մայր Համալսարանին Գլխաւոր Մասնաշէնքին Մէջ Վերակառուցման Աշխատանքները Սկսած Են

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին միջոցներով 2018 թուականին Արցախի պետական համալսարանի գլխաւոր մասնաշէնքին մէջ վերակառուցման աշխատանքները սկսած են: Այս մասին յայտնած է ԱՀ քաղաքաշինութեան նախարար Կարէն Շահրամանեանը եւ` նշած, որ նախագծային աշխատանքները արդէն ընթացքի մէջ են:

«Ներկայացուած են նախնական հաշուարկները եւ նախագիծի ուրուագիծները, որովհետեւ շէնքին մէկ մասը հին է, եւ վերակառուցելը նպատակայարմար չէ, կը նախատեսենք ամբողջութեամբ քանդել այդ հատուածը եւ նորը կառուցել: Իսկ մնացած մասերը ամբողջութեամբ պիտի վերանորոգուին, որուն շնորհիւ` Արցախի մայր համալսարանը պիտի ունենայ ժամանակակից չափանիշներուն համապատասխան շէնքային պայմաններ», աւելցուցած է Կ. Շահրամանեանը:

Հայաստանէն Եւրոպա Արտածումները Աճած Են 33 Տոկոս

Այս տարուան յունուարէն սեպտեմբեր ամիսներուն Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու միջեւ առեւտրական շրջանառութիւնը աշխուժացած է:

Ըստ վիճակագրական պաշտօնական թիւերու, Հայաստան-Եւրոմիութիւն առեւտրական շրջանառութիւնը այս ամիսներուն գերազանցած է 1 միլիառ տոլարը: Ցուցանիշը նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին հետ համեմատած` աճած է 25,5 տոկոսով:

Տարեկան կտրուածքով Հայաստանէն Եւրոպա արտածումները աճած են 33 տոկոս եւ Եւրոպայէն Հայաստան ներմուծումը` գրեթէ 20 տոկոս:

Վատիկանը Յատուկ Դրոշմաթուղթ Հրապարակած Է Հռոմի Պապին Նկարով` Թիկունքին Ծիծեռնակաբերդը

$
0
0

Լոյս տեսած է կաթողիկէ աշխարհի հոգեւոր առաջնորդ Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապի 2016 թուականի այցելութեան նուիրուած յատուկ փոստային դրոշմաթուղթեր: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, դրոշմաթուղթերու շարքին յատուկ տեղ գրաւած է Հայաստան կատարած պատմական այցելութեան վերաբերեալ հրապարակուած նմուշը: Դրոշմաթուղթին վրայ պատկերուած է Ֆրանչիսկոս պապը, իսկ անոր թիկունքին Ծիծեռնակաբերդի Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրն է: Վատիկանի պաշտօնական կայքին մէջ նշուած է, որ դրոշմաթուղթին հեղինակը Տանիէլա Լոնկոն է, որ պատկերած է Ծիծեռնակաբերդի մէջ Հռոմի պապին աղօթքի պահը: Հռոմի սրբազան քահանայապետ Ֆրանչիսկոս պապ 2016 թուականի յունիս 25-ին այցելած էր Ծիծեռնակաբերդ` Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշահամալիր, ուր ան յարգանքի տուրք մատուցած էր Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին: Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի պատուոյ այցելուներու գիրքին մէջ սրբազան քահանայապետը գրած էր. «Այստեղ կ՛աղօթեմ` ցաւը սրտիս մէջ, որպէսզի այլեւս երբեք նման ողբերգութիւններ, ինչպիսին ասիկա է, չկրկնուին, որպէսզի մարդկութիւնը չմոռնայ եւ իմանայ չարութեանը բարութեամբ յաղթել: Թող Աստուած սիրեցեալ հայ ժողովրդին եւ ամբողջ աշխարհին պարգեւէ խաղաղութիւն եւ մխիթարութիւն: Աստուած պահպանէ հայ ժողովուրդի յիշողութիւնը: Յիշողութիւնը չի կրնար ո՛չ պղտորիլ, ո՛չ մոռնալ: Յիշողութիւնը խաղաղութեան եւ ապագայի աղբիւրն է»: Ֆրանչիսկոս պապը Հայաստան  ժամանած էր 24-26 յունիսին` «Այց առաջին քրիստոնէական երկիր» խորագիրով:

Մխիթարեանի Ֆութպոլային Շապիկը Քանատայի Մէջ Վաճառուած Է 20 Հազար Ամերիկեան Տոլարի. Քանատահայերը 530 Հազար Ամերիկեան Տոլար Կը Նուիրաբերեն Հիմնադրամին

$
0
0

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամ.– 530 հազար տոլար գումար հաւաքագրուած է քանատահայ համայնքին կողմէ: «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Քանատայի տեղական մարմինին կողմէ կազմակերպուած հանդիսաւոր ճաշկերոյթի ընթացքին, նոյեմբեր 12-ին, Թորոնթօ քաղաքին մէջ աւելի քան 400 քանատահայեր մասնակցած են նուիրատուութեան: Ճաշկերոյթի ընթացքին տեղի ունեցած է նաեւ աճուրդ: Ֆութպոլիստ Հենրիք Մխիթարեանին մարզաշապիկը աճուրդին վաճառուած է 20 հազար ամերիկեան տոլարի:

Ձեռնարկը նուիրուած էր Քանատայի 150 եւ Թորոնթոյի «Հայաստան» հիմնադրամի 25-ամեակին:

Խօսքով հանդէս եկաւ Քանատայի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Լեւոն Մարտիրոսեանը, որ կարեւոր նկատեց հիմնադրամին դերը` անկախ Հայաստանի եւ Արցախի զարգացման համար:

Թորոնթոյի «Հայաստան» հիմնադրամի ատենապետ Մկրտիչ Մկրտչեանը մանրամասնօրէն ներկայացուց իրականացուած վերջին 12 ծրագիրները` նշելով, որ այս 25 տարիներու ընթացքին ընդհանուր 72 ծրագիր  կեանքի կոչուած է թորոնթոհայերու հանգանակութիւններով: Վերջին ձեռնարկներն են` դպրոցի կառուցում Ուխտասար համայնքին մէջ, շտապ օգնութեան մեքենայի նուիրաբերում եւ ջրամատակարարման ապահովում Թադիվանք համայնքին, չորս բնակելի տան կառուցում Ճարտարի, Ուխտաձորի, Կուսապատի, Լուսաձորի մէջ, լուացարաններու կառուցում Շուշիի, Ամարասի եւ Թադիվանքի վանական համալիրներուն կից, Կեանքի կեդրոնի կառուցում Խնձորիստան համայնքին մէջ եւ բացօթեայ մարզահրապարակի կառուցում Նալպանտեան համայնքի դպրոցին համար, որ վերանորոգուած եւ մասնակիօրէն վերակառուցուած է թորոնթոհայ բարերարներ Պերճուհի եւ Արմէն Նալպանտեաններու հովանաւորութեամբ 2016 թուականին: Ներկայացուեցան նաեւ ընթացիկ ձեռնարկներն ու 2018 թուականի «Ջուրը կեանք է» խորագրով ծրագիրը` ոռոգման ջուրի ապահովումը գիւղական համայնքներուն: Կարեւորագոյն այս ծրագիրը կը ներառէ խորքային հորերու հորատում, ջրմուղներու եւ ջրատարներու կառուցում, որոնց միջոցով հնարաւոր պիտի ըլլայ ոռոգման ջուրը հասցնել բազմազաւակ ընտանիքներու տնամերձ հողակտորներ` մշակելի դարձնելով զանոնք:

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ամէնամեայ հեռուստամարաթոնին ընդառաջ հիմնադրամի տեղական մարմինները տարբեր երկիրներուն մէջ կը կազմակերպեն նմանօրինակ ձեռնարկներ` գումար հաւաքելու համար: Քանատահայերու հաւաքած 530 հազար ամերիկեան տոլարը նուիրաբերուեցաւ նոյեմբեր 23-ին կայացած հեռուստամարաթոնին: «Բերքառատ Արցախ» խորագիրը կրող մարաթոնի բնաբանը Արցախի ոռոգման համակարգի կառուցումն է եւ արեւային ուժանիւթային կայաններու տեղադրումը:

 

 

Viewing all 17226 articles
Browse latest View live


<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>