Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 17226 articles
Browse latest View live

Վալանսի Միօրեայ Վարժարանի Հողին Օծումը

$
0
0

«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ». Կիրակի, նոյեմբեր 26-ին հանդիսաւոր արարողութեամբ կատարուեցաւ օծումը հողին, որուն վրայ պիտի կառուցուի Վալանսի հայկական միօրեայ վարժարանը: Այս մէկը նշեալ ծրագրին նուիրուած ձեռնարկներու շարքին առաջինն էր: Օծման արարողութեան նախագահեց Նորվան արք. Զաքարեանը` կողքին ունենալով Նարեկ Ա. քհնյ. Վարդանեանը եւ Անդրանիկ քհնյ. Մալճեանը, որոնք կիրակնօրեայ պատարագի աւարտին, ՀՄԸՄ-ի սկաուտներու տպաւորիչ տողանցքով ուղղուեցան դէպի ապագայ դպրոցին բակը:

Ներկայ էին նաեւ` Վալանսի քաղաքապետ Նիքոլա Տարակոնը, Վալանսի շրջակայից քաղաքական դասը եւ հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, վալանսահայ խուռներամ բազմութիւն մը: Ամպիոնէն իր ողջոյնի խօսքը արտասանեց տեղւոյն հոգեւոր հովիւը` Անդրանիկ քհնյ. Մալճեանը, որ ընդգծեց սփիւռքի մէջ հայերէնի պահպանութեան կարեւորութիւնը: Վալանսի Հայ մշակոյթի կեդրոնի նախագահ (CCAV) Նորվան արք. Զաքարեան կոչ ըրաւ նիւթապէս մասնակցելու այս ծրագրին: Ան շեշտեց հայ համայնքի անդամներուն մասնակցութեան կարեւորութիւնը եւ անհրաժեշտութիւնը` ըսելով, որ դպրոցը աւելի զօրաւոր հիմք կ՛ունենայ, երբ 1.000 հայորդիներ 500-ական եւրօ կը ներդրեն, քան թէ` բարերար մը, որ մինակը 500.000 կը նուիրէ: Այս է միջոցը, որով դպրոցը համայնքին սեփականութիւնը կը դառնայ, եւ ամէն ոք ինքզինք պատասխանատու կը զգայ անոր նկատմամբ:

Խօսք առաւ նաեւ Վալանսի ֆրանքեւհայկական վարժարանի յանձանձման ընկերակցութեան (Association de Gestion de l’école Franco-Arménienne de Valence – AGEFAV) երիտասարդ նախագահը` Համբիկ Յովսէփեանը, որ մեծ խանդավառութեամբ եւ համոզումով շեշտը դրաւ ծրագրի գրաւականներուն վրայ` նշելով. «Հայերէնը, ֆրանսերէնը եւ անգլերէնը պիտի ուսուցանուին հաւասար մակարդակով»: Եւ հուսկ, խօսքը տրուեցաւ քաղաքապետ Տարակոնին, որ յայտարարեց. «Սրտանց կը մաղթեմ, որ այս դպրոցը իրագործուի: Ճանապարհը դժուար է, մանաւանդ` սկզբնական շրջանին, գոնէ չորս-հինգ տարի, մինչեւ որ դպրոցը պետութեան հետ համաձայնագիր կնքէ, որպէսզի քաղաքապետարանը եւ Շրջանային խորհուրդն ալ կարենան աջակցիլ անոր»:

Պաշտօնական յայտագրի աւարտին ժողովուրդը հրաւիրուեցաւ միասին ճաշակելու նախօրօք եկեղեցւոյ վարչութեան կողմէ պատրաստուած համադամները եւ բարձրացնելու` դպրոցի շինութեան յաջող գործընթացին համար կենաց բաժակը: Տեղի ունեցաւ նաեւ ժողովրդային հանգանակութիւն:

Թէ՛ սրբազան հայրը եւ թէ՛ Համբիկ Յովսէփեանը ողջունեցին ներկայութիւնը պարոն Անտրէ Հացպանեանին, որ իբրեւ գործակատար` կարճ ժամանակի մէջ պատրաստած է դպրոցին ճարտարապետական նախագիծը:

Թէեւ թեմիս առաջնորդ Վահան եպս. Յովհաննէսեանը եւ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը նախորդ օրը Վալանսի մէջ Մշակութային տան վերակառուցման արարողութեան մասնակցած էին, սակայն չէին կրցած ներկայ գտնուիլ հողօրհնէքին` հրաւիրուած ըլլալով Մարսէյի մէջ «Սահակ-Մեսրոպ» երգչախումբի 40-ամեակի հանդիսութեան: Վահան սրբազան խանդավառութեամբ իր զօրակցութիւնը յայտնած էր` ըսելով. «Պիտի ընենք մեր կարելին, որպէսզի ամբողջ ֆրանսահայութիւնը ներգրաւուի այս ծրագրին մէջ»: Նշենք, որ դպրոցական համալիրը պիտի բարձրանայ Ս. Սահակ եկեղեցւոյ կից հողատարածքին վրայ, 12, rue de la Cécile հասցէին: Պիտի ունենայ 8 դասարան (մանկապարտէզ եւ նախակրթարան), գրադարան մը, ճաշասրահ եւ վարչական բաժիններ: Տարածքը քաղաքին կեդրոնը գտնուելու առաւելութիւնն ունի եւ կ՛ընձեռէ նաեւ կառատուն եւ զբօսանքի մեծ բակի մը կառուցման կարելիութիւնները: Ֆրանսայի Ազգային կրթութեան չափանիշներու պատշաճեցման համար հարկ է կատարել նաեւ վերանորոգման եւ ընդարձակման որոշ աշխատանքներ: Այս բոլոր աշխատանքներուն ծախսերը կը գնահատուին շուրջ 1,5 միլիոն եւրօ:

Յիշեցնենք, որ բարերար Գէորգ Արապեանը որոշած է 600.000 եւրօ նուէրով մը մասնակցիլ այս ծրագրի իրագործման:

 

 


Լիբանանի Անկախութեան Տօնակատարութիւնը Հայ Աւետարանական Քոլեճին Մէջ

$
0
0

24 նոյեմբեր 2017-ին Հայ աւետարանական քոլեճի աշակերտները բազմաբնոյթ գործունէութիւններով նշեցին Լիբանանի անկախութիւնը:

Լիբանանեան յատուկ ուտեստեղէններով հիւրասիրուելէ ետք, աշակերտները իրենց ափի դրոշմով պատրաստեցին լիբանանեան դրօշակ մը` իրենց ինքնութեան մաս յայտարարելով լիբանանցիութիւնը: Հայրենասիրական երգերու մթնոլորտի մէջ անոնք խաղցան տոհմիկ լիբանանեան խաղեր:

Ճոխ գործունէութիւններէն ետք աշակերտները եւ ուսուցչական կազմը հաւաքուեցան հանդիսասրահին մէջ, ուր տեղի ունեցաւ պաշտօնական հանդիսութիւն` ներկայութեամբ բանակի հրամանատարութեան ներկայացուցիչներ գնդապետ Ալա Պասպուսին, հարիւրապետ Միշէլ Սարժիին եւ կրտսեր հարիւրապետ Իմատ Մաթարին: Աշակերտական ելոյթներէ ետք խօսք առաւ հարիւրապետ Սարժի, որ տեսերիզով ներկայացուց բանակին կազմութիւնը եւ սխրանքները` շեշտելով անոր դերը անկախութեան պաշտպանութեան գործին մէջ: Հանդիսութեան աւարտին ելոյթ ունեցաւ արաբերէնի ուսուցիչ, բանաստեղծ Լամիհ Հոր, որմէ ետք տնօրէն դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան գնդապետ Պասպուսին յանձնեց մայրիի ծառի տեսքով յուշանուէր մը` փոխանցելու համար բանակի հրամանատարութեան:

Հաղորդագրութիւն

$
0
0

Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնութիւնը կը յայտնէ, թէ 11-րդ դասարանէն Էլի Մալխասեան, որ մասնակցեցաւ Կոկիկեան հիմնարկի կազմակերպած միջհայկական երկրորդական վարժարաններու արաբերէն մրցանքին, հանդիսացաւ առաջինը:

Մրցանակաբաշխութիւնը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 29 նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին Հայկազեան համալսարանին մէջ:

Այս մրցանքը կը կազմակերպուի 2012-էն ի վեր եւ արդէն չորս կրթական տարեշրջաններ վարժարանս գրաւած է անոր առաջին դիրքը:

Մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք արաբերէն լեզուի ուսուցիչներուն եւ ջերմօրէն կը գնահատենք մեր մրցանակակիրները` Քրիստին Ժիպէլեանը, Ռոտրիկ Սեփեթճեանը, Լէա Հապիպեանը եւ Էլի Մալխասեանը:

ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ

Լիբանանի 74-րդ Անկախութեան Տարեդարձը Սրբոց Հռիփսիմեանց Բարձր. Վարժարանի Մէջ

$
0
0

Հայրենիքի մը անկախութեան տարեդարձը յիշատակութենէ աւելի տօնակատարութիւն է, որուն համար մեծ ու պզտիկ այս պարագային կը համախմբուինք Լիբանանի խորհրդանիշ «մայրի»-ին շուրջ:

Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի աշակերտները երեքշաբթի, 28 նոյեմբերին տօնակատարեցին Լիբանանի անկախութեան 74-րդ տարեդարձը: Այս առիթով վարժարան այցելեց լիբանանեան բանակի փողերախումբէն խմբակ մը:

Օրուան յայտագիրը սկիզբ առաւ Լիբանանի քայլերգի կատարողութեամբ, որմէ ետք փողերախումբի կշռութաւոր եղանակին պարտադրած համաչափութեամբ, տողանցքով մուտք գործեցին երկրորդ դասարանի աշակերտները` զինուորական համազգեստով:

Ապա իններորդ դասարանի աշակերտներէն ընթերցեցին օրուան պատգամը փոխանցող խօսքեր:

Յայտագիրը շարունակուեցաւ նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտներու ազգայնաշունչ խմբերգներով, ուղերձներով եւ խմբային պարով, ինչպէս նաեւ բանակին փողերախումբը իր զինուորական քայլերգներու մերթ ընդ մերթ կատարումով ջերմացուց մթնոլորտը` ներկաներուն սրտերուն զարկերը թնդացնելով ազգային գիտակցութեան զգացումներով:

Յայտագիրի աւարտին վարժարանի փոխտնօրէն Կարպիս Գապասագալեան տնօրէնութեան անունով շնորհակալութիւն ու երախտագիտութիւն յայտնեց բանակի հրամանատարութեան եւ փողերախումբին` բոլորը շնորհաւորելով Լիբանանի անկախութեան տօնին առիթով եւ փողերախումբի պատասխանատուին յանձնելով յատուկ յուշանուէր մը:

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճին Մէջ Նշուեցաւ Լիբանանի Անկախութեան Տօնը

$
0
0

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի աշակերտութիւնը այլազան ձեռնարկներով նշեց Լիբանանի անկախութեան տօնը:

Ուրբաթ, 17 նոյեմբեր 2017-ին, Ե.-Ժբ. դասարանի աշակերտները, իրենց տնօրէնին եւ ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ, այցելեցին լիբանանեան բանակի մաղաուիրներու վաշտի Ռումիէի «Ղասսան Ռամմեն» զօրանոցը, ուր ջերմ ընդունելութեան արժանացան սպաներուն եւ զինուորներուն կողմէ:

Գեղեցիկ էր դիտել զինուորներուն ճկունութիւնն ու մարտունակութիւնը` իրենց ցուցադրած ռազմամարզական ներկայացումին ընդմէջէն:  Ապա անոնք առիթ տուին աշակերտներուն նոյն փորձառութիւնը ապրելու: Աշակերտները մեծ խանդավառութեամբ ուզեցին փորձել ամէն ինչ, նաեւ  առիթ ունեցան ականատես ըլլալու հրացանաձգութեան, թշնամի խումբերու բախումի, բանակի յաղթանակին, թշնամիին նահանջին… մէկ խօսքով`  իսկական «մարտ»-ի մը:

Այցելութեան երկրորդ բաժինով աշակերտները ուղղուեցան ամփիթատրոն, ուր բարի գալուստի խօսքէն ետք, հրամանատարը մանրամասնօրէն ներկայացուց վաշտին պատմականն ու մարզումի եղանակները՝ նշելով նաեւ վաշտին այն բոլոր նահատակները, որոնք ինկած են ի խնդիր հայրենիքի պաշտպանութեան: Բացատրութեան կ՛ընկերանար տեսերիզի ցուցադրութիւն մը: Աշակերտները ներկայացուցին  գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը` երգով, ասմունքով ու պարով, որմէ ետք խօսք առաւ քոլեճի տնօրէն  Զոհրապ Ղազարեանը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց այս գեղեցիկ առիթի ընծայման համար` մօտէն ծանօթանալու  լիբանանեան բանակի մէկ մասնիկին եւ անոր աշխատանքներուն: Ղազարեան վեր առաւ նահատակութեան գաղափարը` շեշտելով, որ հայ ժողովուրդը այլ ազգերէ աւելի կ՛ըմբռնէ յանուն հայրենիքի նահատակութեան գաղափարը, վկայ` իր մէկ ու կէս միլիոն զոհերը: Խօսքի աւարտին քոլեճին անունով Զ. Ղազարեան յուշանուէր մը յանձնեց հրամանատարին:

Նահատակներուն ձիթենեաց պուրակէն անցնելով` աշակերտները ուղղուեցան թանգարան, ուր ցուցադրուած էին զինամթերք եւ զինուորական այլ գոյքեր: Անկէ ետք անոնք Նահատակաց յուշակոթողին առջեւ ծաղկեպսակ մը զետեղեցին:

Խմբային նկարէն ետք տեղի ունեցաւ կոկիկ հիւրասիրութիւն:

Աշակերտները դպրոց վերադարձան` իրենց հետ բերելով անմոռանալի յուշեր:

Հայերէնի աշխատանքներու ծիրին մէջ, Լիբանանի անկախութեան տօնի նախօրեակին, Ե.1 եւ Ե.2 դասարանները երկուշաբթի, 20 նոյեմբեր 2017-ին դպրոցի շրջափակին մէջ  ցանեցին ութ մայրիի ծառեր` յաւերժացնելու լիբանանեան մայրին, որ կը խորհրդանշէ լիբանանցի ժողովուրդը` միշտ երիտասարդ իր մշակոյթով, ուժով ու պայքարով:

Ուրբաթ, 24 նոյեմբերի ատենամարզանքի պահերուն նախակրթարանի Ա.-Դ. դասարաններու աշակերտները լիբանանեան բանակի տարազներով ու դրօշակներով տողանցեցին բակին մէջ, ապա համախմբուեցան սրահին մէջ, ուր քայլերգներու երգեցողութենէ ետք, դասարան առ դասարան ներկայացուցին արաբերէն լեզուով հաճելի զաժալ մը: Ապա անոնք դիտեցին անկախութեան պատմութիւնը, ասմունքեցին ու երգեցին  Լիբանանի անկախութեան նուիրուած կտորներ եւ դիտեցին լիբանանեան աւանդութիւններուն մասին վաւերագրական երիզ մը:

Նշենք, որ Ա. եւ Բ. դասարանները արդէն իսկ պատրաստած էին իրենց ձեռայինները` մեծ խանդավառութեամբ:

Մանկապարտէզի աշակերտները եւս ամբողջ շաբթուան ընթացքին ապրեցան անկախութեան մթնոլորտը` տողանցելով, երգեր ու արտասանութիւններ սորվելով ու  այլազան ձեռային աշխատանքներ կատարելով:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Մասնակցի Քրիստոնեաներուն Դէմ Գործադրուած Ատելութեան Յանցագործութիւնները Կանխարգիլելու Եւ Հակազդելու ԵԱՀԿ-ի Կազմակերպած Խորհրդաժողովին

$
0
0

21-22 նոյեմբեր 2017-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ քրիստոնեաներուն դէմ գործադրուած ատելութեան յանցագործութիւնները կանխարգիլելու եւ հակազդելու խորհրդաժողով մը: «Կանխարգիլել եւ հակազդել քրիստոնեաներուն եւ այլ կրօնական խումբերու անդամներուն դէմ գործադրուած ատելութեան յանցագործութիւններ. հեռանկարներ` ԵԱՀԿ-էն ու անդին» խորագիրով խորհրդաժողովը կազմակերպուած էր ԵԱՀԿ-ի նախագահութեան եւ ԵԱՀԿ-ի Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդկային իրաւանց գրասենակին կողմէ եւ հիւրընկալուած` Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ:

Սոյն խորհրդաժողովին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ներկայացուց Գէորգ Յակոբճեանը: Խորհրդաժողովին ելոյթ ունեցան` Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը, Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը, Վատիկանի ներկայացուցիչն ու ԵԱՀԿ-ի բարձրաստիճան պաշտօնեաներ եւ դիւանագէտներ: Խորհրդաժողովին զանազան նիստերով քննարկուեցան` քրիստոնեաներուն եւ այլ կրօնական խումբերուն դէմ գործադրուած ատելութեան յանցագործութիւններու երեւոյթը, տեղական-տարածաշրջանային ու միջազգային գործընթացները, զանոնք կանխարգիլելու եւ հակազդելու ծրագիրները, ինչպէս նաեւ` քաղաքացիական հասարակութեան դերը խտրականութեան, անհանդուրժողականութեան եւ քրիստոնեաներու իրաւունքներու ոտնահարման մարտահրաւէրները դիմագրաւելուն մէջ:

Էրտողան Կը Շարունակէ Թշնամացնել Բոլորը, Որոնց Շարքին` Օտար Ականաւոր Մտաւորականներ

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան «օրհնութիւն» է բոլոր անոնց համար, որոնք դէմ են թրքական բռնատիրութեան եւ մարդկային իրաւունքներու զանգուածային խախտումներուն: Օր չկայ, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը դաժանօրէն չվարուի մտաւորականներու, իրաւապաշտպաններու, հասարակական կազմակերպութիւններու, լրագրողներու եւ քաղաքական հակառակորդներու հետ: Էրտողան աւելի վնաս հասցուցած է Թուրքիոյ վարկանիշին, քան ուրիշ ոեւէ մէկը` օսմանեան թուրքերու կողմէ 1915-ին Հայոց ցեղասպանութեան իրականացումէն ետք:

Ազատ խօսքի եւ ակադեմական ազատութեան դէմ թրքական անհանդուրժողականութեան վերջին դրսեւորումը տեղի ունեցաւ, երբ Միչիկընի համալսարանի հայ-թրքական ուսումնասիրութեան կեդրոնը (WATS) որոշեց համաժողով գումարել Պերլինի Եւրոպական ակադեմիայի մէջ, 2017 սեպտեմբեր 15-18: Համաժողովը կազմակերպուած էր Միչիկընի համալսարանի, Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Տորնսիֆի հայկական հետազօտութիւններու հիմնարկի եւ Փոցտամի «Լեփսիուս հաուզ» թանգարանին կողմէ` Գերմանիոյ Պրանտենպուրկ նահանգի գիտութեան, հետազօտութիւններու եւ մշակոյթի նախարար դոկտ. Մարտինա Միւնխի հովանաւորութեամբ:

Այս կարեւոր համաժողովին մասնակցելու համար հրաւիրուած էին տարբեր ազգերու նշանաւոր մտաւորականներ, ներառեալ` թուրք մտաւորականներ: Սակայն Թուրքիոյ Բարձրագոյն կրթութեան խորհուրդը խոչընդոտած էր Թուրքիոյ ականաւոր փրոֆեսէօրներու ուղեւորութիւնը` մասնակցելու «Անցեալը ներկայ է. Հայոց ցեղասպանութեան եւրոպական մօտեցումները» խորագիրը կրող համաժողովին:

Սեպտեմբերին Մերձաւոր Արեւելքի ուսումնասիրութիւններու ընկերակցութեան (MESA) նախագահ փրոֆ. Պեթ Պարոն աշխարհի 3000 անդամներու անունով խիստ քննադատական նամակ մը յղեց նախագահ Էրտողանին եւ վարչապետ Եըլտըրըմին` համաժողովին դէմ Թուրքիոյ ջանքերը որակելով իբրեւ «վիրաւորանք` Թուրքիոյ մէջ  ակադեմական ազատութեան եւ նոր սպառնալիք մը` ճնշելու այն թեմաներով ուսումնասիրութիւնները, որոնց վրայ ձեր կառավարութեան կողմէ արգելք դրուած է… Պերլինի մէջ գումարուող WATS համաժողովին շուրջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները անգամ մը եւս կը վկայեն ձեր կառավարութեան անկարողութեան մասին` յարգելու մարդկային իրաւունքներու հիմնական ազատութիւնները` թրքական օրէնքներու համաձայն, հակառակ Թուրքիոյ ստանձնած միջազգային յստակ պարտաւորութիւններուն»:

Թուրք ազգայնական քաղաքական գործիչ Տողու Փերինչեք յայտարարեց, որ համաժողովը «պիտի ծառայէ կայսերապաշտութեան եւ Քիւրտիստանի շահերուն» եւ թուրք մասնակիցները անուանեց «դաւաճաններ»:  Թուրքիոյ մէջ աջակողմեան թեւի այլ ազգայնամոլներ եւ իշխանամէտ լրատուական միջոցներ եւս դատապարտեցին համաժողովը:

MESA-ի նախագահը իր քննադատական նամակի պատճէնները ուղարկեց` Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահին, Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարարին, Թուրքիոյ Բարձրագոյն կրթութեան խորհուրդի նախագահին, Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական խորհրդարանի ենթակոմիտէի նախագահին եւ փոխնախագահին, Եւրոմիութեան արտաքին գործերու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձր ներկայացուցիչին, Եւրոպական դրացնութեան քաղաքականութեան եւ ընդլայնման բանակցութիւններու յանձնակատարին, Եւրոպական խորհուրդի մարդկային իրաւունքներու յանձնակատարին, Եւրոպական խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին, ՄԱԿ-ի մարդկային իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատարին, ՄԱԿ-ի խօսքի, կարծիքի  ազատ արտայայտման իրաւունքի խթանման եւ պաշտպանութեան  յատուկ զեկուցողին, ՄԱԿ-ի կրթութեան իրաւունքի յատուկ զեկուցողին, Միացեալ Նահանգներու մէջ Թուրքիոյ դեսպանին եւ Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանին:

Զարմանալի չէ, որ նոյնիսկ շաբաթներ անց ո՛չ Էրտողանը, ո՛չ  Թուրքիոյ վարչապետը արձագանգած են MESA-ի նամակին…

Ասկէ բացի, WATS-ի կազմակերպչական կոմիտէն 2017 սեպտեմբեր 18-ին յայտարարութիւն տարածեց` Անգարայի կողմէ Պերլինի համաժողովին թուրք մտաւորականներու մասնակցութեան արգիլումը որակելով որպէս «յարձակում` ազատ խօսքի եւ ակադեմական ազատութեան վրայ, աւելի՛ն, ընդլայնելով նման մտաւոր ճնշում Թուրքիոյ սահմաններէն դուրս: Մենք կը կիսենք Հիւսիսային Ամերիկայի` Մերձաւոր Արեւելքի ուսումնասիրութիւններու ընկերակցութեան (MESA) մտահոգութիւնը, որ նման գործողութիւններ լուրջ եւ խայտառակ կերպով կը վնասեն ուսման եւ գիտելիքներու ազատ փոխանակման»:

WATS նշած է, որ` «համաժողովը յարձակման ենթարկուած է Թուրքիոյ եւ Գերմանիոյ թրքական ծայրայեղ ազգայնական քաղաքական շրջանակներու կողմէ: Միջազգային ասպարէզի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան երկարատեւ ժխտողները յայտարարած են, որ համաժողովը «պիտի ծառայէ կայսերապաշտութեան եւ Քիւրտիստանի շահերուն», եւ քրտական խնդիրը ձեւակերպուած է որպէս «երկրորդ Իսրայէլ», որ ակնյայտօրէն հակասեմական է»:

WATS նաեւ յայտարարած է, որ` «Թուրքիա ներկայիս կը տառապի ահաբեկման եւ սպառնալիքներու մթնոլորտէն, եւ այդ մասին լաւագոյնս կը վկայէ իր ցուցաբերած վերաբերումը այն մտաւորականներուն հանդէպ, որոնք փափաքած են մասնակցիլ Պերլինի WATS-ի համաժողովին… Մենք… կոչ կ՛ընենք թրքական կառավարութեան` վերականգնել ակադեմական ազատութիւնները, որոնք խախտուած են եւ կը  խախտուին Թուրքիոյ մէջ… Նաեւ կը պահանջենք, որ թրքական պետութիւնը հրաժարի մտաւոր փոխանակութեան եւ արտայայտուելու ազատութեան միջամտելէ` Թուրքիայէն դուրս: Նման միջամտութիւն ժողովրդավարական կարգի խախտում է Թուրքիոյ եւ հիւրընկալող երկիրներու մէջ: Պերլինի WATS համաժողովի շուրջ իրադարձութիւնները եւս մէկ օրինակ են, որ թրքական պետութիւնը կը հրաժարի յարգելէ մարդկային հիմնական իրաւունքները` թէ՛ թրքական օրէնքի, թէ՛ Թուրքիոյ ստանձնած միջազգային յստակ պարտաւորութիւններու համաձայն»:

Վերջապէս, Միչիկընի համալսարանի փրոֆեսէօր եւ Պերլինի համաժողովի համակազմակերպիչ Ֆաթմա Մուկէ Քէօչեք (ծնունդով` Թուրքիայէն) 2017 նոյեմբեր 10-ին  մեկնաբանութիւն մը գրեց Ուաշինկթընի Ahvalnews.com թրքական կայքէջի վրայ` «Պէտք է դադրեցուի թուրք գիտնականներու հետապնդումը Արեւմուտքի մէջ» վերնագրով:

Փրոֆ. Քէօչեք գրեց. «Ես միշտ հետապնդուած եմ թրքական պետութեան կողմէ` աշխատանքիս պատճառով: Այս հալածանքը իրականացուած է առցանց  զրպարտութեան արշաւներու, անանուն սպառնալիքներու ձեւով, որոնց հետքերը կը տանին դէպի Թուրքիա, եւ` այն մարդոց կողմէ, որոնք նշանակուած են թրքական պետութեան կողմէ, եւ որոնք փորձած են մարտահրաւէր նետել ինծի եւ ստորնացնել զիս: Ես հետապնդումներու ենթարկուած եմ ե՛ւ Միացեալ Նահանգներու, ե՛ւ Եւրոպայի մէջ, հակառակ անոր որ միայն դասախօսութիւններ ներկայացուցած եմ համալսարաններու մէջ: Անգամ մը ստիպուած եղած եմ դիմել Հետաքննութեան դաշնակցային պիւրօ (FBI)` իմ ստացած անձնական սպառնալիքի քննութեան համար: Այս իրավիճակը, որ արդէն իսկ վատ է եւ ամբողջութեամբ կը հակասէ խօսքի եւ կարծիքի արտայայտման ազատութեան, այս տարի աւելի  վատացած է»:

Այնուհետեւ փրոֆ. Քէօչեք յայտարարած է, որ թուրք ցուցարարները, որոնք եկած էին Պերլինի համաժողովին, «ոչ միայն ընդհատած եւ տեսանկարահանած են մասնակիցները, այլեւ փորձած են ներխուժել դահլիճ: Ի վերջոյ, թրքական թերթերը մեր գործունէութիւնը համարեցին տարօրինակ դաւադրութիւն, որ պիտի փորձէ վերահսկել Թուրքիան եւ հոն ստեղծել երկրորդ Իսրայէլ»:

Փրոֆեսէօր Քէօչեք իր քննադատական մեկնաբանութիւնը եզրափակած է` կոչ ուղղելով Արեւմուտքի երկիրներուն` միջոցներու ձեռնարկել Թուրքիոյ դէմ. «Ինծի համար առաւել անհանգստացնող է ոչ միայն թրքական պետական բռնութեան հաստատակամութիւնը Թուրքիոյ մէջ, այլեւ անոր տարածումը երկրի սահմաններէն դուրս, ինչպէս որ ես զգացած եմ մորթիս վրայ` Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ: Ժամանակն է, որ Արեւմուտքը արդիւնաւէտ կերպով հանդէս գայ այս աճող ոտնձգութեան դէմ, իր սեփական հողին վրայ: Կը կարծեմ, որ այս հետապնդումը ահաբեկչական բռնութենէն կը տարբերի միայն աստիճանով, քանի որ երկուքին նպատակն ալ նոյնն է` մարտահրաւէր կարդալ արեւմտեան չափանիշներուն ու արժէքներուն եւ վնասել ու ապակայունացնել զանոնք: Արեւմուտքը օտարերկրեայ պետական հետապնդումներու դէմ արդիւնաւէտ դիրքորոշում որդեգրելով միայն կը կարողանայ առաջքը առնել պատասխանատուութեան բացակայութեան`  բռնութեան համար, որ գոյութիւն ունի այնպիսի բռնատիրական երկիրներու մէջ, ինչպիսին է Թուրքիան»:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Գարեգին Նժդեհի Կերպարը Աղաւաղելու Ձախող Փորձեր

$
0
0

ՍԵՐԺ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ

Օրեր առաջ ռուսական «Զվեզտա» պատկերասփիւռի պետական կայանը, որ պաշտպանութեան նախարարութեան հովանաւորութիւնը կը վայելէ, արծարծեց նիւթ մը, որ ուղղուած է մեր ազգային հերոսին` Գարեգին Նժդեհի անունը եւ վաստակը վարկաբեկելու եւ իմաստազրկելու: rusarminfo.ru կայքին համաձայն,  Ռուսիոյ հասարակական գործիչ եւ քաղաքագէտ Սերկէյ Մարկով յայտարարեց, որ վերջերս քննարկուեցաւ ստեղծումը աշխատանքային խումբի մը  որուն նպատակն է պատրաստել եւ ՄԱԿ-ին ներկայացնել հայց մը` Հայաստանի եւ միւս երկիրներուն դէմ, որոնք կը խախտեն «Ազգայնամոլութեան հերոսացման պայքարի» մասին պայմանագիրը: Մարկով մասնաւորապէս ըսած է. «Մեր խումբը պիտի համագործակցի գործադիր իշխանութեան մարմիններուն հետ. մենք կը ծրագրենք համաձայնութիւն մը ստորագրել համագործակցութեան մասին: Ասիկա անհրաժեշտութիւն է, որովհետեւ լրատուամիջոցներու կողմէ փորձեր կան ֆաշականութեան աջակիցներուն գործերը լռեցնելու»:

Թէեւ Մոսկուայի պաշտօնական յայտարարութիւնը չէ ասիկա, բայց եւ այնպէս իր բովանդակութեամբ մտահոգիչ կը թուի ըլլալ: Առաջին անգամ չէ, որ Նժդեհի «հարցը» լուսարձակները կը հրաւիրէ իր վրայ: Օրին, 2016-ին, երբ մեծ հայորդիին նուիրուած արձանը տեղադրուեցաւ Երեւանի մէջ, մեկնաբանութիւններու եւ վերլուծումներու մեծ ալիք բարձրացաւ Ռուսիոյ մէջ եւ, անշուշտ, անոր արձագանգները հասան Հայաստան: Ռուսիոյ կեցուածքը միշտ նոյնը կը մնայ. Գարեգին Նժդեհ հայ  ազգայնամոլը, որ Բ. Աշխարհամարտի ընթացքին հայկական ջոկատներ կազմակերպեց եւ Գերմանիոյ կողքին կռուեցաւ Խորհրդային Միութեան դէմ, հետեւաբար ազգայնամոլ Գերմանիոյ աջակիցն էր եւ յանցագործ կը նկատուէր: Այսպիսով,  միշտ քննադատութիւններու եւ նախատինքներու տարափ կը տեղացնէ Նժդեհը յարգողներու եւ փառաբանողներու վրայ` ըսելով, որ Հիթլերին աջակիցը քաջալերելը ազգայնամոլութեան քարոզչութիւն է:

Սակայն իրականութիւնը շատ տարբեր է: Գարեգին Նժդեհ մեր ազգի գաղափարական եւ մարտական եզակի համադրումներէն մէկը ըլլալով` անթիւ ծառայութիւններ մատուցած է հայ ազգին, ֆետայական կռիւներէն սկսելով մինչեւ անկախութեան համար մղուած մայիսեան հերոսամարտերը: Ան մնայուն ներկայութիւն էր ամէն տեղ, հերոս, որու ջանքերուն շնորհիւ կարելի եղաւ պաշտպանել Սիւնիքն ու Զանգեզուրը: Հայկական ջոկատներու կազմակերպումը եւ գերմանական բանակներուն կողքին Բ. Աշխարհամարտին մասնակցիլը անձնական շահերէն բխած որոշում մը չէր, ոչ ալ` ինքնանպատակ քայլ մը: Գարեգին Նժդեհ  նպատակ ունէր Խորհրդային Հայաստանը ազատագրել համայնավար բռնագրաւողներուն լուծէն, որոնք 1921-ին հսկայական ճիգերով եւ ծով արեամբ կերտուած մեր անկախ հանրապետութիւնը գրաւեցին եւ խլեցին մեզմէ:

Աշխարհամարտի ընթացքին Մ. Թորլաքեանի եւ Դրոյի հետ ճիգ թափեց պալքանեան հայութիւնը պաշտպանելու եւ հայ ռազմագերիները ազատագրելու: Այս է ճշմարտութիւնը, որ Ռուսիան երբեք չ՛ուզեր ընդունիլ: Գարեգին Նժդեհ ամբողջական նուիրումով ծառայեց իր հայրենիքի ազատագրութեան սուրբ գործին, երբեք աշխարհը համայնավարացնելու (ի տարբերութիւն Լենինի) հիւանդագին գաղափարներէն չտառապեցաւ, եւ անոր ձեռքերը չեն թաթախուած կիներու եւ մանուկներու արիւնով, հետեւաբար երբեք չի կրնար ոճրագործ կամ Հիթլերի նման ազգայնամոլ յանցագործ նկատուիլ: Նժդեհի կենսագրութիւնը պեղելու փոխարէն` «յարգարժան» պարոն Մարկովը եւ անոր նմանները թող ակնարկ նետեն Լենին ու Ստալին երեւոյթներուն վրայ եւ ճշմարտութեան աչքերուն նային: Այս զոյգ «յեղափոխականները», որոնք անձի պաշտամունքի «զոհ գացին» իսկական հրէշներ են, որոնց պատճառով միլիոնաւոր մարդիկ մեկնեցան այս աշխարհէն: Յայտնի փաստ մըն է, որ Հոկտեմբերեան յեղափոխութեան եւ անոր յաջորդած քաղաքացիական պատերազմին, ինչպէս նաեւ 20-ական եւ 30-ական տարիներուն ծաւալած կալանաւորումներուն, աքսորներուն եւ այլ տեսակի բռնութիւններուն պատճառով միլիոնաւոր անձեր զոհ գացած են:

Եւ ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել հայ եւ միւս համայնքներուն պատկանած հոգեւոր եւ կրթական կեդրոնները քանդելուն կամ փակելուն ուղղուած քայլերը: Իր իսկ ժողովուրդի գլխուն այսքան չարիք բերած զոյգ առաջնորդները,  հակառակ առողջ դատողութեան ու տրամաբանութեան, մեծ յարգանք կը վայելեն: Ի պատիւ անոնց` արձաններ տեղադրուեցան, փողոցներ անուանուեցան, թանգարաններ բացուեցան, եւ շարքը կարելի է շարունակել: Իսկ Լենինի խամաճիկի վերածուած մարմինը տեսնելու նպատակով գացող մարդոց բազմութիւնը Երուսաղէմ ուղղուող ուխտաւորներուն բազմութեանց կը նմանէր:

Հայ գործիչները սակայն կոչ չեն ըներ Ռուսիոյ քաղաքական ներկայացուցիչներուն, որ Լենինի, Ստալինի եւ միւս «հերոսներուն» արձանները վերցուին, եւ անոնց հետքերը ջնջուին, ՄԱԿ-ի կամ ուրիշ կազմակերպութեան դիմելու սպառնալիքներ չեն թափեր: Հայաստանը ազատ ու անկախ է այսօր եւ իր կերտման ու զարգացման համար արիւն եւ քրտինք թափած հերոսներուն յիշատակը յաւերժացնելն ու փառաբանելը իր արդար իրաւունքն է. երեւոյթ մը, որ բոլոր ազգերուն մէջ տարածուած է:

Ազգային արժանապատուութեան հարց է ասիկա. երբեք պէտք չէ տեղի տալ եւ պէտք է տէր կանգնիլ մեր հերոսներուն անմար յիշատակին, ինչպէս նաեւ` լուռ չմնալ անոնց անունն ու համբաւը հարուածել փորձող կասկածելի եւ մութ յայտարարութիւններուն դիմաց: Գարեգին Նժդեհ եղաւ ու պիտի մնայ հայ ազգի համար ազգային հերոս եւ մեծ հայորդի: Ի վերջոյ, ի՞նչ իրաւունքով մեր սուրբ Արարատը ծախած Լենինի երկրպագուները եւ Ստալինի բռնակալութիւնը հանդուրժողները այսօր հայութեան հերոսութեան ու ոճրագործութեան երեւոյթներուն մասին դաս կը կարդան:

 

 

 


Քաղաքական Անդրադարձ. Թուրքիան Եւ Սուրիական Ճատրակը

$
0
0

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

Սոչիի մէջ նոյեմբեր 22-ին Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Իրանի նախագահները հանդիպում ունեցան քննարկելու համար սուրիական տագնապը եւ` լուծումներու շուրջ համաձայնելու: Հետաքրքրական էր Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի խօսքը, որ արտասանեց իր կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն առջեւ: Ան ընդգծեց սուրիական տագնապին խաղաղ լուծման կարեւորութիւնը եւ մարդասիրական օժանդակութիւններ ուղարկելու արագացումը:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան թղթակից Պոզորկմեհր Շարաֆէտտին իր` «Իրանի Ռուհանին եւ Սոչիի վեհաժողովը. ճիշդ ժամանակը եւ ճիշդ քայլը Սուրիոյ համար» խորագրեալ յօդուածին մէջ այդ վեհաժողովը կ՛որակէ իբրեւ ռուսական յաղթանակ, որովհետեւ Ռուսիա կրցաւ թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ՛ Իրանի վստահութիւնը եւ քաղաքական օժանդակութիւնը շահիլ` դիւանագիտական միջոցներով լուծելու համար սուրիական տագնապը: Շարաֆէտտին նաեւ անդրադարձած է Իրանի քաղաքական եւ ռազմական յաղթանակին, որ արձանագրուեցաւ Սուրիոյ մէջ, բան մը, որ գոնէ առայժմ գրեթէ չէզոքացուց Սէուտական Արաբիոյ քաղաքականութիւնը շրջանին մէջ:

Ասիկա պատճառ դարձաւ, որ Սէուտական Արաբիա իր քաղաքական մկանները շարժէ եւ քայլ մը առնէ որոշ չափով հակազդելու համար Սոչիի վեհաժողովին: Այսպիսով, սուրիական ընդդիմութեան տարբեր հոսանքներէ ներկայացուցիչներ մասնակցեցան Ռիատի մէջ տեղի ունեցած վեհաժողովին, որուն մասնակիցները պնդեցին իրենց ոչ զիջողական քաղաքականութեան վրայ եւ պահանջեցին նախագահ Պաշշար Ասատի հեռացումը:

Այստեղ կարեւոր է քիչ մը վերլուծել Թուրքիոյ կեցուածքը` Սուրիոյ մէջ քրտական հարցին շուրջ: Ըստ «Թայմզ» օրաթերթին, «Էրտողան խոստացած է Ասատին, որ առանց Սուրիան տեղեակ պահելու` ռազմական գործողութեան պիտի չսկսի Սուրիոյ հիւսիսը գտնուող քրտական ուժերուն դէմ»: Ասիկա մեզ կրնայ տանիլ այն եզրակացութեան, որ շատ հաւանաբար Թուրքիա ռազմական գործողութիւններու ձեռնարկէ Աֆրինի մէջ, ուր քրտական ուժերը շրջապատուած վիճակի մէջ են:

Ըստ «Թայմզ»-ի, թէեւ Սոչիի վեհաժողովը մէկ կողմէ փորձեց ցոյց տալ, որ Սուրիոյ սահմաններուն վերահսկողութիւնը այժմ գրեթէ ամբողջովին կը պատկանի սուրիական կառավարութեան, այնուամենայնիւ, մօտ ապագային անոր ազդեցութիւնը պիտի նուազի, եւ Սուրիան պիտի ընտրէ, արտաքին աշխարհի հետ շփումներու առումով, առաւել բաց քաղաքական առաջնորդ: Արդեօք Իրան պիտի ընդունի՞, որ այլ նախագահ մը նշանակուի Սուրիոյ մէջ: Շատ հաւանական է, որ եթէ այսպիսի կացութեան մը մէջ նախագահական ընտրութիւններ կատարուին, Ասատ դարձեալ յաղթական դուրս պիտի գայ: Հետեւաբար Էրտողան, խուսափելու համար քաղաքական խայտառակութենէ, պիտի դիմէ ամէն միջոցի` Սուրիոյ մէջ իր պարտութիւնը թարգմանելու համար իբրեւ յաղթանակ, մանաւանդ որ 2018-ին Թուրքիոյ մէջ տեղի պիտի ունենան նախագահական ընտրութիւններ:

Վերջերս, թրքական ճնշումներուն տեղի տալով, Միացեալ Նահանգներու նախագահը կասեցուց իր ռազմական օժանդակութիւնները սուրիական քրտական զինեալ խմբաւորումներուն: Ամերիկեան օրաթերթեր նոյնիսկ քննարկեցին այն հարցը, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ, եթէ Միացեալ Նահանգներ ետ պահանջեն այն օժանդակութիւնները, զորս տրամադրած էին քիւրտերուն: Եւ այսպէս, ինչպէս Իրաքի մէջ, ՏԱՀԵՇ-ի քաղաքական եւ ռազմական ոչնչացումով քրտական դերը իր վերջին շունչերը կ՛առնէ նաեւ Սուրիոյ մէջ: Շատ հաւանական է, որ եթէ քիւրտերը կ՛ուզեն խուսափիլ իրենց իրաքցի քիւրտ եղբայրներուն ճակատագիրէն, պիտի ստիպուին գործակցիլ Ռուսիոյ հետ: Այսինքն քրտական ուժերը պիտի քաշուին Ռաքքայէն եւ Տէր Զօրէն, ապա բանակցութեան մէջ մտնեն սուրիական վարչակազմին հետ:

Իսկ Թուրքիա՞ն. Էրտողանի համար կարմիր գիծ է, որ ՔԱԿ-ը իր սահմաններուն վրայ որեւէ ռազմական կորիզ ունենայ, եւ եթէ Ռուսիա եւ Իրան Թուրքիոյ մտահոգութիւնները հաշուի չառնեն, ապա Թուրքիան դարձեալ կրնայ օգտագործել Իտլիպի խաղաքարտը, որպէսզի նոր իրավիճակ մը ստեղծէ Սուրիոյ հիւսիսը, եւ հոս բախումը պիտի ըլլայ ոչ թէ Ռուսիոյ կամ Իրանի հետ, այլ` Միացեալ Նահանգներուն հետ: Թրքական արտաքին քաղաքականութիւնը, Էրտողանի ղեկավարութեամբ, դարձեալ «chekmate»-ի առջեւ գտնուեցաւ սուրիական ճատրակին  մէջ:

Yeghia.tash@gmail

 

 

Կիներու Ազատագրումի Հարցը Ամէնէն Արմատական Մօտեցումով Արծարծող Ընկերվարական Տեսաբանը` Օկիւսթ Պեպել

$
0
0

 ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Գերմանացի նշանաւոր ընկերվարական քաղաքական գործիչ, գրող եւ տեսաբան Օկիւսթ Պեպել ամէնէն շատ յայտնի է իբրեւ գերմանական մարքսականութեան եւ ընկերվար-ժողովրդավարութեան հիմնադիրներէն մէկը: Ան ծնած է 1840-ին: Սկզբնապէս հակաընկերվարական ըլլալով, ան աստիճանաբար կը համակրի ընկերվարական գաղափարներուն` գերմանացի առաջին ընկերվարական տեսաբաններէն Ֆերտինանտ Լասսալի հրապարակած քարոզչական գրքոյկներուն ընդմէջէն, որոնց միջոցով կը ժողովրդականացուէին գիտական ընկերվարութեան հիմնադիր Քարլ Մարքսի գաղափարները: 1865-էն սկսեալ ան գաղափարապէս սկսաւ ազդուիլ գերմանական ընկերվար-ժողովրդավարութեան ազդեցիկ դէմքերէն Վիլհելմ Լիբկնեխտէն եւ ամբողջականօրէն ինքզինք նուիրեց ընկերվարութեան հաստատման դատին: Պեպել 1892-էն մինչեւ իր մահուան թուականը` 1913, եղաւ Գերմանիոյ Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավարը:

Օկիւսթ Պեպել ընկերվարական մտքի պատմութեան մէջ կիներու ազատագրութեան հարցը ամէնէն արմատական մօտեցումով արծարծող տեսաբանը եղած է: Իր գաղափարական ամէնէն նշանաւոր աշխատասիրութիւնը եղած է «Կիները եւ ընկերվարութիւնը» ստուարածաւալ հատորը, որ առաջին անգամ գերմաներէնով լոյս տեսած է 1879-ին: Այս հատորին մէջ Պեպել ծանր քննադատութեան կ՛ենթարկէ ամուսնութեան հաստատութիւնը: Այս մօտեցումը պատճառ դարձաւ, որ իր ընդդիմախօսները իր արծարծած գաղափարը նկատեն ընկերվարութեան ամէնէն ծայրայեղ տարբերակներէն մէկը: «Կիները եւ ընկերվարութիւնը» աշխատութեան մէջ լայն տեղ կը յատկացուի նաեւ կիներու իրաւունքներու ձեռքբերման համար մղուած պայքարի պատմութեան, հայրիշխանութեան եւ մայրիշխանութեան ժամանակաշրջաններու առանձնայատկութիւններուն, պատմական զանազան ժամանակաշրջաններուն կիներու պարզած վիճակին, օրէնքին եւ քաղաքականութեան մէջ կիներու հաւասարութեան եւ ընկերվարական կարգերուն ներքեւ կիներու ամբողջական ազատագրութեան հարցերուն:

Գրելով օրէնքին դիմաց սեռերու հաւասարութեան համար պայքարի հարցին մասին` Պեպել կը նշէ, որ ցեղի, դասակարգի կամ սեռի ընկերային կախեալութիւնը միշտ ալ իր դրսեւորումը ունեցած է տուեալ երկրի օրէնքներուն եւ քաղաքական կացութեան մէջ: Երկրի մը օրէնքները բանաձեւուած արտայայտութիւնն են իշխող դասակարգի շահերուն, եւ կիները, ըլլալով կախեալ եւ իրաւազրկեալ սեռ, ըստ այնմ ներկայացուած կը գտնեն իրենց օրինական կարգավիճակը: Պեպել կ՛ըսէ, որ օրէնքները ժխտական եւ դրական են: Ժխտական են այն ժամանակ, երբ կը ձախողին նկատի ունենալ իրաւազուրկները` իրաւունքներու բաշխման աշխատանքին մէջ, իսկ դրական են, այնքան ատեն որ ցոյց կու տան կախեալութիւնը եւ կը վերահաստատեն իրաւունքը: Այնուհետեւ Օկիւսթ Պեպել երկիր առ երկիր կը թուէ, թէ ԺԹ. դարու վերջաւորութեան եւ Ի. դարու սկզբնաւորութեան ի՛նչ հիմնական պայքարներ եղած են թէ՛ օրէնքին առջեւ եւ թէ՛ ալ քաղաքական գետնի վրայ կիներու ամբողջական հաւասարութեան իրաւունքը ձեռք ձգելու համար, նշելով միաժամանակ, որ հակառակ մղուած պայքարին` տակաւին երկար ճամբայ կայ կտրելիք այդ պայքարը արդիւնաւորելու համար:

Թէ ապագային, տենչացուած ընկերվարական, աւելի արդար եւ հաւասարութեան հիման վրայ կառուցուած հասարակարգին մէջ ինչպիսի՞ կարգավիճակ պիտի ունենան կիները, երբ իրականութիւն կը դառնայ առանց սեռային, ցեղային, դասակարգային, տնտեսական կամ այլ տեսակի խտրականութեան կամ շահագործումի համակարգի ստեղծման մեծ իտէալը: Այս հարցումին պատասխանը ընկերվարական մեծ տեսաբանին համար միանշանակօրէն շատ յստակ է: Ապագայ նոր, ընկերվարական ընկերութեան մէջ կիները ամբողջականօրէն անկախ պիտի ըլլան ընկերային գետնի վրայ եւ տնտեսապէս: Եւ այստեղ շատ յստակ կ՛արտայայտուի վերը կատարած մեր ակնարկութիւնը, որ Պեպել շատ խիստ ձեւով կը քննադատէր ամուսնութեան հաստատութիւնը եւ կտրուկ կերպով դէմ էր անոր` իբրեւ քաղքենիական հաստատութիւն մը, որ կոչուած է ենթակայ դարձնելու կիները: Ապագայի հասարակարգին մէջ կիները դոյզն ինչ ենթակայութեան կամ կեղեքումի պիտի չենթարկուին, այլ պիտի ըլլան ազատ ու ամբողջականօրէն հաւասար տղամարդուն, անոնց կրթութիւնը նոյնը պիտի ըլլայ, ինչ որ` տղամարդոցը: Կեանքի բնական պայմաններու մէջ ապրելով` անոնք ամբողջականօրէն կրնան զարգացնել եւ գործի դնել իրենց մտային եւ ֆիզիքական կարողութիւնները: Անոնք կ՛ընտրեն մասնագիտութիւն, որ յարմարի իրենց փափաքներուն եւ կարողութիւններուն, եւ կ՛աշխատին տղամարդոց աշխատած միեւնոյն պայմաններով: Իբրեւ արդիւնաբերական գործունէութեան մէջ ներգրաւուած աշխատաւոր կիներ` անոնք կրնար օրուան երկրորդ մասին ըլլալ դաստիարակներ, ուսուցիչներ կամ հիւանդապահներ, օրուան երրորդ մասին անոնք կրնան գիտութեամբ կամ արուեստներով զբաղիլ, չորրորդ մասին մէջ կրնան որոշ վարչական գործառոյթ կատարել: Անոնք կ՛ուսանին, կ՛աշխատին, կը վայելեն կեանքի հաճոյքներն ու կը ստեղծագործեն այլ տղամարդոց կամ կիներու հետ: Այս բոլորը կ՛ըլլան, որովհետեւ ընկերվարական համակարգին մէջ այլեւս աշխատանքը պարտականութիւն չ՛ըլլար ապրուստը ապահովելու համար, ինչպէս որ է դրամատիրական համակարգի պարագային, այլ հաճոյքի կը վերածուի:

Սիրոյ հարցին մէջ կիները պիտի ըլլան ազատ, ինչպէս որ տղամարդիկն են, անոնք պիտի միանան իրենց ընկերակիցներուն` մղուած իրենց ազատ կամքէն եւ զգացումներէն, առանց որեւէ այլ նկատառումներու: Այս «միացում»-ը անհատական համաձայնութիւն մը պիտի ըլլայ` առանց որեւէ միջնորդի միջամտութեան, ճիշդ այնպէս, ինչպէս որ էր ամուսնութիւնը հին ժամանակներուն: Այստեղ, ըստ Պեպելի, ընկերվարութիւնը նոր գիւտ մը չի կատարեր, այլ գրեթէ միեւնոյն ձեւով կը վերահաստատէ, քաղաքակրթական աւելի բարձր մակարդակի վրայ եւ ընկերային տարբեր վիճակի ներքեւ, այն, ինչ որ գոյութիւն ունէր, առաջ որ անհատական սեփականութիւնը տիրական երեւոյթի վերածուի ընկերութեան մէջ: Հազարաւոր տարիներ շարունակ մարդկային ընկերութիւնը անցած է զարգացման զանազան փուլերէ` վերադառնալու համար իր սկզբնաւորութեան կէտին, որն է` համայնական սեփականութիւնը եւ ամբողջական ազատութիւնն ու եղբայրութիւնը: Բայց ասիկա պիտի ըլլայ ո՛չ թէ յօգուտ խումբ մը մարդոց, այլ` ի շահ բոլոր մարդ անհատներուն: Ընկերվարական մեծ մտածողը եւ յեղափոխականը` Օկիւսթ Պեպել կը նշէ, որ  այն, ինչ որ քաղքենիական ընկերութիւնը ձախողեցաւ ընել` բոլորին համար հաստատելով ազատութիւն, հաւասարութիւն եւ եղբայրութիւն, իրականութիւն պիտի դառնայ ընկերվարութեան միջոցով:

«Կնոջ ամբողջական ազատագրումը եւ անոր կողմէ տղամարդուն հետ հաւասար իրաւունքներու ձեռքբերումը մեր մշակութային զարգացման նպատակներէն մէկն է, որուն իրականացման դէմ ոչ մէկ ուժ կրնայ կանգնիլ: Բայց անիկա կրնայ իրականանալ միայն վերափոխումի միջոցով, որ պիտի վերացնէ մարդու տիրապետութիւնը մարդու վրայ, ներառեալ դրամատէրին տիրապետութիւնը աշխատաւորին վրայ: Այն ժամանակ միայն մարդկութիւնը կրնայ իրականացնել իր ամբողջական զարգացումը: «Ոսկեդար»-ը, որուն մասին մարդիկ կ՛երազէին, եւ որուն կը սպասէին հազարաւոր տարիներէ ի վեր, վերջապէս պիտի գայ: Դասակարգի տիրապետութիւնը ընդմիշտ պիտի վերանայ, անոր հետ ալ պիտի վերանայ տղամարդու տիրապետութիւնը կնոջ վրայ», կիներու ամբողջական ազատագրումը այսպէս կը բանաձեւէ գերմանական ընկերվար-ժողովրդավարութեան եւ մարքսականութեան մեծ տեսաբան Օկիւսթ Պեպել: Որովհետեւ ընկերվարութեան համար «կիներու ազատագրում» հասկացողութիւնը իբրեւ առանձին հասկացողութիւն գոյութիւն չունի, այլ անիկա անքակտելի մէկ մասն է իրաւազուրկ, կեղեքուած մարդկութեան ընկերային ազատագրութեան:

 

Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Համագործակցութեան Համաձայնագիրի Կտրած Ուղին

$
0
0

ՊԵՏՕ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

Երբ երեքշաբթի, 3 սեպտեմբեր 2013-ին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան շրջադարձ կատարեց Մոսկուայէն` յայտարարելով, որ պիտի դադրեցնէ Վիլնիւսի (Լիթուանիա) գագաթնաժողովին  մէջ Եւրոպական միութեան հետ 28-29 նոյեմբեր 2013-ին ստորագրուելիք «Համագործակցութեան համաձայնագիր»-ը (Association Agreement, «Ասոցացման համաձայնագիր», ինչպէս ծանօթ դարձած է Հայաստանի մէջ) եւ «Խորը եւ համապարփակ  ազատ շուկայի գօտի»-ն, (Deep and Comprehensive Free Trade Area – DCFTA), եւ անոր փոխարէն` Հայաստան պիտի միանայ Ռուսական Դաշնութեան` գլխաւորութեամբ Մաքսային եւ եւրասիական տնտեսական միութեան, Եւրոպական միութիւնը եւ բոլոր անոնք, որոնք կողմնակից էին այդ համաձայնագրին, ցնցում մը ապրեցան:

Անձնապէս ես իմ «ցնցում»-ս ապրեցայ իբրեւ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակի այն օրերու աշխատակից, երբ անմիջապէս յաջորդ օրը Եւրոպական խորհրդարանին մէջ հանդիպեցայ քաղաքական խմբակցութիւններէն մէկուն արտաքին յարաբերութեանց պատասխանատուին, որ շրջադարձին ակնարկելով` ըսաւ, որ մենք պէտք չէ Պրիւքսել ըլլանք, այլ Մոսկուա պէտք է ըլլանք: Եւրոմիութիւնը կը թուէր երես թեքած ըլլալ Հայաստանէն:

Յանկարծակի էր շրջադարձը, այո՛, եւ շուրջ երեք տարիներու բանակցութիւններէ ետք, զարմանալի կը թուէր Հայաստանի արեւմտեան գործընկերներուն, թէ ինչպէ՛ս երկիր մը գիշերուան մը մէջ կրնայ «անդրադառնալ», որ այդ բանակցութիւնները եւ համաձայնագիրը «չեն բխիր ազգային իր շահերէն»: Բոլորին աչքերը ուղղուեցան դէպի Մոսկուա` յաւելեալ բացատրութեանց համար: Արդէն յունիսին Ռուսիա համաձայնած էր Ազրպէյճանի հետ` մէկ միլիառ տոլարի հասնող սպառազինութեան շուրջ. նաեւ խօսքեր կը շրջէին, որ Ռուսիա ակնարկելով (կեղծ) խոչընդոտներու` հաւանաբար դժուարացնէ իր սահմաններէն ներս գտնուող եւ աշխատող մեր հայրենակիցներուն իրավիճակը, ինչ որ իր հերթին կրնար տնտեսական ճգնաժամ մը ստեղծել Հայաստանի Հանրապետութեան համար: Ոչ շատ ժամանակ առաջ Ռուսիան մոլտովական գինիներու ներածումը արգիլած էր, որովհետեւ Մոլտովան նաեւ նման համաձայնագիր մը ստորագրելիք էր Եւրոմիութեան հետ:

Այս իրադարձութենէն օգտուելով` Պրիւքսելի մէջ անմիջապէս գործի լծուեցաւ հակահայ շրջանակը, որ շահագործելով արեւելեան Եւրոպայի հակառուս երկիրներու տրամադրութիւնը` փորձեց Հայաստանի եւ հայութեան դէմ միութեան մէջ կեցուածքներ ապահովել զանազան բանաձեւներու եւ զեկոյցներու միջոցով, ինչպէս նաեւ համագործակցելով կարգ մը ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու հետ` հակահայ(աստանեան) կարծիք ձեւաւորելու նպատակով:

Անշուշտ, Եւրոպայի հայութիւնը եւ Պրիւքսելի մէջ գործող հայկական կազմակերպութիւնները չէին կրնար ձեռնածալ մնալ այս պատեհապաշտ «արշաւանք»-ին դէմ. Պրիւքսելի մէջ գործող ՀՀ դեսպանութեան կողքին, մթնոլորտը շրջելու առաջատարը հանդիսացաւ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակը, որ անմիջապէս աշխատանքի լծուեցաւ Եւրոխորհրդարանէն ներս թէ դուրս` լուսաբանելով, բացատրելով իսկական հարցը եւ շրջադարձին տուն տուող իրականութիւնները: Քանի մը զեկոյցներու, բանաձեւներու մէջ փորձ եղաւ «պատժել» Հայաստանը, կարգ մը ծրագիրներէ դուրս ձգել, ապագայի ծրագիրներէն հեռու պահել, տնտեսական օժանդակութիւնը դադրեցնել, նոյնիսկ տեղի- անտեղի Արցախի հարցը մէջտեղ բերել` հայկական կողմին համար անընդունելի եւ անհիմն բանաձեւումներով: Քանի մը տեղ յաջողեցան անշուշտ, տակաւին ցնցումը շատ նոր էր, բայց ընդհանուրին մէջ հայկական կողմս յաջողեցանք կացութիւնը շրջել ի նպաստ մեզի: Հայաստանի խորհրդարանական պատուիրակութիւնները շարունակեցին իրենց երկկողմանի եւ բազմակողմանի համագործակցութիւնները Եւրոպական միութեան խորհրդարանին հետ` շարունակելով արդէն սկսած աշխատանքը, քայլ առ քայլ բարելաւելով կացութիւնը:

Դժբախտաբար, Եւրոպական միութեան կողմէ հայկական կողմի բացատրութիւնները եւ լուսաբանութիւնները հասկցուեցան եւ շատ լաւ ընկալուեցան նոյեմբեր 2013 – փետրուար 2014 երկարող ժամանակաշրջանին, երբ Ուքրանիոյ նախագահ Եանուքովիչ եւս շրջադարձ մը կատարեց, չստորագրեց Եւրոպական միութեան հետ «Համագործակցութեան համաձայնագիր»-ը, որ սկիզբը հանդիսացաւ իր իշխանութեան տապալման` «Եւրոմայտան»-ի ծանօթ բողոքի մահացու ցոյցերուն պատճառով, ապա երկրէն իր փախուստին եւ Ռուսիոյ կողմէ Խրիմի մէջ հրահրուած անկախութեան հանրաքուէին, պատերազմին եւ ներկայ անկայուն իրավիճակին: Ուքրանիան վերջ ի վերջոյ ստորագրեց Եւրոպական միութեան հետ համաձայնագիրը, ինչպէս ստորագրեցին Մոլտովան եւ Վրաստանը (որոնք նոյնպէս հողային հարցեր ունին Ռուսիոյ հետ, Մերձտնեսթր (Թրանսնիսթրիա) եւ Հարաւային Օսեթիա, Աբխազիա): Այս բոլորէն ետք կարելի է ենթադրել, կամ հետեւցնել, որ Հայաստան, ըլլալով Եւրոպական միութեան Արեւելեան հարեւանութեան ծրագրի անդամ առաջին երկիրը, եթէ այն օրերուն ստորագրէր այդ համաձայնագիրը, ինչ սպառնալիք կրնար ըլլալ Արցախին համար: Յարաբերական կանխատեսելի կայունութիւն-ապահովութիւն (անվտանգութիւն) ընդդէմ անորոշ (գործադրուելու առումով) բարեփոխումներու… Մաքսային միութեան համար, Եւրասիական տնտեսական միութեան եւ, ինչո՞ւ չէ, Եւրոպական միութեան ծրագիրները այդ տարածաշրջանէն ներս խանգարելու համար Ռուսիոյ առաջնահերթութիւնն էր Ուքրանիան, ոչ թէ Հայաստանը, կամ` աւելի փոքր Մոլտովան. պարզապէս, ժամանակագրական կարգով, Հայաստանն առաջ էր, քան Ուքրանիան: Մենք նուազագոյնը տուժեցինք, որուն մէկ մասը արդէն քանի մը օր առաջ վերականգնուեցաւ:

Հիմա, այն, ինչ որ մեր ձեռքը ունինք, քաղաքական մեծ հնարաւորութիւններ կու տայ Հայաստանին` իր դիրքը ամրապնդելու եւ ներուժը լաւ օգտագործելու առումով: Նոր համաձայնագիրին մէջ նկատի առնուած են Հայաստանի պարտաւորութիւնները` իբրեւ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամի, եւ այն, ինչ որ համատեղելի է, ներառուած է «Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիր»-ին (կամ Comprehensive and Enhanced Partnership Agreement, CEPA) մէջ, որուն ստորագրութենէն օր մը առաջ նոյնիսկ Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունեց զայն: Հայաստան ըլլալով Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ, միաժամանակ ստորագրելով Եւրոպական միութեան հետ գործընկերութեան համաձայնագիրը, այս երկու միութիւններուն միջեւ կրնայ կամրջողի դեր ստանձնել: Այս մէկը Ռուսիան լաւ կը գիտակցի: Հոս արեւմտամէտ, կամ ռուսամէտ-եւրոպամէտ, բանավէճերը (եւ ժխտական ամէն ինչ որ կու գայ այս անպէտք բանավէճէն) անիմաստ են: Հայաստանի Հանրապետութիւնը այսօր իր ձեռքն ունի վերջին 25 տարիներուն քաղաքական բարեփոխումներ իրականացնելու ամենամեծ առիթը: Քաղաքական հզօր կամք պէտք է ունենան իշխանութիւնները` բարեփոխումները իրագործելու համար:

Հայաստանի հասարակական կազմակերպութիւններու հարթակը, որ 2013 թուականին իր ձայնը բարձրացուց` բողոքելով այն օրերուն չստորագրուած համաձայնագրին դէմ, այսօր պէտք է նոյնքան աղմուկ բարձրացնէ` ողջունելով այս համաձայնագիրը եւ մօտէն հետեւի, որ բարեփոխումները իրականութիւն դառնան:

Հոս շատ կարեւոր պիտի ըլլայ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան դերակատարութիւնը, որ ըլլալով Հայաստանի կառավարութեան անդամ կուսակցութիւն` հոգով ու ոգով լծուած պետականութեան հզօրացման եւ ժողովրդավարութեան հաստատման աշխատանքներուն մէջ սատարէ համաձայնագրով պայմանաւորուած բարեփոխումներու իրագործումին, ինչպէս նաեւ խստապահանջ ըլլայ իշխող մեծամասնական կուսակցութենէն, որ անվերապահ եւ անշահախնդիր ձեւով լծուի լուրջ աշխատանքի: Այս աշխատանքին մէջ անպայմանօրէն  ներգրաւուած պէտք է ըլլայ նաեւ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակը, որ մեծ դեր ունեցաւ համաձայնագրի ստորագրման նախորդող երկար եւ դժուար գործընթացին մէջ: Ցնծութեան շաբաթը իր աւարտին հասնելով` պէտք է տարուի յստակ աշխատանք, յստակ ժամանակամիջոցի մէջ, յստակ ուղղուածութեամբ: Բոլորս անխտիր պէտք է հետեւինք եւ հետապնդենք, որ աշխատանքը  իրականանայ:

Խաբկանքներ չունենանք. Հայաստանի Հանրապետութիւնը Եւրոպական միութեան անդամ պիտի չդառնայ այս համաձայնագիրով: Այս համաձայնագիրը անցեալին ստորագրուելիք «Համագործակցութեան համաձայնագիր»-ի եւ «Խոր եւ համապարփակ ազատ առեւտուրի գօտի» (Deep and Comprehensive Free Trade Area – DCFTA) ուժգնութիւնը չունի: Վիզաներու ազատականացումը տակաւին ուժի մէջ չէ, կրնայ ըլլալ, որ երեք, հինգ, եօթը եւ աւելի տարիներէ ետք հասնինք հոն:

Անցեալ տարուան խորհրդարանական ընտրութիւններուն Եւրոմիութիւնը 7 միլիոն եւրօ տրամադրեց, որ անոնք ըլլան թափանցիկ եւ արդար: Երեւանի մէջ Եւրոմիութեան դեսպանը որոշ չափով իր կարծիքը յայտնեց` ըսելով, որ Հայաստանը աւելի լաւ ընտրութիւններ կրնար ունենալ, եւ իշխող Հանրապետական կուսակցութենէն ոմանք չընդունեցին դեսպան Սվիթալսքիի քննադատութիւնը. եթէ իսկական բարեփոխումներ պիտի ընենք, պէտք է, որ կառուցողական քննադատութիւնը ընդունինք: Ներկայիս Եւրոմիութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան համար թիւ մէկ ներդրողն է, արտահանման թիւ մէկ շուկան է եւ թիւ մէկ դրամական օժանդակութիւն տրամադրողը: Հայաստանը արդէն շատ մեծ օժանդակութիւն կը ստանայ Եւրոպական միութենէն: Բազմաթիւ ծրագիրներու մասնակից է` մարդկային իրաւանց պաշտպանութիւն, ուսանողական, կրթական ծրագիրներ, գիտական, մասնագիտական հարթակներու մասնակցութիւն: Երեւանի գրասենեակը շաբաթական մէկ միլիոն եւրոյի յատկացում կը տրամադրէ Հայաստանին, որ վերոնշեալ եւ այլ ոլորտներ բարելաւուին: Նոր համաձայնագիրով աւելի պիտի զարգանան, որակական զարգացումներ պիտի կարողանանք ապահովել` ուժանիւթի, կրթութեան, հողագործութեան, ջուրի, բնապահպանութեան, արդարադատութեան համակարգի, միջին եւ փոքր ձեռներէցութիւններու, հաղորդակցութեան, փտածութեան դէմ պայքարի, օդային փոխադրամիջոցներու համար:

Իսկ ինչ կը վերաբերի Արցախի հիմնախնդիրին, ստորագրութենէն շաբաթ մը առաջ Եւրոխորհրդարանը իր լիագումար նիստի ընթացքին որդեգրած զեկոյցով իր դրական կարծիքը յայտնեց Հայաստանի հետ ստորագրուելիք համաձայնագրին մասին` զօրակցելով ղարաբաղեան հարցի խաղաղ լուծման, ուժի եւ ուժի կիրարկման սպառնալիքի բացառման, հողային ամբողջականութեան եւ ազատ ինքնորոշման իրաւունքին, ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակին կողմէ ընթացող խաղաղութեան հասնելու բանակցութեանց: Նոյն այս ձեւի պարբերութիւն մը նաեւ տեղ գտած է Արեւելեան գործընկերութեան գագաթնաժողովին աւարտին ընդունուած միացեալ յայտարարութեան մէջ:

Համաձայնագիրը կարելի է գտնել ու 450 եւ  աւելի էջերը կարդալ: Շատեր արդէն գրեցին եւ խօսեցան անոր հիմնական կէտերուն մասին: Առանց կրկնելու այդ բոլորը` կ՛ուզեմ ընդգծել, որ այս համաձայնագիրը Հայաստանի եւ հայութեան բազմաշերտ ու «եւ-եւ»-ի քաղաքականութեան արդիւնքն է, եւ կարելի է միայն ողջունել այս իրականութիւնը: Հիմնուելով այսօրուան ռէալփոլիթիք խաղի կանոններուն վրայ` ասիկա լաւագոյնն է, որ կրնայինք ընել: Մեզի կը մնայ քաղաքական կամք ունենալ եւ լուրջ աշխատանք տանիլ նախատեսուած բարեփոխումները իրագործելու համար: Արդար, ժողովրդավար, կայուն եւ հզօր Հայաստանի մը համար: Շատ հաւանաբար կարգ մը պետութիւններ փորձեն խանգարել մեր որդեգրած քաղաքականութիւնը. հայկական բանակը պայման է, որ շարունակէ մնալ զգօն եւ մեր դիւանագիտութիւնը` արթուն:

 

 

Էջեր Հալէպէն…

$
0
0

ՊԵՏԻԿ

Յուշ-հանդէս` Հալէպի Ազգային Քարեն Եփփէ Ճեմարանի 70-ամեակին նուիրուած… 1947-ին հիմնուած այս կրթական հաստատութիւնը այս տարի դարձեալ ունեցաւ իր վերածնունդը` թօթափելով աւերի փոշիները, վերստանձնելու համար իր այնքան անփոխարինելի դերը սփիւռքի մեր ազգային իրականութեան մէջ:

Երբ ճեմարանի յուշամատեանի էջերը կը բացուին, անկարելի է չանդրադառնալ վախճանեալ կաթողիկոս Զարեհ Փայասլեանի` այդ օրերու Բերիոյ թեմի առաջնորդին, որ այնքան սերտօրէն կապուած էր ճեմարանին ու եղած էր անխոնջ հոգատար: Անշուշտ անոր կը հետեւին տէր եւ տիկին Մինաս եւ Գոհար Թէօլէօլեանները, Արեգ Տիրազեան եւ այլ դէմքեր, որոնք անպայման իրենց հետքերը ձգեցին սփիւռքեան մեր կեանքին ընթացքին:

Անշուշտ Թէօլէօլեան ընտանիքի արժանաւոր զաւակ` Խաչիկը, նոյն ընթացքը շարունակեց ազգային մեր կեանքի հոսանուտին մէջ: Վերջերս իր մէկ նամակին մէջ կ՛ըսէր. «Կը յիշեմ, Պետի՛կ, 1953-ի մարտին, երեկոյ մը, երբ ձեր տունն էի միասին զբաղելու համար, ձայնասփիւռէն լսեցինք Ստալինի մահը … մեր տան մէջ այնքան յիշուած այդ ճիւաղին վերջը…»:

Այո՛, սիրելի՛ ընկերս, չեմ կրնար մոռնալ այդ մարդակերին յառաջացուցած ալիքները մեր տան մէջ, երբ տակաւին 5-6 տարեկան տղայ` հանդիսատես էի յիշողութեան մէջ անջնջելի էջերու եւ զիս հրապուրող մեր տան անակնկալ հիւրերուն` Սօսէ Մայրիկի, Կարօ եւ Լոլա Սասունիներուն, Պանք Օթոմանի հերոս Վարդան Շահպազի, որոնք օրեր ու շաբաթներ կ՛ըլլային իմ մանկական սիրտս այնքան գգուող` առանց գիտակցելու այն հակասութեան, որ կար իմ տղայական  հոգիին եւ իրենց վեհ ու ազգանուէր անցեալին մէջ:

Ստալինի հետքերէն չեմ կրնար մոռնալ այն երեկոն, երբ հայրս մեծ խանդավառութեամբ մտաւ տուն` աւետելով. «… եկան, հասան… բոլորը, ապահով…»: Ո՞վ, ինչո՞ւ ապահով… ի՜նչ մեծ ուրախութիւն, որուն նմանը չէի յիշեր հօրս դէմքին… ու ուշ գիշերին մեր տան հսկայ, սեւ երկաթեայ դռնէն ներս մտան երեք անծանօթ երիտասարդներ` ինծի այնքան տարօրինակ անուններով` Փոլ, Փասկալ, Ժան… որոնք դժուար թէ հայերէն խօսէին, ու տան մէջ տիրեց ֆրանսերէնը` մօրս եւ հօրս հետ իրենց այնքան երկար ու սուր արտայայտութիւններով… Բաւական ուշ էր ու հասկցայ, որ այս տղաքը մեծ խումբի մը բեկորներն էին, ֆրանսահայ երիտասարդներ, որոնք ներգաղթի օրերուն կը հասնին Հայաստան` իրենց կեանքը հոն հիմնաւորելու նպատակով… ու երբ օտար երիտասարդ խմբակը ուշադրութիւնը կը գրաւէ ստալինեան «Չեկա» կոչուած գաղտնի սպասարկութեան, կանաչ տարազներով  շուքերուն նման անոնք կը հետեւին Ժանին եւ Փոլին ու կը համարձակին անոնց  առաջարկել հետեւիլ իրենց ընկերներուն, մտիկ ընել անոնց խօսակցութիւնները ու կանաչներուն իմացնել անոնց ծրագիրներուն մասին… Տղաքը գիտակցելով այդ առաջարկին հետեւանքներուն` կը տեղեկացնեն իրենց ընկերներուն` զգուշացնելով անոնց սպասող վտանգին: 50-52 ֆրանսահայ երիտասարդներն իրենց երազները լքած` կ՛որոշեն լքել հայրենիքը, փախչիլ այդ ճնշիչ մթնոլորտէն եւ իրենց սպառնացող վտանգէն:  Կ՛ուսումնասիրեն ու ձմրան ցուրտ գիշեր մը կը մտնեն Արաքսի հոսանքին մէջ` անցնելու համար Թուրքիա… սահմանապահ խորհրդային ու ապա թուրք կրակոցներուն ընդմէջէն, զոհեր ու վիրաւորներու գնով, սարսափահար, կը հասնին թրքական ափը ու կ՛իյնան թուրքին ճիրաններուն մէջ` ճաշակելու համար ծեծի եւ տանջանքի ամիսներ, մինչեւ կը պարզուի  տղոց անմեղ ուղեւորութեան նպատակը, ու թուրք ոստիկանները կ՛որոշեն զիրենք բերել սուրիական սահման… անօթի-ծարաւ հազիւ կը հասնին սուրիական սահմանամերձ առաջին գիւղը… ու հայերէն խօսակցութիւն մը զիրենք կը հրաւիրէ կրպակ մը. Ճէնապեան այր ու կին Մէյտան Էքպեզ գիւղին մուտքին իրենց կրպակին դռները լայն կը բանան այս խեղճ տղոց առջեւ ու անմիջապէս լուր կը հասցնեն Հալէպի ակումբ, որ երեք հայ երիտասարդներ հասած են գիւղ` առանց որեւէ անցագրի ու ինքնութեան թուղթի… Անմիջապէս պէտք եղածը կը կարգադրուի ու ֆրանսահայ երիտասարդները ապահով կը բերուին Հալէպ ու կ՛իջեւանին մեր տան մէջ, նամակներ կ՛ուղարկուին Երեւան` անոնց ծնողներուն,  ապահովեցնելու համար, թէ` «նուէրները շնորհակալութեամբ ստացուած են»: Քանի մը ամիս Ժանը մեր հիւրն էր, իսկ Փոլը եւ Փասկալը մնացին ֆրանսական լիսէի եւ Ազգային Հայկազեան վարժարանի այնքան յարգուած ուսուցիչ Միհրան Աճեմեանին տունը` մեծ սիրով եւ գուրգուրանքով: Մինչ այդ, ինչ-ինչ կարգադրութեամբ, այս տղոց անցագիրները ապահովուեցան ու ամիսներ ետք անոնք կրցան վերադառնալ Ֆրանսա:

Այս դրուագ մըն էր այնքան գործունեայ ու յիշատակներով հարուստ Հալէպէն:

Ցտեսութիւն:

 

 

Ինչպէ՞ս Կարեւորենք

$
0
0

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Ինչպէ՞ս կարելի է ընդգծել համասփիւռքեան տարողութեամբ ժողովի մը կարեւորութիւնը: Ամէն չորս տարի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ենթակայ թեմերուն կողմէ ընտրուած ազգային երեսփոխաններ կը հաւաքուին Անթիլիաս ու կը քննարկեն համազգային նշանակութեամբ հարցեր:

«Ժողովի օրակարգին մէջ առանցքային տեղ պիտի գրաւեն կրօնական եւ հայեցի դաստիարակութիւնը, երիտասարդութիւնը, պահանջատիրութիւնը, սփիւռքի վերակազմաւորումը եւ սփիւռք-Հայաստան գործակցութիւնը», գրուած է ժողովէն հազիւ քանի մը օր առաջ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ:

Սփիւռքի համայնքներու կազմակերպման ու ղեկավարման մէջ կարեւոր դեր վերապահուած է ազգային տեղական վարչութիւններուն, ուրեմն,  աւելի՛ իսկ կարեւոր դեր կ՛ենթադրէ ունենալ անոնց համախմբումը` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան շուքին տակ: Վերոյիշեալ օրակարգի կէտերը արդէն իսկ բաւարար պատկերացում կու տան, թէ որքա՛ն մեծ սպասումներ պէտք է ունենանք նկատառելի լծակներու եւ միջոցներու տէր կառոյցներու ղեկավարներու այս ժողովէն:

Յամենայն դէպս այստեղ պարզապէս կ՛ուզենք արտայայտել մեր ցանկութիւնը, որ այս տարողութեամբ ժողովներ ընդարձակ լրատուութեամբ ներկայացուին մեր հանրութեան:

Արդարեւ, Ազգային ընդհանուր ժողովին հանդէպ հանրութեան ուշադրութիւնն ու հետաքրքրութիւնը կարելի է շարժել` լայնօրէն անդրադառնալով անոր, իբրեւ նախապատրաստութիւն իւրաքանչիւր թեմէ ներս տեղի ունեցող ազգային ժողովներուն եւ անոնց քննարկած նիւթերուն, ներկայացնելով անոնց ընտրած պատգամաւորները` ազգային երեսփոխանները: Այս ժողովներուն ու անոնց կողմէ ընտրեալներով Ազգային ընդհանուր ժողովին հեղինակութիւնը վստահաբա՛ր աւելի կը շեշտուի, երբ անոնց պատրաստութեան ընթացքին ու քննարկած օրակարգերուն հանդէպ լայն տեղեկատուութիւն ապահովուի:

Յաջողութի՛ւն կը մաղթենք Ազգային ընդհանուր ժողովին:

 

 

Քալիֆորնիական Քսանմէկ Օրեր` Առանց Զբօսաշրջիկի Լուսանկարներու

$
0
0

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Քարէն Եփփէ Ճեմարանի
Յոբելեանի Առիթով Եւ Ընթացքին

Մեր կեանքի բնական զարտուղութիւններուն տուրք տալով` Լոս Անճելըս գացի ոչ որպէս զբօսաշրջիկ: Պիտի նշուէր Հալէպի մէջ հիմնուած, գործած եւ հակառակ անպատեհութիւններու` դեռ գործող Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարանի հիմնադրութեան եօթանասունամեակը:

Քարէն Եփփէ ճեմարանի շրջանաւարտները ընկերակցութիւն հիմնած են Հրեշտակներու քաղաքին մէջ եւ օգնած են քաղաքացիական պատերազմի աւերներու ենթակայ իրենց վարժարանին: Երախտագիտութեան եւ սիրոյ տուրք: Հայու ճակատագրի ստեղծած առհաւական վարժութիւնը: Չմոռնալով իւրայինները, խուսափելով յանձնառութիւն պահանջող հարցերու պատասխան փնտռելէ:

Դիմաւորելու եկած էին ճեմարան գտնուած օրերէս ծանօթ, իր ստացած ժառանգութեան, գիր-գրականութեան հաւատարիմ Գէորգ Պետիկեանը եւ յաջորդած սերունդէն Գէորգ Գորթոշեանը:

29 հոկտեմբերին նշուեցաւ յոբելեանը վարժարանին, որմէ քաղցր յիշատակներ պահած են սաները: Երախտագիտական զգացումներ: Խօսեցան` առաջնորդ սրբազանը, ճեմարանականներ, որոնց շարքին` ես, որ հրաւիրուած էի այդ առիթով: Իրանահայերու սրահը լեցուն էր երիտասարդ եւ նուազ երիտասարդ ճեմարանականներով: Յուզիչ պահ: Հազարաւոր մղոններ հեռուն գտնուող վարժարանի յիշատակը, ոգին, պայծառ դէմքերը յուշի քաղցրութիւններ էին:

Ծանօթ անուններ, սիրելի դէմքեր, իրարու յաջորդած սերունդի տղաք եւ աղջիկներ, որոնցմէ շատեր արդէն մեծ մայրիկ կամ մեծ հայրիկ են: Կը դիմադրեմ փորձութեան` մէկ առ մէկ թուելու անուններ` երէցներու եւ կրտսերներու, նոյնքան հարազատ: Ինչպէս` արդէն Հայաստան վերադարձածները: Հանդիսութենէն շաբաթ մը ետք` ճաշկերոյթ-պարանցիկ երեկոյ: Երբ կը դիտէի վաղեմի ընկերներս, շատ երիտասարդ ուսուցիչի առաջին տարիներու աշակերտներս, որոնք արդէն հասուն այրեր եւ կիներ են, յաջորդ սերունդի ճեմարանականները, մտածումներս կը սաւառնէին այլ հորիզոններու վրայ:

Կը մտաբերէի պայծառ դէմքերը հիմնադիրներու, որոնք հայրենահանուած եւ գաղթական դարձած սերունդի յետնորդները ուզած էին պահել հայ մշակոյթի եւ ազգային գիտակցութեան աւազանին մէջ, որպէսզի չհեռանան հարազատութենէ, եւ երբ հնչէ վերադարձի հայրենատիրութեան եւ լրացման կոչը, ազգը ամբողջանայ, քանի որ հայրենիքը կ՛ապրի ներկաներով, տէրերով:

Հիմնադիրները… Զարեհ եպիսկոպոս` ապագայ լուսաւոր դէմքով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսը, Հրաչ Փափազեան` լռակեաց եւ արտակարգ ազգային-քաղաքական ղեկավարը, եւ ուրիշներ, չէին մտածած գիտուններ, ճարտարագէտներ, տնտեսագէտներ պատրաստելու մասին, որպէսզի ծառայեն այս կամ այն երկրին, այլ ուզած էին ազգային որակ տալ գաղութներուն, որպէսզի ինքնութիւն պահուի, սփիւռք-տխրութիւնը չըլլայ վերջնական աւեր-հանգրուան:

Չէին երեւակայած, որ այդ վարժարանի սաները պիտի ըլլային յաւերժի ճամբորդներ, աշխարհի տարբեր երկիրներու աճման եւ զարգացման ծառայելու կոչուած աշխատաւորներ: Ազգ պահելու նպատակը տարտղնումը չէր կրնար ըլլալ, այլ համատեղումը, միացումը` պատմութիւնը վերստին դնելու համար իր հունին մէջ: Այս հայօրէն պատրաստուած սերունդը, պատմութեան պարտադրած հակասութիւններուն բերումով, կեանք սկսած է եւ կը շարունակէ, պապերու եւ հայրերու հող-հայրենիքէն հեռու, ուր կրնար եւ կրնայ շարունակուիլ ազգը:

Հանդիսութիւն: Երգ: Պար: Խանդավառութիւն: Պատմութեան մէջ բացուած փոքրիկ լուսամուտ` յիշեցնելու համար մեր այլութիւնը աշխարհներու մէջ: Այլութիւն, որ կը վերածուի մնայունի: Ինչո՞ւ հաւատք ստացած սերունդները պիտի չհետեւին այդ հաւատքի ուղիին, որ չըլլայ սոսկ խօսք, երգ, ու պար, յուշ-յիշատակ, այլ` հարազատութեան անսեթեւեթ նուաճում, որ իւրաքանչիւր անհատը կը լրացնէ իր պատմութեամբ, մշակոյթով եւ հայրենիքով: Միշտ պէտք է գիտակցիլ, ինչպէս այնքան յայտնատեսական դիպուկ տարազումով, ըսած է հայրենի բարձրաճակատ միտքով, ներշնչող մատենադարանի մուկ Վիգէն Խեչումեան. «Օտարի դրանը քեզ կը կոչեն հիւր, որպէսզի չասեն ծառայ»… Երբեք չեմ յոգնիր այս ազգային խորիմաստ միտքը կրկնելէ, որ հիմնադիրներու ներիմացական ներշնչումը եղած ըլլալու էր:

Լոս Անճելըսի ճոխութեան մէջ կը տեւեն ճեմարանականները բոլոր ճեմարաններու: Կեանքի հեւքին մէջ, ուր կը տիրեն սրբազան քահանայապետին բնորոշած «Դրամի միջազգային կայսերապաշտութիւնը» եւ սպառողական ընկերութեան խօլ վազքը, ինչպէ՞ս պիտի տեւեն, ո՞ւր հասնելու համար: Ոչ միայն ճեմարանականները:

Կը դիտէի, կը լսէի, կը տարուէի իմ միտքերովս: Թերեւս` անիրատես եւ զարտուղի: Պիտի տրուի՞ այս սերունդներուն պատմութիւնը իր հունին մէջ տեսնելու աստեղային պահը ապրելու հնարաւորութիւնը, վերադառնալու այդ հունը:

Այրիանոցի տխուր շրջափակին մէջ սենեակ-դասարանով մը սկսած Ճեմարանը եղաւ ազգաշէն ճառագայթող բարիք: Ինչպէ՞ս ճեմարանականները այդ բարիքը պիտի վերածեն հայրենատիրական արարման:

Ոմանք կը սիրեն ըսել` մարտահրաւէր:

Յոբելեան, ուր անունները վաւերագրային ժապաւէնի սկիզբի շարանի պէս են. Երան եւ Հրայր, Սոնա եւ Շաքէ, Հեղինէ եւ Կարօ, Անահիտ եւ Ատուր, Սեդա, Գէորգներ, Քերոբ եւ Կարպիս… Եօթը տասնամեակներու շարան:

Պէտք է հաւատալ հրաշքին, որ այս դէմքերը օր մը, վերջնական կայքի համար, կ՛իջեւանին Արարատին նայող դաշտին մէջ, Զանգեզուր, Սիւնեաց սարեր եւ ազատագրուած Արցախ հայաշխարհ:

Իրականութիւնները միշտ նախ երազ եղած են…

Գէորգ Պետիկեանի թղթակցութիւնը կարդացի թերթին մէջ:

Քալիֆորնիան Կը Թուի Ըլլալ
«
Հայաշխարհ»

Ամերիկեան սպառողական քաղաքակրթութեան բաց բեմն է Քալիֆորնիան: Հսկայ վաճառատուներ, ուր կարելի է օր անցընել: Զարմա՛նք. գնողներ եւ վաճառողներ հայերէն կը բարբառին, ինչպէս` Երեւանի նորաբոյս վաճառատուներուն մէջ: Նոր գաղթականութիւն, որ հայրենահանման հետեւանք չէ, այլ` արդարացումներով հայրենալքում:

Բայց նաեւ հայկական վարժարաններ` մեր հին եւ նոր «տարբերութիւններ»-ու քարտէսին վրայ: Ինչե՜ր կ՛ըսուին: Պետական դպրոցներ` հայածնունդ մեծաթիւ աշկերտներով, ուր կը տրուին նաեւ հայերէն դասեր: Փակուող վարժարաններ, ինչպէս` խցուող թոքեր: Մոնթէպելլոյի եկեղեցիի կից սրահին մէջ, Ազգային առաջնորդարանի հովանիին տակ գործող վարժարաններու սպասարկուներու վաստակի գնահատման երեկոյ կազմակերպուած էր, Խնամակալ մարմինի նախաձեռնութեամբ: Լենա Գորթոշեան մէկ առ մէկ բեմ հրաւիրեց հայ դպրոցի քանի մը տասնեակ վաստակաշատ ծառաները, որոնք յուշանուէրներ ստացան սրբազանէն եւ ատենապետուհիէն: Անթերի կազմակերպութիւն մը: Զօրավիգ կանգնելու համար փութացած էին շուրջ հինգ հարիւր հոգի: Խանդավառութիւն կար սրահին մէջ, ծանօթներ կային: Հակառակ տոլարի կեանքին պարտադրած սովորութիւններուն` հայ մարդիկ հասկցած էին, որ տոկալու եւ տեւելու համար անփոխարինելի էին հայ դպրոցը եւ հայ ուսուցիչը:

Երբ ծառայութեան տարիներու գումարը կը յայտարարուէր, կը խորհէի, որ հակառակ սփիւռքի պարտադրած մաշումներուն` դեռ ազգապահպան հայեր կային պատնէշի վրայ, որոնք կը հսկէին հայու համրանքին եւ որակին վրայ` սպասելով վերադարձի հրաշք պահը:

Երախտագիտութեան ազնիւ եւ ազնուացնող արտայայտութեան մը մասնակցած ըլլալու գոհունակութիւնը հետս պիտի տանէի:

Յետոյ իմացայ, որ բոլոր դպրոցները հոն չէին, հայկական հին սովորութեամբ, որ մեզ կը խմբէ տարբեր զանգատուներու շուրջ. մեր կոտորակուելու չհինցող ախտը:

Նոյնքան հոգեկան գոհունակութեան պահ ապրեցայ` ներկայ ըլլալով ԼԱՐՔ երաժշտական ընկերակցութեան ճաշկերոյթին, «Ճանըթըն քլապ»-ի տպաւորիչ սրահներուն մէջ, որ կազմակերպուած էր ԼԱՐՔ-ի նախաձեռնութիւններուն նպաստելու համար: Նահանգային խորհրդարանի անդամ Ատրին Նազարեանի ճիգերով ԼԱՐՔ երաժշտանոցի բարգաւաճման համար ապահովուած էր կէս միլիոն տոլարի յատկացում մը. ընդարձակելու համար ԼԱՐՔ-ի գործունէութեան դաշտը` պիտի ստեղծուի թանգարան, որուն հարստութիւններու շարքին կան կարեւոր գեղանկարներ, հին դրամներ, գիրքեր: ԼԱՐՔ ընկերակցութիւնը աւելի քան քառորդ դարու բեղմնաւոր անցեալ ունի համայնքի կեանքին մէջ: Արդէն հաստատած է հայագիտական դասընթացք, ուր Վաչէ Պարսումեանի հրաւէրով խօսեցայ Լեւոն Շանթի թատերական արուեստի մասին:

ԼԱՐՔ-ը բազմաբնոյթ արուեստներու եւ մշակոյթի կեդրոն է: Անոր կարեւորութեան անդրադարձած են զօրավիգ կանգնող մշակութասէր հայեր եւ մեկենասներ: Հայ մարդը ոչ միայն նիւթական աջակցութիւն կը բերէ ԼԱՐՔ-ին, այլ անվարան անոր կը նուիրէ արուեստի մեծ գործեր: Տեսայ, որ տաք հոգիով ծանօթ ազգային մը Այվազովսկիի գեղանկար նուիրած էր: ԼԱՐՔ իր երթը կը շարունակէ թափով` հայկական ոգեկան հարստութիւն ջամբելով յարաճուն համայնքին, որպէսզի ինքնութեան հարազատութիւն պահուի` միշտ սպասելով վերադարձի կանչը:

Համազգայինի Շրջանային վարչութիւնը կազմակերպեց գրական երեկոյ մը` Փասատենայի Հայ կեդրոնին մէջ, ուր խօսեցայ ինքնութեան, լեզուի եւ գրականութեան առնչութիւններու մասին` միաժամանակ անդրադառնալով համահայկական խորհրդաժողովի ընթացքին արծարծուած հայապահպանման եւ նոյն օրերուն գումարուած Գրողներու միութեան համագումարին: Ոչ ոքի համար գաղտնիք է, որ մեր ժողովուրդը ամէնուրեք կը խորթանայ հայ գիրին եւ գրականութեան, երեւոյթին տեսանելի վկաները հայ գիրքերու տպաքանակն ու սպառումն են, զուգահեռ ընթացող օտարագրութիւնը: «Սարդարապատ» գրախանութին մէջ ներկայացուեցաւ Հայաստանի Գրողներու միութեան կողմէ հրատարակուած վէպս, որուն մասին իր «ընթերցում»-ը ներկայացուց գրականութեամբ շնչող Սեդա Գրիգորեանը:

Փասատենայի Հայ օգնութեան միութեան անդամուհիներու հանդիպում մը կայացաւ, որուն ընթացքին խօսեցանք հայերէնի, հայեցի կրթութեան եւ հայ դպրոցի մասին: Եկած էին ընդհանրապէս երէցներ, բացակայ էին անոնց դուստրերը, հարսերը, որոնցմով պիտի շարունակուին հայերէնը եւ հայեցի կրթութիւնը: Զրոյցի ընթացքին ըսին նաեւ, որ շատեր իրենց զաւակները չեն կրնար հայկական վարժարան ղրկել` տնտեսական պատճառներով: Ինչո՞ւ չենք առաջնորդուիր այն գիտակցութեամբ, որ հայածնունդ մանուկին իրաւունքն է հայ դպրոց յաճախել, համայնքին պարտաւորութիւնն է յարգել այդ իրաւունքը: Հայ դպրոցը եւ անոր պատասխանատուները պարտք պէտք է համարեն հասնիլ իւրաքանչիւրին, ոչ միայն ունեւորին, ընտրանիին: Ազգային ղեկավարութիւնը պէտք է իրականացնէ հայ մանուկին իրաւունքը` այդ իր պարտականութիւնը համարելով, որպէսզի ազգի ներքին միութեան շաղախը ըլլայ ամուր:

Քալիֆորնիան ունի հայ մշակոյթի տարածման կարեւոր բեմեր` համալսարաններու մէջ, Ֆրեզնօ եւ Լոս Անճելըս, օրինակելի կեդրոններ, որոնցմէ կ՛օգտուին հայեր եւ ոչ հայեր:

Կլենտէյլի մէջ կայ հսկայ շէնք մը, որուն կտուրին կը կարդացուի` US ARMENIA, ուր կը գտնուի հայկական հեռատեսիլի կայանը: Ընդունուեցայ եւ զրոյց ունեցանք համայն հայութիւնը յուզող արտագաղթ-հայրենալքման, հայրենադարձութեան եւ ինքնութեան մասին:

Նոյն շէնքին մէջ Արմէն Սարգսեանի շուրջ խմբուած են հայերէնի ներկայով եւ ապագայով տագնապող մտաւորականներ: Հայերէնի մէջ  ներխուժած օտար բառերու աղէտին դէմ պայքարելու համար պատրաստուած եւ հրատարակուած է բառարան մը: Մեծապէս գնահատելի նախաձեռնութիւն մը, որուն տարածման, պէտք է յուսալ, կը նպաստեն դպրոցները, լրատուամիջոցները եւ ղեկավարութիւնը, որպէսզի հայերէնը պահէ իր ինքնութիւնը, եւ անով պահուի մե՛ր ինքնութիւնը:

Բայց ինչ որ ցաւով հաստատեցի, այն է, որ Երեւանէն ետք հայկական ամենամեծ քաղաքի հայերու մտահորիզոնէն բացակայ է հայրենադարձութեան ազգային-հեռանկարային տեսիլքը, երազը, կարծէք` Քալիֆորնիան հայրենահանուածներու, անոնց ժառանգներու, հայրենիք լքածներու վերջին կայանն է: Անկէ անդի՞ն, հարց պիտի տար Խրիմեան Հայրիկ, եթէ ողջ ըլլար, եւ Պապիկ պիտի ըսէր Թոռնիկին, որ հողը պէտք է կեանքի եւ մահուան օրը, եւ եզրակացնէր` ըսելով, որ անհող չմնաս…

Եթէ Քալիֆորնիա, Քամչաթքա, Շանկհայ եւ այլուր, բաւարար կամք ունենայինք վերադառնալու մեր մեծերու դպրոցը, մեր եւ հայոց վաղը այսօրուընէ լաւ կ՛ըլլար, ոչ թէ` անդիմագիծ գաղթականի կամ աշխարհաքաղաքացիի, ինքնութիւն կը պահէինք եւ անկէ բխած յանձնառութեամբ կը շարունակէինք մեր երթը: Միշտ մտածելով, որ վաղը միշտ ուշ է:

Վերադարձ` Սփիւռքեան Հայաշխարհի
Միւս Հորիզոնները

Բեմերը եւ տարեդարձները նաեւ պէտք է արձագանգեն այդ սպառնական ՈՒՇ-ին…

Ինչո՞ւ չի ծաւալիր այդ «ուշ»-ի յանգումին մղձաւանջային գիտակցութիւնը: Մինչեւ ե՞րբ, ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ պիտի ըլլան հայաշխարհներ, երբ գիտենք, որ անոնք շարունակութիւն պիտի չըլլան:

Եթէ իր կացութեան հետ հաշտուած հայը հասկնար, որ սփիւռքը յաւերժական չէ, հայոց նորագոյն ժամանակներու մեծագոյն յեղափոխութիւնը կը կատարուէր, կը կատարէինք…

Կը սպասուի նոր Մովսէս մը, որ սփիւռքեան հոգեիմացական անապատէն իր ժողովուրդը տանի հայուն Աւետեաց Երկիրը` վերջ տալով գաղթականի դէպի այլասերում ընթացող տխրութեան:

Այդ յեղափոխութիւնը պէտք է ապրուի իւրաքանչիւրի հոգիին մէջ, յարկին տակ: Այդ կ՛ըլլայ ազգային վերականգնումի յանդգնութեան քայլը:

18 նոյեմբեր 2017, Նուազի-լը-Կրան

 

Շրջապտոյտ Դէպի Հայաստան. «Ճինիշեան Յիշատակի Հիմնադրամ»-ի 50-ամեակին Առիթով

$
0
0

Կազմակերպութեամբ Հայաստանի «Ճինիշեան յիշատակի հիմնադրամ»-ին, 7-17 հոկտեմբեր 2017-ին տեղի ունեցաւ դէպի Հայաստան շրջապտոյտ մը, որուն մասնակցեցան` ՃՅՀ-ի Լիբանանի, Սուրիոյ, Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու պաշտօնեաներ, Միացեալ Նահանգներէն` Երիցական եկեղեցւոյ պատասխանատուներ եւ այլ քաղաքացիներ:

Այցելուները առիթ ունեցան տեսնելու Մատենադարանը եւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկն ու Ծիծեռնակաբերդի յուշակոթողը, ինչպէս նաեւ այցելեցին Նորավանք ու Խոր Վիրապ, Տաթեւի վանք, Սեւանայ լիճ, Գեղարդ ու Գառնի եւ ծանօթացան հայկական ճարտարապետութեան ու խաչքարերուն: Անոնք հիացան` տեսնելով հնութիւն ունեցող եւ թանկարժէք գանձերը մեր մշակոյթին ու պատմութեան եւ մօտէն ծանօթացան տարբեր շրջաններու, ինչպէս` Արմաւիր, Գիւմրի, Աղուերան  ու Գորիս: Այցելուները ականատես եղան Հայաստանի «Ճինիշեան յիշատակի հիմնադրամ»-ի բարգաւաճման կարգ մը ծրագիրներուն` ծանօթանալով անոնց զանազան աշխատանքներուն  եւ մասնակցութիւն բերին զանազան ծրագիրներու` անոնց խորհուրդը եւ փորձառութիւնը փոխանցելով ուսանողներուն եւ գիւղատնտեսներուն:

Հոկտեմբեր 8-ին Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ ընդունեց այցելուները` գլխաւորութեամբ ՃՅՀ-ի  հոգաբարձութեան խորհրդատու մարմինի անդամ Մայքըլ Յարաթիւնեանի եւ անոր կնոջ` Մարիին, ինչպէս նաեւ` Միացեալ Նահանգներու Երիցական եկեղեցւոյ Համաշխարհային առաքելութեան տնօրէն վերապատուելի Խոսէ Լուիս Քասալը եւ «Ճինիշեան յիշատակի հիմնարկ»-ի Ամերիկայի գրասենեակի տնօրէն Էլիզա Մինասեանը:

Վեհափառը նշեց, որ «Ճինիշեան յիշատակի հիմնադրամ»-ը Հայաստանի մէջ իրագործած է զանազան ծրագիրներ` օգտակար դառնալով երկրին, յատկապէս` դժուար տարիներուն ու կարեւոր ներդրում բերած է Մայր Աթոռի թեմերու աշխատանքներուն ու հոգեւոր կառոյցներուն կրթական, ընկերային եւ համայնքային ծրագիրներուն:

Հանդիպման աւարտին վեհափառը պատասխանեց հիւրերու հարցումներուն, ապա անոնք, այցելելէ ետք թանգարան, ներկայ գտնուեցան Ս. պատարագի:

14 հոկտեմբերին «Ճինիշեան յիշատակի հիմնադրամ»-ը Երեւանի Գ. Սունդուկեանի անուան ազգային ակադեմական թատերասրահին մէջ տօնեց իր գործունէութեան 50-ամեակը:

«Ճինիշեան յիշատակի հիմնադրամ»-ը Ամերիկայի գրասենեակի տնօրէն Էլիզա Մինասեանը բացման խօսքին մէջ ըսաւ, որ հիմնադրամը ստեղծուած է Վարդան Ճինիշեանի կտակին համաձայն, եւ  բազմաթիւ ծրագիրներ  իրագործուած են Սուրիոյ, Լիբանանի, Հայաստանի եւ Միջին Արեւելքի այլ երկիրներու մէջ` օգնելով առողջապահական, ընկերային  եւ համայնքային զարգացման մարզերուն մէջ:

Ապա խօսք առաւ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը, որ ըսաւ, թէ  շնորհակալ է «Ճինիշեան»-ի աջակցութեան համար, որովհետեւ ան օժանդակած է ջաւախահայութեան եւ վրացահայութեան, ինչպէս նաեւ օգնած է  Հայաստանի, Սուրիոյ եւ Միջին Արեւելքի հայերու զարգացման: Ապա ան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին կողմէ պարգեւագիր մը յանձնեց «Ճինիշեան»-ին, ինչպէս նաեւ նախարարը «Ճինիշեան»-ին յանձնեց մետալ մը` ազգին ծառայութեան համար: Իսկ Միացեալ Նահանգներու Երիցական եկեղեցւոյ համաշխարհային առաքելութեան տնօրէն վերապատուելի Խոսէ Լուիս Քասալ տուաւ յուշանուէրներ` «Ճինիշեան»-ի Միացեալ Նահանգներու խորհրդատու մարմինի ատենապետ Վիքի Չոփուրեան-Կերթին եւ Էլիզա Մինասեանին: Յաջորդաբար խօսք առին Սուրիոյ տնօրէն Թալին Թոփալաքեանը, Լիբանանի տնօրէն Փոլին Սաղըրեանը եւ Հայաստանի տնօրէն Արմէն Յակոբեանը, իսկ վրացահայոց թեմի առաջնորդին կողմէ եկած պատուիրակութիւնը արուեստի գործ մը նուիրեց` իբրեւ գնահատանք «Ճինիշեան»-ի գործունէութեան` Վրաստանի մէջ:

50-ամեակին նուիրուած ընդունելութենէն ետք հիւրեր եւ ժողովուրդէն հրաւիրեալներ ներկայ գտնուեցան Յ. Պարոնեանի «Մեծապատիւ մուրացկաններ» գիրքէն առնուած եւ 50-ամեակին առթիւ պատրաստուած երաժշտախառն թատերախաղին, որուն բացման խօսքին մէջ Էլիզա Մինասեանը բեմ հրաւիրեց տարիներով ՃՅՀ-ին ծառայած պաշտօնեաներն ու խորհրդատու մարմինի անդամներ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց անձնուէր ծառայութեան համար:

Հայաստան շրջապտոյտին մասնակցողները վերադարձան իրենց երկիրները` իրենց հետ տանելով անմոռանալի յիշատակներ եւ լայն տեղեկութիւն հայ ժողովուրդին պատմութեան, մշակոյթին եւ արժէքներուն մասին, ինչպէս նաեւ մօտէն ծանօթացան «Ճինիշեան յիշատակի հիմնադրամ»-ի լայնածաւալ գործունէութեան` ի նպաստ հայ ժողովուրդին:


Չկատակենք. Ինչո՞ւ Չեն Հասկնար…

$
0
0

Ս. Մ.

Միացեալ Նահանգներու թէ աշխարհի ժողովուրդները դժբախտ են, դժուարութիւն ունին հասկնալու Տոնըլտ Թրամփն ու անոր բարի կամեցողութիւնները:

Եւ արդեօք նախագահի մը համար կա՞յ աւելի խոր ցաւ, քան զգալ, թէ իր հպատակները չեն հասկնար իր բարի սիրտն ու ցանկութիւնները, տեսնել, որ մարդոց անհասկացողութիւնը դուռ կը բանայ հազար ու մէկ քննադատութեան:

Տեսնելու եւ ըմբռնելու համար նախագահին բարի նպատակները, եկէ՛ք, պատասխաններ գտնենք հետեւեալ հարցումներուն.

Ի՞նչ նպատակով է, որ կը կարծէք, նախագահն ու իր բարեմիտ գործակիցները ձեռնարկած են (այլապէս ձախաւեր) «Օպամա-քեր»-ը ջնջելու կամ շահատուրքերու նոր դրութիւն մը օրինականացնելու: Քննադատները միայն մեղադրանքներ կը տեղացնեն` ըսելով, որ միլիոնաւորներ պիտի զրկուին առողջական ապահովագրութենէ, իսկ շահատուրքի նոր օրէնքէն առաւելագոյն օգտուողները պիտի ըլլան հսկայ ընկերութիւններն ու միլիոնատէրերը: Քննադատները պարզապէս կարճատես են. անոնք չեն տեսներ, որ նախագահը ամբողջ ժողովուրդը կը մղէ… հարստանալու եւ միլիոնատէր դառնալու: Եթէ մարդս միլիոններ ապահովէ, ալ ի՞նչ պէտք ունի մտահոգուելու առողջապահական-դեղի «մանր» ծախսերով, մանաւանդ որ շահատուրքն ալ պիտի նուազի: «Ամերիկեան երազ»-ի այս երկրին մէջ դժուա՞ր է հարստանալը: Ո՛չ, հազա՛ր անգամ ոչ: Տեսէ՛ք իր բարի օրինակը: Կարելի է շահատուրքերէ խուսափիլ, կարելի է սնանկացած ձեւանալ եւ զերծ մնալ նիւթական պարտաւորութիւններէ, կարելի է օգտուիլ դրամագլուխները այլ երկնակամարներու տակ «ապահով գօտիներ»-ու` տուրքէ զերծ հաշիւներու մէջ պահելէ (օֆ-շորային հասկացողութիւնը հայկական ծագում չունի ի վերջոյ), մէկ խօսքով, կարելի է հազար ու մէկ տեսակի խաղ խաղալ, որովհետեւ այդ խաղերը օրինականացնելու հազար ու տասներկո՛ւ ձեւ գտնուած է վերջին 30-40 տարիներուն: Նախագահը ա՛յս է, որ կ՛ուզէ ցոյց տալ ժողովուրդին ու զանոնք մղել, որ հարստանան, ձերբազատին մանր հոգերէ, իսկ մարդիկ կը տեսնեն միայն ժխտական կողմերը…

Աշխարհի տարածքին, պետական պատասխանատուներ ու ժողովուրդներ դժուարութիւն ունին հասկնալու հանճարեղ նախագահը: Չեն գիտեր, որ ան գիշեր-ցերեկ կը մտածէ իրենց զուարճալի զբօսանք պարգեւելու միջոցներու մասին: Սպիտակ տան մէջ նկատած են, որ քունը կորսնցուցած է, իսկ եթէ քնանայ, կ՛երազէ մարդոց զբաղմունք գտնելու մասին, եւ երբ առաւօտուն արթննայ, առաջին գործը կ՛ըլլայ գործի կոչել «սոխակը» (Tweeter), որմէ կախեալ է հիմա ամբողջ աշխարհը: Օր մը քմծիծաղի թիրախ կը դարձնէ Հիւսիսային Քորէայի նախագահը, զայն կը կոչէ գաճաճ-գիրուկը կամ շան լակոտ,  ուրիշ օր մը խրատներ կը պարգեւէ Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյի, որ իր աչքին գերանը չի տեսներ, այլ` Թրամփի աչքին շիւղը, իսկ եթէ դուրսերը «յաճախորդ» չգտնէ, ռատարները կ՛ուղղէ ներքին քաղաքական հակառակորդներուն կամ գործակիցներու. խորհրդարանականներ ու նախարարներ անգամ զրկուած են «անձեռնմխելիութենէ», ինչպէս պատահեցաւ «Փոքահոնթաս» յորջորջումին արժանացած Էլիզապէթ Ուորընի, իսկ Ռեքս Թիլըրսըն եւ ուրիշներ կարգի կանգնած են ակնդէտ, թէ ե՞րբ պիտի գեղգեղէ զիրենք պաշտօնէ արձակող «սոխակ»-ը:

Այս եւ նման բարենպատակ հնարքներով, Թրամփ ժողովուրդը զերծ կը պահէ ցաւալի ու տագնապալի հարցերով տառապելէ. ինչո՞ւ պէտք է մտահոգուինք, թէ ինչպիսի՛ ողբերգութիւններ կ՛արձանագրուին Եմէնի, Միանմարի կամ ափրիկեան այս ու այն երկրին մէջ: Ինչո՞ւ մարդոց սիրտերը ցաւցնել հազարաւոր մղոններ հեռու ջարդուողներով ու աւերումներով, երբ կարելի է ցնծութիւն տարածել զէնքի առեւտուրի հսկայագումար պայմանագրութիւններով

Իրա՛ւ, ինչո՞ւ չեն հասկնար այս բարեմիտ մարդը, որուն պէտք է ամէն օր նոր ու բարի երազներ մաղթել:

 

 

Պոլսոյ Մէջ Թրքերէնով Հրատարակուած Է Ցեղասպանութենէն Փրկուած Հայ Քահանայի Մը Օրագիրը

$
0
0

Պոլսոյ մէջ թրքերէնով հրատարակուած է Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած հայ քահանայ Ներսէս Պապայեանի յիշողութիւններու օրագիրը, որ գիրքի տեսքով լոյս  ընծայուած է Այնթապի հայերու պատմութեան ուսումնասիրութեամբ զբաղող թուրք պատմաբան Ումիթ Քուրթի եւ պատմութեան հիմնադրամի «Եուրթ» հրատարակչատան կողմէ: Այս մասին կը գրէ  «Ակօս» պարբերականը:

«Այնթապ 1915-1922» աշխատութեան մէջ քահանայ Պապայեան կը պատմէ հայերու անհիմն ձերբակալութիւններու, հայկական թաղամասերու մէջ կազմակերպուող խմբային յարձակումներու, տեղի հայութեան վերապրած կոտորածներու ու բռնի աքսորի մասին:

Գիրքին մէկ այլ կարեւոր առանձնայատկութիւնն ալ այն է, որ մինչեւ 1922 թուական այստեղ ապրած հայ քահանան լոյս կը սփռէ 1918 թուականին Այնթապ վերադարձող հայերու եւ քաղաքը ֆրանսական զօրքին կողմէ գրաւուելէ ետք ինքնակազմակերպուելով` թրքական բանակին դէմ մղած պայքարին վրայ:

Ումիթ Քուրթը ուշադրութիւն կը հրաւիրէ այն փաստին վրայ, որ թէեւ ֆրանսական զօրքի Այնթապ մտնելէ ետք հայերը փորձած են մղուող պատերազմին մէջ պահպանել համեմատաբար չէզոք դիրք, սակայն ի վերջոյ լուրջ աջակցութիւն  ցուցաբերած են ֆրանսացիներուն, եւ անոնց շնորհիւ` ֆրանսական բանակը կրցած է իր վերահսկողութեան տակ առնել Այնթապի զգալի մասը, թէեւ տեղի հայերու` ֆրանսացիներէն ունեցած հետագայ սպասումները այդպէս ալ չարդարացան:

Թուրքիոյ Մէջ Լոյս Տեսած Է Հակահայկական Յօդուածներէ Բաղկացած Պատմազեղծարարութեան Հերթական Օրինակը

$
0
0

Թուրքիոյ մէջ «Փանտորա» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է քանի մը թուրք պատմազեղծարարներու հեղինակած յօդուածներու ժողովածուն` թրքական պաշտօնական պատմագրութեան ներկայացուցիչներէն Ֆերուտուն Աթայի խմբագրութեամբ: Այդ մասին կը հաղորդէ «Ակունք»-ը` հիմնուելով յիշեալ հրատակչութեան պաշտօնական կայքէջին մէջ հրապարակուած տեղեկութեան վրայ:

Աղբիւրին համաձայն, «1915-ով կաշկանդուած պատմութիւնը» վերնագիրը կրող սոյն գիրքի յառաջաբանին մէջ խմբագիր Ֆերուտուն Աթան կը գրէ, որ` «Մինչ 1915 թուականը Թուրքիոյ տնտեսական ու մշակութային կեանքին մէջ միշտ բարձր դիրք գրաւած հայերը, օսմանեան պետութեան թուլացման զուգահեռ, օգտագործուած են մեծ տէրութիւններուն կողմէ, որոնք հայերը հրահրած են օսմանեան իշխանութիւններուն դէմ»: «Ա. Աշխարհամարտի ժամանակ, երբ օսմանեան պետութիւնը կենաց-մահու պայքար կը մղէր, հայերու մէկ մասը, պետութեան թշնամիներուն հետ համագործակցելով, անդառնալի գործողութիւններու ձեռնարկած եւ անպաշտպան մարդոց դէմ կոտորածներ իրականացուցած են: Սոյն գիրքին մէջ խիստ արժէքաւոր յօդուածներու հեղինակ ուսումնասիրողները, սկզբնական շրջանէն մինչ օրս թուրք-հայկական յարաբերութիւններուն անդրադառնալով, նպատակադրուած են իրենց նպաստն ունենալ այս ոլորտին մէջ տեղի ունեցած ուսումնասիրութիւններուն», մասնաւորապէս կը գրէ Ֆերուտուն Աթան:

Յիշեցնենք, որ 1919-1921 թուականներուն երիտթուրքերու դատավարութեան թեմային եւս անդրադարձած այս պատմազեղծարարը 2005-ին Թուրքիոյ մէջ տպագրուած «Տեղահանութեան դատավարութիւնները գրաւեալ Պոլսոյ մէջ» վերնագիրով իր աշխատութեան մէջ փորձ  կ’ընէր խեղաթիւրել նաեւ դատաքննութիւններուն առնչուող բազմաթիւ փաստեր կամ այլ մեկնաբանութիւններ տալ անոնց: Ֆերուտուն Աթայի վերոյիշեալ աշխատութեան վերնագիրն անգամ բաւարար է ցոյց տալու համար, թէ ի՛նչ նպատակ հետապնդած են Թրքական պատմագիտական ընկերութիւնը եւ գիրքին հեղինակը` այս մենագրութիւնը հրատարակելով: Վերնագիրով իսկ ընդգծուած է, որ սոյն դատաքննութիւններն իրականացուած են Դաշնակից պետութիւններու, յատկապէս` Մեծն Բրիտանիոյ ճնշման տակ, որոնց վերահսկողութեան տակ կը գտնուէր Պոլիսը տուեալ ժամանակաշրջանին: Հարկ է նշել, որ անկախ այն փաստէն, որ տուեալ ժամանակաշրջանին Թուրքիան կախեալ եղած է մեծ տէրութիւններու կամքէն, այս դատավարութիւնները կայացած են օսմանեան կառավարութեան եւ սուլթանի որոշումին համաձայն, եւ դատաքննութիւններու փաստաթուղթերը բացարձակապէս չեն կորսնցներ իրենց վաւերականութիւնը: Վերոյիշեալ մենագրութեան մէջ Ֆերուտուն Աթան միտումնաւոր կերպով ուշադրութիւն չի դարձներ այն փաստին, որ այս դատական գործերը յարուցուած են ոչ միայն հայերու տեղահանման (Tehcir), այլ նաեւ` զանգուածային կոտորածներու (Taktil) մեղադրանքով: Բացի այդ` Ֆերուտուն Աթան այս դատաքննութիւններուն կ՛անդրադառնայ միայն պաշտօնական պատմագրութեան ձեռնտու դիտանկիւններէն` աղաւաղելով բազմաթիւ փաստեր: Օրինակ` ան կը պնդէ, որ թէ դատական նիստերու մէջ մեղադրեալներու դէմ ուղղուած ցուցմունքներով հանդես եկած են միայն ազգութեամբ հայ վկաները, որոնք ուղղորդուած են վրէժխնդրութեան զգացումով: Օսմանեան կայսրութեան տարբեր շրջաններու հայերու տեղահանութեան եւ կոտորածներու դատաքննութիւններու նիստերուն հանդէս եկած են ոչ միայն հայ, այլեւ բազմաթիւ թուրք եւ այլազգի, նոյնիսկ նախարարի եւ նահանգապետի մակարդակով  թուրք բարձրաստիճան շարք մը պաշտօնեաներ: Թուրք եւ օտարազգի վկաներու առատութեամբ յատկապէս աչքի ինկած է Տրապիզոնի հայերու տեղահանութեան եւ կոտորածներու դատավարութիւնը:

Այսպիսով, կարելի է ենթադրել, որ Ֆերուտուն Աթայի խմբագրութեամբ լոյս տեսած «1915-ով կաշկանդուած պատմութիւնը» յօդուածներու ժողովածուն եւս  պատմազեղծարարութեան հերթական օրինակն է, որուն նպատակն է ոչ թէ պատմութեան իրական դէպքերը վերլուծել, այլ` թրքական պաշտօնական պատմագրութեան յատուկ կերպով պատմութիւնը խեղաթիւրել:

Մայրս` Տիեզերք

$
0
0

ԴՈԿՏ. ՄԱՐԻ ՌՈԶ ԱԲՈՒՍԷՖԵԱՆ

Որքան փորձում եմ բացայայտել կեանքի առեղծուածը, այնքան մխրճւում եմ հարցերիս պատասխանը չգտնելու իրավիճակների մէջ` խճճուելով բնութեան  անբացատրելի շերտերում:

Յաճախ գեղեցիկ ծաղկամանում սերմ ես ցանում, կարգապահօրէն ջրում ու սնում, միեւնոյն է` ոչինչ է աճում: Բայց դրա կողքին կարծր պեթոնի ճեղքից, պատահականօրէն ընկած սերմը, իրեն յարմարեցնելով այդ նեղ բացուածքին, հանգիստ վեր է բարձրանում, նոյնիսկ` առանց ջրի ու սնունդի, ամաչացնելով քեզ քո  թերացումի համար:

Նայում եմ վաղ առաւօտեան ծագող արեւի շողով լուսաւորուած հանդարտ սրսփացող ծառի տերեւների պարին, թռչունների վաղորդեան եռուզեռին, ծաղիկների եւ մարդկանց քնկոտ արթնացումին, թափուող մեռած տերեւներին ու մտածում` բնութեան մէջ բաշխուած իւրաքանչիւրիս անկանգառ շարժման մասին:

Ինչո՞ւ իւրաքանչիւր էակ արագընթաց հասնում է մի կէտի ու անհետանում:  Երջանկօրէն պարող տերեւներից միայն ամուր ծառարմատն է մնում, ճեղքուածքից իրեն դուրս նետած ծաղկից հետք անգամ չկայ, բայց վստահաբար այդ ճեղքի խորքում կայ նրա արմատը, կամ էլ` իր կողքին ընկած նրա սերմը, որի վրայ կրկին աճելու ու բազմանալու է: Եթէ կրկին աճելու ու բազմանալու ենք, ողջ բնութիւնը ինչո՞ւ է կրում այս կորուստը: Բնականաբար` շարունակելու համար ընդհատուածը, նոր տեղ բացելու եկողներին:  Միլիոնաւոր տարիներ այս ընթացքը ճշգրտօրէն շարունակւում է, տարուան եղանակները ճշգրտօրէն յաջորդում են միմեանց, եւ սակայն մարդ էակը երբեք չի հաշտւում բնութիւնից իրեն սահմանուած կորուստներին, որքան էլ այն բնական լինի: Գալիս է մի պահ, որ իւրաքանչիւրս հանդիպում ենք բնութեան այդ անխուսափելի օրէնքին եւ, սակայն, գիտենալով հանդերձ, անակնկալի գալիս, աւելի ճիշդ` մերժում ենք ընդունել այն:

Եւ մերժելով հանդերձ,  իւրաքանչիւրս մեր կեանքի ընթացքին թանկագին եւ անդառնալի կորուստներ ենք ունենում, յատկապէս այդ կորուստները աճում են մեր տարիքի աճմանը զուգընթաց: Իւրաքանչիւր կորուստի հետ մեր հոգում փլուզւում են տեսանելի եւ անտեսանելի ներքին բազմաթիւ անքակտելի կապեր, երկար կամ կարճ յարաբերութիւններ, ապրուած կամ լսուած կենսագրութիւններ, հոգեկան, մտային, ֆիզիքական ամբողջ մի աշխարհ: Մի աշխարհ` կեանք առած տարբեր պայմաններում, հարազատ կամ ոչ հարազատ արեան կապով, ներքին անբացատրելի զգայարաններով ստեղծուած, լեցուած երջանիկ կամ դժուարին վայրկեաններով, առօրեայ մանրուքներով հիւսուած, մեր կենսագրութեան անբաժանելի մասնիկը դարձած:

Որքան տարբեր է կորուստների կշիռը, բնականաբար այդքան տարբեր է նաեւ դարմանումը: Այդ կշիռը ծանրանում է կրկին մեր տարիքի աստիճանական առաջացմամբ, քանզի տարիքի հետ աւելի երկարում է մեր յարաբերութիւնը անձերի հետ, խորանում, իմաստաւորւում, ու նոր արժէք են ստանում` մեր կապերը, մեր զգացումները մեր սիրելիների, մեր բարեկամների, ընկերների, նոյնիսկ` հեռաւոր ծանօթների հետ:  Թէեւ աւելի փիլիսոփայօրէն ենք ընդունում կեանքը իր բոլոր հարուածներով, յատկապէս` այն անողոք փաստով, որ մենք անզօր ենք կեանքի անառարկելի օրէնքների հանդէպ, անզօր ենք փոխել բնութիւնից իւրաքանչիւրիս սահմանուած ճակատագիրը, այսուհանդերձ, մերժում ենք ընդունել մեր սիրելիի, մեր հարազատի, մտերիմ ընկերոջ, կամ ծանօթի անվերադարձ հեռացումը` մեր առօրեայից, մեր կեանքից, մեր կենսագրութիւնից: Կորուստի դէպքում տարիքը, հարազատութեան կապը ասելիք չունեն, կորուստը անվերադարձ է ե՛ւ մեռնողի, ե՛ւ ապրողի համար: Կորուստը անսփոփելի է ծնողների եւ զաւակների պարագային: Արդեօք ծառերն ու ծաղիկնե՞րն էլ են այսպէս ընդունում իրենցից պոկուող, ընկնող տերեւների մահը: Ո՞վ գիտէ…

Մէկ տարի առաջ շատերիդ պէս ես էլ յաւէտ հրաժեշտ տուի 96-ամեայ մօրս: Գրում եմ մէկ տարի առաջ եւ չեմ հաւատում, որ մէկ տարի է չեմ տեսել իմ պաշտելի մօրը:  Կարծես երէկ էր, իր մօտ էի, իր ձայնը դեռ ականջումս արձագանգում է, դեռ իր շունչն եմ զգում, իր օրհնութեան շղարշով եմ պատուած զգում ինձ եւ աղօթում, որ այն երբեք չհեռանայ ինձնից:

Մօրս մահով աշխարհը միանգամից դատարկուեց կարծես, մի տեսակ որբացած եմ զգում ինձ ոչ բառարանական, այլ` զգացումների իմաստով: Հասկանում եմ` անկարելի է հրաժեշտ տալ մօրը, ընդունել իր մահը, չէ՞ որ ներքին թելերով ենք կապուած իրեն, իր մէջ ենք ձեւաւորուել ի սկզբանէ, իր զգայարաններից ենք սնունդ առել, մեր բնազդական եւ գիտակցական շտեմարանի բացայայտող, մեզ աստիճանաբար կեանքին վարժեցնողն է նա, ում կարիքը զգում ենք ոչ միայն մանկութեան շրջանին, այլ որքան էլ տարիք առած լինենք, մեր ուրախութեան եւ  դժուարութեան մէջ, որքան էլ մայր կամ մեծ մայր դարձած լինենք:

Հօրս կորցրել եմ ինը տարի առաջ` բացառիկ հումորով, բարի ու փափուկ, համակ սէր հօրս եւ անշուշտ ծանր եմ տանում նաեւ իր բացակայութիւնը, բայց ամէն  վայրկեան նա ինձ հետ չէ, քանզի մեր կապը հօր հետ բոլորովին այլ է: Այն արեան կապ է, յետոյ աստիճանաբար բնազդական եւ գիտակցական յարաբերութեամբ խորանում ու դառնում է մեր հոգու մասնիկը, որին կրում ենք մեր մէջ տղամարդու իր կերպարով եւ անշուշտ փնտռում իրեն, հեռացումի կսկիծով հանդերձ, աւելի սիրոյ յուշերով, իր կերպարով ծանրաբեռ:

Յիշում եմ` երբ տուն էինք մտնում, առաջին մեր հարցումը` «Մաման ո՞ւր է»: Հայրս, մեծ մայրս տանը լինելով կ՛ասէին` «Մենք տունն ենք, չի՞ բաւեր», սակայն մենք դեռ մամային կը փնտռէինք: Եւ վստահ եմ` շատերդ էք այդպէս:

Միշտ մամային փնտռող այս անհերքելի փաստը մինչեւ այսօր շարունակւում է, եւ այդ ինձ ստիպում է խօսել իր մասին, աւելի ճիշդ, իր մասին խօսելով` խօսել իր հետ, իր երկարամեայ կենսագրութեան մասին պատմելով` կրկին հաղորդակցուել իր հետ: Ի վերջոյ այդ կենսագրութիւնն ամփոփում է ոչ միայն իր, այլ նաեւ մեր ընտանիքի եւ բնականաբար` իմ կենսագրութիւնը: Ամփոփում է անվերծանելի զգացումների շերտեր, ուր կայք են դրել միայն մեզ յայտնի երկար տարիների հսկայածաւալ դէպքեր, անջնջելի յիշողութիւնների հաւաքածու` ե՛ւ ընտանեկան, ե՛ւ հոգեբանական, ե՛ւ մարդկային տարբեր վայրիվերումներով լեցուն:

Եւ ամենագլխաւորը` այն ամփոփում է իմ ժողովրդի պատմութեան մի հատուած եւ նրան բաժին ընկած ճակատագիրը, որն ապրել է մայրս, եւ որը դարձել է նրա եւ մեր կենսագրութիւնը:

Հարցն այն է` կը կարողանա՞մ արդեօք այդ ամէնն ամփոփել մի կենսագրութեան մէջ եւ ներկայացնել ողջ արեւմտահայութեան դիմագիծը ներառող իմ մօրը: Ի վերջոյ կենսագրութիւնը միայն իրադարձութիւններով չէ, որ ապրւում է, այլ` վայրկեաններով եւ այդ պահերը լրացնող ներքին ապրումներով, անսպասելի դէպքերի յարաբերութիւնով, որը միայն տուեալ անձն է ապրում եւ որի պատմութիւնը յետոյ  ամփոփում ու կենսագրութիւն ենք դարձնում: Այսինքն ինչպէ՞ս պատմեմ, ո՞ւր տեղաւորեմ 96 տարիները:

Փորձեմ միայն աչքի ընկնող իրադարձութիւնները ներկայացնել մօտաւոր գծանկարով ներկայացնելու մօրս:

Չեմ ուզում ոեւէ մէկի զգացումները վիրաւորած լինել իմ վերլուծումներում, չեմ փորձում իմ մօրը գերադասել այլ մայրերից, այլ ուզում եմ անկեղծ ու պարզ  հաղորդակցուել ու սփոփել բոլոր մայր կորցնողներին, ամուսին, ընտանիքի անդամ, եւ ամենածանրը, յատկապէս զաւակի վշտով ապրողներին:  Ինչպէս նշեցի, կորուստը անդառնալի է, եւ այդ անդառնալիութեան մէջ կեանքը շարունակողներս գտնում ենք յարատեւման մի շող ու դրանով պարուրելով նրանց յուշերը` ապրեցնում ենք մեզ հետ եւ մեր կեանքի երկարակեցութեամբ ապրեցնում ենք նաեւ նրանց:

Նկատել եմ, որ զաւակներից իւրաքանչիւրը իրենց իւրայատուկ կապը ունեն ծնողների հետ, իրենց ուրոյն զգայարաններով են ընդունում ծնողներին, իւրաքանչիւրը յիշողութեան իր շտեմարանում թանկագին դէպքերի տարբեր հաւաքածուներ  ամփոփում բոլորով միասին ապրուած դէպքերից, իւրովի դիմագրաւում նրանց բացակայութիւնը: Թող ինձ ներեն քոյրերս, քանի որ ես իմ դիտանկիւնից, իմ էութեան մէջ բոյն դրած մօրս եմ փորձելու ներկայացնել, աւելի ճիշդ` իր պատկառելի կենսագրութիւնը, որն ամփոփում է մի ամբողջ անցած սերունդի կենսագրութիւն նաեւ: Սերունդ, որից նմուշներ են մնացել:

Սերունդ, որոնք թէեւ ապրեցին մէկ կեանք, սակայն մի քանի կենսագրութիւն ներառեցին իրենց մէջ, որոնք Եղեռնից փրկուածների առաջին սերունդ որակումը ստացան, այսինքն անմիջական վկան դարձան նրանց յօշոտուած կեանքի ապրումներին: Որոնք մանկական պարզամիտ հեքիաթներում նկարագրուած չարի կերպարանքով դեւերի պատմութիւնների փոխարէն` իրական մարդակերների պատմութեանը հանդիպեցին, կամ նրանց գործած գազանութիւնների եղելութիւնները լսեցին: Ովքեր մանկութեան անհոգ երգ ու զուարթութեան փոխարէն` վշտով ողողուած երգեր ու հոգոցներ, թաքուն հեկեկոցնէր լսեցին: Ովքեր մանկական անհոգ զուարճութիւնների փոխարէն` դառը արցունքներ սրբեցին, որոնց պատանեկութիւնն ու երիտասարդութիւնը դարձաւ երդման բռունցք, երդում` իրենց ծնողների թափած արիւնն ու վշտի արցունքները դարձնել ապրելու ու յարատեւելու պայքար:  Որոնք դարձան արեւմտահայութեան կորուստների վերածնողները, արեւմտահայութեան դարեր կուտակած անսպառ հարստութեան յօշոտուած մասնիկների փոխանցող-պահպանողները:

Միայն այն փաստը, որ մայրս ծնուել էր 1920թ., այն էլ` Մարաշ, ինքնին կարծես հեռաւոր, երկակի, քառակի պատմութիւն է, այն էլ` մի ամբողջ սերունդի հաւաքական պատմութիւն: Թէեւ մօրս եւ մեր ընտանիքի համար այն երբեք հնացած, մոռացուած անցեալ պատմութիւն չի եղել, այլ ընդհակառակը, այն եղել է ամէնօրեայ ներկայութիւն` մեր էութիւնը եւ միտքը ձեւաւորող, պահպանուող աւանդութեամբ, չհնացուող սովորութիւններով, յիշարժան իրադարձութիւններով, հետաքրքիր կերպարներով յագեցուած անբացատրելի մի կապ: Աւելի հակիրճ` կեանքի մի սկիզբ, որը երբեք վերջ չունեցաւ, չկորցրեց իր տրոփիւնը եւ զարմանալիօրէն երբեք յուշ չդարձաւ ու չաւարտուեց նոյնիսկ մօրս մահից յետոյ:

Ինձ միշտ զարմացրել է մօրս սերտ կապը իր ծննդավայր Մարաշի հետ, որից հեռացել է դեռ այն չճանացած, չտեսած, իր մէջ չամփոփած, ամենավաղ տարիքին, եւ եկել եմ այն համոզման, որ ծննդավայրը որոշ մարդկանց կեանքում պատահականութիւն չէ: Այդ ոչ պատահականութիւնն էլ ձեւաւորում է անձին, որը կեանք առնելով տուեալ հողից, օդից ու շրջապատից` դառնում է այդ տեղանքի դիմագիծ կրողը: Եւ ուրեմն պատահականութիւն չէր, որ մայրս ծնուել էր հիթիթների պազալթէ առիւծի քանդակը իրենց բերդաճակատին կրող Կիլիկիոյ հինաւուրց մեր երկիր Մարաշում: Այդ առիւծը քանդակուած էր նաեւ մօրս էութեան մէջ եւ վստահաբար` այն շատերի, որոնք ծնուել ու ձեւաւորուել էին մեր այդ հիասքանչ երկրում, որը հռոմէացի զօրավար Գերմանիկոսը գրաւելով` փոխել էր իր անուան, եւ իրենից յետոյ կրկին վերակոչուել է Մարաշ:

Կիլիկիոյ այս հարուստ ու զարգացած շրջանը, որը պահպանել էր իր արժէքն ու դիմագիծը ասորիների, հռոմէացիների, բիւզանդացիների, արաբների, սելճուկների, խաչակիրների, մեմլուքների, մոնկոլների անվերջանալի ասպատակումներից յետոյ էլ, մինչեւ իսկ աւելի յետոյ հինգ դար, կքուելով օսմանեան ծանր լուծի տակ, դարձեալ չէր կորցրել իր ուրոյն հայ ինքնութեան հեղինակութիւնը: Մարաշցիների հաստատմամբ, այն փոխանցուել էր իրենց:  Եւ ես հաւատում եմ դրան, մօրս եւ իմ ճանաչած բոլոր այլ երեւելի մարաշցիների օրինակով: Մինչեւ հիմա էլ երբ մարաշցիի եմ հանդիպում, կարծես հին ծանօթի հանդիպած լինեմ, գիտեմ, ճանաչում եմ իրենց, վստահ եմ, որ իրենք էլ պահպանել են իրենց ծննդավայրի յատկութիւնները:

(Շար. 1)

Պատմաքաղաքական Զիկզակներ. Շարունակուող Ապատեղեկատուութիւնը Եւ Զգօնութեան Հրամայականը

$
0
0

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Ապատեղեկատուութիւնը կեղծ կամ ոչ արժանահաւատ տեղեկութիւնն է, որ կը տարածուի դիտումնաւոր: Այդ պատճառով է, որ հոմանիշ է եւ կը կոչուի երբեմն «սեւ քարոզչութիւն»: Անիկա արարք մըն է կեղծ յայտարարութիւնները եւ սուտը դիմացինին որպէս ճշմարտութիւն ներկայացնելու: Ապատեղեկատուութիւնը պէտք չէ շփոթել սխալ տեղեկատուութեան հետ, այն տեղեկատուութեան, որ անգիտակցաբար սխալ է:

Մենք` հայերս, ամէն տեղ եւ ամէն առիթի կը դիմագրաւենք ԱՊԱՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆը` «սեւ քարոզչութիւն»-ը, «տեղեկատուական պատերազմ»-ը: Միւս կողմէ` ապատեղեկատուութիւն տարածողները քաջ գիտեն, որ պարզամիտ դիտողին վրայ որեւէ մէկ լուսանկար կամ տեղեկութիւն բնականաբար մեծ տպաւորութիւն կը ձգէ առաջին հայեացքով:

Առ այդ, բոլորիս ծանօթ է, որ թրքական եւ ազրպէյճանական ապատեղեկատուութենէն մեծ ազդեցութիւն կը կրեն միջազգային լրատուական աղբիւրներ. բայց, կարծէք, հայ ժողովուրդին չեն բաւեր թրքական եւ ազրպէյճանական սուտերը, անոնց աւելցած է նաեւ քրտականը:

Այստեղ մեր ակնարկութիւնը կ’երթայ յօդուածին կցուած երեք լուսանկարներուն, որոնք տեղ գտած են «Թուիթըր» ընկերային ցանցի «Kurdish Culture» («Քրտական մշակոյթ») էջին վրայ,  եւ ներկայացուած` որպէս քրտական մշակոյթ եւ քիւրտերու պատկանող տեղեկութիւններ հաղորդող:

Առաջին լուսանկարին մէջ կը տեսնենք երեք փոքրիկներ, որոնք իրենց ձեռքերուն մէջ բռնած են հայկական լաւաշը:

Նախ` լուսանկարը կը պատկանի 26 նոյեմբեր 2014-ին հայկական լաւաշի մասին տեղեկութիւն հաղորդած Ճափոն-Հայաստան կայքէջին` (http://japanarmenia.com/hy/art-making-lavash-put-unesco-world-intangible-heritage-list/):

Դեկտեմբեր 2016-ին եւս ազրպէյճանական մամուլին մէջ լուրեր կը շրջանառուէին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ լաւաշը հայկական մշակութային տարր ճանչնալու մասին որոշումը մերժելու եւ փոխարէնը` ազրպէյճանական յայտը ընդունելու վերաբերեալ, սակայն, ինչպէս միշտ, այս լուրերը չեն համապատասխաներ իրականութեան:

Ինչպէս ըսինք, թուրքեր եւ ազրպէյճանցիներ կարծէք չէին բաւեր, քիւրտերն ալ սկսան լաւաշը իւրացնելու փորձեր կատարել:

28 նոյեմբեր 2016-ին Եթովպիոյ մէջ մեկնարկած ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան միջկառավարական կոմիտէի 11-րդ նստաշրջանի ընթացքին քննարկուած են մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ցանկերուն մէջ արձանագրելու համար ներկայացուած յայտերը, որոնց մէջ` Ազրպէյճանի, Իրանի, Ղազախստանի, Խըրխըզիստանի եւ Թուրքիոյ կողմէ ներկայացուած «Տափակ հաց պատրաստելու եւ հիւրասիրելու մշակոյթ. լաւաշ, քաթըրմայ, ժուփքա, եուֆքա» համատեղ յայտը:

Մեր տեղեկութիւններով, վերը նշուած յայտը ներկայացուած է 2015-ին` իբրեւ պատասխան Հայաստանի կողմէ աւելի առաջ ներկայացուած եւ 2014 թուականին կոմիտէի 9-րդ նստաշրջանի ընթացքին ընդունուած «Լաւաշ, աւանդական հացի պատրաստումը, նշանակութիւնը եւ մշակութային դրսեւորումները Հայաստանի մէջ» յայտին:

30 նոյեմբեր 2016-ին կոմիտէն քննարկելով վերոնշեալ համատեղ յայտը` իր որոշման մէջ յղում ըրած է Հայաստանի կողմէ ներկայացուած յայտի առնչութեամբ 2014 թուականին ընդունուած որոշման` հաստատելով, որ` «տարածաշրջանի, ինչպէս նաեւ այլ երկիրներու մէջ ապրող համայնքները կը կիրարկեն յայտին մէջ ներկայացուած «տափակ հաց»-ի տեսակները»: Այդպիսով, կոմիտէն կոչ կ՛ընէ յայտը ներկայացնող երկիրներուն` տուեալ տարրի պահպանման միջոցները իրականացնելու ատեն հաշուի առնել տարրի աւելի լայն մշակութային ընդգրկումը տարածաշրջանին մէջ եւ անկէ դուրս:

Ուստի կոմիտէն իր որոշումով կը փաստէ, որ համատեղ յայտին մէջ նշուող տարրի արձանագրումը չ’ենթադրեր, որ անիկա բացառիկ է, այլ կը կիրարկուի նաեւ «տարածաշրջանին մէջ եւ անկէ դուրս», իսկ «տափակ հաց»-ի տեսակներէն մէկը` լաւաշը, դեռ 2014 թուականին ընդգրկուած է ներկայացուցչական ցանկին մէջ` իբրեւ Հայաստանի մէջ կիրարկուող տարր:

Ըստ քրտական եւ այլոց մամուլին մէջ շրջանառուող տեղեկատուութեան, կոմիտէն 2014 թուականին չէ մերժած Հայաստանի կողմէ 2013 թուականին ներկայացուած յայտը: Անիկա ընդունուած է 26 նոյեմբեր 2014-ին, կոմիտէի 9-րդ նստաշրջանի ընթացքին, անցնելով սահմանուած ընթացակարգային փուլերը:

Երկրորդ լուսանկարը կը պատկանի երկու ֆետայի հայուհիներու: Այս լուսանկարին գոնէ անձամբ ծանօթ եմ. տարիներ առաջ, երբ հետազօտական աշխատանք կը տանէի կարեւոր մէկ աշխատութեանս ընթացքին, Միացեալ Նահանգներ գտնուող արուեստագէտ բարեկամներէս մէկը ինծի այս լուսանկարը ուղարկեց: Լուսանկարը տակաւին տարածուած չէր համացանցի վրայ: Բարեկամս տեղեկացուցած էր, որ լուսանկարին մէջ տեսնուող հայորդուհիներէն մէկը իր մեծ մօր քոյրն է: Անմիջապէս աւելցնեմ, որ լուսանկարին հետ առնչուած հաղորդած էր նաեւ այլ վկայութիւններ:

Իսկ երրորդ լուսանկարին` Արարատի մասին, թէ որո՛ւ կը պատկանի, արդէն աւելորդ կը տեսնենք մեկնաբանութիւն ընելը: Այստեղ, սակայն, յարմար կը նկատենք յիշատակել հայու ինքնութիւնն ու խորհրդանիշը հանդիսացող Արարատին նուիրուած հազարաւոր բանաստեղծութիւններէն ընտրուած երկու բանաստեղծութիւններու հատուածներ միայն. առաջինը կը պատկանի հայր Ղեւոնդ Ալիշանին, իսկ երկրորդը` Պարոյր Սեւակին:

Լուսավարար Արարատ…
Պայծառ ես դու, հրակէզ,
Հրապսակ ու կանգուն-
Արդար դրօշ հայութեան,
Անխաբ վկայ, Արարատ:

***

Երկնքից առկախ մի լեռնակղզի` Հայաստան աշխարհ:
Երկնքից առկախ այդ լեռնակղզու ուղիղ կենտրոնում`
Երկու զանգ հսկայ ու անձեռագործ:
Անունն` Արարատ կամ ` Սիս ու Մասիս:

***

Արդարեւ, քրտական եւ օտար մամուլի որոշ ներկայացուցիչներ եւ տուեալ էջին հետեւորդներ արագօրէն հրապարակած են` լրագրողական հարթութեան վրայ հետաքրքրաշարժ «նորութիւն» յայտնաբերելու մտադրութենէն մեկնելով: «Թուիթըր»-ի հերոսը փաստօրէն հարուածած էր իր ճշդած թիրախը:

Բեմագրութիւնը բնականաբար ընթացած է ծրագրուած ձեւով: Տարածել լրատուութիւնը եւ մեծ թիւով հետեւողներուն տեղեկացնել, որ այս լուսանկարներուն մէջ ներկայացուած անձերը քիւրտեր են:

Անհրաժեշտ է ընդգծել, որ ապատեղեկատուութիւն տարածելու աշխատանքը զուրկ է հաւաստի տեղեկութիւն հաղորդելէ, լրագրական բարոյագիտութենէ, եւ վերջին շրջանին ապատեղեկատուութիւն տարածելու իրողութիւնը մեծ ոստում արձանագրած է ամբողջ աշխարհի տարածքին:

Հայութեան թշնամիներն ու ոչ բարեկամները, տեղին ու պարագային համեմատ, մանաւանդ երբ ականատես կ’ըլլան մեր շարքերու թուլութեան, հնարաւոր ամէն սադրանքի կը դիմեն մեր ներքին ճակատը քայքայելու, հաւաքական մեր կամքը ջլատելու եւ պայքարի մեր կորովը չէզոքացնելու համար:

Ինչ կը վերաբերի հայկական լրատուամիջոցներու պատասխանատուներուն: Ապա անհրաժեշտ է, որ անոնք այս տեսակի նիւթերը անմիջապէս լուսարձակի տակ առնեն եւ տարածեն: Այլ խօսքով, պարտին համացանցային ծառայութիւններու ճամբով տարածել այս ապացոյցը, հերքումը եւ յստակացումը ու ոչ թէ տարածել անհիմն եղող մեկնաբանութիւնները` նշեալ լուսանկարներուն կցուած, մանաւանդ որ վերջին օրերուն բազմիցս կ’արծարծուի եւ կը քննարկուի թշնամիի, հակառակորդի եւ ոչ բարեկամներու ապատեղեկատուութեան ծուղակներուն մէջ չիյնալու եւ հետզհետէ ծաւալող այս մարտահրաւէրը միասնաբար դիմակայելու անհրաժեշտութիւնը:

Վերջապէս, քանի որ հայութիւնը կը դիմագրաւէ մեծ մարտահրաւէր մը, որուն անունն է ԱՊԱՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ` «սեւ քարոզչութիւն», «տեղեկատուական պատերազմ», ուրեմն խիստ կարեւոր է հետզհետէ ծաւալող ապատեղեկատուութիւն արտադրող լրատուամիջոցներու տեղեկութիւններուն (գրութիւններ, պատկերներ, հնչիւնային նիւթեր եւ տեսահոլովակներ) եւ անոնց քարոզչամեքենաներուն ծուղակը չիյնալու զգօնութեան հրամայականը:

 

 

Viewing all 17226 articles
Browse latest View live


<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>