Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Արցախի Զօրակցութեան Հաւաք Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի Մէջ

$
0
0

 

Jemaran-(5)_40916

Զատկուան արձակուրդէն ետք, երեքշաբթի, 5 ապրիլ 2016-ին, Ճեմարանի վերամուտը արտասովոր եղաւ: Շաբաթավերջին Արցախի մէջ տիրող պատերազմական գործողութիւններէն ետք, աշակերտ թէ ուսուցիչ «ի՛նչ կարելի է ընել»-ու տրամադրութեամբ վերադարձաւ դպրոց: Լիբանանի Պատանեկան միութեան կոչերը ստանալէ եւ ընթերցելէ ետք, աշակերտները բարձրացան դասարան: Ուսուցիչներուն հետ խորհրդակցելէ եւ համապատասխան ցուցմունքներ ստանալէ ետք, անոնք անցան գործի: Ցուցատախտակները ողողուեցան արցախեան բնաբաններով, ընկերային ցանցերու քարոզարշաւին մասնակցութեան համար նկարներ պատրաստուեցան, եւ հնչեցին ազգային ու հայրենասիրական երգերը` բոլոր զբօսանքներուն:

Jemaran-(4)_40916

Կազմակերպութեամբ Լսարանական միութեան վարչութեան, չորեքշաբթի, 6 ապրիլ 2016-ին, վերջին պահուն, նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտներուն ներկայութեամբ «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արցախի զօրակցութեան հաւաքը:

Արցախի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, ԺԱ. դասարանէն Յակոբ Թաշճեան ընթերցեց բացման խօսքը: Ան ըսաւ. «Հայ աշակերտը ցաւակից է իւրաքանչիւր հայու, որ կ՛ապրի հօր, զաւկի, հարազատի եւ ընկերոջ կորուստ, հայ աշակերտը հպարտ է հայ զինուորով եւ նահատակներով, որոնք կռուեցան մեր սուրբ հողին պաշտպանութեան համար: Հայ աշակերտը հպարտ է բոլոր կամաւորներով, սփիւռքի ուժերով եւ այն բոլորով, որոնք նեցուկ կանգնեցան Արցախին` իր մութ ժամերուն»: Ան իր խօսքը աւարտեց ըսելով` «Հայ ժողովուրդը հին է իր լեռներուն պէս: Փոթորիկներ եւ քամիներ յաճախակիօրէն կը զարնեն քարերը` միշտ բարձր   սուլելով, սակայն անոնք ինչպէս որ կու գան, այդպէս ալ սուլելով կ՛երթան: Կը լռեն: Իսկ հայոց լեռները միշտ կը մնան հպարտ ու անպարտելի: Այդպէ՛ս ալ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը կը մնայ»:

Jemaran-(1)_40916Jemaran-(3)_40916Ապրիլի առաջին օրերու արցախեան իրադարձութիւնները ներկայացնող տեսերիզի մը ցուցադրութենէն ետք, բեմ բարձրացաւ տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան, որ պատմական հակիրճ անդրադարձ մը կատարեց` ներկայացնելով Արցախը, նախ իբրեւ հին Հայաստանի նահանգներէն մէկը, ապա` անոր հայկական դիմագիծի պահպանումը պատմութեան տարբեր ժամանակաշրջաններուն եւ տարբեր տիրապետութիւններու ընթացքին, հասնելով մինչեւ անոր մաս կազմելը Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան (երկամեայ շրջան), ապա` համայնավարութեան հարուածին իբրեւ հետեւանք` Արցախի միացումը Ազրպէյճանին:

Տնօրէնը ընդգծեց, որ Արցախի միացումը Ազրպէյճանին միշտ ալ ընդունելի չէր արցախցիին ու ամբողջ հայութեան համար, հետեւաբար առաջին իսկ առիթին` Խորհրդային Միութեան տապալումէն ետք, 1991-ին սկսաւ Արցախի ազատագրական պայքարը, Արցախը վերանկախացաւ, եւ 1994-ին զինադուլ հռչակուեցաւ: Տնօրէնը աշակերտներուն բացատրեց «ԵԱՀԿ» եւ «Մինսք» բառերուն իմաստը, ապա նաեւ` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու գործունէութիւնը: Ի վերջոյ, անդրադառնալով ապրիլի առաջին օրերու ռազմական դէպքերուն, տնօրէնը ըսաւ. «Արդէն զինադադար է, մենք վերատիրացանք մեր առաջին օրերու կորսնցուցած դիրքերուն, մենք հող չկորսնցուցինք, սակայն ունեցանք զոհեր` նահատակներ: Մենք տեսանք անցնող օրերուն համայն հայութիւնը ինչպէս մէկ հոգիի վերածուեցաւ, ամէն մարդ զօրավիգ էր: Արցախը պաշտպանելու ոգին համակեց բոլորը: Կազմակերպութիւնները, միութիւնները համախմբուեցան, որպէսզի օժանդակութեան ձեւերն ու կարելիութիւնները քննարկեն: Այս միասնականութեան տրամադրութիւնը պէտք է շարունակուի: Արցախը մե՛րն է եւ մերն ալ պիտի մնայ, պատրաստ պէտք է ըլլանք զոհողութիւններու»:

Jemaran-(2)_40916

Աշակերտները միասնութեան, զոհողութեան ու պայքարի ոգիով մեկնեցան սրահէն:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>