Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Հանդիսաւոր Պատարագ Եւ Մատաղօրհնէք Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Առիթով

$
0
0

DSC_0094---Copy

Կիրակի, 3 ապրիլ 2016-ին,  առաւօտեան ժամը 10:30-ին, հանդիսաւոր Ս. պատարագ մատուցուեցաւ Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ` անոր անուանակոչութեան տարեդարձին առիթով, նաեւ տեղի ունեցաւ մատաղօրհնէք: Ս. պատարագը հանդիսապետեց Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ  Շահէ եպս. Փանոսեան, մասնակցութեամբ Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ հովիւ` Ղեւոնդ քհնյ. Լոշխաճեանին:

Յընթացս պատարագին  Շահէ եպս. Փանոսեան իր տուած պատգամին մէջ ըսաւ, թէ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան տօնը չէ հաստատուած եկեղեցւոյ կողմէ պատմական առիթ մը յիշելու համար, այլ անիկա առիթ է Յարուցեալին օրինակին նայելով` վերստին ոտքի կանգնելու եւ  քրիստոնէական արժանապատուութեան մէջ վերահաստատուելու:

Սրբազան հայրը, զատկական մթնոլորտը եւ Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տարեդարձը նկատի ունենալով, ըսաւ, թէ հայ ժողովուրդը Յարուցեալին նկատմամբ գիտակից ընթացքով ապրած է իր կեանքը, ապրած է ազգային հաւատարմութեամբ եւ ազգային վստահութեամբ, իր կեանքին մէջ նոր կեանք տեսնելու բաղձանքով ու հաւատքով: Յիսուս Քրիստոս յարուցեալը  յայտնուելով հայ ժողովուրդին` նոր տեսիլք ու մղում տուած է անոր, անդունդներուն մէջէն վերստին բարձրացուցած է զայն նոր կեանքի, որպէսզի հայու տեսլականը չմահանայ, այլ ապրի ընդմիշտ նախնիներու իտէալներուն եւ երազանքին համաձայն:

Շահէ եպս. Փանոսեան կոչ ուղղեց հաւատքով նորոգուելու` նոր, աւելի խանդավառ ու պատուաբեր կեանքի մը համար, որուն կեդրոնը յարուցեալ Քրիստոսն է, բանիւ եւ գործով Յարուցեալը պաշտելու առօրեային մէջ եւ տեսնելու յարութեան եւ անմահութեան ճամբան,  ապա նշեց, թէ ինչպէ՛ս հայ ժողովուրդը պայքարած է առանց տեղի տալու եւ ընկրկելու կեանքի դժուարութեան դիմաց, թէ ինչպէ՛ս Քրիստոսի հաւատքով հայ ժողովուրդը կառուցած է եկեղեցի, վարժարան, հաստատութիւններ, որպէսզի իր մէջ յարութեան կեանքը փառաւորուի ընդմիշտ եւ իր հայրերուն հաւատքը ծաղկի շարունակաբար:

Առաջնորդը անդրադարձաւ հայութեան առջեւ ծառացած խնդիրներուն, ապա ուշադրութեան յանձնեց Արցախի դիմագրաւած նոր դժուարութիւններն ու տագնապները, որոնց դիմաց առանց հաւատքի ջերմութեան, ըսաւ ան, կրնանք վհատիլ եւ յանձնուիլ անորոշութեան` կորսնցնելով այն, ինչ որ պատմութեան տեւողութեան մեզ պահած է բարի ու գիտակից կեցուածքի ու ընթացքի մէջ, ապա աւելցուց. «Յարուցեալին օրինակը եւ մեր քրիստոնէական հաւատքը պիտի ամրացնեն մեզ գալիքին: Հայ ժողովուրդը ազգային հաւատարմութեամբ Յարութեան հաւատքը ապրեցաւ, մենք հաւաքաբար նոյն հաւատարմութեամբ պարտինք փարիլ այդ հաւատքին, որպէսզի կարենանք դուրս գալ նեղութիւններու փապուղիէն»:

Սրբազան հայրը եզրափակեց խօսքը` ըսելով. «Թող յարուցել Քրիստոս մեր ժողովուրդին հետ ըլլայ ի Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռս աշխարհի:  Թող իր Յարութեան օրինակը նոր խանդավառութիւն բերէ մեր կեանքին մէջ, թող իրմով մեր եկեղեցիները, մեր վարժարանները,  կառոյցները նոր խանդ ու եռանդ ստանան եւ  ժողովուրդին տիրութիւն ընելով  տանին դէպի յաւերժութիւն եւ յաւիտենական տեսիլքներ, որոնց համար դարեր շարունակ երազանքով ու հաւատքով յուսացինք»:

Ղեւոնդ քհնյ. Լոշխաճեան շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանին` իր առաջնորդութեան ու օրհնութեան համար, ապա յայտնեց, թէ հոգեհանգստեան պաշտօնը պիտի կատարուի նաեւ Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ ննջեցեալ սպասաւորներուն, հիմնադիրներու յիշատակին համար, իսկ  «Տէր Ողորմեա» շարականի երգեցողութիւնը պիտի նուիրուի Արցախի զինուորներուն:

Պատարագի աւարտին սրբազան առաջնորդը կատարեց մատաղօրհնէքի արարողութիւն, ապա` Պահպանիչ աղօթքով օրհնեց հաւատացեալներ, որոնք եկեղեցւոյ բակին մէջ ստացան պատրաստուած մատաղէն իրենց բաժինները:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>