Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի Սկաուտները Այցելած Են Վիրաւոր Զինուորներուն

$
0
0

hasg_40916

Մուրացանի ռազմական հիւանդանոցը գտնուող վիրաւոր զինուորներուն այցելած են ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի սկաուտները, որոնք սնունդ եւ սուրճ բերած էին անոնց ծնողներուն:

Հիւանդանոցին մօտ կը գտնուէին նաեւ «Վարդանանք» հասարակական կազմակերպութեան անդամները, որոնք զօրակցութեան նոյնանման նախաձեռնութեան մը ձեռնարկած էին, եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի սկաուտները միացան անոնց:

«Սնունդ եւ ջուր բերած ենք հիւանդանոցին դիմաց իրենց վիրաւոր որդիներուն սպասող ծնողներուն` թեթեւցնելու համար անոնց առօրեայ հոգը», ըսած է ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի անդամ Յարութիւն Դերիկլեան:

Սկաուտները նաեւ հաւաքած են գրենական պիտոյքներ եւ խաղալիքներ` Լեռնային Ղարաբաղի վնասուած գիւղերուն երեխաներուն համար:

«Երէկ սկսանք առաջին անհրաժեշտութեան իրեր հաւաքել, ինչպէս նաեւ գրենական պիտոյքներ, հագուստ եւ խաղալիքներ սահմանային գիւղերու երեխաներուն համար», ըսած է ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի անդամ Արամ Աղաջանեան:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>