Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւնները Կ՛այցելեն Մլիթա

$
0
0

ՄլիթաԷ40316

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին, կիրակի, 3 ապրիլ 2016-ին աւելի քան 205 պատանիներ, իրենց պատասխանատուներուն հետ ուղղուեցան դէպի Լիբանանի հարաւային շրջան: Մլիթայի մէջ անոնք այցելեցին զբօսաշրջութեան կեդրոն` Մլիթայի զինուորական թանգարանը, ուր յատուկ առաջնորդներու ընկերակցութեամբ անոնք ծանօթացան թանգարանի տարբեր մասերուն, լսելով ու տեսնելով համապատասխան բացատրողական տեղեկութիւնները:

Թանգարան այցելութենէն ետք, անոնք միասնաբար ճաշեցին շրջանին մէջ գտնուող ճաշարանին մէջ ու երեկոյեան վերադարձան Պէյրութ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>