Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17556

Բողոքի Հաւաք Նոր Ջուղայի Մէջ` Ընդդէմ Ազրպէյճանական Վայրագութեան

$
0
0

0H6A2074

Հովանաւորութեամբ Սպահանի Հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանի եւ կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Ռուբէն» երիտասարդական միութեան, երեքշաբթի, 5 ապրիլի երեկոյեան, Նոր Ջուղայի Հայ ՄՄ «Արարատ» միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ զօրակցական հաւաք նուիրուած` Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութեան ու ժողովուրդին:

Այս առիթով Կարէն Խանլարեան ընթերցեց ՀՅԴ «Ռուբէն» երիտասարդական միութեան խօսքը, ուր անոնք դատապարտելով Ազրպէյճանի ռազմական ոտնձգութիւնները, վերահաստատեցին համայնքի երիտասարդութեան զօրակցութիւնը` Արցախի ժողովուրդին:

Ապա ներկաները դիտեցին տեսերիզ մը, որ լուսարձակի տակ առած էր վերջին օրերու ընթացքին ղարաբաղեան-ազրպէյճանական սահմանին վրայ կատարուած ռազմական գործողութիւնները, ինչպէս նաեւ տեղ գտած են հայ եւ օտար բարձրաստիճան պաշտօնատարներու կարծիքները` բախումներու շուրջ:

Շրջանի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ` Աշոտ Դաւթեանը եւս դատապարտելով թշնամիին ռազմական գործողութիւնները եւ յատկապէս հայկական բնակավայրերու ու խաղաղ բնակչութիւնը իր յարձակումները թիրախը դարձնելու անբարոյ գործելակերպը, կարեւորութեամբ ընդգծեց, որ Ազրպէյճանի ռազմատենչ քաղաքականութեան պատճառով վտանգուած է Հարաւային Կովկասի ու տարածաշրջանի կայունութիւնը: Դաւիթեան աւելցուց նաեւ, որ Նոր Ջուղայի Հայ դատի յանձնախումբը` իր բոլոր կառոյցներով, աշխատող միութիւններով ու հայրենակիցներով իր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնէ Արցախի եւ Հայաստանի պետական կառոյցներուն:

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեան, որ` գնահատելով հայ զինուորին ու ժողովուրդի հերոսութիւնները, դատապարտեց թշնամիին ոտնձգութիւնները:  «Մենք` որպէս Քրիստոսի յարութեան հաւատացող ժողովուրդ, խաղաղութեան կողմնակից ենք, սակայն երբ սուրը բարձրանայ մեր գլխին, կը կոտրենք այդ սուրը®»:  Բաբգէն արք. Չարեանը իր խօսքի աւարտին խնդրեց Իրանի պետութենէն` ինչպէս միշտ, շարունակէ իր դրական դերակատարութիւնը տարածաշրջանի խաղաղութեան հաստատման գործին մէջ:

Զօրակցական հաւաքի աւարտին Վանա Շիրվանեան ընթերցեց երեկոյի բանաձեւը, ուր ներկաները դատապարտեցին Ազրպէյճանի ռազմական գործողութիւնները եւ ամբողջական զօրակցութիւն յայտնեցին Արցախի եւ Հայաստանի պետական կառոյցներուն ու ժողովուրդին:

Հաւաքի մասնակիցները այս առիթով իրենց սրտաբուխ նուիրատուութիւնները կատարեցին` Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութեանը եւ արցախահայութեանը զօրակցելու համար:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17556

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>