Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Հայ Համալսարանաւարտներու Համախմբումի Ս. Զատկուան Ձեռնարկ. «Հայկական Խոհանոցը Ազգային Դիմագիծի Պահպանման Գլխաւոր Ազդակներէն Է» Ընդգծեց Անահիտ Տօնիկեան

$
0
0

HHH_Zadig_40816

Կազմակերպութեամբ Հայ համալսարանաւարտներու համախմբումի (ՀՀՀ) վարչութեան, ուրբաթ, 1 ապրիլ 2016-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ս. Զատկուան առիթով յատուկ ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մայրավանքէն ներս, Անթիլիաս, ներկայութեամբ ՀՀՀ-ի հոգեւոր խորհրդատու Սիփան ծ. վրդ. Քեչեճեանի,  լիբանանահայ համալսարանաւարտներու եւ անոնց ընկերացող զաւակներուն եւ փոքրիկներուն:

Վարչութեան ատենապետ Յակոբ Հանտեան ողջունեց ներկաները` յայտնելով, որ ՀՀՀ-ի կազմակերպած ամսական աւանդական ձեռնարկներու ծիրին մէջ այսօր հաւաքուած ենք ընտանեկան մթնոլորտի մէջ նշելու Ս. Զատկուան տօնը եւ զայն փոխանցելու մեր զաւակներուն: Ապա ան խօսքը փոխանցեց  Սիլվա Գարավարդանեանին, որպէսզի ներկայացնէ օրուան հիւր-զեկուցաբերը:

Գարավարդանեան սեղմ գիծերու մէջ ներկայացուց օրուան բանախօսը, խոհարուեստի մասնագէտ` Անահիտ Տօնիկեանը, նշելով անոր մասնագիտական ենթահողն ու ցարդ արձանագրած իրագործումները, ինչպէս` անոր «Եփելու արուեստի խոհարարական հիմնարկ»-ի  («CookinArt Culinary Institute») հիմնումը եւ այլն: «Անահիտ Տօնիկեան ծանօթ դէմք է լիբանանահայ գաղութին եւ առհասարակ հայ թէ օտար խոհարարական եւ սննդեղէնի մասնագիտական շրջանակներու մէջ, հեղինակ է 19 խոհարարական հատորներու` հայկական, լիբանանեան, արաբական եւ չինական ճաշերու թէ անուշեղէններու մասին», ըսաւ Գարավարդանեան` ընդգծելով, որ  Անահիտ Տօնիկեանի խոհարարական մասնագիտութիւնը բարձր գնահատուած է տեղական թէ միջազգային մակարդակներու  վրայ եւ արժանացած` մէկէ աւելի մրցանակներու, ինչպէս` «2011-ի լաւագոյն գիրք»-ը մրցանակը եւ այլն: «Այս առիթով փափաքելի է, որ Ա. Տօնիկեանի եւ իր նմաններու հմտութիւնները ներկայացուին յատկապէս օտար եւ միջազգային շրջանակներու մէջ` առաւել եւս  ծանօթացնելու համար հայկական խոհանոցը  եւ պարզեն անոնց հայկական պատկանելիութիւնը», շեշտեց Սիլվա  Գարավարդանեան:

Աւելի քան կէս ժամ տեւողութեամբ Անահիտ Տօնիկեան ներկայացուց հայկական աւանդական տօներու առիթով, սկսելով Ս. Սարգիսէն մինչեւ Ս. Յակոբ ու Ս. Զատիկ, ճաշասեղանի յարդարումն ու հրամցուելիք  յաւուր պատշաճի ուտեստեղէններու եւ անուշեղէններու տեսակները, նշելով կարգ մը օրինակներ: Կեդրոնանալով  յատկապէս Ս. Զատկուան տօնին վրայ` Ա. Տօնիկեան անդրադարձաւ հարազատները համախմբող հայկական աւանդական տոհմիկ սեղանի յարդարման,  ուր տանուտէրը կը նստի սեղանին գլուխը, իսկ տանտիրուհին` դիմացը, եւ ուր միասին հաց ուտելու, զայն բաժնեկցելու գաղափարը ունէր յատուկ խորք ու իմաստ: Ան աւելցուց, թէ նման առիթներով նպատակայարմար է խուսափիլ տխուր լուրերու կամ նիւթերու արծարծումէն եւ ջանալ ստեղծել մտերմիկ, ուրախ ու խանդավառ մթնոլորտ: Այս առիթով ան նշեց նաեւ հայկական գաւառներու մէջ որդեգրուած երբեմնի ճաշացուցակներն ու առնչակից, յարակից բարքերը, ուր անպակաս կ՛ըլլային հայկական աւանդական գաթան, նազուկը, ձուկը եւ այլն: Անահիտ  Տօնիկեան ցաւ յայտնեց, որ յատկապէս սփիւռքահայ իրականութեան մէջ ներկայիս հայկական ընտանեկան տոհմիկ մթնոլորտը հետզհետէ տեղի կու տայ տեղայնացման ու առհասարակ կեանքի ապրելաոճի պայմաններու բերումով,  եւ յաճախ մեր տոհմիկ սեղաններու շուրջ համախմբումը կը փոխարինուի ճաշարաններու մէջ սովորական օտարոտի ճաշերու կերուխումով: «Հայապահպանման ու ազգային դիմագիծի ամրապնդման հիմնական նախաքայլերը կը սկսին հայկական խոհանոցէն», ընդգծեց Անահիտ Տօնիկեան` յիշեցնելով, որ ինք սկսած է հայկական ճաշատեսակներու խոհագիրներու պատրաստութեան հատորի` հետեւելով հայկական գաւառներու մէջ որդեգրուած աւանդութեանց: Ապա ներկաները աւելի քան մէկ ժամ տեւողութեամբ Ա. Տօնիկեանին  ուղղած իրենց հարցումներով շահեկան զրոյց  ունեցան այս մասին, ինչպէս` Զատկուան սեղանին յատուկ խմիչքի տեսակները, հաւկթախաղի իմաստն ու խորհուրդը եւ այլն: Իր կարգին, Սիփան ծ. վրդ. Քեչեճեան ներկաներու հարցումներուն պատասխանեց` կրօնական դիտանկիւնէն:

Աւարտին տեղի ունեցաւ հաւկթախաղ եւ հիւրասիրութիւն:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>