Դաստիարակութիւնը, ըլլալով պայմանաւոր միջոց` աշխուժ եւ արդիւնաւէտ սկաուտական գործունէութեան, ՀՄԸՄ-ի խմբապետական շարքերու գիտելիքներու վերաթարմացման նպատակով, ծրագրուեցաւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի սկաուտական խմբապետական սեմինար:
Պէյրութի, Պուրճ Համուտի, Այնճարի, Անթիլիասի, Ժտէյտիի եւ Ռաուտայի մասնաճիւղերէն 60 խմբապետներ, փոխխմբապետներ, ինչպէս նաեւ միաւորի եւ մասնաճիւղի խմբապետներ իրենց մասնակցութիւնը բերին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային սկաուտական խորհուրդին հովանաւորութեամբ եւ Շրջանային խմբապետութեան կազմակերպութեամբ երկօրեայ դաստիարակչական սեմինարին, որ տեղի ունեցաւ շաբաթ 2 եւ կիրակի 3 ապրիլ 2016-ին, ԼՕԽ-ի Կազդուրման կայանին մէջ, Այնճար:
Սեմինարը ընթացք առաւ յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին` դրօշակի արարողութեամբ, որուն յաջորդեց ինքնարժեւորման թերթիկներու ամբողջացում, ապա` դասախօսական շարք մը, որ կ՛ընդգրկէր հետեւեալ նիւթերը` ծրագրուած աշխատանքի կարեւորութիւնը, որ ներկայացուց Րաֆֆի Կէօվօղլանեան (ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ) եւ ՀՄԸՄ-ի կառոյցը, ընդհանուր պատմութիւնն ու ներկայ իրավիճակը` Վաչէ Նաճարեան (ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ):
Ընթրիքէն ետք մասնակիցները արշաւեցին դէպի ՀՅԴ Սարգիս Զէյթլեան ժողովրդային տուն, ուր հետեւեցան ՀՄԸՄ-ի տղոց ներկայացուցչական խումբի խաղին, ապա նոյնպէս արշաւելով` վերադարձան: Ապա Թամար Քէշիշեան ներկայացուց ուսումնասիրութիւն մը` անհատի մը բնաւորութիւնը սահմանելու նպատակով:
Սեմինարի երկրորդ օրը սկսաւ փոքր զրոյց-խաղով մը, որուն ընթացքին ներկաները սահմանեցին տիպար խմբապետի մը յատկանիշները: Ապա օրուան առաջին դասախօսութիւնը` «Յայտագիրներու գործադրութեան միջոցներ» նիւթը ներկայացուց Ժանօ Քէչէճեանը, որուն յաջորդեց Թալին Օրտողլեանը` ներկայացնելով «ՀՄԸՄ-ի կազմակերպական կառոյցն ու խմբապետին դերը» նիւթը:
Յայտագիրը կ՛ընդգրկէր նաեւ ճիւղերու աշխատանքային ժամ մը, որուն ընթացքին իւրաքանչիւր շրջանային ճիւղի խմբապետ առիթ ունեցաւ տեսական եւ գործնական միջոցներով նոյնպէս ուղղել խմբապետները եւ ամբողջացնել անոնց կարիքները:
Ճաշի դադարէն ետք խմբապետները ներկայացուցին իրենց կարծիքները` ամբողջացնելով արժեւորման թղթիկները:
Հարկ է յիշել նաեւ, որ սեմինարին ընթացքին ներկայ էին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ այցելութիւն տուին մասնաճիւղերու սկաուտական խորհուրդներ եւ վարչականներ:
Դրօշակի արարողութեան նախօրեակին Շրջանային ընդհանուր խմբապետուհի Արտա Զէյթունլեանը, հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու յիշատակը Արցախի մէջ հայ ժողովուրդին ապահովութեան սատար հանդիսացող հայկական բանակի եւ անմեղ քաղաքային նահատակներու յիշատակը, որոնք զոհուեցան այս շաբաթավերջի թշնամի ուժերու յարձակումներուն դէմ դնելու ժամանակ: Սեմինարը պաշտօնապէս փակուեցաւ «Յառա՛ջ, Նահատա՛կ» քայլերգով:
Սեմինարի երկու օրերու ընթացքին մասնակցողները առաւելագոյն ձեւով օգտուեցան իրենց մատուցած նիւթերէն եւ ընկերային մթնոլորտով անցուցին անմոռանալի ժամեր: Դրօշակի վար առնուելէն ետք անոնք վերադարձան իրենց տուները` ամբարած նոր գիտելիքներ եւ փորձառութիւն, յուսալով, որ իրենց այս գիտելիքները իրենք ալ իրենց կարգին փոխանցեն իրենց ենթականերուն: