Ղարաբաղեան-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին վրայ կը շարունակուին մարտական գործողութիւնները, յայտարարած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակը` զգուշացնելով Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովը, որ եթէ ազրպէյճանական կողմի սպառնալիքները կատարուին` հայկական կողմին արձագանգը պիտի ըլլայ ցաւցնող:
Բանակի յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ օրուան ընթացքին հակառակորդը, բացի նախորդ օրերուն գործածած զինատեսակներէն, օգտագործած է աւելի ծանր հրետանային համակարգեր, հարուածային անօդաչու թռչող սարքեր ու այլ ժամանակակից սարքեր:
«Սակայն այս բոլորով հանդերձ ազրպէյճանական բանակը չյաջողեցաւ ռազմաճակատին վրայ փոխել դէպքերու զարգացման ընթացքը` յօգուտ իրեն:
Ընդհակառակն` պաշտպանութեան բանակի բոլոր ուղղութիւններու ստորաբաժանումները ո՛չ միայն յաջողութեամբ իրենք զիրենք դրսեւորեցին դիրքային մարտերուն ընթացքին, այլ նաեւ խելացի ու նպատակասլաց գործողութիւններուն շնորհիւ օրուան ընթացքին ոչնչացուցին թշնամիի 5 հրասայլ, 3 հարուածային անօդաչու թռչող սարքեր, տարբեր տեսակի ռազմական համակարգ եւ տասնեակներու հասնող կենդանի ուժ», նշուած է բանակին յայտարարութեան մէջ:
Հաւանաբար մեր այս յաջողութեամբ պայմանաւորուած է Ազրպէյճանի զինուորական ղեկավարութեան կողմէ կատարուած անհաւասարակշիռ յայտարարութիւնը, ըստ որուն, անոնք հանդէս կու գան Արցախի Հանրապետութեան խաղաղ շրջաններն ու յատկապէս մայրաքաղաք Ստեփանակերտը ռմբակոծելու սպառնալիքներով:
Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը զգուշացնէ անձամբ Հասանովն ու անոր «գերագոյն»-ը, որ նման զարգացումներու պարագային արձագանգը պիտի ըլլայ անհամաչափ եւ աւելի ցաւոտ: