5 ապրիլին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան այցելած է զինուորական հիւանդանոց` տեսակցելու վերջին օրերուն ղարաբաղեան-ազրպէյճանական տագնապի զօրքերու շփման գիծին վրայ տեղի ունեցած մարտական գործողութիւններուն ընթացքին վիրաւորուած զինուորներուն հետ:
Ան այցելած է մարտական գործողութիւններուն ընթացքին տարբեր աստիճանի վէրքեր ստացած հայրենիքի պաշտպաններուն, հետաքրքրուած անոնց առողջական վիճակով, բուժման ընթացքով, քաջալերած է զինուորները եւ մաղթած շուտափոյթ ապաքինում:
Սէյրան Օհանեան իր երախտագիտութիւնն ու զօրակցութիւնը յայտնած է զինուորներուն, ինչպէս նաեւ զրուցած է անոնց ծնողներուն հետ` հայրենասէր ու անձնուէր զաւակներ դաստիարակած ըլլալուն համար ողջունելով զանոնք եւ հաստատելով, որ վիրաւորներուն ապաքինումը շատ կարեւոր է իրեն եւ հիւանդանոցի բժշկական անձնակազմին համար: