5 ապրիլին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ Դաւիթ Տօնոյեան ընդունած է Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւններուն դեսպանները, որոնց ներկայացուցած է ղարաբաղեան¬ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին վրայ տիրող իրավիճակը: Դաւիթ Տօնոյեան դիտել տուած է, որ զինուորական լայնածաւալ յարձակումներուն խօսուն ապացոյց են հայկական կողմը գտնուող Ազրպէյճանի զինուած ուժերու բազմաթիւ ծառայողներուն դիակներն ու խոցուած ռազմական սարքերը:
Հանդիպման մասնակից դեսպանները խոր մտահոգութիւն յայտնած են ղարաբաղեան-ազրպէյճանական շփման գիծին վրայ վերջին 24 ժամուան ընթացքին իրավիճակի կտրուկ սրման առնչութեամբ:
Քննարկուած են նաեւ Ազրպէյճանի նախայարձակ ըլլալուն դրդապատճառները եւ զինուորական գործողութիւններէն ետք Ազրպէյճանի ունեցած ակնկալութիւնները:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալը Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւններու դեսպաններուն ուշադրութեան յանձնած է հայ զինուորին մարտական բարձր պատրաստուածութիւնը, տոկունութիւնը եւ հայկական կողմին զուսպ, հաւասարակշռուած գործողութիւնները: