ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը, յանուն աշխարհասփիւռ իր մեծ ընտանիքին, խստիւ կը դատապարտէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան սահմաններուն վրայ տեղի ունեցած ազրպէյճանական ոճրային արարքները, որոնք կը վայելեն Թուրքիոյ բացայայտ քաջալերանքը:
ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը իր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնէ Արցախի եւ Հայաստանի իշխանութիւններուն, հայոց բանակին եւ ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ խորապէս կը ցաւակցի հայրենիքի պաշտպանութեան սուրբ բագինին վրայ նահատակուած հերոսներուն եւ անմեղ քաղաքացիներուն ընտանիքներուն:
ՀՄԸՄ-ը, մեկնելով իր սրբազան սկզբունքներէն, «Կամաւոր բանակ»-ի իր դարաւոր վճռակամութեամբ կը վերահաստատէ պատրաստակամութիւնը` իր ամբողջ ուժականութիւնը ի գործ դնելու ու բոլոր միջոցներով մասնակից դառնալու համար Ղարաբաղի սուրբ հողին ամրապնդման եւ բարգաւաճման:
ՀՄԸՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
4 ապրիլ, 2016