Նախորդ շուրջ երկու տարիներուն ընթացքին Ազրպէյճանի զինեալ ուժերուն հետզհետէ սաստկացող յաճախակի յարձակումները` Արցախի եւ Հայաստանի սահմանապահ ուժերուն վրայ, նաեւ հայրենի սահմանամերձ գիւղերն ալ ունենալով որպէս թիրախ կը դառնան աւելի յաճախակի ու վայրագ:
Այս շաբաթավերջին ծանր հրետանիի, հրասայլերու եւ օդուժի համադրեալ գործողութիւններով, կրկին նախայարձակ հանդիսացան Ազրպէյճանի իշխանութիւնները, վտանգելով զինադադարի արդէն իսկ տատանող իրավիճակը: Գոհանանք ըսելով, թէ անոնք մարդկային թէ նիւթական մե՛ծ վնասներ կրելով ստացան իրենց արժանի պատասխանը` բախելով հայկական ուժերու աննկուն դիմադրութեան:
Որպէս Համահայկական միջազգային տարածքով գործունեայ մարդասիրական ու բարեսիրական կազմակերպութիւն, Հայ օգնութեան միութիւնը` հիմնուած Միջազգային կարմիր խաչի սկզբունքներուն եւ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան ընկալած Մարդկային իրաւունքներու յայտարարութեան, ինչպէս նաեւ քաղաքակիրթ մարդկութեան բարոյական ըմբռնումներուն վրայ, չի՛ կրնար անտարբեր մնալ ի տես դպրոցական մանուկներու եւ անվնաս ու խաղաղ բնակավայրերու վրայ կատարուող մահասփիւռ ռմբակոծումներուն:
Միաձայնօրէ՛ն կը դատապարտենք հայ բնակչութեան դէմ ի գործ դրուող այս զինեալ ոտնձգութիւնները, որոնց զոհերուն թիւը օր ըստ օրէ կ՛աւելնայ: Կոչ կ՛ուղղենք բոլոր միջազգային, պետական թէ ոչ պետական մարմիններուն, որ յայտնեն իրենց ընդվզումը` ի տես այսօրինակ նպատակադրեա՛լ արիւնահեղութիւններու:
ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ