Ամերիկեան պետութիւններու կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարութիւնը 3 ապրիլ թուակիր հաղորդագրութեամբ մը անդրադարձած է Արցախի տարածքին տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւններուն` նշելով յատկապէս, որ Ազրպէյճանի զինուորական գործողութիւնները կրնան լուրջ հետեւանքներ ունենալ` տրուած ըլլալով, որ անոնք կը ներկայացնեն 1994-ին հաստատուած հրադադարի բացայայտ խախտում եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի առաջ մղող բանակցութիւններու սկզբունքներու ոտնակոխում:
«Կը դատապարտենք միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն լուրջ խախտումը: Նաեւ, այդ յարձակումներուն ընթացքին քաղաքացիական շրջանները յարձակման թիրախ դարձնելը ամբողջովին կը խախտէ զինուած տագնապներու ամէնէն տարրական օրէնքները: Տարածքային վէճ մը լուծելու նպատակով որեւէ բռնութիւն անընդունելի է, իսկ երբ այդ վայրագութեան դէպքերը քաղաքացիական բնակչութեան մէջ մահ կը պատճառեն, ապա անոնք կը դառնան բարբարոսութիւն: Կոչ կ՛ուղղենք Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն, որ Մինսքի խմբակին հետ յետաձգուած հանդիպումներուն վերսկսին», նշուած է յայտարարութեան մէջ, որ միաժամանակ կը յիշեցնէ, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի լուծման հիմնական սկզբունքները Հելսինքիի արձանագրութիւններուն մէջ ամրագրուած են, եւ կը պահանջէ, որ անոնք լիարժէք կերպով յարգուին: Այս սկզբունքներն են`
– Ուժ չկիրարկել,
– Տարածքային ամբողջականութիւն,
– Իրաւունքներու հաւասարութիւն,
– Ժողովուրդներու ինքնորոշում:
Նշենք, որ Ամերիկեան պետութիւններու կազմակերպութեան մաս կը կազմեն ամերիկեան ցամաքամասի 35 երկիրներ, իսկ անոր կեդրոնատեղին Ուաշինկթընի մէջ է: