Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Կոչ Զօրակցութեան

$
0
0

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի սահմանագիծին վրայ օրեր առաջ ծայր առած ռազմական սանձազերծուած լայնածաւալ գործողութիւնները, ընդդէմ անզէն եւ խաղաղ ղարաբաղցի մեր ժողովուրդին, պատճառ դարձան անմեղ կեանքերու կորուստին: Հետեւաբար`

1.- Խստօրէն կը դատապարտենք Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան զինուորական դիրքերուն եւ սահմանամերձ գիւղերուն ու անզէն գիւղացիներուն դէմ պատերազմը, ինչ որ բոլոր չափանիշներով պէտք է կոչել զանգուածային ահաբեկչութիւն:

2.- Սուրիոյ Հայ աւետարանական համայնքը խորապէս կը ցաւակցի յանուն հայրենիքի պաշտպանութեան վսեմ առաքելութեան իրենց կեանքերը զոհաբերած նահատակներուն եւ շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթէ վիրաւորներուն:

3.- Սուրիոյ Հայ աւետարանական համայնքը` իբրեւ Հայ ժողովուրդի մէկ մասնիկը, սփիւռքի բոլոր կառոյցներուն հետ մէկ բռունցք դարձած` իր ամբողջական աջակցութիւնն ու զօրակցութիւնը կը յայտնէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահին եւ իշխանութիւններուն, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին եւ իշխանութիւններուն, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան քաջարի բանակին եւ ժողովուրդին:

4.- Միջազգային ընտանիքէն կը պահանջենք գործնական լուծումներ` անյապաղ վերահաստատելու խաղաղութիւնը` Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի սահմաններուն միջեւ:

Մեր աղօթքը կը բարձրացնենք առ Բարձեալն Աստուած, որ ան ամուր, հաստատ եւ ապահով պահէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնն ու Հայաստանի Հանրապետութիւնը, պահէ եւ պաշտպանէ մեր քաջարի զինուորներն ու ժողովուրդը, մխիթարէ բոլոր անոնք, որոնք կը սգան իրենց հարազատին կորուստը:

Աղօթարար`

ՎԵՐ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՍԵԼԻՄԵԱՆ
Համայնքապետ`
Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքին


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>