Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Քանատա
Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին
Նուիրուած Կարէն Պետրոսեանի
Արուեստի Գործերու Ցուցահանդէսը
Ապրիլ 2-ին Մոնրէալի «Կալըրի Էրիք Տեւլին» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ քանատահայ կերպարուեստի վարպետ Կարէն Պետրոսեանի «Քար եւ մեղր» նկարչական գործերու եւ քանդակներու ցուցահանդէսի բացումը: Ներկայացուած էին քարակերտ, փայտաշէն կամ մեղուի բնական մոմաշէն փեթակներ, որոնց վերջնական ձեւաւորման մէջ մեղուները իրենց բաժինը բերած էին: Կարէն Պետրոսեանի արուեստի այս նորագոյն գործերուն մէջ նաեւ գերիշխող է Հայոց ցեղասպանութեան թեման եւ գործերուն մեծ բաժինը նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին:
Նշենք, որ Պետրոսեանի գործերէն 3 քանդակներ տեղադրուած են Երեւանի մէջ, որոնցմէ երկուքը` Աբովեան փողոցին վրայ:
Ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ 30 ապրիլ:
Ցեղասպանութեան Նիւթը Քեպեքի
Կրթական Ծրագիրին Մէջ
Ընդգրկելու Նպատակով Հանդիպում
Քանատայի Քեպեք նահանգի Ազգային ժողովի երեսփոխան Տէյվիտ Պիռնպամ Ազգային ժողովի փետրուարի առաջին նիստին աւելի քան 3 հազար ստորագրութիւն ապահոված խնդրագիր-դիմում մը ներկայացուց, որուն մէջ կը շեշտուի Հայոց ցեղասպանութիւնը, Հրէական ողջակիզումը եւ ռուանտացիներու ցեղասպանութիւնը Քեպեքի կրթական ծրագիրին մէջ ընդգրկելու անհրաժեշտութիւնը:
Խնդրագիրի նախաձեռնող` «Դպրոցներու մէջ ցեղասպանութեան պարտադիր ուսուցման համար հիմնարկ»-ը կը պահանջէ ցեղասպանութեան նիւթը պարտադիր դարձնել Քեպեքի երկրորդական վարժարաններուն մէջ, որ ներկայիս ձգուած է ուսուցիչներու անհատական հայեցողութեան:
Մարտ 14-ին «Դպրոցներու մէջ ցեղասպանութեան պարտադիր ուսուցման համար հիմնարկ»-ի ներկայացուցիչ Մարսի Պրուք եւ Քեպեքի Հայ դատի յանձնախումբի անդամներ Արամ Էլակոզ եւ Հրակ Շինչինեան հանդիպում ունեցան Քեպեք նահանգի միջազգային յարաբերութեանց նախարար Քրիսթին Սենթ Փիեռի հետ եւ քննարկեցին վերոնշեալ խնդրագիրի հարցը:
Յայտնենք, որ Քանատայի Քեպեք նահանգի դպրոցներուն մէջ ցեղասպանութիւններու ուսուցումը ներառելու վերոնշեալ նախաձեռնութեան մէջ գործօն մասնակցութիւն կը բերէ Քեպեք նահանգի Հայ դատի յանձնախումբը:
Լոնտոն
Հայկական Կեդրոնը Կը Ստանայ
Դրամական Պարգեւ
Վերջերս Լոնտոնի միութեան բարեգործական հիմնադրամը Հայկական տեղեկատուութեան եւ խորհուրդի կեդրոնին տրամադրեց 20 հազար սթերլին` որպէս բացառիկ պարգեւ, կեդրոնի քսանամեայ գործունէութեան առիթով:
Կեդրոնի գլխաւոր տնօրէն Միսաք Օհանեան իր շնորհակալութիւնը եւ երախտագիտութիւնը յայտնեց հիմնադրամին, որ գնահատեց իրենց աշխատանքն ու ջանքերը: Ան նկատել տուաւ, որ այս նուիրատուութիւնը մեծ օգնութիւն էր իրենց համար շատ կարեւոր ժամանակահատուածին, աւելցնելով, որ անոր շնորհիւ պիտի կարենան աւելի արդիւնաւէտ կերպով մատուցել իրենց ծառայութիւնները:
Յայտնենք, որ կեդրոնը ունի տարեցներու եւ երիտասարդներու ակումբ, նախադպրոցականներու համապատասխան յարմարութիւններ, նաեւ` հայոց պատմութեան եւ մշակոյթին վերաբերեալ հարուստ գրադարան մը:
Միացեալ Նահանգներ
Արի Կիրակոս Մինասեան
Ազգ. Վարժարանի 30-Ամեակի
Տօնակատարութիւն
Վերջերս «Ղուկասեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Օրենճ Քաունթիի Արի Կիրակոս Մինասեան Ազգ. վարժարանի 30-ամեակի տօնակատարութիւնը:
Ծնողա-ուսուցչական մարմինի ատենապետ Ժպիտ Չինարի բարի գալուստի խօսքէն ետք Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գարեգին քհնյ. Պետուրեան կատարեց օրհնութեան աղօթքը եւ փոխանցեց Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի պատգամը, որով ան կը դրուատէր վարժարանի հիմնադիրները, ինչպէս նաեւ` բազմաթիւ հովանաւորներն ու նուիրատուները եւ վարժարանի ծնողները, անձնակազմն ու ուսուցիչները, գլխաւորութեամբ տնօրէն Գոհար Զահերի:
Սրահին մէջ տեղադրուած պաստառներուն վրայ ցուցադրուած էին վարժարանի շրջանաւարտներու իրագործումներուն նուիրուած լուսանկարներ, որոնք լուսարձակի տակ առած էին վարժարանին ջամբած որակաւոր դաստիարակութեան կարեւորութիւնը շրջանաւարտներու կեանքին մէջ:
Երկար տարիներու հոգաբարձութեան անդամ Մարգար Քարաթաս իր ելոյթին մէջ դրուատեց վարժարանի հիմնադիր Մինասեան ընտանիքին նուիրումը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց տնօրէն Գոհար Զահերի մատուցած անձնուէր ծառայութեան:
Իր կարգին, տնօրէն Գոհար Զահեր երախտագիտութիւն յայտնեց վարժարանին վերելքը ապահովելու նպատակով տարուած համայնքային ջանքերուն առթիւ, ապա իր կարգին մեծարեց վարժարանի առաջին տնօրէնը` Լիլի Մրիկեանը, ինչպէս նաեւ 10 տարի վարժարանէն ներս ծառայած ուսուցիչներ` Ասթիտ Աշքարեանը, Թալին Մեկրեանը, Թալին Արթինեանը եւ Անի Կելոյեանը:
Տոքթ. Ֆրիտա Ճորտըն Կը Մեծարուի
Քոնկրեսական Շիֆի Կողմէ
Մարտ 18-ին տեղի ունեցաւ քոնկրեսական Էտըմ Շիֆի կողմէ տարեկան դրութեամբ կազմակերպուող «28-րդ ընտրատարածքի տարուան կինը» ձեռնարկը, որուն ընթացքին քոնկրեսականը մեծարեց Հայկական ոսկրածուծի նուիրատուներու հիմնարկի նախագահ տոքթ. Ֆրիտա Ճորտընը:
Նշենք, որ 15 մարտին, Ներկայացուցիչներու տան առջեւ ունեցած իր ելոյթին ընթացքին Էտըմ Շիֆ պաշտօնապէս հռչակեց տոքթ. Ֆրիտա Ճորտընը որպէս «28-րդ ընտրատարածքի տարուան կինը», եւ այդ մասին հռչակագիրը անցուց Քոնկրեսի արխիւներուն մէջ:
Տոքթ. Ֆրիտա Ճորտըն անդամ է ոսկրածուծի մարզին մէջ մասնագիտացած Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի տարածքին գործող կազմակերպութեանց, ինչպէս նաեւ` համաշխարհային կազմակերպութիւններու: Ան 1999-ին հիմնած է Հայկական ոսկրածուծի նուիրատուներու հիմնարկը եւ անոր միջոցով ցարդ հաւաքած է ոսկրածուծի աւելի քան 28 հազար նուիրատուներ` մօտաւորապէս 30 երկիրներէ, իրագործելով ոսկրածուծի 26 պատուաստումներ:
«Հրանդ Տինք» Հիմնարկի
Նոր Գրադարանի Բացում
Վերջերս «Հրանդ Տինք հիմնարկ»-էն ներս տեղի ունեցաւ նոր գրադարանի բացում: Գրադարանը ուղղուած է Հայկական հարցին եւ Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններուն վերաբերող նիւթերու մասնագէտները եւ հետազօտողները խրախուսելու նպատակին եւ կը նախատեսէ պրպտողներուն եւ ուսանողներուն, ինչպէս նաեւ հայ համայնքին կանոնաւոր ու գիտական ծառայութիւն մատուցել` հայկական մշակոյթին եւ պատմութեան շուրջ:
Յառաջիկայ շրջանին կը նախատեսուի այս գրադարանը ճոխացնել յատուկ արխիւներով եւ հաւաքածոներով: 20 հազար գիրքի տարողութեամբ գրադարանը ունի նաեւ իրեն յարակից արխիւ մը: Նոյն ծիրէն ներս կան պարբերական հրատարակութիւններ եւ զանազան լսատեսողական նիւթեր: Գրադարանի նիւթերը դասաւորուած են Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի գրադարանի դրութեան հետեւելով:
Մարիա Մեհրանեան` «Հայաստան»
Համահայկական Հիմնադրամի
Ամերիկայի Արեւմտեան Շրջանի Նախագահ
Վերջերս «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի նախագահ ընտրուեցաւ Մարիա Մեհրանեան, որ պիտի փոխարինէ Անդրանիկ Պաղտասարեանը:
Մարիա Մեհրանեան «Քորտոպա» ընկերութեան ելեւմտական հարցերու ճարտարագիտական եւ շինարարական գլխաւոր պաշտօնատարն է: Ան նաեւ 2008-էն ի վեր Լոս Անճելըսի ջուրի որակը հսկող մարմինին անդամ է, իսկ 2012-ին ու 2014-ին եղած է անոր ատենապետը: Նշենք, որ 2004-2008 տարիներուն եւս Մարիա Մեհրանեան եղած է «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի նախագահը, իսկ 2007-ին յատուկ մեծարման արժանացած է Հայաստանի նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի կողմէ: Ան արժանացած է նաեւ «Էլիս Այլընտ» շքանշանին:
«Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի վարչութեան մաս կը կազմեն` Ամերիկայի հայկական համագումարին, Հայ մշակութային հիմնարկութեան, Միացեալ Նահանգներու հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ, Հիւսիսային Ամերիկայի հայ աւետարանական միութեան, Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան, Հայ օգնութեան միութեան, «Նոր սերունդ» մշակութային միութեան, «Նոր Օր» մարդասիրական հիմնարկին, Հիւսիսային Ամերիկայի հայց. առաքելական եկեղեցւոյ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմերու ներկայացուցիչները:
Հունգարիա
Հայագիտութեան Ամպիոնի Հաստատում
Մարտ 23-ին Հունգարիոյ Փիթըր Փազմանի անուան համալսարանի նախագահ փրոֆ. Սուրոմի Սափոլչ հանդիպում ունեցաւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի հետ, որուն ընթացքին որոշուեցաւ հայագիտական ամպիոնի հաստատում` 18-րդ դարուն հիմնադրուած Հունգարիոյ Փիթըր Փազմանի անուան կաթողիկէ համալսարանին մէջ:
Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Երեւանի Խ. Աբովեանի անուան պետական մանկավարժական համալսարանի նախագահ Ռուբէն Միրզախանեան, որ յայտնեց, թէ պիտի կնքուի համագործակցութեան համաձայնագիր:
Անդրադառնալով պատմական կապերուն` Գարեգին Բ. կաթողիկոս դիտել տուաւ, որ այս գործակցային յարաբերութիւնները կու գան նորոգելու այն ջերմ կապերը, որոնք 10-րդ դարէն առկայ են երկու բարեկամ ժողովուրդներուն միջեւ: Ան անդրադարձաւ նաեւ Հունգարիոյ հայկական համայնքին ու հայ ժողովուրդին կողմէ հոն հաստատուած կրթական ու մշակութային հաստատութիւններուն: Գարեգին Բ. կաթողիկոս ներկայացուց նաեւ հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ հայկական եկեղեցւոյ առաքելութիւնը, պատմութեան ընթացքին դիմագրաւած փորձութիւնները եւ արդի մարտահրաւէրները:
Փրոֆ. Սուրոմի Սափոլչ գոհունակութեամբ անդրադարձաւ Հայաստանեայց առաքելական եւ Հռոմի Կաթողիկէ եկեղեցիներու եղբայրական փոխյարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ Ֆրանչիսկոս պապին Հայաստան կատարելիք այցելութեան:
Այս առիթով Սուրոմի Սափոլչ հաստատեց, որ իր եւ Փիթըր Փազմանի անուան համալսարանի ուսանողներուն համար չափազանց կարեւոր է հայ ժողովուրդին հոգեւոր կեդրոնին մէջ գտնուելու, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդի նուիրական արժէքներուն ու սրբութիւններուն ծանօթանալու հանգամանքը: Ան նաեւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ երկու կրթօճախներուն միջեւ ձեւաւորուած են սերտ կապեր:
Փարիզ
«Յաւիտենական Հայաստան. Մեծ Դէմքեր»
Գիրքին Ներկայացումը
Մարտ 18-ին Ֆրանսայի Շաւիլ քաղաքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ «Պալապանեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հրայր Հրաչեանի եւ Արա Գրիգորեանի հեղինակած վերջերս լոյս տեսած «Յաւիտենական Հայաստան. մեծ դէմքեր» գիրքին ներկայացումը:
Հոգաբարձութեան ատենապետ Ժաք Փանոսեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք Հրայր Հրաչեան ներկայացուց գիրքին մէջ տեղ գտած գրական, գեղարուեստական, պատմական, գիտական եւ մարզական աշխարհներու հայ ականաւոր 230 դէմքերէն ոմանք:
Արա Գրիգորեան իր կարգին անդրադարձաւ այն աշխատանքին, որ թոյլ տուաւ յաջողցնելու գիրքին հրատարակութիւնը` ընդգծելով հիմնական չորս արժէքները, որոնք կը կազմեն հայկական ինքնութիւնը. եկեղեցին, հայոց լեզուն, մշակոյթը եւ հողը:
Աւարտին ան կարդաց իր նախասիրած հեղինակ Յովհաննէս Թումանեանի «Մի կաթիլ մեղր» երկէն հատուածներ:
Վրաստան
Վրաստանի Վարչապետին Այցելութիւնը
Ս. Գէորգ Եկեղեցի
Մարտ 27-ին, Ս. Յարութեան տօնին առիթով Վրաստանի վարչապետ Գիորգի Կվիրիկաշվիլի ներկայ գտնուեցաւ Թիֆլիսի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած սուրբ պատարագին:
Ան շնորհաւորեց Ս. Զատկուան տօնը` նշելով, որ Ս. Յարութեան տօնը չարի դէմ բարիի, խաւարի դէմ լոյսի յաղթանակն է: Ան կարեւոր նկատեց հայ-վրացի դարաւոր բարեկամութիւնը` ընդգծելով, որ Վրաստանը հպարտ է իր երկրի հայազգի զաւակներով, որոնք վրացիներուն հետ միասին կառուցած են մէկ երկիր, որ բազմազգ մշակոյթի, տարբեր ժողովուրդներու համագոյակցութեան օրինակ է ամբողջ աշխարհի մէջ:
Նոյն օրը Պաթումի Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ եւս վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեան մատուցեց Ս. պատարագ:
Յայտնենք, որ Ս. Յարութեան տօնին առիթով պատարագ մատուցուեցաւ վիրահայոց թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս: