Ապրիլ 5-ի երեկոյեան Արժանթինի հայ համայնքը միասնական բողոքի ցոյց մը կատարեց Ազրպէյճանի դեսպանատան առջեւ: Աւելի քան հազար հոգի համախմբուեցան եւ Արցախի խաղաղութեան պահանջքով քայլարշաւ կատարեցին մինչեւ ազերի դիւանագիտական նստատեղին: Հոծ բազմութիւնը առաջնորդեց Հայց. առաք. եկեղեցւոյ Արժանթինի եւ Չիլէի առաջնորդ Գիսակ արք. Մուրատեանը, ինչպէս նաեւ Մաղաքիա վրդ. Ամիրեան եւ կղերական ներկայացուցիչները: Անոնց կողքին ներկայ էին համայնքային կազմակերպութիւններուն ղեկավարները, հայկական վարժարաններու տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմերը, երգչախումբերու կազմերը, բոլոր սկաուտական խումբերու անդամները, համայնքային ամբողջ կազմակերպութեանց երիտասարդները եւ մեծ թիւով հայրենակիցներ:
Ըստ սովորութեան, ցոյցի մասնակիցներու շուրջ կը գտնուէին բազմաթիւ ոստիկաններ, որոնք հսկողութեան նպատակով հրաւիրուած էին Ազրպէյճանի դեսպանատան կողմէ:
Գիսակ արք. Մուրատեանի կողմէ «Հայր Մեր» աղօթքէն ետք, ներկաներուն ընկերակցութեամբ, Կիժերմօ Ֆեռայոլի Գարամանեան եռանդուն պատգամ մը արտասանեց: «Գիտէինք, թէ այս օրը կրնար հասնիլ: Գիտէինք, թէ 1994 թուականի թնդանօթները երբեք ամբողջովին չէին պաղած: Գիտէինք, թէ հայերու ցեղային ոչնչացման ծրագիրը երբեք մոռացութեան չէր տրուած», Արժանթինի հայ համայնքի անունով իր խօսքի սկիզբը ըսաւ Կիժերմօ Ֆեռայոլի Գարամանեան:
«Կը գտնուինք այստեղ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչումը պահանջելու նպատակով, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի կողմէ գործադրուած մարդկային իրաւանց դէմ ոճիրներու դադրեցումը», շարունակեց Գարամանեան, եւ աւելցուց. «Կը պահանջենք, որ Ալիեւ ու Էրտողան Միջազգային ատեանի մը կողմէ կանչուին, որպէսզի քանի մը օր առաջ թուրք դասատու քաջալերանքով ազերիական զօրքերուն կողմէ մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրներու համար հաշիւ ներկայացնեն», փակելով իր խօսքը:
Հայ համայնքի ներկայացուցիչներու պատուիրակութիւն մը` Գիսակ արք. Մուրատեանի գլխաւորութեամբ, մօտեցան Ազրպէյճանի դեսպանատան` Արժանթինի հայերու կողմէ ստորագրուած պահանջքի բողոքագիրը ներկայացնելու միտումով:
Հաւաքին ընթացքին նաեւ ընթերցուեցաւ գաղութին հաստատութիւններուն ստորագրութիւնը կրող յայտարարութիւն մը: