Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Խմբագրական «Գանձասար»-ի -Մարտ Ե- Արցախի Յաղթարշաւը Կը Շարունակուի

$
0
0

Արցախ իր անկախութեան 25-ամեակը կը նշէ ո՛չ միայն ներքին, այլեւ արտաքին-քաղաքական նուաճումներով:

Միացեալ Նահանգներու Հաուայի նահանգի ներկայացուցիչներու պալատը, 29 մարտի իր յայտարարութեամբ, ոչ միայն միաձայնութեամբ ընդունեց Արցախի անկախութիւնը, այլեւ կոչ ուղղեց միջազգային հանրութեան` Արցախը ճանչնալու որպէս ազատ, անկախ եւ ինքնիշխան պետութիւն:

Սա մեծ հարուած է Արցախի ապահովութիւնը մշտապէս վտանգող, ԵԱՀԿ Մինսքի համանախագահներու դիւանագիտական աշխատանքը խափանել փորձող, յատկապէս արեւմտեան աշխարհին մէջ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքին դէմ լոպիիստական հսկայածաւալ աշխատանքի ձեռնարկող ազրպէյճանական արշաւին:

Պաքուի ապակառուցողական քաղաքականութիւնը եւ առկայ իրողութիւնները ընդունելու դժուարութիւնը Արցախի անկախութեան ճանաչման բանակցային հանգրուանը կ՛երկարաձգեն, փոխարէնը, սակայն, նման նահանգներու նախաքայլով Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչումը հնարաւոր կը դարձնէ Արցախի  ներգրաւուածութիւնը միջազգային հանրութեան մէջ` զարգացման նորանոր ոլորտներ ստեղծելով եւ իրաւական գետնի վրայ Արցախի ներգրաւուածութեան դէմ ցցուող շարք մը դժուարութիւններ փարատելով:

Արցախի միջազգային ճանաչումը նուաճուած իրաւունք է 25 տարիներու անդուլ պայքարին մէջ հայրենի հողին սահմանները անվտանգ պահելու սիրոյն զոհուած հայ զինուորներուն համար յատկապէս:

Այն զինուորներուն, որոնք իրենց գարուն կեանքը նուիրաբերեցին Արցախին` առանց տատամսելու, առանց ընկրկելու, որովհետեւ հաւատացին, որ արդարութիւնը վաղ թէ ուշ պիտի հաստատուի:

Եւ արդարութիւնն է ահա, որ քայլ առ քայլ լոյսին կու գայ, ի հեճուկս ժողովուրդներու ազատ ինքնորոշման իրաւունքը թաղել փորձող ազերիական նկրտումներուն:

Յատկանշական է, որ նման բանաձեւ կ՛ընդունուի ճիշդ այն օրը, երբ Ազրպէյճանի նախագահ Ալիեւ կ՛այցելէ Միացեալ Նահանգներ` մասնակցելու հիւլէական անվտանգութեան վեհաժողովին:

Վեհաժողովին մասնակից երկիրներուն անուղղակիօրէն ուղղուած կոչ մը կարելի է տեսնել նաեւ այս զուգադիպութեան մէջ:

Յամենայն դէպս Արցախի յաղթարշաւը կը շարունակուի: Հաուայը Միացեալ Նահանգներու 7-րդ նահանգն է, որ կը ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը: Նախքան Հաուայի նահանգը, Միացեալ Նահանգներու 6 նահանգներ` Քալիֆորնիա, Լուիզիանա, Ռոտ Այլընտ, Մասաչուսեց, Մեն եւ Ճորճիա ճանչցած էին Արցախի անկախութիւնը:

Հաուայի կողմէ Արցախի անկախութեան ճանաչումն ու միջազգային հանրութեան ուղղուած կոչը քաղաքական կարեւոր նուաճում մըն է, որ պիտի նպաստէ Արցախի միջազգային ճանաչման եւ խթան հանդիսանայ

բանակցութիւններու արդիւնաւորման, անոնց մէջ Արցախի ներկայացուցչութեան ներգրաւման եւ, վերջապէս, տարածաշրջանի մէջ խաղաղութեան ու անվտանգութեան հաստատման:

Նման նուաճումներով ոգեւորուած համահայկական ճիգերու գերլարումը Արցախի 25-ամեակը կրնայ դարձնել նորանոր յաղթանակներով պսակուած տարի:

Զ. Պ.


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>