Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Ջաւախքի Հայկական Հասարակական Կազմակերպութիւններու Խորհուրդը Խստօրէն Կը Դատապարտէ Ազրպէյճանի Նախայարձակումը

$
0
0

b9guNBDj8me0bzmxmjIdRIudlbՍամցխէ-Ջաւախքի եւ Քուեմօ-Քարթլիի Հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու խորհուրդը յայտարարութեամբ մը խստօրէն դատապարտած է ապրիլ 1-էն 2 լուսցող գիշերը Ազրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի սահմանին ողջ երկայնքով կատարուած յարձակումը:

«Ազրպէյճանի այս յարձակողապաշտ գործողութիւնները ո՛չ միայն կը վտանգեն խաղաղութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի մէջ, այլ նաեւ ողջ տարածաշրջանին, որուն մաս կը կազմէ նաեւ Վրաստանը` իր բոլոր քաղաքական ու տնտեսական ծրագիրներով:

«Ջաւախքահայութիւնը խորապէս մտահոգուած է Ազրպէյճանի կողմէ իրավիճակի խիստ լարումով եւ խստօրէն կը դատապարտէ յարձակողական մօտեցումները:

«Սամցխէ-Ջաւախքի եւ Քուեմօ-Քարթլիի Հայկական հասարակական կազմակերպութիւններուն խորհուրդը իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ Արցախի ժողովուրդին` թշնամիին յարձակողական գործողութիւնները կասեցնելու մէջ»:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>