Անցնող օրերու ընթացքին` Արցախի բանակին օգնելու նպատակով, Երեւանի Մաշտոցի պուրակ փութացած են մեծ թիւով հայորդիներ, իրենց հետ բերելով սննդամթերք եւ այլ առարկաներ, որպէսզի ղրկուին Արցախ: Մեծ թիւով քաղաքացիներ սնտուկներով ուտելիքներ հասցուցած են Մաշտոցի պուրակ` հաւատալով, որ այսպէս իրենք կատարած կ՛ըլլան իրենց պարտականութիւնը` օժանդակելով հայ զինուորին, որ կը պաշտպանէ Արցախի սահմանները` զոհելով իր կեանքը յանուն հայրենիքին ու յանուն ազատութեան:
Հայորդիներ Դիմատետրի ճամբով տեղեկացած էին, որ նման արշաւ կը կատարուի` օժանդակելու Արցախի բանակին, սակայն անցորդները ու իրենց տուներուն պատուհաններէն տեսնող մամիկներն ու պապիկները եւս ուզած են իրենց մասնակցութիւնը բերել` իրենց կարողութեան սահմաններուն մէջ, եւ երբ յանձնած են իրենց օժանդակութիւնը անոնցմէ մէկը արցունքոտ աչքերով ըսած է. «Երանի միշտ այսպէս միասնակամ ըլլանք»:
Բացի անհատներէն, նաեւ կազմակերպութիւններ եւ ընկերութիւններ ալ միացած են այս արշաւին եւ Մաշտոցի պուրակ բերած են մեծ քանակութեամբ սննդամթերք:
Տասը տարեկան Արսէնն ալ եկած է օգնելու. «Ես եկած եմ օգնելու մեր զինուորներուն, չէ ՞որ ես ալ օր մը զինուոր պիտի ըլլամ»:
Օժանդակութեան մարմնի անդամներէն` Մաքսիմ Սարգսեան, յայտնած է, որ հանգանակութեան սնտուկ մըն ալ պատրաստուած է, որովհետեւ նիւթական օժանդակութիւններ տրամադրողներուն թիւն ալ մեծ է: Սարգսեան վստահեցուցած է, որ հաւաքուած գումարէն մաս մը պիտի օգտագործուի ուտելիքներու եւ առարկաներու փոխադրութեան, իսկ մնացածը կը յանձնուի արցախցի զինուորներուն կամ կ՛օգտագործուի Արցախի բնակչութեան կարիքները հոգալու:
* Նշենք, որ հայ զինուորներուն եւ սահմանամերձ շրջաններու բնակիչներուն օժանդակութիւն առաքեց նաեւ ՀՕՄ-ը: