Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Մերձտնեսթրը Ամբողջական Աջակցութիւն Եւ Զօրակցութիւն Յայտնած Է Արցախին

$
0
0

12924579_1022891374438112_4685903145289288854_n

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանն ու Մերձտենսթրի Մոլտովական Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Վիթալի Իկնաթեւ 4 ապրիլին ունեցած են հեռաձայնային զրոյց մը, որուն մէջ անդրադարձ կատարուած է 1-էն 2 ապրիլ լուսցող գիշերը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զինուած ուժերու շփման գիծին մէջ Ազրպէյճանի սանձազերծած լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններուն եւ անոնց իբրեւ հետեւանք ստեղծուած իրավիճակին:

Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութենէն յայտնած են, որ Վիթալի Իկնաթեւ հաստատած է, որ Մերձտնեսթրի Մոլտովական Հանրապետութեան իշխանութիւններուն եւ ժողովուրդին անունով լիովին կ՛աջակցի եւ կը զօրակցի Արցախին` յոյս յայտնելով, որ շուտով վիճակը կը կայունանայ: Կողմերը համոզում յայտնած են այն մասին, որ ազրպէյճանական-ղարաբաղեան հակամարտութիւնը կարելի է լուծել բացառապէս խաղաղ միջոցով:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>