Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Հզօրներու Դիւանագիտական Ճառային Անբարոյ Ճապկումները

$
0
0

Hagop-Balian-1465Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Հայաշխարհը կրկին յուզուած է:

Հայաշխարհը կրկին նախայարձակման ենթարկուած է:

Հայ զինուորներ զոհուած են Արցախի սահմանին վրայ:

Կրկին «կրատ» տիպի հրթիռներ արձակուած են, եւ անոնց կոյր հարուածին տակ հայ մանուկներ մեռած:

Սահման պաշտպանող հայ զինուորներու եւ «կրատ» տիպի հրթիռներու զոհ հայ մանուկներու մահը հզօրներու դիւանագիտական ճապկումներուն մէջ սոսկ թուանշաններ են, այդ ալ` բախտաւոր պարագային: Անոնց սպայակոյտի հաշիւներուն մէջ այդ բոլորը տեղ չունին:

Կրկին թուրքն է, օսմանցիի թէ ազերիի դիմակով, որ կը սպառնայ եւ կ՛ուզէ ջնջել հայը: Գիտէինք:

Աշխարհի հզօրները, անոնք, որոնք իրենք իրենց շնորհած են դատաւորի, վճռողի եւ իրաւարարի դերը, անոնք ալ գիտեն, բայց իրենց ճապկումներով կը խեղաթիւրեն պատմութիւնը, ճշմարտութիւնը եւ իրենց կողմէ այնքա՜ն լորձնաշուրթն նուագով ջատագովուած մարդկային իրաւունքը:

Նաւթի հոտը եւ դրամատիրական շահերը բարոյականութեան հետ առնչութիւն չունին:

Կատարուած իրողութիւնները արդարացնելու միտող լեզուագարութիւնը կրկին հրապարակ նետուած է: Ամերիկայի փոխնախագահ Ճօ Պայտըն  խօսած է Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան մասին… Ե՞րբ եւ ինչպէս սահմանուած է այդ հողային ամբողջականութիւնը:

Ո՞վ պիտի խօսի հայ ժողովուրդի հայրենիքի հողային ամբողջականութեան մասին:

Մոռացութեան տրուած է նաեւ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը:

Երբ Հայաստանի եւ սփիւռք(ներ)ի քաղաքական ճառէն կը բացակայի հայոց հայրենիքի հողային ամբողջականութեան առաջնորդող գաղափարը, անբնական չէ, որ Ճօ Պայտըն եւ ուրիշներ, իրենց շիլ հաշիւներու հետապնդման ընթացքին, խօսին Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան մասին:

Այս առիթով ինչո՞ւ Ճօ Պայտընի նուէր չի ղրկուիր Վուտրօ Վիլսընի իրաւարարական վճիռը ինչ կը վերաբերի Հայաստանի հողային տարածքին:

«Հողային ամբողջականութեան» հարցը ըստ ժամանակի եւ ըստ անհատի իմա՞ստ կը փոխէ, իմա՞ստ կը փոխէ ըստ ամերիկեան մարդկային եւ ազգերու իրաւունքին:

Քանի մը օրէն ապրիլ 24 է, եւ կրկին բերանաբաց պիտի սպասենք, որ նախագահ Պարաք Օպամա,- ինչպէս այդ ակնկալութիւնը ունեցած էինք իր նախորդներէն,- ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը իբրեւ այդպիսին, առանց մեղմացուցիչ հոմանիշներ փնտռելու եւ մեզ ալ յոտնկայս քնացնելու աճպարարութեան:

Եթէ մեր գրականութիւնը կարդայինք, աւելի լաւ քաղաքագէտ կ՛ըլլայինք, գէթ` նուազ միամիտ: Եւ գրականութեան աչքի կապանք վերցնող տեսակը երգիծականն է: Աւելի քան դար մը առաջ Յակոբ Պարոնեան բառարան մը հրատարակած էր: Սահմանած էր «քաղաքականութիւն»-ը… Եթէ հոս արձանագրեմ այդ սահմանումը, պիտի կարդանք եւ մոռնանք: Եթէ ճիգ ընենք, փնտռենք եւ գտնենք, հաւանօրէն կը հասկնանք… եւ իմաստուն կը դառնանք:

Կրկին պարտք կը զգամ յիշեցնելու, որ աւելի քան կէս դարէ ի վեր, թութակաբար կրկնեցինք, կը շարունակենք պահանջել եւ խնդրել, որ Ցեղասպանութիւնը ճանչնան: Երբ ճանչնան, տանիքներէն կը պոռանք, որ «յաղթանակ» տարինք: Պիւռոսեան յաղթանակ… Այդ կրկնուող յաղթանակները հայու բռնագրաւուած իրաւունքները մազաչափ վերահաստատեցի՞ն:

Իսկ մենք ինչո՞ւ չենք խօսիր քաղաքական հիմնական ճշմարտութեան մասին, թէ` Ցեղասպանութիւն գործուեցաւ հողի համար:

Ինչո՞ւ այսօր Ազրպէյճան նախայարձակ կ՛ըլլայ Արցախի վրայ:

Մօտիկ անցեալին Ազրպէյճան փաստեց, որ հայու հայրենիքի բեկորը իւրացնելու համար կրնար ցեղասպանութիւն գործել: Յիշե՛լ Սումկայիթը:

Եթէ միջազգային քաղաքականութեան ասպետները գրականութիւն կարդային, եթէ բացած ըլլային 2015-ի Նոպէլեան գրականութեան դափնեկիր Սվետլանա Ալեքսիեւիչի էջերը, աւելի արդար եւ աւելի իմաստուն կ՛ըլլային:

«Կարմիր մարդուն վերջը» գիրքին մէջ, Սվետլանա Ալեքսիեւիչի վկան, հայ կին մը, բժշկուհի, ռուսի հետ ամուսնացած, կը պատմէ.

«1993-ին… Տասնհինգ հոգիով կ՛ապրէինք Մինսքի մեր երեք սենեականոց բնակարանը, առանց հաշուելու նորածին մը… Անոնք ազգականներն էին ամուսինիս, որոնք առաջին եկողները եղան` Պաքուէն. քոյրը` ընտանիքով եւ զարմիկները: Այցելութեան համար չեկան, եկան «պատերազմ» բառը իրենց լեզուին վրայ: Մտան գոռալով… իրենց աչքերը արցունքով ուռած»:

Պաքուէն եկած, եւ մազապուրծ մահէն ազատած հայը կը պատմէ.

«Պաքուի մէջ կ՛ապրէինք ութ յարկանի շէնքի մը մէջ: Առաւօտ մը, հայ ընտանիքները խմբեցին բակը… Անոնց շուրջ հաւաքուեցան մարդիկ, եւ բոլորը, մէկ առ մէկ, իրենց ձեռքին ինչ որ կար, անով հարուածեցին զանոնք: Հինգ տարեկան մանչուկ մը, զարկաւ իր ձեռքի պզտիկ բահով: Եւ ազրպէյճանցի պառաւ կին մը անոր գլուխը շոյեց…»

Ոճրային տեսարանի «գեղանկարի» պատկեր…

Ըսե՞նք որ թուրքին համար ազգային մարզաձեւ է ցեղասպանութիւնը, ծինային, նոյինսկ հինգ տարեկան մանուկին եւ պառաւին համար:

Եւ վկայութիւնը համատարած ոճիրին.

«Առաւօտուն երբ աշխատանքի կ՛երթայի, դիակներ կային փողոցներուն մէջ, երկարած գետինը կամ նստած` պատի մը կռթնած, կարծէք ողջ ըլլային: Ոմանք ծածկուած էին սաւանով մը, ուրիշներ ոչ: Ժամանակ չէին ունեցած այդ ընելու: Շատեր մերկացուած էին: Այրերը, ինչպէս նաեւ կիները… Անոնք, որոնք նստած էին, չէին մերկացուած, ժամանակ չէին ունեցած զանոնք շտկելու…»

Ճօ Պայտըն ո՞ր արդարութեան վրայ կը հիմնէ «հողային ամբողջականութիւնը»: Ամերիկայի նախագահը աւելի իմաստուն պիտի ըլլար, եթէ անցեալը հասկնալու համար բանար Սվետլանա Ալեքսիեւիչի էջերը:

Կեղծիք է ցեղասպանութեան ճանաչումը, միամիտներու պահանջ եւ նոյն միամիտներուն շնորհուած ոչինչ նշանակող մխիթարութիւն:

Ցեղասպանութիւն գործուած էր հողի համար:

Արցախի հայերը բնական ողջախոհութեամբ ազրպէյճանցին կը կոչեն «թորք»: Այդ «թորքերը» յարձակում շղթայազերծած են հող առեւանգելու նպատակով, եւ պատրաստ են ցեղասպանութիւն գործելու,  ինչպէս անցեալին, հողին բազմադարեան տէրերը բնաջնջելու:

Աշխարհի ճակատագիրը որոշողները եւ ինքնակոչ իրաւարարները կոյր չեն, գիտեն:

Իսկ հզօրներու հետ փոքրիկ ժողովուրդները դիւանագիտութիւն չեն կրնար խաղալ: Անոնց զէնքը իրենց պայքարի յստակութիւնն է, արդարութեան եւ իրաւունքի վրայ հիմնուած:

Եթէ Ճօ Պայտըն կը խօսի Ազրպէյճանի «հողային ամբողջականութեան» մասին, կը նշանակէ, որ կ՛արդարացնէ Ազրպէյճանի նախայարձակումը: Այս պարագային ի՞նչ իմաստ ունի ցեղասպանութեան ճանաչման ակնկալութիւնը…

4 ապրիլ 2016, Նուազի-լը-Կրան

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>