Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

«Մենք Որեւէ Վստահութիւն Չունինք Ազրպէյճանի Խօսքին» «Ազդակ»-ին Ըսաւ Մուրատ Փափազեան

$
0
0

IMG_4424

Երէկ «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ հարցազրոյց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեանի հետ:

Արցախի վերջին զարգացումներուն եւ Ֆրանսայի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին շուրջ հարցազրոյցը վարեց «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան:

Խօսելով Արցախի մէջ արձանագրուող զարգացումներուն մասին` Մուրատ Փափազեան յայտնեց, որ նախ պէտք է ամբողջ աշխարհը դատապարտէ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը` նշելով, որ Ազրպէյճան 1994-էն ի վեր շարունակ խախտած է այդ թուականին հաստատուած զինադուլը: Ան աւելցուց, որ նոյնիսկ եթէ այսօր զինադադար հաստատուած է, սակայն միեւնոյնն է, աշխարհը պէտք է դատապարտէ Ալիեւի վարած քաղաքականութիւնը:

«Մենք որեւէ վստահութիւն չունինք Ազրպէյճանի խօսքին: Այս զինադադարը կրնայ փխրուն ըլլալ: Մենք պէտք է աշխատինք, որ խախտումը չկրկնուի եւ ատոր համար պէտք է լուրջ ճնշում ըլլայ», ըսաւ Փափազեան:

Անդրադառնալով Ֆրանսայի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի որդեգրման համար տարուող աշխատանքներուն` Փափազեան նշեց. «Ճիշդ է, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ խոստում մըն է, որ կատարած է, սակայն մենք գիտենք, որ կառավարութիւնը լրջօրէն կ՛աշխատի»: Ան նշեց, որ նախապէս այդպիսի օրինագիծ մը որդեգրուած էր, որ սակայն Սահմանադրական դատարանին կողմէ բեկանուած էր: «Այս անգամ պէտք չէ սխալինք, պէտք չէ օրինագիծը բեկանուի Սահմանադրական դատարանին կողմէ», ըսաւ ան:

Խօսելով Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդին մասին` Փափազեան նշեց, որ ֆրանսահայ բոլոր մեծ կազմակերպութիւնները մաս կը կազմեն այդ խորհուրդին եւ քիչ են այն կազմակերպութիւնները, որոնք ատոր մաս չեն կազմեր: Ան նշեց, որ խորհուրդի կազմութիւնը առիթ ստեղծեց, որ ֆրանսահայութիւնը աւելի ուժեղ ու ամուր կերպով ներկայանայ ֆրանսական իշխանութիւններուն:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>