ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
Ազրպէյճանի կողմէ շղթայազերծուած վերջին յարձակողականը` հայ-ազրպէյճանական շփման գիծի արցախեան հատուածի երկայնքին պէտք է դիտել որպէս մէկ նոր փուլ Թուրքիա-Ռուսիա առճակատումներու շղթային մէջ` թելադրուած Թուրքիոյ ռազմավարական առաջնահերթութիւններէն եւ թուրք-ազրպէյճանական առանցքի լիարժէք օգտագործմամբ:
Յստակ է, որ Սուրիոյ եւ Իրաքի ռազմաբեմերուն վրայ Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը բախեցաւ Ռուսիոյ ուղիղ ու հուժկու միջամտութեան եւ քրտական ուժի ազդու հակադարձութեան, որ միաժամանակ աջակցութիւն կը ստանար (եւ կը ստանայ) թէ՛ Միացեալ Նահանգներէն, եւ թէ՛ Ռուսիայէն` հակառակ աջակից կողմերու շփոթեցուցիչ հռետորաբանութեան:
Փաստը այն է, որ այսօր պատերազմի նոյն ճակատին վրայ կը գտնուին Միացեալ Նահանգներ, Ռուսիա, Եւրոպա, Սուրիոյ քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան եւ Իրաքեան Քիւրտիստանի զինեալ ուժերը: Այս նոյն ճակատին վրայ կը գտնուին Սուրիոյ եւ Իրաքի բանակները: Նոյն ճակատին վրայ կը գործեն Իրանն ու իր արբանեակ զօրամիաւորումները Իրաքի, Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ: Եւ գէթ անուանապէս- եւ գէթ առժամաբար – նոյն ճակատին վրայ կը գտնուին Սէուտական Արաբիան եւ Արաբական Թերակղզիի միւս երկիրները: Այս – թէկուզ ժամանակաւոր – շահերու սերտաճումը տարածաշրջանին մէջ, առաջին հերթին, ուղղուած է ՏԱՀԵՇ-ին եւ ծայրայեղական միւս ուժերուն դէմ: Բայց նաեւ իրերու ներկայ դասաւորումով` ան ինքնաբերաբար ուղղուած է զանոնք հովանաւորող եւ զանոնք մնայուն կերպով պարէնաւորող թուրք պետութեան դէմ… Ան ուղղուած է Էրտողանի վարչակարգին եւ այս վերջինիս վարած արկածախնդրական, վտանգաւոր եւ ապակայունացուցիչ քաղաքականութեան դէմ: Պարզ խօսքով, Թուրքիոյ վարած քաղաքականութիւնը տարածաշրջանին մէջ ստեղծած է ինքն իր հակաթէզը եւ – գէթ առայժմ – լայնօրէն անկարելի դարձուցած` Թուրքիոյ գործնական դերակատարութիւնը Հիւսիսային Սուրիոյ եւ Հիւսիսային Իրաքի մէջ:
Այս իրականութեան դիմաց, մենք ականատես ենք նոր երեւոյթի մը: Հակառակ նախագահ Օպամայի պնդումներուն, Թուրքիա ո՛չ միայն կը մերժէ վերանայման ենթարկել իր քաղաքականութիւնը ՏԱՀԵՇ-Ի հանդէպ, այլ ընդհակառակն նոր թափով ճակատ կը յարդարէ Արեւմուտքի եւ Ռուսիոյ դէմ: Թուրքիոյ այսօրուան քաղաքականութիւնն է ընդլայնել ռազմաճակատը դէպի Եւրոպա ու դէպի Կովկաս եւ պարտադրել ինքզինք: ՏԱՀԵՇ-ի ահաբեկչական գործողութիւններու դաշտը ներկայիս Արեւմուտքն է: ՏԱՀԵՇ-ի արիւնահեղ գործողութիւնները Արեւմուտքի մէջ եւ գաղթական զանգուածներու Թուրքիայէն ղեկավարուած «ներխուժումները» դէպի Եւրոպա Թուրքիոյ նորահնար զէնքերն են Արեւմուտքի կամքը թուլցնելու եւ Եւրոպան պատանդ վերցնելու եւ Արեւմուտքի մէջ Թուրքիոյ դիրքերը մեծապէս ամրապնդելու ձգտող: Թուրքիոյ նպատակն է Արեւմուտքը բարոյալքել եւ զիջումներու առաջնորդել: Անոր նպատակն է Եւրոպան ներսէն իւրացնել, զայն քաղաքականօրէն «թրքացնել», փո՛ւլ բերել Եւրոպական Միութեան ներքին համաձայնութիւնը եւ Միացեալ Նահանգները զրկել Եւրոպայի իր կենսական խարիսխէն:
Նոյն տրամաբանութեամբ, Թուրքիա կը յիշեցնէ Մոսկուայի, որ ինք եւ իր արբանեակը` Ազրպէյճան միասնաբար ի վիճակի են ապակայունացնելու Ռուսիոյ կասպեան խարիսխը…
Թուրքիա կը յաջողի Եւրոպայի մէջ պաշտպանողական դիրքերու վրայ դնել Արեւմուտքը այնքանով որքանով Եւրոպայի մէջ, ան կրնայ ամրապնդել իր հեղինակութիւնը Ռուսիոյ իսլամական շրջաններէն եւ Կեդրոնական Ասիոյ տարածքներէն ներս: Ասիկա Թուրքիոյ նորօրինակ փանթուրքականութիւնն է, որուն մանրամասն վերլուծումը ըրած եմ իմ «Փանթուրքականութեան գրաւը եւ Արցախի հարցը» խորագրեալ յօդուածիս մէջ («Ասպարէզ», փետրուար 12, 2015):
Թուրք եւ ազրպէյճանական սպառնալիքը Հայաստանի եւ Արցախի դէմ այսօր արդէն կը ներկայանայ բոլորովին նոր տարողութեամբ եւ այժմէականութեամբ: Անիկա միայն հայ պետականութեան անվտանգութեան խնդիրը չէ այլեւս: Թուրքիա որոշած կը թուի ըլլալ, որպէս առաջին քայլ, Մոսկուայի հետ հաշուի նստիլ Հայաստանի եւ Արցա՛խի մէջ: Թուրքիոյ կրած պարտութիւնները Սուրիոյ եւ Իրաքի ճակատներուն վրայ կը մղեն Էրտողանի վարչակարգը Ռուսիոյ դէմ հակադարձութեան դիմելու Կովկասի մէջ… Թուրքիա այժմ «կը փնտռէ» Ռուսիոյ աքիլլէսեան կրունկը Ռուսիոյ ի՛սկ ազդեցութեան գօտիին մէջ: Եւ հակառակ երէկուընէ ի վեր բարձրաձայնուած Մոսկուայի կացութիւնը չսրելու փուճ յորդորներուն (ուղղուած «երկու կողմերուն»…), կացութիւնը սուր է արդէն, եւ Ռուսիա «ոտքով-ձեռքով» մէջն է այս հարցին: Այս լուրջ սպառնալիքը ուղղուած է որքան Հայաստանի և Արցախի, նոյնքան եւ առաւե՛լ ` Ռուսիոյ կենսական շահերուն: Իրականութեան մէջ` նախ եւ առա՛ջ Ռուսիոյ կենսական շահերուն: Այս պահուն ականատեսն ենք թուրք եւ ազրպէյճանական միացեալ ուժի գրոհին, եթէ նոյնիսկ առայժմ այդ գրոհը կը թուի Ազրպէյճանի առանձնակի նախաձեռնութեամբ դրսևորուիլ: Պէտք չէ մոռնալ, որ թուրք եւ ազրպէյճանական փոխօգնութեան դաշինքով Թուրքիա կրնայ իր զինեալ ուժերով աջակցիլ Ազրպէյճանի, եթէ պատերազմական վիճակ ստեղծուի Արցախի խնդրով:
Քանի մը օրէ ի վեր, Էրտողանի գործակալները Ուաշինկթընի մէջ լծուած են գործի` Միացեալ Նահանգներու քաղաքական բեմը անգամ մը եւս ապակողմնորոշելու: Իրենց քուլիսային նոր արշաւով անոնք Հայաստանը կը պիտակաւորեն որպէս ռուսական զէնքի նոր ճամբար…Կ՛ուզեն Հայաստանը ցոյց տալ որպէս Արևմուտքի շահերուն դէմ ուղղուած ստոյգ սպառնալիք ՕԹԱՆ-ի զգայուն սահմանագիծին վրայ: Այս նոր քարոզարշաւը նաեւ կը միտի դիւանագիտական ծածկոյթ հայթայթել Ազրպէյճանի վերջին յարձակողականին: Ան անուղղակիօրէն կը միտի Ազրպէյճանի նախայարձակումը ներկայացնելու որպէս ՕԹԱՆ-ի շահերէն բխող «հարազատ» (լեգիտիմ) գործողութիւն: Այս բոլորէն անգամ մը եւս կը հետեւի, որ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի նպատակն է վերջնական քայքայման տանիլ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահութեան բանակցային գործընթացը` մահացու հարուած տալով ռուս եւ արեւմտեան ներկայ համագործակցութեան:
Դժուար է գուշակել, թէ յառաջիկայ ամիսները ի՞նչ նոր իրականութեան առջեւ կը դնեն Հայաստանն ու Արցախի հարցը: Կացութիւնը կրնայ արագօրէն կերպարանափոխուիլ Թուրքիոյ եւ գերտէրութիւններուն միջեւ: Մէկ բան յստակ է` այն, որ հայկական կողմի յաջողութեան բանալին, թէ՛ ռազմի գիծերուն եւ թէ դիւանագիտական սակարկութիւններու սեղանին վրայ, կը կայանայ, առաջին հերթին, մեր իսկ սեփական ուժին եւ գործելու վճռակամութեան մէջ: Մենք այս կռիւը պիտի շահինք մեր ինքնուրոյն գործով եւ մանաւանդ յենուելով մեր ազգային միասնականութեան: Նոր մարտահրաւէրն է ասիկա: Ինչպէս միշտ, մենք այս կռիւը պիտի շահինք արիւնով եւ հանճարով:
Ապրիլ 2, 2016
Ուաշինկթըն