Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Յայտնի Են «Աւրորա» Մրցանակի Չորս Թեկնածուները. Ընտրող Յանձնաժողովի Համանախագահներ Ճորճ Քլունի Եւ Էլի Վիզել Ողջունեցին «Աւրորա» Մրցանակի Չորս Թեկնածուները

$
0
0

15 մարտ  2016-ին «Աւրորա» մրցանակի ընտրող յանձնաժողովը յայտարարեց մրցանակի դափնեկիր դառնալու չորս թեկնածուներուն անունները. Մարկարիթ Պարանքիցէ` Պուրունտիէն, տոքթոր Թոմ Քաթինա` Սուտանէն, Սայիտա Ղուլամ Ֆաթիմա` Փաքիստանէն եւ հայր Պեռնարտ Քինվի` Կեդրոնական Ափրիկէի Հանրապետութենէն:

«Աւրորա» մարդասիրական, համաշխարհային մրցանակը ամէն տարի պիտի շնորհուի անձնաւորութեան մը, որ անձնուիրաբար կ’օգնէ մարդոց: Դափնեկիրները պիտի գնահատուին իրենց արարքներուն բացառիկ ազդեցութեան ու նշանակութեան համար: Դափնեկիրը պիտի ստանայ 100 հազար ամերիկեան տոլարի պարգեւ եւ նուիրատուութեան շղթան շարունակելու հնարաւորութիւն` իր ստանալիք 1 միլիոն ամերիկեան տոլարի դրամաշնորհը փոխանցելով զինք ոգեշնչած մարդասիրական կազմակերպութիւններուն:

«Աւրորա» մրցանակը հիմնուած է «100 կեանք» նախաձեռնութեան հիմնադիրներուն կողմէ` առ ի երախտագիտութիւն Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն հայերուն փրկութեան ձեռք մեկնած մարդոց: Այս տարեկան մրցանակը ստեղծուած է մարդկութեան ուշադրութիւնը աշխարհի վրայ այսօր տեղի ունեցող աղէտներուն եւ ոճրագործութիւններուն վրայ անգամ մը եւս հրաւիրելու համար եւ խրախուսելու այն հերոսներուն ջանքերը, որոնք մարդկային կեանքեր կը փրկեն:

«Չորս թեկնածուներն ալ իրենց մէջ անարդարութեան եւ բռնութեան դէմ պայքարելու ուժ գտած են: Մենք «Աւրորա» մրցանակով ո՛չ միայն կը խրախուսենք, այլեւ կը սատարենք այն հերոսներուն, որոնք, յանուն մարդասիրութեան, հալածանքներու եւ անարդարութիւններու դէմ կը պայքարին: 100 տարի առաջ մարդիկ օգնութեան ձեռք մեկնեցին մեր նախնիներուն: Այսօր, մենք շնորհակալութիւն կը յայտնենք անոնց` փառաբանելով մեր օրերուն նոյն ոգիով պայքարող հերոսները», ըսաւ ընտրող յանձնաժողովի անդամ եւ «100 կեանք» նախաձեռնութեան համահիմնադիր Վարդան Գրիգորեան:

«Աւրորա» մրցանակի թեկնածուները

Marguerite-Barankitse_40616

Մարկարիթ Պարանքիցէ կ’աշխատի Պուրունտիի Խաղաղութեան տուն (Maison Shalom) խնամատար հաստատութեան եւ ՌԵՄԱ հիւանդանոցին մէջ: Պուրունտիի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն ան փրկած է հազարաւոր կեանքեր` խնամելով որբերն ու փախստականները: Ազգութեամբ թութսի Պարանքիցէն պատերազմի սկիզբը, հետապնդումէ փրկելու նպատակով, թաքստոց հայթայթած է ազգութեամբ հութու, 72 ամենամօտ իր հարեւաններուն, սակայն, երբ անոնք գտնուած են, եւ բոլորն ալ` անմիջապէս սպաննուած, Պարանքիցէ այս բռնարարքին հարկադրեալ ականատեսը եղած է: Այս դաժան միջադէպէն ետք Մարկարիթ իր կեանքը նուիրած է փախստականներ եւ երեխաներ խնամելու գործին: Ան փրկած է շուրջ 30 հազար երեխայ եւ 2008 թուականին հիմնած է հիւանդանոց, ուր մինչեւ օրս 80 հազար հոգի բժշկական օգնութիւն ստացած է:

Tom-Catena_40616

Տոքթոր Թոմ Քաթինայէն  զատ բժիշկ չկայ Սուտանի Նուպա լեռներու «Գթութեան մայր» հիւանդանոցին մէջ: Ամերիկացի այս մասնագէտը Հարաւային Սուտանի սահմանամերձ այս գօտիին մէջ մշտական ներկայութիւն ունեցող միակ բժիշկն է, հետեւաբար անձամբ պատասխանատու է տարածաշրջանի 500 հազար բնակիչներուն բժշկական սպասարկման համար: Հակառակ Սուտանի կառավարութեան կողմէ տարածքի յաճախակի ռմբակոծումներուն` տոքթոր Քաթինան` օրուգիշեր մարդոց հասանելի ըլլալու համար մշտապէս կ’ապրի հիւանդանոցին մէջ: Բազմաթիւ լրատուամիջոցներ ու մարդասիրական օգնութիւն տրամադրող կազմակերպութիւններ լուսաբանած են անոր անձնուէր գործունէութիւնը: «Թայմ» պարբերականը 2015-ին զայն ընտրած է որպէս տարուան ամէնաազդեցիկ անհատներէն մէկը:

Syeda-Ghulam-Fatima_40616

Սայիտա Ղուլամ Ֆաթիմա իր կեանքը նուիրած է պարտքի դիմաց մարմնական շահագործման ենթարկուողները փրկելու գործին` այսպիսով փորձելով վերջ տալ մերօրեայ ստրկութեան վերջին ձեւերէն մէկուն: Ֆաթիմա Փաքիստանի «Կախեալ շահագործուողներու ազատագրութեան ճակատի» (BLLF) ընդհանուր քարտուղարն է: Այս կազմակերպութեան ջանքերով ազատագրուած են աղիւսի թրծման գործարաններուն մէջ պարտքի դիմաց հարկադրաբար աշխատող հազարաւոր մարդիկ, որոնց շարքին` 21 հազար երեխայ: Անոնց ունեցած պարտքի տոկոսները այնքան բարձր են, որ այդ մարդիկ, ըստ էութեան, իրենց կեանքի ամբողջ տեւողութեան հարկադրուած են աշխատելու ծայրայեղ աղքատութեան եւ յաճախ նաեւ` դաժան պայմաններու ներքոյ: Ֆաթիմա ենթարկուած է բազմաթիւ մահափորձերու: Ան իր գործունէութեան ընթացքին բազմիցս ֆիզիքական բռնութեան ենթարկուած է :

Bernard-Kinvi_40616

Հայր Պեռնառ Քինվի 19 տարեկանին հոգեւորական դարձած է, երբ արդէն կորսնցուցած է իր հայրն ու չորս քոյրերը` երկարատեւ բռնութիւններու ու հիւանդութեան պատճառով : Հեռանալով իր հայրենի Թոկոյի Լոմէ քաղաքէն` հայր Քինվի տեղափոխուած է Կեդրոնական Ափրիկէի Հանրապետութիւն: Սահմանամերձ, փոքրիկ Պոսսեմթելէ քաղաքին մէջ ան գլխաւորած է տեղի կաթոլիկ միսիոնարական դպրոցը, եկեղեցին եւ Ս. Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապին անունը կրող հիւանդանոցը: Սակայն 2012 թուականին Կեդրոնական Ափրիկէի Հանրապետութեան մահմետական Սելեքա դաշինքի ապստամբներուն եւ Հակահրաձիգներու քրիստոնեայ աշխարհազօրին (Anti-balaka) միջեւ քաղաքացիական պատերազմ կը բռնկի: Տեղի ունեցող բռնութիւններուն ընթացքին հայր Քինվիի միսիոնարութիւնը ապաստարան ու բժշկական օգնութիւն տրամադրած է հակամարտութեան երկու կողմերէն տուժածներուն` հետապնդումէ եւ մահէ փրկելով հարիւրաւոր մարդիկ:

«Աւրորա» մրցանակի թեկնածուներուն դիմումները ընդունուեցան 2015 թուականի յուլիս-հոկտեմբեր ամիսներուն` նոյն մրցանակին համացանցային կայքին միջոցով: Թեկնածուները առաջադրուած են իրենց անձնազոհ աշխատանքին համար` սկսելով բռնութիւններու դէմ պայքարէն մինչեւ հակամարտութեան գօտիներուն մէջ մարդոց բժշկական օգնութիւն ցուցաբերելը:

Այս թեկնածուներէն մէկը «Աւրորա» համաշխարհային մարդասիրական մրցանակին առաջին դափնեկիրը պիտի դառնայ: Մրցանակը անոր պիտի շնորհէ ընտրող յանձնաժողովի համանախագահ Ճորճ Քլունի` Երեւանի մէջ, ապրիլ 24-ին: «Աւրորա» մրցանակին թեկնածուները գնահատման պիտի արժանանան երկօրեայ ձեռնարկներու ընթացքին, եւ անոնք միաժամանակ աշխարհի մարդասիրական կարեւորագոյն հիմնախնդիրներու շուրջ քննարկումներու պիտի մասնակցին: Նոյն քննարկումներուն մաս պիտի կազմեն նաեւ International Center for Journalists, Not On Our Watch, International Rescue Committee եւ այլ միջազգային կազմակերպութիւններ:

«100 կեանք» նախաձեռնութեան մասին

«100 կեանք» համաշխարհային նոր նախաձեռնութեան հիմքը Հայոց ցեղասպանութիւնն է, որուն զոհ գացած է 1,5 միլիոն հայ: Սակաւաթիւ յաջողակներ փրկուած են խիզախ մարդոց եւ մարդասիրական հաստատութիւններու օգնութեամբ: Մէկ դար անց «100 կեանք» նախաձեռնութիւնը երախտագիտութեամբ կը ներկայացնէ այս փրկուածներուն եւ անոնց փրկարարներուն պատմութիւնները` այսպիսով մեծարելով մարդկային ոգիի տոկունութիւնը եւ փառաբանելով մարդասիրութիւնը:

«100 կեանք»-ը «Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» (IDeA) հիմնադրամի նախաձեռնութիւնն է: IDeA հիմնադրամը կը խրախուսէ Հայաստանի մէջ ընկերային ձեռներեցութեան գաղափարը` ոչ առեւտրական երկարաժամկէտ ծրագիրներու մէջ ներդրումներ կատարելով եւ անոնց հետագայ, կայուն գործունէութիւնը ապահովելով:

The Aurora Prize for Awakening Humanity/ «Աւրորա» մրցանակի մասին

Դափնեկիրները պիտի գնահատուին իրենց արարքներու բացառիկ ազդեցութեան եւ նշանակութեան համար: «Աւրորա» մրցանակը պիտի շնորհուի յանուն Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրողներուն եւ առ ի երախտագիտութիւն անոնց, որոնք հայ ժողովուրդին փրկութեան ձեռք մեկնեցին: Մրցանակին պիտի արժանանայ այն հերոսը, որ մարդոց կ’օգնէ անձնուիրաբար եւ բացառիկ ջանքերով:

Դափնեկիրը պիտի ստանայ 100 հազար ամերիկեան տոլարի պարգեւ եւ նուիրատուութեան շղթան շարունակելու հնարաւորութիւն` 1 միլիոն ամերիկեան տոլարի դրամաշնորհ փոխանցելով զինք ոգեշնչած մարդասիրական կազմակերպութիւններուն:

«Աւրորա» մրցանակի ընտրող յանձնաժողովի անդամներն են նոպէլեան դափնեկիրներ` Էլի Վիզել, Օսքար Արիաս, Շիրին Էպատի եւ Լէյմա Կպովէ, Իրլանտայի նախկին նախագահ Մէյրի Ռոպինսոն, մարդու իրաւունքներու պաշտպան Հինա Ճիլանի, Աւստրալիոյ արտաքին գործերու նախկին նախարար եւ Միջազգային ճգնաժամային խումբի (International Crisis Group) պատուաւոր նախագահ Կարեթ Էվընզ, Նիւ Եորքի Քառնեկի ընկերութեան նախագահ Վարդան Գրիգորեան եւ օսքարակիր դերասան ու բարերար Ճորճ Քլունի:

«Աւրորա» մրցանակը պիտի շնորհուի ամէն տարի` Երեւանի մէջ, ապրիլ 24-ին:

Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար, տե՛ս www.auroraprize.com/hy.


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>