Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Տխուր Եւ Վշտալի Իրականութիւն

$
0
0

bedikianԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Եթէ մօտէն կը հետեւինք հայ սփիւռքի ամէնօրեայ հեւքերուն, մտահոգութիւններուն եւ մանաւանդ մաշումին, այն ժամանակ միայն կրնանք հասկնալ, թէ տակաւին դամոկլեան սուրի նման անոր գլխուն կախուած է տխուր եւ վշտալի իրականութիւնը:

Այս մասին եւ ամէն առիթներով մտահոգ գրիչներ ոչ միայն անդրադարձած են, այլեւ արձագանգած ու ամէն ձեւով հրապարակած են իրենց մէջ կուտակուած այս վախն ու սարսափը:

Աւելի՛ն. անոնք նաեւ կատարած են հաստատումներ ու իբրեւ մտահոգութիւն` հանրութեան պարզած, թէ մեր մայրենին սփիւռքի տարածքին իսկապէս վտանգի մէջ է: Այս մէկը զգուշացումէ աւելի` նաեւ ահազանգ հնչեցնել ալ է: Ողջունելի գործունէութիւն:

Այս բոլոր մտահոգութիւններուն մասին երկար – բարակ խօսուած է. կլոր կամ տափակ սեղաններու շուրջ խորհրդակցութեան նիւթեր դարձած են: Նաեւ այս առթիւ մտաւորական կամ հոգեւոր պետերով կազմակերպուած են մեծ ու փոքր գիտաժողովներ: Մէկ խօսքով, այս նիւթը ինքնին սպառած է: Եզրակացութիւն` վտանգը բացայայտ է. էականը լուծումն է: Մարդ կոյր պէտք է ըլլայ չտեսնելու կամ չլսելու համար, թէ կարգ մը գաղութներու մէջ եւ կամ ամէն տեղ  հայախօսներու թիւը սկսած է պակսիլ: Պակսած է նաեւ հայերէն կարդացողներուն եւ նոյնպէս ալ գրողներուն թիւը:

Մէջտեղ սերունդ մը կայ, որ հայերէն կարդալ չի գիտեր, կամ քիչ գիտէ:  Մայրենի լեզուն չի խօսիր կամ պատահաբար կը խօսի: Այսինք հայերէն չի գիտեր: Սերունդին լեզուափոխութիւնը մայրենի լեզուին գիտութեան նուազում կ՛ենթադրէ: Կը նշանակէ նաեւ լուրջ կորուստ:

Ահա ցաւ մը, որ ինք` Շահան Շահնուր արդէն անցեալ դարուն նախատեսած էր: Աղէտ կամ մտահոգութիւն, ի՛նչ կ՛ուզէք` որակեցէ՛ք: Կարեւորը այս ամէնը ոչ միայն կարդացողներ է պէտք, այլ նաեւ կարդալէն ետքն ալ` գործադրողներ:

Շեշտելու եւ բոլոր խուլ ականջներուն հնչեցնելու միտումով ըսենք, որ հայ լեզուն հայ զանգուածները կապելու բանալին է: Անոր բացակայութիւնը կամ  անհետացումը մեր մշակոյթի անհատացումն ալ կ՛ենթադրէ, ինչպէս նաեւ` մեր գոյութեան վտանգը:

Ամէն տեղ` սփիւռքի հարաւի կամ հիւսիսի, արեւմուտքի կամ արեւելքի շրջաններէն ներս առաջնահերթութիւնը տեղական լեզուին տրուած է: Այս կը նշանակէ, թէ պիտի գայ օրը, որ մեր նոր սերունդը պիտի դառնայ անճանաչելի: Զրկուելով իր մայրենիէն` ան պիտի կորսնցնէ նաեւ իր ազգային մտածողութիւնն ու անոր պատմական ժառանգութիւնն ալ: Հայու գիտակցութեան հետ իր պատկանելիութիւնն ալ պիտի պղտորի ու հիննալով` կամաց կամաց պիտի…

Ահա՛ իրական մեր կեանքը:

Ուստի ժամը հասած է, նոյնիսկ` ուշացած, լուրջ ծրագրումի եւ իսկական աշխատանքի: Գալիք ժամանակներու մնայուն ներկայութեան համար գիտակցութեան հասունութիւն է պէտք: Ծրագրում է պէտք: Միայն խօսքով կարելի չէ «փիլաւ եփել»: Նստիլ ու սպասել եւ կամ հաշտուիլ իրականութեան հետ` ուղղակի ողբերգութիւն է:

Իրականութեան փնտռտուքի ժամանակը անցած է:

Այս օրերուն ճակատաբաց կ՛ըսենք` ամէն գնով եւ զոհողութեամբ տէր պէտք է կանգնիլ արեւմտահայ մեր ժառանգութեան, մեր լեզուին, մեր մշակոյթին եւ աւանդութեան: Իրականութիւնը յստակ է, ներկայիս մէջտեղը մեծ զոհ մը կայ, ան ալ արեւմտահայ լեզուն է, եւ ապա կամաց կամաց անոր հետեւող, անոր ճակատագրին հասնող մենք` արեւմտահայերս եւ մեր սփիւռքը:

Լեզու ըսի եւ շեշտեցի: Բայց ի՞նչ է լեզուն, եթէ ոչ միջոց` նպատակին հասնելու:

Լեզուն ցեղ է եւ ազգային միութիւն, եւ երբ կը կորսնցնէ իր անհատական խորութիւնը ու դուրսէն եկող հոսանքին կ՛ենթարկուի` առանց դիմադրութեան, կապիկ կը դառնայ: Մէկ խօսքով` համակերպում եւ ահա ձուլում…

Ուստի միտքս պարզեմ: Ինծի համար հայութիւնը ունի երեք էական սկզբունքներ`  դպրոց, եկեղեցի եւ ակումբ: Ասոնցմով կարելի է պահել ոգին, լեզուն, մշակոյթն ու աւանդութիւնները: Բայց անպայման` պահել լեզուն եւ անոր իշխանութիւնը:

Ահա այս է այս օրերուն առաջին հրամայականը: Մեր լեզուն մեր ժողովուրդի հոգիին բանալին է: Այս մտքի շարունակութիւնը կախեալ է մեզմէ:

Նախ պայման է, որքան շուտ` այնքան լաւ, մուտք գործենք բոլորին սրտերուն ու հոգիներուն մէջ` հասնելու արմատներուն: Ժողովուրդի մորթին տակ մտնել պէտք է: Անոր արեան հետ հոսիլ պէտք է` հասնելու համար անոր սրտին: Փոխել, նորոգել, նորոգուիլ: Այս բոլորը, որովհետեւ մենք բոլորով կոչուած ենք միասին կերտելու մեր կեանքը, ուզենք կամ չուզենք: Մենք բոլորս ալ մեծով ու պզտիկով պատասխանատու ենք պատմութեան առջեւ: Ականջի օղ ընենք, որ հայ ըլլալը մեծ ճիգ կը պահանջէ: Կը պահանջէ նաեւ հաւատք եւ զոհաբերութիւն:

Կարծես ներկայ մեր իրավիճակով կարգ մը գաղութներու մէջ հայ ոգին կորսնցուցած է իր բանալին ու ասոր պատճառով հայ միտքն ալ շուարած է, չէ կեդրոնացած: Պանդուխտ է:

Գիտենք նաեւ, որ աշխարհի բոլոր ժողովուրդներն ալ ունեցած են վերելքներ եւ անկումներ, բայց ազգը իր նկարագրով միշտ յաղթահարած է այս բոլոր դժուարութիւնները:

Լա՛ւ յիշեցէք, այս երկրագունդի վրայ մշակոյթն է, որ պահպանած է ազգերու կեանքը:

Ամէն հայրենիք եւ ամէն ազգ իր իւրայատուկ պայմանները ունի հաւաքական կենսունակութեան եւ ապագայի պատրաստութեան համար: Մեզի համար հայրենիքն է, որ մեզ պահած է: Անոր յոյսն ու լոյսն է, որ մեզ առաջնորդած է: Ան է, որ իր մէջ ունի թաքուն պահած յոյսն ու լոյսը: Առանց այդ լոյսին` կարելի չէ ընբռնել արարատեան մեր լեզուն: Ժամանակն է, որ մեր գիտակցութիւնը բարձրացնենք դուրս հանելու համար  հոն բոյն դրած օտարամոլութիւնը: Ճիշդ է, որ սփիւռքի տարածքին երկու հակասական կեանք կ՛ապրինք: Բայց վերանորոգուիլ է պէտք: Ու այս մէկը կարելի է հայ դպրոցով եւ անոր հայ ուսուցիչով: Այսօր մեզմէ կը պահանջուի յաւելեալ զգաստութիւն եւ յաւելեալ վստահութիւն` հանդէպ սփիւքեան մեր բոլոր կառոյցներուն: Այլեւս կիսամիջոցներով կամ կարկտաններով կարելի չէ շարունակել: Նոյնիսկ կը կարծեմ, որ արդէն ազգովին ուշացած ալ ենք:

Ուրեմն սկսինք մեզմէ, մեր տուներէն, մեր դպրոցներէն, հոն հրամցուած դասագիրքերէն: Եւ տակաւին մեր ակումբներէն կամ հայ կեդրոններէն, մեր ժողովներէն: Ահազանգ հնչեցնելը աւելորդ է: Բոլորս ալ լաւատեղեակ ենք իրավիճակին: Մէջտեղը աղէտ մը կայ մեծ, տեսանելի եւ ահարկու: Տխուր եւ վշտալի իրականութիւն մը կայ, որ կարելի եղած չափով արագ ու գործնական քայլերու կը կարօտի: Եւ աւելի՛ն. այս բոլորը լսող եւ գործադրող է պէտք: Ահա հրաւէր մը` արդար եւ իրաւ:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>