Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Շարլ Ազնաւուր Պիտի Մասնակցի «Աւրորա»
Մրցանակաբաշխութեան
Շարլ Ազնաւուր ապրիլին Հայաստան պիտի այցելէ: «Արմէնփրես»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է Ազնաւուրի մամլոյ քարտուղարը` Քրիստինա Սարգսեան: Ան դիտել տուած է, որ Շարլ Ազնաւուր ներկայ պիտի ըլլայ «Աւրորա» մրցանակաբաշխութեան:
Մուսա Լերան 40 Օրերը» Գիրքի
Վերահրատարակուած Հունգարերէն
Թարգմանութեան Շնորհահանդէսը
29 մարտին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ տեղի ունեցած է «Մուսա Լերան 40 օրերը» գիրքի հունգարերէն թարգմանութեան վերահրատարակութեան շնորհահանդէսը: Անիկա վերահրատարակուած է Հունգարիոյ հայ ազգային ինքնավարութեան ղեկավարի տեղակալ Ալեքս Աւանեսեանի հովանաւորութեամբ` 100 օրինակով, իւրաքանչիւրին վրայ դրոշմուած է ապակեայ հայկական մանրանկար:
Բացման խօսքով հանդէս եկած է սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան, որ շնորհակալութիւն յայտնած է Ալեքս Աւանեսեանին, որ ջանք ու եռանդ չի խնայեր հայ մշակոյթը հունգար ժողովուրդին եւ կառավարութեան ներկայացնելու առումով:
«Ֆրանց Վերֆելի վէպի այս շքեղ հրատարակութիւնը ասոր վառ ապացոյցն է: Ի հարկէ, մենք գիտենք, որ հայ-հունգարական միջպետական յարաբերութիւնները սառեցուեցան կացինով մարդ սպաննող ազրպէյճանցիի արտայանձնման ու հերոսացման գործընթացներէն ետք, սակայն համոզուած ենք, որ այդ յարաբերութիւնները չեն վերաբերիր հայ եւ հունգար ժողովուրդներուն: Մենք ամէն բան պէտք է ընենք հունգար ժողովուրդին` Հայոց ցեղասպանութեան հարցը ճշգրիտ կերպով ներկայացնելու եւ բարեկամութիւնը շարունակելու ուղղութեամբ: Ա. Աւանեսեանի այս հրաշալի նախաձեռնութիւնը կու գայ օգնելու այդ գործին», ըսած է ան:
Հայաստանի ազգային արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրաբեան նշած է, որ Հունգարիոյ մէջ վէպը առաջին անգամ թարգմանուած եւ հրատարակուած է 1945-ին, այնուհետեւ բազմիցս վերահրատարակուած է: Ըստ անոր, իւրաքանչիւր վերահրատարակութիւն փաստ է այն մասին, որ վէպը կ’ապրի` ապրեցնելով իր հեղինակը: «Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմող ոչ մէկ գիրք կամ ժապաւէն այս ձեւով չէ ընդունուած միջազգային հանրութեան կողմէ, որքան` Վերֆելի վէպը», դիտել տուած է ան:
Ելոյթ ունեցած է նաեւ Մուսա Լերան հերոսամարտի պատմութեան եւ մուսալեռցիներու ազգագրութեան թանգարանի տնօրէն Դաւիթ Սարգսեան, որ անդրադարձած է այն իրողութեան, որ յատկապէս Վերֆելի այս վէպով միջազգայնացուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը:
Երեւանի պետական համալսարանի արեւելագիտութեան բաժանմունքի թրքագիտութեան ամպիոնի վարիչ Ալեքսանդր Սաֆարեան կարեւոր նկատած է այն հանգամանքը, որ Վերֆել ազգութեամբ հրեայ էր, սակայն միշտ ալ կը խուսափին այդ մասին խօսելէ: Ան նման աշխատանք մը շատ կարեւոր նկատած է:
Գնահատանքի խօսքով հանդէս եկած են նաեւ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիացի գրականութեան հիմնարկի տնօրէն Վարդան Դեւրիկեան, պատմութեան հիմնարկի Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան բաժինի վարիչ Արմէն Մարուքեան, հիմնարկի գիտաշխատող Յովհաննէս Ալեքսանեան, «Մուսա Լեռ» հայրենակցական միութեան անդամ, մուսալեռցիի ժառանգորդ Գաբրիէլ Փանոսեանը:
Այնուհետեւ խօսք առած է Հունգարիոյ հայկական ինքնավարութեան ղեկավարի տեղակալ Ալեքս Աւանեսեան, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Հունգարիոյ մէջ տեղի ունեցած նախաձեռնութիւնները ներկայացնող ժապաւէնին ընկերակցութեամբ անդրադարձած է կատարուելիք աշխատանքներուն: Անդրադառնալով գիրքին` Աւանեսեան կարեւոր նկատած է կողքի մանրանկարիչ` Պուտափեշտի Հայ արուեստի կեդրոնի մանրանկարչութեան ուսուցչուհի Երմոնէ Զապէլ Մարթայեանի եւ անոր աշակերտներուն կատարած հիասքանչ աշխատանքը, որուն շնորհիւ վէպը յատուկ շքեղութեամբ շուտով պիտի յայտնուի Հունգարիոյ պետական անձնաւորութիւններու, հունգարահայ համայնքին սատար կանգնող հունգարացիներու, համայնքապետներու սեղանին, պետական հաստատութիւններուն եւ թանգարաններուն մէջ:
Ա. Աւանեսեան նշած է նաեւ, որ միայն Վերֆելի վէպի վերահրատարակութեամբ պիտի չբաւարարուին: «Մենք գիտենք, որ այսօրուան երիտասարդները դժուարութեամբ հաստափոր գիրքեր կը կարդան, ուստի նախաձեռնած ենք նաեւ վէպի այս նիւթով երաժշտական ժապաւէնի նկարահանման: Նախնական աշխատանքները աւարտած ենք եւ նախատեսած` սեպտեմբերի 21-ին ժապաւէնը ցուցադրել Պուտափեշտի մէջ` Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակին առթիւ», յայտնած է ան:
Շնորհահանդէսի աւարտին նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան սփիւռքի նախարարութեան շնորհակալագիրներ յանձնած է Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա Լերան 40 օրերը» գիրքի հունգարերէն թարգմանութեան վերահրատարակութեան նախաձեռնողներ Ալեքս Աւանեսեանին, Սեւան Սարկիսեանին, Նիկողոս Յակոբեանին եւ Սօսի Սուսանիին:
ԹՈՒՄՕ-ն Աշխարհի Ամէնէն Նորարար Դպրոցը
Նկատուած Է Ֆրանսական Ամսագիրին Կողմէ
Ֆրանսական «Ուի Տըմեն» ամսաթերթը պատրաստած է աշխարհի ամէնէն նորարար դպրոցներու տասնեակը, որուն առաջին դիրքին վրայ է Հայաստանի ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեսագիտութիւններու կեդրոնը: Այս մասին գրուած է ԹՈՒՄՕ-ի Դիմատետրի էջին վրայ:
Տասնեակին մէջ են նաեւ Սիլիքոն Հովիտի AltSchool-ը, Թոքիոյի Fuji Kindergarten-ը եւ Steve Jobs Schools-ը:
Յիշեցնենք, որ ԹՈՒՄՕ կեդրոնին մէջ կը կիրարկուի արտադպրոցական ծրագիր մը, որուն կը հետեւին 12-18 տարեկան պատանիներ: ԹՈՒՄՕ-ի առաջին կեդրոնը ստեղծուած է 14 օգոստոս 2014-ին, Երեւանի մէջ, Սեմ եւ Սիլվա Սիմոնեաններու նախաձեռնութեամբ, «Սիմոնեան» կրթական հիմնարկին կողմէ: Կեդրոնական դրամատան «Գիտելիք յանուն զարգացման» ծրագիրին շնորհիւ` փետրուար 2013-էն ԹՈՒՄՕ-ն կը գործէ նաեւ Դիլիջանի մէջ (շուրջ 300 ուսանող ունի):
ԹՈՒՄՕ-ՀԲԸՄ գործակցութեան իբրեւ արդիւնք` նախորդ տարուան մայիսին նաեւ բացուեցաւ Գիւմրիի ԹՈՒՄՕ կեդրոնը: 2015-ի սեպտեմբերին ԹՈՒՄՕ-ի կեդրոն բացուեցաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մայրաքաղաքին մէջ: Կը նախատեսուի, որ կեդրոն մը բացուի նաեւ Ջաւախքի մէջ:
Զբօսաշրջութեան Զարգացման Վերաբերող
Յուշագիրի Ստորագրութիւն
«Նեշընըլ Ճիոկրաֆիք»-ի Հետ
«Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» (IDeA) բարեսիրական հիմնադրամը եւ «Նեշընըլ ճիոկրաֆիք փարթնըրզ» ընկերութիւնը ստորագրած են փոխըմբռնման յուշագիր` Հայաստանի զբօսաշրջութեան ոլորտի կայուն զարգացման կարելիութիւններու նախնական ուսումնասիրութիւն կատարելու վերաբերեալ:
Ուսումնասիրութիւնը պիտի ներառէ Հայաստանի մշակութային եւ բնութեան գրաւչութիւններու ներուժի զարգացման վերաբերող խորհրդատուութիւններ` հիմնուած կայուն զբօսաշրջութեան երեք հիմնասիւներուն վրայ.
– Շրջակայ միջավայրին չվնասող մեթոտներ,
– Աջակցութիւն մշակութային ժառանգութեան ու բնութեան պահպանութեան,
– Ընկերային-տնտեսական առաւելութիւններու տրամադրում տեղւոյն բնակչութեան:
Այս տարուան ապրիլի աւարտին «Նեշընըլ ճիոկրաֆիք թրավըլըր» ամսագիրի խմբագիր Քոսթաս Քրիստը պիտի այցելէ Հայաստան` «Նեշընըլ ճիոկրաֆիք»-ի անունով զբօսաշրջութեան զարգացման նախնական գնահատում կատարելու համար: Ան կայուն զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ աշխարհի առաջատար մասնագէտներէն է: Կ՛աշխատի «Նեշընըլ ճիոկրաֆիք»-ի զբօսաշրջային խումբին հետ:
Հայաստան կատարելիք այցելութեան ընթացքին ան հանդիպումներ պիտի ունենայ Հայաստանի կառավարութեան ներկայացուցիչներու, համայնքներու առաջնորդներու, գործարարներու եւ զբօսաշրջային կառոյցներու ներկայացուցիչներու հետ` գնահատելու Հայաստանի մէջ կայուն զբօսաշրջութեան զարգացման այնպիսի կարելիութիւններ, որոնք պիտի ապահովեն երկրի տնտեսական աճը` միաժամանակ երաշխաւորելով բնութեան եւ հարուստ մշակութային ժառանգութեան պահպանութիւնն ու անոնց փոխանցումը յառաջիկայ սերունդներուն:
Սերտօրէն աշխատելով «Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» հիմնադրամին հետ` Քոսթաս Քրիստը կայուն զբօսաշրջութեան սկզբունքներուն եւ փորձառութեան համաշխարհային չափանիշներուն վրայ հիմնուած խորհրդատուութիւն պիտի տրամադրէ Հայաստանին` զբօսաշրջութեան ռազմավարութեան համար:
«Լաւագոյն միջազգային փորձի եւ չափանիշների կիրառումը նոր տեղական նշաձողեր սահմանելու համար IDeA հիմնադրամի առանցքային սկզբունքներից են, եւ հիմնուելով այս մօտեցման վրայ` մենք սկսում ենք աշխատանքը «Նեշընըլ ճիոկրաֆիք փարթնըրզ» ընկերութեան հետ: Վստահ եմ, որ այս համագործակցութեան շնորհիւ մենք կը բացայայտենք Հայաստանն աշխարհին ներկայացնելու լաւագոյն միջոցները, որոնք կը ներառուեն IDeA-ի Զբօսաշրջութեան զարգացման ռազմավարութեան մէջ», յայտնած է «Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» հիմնադրամի գլխաւոր գործադիր տնօրէն Էդգար Մանուկեանը:
«Հայաստան գեղեցիկ երկիր է, որ կրնայ հպարտ ըլլալ իր հարուստ մշակութային ժառանգութեամբ: Այդ ժառանգութիւնը պահպանելը եւ շրջակայ միջավայրին հոգալը յատուկ նշանակութիւն ունի Հայաստանի կայուն զբօսաշրջութեան զարգացման ռազմավարութեան համար` հայաստանցիներուն ընկերային-տնտեսական բարեկեցութիւն ապահովելու տեսանկիւնէ: Շուտով պիտի սկսիմ աշխատիլ հեռատես կազմակերպութեան` IDeA հետ, Հայաստանը աշխարհին ներկայացնելու համար», ըսած է Ք. Քրիստը:
Զուիցերիական Լուկանօ Քաղաքին Մէջ
Բարեսիրական Նախաձեռնութիւն`
Ի Նպաստ Գիւմրիի Անօթեւան Ընտանիքներուն
Գիւմրիի անօթեւան ընտանիքներուն հարցի լուծման նպատակով եղած նախաձեռնութեան միացած են նաեւ Զուիցերիայէն, որուն գեղատեսիլ Լուկանօ քաղաքին մէջ զուիցերիաբնակ Թերեզա Մխիթարեանի կողմէ, կազմակերպուած է բարեսիրական նախաձեռնութիւն: Այս մասին կը գրէ լրագրող Արմէնուհի Մխոյեան:
«Շիրակ» կենդրոնին կողմէ փոխանցուած լրատուութեան համաձայն, ձեռնարկը խորհրդանշական էր, քանի որ մասնակիցներուն մեծ մասը զուիցերիացիներ էին: Ներկայ եղած է նաեւ Լուկանոյի քաղաքապետը, որ իր երախտագիտութիւնը յայտնած է Թերեզա Մխիթարեանին` Գիւմրիի վերածնունդին նպատակով զուիցերիացիներ համախմբելու մեծ աշխատանքին համար:
Իտալացի բարերար, տարիներէ ի վեր Հայաստան բնակող, «Հոգ ընտանիքին» հիմնարկի նախագահ Անթոնիօ Մոնթալթօ ձեռնարկին ընթացքին ներկայացուցած է գիւմրեցի կիներուն ձեռային աշխատանքները, որոնք մեծապէս տպաւորած են զուիցերիացիները, իսկ Հայաստանէն ձեռնարկին մասնակցող «Դոլմամա» ճաշարանային համալիրի տնօրէն Ժիրայր Աւանեան իր խոհարարական հմտութիւններով եւ հայկական ճաշատեսակներու համ ու հոտով զարմացուցած է օտարները:
Եւրոպային մէջ նշանաւոր զուիցերիացի ճարտարապետ, փրոֆեսէօր Զնոթզի նաեւ խոստացած է աջակցիլ Գիւմրիի պատմամշակութային յուշարձաններով հարուստ կեդրոնի վերականգնման եւ ճարտարապետական ձեւաւորման աշխատանքներուն, իսկ զուիցերիացի խումբ մը բժիշկներ իրենց ծառայութիւնը առաջարկած են տնակներու մէջ ապրող երեխաներուն առողջական հարցերու լուծման:
Ձեռնարկի աւարտին Թերեզա Մխիթարեան յատուկ շնորհակալական խօսք ուղղած է զուիցերիացի բարեկամներուն, համայնքային ներկայացուցիչներուն եւ յատկապէս Լուկանոյի քաղաքապետին` անոնց ցուցաբերած մարդասիրական վերաբերումին համար: Բարեսիրական ճաշկերոյթին ընթացքին հանգանակուած գումարը բաւարար է մէկ բնակարանի ձեռքբերման:
Եղեռնի Ժամանակ Կորսուած Եւ Փրկուած
Ձեռագիրներու Մասին Գիրք
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի հրատարակչական բաժինը, օրհնութեամբ Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսին, լոյս ընծայած է «Եղեռնը եւ մեր ձեռագրերի կորուստն ու փրկութիւնները» աշխատութիւնը` աշխատասիրութեամբ Գէորգ Տէր Վարդանեանի:
Գիրքին մէջ զետեղուած առաջին աշխատութեան («Ս. Գոլանճեան, Հայկական կոտորածները եւ մեր ձեռագրական կորուստները») մէջ ներկայացուած է 19-րդ դարու աւարտին եւ 20-րդ դարու առաջին երկու տասնամեակին ընթացքին թրքական բարբարոսութիւններուն իբրեւ հետեւանք հայ ձեռագիր–գրքային մշակոյթի կորուստներու ընդհանուր պատկերը, ապա` Յովհաննէս Վ. Հիւսեանի «Համառօտ նկարագրութիւն Վասպուրականի մէջ եղած մի քանի նշանաւոր վանքերու» շարադրանքին մէջ պատկերուած է Վասպուրականի նահանգի վանքերի աւերումը: Երրորդ գործը կը պարունակէ Բաբգէն աթոռակից կաթողիկոս Կիւլեսերեանի հաւաքած յիշատակարանները եւ ձեռագիրի նկարագրութիւնները: Յաջորդ երկուքը Գ. Տէր Վարդանեանի` Եղեռնէն փրկուած ձեռագիրի եւ պատառիկի մը նուիրուած հետազօտութիւններն են, որոնք հրապարակումն են 18-րդ դարուն վերաբերող պատմական մեծարժէք փաստաթուղթի, որոնք 1919-էն առաջ պահպանուած են Ագուլիսի Ս. Թովմաս առաքեալ վանքին մէջ:
Արժէքաւոր այս հատորը տպագրուած է մեկենասութեամբ Վեհանուշ Վարդանի` ի յիշատակ ամուսինին` պատմաբան Լեւոն Վարդանի:
Ռուս Զբօսաշրջիկները Թուրքիոյ Փոխարէն
Վրաստան, Հայաստան Եւ Ազրպէյճան Կ՛այցելեն
Ըստ «Տելֆին» ընկերութեան տնօրէն Սերկէյ Ռոմաշքինի, շրջապտոյտ կազմակերպողներու եւ ճամբորդական գրասենեակներու տուեալները ցոյց տուած են, որ Հայաստան, Վրաստան եւ Ազրպէյճան այցելել ուզողներուն թիւը աւելցած է 50 տոկոս: Ան աւելցուցած է, որ ասոնք զանգուածային ուղղութիւններ չեն: Ընկերութեան համաձայն, ամրան Վրաստան պիտի այցելէ Ռուսիայէն 200-300 հազար զբօսաշրջիկ:
Նախատեսուած է, որ Աբխազիա այցելեն շուրջ 1.5 միլիոն ռուսեր, ինչ որ նախորդ տարուան հետ բաղդատած 20 տոկոսի աճ կը նկատուի:
«Ինտուրիստ» ընկերութեան վաճառքի գծով տնօրէն Սերկէյ Թոլչին եւս նշած է, որ ԱՊՀ երկիրներ այցելելու պահանջը աւելցած է: Դէպի Հայաստան եւ Ազրպէյճան այցելութեան պահանջը աւելցած է երեք անգամ, սակայն շուկային համար զգալի ծաւալներու մասին խօսք չկայ տակաւին:
«Սուեազնօ Թրեւլ» ընկերութեան տնօրէն Ալեքսանտր Թորոշ յատուկ կերպով խօսած է Պաթումի մասին, ուր նախապէս եղած այցելութիւնները նկատի առնելով` կարելի է ըսել, թէ 2015 թուականի համեմատութեամբ աճած են 3,2 անգամ: Ան շեշտած է, որ թիւի երկրորդ մեծագոյն աճը նկատուած է Հայաստան մեկնիլ ուզողներուն պարագային:
Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ յարաբերութիւններու լարուածութեան լոյսին տակ Ռուսիա արգիլած է Թուրքիայէն շարք մը սննդամթերքներու, թռչնամիսի, միրգերու ներածումը, ինչպէս նաեւ սահմանափակած է ռուս զբօսաշրջիկներուն` Թուրքիոյ հանգստավայրեր այցելելու հնարաւորութիւնը: