Հարցազրոյցը վարեց` Ն. Բ.
1991 թուականին Հայաստանի մէջ հիմը դրուեցաւ Հայաստանի ամերիկեան համալսարանին, որ իր գոյութեան 25 տարիներուն ընթացքին ընդարձակեց իր ուսումնական կարելիութիւններուն ծիրը, զարգացաւ, նոր մասնագիտութիւններ ներգրաւեց, ամառնային յատուկ դասընթացքներ կազմակերպեց եւ ծրագիրներ ունի աւելցնելու իր մասնագիտութիւնները, որպէսզի առիթ տայ կարելի եղածին չափ մեծ թիւով ուսանողներու իրենց բարձրագոյն կրթութիւնը ստանալու համալսարանի յարկին տակ:
Լիբանանի մէջ հոգեւոր, միութենական եւ կրթական պատասխանատուներու, ինչպէս նաեւ հայկական վարժարաններու բարձրագոյն կարգերու աշակերտութեան հետ հանդիպումներ ունենալու նպատակով վերջերս Լիբանան կը գտնուէր համալսարանի նախագահ դոկտ. Արմէն Տէր Կիւրեղեանը, որ «Ազդակ»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ` համալսարանի անցած զարգացման ուղիին, ամերիկեան համալսարաններուն հետ գործակցութեան, ուսանողներուն պարզած պատկերին, սփիւռքահայ ուսանողներուն տրուած կարելիութիւններուն, նաեւ` համալսարանի ապագայի ծրագիրներուն: Ան շեշտը դրաւ այն երեւոյթին վրայ, որ համալսարանը հետամուտ է ուսանելու կարելիութիւն տալ Հայաստանի եւ սփիւռքի ուսանողներուն` անկախ անոնց ընկերային-տնտեսական պայմաններէն, հաստատելով, որ Հայաստանի մէջ ուսանիլը նաեւ բացառիկ առիթ է ապրելու հայրենիքի մէջ, զգալու հայրենի շունչը: Դոկտ. Տէր Կիւրեղեան քաջալերեց սփիւռքահայերը` սերտելու համալսարանին մէջ ուսանելու կարելիութիւնները եւ մասնագիտութեան առկայութեան պարագային դիմում ներկայացնելու ու օգտուելու հայրենիքի մէջ ուսանողական տարիները անցընելու առիթէն:
Ստորեւ` հարցազրոյցը:
«ԱԶԴԱԿ».- Խնդրեմ` խօսինք Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի զարգացման ընթացքին մասին` հիմնադրութենէն մինչեւ օրս:
ԱՐՄԷՆ ՏԷՐ ԿԻՒՐԵՂԵԱՆ.- Համալսարանը իր դռները բացաւ 1991-ին, նոյն տարին, երբ Հայաստան յայտարարեց իր անկախութիւնը, այսինքն Հայաստանի ամերիկեան համալսարանը վերանկախացած Հայաստանի տարիքով է: Անիկա սկսաւ գործել երեք մագիստրոսի մասնագիտութեամբ եւ 101 ուսանողով, որոնցմէ միայն 54-ը աւարտեցին, միւսները չշարունակեցին, ձախողեցան եւ այլն: Այսօր համալսարանին մէջ կայ մագիստրոսի 8 մասնագիտութիւն, եւ երեք տարի առաջ բացինք պսակաւորի աստիճան, ուր կան երեք մասնագիտութիւններ` համակարգչային գիտութիւններ, անգլերէն եւ հաղորդակցութիւն (ինկլիշ էնտ քոմիւնիքէյշընզ) եւ առեւտրական գիտութիւններ, իսկ մագիստրոսինը` Ճարտարարարուեստական ճարտարագիտութիւն (ինտասթրիըլ ինճինիրինկ), համակարգչային գիտութիւններ, քաղաքական գիտութիւններ եւ միջազգային յարաբերութիւններ (ինթըրնեշընըլ էֆֆերզ), իրաւաբանութիւն, անգլերէն լեզուի ուսուցում (թիչինկ աֆ ինկլիշ էզ ֆորըյն լենկուէյճ -անգլերէնի ուսուցիչներու պատրաստութիւն), հանրային առողջապահութիւն, առեւտրական գիտութիւններ եւ տնտեսագիտութիւն (մեսթըր աֆ սայընս ին էքոնոմիքս): Բոլոր դասընթացքները անգլերէնով են, բացի հայերէն գրականութենէն եւ պատմութենէն, որոնք պարտադիր նիւթեր են պսակաւոր աստիճանի ուսանողներուն համար, սակայն այդ պարագային ալ ունինք անգլերէն լեզուով դասաւանդութիւններ` ոչ հայ կամ սփիւռքէն եկած ու լաւ հայերէն չգիտցող ուսանողներուն համար:
Այսօր ուսանողներուն թիւը աւելի քան 1500 է, բայց որովհետեւ երեք տարի առաջ սկսանք պսակաւոր բաժինին, ունինք միայն ֆրեշմեն, սոֆոմոր, ճիւնիոր տարիները, յառաջիկայ տարի անոնք պէտք է բարձրանան, եւ նոր խումբ մը ընդունինք` մօտ 4 հարիւր հոգիի շուրջ: Այսպիսով, 2017-ին կ՛ունենանք 2 հազար ուսանող, ինչ որ ներկայ մեր շէնքային պայմաններուն համար սահմանին հասնող թիւ է: Անշուշտ նպատակ ունինք ընդարձակելու մեր տարածքը, արդէն ունինք հողաշերտ մը, յոյս ունինք, որ բարերարի մը օգնութեամբ կարելի կ՛ըլլայ կառուցել շէնք մը: Մենք կը նախատեսենք, որ ապագային աւելի մասնագիտութիւններ բանանք, մանաւանդ` պսակաւորի աստիճանի բաժինին մէջ, որովհետեւ շատ քիչ է երեք մասնագիտութիւնը: Իրողութիւն է, որ Հայաստանի մէջ կան մեծաթիւ ուսանողներ, որոնք կ՛ուզեն մեր համալսարանին մէջ ուսանիլ, սակայն երեք մասնագիտութիւններու պարագան կը սահմանափակէ եւ արգելք կը հանդիսանայ: Ապագային մտադիր ենք աւելցնել:
«Ա.».- Խօսինք տարբեր համալսարաններու, յատկապէս Հայաստանէն դուրս համալսարաններու հետ ձեր գործակցութեան մասին:
Ա. Տ. Կ.- 2007-էն մենք ունինք հաւատարմագրութիւն (էքրետիթէյշըն) Ուեսթըրն Էսոշիյէյշըն աֆ սքուլս էնտ քոլեճզի հետ, որ ամերիկեան վեց շրջանային հիմնարկներու ցանց է, որ ամերիկեան կրթութեան նախարարութեան կողմէ ճանչցուած է: Մենք կը պատկանինք արեւմտեան բաժինին, որովհետեւ Քալիֆորնիոյ համալսարանին հետ կապ ունինք (աֆիլիյէյշըն): Ըսեմ, որ Հայաստանի ամերիկեան համալսարանը հիմնադրուեցաւ Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան, Հայաստանի կառավարութեան եւ Քալիֆորնիոյ համալսարանի միասնական համագործակցութեամբ, այդ պատճառով ալ արեւմտեան ընկերակցութեան հետ է մեր յարաբերութիւնները: 2007-ին ստացանք 7 տարուան հաւատարմագրութիւն, առաւելագոյնը տասը տարի է. հոս յիշեմ նաեւ, որ մենք Միացեալ Նահանգներէն դուրս առաջին համալսարանն ենք, որուն դիմումին ընդառաջեցին, համապատասխան քննութիւն տուինք եւ յաջողեցանք: Ըսեմ, որ ասիկա բաւական լուրջ հարց է, պէտք է լաւ պատրաստուիս, մեծ աշխատանքի կը կարօտի, կառոյցէն ներկայացուցիչներ կու գան, մէկ շաբաթ կը մնան Հայաստան, կը հետեւին մեր աշխատանքներուն, համալսարանին գործունէութեան, կը սերտեն, գնահատականներ կու տան: Մեր մակարդակի եւ մեզի վստահուած աստիճանին պահպանման համար մենք ալ մեր կարգին պէտք է ճշդենք մեր նպատակները, ծրագիրներ մշակենք, անոնց գործադրութեան ընթացքը գնահատենք, թերութիւնները ուղղենք, որպէսզի կարելի ըլլայ կատարելութեան հասնիլ: Ասիկա անվերջանալի եւ մնայուն շրջագիծ մըն է, որ պէտք է շարունակուի, ինչ որ շատ լաւ է, որովհետեւ լճացումէ հեռու կը պահէ համալսարանն ու անոր անձնակազմը:
2011-2014 կրկին անցանք քննութեան, որովհետեւ մեր հաւատարմագրութեան 7 տարին կ՛աւարտէր, պէտք էր նորոգելու համար քննութենէ անցնէինք: 2015-ին այս համագործակցութիւնը նորոգուեցաւ 9 տարուան համար, ինչ որ մեծ յաջողութիւն է մեզի համար, նոյնիսկ Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող համալսարաններ նոյնքան ժամանակով հաւատարմագրութիւն չեն ստանար դիւրութեամբ:
«Ա.».- Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի ուսանողներուն պատկերը ի՞նչ է, ձեր կրթաթոշակը ամերիկեան այլ համալսարաններու նմա՞ն է:
Ա. Տ. Կ.- Մեր ուսանողներուն մեծամասնութիւնը` 90 առ հարիւրը, Հայաստանէն է, իսկ մնացեալ 10 առ հարիւրը` 140-150 հոգի, արտասահմանէն, մեծամասնութիւնը` սփիւռքահայեր, ունինք նաեւ օտար ուսանողներ եւ կ՛ուզենք զանոնք ալ ներգրաւել համալսարանին մէջ, որովհետեւ բազմազանութիւնը կարեւոր կը նկատենք, բոլոր ուսանողներուն համար ալ բազմազանութիւնը սորվելու առիթ է, կարելիութիւն` ծանօթանալու տարբեր մշակոյթներու, մտածելակերպերու եւ այլն: Ատիկա կ՛ըլլայ նաեւ սփիւռքահայերու ներկայութեամբ. արդարեւ, 20-21 երկիրներէ սփիւռքահայեր ունինք համալսարանին մէջ: Մենք հետամուտ ենք սփիւռքահայ ուսանողներ ներգրաւելու ո՛չ միայն այդ բազմազանութեան իմաստով, այլ կը հաւատանք, թէ շատ կարեւոր է, որ սփիւռքահայերը գան եւ քանի մը տարի Հայաստանի մէջ ուսանին, հայրենիքին ծանօթանան, հայոց լեզուն եւ գրականութիւնը աւելի զարգացնեն Հայաստանի մէջ ապրելով, ստեղծեն բարեկամութիւններ, որոնք կը շարունակուին, նոյնիսկ եթէ այդ տղաքն ու աղջիկները իրենց երկիրները վերադառնան: Հայրենիքի մէջ ապրիլն ու ուսանիլը հիանալի առիթ է ուսանողներուն համար, անիկա կրնայ նոր դռներ ու հորիզոններ բանալ անոնց դիմաց:
Մենք կը պատկանինք ամերիկեան համալսարաններու եւ քոլեճներու միութեան, որոնց մէջ կան, օրինակ, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանը, Լիբանանի ամերիկեան համալսարանը, Գահիրէի համալսարանը եւ այլն: Նկատի ունենալով Հայաստանի տնտեսական պայմանները, որոնք նման չեն Լիբանանի, Փարիզի կամ Եգիպտոսի, մեր կրթաթոշակները շատ աւելի նուազ են: Կրթաթոշակը հայաստանցիներուն համար շուրջ երեք հազար տոլար է, իսկ արտասահմանէն եկած ուսանողներուն համար` եօթը հազարի շուրջ, ըստ մասնագիտութեան: Բայց եթէ սփիւռքահայ ուսանողը Հայաստանի քաղաքացիութիւն ունի կամ ունի տասը տարուան յատուկ անցագիր, զայն կը նկատենք Հայաստանի քաղաքացի, եւ նոյն կրթաթոշակով կրնայ ուսանիլ: Այսպիսով, մենք կը քաջալերենք նաեւ, որ սփիւռքահայ ուսանողը այդ անցագիրը կամ քաղաքացիութիւնը ունենայ: Ըսեմ նաեւ, որ հայաստանցիներուն, սուրիահայերուն եւ իրաքահայերուն համար, այսինքն` այն երկրի անձերուն, որոնք ստիպուած եղած են գաղթել իրենց երկիրէն, յատուկ միջոցառումներու կը դիմենք, յատուկ հիմնադրամներ հաստատած ենք, որպէսզի եթէ այդ ուսանողները տնտեսական դժուարութիւններ ունին, օգնենք անոնց: Համալսարանին մէջ ունինք յատուկ օրէնք, որ կը կոչուի «Նիտ պլայնտ ատմիշըն»` վերոնշեալ ուսանողներուն վերաբերող, ատոր համաձայն, եթէ տուեալ անձերուն ակադեմական տուեալները այնպէս մըն են, որ անոնք ուղղակի կ՛ընդունուին, մենք կ՛ընդունինք զանոնք առանց սերտելու, թէ կրնա՞ն վճարել, թէ՞ ոչ: Նման ուսանողներու պարագային տնտեսական պարագան եւ նիւթականի կարողութիւնը նկատի չեն առնուիր: Զանոնք ընդունուելէ ետք կը քննենք անոնց պարագան եւ զեղչեր կը ճշդենք` 25-էն մինչեւ 90 տոկոս: Այսպիսով, կրնանք Հայաստանի բոլոր խաւերէն ուսանողներ ունենալ, այլապէս ներկայ պայմաններուն մէջ Հայաստանի միջին եւ աւելի բարձր խաւերէ ուսանողներ միայն կրնան համալսարան յաճախել: Կրկնեմ` ամէն տեսակի բազմազանութիւն մեզի համար կարեւոր է:
«Ա.».- Խօսինք սփիւռքահայ ուսանողին մասին, որ եթէ Լիբանանի մէջ երկրորդական վարժարանը աւարտեց եւ ուզեց Հայաստանի մէջ շարունակել իր համալսարանական կրթութիւնը, ի՞նչ պէտք է ընէ, ի՞նչ են պայմանները:
Ա. Տ. Կ.- Նկատի ունենալով, որ մեր ուսումը անգլերէնով է, պէտք է բաւարար չափով անգլերէն լեզուին տիրապետած ըլլայ, Թոֆլի եւ Էս. Էյ. Թի.ի քննութիւն տայ, իսկ եթէ Հայաստան կը գտնուի անձը, մենք ունինք ուսողութեան յատուկ այլ քննութիւն, զոր կրնայ տալ Էս. Էյ. Թի.ի փոխարէն: Իսկ մագիստրոսի վերաբերող այլ քննութիւններ կան` ըստ մասնագիտութեան: Անոնք պէտք է ներկայացնեն նաեւ իրենց դպրոցներուն (պսակաւորի աստիճանի պարագային) եւ համալսարանի (մագիստրոսի պարագային) հաստատագիրները, վկայականները, ինչպէս նաեւ յօդուածով մը խօսին իրենց անձին, նպատակներուն, հետաքրքրութիւններուն մասին: Շատ կարեւոր է, որ ուսանողը ինք գրէ այդ յօդուածը, որովհետեւ շուտով կրնանք գիտնալ, թէ ուսանողը ի՞նք գրած է, թէ՞ մասնագէտի մը տուած է, որպէսզի գրէ: Մեր նպատակն է անձը ճանչնալ, նոյնիսկ եթէ սխալներ ունի: Պիտի ունենան նաեւ յանձնարարական նամակներ, յիշեն, թէ կամաւոր աշխատանք տարա՞ծ են իրենց կեանքին ընթացքին` ըլլայ ատիկա միութենական, դպրոցական եւ այլն: Ուսանողներուն պարագան սերտող յանձնախումբը թղթածրարը ամբողջութեամբ կը գնահատէ եւ շեշտը չի դներ միայն մէկ տուեալի վրայ. օրինակ, կրնայ ըլլալ, որ ուսանողի մը Թոֆլի քննութեան նիշը բարձր չէ, սակայն միւս տուեալները լաւ են, ան կ՛ընդունուի: Ներկայիս շատ աւելի մեծ թիւով դիմող ունինք, քան կարելիութիւն ունինք ընդունելու, ուստի սկսած է նաեւ մրցակցութիւնը:
Ասոնք են մեր ընդունելութեան պայմանները: Բազմազանութիւնն ալ կարեւոր է մեզի համար, եթէ երկու ուսանողներ միեւնոյն տուեալները ունին, ընդունուելու աւելի մեծ առիթ կ՛ունենայ ան, որ մեր բազմազանութեան կը նպաստէ:
«Ա.».- Սփիւռքահայ ուսանողներուն համար կեցութեան դիւրութիւններ կա՞ն, ուսանողներուն աշխատանքի առիթներ կա՞ն համալսարանին մէջ:
Ա. Տ. Կ.- Ներկայիս իբրեւ հանրակացարան կ՛օգտուին ՀԲԸՄ-ի «Վահէ Կարապետեան» շէնքէն, որ բաւական լաւ կառոյց է, միակ ժխտական կէտը այն է, որ հոնկէ հետիոտն կարելի չէ համալսարան հասնիլ, պէտք է ինքնաշարժով կամ պասով գալ: Համալսարանին շատ մօտ շէնք մըն ալ գնած ենք, անիկա ներկայիս վերանորոգութեան մէջ է, շուրջ 20 ուսանողի կեցութեան յարմարութիւններով օժտուած է, եւ հոն մնալու առաջնահերթութիւն պիտի տրուի սփիւռքահայ ուսանողներուն: Ունինք նաեւ հեռանկարային այլ ծրագիր` կառուցելու աւելի մեծ հանրակացարան մը, որ երկու տարի ետք իրականութիւն կը դառնայ:
Մենք ամերիկեան համալսարանի մեթոտներով կ՛աշխատինք. ունինք «Ուըրք սթատի» դրութիւնը, որով մեծաթիւ ուսանողներ կը վարձուին աշխատելու տարբեր բաժանմունքներուն մէջ, թէեւ համեստ վճարումով, սակայն` որոշ վարձատրութեամբ: Նման առիթներ յաճախ կ՛ըլլան, եւ մենք կը դիմենք ուսանողներուն, որպէսզի աշխատին, եթէ կը փափաքին: Համալսարանին մէջ ունինք նաեւ շուրջ 14 ուսանողական տարբեր ակումբներ` պարի, երաժշտութեան, թատրոնի, ճատրակի, կամաւորներու, որոնք բաւական լաւ աշխատանք կը տանին տարբեր կազմակերպութիւններու հետ, եւ մենք մեծապէս կը քաջալերենք զիրենք, կան նաեւ այլ ակումբներ: Յառաջիկայ տարի պիտի հիմնենք ուսանողական միութիւն: Ունինք շատ լաւ գրադարան, կարելի է ըսել, որ անիկա անգլերէն լեզուով գրականութեան լաւագոյն գրադարանն է տարածաշրջանին մէջ, շատ արդիական պայմաններով օժտուած է, հոն կան շուրջ 100-120 հազար հատոր գիրք, նաեւ` շատ մեծ թիւով ելեկտրոնային գիրքեր: Կապուած ենք ելեկտրոնային հաւաքածոներ ունեցող զանազան կեդրոններու հետ, նաեւ` Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող: Համալսարանին մէջ կայ շատ լաւ գործող ճաշարան, ուր սննդարար ճաշեր կը պատրաստուին եւ յարմար գինով կը տրամադրուին ուսանողներուն: Կը կազմակերպենք բազմաթիւ ձեռնարկներ, դասախօսութիւններ, ժապաւէններու ցուցադրութիւններ, մշակութային նախաձեռնութիւններ, ուսանողները յաճախ տարբեր ծրագիրներ կը մշակեն:
Ըսեմ նաեւ, որ մեր մօտ ուսանելով, վկայական ստանալու զուգահեռ, ունինք նաեւ արագ զարգացող «Սթատի ապրոտ» ծրագիրը: Ուսանողներ, որոնք ուրիշ համալսարաններէ կու գան` մեր մօտ մէկ տարի կամ մէկ կրթական շրջան ուսման հետեւելու, անոնց ուսումը իրենց համալսարանին կողմէ կ՛ընդունուի, որովհետեւ մենք ունինք այդ հաւատարմագրութիւնը: Բնականաբար անոնք պէտք է ընտրեն այնպիսի նիւթեր, որոնք համապատասխան են իրենց մասնագիտութեան: Նախորդ տարի այսպիսի 1 ուսանող ունէին, այս տարի ունինք 7: Ունինք նաեւ ամառնային դասընթացքներ. այս ամառ Անահիտ Քէշիշեանը «Եու. Սի. Էլ. Էյ.» համալսարանէն պիտի դասաւանդէ հայոց լեզու եւ մշակոյթ նիւթը, իսկ Կրեկորի Արէշեանը` հնագիտութիւն:Ամառնային ծրագիրով շաբաթական դրութեամբ ուսանողները կ’այցելեն թանգարաններ, տեսարժան վայրեր եւ այլն: Ամերիկեան այդ հաւատարմագրութեան մաս կազմող համալսարաններու ուսանողներ կրնան իրենց ամառը Հայաստան անցընել, կարգ մը դասերու հետեւիլ եւ քրետիթ ստանալ:
Այս բոլորը մեր կայքին (aua.am) վրայ կան` Սամըր փրոկրամզ բաժինին մէջ, ինչպէս նաեւ մեր կայքը այցելելով` ամէն տեսակի մանրամասնութիւններ կը գտնեն: