Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17117

Հիշամ Ժապեր Կը Գրէ Հայաստան Եւ Լեռնային Ղարաբաղ Կատարած Իր Այցելութեան Մասին

$
0
0

hisham_40416

Հանգստեան կոչուած լիբանանեան բանակի հազարապետ-զօրավար Հիշամ Ժապեր, որ նաեւ նախագահն է Միջին Արեւելքի զինուորական ուսումնասիրութիւններու եւ ընդհանուր յարաբերութեան կեդրոնին, Հայաստան եւ Լեռնային Ղարաբաղ իր այցելութեան մասին «Աֆքար» շաբաթաթերթին մէջ գրած է հետեւեալ յօդուածը.

Պտոյտ Մը Դէպի Հայաստան
Եւ Լեռնային Ղարաբաղ

«Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն այցելութեան հրաւէր մը ստանալէս հինգ տարի ետք ընդառաջեցի այդ հրաւէրին: Նախքան մեկնումս` պէտք էր վերադառնայի քարտէսներու եւ ուսումնասիրէի «Աթլաս»-ն ու «Կուկըլ»-ը, որովհետեւ պիտի ուղղուէի երկիր մը, որուն աշխարհագրական դիրքն ու պատմութիւնը ծանօթ չէին ինծի:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը հին եւ անկախ երկիր մըն է, որ անցնող 20-ականներուն բռնակցուած է Ազրպէյճանին, երբ Խորհրդային Միութեան ղեկավարներէն Ստալին այդ միութեան սահմանները ճշդելու համար ընդհանրապէս կ՛օգտագործէր գունաւոր մատիտներ, իսկ երբեմն` մկրատ:

90-ականներու սկիզբը, երբ Խորհրդային Միութիւնը քայքայուեցաւ` Միխայիլ Կորպաչովի օրերուն, հարիւր հազարաւոր հայեր պահանջեցին Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը եւ կամ Հայաստանի միացումը: Այդ պատճառով բռնկեցաւ պատերազմ մը, որուն զոհ գացին վեց հազար հայեր, որոնց թիւը հազիւ 200 հազար էր:

Պատերազմը աւարտեցաւ Հայտար Ալիեւը հեռացնելով Ղարաբաղի սահմաններէն, այլ խօսքով` հայոց յաղթանակով:

Ղարաբաղի բանակին զինման աղբիւրներուն մասին պատասխանատուի մը երբ հարց տուի, ան ժպիտով ըսաւ. «Մեր պիւտճէն սահմանափակ է, եւ հետեւաբար Ռուսիա, որ Ազրպէյճանի օդանաւեր կը վաճառէ, մեզի կը նուիրէ հակաօդայիններ»:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը տակաւին աշխարհը չէ ճանչցած` շահերու խաչաձեւումի պատճառով:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան տարածութիւնը գրեթէ հաւասար է Լիբանանի տարածութեան:

Լեռնային Ղարաբաղը ոսկեայ հողով երկիր մըն է. անոր ժողովուրդը մերժած է ստրկութիւնը:

Լեռնային Ղարաբաղ այցելութեան հրաւէրը ստացած եմ Միջին Արեւելքի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեանէն, որ քոնկ ֆուի մասթըր է եւ մարտարարուեստի զանազան դպրոցներու տնօրէն: Այդ դպրոցներէն առաջինը հիմնուած է Պուրճ Համուտի մէջ, ուր շուրջ քառորդ դար առաջ ծանօթացած եմ անոր:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ անցուցինք հինգ օրեր: Երկիր մը, որ խոստմնալից է, ապականումէ զուրկ, մաքուր, առանց աղբերու, առանց ոճիրի եւ քրէական հարցերու:

Առիթ ունեցայ նաեւ հանդիպելու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահին եւ բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ: Անոնք բոլորն ալ հաստատեցին ազատ եւ անկախ ապրելու հայ ժողովուրդին կամքին մասին, որուն պատճառով անոնք մերժեցին դարձեալ սպանդի ենթարկուիլ եւ գոյատեւեցին ու յաջողեցան:

Փոքր հասակէս յատուկ սէր մը ունեցած եմ հայ ժողովուրդին հանդէպ: Այդ սէրս ամրապնդուած է, երբ լիբանանեան բանակին մէջ ծառայութեանս ընթացքին ունեցած եմ հայ սպայ բարեկամներ, ինչպէս նաեւ` հրահանգներ ստացած հայ բարձրաստիճան զինուորականներէ, որոնք թիւով մեծ են եւ աւելի ուշ նախարարներ եւ երեսփոխաններ դարձած են` պահպանելով իրենց համեստութիւնը եւ վայելելով բոլորին յարգանքը:

Հայերը Լիբանանի մէջ լիիրաւ քաղաքացիներ են. անոնք յաջողած են իրենք զիրենք զանց կացուցելու եղբայրասպան կռիւներէ:

Լիբանանահայերը մուտք գործած են խորհրդարան եւ` օրէնսդրական աշխատանք տարած: «Ոչ ոք հայոց դուռը կրնայ թակել միջնորդութեան մը կամ միջամտութեան մը համար: Կուսակցութիւնը կարիքաւորներուն օժանդակութեան կը հասնի», ինծի յայտնած է հանգուցեալ նախարար Խաչիկ Պապիկեան:

Իսկ խորհրդարանի նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնի Խաչիկ Պապիկեանի մասին խօսելով` կը հաստատէր, թէ ան խորհրդարանի բոլոր անդամներուն մէջ ամէնէն աւելի տիրապետած էր արաբերէն լեզուին:

Լիբանանէն դէպի Հայաստան օդանաւային թռիչքին տեւողութիւնը նուազ քան երկու ժամ է: Երեւանի մէջ նկատեցի հրաշալի փողոցներ եւ կատարեալ բարութեամբ ժողովուրդ, ինչպէս նաեւ` բարգաւաճում:

Հանդիպումներ ունեցայ պետական ներկայացուցիչներու հետ եւ ըմբռնեցի, որ այս երկրին մէջ ներդրում կատարելը իմաստուն եւ հեռատես քայլ մըն է:

Նկատի ունենալով, որ ապահովութիւնը, քաղաքականութիւնն ու տնտեսութիւնը երեք տարրեր են, ապա պէտք է ըսել, որ Հայաստանի ապահովութեան վրայ փոշիի հատիկ մը իսկ չկայ, եւ ան իր հարեւան երկիրներուն, նոյնիսկ Թուրքիոյ հետ զերօ հարցեր ունեցող երկիր է: Իսկ ան բաց շուկաներ ունի Ռուսիոյ, Վրաստանի, Իւզպեքիստանի եւ այլ երկիրներու հետ:

Հայաստանէն վերադարձած եմ զանազան թղթածրարներով, որոնց մասին խորհուրդներ կու տամ բոլոր անոնց, որոնք կը փափաքին իմանալ այդ մասին: Մեզի հետ վերադարձան նաեւ լիբանանահայ բազմաթիւ ծանօթներ` քաղաքական անձնաւորութիւններ, առեւտրականներ, գործարարներ եւ ակադեմականներ:

Թէեւ լիբանանահայութեան մեծամասնութեան արմատները Արեւմտահայաստանէն է, սակայն անոնք կապուած են իրենց ցեղակից հայ եղբայրներուն հետ եւ, հետեւաբար, անոնցմէ շատեր արդէն իսկ իրենց առանձնատուները կը կառուցեն Երեւանի արուարձաններուն մէջ` նկատի ունենալով հողաշերտերուն մատչելի գիները:

Սրտագին ողջոյն` անմահ հայ ժողովուրդին:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17117

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>