Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17132

Աւելի Լաւ Է Զօրակցիլ Հայ Գործիչներուն, Քան` Քննադատել Թուրք-Ազրպէյճանական Լոպիինկը

$
0
0

harut-sassunian1ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Տարիներ շարունակ բազմաթիւ քննադատական գիրքեր եւ յօդուածներ գրուած են օտարերկրացի եւ տեղական խումբերու մասին, որոնք լոպիիստական ընկերութիւններ կը վարձեն կամ քարոզչական նուիրատուութիւններ կ՛ընեն պետական պաշտօնեաներու վրայ ազդելու նպատակով:

Անցեալ շաբաթ Լ. Մայքըլ Հեճըր նմանատիպ յօդուած մը հրապարակեց «Ֆորըն փոլիսի ճուրնըլ»-ի մէջ` «AIPAC կրնայ գնել լաւագոյն Քոնկրեսը» վերնագրով: AIPAC Հանրային կապերու ամերիկա-իսրայէլեան կոմիտէի յապաւումն է: Յօդուածագիրը կ՛ընդունի, որ` «անօրինական կամ բարոյապէս անընդունելի ոչինչ կայ Քոնկրեսի անդամներու կամ թեկնածուներու լոպիինկի մէջ: Իրականութեան մէջ անիկա  կրնայ ծառայել օգտակար նպատակի` ուսուցանելով անդամները եւ թեկնածուները որոշ հարցերու մասին: Խնդիրը ի յայտ կու գայ այն ժամանակ, երբ լոպիիստները գումարներ կ՛օգտագործեն առաջարկուող օրինագիծներու կամ բանաձեւերու ընդունումը ապահովելու կամ զօրակցութիւն գնելու համար»: Սակայն այս մեղմ նախաբանէն ետք Հեճըր կ՛եզրակացնէ, որ` «յանուն մեր ժողովրդավարութեան, պէտք է դադրեցուի շահագրգիռ խումբերու դրամներու հոսքը, որով կը կաշառուին մեր ընտրեալ օրէնսդիրները»:

Հեճըր կը նշէ, որ` «ոչ մէկ տեղ քաղաքական լոպիի մը ազդեցութիւնը եւ իշխանութիւնը այնքան ակնյայտ են, որքան` Հանրային կապերու ամերիկա-իսրայէլեան կոմիտէի (AIPAC) Քաղաքականութեան հարցերով ամէնամեայ համաժողովէն ներս», որ այս տարի տեղի ունեցաւ 22-24 մարտին, Ուաշինկթընի մէջ:

Համաժողովի բանախօսները ելոյթ ունեցան «աւելի քան 15 հազար իսրայէլամէտ ամերիկացիներու առջեւ (ներառեալ` ներկայ Քոնկրեսի անդամներու 2/3-ը): Բանախօսներու շարքին էին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի 30 անդամներ, որոնցմէ 25-ը ստացած է 2016 տարեշրջանի նուիրատուութիւններ` իսրայէլամէտ քաղաքական աշխուժ խումբերէ եւ անհատներէ: Այս 25 անդամներէն իւրաքանչիւրը ստացած է միջին hաշուով 36 հազար տոլար (ընդամէնը` 908 հազար տոլար): AIPAC նշեալ իւրաքանչիւր բանախօսէ կը ստանայ բարձր մակարդակի զօրակցութիւն Իսրայէլի համար»:

Հեճըր կը հաղորդէ, որ AIPAC-ի համաժողովին հրաւիրուած էին մօտաւորապէս 400 բանախօսներ, ներառեալ` «փոխնախագահ Ճօ Պայտըն եւ նախագահական աթոռի  թեկնածուներ Տանըլտ Թրամփ, Հիլըրի Քլինթըն, Թետ Քրուզ եւ Ճոն Քասիչ»: Հեղինակին խօսքերով, «AIPAC  212 հազար 927 տոլարի նուիրատուութիւն կատարած է Հիլըրի Քլինթընի եւ 203 հազար 850 տոլարի` Թետ Քրուզի համար: Մարքօ Ռուպիըն ստացած է 132 հազար 552 տոլար, իսկ Լինտզի Կրահամ` 74 հազար 200 տոլար: Զարմանալի չէ, որ այդ բոլոր թեկնածուները խոստացած են «լիակատար զօրակցութիւն» Իսրայէլի»:

Հեղինակը «AIPAC-ի գլխաւորած իսրայէլեան լոպին» կը նկատէ «Ուաշինկթընի թերեւս ամէնէն ուժեղ, ամէնէն կազմակերպուած եւ առաւել արդիւնաւէտ լոպիիստական ցանցը: 2015-2016 թուականներու ընտրական փուլին իսրայէլամէտ ցանցը արդէն յատկացուցած է 4 միլիոն տոլարէն աւելի նուիրատուութիւններ: Ամէնէն մեծ գումարը (259 հազար 688 տոլար) տրամադրուած է Նիւ Եորքի ծերակուտական Չարլզ Շումերի»:

Հեճըր կը բացատրէ, որ` «AIPAC ինքնին չի կատարեր քաղաքական նուիրատուութիւններ եւ, ըստ էութեան, այդ մէկը օրէնքով արգիլուած է:  Փոխարէնը` կ՛օգտագործէ իր ազդու միջոցները (3 միլիոն տոլարի լոպիիստական տարեկան նախահաշիւ)` Քոնկրեսի ներկայ եւ ապագայ անդամները կապելու համար իսրայէլամէտ նուիրատուներու հետ: AIPAC-ի անպարտելիութեան կանխատեսումը կը քաջալերէ քաղաքական թեկնածուներն ու պաշտօնեաները` ընդունելու իսրայէլամէտ նուիրատուութիւնները եւ կամ ռիսքի դիմելու` տեսնելու համար, թէ նիւթական այդ միջոցները ինչպէ՛ս բաժին կը դառնան իրենց հակառակորդներուն: Օրինակ` նախկին քոնկրեսական Փոլ Ֆինտլի եւ նախկին ծերակուտական Չարլզ Փըրսի կորսնցուցին իրենց աթոռները AIPAC-ի գիծին հաւատարիմ չմնալու պատճառով»:

Հեղինակին քննադատութիւնները կը բխին այն մտահոգութենէն, թէ` «շահերու բախման երեւոյթը կը խարխլէ քաղաքացիներու վստահութիւնը իշխանութեան հանդէպ: Հաշուի առնելով գումարին մեծ կարեւորութիւնը վերընտրական քարոզարշաւներու` քաղաքական նուիրատուութիւնները, ինչպէս վերոնշեալ պարագան, կրնան փճացնել կամ ստեղծել տպաւորութիւն` ազնիւ պաշտօնեաներու կաշառակերութեան մասին»:

Հեճըր կ՛ընդունի, որ AIPAC` «միայն մէկ մասն է աւելի լայն պատկերի մը, որ ըսուածը կը գերակշռէ քոնկրեսական դրամահաւաքի եւ լոպիիստական նուիրատուութիւններու միջոցով», ինչպիսիք են` «պաշտպանութեան, դեղագործութեան, Միացեալ Նահանգներու հրաձգային ազգային ընկերակցութեան (NRA) եւ այլ լոպիներ…»:

Իմ կարծիքով, լոպիիստական ընկերութիւններու եւ անոնց պատուիրատուներու քննադատութիւնը կ՛արդարացուի այն ժամանակ, երբ անոնք  կը խախտեն Միացեալ Նահանգներու օրէնքները: Այսուհանդերձ, աւելի կարեւոր է ուժեղացնել լոպիիստական սեփական ջանքերը, քան` նսեմացնել ուրիշներու ըրածը: Թէեւ հայկական տեսանկիւնէ  դիտուած` անհրաժեշտ է ուշադրութեամբ հետեւիլ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի վարձած լոպիիստական ընկերութիւններուն, սակայն հայերը պէտք է կեդրոնանան հիմնական այն կէտին վրայ, որ Ուաշինկթընի մէջ ինչպէ՛ս պէտք է զօրակցին հանրային կապերու երկու կազմակերպութիւններու` Ամերիկայի հայկական համագումարին եւ Հայ դատի յանձնախումբին: Հակառակ սահմանափակ թիւով աշխատակիցներու եւ նիւթական աղբիւրներու` ամերիկահայ այս երկու խումբերը յաջողութեամբ կը դիմակայեն Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կողմէ միլիոնաւոր տոլարներով վարձուած լոպիիստական ընկերութիւններու գործունէութեան:

Բարեբախտաբար Ամերիկայի հայկական խումբերը Ուաշինկթընի մէջ իրենց քաղաքական նպատակներուն հետամուտ ըլլալու համար նման հսկայական գումարներու կարիք չունին, քանի որ շատ աւելի քիչ ծախսեր անհրաժեշտ են իրենց  արդար գործը ճշմարտացիօրէն ներկայացնելու համար` ի տարբերութիւն Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի, որոնք ստիպուած են ահռելի գումարներ ծախսել քաղաքական գործիչներն ու հանրութիւնը խաբելու համար…

 

www.TheCaliforniaCourier.com

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17132

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>