Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Ի Խնդիր Հայաստանի Պետականութեան Ամրապնդումին (Հրաչ Մուրատեանի Անարգ Սպանութեան Առիթով)

$
0
0

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Hrach-Muradyan03

Երեք տարի առաջ, այս օրերուն, անարգ ոճիրի զոհ գնաց Պռոշեանի գիւղապետ Հրաչ Մուրատեանը: Երեք տարի անց մենք չենք մոռցած այս ոճիրը, մանաւանդ` ատոր բացայայտուած չըլլալու հանգամանքը:

Հրաչ Մուրատեան ազատամարտիկ էր: Ան մաս կը կազմէր Արցախի ազատագրական պայքարին մասնակցած կամաւորներու այն մեծ փաղանգին, որուն համար հայրենի հողին ազատագրումը առաջնահերթութիւն էր: Հրաչ Մուրատեան իր գաղափարական համոզումներով դաշնակցական էր ու գաղափարական այդ աշխարհի թելադրանքով էր, որ զէնք վերցուց ու իր կեանքը վտանգի տակ դրաւ: Ինք բախտը ունեցաւ տուն վերադառնալու` իր առաքելութիւնը կատարած: Իր համագիւղացիներ Կարօտը եւ Պետրոս Ղեւոնդեանը չունեցան այդ բախտաւորութիւնը ու միացան նահատակներու փաղանգին:

Պետրոսը կը հանգչի իր գիւղի գերեզմանատան մէջ: Կարօտը, սակայն, գերեզման իսկ չունեցաւ:

Հրաչ Մուրատեան վերադարձաւ տուն ու լծուեցաւ իր գիւղի շէնացման գործին: Ոչ ոքի միտքէն կ՛անցնէր, որ անարգ ոճիրի զոհ պիտի երթար այն ազատամարտիկը, որուն չէր դպած ազերի թշնամիին գնդակը: Ան գետին կ՛իյնար իր իսկ գիւղին մէջ, բայց այս անգամ` հայու գնդակով:

Այս ոճիրէն անցած է երեք տարի եւ տակաւին արդարութիւնը իր վերջնական խօսքը չէ ըսած: Այս իրողութիւնը միայն վնաս կը պատճառէ Հայաստանի վարկին, կը ջլատէ անոր պետական օրինական դրուածքը ու միաժամանակ կը խախտէ պետութեան օրինականութեան նկատմամբ քաղաքացիին ունեցած հաւատքն ու վստահութիւնը:

Պետութեան մը հիմնաքարը օրէնքի գերիշխանութիւնն է: Առանց օրէնքի ու օրինականութեան` պետութիւնը կը դադրի իբրեւ այդպիսին գոյութիւն ունենալէ:

Անվիճելի է, որ ոչ մէկ յանցանք, ոճիր կամ մարդասպանութիւն պէտք է անպատիժ մնայ: Սա մարդկային տարրական հասկացողութիւն է. տիեզերական օրէնք է: Իսկ Պռոշեանի գիւղապետ Հրաչ Մուրատեանի սպանութիւնը ոչ միայն օրինական, այլեւ ազգային-բարոյական պարտաւորութեան տակ կը դնէ Հայաստանի իշխանութիւնները, որպէսզի բացայայտեն արարքին հեղինակները ու դատական կարգով արդար տնօրինում կատարեն` որովհետեւ զոհը ազատամարտիկ մըն է, հայրենի հողի ազատագրումին համար կռուած հայորդի մըն է: Ինչպէս ոեւէ յանցանք գործող պէտք չէ անպատիժ մնայ, ազատամարտիկ սպաննողը կրկնակիօրէ՛ն չի կրնար անպատիժ մնալ:

Հետեւաբար Հրաչ Մուրատեանի սպանութեան բացայայտումը եւ օրինական համապատասխան վճիռի կայացումը ոչ միայն արդարութիւն կիրարկելու խնդիր, այլեւ նոյնինքն Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ օրէնքի գերակայութիւնը ամրապնդելու հարց է:

Արդարութիւնը եւ ազգային ինքնաճանաչման զոյգ տրամաբանութիւնները կը պահանջեն, որ ոճիրին հեղինակը (կամ հեղինակները) երեւան հանուի եւ օրինական, օրէնքի ճամբով կայացուի համապատասխան վճիռ: Դատ-դատաստանով:

Հրաչ Մուրատեանի սպանութեան բացայայտուած չըլլալը անբուժելի վէրք է իր ընտանիքին, համար:

Անբուժելի վէրք է ամբողջ Պռոշեան գիւղին համար:

Անբուժելի վէրք է այն գաղափարական աշխարհին համար, որուն թելադրած տրամաբանութեամբ Հրաչը մասնակցեցաւ Արցախի ազատագրական պայքարին` քաջ գիտնալով, որ կրնար տուն չվերադառնալ:

Եւ վերջապէս, անոր սպանութեան բացայայտուած չըլլալը անբուժելի վէրք է նոյնինքն Հայաստանի Հանրապետութենէն ներս օրէնքի գերիշխանութեան համար ու հարուած է ատոր դէմ:

Այս ոճիրը ո՛չ կը մոռնանք, ո՛չ կը ներենք, ո՛չ ալ կ՛ընդունինք ատոր բացայայտուած չըլլալու եւ անպատիժ մնացած ըլլալու հանգամանքը:

Չենք մոռնար մարդկային ու ազգային առումով: Չենք ներեր` ոչ թէ անոր համար, որ Հրաչ Մուրատեան մեր գաղափարական ընկերն էր, այլ անոր համար, որ հայրենիքի ազատագրութեան համար գերագոյն զոհաբերութեան մասնակցած հայորդի մըն էր:

Չենք ընդունիր այս ոճիրին ցարդ անպատիժ մնացած ըլլալու պարագան, որովհետեւ ատիկա հարուած է մեր երկրէն ներս օրէնքի գերիշխանութեան:

Հայաստան այսօր կը գտնուի քաղաքական ներքին բարեկարգումի անկիւնադարձային փուլին մէջ: Այս հանգամանքը կրկնակի պարտաւորութեան տակ կը դնէ երկրի օրինապահ մարմինները, որպէսզի յաւելեալ վճռակամութիւն ցուցաբերեն ի խնդիր արդարութեան եւ ի խնդիր օրէնքի գերիշխանութեան ամրապնդումին:

Հրաչ Մուրատեան իր կեանքը զոհելու պատրաստակամութեամբ մեկնեցաւ Արցախ: Կրնար նահատակուիլ: Բայց կրցաւ տուն վերադառնալ: Երբ բացայայտուի իր դէմ կատարուած ոճիրը եւ օրէնքի ճամբով արդարութիւնը գործադրուի, այդ պարագային իր թափած արիւնը պիտի ծառայէ Հայաստանի մէջ օրէնքի գերիշխանութեան ամրապնդումին: Ա՛յս կը պահանջէ Հայաստանի պետականութեան շահը:

31 մարտ 2016

vproodian@gmail.com


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Trending Articles