Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17144

Բագնայրի Եկեղեցին Կը Գործածուի Իբրեւ Ախոռ

$
0
0

bagnayr-1_112015bagnayr-2_112015Ներկայի Թուրքիոյ սահմաններէն ներս, հայոց միջնադարեան մայրաքաղաք Անիի աւերակներէն քանի մը քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող հայկական Բագնայրի վանքն ու եկեղեցին տեղացիները իբրեւ ախոռ կը գործածեն:

Քրտական «ՏԻՀԱ» գործակալութեան թղթակիցը այցելած է Կարս նահանգի Գոզլուճա գիւղը գտնուող եւ կիսաւեր վիճակի հասած Բագնայր վանքն ու եկեղեցին, որ 989 թուականին կառուցուած է Վահրամ Պահլաւունիի կողմէ: Քիւրտ թղթակիցը զարմանքով յայտնած է, որ վանքը պետական պահպանութեան տակ չէ առնուած տակաւին, մինչ գիւղացիները զայն իբրեւ ախոռ կը գործածեն:

Գիւղացիները նաեւ վանքի քարերը օգտագործած են իրենց տուները, ախոռներն ու ցանկապատերը կառուցելու համար:

Թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին գիւղացիները փորձած են արդարանալ` ըսելով, որ եթէ պետութիւնը կարողութիւն չունի պահպանելու եկեղեցին, ապա իրենք ինչպէ՞ս պիտի կարենան պահպանել զայն:

Բագնայր կը նշանակէ` «կրակին նուիրուած բագիններու քարայր»: 1040-ական թուականներուն վանքը այդ շրջանի կրօնական կարեւոր կեդրոններէն մէկն էր, իսկ 13-րդ դարուն անցաւ թուրք ցեղախումբերու ձեռքը ու ապա լքուեցաւ: Ժամանակի ընթացքին այդ վանքը սկսաւ քանդուելու:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17144

Trending Articles