Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17144

Վրաստանի Նոր Օրէնքն Ու Ջաւախքը (Ա. Մաս)

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸՍՐԼԵԱՆ

chavakh-logo-1_112015

22 յուլիս 2015-ին Վրաստանի խորհրդարանը միաձայնութեամբ ընդունեց «Պետական լեզուի մասին» անունով նոր օրէնք մը: Վրաստանի անկախութեան հռչակումէն (1991) ի վեր երկրի իշխանութիւնները պնդած են, որ անհրաժեշտ է ընդունիլ առանձին օրէնք մը, որով վրացերէնը կը հաստատուի իբրեւ պետական լեզու: Այս նոր օրէնքով կը հաստատուի նաեւ, որ` «Վրաստանի պետական լեզուն իր ողջ տարածաշրջանում վրացերէնն է, իսկ Աբխազիայի Ինքնավար Հանրապետութեան տարածաշրջանում` վրացերէնն ու աբխազերէնը»:

Մայրենի լեզուով կրթութիւն ստանալու խնդիրը Վրաստանի ազգութեամբ հայ քաղաքացիներուն ամենալուրջ խնդիրներէն մէկն է, մասնաւորաբար` Ջաւախքի մէջ: Բայց մայրենի լեզուի եւ գրականութեան դասագիրքերու բացակայութիւնը, մայրենի լեզուով այլ առարկաներու դասագիրքերու չգոյութիւնը, հայալեզու դպրոցներու համար ուսուցիչներու պատրաստման եւ մասնագիտական զարգացման հարցը, հայոց լեզուի եւ հայոց պատմութեան ուսուցումը եւ անոնց յատկացուած դասերու ժամերուն կրճատումը, պետական լեզուի ուսուցումը, լեզուաբանական փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը… այս բոլորը ընդամէնը գոյութիւն ունեցող խնդիրներու մէկ մասն են միայն Վրաստանի անկախութենէն ի վեր չլուծուած հարցերուն…

Հայաստանի եւ Վրաստանի կրթութեան նախարարութիւնները տարիներէ ի վեր կ՛աշխատին Վրաստանի հայալեզու դպրոցներուն դասագիրքեր տրամադրելու ուղղութեամբ: Փաստօրէն, այս տարի, հայոց լեզուի եւ գրականութեան դասագիրքերը ամիսներ առաջ ղրկուած են Վրաստանի կրթական նախարարութիւն: Սակայն այս տարուան վերամուտը եկաւ ու անցաւ, բայց հայկական վարժարանները, իբր թէ` «թեքնի՜ք պատճառներով», դեռ ստացած չեն այդ դասագիրքերը: Չե՛ն ստացած, որովհետեւ Վրաստանի կրթական նախարարութիւնը պէտք է քննէ անոնց ազգային փոքրամասնութիւններու համար դրուած չափանիշին համաձայն ըլլալը, ապա վաւերացնէ անոնց գործածութիւնը…

Իրողութիւնն այն է, որ անկախ Վրաստանի կրթական նախարարութեան այս կամ այն բանբերին կատարած կամ հրատարակած յայտարարութենէն, հայկական վարժարանները կը մնան Հայաստանէն ղրկուած դասագիրքերը ստանալու սպասման վիճակին մէջ:

Վիրահայ համայնքի ազգային, հանրային, մշակութային եւ երկրին ընդհանուր անցուդարձերու մասին լուրեր եւ տեղեկութիւններ հայթայթող «Միութիւն» թերթն ու համանուն «Ա- ԻՆՖՕ Ջաւախքի Տեղեկատուական Կայք»-ի խմբագրական կազմը 2015-ի սեպտեմբերին «Պետական լեզուի մասին» նոր օրէնքին շուրջ մանրակրկիտ եւ լուրջ վերլուծական մը կատարած են` յօդուած առ յօդուած քննելով եւ ուսումնասիրելով օրէնքը:

Աւելի՛ն, խմբագիրը յաւելեալ լուսաբանութիւններ քաղելու համար հարցազրոյց մը ունեցած է Իվանէ Կիղուրիծէի` երկրին կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի հարցերով խորհրդարանական յանձնաժողովի նախագահին հետ, այս նոր օրէնքի մասին: Հոն արծարծուած հարցերուն եւ մտքերուն շահեկան եւ այժմէական ըլլալուն պատճառով յարմար դատեցինք հարցազրոյցին պատճէնը ամբողջութեամբ ներառել այս յօդուածին մէջ:

Հարկ է նշել, որ փոխած ենք բնագրին ուղղագրութիւնը` անիկա վերածելով դասական ուղղագրութեան: Նաեւ աւելցուցած ենք գրութեան մէջ գործածուած կարգ մը օտար բառերուն համապատասխանող հայերէն բառերը` յօդուածը ա՛լ աւելի մատչելի դարձնելու համար:

Յատկանշական է, մասնաւորաբա՛ր, հարցազրոյցին մէջ յիշուած սա՛ միտքը. «Այն քաղաքացիները, որոնք չգիտեն վրացերէն, նոյնպիսի քաղաքացիներ են ինչպէս եւ ես»: Այս ախտաճանաչումը կը փաստէ երկու բան: Նախ` յստա՛կ է, որ վրացի խորհրդարանականին ակնարկութիւնը ուղղակի՛ Ջաւախքի մասին է. տարածաշրջան մը, ուր հայութեան մեծ զանգուած մը, քանի մը սերունդ, հոն ծնած ու տարիներով ապրած ըլլալով հանդերձ, դժբախտաբար, վրացերէն չի գիտեր: Երկրորդ` տեղական լեզուն չգիտնալը կրնայ պատճառ դառնալ բնակիչներուն քաղաքացիական իրաւունքներու զրկման, եւ դրդիչ ուժ` շրջանին մէջ ջաւախահայութեան հանդէպ խտրականութեան սաստկացման ու տարածման: (Նիւթ մը, որ ինքնին արժանի է լուրջ խորհրդածութեան եւ ուսումնասիրութեան):

Յամենայն դէպս հարցազրոյցի ընթացքին Վրաստանի այս նոր օրէնքը նախաձեռնող Իվան Կիղուրիծէի արտայայտած մտքերը խիզախ ճիգ ու կեցուածք կ՛ենթադրեն` տեսական հարցերը գործնականի վերածելու: Ժամավաճառութիւն պիտի ըլլայ դրդապատճառ մը որոնելը: Քանի որ ժամանակը միայն կրնայ բիւրեղացնել եւ բնորոշել, թէ ըսուածներուն մէջէն որո՛նք տեսական բնոյթ ունին, եւ որոնք` գործնական:

Բայց մինչ այդ անցնինք հարցազրոյցին` կատարուած Ա- ԻՆՖՕ-ի կողմէ, նոր օրէնքը նախաձեռնող Իվան Կիղուրիծէի հետ.-

Հ .- Պարո՛ն Իվանէ, առաջին հերթին ընդունէ՛ք շնորհաւորանքներս: Յայտնի է, որ հէնց ձեր յանձնաժողովն է եղել «Պետական լեզուի մասին» օրէնքի ընդունման նախաձեռնողը: Ինչո՞ւ անհրաժեշտ եղաւ «Պետական լեզուի մասին» օրէնք ընդունել մի երկրում, որտեղ բնակչութեան 86 առ հարիւրը վրաց լեզուի կրողներ են:

Պ.- Օրէնքի ընդունման ժամանակ մենք չենք մտածել այն մասին, թէ երկրի քանի՛ տոկոսն է հանդիսանում վրաց լեզուի կրողը: Նոյնիսկ եթէ այդ թիւը լինէր 90 առ հարիւրը, մենք, այնուամենայնիւ, կ՛ընդունէինք այդ օրէնքը: Ժամանակակից համաշխարհայնացման պայմաններում լեզուին հարկաւոր է պաշտպանութիւն: Ընդունուած օրէնքի գլխաւոր նպատակը Վրաստանում վրացերէնի` որպէս պետական լեզուի պաշտպանութեան համար պայմաններ ստեղծելն է: Լեզուին անհրաժեշտ է իրաւաբանական պաշտպանութիւն, պէտք է որոշակիացնել լեզուի կարգավիճակը:

Լեզուին պէտք է պաշտպանել յարձակումներից, աղճատումներից… Օրինակ` Ֆրանսայի բնակչութեան 100 առ հարիւրը տիրապետում է ֆրանսերէնին: Չնայած դրան` երկրում գործում է բաւականին խիստ օրէնք «Պետական լեզուի մասին»:

Եթէ ֆրանսերէնին, հանճարների` Պալզաքի, Մերիմէի, Ֆլոպերի եւ Վոլթերի լեզուին պաշտպանութիւնն է հարկաւոր, վրաց լեզուին այն պէտք չէ՞: Մենք փոքր ժողովուրդ ենք, եւ մեզ պէտք է պաշտպանութիւն…

Նման օրէնք գործում է շատ եւրոպական երկրներում: Ի միջի այլոց, մերձպալթեան երկրներում պետական լեզուի մասին օրէնքն ընդգրկում է տուգանքներ, պատժամիջոցներ: Նրանք, ովքեր խախտում են օրէնքը, այսինքն չեն տիրապետում լաթվերէնին, լիթվերէնին կամ էսթոներէնին տուգանւում են 750 եւրոյի չափով…

Մեր օրէնքում նման կէտ չկայ: Մենք հրաժարուել ենք այդ գաղափարից` պատժել քաղաքացիների լեզուի չիմացութեան համար: Օրէնքի բնագրի համաձայն, ստեղծւում է «լեզուի վարչութիւն», բայց ի տարբերութիւն այլ երկրների` մեր վարչութիւնը չի իրականացնելու «լեզուի ոստիկանի» գործառոյթը:

Նիւ Ճըրզի
Հոկտեմբեր 19, 2015

(Շարունակելի)


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17144

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>