ՀՌԻՓՍԻՄԷ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ
«Միջազգային պատմական հետազօտութիւնները տարբեր ձեւերով անդրադարձներ կատարած են Հայկական հարցի եւ անոր «լուծումներուն» ու հետեւանքներուն շուրջ: Բայց ընդհանրապէս զլացած են անդրադառնալու Հայկական հարցի սկզբնական ծալքերուն, 19-րդ դարու մէջ սկիզբ առած հարցերէն մինչեւ 1877-1878 թուականներու միջազգայնացման հանգրուանը, ապա` օսմանեան տիրապետութեան տակ ապրող հայութեան դէմ հալածանքներու ու ջարդերու շրջանները (1894-1896, 1919), Պալքանեան պատերազմի եւ պետական վարչակարգի պարտադրուած բարեփոխումներու տարիները, որոնք յանգեցուցին 1913-1915 աղէտալի հանգրուանին:
«Միջազգային պատմական անդրադարձները մեծ մասով վաւերագրութիւններու կամ անձնական տեղեկութիւններու մակարդակի վրայ մնացած են, եւ անկէ կը պակսին արդի պատմական նայուածքը եւ քննական մօտեցումը: Մանաւանդ կը պակսի յունական ցուցանիշը` Հայկական հարցի տագնապալի հանգրուաններուն կապակցութեամբ, երբ յոյն ազգին կեանքը եւս իր եղբայրակից` հայ ազգի դիմագրաւած տագնապներուն ժամանակ նոյն կամ զուգահեռ տագնապներով յատկանշուեցաւ»:
Այս խօսքերով կը բացատրէ փրոֆ. Խասիոթիս իր նոր հեղինակած գիրքին` «Եղբայրական ազգեր` փոթորիկի մէջ. հայերը եւ յոյները Արեւելեան հարցի մեծ ճգնաժամին մէջ (1876-1914)» ծնունդի դրդապատճառը: Մենք մեր կարգին աւելցնենք, որ յունարէնով նման պատմական հետազօտութեան մը հրատարակումը գիտական լուրջ նախաձեռնութիւն մըն է, որ կ՛անդրադառնայ Օսմանեան կայսրութեան մէջ ապրող հայութեան բախտն ու ճակատագիրը վճռած պատմական-քաղաքական հանգրուաններուն, բայց նաեւ` հոն ապրող քրիստոնեայ եւ մահմետական բոլոր ազգերու հետագայ պատմութեան:
Փրոֆ. Իոանիս Խասիոթիս Թեսաղոնիկէի Արիստոտելեան համալսարանի ժամանակակից պատմութեան եւ հնագիտութեան դասախօս է: Իր ուսումնասիրութիւնները հիմնականօրէն կեդրոնացած են եւրոպական միասնութիւնը հիւսող վաղ շրջաններուն, յունական ազատագրական պայքարի շարժումներուն, Պալքաններուն, Օսմանեան Կայսրութեան շրջաններուն, յունական սփիւռքին եւ Արեւելեան հարցի վրայ:
Փրոֆ. Խասիոթիս յոյն սակաւաթիւ այն գիտնականներէն է, որոնք երկար տարիներու ընթացքին իրենց աշխատանքը համակարգուած ձեւով կեդրոնացուցած են Հայկական հարցի եւ հայոց պատմութեան քննարկման վրայ: Ուսումնասիրելով պատմական տուեալները` ան անհրաժեշտ նկատած է իր գիտական քննարկման առարկայ դարձնել հայ եւ յոյն ժողովուրդներուն համար ճակատագրական դարձած ժամանակաշրջանները, որոնք գրեթէ հաւասարապէս հարուածեցին երկու եղբայրակից ազգերը` մինչեւ Փոքր Ասիոյ կործանման վերջնական փուլը:
«Եղբայրական ազգեր` փոթորիկի մէջ» գիրքը կարեւորութիւն կու տայ նաեւ մարդկային բարոյական գործօնին, երբ հսկայական թիւով մարդկային կեանքեր զոհուեցան եւ մարդկային ողբերգութիւններ յառաջացան` պատմական դէպքերու իբրեւ հետեւանք: Հայ ժողովուրդի ազգային ու քաղաքական ազատագրութեան համար մղուած պայքարը ստոյգ կերպով կը ներկայացուի փրոֆ. Խասիոթիսի կողմէ, որուն գիրքը պատմական հետազօտութեան բարձր մակարդակի պատասխան մըն է` Անգարայի կողմէ պաշտպանուող… «գիտական» խայտառակ գործերուն:
Փրոֆ. Խասիոթիս իր հետազօտութիւնները հիմնած է Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան արխիւներուն, Մեծն Բրիտանիոյ կառավարական արխիւներուն, Սպանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան, ինչպէս նաեւ Պոսթընի մէջ պահուող Աթէնքի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան առաջին շրջանի, նոյնիսկ խորհրդային շրջանի արխիւներու ուսումնասիրութեան վրայ:
Գիրքը կը բաժնուի չորս կարեւոր գլուխներու: Առաջին բաժնին մէջ կ՛ուսումնասիրուին հայ եւ յոյն համայնքներու ղեկավարութեանց կողմէ տարուած համագործակցութեան եւ համերաշխութեան ճիգերը (եկեղեցական կամ քաղաքական): Երկրորդ բաժինը կը վերաբերի Օսմանեան կայսրութեան մէջ յոյներու կեցուածքին` Հայկական հարցի առաջին սուր ճգնաժամի ընթացքին: Կը քննարկուին նաեւ Պոլսոյ յոյներէն ոմանց ջանքերը, որոնք փորձեցին համոզել յունական ղեկավարութիւնը (քաղաքական եւ կրօնական)` սերտօրէն համագործակցելու հայ հայրենասէրներուն հետ: Երրորդ մասը կը կեդրոնանայ հայ յեղափոխական շարժման հանդէպ հանրային կարծիքի եւ Յունաստանի թագաւորութեան կառավարութեան կեցուածքին վրայ: Շատ հետաքրքրական է հելլէն մամուլի հրապարակումներու բաժինը, ուր կը քննարկուի յունական հանրային կարծիքին անցումը` անտեղեակութեան վիճակէն ջերմ պաշտպանի դերին: Յատուկ բաժին նուիրուած է 1896-1897 Յունաստան եւ Կիպրոս ժամանած հայ գաղթականներու ընդունելութեան պայմաններուն եւ կենցաղին: Իսկ գիրքի չորրորդ մասը կ՛ուսումնասիրէ 1897-ի յոյն-թրքական պատերազմի աւարտէն ետք, առաջին տասնհինգ տարուան շրջանին հայերու եւ յոյներու միջեւ յարաբերութիւնները: