Պատրաստեց` ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Լրագրող լուսանկարիչ Ճայլզ Տիւլի, ՄԱԿ-ի Գաղթականներու գործակալութեան հետ իր աշխատանքին ծիրին մէջ, տեղակայուած է Յունաստանի Լեսպոս կղզիին մէջ` վաւերագրելու համար կղզի ժամանումը հազարաւոր յուսահատ մարդոց` Սուրիայէն, Աֆղանիստանէն եւ աւելի հեռուէն: Մարդիկ խուճապահար խոյս կու տան հակամարտութեան թատերավայր հանդիսացած իրենց հայրենիքներէն եւ կը փորձեն ապաստանիլ եւրոպական ապահով երկիրներ, մինչ Փարիզը հարուածած վերջին ահաբեկչութիւնը ահ ու սարսափի կը մատնէ ոչ միայն տեղւոյն բնակչութիւնը, այլեւ` ահաբեկչութիւնը «վայելած» նորեկները, որոնք կասկածելիներ կրնան դառնալ եւ հալածուիլ:
Տիւլիի յօդուածը տպաւորիչ եւ արուեստի բարձր մակարդակի հասած լուսանկարներով հրատարակած է բրիտանական հեղինակաւոր «Օպզըրվըր» թերթը (նախքան Փարիզի ահաբեկչութիւնը):
Ստորեւ թարգմանաբար կը ներկայացնենք Տիւլիի յօդուածը եւ լուսանկարներ:
Նաւակ նաւակի ետեւէ ցամաք կ՛ելլեն Լեսպոսի ափերուն` Էֆթալուի եւ Սիքամինեսի միջեւ, 27 հոկտեմբերին: Այդ շաբթուան ընթացքին աւելի քան 40 հազար գաղթականներ եւ ներգաղթեալներ հասած են Լեսպոս:
Հոկտեմբերի կիսուն հասայ Սքալա Սիքամինես` յունական Լեսպոս կղզիի հիւսիսային ափ: Տասնամեակէ մը աւելի ես վաւերագրած եմ ամբողջ աշխարհի մէջ հակամարտութիւններու հետեւանքներն ու մարդկային աղէտը: Այդ աշխատութեանս մեծ մասը այն երկիրներուն մէջն էր, ուրկէ այս մարդիկը կը փախչին: Աֆղանիստանէն մինչեւ Սուտան, անցեալ տարիներուն ես ականատես եղայ ամբողջ աշխարհի մէջ աճող անկայունութեան: Կը հասկնամ վախը, որ կը մղէ մարդիկը լքելու իրենց տուները: Ես կը կարծէի, թէ ամէն բան տեսած եմ, բայց Լեսպոսի ափերուն մարդկային ողբերգութեան ծաւալումին ի տես զգացի, որ ես երբեք այսքան չեմ ընկճուած: Ատիկա դժուար է ըմբռնել իր թափանցիկ ծաւալին մէջ: Պատշաճ արձագանգի պակասը կարելի չէ բացատրել, կամ` արդարացնել:
Վերջին քանի մը տարիներուն իրադարձութիւնները աննախընթաց էին իրենց ծաւալով եւ ծիրով: Բ. Համաշխարհային պատերազմէն ի վեր մարդկային այսքան տեղաշարժ չէր եղած: Ըստ ՄԱԿ-ի տուեալներուն, ամբողջ աշխարհի մէջ կան աւելի քան 60 միլիոն բռնի տեղահանուածներ: Շուրջ 4 միլիոն սուրիացիներ կը լքեն պատերազմի պատճառով բզկտուած իրենց հայրենիքը` ապահովութիւն փնտռելով իրենց դրացի երկիրներուն եւ Եւրոպայի մէջ:
Լեսպոսի մէջ ես տեսայ ցամաք ելլող հազարաւոր անձեր, որոնք կը փախչէին Աֆղանիստանի, Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ շարունակուող պատերազմներէն: Կրկին եւ կրկին անոնք ինծի կ՛ըսեն. «Մենք կարծեցինք, թէ նաւակին վրայ պիտի մեռնինք, բայց առնուազն կարելիութիւն մը կար: Ինչ որ մեր ետին ձգեցինք, հաստատ մահ էր»: Երբ ցամաք կ՛ելլեն, այրերը կը սկսին լալ, կիները կը կանգնին, կորսուած` ակներեւ ցնցումի մէջ, երեխաները կու լան` ջղագար: Աղմուկը եւ քաոսը խուլցնող են. մարդկութիւնը լքուած, երկնցած է Եւրոպայի ծովեզերքին վրայ, եւ քաղաքական գործիչներու արձագանգը` խառնաշփոթ:
Առաջին գիծի վրայ եղողները կամաւոր աշխատողներ են: Անոնք յաճախ անվճար արձակուրդ կ՛առնեն իրենց աշխատավայրէն` բերելով իրենց սարքերը եւ բնակելով որեւէ տեղ: Հիւանդապահուհի մը` Պաղեստինէն, բժիշկ մը` Իսրայէլէն, Պարսելոնայէն` փրկարարներ, նոյնիսկ Պոլթոնէն եւ Օսլոյէն մարդիկ կը հասնին: Փրկուածները երբ ցամաք կ՛ելլեն, ձեզի հետ կը ձեռնուին եւ կ՛ըսեն. «Շնորհակալութիւն»: Ես կ՛ամչնամ, որովհետեւ ոչ մէկ պատճառ ունին մեզի շնորհակալութիւն յայտնելու: Եթէ ասիկա իմ ընտանիքս ըլլար, որ կը ձգտի անվտանգութեան, վստահ եմ, որ աշխարհը աւելի լաւ կը վերաբերէր:
Մենք կրնանք վիճիլ արմատական պատճառներու եւ լուծումներու շուրջը: Մենք կրնանք քննարկել տարբերութիւնը գաղթականներու, ապաստան հայցողներու եւ ներգաղթեալներու: Մենք կրնանք մեղադրել մարդոց առուծախով զբաղողները եւ փոխադրութեան մաքսանենգները: Բայց պարզ ճշմարտութիւնն այն է, որ տղամարդիկ, կիներ եւ երեխաներ ահռելիօրէն կը տառապին եւ կը մեռնին Եւրոպայի ծովեզերքին վրայ: Միայն յանուն մարդկութեան` մենք անոնց պէտք է օգնենք եւ ոչ թէ կռնակ դարձնենք:

Սուրիացիներով խճողուած նաւակ մը կ՛ուղղուի ծովեզերք: Սուրիացի մը նաւակէն ինկած է եւ զայն հազիւ փրկած են:
Ես տակաւին կ՛աշխատիմ ժապաւէնին վրայ, ուրեմն բաւական ժամանակ ետք առաջին նկարները կը սկսին տպուիլ եւ հրապարակուիլ: Այս ձեւով աշխատելով` ես ժամանակ կ՛ունենամ քննարկելու ըրածս, մանաւանդ` այսպիսի նախագիծի մը համար, որ կեդրոնացած է վաւերագրելու լայնքն ու խորքը այս տագնապներուն: Նաւահանգիստի «Կոժի» սրճարանի յարաբերաբար հանդարտ մթնոլորտին մէջ կը սկսիմ դիտել նկարները` յստակօրէն տեսնելով գաղթականներու երեսներուն վրայ սառած սարսափը եւ զգացումը: Շատ սրտաճմլիկ է դիտելը: Նոյն պահուն, միասին սուրճ մը խմելու համար ինծի կը միանայ Սքալա Սիքամինեսի քաղաքապետ Եորղոս Սարօղլու: Ան կը խօսի այս տագնապներուն պատճառով տեղւոյն բնակչութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին: Ան կը փորձէ միասնական պահել ողբերգութենէն հարուածուած հասարակութիւն մը:
«Ինչպէ՞ս որեւէ բան կրնայ բնականոն ըլլալ, երբ ամէն օր խեղդուած երեխայ մը կը տեսնես: Այս ծովեզերքը հոգիներու գերեզմանատան վերածուեցաւ», կ՛ըսէ ան գլխահակ:
3 նոյեմբերը Լեսպոս հասնող գաղթականներու ամէնէն խճողուած օրերէն էր: Գիշերուան ժամը 11-ին, հակառակ մութին, նաւակները կը շարունակէին հասնիլ` ցամաք թափելով շուրջ 7 հազար անձեր: Երկու մարդ եւ երկու երեխայ խեղդուեցան: Ապաստանողներուն համար յատկացուած կեցութեան վայրերուն մէջ տեղ չէ մնացած, կամաւորները եւ օժանդակող գործակալութիւնները ծանրաբեռնուած են: Ընտանիքները կը քնանան, ուր որ կրնան: Աֆղան հայր մը, գիրկին մէջ նորածին մը, քնանալու համար տեղ մը կը խնդրէ: Ան կ՛առաջարկէ եռապատիկ վճարել պանդոկի մը մէջ, նոյնիսկ միայն կնոջը եւ նորածինին համար: Երբ կը բացատրուի, որ տեղ եւ վերմակներ չեն մնացած, ան կ՛ըսէ` «Դպէ՛ք ինծի, ես ալ մարդ չե՞մ»:
Ասիկա Եւրոպա է, ասիկա այսօր է:

Սուրիացիներ տեղափոխող նաւակ մը ափամերձ շրջանի ջուրերուն մէջ շրջուած է, եւ փրկուածները կը պայքարին ծովեզերք հասնելու համար: Քիչ մը անդին կանգնած է կամաւոր աշխատող փրկարար նաւակ մը, որուն անձնակազմի անդամները կը լողան փրկելու համար սուրիացիները:

Սուրիացի հայր մը իր երկու երեխաները շալկած` ցամաք ելլելէ ետք:

Աֆղան մայր մը իր նորածինին հետ ցնցուած` նստած է ծովեզերքը

Սուրիացի հայր մը իր երկու երեխաներով ցամաք կ՛ելլէ: Հասնողներուն 52 առ հարիւրը սուրիացի է:

Սուրիացի կին մը կը հասնի ցամաք: Երկրորդ երեխան շալկած է իրենց ամբողջ «հարստութիւն»-ը` երեք հովանոց…

Աֆղան երեխայ մը` մօրաքրոջը հետ: Մայրը ցամաք ելլելէ ետք ուշաթափ եղած է եւ քիչ մը անդին բժշկական խնամք կը ստանայ:
Ճայլզ Տիւլի
Ճայլզ
Ճայլզ Տիւլի ծնած է 1971-ին, Անգլիա: Ան գերազանցապէս ծանօթ է մարդասիրական հարցերու եւ հակամարտութիւններու հետեւանքներուն վերաբերող լուսանկարներու շարքով: 2011-ին Ճայլզ Տիւլի Աֆղանիստանի մէջ ականի մը վրայ կոխեց եւ պայթումին պատճառով ան կորսնցուց ոտքերը եւ ձախ թեւը: Հակառակ եռակի անդամահատութեան, Ճայլզ Տիւլի մնաց վճռական եւ վերադարձաւ աշխատանքի` շարունակելով լուսանկարիչի իր փայլուն ասպարէզը:
«Ես անդրադարձայ, որ աջ ձեռքիս եւ աչքիս ոչինչ պատահած է, ուրեմն կրնամ աշխատիլ: Այս կորուստը (երկու ոտքերը եւ ձախ թեւը) ինծի պիտի տայ աւելի մեծ պատկերացում եւ համակրական հասկացողութիւն` ժողովուրդի տառապանքներուն, եւ յուսամ զիս աւելի լաւ դիրքի վրայ կը դնէ պատմելու անոնց պատմութիւնները, որովհետեւ ես պատմող եմ», ըսած է Ճայլզ Տիւլի:
Անոր լուսանկարներուն մասին լորտ Աշտոն գրած է.
– Այս լուսանկարները մեզի կը յիշեցնեն մեր մարդկային բնութիւնը, հասկնալու եւ կարեկցանքի անհրաժեշտութիւնը, եթէ մենք կ՛ուզենք խաղաղ եւ արդար աշխարհ մը: Անգլիացի բանաստեղծ Ճոն Տան առիթով մը գրած է. «Ոչ ոք կղզի մըն է ոեւէ անձի մահը զիս կը նուազեցնէ, որովհետեւ ես մասնակից եմ մարդկութեան, ուրեմն ոչ ոքի հարցուր, թէ որո՞ւ համար կը ղօղանջեն զանգերը. ատոնք քեզի համար կը ղօղանջեն»: Անոր բառերով ըսածը Տիւլիի գրաւիչ լուսանկարները պատկերներով կ՛ըսեն մեզի: Այդ լուսանկարները անհրաժեշտութիւն են անոնց համար, որոնք կ՛արժեւորեն միասնականութիւնը, ողբերգութիւնն ու ներուժը մարդկային վիճակին: