ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ
Յովսէփի սպանութենէն ետք Իլոնան իր երեխաներուն հետ կը մնայ Թուրքիա` վրանաքաղաքի մը մէջ ապրելով իբրեւ գաղթական: Նոյն կարգավիճակով Թուրքիա կը մնան Յովսէփի երկու եղբայրները` իրենց ընտանիքներով: 2015-ի գարնան Թովմասեաններուն մասին պատահաբար կը տեղեկանայ Հայաստան հասած սուրիահայերուն օգնութիւն տրամադրող` «Ռետվուտ փրոճեքթ»-ի հիմնադիր Ռ. Արտհալճեանը: Ան շտապ կարգով կապ կը հաստատէ ՄԱԿ-ի գաղթականական գրասենեակին, Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան եւ Պոլսոյ պատրիարքարանին հետ, որպէսզի կարողանայ Թովմասեան ընտանիքը տեղափոխել հայրենիք:
Շուրջ 6 ամիս երկար եւ դժուարին աշխատանքէ ետք, սեպտեմբեր 15-ին, 18 հոգի հաշուող Թովմասեան ընտանիքը կը հասնի Երեւան: Անոնց կը տրուի ժամանակաւոր կացարան, ապա իւրաքանչիւր ընտանիք կը տեղափոխուի առանձին բնակարան, որոնց վարձքերը կը վճարուին նոյն «Ռետվուտ փրոճեքթ»-ի եւ այլ կազմակերպութիւններու կողմէ:
Հայաստան հասած սուրիահայ բազմաթիւ այլ ընտանիքներու նման` Թովմասեանները եւս կարիք ունին յարմարելու եւ համարկուելու: Ի վերջոյ, Երեւանը նոր միջավայր է իրենց համար, ծանօթ չեն տեղական կարգ ու սարքին, ապրելակերպին, կենցաղային եւ աշխատանքային մշակոյթին: Իսկ ամէնէն ահաւորը այն է, որ, հոգեկան ցնցումներու ենթարկուած այս ընտանիքը, բազմահազար այլ սուրիահայերու նման, կարիք ունի հոգեբանական մասնագիտական աջակցութեան, որպէսզի կարողանայ քիչ¬քիչ ընկերային բնականոն կեանքի վերադառնալ: Իլոնայի որդին` Արամը, մէկ նպատակ ունի` մարզուիլ եւ վերադառնալ Քոպանի, իր հօր վրէժը լուծելու: Քոյրը ընդհանրապէս լուռ է, տխուր եւ ինքնամփոփ: Միւս որդին` Յակոբը, որ կարողացած էր Պէյրութ փախչիլ, արդէն ինչ-որ ճանապարհներով հասած է Հոլանտա եւ հազարաւոր այլ սուրիահայերու նման` գաղթականի կարգավիճակ ստացած է:
Այսօր, ըստ պաշտօնական վիճակագրութեանց, մօտ 15 հազար սուրիահայեր տեղափոխուած են Հայաստան: Հարուստներն ու նիւթապէս ապահովուածները մեծ դժուարութիւններ չեն դիմագրաւեր: Անոնց մեծ մասը որեւէ ատեն կրնայ վիզա ստանալ եւ մեկնիլ եւրոպական որեւէ երկիր: Այդպէս ալ կ՛արտայայտուին, բացայայտօրէն: Ուրիշներ անձնական գործեր բացած են, յաճախ յաջող եւ երբեմն` ձախող: Ոմանք գործ ճարած են տարբեր ձեռնարկութիւններու մէջ: Բոլորն ալ, սակայն, սպասողական վիճակի մէջ են: Մեծ է թիւը անոնց, որոնք արդէն որոշած են Սուրիա չվերադառնալ: Ասոնցմէ շատեր Հայաստան ալ չեն ուզեր մնալ` պատճառաբանելով գործի չգոյութիւնը եւ ապրելու դժուարութիւնը: Անոնք իրենց վերջին գումարները կը ծախսեն` օրինաւոր կամ ապօրինի միջոցներով եւրոպական վիզա ճարելու եւ գաղթելու դէպի Շուէտ, Գերմանիա կամ Հոլանտա: Շատեր դիմած են Քանատա, որովհետեւ ըստ իրենց տեղեկութիւններուն, քանատահայերը կրցած են իրենց կառավարութիւնը համոզել, որ սուրիահայ գաղթականներուն Քանատա տեղափոխելու դիւրութիւններ տրամադրուին:
Շատերը, ինչպէս Իլոնան, համոզուած են, որ Հայաստանն է իրենց վերջին հանգրուանը, իրենց հայրենիքը: Եթէ ստանան համապատասխան աջակցութիւն, ապա կը կարողանան իրենց ընտանիքներուն համար ապահով եւ բնականոն կեանք ստեղծել հայրենի հողին վրայ: Իլոնան եւ իր նմանները կը զարմանան, որ ինչո՞ւ սուրիահայերուն Հայաստան հաստատելը համայն հայութեան գերխնդիրը չէ այսօր:
Եթէ Իլոնայի նման համոզուած ենք, որ Սուրիա մնացած սակաւաթիւ հայերուն եւ երկրէն փախած մեծամասնութեան ճակատագիրը պէտք է կապել Հայաստանի հետ, ապա գոնէ հայրենիք հասած սուրիահայերուն համար պէտք է ընենք ամէն ինչ (մանաւանդ` բնակարան եւ աշխատանք ճարելու առումով), որպէսզի անոնք արտագաղթելու որեւէ պատճառ չունենան: Ի հարկէ, եթէ համոզուած ենք… Հիմա եկէք, մենք մեզի հարց տանք` համոզուա՞ծ ենք:
Գրեցէ՛ք ինծի: