Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17150

Անդրադարձ. Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան 2015-ի Բարեփոխումները, Կուսակցութիւնները Եւ Ժողովուրդը

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

 

Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրական բարեփոխումներու հանրաքուէն պիտի կայանայ 6 դեկտեմբեր 2015-ին, 18 տարիքը բոլորած քաղաքացիներ պիտի քուէարկեն իրենց անհատական համոզումով, կամ` հետեւելով իրենց պատկանած կամ համակրած կուսակցութեանց ցուցմունքին:

ballot-box_112015

Առաջին հերթին, այժմու սահմանադրութեան եւ առաջարկուած բարեփոխումներուն ըստ էութեան ուսումնասիրութիւնը եւ գնահատութիւնը կ՛ենթադրեն իրաւաբանական հմտութիւն, մասնագիտական փորձառութիւն եւ պատմական ուսումնասիրութիւն` սկսելով Ն.Ք. 400 թուականէն Պղատոնի ծանօթ «Հանրապետութիւնը»-ը զրոյցէն մինչեւ մեր օրերու երկրագունդին փորձուած բոլոր սահմանադրութիւններու բաղդատականը կատարելով: Սակաւաթիւ մարդիկ ունակութիւնը ունին այս մէկը կատարելու. հաւանաբար այս պատճառով «Վենետիկեան յանձնաժողով»-ը իր մասնագէտներու օժանդակութեամբ կը հետեւի կատարուած աշխատանքին: Անշուշտ իւրաքանչիւր երկիր եւ ժողովուրդ ունի իր իւրայատկութիւնները, եւ կարելի չէ այս կամ այն երկրի մէջ «յաջողած», ի զօրու եղող սահմանադրութիւնը կիրարկել այլ երկրի մը մէջ, մանաւանդ որ բոլոր սահմանադրութիւնները ենթակայ են բարեփոխութեան, երբ որ անոր կարիքը զգացուի:

Այս կարիքը` հիմնական յօդուածներու, եւ ընդհանուր կառավարման դրութեան շուրջ, վերանկախացումի օրերէն ի վեր զգացուած էր ՀՅԴ-ի կողմէ` իբրեւ քաղաքական հսկայական անցեալ եւ 125 տարուան փորձառութիւն ունեցող կուսակցութեան: Իսկ այլ տեսակի կարիք կը հանդիսանան նաեւ եւրոպական կամ ընդհանրապէս Արեւմտեան գործընկերութեան անդամակցութեան նախապայմանները, որոնք պարտադիր կը դարձնեն որոշ օրէնքներու փոփոխութիւնը կամ ստեղծումը: Այսպիսի օրէնքի մը վտանգաւոր եւ բացասական հետեւանքներէն էր, օրինակ, նախորդ սահմանադրական բարեփոխութեան պարտադրուած յօդուածներէն մէկը, որուն պատճառով նախապէս արտօնութիւն չունեցող, միջազգային զանազան նպատակներ հետապնդող աղանդները առանց արգելքի մուտք գործեցին Հայաստան` կրօնական եւ հաւատքի ազատութեան պիտակին տակ:

Երկրորդ կարեւոր գործօնը կը վերաբերի կուսակցութիւններու եւ ժողովուրդի դժգոհութեան կամ գոհունակութեան` ի զօրու եղող սահմանադրութեան թերիներուն եւ առաւելութիւններուն արժեւորումին հիման վրայ: Այս մէկը ժողովուրդին մօտ շփոթ կրնայ ստեղծած ըլլալ, քանի որ որոշ կուսակցութիւններ, որոնք կը պահանջէին բարեփոխումներ, ներկայիս հակառակ դիրքորոշում ունին` առանց յստակօրէն բանաձեւուած եւ առարկայական հիմնաւորումի: Այստեղ անհրաժեշտ կը գտնեմ կուսակցութիւն հասկացողութեան շուրջ հարցադրում կատարել:

Ըստ արեւմտահայերէն «Հայոց լեզուի նոր բառարան (1992)»-ին կուսակցութիւն կը նշանակէ` «Դասակարգի մը կամ ժողովուրդի մը քաղաքական շահերը պաշտպանելու համար հիմնուած կազմակերպութիւն, գաղափարական հոսանք, կողմ, շերտաւորում, հատուած, պարտիա»: Իսկ ըստ արեւելահայերէն (խորհրդային) «Արդի հայերէնի բացատրական բառարան (1976)»-ին, կուսակցութիւն կը նշանակէ` «Որեւէ դասակարգի կազմակերպուածութեան բարձրագոյն ձեւը հանդիսացող եւ նրա առաւել ակտիւ մասը ներկայացնող քաղաքական կազմակերպութիւն, որը պաշտպանում է իր դասակարգի շահերը եւ ղեկավարում թշնամական դասակարգերի դէմ մղուող պայքարը. 2. Ընդհանուր շահերով` հայեացքներով միաւորուած մարդկանց խումբ, կուսակիցների խումբ»: (Ընդգծումները` իմս Յ. Չ.): «Նայիրի կայքէջ»-ի հայերէն միւս բառարաններուն մէջ կուսակցութիւն բառը գոյութիւն չունի (այս ալ` ուրիշ հարց):

Անկախութեան վերականգնումէն ետք բնաւ յստակ չէ, թէ ի՛նչ հիմնաւորումով եւ բառարանային ո՞ր իմաստին համաձայն կազմուած են ներկայիս գործող հարիւրէ աւելի (ըստ Վիքիփետիայի` 34) նոր կուսակցութիւնները. ժողովուրդին քաղաքական շահերը պաշտպանելո՞ւ համար, թէ՞ իրենց դասակարգի շահերը թշնամական դասակարգերի դէմ պաշտպանելու համար, եւ կամ` բոլորովին ուրիշ անյայտ տրամաբանութեամբ, օրինակ, ինչպէս կ՛ըսուի, «օտար պետութիւններու կամքը կատարելու համար»: Շատ դժուար է այս մասին ստոյգ եզրակացութեան յանգիլ: Դժբախտ իրականութիւն է, որ «նոր» կուսակցութիւնները բաւարար փորձառութիւն, անցեալ, գաղափարախօսական յստակ փիլիսոփայութիւն եւ դրական իրագործումներու յիշարժան պատմութիւն չունին, որ կարելի ըլլայ արժեւորել զանոնք եւ ըստ այնմ կողմնորոշուիլ: Իսկ եթէ հակառակը պնդուի, հաւանաբար իրենց կողմէ տեղեկատուութեան թերացում գոյութիւն ունի:

Հայաստանի Հանրապետութեան այժմու սահմանադրութիւնը կ՛ըսէ. «Յօդուած 7. Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ կը ճանչցուին գաղափարախօսական բազմակարծութիւնն ու բազմակուսակցութիւնը: Կուսակցութիւնները կը կազմաւորուին ազատօրէն, կը նպաստեն ժողովուրդի քաղաքական կամքի ձեւաւորման ու արտայայտման: Անոնց գործունէութիւնը չի կրնար հակասել սահմանադրութեան եւ օրէնքներուն, իսկ գործելակերպը` ժողովրդավարութեան սկզբունքներուն: Կուսակցութիւնները կ՛ապահովեն իրենց դրամական գործունէութեան հրապարակայնութիւնը»: Իսկ Յօդուած 28-ը յաւելեալ սահմանումներ կը կատարէ անդամակցութեան վերաբերեալ: Այստեղ շատ կարեւոր է «իսկ գործելակերպը` ժողովրդավարութեան սկզբունքներուն» բաժինը, որ չ՛արտօներ մենատիրութիւնը կուսակցութեան մէջ նոյնիսկ, բայց թէ ինչպէ՞ս կ՛երաշխաւորուի այս մէկը, յստակ չէ:

Վերադառնանք վերանկախացումի զերօ ժամկէտին, երբ համայնավար միակուսակցական դրութիւն կը տիրէր: Անգլիոյ օրուան վարչապետ Մարկարեթ Թաչըր, որ կը համարուէր Խորհրդային Միութեան քայքայումին արտաքին ճարտարապետներէն մէկը, մօտաւորապէս ըսաւ. յաջորդ առաւօտ, երբ այլեւս Խորհրդային Միութիւն գոյութիւն պիտի չունենար, միլիոնաւոր պաշտօնատարներ` սահմանապահ պարզ զինուորէն եւ մաքսային ծառայողէն մինչեւ բարձրագոյն աստիճանի պաշտօնեաներ, պիտի շարունակէին իրենց աշխատանքը այնպէս, ինչպէս սովորաբար կ՛ընէին` ըստ օրէնքին եւ նուիրապետական կարգին, յանկարծ միլիոնաւոր մարդիկ «ազատ աշխարհի» սկզբունքներով պիտի չառաջնորդուէին:

Զարմանալի չէ, որ Հայաստանը եւս նոյն կացութեան մէջ գտնուէր: Նաեւ զարմանալի չէ, որ Հայաստանի մէջ նոր նուիրապետական կարգը, տիրող հաստատութիւնը շարունակուէր միակուսակցական մտայնութեամբ եւ կողմնորոշումով գործել` մօտաւորապէս փոխարինելով երէկուանը` նոր անուանումով, նպատակ ունենալով բացարձակ իշխանութեամբ ղեկավարել եւ տիրել երկրին: Իսկական ժողովրդավարական եւ բազմակուսակցական անմիջական անցեալի մը չգոյութիւնը, որոշ խարխափումներէ ետք, տուն տուաւ ներկայ «նոր» կուսակցութիւններու կազմութեան: Դժբախտաբար, ըստ երեւոյթին, միայն ժողովուրդին քաղաքական շահերը պաշտպանելու համար չեն ստեղծուած «նոր» կուսակցութիւնները, այլ կարծես` առանձնապէս երկրին եւ անոր հարստութեան տիրանալու նպատակով:

Գալով սահմանադրական բարեփոխութեան հարցին` քաղաքական կարգ մը գործիչներ մտավախութիւն ունին, ինչպէս նախորդ նախագահ պարոն Քոչարեանը իրաւապէս կ՛ըսէ` «Մեր իրողութիւններուն մէջ, անկախ իր վայելած ժողովրդականութենէն, այդ կ՛ըլլայ այն կուսակցութիւնը, որ կը տիրապետէ վարչական եւ նիւթական միջոցներուն: Իսկ հաշուի առնելով Հայաստանի մէջ ներկուսակցական ժողովրդավարութեան անգամ փոքր նշոյլի բացակայութիւնը, հովանաւորչական կառավարումը կը դառնայ անխուսափելի եւ յարատեւ չարիք, լճացման աղբիւր եւ արատաւոր համակարգի վերարտադրման գործիք» («Ազդակ», 8 հոկտեմբեր 2015): Այս կապակցութեամբ Արծուիկ Մինասեան կ՛անդրադառնայ նախագահ Քոչարեանի մտավախութիւններուն եւ յստակացումներ կը կատարէ «Նախագիծն յաջողուած է» հարցազրոյցին մէջ («Ազդակ», 12 հոկտեմբեր 2015):

Վերադառնալով սահմանադրական բարեփոխումներու էութեան` հիմնական եւ գլխաւոր երկու պարզեցուած հարցերը կը նկատուին նախագահական դրութենէն խորհրդարանական դրութեան անցումը եւ Ազգային ժողովի ընտրութեան ներկայի խառն դրութենէն (131 պատգամաւորէն (երեսփոխան) 75-ը համամասնական, իսկ 56-ը մեծամասնական) անցումը հարիւր առ հարիւր համամասնական ձեւին (նոր սահմանադրութեան Յօդ. 89 երեսփոխաններուն թիւը կը սահմանէ առնուազն 101 երեսփոխան): Այլ խօսքով, նախագահը չի կրնար առանձնաբար որոշումներ կայացնել, այնպէս` ինչպէս որ է ներկայիս, եւ 51 առ հարիւր եւ աւելի քուէներ ստացող կուսակցութիւնը չի կրնար սանձարձակօրէն գործել, այլ ենթակայ է ընդդիմադիրներուն վերահսկողութեան Ազգային ժողովին մէջ: Հակառակ անոր որ նախագահ Քոչարեանի` «այն կուսակցութիւնը, որ կը տիրապետէ վարչական եւ նիւթական միջոցներուն» ինքզինք պիտի վերարտադրէ (vicious cycle) տեղին մտահոգութեան` ժողովուրդը եւ կուսակցութիւնները տեսականօրէն առիթը ունին աւելի արդար ներկայութիւն ապահովելու Ազգային ժողովին մէջ, իրենց ստացած քուէներուն համեմատութեամբ, եթէ նոյնիսկ երկու պարագաներուն ալ այժմու իշխող կուսակցութիւնը մեծամասնութիւն պիտի ապահովէր:

Սահմանադրութեան բարեփոխումը պէտք է արժեւորել միայն երկրին եւ ժողովուրդին նպաստող, անհատին բոլոր իրաւունքները պաշտպանելու դիտանկիւնէն, քաղաքացիին ընկերային եւ տնտեսական բարենպաստ պայմաններ ապահովող օրէնսդրութեամբ, եւ ոչ թէ ներկայի անհատներու, կուսակցութիւններու կամ այլ ուժերու խոտոր իրավիճակներու լոյսին տակ, որոնք իրենց կարգին նաեւ ենթակայ են բարեփոխութեան: Վերջաւորութեան, գիտակից եւ 25 տարուան փորձառութիւն կուտակած ժողովուրդը պիտի կողմնորոշուի` կատարելով ճիշդ ընտրութիւն:

3 նոյեմբեր 2015

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17150

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>