Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17150

Խմբագրական «Յուսաբեր»-ի. Վերանայի՛լ Մօտեցումները

$
0
0

Տարի մըն ալ բոլորեց «Յուսաբեր»-ը: Այսօր ան կը թեւակոխէ իր հրատարակութեան 102-րդ տարին: Անցած տարեշրջանին էական միակ յաւելումը դարձաւ 2016-ի մայիսի 26-ի համարէն սկսեալ Ֆէյսպուքի վրայ օրուան համարի տեղադրումը: Այլ տեղաշարժեր չունեցանք` ո՛չ դրական, ո՛չ ալ բացասական, վիճակ` որուն վերջնահաշիւը անխուսափելիօրէն բացասականի վրայ պիտի բարդուի, եթէ այս ընթացքը անփոփոխ մնայ: Ինքնին թերթի անխափան լոյս ընծայումը տեսականօրէն դրական կրնայ համարուիլ, կը համարուի՛. կը նշանակէ, որ մարդիկ ամէնօրեայ ջանք կը գործադրեն զայն կանգուն պահելու համար: Այդ մարդոց բացակայութիւնն ալ կը զգան ուրիշներ: Գոհացուցիչ ընթացքը, սակայն, շատ հեռու է ամէն պարագայի: Ամէն գնով թերթ հրատարակելը չէ խնդիրը, այնքան ատեն որ անիկա լուծուած է: Թերթ հրատարակելով հանրային կեանքէն ներս ենթակառուցուածքային անհրաժեշտ` պահանջուած յաւելում մըն է, որ կատարուած է ժամանակին: Այսօր շա՜տ-շատերու համար արդարացուած չի նկատուիր առնուազն տպագիր մամուլի հրապարակման յարատեւութիւնը: Պատճառաբանութիւնները կրնան տարբեր ըլլալ, բայց արդեօ՞ք կ՛առաջարկուի այլընտրանքը: Խօսքը հանրային կեանքին մէջ մամուլին գրաւած բաժինը դատարկելու մասին է: Տպագիր թէ համացանցային, օրաթերթ թէ այլ պարբերականութեամբ հրատարակութիւն յստակ դերակատարութիւն պարտի ունենալ իրական կեանքին մէջ: Եւ ունի՛ ինչ- որ իմաստով, ոմանց համար, որոնք ժամանակի թաւալումով հետզհետէ կը նուազին:

Մենք համաձայն ենք, որ անբաւարար է «Յուսաբեր»-ի համայնքային դերակատարութիւնը. նորութիւն չէ, տասնամեակներու վաղեմութիւն ունի այս միտումը: Ու եթէ ամբողջ այդ ժամանակի ընթացքին պարբերաբար բարձրաձայնուած ու լսուած միակ լուծումը հրատարակութեան դադրեցումն է, բերելով այլոց օրինակը, ոչ անպայման հայկական, կը նշանակէ, որ թոյլ օղակ մը կայ պատճառահետեւանքային այս ամբողջ շղթային մէջ: Ճիշդ է, որ համայնքի թուական պատկերը մեծ փոփոխութիւն կրեց անցած դարու 60-ական թուականներէն. մարդիկ պարզապէս արտագաղթեցին, այլ շրջաններ գացին-հաստատուեցան` անձնական բարօրութեան հետամուտ: Չենք մեղադրեր, որովհետեւ պատրաստ չէինք հաւաքաբար այլ լուծումներ առաջարկելու իրենց: Նոյն պատմութիւնը կրկնուեցաւ ու կը կրկնուի նաեւ այսօր` այն բոլոր հայրենամերձ նախկին գաղթավայրերուն մէջ, որոնք այս կամ այն ուժգնութեամբ տագնապներ դիմագրաւեցին կամ կը դիմագրաւեն: Սակայն կեանքը կանգ չառաւ Գահիրէ, Աղեքսանդրիա կամ այլուր, շարունակուեցաւ, իսկ ծայր առած ներքին` մարդուժի տագնապին պատշաճ լուծումը չտրուեցաւ, ժամանակաւոր կարկտանները յաւերժացուեցան: Արդեօք մամո՞ւլը միայն մատնուած է այս անմխիթար վիճակին. ի հարկ է ո՛չ: Վարժարաններու խնդիրն ա՛լ աւելի կանուխ սկսած էր: Եւ դեռ չէ աւարտած: Համայնքային մակարդակով այս ընթացքի յարատեւումը այլ բան չէ, եթէ ոչ` հաւաքական գոյութեան կռուաններու քանդում եւ աւերում, առանց այլընտրանքային լուծումներ խորհելու: Մասնակի հարցի մասին չէ, որ կը խօսինք, այլ` համակարգային: Հեշտ չէր ու այսօր` դար մը ետք խրթին է իր հայրենի հողէն կտրուած հաւաքականութիւն մը ապրեցնելը, դէմքը շրջուած պահելը դէպի Երկիր: Լուծումներ պէտք են, տասը, քսան տարի ետք բացարձակ ամայութեան մէջ չյայտնուելու համար, չվատնելու համար նախնեաց աշխատանքով ու քրտինքով ժառանգուած գոյութեան եւ զարգացման կռուանները: Գերազանցապէս քաղաքական հարց է ասիկա, ոչ միայն հոս` Եգիպտոս, այլ ընդհանրապէս: Արտերկրի մէջ յապաղիլը, դանդաղիլը միայն վիճակները կը բարդացնէ, իսկ պատասխանատուութեան ծանրութիւնը չի վերնար ենթականերու ուսերէն: «Յուսաբեր»-ի հերթական տարեդարձը առիթ եղաւ այս դառն ու լեղի միտքերը արագօրէն թուղթին յանձնելու: Մենք անձնատուր չենք պարտուողականութեան, թէպէտ իրողութիւնները յոռետեսութիւն կը թելադրեն: Աւելի ճիշդ` մօտեցումները: Զանո՛նք պէտք է փոխել` ելքեր գտնելու համար: Մօտեցումները սրբագրելու համար կարեւորագոյնը կղզիացման անձնատուր չըլլալն է, մա՛նաւանդ` ունեցած միջոցներու հաշուով: Պիտի դաւանիլ, որ հայաշխարհի մը մաս կը կազմենք ու, ինչպէս մենք, այնպէս ալ մեզմէ դուրս գտնուողները, միայն հնարաւորութիւններու համադրութեամբ կրնանք մենք մեր գոյութիւնը պահպանել ու զարգացնել:

Երկրորդը` նոյն տրամաբանութեամբ, ազգային կամ միութենական վարչութիւնը, մամուլի տնօրինութիւնը իր պատասխանատուութիւնը եւ հաշուետուութիւնը պաշտօնավարման շրջանին մէջ պիտի չսահմանափակէ իր ենթագիտակցութեան մէջ, այլ երկարաժամկէտ նախաձեռնութիւններու անընդհատ շղթայի մաս համարէ ու ըստ այնմ գործէ: Երրորդ` մեր հաւաքական կեանքը դիտել իբրեւ մէկ ամբողջութիւն, որ նոյն մարտահրաւէրները կը դիմագրաւէ, միացած է նոյն ճակատագիրով եւ այդ միութեան տրամաբանութեամբ խորհիլ հետագայ քայլերու մասին: Չորրորդ` առոյգ, առողջ հասարակութիւն եւ հանրային ղեկավարութիւն ունենալու նախապայման է զանոնք սնուցող ու հսկող կառոյցները` հայ վարժարանը եւ մամուլը ոչ միայն աչքի լոյսի պէս պահել, այլեւ զարգանալու եւ իրենց դերը լիուլի կատարելու մակարդակի բարձրացնելու նախանձախնդրութիւն ցուցաբերել` առանց ջանք ու միջոց խնայելու: Մենք համոզուած ենք, որ հայեցակարգային սրբագրումներ կատարելով մեր մօտեցումներուն մէջ` կարելի է յաղթահարել որոշ խութեր եւ արգելքներ, իսկ պատրաստուած մարդուժով եւ տքնաջան աշխատանքով համայնական կեանքն առաջնորդող դրական միջավայր ձեւաւորել, կորուստներու փոխարէն` նուաճումներ արձանագրելու համար:  Պայքարը, հաւաքական կեանքը պահպանելու պայքարը նահանջներով չի կրնար մղուիլ, մանաւանդ եթէ նահանջներուն յաջորդող յառաջխաղացումներ ու նոր դիրքեր գրաւելու պատրաստութիւններ, աւելի՛ն, տրամադրութիւններ չկան:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17150

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>