ՍԻԼՎԻ
Ուղիները այս աշխարհի ուր որ տանին,
Մտքով տունն եմ իմ պապենի:
Ապրիմ հազար փառք ու վայելք,
Սրտով լեռներն եմ իմ վայրենի:
Շքեղ ու լայն ճամբաներով ինչքա՜ն անցնիմ,
Կածաններու խորհուրդով է լեցուն հոգիս…
Թէ ամպ ու արեւ մէկ են բոլորին,
Ինչո՞վ է տարբեր հողը հայրենի…
Ջուրը առուակին, կանչը հաւքերուն,
Ծառ ու ծաղկունքի համն ու երանգը
Ինչո՞ւ է արդեօք քաղցր աւելի…