Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17144

Ժողովուրդէն Ժողովուրդին. ԼՕԽ-ի Հանգանակութեան Առիթով

$
0
0

Տ. Ճ.

Կանաչ կիրակին (Զատիկին յաջորդող կիրակին) Լիբանանահայ օգնութեան խաչի հանգանակութեան օր էր: Այդ օրը երկսեռ երիտասարդներ, յատկապէս` պատանի արծուիկներ եւ սկաուտներ կը շրջէին հայերու տուները եւ նուէրներ կը ստանային` փոխան ստացագրի:

Ինչի՞ կը ծառայէին հանգանակուած գումարները: Ինչպէ՞ս կը ծախսուէին անոնք: Գիտէինք, որ ԼՕԽ-ը դպրոցներու մէջ սաներ կը պահէ, գիտէինք նաեւ, որ չքաւոր ընտանիքներու զաւակները, դպրոցական միջօրէի երկար դադարին տուն չէին երթար ճաշելու, այլ կ՛օգտուէին ԼՕԽ-ի հրամցուցած «Պնակ մը կերակուր»-էն: Հանգանակութիւնը արդէն «Պնակ մը կերակուր»-ի համար էր: Գիտէինք տակաւին, որ Օգնութեան խաչը կ՛օգնէ անկար ծերերուն, այրիներուն, անօգնական հիւանդներուն եւ ամէն կարգի կարիքաւորներուն:

Գաղթականութեան թշուառութենէն վերականգնող հայութեան համար յոյսի փարոս էր ԼՕԽ-ը: Միաժամանակ ազգի միասնականութեան տնտեսական հիմերը ամրապնդող գործօն էր եւ ընկերային հաւասարակշռութեան ու իրերօգնութեան հզօր երաշխաւոր:

Ժամանակները փոխուեցան ու գաղթականութեան վէրքերը բուժուեցան: Եկան նոր արհաւիրքներ, յառաջացան նոր կարիքներ, նոր պահանջներ: ԼՕխ-ը, յատկապէս լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի ողջ տեւողութեան նախախնամական դերակատարութիւն ունենալէ ետք, յետպատերազմեան շրջանին լծուեցաւ տարտղնուած ուժերը հաւաքագրելու, քանդուած կառոյցները վերականգնելու գործին, ժամանակին ու պայմաններուն համահունչ աշխատանք կազմակերպելու հրամայականով: Ուսումնական հաստատութիւններուն նիւթապէս նեցուկ կանգնելու իր աւանդական ներդրումին զուգահեռ, ԼՕԽ-ը ստեղծեց ու կը պահպանէ դարմանատուներ, ձեռագործներու արհեստանոց ու ցուցասրահ, երեխաներու համար խաղավայր ու գրադարան, անպաշտպան ծերերու համար խոհանոց ու բազում այլ կառոյցներ: ԼՕԽ-ը կազմակերպեց ու կը կազմակերպէ հանրային ձեռնարկներ, առողջապահական, ընկերային, բնապահպանական կամ ազգային այլազան նիւթերով դասախօսութիւններ ու հաւաքներ:

Ազգի մը կենսունակութեան կարեւորագոյն պայմաններէն է միասնականութիւնը, որ կ՛ամրապնդուի ընկերային ու տնտեսական հաւասարութեան միջոցով, հաւասարակշռուած բարգաւաճման ճամբով: Հաւասարութիւնը հնարաւոր կը դառնայ, երբ ճակատագրի քմահաճոյքով անկարող դարձողին ձեռքէն կը բռնենք ու կը բարձրացնենք, իրերօգնութեամբ մեզի հաւասար կը դարձնենք: Կամաւոր աշխատանքով:

ԼՕԽ-ի առաքելութիւնը բոլորս հաւասար դարձնելուն մէջ կը կայանայ: Անհրաժեշտ ու անյետաձգելի կարիքներու գոհացման սատարումն է իր գործը: Օգնենք իրեն, ինչպէս ինք կ՛օգնէ ուրիշին, օգնենք ոչ միայն նուիրատուութիւն կատարելով, այլ մասնակից դառնալով անոր աշխատանքին ու անդամ` անոր կամաւոր բանակին:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17144

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>